Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՂԹԱՆՔ

Բարեկամիս՝ Վահան Մոսկոֆեանի
ամուսնութեան առթիւ
Ցորեանի ծիլեր, ի՞նչ կը մըրմընջէք.
Բաղեղը ըզձեզ իրար է կապեր,
Ցորեանի հասկեր, երկինք նայեցէք…
Ձեր վրայ կը հոսին արեւն ու եթեր։

Նուռի ծաղիկներ, որո՞ւ կ՚երկընաք.
Համբոյրը իրար ձեզ կը մօտեցնէ,
Նուռի ծաղիկներ երկինք նայեցէք.
Ձեր վրայ հոսողն աստղերու սէրն է։

Ազնիւ հոգիներ, ի՞նչ կ՚երազէք դուք.
Կեանքը ձեր գլխուն կը դընէ պըսակ,
Ճերմակ հոգիներ, իրար փարեցէք,
Կը ծաղկի Յոյսը ձեր լանջքերուն տակ։
Կ. Պոլիս, 1 օգոստ.