Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՀԷԻ ՎԵՐՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ

Հմայեակենց տանը արտակարգ կենդանութիւն կը տիրէր։ Լեւոնը եւ ընկերները այդ գիշեր, սովորականէն քիչ մը ուշ, անակնկալ կերպով եկած էին ցերեկը հոն անցընելու համար։ Հմայեակի մայրը, թոնիրի վրայ կռացած, այդ բազմութեան համար կէս օրուան ճաշը կը պատրաստէր։ Հմայեակի փոքր քոյրը, գանգրահեր չարաճճի աղջնակ մը, մօրը փէշէն բռնած, լեզուին կուտար՝ սենեակի մէջ հաւաքուած օտարական մարդոց մասին խօսելով։

Մարէ, էն պետ պետ մարդը…

Աղջի, ձէնդ կտրէ, մէկ էն շերեփը տուր…

Քա, մարէ, այգիէն նոր մարդիկ կուգան… պօյ, պօյ, պօյ, որքա՞ն մարդիկ կուգան։ Հիմա ախպերս դպրոցէն կուգայ… Մայրիկ, ի՞նչ կ՚եփես, թանապո՞ւր…

Զբաղած մայրը ուշադրութիւն իսկ չէր դարձներ աղջկան պլպոցներուն։ Թէեւ կերակուրի պատրաստութեամբ զբաղած էր, բայց ծանր մտահոգութիւն մը կը ճնշէր սիրտը։ Յեղափոխականները սիրել՝ կը սիրէր անշուշտ, ազգի մարդիկ էին, բայց եթէ կառավարութիւնը իմանար անոնց գտնուած տեղը, այնքան տներ այրուած էին անոնց պատճառով։ Ինք, խեղճ այրի կին մը, երկու որբերով ծանրաբեռնուած, Աստուած չընէ, եթէ բան մը պատահելու լինէր… եղած չեղածը մէկ տուն մ՚էր, եթէ այն ալ այրուէր… Մինուճար զաւակը, դեռ դպրոց կ՚երթար։ Խեղճ կնոջ ապագայ յոյսն էր այդ պատանին։ Բայց ան ալ, խելքը միտքը տուած ազգի գործերուն, մօր սիրտը ահ ու դողի մէջ կը պահէր։

Այգիի վրայ նայող սենեակին մէջ սովորականէն աւելի բազմութիւն մը կար։ Բացի Լեւոնի մշտական ընկերներէն, տեղացի հին ընկերներէն շատեր եկած էին խորհրդակցելու կացութեան մասին։ Քաղաքի ալեկոծ վիճակը, Վահէին սպառնացող վտանգը, կառավարութեան խստութիւնները ծանր հոգեկան վիճակ մը ստեղծած էին։ Ասով մէկտեղ, հոգեբանական տեղատուութիւն մը սկսած էր շատերու մէջ, ոմանք, որ առաջ խոհեմութենէ կը քարոզէին, պատրաստ էին պայքարի մէջ նետուելու։ Այս տրամադրութիւնը հետզհետէ վարակիչ հանգամանք մը կը ստանար։

Ամէն եկող նոր լուր մը կը հաղորէր։ Ոմանք կը պնդէին, թուրքերէ լսած լինելով, թէ կառավարութիւնը որոշած է կախաղանի վճիռը Բաղէշի մէջ իրագործել, թէ մէկ երկու օրէն Կաւաշ-Կարճկանի ճամբով Վահէն հոն պիտի ճամբուի։ Ուրիշներ, ընդհակառակը, կը պնդէին, թէ իրենք վստահելի աղբիւրէ լսած են, որ Վահէն Կարին պիտի ճամբուի, կախուելու համար այդ քաղաքին մէջ, ուր վերջերս ժողովրդական շարժում մը ծայր տուած էր։

Կային ուրիշներ ալ, որոնք կ՚ըսէին է՝ թէեւ Վահէն Բաղէշ պիտի ղրկուի, բայց կառավարութիւնը վախնալով որ յեղափոխականներու կողմէ ճանապարհին զայն փախցնելու փորձ մը կրնայ կատարուիլ. որոշած է առագաստանաւով Դատուան ճամբել, անկէ ալ ցամաքով՝ Բաղէշ։

Իրարու հակասող այս լուրերը, ինչպէս վերջէն յայտնի եղաւ, կառավարութիւնը ինք տարաձայնել տուած էր, որպէսզի կատարուած իրողութեան մը առջեւ դնէ յեղափոխականները։

Լեւոնը, այդ լուրերը ստանալով, արդէն սուրհանդակ հանած էր Կաւաշի շրջանը՝ թելադրելով այս տեղի ընկերներուն աչալուրջ հսկողութեան ենթարկել ճանապարհները եւ կասկածելի շարժում մը նկատելու պարագային, անմիջապէս իմացնել Պիծային։ Միեւնոյն կարգադրութիւնը եղած էր Թիմարի շրջանի մասին։ Ատկէ զատ Աւանց լուր ճամբուեցաւ հսկելու առագաստանաւերու շարժումներուն վրայ։

Լեւոնը, թէեւ շրջապատուած բազմաթիւ ընկերներով, բայց կարծես մինակ կը զգար ինքզինքը, ծանր թախիծ մը հոգին կը ճնշէր, իր մտքերով տարուած, հազիւ թէ կը լսէր շուրջիններու խօսակցութիւնը։ Գետնափորի անյաջողութիւնը ուղղակի խորտակած էր հոգին։ Ճիշդ է, նոր ծրագիրներ կ՚որոճար, միջոցներ ձեռք կ՚առնէր, բայց հոգիին մէջ անվերականգնելի աւեր մը գործուած էր։ Որքան ալ նոր կարգադրութիւններ կ՚ընէր, նոր միջոցներու մասին կը մտածէր, բայց ներքին ձայն մը կարծես կը շշնջար ականջին. «Բոլորը ի  զուր, Վահէն կորած է»։

Կէս օրուան ժամանակն էր, երբ Հմայեակը դպրոցէն եկաւ ու, փոխանակ ամէն օրուան նման ուրախ զուարթ մօր ու քրոջը հետ կատակելու, գլուխը կախած ուղիղ Լեւոնի գտնուած սենեակը մտաւ։ Բնականէն երկար դէմքը կարծես ա՛լ աւելի երկարած էր։ Շշմած արտայայտութիւն մ՚ունէր ու այնքա՜ն յուզուած էր, որ երբ սկսաւ խօսիլ, կը կակազէր ու բառերը դժուարութեամբ բերնէն դուրս կուգային։

Պարոն Լեւոն… դպրոցէն գալուս Նորաշէնի փողոցի մէջ կառապան Տիգրանին հանդիպեցայ… Քաղաքէն կուգար… պատմեց… պատմեց, որ պարոն Վահէն…

Ի՞նչ, ի՞նչ պատահած է, չորս կողմէն լսողները վրայ տուին։

Լեւոնը կարծես կանխազգացում մ՚ունեցաւ, առանց բառ մը արտասանելու գլուխը կախեց։

Պարոն Վահէն կառավարչատան առջեւ… այս առտու… կախեր են…

Լուրը այնքան անսպասելի, շշմեցուցիչ էր, որ լսողները կարծես Հմայեակի խօսքերը չհասկնալով՝ ապշած իրարու կը նայէին։

Էօ՜ֆ…

Առիւծ Գեւօն էր, որ փափախը գլխէն հանելով՝ գետին զարկաւ։

Սարսափելի ճնշող լռութիւն մը ծանրացաւ սենեակի մէջ. ներկաները կարծես կը վախնային շարժում մը ընելու, ձայն մը հանելու։

Էօֆ, ափսոս Վահէն, ու կարմիր թաշկինակ մը ծոցէն հանելով՝ Առիւծ Գեւօն արցունքոտ աչքերը սրբեց, ափսոս եղաւ Վահէն, մեր թեւը կոտրուեցաւ։

Խոր սուգով համակուած, հաւաքուած ընկերները մէկիկ մէկիկ ցրուեցան։ Լեւոնի հետ մնացին իր զինուոր ընկերները։

Ժամեր շարունակ, սենեակի մէջ ձայն մը չլսուեցաւ, բացի Առիւծ ԳԵւոյի խոր հառաչանքներէն, որոնց մէջէն, կարծես արցունք կը կաթկթէր։

Երեկոյեան կողմ Քաղաքամէջէն եկաւ Նշանը։ Սաստիկ այլայլած ու ընկճուած տեսք մ՚ունէր։ Լեւոնի մօտ նստելով՝ գրպանէն հանեց ծրար մը, ու հազիւ լսելի ձայնով մը շշնջաց։

Մէջը նամակ ալ կայ… կախուելէն մէկ երկու ժամ առաջ գրած է… Քի առաջ մեր մարդը բերաւ…

Լեւոնը բնազդօրէն ձեռքը երկնցուց, վերցուց ու հայեացք մը նետեց ծրարի վրայ։ Յանկարծ դէմքը ալ աւելի գունաթափուեցաւ, շրթները դողացին ու աճապարեց ծրարը գետին դնել, կարծես թէ ան կրակի կտոր մը լինէր, ձեռքը պիտի այրէր։

Վահէի մահուան լուրը ստանալէ վերջ, Լեւոնը ժամերով նստած տեղը անշարժ մնացեր էր, անյատակ յուսահատութիւն մը աչքերուն խորը։ Կարծես կենդանի մեռած մը լինէր, շարժումները մեքենական, դէմքը երկարած ու քարէ կերտուած, կիսախուփ աչքերը մեռելի աչքերու նման պաղած ու անշարժ։

Նշանը, մօտ ընկեր մ՚էր, տարիներու յեղափոխական մը, լաւ ու վատ օրեր տեսած, ծանր պայմաններու մէջ աշխատած, բայց երբեք դէմքին ծիծաղը չէր պակսած, այժմ սակայն, կէս ժամու չափ նստելէ վերջ, գլխիկոր մեկնեցաւ, բոլորովին ընկճուած վիճակի մէջ։

Ես վաղը երեկոյ նորէն կուգամ, հոգուց հանելով ըսաւ մեկնած պահուն,   թերեւս ուրիշ նորութիւններ լինին… Ո՞ր տեղ կրնամ քեզ հանդիպիլ…

Լեւոնը չլսեց իսկ ընկերոջ վերջին հարցումը։ Հայեացքը պատուհանէն դուրս անորոշ կէտի մը սեւեռած՝ կը մտածէր։ Ո՞վ գիտէ, թերեւս չէր ալ մտածեր, անհնարին վշտի ծանրութեան տակ ընկճուած, գիտակցական եսը թմրած էր։

Մենք քեզի կ՚իմացնենք,   Նշանի թեւէն բռնած մէկ կողմ քաշեց Առիւծ Գեւօն,   կը տեսնես թէ ի՜նչ հալի մէջ է… մի՛  խօսեցներ…

Նշանի մեկնելէն վերջ, Հմայեակն ու մայրը թէեւ քիւրսիի վրայ ընթրիքի սեղանը շտկեցին, բայց ոչ ոք մօտեցաւ։ Առիւծ Գեւոյի գլխի բացասական շարժումին վրայ, Հմայեակի մայրը սեղանը հաւաքեց ու մեկնեցաւ, մինչ Հմայեակը կամաց մը տեղաւորուեցաւ իր ընկերոջ, Տաճատի կողքին։

Մթնիլ սկսաւ։ Քիւրսիի վրայ դրուած ճրագի աղօտ լոյսը հազիւ կէս խաւար կը լուաւորէր ընդարձակ սենեակը։ Փոխադրուելու ժամանակը կը մօտենար, բայց Լեւոնը կարծես այդ մասին չէր ալ մտածեր։ Ի զուր մէկ երկու անգամ բարձր ձայնով հազաց Առիւծ Գեւօն, Լեւոնի ուշադրութիւնը գրաւելու համար։

Երկար ժամանակ միեւնոյն դիրքով մնալէ վերջ, մէկ ալ Լեւոնը գլուխը դարձուց, կողքին դրուած ծրարը դիտեց վայրկեան մը ու վարանոտ շարժումով ծրարը վերցնելով՝ հանգուցուած թաշկինակը բացաւ։ Ծրարին մէջ բացի Վահէի ժամացոյցէն, արծաթ մատիտակալէն, ծխափողէն ու ոսկի օղակ մատանիէ մը, իրարու մէջ անցուած երկու տոմսակներ կային։ Մէկը հայերէն գրուած նամակ մ՚էր, ուղղուած Լեւոնին, իսկ միւսը ռուսերէն երկտող մը։ Պարզ է, թէ որո՛ւ կը պատկանէր այդ երկտողը։

Լեւոնը, պղտոր աչքերով մէկ երկու վայրկեան հայեացքը նամակի վրայ պտըտցնելէ վերջ, բարձրաձայն սկսաւ կարդալ իրեն ուղղուած նամակը, մինչ ընկերները, գլուխնին կախած, առանց ձայն ձուն հանելու, երկիւղածութեամբ կը լսէին Վահէի վերջին խօսքերը, որ արդէն սրբազան կտակի մը հանգամանքն ունէր, աւանդ ձգուած յեղափոխութեան զինուորներուն։

Մթնելէն ժամ մը անցած էր, երբ Ուրանցցի Յակոբը եկաւ, ինչպէս նախորդ իրիկուն պատուիրած էր Լեւոնը։ Վահէ եղերական վախճանը լսած էր արդէն։ Սգաւորի նման, գլուխը կախ, առանց խօսելու ներս մտաւ սենեակէն, ու քիւրսիի կշտին տեղաւորուեցաւ։

Երանի ես մեռնէի անոր տեղը, աչքերը սրբելով շշնջաց Առիւծ Գեւօն, հազարներու մէջ մէկ հատիկ էր Վահէն։

Յակոբը, առանց խօսելու, սեղմեց Առիւծ Գեւոյի ձեռքը։

Կէս ժամ վերջը, Լեւոնը մեքենական շարժումով չանթան հաւաքեց, ու ոտքի ելաւ։

Այս գիշեր եւ վաղը ցերեկ այստեղ կը մնաք,   խօսքը Առիւծ Գեւոյի ուղղելով ըսաւ Լեւոնը,   հոս կը սպասէք, մինչեւ որ ինքս գամ։ Իսկ այժմ, Յակոբ, միասին դուրս ելնենք։

Երբ երկու ընկերները դուրս եկան այգին, Յակոբը հարցուց.

Հիմա ո՞ւր կ՚ուզես որ երթանք…

Շիտակ ձեզ մօտ։

Յակոբն ու Լեւոնը այգիէ այգի անցնելով՝ հասան Սոնիայի բնակարանը։ Երբ սանդուխներէն բարձրանալով Լեւոնը ներտ մտաւ սենեակը, Սոնիան քիչ մը զարմացած այդ անակնկալ այցելութենէն, մեքենաբար մօտեցաւ ու առանց բառ մը արտասանելու, սեղմեց Լեւոնի ձեռքը։ Լեւոնի դէմքը, պարզօրէն կը խօսէր տղու հոգեկան տառապանքի մասին։

Կողք կողքի դիւանի վրայ նստան, Լեւոնը գլուխը սեղմած ձեռքերով, մինչ Սոնիան կարեկցաբար կը նայէր Լեւոնի տառապանքէ կծկուած դէմքին, անոր հաշմուած ձեռքի ջղային կծկումներուն։

Սոնիան այդ առտու շատ կանուխ, հիւանդի մը այցելութեան գնացած միջոցին, հայ խանութպանէ մը լսած էր Վահէի կախաղան հանուիլը։ Այնքան սարսափելի անակնկալ մ՚էր այդ լուրը, որ առջի պահուն չէր ուզած հաւատալ, բայց երբ մէկ ուրիշ ծանօթի մը հանդիպելով, միեւնոյն տեղեկութիւնը ստացաւ, այլեւս համոզուեցաւ, որ այդ դժբախտ լուրը իրողութիւն մ՚էր։ Առջի գիշեր ուշ ատեն Յակոբը վերադարձեր էր Լեւոնի մօտէն եւ հնարաւորութիւն չէր ունեցած մանրամասնօրէն պատմելու պատահած դժխածտութեան մասին։

Վահէ կախաղան բարձրանալը շշմեցնող հարուած մ՚եղաւ Սոնիայի համար։ Մինչդեռ կը սպասէր Վահէին հանդիպիլ. ժամանակի մը համար իր տանը մէջ պատսպարել, ահա կը լսէր անոր մահուան գուժը։ Դեռ օր մը առաջ, այնքան վստահ խօսքերով յուսադրած էր Խատիճէն, հաւատացուցեր էր մանկամարդ կնոջ, թէ Վահէն շատ շուտով պիտի ազատուէր բանտէն ալ, իրեն սպառնացող կախաղանէն ալ. եւ որ մտահոգուելու բոլորովին հիմք չկար այլեւս։

Սոնիան հոգեկան ծանր տառապանքով սպասած էր Խատիճէի գալուն, վստահ՝ որ ան լուրը առնելուն պէս անմիջապէս իր մօտ պիտի վազէ։ Բայց Խատիճէն սովորական ժամին չերեւցաւ։ Ժամ մը սպասելէ վերջ, Սոնիան մեծապէս մտահոգուած՝ ինք գնացած էր Խատիճէն տեսնելու։ Դեռ վեր չբարձրացած՝ Խատիճէի պառաւ ստնտուն, Հիւսիսային Կովկասէն եկած չէրքէզ կին մը, մղկտալով յայտնած էր, թէ երիտասարդ խանումը, առաւօտեան երբ Հիւսէյին բէկի հետ նստած թէյ կը խմէին, ղոլամներէն մէկը ներս մտնելով բէկին պատմած էր Վահէի կախուելու մասին։ «Մէկ ալ լսեմ, որ վերէն զիս կը կանչեն», շարունակած էր ստնտուն, «վեր ելլեմ ու ի՜նչ տեսնեմ, Խատիճէն մեռելի նման երկնցած, բէկն ու ղոլամները շուարած, չորս բոլորը կը դառնային, առանց իրական օգնութիւն մը հասցնելու անոր։ Գրկելս ու իր սենեակը տանիլս մէկ եղաւ։ Անկողին դրի, երեսին ջուր սրսկեցի… Պառկած էր որպէս թէ մեռած լինէր։ Հազիւ երբեմն մեղմօրէն կը վնկար։ Օ՜ֆ, աղջիկս ձեռքէս կ՚երթայ… »

Սոնիան առանց այլեւայլի աճապարած էր վեր բարձրանալ։ Հազիւ սենեակի դռնէն ներս մտած՝ Խատիճէն զայն տեսնելով, անկողնէն ցատկած էր ու հեկեկալով փարած վզին, մինչեւ որ գիտակցութիւնը կորսնցնելով, նուաղելով ինկած էր գետին։

Խատիճէն մօտ երկար նստելէ վերջ, Սոնիան վերադարձած էր տուն մռայլ տրամադրութեամբ եւ բարձրանալով սենեակը՝ անձնատուր եղած էր ծանր խոհերու։ Ատկէ քիչ վերջն էր, որ Լեւոնը բոլորովին անսպասելի կերպով յանկարծ երեւցած էր։

Ծանր է, շատ ծանր խեղճ Խատիճէի վիճակը… կարծես խենթացած լինի,   առաջինը Սոնիան սկսաւ խօսիլ, զսպուած ձայնով մը, կարծես մեռելատան մը մէջ գտնուած լինէր։

Բոլորիս համար ալ անդառնալի կորուստ մ՚է Վահէի մահը, ա՛լ աւելի մեծ կորուստ մը մեր շարժման համար, ձեռքերը գլխէն վար առնելով տխրօրէն խօսեցաւ Լեւոնը, որու ձայնը զարմանալի կերպով մեղմ հնչականութիւն մը ստացեր էր. Վահէի մահով յեղափոխական շարժումը անփոխարինելի ուժ մը կորսնցուց։

Անշուշտ, անդառնալի կորուստ մէ, եւ գործի ու ժողովուրդի համար, բայց դուք՝ յեղափոխականներդ, այս կեանքին մէջ կարծրացած՝ կրնաք դիմանալ սարսափելի հարուածին։ Ես թերեւս կին մը լինելով՝ աւելի կը մտածեմ Խատիճէի մասին… Դուք չէք գիտեր, թէ ի՜նչ ողբերգութիւն մը կ՚ապրի այդ դժբախտ կինը։ Երէկ՝ դեռ այնքան վառ յոյսերով ոգեւորուած, իսկ այսօ՞ր… Անհնարին տառապանք մը կ՚ապրի այն կինը։

Դժուար չէ հասկնալը… նամակ մը ունիմ անոր յանձնելի…

Որմէ՞…,   ու յանկարծ գլխի իյնալով թէ որմէ՞ կրնար լինիլ այդ նամակը, Սոնիան թաշկինակով արցունքոտ աչքերը սրբեց, ու կենդանի հետաքրքրութեամբ նայեցաւ Լեւոնին դէմքին։

Այո՛… ճիշդ գուշակեցի՛ք. մեռնելէ մեկ երկու ժամ առաջ գրած է եւ խնդրած, որ նամակը ես անձամբ յանձնեմ Խատիճէին, անձնական մանր մունր իրեղէններու հետ…

Հրաշալի սպեղանի մը պիտի լինի այդ լուրը, Խատիճէի համար, ուրախացած, աւելի շատ ինքնիրեն խօսեցաւ Սոնիան,   ափսոս, այժմ շատ ուշ է, թէ չէ՝ հիմա կ՚երթայի լուր տալու… Ուրեմն, ձե՞զ ալ գրած է… հետաքրքիր է շատ…

Սոնիայի խօսելու ձեւէն Լեւոնը հասկցաւ, թէ աղջիկը կը ցանկար իմանալ նամակի բովադակութիւնը, բայց չէր համարձակեր խնդրել։

Կ՚ուզէ՞ք կարդամ…

Օ՜, անշուշտ, եթէ միայն կարելի է…

Մասամբ ձեզ ալ կը վերաբերի…    ստիպուած եմ ինքս կարդալ,   ծոցէն Վահէի նամակը հանելով՝ բացատրեց Լեւոնը,   երբեմն տողեր թուանշանով գրուած են… զգուշութեան համար, որ օտարի մը ձեռք անցնելու պարագային…

Ի հարկէ, հասկնալի է. խնդրեմ։

Սոնիան արմուկը յենած բարձին՝ պատրաստուեցաւ լսելու։

«Սիրելի Լեւոն եւ ընկերներ,   սկսաւ կարդալ Լեւոնը՝ զգալիօրէն ձայնը յուզումէ դողալով, ճակատագրական ժամը մօտեցած է։ Քանի պատեհութիւն կայ, կ՚ուզեմ երկտողս հասցնել, վերջին մնաք բարովս ըսելու համար, քիչ վերջը շատ ուշ կը լինի։ Անշուշտ ներելի է ինձ, կախաղանի ստուերի տակ կանգնած մէկու մը համար, վերջին ցանկութիւն մը ունենալ։ Կ՚ուզեմ ընկերներս հաւատան, որ վերջին ժամերս կ՚ապրիմ այնպէս, ինչպէս ապրեցայ ամբողջ կեանքս։ Կը մտածեմ ձեր բոլորի մասին, մեր սրբազան գործի մասին, որու վախճանը տեսնել ինձ չվիճակուեցաւ։ Ո՞վ գիտէ, թերեւս ձեզմէ շատեր աւելի բախտաւոր լինին, տեսնելով հայրենիքի փայլուն ապագան, որու համար այնքան թարմ երիտասարդներ իրենց կեանքը նուիրեցին։

«Ի հարկէ, դժուար է մեռնիլ այսքան երիտասարդ  տարիքի մէջ, երբ այնքա՜ն եռանդ կայ մէջս գործելու, երբ այնքան երազներ կը մնան չիրականացած։ Բայց պէտք է հաշտուիլ անխուսափելիի հետ եւ պատրաստուիլ մահուան։ Ես վստահ եմ, որ ձեզմէ ամէն մէկը հայ ժողովուրդի ազատութեան համար սիրայօժար իր կեանքը պիտի նուիրէր, ինչպէս նուրիեցին մեր հարիւրաւոր ընկերները։ Ես անոնցմէ ոչ մէկէն աւելի եմ։ Չխօսինք անձնական վշտի մասին։ Մեզ՝ ժողովուրդի առաջնորդներուս համար մահը գոյութիւն չունի, կայ միմիայն ազգային գերագոյն նպատակը, որու համար պէտք է զոհել ամէն ինչ։ Մենք, այս ճանապարհէն քալողներսս, անձնական կեանք չենք կրնար ունենալ։

«Սիրելի Լեւոն, կ՚ուզէի մէկ երկու խօսք գրել գործի մասին… Բայց եթէ գիտնաս թէ ո՞ր տեղ կը գրեմ այս նամակը եւ ի՜նչ վիճակի մէջ…   Այս գիշեր մեծահոգի բանտապետը զիս սենեակը տարաւ խոստովանցնելու համար, որպէսզի ինձմէ իմանայ թէ՝ դրսէն ովքե՞ր փորեցին գետնափորը… Կրնաս երեւակայել, թէ ի՞նչ միջոցներու դիմեց զիս խօսեցնելու համար։ Ինձ հետ էին Եկաւեանը եւ ուրիշ չորս ընկերները։ Սարսափելի կերպով տանջեր են խեղճերը, առանց խօսեցնել կարենալու։

«Ընդհանրապէս մեր բանտարկեալ ընկերները ամենածանր պայմաններու մէջ կ՚ապրին։ Անհրաժեշտ է հետաքրքրուիլ բանտը մնացած ընկերներու վիճակով… Շատեր կարօտ վիճակը մէջ են, նիւթական միջոցներէ զուրկ… պէտք է կանոնաւոր կերպով նիւթապէս օժանդակել։ Վերջերս գաւառաներէն բազմաթիւ նոր ձերբակալուածներ լեցուցին բանտը։ Մեծագոյն մասը մեր ընկերներէն են, կան ուրիշներ ալ, որոնք գեղերու աչքի զարնող մարդոցմէ են, հարկաւոր է ուշադրութիւն դարձնել ատոնց վիճակի վրայ։ Առհասարակ, բանտարկեալներուն օգնելու գործին կրնայ նպաստել օրիորդ Սոնիան, իր ունեցած կապերու շնորհիւ…

«Խե՜ղճ Լեւոն, եթէ իմ կեանքս այսպէս յանկարծ կը կտրուի, քեզ ալ աւելի բախտաւոր կեանք մը չվիճակուեցաւ, ո՞վ գիտէ, թերեւս կենդանի մեռածի կեանք ապրիլը աւելի դժուար է, քան կախաղան բարձրանալը»։

Սոնիան մինչ այդ, առանց դիրքը փոխելու, լարուած ուշադրութեամբ մտիկ կ՚ընէր։ Բայց երբ Լեւոնը վերջին տողերը կը կարդար, յանկարծ դիրքը փոխեց եւ ուշադրութեամբ անոր նայելով՝ ըսաւ.

Լաւ չհասկցայ այդ վերջի տողերու իմաստը… Ինչո՞ւ համար Վահէն ձեզ կենդանի մեռած կ՚անուանէ Ներեցէք, եթէ անհատական գաղտնիք մ՚է,   ու Լեւոնի շփոթիլը նկատելով՝ զղջաց այն անխորհուրդ հարցումը տուած լինելուն համար։

Լեւոնը խուսափեցաւ ուղիղ Սոնիային նայելէ։ Մէկ երկու րոպէ լուռ մնաց՝ ձեռքի նամակին հետ խաղալով, ու ապա անտաբեր ձեւով մը ուսերը վեր քաշեց, որպէս թէ ըսել ուզէր՝ «իսկապէ՛ս, իմ ալ զարմանքս կուգայ, խելքս չի հասնիր թէ ինչո՞ւ համար այդպէս գրած է»։

Խնդրեմ շարունակեցէք… կը ցաւիմ որ ընդմիջեցի ձեզ, անտարբեր ձեւանալով խօսեցաւ Սոնիան, կռահելով, որ այդ մասին Լեւոնը չէր ուզեր բացատրութիւն մը տայ։

«Վերջին անակնկալ դէպքերը,   վարանոտ ձեւով շարունակեեց Լեւոնը նամակի ընթերցումը,   կը ստիպեն մեզ վերագնահատումի ենթարկել մեր նախկին գործունէութիւնը։ Հարցը գլխաւորապէս գործնական ձեւերու կը վերաբերի։ Դժբախտաբար, ժամանակ չունիմ երկարօրէն խօսելու այդ հարցերու մասին, կը բաւականանամ միայն հարցերը շարելով։ Դուք արդէն երկար ժամանակ կ՚ունենաք անոնցմով զբաղուելու, հանգամանօրէն քննելու զանոնք։ Գլխաւորը՝ զինական ուժի կեդրոնացման հարցն է, քաղաքի մէջ կամ անմիջական շրջակաները։ Իմ կարծիքովս, մինչեւ որ մտադրուած ձեռնարկի մը ժամանակը հասած չլինի, ամէն կերպ պէտք է խուսափիլ կեդրոնացման սիսթեմէն, որու կործանարար հետեւանքները դժբախտաբար տեսանք։ Չնախատեսուած դէպք մը, ու ահա տարիներու աշխատանքով հաւաքուած զինական պահեստները կառավարութեան ձեռքը կ՚անցնին, ու մենք նորէն սկիզբէն պիտի սկսինք, անչափ եռանդ ու մարդկային զոհեր տալով

«Երկրորդ անմիջական հարցը ժողովրդական զէնքերու ապահովութեան խնդիրն է։ Ներկայ պայմաններու մէջ, ինչպէս արդէն ձեռնարկեր էք, պէտք է այդ զէնքերը հաւաքել ու թագստոցներու մէջ պահել։ Իմ կարծիքով առ այժմ քու քաղաք մնալդ աւելորդ է։ Անցիր շրջանները, մասնաւորաբար Շատախ ու Մոկս, աշխատէ ժողովրդական զէնքերը փրկել կորուստէ…   Միեւնոյն ժամանակ քու եւ ընկերներուդ ներկայութիւնը կ՚ոգեւորէ գիւղացիութիւնը, որոնք անտիրական մնալով կրնան բոլորովին յուսահատիլ։

«Պէտք է խուսափիլ այելւս զինատար խմբերու գործունէութենէն։ Վերջին երկու տարուան փորձառութիւնը մեզ համար համոզեցուցիչ պիտի լինի, որ կողմնակի միջոցներով աւելի արդիւնաւէտ ձեւով կրնանք Երկիր զէնք մտնցել, առանց մարդկային կորուստներու, քան նախկին ձեւով, երբ ամէն մէկ զէնք, հայդուկի մը կեանքի գնով երկիր կը մտցնէինք։

«Տարիներու մեր յեղափոխական գործունէութիւնը Երկրին մէջ հասցուց զէնքի վարժ կռուող երիտասարդներու պատկառելի թիւ մը։ Պէտք է մտածուած ձեւով մը օգտագործել այդ ուժերը՝ խուսափելով անհարկի կռիւներէ, որոնք բացի մարդկային կորուստներէ, այսպէս թէ այնպէս մեր գործի ընթացքը կը կասեցնեն։

«Ընդհանուր շարժումի մը պարագային, զինուորական ղեկավարները ժողովուրդի ծոցէն իսկ դուրս կուգան, պէտք է միայն ռազմունակութիւնը ընդհանուր երեւոյթ մը դարձնել։ Ատոր համար ալ Պիծայի, Գէորգի, Մոսոյի եւ քեզ հետ պտըտող զինուորներու մէկ մասը շուտ շուտ պէտք է փոխել, մինչեւ որ մեր երիտասարդութիւնը մասսայականօրէն ֆեդայու դպրոցնէ անցած լինի։

«Բանտարկուած հարիւրաւոր ընկերները ազատելու մասին, լրջօրէն մտածելու էք եւ պէտք է համապատասխան միջոցներու դիմէք։ Թուրքիոյ մէջ ամենազօր դրամով ամէն ինչ կարելի է։ Մեր բարեկամ Ն. Էֆէնտին տեսնել եւ կաշառք խոստանալու է, որ աշխատի փրկել բանտարկուածներէն թեթեւ յանցանքներով դատապարտուածները։ Ի հարկէ, խօսքս Եկաւեանի, Գարեգինի, Ներսէսի մասին չէ, բայց կարելի է անոնց վճիռներն ալ մեղմացնել, եթէ աշխատող մը լինի… Յամենայն դէպս մի մոռնար մեր բանտարկուած ընկերները։

«Վանքի ապրանքները առ այժմ թող այնտեղ ալ մնան, մինչեւ որ այս փոթորիկը անցնի։ Սեպտեմբերին կարելի է մտածել զանոնք ներս անցընելու մասին։

«Չոփուրի խնդիրքը անտես մի՛ ըներ։ Թո՛ղ վանքէն մէկը անցնի Արապլու ու այնտեղ կրպակ մը բանալով գործի ձեռնարկէ, ատով հեշտացուցած կը լինինք Չոփուրի գործը։

«Որեւէ ձեւով աշխատելու ես քիւրտ Քոլոզը վերջացնել։ Խնդիրը անոր գողացած մէկ ձիու ու հրացանի մասին չէ, այլ անոր առած քայլի ծանրակշիռ հետեւանքներու մասին է։ Եթէ այդ Քոլոզը չպատժուի, մեր հմայքն ու հեղինակութիւնը մեծապէս ինկած կը լինի մեզ հետ գործ ունեցող քիւրտերու աչքին։ Այս հանգամանքը պէտք չէ մտքէ հանել։ Քոլոզը ամէն գնով պէտք է պատժուի։

«Տէ, սիրելիս, յոգնեցաւ գրելէ։ Երբ վաղը արեւը ծագի, իմ կեանքիս վերջին վարագոյրը արդէն քաշուած կը լինի։ Չարժէ տրտմել ատոր համար։ Ես բոլորովին խաղաղ սրտով կը դիմաւորեմ մահը։ Ես իմ պարտքս կատարեցի։ Սրտագին կը համբուրեմ ընկերները… Կը սեղմեմ անոնց կոշտացած ձեռքերը, ուժ ու եռանդ կը մաղթեմ անոնց՝ շարունակելու մեր սրբազան կռիւը, որմէ այնքան անակնկալ կերպով կը բաժնուիմ ես։

«Իմ անգին Լեւոն, կը յիշե՞ս երբ առաջին անգամ, մենք հանդիպեցանք իրարու, դու նորահաս պատանի մը այն ժամանակ, անփորձ նոր սկսնակ մը։ Ինձ համար այդ բարեբախտ հանդիպումը բաւական եղաւ գնահատելու քու արժէքը, գուշակելու քեզ վերապահուած դերը։ Ես չէի սխալուած։ Դու այսօր տիրական դէմք մ՚ես Վասպուրականի մէջ ու ծանր պարտականութիւն մ՚ունիս ուսերուդ վրայ։ Ինչպէս մինչեւ այժմ, ամուր պատուանդան մը եղար գործին, շարունակէ միեւնոյն ճանապարհով։ Մարդու անգնահատելի յատկութիւնը տալու կարողութիւնն է. տալ առանց սակարկութեան, առանց փոխարինութեան մը ակնկալութեան։ Իսկ այդ առաքինութեան ընդունակ են միայն հոգիով հարուստ քիչերը։ Դու այդ քիչերէն մէկն ես։ Ծառայէ հայ ժողովուրդին, եղիր ժողովուրդին հետ, ահա քեզի ուղղած իմ վերջին խօսքը։ Ջերմօրէն կը համբուրեմ քեզ»…

Լեւոնի ձայնը հազիւ կը լսուէր։ Սոնիան դէմքը թաշկինակով ծածկած՝ լուռ կ՚արտասուէր։ Քանի մը րոպէ վերջ, աչքերը սրբելով՝ մեղմօրէն հարցուց.

Ո՞չ մէկ խօսք Խատիճէի մասին։

Յետ գրութեան մը կայ, նոյն ձեւով պատասխանեց Լեւոնը,   երկտող մը միայն։ Լսեցէք.

«Ներփակ նամակը ինքդ անձամբ յանձնէ տիրոջը, ինչպէս եւ ծրարի մէջ գտնուած իրեղէնները։ Ինձմէ մնացած վերջին յիշատակներն են ատոնք… անբաւական յիշատակներ, որոնք թերեւս աւելի պիտի դառնացնեն զայն։ Միակ դառնութիւնը, որ ամպոտած է հոգիս, այդ՝ հարազատ զաւակիս ապագայ վիճակն է։ Չեմ գիտեր, թէ ի՞նչ կը լինի անոր կեանքը, բայց իմ սիրելի Լեւոն, եթէ երբ եւ իցէ կարողանաս զաւակիս եւ մօրը օգտակար լինիլ, ես վտահ եմ որ դու ուրախութեամբ պիտի կատարես այդ, մեր ընկերութեան սիրուն համար։ Այդ մասին վստահ եմ։ Քու հոգատարութեան կը յանձնեմ զանոնք»։

Տիրեց երկարատեւ լռութիւն մը։ Կարծես ոչ մէկը կ՚ուզէր խօսիլ։ Ատեն մը վերջ, Սոնիան արցունքոտ աչքերը սրբելով, շշնջալով հարցուց.

Ուրեմն, կ՚ուզէք Խատիճէի՞ն հանդիպիլ։ Ի հարկէ, այս տեղ…

Լեւոնը դրական իմաստով գլուխը շարժեց։

Այդ պարագային, ես առաւօտեան կը հանդիպիմ նախապատրաստելու համար զայն, իսկ կէս օրէ յետոյ ինքը կը լինի այս տեղ։

Կարգադրեցէք ինչպէս որ կ՚ուզէք։ Այժմ խօսինք գործի մասին։ Ես մէկ երկու օրէն քաղաքէն պիտի մեկնիմ, պիտի անցնիմ Շատախի կողմերը։

Ինչո՞ւ համար, ակամայ դող ելած հարցուց Սոնիան ու անմիջապէս ինքզինք հաւաքելով՝ սովորական հանադրտութեամբ շարունակեց,   մի՞թէ ձեր երթալը անհրաժեշտ է։

Կարծեմ։ Վահէն իրաւունք ունի։ Քաղաքի մէջ պատահած փոթորիկը անցած կարելի է համարել։ Ոչնչով օգտակար չեմ կրնար լինիլ այս տեղ այժմ։ Այն պահեստները, որոնք կառավարութեան ձեռքը չանցան, փոխադրուած են ապահով վայրեր. իմ հոս մնալս աւելորդ է։ Այս պահուս կառավարութիւնը մեծ թափով գաւառներու մէջ խուզարկութիւններ կը կատարէ։ Ժողովուրդը տանջելով ու սարսափեցնելով՝ հարիւրաւոր հրացաններ ձեռք անցուց։ Ժողովուրդը սարսափահար վիճակի մէջ բոլորովին բարոյալքուած, ընդունակ է յիմար քայլեր առնելու։ Հարկաւոր է անձամբ ժողովուրդի մէջ գտնուիլ, աշխատիլ բարձր պահել անոր տրամադրութիւնը, եւ ամենէն կարեւորը՝ կորուստէ փրկել մնացած ժողովրդական զէնքերը։ Այս աշխատանքին լծուած են Գէորգը, Պիծան, Մոսօն, բայց անոնց միաժամանակ ամէն տեղ չեն կրնար գտնուիլ, պէտք է օգնել անոնց։ Հետեւաբար ես ալ փոքր խմբով մը պէտք է երթամ գաւառները շրջելու։

Որ այդպէս է, ի հարկէ պէտք է երթաք։ Բայց չէ՞ք կարծեր, թէ քաղաքը չի կարելի առանց մարդու թողուլ։ Չէ՞ որ մինչեւ այժմ գաւառները իրար կապողը քաղաքն եղած է։ Հիմա, դուք ալ դուրս երթաք, չեմ հասկնար թէ այդ կապը ինչպէ՞ս եւ ո՞վ պիտի պահէ։

Դո՛ւք, օրիորդ Սոնիա…

Ե՞ս, կ՚երեւի, կատակել կ՚ուզէք, ես ի՞նչպէս կրնամ օգտակար լինիլ…

Շատ պարզ կերպով։ Որ քաղաքը առանց ղեկավարութեան պիտի մնայ, անշուշտ ցաւալի է, բայց անխուսափելի անհրաժեշտութիւն մը։ Պէտք է գոհանանք լաւագոյնն ընելով։ Մօտ երեք ամիս եղաւ ինչ այստեղ էք։ Որոշ չափով ծանօթացած էք ժողովրդին, սերտ կապեր ստեղծած էք։ Իսկ ամենակարեւորը ձեր անձին հանդէպ ստեղծուած վստահութիւնն  է։ Կուսակալէն սկսած մինչեւ յետին ոստիկանը ձեր վրայ կը նային որպէս անվնաս օտարականի մը, որ յեղափոխականներու հետ որեւէ կապ չունի։ Պէտք է օգտագործել այդ վստահութիւնը։

Բայց ինչպէ՞ս, այդ է որ ես յստակօրէն չեմ տեսար… Անշուշտ, դուք կը հասկնաք, որ ես պատրաստ եմ ծառայելու ինչով որ կրնամ, բայց…

Հիմա պիտի բացատրեմ… Նախ՝ պէտք է անկեղծօրէն խոստովանիմ, որ ձեզ համար վտանգաւոր հետեւանքներ կրնայ ունենալ այս գործը…

Խնդրեմ, վտանգի մասին մի՛ խօսիք, ես ուրախութեամբ կ՚ուզեմ աջակցիլ ընդհանուր գործին, եթէ դուք միջոցը ցոյց տաք… Անձնական ապահովութեան մասին մտածելու ժամանակը չէ…

Ճի՛շդ է, իրաւունք ունիք։ Դուք պիտի դառնաք գաւառները իրարու միացնող ներքին կապը, իմ բացակայութեան ժամանակ։ Յակոբը կը լինի ձեր խորհրդականը, ան շատ լաւ կը ճանչնայ գաւառը ու գրեթէ բոլոր գաւառական գործիչները։ Ուրեմն, ձեր գլխաւոր գործը կը լինի կապ պահպանել գաւառներու եւ մեր միջեւ։ Անձնապէս պէտք է խուսափիք երեւան գալէ, Յակոբը կը լինի դրսի մարդոց հետ յարաբերութիւն պահող անձը։ Սուրհանդակները եւ տեղական վստահելի ընկերները մօտէն կը ճանչնայ, պէտք եղած պարագային գործի կը դնէ յարմարաւոր մարդը։ Ասկէ զատ, արտասահմանէն մեզ համար ուղարկուելիք դրամը ձեր անունով պիտի գայ։ Հեշտութեամբ կրնաք այնպէս մը կարգադրել, որ դրամը գանձելով՝ հասցնէք ուր որ թելադրուի ձեզ։ Կը մնայ բանտարկեալներուն օգնութիւն հասցնելու խնդիրը։ Այդ մասին ձեզ պիտի օժանդակէ մեր վստահելի ընկերներէն Նշանը… Բայց անհրաժեշտ է, որ ան ձեզ ճանչնայ…

Որպէս յեղափոխակա՛ն,   ժպտալով Լեւոնի միտքը լրացուց Սոնիան,   քանի որ վստահելի ընկեր մ՚է կ՚ըսէք, ես անպատեհութիւն մը չեն տեսներ։ Ինքս միջոց կը գտնեմ անոր հետ յարաբերելու… Ուրի՞շ…

Առանց կասկած հրաւիրելու, աշխատիլ կուսակալի միջոցով բանտարկեալներու անտանելի վիճակը թեթեւցնել տալ։ Զարհուրելի պայմաններու մէջ կը գտնուին, ամէն օր ծեծ ու տանջանք…

Կ՚աշխատի՛մ, թէեւ յաջողութեանս այնքան ալ վստահ չեմ։ Թերեւս կուսակալի կնոջ միջոցով կարողանամ ազդեցութիւն բանեցնել… Ուրի՞շ…

Քաղաքի անցուդարձերու մասին երբեմն գրել Պիծային,   ստացած լուրերը ան կրնայ մեզ հաղորդել։

Այդ մէկը հազիւ թէ կարողանամ, ժպտալով պատասխանեց Սոնիան,   ես հազիւ թէ աշակերտի նման հայերէն կրնամ գրել։

Իսկապէս, ես զարմացած եմ որ այսքան տանելի հայերէն մը սովրած էք,   առանց մտածելու ըսաւ Լեւոնը եւ յանկարծ զգալով որ այդ խօսքերը կրնային զինք մատնել՝ լռեց։

Դուք… դուք ինչպէս գիտէք, որ միայն վերջերս սովրեցայ հայերէն,   զարմացած հարցուց Սոնիան։

Ե՞ս… շա՛տ պարզ է,   շփոթած կմկմալով պատասխանեց Լեւոնը՝ աշխատելով ելք մը գտնալ ու յանկարծ անսպասելի գիւտ մը ընողի ուրախութեամբ արագ արագ վրայ տուաւ. Ես Վահէին լսած եմ… կը պատմէր թէ անգամ մը Թիֆլիսի մէջ ձեզ հանդիպած է…

Օ՜… ճիշդ է, Արսէնեաններու տանը, ձախաւեր հանդիպում մ՚էր… Ինքզինքս այնքան յիմար կերպով պահեցի, որ հիմա կ՚ամչնամ յիշելու… Հազիւ քանի մը վայրկեան մնացի ու Վարդանի հետ միասին դուրս եկանք…

Այդ ա՞յն երիտասարդն է, որու համար կ՚ըսէիք, թէ դուք սպաննեցիք,   որպէս թէ միամտօրէն հարցուց Լեւոնը։

Այո՛, չոր կերպով պատասխանեց Սոնիան, որ ակներեւ դժգոհութեամբ վերջ կ՚ուզէր տալ այդ խօսակցութեան։

Անցեալի վերյիշումը ջղայնացուց Սոնիան։ Մռայլուած կծկուեցաւ ու գլուխը կախեց կրծքին, պատեանին մէջ քաշուած կրիայի նման։ Որքան կ՚ուզէր ազատուիլ իր կեանքը խորտակող այդ անցեալէն, որ իր կեանքին մղձաւանջն էր դարձած, երկաթէ ծանր թաթ մը, որ ճզմելով իր ճահիլ կեանքը, խորտակած էր իր երազներն եւ ապագայի յոյսերը։ Ա՜խ այդ թաթը, որ այնքան անսպասելի կերպով երեւան կուգար, երբ Սոնիային կը թուէր, թէ անցեալը թանձր մշուշով մը վարագուրուած է, թէ այլեւս նոր կեանք մը պիտի սկսի իրեն համար։ Ու ահա յանկարծ մշուշի մէջէն անկուշտ վիշապի նամն գլուխը կը բարձրացնէր հին պատմութիւնը։ Նորէն կը բացուէր հին վէրքը, կարծես աւելի խորացած, ալ աւելի արիւնոտ վիճակի մէջ։

Լեւոնի հանդէպ, վերջին ատենները, Սոնիայի հոգիին մէջ մեծ յեղաշրջում մը կատարուած էր։ Այդ անհրապոյր չոր երիտասարդի նկատմամբ զգացած սկզբնական խորշանքը, անոր հետ մօտէն շփուելէն վերջ, տեղի տուած էր համակրանքի, որ անհարթօրէն կը զարգանար իր մէջ։ Այը անհարթութեան գլխաւոր պատճառը Լեւոնի հանելուկային բնաւորութիւնն էր, երբեմն անմարդկային լինելու աստիճան դաժան ու կարծես մարմարի կտորէ մը կերտուած, իսկ երբեմն ալ այնքա՜ն քնքուշ եւ ջերմութեամբ լեցուն։

Լեւոնի բնաւորութեան փոփոխականութիւնը բնականաբար կ՚անդրադառնար Սոնիայի վրայ՝ անկանոն ելեւէջ մը տալով անոր զգացումներու զարգացմանը։ Երբեմն Սոնիային կը թուէր, թէ Լեւոնը կրնայ նոր Վարդան մը լինիլ իրեն համար, անցեալը մոռցնել տալ, ու հին վէրքը բոլորովին սպիանալով՝ ինք կ՚ապրի նոր կեանք մը այդ երիտասարդին հետ, որ տիրական դէմք մ՚էր, ուժեղ, գաղափարական ու հաւատաւոր հայրենասէր մը։ Երբեմն ալ, երբ Լեւոնը կ՚երեւար դաժան ու անսիրտ չորութեամբ, Սոնիայի հոգուն մէջ անորոշ վախ մը մեծնալով սարսափի կը փոխուէր։ Իսկ այդ սարսափը սանձահարած կը պահէր Սոնիայի զգացումները, որոնք ջերմաչափի սնդիկի նման վեր ու վար կը շարժէին։

Բայց ամէն բանէ աւելի անցեալ պատմութիւնը, միշտ կենդանի, կը թունաւորէր Սոնիայի հոգեկան անդորրութիւնը։

Երբ դիւանի վրայ կողք կողքի նստած այնքան մտերմօրէն կը խօսէին գործի մասին, անցեալի նկատմամբ Լեւոնի ակնարկութիւնը բաւական եղաւ, որ Սոնիան ցուրտ զգար ու հոգիին մէջ նորէն զարթնէր անդիմադրելի սարսափը։

Հոգեկան այս վիճակին մէջ, Սոնիան առանց կողքը նստողին նայելու, կը զգար սակայն Լեւոնի հայեացքին ծանրութիւնը իր դէմքին վրայ։ Ի՞նչ իրաւունքով Լեւոնը այդպէս կը նայէր իրեն, կարծես թէ…, ու ինքն իր վրայ ճիգ մը թափելով Սոնիան սառը ձայնով սկսաւ խօսիլ.

Խնդրեմ, խօսինք գործի մասին… Ինչ կը վերաբերի գրելուն, կ՚աշխատիմ լաւագոյնս ընելու… Եթէ ուրիշ պատուէր չունիք տալու… Անշուշտ հանգստանալ կ՚ուզէք, ձեր անկողինը իր տեղը մնացած է… Առաւօտեան կ՚երթամ Խատիճէի ետեւէն… ես ալ յոգնած եմ…

Լեւոնը բարձրացաւ տեղէն, ու «գիշեր բարի» ըսելով անցաւ կողքի սենեակը ու երկնցաւ անկողնի վրայ։ Սոնիայի յանկարծական սառնութիւնը, խօսակցութեան ստացած կտրուկ ձեւը չզարմացուց Լեւոնը։ Թերեւս ուրախ էր Սոնիայի հետ ունեցած յարաբերութեան պաշտօնական ձեւ ստանալուն համար։ Ի՞նչ օգուտ չոր յոյսերով ապրելէն., կը մտածէր Լեւոնը, երբ անանցանելի անդունդ մը կը բաժնէր զիրենք։ Լեւոնը հաւատացած էր, որ ոչ մէկ միջոց կրնայ այդ անդունդը կրկին լեցնել։ Վերջ ի վերջոյ Վահէն իրաւացի է, խորհեցաւ Լեւոնը, երբ կ՚ըսէ, թէ «մենք անձնական կեանք չենք կրնար ունենալ»։

Երբ յաջորդ օր Յակոբը ներս մտաւ ձայն տալու Լեւոնին, ժամը տասը անցած էր արդէն։ Սոնիան չկար։ Առտու կանուխ դուրս ելած էր Խատիճէին այցելելու համար։

Երկու հին ընկերները իրարու կողքի նստան։ Լեւոնը բացատրեց գործերու ընթացքը, գաւառ անցնելու անհրաժեշտութիւնը, ու յայտնեց, թէ իր բացակայութեան՝ Սոնիան գործերը պիտի տանի եւ թէ Յակոբը պէտք է գործակցի անոր։

Սոնիան վերադարձաւ կէս օր չեղած։ Յուզուած կ՞երեւնար։ Բակի մէջ խմբուած հիւանդներն ու աղքատները բաւարարելէ  ու ճամբելէ վերջ, աճապարեց սենեակը բարձրանալ։

Կարելի՞ է,   Լեւոնի սենեակի դուռը թխկացնելով հարցուց Սոնիան,   կ՚ուզէի ձեզ կարեւոր տեղեկութիւն մը հաղորդել։

Անշուշտ, անշուշտ, լսուեցաւ ներսէն տղու ձայնը ու մէկ երկու վայրկեան վերջ դրան սեմին վրայ երեւցաւ Լեւոնը,   ի՞նչ պատահած է, յուզուած կ՚երեւիք…

Այո՛, հանելուկային դէպք մը պատահած է երէկ գիշեր։ Խնդրեմ, նստէք,   ու Սոնիան աթոռ մը ցուցուց ու ինք դիւանի վրայ տեղաւորուեցաւ. Երեւակայեցէք, որ երէկ գիշեր բանտապետը սպաննուած է…

Ի՞նչ կ՚ըսէք, հաստա՞տ տեղեկութիւն է,   ու  Լեւոնը զարմացած սկսաւ մտածել այդ սպանութեան մասին, որմէ ինք բոլորովին տեղեկութիւն չունէր։

Բոլորովին հաստատ։ Հիւսէյին բէկի տանը կը պատմէին՝ սպանութիւնն ալ վերագրելով յեղափոխականներուն, թէեւ այնպիսի պարագաներու մէջ կատարուած է, որ մարդ կը դժուարի հաւատալ…

Այսի՞նքն…

Երեկոյեան բանտապետն ու ինչ որ Մէհմէտ Աղա, կ՚ըսեն կարտիաններու պետն է այդ մարդը, միասին դուրս կուգան բանտէն՝ իրենց տները երթալու համար։ Ճանապարհին, երկուքը միասին կառավարչատան քովի ոստիկանատունը կը հանդիպին։ Քանի մը րոպէ միայն մնալով՝ բանտապետը կը մեկնի։ Քիչ վերջն ալ Մեհմէտ Աղան։ Դեռ տուն չհասած, փողոցի մէջ յանկարծ դաշոյնի երկու հարուածներ ստանալով բանտապետը անշնչացած կ՚իյնայ։ Բանտապետի տունը Շամիրամի թաղին մէջ կը գտնուի, ուր հայեր դժուար թէ երթան, այն ալ այս խառնակ օրերուն… Դուք թերեւս նախօրօք տեղեկութիւն ունէիք։

Ո՚չ, ոչ տեղեկութիւն ունէի եւ ոչ ալ նման որոշում մը կար… Ինչ ալ լինի, խորհրդաւոր սպանութիւն մ՚է, ճիշդ Վահէի կախաղան բարձրանալու օրը…   Հետաքրքիր է շատ…, ու Լեւոնը սկսաւ մտովի խորհիլ, թէ արդեօք ո՞վ կամ ովքե՞ր կրնային այդ սպանութիւնը կատարել։

Սակայն, այդ խորհրդաւոր գաղտնիքը այդպէս ալ գաղտնիք մնաց մինչեւ վերջը։

Բանտապետի սպանութենէն վերջ անոր տեղը Սարի Մէհմէտ Աղան բանտապետ նշանակուեցաւ։ Ան շատ աւելի մարդկային վերաբերմունք մը ցոյց տուաւ հայ յեղափոխական բանտարկեալներու նկատմամբ։ Մէհմէտ Աղան Վահէի տուած քսակը այնպէս ալ պահեց, առանց դրամին ձեռք տալու։ Երբեմն, երբ տուն կուգար, եւ աչքը կ՚իյնար պատէն կախուած քսակին վրայ, սրտի խորքէն օ՜ֆ մը կը քաշէր, սիկարէթ մը կը պլլէր, ու երազկոտ տրամադրութեամբ բաձրացող ծուխին կը նայէր։

Անգամ մը Մէհմէտ Աղայի փոքր երեխան, Վահէի քսակը կախոած տեղէն վար առնելով՝ հետը կը խաղար։ Երբ հայրը տուն գալով տեսաւ տղու ձեռքին Վահէի նուիրած քսակը, փառաւոր տփոց մը քաշեց եւ քսակը նորէն տեղէն կախելով պատուիրեց տղուն.

Անգամ մ՚ալ այդ քսակին ձեռք զարներ։ Հասկցա՞ր, շատ լակոտ, քու ոսկորներդ իրար կ՚անցընեմ։ Այդ մարդու մը յիշատակն է, որ նահատակ եղաւ։ Ես Ստամպոլէն մինչեւ Վան, քաղաք չէ մնացեր պտըտած եմ, բայց երբեք անոր նման իգիթ մարդու չհանդիպեցայ։ Անգամ մ՚ալ ձեռք չզարնես այդ քսակին։

----

Կէս օրէ վերջ եկաւ Խատիճէն։ Եթէ Լեւոնը չգիտնար, թէ եկողը Խատիճէն է, հազիւ թէ ճանչնար զայն, այնքան որ փոխուած, մաշած էր մանկամարդ կինը։ Հարազատ եղբօր մը ջերմութեամբ Լեւոնը, ինքն ալ սաստիկ յուզուած, դիմաւորեց զայն եւ անոր ձեռքէն բռնած նստեցուց դիւանի վրայ իր եւ Սոնիայի մէջտեղը։

Ծանր տառապանք մը վիճակուեցաւ ձեզ,   կարեկցաբար խօսեցաւ Լեւոնը՝ զգալով որ այդ պահուն ընդունուած մխիթարական խօսքերը ծիծաղելի կրնային հնչել։

Աստուծոյ կամքը,   գլուխը ա՛լ աւելի ծռելով՝ պատասխանեց Խատիճէն, որու մարած ձայնը կարծես դատարկութեան մէջէն կուգար։

Խատիճէն երեւոյթապէս հանդարտ նստած էր, նոյնիսկ Սոնիայի ներկայութիւնը կարծես թէ՝ կ՚անգիտանար։ Դէմքը բոլորովին տժգոյն, միալար առջեւը կը նայէր, բութ, գրեթէ անկենդան հայեացքով։ Զարմանալի կերպով շարժումները ծանր հանդարտութիւն մը ստացած էին։

Օրիորդ Սոնիան յայտնած պիտի լինի, որ ձեզ յանձնելու ծրար մը եւ նամակ մը ունիմ,   ազդուած Խատիճէի պահած լռութենէն, մեղմօրէն շշնջաց Լեւոնը։

Առանց պատասխանելու, դեռատի կինը դրական իմաստով գլուխը մեղմօրէն վերէն վար շարժեց։ Այո՛, գիտէր, ծրար մը ու նամակ մը, նամակ մը Վահէէն… ու կարծես ուսերուն վրայ ահագին բեռ մը ծանրացած՝ ընկճեց Խատիճէն, որ զգացած ցաւէն երկու տակ եղած կ՚երեւնար։

Գրպանէն Վահէի նամակն ու թաշկինակի մէջ ծրարուած իրեղէնները հանելով՝ Լեւոնը զանոնք երկարեց Խատիճէին։ Առանց դիրքը փոխելու, Խատիճէն արձանի նման մեքենաբար ձեռքը երկարեց, առաւ Լեւոնի երկարած ծրարն ու նամակը, եւ կարծես այդ չնչին շարժումէն սաստիկ յոգնած, ձեռքը ինկաւ գոգին մէջ։

Խատիճէն, աղաւնեակս, սիրելի քոյրս…

Խատիճէն եւ ոչ իսկ կը լսէր Սոնիայի փաղաքշական խօսքերը։ Հայեացքը կեդրոնացուցած առջին, աչքերը խոշոր խոշոր բացած, ան ակնյայտնի սարսափով կը նայէր ափին բռնած ծրարին վրայ։ Յանկարծ ամբողջ մարմնով ցնցուեցաւ եւ ինքն իր վրայ կծկուելով՝ սկսաւ հոնգուր հոնգուր արտասուել այնքան սրտաճմլիկ հեկեկանքով, որ Լեւոնը անզօր էր ոեւէ կերպով օգնելու՝ տեղէն բարձրացաւ ու սկսաւ սենեակի երկայնքով ման գալ, մինչ Սոնիան գրկած մանկամարդ կինը՝ կ՚աշխատէր հագստացնել զայն։

Վահէ՛, Վահէ՛, նամակը շրթունքին տարած ողբագին կը հեծկլտար Խատիճէն։

Խատիճէ… անգինս… ու Սոնիան ալ, այլեւս ինքզինքը պահելու անկարող, փաթթուած ընկերուհիին, սկսաւ արտասուել։

Արցունքը վշտի սպեղանին է, կ՚ըսէին մեր պապերը։ Հոգու մէջ լեռնացած ցաւը, որքան ալ ահագին, կը նմանի ձմեռուան դիզուած ձիւնին, որ գարնան անձրեւներէն կը սկսի հալիլ։ Այդպէս ալ Խատիճէի անչափ տառապանքը, որու հոգեկան ու ֆիզիքական ուժերը մինչեւ որոշ աստիճան մը կրնային տոկալ, անկէ անդին արդէն փլուզումը պիտի յաջորդէր։ Թափած յորդառատ արցունքը կարծես մեղմացուց տառապանքը, ու երբ աչքերը սրբեց, աւելի կենդանացած կ՚երեւնար։ Յուզումէն դողացող ձեռքով բացաւ Վահէի նամակը, կարդաց ու առանց բառ մը արտասանելու՝ ծրարին հետ միասին ծոցը դրաւ։

Սոնիան ամոքիչ ձայնով կը խօսէր Վահէի մասին, պատմելով անոր հետ ունեցած առաջին հանդիպումը, երբ Թիֆլիս էին։ Վերջէն, երբ ակնարկեց Լեւոնին գրած նամակի մէջ զաւկի ապագայի մասին գրած տողերուն, Խատիճէն գլուխը բարձրացուց, աչքերուն մէջ զարմանալի կրակ մը վառուած, ու ձեռքը դնելով Սոնիայի ուսին՝ վճռական ձեւով մը ըսաւ.

Սիրելիս, մի՛ մտահոգուիր, ինչ որ էր հայրը, նոյնը կը լինի եւ զաւակը։

Երբ Խատիճէն կը պատրաստուէր մեկնելու, Սոնիան ալ ուզեց ընկերակցիլ անոր։ Խատիճէն վայրկեան մը Լեւոնի ձեռքը ափին մէջ պահելով, հանդարտօրէն ըսաւ.

Գիտեմ, որ անոր ամենամօտ ընկերն էիք։ Մի՛ մոռնաք, որ անմխիթար քոյր մը ունիք հեռաւոր Ապաղայի մէջ, եւ որբ երեխայ մը։ Ես վաղը կը մեկնիմ, այդպէս կը ցանկայ… ամուսինս։ Փոքրիկ Ալիի մասին վստահ եղէք… Աստուած մեծ է։

Սոնիան ու Խատիճէն միասին մեկնեցան։

Երբ երեկոյեան ուշ ատեն տուն վերադարձաւ Սոնիան, բակին մէջ հանդիպեցաւ Յակոբին։ Յակոբն ալ ճիշդ այդ պահուն ներս կը մտնար այգիի կողմէն։

Գիտէ՞ք, Լեւոնը մեկնեցաւ,   յայտնեց Յակոբը,   ուշացաք, չէր կրնար սպասել…

Իրա՞ւ…

Սոնիան յոգնած տրամադրութեամբ բարձրացաւ սենեակը։

Գլխարկն ոյւ վերարկուն աթոռի մը վրայ նետելով՝ Սոնիա կը պատրաստուէր ննջասենեակը անցնիլ, երբ աչքին դիպաւ սեղանի վրայ ձգուած նամակը։

Քանի մը տողով Լեւոնը կը բացատրէր մեկնելու անհրաժեշտութիւնը եւ կը յիշեցնէր նախորդ օրուան կարգադրութիւնները։

Սոնիան, վերջացնելով նամակը՝ սեղանին վրայ դրաւ զայն եւ աթոռ մը վերցնելով՝ նստաւ, արմուկները յենած սեղանին։ Գացեր էր Լեւոնը, բայց նամակն իսկ բաւական եղած էր նորէն վրդովելու Սոնիայի սիրտը։ Ակնապիշ կը նայէր ռուսերէն գրուած նամակին վրայ։ Զարմանալի բան, քանի կը նայէր մատիտով գրուած այդ երկտողին, իրեն այնպէս կը թուէր, որ այդ ձեռագիրը կը յիշեցնէր մէկ ուրիշը, որ սակայն կը խուսափէր յիշողութենէն։

Անշուշտ, ծանօթ, շատ ծանօթ գիր մ՚էր այդ գիրը, եւ Սոնիան չէր գիտեր, թէ ինչո՞ւ համար, երբ այդ գիշեր անկողին մտաւ, շարունակ այդ մասին կը մտածէր, առանց սակայն յիշելու, թէ ո՞րտեղ տեսած էր այդ գիրը կամ ինչո՞ւ այնքան ծանօթ կը թուէր այն։

Օր մը վերջը, Լեւոնը իր փոքր խմբի հետ գիշերով դուրս եկաւ Այգեստանէն եւ ուղղուեցաւ Ծըւըստանի վրայով դէպի Հայոց Ձոր։