Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՎԵՐՋԻՆ ՅՈՅՍԸ

Ան չըգիտեմ որտեղէ՞ն ներսըս ծընաւ.
Առտու մը ես տեսայ ծաղիկն իր բացուած
Մոխիրներուն մէջ սըրտիս։
Գեղեցի՜կ էր, գեղեցի՜կ էր եւ բարի՝
Արեան առջի կաթիլին պէս Յիսուսին
Որ մեր կեանքին ունայնութիւնը պըճնեց։
Այն օրն՝ ուրախ՝ իր ծընունդն ես տօնեցի
Ներկելով կզակս յակընթավառ գինիով.
Այն օրն՝ ուրախ, ես երգեցի իմ բոլոր
Գիտցած երգերս ու մոռցածներս յիշեցի։
Ան միշտ արեամբըս մեծցաւ՝
Հոգիէս ներս հրաւիրելով նոր վարդեր
Դեռ չըծընա՜ծ գարուններու, կամ շըքեղ
Յարութիւններն իր վախճանած քոյրերուն.
Եւ միշտ մեծցաւ՝ այնքա՜ն որ մէկն աչքերէս,
Ցընցումով լի՜ աչքերէս.
Պիտի տեսնէր զինքն ու ըսածը լըսէր։
Միացաւ իմ էութեան,
Եղաւ իմա՜ստը կեանքիս.
Ու անգամ մ՚ալ ներկայացուց քաջառողջ
Սիրտս ըսեղիս, սիրտս որուն կէսը միայն
Կը բաբախէ միւս կէսին տակ մոխիրէն
Արդէն շատունց վարակուած։
Զիս անգամ մ՚ալ ուղիղ ճամբէս դարձուց ետ.
Եւ հովտին մէջ. ողկոյզներուն շուքին տակ
Փափուկ ծունկին դըրած գլուխս անկրօնի
Զիս Ափիոնի երազներով օրօրեց.
Եւ ականջիս ծըռած լեցուց զայն շիթ շիթ
Մեծ Խոստումով մ՚որ բարբաստ պիտ՚ ընէր
Զիս ինձ համար, իսկ ուրիշի մը՝ գուցէ։

Ան պիտ՚ ըլլար ուղտն համբերող եւ փըրկիչ
Ճամբորդութեանը մէջ երաշտ այս կեանքիս.
Եւ (որպէսզի դառնար, փառք կամ Ըսփոփանք՝
Աւելի խօլ ողջերուն քան մեռելին)
Ան պիտ՚ գըրուէր, պիտի գըրուէր օր մը ան
Շիրմաքարիս վըրայ սեւ։

Սակայն սըրտին ալքին մէջ
Այսօր ահա այդ վերջին Յո՜յսն ալ մեռաւ
Ձեռքովը հին ոսոխի
Մ՚որուն անունն արդէն շատոնց ոտքիս տակ
Ես փըշրած եմ տառ առ տառ։
Ա՜ն ալ մեռաւ, մեռցընելով նոյն իր մէջ
  - Յըղի կընոջ մը ակամայ ոճիրով -
Խոստումն ոսկի, կեանքս իր վաղուան կեանքին մէջ
Եւ բոլորին հետ հոգիս։
Արդէն չէ՜ի ես կարծեր
Բերկրանքը վարդ, վարդը նոճւոյն չափ ապրող.

Այսօր խըզուած հուսկ այդ կապէն ալ՝ որ զիս
Փուճ աշխարհին կը զօդէր՝
Կը թափառիմ՝ պատմելով
Ունայնութիւնն, ըստուգութիւնը վերջին
Եւ կ՚անիծեմ արցունքով
Տիեզերքին ժանտ նախահիւթն՝ որ եղաւ
Պատճառ մեր այս կոյր կաւին,
Եւ անհունին մէջ ամայի՝ ոչ մէկ բան
Չըգըտնելով թիւր ծրագրին հըպատակ
Բեղնաւորեց իր յատուկ
Կըղկըղանքին մէջ Մարդն՝ անոր նենգ հոգին
Լեցընելով եօթն օձի եօթը թոյնով
Որոնց պակասն, արդարով
Պակասաւոր կարծեցուց զիս եւ վիժած,
Եւ կեանքըս զոհ մը դարձուց
Բոլոր անոնց՝ որոնք ի զո՜ւր կը կոչուին
Եղբայր, ընկեր, բարեկամ։

Բա՜ւ է. բա՜ւ է. արդ աւասիկ խորտակուած՝
Թէ մարդէն, թէ օրէնքէն,
Ուրիշ յոյսի մ՚յոյս չունիմ
Եւ ունենալն ուրիշ բան չէ՝ բայց թէ լոկ
Ճըշմարտութեան դեռ ժամանումն երկարել։
Կ՚երթամ աղօտ լոյսի մը մէջ մոլորած.
Եւ չեմ խորհիր թէ լոյս այդ ցուրտ բըխումն է
Յաւէրժանիստ ձիւնի մը՝ քան արեւուն.
Վասնզի այս վերջինին տակ կ՚ընէինք
Ամէն մարմին զոր սիրտ մըն է սընուցած։
Ոչի՜նչ, ոչի՜նչ. այսօր միայն ես կ՚ապրեմ
Կամքիս ներհակ, քըսան տարի ապրելու
Ունակութեան մը գերի,
Այսօր ես սոսկ անձնասպանի երազով
Միայն հըզօր, միայն ներհուն, կենդանի՝
Վերջին մեռած Յոյսիս ոգին կը տեսնեմ
Աստղի շողով, հորերուն մէջ ցոլացած,
Որ ինձ գութով կը ժըպտի,
Ու զիս իր քով կը կանչէ
Իբրեւ Յիսուս մ՚իր մահէն վե՜րջ փըրկարար։