Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ. Որբախնամի դրամներուն յապահովի պահպանութիւնը

Որբախնամս առաջին օրէն լուրջ նկատողութեան առաւ Որբախնամի դրամներուն յապահովի պահպանութեան խնդիրը եւ որոշեց երեք հարիւր (300) լիրայէ աւելի գումարները, մինչեւ 300 լիրա գանձապետին քով 4% տոկոսով մնալու պայմանով, յանձնել ի պահ Ռուսական պանքային, յանուն Կիլիկիոյ Որբախնամ Կեդր. Յանձնաժողովոյ, նոյնչափ տոկոսով։ Այսպէս, ամէն անգամ որ գանձապետին քով բաւականաչափ դրամ կը պակսի, պանքային մէջ ի պահ դրուած գումարէն կ՚առնուի պէտք եղածին չափ, միշտ Պատրիարքին կամ Տեղապահին, յանձնաժողովիս Ատենապետին եւ Գանձապետին ստորագրութեամբ։