ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ (1909 Օգոստոս 7 —1910 Դեկտեմբեր 31 եւ 1911 Յունվար 1 — 1911 Յունիս 30)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵՐՍԻՆԻ ՈՐԲԱՆՈՑԸ

Կիլիկեան աղէտէն յետոյ ցարդ ունեցած ենք եօթը որբանոցներ Մերսին, Ատանա, Հաճըն, Մարաշ, Այնթապ, Տէօրթեօլ եւ Հասանպէյլի։

Մերսինին որբանոցը վերոգրեալ ցանկին մէջ չդրինք, որովհետեւ այսօր գոյութիւն չունի։ Այդ որբանոցը բացուեցաւ Կիլիկիոյ դէպքերէն անմիջապէս յետոյ ջանիւք Վարչական պատուիրակ Գեր. Տ. Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասլանեանի եւ Սարգիս Սուին էֆէնտիի որոնք արկածեալ վայրերէն Մերսին դիմող որբերը խնամելու անմիջական հարկին ներքեւ գտնուելով, պատսպարեցին զանոնք տեղւոյն ազգ. վարժարանին մէջ եւ իսկոյն հոգացին անոնց ապրուստի միջոցները։




Սոյն որբանոցը իր առաջին ամիսներուն մէջ ունեցաւ 410ի չափ երկսեռ որբեր եւ 23ի չափ երկսեռ պաշտօնեաներ որոնք կը վարէին որբանոցը Գառնիկ էֆ. Դաւթեանի տնօրէնութեան եւ Տիկին Զապէլ Եսայեանի հսկողութեան տակ։

Յանձնաժողովս նկատելով որ Մերսինի որբերը ամէնքն ալ այլ եւ այլ տեղերէ հոն դիմած են եւ թէ քաղաքին կլիման նպաստաւոր չէ անոնց առողջութեանը, որոշեց վերցնել որբանոցը հոնկէ։ Այս որոշումը գործադրուեցաւ 1910 Ապրիլին Յանձնաժողովիս եւ Վարչական պատուիրակ Սարգիս Սուին Էֆէնտիի եւ որբանոցաց ընդհ. քննիչ Գռուզեան էֆ. ի ձեռամբ։

Մերսինի որբանոցին գոցուելովը՝ տեղւոյն խնամակալութեան եւ խնամակալուհեաց ժողովները իրենց հաշիւները տուին պատուիրակութեան։

Խնամակալութեան եւ խնամակալուհեաց մատուցած ծառայութիւնը գոհացուցիչ եւ շնորհակալութեան արժանի եղած է։

Այս խնամակալութիւնը կը կազմէին Տեարք

Կիւլլապի Կիւլպէնկեան

Մարտիրոս Մոստիչեան

Միհրան Գըլըճճեան

Միհրան Քէհեաեան

Յակոբ Մանուէլեան

Նշան Եալընըզեան

Պետրոս Ուրֆալեան

Սարգիս Ղուկասեան

Վալանթէն Էնքսէրճեան։

Մերսինի որբանոցին համար նախապէս հարկ դատուած էր շէնք մը շինելու ձեռնարկը, որուն համար Յանձնաժողովիս կողմէ տրուեցաւ ընդ ամէնը . պատուիրակութենէն ցվերջ) 240 ոսկի, որմէ 40ը հաշուուեցաւ որբերուն պատճառաւ դպրոցին այլ եւ այլ նորոգութեանց փոխարէն եւ 200ը յանուն որբանոցի ազգապատական գետնին վրայ շինուած շէնքին ծախքերուն։ Սոյն 200 ոսկին տեղւոյն Թաղ. Խորհուրդը մուրհակաւ պարտական մնաց հինգ տարիէն վճարելու Որբախնամ Յանձնաժողովիս։ Այս կարգադրութեամբ շէնքը թողուեցաւ տեղւոյն Եկեղեցիին իբր կալուած։