Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

* * *

Ծաղիկներու ուղէշին հետ սըլացիկ
Կը բարձրանայ հասակիդ փառքը մեղմիկ,
Պարեգօտիդ նուրբ շըղարշէն կը ծըլին
Թուխ պըտուկներն ըստինքներուդ. եւ քուկին
Պորտըդ (մեղրի եւ նեկտարի. գուշ անգին)
Զիս կ՚արբեցնէ գիրգ ձեւերուդ ծովերով
Երբ դու ժըպտիս, կը խոցուի սիրտըս խորով,
Ով իմ սիրուն
Բերանըդ նուշ
Կ՚հեղու սըրտիս մէջ թովչք մ՚անհուն
Ով իմ Անուշ
Բերանըդ նուշ։