ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ (1909 Օգոստոս 7 —1910 Դեկտեմբեր 31 եւ 1911 Յունվար 1 — 1911 Յունիս 30)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՏԱՆԱՅԻ ՈՐԲԱՆՈՑ

Ատանայի որբանոցին բացման եւս ձեռնարկուեցաւ Տիկին Զապէլ Եսայեանի կողմէ, 1909 Օգոստոս1-15, ի սկզբան 100ի չափ երկսեռ որբերով, որոնց թիւը հետզհետէ աւելցաւ։

Մերսինի որբանոցին փակումովը տեղւոյն որբերը մանրակրկիտ քննութեամբ ընտրուելով ոմանք իրենց մայրերուն ղրկուեցան, իսկ բոլորովին անտէրունջները փոխադրուեցան Ատանա եւ այն տեղի որբերն ալ քննուելով ոմանք վերադարձուեցան իրենց մայրերուն։ Եւ որովհետեւ բոլորովին խնամքի կարօտ 233 որբերը տեղաւորելու շէնք գտնել անհնար էր, 100ը յանձնուեցան իրենց մայրերուն օրական , դահեկան ուտեստի դրամ, հագուստ եւ անկողին ընդունելով Որբանոցէն, իսկ մնացեալները զորս տեղ մը յանձնել կարելի չէր, պատսպարուեցան որբանոցին մէջ։

Մերսինի եւ Ատանայի որբանոցներուն մէջ պատսպարեալ որբերուն իբրեւ հացագին Ատանայի կառավարութիւնը անձ գլուխ օրական 50 փարան վճարած է։ Կառավարութեան կողմէ վճարուած է ցարդ նաեւ Ատանայի որբանոցին շէնքին վարձքը, տարեկան 35 ոսկի։




Ատանայի Որբանոցին խնամակալութիւնը կը կազմեն, Տեարք

Աւետիս Կիւլպէնկեան

Միհրան Քէշիշեան

Թադէոս Թահմազեան

Յարութիւն Պէտէլեան

Գառնիկ Չատըրճեան։

Որբանոցը ունի 12 պաշտօնեայ երկսեռ, 1 բժիշկ։ Որբերը կը յաճախեն Ատանայի ազգային վարժարանը, իսկ որբուհիները Ազգանուէր Հայուհեաց Ընկերութեան վարժարանը։ Որբուհիներէն մաս մըն ալ կը յաճախէ ազգ. վարժարանը։