Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե. Որբանոցներու ամփոփման որոշում

Որբախնամս իր միամեայ պաշտօնավարութեան ընթացքին մէջ համոզում գոյացուց թէ որբանոցներու ամփոփման գործը օգտակար պիտի ըլլայ թէ՛ վարչական եւ թէ՛ մատակարարական տեսակէտներով։ Սուին էֆէնտիի դարձէն վերջ Յանձնաժողովս ա՛լ աւելի ամրապնդուեցաւ իր համոզման մէջ եւ որոշեց որբանոցներուն թիւը իջեցնել երեքի, առանց պակսեցնելու պատսպարեալներուն թիւը, ինչ որ արդէն անկարելի էր։ Այս կարգադրութեամբ հնարաւոր պիտի ըլլայ մեր որբերուն եւ որբուհիներուն տալ մտաւոր միջնակարգ կրթութիւն մը, տեղւոյն վրայ գոյութիւն ունեցող եւ չունեցող արհեստներ եւ գիւղատնտեսական գիտութիւն, տեսական ու գործնական։

Յանձնաժողովս իր այս որոշման համաձայն պիտի ունենայ որբանոցներ մին Հաճնոյ, միւսը Հասանպէյլիի եւ միւսը Սուէյտիոյ գիւղերէն յարմարագոյնին մէջ, որ յետոյ պիտի ընտրուի, այս վերջին երկու տեղերուն մէջ կառուցանելով Որբանոցի յատուկ երկու շէնքեր, - ապագային իբր վարժարան, մայրաքաղաքիս վաճառականաց ակումբին տրամադրած հազար (1000) ոսկիով, Հաճնոյ որբանոցը փոխադրուած ըլլալով արդէն Ս. Յակոբայ վանքը, հարկ եղած շինութեամբ։

Այս որոշումը կարելի չեղաւ մեզ իսկոյն գործադրել վերահաս ձմրան եւ այլ դժուարութեանց պատճառով, եւ հարկադրուեցանք առ այժմ անփոփոխ պահել որբանոցներու թիւը, որոշման գործադրութիւնը յետաձգելով։