Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Ամէն երեկոյ, ժամը ութէն մինչեւ կէս գիշեր, փոքր ընդմիջումներով Թիֆլիսի կայարանէն կը  մեկնին Պաթումի, Պաքուի ու Երեւան-Կարսի զոյգ գնացքները։ Կայարանի սովորական խաղաղ կերապրանքը այդ ժամերուն բարեկենդանային դիմակաւորում կը ստանայ արտասովոր իրարանցումով ու աղմուկով, մինչեւ որ գնացքներու մեկնելէն յետոյ հսկայ շէնքը կը դատարկուի, աղմուկը կը մեռնի, ու կարելի կը լինի լսել մուտքի առջեւ ման եկող ժանտարմի խթաններու զնկզնկոցը։

Այդ իրիկուն 1903 թուի Մայիսի  25-ին, մինչ երկաթուղիի կյարանը սովորական հեւքոտ կեանքը կ՚ապրէր մէն օրերու պէս, ժամը ութ եւ կէսի ատենները երկու կառքեր իրարու ետեւէ դղրդալով կանգ առին մուտքի սանդուխներու առջեւ։

Ինչպէս Ռուսաստանի բոլոր կայարաններու պարտադիր կանոնն է, դրան առջեւ պահակ կանգնած ժանտարմը որսկան շան նման ինքզինքը հաւաքեց, ուշադիր հայեացքով պրպտեղ նոր եկողները եւ, երեւի բաւարարուած որ անոնք սովորական ճամբորդներ են, բարեյոյս մարդիկ, անտարբեր ձեւով մը գլուխը անդին դարձուց ու կռթնելով պատին, ձանձացող մարդու մը անտարբերութեամբ սկսաւ կամաց մը սուլել։

Կայարանի մուտքին առջեւ սպասող բեռնակիրները վար թափեցան սանդուխներէն՝ իրենց պատրաստակամ ծառայութիւնը առաջարկելով երկու նորեկներուն։

Առաջին կառքէն առանց ճանապարհորդական իրեղէնի վար ցատկեց, միջահասակ, կորովի արտայայտութեամբ աշխոյժ երիտասարդ մը, որ հաւանօրէն եկած էր բարեկամ մը ճամբու դնելու։ Ձեռքի շարժումով մը կառապանին հասկցնելով որ պարտէզին մօտ սպասէ, ինքը աճապարեց բարձրանալ սանդուխներով եւ, փոխանակ ներս մտնելու, ուսը յենած մուտքի դրան, այնպիսի դիրք մը բռնեց, որով հեշտօրէն կրնար դռնէն ներս մտնողները տեսնել։

Երկրորդ կառքէն հանդարտօրէն վար իջաւ բարձրահասակ, շատ նիհար անձնաւորութիւն մը։ Մերժելով երկաթուղային բեռնակիրներու ծառայութիւնը՝ ճանապարհորդը, կաշիէ փոքր պայուսակ մը աջ ձեռքին, անութի տակ ալ սեղմած բրդէ ատիալ մը եւ բարձիկ մը, ձախով մեծ եւ, ըստ երեւոյթին, ծանր պայուսակ մը բռնած, կքոտ քայլերով սկսաւ բարձրանալ դէպի մուտքի դուռը։ Ճամբորդը դժուարութեամբ կը քալէր ու կը թուէր թէ՝ հիւանդութենէ նոր ոտքի ելած է։ Հազիւ թէ երեսունէն երեսունհինգ տարեկան ղտամարդ մը լինէր ան։ Բայց քիչ առաջ կքած ուսերը, անժամանակ գալուկ ու խորշոմած դէմքը, շատ աւելի տարէց կը ցուցանէին զայն։

Ծանր ու հեւալով կը բարձրանար սանդուխներէն։ Երբ կայարանին ներքին մուտքին մօտեցաւ, յանկարծ ակամայ կանգ առաւ ակներեւ շփոթութեամբ, մէկ երկու վայրկեան տատամսոտ արձանացաւ կեցած տեղը մարդու մը նման, որ ինչ ընելիքը հաստատ չի գիտեր, բայց անմիջապէս ինքզինք հաւաքեց եւ վճռական քայլերով անցաւ մուտքի դռնէն՝ նշանակալից հայեացք մը նետելով դրան մօտ կանգնող երիտասարդին, որ հարցական ձեւով իրեն կը նայէր։

Դժուարութեամբ անցնելով կայարանի կեդրոնական մասէն, ուր իրար անցած ճամբորդներն ու ամէն կողմ ցրուած սնտուկները հազիւ նեղ անցք մը բաց ձգած էին, ճանապարհորդը  ներս մտաւ առաջին եւ երկրորդ կարգերու սպասման միացեագ սրահը, որ արդէն լեցուած էր իրարու ետեւէ հասնող ճամբորդներով։ Մեր ճամբորդը աջ ու ձախ հրելով մօտեցաւ սրահի ճակատի ուղղութեամբ երկնցած ճաշասեղաններէն մէկուն, ձեռքի պայուսակները ոտքով հրեց սեղանի տակը ու յոգնած շարժումով ինկաւ աթոռի մը վրայ՝ ձայնելով մօտէն անցնող պիւփէի սպասաւորին.

Պժարսկի քաթլեթէ (ծեծած միս տապակած), խնդրեմ շո՛ւտ։

Անմիջապէս, անմիջապէ՛ս, պատասխանեց վրացի սպասաւորը ու հեռացաւ դէպի պիւֆէն։

Ճանապարհորդը հանդարտ շարժուձեւով գրպանէն հանեց Կավկաս ռուսերէն պաշտօնաթերթի այդ օրուան համարը, փռեց սեղանի վրայ, որպէս թէ ընթերցանութեամբ զբաղած, մինչդեռ քովընտի աչքի պոչով կը դիտէր շուրջը, ակներեւ սպասումի արտայայտութիւն մը դէմքին։

Երկրորդ երիտասարդը, որ մուտքի դրան քով կեցած՝ զարմանքով նստած էր ճանապարհորդի ակնյայտնի շփոթութիւնը դռնէն անցած ժամանակ, անգործ մարդու մը  անփութութեամբ դանդաղ քայլերով ներս մտաւ սպասման սրահը։ Շրջան մը ընելով սրահի մէջ, ան մօտեցաւ միեւնոյն սեղանին, ու աթոռ մը միայն բաց ձգելով իր եւ միւսի միջեւ, տեղաւորուեցաւ սեղանի առջեւ ու մեղմօրէն ժողովրդական եղանակ մը սկսաւ սուլել՝ մատներով սեղանը թմբկահարելով։

Որ կ՚ըսէին, թէ ամէն ինչ լաւ կ՚անցնի, որպէս թէ ինքնիրեն կը խօսէր երիտասարդը՝ սուլելը դադրեցնելով, երբ սպասաւորը նախորդ եկողի պատուէրը բերելով հեռացաւ. մարդ սովորական պաղարիւնութեամբ անվտանգ կրնայ անցնիլ բանակ մը ժանտարմներու մէջէն…

Ուրախութիւնդ կարծեմ վաղաժամ է, Վա՛հէ, նոյնպէս առանց խօսակցին դառնալու պատասխանեց ճանապարհորդը, առթին դրուած կերակուրովը զբաղած. նկատեցիր անշուշտ շփոթութիւնս… Դրան մօտ յանկարծակիի եկայ… Իրաւ որ, շատ անախորժ հանդիպում մըն էր…

Որո՞ւ, հարցուց երիտասարդը ակներեւ մտահոգութեամբ, ես արտասովոր բան մը չնկատեցի սակայն…

Հանդիպածս շատ հին բարեկամ մ՚էր… տարիներ առաջ Մետեխի բանտի մեր բաժանմունքի պահապանը, որու դէմքը յիշելու բաւական հիմնական պատճառներ ունիմ…

Բայց հաստա՞տ որ ան էր… Թերեւս կը սխալիս… այս ժամուն բանտի պահապանը հոս ի՞նչ գործ ունի…

Թէ ինչ գործ ունի՝ չեմ գիտերլ Այդ մարդիկը հազար տեսակ աղտոտ գործերու մէջ կը մտնան։ Հաւանական է որ այժմ լրտես է… Բայց որ ճանչցայ, ատոր ոչ մէկ կասկած։ Այդպէ՜ս մը տպաւորուած է այդ թշուառականի դէմքը յիշողութեանց մէջ, որ տասներեք տարիներ անցնելէ վերջն ալ վստահ եմ թէ՝ չեմ սխալուած…

Երիտասարդը բնազդօրէն հայեացքը չորս դին պտտցուց, վտանգ մը կանխազգացող անասունի մը նման անհանդարտ։

Կը կարծե՞ս թէ՝ ինքն ալ քեզ ճանչցաւ…

Սատանան գիտէ, պատասխանեց տարէցը՝ դանդաղօրէն ընթրիքը շարունակելով, զարմացած դէմքը մ՚ունէր, երբ զիս տեսաւ… կարծես ճիգ մը կ՚ընէր հին մոռցուած բան մը վերյիշելու…

Իսկ ինչո՞ւ ետ դառնալ չփորձեցիր…

Աւելի վատ կը լինէր, անշուշտ գլխի պիտի իյնար…

Գիտե՞ս ինչ, Քաչա՛լ, կարծեմ, աւելի լաւ պիտի լինի, եթէ այս իրիկուն մեկնումդ յետաձգես… վերջէն ուրիշ միջոց մը կը գտնենք քեզ քաղաքէն դուրս բերելու, պատասխանեց Վահէն եւ, րոպէ մը մտամփոփ խորհելէ վերջ, շարունակեց. պայուսակներդ ձգէ ու գնա, ես կը բերեմ։ Աշխատէ աննկատելի ձեւով դուրս գալ կայարանէն։ Վաչօն պարտէզի մօտ կը սպասէ արդէն։ Կառքը նստիր ու գնա։ Ես ուրիշ կառքով մը կը հետեւիմ քեզ։

Միւսը, որուն Քաչալ անունը տուած էր Վահէն, հանդարտօրէն ընթրիքը վերջացուց ու առանց ընկերոջը դառնալու ըսաւ։

Շատ լաւ, ըսածիդ պէս թող լինի, թէեւ վստահ եմ որ կամ դրան առջեւ եւ կամ հոս բազմութեան մէջ զիս կը փնտռէ անպիտանը… Բայց անգամ մը փորձենք։

Քաչալը անձեռոցը սեղանին վրայ նետելով՝ կը պատրաստուէր ոտքի ելլելու, երբ զգաց որ, ետեւէն ուժեղ ձեռք մը ծանրացաւ ուսին, ու կոշտ, հրամայելու վարժ ձայն մը ըսաւ.

Ձե՛ր իրեղէնները…

Բարձրահասակ ժանտարմ մըն էր խօսողը, իսկ անոր կողքին կանգնած էր թափթփած արտաքինով, գզգզած մօրուքը աղտոտ օձիքի վրայ փռած այն մարդը, որուն հանդիպած էր Քաչալը կայարան մտած ժամանակ։ Մարդուկը բաւականութեամբ ձեռքերը իրար կը շփէր։ Անոր լայն ու այտոսկորները ցցուած դէմքին վրայ, մանր աչքերը ուրախ կը կայծկլտային։

Հեգնական մտերմութեամբ կը Քաչալի թեւը ցնցելով ըսաւ.

Աղաւնեակս… մենք կարծեմ հին ծանօթներ ենք։ Խնդրեմ ըսէք՝ երբէ՞ն ի վեր մեր կողմերը բարեհաճեցաք… Որքան կը յիշեմ, Սիպերիայի կողմերը պտոյտի ելած էին… Վաղուց է որ չէինք հանդիպած… Հի՜, հի՜, հի՜. ու ծիծաղի պէս բան մը սուլեց որբ մնացած քանի մը ատամներու արանքէն. Ի՜նչ բախտաւորութիւն։ Եթէ գիտնաք, թէ որքա՜ն ուրախացուցիչ զիս, Հի՜, հի՜, հի՜…

Չեմ հասկնար թէ ի՞նչ ըսել կ՚ուզէք, անշուշտ սխալմունք մը…

Մեր բարեկամը. որպէս թէ ծայր աստիճանի վրդովուած կատարուած թիւրիմացութեան համար, որու անմեղ զոհն էր ինք, բարձրացաւ աթոռէն՝ բողոքի արտայայտութիւն մը դէմքին։ Եւ —ակատելով ժանտարմն ու լրտեսը—հարցուց.

Ի՞նչ կ՚ուզէք ինձմէ։ Չեմ հասկնար թէ ի՞նչ իրաւունքով…

Օ՜, օ՜, օ՜, հազար ներողութիւն, մի բարկանաք, Ձերդ վսեմութիւն—դաժան ծիծաղով մը լրտեսը ընդմիջեց զայն, անշուշտ ի՞նչ իրաւունքով… Բայց կը հասկնաք, շուտով կը հասկնաք, աղաւնեակս, շուտով կը հասկնաք։ Ուր են ձեր իրեղէնները…

Ի՞մ, ե՛ս իրեղէն չունիմ։ Այս բոլորը թիւրիմայութիւն մ՚է անշուշտ…

Օ՜, չունի՞ք… ի հարկէ չունիք, ու լրտեսը՝ կոպտաբար զայն մէկդի հրելով՝ սեղանի տակէն դուրս քաշեց երկու պայուսակները քթի տակէն մրթմրթալով՝ չէ՛, Նորին Մեծութիւնը իրեղէններ չունի։

Երթանք, հրամայեց ժանտարմը կտրուկ, ուժեղ մը սեղմելով Քաչալի թեւը իր մեծ ափին մէջ և շտկուեցաւ դէպի սրահի դուռը, շրջապատող հանդիսականներու զամացկոտ եւ թշնամական հայեացքներով ընկերացած, մինչ լրտեսը իրեղէնները շալկած կը հետեւէր անոնց։

Վահէն, ըստ երեւոյթին, անտարբեր դիրք մը բռնած, սիկարէթ մը կը ծխէր, պարզ հանդիսատեսի մը ներելի հետաքրքրութեամբ։ Բայց անմիջապէս որ միւսները հեռացան, առանց հապճեպի բարձրացաւ նստարանէն, բազմութիւնը ճեղքելով դուրս եկաւ մուտքի դռնէն ու դեռ սանդուխներէն չիջած՝ հեռուէն տեսաւ ժանտարմն ու լրտեսը, որոնք իրենց մէջ առած Քաչալը ներս կը մտնէին փոքր տաղաւարէն։

Կայարանի ձախ կողմը, փոքր պարտէզի անկիւնը կը գտնուէր այդ տաղաւարը, տեսակ մը նախակայան ժանտարմական վարչութեան համար։ Ձերբակալոիածները, հոն նախնական հարցաքննութենէ մը վերջ, կը ղրկուէին ժանտարմական բաժանմունքը, քաղաքի միւս ծայրը, Սոլոլակ թաղամասի մէջ։ Վահէն աճապարեց դէպի իր կառապանը, որ ստացած պատուէրին համաձայն, պարտէզի ետեւի կողմը կը սպասէր, մրափելով իր աթոռակի վրայ։

Վաչօ, հէ՛յ, Վաչօ, կառապանի թեւը ցնցելով ձայնեց Վահէն։

Կառապանը ընդոստ արթնցաւ աչքերը տրորելով ու կարծելով սովորական յաճախորդ մը՝ բացականչեց. էս սթահիս, խազէին…

Տօ՛ էդ դո՞ւ ես, Վահէ։ Վահէ։ Կարծեմ քնած էի…

Կարծեմք բոլորովին աւելորդ էր. լազաթին քնած էիր, ժպտելով պատասխանեց Վահէն ու լրջօրէն շարունակեց, Վաչօ՛, Քաչալը ձերբակալուեցաւ քիչ  առաջ…

Վաչօն, մէջքին անակնկալ հարուած մը ստացողի նման, ցնցուեցաւ նստած տեղը.

Ա՜յ քեզ խաբար. տօ էդ ինչպէ՞ս թէ ձերբակալուեցաւ…

Ձերբակալուիլը քանի՞ տեսակ կը լինի, ի՛նչ յիմար հարցեր կուտաս։ Հիմա ուշադրութեամբ մտիկ ըրէ խօսքերուս. ու Վահէն հազիւ լսելի ձայնով երկար բարակ բաներ մը փսփսաց Վաչոյի ականջին, մինչ միւսը գլուխը դրական իմաստով կը շարժէր՝ լաւ հասկցած լինելը հաստատելով Ուրեմն, հասկցա՞ր, վերջացուց Վահէն. առանց դանդաղելու կը կատարես ինչ որ ըսի։ Դէ՛, շուտով ճամբայ ընկիր. չմոռնա՛ս ըսածներս։

Վայ տունդ չքանդուի, օրհնած։ Ի՜ նչ մեծ բան ըսիր որ մոռնայի։ Ինձ մէկ աչքով մի նայիր. ալ ի՛նչ օրուայ Վաչօն եմ որ մոռնամ։

Վաչօն սանձերը աշծուժող հաւաքեց, մտրակեց ձիերը, ու կառքը գինովի նման օրօրուելով սուրաց դէպի Միքայէլեան փողոցը, որ Կուր գետի ձախակողմեան քաղաքամասի երկարութեամբ կը ձգուի՝ սկիզբ առնելու Մուշտայիտի պարտէզէն ու կը հասնի մինչեւ Վարանցովի կամուրջը։

Վահէն, կառքի հեռանալէն վերջ սիկարէթ մը վառելով, հանդարտօրէն սկսաւ ման գալ պարտէզը շրջափակող վանդակորմի երկայնքին, աչքերը դէպի տաղաւարը, որու լայն պատուհաններէն որոշակի կ՚երեւէր ներսի անցուդարձը։

Երբ լրտեսը, ժանտարմն ու ձերբակալուածը ներս մտան տաղաւարի գլխաւոր սենեակը, միայն պահակ ժանտարմ մը գտան հոն, որ աթոռի մը վրայ սենեակին մէջ կը հանգստանար։

Լրտեսը՝ խղիկը մտնելով՝ պէտք եղած բացատրութիւնը տուաւ եւ քանի մը վայրկեան ետք միասին դուրս եկան։ Սպան, համազգեստը կոճկելով, մէկու մը նման որ շատ կարեւոր պարտականութիւն ունի կատարելիք, յօնքերը պռստած՝ նստաւ գրասեղանի առջեւ. խուզարկու նայուածք մը նետեղ դէպի ձերբակալուածը եւ դառնալով դէպի ժանտարմը՝ հրամայեց խուզարկել պայուսակները։

Մինչ ժանտարմը պայուսակները կը քննէր, լրտեսը, փորձառու մէկը, միւս պայուսակի բովանդակութիւնը, հնամաշ զգեստ մը եւ քանի մը ձեռք ներքին փոխնորդ յատակին թափելով, հետաքրքրութեամբ դատարկ պայուսակը վեր վար կը դարձնէր, կշռելու ձեւով մը ձեռքին մէջ պահելով զայն։

Հը՛մ, կարծես թէ շատ ծանր կը թուի, բառերը ծամծմելով ինքնիրեն կը խօսէր լրտեսը, անշուշտ շատ ծանր է դատարկ պայուսակի մը համար, այնպէս չէ՞, ու ծաղրաբար մէկ աչքը գոցելով՝ հեգնօրէն Քաչալին նայեցաւ, որպէս թէ անոր կարծիքը իմանալ կ՚ուզէր. որ կ՚ըսե՛ն թէ հայ յեղափոխականները վարպետ են… ի՜նչպէս չէ, շա՜տ վարպետ… Ա՛յ, ա՛յ… ներքին տախտակը քիչ մը շատ հաստը կ՚երեւի աչքիս։ Անշուշտ կարելի է չափել… բայց պէտք չկայ… Օհօ՜… պայուսակի յատակը տնտղելով բացականչեց ան. բաւական պարզ ձեւ մը, նոյնիսկ նախնական։ Պէտք է այս գամը դուրս քաշել… Հա՛, հա՛, հա՛, ու լրտեսը գլուխը դարձուց դէպի սպան, պայուսակի շարժական յատակը դուրս բերելէ  վերջ. Ա՛յ, որ կ՚ըսէի թէ հին աղուէս մ՚է այս թռչունը, համեցէք, տեսէք, Ձերդ Գերազանցութիւն, ամբողջ պահեստ մը բաւական կասկածելի իրեղէններու… Օհօ՜, ահաւասիկ մոմշորի վրայ նկարուած ինչ որ կասկածելի յատակագիծ մը… Հետաքրքիր է, շատ հետաքրքիր, ու մոմշոր գլանիկը երկնցնելով սպային շարունակեց, յուսամ թէ չէք մոռնար զիս յիշել ձեր տեղեկագրին մէջ։ Երբ անգամ մը տեսած լինիմ, զարմանալի կերպով յիշողութեանս մէջ կը դրոշմի այս թռչուններու պատկերը… Բախտաւոր հանդիպում մ՚էր. ու դառնալով դէպի Քաչալը քմծիծաղով մը շարունակեց, անշուշտ, դուք ալ երջանիկ կը զգաք զիս տեսնելով, չէ՞…

Մինչ սպան մեծ հետաքրքրութեամբ առջեւը փռուած յատակագիծը կը քննէր, լրտեսը գաղտնարանի բովանդակութիւնը թափեց յատակին վրայ։ Հրացանի զատվերի մասեր էին՝ ասեղներ, ապահովիչներ եւ բլլթակներ յարակից մասերով։

Քաչալը, որուն հազիւ թէ ուշադրութիւն դարձուցեր էին, ինքնազուսպ սառնութեամբ շուրջը կը դիտէր անճարացած մարդու նման, որ արդէն հաշտուած է կացութեան հետ։ Ծանրօրէն յենած բաց պատուահնի փեղկին՝ անտարբեր դուրս նայեցաւ դէպի հրապարակը։ Իրար վրայ կը հասնէին ճամբորդներով լեցուն կառքերը, որոնք հրապարակը կը լեցնէին շարժումով եւ աղմուկով։

Սաստիկ ճնշուած կը զգար Քաչալը, տաղաւարին մէջ արգելափակուած, մինչ երկու քայլ անդին մարդիկ ազատ եւ ուրախ կ՚աճապարէին դէպի կայարան։ Խորապէս կը գիտակցէր այն սարսափելի հետեւանքը, որ այս պատահական ձերբակալումը պիտի ունենար։ Նորէն դէպի յաւիտենական սառնամանիքները։ Այս մտածումը փայլակի արագութեամբ  անցաւ մտքէն, կծկուեցաւ ու թեթեւ քրտինք մը պատեղ մարմինը։ Ինքն ալ հաստատ չէր գիտեր, թէ այդ պահուն ինչո՞ւ ժպտեցաւ, անորոշ, անիմաստ ժպիտով մը։ Ո՞վ գիտէ, թերեւս ողբ մ՚էր այդ, դառն հեկեկանք մը՝ հոգիէն փրթած։

Փոքր երեխայ մը հրապարակէն վազէ վազ կ՚անցնէր, երբ սրարշաւ կառք մը քիչ մնաց անիւներու տակ ճզմէր մանուկը։ Քաչալը շունչը բռնած քարացաւ կեցած տեղը։ Բազմաթիւ մարդիկ շրջապատեցին երեխան, որ վախէն, մայթի վրայ նստած՝ բարձրաձայն կուլար։

Չէ՛, բան չէ պատահեր, տուն գնա՛, տղաս, տուն գնա՛, բարեսիրտ անցորդ մը տղու գլուխը կը շոյէր՝ աշխատելով հանգստացնել զայն։

Մէկ ալ երեխայի բոլորը հաւաքուած բազմութեան մէջ, Քաչալը նշմարեց Վահէն, որ ծխելով կը մօտենար տաղաւարին, անգործ մարդու մը անտարբերութեամբ։ Պարտէզի ցանկապատին կռթնելով, հեռուէն հեռու առանց անցորդներու ուշադրութիւնը գրաւելու սկսաւ ձեռքերով նշաններ ընել Քաչալի ուշադրութիւնը գրաւելու համար։ Քաչալը  անծանօթի մը նման, ոչ-արտայայտիչ դէմքով մը, ուղիղ նայեցաւ դէպի ընկերը՝ կարծես ըսել ուզելով «լաւ ուրեմն, ի՞նչ նորութիւն ունիս ըսելիք»։

Վահէն, փոքր շրջան մը ընելով, նորէն նախկին դիրքը օռնեց, ու ձեռքի շարժումներով, դէմքի միմիքով կ՚աշխատէր բաներ մը հասկցնել ընկերոջը։ Հին փորձուած դաւադիր մը, ինչպիսին էր Քաչալը, անմիջապէս գլխի ինկաւ, որ ինչ որ կարեւոր ձեռնարկի մասին կը խօսէր Վահէն։

Գունատ կարմրութիւն մը պատեց Քաչալի դէմքը։ Թաշկինակով քիթը սրբելու ձեւ մը րաւ, դրականօրէն գլուխը շարժելով։ Մօտաւորանէս հասկցեր էր ընկերոջ միտքը։ Պէտք էր պատրաստ գտնուիլ։

Վահէն, ուրախ տրամադրութեամբ ձեռքի վերջին շարժումով մը ընկերը բարեւելէ վերջ, ցատկեց առաջին պատահած կառքի մէջ ու շուտով աչքէ կորսուեցաւ։

Մինչդեռ երկու ընկերները այդպէս համր լեզուով կը խօսակցէին իրարու հետ, ժանտարմական սպան, գրասեղանի վրայ ամբողջովին բացած մոմշորէ գլանիկը, գլուխը կը կոտրէր բան մը հասկնալու համար՝ այդ հանելուկ յատակագծէն։ Մէկ ոտք լայնութեամբ եւ երկու ոտք երկարութեամբ կտաւ մ՚էր՝ խնամով նկարուած։ Անշուշտ շրջանի մը յատակագծին էր։ Բայց ինչ որ դիտողի մը անմիջական ուշադրութիւնը կը գրաւէր՝ այն էր որ այդ ակներեւ յատակագծի վրայ ոչ տեղի անուն եւ ոչ իսկ տառ մը գրուած էր. նոյնիսկ պայմանադրական նետը կը պակսէր երկրի չորս կողմերը ցուցադրող։

Մոմշորի կեդրոնին վրայ սեւ թանաքով երկարաւուն քառակուսի շէնքի մը յատակագիծը նկարուած էր, չորս անկիւնները ժանիքաւոր բոլորակներով։ Շատ մեծ ուշիմութեան պէտք չկար հասկնալու համար, թէ այդ քառակուսին բերդ մը, կամ ատոր մօտ բան մը կը ներկայացնէր, եւ որ այդ քարտէսի կարեւորագոյն կէտն էր։ Այդ քառակուսիի քովէն, կապոյտ թանաքով բարակ եւ  ոլորուն գիշ մը պատկերէր գետակ մը, որ բաւական մը վար կը կտրուէր կամուրջի նշանով եւ գետակը խաչաձեւող ճամբայով մը, որու մէկ ծայրը կը կորսուէր ինչ որ շէնքերու մէջ, որոնք անշուշտ քաղաքի մը ծայրամասի թաղերը լինելու էին, իսկ ճամբու միւս մասը կ՚երկարէր դէպի հեռուները, երբեմն անցնելով կլոր կէտերու քովէն, որոնք հաւանաբար որոշ քիւղեր կը բնորոշէին։

Իրականին մէջ, այդ յատակագիծ քարտէս դիտողի մը ուշադրութիւնը պիտի չգրաւէր, եթէ չլինէր ժանիքաւոր բերդը, բայց մանաւանդ կարմիր թանաքով կարճ սլաք մը, որ բերդի ետեւի կողմէն կէտ մը կը ցուցնէր, ուր ոչ պատուահնի եւ ոչ դրան նշաններ կային։

Սպան տարակուսանքով գլուխը թափահարեց, մարդու մը նման, որ ինքզինքը կը գտնայ անլուծելի հանելուկի մը առջեւ։ Գլուխը վեր վերցուց ու հետախուզող հայեացքը կեդրոնացուց Քաչալի վրայ։ Ժանտարմական վարչութեան մէջ եփած սպայ մը, առաջին հայեացքով իսկ կրցաւ ճանչնալ ձերբակալուածի մէջ հին փորձուած յեղափոխական մը, որու հետ սովորական հարցաքննութիւնով մը գլուխ պիտի չկրնար ելնել։

Համակրելի դէմքով երիտասարդ գնդապետ մ՚՝ր վրացի սպան։ Բարեձեւ կազմով կենդանի եւ աշխոյժ դէմքը շրջապատուած թխորակ սուր մօրուքով մը։ Համազգեստի ձախ կրծքին անցուցած էր իրաւաբանական համալսարանի կապտաւուն նշանը։

Ծանրօրէն կռթնելով աթոռի յենարանին՝ սպան շատ քաղաքավար, խօսքը ուղղեց Քաչալին։

Խնդրեմ մօտեցէք եւ նստէք, սեղանի քով աթոռ մը մատնացոյց ընելով։

Քաչալը  բոլորովին լուռ, մեքենական շարժումով մօտեցաւ եւ նստաւ աթոռին վրայ՝ համբերութեամբ սպասելով սպայի հարցումներուն։

Ձեր անցագիրը, խնդրեմ։

Բաճկոնի ներքին գրպանէն հանելով հնամաշ անցագիր մը, որու ամէն կողմը ծածկուած էր կնիքներով եւ ոստիականական մակագրութիւններով, Քաչալը   անխօս երկարեց զայն սպային.

Ձեր անո՞ւնը.

Արշակ Պետրոսեան։

Ո՞ր տեղացի էք։

Պարսկաստանցի, Սալմաստ գաւառի Հաւթվան գիւղէն։

Սպայի դէմքին նուրբ ժպիտ մը գծագրուեցաւ։

Զարմանալի չէ՞ որ, վերջերս շատ մը ձերբակալուածներ գրեթէ բոլորն ալ պարսկաստանցի դուրս կուգան, ու հարցական նայեցաւ Քաչալի աչքերուն։

Քաչալը բոլորովին անտարբեր, լուռ մնաց։

Լրտեսը, որ գործը վերջացուցած՝ կանգներ էր սպայի ետեւ, գայլի մը նման, դունչը առաջ երկարած, չարաբինդ ծիծաղով մը դարձաւ սպային.

Սուտ կը խօսի, Ձերդ գերազանցութիւն, պարսկաստանցի չէ, ես գիտեմ…

Բայց չկրցաւ շարունակել։ Սպան, ակնյայտնի զզուանք մը դէմքին, արհամարհոտ ձեռքի շարժումով մը լռեցուց զայն։ Ու դառնալով ձերբակալեալին՝ հարցուց.

Իսկ որտեղէ՞ն կուգաք։

—Վլատիվաստոկէն, առանց տատամսելու պատասխանեց Քաչալը։

Օ՜, այդպէս։ Հետաքրքիր է գիտնալ թէ՝ այնտեղ ի՞նչ գործով կը զբաղէիք։

Չոր մրգեղէնի վաճառականութեամբ ինքնավստահ համարձակութեամբ պատասխանեց Քաչալը։

Սպան կէս հեգնական. կէս լրջօրէն, կարծես ինքնիրեն սկսաւ խօսիլ

Անշո՛ւշտ, անշո՛ւշտ, Պարսկաստան չոր մրգեղէններու երկիրն է ու պարսկաստանցիք այդ ճիւղի մէջ յայտնի վաճառականներ են, ու յանկարծ շեշտակի նայելով Քաչալին, հարցուց.

Իսկ այս պայուսակները ձերն են, չէ՞…

Ոչ, առաջին անգամն է որ կը տեսնեմ… չոր ձայնով մը պատասխանեց Քաչալը։

Լրտեսը ինքզինքը զսպելու անկարող, բարկութեամբ պոռաց.

Թշուառականը սուտ կը խօսի, սուտ կը խօսի, Ձերդ Գերազանցութիւն…

Լռէ, հրամայեց սպան անհամբերութեամբ, այդ իմ գործը չէ, գիտցածներդ կը յայտնես քննիչին, երբ կարգը կուգայ, ու նորէն դէմքը դարձնելով դէպի Քաչալը՝ մատով ցոյց տուաւ սեղանի վրայ փռուած քարտէսը, եւ որպէս թէ ընկերոջ հետ խօսէր, մտերմօրէն հարցուց, չէ՞ք կարծեր թէ հետաքրքիր տոքիւման մ՚է…

Ուսերը վեր բարձրացնելով միայն՝ պատասխանեց Քաչալը, որպէս թէ՝ բոլորովին անտարբեր։ Սառը քրտինք մը ճակատը ծածկած էր սակայն։ արդէն տկար, այդ իրիկուան իրարու յաջորդող պատահարները զինք բոլորովին ընկճեր եւ ջղայնացուցեր էին։ Նոյնիսկ իր ձերբակալուիլը, որ այնքա՜ն տխուր հեռապատկեր մը կը բանար իր առջեւ, չէր ընկճեր զինք այնչափ, որչափ այդ մոմշորի պզտիկ կտորը, որուն տեսքը միայն ֆիզիքական անհանդուրժելի ցաւ մ՚էր դարձած։

«Եթէ միայն կարողանայի յափշտակել եւ ոչնչացնել այդ քարտէսը», կը մտածէր Քաչալը, ներքին փոթորիկը աշխատելով ծածկել դէմքի խաբուսիկ խաղաղութեամբ, «որքան բան փրկած կը լինէի։ Թերեւս ամէն ինչ երեւան պիտի գայ իմ պատճառով… աւելորդ զոհեր եւ ամիսներու աշխատանք ի զուր վատնուած…»։ Ու ծանր հեւալով՝ կը նայէր սպայի աչքերուն։ Սակայն Քաչալը կը գիտակցէր, որ աթոռը շատ էր հեռու գրասեղանէն։ Եթէ նոյն իսկ կարողանար յանկարծակի շարժումով մը յափշտակել քարտէսը, հազիւ թէ ժամանակ ունենար փճացնելու զայն երեք մարդոց ներկայութեան, որոնք վայրկեանի մը մէջ կրնային զինք անշարժութեան դատապարտել։ Ճակատին քրտինքը սրբեց թաշկինակով ու զսպուած կատաղութեամբ նայեցաւ սպայի աչքերուն։

Կան դէմքի որոշ արտայայտութիւններ, որոնք աւելի պերճախօս են քան արտասանուած բառերը։ Սպան, կարծես բնազդօրէն զգալով ձերբակալուածի մտածումը, խնամքով ոլորեց մոմշորը եւ դրաւ գրասեղանի գզրոցի մէջ։ Այդպէս լաւ է եւ ապահով. վերջապէս, յուսահատ մարդ մը ամէն ինչ ընելու ընդունակ է… Ու դառնալով ժանտարմին՝ հրամայեց ձերբակալուածի վրան գլուխը խուզարկել։

Գրպանի զմելի մը, թաշկինակ մը, քսանեւհինգ ռուբլի թղթադրամ եւ քիչ մ՚ալ արծաթ մանրուք փող սեղանի վրայ դրաւ խուզարկող ժանտարմը ու բարեւելով սպան մէկդի քաշուեցաւ։ Զմելին գզրոցի մէջ տեղաւորելով՝ սպան մնացածը ձերբակալուածին յանձնեց ու ապա պաշտօնական թղթի վրայ քանի մը տող գրելով, յանձնեց ժանտարմին։

Տարէք կեդրոնական վարչատունը։

Քիչ անցած՝ ժանտարմի ուղեկցութեամբ Քաչալը դուրս ելաւ տաղաւարէն, եւ միասին վերցուցին այն ելեքտրաքարշը, որ կ՚երթար ուղիղ Երեւանեան հրապարակը։

————

Երեւանեան հրապարակը, Թիֆլիսի կեդրոնը, լայնօրէն փռուած է քաղաքապետարանի առջեւ։ Ան, աւելի բան մ՚է, քան սովորական հրապրակ մը, որու նման թէեւ շատեր կամ քաղաքի զանազան մասերու մէջ, բայց ոչ մէկը չունի անոր արժէքը։ Եթէ Թիֆլիսը Կովկասի կեդրոնական քաղաքն է, երեւանեան հրապարակն ալ այդ քաղաքի սիրտն է. առանց այդ հրապարակին դժուար է երեւակայել շքեղ Թիֆլիսը, որ իր գրաւչութենէն շատ բան պիտի կորսնցնէ առանց անոր։

Մանր քարերով սալայատակուած բաւական ընդարձակ հրապարակ մ՚է այդ, երեք կողմէն շրջապատուած շքեղ վաճառատներով եւ հիւրանոցներով, իսկ չորրորդ կողմէն համեստ խանութներու եւ պատվալներու շարքով, ուր ցանկացող մը կրնայ վստահ լինել անխարդախ շիշ մը գինիի հետ հայկական խաշ, պատուական ցոցխալ ձուկ եւ կամ կովկասեան հռչակաւոր շիշլիք վայելել, խորոված տոմաթէսի եւ փորձ դմակով լեցուն պաթլիճանի ընկերակցութեամբ։

Այդ հրապարակի չորս կողմը գոյութիւն ունին մէկէ աւելի հռչակուած վայրեր, որոնք յայտնի են իրենց մասնայատուկ շնորհքովը։ Փուշկինեան փոքր պարտէզին դիմաց, գետնափոր պատուալի մը մէջ, չնչին գումարի մը փոխարէն կարելի էր Թիֆլիսի լաւագոյն խաշը ունենալ, ընդունուած դեղթափը մասնագէտ հարբեցողներուն, որոնք սանձարձակ քէֆ մը անպատճառ խաչով պիտի վերջացնէին, քիչ մը «ինքզինքնին գտնելու համար»։ Այդ տեղէն երկու խանութ վար, նոյնպէս գետնափոր պատվալի մը կինտօ տէրը, խնձորի նման կարմիր թշերով եւ ահագին փորը արծաթէ հաստ քամարով մը շրջափակած, հռչակուած էր Կախէթի իր պատուական գինիով, որու համար օրական հազար անգամ երդում կ՚ուտէր, որ ութ տարուան հնութիւն մ՚ունի, թէեւ չէր քաշուեր բոլորովին նոր յաճախորդներուն հաւատացնելու, թէ լուսահոգի հայրը տասնեւութը տարիներ առաջ գնած էր այդ գինին եւ տակառի բերանը նոր էր բաուած։ Կողքի շատ ցած առաստաղով պատվալը հռչակուած էր սքանչելի ցոցխալ թուկերով, որոնք խանութի կեդրոնը գտնուող փոքր աւազանին մէջ կը խայտային՝ սպասելով իրենց ճակատագրին։

Թամամշեւի ընդարձակ քարվանսարայը, քաղաքապետարանի դիմացը, հրապարակի ամբողջ ճակատը կը բռնէր հարիւրաւոր կրպակներով։ Այդ քարվանսարան փեթակի մը նման առտուընէ մինչեւ իրիկուն լեցուն էր յաճախորդներով, որոնք հեռաւոր թաղերէն կուգային այդ քարվանսարայի մասնաւոր մէկ խանութէն գնումներ ընելու։

Թիֆլիսի մէջ հարիւրաւոր մրգավաճառի բանութներ կային, զանազան փողոցներու մէջ ցրուած, բայց ատոնցմէ ոչ մէկը այն հռչակը ունէր՝ ինչ որ յայտնի Քելպելայի խանութը։ Պարսիկ մ՚էր տէրը այդ խանութին, աւելի ժողովրդական ու հանրածանօթ, քան Թիֆլիսի ոեւէ քաղաքագլուխ։ Դանդաղ փութկոտութեամբ, տէրն ու օգնականները կը ծառայէին գնորդներուն, տարտիման մտերմութեամբ ժպտելով, կարծես քառասուն տարուայ հօրենական բարեկամներ լինէին։ Պարսկաստանի լաւագոյն չոր մրգեղէնը, Գանձակի խաղողն ու Երեւանի դուդմա սեխն ու սուճուխն այդ խանութէն առնելու էր մարդ, եթէ կ՚ուզէր լաւագոյնն ունենալ։

Թամամշեւի քարվանսարայի տակը կը գտնուէր յայտնի Տիլի-Պուճուրը, որու շիշլիկը հռչակուած էր ամբողջ Կովկասի մէջ։ Կավկասքի հիւրանոցի մուտքի աջ կողմն էր երաժշտական գործիքներու ծանօթ խանութը։ Հոն, եթէ փնտռածդ մէկ եղանակը չգտնէիր, այլեւս աւելորդ էր շարունակել փնտռտուքը, պէտք էր Մոսկուա դիմել։ Այս վայրերը տեղականէն աւելի՝ համակովկասեան հռչակ ունէին։ Հեռաւոր գաւառէ մը եկած վաճառական մը անպատճառ Տիլի-Պուճուր պիտի այցելէր, եթէ միայն անոր համար, որ տուն վերադարձին՝ բարեկամներուն ուդրկիցներուն կարենար ըսել. «Էնպէ՜ս լազաթին քէֆ մ՚արինք Տիլի-Պուճուրին մէջ որ…»

Այս բոլոր նշանաւոր վայրերուն մէջ սակայն ոչ պակաս աչքի զարնող տեղ մը կը բռնէր Սաքայեանի քանտիտերսկին, որ ամբողջ կովկասահայութեան մտաւորական ժամադրավայրը կը համարուէր իրաւամբ։ Դերասաններ, գրագէտներ, հասարակական գործիչներ, զանազան կուսակցութիւններու պատկանող յեղափոխականներ, ուսուցիչներ եւ ուսանողներ, ասոնք բոլորն ալ քիչ թէ շատ ազգային գունաւորումով, իրարու կը հանդիպէին այդ խանութի մարմար սեղաններու առջեւ, ժամը տասնեւմէկի սուրճի եւ կամ կէս օրէ յետոյ պարտադրական թէյի ժամանակ, որ անխուսափելի կերպով կը սկսէր ժամը չորսին ու կը վերջանար անորոշ ժամանակ մը։

Այդ խանութը կը գտնուէր Երեւանեան հրապարակէն դէպի վեր բարձրացող Սոլոլակ փողոցի վրայ։ Ինչպէս սովորաբար, այդ երեկոյ ալ Սաքայեանի քանտիտերսկին լեցուած էր յաճախորդներու այլատարր բազմութեամբ։ Սեղաններու շուրջը հաւաքուած զանազան խմբակները կենդանի խօսակցութեան մը բռնուած էին։ Սկսած դպրոցական-հոգաբարձական հարցերէն մինչեւ գրական-քաղաքական հարցերը, ընդհանրապէս հոգ կը լուծուէին։ Սաքայեանի քանտիտերսկին պարզ խանութ մը լինելէ աւելի, մտաւորականներու կաճառի մը հանգամանքը ստացած էր։

Բաւական ընդարձակ խանութի ներսի անկիւնի մարմարէ կլոր սեղանի մօտ առանձին նստած էր Վահէն, առջեւը բաժակ մը թէյ, որ վաղուց պաղած էր։ ՀԱյեացքը ուղղած դէպի խանութի դուռը՝ ակնայայտնի կերպով մէկու մը կը սպասէր անհամբեր։ Հազիւ թէ հանգիստ կրնար նստիլ Վահէն, ստէպ գրպանէն նիքելապատ ժամացոյց մը դուրս կը բերէր ջղային շարժումով մը, կամ բաճկոնի կոճակին հետ կը խաղար անգիտակցօրէն։ Խանութի մեծ ժամացոյցի սլաքը դանդաղօրէն կը յառաջանար՝ նոյն համեմատութեամբ ալ Վահէի անհամբերութիւնը։

Ժամը տասը անցած էր արդէն։ Ներկաներէն շատեր մեկնած էին, ուրիշներ ալ կը պատրաստուէին մեկնիլ։ Վահէն ձեռքի սիկարէթը սրտնեղութեամբ մէկդի նետեց, ոտքի ելաւ եւ պարտքը վճարելով՝ խանութէն դուրս եկաւ։ Փողոցի միւս մայթը անցաւ Վահէն ու քաղաքապետարանի անկիւնի դեղարանին առջեւ կանգ առաւ, հայեացքը ուղղած դէպի Վելեամինովսկի փողոցը։

Ուշացան, սրտնեղած ինքնիրեն խօսեցաւ Վահէն. արդեօք ինչո՞ւ ուշացան։

Նոր սիկարէթ մը վառեց ու ագահօրէն սկսաւ ծխել։ Հազիւ ինքզինք կրնար պահել։ Հապա եթէ իր սպասած մարդիկը չգային… Սաքայեանի եւ կամ քաղաքապետարանի այդ անկիւնը ժամադիր էր եղած Վաչոյի հետ… «Չլինի՞ թէ նոր փորձանք մը պատահեցաւ։ Գէթ Վաչօն գար», ջղայնացած կը մտածէր Վահէն։

Մէկ երկու անգամ դեղարանի երկայնքով գնաց եկաւ եւ՝ մինչ կը պատրաստուէր նորէն Սաքայեանի խանութը վերադառնալ՝ մտածելով որ հոն կրնան եկած լինիլ Վելեամինովսկի փողոցի վերի կողմէն եկող սրարշաւ կառք մը կանգ առաւ իրմէ քանի մը քայլ հեռու։ Կառապանը Վաչօն էր, իսկ կառքի մէջ, փոխանակ իր սպասած ընկերներուն, նստած  էր անծանօթ կիմնազիստ պատանի մը, որ չուշացաւ կառքէն վար ցատկել, երբ Վահէն զարմացկոտ, յօնքերը պռստած՝ մօտեցաւ կառքին։

Վաչօն աճապարեց աթոռակէն վար չջնել մայթի վրայ ու մօտենալով Վահէին՝ ցած ձայնով մը ըսաւ.

Միհրդատն ու Ալեքսանը չկրցայ գտնել… Ժամանակ ալ չունէի որ անոնք փնտռելու ելլէի…Մտածեցի որ փոխանակ առանձին գալու՝ միասին բերեմ Վարդանը բայց Վահէի դէմքին վրայ ակներեւ տարակուսանք մը նկատելով՝ աճապարեց վրայ բերել— ուժեղ ձեռք մը աւելի կ՚ունենանք…

Բայց Վաչօ՛…

Տարիքին մի նայիր, ընկերոջ խօսքը ընդմիջեց Վաչօն. Կիմնազիստներու խմբի լաւագոյն ընկերներէն է… յանդունգն եւ անվախ պատամի մը… Մեր ղեկավար ընկերները մեծ վստահութիւն ունին անոր վրան… Թէեւ դու գիտես… Ես բան մ՚ալ յայտնած չեվ անոր։ Իրենց տունը ճամբուս վրայ էր, վար կանչեցի զինքը եւ յայտնեցի թէ վտանգաւոր, բայց անհրաժեշտ գործ մը կայ կատարելիք, արդեօք կուգա՞յ մեզի օգնելու։ Առանց վայրկեան մը տատասելու, գլխարկը վերցուց եւ եկաւ հետս՝ յայտնելով՝ «Անշուշտ կուգամ, Վաչօ, այդ ալ հարցնելու բա՞ն է»… Իսկական սրտի տէր մարդ ըսածը այդպէս պէտք է լինի… Բայց ինչպէս ըսի, նորէն դու գիտես, կ՚ուզե՞ս ետ կը ճամբեմ… թէեւ վստահ եմ որ մեզի պէտք կրնայ գալ։

Վահէն լուռ, խուզարկու հայեացքով մը դարձաւ դէպի պատանին, որ քանի մը քայլ հեռուն կեցած՝ կը սպասէր երկուքի խօսակցութեան լրանալուն։ Վահէն, պատանիի արտաքին երեւոյթէն կ՚երեւի լաւ տպաւորուած, մօտեցաւ անոր.

Բարեւ ձեզ, եւ ուժեղ սեղմեց անոր երկարած ձեռքը. ձեր անունը…

Վարդան Արսէնեան, կարճ ու կտրուկ պատասխանեց պատանին՝ յարգալից սպասելով որ դիմացինը խօսի։

Անուննիդ խոստմնալից է, ընկերաբար ժպտեցաւ Վահէն. Վարդան եւ Արսէն, եթէ ձեր սիրտն ալ համապատասխանէ ձեր անունին…

Ես դեռ նորեկ մ՚եմ գործի մէջ, համեստօրէն պատասխանեց Վարդանը, բայց պատրաստ՝ հետեւելու ձեզ, եթէ հրամայէք…

Դժուար եւ վտանգաւոր գործ է, ինքնիրեն խօսեցաւ Վահէն, —դժուարին գործ է…

Պատանին կարծես թէ չլսեց իսկ Վահէի խօսքերը։ ԿԵնդանի աչքերը Վահէին ուղղած, լուռ մնաց։ Վահէն ներքնապէս հետաքրքրուած՝ նայեցաւ անոր։ Փորձ յեղափոխական մը ինք. հարիւրաւոր երիտասարդներու հետ շփում ունեցած էր շատ դժուարին պայմաններու մէջ, սովրեր էր մէկ երկու խօսքով կշռել անոնց մտաւոր եւ հոգեկան կարողութիւնները։ Կ՚երեւի, բաւարարուած իր քննութեան արդիւնքէն, մտերմօրէն Վարդանի թեւը մտաւ եւ գլխով նշան ըրաւ Վաչոյին, որ շարունակէ ճամբան։ Իսկ ինք նոր ընկերոջ հետ միասին Վելեամինովսկի փողոցէն սկսաւ հանդարտօրէն վեր բարձանալ ու աջի վրայ բացուող առաջին փողոցը մտնելով կիսաշրջան մը դարձաւ քաղաքային դումայի շէնքի շուրջը։

Երբ Վահէն ընկերոջ հետ նորէն Երեւանեան հրապարակը դուրս եկաւ, կտրեց փողոցը, անցաւ Սաքայեանի խանութի առջեւով ու կանգ առաւ դէպի աջ բացուող առաջին փողոցի անկիւնը, որու վերի կողմը կը գտնուէր ժանտարմական վարչութեան կեդրոնական շէնքը։

Միջակ լայնութեամբ փողոց մ՚էր այդ, վատ լուսաւորուած ու երկուստեք նեղ մայթերով եզերուած։ Գիշերուան ուշ ատեն հազիւ երբեմն անցորդ մը կ՚երեւէր։ Փողոցի վերի անկիւնը, ուր կողմնակի փողոց մը կը խաչաձեւէր առաջինը, կը գտնուէր ժանտարմական վարչութեան չորս յարկանի բարձրադիր շէնքը։

Վահէն աչքի պոչով նոր ընկերը կը դիտէր հետզհետէ աճող գոհունակութեան զգացումով։ ՄԷկ երկու խօսքով անոր բացատրեր էր ձեռնարկի մանրամասնութիւնները։

Բարձրահասակ պատանի մ՚էր Վարդանը, հազիւ տասնեւինը տարեկան, երրորդ կիմնազիայի աւարտական դասարանէն։ Առոյգ եւ աթլեթիք կազմուածքով մ՚օժտուած էր ան։ Երկարաւուն դէմքը, որ նոր սկսեր էր աղուամազով մրոտիլ, մասնաւոր գրաւչութիւն մը կուտար անոր։ Քիչ դուրս ինկած ճակատին տակ կենդանի աչքերը կը ներշնչէին այնպիսի վստահութիւն մը, որուն անկարելի էր դիմագրաւել եւ որու առջեւ տեղի կուտային ամէն անվստահութիւն ու կասկած։ Յաղթ կազմուածք մ՚ունէր, տասնեւինը տարեկան պատանիի մը կամար թերեւս վաղաժամ։ Լայն կուրծքը դուրս ինկած էր ըմբիշի մը կուրծքին պէս։ Ջլապինդ թեւերը քիչ մը երկար էին, քայլերը՝ առնական եւ հաստատուն։

Վահէն, Վարդանի թեւը մտած, բացատրեր էր անոր իրենց կատարելիք ձեռնարկի մասին։ Առանց թագցնելու հաւանական վտանգը, ուշադրութեամբ հետեւեր էր տղու դէմքի արտայայտութեան։ Չէ՛, նոյնիսկ ամենափոքր չափով վարանումի հետք չէր տեսած անոր դէմքի վրայ, այլ ուշադիր, լարուած դէմք մը միայն, որ կեդրոնացած արտայայատութեամբ կ՚աշխատէր տրուած բացատրութիւնը իւրացնել. խոհուն եւ կայծկլտացող աչքեր, ներքին զուսպ ոգեւորութենէ մը վառուած, առանց սակայն  պոռոտ ինքնավստահութեան։ Վահէն բոլորովին միամտուած էր։ Չէ՛, Վաչօն չէր սխալած՝ այս պատանին հետը բերելով։

Անցորդներու ուշադրութիւնը չգրաւելու համար, երկուքը սկսան քալել լայն մայթին վրայ, փողոցի անկիւնէն մինչեւ Սաքայեանի խանութը, անհամբեր սպասելով Վաչոյի երեւնալուն, որ կ՚ուշանար սակայն։

Ժամը տաս ու կէսն անցած էր արդէն։ Խանութներու փեղկերը շառաչելով կը փակուէին։ Երեւանեան հրապարակը խաղաղ կերպարանք մը կը ստանար։ Հազիւ մէկ երկու խմբակներ, քաղաքապետարանի առջեւ տնկուած ծառերու տակ դեռ կը յամարռէին մնալ, վէճի բռնուած։

Զարմանալի է որ այսքան ուշացան, աւելի ինքնիրեն կը խօսէր Վահէն՝ բարձրաձայն խորհրդածելով. պէտք էր որ մինչեւ այժմ երեւնային…ժամը տասնմէկին կը մօտենայ։

Թերեւս ուղղակի Մետեխի բանտը տարած են։ Չէ՞ք կարծեր թէ կրնայ պատահիլ…

Անշուշտ ո՛չ, նախ՝ ժանտարմական կեդրոնական կայանը կ՚ուղարկեն նոր ձերբակալուածները, պատճառ մը չկայ որ Քաչալը բացառութիւն լինի։ Բայց իրապէս շատ ուշացան…

Թեւանցուկ շարունակեցին իրենց պտոյտը։

Առաջինը Վարդանը տեսաւ Վաչօն, որ սանձերը թոյլ ձգած՝ դանդաղօրէն կը բարձրանար Երեւանեան հրապարակէն։ Երկու ընկերները աճապարեցին հասնիլ կառքի ետեւէն, երբ Վաչօն նշանակալից հայեացք մը նետելով շարունակեց ճամբան ու կիսաշրջան մը ընելով մտաւ Բեթրովելիք փողոցը ու կանգ առաւ  պատահած առաջին տան առջեւ։

Երկու ընկերները երբ մօտեցան, Վաչօն նստարանի պահարանէն փոքր ծրար մը հանելով՝ յանձնեց Վահէին.

—Նոր ելեքտաքարշէն վար իջան եւ ուղղուեցան այս կողմը, շշնջաց Վաչօն։

—Մէ՞կ ժանտարմ միայն կ՚ուղեկցէր անոր, հարցուց Վահէն։

—Անշո՛ւշտ մէկ, բայց երիտասարդ յաղթանդամ ջանավար մը… Զգոյշ պէտք է լինիլ…

—Էդ ոչինչ, սիրելիս, ինքնաբաւականութեամբ ժպտաց Վահէն, դու ան ըսէ՝ Քաչալը քեզ տեսա՞ւ։

Անկասկած, լրագրավաճառի տաղաւարին մօտ կանգնեցուցեր էի կառքս։ Ելեքտրաքարշէն երբ իջան, դէմ դիմաց եկանք։ Քաչալը զիս տեսնելուն՝ դէմքին թեթեւ ժպիտ մը խաղաց… Կ՚երեւի հասկցաւ, թէ բաներ մը կը դառնայ, բայց…

Ի՞նչ կայ որ, —անհանգստացած հարցուց Վահէն։

Այսինքն՝ ոչինչ. միայն Քաչալը շատ տկար կ՚երեւէր…Գունաթափ ու հազիւ քալելու կարող…

Դժբախտութիւն մը, որուն չենք կրնար օգնել սակայն… Ըսենք՝ Քաչալը ընելիք բան մ՚ալ չունի… բաւական է որ մենք պէտք եղած արագութեամբ շարժինք ու դառնալով Վարդանին՝ Վահէն շարունակեց խօսքը, դուք ուժեղ էք, ժանտարմով բնաւ մի զբաղիք, միայն Քաչալը կառքը դնելու աշխատեցէք… մնացածը իմ գործն է… Մենք անցնինք։ Վաչօ, կը սպասես այստեղ ու, երբ Քաչալն ու ժանտարմը փողոցով դէպի վեր առաջ գան, հինգ տասը քայլի վրայ կը սկսիս հետեւիլ անոնց…

Ես գործս գիտեմ, դու անհոգ եղիր, յաջողութիւն ձեզի…

Վահէն ու Վարդանը կամաց կամաց սկսան բարձրանալ փողոցով, որ զգալի զառիվեր մը ունէր։ Երկուքն ալ լուռ էին ու ինքնամփոփ։ Վահէն ստէպ ետ կը նայէր։ Երանի թէ պատահական անցորդներ չանցնէին, կը մտածէր ան, թէեւ կը զգար որ, ինչ ալ որ լինէր, գործը պիտի կատարուէր անպատճառ։

Բաւական հեռացեր էին։ Կառքը մութ անորոշ զանգուածի նման կ՚երեւէր հեռուէն։ Հասած էին ժանտարմական վարչութեան շէնքի առջեւ։ Ատկէ փողոց մը կը սկսէր դէպի Սուրբ Դաւիթ սարի փէշերուն թառած թաղերը։ Ժամանակ մը հոդ սպասելով, ետ դարձան նորէն։

Այդ հեռաւորութենէն հազիւ թէ կարելի լինէր բան մը նկատել կիսախաւար փողոցին մէջ, բայց Վահէի սուր ականջները որոշակի լսեցին հեռուէին դանդաղօրէն առաջացող կառքի անիւներու հանած աղմուկը փողոցի քարէ սալայատակին վրայ։ Վահէն բնազդօրէն սեղմեց Վարդանի թեւը։ Վերջինս ալ լսած էր։ Դրական իմաստով, գլուխը շարժեց։ Երբ բաւական մը առաջացան, տարտամօրէն նկատեցին նախ երկու ստուերներ, որոնք մայթի նոյն կողմով իրենց դէմ կուգային, իսկ անոնց ետեւէն՝ դանդաղօրէն եկող կառքը։ Քիչ վերջը սակայն որոշակի կը լսուէր ժանտարմի խթաններու զնկոցը։

Քանի մը քայլ եւս առաջանալէ վերջ, Վահէն ընկերոջը հետ կանգ առաւ տան մը առջև, որու դուռը մայթէն երկու սանդիմատերով բարձր կը բացուէր։ Վեր բարձրացան։ Վարդանը ներս ինկած դրան ստուերի մէջ կորաւ, իսկ Վահէն ձեռքը տան ելեքտրական կոճակին վրայ դրաւ, առանց սեղմելու զայն, այնպիսի դիրք մը բռնած, որ մարդ կ՚ունենայ զանգահարութեան պատասխանը սպասած ժամանակ։ Վահէն նախօրօք Վաչոյէն ստացած ծրարը քանդեր էր. կաշիէ կարուած կարճ ու հաստ կոպալ մ՚էր քիչ աւելի երկար քան սովորաբար թմբակահարներու գործածածը, ծայրի ուռուցիկ մասը ամբողջովին արճիճ գնդակներով լեցուած։

Վարէն եկող երկու ստուերները այժմ արդէն որոշ ձեւ ստացած կը մօտենային։ Վահէն ուժով մը Վարդանի ձեռքը սեղմելէ վերջ, բոլորովին սառը, արագ հայեացգով մը կշռեց ստեղծուած կացութիւնը։ Չարագուշակ ժպիտ մը խաղաց դէմքին, սանդուխներու բարձրութեան շնորհիւ տիրապետող դիրք մ՚ունէր ինք, հակառակ ժանտարմի բարձր հասակին։

Եկողները կողք կողքի կը քալէին, Քաչալը դժուարութեամբ կը յառաջանար, գլուխը կախած։ Հաւանական է որ նկատած իսկ չէր տան դրան առջեւ կանգնած անծանօթները։ Երբ մօտեցան դրանը, ժանտարմը մայթի նեղութեան պատճառով ձգեց որ առաջ անցնի ձերբակալուածը ու ինք ն ալ գրեթէ կրնկակոխ հետեւեցաւ անոր։ Հազիւ թէ քայլ մը առած էր առաջ, երբ Վահէի կոպալով զինուած ձեռքը բարձրացաւ օդի մէջ եւ անհնարին թափով իջաւ ժանտարմի գլխուն՝ բութ ձայն մը հանելով։

Վարդանը իր կեցած տեղէն ոչ տեսաւ եւ ոչ ալ գլխի ինկաւ, թէ ի՞նչ կատարուեցաւ։ Տեսաւ միայն, որ ժանտարմը յանկարծ քայլ մը առաջ գնաց, երերաց գինով մարդու մը նման՝ աշխատելով հաւասարակշռութիւնը պահել, ձեռքը բնազդօրէն կողքի ատրճանակին նետելով։ Ժանտարմի կարծր գլխարկը սակայն, մեծապէս թուլացուցեր էր հարուածի թափը, այնպէս որ թէեւ շշմած, բայց ոտքի վրայ մնացեր էր՝ ինքզինք գտնել ջանալով։

Դժբախտաբար, Վահէն հեռաւորութեան պատճառով բարձրէն հարուածը չէր կրնար այլեւս կրկնել. կը մնար որ մայթի վրայէն փորձէր։ Բայց Վարդանը, առանց ժամանակ տալու Վահէին, խոշոր ոստիւնով վար ցատկեց կեցած տեղէն մայթի վրայ, ու մինչ ժանտարմը ատրճանակը դուրս կը քաշէր պատեանէն, իրար ետեւէ կռուփի երկու այնպիսի ուժեղ հարուածներ հասցուց անոր կզակին, որ հսկայ երիտասարդը եղան նման ծանր տքալով, բոլորովին ուշաթափ վիճակի մէջ, երեսն ի վայր փռուեցաւ գետին։ Քաչալը գունաթափ, պատին կռթնած, ծանր կը հեւար։

Վաչօն, ընկերներուն մօտ հասած, ճարպիկ շարժումով մը կառքը ետ դարձուց անմիջապէս։ Վարդանը, երեխայի մը նման գրկած Քաչալը, կառքը մտաւ, Վահէն ալ ետեւէն։ Ժամանակ չկար կորսնցնելիք։ Վաչօն մտրակեց աշխոյժ ձիերը, ու կառքը արագօրէն եկած ճամբայով վերադարձաւ, անցաւ քաղաքային Տումայի առջեւով եւ հազիւ Վելիամինովսկի փողոցէն քիչ  բարձրացած ձախ թեւի վրայ բացուած նեղ ու ծուռ փողոց մը անցնելով՝ կանգ առաւ վերջապէս Արասապատ հրապարակի ներքին ծայրը, տան մը առջեւ։

Երկյարկանի քարաշէն տուն մ՚էր, ուր վերի յարկը կը բնակէին Արսէնեանները։ Նախօրօք այդպէս կարգադրած էին, որ Վարդանը քանի մը օրուան համար իրենց տունը պահէէր Քաչալը, որպէս ապահով թագստոց մը, մինչեւ որ կացութիւնը պարզուէր եւ ընկերները միջոց մը գտնէին զայն Թիֆլիսէն անվտանգ  դուրս բերելու։

Երբ Քաչալը, ծանրօրէն կռթնած պատանիի ուսին, դժուարութեամբ վար կ՚իջնար կառքէն, Վահէն Վարդանի ձեռքը սեղմելով՝ ըսաւ.

Ապրիք, վստահելի ընկեր մ՚էք, Քաչալը ձեր հոգածութեան կը յանձնեմ, լաւ պահեցէք։

Շնորհակալ եմ. դուք կրնաք բոլորովին անհոգ մնալ այդ մասին։ Գիշեր բարի։

Գիշեր բարի։

Կառքը շարժուեցաւ դէպի Բէհրութեան փողոցը, բայց հազիւ փողոցի անկիւնը հասած՝ Վահէն առանց կառքը կանգնեցնելու ճարպիկօրէն վար ցատկեց, յայտնելով Վաչոյին, որ երթայ հանգստանալու, իսկ ինք սկսաւ բարձրանալ Բեհբութեան փողոցով։ Վելեամինովսկիի անկիւնը, ճերմակ ներկուած տան մը դարպասի փոքր դռնէն ներս մտաւ, ուշադրութեամբ չորս կողմը նայելէ վերջ, թէ հետեւող մը կա՞ր իրեն։

Երբ Վարդանը ընկերոջ հետ մօտեցաւ իրենց տան դրանը, հազիւ լուսաւորուած կողքի անելի փողոցէն մարդ մը դուրս ելաւ, ճերմակ գոգնոցով ու երկար գաւազան մը ձեռքը։ Տան դռնապանն էր։

Պարող Վարդան. էս օր ուշ տուն կուգաս, ձայնեց դռնապան Մոսօն, թիկնեղ երիտասարդ մը, որ Ախլաթի շրջանէն տարիներ առաջ գաղթած էր Կովկաս. Էդ ղօնախդ ո՞վ է. ու մօտ գալով հետաքրքրութեամբ դիտեց Քաչալը։

Բարեկամ մը, պատասխանեց Վարդանը. Հայրս տուն եկա՞ւ…

Քիչ առաջ ներս մտաւ… Էս բարեկամդ հիւանդ կ՚երեւի, պարոն Վարդան։

Վարդանը՝ Մոսոյի ականջին ծռած՝ բաներ մը փսփսաց.

Դէ, հասկցա՞ր, աչքդ չորս բաց…

Արխային մնա, ու դռնապանը՝ Քաչալի միւս թեւը մտած՝ հոգածու ուշադրութեամբ օգնեց անոր սանդուխներէն վեր բարձրանալուն։

Երբ Վարդանն ու Քաչալը բարձրացան երկրորդ  յարկը՝ Արսէնեաններու յարկաբաժինը, հիւրանոցէն ճրագի լոյսը շեղակի ինկեր էր միջանցքի պատին վրայ։ Ուրեմն, տնեցիք դեռ քնած չէին։ Զգուշութեամբ Քաչալը իր սենեակը մտցնելով՝ Վարդանը օգնեց անոր որ հանուի։ Իր անկողնին մէջ պառկեցուց, դուրս ելաւ դուռը ետեւէն գոցելով ու շտկուեցաւ դէպի հիւրասենեակը, ուրկէ խօսակցութեան ձայներ կուգային։