ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ (1909 Օգոստոս 7 —1910 Դեկտեմբեր 31 եւ 1911 Յունվար 1 — 1911 Յունիս 30)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ

Կիլիկիոյ Որբախնամ Կեդր. Յանձնաժողովս իր տեղեկագիրը փակելէ առաջ պարտք կը համարի իր խորին շնորհակալիքը յայտնել ամէն անոնց որոնք թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ բարոյապէս սատարեցին Կիլիկեան որբերու խնամարկութեան բազմածախս գործին։

Յանձնաժողովս կը յուսայ թէ այս սատարողները ասկէ վերջ ալ պիտի ընծայեն իրենց թանկագին աջակցութիւնները, ցորչափ ատեն որ գոյութիւն ունենայ Կիլիկեան Որբախնամը։