Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թ.
ՅԱԿՈԲ ԹՈԽԱԹՑԻ
ՏԱՂ ԵՒ ՈՂԲԱՆՔ Ի ՎԵՐԱՅ ԵՒԴՈԿԻԱ ՔԱՂԱՔԻՆ

 

Ի թվականիս աբեթական

Հազար ՚ւ յիսուն մէկ ի լըման

Պատիժ կըրեաց Եւդոկիան

Վասըն մեղաց ժողովըրդեան:

 

Եւդոկիա՛ դու գովական,

Նըման երկրին Պաղեստինեան,

Բազում բարեօք եւ զանազան,

Ի քեզ բնակիլ շատոք ցանկան:

 

Նըման էին դու այն երկրին,

Որ էջ շըրջեաց աստուածորդին.

Մեղըր եւ կաթն ի քէն բըղխին,

Եւ բընակիչքդ անդորր էին:

 

Եւդոկիա՛ դու ցանկալի,

Համանըման Եգիպտոսի,

Գանձ եւ ղումաշ էր ի քեզի

Որպէս զաթոռ մեծ արքայի:

 

Վայելչագեղ է նիստ քոյին.

Ի մէջ երկու ձորամիջին՝

Թիկունք տըւեալ ես դու դարին

Եւ կու հայիս երես դաշտին:

 

Ի քէն բըղխէ ջուր աղբերաց,

Ի չորս անկիւն քո տարածած,

Անուշահամ ի ծարաւեաց,

Առոգանող անդաստանաց:

 

Եկեղեցիք ի քեզ կային,

Զարմանալի հրաշք գործէին,

Պաշտօնեայք իւր խրախանային,

Փառօք սըրբոցըն ճոխային:

 

Ի քեզ էին աղէկ տըներ,

Բարձրապարիսպ շէն պաղատներ,

Նըկարագիծ վերնատըներ,

Ըզբօսանօք պատուհաններ:

 

Այլ չորս ամրոց ի քեզ կային,

Որ պէզաստունք անուանէին,

Ամենից գանձն ի հոն էին՝

Հայու, Տաճկի եւ Հոռոմին

 

Նաեւ շուկայք քո բարեօք լի,

Պաճուճանօք ազգի-ազգի,

Արուեստաւորք ամէն ցեղի

Էին ուրախ եւ ցընծալի:

 

Այլ եւ էին ընտիր խաներ,

Պանդըխտելոց իջեւաններ,

Որ կու գային վաճառականեր

Եւ օթէին բազում օրեր:

 

Գըմպէթաձեւ բաղանիքներն,

Կամարակապ էր անկիւնիներն,

Սալըր կապած շատըրվաններն,

Ցեղք ի ցեղաց էր իւր քարերն:

 

Այգի, դըրախտ եւ բուրաստան

Շատ էր ի քեզ եւ աննըման,

Պըտուղք նոցա՝ անուշահամ,

Եւ բուսանէր վարդ եւ շուշան:

 

Նաեւ բնակիչքդ ամենեքեան

Եւ քահանայք քո սըրբազան,

Արք եւ կանայք միանգամայն

Ի բարութիւն քո զուարճանան:

 

Քո տոլվաթվորքն եւ խոճանին

Փարթամ եւ անուանիք էին,

Մեծահամբաւ պազիրկաննին

Խըրոխտալով զօրանային:

 

Ծերք եւ տըղայք, կանայք, մանկունք

Էին ի քեզ որպէս ծաղկունք,

Պայծառ մարմնով, ուրախ սըրտիւք,

Բընաւ չի կայր ի քեզ աղմուկ:

 

Ո՜հ, որ յանկարծ եկ բարկութիւն,

Զի դու մեղար քո աստուծոյն,

Վասն այն եղեւ մահ դառնագոյն,

Որ ամէն տուն կայր դիակուն:

 

Այնով չեղեւ քեզի խըրատ,

Որ կենայիր մեղաց ի զատ

Զողորմութիւննտայիր առատ

Եւ լինէին չարեաց ազատ:

 

Յետոյ տիրեաց սով սարսելի,

Ըզքեզ պատեաց չորեքկուսի,

Որպէս աւուրըն Եղիայի՝

Չի կայր ցորեան եւ ալիւր հացի:

 

Այնչափ խըստեաց սովն ահագին,

Որ զանմաքուր պիղծսն ուտէին,

Ոմանք՝ զարիւնըն ոչխարին,

Եւ կէսք՝ ըզմիս շանց եւ կատուին:

 

Այդ այլ եղեւ քեզ զգաստութիւն,

Որ դառնային յարդարութիւն,

Զտէր շարժեցեր ի բարկութիւն,

Որ խըստացոյց զսիրտն այն պըղծոյն:

 

Եւդոկիա՛ քաղաք գոված

Ճէլալին քեզ չարիք մախաց,

Եկեալ դէմ քեզ չորեք դիհաց՝

Յանկարծակի զքեզ պաշարեաց:

 

Այն օրըն չար եւ նեղութեան

Սասանեցոյց զամենեսեան,

Լաց եւ հառաչ, ի յողբ մըտան,

«Վա՜յ» կանչէին միաբերան:

 

Յայնժամ ըզծերսն կոտորեցին,

Զերիտասարդսն գըլխատեցին

Եւ գեղեցիկ մանկունսն քոյին

Ի ծընօղացըն զատեցին:

 

Քաղաքացիքդ ազնըւական,

Քահանայք եւ աշխարհական,

Հայ եւ Հոռոմ եւ մուսուրման

Ի սար ՚ւ ձորըս ցըրուեցան:

 

Ոմանք պըրծեալ բերդըն մըտան,

Կէսք լերինս փախեալ թաքեան,

Ընկեցին զինչսըն զամենայն,

Հազիւ զմանկունսն առեալ զերծան:

 

Այն լուսատիպ կոյս աղջըկներն,

Որ արեգակն չէին տեսեր,

Երեսի բաց, բոկ ի սարերն

Ի յընտանեացն են մոլորեր:

 

Քո բընակիչդ միանգամայն

Եղեն ամէնըն ցիր եւ ցան,

Յօտար երկիր պանդըխտեցան՝

Ի Ֆռանգիստան եւ Պարսկաստան:

 

Զքեզ աւաղեմ բերան հազար,

Որ այդ չարեացըդ դիպեցար,

Ի քեզ եմուտ անթիւ շատ չար,

Գող ՚ւ աւազակ եւ զենարար:

 

Մըտեալ ի քեզ եւ աւերեաց,

Ի բարութեանցդ ըզքեզ մերկեաց,

Զգանձ քո բաշխեաց իւրեան զօրաց,

Յետոյ դարձեալ հըրով այրեաց:

 

Ըզսըրբութիւն քո պըղծեցին,

Զեկեղեցիս կողոպտեցին,

Զըզգեստըն սուրբ կապուտ առին

՚Ւ իգացելոցըն ագուցին:

 

Խաչ եւ ըսկի ՚ւ Աւետարան

Յանօրինացըն գերեցան,

Գանձ, Շարակնոց, Սաղմոսարան

Վասըն մեղաց մեր մատնեցան:

 

Աղէկ տըներն քո քակեցան,

Եւ շէն շուկայքըդ այրեցան,

Պէզաստըներդ աւեր դարձան

Վասըն մեղացն, որ գործեցան:

 

Պաղչաներ քո զարմանազան,

Որ մանուշակ կայր ՚ւ ըռէհան,

Ծառունքն ի ներս մանկանց նըման

Որպէս զանշէն ի բոհ դարձան:

 

Քո փողոցներն, որ խիստ շէն էր,

Անմարդացաւ, եւ բուն ճիչէր,

Էրէվայրիք մէջն արածէր,

Մարդ մըտանել կու զարհուրէր:

 

Թոխաթ քաղա՛ք աւաղելի,

Քո ճոխութիւնդ յէ՞ր չերեւի,

Արդ ես եղեալ դու ամայի

Եւ նըշաւակ ամէն ազգի:

 

Քրիստոս՝ որդին հօր միածին,

Նորոգեսցէ դարձեալ կըրկին

Ըզշինութիւն քոյոյ յարկին

Եւթնապատիկ, քան զառաջին:

 

Հա՛յրք եւ եղբա՛յրք, ամենեքեան

Ի մեր մեղացն այս գործեցան,

Պարտ է ասել մեզ զՀայր մեղան

Եւ պինդ պահել ըզպատուիրան:

 

Տէր Յակոբ քահանայն բարի,

Ազնըւական եւ անուանի,

Վարժապետ իմ հայր հոգելի,

Որ Այվաթենց անուամբ կոչի,

 

Եւ սա ի յայն դառն ատենի

Պանդըխտեցաւ յայս նահանգի,

Ի Զամօսցան Լեհաց երկրի,

Առ դուռըն սուրբ Աստուածածնի:

 

Զիս, որ տըրուպս եմ ամենի,

ԶՅակոբ էրէցըս Թոխաթցի,

Ի Բադուկենց թոռանցն էի՝

Նըշդեհ գոլով ի տար երկրի,

 

Նա՛ տէր Յակոբ սուրբ քահանան

Բըռնադատեաց զիս զանարժան,

Որ այսքան բանս շարադրեցան,

Յանգէտ մըտացս ի կարգ անկան:

 

Բայց աղաչեմ զձեզ միաբան՝

Ըզմեզ յիշել ի ժամ հայցման,

Եւ դո՛ւք յիշիք յարքայութեան:

Քրիստոսի փա՜ռք միշտ յաւիտեան: