Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՓՈԹՈՐԻԿԸ

Վահէն ամբողջ ժամանակ զբաղած էր «ապրանքի» փոխադրութեամբ, որ յաջողութեամբ վերջացաւ յուլիսի քսանէն վերջ։ Ատկէ առաջ, անգամ մը նորէն Գարեգին սարկաւագի ընկերակցութեամբ բարձրացաւ Մէհմէտ բէկի մօտ, երբ Ալի բէկը նոր վերադարձած էր իր ապագայ աներոջ՝ Հիւսէյին բէկի տուած այցելութենէն։

Ալի բէկի տուած տեղեկութենէն շատ գոհ մնաց Վահէն։ Անսպասելի յաջողութիւն մը կը համարէր Հիւսէյին բէկի խոստումը՝ իր հայերու միջոցով օգնելու ապրանքի փոխադրութեան դէպի Արճէշի շրջանը։

Երբ Վահէն կրկին վերադարձաւ վանք, անմիջապէս նամակով մը Սարգիսը ճամբեց Երեւան՝ հրահանգելով որ որոշ քանակութեամբ «ապրանք» կեդրոնացուի Իգտիրի մօտ, հայ գիւղի մը մէջ։

Եկեղեցական կալուածներու գրաւման օրէնքի հրատարակութենէն վերջ, Վահէն այդ հարցի մասին գրեթէ ոչինչ լսած էր։ Շատ զբաղած էր ու հազիւ ժամանկ ունենար քաղաք իջնալու։ Եղիշէ վարդապետն ալ որպէս թէ քէն ըրած՝ ոչ սարկաւագի ու ոչ ալ Վահէի հետ այդ մասին կ՚ուզէր խօսիլ։ Միայն վերջին օրը, երբ Վահէն կը պատրաստուէր մեկնելու, վարդապետը յայտնեց, որ իր լսածով՝ Վեհափառը Թիֆլիս գնացեր է՝ խնդրելու փոխարքայ իշխան Կալիցինի բարեխօսութիւնը, նոր օրէնքը վերացնելու համար։

Այդ լուրը խնդացուց Վահէն։ «Գայլը գառներու պահապան»ի մօտ իմաստ մ՚ունէր Հայրապետին դիմումը իշխան Կալիցինին, որու հիւանդ ուղեղին մէջ ամենէն առաջ ծագում առած էր այդ օրէնքը։

Քանի մը օրով բոլորովին ազատ էր Վահէն։ Ինչո՞ւ չերթար Ղարաքիլիսէ, այդ օրերը Արսէնեաններու մօտ անցընելու համար։ Դեռ Թիֆլիս եղած ժամանակ, անոնք այնքա՜ն թախանձանօք խնդրած էին, որ ամառը անպատճառ Ղարաքիլիսէ հանդիպի եւ իրենց հիւր մնայ։

Վահէն հապճեպով հաւաքեց իրերը, որոնք հազիւ ձեռքի փոքր պայուսակ մը լեցնէին, իջաւ տղոց մօտ՝ «մնաք բարով» ըսելու, ու անմիջապէս ճամբայ ինկաւ։ Կէս օրուան տասնմէկի գնացքէն առաջ հասաւ Ալէքսանդրոպոլի կայարանը։

Քաղաք չհանդիպեցաւ։ Կայարանէն երկտող մը ձգեց Պաստամեանին՝ յայտնելով թէ ապրանքի տեղափոխութիւնը յաջողութեամբ վերջացեր է եւ թէ ինքը քանի մը օրով Ղարաքիլիսէ կ՚երթայ, Արսէնեանները տեսնելու համար։

Ժամը երկուքի ժամանակ գնացքը կանգ առաւ Ղարաքիլիսէի կայարանին առջև։ Վահէն փոքր պայուսակը ձեռքին, դպրոցականի մը աշխուժով վար ցատկեց վակոնի սանդուխէն։ Սովորական բազմութիւն մը կար կայարանի լայն մայթին վրայ։ Թիֆլիսէն կամ Ալէքսանդրոպոլէն ամէն գնացք գալուն, ամարանոց ելնողները կը հաւաքուէին այդ տեղ, նորեկներ տեսնելու, բարեկամի մը հանդիպելու համար։

Վահէն կայրանի դրան կը մօտենար, երբ դէմ յանդիման եկաւ Եւգինէն, որ ընկերուհի մը հետ թեւանցուկ կը ճեմէր։

Պարո՛ն Վահէ, ու աղջիկն ուրախացած դիմաւորեց տղան, որքա՜ն ուրախ եմ. յոյսերնիս բոլորովին կտրած էինք…

Զբաղած էի շատ, ու տղան եռանդով թոթուեց աղջկան երկարած ձեռքը, բայց եւ այնպէս կը տեսնէք, որ եկայ…

Երթանք։

Եւ Եւգինէն՝ ընկերուհիէն ներողութիւն խնդրելով՝ Վահէի հետ դուրս եկաւ կայարանէն։ Ու սկսան քալել բաւական լայն եւ տանելի փողոցով մը։ Արսէնեաններու սեփական ամարանոցը Տիլիճան տանող մեծ ճամբու աջ կողմի վրայ կը գտնուէր, հազիւ անտառէն քարընկէց մը հեռու։

Վահէն, սովորական ջերմութեամբ կը խօսէր, ամարանոցէն, Եւգինէի ծնողներէն, Վարդանի պարապմունքներէն։

Եւգինէն, որ առջի պահուն այնքան ուրախ եւ խօսուն տրամադրութեամբ դիմաւորեց Վահէն, երբ բաւական մը առաջացան, հետզհետէ կարծես տխրեցաւ։ Կարճ ու ցրուած պատասախններ կուտար։ Նոյնիսկ՝ երբ Վահէն հարցուց Վարդանի տրամադրութեան մասին, աղջիկը վայրկեան մը աչքերը վեր վերցուց, եւ անորոշ հայեացքով մը նայեցաւ Վահէին առանց պատասխանելու։

Վահէն զարմացած՝ չէր կրնար բացատրել այդ յանկարծական փոփոխութեան պատճառը։ Ուզեց խօսակցութեան նիւթը փոխել, Եւգինէի սրտի մօտ հարցերէն խօսիլ։ Մտերմօրէն ժպտալով՝ Քաչալի մասին հարցուց։ Հարցուց նաեւ, թէ Եւգինէն չէ՞ր մտածեր Էջմիածինը տեսնելու երթալ, այնքան մօտ Փարաքարին։

Անշուշտ հետաքրքրական է տեսնել Էջմիածինը, պատասխանեց Եւգինէն այնպիսի վարանոտ, ցրուած արտայայտութեամբ, որ դժուար չէր գուշակել թէ՝ բոլորովին ուրիշ բանի մասին կը մտածէր այդ պահուն։

Անյարմար կացութիւն մը ստեղծուեցաւ Վահէին համար։ Քանի կը մօտենային Արսէնեաններու ամարանոցին, այնքան ան կը զղջար եկած լինելուն։ Նման ընդունելութեան մը երբեք չէր սպասեր, մանաւանդ որքան կը մտածէր, աղջկան այդ վերաբերմունքը արդարացնող պատճառ մը չէր գտնար։ Տրամադրութիւնը բոլորովին փճացած, գրեթէ լուռ, կը հետեւէր Եւգինէին։

Երբ Արսէնեաններու ամարանոցը հասան, պատշգամի սանդուխին տակ Եւգինէն կանգ առաւ, գլուխը վերցուց եւ շիտակ տղուն նայելով ըսաւ.

Կը զգամ, որ զարմացած էք, նոյնիսկ վիրաւորուած ինձմէ։ Կը խնդրեմ, որ ներէք։ Դուք այնքան մօտ բարեկամ մ՚էք, որ պէտք չէ ծածկէի ձեզմէ մեր ընտանեկան ծանր մտահոգութիւնը։ Բայց…

Տէր Աստուած, ի՞նչ է պատահած։ Ըսիք բոլորը ողջ առողջ են…

Կ՚ուզէի որ ձեր աչքովը տեսնէք, եւ ինքներդ եզրակացութեան մը գաք։ Ես ու մայրս ուղղակի մոլորած ենք, չենք գիտեր ինչպէ՞ս վարուիլ։ Հաւատացէք, որ շա՛տ, շա՛տ ուրախ եմ որ եկաք, կամ դուք եւ կամ ու աղջիկը տատամսելով աւելցուց, եւ կամ Քաչալը միայն կրնաք օգնել։

Առանց ժամանակ տալու, որ ապուշ կտրած Վահէն պատճառը հարցնէ, սանդուխէն արագ բարձրացաւ եւ շինծու զուարթութեամբ Վահէի հետ սենեակէն ներս մտաւ պոռալով.

Մայրիկ, տես թէ հետս ո՞վ բերի։

Տիկին Մարիամը ճաշի սեղանը կը շտկէր։ Աղջկան ձայնի վրայ ետ դարձաւ եւ յանկարծ Վահէն տեսնելով՝ պնակը ձեռքէն վար ձգեց, որ ջարդուփշուր եղաւ յատակի վրայ։

Բարի եկաք, խնդրեմ, անհանգիստ մի լինիք, ու տիկին Մարիամ ուզեց արգիլել, որ Վահէն գետնի կտորները հաւաքէ. լաւ որ կոտրեցաւ, չարը խափանեցաւ։

Ինչպէ՞ս էք, տիկին Մարիամ, պնակի կտորները սեղանի վրայ դնելով՝ հարցուց Վահէն. սքանչելի ամարանոց մ՚ունիք, հիանալի կանաչ անտառ։

Լաւ ենք, լա՛ւ, պարոն Վահէ։ Է՜հ, որդի՛, մեր լաւութիւնը ինչո՞ւ է պէտք…— ու մայրը հարցական նայեցաւ աղջկանը՝ արդեօք բան մը ըսա՞ծ էր հիւրին։

Վահէի համար այս խորհրդաւորութիւնը հետզհետէ հանելուկի մը ձեւը կը ստանար։ Պարզ էր, որ տարօրինակ նորութիւնը Վարդանի անձնաւորութեան հետ կապուած էր։ Ի՞նչ էր պատահած այդ սքանչելի տղուն։ Վահէի համբերութիւնը հատաւ, պէտք էր իմանար ու փորձելու համար հարցուց։

Բայց ո՞ւր է Վարդանը, չ՚երեւիր։

Տիկին Մարիամ կմկմալով ապահովցուց, որ ուր որ է շուտով կուգայ. ճաշի ժամանակ է։ Բայց ձայնին մէջ ու դէմքին վրայ այնպիսի խոր վիշտ մը կար, որ չտեսնել, չզգալ անկարելի էր։ Վահէն բոլորովին անհանգստացած՝ յօնքը վեր քաշեց ու հարցական նայեցա Եւգինէին, կարծես ըսել կ՚ուզէր՝ վերջապէս այս ամէնը ի՞նչ կը նշանակէ։

Ահա կուգայ, շշնջաց Եւգինէն ու մօրը աչք ընելով՝ որպէս թէ ուրախ տրամադրութեան մէջ՝ ցած ձայնով մը սկսաւ երգել, միեւնոյն ատեն օգնելով մօրը սեղանը շտկելու։

Մէկը ծանր ծանր կը բարձրանար սանդուխէն։ Շատ հանդարտ շարժումով դուռը բացուեցաւ, ու Վարդանը երեւաց սեմին վրայ, առանց գլխարկի, գլուխը կախած։

Վահէն եթէ չգիտնար որ եկողը Վարդանն է, ապահովաբար պիտի չճանչնար զայն, տղան շատ փոխուած էր։ Այնքա՜ն նիհարած էր ան, որ զգեստը չուանի վրա փռուած շորի նման կախուած էր վրայէն ու այտոսկրները զգալաբար դուրս ցցուած էին դէմքի երկու կողմերէն։ Առանց գլուխը վեր բարձրացնելու մօտեցաւ դիւանին, ծերուկի նման ձեռքերը ծնկերուն դնելով՝ նստաւ շատ դանդաղ շարժումով մը։

Չէ՛, չտեսաւ Վահէն եւ ոչ ալ մօրը կամ քրոջը խօսք մը ուղղեց։ Նայուածքին մէջ խոր լքում մը կար, կարծես կեանքի հետ հաշիւը մաքրած՝ ակամայ ապրող մեռած մարդ մը լինէր։

Տղաս, նայէ՛, ո՞վ է եկեր, —ձայնեց ներսի սենեակէն տիկին Մարիամը, որ կ՚աշխատէր ձայնին ուրախ շեշտ մը տալ, պարոն Վահէն է…

Վարդանը գլուխը վեր առաւ ու տեղէն բարձրանալով՝ մօտեցաւ Վահէին, որ ժպիտը դէմքին՝ ձեռքը պարզած կը մօտենար։

Վայ, բարեւ Վարդան ջան, ու Վահէն փաղաքշանքով՝ Վարդանի ուսը ծեծեց, ի՜նչ սքանչելի տեղ ունիք, եկեր եմ քանի մը օր հանգստանալու ձեզ մօտ։ Ա՜յ, ես ու դուք անտառները պիտի չափչփենք…

Շատ ուրախ եմ, բարի եկաք, ու թեթեւ, հիւանդոտ կարմրութիւն մը ծածկեց տղուն դէմքը, ուր խեղճուկ ժպիտ մը կ՚ուրուագծուէր, բարի եկաք, խնդրեմ, նստէք…

Սեղանի վրայ քիչ մը արուեստակեալ զուարթութեամբ Վահէն կատակներ ըրաւ, անեկդոտներ պատմեց, հին ու նոր պատմութիւններ իրար խառնեց։ Վարդանը ընդհանրապէս ցրուած արտայայտութեամբ մտիկ կ՚ընէր։

Վահէի անակնկալ գալով՝ տիկին Մարիամի աչքին կարծես թէ լոյս իջաւ։ Այս քանի՜ օր էր որ իրենց տունը սգաւորի տուն դարձած էր՝ ոչ ծիծաղ, ոչ խնդում։ Շաբաթ մ՚առաջ էր, որ Վարդանը տուն վերադարձաւ բոլորովին այլափոխուած։ Գլխու ցաւ պատրուակելով սենեակը քաշուեցաւ՝ խնդրելով որ զինք չխանգարեն։ Բայց ամբողջ գիշերը Վարդանի սենեակի լոյսը չմարեցաւ։

Ատկէ ետքը, Վարդանը անճանաչելի լինելու աստիճան փոխուեցաւ։ Գրեթէ առանց խօսելու սեղան կը նստէր, ճաշէն վերջ անմիջապէս դուրս կուգար ու ամբողջ օրով անտառը կը չափչփէր, կամ ծառի մը տակ պառկած՝ կ՚անցընէր ժամանակը։ Խեղճ մայրը կը խնդրէր, կ՚աղաչէր, որ ցաւը յայտնէ իրեն։ Վարդանը միշտ խուսափողական պատասխաններ կուտար, անգամ մը նոյնիսկ ջղայնացած՝ սկսաւ հեկեկալ։ Եւգինէն համոզեց մայրը, որ այլեւս իր հարցումներով չնեղացնէ տղան։ «Անցողական շրջան մ՚է», ըսաւ, «կ՚երեւի շուտով կ՚անցնի»։

Անգամ մը մայրը առտու շատ կանուխ մտաւ Վարդանի սենեակը։ Տղան բոլորովին հագնուած՝ գրասեղանի առջեւ քնած էր՝ գլուխը արմուկին վրայ յենած։

Եւգինէն հաստատ չէր գիտեր պատահածը։ Կը կարծէր թէ ժամանակաւոր տրամադրութիւն մ՚Էր, փոքր անհամաձայնութիւն մը երկու սիրահարներուն մէջ։ Բայց երբ Վարդանը, փոխանակ քանի մը օրէն ինքզինք վերագտնելու, ա՛լ աւելի անձնատուր եղաւ մելամաղձոտութեան, Եւգինէն սկսաւ լրջօրէն վախնալ եղբօր առողջութեան մասին։ Լաւ գիտէր, թէ որքա՜ն զգայուն, յափշտակուող բնաւորութեան տէր է եղբայրը, եւ թէ հոգեկան ծանր բեկում մը որքա՜ն ծանր հետեւանքներ կրնար ունենալ։ Եւգինէն կը պատրաստուէր այդ մասին հօրը գրել Թիֆլիս, երբ անսպասելի կերպով յայտնուեցաւ Վահէն։

————

Տիկին Մարիամի եւ Եւգինէի Ղարաքիլիսէ գալէն հինգ օր վերջը, Վարդանն ալ եկած էր ամարանոց, շատ բարձր տրամադրութեամբ։ Քրոջը հետ միասին երկար  պտոյտներ կը կատարէր անտառի մէջ, որու ծակ ու ծուկին ծանօթ էր, եւ կամ ծառի մը շուքին տակ պառկած, գիրք կը կարդար։

Այս կեանքը՝ ամէն տարիներու սովորական պատկերն էր։ Բայց, եղածին վրայ այս տարի նոր բան մը աւելցած էր։ Վարդանը ամէն առտու, դեռ նախաճաշի չնստած, անպատճառ երկար նամակ մը պիտի գրէր Սոնիային։ Ատկէ վերջն էր, որ տղուն համար արեւը կը ծագէր, թռչունները կը սկսէին ծլուըլալ, անտառը այնքա՜ն շքեղ եւ գրաւիչ կ՚երեւէր։ Օր մը սակայն, Վարդանը Սոնիային չկրցաւ գրել ու ամբողջ օրը դժբախտ զգաց։

Կէս օրէ ետքը անպատճառ պիտի հանդիպէր փոսթատունը ստանալու Սոնիայի նամակը, որ սակայն կ՚ուշանար։ Փոսթի բարեսիրտ, ծերուկ պաշտօնեան ժպտալով գլուխը կ՚երերցնէր։ Չէ՛, նամակ չկար Վարդան Արսէնեանի անունին, բայց թերեւս վաղը…

Վարդանը հետզհետէ կ՚անհանգստանար։ Արդեօք ի՞նչ է պատահած. չլինի՞ թէ Սոնիան տկար է, թերեւս շատ ծանր հիւանդ։ Այո՛, անշուշտ հիւանդ պիտի լինի Սոնիան, այնքան տկար, որ չի կրնար երկտող մ՚իսկ գրել։ Այս ենթադրութիւնը Վարդանի մտքին մէջ իրականութեան հաստատութիւն մը ստացաւ։ Արդեօ՞ք ինք անմիջապէս պէտք է երթար Սոնիայի մօտ, որ աչքը դրանը կը սպասէ իր գալուն։ Անշուշտ պէտք է անմիջապէս ճամբայ ելլել։ Կամ աւելի լաւ է՝ դեռ երկու օր եւս սպասել։

Յաջորդ առտու փոսթի ծերուկը ժպտալով երկնցուց Սոնիայի նամակը.

Ա՛յ, տեսէ՛ք վերջապէս եկաւ, երիտասարդ պարոն. մտահոգուելու կարիք չկար։

Նամակը կը սկսէր «սիրելի Վարդան»ով, որ այնքան ալ դուրեկան չհնչեց տղու ականջին։ «Սիրելի»՝ այդ սովորական բառը մարդ իր չսիրած մէկուն ալ կրնար գրել, մտածեց Վարդանը, որ «աստուածային», «հրեշտակ», «հոգուս հատոր», «կեանքիս աստղը», «երազ աղջիկ» բառերով կը խօսէր իր սիրած աղջկան հետ։

Սոնիան այդ նամակով կ՚իմացնէր, թէ իրենք բոլորն ալ շատ լաւ են, թէ հայրը կարեւոր գործերու պատճառով այս տարի պիտի չերթայ արտասահման՝ Պատէն-Պատէնի հանքային ջրերը, թէ մօրը յօդացաւը զգալապէս մեղմացեր է։ Քանի մը տող վարը Սոնիան կը շարունակէր.

«Վասիլէյ Քօբցեւը ընտանիքով բարձրացաւ Կոճոռ եւ մեր ամարանոցին մօտ տուն մը վարձեց։ Շատ ուրախ ընկերութիւն ունինք։ Ամէն օր ձիով պտոյներ կը կատարենք շրջակայ լեռներու վրայ։ Քաղաքէն ալ անպակաս են։ Իշխանն ու իր ընկերները գրեթէ ամէն երեկոյ քաղաքէն կուգան կամ Քօբցեւներուն եւ կամ մեզ հետ անցընելու երեկոն։ Շաբաթ երեկոյ հայրս հրաւէր մը սարքած էր։ Գիտնաս, թէ որքա՜ն պատուաւոր, բարձրաստիճան հիւրեր ունեցանք։ Մինչեւ առաւօտեան ժամը երկուքը տեւեցին պարերը։ Այնքա՜ն պարեցի, որ ոտքերս յոգնեցան։ Երեւակայէ, բոլոր սպաները անպատճառ կ՚ուզէին հետս պարել, բայց անոնցմէ ոչ ոք իշխանի նման թեթեւ ոտք ունէր։ Զարմանալի չէ՞, որ երբ անոր հետ կը պարեմ, կարծես ոեւէ յոգնութիւն չեմ զգար այնքա՜ն լաւ պարող է ու գիտէ իր պարընկերը ղեկավարել»։

Սոնիայի նամակը կը վերջանար տիկին Մարիամի եւ Եւգինէի ուղարկած բարեւներով եւ իր նոր շինել տուած զգեստներու նկարագրութեամբլ

Նամակի ձգած տպաւորութիւնը շատ ծանր եղաւ։ Վարդանին այնպէս կը թուէր, թէ ամէն տողի մէջ իշխանի անունը գրուած էր, թէեւ Սոնիան միայն երեք անգամ յիշած էր անոր անունը։ Զգացած դառնութենէն, Վարդանը յանկարծ սկսաւ ծիծաղիլ։ Այդ որքա՜ն միամիտ էր եղած ինք։ Աղջիկն անդին ուրախ զուարթ կը պարէ, ձիով պտոյտներ կը կատարէ շրջապատուած երիտասարդներով, մինչ ասդին՝ ինքը մտատանջուած՝ օրերով յիմար բաներ կը մտածէ։ Բարկացած՝ ուզեց պատռել նամակը, բայց գոհացաւ ճմռթկելով։

վարդանի մտքին մէջ ակամայ վերակենդանացաւ Պոտանիկական Այգին, Ասլանովներու հրաւէրը, Երեւանեան հրապարակի հանդիպումը։ Նախանձի զգացումը օձի մը պէս օղակեց եւ ճմլեց տղու սիրտը։

Վարդան բնաւորութեամբ թէեւ բաց սիրտ էր եւ շատ հաղորդական, բայց Սոնիայի հետ ունեցած յարաբերութեան մասին չէր սիրեր խօսիլ նոյնիսկ քրոջը, որմէ գրեթէ գաղտնիք չունէր։ Կրիայի նման քաշուեցաւ իր պատեանին մէջ եւ անձնատուր եղաւ իր ծանր մտածումներուն։

Սոնիայի նամակը ստանալու յաջորդ առտուն՝ Վարդանը գրեց պատասխան մը, որ իր հոգեկան վիճակի ճիշդ պատկերն էր։ Երբեմն՝ բազմաթիւ տողերու մէջ, կ՚աստուածացնէր Սոնիան, անոր սիրոյ մաքրութիւնը եւ խորութիւնը. ուրիշ տողերու մէջ ալ, թերեւս անգիտակցօրէն, նախանձը, խանդը, կասկածը ազատ արտայայտութիւն կը ստանային։ Նամակին մէջ նոյնիսկ վիրաւորական ակնարկ մը ըրաւ Սոնիայի հօր հասցէին։ Գիտնալով որ շիտակ չէր գրածը, բայց եւ այնպէս գրեց։

Նամակը փոսթին յանձնելէ անմիջապէս յետոյ սակայն, բարկութիւնն ու վճռականութիւնը զինքը լքեցին։ Ու զղջաց այդ նամակը գրելուն համար։

Ուզեց անմիջապէս երկրորդ նամակ մը գրել ու ներողութիւն խնդրել Սոնիայէն։ Այդ տրամադրութեամբ գրասեղանի առջեւ անցաւ ու գրպանէն հանեց Սոնիայի ճմռթկուած նամակը։ Հազիւ երկու տող գրած էր, երբ յանկարծ կարծես այդ նամակի ծալքերու մէջէն բարձրացաւ իշխանի դիմաստուերը, հեգնող ծիծաղ մը շրթներուն վրայ։ Բարկութեամբ գրիչը մէկդի նետեց ու սենեակէն դուրս խոյացաւ, որպէս թէ՝ տունը բոցերու մէջ լինէր։

Երեք օր հոգեկան անհնարին տառապանք մը ապրեցաւ։ Երբեմն ինքզինք կը մեղադրէր, իբր շատ յախուռն, պահանջկոտ, անիրաւ։ Երբեմն ալ Սոնիան կը մեղադրէր, որ յիմարաբար այնքան երես կուտար իշխանին։ Բայց ամէն անգամ որ միտքը կ՚իյնար իշխանը, ինքզինքը չէր կրնար զսպել ու սաստիկ կը բարկանար։

Հակառակ իր սովորութեան, այս անգամ Սոնիան անմիջապէս պատասխանեց Վարդանի նամակին։ Շատ կարճ ու չոր պատասխան մ՚էր։ Առանց այլեւայլի Սոնիան կը գրէր, թէ ինք արդէն հասուն աղջիկ մ՚է եւ թէ իր ընկերներն ու բարեկամները ընտրելու համար ուրիշներու խորհուրդին պէտք չունի։ Ու կ՚աւելցնէր։

«Նոյնիսկ օրինաւոր նշանած մը իրաւունք չունի այնքան պահանջկոտ ըլլալու, որքան դուն ես։ Հաւատացիր, որ չեմ հասկնար քու վարժապետական խրատներուդ իմաստը։ Կը կարծե՞ս, թէ մեր երեխայական կապը այդքան մեծ նշանակութիւն ունի, որ քեզ իրաւունք տայ քննադատելու իմ բոլոր քայլերս, թելադրելու, թէ որո՞ւ հետ կրնամ բարեկամանալ, որու հետ՝ ոչ։ Անշուշտ կը հասկնաս, որ նամակներդ ձանձրալի դարձած են։ Լաւ է վերջացնենք այս բոլորը եւ մնանք նախկին լաւ բարեկամները, գրեթէ մէկ տան մեծցած քոյր եւ եղբօր նման»։

Առաջին անգամ կարդալով Վարդանը գրեթէ չհասկցաւ նամակի բովանդակութիւնը, այնքան որ շշմած էր։ Երեսն ի վա անկողնին վրայ երկնցաւ եւ ձայնը բարձի մէջ խեղդած՝ սկսաւ հեկեկալ։ «Նամակներդ ձանձրալի կը դառնան» կը կրկնէր ինքնիրեն դառնութեամբ, երբ ինք ամէն առտու կը նստէր գրասեղանի առջեւ իր աստուածային Սոնիային գրելու համար։ Ուրեմն, ամբողջ անցեալը, համբոյր, գրկախառնում, ուխտ, այդ բոլորը ոչի՞նչ, պարզապէս «երեխայական» խա՞ղ, քմա՞յք։

Յանկարծ Վարդանին թուեցաւ, թէ կեանքը, այնքա՜ն պայծառ ու գրաւիչ, մէկէն ի մէկ կորսնցուց իր իմաստը, դատարկ ու անբովանդակ դարձաւ։ Այլեւս արժէ՞ր ապրիլ, աշխատիլ, ձգտիլ։ Եւ ինչո՞ւ համար։

Վարդանի հոգեկան բեկումին յաջորդեց ֆիզիքական ծուլութեան անդիմադրելի տրամադրութիւն մը։ Կը սիրէր ժամերով պառկիլ ծառի մը տակ։ Պառկիլ թեւերը գլխատակ ըրած, նայիլ առանց տեսնելու, կարդալ առանց հասկնալու, աշխատիլ չմտածել, մոռնալ, մոռնալ ամէն ինչ, նոյնիսկ Սոնիան։ Եւ սակայն գիշեր ու ցերեկ Սոնիայի պատկերը աչքին առջեւէն չէր հեռանար։

Վահէի ներկայութիւնն ալ չկրցաւ փոխել Վարդանի տրամադրութիւնը, թէեւ կ՚աշխատէր քաղաքավար, սիրալիր լինել անոր հանդէպ։

Երրորդ առտու Վահէն յայտնեց, որ յաջորդ օրը պիտի մեկնի Տիլիճան, քանի մը օր ընկերոջը՝ Սարդարի մօտ մնալու համար։ Առաջարկեց Վարդանին, որ հետը գայ, Տիլիճանէն ալ երեքով կ՚անցնին Սեւան։ Վարդանը գլուխը բացառաբար շարժեց։

Երբ Վահէն եւ Վարդանը անտառի մէջ պտոյտ մը կատարելէ ետքը վերադարձան տուն, ճաշի սեղանի վրայ Եւգինէն նամակ մը յանձնեց Վահէին։

Նամակը Թիֆլիսէն էր, Պաստամեանէն։ Վահէն ներողութիւն խնդրելով՝ սկսաւ կարդալ նամակը։ Տիկին Մարիամն ու Եւգինէն զարմացմամբ կը նայէին Վահէի այլափոխուած դէմքին։ Նոյնիսկ Վարդանի անտարբեր հայեացքէն չվրիպեցաւ Վահէի դէմքի դաժան արտայայտութիւնը։

Վահէն, երբ նամակը վերջացուց, պահ մը լուռ, առջի պնակին կը նայէր կեդրոնացած հայեացքով. մէկ ալ գլուխը բարձրացուց ու սեղանակիցներուն ուղղելով խօսքը՝ ըսաւ.

Թիֆլիսէն է։ Ինչպէս կը սպասուէր, Փոխարքան կտրականօրէն մերժած է Կաթողիկոսի խնդիրքը՝ կալուածներու գրաւման օրէնքը բարեփոխելու։ Առանց պատէ պատ խօսքերու հասկցուցեր է որ ուրիշ բան մը չի մնար Կաթողիկոսին ընելու, այլ միայն անպայման հպատակիլ կայսերական հրամանին։՝

Բայց այդ աւազակութիւն է, վրդովուած պոռաց Եւգինէն, աւազակներու վայել ստոր թալան մը. մի՞թէ ժողովուրդը առանց բողոքելու պիտի յանձնէ…

Ճիշդ այդ է, որ շուտով պիտի տեսնենք։ Պիտի տեսնենք թէ հայ ժողովուրդը որքա՞ն վճռականութիւն ունի իր ֆիզիքական գոյութեան համար կռուելու։

Անշուշտ պիտի կռուի, ըսաւ Եւգինէն, տասնեւհինգ դար առաջ ալ Յազկերտը փորձեց, բայց…

Պիտի տեսնենք, կրկնեց Վահէն։

Վարդանը քրոջ ու Վահէի խօսակցութիւնը կը լսէր՝ առանց գլուխը բարձրացնելու։ Այդ ինչպէ՞ս եղած էր, որ մինչեւ այդ ինք երբեք այդ հարցի մասին չէր մտածած, թէեւ յիշեց, որ կարդացեր էր նոր օրէնքը։

Կը ցաւիմ, տիկին Մարիամ, կէս օրէն վերջն իսկ ստիպուած եմ մեկնիլ դէպի Ալէքսանդրոպոլ, ոտքի ելլեով ըսաւ Վահէն, պէտք է պատրաստուիմ։

Վարդանը, դանդաղ քայլերով ներս մտաւ Վահէի սենեակը, մինչ վերջինը թեթեւ պայուսակը կարգի մը դնէր, ու նստաւ անկողնի եզրը։

Ուրեմն կ՚երթաք. աւելի շուտ բան մը ըսած լինելու համար, խօսեցաւ Վարդանը։

Այո՛, պէտք է երթալ։

Յանկարծ Վահէի մտքին մէջ գաղափար մը ծագեցաւ։ Ինչո՞ւ Վարդանը հետը չտանէր. ափսոս էր ձգել այդ սքանչելի տղան, որ մեղկանար սրտի ցաւէն։ Կռիւը լաւագոյն սպեղանին կրնար լինել՝ մոռցնել տալու անոր անձնական վիշտը։ Պէտք էր փորձել։ Ու Վահէն մօտեցաւ Վարդանին։

Վարդա՛ն, ըսաւ ան վճռական շեշտ մը դնելով իր խօսքերուն մէջ, հայ ժողովուրդը ծանր օրեր պիտի անցընէ։ Նոր փոթորիկ մը կը պատրաստուի։ Կուգա՞ս հետս։

Վարդան չկրցաւ անմիջապէս պատասխանել։ Գլուխը կամաց մը վեր վերցուց, ու Վահէին նայեցաւ յանցաւոր աշակերտի մը նման։ Դէմքը սաստիկ կարմրեցաւ, եւ հազիւ լսելի ձայնով մը հարցուց։

Ինչո՞ւ համար։

Ժողովուրդի հետ լինելու, անոր պայքարին մասնակցելու համար, ու քովնտի նայեցաւ Վարդանին։

Վարդան մէկ երկու վայրկեան տատամսկոտ, ի՛նչ պատասխանելը չիմացաւ. մէկ ալ տեղէն բարձրանալով ձեռքը երկարեց Վահէին.

Լաւ, երթանք, ըսաւ։

Երբ Վահէն Վարդանի երթալու որոշումը յայտնեց տիկին Մարիամին, Եւգինէն ոգեւորութեամբ մէջ ինկաւ.

Հապա ե՞ս, ես հո՞ս պիտի մնամ։

Ի հարկէ, Եւգինէն հոն չէր մնար։ Կարգադրուեցաւ որ երեքը միասին մեկնին այդ օրուան երեկոյեան գնացքով։

Երեկոյեան կողմը, տիկին Մարիամ վերադարձաւ կայարանէն, Վահէն ու իր զաւակները ճամբելէ վերջ, թէեւ դատարկ ու մեռած գտաւ իր սովորաբար աղմկոտ տունը, բայց ներքնապէս ուրախ էր, որ սիրական զաւակը Վահէի հետ կը գտնուէր։

————

Երբ Վահէն ու ընկերները Ալէքսանդրոպոլ հասան, կառք մը վերցնելով գնացին ուղիղ Խազմանեաններու տունը, որոնք Վահէի մօտ ընկերներն էին։

Խազմանեանները, հինգ եղբայրներ, ըստ նահապետական սովորութեան միասին կ՚ապրէին։ Մեծ եղբայրն ու միջնեկը ամուսնացած էին։ Մեծը երկաթեղէնի վաճառական էր, Տիգրանը՝ ծխական վարժարանի ուսուցիչ. եղբայրներէն մէկը վարկային հաստատութեան գլխաւոր հաշուապահը, ուրիշ մը մեծ եղբօր մօտ կ՚աշխատէր, իսկ կրտսերը՝ Վահագը, Խարկովի իրաւաբանական համալսարանի ուսանող էր, ամարնային արձակուրդը եկած էր իրեններուն հետ անցընելու։ Այս բազմանդամ ընտանիքը, որու սեղանը վանքի սեղանի մը նման շէն էր ու աղմկոտ, երեկոյեան ընթրիքը նոր կը վերջացնէր, երբ Վահէն ընկերներով ներս մտաւ։

Տան երիտասարդ տղաքը, հարսները, նոյնիսկ փոքր երեխաները, ուրախ բացագանչութիւններով շրջապատեցին Վահէն։

Տնաշէններ, սկսաւ ծիծաղիլ Վահէն, շրջապատողները մէկդի ընելով, վայրկեան մը հանգիստ ձգեցէք։ Նախ եւ առաջ սարսափելի սոված ենք։ Քունճը պուճախը ինչ ունիք չունիք մէջտեղ բերէք, բրդուճ մը բան ուտենք՝ վերջէն կը խօսինք։ Ասոնք իմ լաւ բարեկամներս են. ներկայացուց Եւգինէն եւ Վարդանը, որոնք քիչ մը շփոթած՝ սենեակի մէջտեղը կանգնած մնացեր էին, Աշոտ Արսէնեանի զաւակները։ Այո՛, այո՛, կովկասեան Պանքի գլխաւոր հաշուապահի։ Տէ՛, աղջիկներ, դարձաւ տան երկու հարսներուն, անշուշտ էս անիրաւները ուտելու բան մը չեն ձգած. թաթարեախնի բան մը պատրաստեցէք։

Անժամանակ հիւրը գտածով պէտք է գոհանայ, վրայ բերաւ Խազմանեաններու մեծ եղբայրը, միջին տարիքի մարդ մը, որ գոհունակութեամբ տկռած փորը կը շփէր, որ կէս ժամ առաջ գայիք… էնպէս լաւ պորանի մը ունէի՜նք…

Հա՞, ափսո՜ս։ Ինչ որ է։ Մինչեւ սեղանը շտկեն, ես երկու խօսք ունիմ քեզ հետ, ու Տիգրան թեւը մտած՝ անցաւ կողքի սենեակը, դուռը ետեւէն գոցելով։

Վարդանն ու Եգինէն զարմացած իրարու կը նայէին։ Վահէն կարծես իր սեփական տան մէջ կարգադրութիւններ կ՚ընէր։ Սակայն, շուտով զգացին, որ այդ նահապետական տան մէջ եթէ ձեւական քաղաքավարութիւնը քիչ մը կը կաղար, բայց այնպիսի սրտանց, ընկերական յարաբերութիւն մը գոյութիւն ունէր, որ մարդ կամայ ակամայ ինքն ալ մթնոլորտի ջերմութենէն կ՚ազդուէր։ Հազիւ Վահէն Տիգրանի հետ միւս սենեակը անցան, մնացածները շրջապատեցին եղբայրն ու քոյրը եւ սկսան վաղուցուան բարեկամներու նման հազար ու մէկ բաներէ խօսիլ։

Վահագ, վայրկեան մը ներս եկուր, պոռաց Տիգրանը դրան սեմէն։

Հարսերը, ժրաջան մեղուներու նման խոհանոցէն սեղանատուն երթալ գալով, սեղանը պատրաստեցին։

Աբրահամ, ձայն տուր, թող գան, —խնդրեց տիկինը, կերակուրը կը պաղի։

Աբրահամը, ծանր ծանր շարժելով, կողքի դուռը բացաւ ու առանց ներս մտնելու, դրան սեմէն ծիծաղելով ըսաւ.

Վահէ, գլուխս գրաւ կը դնեմ որ նորէն հաւկիթ մ՚ունիս ածելիք մեր գլխուն։ Կերակուրը պատրաստ է։ Տիկինները կը գանգատին որ կերակուրը պիտի պաղի։ Պատառ մը բան կեր ու նորէն մանածդ ներկէ…

Հիմա, հիմա։

Երկու րոպէ վերջ Վահէն դուրս եկաւ սենեակէն Տիգրանի ու Վահագի հետ, եւ Վարդանի ու Եւգինէի հետ սեղան նստաւ շրջապատուած ամբողջ տնեցիներով։

Տիգրանն ու Վահագը անմիջապէս գլխարկնին վերցնելով դուրս ելան։

—Որ ես կ՚ըսէի թէ նորէն բան մը կայ, ծիծաղելով ըսաւ Աբրահամը, հը՞, էս անգամ ինչո՞ւ ես եկեր, նորէն ի՞նչ օյին ունիս խաղալիք…

—Կալուածները գրաւեցին, պատասխանեց Վահէն անփութօրէն, —որպէս շնորհակալութիւն՝ կառավարութեան ձրի ժողովրդական համերգ մը տալու ենք։

Համե՞րգ, ու Աբրահամի ծիծաղելու տրամադրութիւնը բոլորովին փախաւ։

Պատառ մը բան ուտելէ վերջ, անցան հիւրասենեակը, որ ներքին բակին վրայ կը բացուէր։ Հազիւ քանի մը րոպէ նստած՝ աջէն ձախէն խօսեցան, երբ Ռուբէն Գէորգեանը եւ Յասմիկը եկան։ Անոնցմէ յետոյ ներս մտան ուրիշներ՝ երիտասարդ, կին եւ օրիորդ։ Կամաց կամաց ընդարձակ հիւրանոցը նեղ սկսաւ գալ։ Շատեր յատակին նստեցան, իսկ մէկ մասը հիւրանոցի երկու դռներու մէջ կանգնած մնաց։

Ներկաներէն շատեր առաջուընէ ծանօթ էին Վահէին, մէկ երկուքը «բերդի գործին» մասնակցողներէն, իսկ մնացածները լսած էին անոր անունը։ Գիտէին որ Վահէն աչքի զարնող յեղափոխական գործիչներէն մէկն է։ Բոլորն ալ անհամբեր կը սպասէին Վահէի խօսելուն։ Ինչո՞ւ է կանչած զիրենք։ Անշուշտ սովորական հաւաքոյթ չէր։

Կալուածներու գրաւման օրէնքը Կովկասի հայ ժողովուրդի մէջ լարուած տրամադրութիւն մը ու ընդհանուր ջղայնութիւն մը առաջ բերած էր։ Ամէն մարդ կը խօսէր, կը վիճէր, կը բողոքէր, եւ սակայն ասոնք բոլորն անղեկ նաւու նման, որոշ ուղղութիւն մը չունէին։ Հաւաքուած բազմութիւնը բնազդօրէն կը զգար, որ այդ հարցի մասին պիտի խօսէր Վահէն։ Այդ էր օրուան հրատապ, ազգային խնդիրը։ Կաթողիկոսը Թիֆլիս անցեր էր աղաչելու Փոխարքային, որ անցընէ այդ «դառն բաժակը»։ Արդեօք ի՞նչ նորութիւն կար։ Վահէն ի՞նչ պիտի ըսէր։

Այլեւս մարդ ունի՞ս սպասելիք, հարցուց Վահէն՝ փոքր սեղանի մը առջեւ նստելով։

Կրնան քանի մը հոգի ալ գալ, շուրջի մարդոց նայելով ըսաւ Տիգրանը, բայց կարծեմ՝ սպասելու չէ։ Սկսինք՝ քանի ուշ չէ։

Վահէն նստած տեղէն սկսաւ խօսիլ։ Ձայնը սովորական ջերմութիւնը կորսնցուցած՝ չոր մետաղային սրութիւն մը ստացեր էր։ Նախադասութիւնները կտրուկ եւ մուրճի հարուածի նման կ՚իջնային լսողներու ականջներուն։

Ձեզի ճառ պիտի չխօսիմ։ Ատոր ժամանակն անցեր է, ո՛չ ալ դուք պէտք ունիք ատոր, դուք, որ քաղաքի մտաւորականութիւնը կը ներկայացնէք։ Այսօր Թիֆլիսէն նամակ մը ստացայ։ Պաստամեանն է գրողը։

Վահէն մէկ երկու վայրկեան լռեց։

Հաւաքուածներու վիզերը աւելի երկնցան. արդեօք Փոխարքան ի՞նչ պատասխանած է ծերունի Հայրապետին։ Մերժե՞ր է խնդիրքը, ընդունե՞ր է։

Փոխարքան բացարձակապէս մերժած է Վեհափառի խնդիրքը։

Վահէն չկրցաւ խօսքը շարունակել։ Ամէն կողմէ ձայն մը փրթաւ։ Շատեր ոտքի ելան։ Ընդհանուր աղմուկի մէջ զայրոյթի խօսքեր լսուեցան շատերու կողմէն։

Վահէն տեղէն չշարժեցաւ. ուշադրութեամբ կը դիտէր շուրջինները։ Անոր պայծառ դէմքը քիչ մը տժգունած՝ չոր արտայայտութիւն մը ստացեր էր. երբ սկսաւ նորէն խօսիլ, բոլորը լռեցին։

Փոխարքան պահանջեր է, որ Կաթողիկոսը անպայման հպատակի եղած կարգադրութեան։

Այսինքն, կարծես Վահէի միտքը լրացնել ուզեց Գէորգեանը, հայոց եկեղեցին պէտք է դառնայ ռուսաց Սինոդի պոչը…

Տօ՛, մենք մեռա՞ծ ենք որ, անկիւնէն երիտասարդ մը զայրացած ոտքի ցատկեց, Ճինկիզխաններ… Շահ-Արբասներ չկրցան քանդել մեր ազգային եկեղեցին…

Բարձրացած աղմուկի մէջ խեղդուեցաւ ըմբոստ երիտասարդին ձայնը։

Ժամանակ մը դիտելէ ետքը բարձրացած ժխորը, Վահէն յանկարծ տեղէն ելաւ ու ձեռքը վեր բարձրացնելով՝ ըսաւ.

Խօսքի ժամանակ չէ, պէտք է գործել։ Այսօր՝ բարեկամ մը, հայ ժողովուրդի տրամադրութիւնը արտի մը մէջ դիզուած չոր ցախի կոյտի մը նմանցուց, որ լուցկիի մը կը սպասէ բռնկելու համար։ Շատ լաւ։ Պէտք է հրդեհուի դէզը։ Այդ լուցկին դուք պիտի վառէք։

Վահէի նման բոլորն ալ ոտքի կանգնեցան՝ վճռական դէմքերով ու բռունցքնին սեղմած։ Վարդանի դէմքին վրայ կաթիլ մը արիւն չէր մնացած։ Բարձր հասակովը արձանացած էր դրան քովը եւ մոռցած ամէն ինչ՝ անձնական վիշտ, սէր, Սոնիա, միայն Վահէն կը տեսնէր, ու շուրջը զայրացած դէմքեր։

Վահէն նորէն սկսաւ խօսիլ։ Բացատրեց կացութիւնը ու այն դերը որ ինկած էր Ալէքսանդրոպոլի հայութեան վրայ։ Որոշ եւ կտրուկ հրահանգներ տուաւ։

Իսկ այժմ ցրուեցէք, վերջացուց ան, ամէն մարդ իր տունը։ Մինչեւ առտու ոչ մէկ խօսք վաղուան ընելիքի մասին։ Իսկ առաւօտեան ամէն մարդ գործի պէտք է լծուի։ Իսկ դուք, Վահէն դարձաւ ներկայ եղող կիներուն եւ օրիորդներուն, թերեւս աւելի մեծ դեր մ՚ունիք կատարելիք։ Շրջեցէք տունէ տուն, բացատրեցէք, համոզեցէք կիները։ Ամբողջ ժողովուրդը՝ կին, երեխայ, պառաւ պէտք է հրապարակ գան։

Հաւաքուածները հետզհետէ ցրուեցան, մնաց միայն Ռուբէն Գէորգեանը։ Եւգինէն մեկնեցաւ տիկին Յասմիկի հետ, որուն ծանօթ էր առաջուընէ։

Այդ գիշեր մինչեւ լոյս, ընկերները՝ հաւաքուած Տիգրանի սենեակը՝ խորհրդակցեցան առաւօտեան ձեռնարկի մասին։

Վարդանը լուռ, բայց ուշադիր կը հետեւէր անոնց խօսակցութեանը։ Արիւնը եռ կուգար անոր երակներուն մէջ։

————

Ալաբքեար Յարութի եւ բրդոտ Մկոյի միկիտանները (գինետուն) իրարու դէմ դիմաց կը բացուէին Ալէքսանդրովսկի փողոցի վրայ։ Փառք Աստուծոյ, երկուքն ալ հայ քրիստոնեայ, ղարա-չուխալի (կտրիճ) երիտասարդներ էին, երկուքին ալ արծաթ քամարները չորս մատ լայնքով էին, երկուքն ալ առանց դադարի չորս օր չորս գիշեր քէֆ ըրած մարդիկ էին, բայց չես գիտեր ինչու, աչքով աչք չունէին իրար տեսնելու։

Քաղաքին մէջ, ոչ ոք հաստատ բան մը գիտէր, թէ տարիներ առաջ ինչպէ՞ս սկսած էր այդ երկուքի թշնամութիւնը։ Ամէն մարդ իր գիտցածը կը պատմէր, ու ամէն մէկուն պատմածը իրարմէ տարբեր էր։ Բարեկամներ, ընկեր տղաք աշխատած էին հաշտեցնել զանոնք։ Չէ՛, ու չէ, ալ իրենք ի՞նչ օրուան տղամարդ էին որ հաշտուին։ «Էն շատ ծնունդի հետ խօսե՞մ», ըսեր էր Յարութը։ «Տօ՛, ես էնոր հօր հոգին»… Մկօն պատասխաներ էր հաշտարարներուն։ Ու այդպէս հաշտեցնելու ամէն փորձ ի զուր անցաւ։ Թարսի պէս երկուքն ալ միեւնոյն թաղը կ՚ապրէին, դուռ դրկիցներ էին իրարու։ Իրենց մանկութեան շրջանին հարազատ եղբայրներու նման, միասին վէգ խաղցեր, դպրատուն գացեր եւ կռիւներու ժամանակ ալ իրարու տէր ելեր էին։

Փողոցի լայնքովը միայն զատուած երկուքի խանութները իրարու մէջ կը նայէին։ Օրուան մէջ շատ անգամ, մէկն ու մէկը գունաւոր ղենջակի մէկ ծայրը կոխած քամարի արանքը, արմուկը խանութի դրան, դիրք կը բռնէր։ Դիմացինը հազիւ նկատած հակառակորդը՝ կ՚աճապարէր ինքն ալ իր խանութի դրանը դիրք բռնել պեխերը ոլորելով, որպէս թէ ըսել ուզէր. «Տօ՛, շան ծնունդ, մենք էլ էստեղ ենք. եանի ո՞ւմ կ՚ուռեցնես»…

Վերջին օրերը, բրդոտ Մկոյի սիրտը շատ նեղ էր։ Էդ ո՞նց թէ, էն շատ միկիտանը այնքան լեցուն լինէր յաճախորդներով։ Գինին որ հարցնես, խօմ գինի չէր, լաբ թթու քացախ։ Բայց եւ այնպէս օրուան ամէն ժամուն, միկիտանը լեփ-լեցուն։

Կասկածէ դուրս էր, որ Ալաբքեար (Արաբկիրցի) Յարութի միկիտանը վերջերս լաւ առեւտուր կ՚ընէր։ Յարութը այդ յաջողութիւնը կը պարտէր Ալէքսանդրոպոլ եկած նոր հիւրի մը։ Կարսի շրջանէն Ալաշկերտցի յայտնի յեղափոխական զինուոր մ՚եկած էր քաղաք, եւ բնականաբար իր կեդրոնը ընտրած էր Ալաբքեար Յարութի միկիտանը։ Յայտնի Առիւծ Գեւօն էր այդ զինուորը, իր անբաժանելի ընկերոջը հետ։ Բերնէ բերան զարմանալի պատմութիւններ կը պատմէին այդ հերոսի կեանքէն։ Կ՚ըսէին, որ իրիկունները անկողին մտնելէն առաջ, երկար պեխերը գլխուն ետեւը կը հանգուստէր։ Անունին չափ տեսքն ալ ազդեցիկ էր, մանաւանդ ձայնը, որ տեսակ մը խառնուրդ էր մարդու եւ գազանի մռնչիւնին։ Մեծ ու սեփ սեւ աչքեր ունէր։ Երբ մէկու մը վրայ բարկանալով աչքերը ոլորէր, տղամարդու սիրտ պէտք էր այն նայուածքին դիմանալու համար։ Կը պատմէին, որ երկու րոպէ անշարժ նայելով՝ քարը ճաքեցուցած էր։ Այս մասին Առիւծ Գեւին համեստօրէն կը լռէր։ Սակայն ժողովուրդը անոր լռութիւնը համազօր կը համարէր խոստովանութեան։ Կը գտնուէին մարդիկ, որոնք երդում կ՚ընէին, թէ՝ իրենց աչքերով տեսած էին քարի ճաքելը։

Ընկերոջ անունը Համբօ էր։ Պատկառելի անուն մը նոյնքան պատկառելի հերոսի մը։ Կարսի գիւղերէն էր Համբօն, վեց ոտքէն աւելի բարձր հասակով, լեցուն կազմով, մեծ գլխով ու երկու շատ փոքր աչքերով։ Թէեւ զայն ճանչցողները իրարու կը փսփսային թէ՝ Համբօն երբեք զինուոր չէր եղած, նոյնիսկ զէնք ալ չէր առած ձեռքը, բայց միկիտանի խանդավառ հասարակութենէն ոչ ոք անոր հերոսական անցեալին վրայ կ՚ուզէր կասկածիլ։ Բաւական էր որ ան թիկնապահի դեր կը կատարէր Առիւծ Գեւոյի նման հերոսի մը։ Համբօն ամէն տեղ ստուերի նման կը հետեւէր Առիւծ Գեւոյին, անշուշտ մէկ երկու քայլ ետեւօք քալելով։

Առիւծ Գեւօն Ալաբքեար Յարութի միկիտանի մէջ իր մասնաւոր անկիւնն ունէր, իր մասնաւոր աթոռը եւ մասնաւոր շիշէ մը կը լեցուէր անոր օղիի բաժակը։ Առիւծ Գեւօն, կը սիրէր պատմել։

Երբոր մեծ ջարդի տարին, այսպէս սկսաւ իր պատմութիւնը Առիւծ Գեւօն նստած միկիտանի իր սովորական անկիւնը ու շրջապատուած ունկնդիրներու բազմութեամբ, երբոր մեծ ջարդի տարին մեր գեղէն ճամբայ ելայ Իւչքիլիսէի վանքը ուխտի երթալու, ճամբուն վրայ ի՞նչ հանդիպիմ որ հաւնիք, հը՞. ու շրջապատողներու հետաքրքրութեամբ լեցուն դէմքերուն նայելով, մեծ երկար պեխերը ոլորեց բաւականութեամբ, հը՞, դուք ըսէք՝ ի՞նչ հանդիպիմ որ հաւնիք… Երե՜ք աւազակ քիւրտեր՝ մինչեւ ակռաները զինուած։ Իսկ ես փէտ մ՚ալ չունէի ձեռքս։ Ծօ՛, Համբօ, անանկ չէ՞ մի։

Տէ՜ր Աստուած, ո՜վ կը յանդգնէր տարակուսելու։ Համբօն մանր աչքերը արագ արագ թարթեց, ու խոշոր բռունցքը այնպէս ուժեղ իջեցուց սեղանին, որ օղիով լեցուն բաժակները պարեցին ու հեղուկի մէկ մասը սեղանին վրայ թափուեցաւ։

Ծօ, աւանակ, Առիւծ Գեւօն աչքերը բարկութեամբ ոլորեց, մինչ ունկնդիրները սարսափած՝ շունչերնին կը պահէին։

Առիւծ Գեւօն յօնքերը բարկութեամբ կիտեց, ու երկիւղածութեան հասնող վսեմութեամբ, շրթներուն տարաւ ու մէկ ումպով կլլեց օղին։ Էդ էշի գլուխ Համբօն, կրնար մնացածի գլխուն ալ օյին մը խաղալ։

Հա՛, էն կ՚ըսէի, որ ձեռքս տականակ իսկ չկար։ «Բարեւ կ՚ըսեն քրտերը, հայ էդ ուր բարով»։ «Բարեւ, կ՚ըսեմ, քրտեր, Իւչ Քիլիսէ ուխտի կ՚երթամ»։ «Որ էդպէս է, էդ նոր քիազախիդ հանէ կռնակէդ», կը հրամայեն։ Վալլահ, կը մտածեմ, էս շատ որդիքը զիս պիտի թալլեն։ «Ծօ, շան որդի հայու տղայ, կը գոռայ վրաս քրտերէն մէկը, շատ մի տնտնա, էդ տրեխները ալ հանէ, իմոնքս ծակեր են»։ Մէկ աչքս կ՚ոլորեմ վրանին։ Աղօթարանի լուսը բացուեր էր։ Խաչ կը քաշեմ երեսիս ու կը շարժիմ ճամբաս երթալու։ Քրտերէն երկուքը առջեւս կը կտրեն, մէկէլն էլ զօռով քիազախին կռնակէս կ՚ուզէ հանել։ Համբերութիւնս մինչեւ հոս կը բարձրանայ…

Ու Առիւծ Գեւօն երկար չիպուխի ծայրը կը մօտեցնէ կոկորդին։

«Հէ՜յ շան որդիք կ՚ըսեմ. թէ տղամարդ էք՝ մէկ մէկ ելէք դէմս, նամարդի նման երեքով մի թափիք վրաս», ու էնպէս թափ կուտամ զիս բռնող քիւրտը, որ թառ մար գլորտելով հի՛նգ, տա՛սը, քսա՜ն արշին էնդին կ՚իյնայ։ Քրտերը ձեռքերնին զէնքերուն կը նետեն։ Ես ալ «եա Սուրբ Տիրամէր» կը գոռամ ու սուրը կը քաշեց…

Առիւծ Գեւօն առանձին բաւականութեամբ կը դիտէ շուրջիններու հետաքրքրութիւն կտրած դէմքերը։ Շատերու բերանները բաց մնացած են։ Տրամաթիք վայրկեան է, վերջն արդեօք ի՞նչ պիտի պատահի, ու մէկ ալ յանկարծ շատ ցած, վախկոտ ձայն մը կը լսուի.

Բայց՝ ախպօրտ ըսեմ, ու թուքը դժուարութեամբ կուլ կուտայ կօշիկ նորոգող Աստուրը, ինծի անանկ կուգայ որ ըսիր թէ՝ դուն անզէն էիր…

Ամէն մարդ սարսափած շունչը կը բռնէ։ Ասանկ ալ յանդգնութի՞ւն։ Ան ալ ո՞վ, կօշիկ նորոգող մը։ Համբօն աչքերը շուտ շուտ կը թարթէ՝ բռունցքը սեղմած։ Առիւծ Գեւօն մէկ րոպէ շշմած կը կենայ, բայց անմիջապէս աչքերը կ՚ոլորէ, Ասատուրի սիրտը քիչ կը մնայ տեղէն ելլէ։

Մէկ ալ Առիւծ Գեւօն այնպէս բարձր կը սկսի ծիծաղիլ՝ ամբողջ մարմինը ցնցելով, որ նստած աթոռը ողբագին կը հեծկլտայ հերոսի ծանրութեան տակ։

Ծօ, հայվան, —աւելի բարձր ծիծաղելով կը շարունակէ Առիւծ Գեւօն, —Տիարպէքիրի ղլըճը քրտի մէջքէն քաշեցի։ Ծ), էս կնտա՞ր ալ չհասկցար, ու Առիւծ Գեւօն խնդալով շալվարի գրպանէն կը հանէ խոշոր կարմիր թաշկինակ մը, կը սրբէ արցունքոտած աչքերը, քիչ մ՚ալ ճակտին քրտինքը։

Ունկնդիրները թեթեւցած սրտով երկար շունչ մը կը քաշեն։

Ծօ, Յարութ, աղբօրս բան մը պատուէ, կը պոռայ ծերուկ մը, որ ամէն օր ժամացոյցի կանոնաւորութեամբ կուգայ Առիւծ Գեւոյի հերոսական կռիւներու պատմութիւնը լսելու։

Ալաբքեար, մէկ ալ ինձմէ, կը պոռայ ուրիշ մը։

Չէ՛, բոլորդ ալ իմ ղօնախներս էք։ Ծօ, Յարութ բոլորին մեծ գաւաթով, հասկցա՞ր…

Այս իսկապէս տղայական պատուէրը շատ ճահիլ երիտասարդ մը կուտայ։ Քանի մը ամիս առաջ կծծի հայրը մեռնելով՝ բաւական հարստութիւն ձգած էր տղուն։ Ան ալ սկսած էր իր բարեկամներուն հետ ժառանգութիւնը վատնել գինետուններու մէջ։ Առիւծ Գեւօն շատ սիրած էր ճոմէրտ տղան։ Անոր ուսը ծեծելով՝ կ՚ըսէր. «Ծօ տղայ, շատ չէ՛, վեց ամիս ձեռքիս տակ մնաս նէ՝ քեզի էնպէս զինուոր մը դարձնեմ»…

Բաժակները դատարկուեցան ու բոլորը Առիւծ Գեւոյին բերնէն կախուած մնացին։

Աղայիս ըսեմ, շարունակեց Առիւծ Գեւօն, ձեռքի չիպուխը սրի նման աջ ու ձախ շարժելով, սուրը քաշելս գիտեմ, տուր որ կուտաս։ Երեք քրտերն ալ քիւֆթէյի մսի նման կտոր կտոր ըրի։

Համբօն հոս տարօրինակ ձայն մը հանեց, աչքերը պչպչացուց։ Երիտասարդը, բոլորի համար երկրորդ բաժակ մը հրամայեց։

Ա՜յ տղամարդ, էպէս կը լինի, ըսաւ ունկնդիրներէն մէկը։

Ես քու ձեռքիդ ղուրպան, Առիւծ Գեւոյի ուսը ծեծեց ծերուկը։

Առիւծի կած է ծծեր ասլանը, ըսաւ ուրիշ մը։

Իսկ երիտասարդը բաժակը վերցնելով դարձաւ Առիւծ Գեւոյին.

Հոգուտ մեռնիմ, ազիզ ախպերս, եւ շուրջիններուն դառնալով, ախպերտիք, խմենք Հայաստանի հերոս զինուոր Առիւծ Գեւոյի կենացը… Հուռա՜…

Այդ պահուն դռնէն ներս մտան Ռուբէն Գէորգեանը, Տիգրան Խազմանեան ու Վահէն եւ շիտակ եկան Ալաբքեարի դախլի մօտ սեղանի մը շուրջ բոլորուեցան։

Վա՜յ բարով եկար, վարժապետ ջան, եւ Ալաբքեար Յարութը զարմացած այս անակնկալ ու անսովոր այցելութենէն՝ վրան գլուխը թափ տալով մօտեցաւ նորեկներուն։

Յարութէն պակաս չէր զարմացեր Առիւծ Գեւօն, որ ձեքի բաժակը կամաց մը սեղանին վրայ դրաւ, ինքզինք հաւաքեց ու նստարանէն բարձրանալով մօտեցաւ Վահէին։

Բարով, պարոն Վահէ։

Դո՛ւ էստե՞ղ։ Ինչո՞ւ ես եկեր։

Վահէի դէմքը թեթեւ մը խոժոռեցաւ։

Հոն գործ չկար, ըսի՝ մէկ մը իջնամ Ալեքսանդրոպոլ…

Լա՛ւ, նստի՛ր, յետոյ կը խօսինք։

Առիւծ Գեւօն նստաւ աթոռի եզրին վրայ շատ անհանգիստ կերպով։ Սկսած էր քրտնիլ։

Ուրեմն, բոլորն ալ անմիջապէս կը ժողովես, խօսքը վերջացուց Գէորգեանը՝ Յարութի ականջին փսփսալէն վերջ. մենք հոս կը սպասենք։

Աչքիս վրայ, ու Ալաբքեար Յարութը տարակուսոտ դէմքով աւելցուց, ամէնքը կուգան, բայց բրդոտ Մկօն…

Դու լուր ղրկէ որ գայ։

Աշակերտը Մկոյի խանութը ճամբելէ վերջ, Յարութը ղենչակը դախլի վրայ նետեց եւ ինքն ալ անմիջապէս դուրս եկաւ։

Միկիտանի սովորական յաճախորդները զարմանքով իրարու կը նայէին։ Էս ի՞նչ խապար էր։ Ռուբէնն ու Տիգրանը, երկուքն ալ քաղաքին մէջ յայտնի դէմքեր, Ալաբքեար Յարութի միկիտանը մտնեն, ան ալ առտու կանուխ։ Ասոր տակը բան մը կար։ Ու խորհրդաւոր կերպով գլուխնին շարժեցին։

Հետզհետէ խանութը կը լեցուէր։ Նոր եկողները Ռուբէնին ու Տիգրանին մտերմօրէն բարեւելով խոշոր շրջան մը կազմեցին անոնց շուրջը։ Քաղաք գրեթէ բոլոր գինեպանները, աչքի ինկող ղարաչուխալի երիտասարդները եկած էին։ Ներկաներուն մէջ առանձին շուքով նստած էին աչքի զարնող, անուն հանած մարդիկ, օրինակ, յայտնի քէֆ ընող Տռանենց Արտաշը, Ջրի Շնենց Ակօն, որ կրնար եզան կը կոտոշներէն բռնած, վիզը ոլորել, Հոռոմ Մկօն ու բազմաթիւ ուրիշներ։ Բացակայ էր միայն Բդրոտ Մկօն։ Ան Ալաբքեար Յարութի աշակերտը վռնտած էր խանութէն ըսելով. «Որ բան ունին ըսելիք՝ թող իմ դիւքեանս գան, ես ինչո՞վ պակաս եմ քու վարպետէդ»։ Ու չէր եկած։ Սակայն, դրան առջեւ կանգնած՝ ուշադրութեամբ կը դիտէր թէ՝ ի՞նչ կ՚անցնի կը դառնայ հակառակորդի խանութին մէջ։

Ծօ, Մկօ, Ռուբէնի խնդրանքին վրայ Ալաբքեարը դրան շէմքէն ձայն տուաւ. քեզի կ՚ըսեմ, Մկօ, մէկ էս կողմը անցիր։

Ալ ի՞նչ օրուան Մկօն էր Բրդոտ Մկօն որ պատասխանէր։ Որպէս թէ իրեն չխօսէին. գլուխը անտարբեր կերպով անդին դարձուց։

Ծօ՛, Մկօ՛, բարկացաւ Ալաբքեարը, ազգի հրաման է, էս կողմը անցիր։

Բրդոտ Մկօն՝ աչքերը ոլորելով՝ շիտակ Յարութին նայեցաւ։

Ես քու ալ, քու ազգիդ ալ հօր հոգին…— ու հանդարտօրէն կռնակը դարձնելով հեռացաւ դրան մէջէն։

Վահէն ակնթարթի մը մէջ, տեղէն ցատկեց ու բռնեց Ալաբքեարը, որ կատղած «էն շանը» խանութը կ՚ուզէր երթալ՝ դաս մը տալու։

Վահէն առանձին գնաց Բրդոտ Մկոյի միկիտանը։ Թէ Վահէն ի՞նչ խօսեցաւ, մինչեւ վերջն ալ գաղտնիք մնաց։ Այսքանը իրողութիւն է, որ Վահէն ընկերներուն մօտ վերադառնալէ մէկ երկու րոպէ վերջ, Բրդոտ Մկօն դռնէն ներս մտաւ քիչ մը շփոթած կերպով եւ ուղղակի Ալաբքեարին մօտեցաւ.

Ներողութիւն կ՚ընես, Յարութ ախպեր, ղալաթ ըրի, այդ խօսքերը ըսելու չէի, ու աթոռ մը վերցնելով՝ նստաւ միւսներուն քովը։

Բոլորը զարմացած իրարու կը նայէին։ Բրդոտ Մկօն կռուի մէջ չորս մարդու մարդ չէր ըսեր։ Էս ի՞նչ հրաշք էր։

Երբ բոլորը հաւաքուեցան, նոր միայն Գէորգեանը սկսաւ խօսիլ։ Բացատրեց նոր օրէնքի իմաստը, այն ծանր հետեւանքը, որ ան պիտի ունենար հայ եկեղեցիի եւ հայ ժողովուրդի համար։ Երկու խօսքով ալ տեղեկութիւն տուաւ Կաթողիկոսի ապարդիւն դիմումի մասին։

Խաղաղ միջոցները սպառած են, եզրակացուց ան. հիմա պէտք է ժողովուրդը տէր կանգնի իր իրաւունքներուն, եթէ չ՚ուզեր ոչնչանալ։ Կամ պիտի համաձայնինք ռուսանալ՝ կորսնցնելով մեր եկեղեցին, լեզուն, ազգութիւնը, եւ կամ բողոքի ու պայքարի ճամբան պէտք է բռնենք։ Այսօր Ալէքսանդրոպոլի ժողովուրդը պէտք է ընտրէ այդ երկուքէն մէկը։ Հիմա դուք ըսէ՛ք, դարձաւ շուրջիններուն, ո՞րը պիտի ընտրէք։

Ղարա-չուխալի մարդիկ՝ իրենք խօսելու հետ ի՞նչ գործ ունէին, բայց կատաղի աչքերը կայծկլտացին, ու ծանր բռունցքներ իջան սեղանի վրայ։

Վահէն աւելի կարճ խօսեցաւ։ Կտրուկ եւ գործնական ցուցումներ տուաւ շուրջիններուն։ Պէտք էր որ բոլոր խանութները գոցուէին, եւ ժողովուրդը հաւաքուէր  կայարան՝ Թիֆլիսէն վերադարձող Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը դիմաւորելու համար։

Ուրե՛մն, գործի անցէք, վերջացուց Վահէն իր ըսելիքը, նախ՝ դուք կղպեցէք ձեր խանութները, ու ապա ստիպեցէք, որ բոլոր խանութները գոցուին ու ժողովուրդը երթայ կայարան։

Հազիւ թէ եկեղեցական կալուածներու գրաւման օրէնքի բացատրութենէն շատ բան մը հասկցան  շուրջանակի նստող երիտասարդները։ Բան մը պարզ էր սակայն։ Եկեղեցիին եւ ազգին վտանգ մը կը սպառնար կառավարութեան  կողմէ։ Այդքանը բաւական էր։ Հազիւ Վահէն խօսքը վերջացուցած էր, երբ բոլորը ոտքի ցատկեցին, ու ամէն մէկը աճապարեց դուրս գալ, իր խանութը գոցելու։

Երբ Վահէն եւ ընկերները դուրս ելան Ալաբքեար Յարութի միկիտանէն, փողոցի մէջ հանդիպեցան Վարդանին եւ Վահագին, որոնք խումբ մը դպրոցականներու հետ մայր տաճարի կողմը կ՚երթային։

Հը՞, ի՞նչ խապար, հարցուց Վահէն, ի՞նչ ջրի վրայ էք։

Լաւ, շատ լաւ, պատասխանեց Վահագը, եղանք մսագործերու ու կօշկակարներու մօտ. արդէն բանութները սկսան գոցել։

Եւ, իրօք կարծես վերէն տրուած ազգանշանի մը վրայ, յանկարծ իրարու ետեւէ խանութներու փեղկերը մեծ աղմուկով սկսան փակուիլ։ Հեռաւոր թաղերու մէջ, խումբ մը ուսանոց ուսանողուհիներ տնէ տուն կը մտնէին եւ ամբողջ բնակչութիւնը դուրս կը բերէին փողոց։ Եկեղեցիներու զանգերը սկսան զարնել, ու քաղաքը քանի մը վայրկեանի մէջ կերպարանափոխուեցաւ։

Քաղաքի բազմահազար բնակչութիւնը հեղեղեց դէպի կայարան տանող ճանապարհները, կարծես հոսուն գետ մը լինէր. տարէց ծերունիներ, կին, երեխայ, աղջիկ ու երիտասարդ, ալիք ալիք կ՚առաջանային։ Այդ անվերջ տողանցքին մէջ աչքի կը զարնէին ղարա-չուխալի երիտասարդներու խումբերը։

————

Ալէքսանդրոպոլի կայարանի փոքր շէնքը, լայն մայթը եւ շէնքը շրջապատող ընդարձակ հրապարակը լեցուած էին ծովածաւալ բազմութեամբ։

Շրջանի ռուս գաւառապետը, քաղաքագլուխը, ոստիկանապետը, ինչպէս նաեւ քաղաքի բարձր պաշտօնեաները, որոնք բացառաբար ռուսներ էին, ըստ ընդունուած սովորութեան, հաւաքուած էին կայարանի սպասման սենեակը՝ պաշտօնապէս դիմաւորելու հայոց Կաթողիկոսը, որ հազիւ քսան վայրկեան պիտի մնար ու պիտի շարունակէր իր ճամբան, դէպի Էջմիածին։

Քաղաքի ամբողջ ժանտարմական կազմը, ինչպէս նաեւ ջոկատ մը զինուորներ եկած էին կարգը պահելու։ Ժողովուրդը թէեւ ոստիկաններու եւ զինուորներու հանդէպ կրաւորական դիրք մը բռնած էր, բայց ամէն անգամ, երբ ոստիկանապետը եւ գաւառապետը դուրս կուգային մայթի վրայ, հեգնական բացագանչութիւններ, սրամիտ ակնարկներ կամ նոյնիսկ հայհոյանքներ կը լսուէին ժողովուրդի մէջէն անոնց հասցէին։

Վահէն ու ընկերները կայարանէն քիչ մը հեռու, ձախ կողմի կրպակին առջեւ հաւաքուած էին, ուր կ՚ենթադրուէր որ պիտի կանգ առնէր Վեհափառի սալոն-վակոնը։ Այդ խմբակէն քիչ հեռու կ՚երեւային Վարդանը, Վահագը, Առիւծ Գեւօն, ու անխուսափելի Համբօն, որ բարձր հասակով սիւնի մը նման տնկուած էր բազմութեան մէջ, ու զարմացած աչքերը կը թարթէր՝ անչափ բազմութեան նայելով։

Երբ Թիֆլիսի գնացքը Ջաջուրի բարձունքէն վար սողալով իջաւ Շիրակի դաշտը ու սկսաւ մօտենալ Ալէքսանդրոպոլի կայարանին, բազմութիւնը սկսաւ անհանդարտ շարժիլ, ծովի մեծ ալիքի նման։ «Հրէն երեւցաւ»։ «Չէ, դեռ կէս ժամէն»… «Շոգեկառքի ծուխը կը մօտենայ». բազմութեան մէջէն կը լսուէին բացագանչութիւններ։ Ամէն մարդ կ՚աշխատէր իր առջեւ կեցածէն աւելի առաջ անցնիլ՝ բան մը տեսնելու համար։

Գնացքը կը մօտենար կայարանին։ Զինուորները երկու կարգ շարուեցան, ու պաշտօնական անձնաւորութիւնները գաւառապետի գլխաւորութեամբ մայթի վրայ իրենց տեղը գրաւեցին։ Գնացքը հետզհետէ կորսնցուց թափը ու անախորժ ճռինչով մը կանգ առաւ։

Մարդկային ծովը մէկէն ի մէկ լռեց։ Հազարաւոր գլխարկներ պատկառանքով վար իջան։ Վեհափառի սալոն-վակոնի պատուհաններու վարագոյրները վար քաշուած էին։

Ծածկուած պատուհաններով սալոն-վակոնի տեսքը, ժողովուրդի համր, պատկառոտ կեցուածքը ճնշող տպաւորութիւն կը մը ձգէին, կարծես ժողովրդական մեծ թաղում մը լինէր։ Քանի մը վայրկեանէն երեւցաւ Հայրապետի անձնական քարտուղարը, բարձրահասակ, շէկ մօրուքով երիտասարդ վարդապետ մը, որ վակոնէն վար իջնալով՝ մօտեցաւ պաշտօնական անձնաւորութիւններուն։

Գաւառապետը շրջապատուած քաղաքի բարձր պաշտօնեաներով, յայտնեց քարտուղարին, որ եկած էին իրենց յարգանքները մատուցանելու Վեհափառին։ Վարդապետը անմիջապէս վերադարձաւ սալոն-վակոնը, Վեհափառին իմացնելու։

Ատոնց ըսէ՛, որ չեմ ուզեր զիրենք տեսնել…

Դիւանապետ քարտուղարը շփոթած՝ կը նայի Հայոց Հայրիկի դէմ նստած սինոդական եպիսկոպոսին, կարծես ըսել ուզելով՝ ախր ինչպէ՜ս կարելի է այդպէս պատասխանել։

Կ՚ըսես որ Վեհափառը տկար է, չի կրնար մարդ ընդունիլ, կաթողիկոսի պատասխանի չորութիւնը կ՚աշխատի մեղմել եպիսկոպոսը, հասկցա՞ր վարդապետ, տկար է։

Ծօ, տղայ, կեցիր, ու կաթողիկոսի մարած աչքերուն մէջ կայծ մը կը բռնկի, կ՚ըսես որ զիրենք չեմ ուզեր տեսնել, ոչ գաւառապետ, ոչ քաղաքագլուխ։ Հասկցա՞ր, իշտէ աս խըտար…

Շշմած գաւառապետն ու պաշտօնեաները կառք կը նստին ու կը հեռանան։ Եղածը անօրինակ բան մ՚էր։

Լուրը կը տարածուի բերնէ բերան։ Չէ, Հայրիկը բոլորովին մեռած չէ։ Մէկ ալ անակնկալ որոտի նման, հազար հազար ժողովուրդը միաձայն կը գոռայ.

Կեցցէ՜ Հայրիկը։

Սալոն-վակոնի լայն դիւանի վրայ, ծալապատիկ նստած է հայոց կաթողիկոս, Խրիմեան Հայրիկը։ Կռնակը տուած կակուղ բարձերու. գլուխը  կրծքին ինկած, աչերը կիսախուփ, կարծես թէ քնած է։ Անոր տեսքը կը յիշեցնէ Անիի սքանչելի մայր տաճարի կիսախարխուլ պատկերը։ Շուրջի պատուհաններու անթափանց վարագոյրները վար քաշուած են։ Վակոնի ներսը, տկար լոյս մը մնացեր է։ Այդ ստուերոտ լոյսի մէջէն հազիւ անորոշ կերպով դուրս կուգայ Հայրապետի փառահեղ դիմագիծը։ Կաթողիկոսի դէմ-դիմաց նստած է հաստափոր եպիսկոպոս մը, իսկ քիչ հեռու երկու վարդապետներ ոտքի վրայ կը սպասեն Հայրապետի հրամանին։

Ութսուն եւ չորս տարեկան ծերունազարդ կաթողիկոսը ամբողջ գիշեր աչք աչքի վրայ չէր բերած։ Իրարու ետեւէ հաստ բաբիրոսներ պլլելով՝ առանց խօսելու ծխած էր։ Իրօք, խօսելու բան ալ չէր մնացեր։ Փոխարքան, առանց պատէ պատ իյնալու բացորոշ կերպով ըսեր էր, որ աւելորդ է դռնէ դուռ իյնալ, որ օրէնքը պէտք է գործադրուի եւ որ Հայոց Կաթողիկոսը պէտք է իր ձեռքով յանձնէ կառավարութեան ամբողջ հայ ժողովուրդի սեփականութիւն համարուող դարեւոր հարստութիւնը։

Այլեւս ի՞նչ խօսէր հայոց կաթողիկոսը։ Ի՞նչ ըսէր իր զաւակներուն։

Հայրիկը կ՚ուզենք, Հայրիկը…

Դուրսը անզսպելի աղաղակ մը կը բարձրանայ նորէն, ու գնացքի չորս բոլորը ժողովուրդը ծովի մը նման կը փրփրի.

Հայրիկը կ՚ուզենք, Հայրիկը…

Վեհափառը բացառաբար գլուխը կը շարժէ եպիսկոպոսի հարցական հայեացքը տեսնելով։ Է՜հ, Հայրիկը ի՞նչ նորութիւն ունի իր զաւակներուն յայտնելու, ամէն յոյս խորտակուած է, ամէն դուռ գոցուած…

Հայրիկը կ՚ուզենք, Հայրիկը թող դուրս գայ…

Այդ ամպրոպի նմանող աղաղակը այլեւս խոնարհ խնդիրք մը չէր ժողովրդի կողմէն, այլ պահանջ մը։

Հայրիկը թող դուրս գայ…

Ժողովուրդի կողմէ պատգամաւորութիւն մը, Ռուբէն Գէորգեանի առաջնորդութեամբ, կը ներկայանայ Վեհափառին։ Բազմութիւնը այդ տեսնելով կը հանդարտի։

Երկրորդ զանգը կը լսուի։ Գնացքը երկու վայրկեանէն ճամբայ պիտի ելլէ դէպի Երեւան։

Բայց ինչո՞ւ պատգամաւորները կ՚ուշանան։ Բազմութեան մէջէն ձայն կուտան, ու ահա նորէն կը բարձրանայ սարսափելի ժխոր մը։

Հայրիկը թող դուրս գայ։

Սալոն վակոնի երկու պատուհաններուն ապակիները կը ջարդուին։

Երրորդ զանգը կը զարնուի. գնացքը ճամբայ պէտք է ելլէ։ Ժանտարմները զինուորներու օգնութեամբ կ՚աշխատին վակոնները շրջապատող բազմութիւնը քիչ հեռացնել։

Երրորդ զանգը կարծես ուշքի կը բերէ Վարդանը։ Ընկերներու ուսին վրայ բարձրանալով՝ կը պոռայ իր ձայնի ամբողջ ուժով։

Գնացքի առջեւը կտրեցէք։

Անկարելի է որ այդ ժխորին մէջ հեռուն գտնուողներ բան մը հասկնան։ Մէկ երկու ձայն կուտան՝ «գնացքի առջեւը կտրեցէք»։

Եւ ահա երկաթուղագիծը կը ծածկուի բազմութեամբ։ Շատեր կը նստին։ Կան որ կը պառկին գծերու վրայ։ Գնացքը տեղէն պիտի չշարժի. այդպէս կը կամենայ ժողովուրդը։

Ժանտարմներն ու զօրքը անճարացած՝ մէկ մողմ կը քաշուին. ո՞ր մէկը հեռացնեն այդ բազմութենէն։

Աւագ ժանտարմ մը՝ կայարանի անկիւնէն ուշադիր կը հետեւի անցուդարձին։ «Նորէն էդ Գէորգեանը», կը մտածէ ան, «նորէն ան է գործի գլուխ, ու սպառնական ձեւով գլուխը կը շարժէ, «քիչ մ՚ալ համբերէ, վաղը կը խօսինք հետդ»։

Ուսանող մը կը բարձրանայ ընկերներու ուսերուն վրայ եւ կը սկսի ձեռքի լայն շարժումներով խօսիլ։ Ի՞նչ կ՚ըսէ։ Ոչ ոք կը հասկնայ։

Հայրիկը թող դուրս գայ…

Աղջիկ մը անդիէն բարձրանայ կրպակի սեղանին վրայ ու կը սկսի խօսիլ։ Եւգինէն է։

Ներսը Գէորգեանը պատգամաւորութեան հետ կ՚աշխատի համոզել կաթողիկոսը, որ օր մը մնայ Ալէքսանդրոպոլ։ Հասարակութիւնը իր Հովուապետին ըսելիք ունի։

Օգնական զօրք կը հասնի քաղաքէն՝ «ցուցարարները» ցրուելու համար։ Ժողովուրդը, կատաղութենէն գինովցած, տեղի պիտի չտայ մինչեւ որ արիւն չհոսի։

Բրդոտ Մկօն շուրջիններուն կը գոռայ.

Տօ ես էդ սոխերու հօր հոգին… տեղերնէդ ժաժ չգաք…

Ամբոխի համբերութիւնը հասած է սակայն, Հայրիկը ինչո՞ւ չ՚երեւար։

Զօրքը սուին կ՚անցընէ հրացաններուն եւ դանդաղ կը սկսի առաջանալ։ Բազմութիւնը կը տատամսի։ Ճամբայ տա՞լ թէ՝ դիմադրել։

Տեղերիցդ մի շարժէք, կը պոռան բազմաթիւ ձայներ։

Յառաջ, կը պոռան սպաները՝ սուրերը մերկացուցած։

Յանկարծ աղմուկը կը դադրի, սպաները անշարժ կը մնան կեցած տեղերնին, ամէն աչք ուղղուած է դէպի սալոն-վակոնը։

Հայոց կաթողիկոսը, կրթնած վարդապետներէն մէկուն թեւին, կանգնած է սանդուխի գլուխը։ Պարթեւ հասակով, լայնաթիկունք, այնքա՜ն տպաւորիչ դէմքով ծերունի Հայրապետը, կարծես քանի մը շաբթուան ընթացքին զառամած է։ Ինքն իր վրայ կծկուած, հասակը կռացած, սրտի մեծ վիշտը անկասկածելի կնիք մը դրած է դէմքին վրայ։ Գլուխը կախ, աչքերը կիսախուփ կանգնած է երբեմնի Վասպուրականի Արծիւը, հիմա թեւաթափ ու պարտուած։ Եւ տխուր՝ կը նայի ծովացած ժողովուրդին։

Խլացուցիչ աղաղակ մը կը բարձրանայ։ Հայրիկը կեցած տեղը արձանացած է։ Մեծ ծերունիի տեսքէն՝ շատեր կը փղձկին։

Հայրիկ, կալուածները պիտի չյանձնես, կը պոռայ Վարդանը՝ օգտուելով համեմատական լռութենէ մը։

Կալուածները պիտի չյանձնես, կը գոռայ բազմութիւնը, որ ի զուր կ՚աշխատի աւելի մօտենալ վակոնին։

Հայրիկը կրծքին ինկած գլուխը վեր կ՚առնէ, գրեթէ աննշամարելի ժպիտ մը կը խաղայ դէմքին վրայ։ Ծանր ծանր կ՚իջնայ ու կ՚ուղղուի դէպի սպասող կառքերը։ Պէտք է անսալ ժողովուրդի կամքին։ Հայրիկը օր մը պիտի մնայ Ալէքսանդրոպոլ։

Ոստիկանապետը մէկ ոտքը կը դնէ կառքի վրայ ու կը հրամայէ ոստիկաններուն շրջապատել կառքը։ Բայց Ալաբքեար Յարութի ուժեղ ձեռքը զինքը վար կը քաշէ կառքէն։ Չէ, հայոց կաթողիկոսին պէտք չեն ցարական կառավարութեան պատիւները։

Ու հազար հազարի հասնող բազմութեան ծանր քալուածքով կառքը ճամբայ կ՚ելլէ դէպի քաղաք։ Հայոց Առաջնորդարանը։

Ամբողջ գիշերը քաղաքի բնակչութեան մեծ մասը Առաջնորդարանի առջեւ անցուց։ Բազմաթիւ անգամներ Հայրիկը պատշգամ ելաւ ժողովրդի անօրինակ խանդավառ ցոյցերու մէջ։ Եւ ամէն անգամ որ մեծ ծերունին դուրս կուգար, կարծես թէ գերեզմանոցի մը խաղաղութիւնն ու լռութիւնը կը տիրէր փողոցի մէջ։

Իրարու ետեւէ ներկայացան հասարակութեան տարբեր խաւերու պատգամաւորութիւններ։ Բոլորը մէկ խօսք ունէին ըսելիք. «Հայրի՛կ, կալուածները պիտի չյանձնես, մենք քեզի հետ ենք»։

Ժանտարմական վարչութիւնը գործի վրայ էր։ Ռուս կայսրութեան գաղտնի աչքը կը դիտէր, անուններ կ՚արձանագրէր՝ վերջէն հաշիւ տեսնելու համար։ Գէորգեանի եւ Տիգրանի անունները ցուցակի վերի կողմը նշանակուած էին։ Վահէի մասին հարցուփորձ սկսած էր՝ ո՞վ է, ի՞նչ անցեալ ունի, ո՞րտեղէն մէջտեղ եկած է այդ մարդը։

Առաջնորդարանի առջեւ, բազմութեան մէջ Վարդանը կորսնցուց իր ընկերները։ Առջի գիշեր չէր քնած։ Ամբողջ օրը ոտքի վրայ, ժամերով ալ փողոցի մէջ կանգնած՝ սաստիկ յոգներ էր ու քնատ կը զգար։ Անցնող խմբակի մը հետեւելով՝ հասաւ Քաղաքային Այգին, որ շատ մօտ էր։ Ներողութիւն խնդրելով, սեղմուեցաւ անծանօթներու կուշտին։

Քաղաքային Այգիի մէջ մեծ բազմութիւն կար։ Ծառուղիներու նստարաններուն վրայ, գրեթէ ազատ տեղ չէր մնացեր։

Հայեր էին կողքի նստողները, ինչպէս առհասարակ բոլոր շրջապատի մարդիկ։ Գրեթէ ամէնքը այդ օրուան անօրինակ ցոյցի մասին կը խօսէին, կարծիքներ կը յայտնէին։ Այդ խաղաղ ցոյցը անօրինակ ոգեւորութիւն մը առաջացուցած էր։

Ծառուղիի երկայնքով բազմաթիւ ռուս սպաներ կը ճեմէին։ Ատոնց մէջ աչքի կը զարնէին երեք սպաներ, որոնք լաւ քէյֆէ մը վերադարձած, գլուխնին քիչ մը տաք, սովորականէն աւելի բարձր կը խօսէին իրարու հետ, երբեմն ալ կողմնակի ձեւով հաճոյասիրութիւններ կ՚ուղղէին սիրուն աղջիկներուն։ Այդ երեքէն մէկը շատ երիտասարդ բարձրահասակ հսկայ մը, որու պեխին ծայրերը ամբարտաւան ձեւով մը դէպի երկինք ուղղուած էին, ինքզինք մասնաւորապէս վատ կը պահէր։ Երբ ծառուղիի ծայրը հասնելով՝ անոնք ետ դարձան ու կ՚անցնէին Վարդանի նստարանին առջեւէ, հսկայ երիտասարդը, որպէս թէ ընկերներուն խօսելով, բայց այնքան բարձր, որ շուրջի գտնուողները լսեն, արհամարհանքով «արմեաշկայ» բառը արտասանեց,   որ ռուսները կը գործածեն հայերու հասցէին՝ շատ վիրաւորական իմաստով։ Ու վայրկեան մը կանգ առնելով՝ արհամարհոտ հայեացք մը նետեց շուրջիններուն վրայ, որոնք անշուշտ լսած էին իր վիրաւորանքը։ Հեգնանքով մը ուսերը թօթուելով՝ ան ուզեց ճեմելը շարունակել։ Նոյնիսկ չ՚արժեր այդ հայերը վիրաւորել, որոնք պատուի զգացում իսկ չունէին։

Յանկարծ Վարդանը ցատկելով իր տեղէն, ցցուեցաւ սպայի առջեւը։

Կարծեմ դուք բառ մը արտասանեցիք. սուլեց ատամներու արանքէն Վարդանը, որու համար պարտաւոր էր ներողութիւն խնդրել։

Սպան յօնքերը կիտելով՝ լաւ դիտեց այդ հազիւ պատանի տղու դէմքը, ու չար գոհունակութեամբ ժպտեցաւ, կարծես ըսել ուզէր, «կարծելու բոլորովին պէտք չկայ, պարոնիկս, անշուշտ արմեաշկայ ըսի»։

Ես դեռ կը սպասեմ, պարոն սպայ, —ըսաւ Վարդանը, որ հազիւ ինքզինքը կը զսպէր։

Միթէ՞, բարձրաձայն ծիծաղեց սպան ու յանկարծ աչքերը Վարդանի վրայ ոլորելով գոռաց, Կորսուէ, լակոտ։

Վարդանը քայլ մը ետ երթալով այնպիսի սարսափելի բռունցքի հարուած մը իջեցուց սպայի ծնօտին, որ մարդը հաւասարակշռութիւնը կորսնցնելով, գլուխն ի  վար ինկաւ ծառուղիին թուփերուն մէջ։ Սպայի ընկերները յարձակեցան որ բռնեն Վարդանը, բայց տղան աջ ու ձախ արմուկի հարուածներ տալով՝ յաջողեցաւ վազել դէպի Այգիի պատը։

Ինկնող սպան անմիջապէս վեր ցատկելով՝ ատրճանակը քաշեց ուղղակի Վարդանի կողմը, երբ յանկարծ վզակոթին հասցուած նոր հարուած մը զինք կրկին տապալեց գետին, ու մէկը իր վրայէն ցատկելով՝ վազեց միեւնոյն ուղղութեամբ։

Վարդանը Այգիի ցած պատին միւս կողմն անցնելով՝ կը շարունակէր անծանօթ փողոցներով վազել. թէեւ չէր գիտեր թէ ո՞ւր կ՚երթայ։ Ուզեց կանգ առնել ու հանգստանալ, բայց մէկը ետեւէն կը վազէր։ Անշուշտ սպան էր։

Վարդանը կանգնեցաւ։ Յոգնած էր արդէն. այլեւս չէր կրնար վազել. լաւ էր որ ետ դառնար ու դիմաւորէր հալածողը։ Ետեւէն վազողը հասաւ իրեն ու նոյնպէս կանգ առաւ։

Ախբօրս ըսեմ, ղոչախ տղամարդ ես. ես քու յարեւուն մեռնիմ, եւ անծանօթը մօտ ընկերոջ մը նման գրկեց Վարդանը շարունակելով, ա՜յ թէ մուշտի տուող ես։ Բրդոտ Մկօն ալ լաւ մուշտի ունի, բայց քուկը… Է՜, ախպօրս ըսեմ, մեր քաղքցի չես երեւիր։ Էսպէս ո՞ւր կը վազէիր…

Անծանօթը Ալէքսանդրոպոլի այն դասակարգի երիտասարդներէն էր, որոնք ղարա-չուխալի կը կոչուին։ Այդ անունը որոշ դիմագիծ մը կուտայ անհատին։ Ղարա-չուխալին երբեք դպրոցականներու նման գրաբար (եւրոպական) զգեստ չի հագնիր, ոչ ալ կօշիկ կը գործածէ։ Անոնք հաւատարմութեամբ կը պահեն հին, աւանդական կարճ արխալուղը, մէջքի արծթէ քամարը, լայն շալվարը ու կօշիկի փոխարէն տեղական կաշիէ կարուած չուստիկը։ Եկեղեցասէր են։ Լաւ ընտանիք կը պահեն ու սարսափելի կերպով կը հայհոյեն, թէեւ այդ հայհոյանքէն շատեր իրենց իմաստը կորսնցուցած են, երբեմն նոյնիսկ փաղաքշանքի տեղ կը գործածուին։ Պարզ, սրտաբաց մարդիկ են, լաւ կ՚աշխատին, ոը երբոր հարբին՝ բաղնիքի գմբէթը վար կը բերեն։

է, ախպօրս ըսեմ, ո՞ւր կը վազէիր, կրկնեց երիտասարդը։

Շիտակը, ես ալ չեմ գիտեր, ծիծաղեցաւ Վարդանը՝ երիտասարդի համակրելի տեսքէն հանգստացած, քաղաքը չեմ գիտեր, երէկ հասայ միայն… կրնա՞ս Խազմանեաններու տունը ցոյց տալ։

Ախպօրս ըսեմ, անոնք մեզի խնամի կուգան։ Երթա՛նք։

Հազիւ թէ Խազմանեաններու տանը մօտեցած էին, երբ անոնց դրան վրայ կանգնած ժանտարմ մը տեսնելով՝ երիտասարդը Վարդանի թեւը մտաւ եւ առանց կանգ առնելու մինչեւ յաջորդ փողոցի անկիւնը քալեց։ Անկիւնը դառնալով՝ կեցաւ։

Նորէն էդ շները պարոն Տիգրանը պիտի նեղացնեն։ Ախպօրս ըսեմ, հիմա ո՞ւր կ՚ուզես որ տանիմ։

Վարդանը խնդրեց, որ Գէորգեանի տունը տանի զինքը։

Երբ երկու փողոց դառնալով՝ Գէորգեանի տանը մօտեցան, թաղի կնիկները՝ կտուրներու վրայ հաւաքուած՝ իրարու հետ փսփսալով կը խօսէին։ Ժանտարմները նոր դուրս եկած էին Գէորգեանի տնէն։ Գէորգեանը տունը չգտնելով, անոր բոլոր թղթերն ու գրքերը կնքած ու հետները տարած էին, պատուիրելով տիկին Յասմիկին, որ առտու կանուխ Ռուբէնը ներկայանայ ժանտարմական վարչութեան գրասենեակը։

Տիկին Յասմիկը թէեւ շատ մտահոգուած, բայց սիրով դիմաւորեց Վարդանը։ Անշուշտ իրենց մօտ չէր կրնար մնալ, բայց քովի դրացիին տունը յարմար սենեակ մը կար, Վարդանը հոն պիտի գիշերէր։

Վայ, խաթուն քուրիկ, հակառակեցաւ երիտասարդը, փառք Աստուծոյ, մենք ալ քրիստոնեայ ենք, կտոր մը հաց մեր տունն ալ կը գտնուի, մերը պիտի տանիմ…

Շատ լաւ, համաձայնեցաւ տիկինը, որ լաւ կը ճանչնար Ակօն, ձեր տունը տար։ Բայց մինչեւ որ մեզմէ լուր ստանաս, Վարդանը թող փողոց չելլէ։ Կ՚երեւի շատ մը ձերբակալութիւններ տեղի պիտի ունենան։ Պէտք է զգոյշ լինել։

Վարդանը նոր ընկերոջ հետ մեկնեցաւ։

————

Առաւօտեան ժամը տասնըմէկը քառորդ անցած՝ հայկական եկեղեցիներու զանգերը միաժամանակ սկսան  ղօղանջել։ Ժամը մէկին Հայոց Հայրապետը պիտի մեկնէր դէպի Էջմիածին։

Ամբողջ խանութները գոցուած էին։ Քաղաքի բնակչութիւնը կ՚աճապարէր դէպի Առաջնորդարան։ Փողոցի լապտերներէն անյայտ մարդիկ սեւ դրօշակներ կախած էին՝ «Ամօթ է գողնալը», «Անկցի կառավարութիւնը» մակագրութիւններով։

Ժամը տասներկուքի ատեն, առաջնորդարանի առջեւ ասեղ ձգելու տեղ չկար։ Ժողովուրդը ծովացած կը սպասէր Հայրապետի դուրս գալուն։ «Կեցցէ»ները եւ բացագանչութիւնները տեւական որոտի մը տպաւորութիւնը կը ձգէին։ Քանի մեկնումի ժամը կը մօտենար, ժողովուրդը անհանդարտ ծովի նման կատղած կը տարուբերէր։ Բերնէ բերան ընդհանուր աղաղակ մը բարձրացաւ.

Հայրիկը կ՚ուզենք, կեցցէ Հայրիկը։

Ահա դուռը կը բացուի եւ երկրորդ յարկի վրայ պատշգամը դուրս կ՚ելլէ Հայրապետը։ Կարծես կախարդական գաւազանի մը շարժումով անմիջապէս խոր, մեռելային լռութիւն մը կը տիրէ։ Գլխարկները վար կ՚առնուին եւ տասնեակ հազար աչքեր կը գամուին մեծ ծերունիի դէմքին։

Հրաշք։ Մէկ գիշերուան մէջ կարծես թէ փոխուեր էր Հայոց Հայրապետը։ Հին օրերու նման պարթեւ հասակը ուղիղ բռնած, հաստատուն քայլերով ան կը մօտենայ պատշգամի վանդակորմին։ Աչքերուն մէջ սրբազան կրակ մը կը վառի։ Վերէն վար կը նայի դէպի իր հալածական հօտը, ու շրթները անձայն կը շարժին։ Այդ պահուն՝ Աստուածաշնչական նահապետի մը դէմքէն աստուածային լոյս մը կը ճառագայթէ։ Վեհափառը խաղաղութեամբ աջը կը բարձրացնէ ու խաչի նշան մը կը գծէ ժողովուրդի վրայ։

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ, ամէն…

Բազմութեան մէջ շատեր կեցած տեղերնին ծունկի կուգան։ Բազմաթիւ կիներ եւ տղամարդիկ կ՚արտասուեն։ Փոքր երեխաները՝ բազմութեան մէջէն առաջ սողալով՝ կ՚աշխատին մօտէն տեսնելու Հայոց Հայրիկը։

Ալաբքեար Յարութը, Առիւծ Գեւօն, ու Համբօն Առաջնորդարանի դիմացը դիրք բռնած են։ Մէկ ալ Յարութը ոտքի մատներուն վրայ ելլելով, որքան որ ուժ ունի, կը պոռայ, արցունքէն խեղդուած ձայնով մը.

Հոգուդ մեռնիմ, Վեհափառ, կալուածները չտաս…

Ժողովուրդէն, անհնարին աղաղակ մը կը բարձրանայ, որ կարծես թէ գարնան ամպի պոռոց լինի.

Հայրիկ, կալուածները պիտի չտաս…

Կաթողիկոսը ծանր ծանր հայեացքը աջէն ձախ կը պտտցնէ։ Հո՛ն, վարը, տասնեակ հազարաւոր դէմքեր սպասումով ու հաւատքով լեցուն իրեն կը նային, ինչպէս Մովսէսին կը նայէին Իսրայէլացիները, Կարմիր Ծովէն անցած ժամանակ։ Կաթողիկոսը աջ ձեռքը վեր կը բարձրացնէ, կարծես Աստուծու ներկայութեան երդուելու համար, ու զօրաւոր ձայնով մը կ՚ըսէ.

Չէ, զաւակներս, Հայրիկ կալուածներ չի տար…

Այդ պարզ նախադասութիւնը եղաւ այն ձեռնոցը, որ հայ ժողովուրդը նետեց հզօր կայսրութեան մը երեսին։

Բազմութիւնը, կարծես խելագարած, սկսաւ ծափահարել։ Իրար կը գրկէին, կը ծիծաղէին, կուլային։

Աջ ու ձախ բազմութիւնը հրմշտկելով՝ Բրդոտ Մկօն մօտեցաւ Ալաբեար Յարութին.

—Յարութ ախպար, պարըշինք, ու ձեռքը երկնցուց իր ոխերիմ թշնամիին, պարըշինք, Յարութ ախպար…

Ալաբքեար Յարութը զինաթափ է։ Հուժկու թեւերը տարածած՝ կը գրկէ զայն.

Ծօ, Մկօ, ես քու հօր հոգին… կալուածները պիտի չտանք։

Յարութ ախպար, մէկ ջան ունինք, ան ալ ազգին ղուրպան եղնի…

ՎԵՐՋ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՏՈՐԻ