Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՁՕՆ

Օր. Վ. Պ. –ին

Վարդ քաղեցիր, սիրտ թող ըլլայ
Հաւատարիմ ու անձնուէր.
Կեանքիդ դժուար ճամբուն վրայ
Քեզի զոհէ իր արիւններ:

Աստղ ուզեցիր, արեւ ըլլայ
Եւ պարուրէ քեզ շողերով.
Մազերուդ վրայ ոսկի տեղայ
Ու սրտիդ մէջ խինդ ու կորով:

Պահապան մը ուզեցիր, ան
Գարնան պայծառ լուսնակն ըլլայ,
Եւ հրեշտակին պէս սիրական
Հըսկէ անքուն բարձիդ վրայ:

Ձա՜յն մ'ուզեցիր, երգըս ըլլայ՝
Որ աստուծմէ ինձ կը հոսի.
Ան արե՛ւ է, սի՜րտ լուսընկայ,
Զի ան Երա՜զ կու տայ քեզի:

12 փետրուար, 1914, Պերա