Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԵՑԱՆԻ ԱՊՏՈԻԼԼԱՀ ԲԷԿԸ

«Ակն ընդ ական եւ
ատամն ընդ ատաման»

ՀԻՆ ԿՏԱԿԱՐԱՆ

Լոյսը բացուեր էր։ Դուրսը ամպարած գորշ երկինք մը կը սպառնար, երբ հայդուկները իրարու ետեւէ արթնցան, ու մերկ թոնրատունը կենդանութեամբ լեցուեցաւ։ Տանտէրը, կնճռոտած դէմքով պառաւ մը, թոնիրը կպուց չոր ցախերով։ Երբ փթիրի կոշտերով լեցուց թոնիրը, այնպիսի ծուխ մը թանձրացաւ թոնրատան մէջ, որ Լեւոնը հազալով, փռնգտալով արթնցաւ, մինչ հայդուկները գետին պառկած՝ ոտքի չէին ելլեր։

Ա՜յ, մարէ, սաղ սաղ մորթեցիր մեզ, արցունքոտ աչքերը սրբելով՝ ծիծաղեցաւ Առիւծ Գեւօն։

Հա, որդի, որ թոնիրը չվառեմ՝ թանապուրը կ’եփի՞․.. Ինչի՞ որ, դու գեղական չե՞ս…

Չէ, ճանըմ, խօսքի մէջ ինկաւ Արշակը, անհանդարտ երիտասարդ հայդուկ մը, չէ, ճանըմ, մարէ՛, էն Թիֆլիսի քաղաքէն կուգայ, հէչ թոնիր տեսա՞ծ կայ որ…

Ծ՛օ, ձէ՛նդ, մռնչաց Առիւծ Գեւօն՝ աչքերը ոլորելով։

Պա, որ թոնիր չեն վառեր՝ հացը ո՞նց կ’եփի, զարմացած հարցուց բարեսիրտ պառաւը, Տիրամէր Աստուածածին, առանց թոնիրի ալ տո՞ւն կ’եղնի…

Մարէ, դու էդոր ըսածներուն ականջ մի տար, աքացի մը հասցնելով երիտասարդի մէջքին՝ ըսաւ Առիւծ Գեւօն, հա ջաղացքի չախչախը՝ հա իտոր չորնալիք լեզուն…

Ըստ սովորութեան, Առիւծ Գեւօն՝ հայդուկները գլխուն հաւաքած՝ մեծ ոգեւորութեամբ իր անսպառելի քաջագործութիւններէն դրուագներ կը պատմէր։ Հայդուկները մտիկ կ’ընէին Գեւոյին։ Երբեմն, երբ Առիւծ Գեւոյի պատմութիւնը պոչաւոր աստղի մը չափ մեծ սուտի պոչ մը կ՚ունենար ետեւէն երկարած, տղաքը իրար մխթելով կը հռհռային, անկարող խոշոր սուտը կլլելու։

Կէս օրը անցած էր։ Ինչպէս ըսինք, պառաւի տնակը գիւղի ամենածայրը կը գտնուէր։ Գիւղացիներէն ոչ ոք եկած էր տղայոց մօտ, թէեւ մութ ու լուսին, բերնէ բերան լսած էին խումբի գալու մասին։ Անոնք խոհեմութիւն համարեցին տներնէն դուրս չգալ ամբողջ օրը, մանաւանդ երբ Գործադիրի անդամները յայտնեցին, թէ Լեւոնի հրամանով այդ օրը ոչ ոք Ոստան պիտի երթայ։

Այս կարգադրութիւնը աւելի եւս զգուշաւոր դարձուց գիւղացիները։ Դեռ առաւօտեան Ոստանցի քրտի մը պատահական կերպով Քարադաշտ գալը տակնուվրայ ըրած էր գիւղացիներու տրամադրութիւնը։ Հապա եթէ քիւրտը իմանար խումբի հոն գտնուիլը, եթէ մէկը միամտաբար բերնէն խօսք մը փախցնէր…

Մինչեւ որ քիւրտը գիւղէն չհեռացաւ, գիւղացիք չհանգստացան։ Եւ սակայն այդ նոյն քարադաշտեցիք, ամիս մը առաջ, երբ Վահէն իր մեծ խմբով Հայոց-Ձոր կ՚անցնէր, մասնաւոր պատուիրակութիւն մը ղրկած էին Ախավանք՝ Վահէին, որ անպատճառ օր մը իրենց գիւղը մնայ։ Հակառակ որ այդ օրը Քարադաշտի մէջ երեք զափթիա եւ երկու քրտեր կային, գիւղացիք հնարը գտած էին աննկատելի կերպով խումբը գիւղ մտցնել, եկեղեցիի մեծ կաթսայով հերիսա դնել, Գործադիրի թոնրատան մէջ սեղան մը բանալ, որուն ներկայ եղած էր գրեթէ ամբողջ գիւղը, տղամարդ, կին, ճիժ ու պիժ։

Քաղաքի ցնցող դէպքերէն վերջ, շատ բան փոխուած էր։ Փոխուած էր մասնաւորաբար ժողովուրդի տրամադրութիւնը։ Խախտած էր անոր հաւատքը։ Եթէ դեռ մէկ ամիս առաջ գերգնահատելով յեղափոխութեան ուժը՝ հարբած տրամադրութեամբ ամբողջովին անձնատուր էր եղած ազգային շարժման, հիմա արդէն սկսած էր կասկածիլ, երկու անգամ կը մտածէր քայլ մը առնելու համար։

Լեւոնը պարզօրէն կը տեսնէր, որ հարիւրաւոր ընկերներու բանտարկութիւններէն, զինական պահեստներու գրաւումէն շատ աւելի մեծ կորուստի մը առջեւ կը գտնուէր յեղափոխական շարժումը։ Ժողովուրդը սահմռկած էր, բարոյալքուած, էր ղեկավարներու վրայ ունեցած հաւատքը կորսնցուցած։ Նոյնիսկ ֆետայիի առասպելական քաջութիւնն ալ հարցական դարձած էր գիւղացիին համար։ «Պէտք է, պէտք է այդ հմայքը վերականգնել», ինքնիրեն կը մտածէր Լեւոնը, առանց սակայն միջոց մը գտնալու։

Պարոն Լեւոն…

Տղաքը թանապուրի հողէ խոշոր ամանը շրջապատած՝ ձայն կուտային խմբապետին։ Մէկ երկու դգալ վերցնելով, Լեւոնը քաշուեցաւ նախկին տեղը, բոլորովին ծանր մտքերով տարուած։

Դուրսը ձիւնախառն քամի մը կ՚ոռնար։ Մթնելէն երկու ժամ առաջ միայն, Լեւոնի մօտ եկան քահանան եւ գիւղի Գործադիրի երկու անդամները։ Իրենց ցոյց տուած անսիրալիր ընդունելութեան պատճառով խեղճերը շատ վատ կը զգային ու սարսափէ կծկտած կ’երեւէին։ Անոնց հետ ներս մտաւ Կարճկանի շրջանէն եկած հայ մը, որ եկած էր ազգի մեծը տեսնելու։ Կինդրանց գիւղի ուսուցիչը ճամբած էր, կերպով մը Աղթամար լուր հասցնելու Կարճկանի հայ գիւղերու մէջ կատարուած գազանութիւններու մասին: Եկողը Սորփ գիւղացի մ’էր, մազ ու մօրուքը ճերմկած, ալեւոր խեղճ մարդ մը։

Երբ քահանան Լեւոնը ցոյց տալով յայտնեց սորփեցիին, որ ազգի մեծը թոնրատան սիւնի մօտ նստողն է, ծերունին գլխի քոլոզը վար առնելով՝ մօտեցաւ Լեւոնի ձեռքը համբուրելու, որպէս թէ ան վարդապետ լինէր։ Ներողամտաբար ժպտալով, Լեւոնը գիւղացիի թեւէն բռնած՝ քովը նստեցուց։

Հայրի՛կ, ի՞նչ կայ չկայ ձեր կողմերը, նախ Լեւոնը սկսաւ խօսիլ՝ ժամանակ տալու համար ծերուկին, որ սաստիկ յուզուած կ՚երեւէր…

Ծերունին զարմացած հայեացքը վախվխելով չորս բոլորը պտտցուց։ Բոլորը նոր, անծանօթ դէմքեր էին, մինչեւ ատամները զինուած երիտասարդներ, իսկ ազգի մեծը, այդ լայնաթիկունք դաժան դէմքով երիտասարդը, որու դէմքին շէնքով շնորհքով չէր համարձակեր նայիլ։ Յանկարծ անսպասելի կերպով ծերունին դէմքը ծածկեց, ու հեկեկալով սկսաւ արտասուել։

Բոլորը շփոթած՝ իրարու նայեցան։ Քահանան ծռելով Լեւոնի կողմը՝ կամաց ձայնով անոր ականջին փսփսաց․

Անհաւատալի բաներ պատմեց մեզ… սարսափելի գազանութիւններ կատարուած են Կինդրանցի մէջ։

Պատմէ՛, հայրիկ, պատմէ՛, ծերունին հանդարտեցնել ջանալով՝ մեղմօրէն ըսաւ Լեւոնը, խօսէ՛, լալէն ի՞նչ օգուտ, պատմէ՛, ի՞նչ տեսար Կինդրանցի մէջ։

Զուլում… զուլում, արցունքը զսպել ջանալով խօսեցաւ ծերունին, Կարճկանի խորոտ գիւղեր հող ու մոխիր… թալան, ծեծ, բռնութիւն… մեր աշխարհը աւիրաւ, ազգութիւն չմնաց… մեզ ումուտ չմնաց, մարդ չմնաց, շէն տուն չմնաց, նամուս չմնաց…

Լեւոնը, որքան ալ որ կեդրոնացած ուշադրութեամբ մտիկ կ՚ընէր ծերուկի խօսքերուն, հասկցաւ, որ եթէ անոր ձգուէր, հազիւ թէ կարողանար որոշ բան մը յայտնել։ Մտածեց, որ աւելի նպատակայարմար պիտի լինէր հարցումներով խօսեցնել ծերունին։

Հայրի՛կ, մէկ էն ըսէ, թէ քեզ ո՞վ ճամբեց։

Քե մատաղ, Կինդրանց գիւղի տիրացուն։ Ըսաւ․ «Կարօ, տունդ չքանդուի, հասիր Աղթամար, մեր հալ, մեր վիճակ իմացուր ազգութեան. մեր ումուտ մէկ Աստուած, մէկ էլ էնոնք մնացին»։

Հա, հայրիկ, լաւ կը պատմես, մէկ շունչ առ, արցունքդ սրբէ, հա էդպէս․- քաջալերեց Լեւոնը, հիմա պատմէ, ինչ որ տեսար Կինդրանցի մէջ։

Էսա ճուխտ աչքեր կուրանային, չտեսնէի իմ տեսած զուլում, աշխարհի աւեր։ Պարոն Լեւոնին ըսեմ, Սորփէն Կինդրանց գնացեր էի, մենք ալ քիւլֆէթի տէր ենք, ըսի մէկ Կինդրանց ելնեմ, չիթ միթ գնելու․..

Հա՛, հայրիկ, որ Կինդրանց հասար, տեղական հայերէն որո՞նք տեսար։

Հայ քրիստոնեաները զըմէն թափած էին րէսի թոնրատուն։ Հեռուէն հեռու, րէսենք մեզ խնամի կուգան, միամիտ ներս մտնալս գիտեմ՝ քիւրտ մը տէկենէկով հատ մը մէջքիս հասցուց։ «Էս լէ ֆլա է, ձեռքերը կապեցէք», կ’ըսէ միւս քիւրտերուն։ Քիւրտ քիրվա մը ունիմ, իմ բախտէս էնտեղ էր։ «Էդ իմ ֆլաս է», կ’ըսէ քիւրտերուն, «ատոր ձեռք մի տաք, սորփեցի է, միւզիր բաներու հետ գործ չունիմ»։ Ազատ կը ձգեն զիս։ Մէկ կը մտածեմ փախչիլ, երթալ Սորփի, մէկ էլ ինքնիրենս կ՚ըսեմ, Կարօ հալա մնացիր…

Լաւ, լաւ, իսկ թոնրատան մէջ կապկպածները կը ճանչնայի՞ր։

Էդ ալ խօ՞սք է, պարոն Լեւոնիս ըսեմ, վաթսուն տարի է դրկից ենք, մեր ու անոնց հողերը ահա էսպէս, ու ծերունին երկու ցուցամատները իրարու քով բերաւ։

Լաւ, որ քեզ ազատ ձգեցին, յետոյ ի՞նչ տեսար։

Ծերունին սարսափահար աչքերը լայն բացած՝ Լեւոնին նայեցաւ շրթները սկսան դողալ։

Թոնրատան մէջ ծանր լռութիւն մը կը տիրէր։ Հայդուկները շունչերնին բռնած՝ կ’աշխատէին բառ մ’իսկ չփախցնել ծերունիի խօսքերէն։

Շատ քրիստոնեայ բռնուածներ կային, քովի գիւղերէն ալ բերած էին… Քաղքցի խանութպան Պետրոսն ալ հոն էր, կնիկն ալ, տասներկու տարեկան տղան ալ… Վայ շանսատակ լինիս, Աբդուլլահ բէկ… Աստուծու դատաստանին հանդիպիս, դժոխքին մէջ էրիս մրկիս, պուտ մը ջուր տուող չգտնուի…

Յետո՞յ, յետոյ ի՞նչ եղաւ։

Յետո՞յ, ծերուկի ձայնը խզուեցաւ, դէմքը մահատիպ գունատութիւն մը առաւ, ու այնքան ցած ձայնով սկսաւ շարունակել, որ շուրջիները հազիւ անոր խօսքերը կը լսէին, մէկ ալ Միւտիւրը եւ Կեցանի Ապդուլլահ բէկը ղօլամներով ներս մտան: Թոնրատանը լեցուեցան․ ոնց որ անօթի գազաններ կապուած հայերը մէջտեղ առին։ «Ծօ շուն Պետրոս», Պետրոսին մօտենալով ըսաւ Միւտիւրը, «դուն ազգութեան մարդ ես, ասոնց մեծը, զէնքերու տեղը դուն չգիտնաս, ալ ո՞վ գիտնայ։ Վալլահ պիլլահ, ծեծելով պիտի սատկեցնեմ քեզ, եթէ բերանդ չբանաս… Խոստովանէ, ամէն բան ըսէ, քեզի կառավարութեան սնտուկէն 10 ոսկի նուէր պիտի տրուի, մէկ ու կէս ոսկի ամսական ալ պիտի կապուի, մազիդ դպչող չպիտի լինի… Տէ, խօսէ՛ նայիմ. ո՞ր գիւղերու մէջ զէնք ունիք»: Պետրոսը, ձեռքերը ետին կապուած, նայեցաւ Միւտիւրին, գլուխը երերցուց։ «Ես բանէ մը խապար չունիմ», ըսաւ։ «Վա՜յ, դո՞ւն ես խապար չունեցողը, անհաւատ շուն շան որդի, ես հիմա քեզի կը սովրեցնեմ», ու ձեռքի տականակավ Միւտիւրը տուր որ կուտաս։ Ալ խեղճի գլխուն, մէջքին, ուսերուն կարկուտի պէս իջաւ տականակը, մինչեւ որ խեղճ Պետրոսը արիւնլուայ գետին ինկաւ։

Լեւոնի առանց այն ալ մռայլ դէմքը ա՛լ աւելի մռայլուեցաւ, երբ Պետրոսի անունը լսեց: Պետրոսը իբր խանութպան ծպտուած՝ յեղափոխական անձնուրաց գործիչ մըն էր, Կարճկանի շրջանի ղեկավարներէն: Ահա այս մարդու մասին էր որ կը պատմէր ծերունին։ Հետեւաբար, անոր ձերբակալուիլը կը նշանակէր որ Կարճկանի մէջ ալ ներքին դաւաճանութիւն մը տեղի ունեցած էր։

Շարունակէ՛, շարունակէ՛, քաջալերական շեշտով մը խօսեցաւ քահանան, բան մի՛ ծածկեր, պատմէ՛ ինչ որ քիչ առաջ մեզի պատմեցիր։

Հա՛, տէրտէր ջան, պատմեմ, պատմեմ, եղածը թագցնել կը լինի՞ որ… էն կ’ըսէի… Պետրոսը արունլուայ վար ինկաւ, մէկ ալ ան շուն Աբդուլլահ բէկը, աչքերը արիւնով լեցուած, միւտիւրին մօտեցաւ։ «Միւտիւր էֆէնտի» ըսաւ, «դուն Ստամբօլէն նոր եկած՝ աս անհաւատ շները խօսեցնելու կերպը չես գիտեր։ Ինծի ձգէ, տես թէ ես ինչպէ՜ս ամէն բան խոստովանցնել կուտամ»։ Ու մօրը փէշերուն փաթթուած Պետրոսի տղուն թեւէն բռնածին պէս՝ կատուի ձագի նման թոնրատան մէջտեղը նետեց։ Սրտաճաք մէրը սարսափելի աղաղակ մը արձակելով՝ առաջ նետուեցաւ ու գրկեց լեղապատառ երեխան։ Բէկի մէկ նշանին վրայ ղօլամներէն երկուքը վրայ հասան, ու ամէն մէկը մօր թեւերէն բռնած՝ գետնի վրայ քաշքշելով տղայէն զատեցին, ու այդպէս պահեցին։ Էն ի՞նչ լաց էր, ի՜նչ վայնասուն, սաղ թոնրատունը կը զնգար մօրը ձէնէն․ Աստուած դուշմանիս չցուցնէ էն սահաթը: «Հը, հիմա պիտի խօսի՞ս թէ ոչ», ըսաւ բէկը, ոտքովը աքացի մը հասցնելով Պետրոսի գլխուն. «Խօսէ՛, շո՛ւն, զէնքերը ո՞րտեղ պահուած են, ո՞ր գեղերուն մէջ… Խօսէ՛, թէ չէ էս լակոտդ էն օրին կը հասցնեմ, որ արար աշխարհ զարմանայ, աշխարհ բերած լինելուդ համար փոշմանիս»։

Այդ պահուն թոնրատան մէջ ճանճի թեթեւ տզզոց մ’իսկ կրնար լսուիլ։ Հայդուկները շունչերնին բռնած՝ մտիկ կ’ընէին։ Լեւոնը գլուխը յենած էր թոնրատան սիւնին եւ աչքերը անորոշ կէտի մը յառած, կարծես քարէ շինուած արձան մը ըլլար. միայն դէմքի կծկուած կարմիր պալարները ջղային շարժումով կը դողային։

«Ծօ շան զաւակ, խօսքս քեզի է»՝ երկրորդ աքացի մը հասցնելով Պետրոսին, ոռնաց Աբդուլլահ բէկը. «Բերանդ բա՛ց, խօսէ՛», ու ափին մէջ սեղմեց երեխային թեւը։ Երեխան մաղիկ մաղիկ գալարուելով՝ բէկի ոտքերուն պլլուեցաւ։ «Խօսէ՛, խօսէ՛, խօսէ՛» երթալով ինքնիրմէ դուրս ելած՝ կը գոռար բէկը: Պետրոսը դժուարութեամբ բարձրացուց գլուխը ու նայեցաւ բէկին: Գլխի պատռուածքին արիւնը դէմքը ողողած էր։ «Բէկ, բան չունիմ ըսելիք», ըսաւ մարած ձէնով։ «Հը՞, բան չունէի՞ս ըսելիք, բան չունիս ըսելիք հա՞, հիմա ես քու բերանը կը բանամ», ըսաւ վագրի նման կատղած բէկը․ «Հէյ, մէկը թող շուտով հոս կանչէ նալպանտ Հասօն»։ Մէկ երկու քրտեր դուրս թռան՝ բէկի հրամանը կատարելու։ Ժողովուրդը շփոթած՝ իրարու նայեցաւ․ ոչ մէկը հասկցաւ բէկի հրամանի միտքը: Գործիքներու կաշիի նեղ տոպրակը ուսին նետած՝ նալպանտ Հասօն ներս մտաւ։ «Բէկ», ըսաւ, «ինծի կանչեր ես, ես քու ծառադ»։ Բէկը սադայէլի նման խնդաց՝ Հասոյի ուսը ծեծելով․ «Հասօ՛, կ’ըսեն, դու շատ վարպետ նալպանտ մ’ես, շիտա՞կ է»։ Հասօն ուսերը վեր քաշելով ըսաւ. «Աստուած ամէն մարդու շնորհք մը տուած է, բէկ. բէկի տղան բէկութիւն կ’ընէ, չոպանի տղան ալ չոպանութիւն։ Ողորմած հէրս ալ նալպանտ էր։ Ջէննէթի հուրի փերիներու մէջ հանգստանայ անոր հոգին, ես ալ նալպանտութիւն կ’ընեմ… խաս երկաթէ կը շինեմ նալերս… մեխերը էնպէս կը զարնեմ, որ առանց հայուանի ոտքի խմորին հանդիպելու՝ եղունգի մէջէն դուրս կուգայ. ․․ քսան տարի է էս գործը կ՚ընեմ, դեռ էշ մը չեմ կաղացուցեր».. Երբ Հասօն կը խօսէր, բէկը չարագուշակ ժպիտով մը կը նայէր Պետրոսին։ «Հը՞, կը լսե՞ս, Պետրոս, Հասօն ինչ կ’ըսէ դեռ էշ մը չէ կաղացուցեր, հա, հա, հա, հիմա մարիֆաթը պիտի ցուցնէ», ու ատամները սեղմած, աչքերը ոլորելով հրամայեց. «Տէ՛, Հասօ՛, շնորհքդ տեսնեմ, էս լակոտը նալէ», ու երեխայի թեւէն բռնած՝ նետեց թոնրատան մէջտեղը։ Զինքը բռնող քրտերու ձեռքէն ազատուելու ի զուր փորձ մը ընելով՝ երեխայի մէրը գետին ինկաւ մարած վիճակի մէջ։

Ծերունի Կարոյի շրթները այնպէս կը դողային, որ պահ մը չկրցաւ պատմութիւնը շարունակել։ Աչքերը ապրած սարսափէն լայն բացուած էին։ Հայդուկները կարծես քարացած լինէին, եւ ոչ իսկ ամենափոքր շշուկ մը, միայն Առիւծ Գեւոյի շնչառութեան ծանր հեւքը կը լսո՞ւէր։

Աչքը քոռնար Պետրոսին, շշնջալով շարունակեց ծերունին, աչքը քոռնար ու չտեսնար աչքին առջեւ կատարուածը: Ինկած տեղէն բարձրանալ ուզեց, բայց բէկը ոտքը Պետրոսի գլխուն վրայ սեղմած՝ գետին փակցուց։ Թոնրատան մէջ եղողները, հայ թէ քիւրտ, սարսափահար իրարու կը նայէին, առանց բառ մը արտասանելու։ Նալպանտ Հասօն շշմած՝ քարացածի նման մնացեր էր: «Ի՞նչ փէտի նման կեցեր ես, Հասօ, շուտ գործի անցիր», բարկացած պոռաց բէկը։ «Բէկ», ըսաւ ծերունի Հասօն՝ ամբողջ մարմնովը դողալով, «բէկ, վերը Աստուած կայ… կեանքիս մէջ էսպէս․․. միւտիւր էֆէնտի, ոտքդ պագնիմ, դուն խօսք հասկցուր. ․․ Միւտիւրը ուսերը անտարբեր կերպով շարժեց ու կռնակը դարձուց, քթի տակէն մռլտալով. «Եթէ անհաւատ շունը չ’ուզեր որ տղան նալուի, թող բերանը բանայ, գիտցածը պատմէ»։ Հասօն ամբողջ մարմնով կը դողար ջերմէ բռնուողի նման, ի զուր մէկ բէկին կը խնդրէր մէկ միւտիւրին: «Նալէ՛», սպառնագին գոռաց բէկը՝ ձեռքը կողքի ատրճանակին նետելով, ու քայլ մը մօտեցաւ Հասոյին, «նալէ՛ կ’ըսեմ, դուն որո՞ւ շունը եղար, որ հրամանս կրկնել կուտաս»։ Հասօն վախէն գոյնը նետած, ուսի տոպրակը գետին նետեց ու սաստիկ դողացող ձեռքերով նալերը դուրս բերաւ: Երկու քրտեր, մէկը երեխայի մէջքին վրայ նստած, աջ ոտքը վեր բռնած էին… Երեխան վառեակի նման կը թփրտար քրտերու ուժեղ ձեռքերուն մէջ… Ա՜խ էնպէս, էնպէս լեղապատառ կուլար, որ քար սիրտն իսկ չէր դիմանար։ «Ամա՜ն մարէ, վայ պապօ, պապօ ջան, պապօ ջան».. Քրտերէն մէկը քոլոզով ծածկեց երեխայի բերանը․․. Հասոյի ձեռքը կը դողար. ․․ Երկու անգամ չկրցաւ ձեռքի չէքիւճը մեխին զարնել… երրորդ անգամին․ արիւնը շատրուանի նման վեր զարկաւ… Պետրոսը անկարող տեղէն շարժելու՝ եզան նման կը տքար…

Ծերունին դարձեալ ձեռքերով դէմքը ծածկած՝ հոնգուր հոնգուր սկսաւ լալ։ Ոչ ոք սակայն ուշադրութիւն կը դարձնէր անոր լացին։ Հայդուկներէն շատեր լուռ կ’արտասուէին: Առիւծ Գեւօն ծոցէն կարմիր եայլուղը հանելով աչքերը չորցուց, տէտէրի շրթունքները անձայն կը շարժէին։ Թերեւս կ’աղօթէր։ Լեւոնը քարի արձանի նման նստած՝ կարծես չէր իսկ լսած։ Թոնրատան մէջ կը լսուէր ծերունի Կարոյի հեկեկանքը, ու պառաւ տանտիրոջ զսպուած հեծկլտուքը։

Յետո՞յ։

Առանց որեւէ շարժումի, կարծես մեքենաբար հարցուց Լեւոնը, որու ձայնը տարօրինակ կերպով դաժան ու սառն էր: Ծերունին սարսռալով գլուխը վերցուց, ուղիղ նայեցաւ Լեւոնին, ու անմիջապէս աչքերը վար առաւ։ Եթէ գիշերով տեսնէր այդ մռայլ դէմքը՝ ապահովաբար սրտաճաք կը լինէր։

Բէկը, Պետրոսի վրայ ծռած, հեկեկանքը զսպել ջանալով շարունակեց ծերունին, կը ստիպէր, որ խոստովանի, զէնքերու տեղը յայտնէ։ Երեխայի սիրտ ճանկռտող ձէնը կը թնդար թոնրատան մէջ… Հասօն գործը վերջացուց ու պարկը շալկած, լալով փախաւ դուրս… Երեխայի երկու ոտքերն ալ… Մէկ ալ Պետրոսը գլուխը քիչ վերցուց ու իր վրայ կախուած բէկի աչքերուն նայեցաւ անզօր կատաղութեամբ։

Ծերունին, բազմաթիւ անգամներ ընդմիջելով պատմեց, թէ ինչպէս կատղած բէկը Պետրոսը կապել տուաւ սիւնին, ինչպէս անոր լայն շալվարի մէջ ողջ կատու մը դնել տուաւ, ու ինչպէս բարակ ճպոտներով ղօլամները սկսան ծեծել բանտարկուած կատուն, որ ժանիքներով, ատամներով սկսաւ բզքտել Պետրոսի մարմինը։

«Անհաւատ շուն, խօսէ», ինքնիրմէն ելած կը պոռար բէկը, «խօսէ՛, վալլահի մարմինդ կտոր կտոր կ՚ընեմ, գեղի շներուն կը նետեմ»։ Պետրոսը սիւնին կապուած մաղիկ մաղիկ կը տրորուէր ծանր տնքալով։ Կուրծքին ինկած գլուխը վերցուց։ Բէկն ու Պետրոսը իրարու նայեցան անօթի գայլերու նման։ Սարսափելի ցաւէն գալարուելով՝ Պետրոսը ըսաւ․ «Կեցանի Աբդուլլահ բէկ, մէրդ քեզ շունէ մը վաստակած լինելու է»․.. Աս եղաւ խեղճ Պետրոսի վերջին խօսքը։ Բէկը գայլի նման յարձակեցաւ անոր վրայ, ղօլամներն ալ այնքան տուին խեղճի գլխուն, որ մէկ երկու րոպէի մէջ անոր անկենդան մարմինը կախուեցաւ սիւնին, շորի կտորի նման…

Վե՞րջը…

Ծերունի Կարոյի ողջ մարմնէն սարսուռ մը անցաւ։ Լեւոնի պողպատի նման հատու ձայնը սառեցուց ծերունիի ողջ էութիւնը։ «Հա բէկի գազանութիւնը», մտածեց Կարօն, «հա էս ազգի մեծի անտարբեր վերաբերմունքը․ էսպէս ալ դաժան սառնութիւն»…

Պատմէ, հայրի՛կ, առանց ծերունիին նայելու, յօնքերը թեթեւ մը կիտած՝ ըսաւ Լեւոնը, յետոյ ի՞նչ ըրաւ բէկը։

Բոլոր բռնուածներու թեւերը ետեւէն իրարու կապած՝ բէկն ու միւտիրը ղօլամներով միասին ճամբայ ելան։

Ճամբայ ելա՞ն, դէպի ո՞ւր…

Ոստան, գայմագամին մօտ գալու։

Ուրեմն, ճամբան անոնց հանդիպեցա՞ր, յայտնապէս հետաքրքրուած հարցուց Լեւոնը, որու դէմքը վայրկենաբար կենդանացաւ։

Պարոն Լեւոնին ըսեմ, ես անոնց հետ միասին եկայ․ բռնուածներու հետ կուգայի…

Այդ հաշուով, ուրեմն, անոնք Ոստան անցած պիտի լինին, ինքնիրեն յուսախաբուած ըսաւ Լեւոնը։

Չէ՛: Պարոն Լեւոնին ըսեմ, բէկն ու միւտիրը Նորգիւղ մնացին երէկ գիշեր։ Ես առաջ անցայ… գացի Ախավանք… Հոն ալ ասկեր կար, մարդ չկրցայ տեսնել։ Գիշերը հոն մնացի, առտու մութ ու լուսին ճամբայ ելայ… Ըսի՝ մէկ Քարադաշա ալ երթամ… Աստուծու բան էր… ձեզի հանդիպեցայ… լաւ որ եկայ…

Լա՛ւ, լա՛ւ, ծերունիի խօսքը ընդհատեց Լեւոնը, դուն էն ըսէ, հայրիկ, բէկի հետ քանի՞ բռնոտած կար։

Համրա՞նքը կայ, մեր գեղէն, Վանիկէն, Կէօլուէն, Ուրանցէն… պարոն Լեւոնին ըսեմ…

Ամբողջը քանի՞ հոգի կը լինէր, անհամբերութեամբ հարցուց Լեւոն, որ մտածկոտ արտայայտութեամբ ժամացոյցին նայեցաւ։

Երեսուն, քառսուն մը… պելքի աւելի…

Իսկ բէկի հետ քանի՞ ղօլամ կայ։

Շնէն շատ, ես քառսուն ըսեմ՝ դու վաթսուն հասկցիր․ նորէն քիչ է…

Հայրիկ, շատ շնորհակալ եմ, հիմա կրնաս երթալ։ Գեղամէջ գնա՛։ Տէր հօր մօտ կը հանգստանաս էս գիշեր, վաղը ճամբայ կ’ելլես… Դուք ալ գնացէք, խօսքը քահանային եւ ընկերոջը ուղղելով ըսաւ Լեւոնը։

Հա՛, լաւ կ’ըսես, պարոն Լեւոն, որ Կինդրանց վերադառնամ, գլուխը քերելով տատամսոտ հարցուց ծերունին, մեր Կինդրանցի տիրացուին ի՞նչ ճուղապ տամ…

Կ՚ըսես որ զիս տեսար։

Է՞դ չափ:

Հա՛։ Կ’ըսես, որ զիս տեսար ու եղածը պատմեցիր… Տէ՛, հիմա գնացէք, Աստուած բարի ճանապարհ տայ։

Բարին վրադ մնայ, պարոն Լեւոն, դու որ կաս…

Բայց ծերունին, առանց նախադասութիւնը վերջացնելու, Լեւոնի մռայլ դէմքէն հալածուածի նման աճապարեց քահանային հասնիլ, որ ընկերոջ հետ դուրս էր եկած թոնրատնէն։ Պառաւ տանտէրն ալ դուրս գալով՝մտաւ դրկիցի մը մօտ, անշուշտ լսած սարսափելի պատմութիւնը աւելիօք պատմելու համար։

Թոնրատան մէջ մեռելային լռութիւն մը տիրեց։ Կարծես ներկաները կը վախնային ձայն հանելէ, շարժում մը ընելէ։ Ծերունիի սարսափելի պատմութիւնը, անոր աղիողորմ հեծկլտոցը, լեցուեր էր թոնրատունը, ֆիզիքական ծանր բանի մը նման, որ թէեւ ձեւ չունի եւ ոչ ալ կը շօշափուի, բայց իր աներեւոյթ գոյութիւնը կը զգացնէ, կը ճնշէ հոգիները, կը սեղմէ կոկորդները աքցանի նման։ Լեւոնը, ծերունին ճամբելէ վերջ, տեղէն չէր շարժած, կարծես ապառաժի կտոր մը լինէր, որ չես գիտեր ո՞րտեղէն յանկարծ թոնրատան մէջ էր ինկած։

Ֆուրթունա պիտի էղնի, ձեռքերը իրարու շփելով ըսաւ Առիւծ Գեւօն քովը նստող հայդուկներուն, մեծ ֆուրթունա պիտի էղնի, տրեխներնուդ կապը ամրացուցէք…

Ծօ, ի՞նչ ֆուրթունա, նոյնպէս փսփսալով հարցուց Թոփալ Սատանան, տունդ չքանդուի, կեցած տեղդ բան մը կը ստեղծես…

Առիւծ Գեւօն պատասխանելն իսկ աւելորդ համարեց, միայն գլխու շարժումով Լեւոնը ցուցուց: Լեւոնի առանց այն էլ հաշմուած դէմքը դաժան արտայայտութիւն մը ստացած էր։ Յօնքերը կիտած, հայեացքը պողպատի կարծրութիւն մը առած՝ ուղիղ մէկ կէտի մը կը նայէր։ Գերեզմանէն նոր ելած մեռելի նման տժգոյն՝ կարծես կաթիլ մը արիւն չէր մնացած երակներուն մէջ։ Երբեմն շրթունքները անձայն կը շարժէր, իսկ դէմքի կարմիր պալարները զարմանալի արագութեամբ կը շարժէին։

Ես քեզի կ՚ըսեմ՝ ֆուրթունա պիտի էղնի, ըսածը հաստատ գիտցողի վճռականութեամբ փսփսաց Առիւծ Գեւօն։

Օդի մէջ կարծես աներեւոյթ ծանր բան մը կախուած կը մնար։ Ճնշող լռութիւնը անտանելի խեղդուկ մը կը պատճառէր բոլորին։ Թոնիրի շուրջը բոլորուած հայդուկները ազատ շունչ մը քաշեցին, երբ Լեւոնը յանկարծ դիրքը փոխելով՝ դարձաւ դէպի տղաքը, մէկ երկու րոպէ լուռ դիտեց ընկերները ու զարմանալի կերպով դէմքի արտայայտութիւնը փոխած՝ մտերմական ջերմութեամբ ըսաւ․

Տղաք, գիտէ՛ք թէ ինչ պիտի ընենք, չէ՞…

Ոմանք ի հարկէ չհասկցան Լեւոնի միտքը եւ տարակուսած իրարու նայեցան։ Մոսօն ու Մոկացի Յակոբը դրական իմաստով գլուխնին շարժեցին, իսկ Առիւծ Գեւօն գազանի նման մռնչաց․

Վալլահ գիտենք, էսա մեր գլուխ ազգութեան ուղուրին ղուրպան էղնի. ինչ որ դու կ՚ըսես, ընդունակ է… դու մեր մեծ, դու մեր հէր… Ծօ՛, ի՞նչ անբան հայվաններու պէս պապանձեր էք…

Դու մեր կողմէն կը խօսաս, հերիք չէ՞, հեգնօրէն ըսաւ հայդուկներէն մէկը, պարոն Լեւոն որ կայ, ազգութեան գլուխն ի, էլ մեզի խօսալ կը վա՞յլէ… մեր գլուխն վաղուց ազգի տաֆթարի մէջ թալլուկ ի, հա Էջմիածնի կաթողիկոս, հա մեր պարոն Լեւոն։

Հա՛ վալլահ մեր Արշակ շիտակ զուրցեց․ սուտ խօսամ, որ ի՞նչ, ես բան մ’ալ չհասկցայ էս խօսքերէն, բայց մեծ ախպօրս ըսեմ, որ պարոն Լեւոն էդա գործ ազգի գործ կը սեպէ, մեզի խօսալ չմնար․ ահա ես ու իմ թֆանկ…

Լեւոնի դէմքը պայծառացած՝ աչքերը անհնարին կատաղութեամբ կը փայլէին։ Տեղէն բարձրանալով՝ ըսաւ ընկերներուն․

Տղաք, կ’ուշանանք։ Ճամբայ ելլենք։

Զէնքը վերցնողը ոտքի ցատկեց։ Գրեթէ բոլորն ալ հասկցեր էին, թէ ինչ գործի կ՚երթան։ Միայն ջահիլ հայդուկ մը, որ գիտէր թէ յեղափոխականները ցերեկով դուրս չեն ելլեր, զարմանալով՝ մօտեցաւ Գեւոյին.

Մեծ ախպեր, օրը ցերեկով… էս ո՞ւր կ’երթանք…

Ծօ՛, սարսախ, ժպտալով ըսաւ Առիւծ Գեւօն՝ ընկերոջ փամփշտակալը ամրացնելով, ծօ չե՞ս գիտեր, հարսնիք կ’երթանք։

-----------

Գիւղի շուրջ կիսաշրջան մը դառնալով՝ խումբը տեղաւորուեցաւ նախորդ գիշերուան հանգստացած տեղին մօտ, հեղեղատի մը ձիւնով լեցուած փոսին մէջ։ Ոստանի ճանապարհը քիչ վարը կը մնար։ Լեւոնը, Մոկացի Յակոբը, Մոսօն, իրարու քով նստած կը խորհրդակցէին։ Կարճ դադարներով ընդմիջուած, աւազի նման մանր ձիւնը կը մտրակէր տղայոց երեսները, ձեռքերը. սակայն, ոչ ոք ուշադրութիւնը կը դարձնէր փոթորիկին։ Տղաք փոսին մէջ նստած՝ գրեթէ չէին երեւնար։

Ցուրտ է՛, փսփսաց հայդուկ մը։

Քիչ մը սպասէ, էնպէս տաքանաս որ…

Տօ, նայեցէ՛ք, գելը գե՛լը…

Իրօք, լերան կողմէն հանդարտօրէն դէպի Քարադաշտ կ’իջնար խոշոր գայլ մը՝ ուղիղ տղայոց կողմը գալով։ Մէկ ալ, տեսաւ տղաքը, կանգ առաւ, սոված աչքերով նայեցաւ տղոց, ու մէկ ալ կ՚երեւի թշնամին շատ ուժեղ գտնալով՝ սկսաւ հանդարտօրէն եկած ճամբով ետ երթալ։

Ծօ՛, աւանա՛կ, մրթմրթաց Առիւծ Գեւօն՝ գայլի հեռանալը տեսնելով, ատե՞անը գտար փախչելու, որ մնայիր, քեզ էնպէս ընթրիք մը հրամցնէի…

Կէս ժամէ աւելի այդ փոսին մէջ թափած՝ սպասեցին մեր բարեկամները։ Մթնելու հազիւ ժամ մը կը մնար։

Ուշացաւ, մտահոգուած ըսաւ Լեւոնը։

Ահա՛, վազելով կուգայ..

Իրօք, Քէրձ գիւղացի Արշակը, որ զինաթափ եղած՝ մինչեւ Ոստանի ճանապարհը իջեր էր հետախուզութեան համար, քանի մը րոպէէն հեւալով հասաւ ընկերներուն մօտ։

Կուգան, կէս ժամէն էստեղ կը լինին․ անտէր ձիւնը չթողուց որ կարենայի հաշուել։ 30-35 ձիաւոր կը լինին, նոյնքան ալ ոտաւոր, որոնք անշուշտ բանտարկեալները լինելու են։

Լեւոնը անմիջապէս խումբը երկու մասի բաժնեց։ Մոսօն, Առիւծ Գեւօն եւ երեք հայդուկներ, իջնալով Ոստանի ճանապարհի վրայ՝ դիրք բռնեցին արտ մը եզերող պատի տակ, որ հազիւ 15 քայլ հեռաւորութիւն ունենար ճանապարհէն։ Նախ քան անոնց մեկնիլը, Լեւոնը պատուիրեց Մոսոյին, որ հոն ծածկուած մնան, առանց որեւէ շարժումով իրենց ներկայութիւնը մատնելու, մինչեւ որ կռիւը սկսէր: Ատկէ վերջ ընելիքնին պարզ էր․ քրտերը երկու կրակի մէջ պիտի առնուէին։

Միայն գգուշացէք, որ բանտարկեալներուն վնաս մը չհասնի, յանձնարարեց Լեւոնը, ու ամէն բանէ աւելի ուշադիր եղէք, որ Աբդուլլահ բէկը եւ միւտիրը չփախին։ Եթէ հնարաւոր լինի, ողջ բռնեցէք։

Մոսոյի եւ ընկերներու մեկնելէն վերջ, Լեւոնն ու ընկերները մօտ քառորդ ժամ մնացին՝ առանց տեղերնէն շարժելու։ Լեւոնը այդ յարձակումը ծրագրած էր՝ խորապէս գիտակցելով տեղի անպատեհութիւնները, խումբի գոյութեան սպառնացող ծանր վտանգը։ Բայց եւ այնպէս որոշեց այդ ծանր քայլը առնել, ոչ միայն որպէս փոխվրէժ, այլ՝ անխուսափելի անհրաժեշտութիւն մը, մէկ կողմէն հայ ժողովուրդի տրամադրութիւնը բարձրացնելու եւ միւս կողմէն կառավարական ու քրտական սանձարձակութիւնները զսպելու համար։ Հայ ժողովուրդը պէտք էր գիտնար, որ յեղափոխական շարժումը մեռած չէր, եթէ այդ պիտի պահանջէր նոյնիսկ մեծ զոհաբերութիւն մը։

Եթէ Մոսօն եւ իր չորս ընկերները, ճանապարհէն քիչ հեռու, պատի տակ կրնային թագնուիլ, առանց անցորդներու ուշադրութիւնը գրաւելու, Լեւոնին եւ ընկերներուն համար միեւնոյն յարմարութիւններով դիրք մը գոյութիւն չունէր ճամբուն վրայ։

Նախ որ՝ անհրաժեշտ էր բաւական ընդարձակ տարածութիւն մը ձգել Մոսոյի եւ Լեւոնի բռնելիք դիրքերուն միջեւ։ Հազիւ մէկ երկու քայլ լայնութեամբ ճանապարհէն, որու երկու կողմերը արշինաչափ խորութեամբ անկոխ ձիւնի հաստ շերտ մը նստած էր, եկողները ստիպուած պիտի քալէին իրարու ետեւէ, երկարած պարանի նման, որով անոնք ահագին տարածութիւն մը բռնած կը լինէին երկու կողմերէն սեղմուելու համար Լեւոնի եւ Մոսոյի դիրքերուն միջեւ։ Ճանապարհը Քարադաշտի ուղղութեամբ անցնելէն վերջ զգալի զառիվերով մը կը բարձրանար բլուր մը, որու ստորոտը, հազիւ կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ, կը գտնուէր Ոստանը՝ գայմագամանիստ քրտական գիւղաքաղաքը։

Ուրիշ ոչ մէկ միջոց կը մնար Լեւոնին, բայց եթէ անցնիլ Ոստանի կողմը, եւ այն տեղէն գալով բլուրի ծայրը դիրք բռնել։

Ճամբայ ելլենք, հիմա Մոսոյի դիրքին մօտեցած կը լինին քրտերը։ Ոչ ոք չկրակէ, մինչեւ որ ինքս կրակեմ։ Տղա՛ք, բարի յաջողութիւն․․.

Բարի յաջողութիւն, բարի յաջողութիւն, կրկնեցին հայդուկները՝ տեղերէն բարձրանալով։

Առանց ճանապարհը ելլելու, խումբը առաջացաւ զուգահեռական ուղղութեամբ դէպի բլուրը եւ առանց կանգ առնելու՝ շրջեցաւ բլուրի միւս երեսը։ Այդ տեղէն թէեւ Գաւաշի շրջանը չէր երեւնար, բայց Ոստանը ընդարձակ այգիներով շրջապատուած՝ կ’երեւար Արտոսի փէշին փակած: Անշուշտ Ոստանէն նայող մը կրնար տեսնել խումբը, բայց չէր կրնար մտածել, որ այդ մարդիկ յեղափոխականներ էին, օր ցերեկով այդքան մօտ եկած Ոստանին։

Բլուրը անցնելէ վերջ, խումբը ելաւ ճամբուն վրայ, որ ոլորապտոյտ դառնալով կ’իջնար Ոստան, ու նորէն ետ դարձաւ ճամբայով, դէպի բլուրի ծայրը։

Լեւոնն ու Քերձեցի Արշակը առջեւէն կ’երթային։ Քսան քայլի վրայ կը հետեւէին մնացածները։ Ամբողջը ութը հոգի էին: Երբ Լեւոնը ընկերոջ հետ բարձրացաւ, բլուրի ծայրը, հակառակ կողմէն 2-300 քայլ հեռաւորութեան վրայ երեւցաւ քրտերու եւ բանտարկուածներու խումբը, որոնք իրարու ետեւէ քալելով՝ ճանապարհէն կամաց կամաց կը բարձրանային ուղիղ դէպի Լեւոնը։

Արշակն ու Լեւոնը սովորական ճամբորդներու նման նստան ճամբու եզրը, մինչ խումբը, Լեւոնի ձեռքի շարժումը հասկնալով, եղած տեղը կանգ առաւ, առանց վեր բարձրանալու։

Բոլորովին վստահ կերպով կը յառաջանային քրտերը։ Լեւոնը իր բարձր դիրքի շնորհիւ՝ որոշ կերպով տեսաւ մօտեցող բազմութեան դասաւորութիւնը։ Առջեւէն կուգային 6-7 ձիաւորներ, անոնց ետեւէն բանտարկեալներու խումբը, որոնք՝ ինչպէս ուրախութեամբ նկատեց Լեւոնը՝ կապկպուած չէին։ Աւելի հեռուն, 8 մարդիկ լծուած, նեղ ու երկար սահնակ մը կը քաշէին, որու վրայ երկու մարդ, խնամքով ծածկուած պառկած էին։ Վերջապահ կուգային 20-ի մօտ ձիաւորներ։

Պարզ էր, որ սահնակի մէջ պառկողները Աբդուլլահ բէկն ու Կինդրանցի միւտիրը լինելու էին։

Շատ հեռուն ճանապարհի կողքին կ’երեւէր Մոսոյի եւ ընկերներուն դիրք բռնած պատը։ Ձիաւորները անցած էին այդ տեղէն։ Լեւոնը դեռ ատեն մ’ալ հանդարտ նստած մնաց, ձգեց որ աւելի մօտենան քրտերը։ Հազիւ 100 քայլ հեռաւորութեան վրայ լինէին անոնք։ Լեւոնի ձեռքի նշանին վրայ, խումբը մօտեցաւ ու՝ միանալով անոր՝ սկսաւ առաջ շարժուիլ դէպի մօտեցող քրտերը, որոնք ուշադրութիւն իսկ չէին դարձուցած խմբի վրայ, սովորական բան մը համարելով ճամբու վրայ զինուած քրտերու հանդիպիլը։

Հազիւ 50 քայլ հեռաւորութիւն մը ունենային իրարու մօտեցող խմբերը, երբ յանկարծ Լեւոնը ինքզինքը նետեց ճամբու կողքը, քարի մը ետին․

Տղա՛ք, պառկեցէք։

Եւ սկսաւ կատաղի հրացանաձգութիւն մը։ Հազիւ հրացան մը պայթած՝ վարէն, Մոսոյի դիրքէն տղաքը արագ համազարկեր բացին քրտերու վրայ։

Անօրինակ շփոթ մը առաջացաւ։ Քրտերէն շատեր ժամանակ իսկ չունեցան հրացան գործածելու։ Ինկողը ինկաւ։ Շատեր ձիերէն վար ցատկեցին, ու ճամբայէն դուրս ելած դէպի աջ՝ սկսան Փշաւանց եւ Քարադաշտ գիւղերու կողմը փախչիլ: Առաջի քանի մը րոպէներուն կատարեալ սպանդ մ’էր տեղի ունեցածը։ Քիւրտ առաջապահ ձիաւորներէն ազատեցաւ միայն մէկը, որ շրջան մը ընելով՝ կորաւ բլուրի ետեւ, Ոստանի ուղղութեամբ։

Բանտարկեալները գլխի իյնալով թէ յարձակողները ովքեր կրնան լինիլ, բնազդօրէն գետին տափեցան, բացի երկու հատէն, որոնք շփոթելով, քրտերու հետ դէպի Փշաւանց փախան։

Երբ այս կոտորածը տեղի կ’ունենար Լեւոնի կողմը, Մոսոյի դիրքի շուրջ կատաղի կռիւ մը սկսած էր։ Վերջապահ ձիաւոր քրտերը անակնկալի եկան։ Երբ առջեւի կողմէն գնդակները սկսան վզզալ, անոնք բնազդօրէն դէպի ետ քաշուիլ փորձեցին՝ յարմար դիրքեր բռնելու համար, բայց հանդիպեցան Մոսոյի եւ ընկերներու կրակին։ Անկարող ազատօրէն շարժելու նեղ ճանապարհի վրայ, որու երկու կողմերուն այնքան թանձր ձիւն նստած էր, քրտերը ձիերէն վար ցատկեցին եւ ով ինչպէս կրցաւ, դիրք բռնելով՝ սկսաւ կրակել պատի ետին թագնւած թշնամիին վրայ:

Աբդուլլահ բէկն ու միւտիրը, ինչպէս ենթադրած էր Լեւոնը, սահնակին մէջ երկնցած կը քնանային, երբ կռիւը սկսաւ: Սահնակին լծուած հայ գիւղացիները, հրացանի ձայն առածնուն պէս, սահնակը իր բախտին ձգեցին եւ ցրուեցան։ Աբդուլլահ բէկը յանդուգն կռուող մ’էր։ Հրացաններու գոռոցին վրայ աչքը բացած՝ անմիջապէս եափունջին վրայէն մէկդի նետեց։

Ալի՛, պոռաց բէկը իր զինակիրին, որ բէկի հրացանը ուսը նետած էր, հրացանս: Էս ի՞նչ խապար է:

Այդ պահուն, երբ Ալին կը մօտենար Աբդուլլահ բէկին, մէկ ալ իրենցմէ հազիւ հարիւր քայլի վրայ գոռացին Մոսոյի եւ ընկերներու հրացանները։ Սահնակի շուրջ բանտարկեալ ու ձիաւոր իրար անցան, երկու քրտեր անկենդան գետին գլորուեցան։

Բէ՛կ, վալլահի ֆետայիներ են, մեր տունը քանդուեցաւ, պոռաց Ալին՝ սահնակի ետին դիրք բռնելով ու սկսաւ կրակել դէպի պատը, որու ետին հազիւ կը նշմարուէին քանի մը գլուխներ:

Ֆետայի՞, մռնչաց Աբդուլլահ բէկը ու կը պատրաստուէր սահնակէն դուրս ցատկելու, երբ գնդակ մը աջ ուսի ոսկորը ջախջախեց, հրացանը ձեռքէն ինկաւ ու աջ թեւը անկենդան վար կախուեցաւ։

Ծանր մսակոյտի նման Աբդուլլահ բէկը սահնակի վրայ ինկած էր: Քրտերը բոլորն ալ ձիերէն վար ցատկեցին՝ մինչ քանի մը հատը սկսան փախչիլ, իրենք ալ չգիտնալով թէ դէպի ո՞ւր, մնացածները ծնկներնին գետին դրած՝ աջ ու ձախ սկսան կրակել։

Անյոյս դիմադրութիւն մ’էր։ Երբ Լեւոնը իր ընկերներով, առաջապահ ձիաւորներու գործը վերջացնելէ վերջ, հեռուէն սկսաւ ծեծել սահնակի շուրջ հաւաքուածները։ Մէկ ալ քրտերը՝ դիմադրութիւնը այլեւս անկարելի համարելով՝ որքան կարողութիւն ունէին, սկսան փախչիլ Փշաւանց եւ Պատականց գիւղերու կողմը, հետապնդուելով վզզացող գնդակներէ։

Առաջինը Առիւծ Գեւօն հասաւ սահնակի մօտ։ Բէկի քոլոզը գլխէն վար նետեց եւ անոր երկար մազերը ափին մէջ առնելով՝ գլուխը ետ ծռեց.

Դո՞ւն ես Կեցանի Աբդուլլահ բէկը։

Հա՛, անհաւատ շուն, ես եմ, հպարտօրէն պատասխանեց բէկը:

Բէկի՝ արեւէն պղնձագոյն դարձած գոռոզ դէմքի վրայ սառը անտարբերութիւն մը դրոշմուած էր։ Կատաղի աչքերը արհամարհանքով ան դարձուց Առիւծ Գեւոյի դէմքին։

Շուն, ալ ի՞նչ կը սպասես, գործս վերջացուր…

Վարպետ մսագործի մը ճարպիկութեամբ, Առիւծ Գեւօն կեռ դաշոյնի մէկ հարուածով բէկի գլուխը զատեց իրանէն։ Մինչեւ այդ պահը, Կինդրացի միւտիրը բոլորովին ծածկուած, անշարժ երկնցած էր սահնակի մէջ։ Գեւօն, երբ բէկի գլուխը տոպրակի մէջ դնելով կը պատրաստուէր Մոսոյին միանալու, որ դէպի Լեւոնը կը վազէր, մէկ ալ սահնակի մէջ շարժում մը դիպաւ աչքին։ Առիւծ Գեւօն թանձր կապերտը մէկդի նետեց, ու ահա երեւան եկաւ միւտիրի մեռելի նման գունաթափ դէմքը։

Վալլահ պիլլահ, թոթովեց միւտիրը՝ ամբողջ մարմնով դողալով, ես քիւրտ չեմ, թուրք եմ, Կինդրանցի միւտիրը, կեանքս խնայէ… Ես, ես հայերը շա… շատ կը սի… սի… սի…

Պետրո՞սն ալ կը սիրէիր, անոր անմեղ երեխա՞ն ալ կը սիրէիր, ու Գեւոյի դաշոյնը բարձրանալով՝ վայրագ թափով մինչեւ կոթը խրուեցաւ ողորմելի միւտիրի կուրծքին մէջ, երբ Գեւոյի բարձրացած ձեռքը տեսնելով՝ ան աչքերը փակած էր։

Ծօ, Գեւօ, Աստուած քու տունը չաւերի, Արշակը վրայ հասնելով յանդիմանեց ընկերը, ծօ, ինչո՞ւ սպաննեցիր… պարոն Լեւոնը պատուիրեց…

Ծօ, հա՛, ինքզինքին գալով մռլտաց Առիւծ Գեւօն, ծօ հա, մոռցեր էի…

Լեւոնը շրջապատուած էր բանտարկեալներով։ Անոնցմէ հինգը, որոնք իրենց գիւղերու մէջ յայտնի յեղափոխական գործիչներ էին եւ բնականաբար ծանր ամբաստանութեան տակ, զինուեցան ինկած քրտերու զէնքերով ու միացան Լեւոնի խմբին։

Մոսօ, բէ՞կը եւ միւտի՞րը, հարցուց Լեւոնը, երբ տղաքը մօտեցան իրեն։

Հը՛մ, երկուքն ալ սպաննուեցան, անորոշ կերպով պատասխանեց Մոսօն, բաւական հեռու էինք անոնցմէ, կռուի ժամանակ…

Մնացած բանտարկեալները ցրուեցան շրջակայ հայ գիւղերը։ Լեւոնը իր ընկերներով նորէն բարձրացաւ բլուրի ծայրը, որտեղէն կ՚երեւէր Ոստանը։ Գիւղի մէջ անօրինակ կենդանութիւն մը կը տիրէր։ Հեծեալները ետ ու առաջ կ’արշաւէին։ Խումբ մը ձիաւորներ արդէն գիւղէն դուրս եկած՝ ոլորապտոյտ ճամբայով վեր կ’արշաւէին: Կամաց կամաց սկսաւ մթնիլ։ Լեւոնը երբ համոզուեցաւ, որ բանտարկեալները հեռացած են, որ Ոստանէն եկող ձիաւորները այլեւս չեն կրնար անոնց վնասել, քերձեցի Արշակի հետ առաջ ինկաւ եւ բլուրը շրջելով սկսաւ իջնալ դէպի ծովեզերք։