ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ (1909 Օգոստոս 7 —1910 Դեկտեմբեր 31 եւ 1911 Յունվար 1 — 1911 Յունիս 30)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ. Այրիներու հարցը եւ ի նպաստ այրիներու եւ որբերու կառավարութենէն նպաստ ուզելու պէտքը

Որբախնամս, իրերու բնական հետեւութեամբ, իր սեղանին վրայ ունեցաւ նաեւ այրիներու հարցը։ Որովհետեւ որբերուն մեծ մասը մայր ունեցողներ էին, փափաքուեցաւ այս կարգի որբերը փոխանակ իրենց մօրը քովէն առնելով որբանոցներու մէջ տեղաւորելու եւ պարտաւորելու անոնց մայրերը որ յուսահատութեան մէջ տուայտին, թողուլ իրենց մօրերուն խնամքին, պայմանաւ որ այս վերջնոց հայթայթուի ապրուստի պէտք եղած միջոցը, այսինքն աշխատանք։ Եւ որովհետեւ այս գործը բաւական բազմապահանջ ու թէեւ որբախնամ գործին հետ անմիջական առընչութիւն ունեցող, բայց այլապէ՛ս կարեւոր գործ մըն էր, որ կը կարօտէր թէ՛ դրամի եւ թէ՛ մասնաւոր խնամքի, յանձնաժողովս արժան դատեց այս խնդիրը ներկայացնել Վարչութեան, լուրջ նկատողութեան առնելու եւ ըստ այնմ պէտք եղած միջոցները խորհելու եւ կարեւորը գործադրելու համար։ Ազգ. Կեդր. Վարչութիւնը սակայն այս պէտքին գործադրութիւնը յանձնաժողովիս յանձնեց։ Ասոր վրայ էր որ, Որբախնամս անցեալ Յունուարին, որբերու եւ այրիներու մասին մանրամասն յիշատակագիր մը ներկայացուց Վարչութեան խնդրելով որ դիմում ընէ Կառավարութեան մօտ, 23000 ոսկւոյ տարեկան գումար մը տրամադրելու Ազգ. Պատրիարքարանի, ի նպաստ այրիներու եւ որբերու, քանի որ Որբախնամս առաջին օրէն այն համոզումը գոյացուց թէ միմիայն Ազգին օժանդակութեամբ կարելի չպիտի ըլլար Կիլիկեան աղէտահարները խնամելու գործը ապահովել։

Վարչութեան Սրբազան նախագահը՝ Ամեն. Դուրեան պատրիարք, կատարեց այս դիմումը, յանուն Ազգին, եւ Կառավարութիւնը ընծայեց առաջին տարուան համար մէկ միլիոն ղրուշ որ ի վերջոյ կէս առ կէս բաժնուեցաւ Որբախնամիս եւ Այրիախնամ յանձնաժողովոյ միջեւ, մարմին որ կազմուեցաւ վերջերս Ազգ. Կեդր. Վարչութեան կողմէ, Որբախնամիս ծանրաբեռնուած վիճակը նկատի առնուելով եւ յարմար դատուած ըլլալով որբախնամ գործը անջատել այրիախնամէն։