Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԻՒՆԸ

Գեղեցիկ եմ, ո՛վ մարդիկ, իբրեւ երազ մը կըճեայ,
Եւ ծոցըս՝ (ուր մէն մի ոք կը սպաննուի ըստ կարգին)
Ըստեղծուած է որ շընչէ բանաստեղծին համար սէր,
Սէր մը Նիւթին պէս անխօս, յաւէրժական Անոր պէս։

Ես կապոյտի՛ն մէջ կ՚իշխեմ իբրեւ ըսփինքս մ՚անհասու
Կարապներուն ճերմակին կը զուգեմ սիրտ մը ձիւնէ,
Կ՚ատեմ շարժումն՝ որ կ՚ընէ ճերմակեղէն ըզգեստէն
Իրանը մերկ. ու երբեք չեմ լար, երբեք չեմ խնդար։

Կեցուածքիս դէմ հոյակապ, որ ինձ տըրուած կը թուի
Անդրիներէն վեհադէտ, բանաստեղծները բոլոր
Օրերն իրենց պիտ՚ վատնեն ուսմունքներու մէջ դաժան.

Զի դիւթելու համար այդ սիրահարները հընազանդ՝
Ունիմ ամէն բան չըքնաղ պատկերող ջինջ հայլիներ,
Որ աչքերս են, լայն աչքերս յաւէրժօրէն լուսաւոր։