Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԵՌ ԿԱՆՈՒԽ

Ըսի քեզի. Կը սիրեմ։
Բայց դեռ փոքր ես, կոկոն ես դեռ. չեմ գիտեր
Թէ հասկըցա՞ր։ Դարձիր բնութեան, դիտէ, կո՛յս,
Գուցէ ըսածս ըմբըռնես.
Կը համբուրէ սիւքը դողդոջ տերեւներ.
Ճառագայթին նայուածքէն ձի՛ւնն Ապրիլին
Սիրահարուած կը հալի.
Վարդի թուփէն վեր կ՚ոլոտի գեղձն՝ իր
Ճերմակ ծաղիկն անոր կարմրին խառնելու
Արեւը ջինջ լըճին մէջ
Կը սիրէ իր դէմքն ընկըղմել, քանզի ան,
Ո՛վ անմեղ կոյս, զովացումի պէտք ունի
Եւ լըճակն ալ տաքնալու.
Դիտէ սա զոյգ աղաւնիներն ըսպիտակ՝
Թեւերնուն տակ ինչպէ՜ս զիրար կը գըգուեն.
Կ՚ըսեն անոնք. - Կը սիրեմ։
Նոյն բառն որ քեզ երէկ ըսի ականջէդ։
Դեռ չե՞ս ըզգար այն զօրութիւնն՝ որ կ՚ուզէ
Սիրտը սըրտի մը կապել.
Եւ արիւնիդ մէջ իղձ մը բուռն ու թագուն՝
Որ անծանօթ մը, սիրտ մը միշտ կ՚որոնէ
Ըսպասելով աստղերէն
Բա՜ռ մը, համբո՜յր մը զեփիւռէն, պատասխան
Մը փոթորկէն՝ որ շատ աշխարհ է տեսած,
Եւ կը բաղձայ ականջի
Փոխել խեցի մ՚ու հոն հեղուլ իր ամբողջ
Գաղտնիքն հոգւոյն, ծածուկ վիշտերն, հարցումն՝ այս.
-Կը սիրէ՞ զիս…։- Ո՛հ, կարծեմ
Լանջքիդ տակ իր թումբերը չէ պատռած դեռ
Սիրոյ հեղեղն, ո՛վ աղջիկ, կո՛ւռք մագնիսէ։
Տակաւին չես գըտներ դու
Կինը գրաւող այն թովչանքն այր հոգւոյն մէջ.
Եւ այն հոսանքն յօնքերուն տակ ամպամած՝
Ուր այնքա՜ն շանթ կը փաղփի
Աղջիկ հոգին պաշտպանելու վեհութեամբ.
Իր առնական ջըղերուն մէջ, զարկերուն՝
Ուր արիւնն է՛գ արիւնէն
Ա՛լ աւելի կատաղի է եւ ընդվիզ,
Ու վեհ ճակտին, եւ զօրեղ
Մըկանունքին, թեւերուն մէջ, ո՛վ գողտրիկ,
Քու աչքերդ հեզ, կապոյտ աչքերըդ այդ՝ դեռ
Չըտեսան Սէրը կարմիր։
Վա՜յ կոկոնէ գրաւողին։
Ի՞նչ, ի՞նչ ընեմ. հա՛րկ է սպասեմ, բայց հոգւոյս
Բոցը դարձեալ դէպի հոգւոյս կը դառնայ,
Եւ իմ մոխիրս անձնասպան
Պիտի մընայ իր քայքայման մէջ այրի.
Ու եթէ գայ օր մը որ դու ինձ ժըպտիս,
Գուցէ այս սիրտըս ըլլայ։
21 յունիս, 1905, Վենետիկ