Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՇԻՐՄԻ ՄԸ ՎՐԱՅ

Ամպի մը տակ լուսինն յանկարծ կը մարի,
Կը լռէ հովն, ամէն աստղեր միառմի
Ասուպ կ'ըլլան, կ'ըլլան վարդերն ալ վէրքեր:
Ով անանուն շիրիմ, դու որ անտարբեր
Ու երազկոտ կը նայիս դէպի երկին՝
Մարդիկ այսօր, ո՜հ, գիր առ գիր լըզեցին
Այդ բառը քու քարիդ վրայէն սրբազան,
Ահա, ինչո՞ւ թէ ճերմակ է մնացած ան: