Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՊՈՒՍ ՀԵՔԻԱԹՆԵՐԸ

Ձըմեռն ահա՛… թոնրատունն անդորրութիւն կը տիրէր:
Անդորրութիւն՝ նաեւ տաք գոմին մէջ, տանն առընթեր.
Քաջ ծերունին կը կախէր պարկն իր դիմաց, պատն ի վար
Ուրկէ օթեկ պանիրի կը տարածուէր հոտ մ'ըստուար:
Երբ հովն հեռուն լերան վրայ թաւալ տալով ձեան հիւսեր
Կու գար ոռնալ երդին վրայ եւ բուխերիկը սարսել.
Այն ատեն ես կ'ըսէի դըւարածին ալեւոր.
–«Պապո՛, պատմէ. լեռներու կ'ուզեմ հեքիաթ մը աղուոր»:
Ու կ'ըսկըսէր պատմութիւնն՝ որ գրեթէ միշտ այն պահուն
Կը լըմըննար երբ ճրագին կ'ըսպառէր ձէթը պլպլուն:
«Դուք տեսա՞ծ էք հայրենի լեռները մեր խրոխտապանծ
Պսակուած ամպի մէջ բուսնող անտառներով անթափանց,
Զոր կը յօտեն լոկ շանթերն, ու լոկ հեղեղը դեղին
Յօտուած ծառերը մինչեւ կը բերէ մօտը գիւղին:
Դուք տեսա՞ծ էք կիրճերու խորն անձաւներ որոնց մէջ
Կ'ապրին, կ'ըսեն, ջատուկներ կըթելով էգ գայլ մ'անվերջ
Եւ որոնք մերթ, լուսնին տակ, երգելով երգ մ'հրապուրիչ,
Վար կը կանչեն սարին վրայ նստող կովարծը կըտրիճ:
Դուք տեսա՞ծ էք մարգագեղ անծայրածիր արօտներ,
Ուր գառնուկներ կ'արածին թիթեռներու առընթեր,
Ուր կը սահի, արեւուն միահեծան փառքին տակ,
Գետակ մը ջինջ կաթի պէս եւ եղկ անոր հանգունակ:
Դուք տեսա՞ծ էք փոթորկէն վերջ, երբ փայլակը հեռուն
Դեռ կը խաղայ, ցոյց տալով, արեւը ծոցն ամպերուն:
Նստած հովիւն իրիկուան դէմ փարախին քով՝ անհոգ
Կը չորցընէ շանթահար կաղնիին դէմ հրաբորբոք
Իր թաղիքէ տառատոկն անձրեւին տակ ծանրացած,
Կամ կը հիւսէ տըրեխներ մացառներէն քըճքըճած:
Դուք տեսա՞ծ էք կամ ինչպէս ան կը մորթէ այծ մը յոյր
Արիւնն որուն կը հոսի ձար մօրուքէն մամռաբոյր,
Եւ շամփրելով զայն, կրակին վրայ կը դարձնէ իբրեւ ճաշ,
Թողլով որ քաղցր հոտն ընէ շուրջի գայլերն հալումաշ:
Կամ տեսա՞ծ էք կեռակտուց անգըղ մ'ահեղ որ խըլած
Մորթը քերծուած այն այծին կ'ելլէ երկինք վերասլաց…»:
Ահաւասիկ այս բոլորն, այս պատկերները խուժդուժ
Իր հեքիաթներն էին, նախ՝ երգուած սրտին մէջ անուշ:
Կը լսէի ես զանոնք սեւեռած խորն աչքերուն,
Ուր միշտ հոգին կը խօսէր իր լըռութեանը պահուն: