Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻՍՎԷՐ ՌՍՊԻՆ

Հիւսիսէն հարաւ երկնցած լեռնաշղթայ մը իրարմէ կը բաժնէ Շատախն ու Մոկաց աշխարհը։

Այդ լեռնաշղթայի ընդարձակ տարածութեան վրայ կը բարձրանան մէկը միւսէն աւելի շքեղ գագաթներ, որոնց բոլորի վրայ կ՚իշխէ տասներկու հազար ոտք բարձրութիւն ունեցող Առնոս սքանչելի սարը, որու տարածուն փէշերը մէկ կողմէն կ՚երկարին մինչեւ Տիգրիսի ափը, իսկ միւս կողմէն՝ կը հասնին մինչեւ Վանայ ծողը՝ հանգոյց մը կապելով Եղերովի եւ Արտոսի փէշերուն հետ։

Հսկայ լեռներու, անդնդախոր ձորերու անհուն խառնարան մ՚է Վանայ ծովի հարաւային երկրամասը, ուր Կառկառն ու Մոկսը, Շատախն ու Փեսան Դաշտը, Գաւաշն ու Կարճկանը կը սահմանաւորուին իրար խաչաձեւով բարձր լեռնաշղթաներով։ Այդ լեռնաշղթաներու լանջքերուն կ՚երկարին Հայկական Բարձրաւանդակի լաւագոյն եայլախները, կամ, ինչպէս սովորաբար կ՚ըսեն, զօմանները։

Առնոսի դէպի Մոկս նայող կողին, փոքր լեռնադաշտի մը հարթութեան վրայ, ամէն տարիներու նման իր ահագին չատրը զարկած էր Միլանցի աշիրաթի  մեծը, Իսվէր Ռսպին, մինչ իր ցեղակիցներու չատրներու շարքը կ՚երեկարէր Արմշատէն մինչեւ Ոստանի սարը։

Միլանցիները քրտական բազմամարդ, հարուստ ու լաւ զինավարժ աշիրաթ մ՚էն։ Տարին տասներկու ամիս շարժման մէջ լինելով՝ անոնք առանց մշտական կայանի մը, միշտ ճամբու վրայ կը գտնուէին, իրենց ամբողջ հարստութեան հետ միասին։ Ընտանիքներով, ճիժ ու պժերով, ոչխարի անհատնում հօտերով, ջորիներու երամակներով եւ արաբական հռչակաւոր ձիերով, այդ քոչուորները նայած եղանակին, դանդաղօրէն մէկ դէպի հարաւ կը շարժէին, մէկ դէպի հիւսիս։ Այդպէս էր Միլանցի աշիրաթի կեանքը։ Ճէզիրէի տափաստանները կը համարուէին անոնց ձմեռանոցները, ուր քանի մը ամիս մնալէ վերջ, զանազան ուղղութիւններով կը տարածուէին, հետզհետէ բարձրանալով դէպի հիւսիս։

Միլանցիներու ցեղապետը, Մստօ փաշան, մինչեւ Պոհտանի Ճամէ Կարէ ըսուած վայրը իր ցեղակիցներու հետ բարձրանալէ յետոյ, այդ դրախտանման վայրին մէջ կը զարնէր իր բազմաթիւ վրանները, մինչ իր աշիրը երկու թեւի կը բաժնուէր. մէկը կ՚անցնէր Տոսքու լեռնադաշտով դէպի Նորտուզի սարերը, իսկ միւսը, Իսվէր Ռսպիի առաջնորդութեամբ, կուգար Արմշատ հայկական գիւղի դիմաց։ Հոն Տիգրիսը անցնելու համար, Ռսպին ամէն տարի թարմ ճիւղերէ հիւսուած կախեալ կամուրջ մը կը ձգէր յորձանուտ գետի վրայ։ Այդ օրօրուող կամուրջի վրայէն կ՚անցնէին բազմահազար ոչխարի հօտերը, ջորիները, ձիերը։

Առնոսի գագաթէն քանի մը հարիւր քայլ վար փոքր հարթութեան մը կենդրոնը զարնուած էր Իսվէր Ռսպիի այծի մազէ հիւսուած շատ ընդարձակ վրանը, չորս սիւներու վրայ բարձրացած։ Այնքան ընդարձակ էր այդ վրանը, որ տասը ընտանիքներ կրնային հանգստօրէն ապրիլ անոր մէջ։ Ջիլերով հիւսուած շարժական միջնորմներով զատուած զանազան բաժանմունքներ ունէր վրանը, որու կեդրոնը կը գտնուէր Իսվէր Ռսպիի սենեակը, որ միաժամանակ իր ննջարանն էր, ճաշարանը, հիւրասենեակը։ Մնացած բաժանմունքներէն ոմանց մէջ Իսպիի ամուսնացած տղաքը կ՚ապրէին. ոմանք ալ տնտեսութեան յատկացուած էին եւ կամ ծառաներուն։

Լուսաստղը հազիւ բարձրացած՝ կեանքը սկսաւ խլրտիլ վրանին տակ։ Վրանի հեռաւոր ծայրին երեք քարերու արանքը օճախը կը վառէր։ Կին մը պղնձէ լէկէնի մը մէջ խմոր կը հունձէր երկաթէ տախտակներու վրայ, քոչուորներուն յատուկ հացը եփելու համար։ Երկու կիներ թաղիքները կը հաւաքէին։

Մազէ գործուած երկու օրօրոցներուն մէջ քնացող երեխաները, կ՚երեւի օճախի ծուխէն անհանգիստ, ձայներնին գլուխնին ձգած, միաբերան կը ճուային։ Անոնց ուշադրութիւն իսկ դարձնող չկար։

Ռսպիի մանկամարդ աղջիկը վրանի արեւմտեան փէշերը կը բարձրացնէր, ձողերու վրայ ամրացնելով զանոնք։

Իսվէր Ռսպին պառկած տեղէն բարձրացաւ, երբ աղջիկը վրանի փէշը վեր վերցուց։ Ռսպին ճերմակ շապիկի ու վարտիքի վրայէն թալաֆի ապան ուսերուն նետեց, մետաքսէ փուշին անցուց գլուխը, փուշիի վրայէն ալ ոսկեթել բանուած ակալը ամրացուց, ճերմակ շապիկի մինչեւ գետինը հասնող թեւերը իրարու հանգուստելով ծոծրակէն կախեց եւ դուրս գալով վրանէն երկու տասնեակ մը քայլ հեռաւորութեան վրայ գտնուող աղբիւրին մօտեցաւ։ Հանդարտ շարժումով կկզեցաւ աղբիւրին առջեւ ու երկու ափերով սառնօրակ ջուրը երեսին զարկաւ։

Աստուած մեծ է, եւ Մուհամմէտը անոր Մարգարէն,   դէմքը դէպի հարաւ դարձուցած՝ քանի մը անգամ միեւնոյն նախադասութիւնը կրկնելով վերջացուց կարճ աղօթքը, ու հանդարտաքայլ մօտեցաւ վրանին։

Բարձրահասակ, լայնաթիկունք, պատկառելի ծերունի մ՚էր Իսվէր Ռսպին, Միլանցիներու աղան։ Բացի իր առասպելական հարստութենէն, Իսվէր Ռսպին հռչակուած էր որպէս արդարամիտ մարդ մը, աստուածաշնչական մեծ նահապետ մը, որուն կը դիմէին բացի իր ցեղակիցներէն, նաեւ շրջանի քրտերն ու հայերը։ Տասնեակ տարիներէ ի վեր Ռսպին այդ եայլախները կը բարձրանար՝ բարի դրացիական յարաբերութիւն պահելով Շատախի եւ Մոկսի հայերուն հետ։ Անոր սարսափէն ոչ մէկ Միլանցի քիւրտ կրնար անիրաւի հայու մը չոփը վերցնել։

Իսվէր Ռսպին հազիւ թէ վրանին մօտեցած էր, երբ առաւօտեան խոր խաղաղութեան մէջ, շատ հեռուէն, քոչարներու յատուկ ազգանշանը լսուեցաւ.

Տի՛, լի՜, լի՜ լի՜ լի՜…

Ճաֆէ՛ր, այ տղայ Ճաֆէր,   պահ մը ուշադրութեամբ ձայնի ուղղութեամբ մտիկ ընելէ վերջ գլուխը վրանէն ներս կոխած՝ պոռաց Իսվէր Ռսպին։

Պապօ՛, վրանի բաժանմունքներէն մէկէն դուրս թռաւ քնաթաթախ պարթեւ երիտասարդ մը։

Տղա՛յ, Հասոյի ձայնը ձորամէջէն կուգար։ Շուտ թռիր, տես՝ ի՞նչ պատահած է։

Վրանի սիւնէն կախուած հրացանը ուսին նետելով, Ճաֆէրը ցիցի մը կապուած մերկ ձիու մը վրայ նետուեցաւ եւ ակնթարթի մը մէջ անյայտացաւ գունաթափ խաւարին մէջ։

Իսվէր Ռսպին, ատեն մը հեռացող տղու ուղղութեամբ նայելէ վերջ, ներս մտաւ վրանը, ու մէջքը յենած վրանի սիւնին՝ բազմեցաւ հաստ թաղիքներու վրայ։

Աստուած մեծ է, եւ Մուհամմէտը անոր Մարգարէն,   մրմնջեց Ռսպին ու գոհունակութեամբ աչքը պտըտցուց Մոկսի վայրի գեղեցկութեան վրայ, ուր անդնդախոր ձորեր կ՚երկննային դէպի Մոկսի գետի հովիտը։

Կամաց կամաց լուսնալ սկսաւ։ Սարերու գագաթներէն արեւի ճառագայթները թափեցան, մինչդեռ ձորերու խորքին մէջ խաւարը օրհասական պայքար կը մղէր։ Վրանի աջ ու ձախ կողմերուն կ՚երեւային ոչխարի բազմաթիւ հօտեր, որոնք կանաչ ֆօնի վրայ նաշխուն կապերտի նման՝ հանդարտօրէն կը շարժէին։ Հեռուէն հեռու կ՚երեւնային քոչարներու վրանները, որոնք անկտրուկ շղթայի նման կ՚երկարէին լեռնաշղթայի ամբողջ երկարութեամբ։

Տի՛, լի՜ լի՜ լի՜ լի՜…

Անդորր խաղաղութեան մէջ կրկին անգամ լսուեցաւ քոչարներու սովորական կանչը, բայց այս անգամ շատ մօտէն եւ երկու րոպէ չանցած՝ վրանի առջեւ ձիէն վար ցատկեց Ճաֆէրը, սանձը ձիու գլխէն հանեց ու մօտեցաւ հօրը։

Հը՞, խե՞ր է տղայ, ի՞նչ պատահած է։

Պապօ, բան չկայ… տասնեւհինգ քսանի մօտ Ռօմի ասկերներ կուգան ձորամէջէն…

Ասկե՜ր,   դժգոհ քրթմնջաց Իսվէր Ռսպին,   այդ շները էս կողմերը ի՞նչ բան ունին…

Ո՞վ գիտէ, թերեւս Մոկս կ՚անցնին։

Խօսեցա՞ր հետները։

Չէ՛, դեռ հեռու են, հազիւ ժամէ մը հասնին։

Մօրդ յայտնէ, թո՛ղ պատրաստութիւն տեսնէ… բան մը ուտեն ու չքուին երթան…

Ճաֆէրը անմիջապէս անցաւ վրանի միւս ծայրը, ուր օճախի մը առջեւ քանի մը կիներ սաճերու վրայ հաց կ՚եփէին, իսկ երկու ուրիշ կիներ կաթսաներով կաթ կը տաքցնէին, ուրիշ   մը, Իսվէր Ռսպիի աղջիկը, կը զարնէր եռոտանիէ կախուած խնոցը, որ պարզապէս ոչխարի տիկ մըն էր։

Մարէ, Ռօմի ասկեր կուգայ ճաշ պատրաստէ…

Չոռ ու ցաւս ուտեն այդ ասկերները, ծուխէն արցունքոտ աչքերը ճմռթկելով քրթմնջաց պառաւը,   աղջի՜ սատկելիք, շերեփը դարձուր, կաթի տակը առաւ…

Իսվէր Ռսպին ծալապատիկ նստած՝ հանդարտօրէն չիպուխը կը քաշէր, երբ Ճաֆէրը ներս մտաւ ու յայտնեց, որ ասկերները սարը շրջեցան եւ շուտով կուգան։

Տղա՛ս, գնա՛ դիմաւորելու։

Քառորդ մը չէր անցած, երբ Ճաֆէրի հետ տասնեւհինգ ասկերներ, իրենց միլազիմի հետ վրանէն ներս մտնելով, բարեւեցին ու շուրջանակի նստան։

Բարով եկաք, հազար բարով, իմ աչքիս, իմ գլխուս վրայ տեղ ունիք։

-----

Անշուշտ ընթերցողը գլխի ինկաւ, որ այդ ասկերները թուրք զինուորներ չէին, այլ Լեւոնը ու իր ընկերները, որոնք Բոլսի ձորէն բարձրանալով եկած էին հոդ։

Սովորական խօսակցութիւն մը ծայր առաւ, երբ երկու ղոլամներ, մէկ լէկէն ու իբրէք մը ձեռքը, իսկ երկրորդը երեսսրբիչով ներս մտաւ։ Ռսպիի աղջիկն ու  ուրիշ կին մը սփռոց մը փռելով սեղանը շտկեցին։ Սեղանի չորս բոլորը ծալապատիկ նստողները, ձեռները լուալէ վերջ, սկսան ճաշել։

Իսվէր Ռսպին սեղանը վայելելէ վերջ, Լեւոնի մէկ ակնարկին վրայ հայդուկները վրանէն դուրս ելան եւ հաւաքուեցաւ աղբիւրի գլուխը, մինչ Լեւոնն ու Ղարիպը մնացին առանձին Իսվէր Ռսպին հետ։ Ծերունի ցեղապետը կասկածանքով կը դիտէր տղայոց շարժումները, մանաւանդ երբ նշմարեց Լեւոնի ըրած գլխու թեթեւ շարժումը հայդուկներուն, որ դուրս գան վրանէն։ Ռսպին անհանգստացած չորս կողմը կը նայէր, երբ Լեւոնը հանդարտօրէն չանթան բացաւ ու քսակի մէջէն արծաթ դրամի մը կէս կտորը հանելով՝ առանց բառ մը արտասանելու երկարեց Իսվէր Ռսպիին։ Թրքական մէճիտիէի մը մէկ մասն էր, մէջտեղէն անկիւնաւոր զիկզակով մը երկու մասի բաժնուած։ Հազիւ թէ Ռսպին փողի կէսը ձեռքն առաւ, կողքի քսակի մէջէն ուրիշ կտոր մը հանեց ու իրարու քով բերաւ։ Երկու կտորները կատարելապէս զիրար կը լրացնէին։ Ռսպիի քիչ առաջուան մտահոգ դէմքը պայծառացաւ, մէկ ալ ծունկը ծեծելով՝ բարձրաձայն սկսաւ ծիծաղիլ։

Մարդ ամէն ձեւի մէջ կրնայ հանդիպիլ ձեզի… եաման մարդիկ էք… Բայց այս արդէն անսպասելի էր… երկու տարի առաջ ալ, աշնան կողը, Վահէ փաշան Ճամէ Կարէ եկաւ, որպէս Ֆրանկ բժիշկ մը… Վալլահի, թաւուր մարդիկ էք, մարդ հիչ չսպասած տեղը կրնայ ձեզի հանդիպիլ… Ձեզմէ շատերուն հանդիպեր եմ, բայց քեզի տեսած չունէի… Հրամանքդ ո՞ր տեղէն կուգաս…

Շատախի կողմերէն. անորոշ կերպով պատասխանեց Լեւոնը, որու խօսքերը քրտերէնի կը թարգմանէր Ղարիպը։

Վահէ փաշայի պատահածը լսեցինք,   ցաւակցօրէն գլուխը շարժելով խօսեցաւ Ռսպին,   ափսոս եղաւ, կտրիճ, խօսքի տէր մարդ մ՚էր… ծունկ ծունկի կը նստէր մեր Մստօ փաշայի հետ հարազատ եղբայրներու նման։ Ափսոս եղաւ, շատ ափսոս… Ռօմի տունը քանդուի ինշալլահ… էն մէկէլը, քաղաք նստող ձեր մեծ կոմիտէն, Լեւոն փաշան, անունը լսեր, զինք չեմ տեսեր… անշուշտ անոր կողմէն կուգաս… Հալը, քէֆը ինտո՞ր է… Որ զինքը տեսնես, իմ կողմէս շատ, շատ բարեւ խօսէ։ Իրա՞ւ է, որ ձիու նալը մէկ ձեռքով կը ծռէ… Անոր մասին մեր աշիրաթի մէջ շատ մը բաներ կը պատմուին։

Յանկանալով իր ինքնութիւնը ծածկել, Լեւոնը պատասխանեց որ Լեւոն փաշան շատ լաւ է, մասնաւոր բարեւներ ունի ու ծխախոտի արծաթէ տուփ մը յանձնած է իրեն՝ իր լաւ բարեկամին, Իսվէր Ռսպիին տալու համար։ Ու չանթային մէջէն ծրար մը հանելով, երկարեց Ռսպիին։

Մինչ Լեւոնն ու Իսվէր Ռսպին վրանի տակ իրենց խօսակցութիւնը կը շարունակէին, հայդուկները, աղբիւրի շուրջը թաւ գորգի նման կանաչի վրայ պառկած, համբերութեամբ կը սպասէին Լեւոնի կարգադրութեանը։

Իսվէր Ռսպիի մեծ վրանի տակ աշխոյժ կեանք մը կ՚եռար։ Երբեմն Ռսպիի աղջիկներէն մէկն ու մէկը, պղնձէ խալկին մը բռնած, կը վազէր աղբիւրի մօտ ջուր տանելու, բոլորովին չքաշուելով օտարականներու ներկայութենէն։ Քոչար քրտուհիները, մինչեւ ոտքերը հասնող երկար պարեգօտ մը կը հագնին, մէջքերնին սեղմած գօտիով, իսկ գլուխնին կը ծածկեն փուշիով։ Բարձրահասակ, շքեղ կազմուածք մը ունին  ու զարմանալիօրէն գեղեցիկ են, սարերու վայրի մարալներու նման։

Մասնաւորաբար մէկը այդ աղջիկներէն, հազիւ տասնեւհինգ տարեկան գեղեցկուհի մը, հայդուկներու ուշադրութիւնը գրաւեց։

Ա՜խ, մէկ սա Հայաստանը ազատուէր ու մենք ալ կնկայ տէր լինէինք,   հառաչելով քթի տակէն խօսեցաւ Աբրօն,   տնաքանդի աղջիկը խելքս գլխէս տարաւ…

Կա՞ր որ, հեգնեց ընկերներէն մէկը, աչքդ շատ վեր մի՛ տնկեր… շաշ կը դառնաս, Աբրօ ջան։

Տղերք, ձայն տուաւ Սալտաթը, եթէ օր մը պատահի որ ամուսնանամ, անպատճառ քոչարի աղջիկ պիտի առնեմ… ես էսպէս գեղեցիկ աղջիկներ չէի տեսած կեանքիս մէջ։

Հա՛, մէկ ատ էր պակաս, ծօ մէկ դէմքիդ նայէ, մարդ քեզ տեսնելուն լեղաճաք կ՚եղնի, երկար պեխերը ոլորելով ըսաւ Առիւծ Գեւօն, ոչ պակաս գրաւուած քոչար աղջիկներու մարմնեղ գեղեցկութեամբ։

Հը՜, մեծ ախպէր, չլինի՞ դուն ալ կը մտածես ամուսնութեան մասին,   չարամտօրէն ժպտելով խօսքի մէջ ինկաւ Թոփալ Սատանան, եթէ տարիքդ անցուկ չեղնէր…

Ե՞ս ալ ծօ ի՞նչ ըսել կ՚ուզես, եանի ես մարդ չեմ, իմ ի՞նչս պակաս է,   տաքացաւ Առիւծ Գեւօն։

Վայ մեր գլխուն, տղաք,   պոռաց Արշակը,   պառաւ ձին ալ խրխնջալ սկսաւ։

Գարին շատ մի՛ տաք,   հեգնեց ուրիշ հայդուկ մը, - ակռաները կ՚առնէ։

Վաթսունէն վերջ, նոր բարի լոյս,   ընկերներուն աչք ընելով ըսաւ Սալտաթը, մինչ հայդուկները քրքջալով կը ծիծաղէին։

Առիւծ Գեւօն շանթահարող հայեացքը մը նետեց ընկերներուն վրայ, բարկացած քանի մը քայլ հեռացաւ ընկերներէն, կանաչի վրայ պառկելով, գլուխը հանգչեցուց թեւերուն վրայ, ու դառնացած սրտով սկսաւ մտածել։ Է՜յ աշխարհ, երէկուան լակոտներն ալ լեզու ելած, զինք ձեռք կ՚առնէին։ Ալ ինչպէ՞ս դիմանար ինքը։ Եւ սակայն, Առիւծ Գեւօն, թէկուզ ակամայ, իրաւունք կուտար ընկերներուն։ Ի՞նչ եղաւ իր կեանքը։ Քանի՜ տարիներ առաջ դուրս եկաւ գիւղէն ու այն ելնելը եղաւ։ Ատկէ վերջ օր մը օրանց հանգիստ չունեցաւ։ Հայրենական օճախը ձգած, յեղափոխական հայդուկ մը, Հայաստանը մէկ ծայրէն միւսը շրջեցաւ, ու ո՞վ գիտէ, թէ ո՞ր քարի տակ, օր մը պիտի իյնար։ Ահա շուտով քառասունն ալ պիտի անցնէր… Չէ, Առիւծ Գեւօն թէկուզ ինքնիրեն մտածած ժամանակ իսկ, չէր ուզեր խոստովանիլ, որ տարիքը ճամբան ձեռք առած կ՚երթայ եւ որ յաջորդ Բարեկենդանին յիսուն տարեկան պիտի լինի։ Յուսահատ վճռականութեամբ կառչած էր քառասունին ու չէր ուզեր ատկէ անդին անցնիլ։ Այս ինքնախաբէութիւնը կը մխիթարէր զինք։ Ա՜խ, որ մէկ մը Հայաստանը ազատի, կը մտածէր Առիւծ Գեւօն, հեծկլտուք մը խեղդելով կոկորդին մէջ, անմիջապէս պիտի երթար Ալաշկերտի իրենց գիւղը, մալ ու միւլքին տէր պիտի կանգնէր, հօրենական օճախը պիտի շէնցնէր։ Եւ ինչո՞ւ չէ որ։  Կը կարգուէր, սիրուն որբեւայրի հարսի մը հետ։ Որբեւայրի հարսի մը հե՞տ։ Այս միտքը շատ ալ դուր չեկաւ Առիւծ Գեւոյին։ Սրտովի չէր։ Ինչո՞ւ համար որբեւայրի հարս մը. փառք Աստուծու, դեռ ինք առոյգ տղամարդ մը, ուժը, կարողութիւնը տեղը, ալ որբեւայրի՞ս որն է, մտածեց Առիւծ Գեւօն։ Տասնութը, քսան տարեկան կոյս աղջկան մը հետ կ՚ամուսնանայ, հինգ վեց տարիէն երեք չորս զաւակներ կ՚ունենայ, օճախը կը շէննայ, երեխաները ծունկերուն վրայ առած՝ կը խաղցնէ։ Երբ երեկոները դաշտի աշխատանքէն տուն կը վերադառնայ, օրուան աշխատանքէն յոգնած ու քրտնած, զաւակներուն մայրը տան շէմքին վրայ կը դիմաւորէ զինք, պղնձէ թասով թանը դէմ կուտայ, երեխաներն ալ զինք կը շրջապատեն, «պապօ, պապօ» կանչելով։

Առիւծ Գեւօն ձեռքը աչքին տարաւ ու արցունքոտ աչքերը սրբեց։ Ա՜խ, Հայաստանը մէկ մը ազատուէր։

-----

Իսվէր Ռսպին մինչեւ մթնշաղը պահեց հիւրերը։ Երբ հայդուկները երեկոյեան ընթրիքէն վերջ մեկնեցան դէպի Մոկս, ամէն մէկու շալակը ծանրաբեռնուած էր նոր բեռով մը։

Տեսնես ի՞նչ է տոպրակիս մէջինը,   կը հարցնէր Թոփալ Սատանան,   շատ ծանր է։

Խելքդ սիրեմ, ծօ, ի՞նչ պիտի լինի, մէկ մը ձեռքով տնտղէ՝ կը հասկնաս, հրացանի խողովակներ են, փամփուշտ, չոռ ու ցաւ։ Վա՜խ, մէջքս կոտրեցաւ, էն ծանր տոպրակը ինծի բաժին հանեցին։ Հէչ տարիքիս պատիւ տուող չկայ… Ես ձեր բոլորին ալ…

Հա՛, տեղը գայ երիտասարդ ես, կարգուիլ կ՚ուզես, բեռ շալկելու որ գայ…

Ծօ՛, ձէնդ…

Լեւոնը, Ղարիպը ու Բոլսեցի վալադը առաջ ինկած՝ խոշոր քայլերով կ՚իջնէին Հառինջի ձորն ի վար։ Տղաքը կը հետեւէին անոնց, երբ հեռուէն լսուեցաւ Դէմկոռի շներու հաջոցը։ Առջեւէն գնացողները կանգ առին։ Խումբը եկաւ հասաւ անոնց։

Տղաք, զգուշութեամբ պէտք է անցնել, ոչ Դէմկոռ եւ ոչ ալ Հառինջ կանգ պիտի առնենք։ Ոտքերնիդ քիչ մը բարձրացուցէք։ Պէտք է լուսը չբացուած՝ Ամենափրկիչ վանքը հասնել։ Հանգչելու ուրիշ տեղ չունինք։

Հառինջի ձորի մէջէն փոքր գետակ մը կ՚անցնէր։ Այդ գետակը ձորի երկու կողմերէն վազող առուներէն ուռճելով կ՚երթար կը միանար Մոկսի գետին։ Ճանապարհը այդ գետակի մօտէն կ՚անցնէր, Դէմկոռ, Խաչենց եւ Հառինջ հայկական գիւղերու մէջէն անցնելով։ Խումբը բնականաբար ստիպուած էր գիւղերուն մօտենալու պարագային ճանապարհէն շեղիլ ու շրջան մը ընելով գիւղի վերէն կամ վարի կողմէն անցնիլ։

Սովորական բեռներէն զատ, շալկած տոպրակները սաստիկ յոգնեցուցած էին հայդուկները։ Ամբողջ գիշերը քալելէ վերջ, մեծ դժուարութեամբ հասան Ամենափրկիչ վանքը, երբ լուսաստղը արդէն մէկ նիզակաչափ բարձրացեր էր արեւելքէն։

Բակի մէջ գտնուող հօտաղներէն մէկը առաջնորդեց խումբը վերի յարկը։

Օրհնեա՜ ի տէր, տէր հայր,   ըսելով  խմբով երկրորդ յարկի մեծ սենեակ մը մտաւ Լեւոնը։

Աստուա՜ծ…— ու ծերունի քահանան առանց շարունակելու զարմանքով նորեկներուն նայեցաւ. աս ինչպէս խապար է…

Շարունակէ, տէր հայր, շարունակէ, հայ քրիստոնեաներ ենք,   ծիծաղելով մօտեցաւ ու քահանայի ձեռքը համբուրեց Լեւոնը,   մինչ հայդուկները ֆէսերնին վար առած՝ կարգով մօտենային պատկառելի ծերունիին ձեռքը համբուրելու։

Ամենափրկիչ վանքի վանահայրը կը համարուէր քահանան, ութսունըհինգ տարեկան, ձիւնի նման ճերմկած մազ ու մօրուքով նահապետ մը, որ սենեակի բաց պատուհանի առջեւ նստած՝ առաւօտեան աղօթքը կը մրմնջար։

Ալ օյին մնա՞ց որ խաղաք կառավարութեան գլխուն,   չորս բոլորը շարուած տղոց վրայ հայեացք մը դարձնելով քմծիծաղով մը ըսաւ Տէր հայրը,   տէր Աստուած, էս յեղափոխականներդ, ոնց որ սատանայ, ամէն ձեւի կը մտնաք…

Հարկը այդպէս կը պահանջէ, տէր հայր։ Այս կողմերը ի՞նչ կայ չկայ…

Սաղութիւն, որդի։

Տէր հայրը ո՞րտեղ է…

Ծօ, տղայ, հօտաղին պատուիրեց քահանան,   գնա Գաբրիէլը կանչէ։

Գաբրիէլը ծերունի քահանայի զաւակն էր, նոյնպէս քահանայ։ Քիչ անցած՝ սենեակէն ներս մտաւ պարթեւ հասակով, յիսուննոց մարդ մը, գեղական շորերով, արեւէն խանձուած դէմքով։ Տէր Գաբրիէլ հազիւ ներս մտած, ուրախ բացագանչութեամբ վազեց Լեւոնի մօտ։

Գալուստդ բարի, երկու շաբաթ առաջ Պիծան գրած էր, որ մեր կողմերը պիտի անցնիս։ Աչքս ջուր կտրեցաւ՝ ճամբադ սպասելով։ Հայր, մեր պարոն Լեւոնն է…

Հա՞, անունդ լսած էի, տղաս, փառք Աստուծու, աչքովս ալ տեսայ։ Անօթի կը լինէք, Գաբրիէլ, ձեռաց բան մը պատրաստել տուր։

Նախաճաշէն վերջ, մինչ հայդուկները երկնցան հանգստանալու, Լեւոնն ու Տէր Գաբրիէլը առանձնացան վանքի խուցերէն մէկուն մէջ։

Ասոնք,   մատով պարկերը ցուցնելով ըսաւ Լեւոնը,   մէկ երկու օրէն Սուրս պէտք է փոխադրել, Հառինջի, Խաչենի շալակաւորները կանչել տուր, ինքդ ալ կ՚առաջնորդես։

Շատ լաւ։

Բէկը ինչպէ՞ս է։

Ամէն ատենուան նման, պարապ ժամերուն նստած աւետարան կը կարդայ։ Վերջերս վանքի մէկ արտը գրաւեց որպէս թէ ժամանակաւոր կերպով։ Ձայն չհանեցինք։

Լաւ ըրիք, չարժէ ատոր համար խնդիր հանել։ Եօլա երթալու է հետը, պէտքական մարդ է։ Աշկանցի ու Տըտեցի քոչարները այս տարի նորէն ժողովուրդին նեղութիւն կուտա՞ն։

Ահա, մինչեւ այստեղ հասցուցին,   ու Տէր Գաբրիէլը ցուցամատը կոկորդին տարաւ,   նորէն մեր կողմի ժողովուրդը, Մուրթուլլահ բէկի ազդեցութեան շնորհիւ, համեմատաբար հանգիստ է։ Բայց Կառկառի խեղճ հայութեան նեղութեանը չափ ու սահման չկայ. ամէն օր ալան թալան։ Տըտեցի քրտեր անցեալ շաբաթ իջեր են խնձորուտի կելին, ու Հալսի տաւարը քշեր տարեր են… Խեղճ Հալսեցիները, արդէն քանի մը տնուոր, հիմա վզերնին ծռած, ձեռքերնին ծոցերնին մնաց։

Լաւ, ինչպէս կ՚երեւի, այս անգամ տըտեցիներու հետ հաշիւնիս կը փակենք, իսկ Ալկանցինե՞րը։

Էհ, պարոն Լեւոն, Սատանի ճուտեր երկուքն ալ, մէկուն անունը Սլիկ, մէկէլինը Պլիկ, տասը նալլէթ Սլիկին ալ, Պլիկին ալ…

Տէր հայր, խմբի ներկայութեան մասին ոչ մէկ խօսք։ Վերադարձիս գիւղերու գործադիրները կը հաւաքես հոս, կը խօսինք տեղական խնդիրներու մասին։ Գէորգէն լուր կա՞յ։

Լսածովս Կառկառէն Կարճկանի կողմերը անցած է։

Այս շրջանի գործերը ի՞նչ վիճակի մէջ են։ Խուզարկութիւններ եղա՞ն։

Չէ, մենք այդ փորձանքէն ազատեցանք։ Մարթուլլահ բէկը վրան առաւ զէնքերը հաւաքելու գործը։ Զիս կանչեց Յաղին։ «Այ տէրտէր», ըսաւ, «քանի մը կտոր հին ու մին բաներ բերէք, ես ալ ղրկեմ Վան, որ կառավարութիւնը հանգստանայ»։ Այդպէս ալ ըրինք։

Ցերեկը Ամենափրկիչ մնալէ վերջ, երեկոյեան կողմ, Լեւոն ու ընկերները մեկնեցաւ Ամենափրկիչ վանքէն։

Գիշեր մը միայն մնալով Սուրս գիւղը, յաջորդ առտու բարձրացան հսկայ լեռաշղթան, որ Կառկառը կը բաժնէ Մոկսէն։

Իրարու վրայ դիզուած լեռներու կոյտ մ՚էր այդ լեռնաշղթան, որու ամենաբարձր գագաթներն են Սնտուս, Կէռէ Շէյխան, Կարէլաշ, Կալատոտ եւ բազամաթիւ ուրիշներ։ Սնտուսի եւ Կէռէ Շէյխան սարերու միջեւ կը տարածուին Պանասէվէն անունով սքանչելի եայլախները։ Ամէն տարի, գարնան կողմ, այդ եայլախները կը բարձրանային հարաւի կողմերէն քոչած Ալկանցի եւ Տըտեցի վաչկատուն աշիրաթները, որոնք իսկական պատուհաս դարձած էին հայ ազգաբնակչութեան համար։

Տըտեցիները, որոնք աղքատ ու փոքր ցեղ մ՚էին, ցեղապետ Միրզա Աղայի առաջնորդութեամբ կը բարձրանային Կառէ Շէյխանի եայլախները՝ ահ ու սարսափի տակ պահելով Կառկառի ամբողջ ժողովուրդը։ Դեռ մինչեւ երկու տարի առաջ, Միրզա Աղան Կառկառի ամէն գիւղէն իւրայատուկ տուրք մը կը գանձէր, բացի անպաշտօն ալան թալանէն, որ չափ ու սահման չունէր։ Բայց օր մը եղաւ, երբ Կառկառի ժողովուրդը չուզեց այլեւս տուրք տալ Միրզա Աղային։

Ալ ի՞նչ օրուան Միրզա Աղան էր, որ չկրնար խօսք հասկցնել քոսոտ հայերուն։ Տասնեակ մը կտրիճներով վրայ տուաւ, ու Ձկոռ գիւղի տաւարը քշեց։ Եւ հաւարը փրթաւ։ Շրջակայ գիւղերէ զինուած հայեր սարի ճամբան բռնեցին։ Կռիւը սկսաւ։

Այդ ժամանակ Վահէն խմբով Խնձրուտ գիւղը կը գտնուէր, հաւարի լուրը առնելով՝ իր խմբով հասաւ կռուին։ Միրզա Աղան, երկու սպաննուած տալով, թալանը ձգած՝ հազիւ կրցաւ իր կոները հասնիլ։ Այդ դէպքը պատահած էր երկու տարի առաջ։

Ատկէ վերջ, Միրզա Աղան սանձերը հաւաքեց։ Հայ գիւղացիք ալ առիթէն օգտուելով՝ դադրեցուցին տուրքը։ Միրզա Աղային կը մնար կատաղութեամբ ատամները կրճտացնել։ Բայց այս տարին արդէն ուրիշ տարի էր։ Թուրք կառավարութիւնը անօրինակ հալածանք մը սկսած էր հայերու դէմ, որոնք օրէնքէ դուրս հռչակուած էին։ Բնական է որ Միրզա Աղան օգտուէր այդ պատեհութենէն, երկու տարի առաջուան պարտութեան վրէժը լուծելու, անցած երկու տարուան տուրքերը տոկոսով միասին հաւաքելու հայ գիւղացիներէն։

Հայկական բոլոր գիւղերը խուզարկուած եւ կամ խուզարկութեան ենթակայ էին։ Ժողովուրդը թրքական հարիւրաւոր զօրքերու ներկայութեան պատճառով ահ ու սարսափի մատնուած։

Գայլը ամպոտ օրը կը սիրէ. Միրզա Աղան ալ՝ խառն ժամանակները։

Ղոլամներով շրջապատուած, Միրզա Աղան ոտքի տակ տուաւ Կառկառի հայկական գիւղերը. թալլեց, կողոպտեց անարգել կերպով։ Հայերը ոչ կրնային ինքնապաշտպանութեան դիմել, եւ ոչ ալ իրենց բողոքը կը լսուէր թուրք կառավարութեան կողմէ։ Անչափ թալանով ծանրաբեռնուած, Աղան իր անկուշտ գայերու վոհմակով վերադարձաւ եայլախի կոները, երբ ոչ մէկ բան մնացած էր թալլելու, հայկական գիւղերու մէջ։

Յանկարծակիի եկաւ Միրզա Աղան, երբ օր մը, կէս օրուան ժամանակ, թուրք զօրքեր իր վրանը մտան, ու բռնութեամբ ոչ միայն բոլոր թալանը տարին, այլ եւ գրաւեցին 18 հրացան, երեք ջորի ալ հետերը առին տարին։

Եթէ անգամ մ՚ալ Կառկառի գիւղացիներուն վնաս մը տաս,   սպառնացեր էր կաղ միւլազիմը,   ոտքդ ձեռքդ շղթայած, Վան կը տանիմ քեզ, բանտին մէջ փտելու համար։

Միրզա Աղան մնացեր էր ապշած։ Խելք հասնելու բան չէր կատարուածը։ Ինք տարիներով թալլեր ու սպաններ էր, բայց օր մը օրանց կառավարութիւնը հայերու կողմը բռնած չէր։ Շատ շատ թալանէն Բաղէշի եւ Վան քաղաքի մեծամեծներուն բաժին մը կը հանէր, անոնք ալ մատի արանքով կը նայէին իր կատարած քաջագործութիւններուն վրայ։

Վալլահ, աշխարհը թարսուեր է,   մօրուքը ձեռք առած, մտածեց Միրզա Աղան,   հիչ լսուա՞ծ բան է որ հայու թալանը զօրքի ձեռքով ետ երթայ։ Ասոր տակը բան մը կայ…

Բայց միւլազիմն ու զօրքը ամբողջ երկու շաբաթ մնացին լեռներու վրայ, խստօրէն պատժեցին աւազակ  քոչարները ու օր մ՚ալ, ինչպէս յանկարծ եկած էին, այնպէս ալ անյայտացան։