Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆԴԱՍՏԱՆ

Արեւելեան կողմն աշխարհի
Խաղաղութիւն թող ըլլայ…
Ո՛չ արիւններ, քըրտինք հոսին
Լայն երակին մէջ ակօսին.
Ու երբ հընչէ կոչնակն ամէն գիւղակի՝
Օրհներգութի՜ւն թող ըլլայ։

Արեւմըտեան կողմն աշխարհի
Բերրիութի՜ւն թող ըլլայ…
Ամէն աստղէ ցօղ կայլակի
Ու ամէն հասկ ձուլէ ոսկի.
Եւ ոչխարներն երբ սարին վրայ արածին՝
Ծիլ ու ծաղի՜կ թող ըլլայ։

Հիւսիսային կողմն աշխարհի
Առատութի՜ւն թող ըլլայ…
Ոսկի ծովուն մէջ ցորեանին
Յաւէտ լողայ թող գերանդին.
Ու լայն ամբարն աշուններուն երբ բացուի՝
Բերկըրութի՜ւն թող ըլլայ։

Հարաւային կողմն աշխարհի
Պըտղաբերում թող ըլլայ…
Ծաղկի՜ մեղրը փեթակներուն,
Յորդի գինին բաժակներուն.
Ու երբ թըխեն հարսերը հացը բարի՝
Սիրերգութի՜ւն թող ըլլայ։