Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԵՂՕՆ՝ ԱԼԻՍԻՆ

Դուն կոկոն մ'էիր,
Մայրիկըդ ճաճանչ,
Իր համբոյրին տակ
Բացուեցար կակաչ:

Դուն կըծիկ մ'էիր,
Մայրիկըդ կարժառ.
Իր կեանքին թելէն
Թել առիր մեծցար:

Դուն ջահի պատրոյգ,
Մայրըդ իւղ վըճիտ.
Զինքը ծըծելով
Լոյսն առիր կեանքիդ:

Դուն խունկ մըն էիր,
Մայրըդ խընկաման.
Իր բոցէն հալած՝
Բոյրն եղար ձեր տան:

Դուն սազ մըն էիր,
Մայրըդ սազերգու.
Իր մատերուն տակ
Սիրերգ մ'եղար դու:

Թէ կ'ուզես ըլլալ,
Ալիս, իմաստուն,
Մօր–սէրը պսակէ
Պսակով աստղերուն:

1 յունուար, 1915