Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅՈՒՍԱԼՔՈՒՄ

Լեւոնը ընկերներէն բաժնուելով արագօրէն բլուրէն իջաւ ու տասը րոպէէն հասաւ Կուռուպաշի գետակը, որ Այգեստանի մօտէն անցնելով, Շամիրամ թաղի միջով կը հոսի Վանայ ծովի մէջ։ Գետակէն հազիւ քարընկէց մը հեռաւորութեամբ կ’անցնի Նոր Գեղի գլխաւոր ճանապարհը։ Այդ ճանապարհը քաղաքէն սկսելով՝ կը հասնի մինչեւ Պաշ-Քալէ, մինչեւ Գեաւառ ու Պարսկաստան:

Լեւոնը զգուշութեամբ առաջանալով ելաւ ճամբու վրայ։ Ոչ մարդ, ոչ մարդասան: Ճանապարհը ամայի, Շուշանցի դաշտը ձիւնի տակ ծածկուած: Բաւական մը տեղ ճանապարհէն երթալով՝ Լեւոնը կանգ առաւ: Խաւարի մէջ ձիւնի սպիտակ ֆոնի վրայ դուրս ինկած կ’երեւային Հաջի-Պէքիր զօրանոցի մութ շէնքերը։ Զօրանոցի շէնքերու պատուհաններէն ոմանք աղօտ լոյսով մը լուսաւորուած էին։

Լեւոնը Նշանէն առած ծրարը բացաւ։ Տիրացուներու յատուկ եկեղեցական շապիկ մ’էր: Զգեստի վրայէն շապիկը հագաւ, որ մինչեւ ոտները ծածկեց։ Չանթայի մէջէն երեսսրբիչը հանեց եւ գլուխը անով փաթթեց եւ ճանապարհէն ելլելով՝ կարծրացած ձիւնի վրայէն զգուշութեամբ սկսաւ մօտենալ զօրանոցին։ Եթէ ճրագի լոյսը չլինէր, մարդ կրնար խաբուիլ, կարծելով թէ զօրանոցը անմարդաբնակ է: Լեւոնը կռացած՝ հանդարտօրէն կը մօտենար։ Երբ հազիւ հարիւր քայլ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր, նոր միայն նշմարեց մութ ստուեր մը, որ համաչափ քայլերով կ՚երթեւեկէր զօրանոցի առջեւ։ Անշուշտ պահակն էր։ Սակայն, Լեւոնի գիտնալ ուզածը այդ չէր։ Կարեւորը այն էր, թէ քաղաքի կպած Շուշանցի դաշտը հսկողութեան տա՞կ էր թէ ոչ։

Լեւոնը ձիւնի վրայ անշարժ նստելով՝ համբերութեամբ սպասեց։ Տասը րոպէէն աւելի անցաւ: Մէկ ալ Լեւոնը որոշապէս նշմարեց զօրանոցի առջեւ բազմաթիւ ստուերներու շարժումը։ Երբ անոնք իրարու ետեւէ ձիւնի վրայէն քալելով՝ դաշտի խորութեամբ սկսան յառաջանալ, Լեւոնը համրելով տեսաւ, որ տասնեակ մը զինուորներ էին։ Այդ կը նշանակէր, որ դաշտը քաղաքի ուղղութեամբ պահակներու խիստ հսկողութեան տակ կը գտնուէր։ Կը մնար, որ Լեւոնը երկու պահակներու արանքէն աննկատելի կերպով անցնէր քաղաք մտնալու համար։ Չորքոտանի անասունի նման, ձեռքերով ու ոտքերով, սկսաւ առաջանալ, որքան հնար էր, հեռանալով զօրանոցէն դէպի բաց դաշտը։ Այդ վիճակին մէջ արագ չէր կրնար երթալ։ Յանկարծ աջ կողմէն, հազիւ քսան քայլ հեռաւորութեան վրայ ստուեր մը ցցուեցաւ: Զինուոր պահակն էր, որ կ՚երեւի մինչ այդ քամիէն պաշտպանուելու համար՝ թումբի մը տակ նստած կը հանգստանար:

Լեւոնը ամբողջ հասակով երկնցաւ ձիւնի վրայ ու ատեն մը բոլորովին անշարժ մնաց: Պահակը փոքր տարածութեան վրայ սկսաւ ետ ու առաջ երթալ, կ՚երեւի ցուրտէն սառած ոտքերը տաքցնելու համար։ Ամէն անգամ, որ պահակը կռնակը կը դարձնէր, Լեւոնը ձիւնի վրայ փորսող տալով կ’առաջանար: Հակառակ ցրտին, Լեւոնը արիւն քրտինք մտած՝ կէս ժամէն աւելի չարչարուեցաւ, փոքր տարածութիւն մը կտրելու համար։ Պահակը արդէն ետին մնացած էր։ Լեւոնը քիչ մը տեղ ալ ոտքերու եւ ձեռքերու վրայ չորեքթաթի երթալով՝ բարձրացաւ ու խոշոր քայլերը բացած ուղղուեցաւ Այգեստանի կողմը, որու երկարաձիգ հողէ պատերը անորոշ կերպով կ’երեւային մութ զանգուածի նման։

Վերջապէս հասաւ Այգեստանի հարաւարեւելեան ծայրը գտնուող Մարդաբուռի Մէշէի մօտ։ Վայրկեան մը հանգստանալու համար, պատի մը տակ նստաւ Լեւոնը ու գլուխը ձեռքերուն մէջ առած՝ սկսաւ մտածել առնելիք հետեւեալ քայլերու մասին։ Հիմա որ գրեթէ Այգեստան մտած էր, կը մնար որոշել, թէ որո՞ւ մօտ պիտի երթար, ո՞ւր պիտի թագնուէր։ Իր բացակայութեան տեղի ունեցած ահաւոր աղէտը ամէն ինչ տակնուվրայ ըրած էր։ Ընկերներէն շատեր ձերբակալուած էին, շատերն ալ յուսալքուած, այլեւս չէին ուզեր որեւէ կապ ունենալ յեղափոխութեան եւ յեղափոխականներու հետ։ Այդ պայմաններու մէջ դժուար էր ընտրութիւն մը ընել․ բայց վերջապէս պէտք էր տեղ մը թագնուիլ։ Լեւոնը մտածեց Վահանի մօտ երթալ։ Աչքի զարնող հին յեղափոխական ընկերներէն էր Վահանը, կատաղի հայրենասէր մը եւ յանդուգն տղամարդ մը։

Զգուշութեամբ շապիկը վրայէն հանեց, որ այլեւս պէտք չէր, ու պատի մօտ, ձիւնի տակ թաղեց զայն․ ատրճանակը պատրաստ բռնած՝ բարձրացաւ տեղէն ու Փաշի փողոցը մտաւ, որու պատերու տակէն քալելով՝ յաճախ կանգ կ՚առնէր, լսողութիւնը սրած։

Փաշի փողոցը կարծես ամայի լինէր․ ոչ միայն անցորդ մը չէր երեւար, այլ փողոցը գերեզմանատան նման խաղաղ ու լուռ էր, նոյնիսկ տան ճրագները մարած էին, հակառակ, որ դեռ շատ կանուխ էր։ Այդ փողոցի ձախ կողմին վրայ կը բացուէին երկու նեղ փողոցներ, որոնք քիչ երկննալէ վերջ՝ իրարու միացած կը հասնէին մինչեւ Արարուց հրապարակը։ Լեւոնը հազիւ երկրորդ փողոցի առջեւէն անցած՝ յանկարծ լսեց Միրաւի Չատրի կողմէն, կարծրացած ձիւնի վրայ, բազմաթիւ քայլերու հանած ճզրտոցը։ Կանգ առաւ։ Առանց շփոթելու, ինքզինք նետեց այգիի մը ցած պատի ետեւը ու շունչը բռնած սպասեց: Չէր սխալած։ Գիշերային տէվրիյէ (պահակագունդ) մ’էր անցնողը։

Դէմքը պատի ճեղքուածքին սեղմած՝ Լեւոնը ուշադրութեամբ կը դիտէր։ Ոտքի ձայները մօտեցան։ Ոստիկան մը առջեւէն կը քալէր։ Զինուորները իրարմէ հնգական քայլ հեռաւորութեամբ, ձգուած շղթայի նման, կը հետեւէին իրենց առաջնորդին, առանց ձայն ձուն հանելու։ Ինչ որ սակայն սաստիկ զարմացուց Լեւոնը, այդ՝ վերջապահ զինուորն էր, որ բաւական մը հեռուէն կը հետեւէր պահակագունդին, ուսին երկար սանդուխ մը շալկած։ Ինչո՞ւ համար էր այդ սանդուխը։ Լեւոնը մտքին մէջ այդ հանելուկը լուծել կ՚աշխատէր, երբ տէվրիյէն քանի մը քայլ եւս առաջանալով՝ երկյարկանի տան մը առջեւ կանգ առաւ։ Լեւոնն ու ընկերները բազմաթիւ անդամներ այդ տունը գիշերած էին:

Առաջնորդող ոստիկանի ձեռքի շարժումին վրայ, սանդուխը տանող զինուորը մօտեցաւ, եւ ուսէն վար բերելով՝ սանդուխը կրթնցուց տան պատին։ Թեթեւաշարժ ոստիկանը արագօրէն բարձրացաւ եւ սկսաւ պատուհանէն ներս նայիլ։ Հազիւ աղօտ լոյսով մը լուսաւորուած էին պատուհանները։ Ոստիկանը, որքան որ հնարաւոր էր, զգուշութեամբ ու առանց աղմուկի վար իջնելով՝ քովի ընկերոջը ըսաւ․

Կիտէլի՛մ, պիր շէյ եօք (երթանք, բան չկայ)։

Ոստիկանը առաջ իյնալով՝ ծանրաքայլ հեռացաւ, զինուորներն ալ ետեւէն։ Կամաց կամաց ոտքերու հանած աղմուկը մեռաւ, եւ Փաշի փողոցը ստացաւ նախկին մեռան վիճակը։ Լեւոնը ապահով լինելու համար քանի մը րոպէ եւս սպասեց ու ապա, ուշադրութեամբ չորս բոլորը խուզարկելէ վերջ, պատի վրայէն ցատկեց փողոց։

Հիմա արդէն աւելի զգուշութեամբ սկսաւ քալել։ Փաշի փողոցի ծայրը հասնելով, անկիւնի պատին կրթնեցաւ եւ հայեացքը խաւարի մէջ մխրճեց։ Միրաւի Չատրը ամայի էր։ Արագօրէն կտրեց այդ փոքր հրապարակը ու դիմեց դէպի Չախկլ Պէնտ կոչուած թաղը, որտեղէն քանի մը փողոցներ կը բացուէին դէպի Այգեստանի ներքին մասերը: Ապահովուած որ ճամբան բաց է, արագ քայլերով մօտեցաւ Չախկլ Պէնտին։ Կը պատրաստուէր ձախ դառնալով մտնալ Չաղլի փողոցը, բայց դեռ անկիւնը չդարձած, տեսաւ նոր տէվրիյէ մը, որ ուղիղ դէպի իր կողմը կուգար։ Եկողները հազիւ քսան քայլ հեռաւորութիւն մը ունենային։

Լեւոնը ժամանակ չունէր ետ դառնալու։ Փողոցի երկու կողմերն ալ շարքով տներ էին։ Անկիւնի տունը միայարկ խեղճ տնակ մ’էր, հազիւ մարդահասակէ բարձր տանիքով: Ատրճանակը ատամներով խածած՝ վարժ մարզիկի արագութեամբ տանիքի եզրէն կախուած՝ ջլապինդ թեւերու արտակարգ ուժով իրանը մինչեւ կէս մէջքը վեր բարձրացուց եւ անշարժ երկնցաւ տանիքի վրայ։

Տէվրիյէն քանի մը րոպէ կանգ առաւ անկիւնի մօտ եւ հանդարտ քալուածքով մը հեռացաւ։

Կէս ժամուան ընթացքին երկու տէվրիյէի հանդիպելու պարագան Լեւոնին լրջօրէն մտածել տուաւ։ Պարզ էր, որ կառավարութիւնը Այգեստանի հայկական մասը զինուորական խիստ հսկողութեան տակ առած էր։ Բարեբախտաբար, երբ կառավարութիւնը փողոցները կը հսկէր, Այգեստանի ընդարձակ այգիները ազատ կը մնային: Լեւոնը որոշեց այլեւս խուսափիլ փողոցներէն, այգիներով երթալ, մանաւանդ որ քաջածանօթ էր անոնց ծակ ու ծուկին։ Շատ շատ, երբեմն միայն այգիէ մը փողոց դուրս պիտի գար՝ ուրիշ այգի մը մտնելու համար։

Բոլորովին ապահովուած, որ տէվրիյէն հեռացած է, վար ցատկեց տանիքէն, վազելով անցաւ Չաղլի փողոցով դէպի վար։ Աջ կողմի վրայ այգիի մը փայտէ փականքը քաշեց, ընդարձակ այգի մը մտաւ, դուռը ետեւէն գոցելով։ Հին օրերուն այդ այգիով շատ անգամներ անցած էր։ Սեփական տանը մէջ եղողի մը նման, վստահութեամբ սառած առուի թումբի վրայէն սկսաւ քալել։ Գիտէր թէ ուր կ՚երթար։ Մտերիմ ջերմութիւն մը զգաց հոգիին մէջ ու կսկծագին ցաւ մը՝ վերյիշելով անցեալ օրերը, երբ ընկերներով միասին կ՚անցնէր այդ տեղերէն: Իսկ հիմա՞… ո՞րտեղ էին իր անձնուէր ընկերները: Ո՞ւր էր Վահէն, Գարեգինը, ո՞ւր Կայծակը, սեւ գռուզ մազերով այն կորովի երիտասարդը, որ դեռ քանի մը օր առաջ սպաննուած էր Այգեստանի մէջ…

Շարքով տնկուած բարտիներու ստուերներով պաշտպանուած՝ Լեւոնը այգիէ այգի անցնելով հասաւ բարձր պատերով շրջապատուած այգի մը։ Սողալով անցաւ այգիի ջրի դռնէն։ Այգիի երկու կողմերը կը բարձրանային կերոններու նման տնկուած բարտիի կրկնակ շարքերը։ Այգիի վարի ծայրը կ’երեւէր ընդարձակ տուն մը Վահանի տունն էր այդ։ Լեւոնը մօտեցաւ տան այգիի դրանը, ու փորձեց հրելով բանալ: Դուռը ներսէն պինդ գոցուած էր։ Բակի պատերը բարձր էին, մագլցելով բարձրանալը անկարելի։ Լեւոնը կռանալով ափ մը ձիւն վերցուց եւ նետեց պատուհանի ապակիներուն։ Քիչ անցած՝ պատուհանը կամաց մը բացուեցաւ ու նախ՝ կանացի ու ապա՝ տղամարդու գլուխ մը կախուեցան պատուհանէն դուրս։

Էդ վո՞վ ի, լսուեցաւ անհամարձակ կանացի ձայն մը:

Ես եմ, Լեւոնը, Վահան, շուտ դուռը բաց…

Ո՞վ ես, այս անգամ առնական ձայն մը լսուեցաւ վերէն, որ կ’երեւի կամ լաւ չէր լսած Լեւոնի խօսքերը եւ կամ վստահ չէր լսածին։

Ես եմ, Լեւոնը։

Զոյգ գլուխները անմիջապէս ներս քաշուեցան, պատուհանը գոցուեցաւ։ Լեւոնը անհամբեր սպասեց դրան բացուելուն։ Ահա, հիմա բակի մէջ կը լսուին ոտքի ձայներ, դրան սողնակը կը շարժի, ու Վահանը գրկաբաց կ’ընդունի զինք։ Անցաւ հինգ րոպէ, տասը րոպէ։ Տունը խաղաղ էր ու անձայն՝ որպէս ամայի ճամբու վրայ ինկած աւերակ մը։ Լեւոնի սիրտը կսկծալով մղկտաց։ Հին, լաւ ընկերը երես կը դարձնէր, չէր ուզեր ապաստան տալ երէկուան գաղափարակից ընկերոջը։ Լեւոնը գլուխը կախ, անդամալոյծի նման չէր կրնար տեղէն շարժիլ։ Կէս ժամէ աւելի մնաց դրան առջեւ, որ չէր բացուեր, որ պիտի չբացուէր այլեւս։

Վերջապէս Լեւոնը ինքզինք թափահարելով, կարծես կոշմար երազէ մը արթննալու համար, դանղաղօրէն հեռացաւ ու նորէն ջրի դռնէն սողալով անցաւ յաջորդ այգին։ Մէջքը տուած բարտիի մը բունին՝ նստաւ, առանց զգալու սարսափելի ցուրտը, որ մինչեւ ոսկորները թափանցած էր։ Այդ րոպէին Լեւոնը հազիւ թէ կը մտածէր իր վտանգաւոր կացութեան մասին․ զինք սաստիկ ընկճողը Վահաներու հոգեփոխութիւնն էր, այն համատարած բարոյալքումը, որ նոյնիսկ ազդած էր Վահանի նման վաստակաւոր ընկերոջ վրայ։

Երկար նստած մնաց Լեւոնը, անտրամադիր տեղէն շարժելու։ Երբ բարձրացաւ տեղէն, կէս գիշերը վաղուց անցած էր։ Անցաւ յաջորդ այգին, որ Աղւըսաձոր փողոցի վրայ կը գտնուէր։ Լեւոնը մօտեցաւ այգին փողոցէն զատող պատին, բարձրացաւ վրան, եւ ուշադրութեամբ հայեացքը պտըտցուց փողոցի երկարութեամբ։ Փողոցը ամայի էր։ Ցատկեց վար, լայնքէն կտրեց փողոցը ու բարձրանալով հակառակ կողմի պատին վրայ՝ ինքզինք նետեց այգիի մը մէջ։

Այգեստանի բոլոր թաղամասերու նման, այդ շրջանն ալ, ուր կը գտնուէր Լեւոնը, բազմաթիւ այգիներով խճողուած ընդարձակ տարածութիւն մ’էր, միայն փողոցներու կողմէն եզերուած տներով։ Ընդհանրապէս, Այգեստանի տները նկարի մը շրջանակին նման կը շրջափակէին լայնածաւալ այգիները, որոնք իրարմէ զատուած էին հողէ պատերով։ Այնպէս որ, մէկը կրնար Այգեստանի մէկ ծայրէն միւսը երթալ՝ այգիէ այգի անցնելով հազիւ երկու երեք փողոց լայնքէն կտրելու ստիպուած։

Այգեստանի այս բացառիկ կազմութիւնը, տասնեակ տարիներէ ի վեր, գլխաւոր ազդակը դարձած էր յեղափոխական գործունէութեան, հեշտացնելով անոնց կեդրոնացումը Այգեստանի մէջ, հակառակ կառավարութեան ձեռք առած բոլոր միջոցներուն։

Այդ շրջանին մէջ բազմաթիւ տեղեր կային՝ Լեւոնին ծանօթ: Շատ անգամներ ընկերներով հիւրասիրուած էր այդ ընտանիքներու մօտ․ նեղ օրերուն՝ անոնց տները ապաստանած։ Վահանի անկարեկիր ընդունելութենէն վերջ, Լեւոնը սիրտ չէր ըներ մօտենալու այդ տներէն ե՛ւ ոչ մէկուն։

Ծանր ծանր կը քալէր, երբեմն կանգ, առնելով բարտիի մը բունին մօտ, կամ կրթնելով պատի մը։ Հոգին փոթորկուած էր: Կը մտածէր ժողովուրդի հոգեկան լքումի մասին։ Այդ բարոյալքումը, ինչպէս կ’երեւէր, համատարած բնաւորութիւն մը ստացեր էր։ Մօտեցեր էր ջրի դրան մը, որ երկու պատկից այգիներ իրարու միացնելու համար կը բացուի, կռացած կ’ուզէր անցնիլ ջրի դռնով, երբ յիշեց, որ այդ տեղին մօտ կը գտնուէր Կեդրոնականի բարձր դասարանի աշակերտներէն Զաւէնի տունը։

Լեւոնը ետ դարձաւ, մօտեցաւ այգիի ծայրը գտնուող տան բակի դրանը: Դուռը թխկացուց, մէկ անգամ երկու անգամ։ Թէկուզ ոչինչ կը տեսնես, ոչինչ կը լսես, բայց զարմանալի զգայնութեամբ՝ կը զգաս, երբ տան մը ներսը քունը կը խանգարի, երբ տան մէջ քնած կեանքը շարժում կը ստանայ։

Բակի մէջ թեթեւ ոտնաձայն մը լսուեցաւ:

Էն վո՞վ ի, դրան ետեւէն լսուեցաւ տարէց կնոջ մը լալկան ձայնը։

Բաց, մարէ, Զաւէնը կ’ուզեմ տեսնել։

Զաւէ՞նը, քօռանամ ես․․. էս երեք շաբաթ կ’եղնի պալէս մաբուսն ի… դուն վո՞վ էս…

Լեւոնը առանց պատասխանելու հեռացաւ դրան քովէն ու վերադարձաւ նախկին տեղը, ջրի դռնակին մօտ։ Շուտով տեղ մը պէտք էր ճարել, թաքնուելու համար։ Լոյսը բացուելու շատ չէր մնացեր։ Դրան կուշտը կանգնած՝ միտք կ’ընէր Լեւոնը, երբ հեռաւոր փողոցի մէջէն անցնող ժամհարի կոչնակի ձայնը լսուեցաւ։ Լեւոնը ինքզինքը հաւաքեց։ Շուտով կը լուսնար։ Վճռական որոշում մը տուողի հաստատուն քայլերով անցաւ ջրի դռնէն, յաջորդ երկու այգիները արագութեամբ կտրեց, ու բարձր պատերով շրջապատուած այգիի մը պատը մագլցելով՝ այգին մտաւ։ Շատ ընդարձակ տուն մը կ՚երեւէր այգիի վարի կողմը։ Լեւոնի ընկերներէն Ջոջ Աղայի տունն էր այդ, որ յեղափոխական կտրիճ զինուորի համբաւ ունէր։

Լոյսը հետզհետէ կը բացուէր։

Լեւոնը առանց սպասելու, բարձրացաւ ծառի մը վրայ ու անկէ ցատկեց թոնրատան տանիքը։ Մնացածը հեշտ էր արդէն։ Իջաւ բակը։

Բակի մէկ կողմը թոնրատունն էր ու մառանը, միւս կողմը երկյարկանի տունը, որ, ինչպէս Վանի տներու մեծագոյն մասը, լայն խարիսխով ձգուած շատ ընդարձակ շինութիւն մ’էր։ Լեւոնը, թոնրատան մէջ ատեն մը սպասելէ վերջ, երբ մօտեցաւ տան դուռը բանալու, վերի յարկէն պառաւ կին մը, Ջոջ Աղայի մայրը, տքտքալով սանդուխքով բակը իջաւ։ Խեղճ պառաւը յանկարծ հոն կանգնած Լեւոնը տեսնելով՝ վախեցած կանգ առաւ.

Յիսուս Քրիստոս… դու վո՞վ իս…

Մայրիկ, չճանչցա՞ր… Լեւոնն եմ… Ջոջ Աղան տո՞ւնն է։

Լեւո՞նը․․. Պարոն Լեւո՞ նը, ու պառաւի սարսափած դէմքի վրայ անհուն տառապանք մը նկարուեցաւ: Խեղճ կնոջ ձեռքերն ու շրթունքները սկսան սաստիկ դողալ:

Հա՛, մայրիկ, Լեւոնն եմ, բան չկայ՝ մի՛ վախնար.. Եկայ՝ Ջոջ Աղան…

Մարէ՛, էդ որո՞ւ հետ կը խօսիս, լսուեցաւ վերէն տղամարդու ձայն մը ու ծանր ոտնաձայն մը սանդուխին վրայ։

Ես եմ, Ջոջ Աղա. ․․ մէկ վար եկուր…

Պառաւը տան մուտքի առջեւ կանգնած՝ խեղճացած կը նայէր Լեւոնին, անկարող զգացած յուզումը զսպելու։ Շրթները անձայն կը շարժէին, կարծես կ’աղօթէր։

Այդ պահուն, Ջոջ Աղան վար իջաւ գիշերանոցով, ուսերուն նետած վերարկու մը, ու բակին մէջ դէմ յանդիման եկաւ Լեւոնի հետ։ Եթէ յանկարծ կայծակ մը զարնէր Ջոջ Աղայի ոտքերու տակ, հազիւ թէ այն ազդեցութիւնը ընէր՝ ինչ որ ըրաւ Լեւոնի ներկայութիւնը։ Կարծես շիկացած երկաթ մը լինէր Լեւոնը եւ, փոխանակ անոր պարզած ձեռքը թօթուելու, Ջոջ Աղան սարսափած մէկ երկու քայլ ընկրկեցաւ, անկարող Լեւոնի դէմքին նայելու: Բայց անմիջապէս ինքզինք գտնալով՝ ձեռքը պարզեց Լեւոնին՝ գունաթափուած դէմքին վրայ հազիւ նշմարելի ժպիտ մը ցուցնելով․

Ջոջ Աղա, չէի՞ր սպասեր, ժպտալով ընկերոջ ձեռքը սեղմեց Լեւոնը, այս գիշեր քաղաք հասայ… երկար պատմութիւն է… կարգին սառած եմ․․.

Հա՞, հըմ… լաւ ըրեր ես… վեր ելլենք. . ըհը՛մ, մարդ տեսա՞ւ հոս մտնելդ. ․․

Ոչ ոք, դեռ լուսցած չէր, երբ պատով իջայ ձեր բակը. ․․

Երկու ընկերները բարձրացան երկրորդ յարկը, մինչ Ջոջ Աղայի պառաւ մայրը կարծես բոլորովին ուժաթափ եղած, կրթնեցաւ դրան շրջանակին, նոյն սարսափի արտայայտութիւնը դեռ դէմքին վրայ, ինչ որ առաջին անգամ Լեւոնը տեսնելուն: Պառաւի աչքերը ապրած ցաւէն թրջեցան, զոյգ մը արցունք ակօսեց ճմրթկուած դէմքը, ու պաղատաւոր աչքերը երկինք բարձրացուց․․.

Զօրութեանդ մեռնիմ, Սբ․ Գէորգ… դուն իմ տան նամուս պահես, դուն իմ ճերմակ մազեր խնայես…

-----------

Ընդարձակ դահլիճ մ’էր այն սենեակը, ուր երկու ընկերները բարձրացան։ Բազմաթիւ պատուհաններ՝ ծածկուած ճերմակ վարագոյրներով, երկար սէտիր մը դահլիճի ամբողջ ճակատը բռնող։ Այդ ընդարձակ սենեակը ե՛ւ որպէս հիւրանոց ե՛ւ որպէս ննջարան կը գործածուէր տնեցիներուն կողմէ։ Սենեակի մէկ կողմը, քիւրսի մը դրուած էր, մեծ վերմակով մը ծածկուած․ շուրջը՝ բազմաթիւ մինտէրներ ու յենուելու բարձեր։

Ջոջ Աղան ու Լեւոնը քիւրսիի տակ նստան եւ ցած ձայնով շարունակեցին խօսիլ իրարու հետ, մինչ Ջ ոջ Աղայի երիտասարդ կինը նախաճաշը կը պատրաստէր։ Գլխի լաչակը մինչեւ քթի ծայրը բարձրացուցած՝ Ջոջ Աղայի կինը լուռ, կը սպասարկէր երկու ընկերներուն, թախիծով լեցուն հայեացքը երբեմն Լեւոնի վրայ նետելով: Երկու փոքր երեխաներ կը խաղային սենեակի մէջ, իսկ Ջոջ Աղայի քոյրը՝ Աշխէնը, Սանդխտեան վարժարանի բարձրագոյն դասարանի աշակերտուհի մը, առտու կանուխ դպրոց գնացած էր, առանց Լեւոնի իրենց տունը գտնուելու մասին իմացած լինելու։

Ջոջ Աղան, առջի բերան զգացած շփոթութենէն եւ սարսափէն ինքզինք գտած, մտերմօրէն կը խօսէր Լեւոնի հետ, կը պատմէր վերջի շաբաթներու անցուդարձերը, պահեստներու կառավարութեան ձեռք անցնիլը, դաւաճան Դաւիթի քաջագործութիւնները, ընկերներու ձերբակալուիլը, Կայծակի սպաննուիլը, քաղաքի մէջ ստեղծուած քաոսը: Ժամերով երկու ընկերները գլուխ գլխի տուած պատմեցին իրարու իրենց ապրած ծանր օրերու մասին։

Կէս օրէ վերջը, Ջոջ Աղան կարծես փուչի վրայ նստած լինէր։ Երկու անգամ բարձրացաւ տեղէն՝ դուրս ելլելու համար, բայց երկու անգամին ալ Լեւոնը, հակառակ գիշերային յոգնեցուցիչ ճամբորդութեանը, ստիպեց որ Ջոջ Աղան դեռ չհեռանալ, պատմէ քաղաքի անցուդարձերէն, բանտարկուած ընկերներէն։

Երեկոյեան կողմ, երբ Աշէխնը դպրոցէն վերադարձաւ, աղմուկով սենեակի դուռը բացաւ ու ներս մտաւ, կարծելով որ ներսը մարդ չկայ։ Երբ քիւրսիի տակ նստած Լեւոնը տեսաւ որ եղբօրը հետ նստած մտերմօրէն կը խօսէր, քարացածի նման սառած մնաց կանգնած տեղը, ու անութի տակէն գրքերը վար թափեցան։

Հը՞, աչքերը բարկութեամբ ոլորելով գոռաց Ջոջ Աղան, խենթեցա՞ր, աղջիկ, ի՞նչ փայտի նման տնկուեցար հոդ… դուրս կորսուէ սենեակէն…

Աշխէնը խոշոր խոշոր բացաւ աչքերը, որոնց մէջ անզսպելի սարսափի արտայայտութիւն մը դրոշմուած էր։ Գինովի նման երերալով՝ դուրս եկաւ սենեակէն, դուռը կիսաբաց ձգելով։

Ջոջ Աղայի յանկարծական բռնկումը թէեւ զարմացուց Լեւոնը, որ այդ տանը շատ անգամ եկած լինելով՝ տնեցւոց բոլորին ալ ծանօթ էր, բայց նկատողութիւն մը չըրաւ, այլ հանդարտօրէն շարունակեց խօսքը։ Ատեն մը վերջ, Ջոջ Աղան վճռական շարժումով քիւրսիի տակէն բարձրացաւ՝ խօսքը Լեւոնին ուղղելով․

Ես դուրս ելլեմ… մէկ պազարը ման գամ… տեսնեմ՝ ի՞նչ կայ չկայ… հիմա ամէն օր նորութիւն մը կը լսենք․․. Օ՜ֆ, դաւաճանի տունը քանդուի… դուն ալ յոգնած ես… պառկէ՛, հանգստացիր, մեր տունը բոլորովին ապահով է․ մութը չկոխած կը վերադառնամ. ․․

Իրա՛ւ, սաստիկ յոգնած եմ, մէկ երկու ժամ հանգստանամ, համաձայնեցաւ Լեւոնը ու քիւրսիի տակ երկննալով՝ գլուխը դրաւ բարձին, աչքերը գոցեց, ու անմիջապէս քնացաւ։

Ջոջ Աղան քանի մը րոպէ ալ մնաց Լեւոնի մօտ․ երբ վստահ որ Լեւոնը քնացաւ, զգուշութեամբ դուրս եկաւ սենեակէն, իջաւ տան բակը ու մտաւ թոնրատունը, ուր ծերունի մայրը, կինը եւ Աշխէնը թոնրատան կուշտը նստած էին։

Հը՞, նորէն չոռն ու ցա՞ւը դպեր է ձեզի, սրտնեղած բարկացաւ Ջոջ Աղան, նկատելով անոնց ցաւատանջ դէմքերը, ի՜նչ է նորէն քթերնիդ մռութնիդ կախեր էք… տունս սգաւորի տուն դարձուցիք, ձեր հէրն անիծած… Հա՛, դուն նորէն լացդ սկսա՞ր, ալ աւելի զայրացած՝ խօսքը մօրը ուղղելով գոռաց Ջոջ Աղան, բաւական է… բաւական է, կ՚ըսեմ ձեզի, զիս մի՛ խենթեցնէք… Դուրս կ՚երթամ… գործ ունիմ․․. վերը կը քնանայ. . սենեակը մի մտնաք… թողէք որ քնանայ. ․․

Ջոջ Աղա.. ես քէօ ոտք պաչեմ, ծերունի մայրը լալով փաթթուեցաւ զաւկի ոտքերուն, Ջոջ Աղա, ես քէօ ոտք պաչեմ..

Ալ հերիք է, մայրը մէկդի հրելով՝ Ջոջ Աղան մօտեցաւ թոնրատան դրանը եւ մատը սպառնագին ձեւով թափահարելով՝ դարձաւ քրոջը․- Աշխէն, որ բառ մը խօսեր ես, քու բերանդ կը պատռեմ, հասկցա՞ր, ու դուրս ելաւ՝ դուռը ետեւէն թխկացնելով։

Քիչ վերջ տան դրսի դրան գոցուելու ձայնը լսուեցաւ: Թոնրատան սահմռկած երեք կիները սարսափով իրարու նայեցան։ Պառաւը երեսը խաչակնքեց ու գլուխը բարձրացուց մեղմօրէն շրթունքները շարժելով։ Ջոջ Աղայի կինը ձեռքերով դէմքը ծածկեց եւ սկսաւ լուռ արտասուել։ Աշխէնը թոնրի կուշտը նստած՝ մէկ մօրը կը նայէր, մէկ հարսին, առանց տեղէն երերալու։ Աչքերը անորոշ արտայայտութիւն մը ստացած էին եւ, ինչպէս կ՚երեւէր, հոգեկան ահաւոր տառապանք մը կ՚ապրէր։

Թոնրատան մէջ ծանր լռութիւն մը տիրեց։ Ոչ ոք կ’ուզէր խանգարել լռութիւնը, որ սարսափելի ծանրութեամբ կը ճնշէր մտքերը, կը բզկտէր սրտերը։ Այնպիսի հոգեկան տառապանք մ’էր այդ, որ պառաւը այլեւս անկարող տոկալու՝ բան մը ըսած լինելու համար, քիթը վեր բաշեց ու դառնալով հարսին՝ ըսաւ․

Աղջի՛, ե՛լ, կերակուրը թոնիրի կուշտը դիր… որ տեղ որ է՝ տուն կուգայ, շուտով կը մթնի…

«Շուտով կը մթնի» մօր արտասանած այդ բառերը հրաշէկ երկաթի կտորի նման դիպաւ Աշխէնի ականջներուն։ «Շուտով կը մթնի». Աշխէնը գիտէր որ իրիկուան մթնով էր, որ Այգեստանը նոր կերպարանք մը կը ստանար, այնքա՜ն սարսափելի դէպքեր կը պատահէին, կառավարութեան ուժերը մութով եւ դաւաճաններով շրջապատուած կը շրջապատէին կասկածելի համարուած տները, նոր պահեստներ գտնալու, նոր ձերբակալութիւններ կատարելու համար։

Թոնրատան ծանր լռութեան մէջ մօրը արտասանած «շուտով կը մթնի» բառերը կարծես թէ նոր իմաստ մը ստացան Աշխէնի մտքին մէջ, ու այդ բառերը զարմանալի հնչականութեամբ եւ ուժով կը ծեծէին աղջկան լսողութիւնը, կը փոթորկէին միտքն ու հոգին։ Աշխէնին կը թուէր, թէ այդ բառերը կարծր նիւթի մը նման, կը սաւառնէին օդի մէջ, ու ինք կը զարմանար, որ մայրն ու հարսն ալ իրեն նման այդ անտանելի ծանրութեան տակ չէին ճնշուեր։ Պառաւը գլուխը կախած՝ կ’աղօթէր, իսկ Ջոջ Աղայի կինը հազիւ պոռթկացող հեկեկանքը խեղդելով՝ կ՚արտասուէր։

Աշխէնը յանկարծ ոտքի ցատկեց եւ հաստատուն քայլերով ուղղուեցաւ դէպի թոնրատան դուռը:

Աշխէ՛ն, ո՞ւր կ’երթաս, սարսափահար եղած հարցուց մայրը, աղջի, որ եղբայրդ լսէ․․.

Հարսը բարձրաձայն հեկեկալ սկսաւ, պառաւը մեղաւորի նման գլուխը կախեց, մինչ Աշխէնը առանց պատասխանելու՝ ուսերը թօթուեց, դուրս եկաւ բակը, բարձրացաւ մօրը սենեակը, որ իր սենեակն ալ էր միաժամանակ, հապճեպով երկտող մը գրեց ու տոմսակը ձեռքին դուրս եկաւ սենեակէն ու մօտեցաւ դահլիճի դրանը: Առանց վարանելու՝ Աշխէնը զգուշութեամբ բացաւ դահլիճի դուռը ու ներս մտաւ։ Լեւոնը քիւրսիի տակ երկրնցած անխռով կը քնանար։ Աշխէնը պահ մը շունչը բռնած՝ կանգնեցաւ քնացողի գլխուն վրայ, նայեցաւ Լեւոնի անդորր դէմքին։ Աղջկան դէմքը յուզումէն կծկուեցաւ, ու աչքերը արցունքով լեցուեցան։ Վար ծռեցաւ, ու գրած տոմսակը գնդասեղով մը ամրացուց քիւրսիի վերմակին վրայ այնպիսի դիրքով մը, որ Լեւոնը արթննալուն՝ չէր կրնար չտեսնել։ Ոտքի մատներուն վրայ քալելով՝ մօտեցաւ պահարանին, պղինձէ մեծ ափսէն վերցուց եւ ամբողջ ուժով զարկաւ յատակին։ Ափսէի շառաչիւնով անկումը ընդոստ արթնցուց քնած Լեւոնը, մինչ Աշխէնը արագօրէն սենեակէն դուրս փախաւ։

Դեռ քունը գլուխը՝ Լեւոնը պառկած տեղէն շտկուելով՝ չէր կրնար ինքնիրեն հաշիւ տալ եղածի մասին։ Ինչո՞ւ Աշխէնը դուրս փախաւ, այն ի՞նչ օտարոտի ձայն էր լսածը։ Յանկարծ աչքը ինկաւ վերմակին գնդասեղուած տոմսակի վրայ։ Այդքանը բաւական էր, որ Լեւոնի մէջ զարթնէր դաւադիր յեղափոխականը: Բնազդօրէն ձեռքը կողքին գնաց եւ շօշափեց ատրճանակը։ Տոմսակը վերցնելն ու ոտքի ցատկելով պատուհանին մօտենալը մէկ եղաւ։ Դուրսը սկսած էր մթնիլ: Թէեւ դժուարութեամբ, բայց կրցաւ կարդալ։

«Ջոջ Աղան դաւաճան Դաւոյի գործակիցն է։ Փախիր։ Աստուած քեզ պահէ»։

Ստորագրութիւն չկար։

Լեւոնի առաջին բնազդական շարժումը եղաւ դէպի սենեակի դուռը խոյանալ, բայց անմիջապէս ինքզինք զսպեց ու մնաց կանգնած տեղը: Դէմքին վրայ անցողակի սառը ժպիտ մը խաղաց, յօնքերը կիտեց եւ, երկու րոպէի չափ մտածելէ վերջ, մօտեցաւ ու բացաւ այգիի վրայ նայող պատուհանը։ Գետնէն քսան եւ հինգ ոտք բարձրութիւն ունէր պատուհանը։ Բարեբախտաբար տանիքէն թափուած ձիւնը բարձր կոյտ մը կազմած էր պատուհանի տակ։ Լեւոնը վար ցատկեց ձիւնի կոյտի վրայ։ Թէեւ ոտքը սահեցաւ ու ամբողջ հասակով գետին փռուեցաւ, բայց անմիջապէս ոտքի ցատկելով՝ ձեռքէն թռած ատրճանակը վերցուց ու բարտիներու քովէն վազելով անյայտացաւ խաւարի մէջ։

-------------

Այդ գիշեր ուշ ատեն, Սուրբ Խաչ վանքը անակնկալ կերպով պաշարուեցաւ բազմաթիւ զինուորներով։

Առիւծ Գեւօն ու Թոփալ Սատանան նոր երկնցած էին քնանալու համար, երբ վանքի դարպասը դրսէն սկսան ծեծել։ Նշանն ու ընկերը աղմուկը լսելով՝ անմիջապէս վազեցին դէպի մարագը, որու դրան վրայ հանդիպեցան մեր երկու փախստականներուն, որոնք նոյնպէս դրսի աղմուկը լսելով՝ մարագէն դուրս եկած էին։ Նշանը ձեռքի շարժումով մը հասկցուց, որ իրեն հետեւին, մինչ ընկերը մօտեցաւ դարպասին, ու ժամանակ վաստկելու համար, առանց դուռը բանալու, ձայնեց.

Էն վո՞վ ի. ․․

Զահրումար, դուռը բաց, լսուեցաւ դրսէն խիստ ձայն մը, շո՛ւտ դուռը բաց…

Բանամ, բանա՛մ… բայց ախպեր, դու վո՞վ իս…

Ջոջ Աղան եմ.. դուռը…

Ո՞ր Ջոջ Աղան ես, է՞ն Ջոջ Աղան, որ Քաղաքամէջը դիւքան ունի…

Շուտ դուռը բաց, անհաւատի տղայ, լսուեցաւ մէկու մը հրամայելու վարժ ձայնը, որ թուրքերէն կը խօսէր, շուտ դուռը բաց, թէ չէ ոսկորներդ իրար կ’անցնեմ…

Ջոջ Աղա, էդ մարդ ի՞նչ կ’ըսէ, ես թրքեվար չեմ հասկնար… դուն է՞ն Ջոջ Աղան իս, որ․․.

Շան զաւակ, դուռը բաց, լսուեցաւ Ջոջ Աղայի բարկացած ձայնը, Հաճի Պէքիրի պին պաշին է հետինս… շուտ դուռը բաց…

Բացի, բացի… վեր իմ աչքիս, վեր իմ գլխիս տեղ ունէք… բա, որ ձեզ համար չբանամ․․. խազար բարով, էս անտէրը լէ թարսվավ, ետ չի դառնար… երկաթը ժանգոտած ի… Հը՛, հը բացուաւ…

Հօտաղը փայտէ ծանր սողնակը որպէս թէ դժուարութեամբ ետ քաշեց ու դրան մէկ փեղկը կռնակին վրայ բացաւ։ Դրան մէջ երեւցաւ մեր նախածանօթ Ջոջ Աղան թուրք զինուորականի մը հետ։ Երկուքն ալ ատրճանակները պատրաստ բռնած՝ դրան մէջ կանգ առին:

Վանքին մէջ դրսէն մարդ կա՞յ, հօտաղին ապտակ մը իջեցնելով՝ հարցուց Ջոջ Աղան, շան զաւակ, ադ որքա՞ն առաւ դուռ մը բանալդ. ․․

Վա՜յ, ամմա՛ն… չէ՛, վալլահ, դրսէն մարդ չկայ… էնա ժամ պատարագ…

Ջոջ Աղան զգուշութեամբ չորս դին պրպտելով՝ հազարապետին հետ ներս մտաւ դարպասէն տասնեակ մը հետեւորդներով, մինչ զինուորներու բազմութիւնը դուրսը մնաց, հեռուէն հեռու շրջապատելով վանքը:

Ջոջ Աղան եւ զօրքի հրամանատարը շիտակ վանահօր սենեակը բարձրացան։ Նշանը, Առիւծ Գեւօն եւ Թոփալ Սատանան եկեղեցիի պահարանի մէջ թագցնելէ վերջ, վանահօր սենեակը բարձրացած եւ լուր տուած էր անոր զօրքի անակնկալ այցելութեան մասին։ Վանահայրը, 93 տարեկան պատկառելի ծերունի մ’էր, համբաւուած՝ որպէս արդար եւ ճշմարտախօս սուրբ մարդ մը։ Հայ ժողովուրդի նման թուրքերն ու մինչեւ իսկ կառավարական բարձր պաշտօնեաները շատ մեծ յարգանք ունէին անոր հանդէպ։

Հրամանատարի հետ ներս մտնող զինուորները, մինչ իրենց մեծը Ջոջ Աղայի ընկերակցութեամբ հարցուփորձի կ’ենթարկէր վանահայրը, ի զուր ամբողջ վանքն տակնուվրայ ըրին, ֆետայիներու հետքը գտնելու համար։ Վանահօր հաստատական խօսքն ալ, որ վանքին մէջ ո՛չ ֆետայի կայ եւ ո՛չ ալ եկած են, կրցան համոզել հազարապետն ու Ջոջ Աղան, մանաւանդ վերջինը, որ Լեւոնէն լսած էր Առիւծ Գեւոյի եւ Թոփալ Սատանայի Վանքը գտնուելնուն մասին։

Վանահօր սենեակէն վար իջնալով Ջոջ Աղայի առաջնորդութեամբ նորէն վանքի քունչ ու պուջախը տակնուվրայ ըրին։ Վանքի ծառայողները հաւաքեցին թոնրատան մէջ։ Խեղճ կիները, որոնք բանէ մ’ալ լուր չունէին, ի զուր երդում պատառ եղան, որ վանքին մէջ սովորաբար ծառայողներէն զատ օտար մարդիկ չեն եկած։ Ի հարկէ, անոնց խօսքին չհաւատացին, մանաւանդ Ջոջ Աղան, որ հրամայեց զինուորներուն նորէն ամէն անկիւն մտնալ, ուշադրութեամբ քննել, հետք մը գտնալու համար: Երբ ամէն փնտռտուք ի դերեւ ելաւ, Ջոջ Աղան, կատաղութենէն ինքնիրմէ ելած, մտրակով սկսաւ ծեծել կիներն ու երկու հօտաղները, որոնք շարունակ միեւնոյն խօսքը կը կրկնէին․ «Վանքին մէջ դրսէն մարդ չկայ, եւ ոչ ալ եկած է»։

Ջոջ Աղան մասնաւորաբար այնքան ծեծեց Նշանը, որ խեղճ երիտասարդը, զգայազիրկ վիճակի մէջ գետին փռուեցաւ։ Թուրք հրամանատարը բոլորովին համոզուեցաւ, որ Ջոջ Աղայի տուած տեղեկութիւնը սխալ է, սաստիկ բարկացաւ ու հրամայեց օգնական սպային, որ զօրքը հաւաքէ ու անմիջապէս ճամբայ ելլէ։

Ջոջ Աղա, մատը թափահարելով սպառնաց հրամանատարը, մէկ օրուան մէջ երկու անգամ խայտառակեցիր մեզ, վախնամ՝ վրադ ծանր պիտի նստի այս խաբեբայութիւնդ։

Աման, պէյ էֆէնտիս, ի՜նչ բաներ կ՚ըսէք․ Աստուծոյ անունով կ՚երդնում, որ Լեւոնը ամբողջ ցերեկը իմ տանս մէջն էր։ Հոս գտնուող ֆետայիներու մասին ալ իրմէն լսեցի…

Հապա ո՞ւր են, դէ՛, գտիր տեսնամ, բարկութենէն շառագունեցաւ հրամանատարը, պօշ խօսք չուզեր. այդ մարդիկը յարդի շիւղ ալ լինէին, նորէն կը գտնէինք… Այս խայտառակութեան պատասխանատուն դուն ես. տեսնենք Ֆերիք փաշան ի՞նչ պիտի ըսէ…

Ջոջ Աղան գլուխը կախած՝ հետեւեցաւ հրամանատարին, արդարացումի բառ մ’իսկ չկրնալով գտնել, մինչ անողոք հրամանատարը շարունակեց․

Շիտակը կ’ուզե՞ս, ես չեմ հաւատար, որ Լեւոն էֆէնտին ձեր տունը եղած լինի…

Պէյ էֆէնտի, բարկութենէն խեղդուած ձայնով բողոքեց Ջոջ Աղան։

Շատ խօսք չ’ուզեր, խստօրէն ընդմիջեց զայն հրամանատարը, եթէ Լեւոն էֆէնտին ձեր տանն էր, կողք կողքի նստած էք եղեր քիւրսիի տակ, անոր կուրծքին ատրճանակ մը սեղմելը քեզի պէս ցած մարդու մը համար շատ ալ մեծ բան մը լինելու չէր… Չէ՞ որ Լեւոն էֆէնտին քու նախկին ընկերն է, այնքա՜ն մեծ վստահութեամբ քու տունը եկած էր, ու հրամանատարը զզուանքով՝ Ջոջ Աղան ոտքէն գլուխը չափչփելով՝ գլուխը անդին դարձուց եւ զօրքի հետ միասին առաջ ինկաւ։

Ջոջ Աղան կատաղութենէն ատամները կճրտացնելով՝ հետեւեցաւ շարքով անցնող զօրքին։ Եթէ միայն ժամանակին մտածած լինէր, հիմա Լեւոնը չուած էր անդիի աշխարհը, իր գրպանն ալ ծանրացած հազար հատ հնչիւն ոսկիով, որ կառավարութեան կողմէ նշանակուած էր։

Բախտը մէկ անգամ ոտքս եկաւ, ատամներու արանքէն սուլեց Ջոջ Աղան, աւանակի նման ձեռքէս փախցուցի…

----------

Լեւոնը հազիւ Ջոջ Աղայենց այգիի պատը մագլցելով՝ յաջորդ այգին մտած էր, երբ հեռուէն նկատեց անորոշ ստուերներ, որոնք կողքի այգիէն դէպի իր կողմը կը շարժէին։ Ուրիշ ճար չկար, պէտք էր կերպով մը ծածկուիլ։ Սողալով մօտեցաւ ու ինքզինք նետեց երկու որթատունկերու թումբերու արանքը։

Ինչպէս նախօրօք ըսինք, Ջոջ Աղայենց այգին ընդարձակ տարածութիւն մը բռնած էր, բարձր պատերով շրջապատուած։ Երբ առաջին անգամ տեսած ստուերները, որոնք մարդկային ձեւ ստացած էին, Լեւոնի մօտէն անցնելով Ջոջ Աղայենց այգիի պատի մօտ դիրք բռնեցին, Լեւոնը նոր նկատեց, որ զանազան ուղղութիւններով եկած զինուորներ ամէն կողմերէ շրջապատած էին այգին։ Թէեւ Լեւոնը այդ շրջանակէն դուրս էր, բայց այնքան մօտ կը գտնուէր զինուորական շղթային, որ պառկած տեղէն չէր կրնար ազատօրէն շարժիլ։

Երեսն ի վար պառկած ձիւնի վրայ, առանց իր պաղարիւնը կորսնցնելու, ան կը մտածէր այդ վտանգաւոր տեղէն հեռանալու մասին: Պարզ էր, որ Ջոջ Աղայի տան խուզարկութիւնը երեւան պիտի բերէր իր փախուստը։ Բնականաբար, շրջակայ այգիներն ու տները պիտի ենթարկուէին մանրակրկիտ խուզարկութեան մը։ Այդ պայմաններու մէջ, լաւագոյն թագստոցը կրնար լինել հեռաւոր թաղ մը, Այգեստանի հակառակ կողմը։ Պետք էր ուրեմն, շատ շուտով հեռանալ, քանի դեռ իր փախուստը չէր յայտնուած։ Բայց ինչպէ՞ս։

Տատամսելու ժամանակ չէր․ հարկաւոր էր վճռական որոշում մը տալ։ Ամէն վտանգ աչք առած՝ Լեւոնը փորսող տալով սկսաւ առաջ շարժուիլ։ Բայց այնքան զգուշութեամբ եւ կամաց կ’առաջանար, որ երբ թումբի ծայրը հասաւ, հազիւ քսան քայլ տարածութիւն մը կտրած էր։ Եթէ այդպէս շարունակելու լինէր, երկար ժամանակ պիտի առնէր մինչեւ դիմացի պատը հասնելը. մինչ ամէն վայրկեան իր փախուստը կրնար յայտնուիլ։

Լեւոնը պառկած տեղէն գլուխը բարձրացուց եւ առջին փռուած տարածութիւնը ուշադրութեամբ աչքէ անցուց։ Այգիի կէսը հասած էր, բայց յաջորդ այգին, որու պատը բոլորովին քանդուած էր, ինչ որ սովորական երեւոյթ մ՚էր, աւելի ընդարձակ՝ գրեթէ շարունակութիւնը կը կազմէր իր գտնուած այգիին։ Եթէ միայն կարողանար հասնիլ մինչեւ հեռաւոր պատը, անկէ անդին հետքը կորցնելը հեշտ կը լինէր։ Պէտք էր փորձել։ Լեւոնը ծնկուըներուն վրայ բարձրացաւ, մրցումի համար վազողներու ձեւը ստանալով, ու յանկարծ վեր ցատկելով սաստիկ արագութեամբ սկսաւ վազել, առանց ուշադրութիւն դարձնելու, որթատունկերու ձիւնէն դուրս ինկած ճիւղերուն, որոնք դէմքն ու ձեռքերը կը մտրակէին։

Քաչար, օլան, թութըն (փախաւ, ծօ՛, բռնեցէք), ձայն ձայնի տուին զինուորները, որոնք յանկարծակիի եկան, երբ ձիւնի վրայէն խելագարի նման փախչող ստուերը տեսան։

Առանց գիտնալու, թէ փախչողը Լեւոնը կրնայ լինիլ, որ իրենց կարծիքով Ջոջ Աղայի տան մէջ պաշարուած էր, զինուորներէն տասնեակ մը, երիտասարդ սպայի մը առաջնորդութեամբ, սկսան հետապնդել փախստականը, մինչ քանի մը զինուորներ ծունկերնին գետին դրած՝ իրարու ետեւէ կրակեցին փախստականի ուղղութեամբ:

Այգիէ այգի հետապնդուելով, Լեւոնը հասաւ տներու երկար շարքին մօտ, որոնք Նորաշէն փողոցը կը զատէին այգիներէն։ Ետ դառնալ չէր կրնար, իսկ փողոց ելլել՝ առանց այդ տներէն մէկը մտնալու նոյնպէս չէր կրնար։ Առաջին հանդիպած տան այգիի դուռը փորձեց բանալ։ Դուռը պինդ գոցուած էր ներսէն, երկրորդ տան դուռը՝ նոյնպէս։ Զինք հալածողներու հայհույները մօտէն կը լսուէին։

Առաջին անգամ լինելով՝ ծանր թախիծ մը, յուսալքում մը պատեց Լեւոնի հոգին, անտառի երէի նման հալածական, բոլորովին մինակ զգաց, ատրճանակը պինդ սեղմեց ափին մէջ եւ գլուխը բարձրացուցած՝ նայեցաւ տներու շարքին, որոնք պարիսպի նման ճամբան գոցած էին։

Կեցած տեղէն երկու տուն վար, երկյարկանի տներու շարքին մէջ, միայարկ խեղճուկ տուն մը կար։ Այդ տան տեսքը նոր յոյսով լեցուց Լեւոնի սիրտը, նոր կորով ու աշխոյժ տուաւ անոր յոգնած մարմնին։ Լեւոնը դէպի այդ տունը սկսաւ վազել։ Յանկարծ բարտիներու շարքի մը ետեւէն՝ դուրս նետուեցան երեք զինուորներ, որոնք զինք հալածող զինուորներէն էին եւ փախստականը երկու կողմէն պաշարելու մտադրութեամբ այգիի միւս կողմէն անոր ճամբան կտրած՝ ծառերու ետին պահուած էին: Զինուորներէն մէկը, որ հազիւ վեց եօթը քայլ հեռու էր Լեւոնէն, սուինաւոր հրացանը հորիզոնական դիրքով բռնած՝ պոռաց.

Թեսլիմ օլ, թեսլիմ (անձնատուր եղիր, անձնատուր)։

Առանց վազելը դադրեցնելու, Լեւոնը ատրճանակը բարձրացնելով կրակեց։ Զինուորը սարսափելի աղաղակ մը արձակելով փռուեցաւ գետին, հաւի ճուտի նման թփրտալով, մինչ ընկերները առանց ետ նայելու փախան։ Լեւոնը վազելով հասաւ ցած կտուրով տանը, կապիկի դիւրութեամբ եւ արագութեամբ մագլցելով, բարձրացաւ տանիքի վրայ։ Մէկէն բազմաթիւ հրացաններու որոտը լսուեցաւ, ու քանի մը գնդակներ վզզալով անցան Լեւոնի քովէն։

Այգեստանի մէջ ապրած երեք տարիներու ընթացքին, Լեւոնը վարժուած էր պատերը մագլցիլ, ինչ որ ամէն յեղափոխական քիչ թէ շատ յաջողութեամբ կրնար ընել։ Սակայն, իր ընկերներէն ոչ ոք կրնար գերազանցել Լեւոնը, որ արտակարգ ուժի հետ զարմանալիօրէն ճկուն մարմին ունէր ու արագ շարժուձեւ։

Լեւոնի տանիք բարձրանալը ու փողոց ցատկելը մէկ եղաւ։ Նորաշէն փողոցի մէջ էր։ Մինչեւ որ զինքը հետապնդողները փողոց ելլէին, առնուազն քանի մը րոպէ պիտի առնէր։ Լեւոնը անմիջապէս սկսաւ վազել փողոցով դէպի վեր, դէպի Նորաշէնի եկեղեցիի կողմը։ Ձախ թեւին վրայ կը բացուէր Պուռնազի նեղ փողոցը։ Հոն հասնելուն՝ վազքը դադրեցուց։ Պուռնազի փողոցի վերէն, պահակախումբ մը, հրացաններու ձայները լսած, դէպի Նորաշէնի փողոցը կը վազէր։ Լեւոնը՝ ինքզինք երկու փողոցներու անկիւնը նետելով՝ անմիջապէս սկսաւ կրակել պահակախումբի ուղղութեամբ, զանոնք շփոթեցնելու եւ անոնց վազքը կասեցնելու համար, ու առանց սպասելու նորէն առաջ նետուեցաւ Նորաշէն փողոցով։

Դեռ Սօսոյի փողոցը չհասած՝ Նորաշէնի վրայ, ձախ թեւի ուղղութեամբ, անել կարճ փողոց մը կը բացուի: Լեւոնը լաւ ուսումնասիրած էր այդ փողոցներու կազմութիւնը։ Գիտէր, որ եկեղեցին քիչ անցած՝ պահականոց մը կար․ ետեւի կողմէն պահակախումբը քանի մը րոպէ վերջ Նորաշէն ելլելով՝ երկու կրակի մէջ պիտի առնէին զինք։ Լեւոնը վճռեց անել փողոցը մտնել։

Շատ անգամ այդ տեղով ինք ու իր ընկերները անցած էին։ Փողոցի խորքը այգիի դուռ մը կար։ Լեւոնը այդ դրանը հասնելով՝ կռնակը կրթնցուց անոր, ու գերմարդկային ուժով սկսաւ հրել, ոտքերը պրկած, երկաթէ ձողերու նման։ Փայտէ փականքի լեզուակը, Լեւոնի ճնշումին չդիմանալով՝ կոտրուեցաւ եւ դուռը կռնակի վրայ բացուեցաւ։ Լեւոնը ներս ցատկեց ու անմիջապէս դուռը վրայ բերաւ։ Դրան արանքէն սկսաւ դիտել։ Պահակախումբը զգուշաւոր քալուածքով վեր կը բարձրանար Նորաշէն փողոցով։ Զինուորները պահ մը կանգ առին անել փողոցի առջեւ ու ապա շարունակեցին իրենց ճամբան։ Լեւոնը հանդարտ քալուածքով հեռացաւ դրան քովէն ու ինքզինքը գտաւ այգիներու նոր ցանցի մը մէջ։

Յաջորդաբար երկու այգի անցնելով՝ Լեւոնը հասաւ Թերլէմեզենց ընդարձակ այգին, որու կեդրոնը շինութիւն մը կար։ Տեղացիք քէօշկ անունը տուած էին այդ շինութեանը, թէեւ քէօշկի նմանութիւն չունէր։ Լեւոնը սաստիկ յոգնած՝ ծանր ծանր կը հեւար, ու հակառակ սաստիկ ցուրտին՝ արիւն քրտինք մտած էր։ Մէջքը կրթնցուց քէօշկի պատին ու նստաւ, քանի մը րոպէ հանգստանալու համար։

Սովորաբար խաղաղ Այգեստանը այդ իրիկուն արտակարգ կերպով կենդանացած էր: Հեռուէն հեռու կը լսուէին զինուորական շեփորներու ձայները, հատ ու կտոր հրացանի բոմբիւններ, որոնք հեռուէն կուգային: «Անշուշտ հիմա Այգեստանի ամբողջ փողոցները զինուորներով բռնուած են», մտածեց Լեւոնը, դէմքի քրտինքը սրբելով: Հիմա ո՞ւր պիտի երթար, ո՞վ տեղ կուտար իր նման վտանգաւոր փախստականի մը, որու գլուխը կառավարութեան կողմէ հազար ոսկիով գնահատուած էր։ Եթէ առաջ Լեւոնը յոյս մ’ունէր ընկերներու մօտ թագնուելու, Ջոջ Աղայի դաւաճանութենէն վերջ, այդ յոյսն ալ մեծապէս աղօտեցաւ: Իսկ զինուորներու այդ գիշերուան շարժումը, հրացաններու ձայները, անշուշտ փակած պիտի լինէին ամէն յոյսի դուռ, ամէն բարեացակամութիւն: Եթէ միայն կարողանար ինքզինքը կրկին Փաշի փողոցը նետել, այդ հեռաւոր ծայրամասը, ուր աղքատ ընտանիքներ, համեստ արհեստաւորներ կ’ապրէին, թագնուելու տեղ մը գտնալը անհնար չէր։ Բայց մինչեւ հոն հասնելու համար հարկաւոր էր եկած ճանապարհով անցնիլ, որ այլեւս անկարելիութիւն մ’էր։

Լեւոնը կրակած փամփուշտներու տեղ նորերով լեցուց ատրճանակը ու բարձրացաւ տեղէն։ Աւետիսեանի երկյարկանի տունը բռնած էր այգիի ամբողջ ճակատը։ Այդ կողմով դուրս չէր կրնար գալ: Անցաւ անոր առջեւէն ու անկէ երկու երեք տուն վարը գտնուող այգիի դուռ մը մեղմօրէն ծեծեց։

Կայծես թէ մէկը դրան ետեւ կը սպասէր։ Հազիւ թխկոցի արձագանգը տան մէջ մեռած՝ թոյլ ձայն մը լսուեցաւ դրան ետեւէն.

Էն վո՞վ ի…

Մարէ, դուռը բաց, փողոց պիտի ելլեմ:

Դուռը անմիջապէս բացուեցաւ, ու դրան մէջ երեւցաւ պառաւ կին մը, որ շոր մը նետած ուսերուն՝ մէկ կողմ քաշուեցաւ, Լեւոնին ճամբայ տալու համար։

Վա՜խ, քօռնամ ես… արի՛, արի թոնրատունը… ձեռք ու ոտքդ տաքցուր.. դուն վո՞վ իս. ․․

Լեւոնը չուզեց կամ չկրցաւ խաբել պառաւը, որ այնքա՜ն անձնուիրաբար իր տան դուռը բացեր էր փախստականի մը առջին։ Յայտնեց, որ ինք Լեւոնն է, որ անմիջապէս փողոցի միւս կողմը պիտի անցնի։

Վայ խազար բարով… Աստուած քէ քեօմիկ էղնի… արի, արի թոնրատունը.. շուն թուրքի օճախը քանդուի.. մեզ էս օրին ձգեց… արի տաքացիր. ․․ քէ մատաղ, դուրս մ՚ելլեր… հոս կեցիր… դուրսը տէվրիյէները…

Լեւոնը կանգնած բակի մէջտեղը, գլուխը կախած՝ կը լսէր պառաւի փսփսոցը։ Անհնարին յուզումով լեցուեցաւ սիրտը։ Խեղճ անկար կին մը սրտին հետ տունը կը բանար իր առջեւ։

Չէ մար է՛, սաստիկ զգածուած խօսեցաւ Լեւոնը, շատ շնորհակալ եմ, բայց ժամանակ չունիմ տաքնալու, մէկ դուռը բաց՝ փողոց ելլեմ…

Քօռնամ ես… զաւակս, դուրսը տէվրիյէ… մեղք ես… հոս կեցիր… Աստուծով. ․․

Լեւոնը, առանց պատասխանելու, պահ մը մտածեց։ Պէտք էր այդ շրջանէն հեռանալ, որքան որ հնարաւոր էր։ Գլուխը բացասաբար շարժեց ու մէկ երկու քայլ առաւ դէպի դուռը։ Պառաւը ճամբան կտրեց․

Որ պիտի երթաս… կեցիր մէկ ես դուռը բանամ… Դուն դուրս մի՛ գար, շշնջաց պառաւը, ես դիմացի տան դուռը բանալ տամ…

Փողոցը վեր ու վար քննելով՝ պառաւը փողոցը լայնքէն կտրեց ու սկսաւ դուռ մը ծեծել։ Ոչ ոք դուռը բացաւ։ Պառաւը յաջորդ դուռը ծեծեց։ Լեւոնը սեմին վրայ կանգնած՝ կը հետեւէր պառաւի շարժումներուն։

Վերջապէս դուռ մը բացուեցաւ։ Լեւոնը անմիջապէս Խամուր Քէսէնը կտրելով՝ անցաւ դիմացի տունը, որու տանտէրը, տարիքը առած մարդ մը, անմիջապէս որ Լեւոնը ներս մտաւ, դուռը վրայէն գոցեց։

Լեւոնը սաստիկ ափսոսաց որ պառաւէն շնորհակալութիւն յայտնելու ժամանակ իսկ չունեցաւ։ Տանտէրը, Լեւոնի ներկայութենէն ազատուելու համար անմիջապէս այգիի դուռը բացաւ։ Այնքանն ալ բաւական էր, որ իր տան դուռը բացած էր վտանգաւոր մարդու մը առջեւ։ Լեւոնին ուրիշ բան չէր մնար ընել եթէ ոչ անմիջապէս դուրս գալ այգին։

Շուտով կէս գիշեր կը լինէր։ Թագստոց մը գտնելու փորձերը չէին յաջողած։ Որքան ալ որ Լեւոնը բնաւորութեամբ սառնարիւն, յամառ նկարագիր մ’ունէր, բայց երկու օրերու ֆիզիքական յոգնութիւնը, ապրած հոգեկան դառնութիւնները ջլատած էին անոր դիմադրական կարողութիւնը, հոգեկան թափը։ Անգամ մը վտանգէն առժամաբար ազատուած՝ ան ծանր քայլերով սկսաւ այգիէ այգի անցնիլ այնքան անհոգ դանդաղութեամբ, որ կարծես զբօսանքի ելած էր ուշ գիշերով։

Յուսահատ՝ այլեւս ճիգ ալ չէր ըներ թագստոց մը գտնելու համար։ Պիտի պատահէր՝ ինչ որ պիտի պատահէր․ կ’արժէ՞ր որ պայքարը շարունակէր անկարելիութեան դէմ։ Քանդուած պատի մը մօտ նստաւ, գլուխը ձեռքերուն մէջ առած: Շատ երիտասարդ էր մեռնելու համար, բայց վերջի շաբաթներուն իրարու յաջորդող դժբախտութիւնները, խորտակած էին վառ արշալոյս մը, մարած՝ յոյսերու վառ ջահը, այնպէս որ Լեւոնի աչքին, իր կեանքը այնքան ալ արժէքաւոր բան մը չէր այլեւս։ Ապրած անյոյս վիճակը, կեանքին հաւանական վերջաւորութեան մօտիկութիւնը անոր մտքի ուղղութիւնը փոխեցին դէպի անցած գնացած օրերը, եւ վառ գոյներով վերակենդանացաւ անցեալը: Անհուն քնքշանքով յիշեց մայրը, հայրը, Եւգինէն.. Յանկարծ՝ Լեւոնը ոտքի ցատկեց։

Սոնիա՛, Սոնիա՛, Սոնիա՛, լսելի ձայնով մրմնջեց, թեւերը առաջ պարզած, կարծես աղջիկը մօտը կանգնած լինէր…- Սոնիա՛, անգինս..

Ի՞նչպէս մինչեւ այդ րոպէն չէր մտածած Սոնիայի մասին․ անշուշտ անոր քով ապահով թագստոց մը կրնար գտնալ, մանաւանդ որ հոն էր Ուրանցցի Յակոբը, մարտական ընկեր մը, որուն բացարձակապէս կրնար վստահիլ։

Սոնիան՝ թեւաւոր աստղ մ’եղաւ Լեւոնի յուսալքուած տրամադրութիւնը բարձրացնող։ Տեսակ մը փրկութեան խարիսխ՝ նոր եռանդ ու վճռականութիւն ներշնչող: Դեռ ապրելու, գործելու եւ պայքարելու ցանկութիւնը զօրացուց իր հոգին, պրկեց իր ջղերը։ Երկաթի ծանրութեամբ ոտքերը իջեցնելով սառած գետնի վրայ, Լեւոնը քայլերը ուղղեց դէպի Վարագայ սարի ուղղութեամբ։ Մեծ Քէնտրչիի վրայ բացուող նեղ փողոց մը կը զատէր զինք այն շրջանէն, ուր Սոնիան Համուտ Աղի զօրանոցի դիմաց, տուն մը վարձած էր։ Բայց այդ տունը երթալ, պիտի նշանակէր երթալ՝ ու թշնամիի փէշերուն տակ թագնուիլ։ Այս գաղափարը զուարթացուց Լեւոնը, որ անգիտակցօրէն սկսաւ երգ մը մրմռալ ու քայլերը արագացուց։

Մեծ Քէնտրչիի հրապարակին քիչ վերօք, դէպի Սղգեայի Ջաղդ տանող փողոցէն՝ պէտք էր անցնէր։ Առանց դժուարութեան փողոց նայող պատին վրայ բարձրացաւ: Մարդ մարդասան չկար։ Վար նետուեցաւ, ու դիմացի այգիի պատը բարձրացաւ, որ երկու տներու արանքը կը գտնուէր։ Լեւոնը այդ շրջանին մէջ երբեք չէր գտնուած: Զօրանոցին եւ պահակատան մօտ գտնուելուն, յեղափոխականները կը զգուշանային այդ շրջանը գալէ։ Լեւոնը Գարեգինէն լսած էր այդ տան վարձուելու, տեղի եւ դիրքի մասին, բայց այդքան միայն։ Անգամ մը այգիներու մէջ ինկած, Լեւոնը, ընդհանուր ուղղութիւն մը բռնած սկսաւ քալել, բայց շուտով զգաց, որ ուղղութիւնը կորսնցուցած է։ Այգիներու մէջէն, ան ալ գիշերով, դժուար էր գտնել անկիւնի տունը։

Երկար թափառելէ վերջ, Լեւոնը ենթադրաբար մօտեցաւ տան մը, որ իրեն կը թուէր թէ՝ անկիւնի տուն մ’է։ Եթէ միայն կարողանար բարձրանալ այդ տան տանիքը, տեսնար փողոցը, այն ժամանակ հաստատ կը գիտնար ուր գտնուիլը։ Երկյարկանի տուն մ’էր այդ, ընդարձակ բակով, որու մէկ կողմը կը գտնուէր թոնրատունը։ Դժուարութեամբ՝ բայց վերջապէս յաջողեցաւ բարձրանալ թոնրատան տանիքը, Լեւոնը ինքն ալ չգիտցաւ, թէ ի՞նչպէս ոտքը առաւ տանիքի ջորոթանին, ու փայտէ խողովակը աղմուկով ինկաւ բակը։ Այդ պատահական դիպուածը պատճառ եղաւ, որ բակի մէջ շղթայուած շունը կատաղօրէն հաջելով արթնցնէ ոչ միայն այդ տան մէջ գտնուողները, այլ եւ դրացիները։ Թէեւ Լեւոնը անմիջապէս երեսն ի վար տափեցաւ թոնրատան երդիքի վրայ, բայց անպիտան շունը փոխանակ հանդարտելու, ա՛լ աւելի զայրացած, շղթան կտրել կը փորձէր։

Լեւոնը թէեւ պառկած տեղէն չէր տեսներ, բայց լսեց, որ թոնրատան դուռը բացուեցաւ, ու մէկը սաստեց շունը։ Կասկած չկար, որ այդ Ուրանցցի Յակոբի ձայնն էր։ Լեւոնը ուրախացած կը պատրաստուէր բարձրանալով բակը ցատկել, երբ տան արտաքին դուռը դրսէն սկսան ծեծել։

Նէ օլմո՛ւշ, քափուի աչըն (ի՞նչ է պատահած, դուռը բացէք)։

Դուռը բացուեցաւ ու Լեւոնը բազմաթիւ ոտնաձայներ լսեց, բակին մէջ։

Ի՞նչ է եղեր, մէկը թուրքերէն կը հարցնէր, ասկէ կ’անցնէինք, ղալմաղալ լսելով եկա՛նք, ըսինք տեսնենք ի՞նչ պատահեր է խանում տոքթորի տանը։

Այդ պահուն Լեւոնը պառկած տեղէն տեսաւ, որ երկրորդ յարկի պատուհանը բացուեցաւ, ու կանացի գլուխ մը վայրկեան մը դուրս կախուեցաւ։ Լեւոնը կասկած չունէր, որ վերէն նայողը Սոնիան էր ու զինք տեսած լինելու է: Հապա՞ եթէ յանկարծ կարծելով թէ սովորական գող մ’է տանիքի վրայ պառկողը, Սոնիան աղմուկ բարձրացնէր, կամ յայտնէր պահակախումբէն տանիքի վրայ պառկող օտարականի մասին…

Լեւոնը, որու սիրտը մուրճի նման կը զարնէր, մեծապէս հանգստացաւ, երբ կանացի գլուխը ներս քաշուելով պատուհանը գոցուեցաւ։

Պատուհանէն նայողը իրօք Սոնիան էր։ Շան արտակարգ հաջոցը արթնցուցեր էր Սոնիան, որ կարծելով թէ տան մէջ օտարական մը մտեր է, անկողնէն ցատկելով վազած էր պատուհանի մօտ ճիշդ այն պահուն, երբ տանիքի վրայ Լեւոնը փայտէ խողովակի անկումէն ու շան հաջոցէն վախնալով՝ տանիքի վրայ պառկեր էր: Սոնիան պատուհանը բացած՝ կ’ուզէր այդ մասին ձայն տալ Յակոբին, երբ անցնող պահակախումբը կարծելով թէ բան մը պատահած է օտարական խանումի տանը մէջ, որ կուսակալի հովանաւորութիւնը կը վայելէր, բակէն ներս կը մտնէր եղելութիւնը իմանալու։

Սոնիան արթնամատութիւն ունեցաւ լռելու, ու վրան խալաթ մը նետելով՝ աճապարեց վար իջնալ։ Մեր նախածանօթ Ուրանցցի Յակոբը, որ Վահէի յանձնարարութեամբ Սոնիայի մօտ մտած էր, անճրկած՝ չէր կրնար պահակախումբի առաջնորդ ոստիկանին բացատրել շան կատաղութեան պատճառը։

Էֆէնտիմ, չեմ գիտեր ի՞նչ պատահեցաւ, այնպէս կատղած կը հաջէր… կարծես գող մտած լինի մեր տունը․․.

Մենք հիմա կը փնտռենք…

Այդ պահուն Սոնիան դուրս եկաւ բակը ու շնորհալի ժպիտով մը բարեւեց ոստիկանը։

Խանում էֆէնտի, քաղաքավարութեամբ մօտեցաւ ոստիկանը ու թեմեննահ մը ըրաւ, փողոցով կ’անցնէինք, ձեր տունէն ղալմաղալ լսելով եկանք.. ձեգ օգնել…

Բա՜ն չկայ, որպէս թէ բոլորովին անհոգ, Սոնիան ծիծաղիլ սկսաւ, իմ Շէյթանս (շանը անունը Շէյթան էր), գրեթէ ամէն գիշեր այսպիսի օյիններ կը խաղայ մեր գլխուն, մանաւանդ լուսնակ գիշերները… շատ շնորհակալ եմ ձեր ուշադրութեան համար… Յակոբ եղբայր, անմիջապէս Շէյթանը թոնրատուն տար ու կապէ… Հա՛, ձեր անունը ինչպէ՞ս է։

Ձեր ծառան, փոլիս Օսման։

Շնորհակալ եմ, Օսման էֆէնտի, վաղը կուսակալենց երթալուս ձեր ուշադիր վերաբերմունքի մասին պիտի խօսիմ կուսակալին… անպիտան Շէյթանը բոլորս ալ անհանգստացուց․․. Գիշեր բարի ձեզ։ Յակոբ եղբայր, դուռը բաց էֆէնտիներուն համար… երթաք բարով։

Փոլիսն ու զինուորներու մէկ մասը, որոնք ներս մտած էին, թեմեննահ ընելով դուրս ելան։ Յակոբը դուռը ամրացուց ու կ’ուզէր իր գետնայարկի վրայ գտնուող սենեակը մտնել, երբ վերի յարկէն լսեց Սոնիայի ձայնը։

Յակոբ եղբայր, վայրկեան մը վեր եկէք։

Սոնիան ճրագը վառած՝ անկողնին մէջ նստած ամբողջ մարմնով կը դողար։

Աստուծու սիրուն, օրիորդ Սոնիա՛, ձեզ ի՞նչ պատահեցաւ, օրիորդը այդ վիճակին մէջ տեսնելով վախեցած՝ հարցուց Յակոբը, ինչպէս դեղներ էք ու կը դողաք․ բան չկայ, հանգստացէք…

Բան կայ, բան կայ… Յակոբ եղբայր, մեր թոնրատան տանիքի վրայ…

Տանիքի՞ն վրայ… ի՞նչ կայ որ…

Մարդ մը կայ… օտարական մը… շունը որ հաջել սկսաւ, տեսայ որ մարդ մը մեռածի նման փռուեցաւ տանիքին վրայ թերեւս հիմա փախած լինի… սիրտս այնպէս թունդ ելաւ… սարսափելի մարդ մը կ՚երեւէր… բարձրահասակ…

Երանի ոստիկանին ըսէինք. ․․ ինչ որ է… ես հիմա կը ստուգեմ։

Յակոբը պատուհանին մօտեցաւ։ Իրօք, տանիքի վրայ մարդ մը անշարժ պառկած էր։ Եթէ հասարակ գող մը լինէր այդ մարդը, մտածեց Յակոբը, հիմա շատոնց փախած կը լինէր։ Յանկարծ փայլակի նման արագ, գաղափար մը լուսաւորեց միտքը, թերեւս յեղափոխական փախստական մ’է․ չէ՞ որ վերջերս Այգեստանի մէջ այնքան բազմացեր էին կառավարական հետապնդումներէ խուսափող փախստականները։ Յակոբը յիշեց այդ գիշերուան Այգեստանի արտակարգ շարժումը, զինուորական շեփորներու ձայները, հրացաններու տրաքոցը։ Որքան որ կրնար՝ հանգստացուց Սոնիան ու վար իջաւ։

Սոնիան ամիջապէս ճրագը մարելով՝ վազեց պատուհանի մօտ։ Յակոբը սանդուխը կրթնցուցած թոնրատան պատին, կէս մէջքէն վեր բարձրացաւ կտուրէն վեր։ Սոնիան մէկ ալ տեսաւ որ դիակի նման ինկած մարդը շարժէցաւ, կուզէ կուզ մօտեցաւ տանիքի եզրին, ու Յակոբէն վերջ վար իջաւ բակը։ Սոնիան ուշադրութեամբ կը դիտէր բակի մէջ կատարուածը։ Երբ անծանօթը սկսաւ վար իջնալ, Յակոբը ձեռքի ահագին լախտը, օտարականի գլխուն զարնելու պատրաստ վիճակի մէջ պահած էր։ Սոնիան քիչ մնաց սոսկումէն պիտի ճչար։ Մէկ ալ զարմանքէն ապշած մնաց Սոնիան, անկարող աչքերուն հաւատալու։ Յակոբը ձեռքէն փայտը մէկդի նետեց, վրայ վազեց ու բարձրահասակ օտարականը գրկելով՝ սկսաւ զայն համբուրել։

Թէ բակէ մէջ գտնուողները ի՞նչ խօսեցան, Սոնիան ի հարկէ չլսեց, բայց տեսաւ, որ Յակոբը անծանօթի թեւը մտած՝ առաջնորդեց իր սենեակը։ Սոնիային այնպէս թուեցաւ, որ օտարականի քալուածքը իրեն ծանօթ էր, տեղ մը տեսած էր մէկը, որ այդպէս ձախ ոտքէն կաղալով, կը քալէր, բայց թէ ո՞րտեղ, ո՞վ էր այդ մարդը, Սոնիան չկրցաւ յիշել։

Քիչ առաջուան Սոնիայի սարսափը տեղի տուած էր անզսպելի հետաքրքրութեան առջեւ։ Ո՞վ էր այդ անծանօթը։ Ինչո՞ւ Յակոբը վեր չէր գար այդ մարդու մասին տեղեկութիւն տալու: Դժուարութեամբ ծանրացած կոպերը բաց պահելով՝ Սոնիան երկար սպասեց, բայց Յակոբը վեր չեկաւ։ Երկու անգամ անկողնէն ելաւ, բակի մէջ գտնուող Յակոբի սենեակը դիտեց։ Պատուհանը աղօտ կերպով լուսաւորուած էր։ Վերջապէս սպասելէ յոգնած, քնատ աչքերը փակեց ու դեռ այդ գիշերուան յուզումներու ազդեցութեան տակ անհանգիստ քնով՝ քնացաւ։