Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԾԻԾԱՆՑԻ ԿՌԻՒԸ

Յուլիսի քսանին, Ծիծանց գիւղի ամբողջ ժողովուրդը, կարեւոր խորհրդակցութեան մը համար, հաւաքուած էր Ռէսի տան բակը։

Ծիծանցէն հազիւ երեք քառորդ ժամ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր Ռաշիդ Բէկի Պիֆէրան գիւղը։ Հինգ տննոց գիւղ մ՚էր այդ։ Կիրեւանցի չոպան Ռաշիդը տասնեակ տարիներ առաջ Տիգրիսի միւս ափէն գաղթած, Ծիծանցի հողէն մաս մը բռնութեամբ գրաւած ու տուն մը շինելով հոն հաստատուած էր։ Շատ շուտով սակայն այդ տկլոր քիւրտը հարստացաւ, ղոլամներ ունեցաւ, դիրք ու պատուի տէր դարձաւ։ Չոպան Ռաշիդը դարձաւ Ռաշիդ բէկ, որու ձայնը մեծ կշիռ ունէր Թաղի կառավարութեան մօտ, խօսքը մտիկ կ՚ընէին։ Նշանաւոր աւազակ մ՚էր, կտրիճ տղամարդ մը։ Իր ղոլամներով միասին ափին մէջ առաւ շրջակայ գիւղերը։ Քիչ ժամանակ անցած, Պիֆէրանի երկու կողմերուն գտնուող հայկական մեծ գիւղերը՝ Ծիծանցն ու Տղասպարը ենթարկեց իր ազդեցութեանը, ու շատ չանցած՝ դարձաւ անոնց Աղան, իսկ անոնք իր հարկատու րաեաները (հպատակ)։ Այս յեղաշրջումը կատարուեցաւ այնքան սովորական ձեւով, որ գիւղացիք չկրցան հասկնալ թէ՝ ինչպէս տկլոր չոպան մը, յանկարծ բէկ դարձաւ, իրենց Աղան, որու հրամաններուն պարտաւոր էին հպատակիլ, նշանակուած տուրքերը տալ անտրտունջ կերպով։

Մասնաւորապէս Ծիծանց գիւղացիներու պարտքն էր Ռաշիդ բէկի արտերը հերկել, ցանել, հնձել, կալել, յարդն ու ցորենը իրենց սէլերով հասցնել բէկի ամբարներն ու մարագները։ Տան գլուխ հարկ մը կուտային, որ ըստ հաճոյս կը բարձրանար։ Ամուսնանալու պարագային բէկէն հրաման պիտի առնէին՝ որոշ նուէրով մը դիմում կատարելով։ Բէկը քաղաք երթալ գալուն բարի եկարի պէտք է երթային գիւղի մեծերը, միշտ որոշ նուէրներով, իսկ եթէ բէկի տանը հարսնիք կամ մահ պատահելու լինէր, գիւղացիք պիտի հոգային բոլոր ծախսերը, դեռ դրամական խոշոր նուէր մ՚ալ ընելով Ռաշիդ Բէկին։ Այս օրէնքները Ռաշիդ Բէկէն բխած, տարիներէ ի վեր տառացի կերպով կը կատարուէին։

Ուրիշ խօսքով, ծիծանցիք դարձեր էին Ռաշիդ Բէկի ստրուկները։ Եւ այդպէս երկար տարիներ։

Շնորհիւ յեղափոխական շարժումին, օր մը եղաւ, որ ծիծանցիք մտածեցին իրենց վատթար վիճակի մասին։ Յեղափոխական շարժումի հետեւանքով, գիւղի երիտասարդութիւնը ոգեւորութեամբ սկսաւ զինուիլ։ Զէնքը եւ կազմակերպութիւնը, հոգեբանօրէն փոխեց երիտասարդութիւնը. սկսան խորհիլ ու մտածել բաներ, որոնք առաջ կը վրիպէին իրենց տեսողութենէն։

Առջի տարին գիւղի մեծերը հազիւ կրցեր էին խօսք հասկցնել ճահիլներուն, թէ Ռաշիդ Բէկի տուրքը պիտի տրուի, թէ անոր դաշտային աշխատանքները իրենք պէտք է կատարեն, ինչպէս կատարած էին տասնեակ մը տարիներէ ի վեր։ Սակայն, այդ գարնան անհամաձայնութիւնը ծայր առաւ գիւղին մէջ։ Գիւղացիներու մեծամասնութիւնը կտրականապէս մերժեց որեւէ աջակցութիւն եւ կամ տուրք վճարել։ Հակառակի պէս Ռաշիդ Բէկն ալ, քաջալերուած հայոց Հանդէպ կառավարութեան ցոյց տուած խստութիւններէն, նոր հարկ մը եւս դրաւ ծիծանցիներու խոտնոցներուն վրայ, որոնք մինչեւ այդ ազատ էին տուրքէ։

Բաժակը լեցուեր էր։ Ամբողջ  գիւղը մէկէն ոտքի ելաւ։ Ծիծանցի ռէս Պետրոսը, անվախ, խելօք մարդ մը, կանչած էր գիւղացիները խորհրդակցութեան։

Ռէսի բակը լեցուեր էր գիւղացիներով։ Շատեր տան երեսբացը բարձրանալով կը հետեւէին ժողովին։ Ռէս Պետրոսը, պատի տակ նստած, հանդարտօրէն կը խօսէր՝ բացատրելով գիւղի անել վիճակը եւ անհրաժեշտութիւնը անմիջապէս որոշ եզրակացութեան մը գալու։ Քաղի ժամանակ էր. Բէկը ղոլամներու միջոցով երկու անգամ լուր ղրկած էր, որ գիւղացիք գան իր արտերուն ցորենը հնձելու։

Երբ Ռէս Պետրոսը խօսքը վերջացուց, գիւղացիք լուռ իրարու նայեցան։ Կարծես ոչ ոք խօսել կ՚ուզէր։ Ոմանք գլուխնին քերեցին, փսփսացին, շատեր յօրանջեցին, որպէս թէ հարցը իրենց հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունենար։ Հասարակ գիւղականին ի՞նչ կը վայելէր խօսիլ, երբ գիւղի առաջաւոր մարդիկը լուռ կը մնային։

Հա՛, մեր ռէսը խելօք բաներ կ՚ըսէ,   վերջապէս ծերունի Մրտօ էմին սկսաւ խօսիլ,   հարկ չտանք, Բէկի համար չաշխատնիք, լա՛ւ, շատ լաւ, իմ ալ ուզածս այդ է, կառավարութեան ծանր հարկերը արդէն հալ չեն ձգած գիւղականի վրայ, Բէկի բեռն ալ չուան մը ձգած մեր վզին, հա հա պիտի խեղդէ մեզ։ Ոչ աշխատանք եւ ոչ ալ հարկ տանք Բէկին, այդպէս կ՚ըսէք, լաւ, բայց որ Բէկը ղոլամներով գիւղ գայ, զօռով մեզ քշէ տանի, մեր մալ ու միւլքին ձեռք նետէ… Օխթանասունս անցեր եմ, մազ մօրուքս ճերմուկած… աշխարհը էսպէս էկեր՝ էսպէս ալ պիտի երթայ… Ես կ՚ըսեմ, նորէն Բէկի սիրտը առնենք, երթանք աշխատինք, խարճը տանք զօռով շունը չկատղեցնենք…

Մրտօ Էմիի խօսքերը որոշ տպաւորութիւն գործեցին ներկաներու վրայ, ոմանք տխրօրէն գլուխնին կախեցին, անզօր կատաղութեամբ ատամները կրճտացնելով, ոմանք հաւանութիւն յայտնելու ձեւով գլուխնին փարտեցին։ Երիտասարդները, որոնք բոլորն ալ «ազգութեան մարդ» էին, դաժան կատաղութեամբ լեցուած, լուռ մնացին։ Առաջինը ո՞վ պիտի խօսէր։

Հա՛, տանք,   յանկարծ դրան մօտ կանգնողներէն երիտասարդ մը քովինները հրմշտկելով առաջ ինկաւ,   կառավարութեան տանք, Բէկին տանք։ Մեր արտերը ձգենք, երթանք Բէկին համար աշխատելու, ապա մեր տուն տեղ ո՞վ նայէ, մեր ճիժ ու պժերուն ո՞վ հաց տայ։ Դեռ քանի՞ տարի եղաւ, որ այդ մարդը մեր կողմերը երեւցաւ։ Տկլոր չոպան մ՚էր առաջ, հիմա բէկ եղաւ։ Առաջ զինք մարդու տեղ չէինք դներ, հիմա ամբողջ գեղը իր ծառան է։ Քանի գլուխ ծռեցինք, այնքան ինք մեծցաւ։ Մեր հողերու կէսը գրաւեց, ձայն չհանեցինք, հարկ դրաւ մեր վրայ, ընդուեցինք, կոռ ու պեկարը տարինք, ինչո՞ւ համար։ Առաջ մենք մեր գլխուն տէրն ու տիրականն էինք, հիմա դարձեր ենք Ռաշիդ Բէկի րայաները։ Ձեր գիտնալու բանն է, բայց ես ոչ աշխատելու կ՚երթամ, ոչ ալ մէկ փարա կուտամ… ես իմս ըսի…

Խօսողը Մրտօ էմիի կրտսեր զաւակն էր։ Բոլորի ակնարկը կեդրոնացաւ ծերունի հօր վրայ, որ յօնքերը կիտած՝ ատեն մը մտիկ ըրաւ եւ ապա ձեռքի փայտը բարկութեամբ զարկաւ գետին.

Ձէ՛նդ։ Տահա էրէկ մէկ, էս օր երկու, ելեր խօսքի կը խառնուիս…

Իրաւունք ունի, իրաւունք ունի,   խառնի խուռն չորս կողմէն ձայն տուին գիւղացիները,   մենք այլեւս այս պայմաններով չենք կրնար ապրիլ։

Իմ արտիս ցորենը հասեր է, ես իմ տա՞րտը լամ, թէ երթամ ձրի աշխատելու Բէկին համար,   կը պոռար տարէց գիւղացի մը. մեր քաշածը բաւական եղաւ, որ տեղն որ բարակ է, էն տեղէն թող կտրի… մենք ալ խալսինք էս ցաւէն…

Չե՛նք երթար, տուրք չե՛նք տար…

Գիւղացիք իրար խառնուեցան, ոչ մէկը միւսին ըսածը չէր լսեր։ Քիչ առաջուան անհոգ անտարբերութիւնը տեղի տուած էր անսանձ կատաղութեան։ Կը պոռային, բռունցք կը շարժէին։ Ամենէն շատ երիտասարդները կ՚աղմկէին։

Առանց վերջնական եզրակացութեան մը գալու, գիւղացիք ցրուեցան, ամէն մէկը իր գործին։ Բակին մէջ մնացին Ռէս Պետրոսը, եւ երեք երիտասարդներ, որոնց մէջ եւ Մրտօ Էմիին տղան։

Ներս երթանք, խորհրդաւոր ձեւով ըսաւ Ռէսը,   երէկ գիշեր սարէն վարդապետն ու տղաքը վար իջան։ Երթանք, մէկ անոնց հետ խօսինք։

Իրօք, Ռէսի ընդարձակ սաքուի շուրջ շարուած էին ընթերցողին վաղածանօթ Ծուռ վարդապետը ու ընկերերը։ Ռէսի հետ ներս մտնողները բարեւեցին ու պատի տակ շարուեցան կարգով։

------

Գիւղացիներու անակնկալ ըմբոստութիւնը կատղեցուց Ռաշիդ Բէկը։

Յաջորդ առտու իր ղոլամներէն հինգը ուղարկեց, որպէսզի բռնութեամբ գիւղացիները իրենց աշխատանքէն պոկեն ու բերեն իրեն արտերը քաղելու։ Ղոլամները մահակներով զինուած, իջան հայոց արտերը, ու պատահած գիւղացիները ծեծելով սկսան մէկտեղել։ Արտէ արտ հաւարի ձայնը հասաւ մինչեւ հեռաւոր շրջանները, կիներ ու տարէց մարդիկ աշխատանքնին ձգած՝ աճապարեցին գիւղ հասնիլ։ Երիտասարդները նախ տատամսոտ, ապա վճռական քայլերով մօտեցան Բէկի ղոլամներուն, որոնք քսանի չափ գիւղացիներ հաւաքած, ծեծելով կը քշէին դէպի Պիֆէրան, Բէկի գիւղը։ Երկու կողմէն խօսքէն հրմշտուկի անցան, մէկ ալ ղոլամներու մահակները սկսան ճօճել օդի մէջ։

Ծիծանցի երիտասարդները աւելի մօտեցան ղոլամներուն ու երբ մէկ երկու մահակի հարուած ստացան, յարձակեցան ղոլամներուն վրայ, խլեցին մահակները ու այս անգամ ղոլամներն էին որ կ՚աշխատէին տեղացող հարուածներէն ողջ ազատել իրենց գլուխները։ Ղոլամներէն Ալի անուն երիտասարդ մը, որ Ռաշիդ Բէկի աջ բազուկը կը համարուէր, գլխուն երկու մահակի հարուած ընդունելով՝ արիւնլուայ վիճակի մէջ երկնցաւ առուի մօտ, մինչ ղոլամներէն մէկը բազմութիւնը ճեղքելով փախաւ, Բէկին հաւար հասցնելու։

Լուրը թեւ առած արդէն հասեր էր Պիֆէրան։ Որքան որ ղոլամ ունէր ձեռքին տակ, Ռաշիդ Բէկը զինեց ու Ծիծանցի վրայ քալեց դաս մը տալու։ Բայց այնպիսի դաս մը պէտք էր տար, որ երբեք ծիծանցիներու մտքէն չելլէր։ Հազիւ ճանապարհի կէսը կտրած՝ երբ իր ուղարկած ղոլամներուն հանդիպեցաւ, որոնք Ալին շալկած՝ Պիֆէրան կը բերէին։ Կտրիճ Ալիի արիւնլուայ վիճակը կատաղեցուց զինք, չափը անցուցեր էին այդ անհաւատ շները, պէտք էր պատժել այդ անհաւատները, այնպիսի ծանր պատիժով մը, որ անոնց եօթը պորտերը յիշէին։ Պիֆէրանը Ծիծանցէն զատող բլուրը որ դարձաւ, երեւցաւ Ծիծանցը, ընկոյզի ծառերով շրջապատուած։ Ղոլամներ խառն ի խուռն սկսան հրացան արձակել։ Հիմա հայերը ահ ու սարսափի մատնուած, մտածեց Ռաշիդ Բէկը, կուգան ու կ՚իյնան իր ոտքերուն, գթութիւն աղերսելով։ Բայց չէ՛, ինք գիտէր անոնց հետ վարուելու կերպը, այդ օրը չպիտի մոռնային ծիծանցիները։

Դժբախտաբար, Ռաշիդ Բէկին վիճակուած էր այդ օր մեծ յուսախաբութիւն մը։

Երբ գիւղի աղբիւրին մօտեցան, ուրկէ ութ հարիւր քայլ կը մնար գիւղ հասնելու, մէկ ալ գիւղէն բազմաթիւ հրացաններ բացուեցան ու գնդակները վզզալով սկսան գետնէն փոշի բարձրացնել։

Ռաշիդ Բէկի ղոլամներէն մէկը ոռնալով գետին փռուեցաւ, ծնկոսկորը գնդակէ մը ջախջախուած։

Ետ դարձէք, էս շները մեզ պիտի կոտորեն,   հայերու անսպասելի դիմադրութենէն շփոթած, պոռաց Ռաշիդ Բէկը՝ ղոլամներուն հետ մինչեւ բլուրը նահանձելով։

Եղածը անօրինակ, չլսուած դէպք մ՚էր, եթէ բուռ մը րայա գիւղացիները կը յանդգնէին իր վրայ զէնք արձակելու, ալ ինք ի՞նչ օրուան Ռաշիդ Բէկն էր։ Քոլոզի տեղ, լաչակ մը անցընելու էր գլխուն։

Ռաշիդ Բէկը անմիջապէս ձիաւոր մը հասցուց Թաղ, ուր Շատախի գայմագամը կը նստի։ Լուր ուղարկեց, թէ հայերը ապստամբելով՝ Պիֆէրանի վրայ յարձակած են։ Երկրորդ ձիաւոր մը ղրկեց Խլկտուն, որպէսզի կամուրջէն անցնելով քիւրտ աշիրաթներու մէջ հաւար ձգէ։

Արեւը մայր մտնելէն քիչ առաջ, ծայր տուին Էզնանցի, Խալիլանցի եւ Խվշտանցի աշիրաթներուն պատկանող ձիաւոր քրտերու շարքերը, որոնք հաւարի ձայնը առած՝ օգնութեան կը հասնէին Ռաշիդ Բէկին։

Մինչեւ մթնելը երկուստեք կռիւը շարունակուեցաւ։ 150-է աւելի քիւրտ ձիաւորներ օգնութեան հասած էին արդէն, իսկ լոյսը բացուելուն, Ռաշիդ Բէկը վստահ էր որ իր հետ 500-է աւելի կռուողներ կ՚ունենար։ Բայց ինչ որ մտահոգութիւն կը պատճառէր Բէկին, ծայր աստիճան զարմացուցած էր զինք, այդ՝ գայմագամի պահած չէզոքութիւնն էր։ Աշխարհը թարսուած էր, լուրը անհաւատալի։ Գիշերով՝ ուշ ատեն Թաղ գնացող ձիաւորը վերադարձաւ՝ անհաւատալի պատգամ մը բերելով։ Գայմագամը խստօրէն պատուիրած էր ամէն գնով կռիւը դադրեցնել՝ սպառնալով ապագայ բարդութիւններու պատասխանատու բռնել Ռաշիդ Բէկը։ Գայմագամը բացարձակապէս մերժած էր զօրք ուղարկել։

Յաջորդ առտու 500-է աւելի քրտեր Ծիծանց գիւղի վրայ յարձակեցան անընդհատ կրակելով։ Գիւղը նորէն սպասողական վիճակի մէջ՝ կը թողուր որ մօտենան։

Ծուռ վարդապետը չորս տղաներով դիրք բռնած էր գիւղի անմիջապէս ետին գտնուող բլուրի վրայ, ուրկէ ամբողջ հովիտը պատկերի նման կ՚երեւէր։ Խմբի մնացած հայդուկները, տեղական զինուորներու գլուխը անցած, գիւղի մէջ զանազան դիրքեր բռնած էին։

Քրտերը հրացան արձակելով եւ սալավաթ պոռալով հասած էին նորէն Ծիծանցի աղբիւրներին մօտ, երբ բլուրի ծայրէն հրացանները գոռացին։ Անոնց արձագանգեց գիւղի կռուողներու հրացաններու որոտը։ Ամէն ինչ իրար խառնուեցաւ։ Քրտերը քիչ մը տեղ ընկրկելով՝ դիրքեր բռնեցին ու ամրացան։

Վալլահի պիլլահի, էդ անհաւատներու մէջ դրսէն մարդիկներ կան… ֆէտայիներ կան,   կատաղութենէ խենթացած, քովը գտնուողներուն կը բացատրէր Ռաշիդ Բէկը,   ո՞վ է տեսեր, որ տեղացի հայը զէնքով դիմադրել փորձէ… Ականջ դրէք… հա՛, էտոնք մոսինի հրացանի ձայներ են…

Մինչեւ կէս օր աչք կապուկ կռիւը շարունակուեցաւ։ Կռիւը սկսելէն առաջ, վարդապետը պատուիրած էր բոլոր կռուողներուն, որ արիւնահեղութենէ խուսափին եւ գոհանան աշխատելով քրտերը որոշ հեռաւորութեան վրայ պահել, ծայրայեղ պարագային միայն, երբ քրտերը աղբիւրը անցած վտանգէին գիւղը, սկսէին ուղղակի խփել։ Այդ էր պատճառը, որ հակառակ քրտերու աննպաստ դիրքին, մինչեւ կէս օր երկու զոհ միայն տուին։

Կէս օրէ վերջ սակայն, կռուի ընթացքը փոխուեցաւ, եւ լուրջ կերպով վտանգուեցաւ Ծիծանց գիւղը։ Յիսունի չափ քրտեր, գետակը անցնելով, ձորի հակառակ կողմէն սկսան բարձրանալ դէպի Կիտ քրտական գիւղը, ձորով մը բաժնուած Ծիծանցէն ու աւելի բարձր դիրքով։ Ծիծանցի կռուողները երկու կրակի մէջ ինկած՝ դժուարութեամբ կը պահէին իրենց դիրքերը։ Այսքանը կարծես բաւական չլինէր, մէկ ալ գործոթի Սագօն սողալով վարդապետին մօտեցաւ.

Վարդապետ, տունդ չքանդուի, սարէն զօրք կ՚իջնայ, չորս կողմէն պիտի պաշարեն մեզ…

Սարէ՞ն… ո՞ւր է, տղայ…

Հունա… վազելով կուգան, տասնեւհինգ քսան հատ մը կը լինի…

Դժբախտաբար զօրքի գալը միայն հայերը չէ որ տեսած էին։ Քրտերը, երբ տեսան լեռնէն իջնող զօրքը, ձայն ձայնի տուած՝ վրայ տուին։ Անոնց օրինակին հետեւեցան եւ Կիտի կողմը անցած քրտերը։

Սագօ՛, երկու հոգիով զօրքը ետ պահել աշխատէ,   պոռաց վարդապետը,   Սահակ, ցատկէ գիւղը, գիւղի խալխը եւ կռուող տղաքը կամաց կամաց թող մեր դիրքերը բարձրանան… Գիւղը ձեռքէ ելլելու մօտ է… շուտ ըրէ… հա, քէ մատաղ, թռի՛ր… Տղա՛ք, չձգէք որ զօրքը մօտենայ…

Սագօն, անբաժանելի Մկօն եւ քերձեցի Արշակը, վարդապետէն քանի մը քայլ վեր քարի մը տակ տափած, կ՚աշխատէին զօրքը հեռու պահել։ Գիւղի մէջ աներեւակայելի իրարանցում մը ծայր տուած էր։ Կին, երեխայ, ծեր ու պառաւ, ամէն մէկը իրեղէն մը շալկած, կ՚աճապարէին գիւղի նեղ փողոցով բլուրը բարձրանալ։ Լաց ու կոծ, հայհոյանք, կատարեալ Սոդոմ-Գոմոր մը այդ նեղլիկ փողոցը, ուր գիւղացիներէն ամէն մէկը միւսէն առաջ անցնիլ կը փորձէր։ Կռուող երիտասարդները գիւղի առաջաւոր դիրքերէն դուրս նետուած, կռուելով կը նահանջէին՝ ժողովուրդի ետեւէն քալելով։ Բարեբախտաբար, գիւղի տները երկուստեք ծածկած էին փողոցը, եւ քրտերը հեռուէն չէին տեսներ գիւղացւոց խուճապահար փախուստը։

Երբ լեռնէն իջնող զօրքը գնդակի հասողութեան սահմանի մէջ մտաւ, Սագօն ու ընկերները, սկսան անխնայ գնդակի բռնել զանոնք։ Երեքը միասին կատաղութեամբ կը կրակէին, առանց անդրադառնալու, որ զօրքը արագ առաջանալով՝ գնդակ մ՚իսկ չէր արձակած։

Սագօ՛, յանկարծ ընկերոջ թեւը բռնելով պոռաց Մկօն,   էնա ի՞նչ կը շարժեն… Զօրքը կանգնեցաւ… տե՛ս, եայլուխ թափ կուտան… եանի ի՞նչ… խելքս բան չի կտրեր… Վարդապե՛տ, վարդապե՛տ…

Ծօ, հա՛, ես ի՞նչ գիտնամ էդ ի՞նչ թաւուր բան է… Հէլէ մէկ վարդապետին ձէն տանք…

Կրակե՞մ, Սագօ,   հրացանը շտկելով հարցուց Արշակը, ինչ կ՚ուզէ էղնի, շուն մը աւելի՝ շուն մը պակաս…

Ծօ՛, կեցիր, կ՚ըսեմ,   բարկացաւ Սագօն,   մէկ վարդապետը թող գայ… Հէ՜յ, վարդապե՛տ…

Երկու ոստիւնով արիւն քրտինքի մէջ կորած մեր Ծուռ վարդապետը տղոց մօտ ցատկեց.

Ի՞նչ կայ, Սագօ՛…

Զօրքը կանգներ է, ճերմակ բան մը ժաժ կուտան…

Իրօք, լեռնէն վար իջած զօրքը բաւական մը մօտենալէ վերջ բլուրին, կանգ էր առած։ Հազիւ թէ դիտակը աչքին տարած՝ վարդապետի մռայլուած դէմքը պայծառացաւ։

Տղաք, հրացան չարձակէք, պարոն Լեւոնն է… Փրկուեցանք… դէպի գեղ, դէպի գեղ… Հասէք, տղաք… գեղը ձեռքէ հանելու չէ…

Սագօն, Մկօն ու Արշակը բլուրէն վար վազեցին ու գիւղը մտան՝ պոռալով.

Տեղներդ պինդ կանգնէք, պարոն Լեւոնը եկաւ…

Մինչ այդ, վարդապետը մէջքի երեսսրբիչը քանդելով՝ սկսաւ ամբողջ ուժովը շարժել։ Մէկ ալ ան է տեսաւ, որ զօրքը վազելով սկսաւ մօտենալ բլուրին։

Սագոյի ու ընկերներու կրկին գիւղ մտնալը կասեցուց անկարգ նահանջը, երբ արդէն գիւղի պինդ մօտէն կը լսուէին քրտերու կախարդային լօլօներն ու հրացաններու գոռոցը։

Ինչպէս որ գարնան հեղեղը խելագար ընթացքով լեռներէն վար կը խուժէ՝ սրբել տանելով ճանբան հանդիպած ամէն արգելք, այնպէս ալ Լեւոնի խումբը բլուրը հասնելով դէպի գիւղ խոյացաւ։ Լեւոնը, վայրի գազանի նման, քարէ քար ցատկելով՝ գիւղ մտաւ իր ընկերներով։

Լեւոնը, Լեւոնը եկաւ,   ձայն ձայնի կուտային գիւղի մէջ գտնուող կռուողները, նախկին դիրքերը գրաւելով։

Լեւոնի ընկերներէն միայն Առիւծ Գեւօն բլուրի վրայ ինկած մնաց։ Խումբի ամենատարէցն էր Գեւօն, երբ վազելով հասեր էր բլուրը, ալ ոչ շունչ մնացեր էր վրան եւ ոչ ալ կարողութիւն վազելու։ Ի զուր կը պոռար ընկերներուն, որ քիչ մը սպասեն, մէկ շունչ մը առնեն Բայց մտիկ ընողը ո՞վ։ Նոյնիսկ Թոփալ Սատանան լքեր էր զինք, Լեւոնի ետեւէն դէպի գիւղ վազելով։

Սատանի ձագեր,   ընդհատ շունչ առնելով կը պոռար մեր բարեկամը,   պէնամուս ըրիք զիս, կռապաշտներ, ձեր սուգը պահեմ…   Տօ, Առիւծ Գեւօն… յետնապահ շինեցիք… տօ ես…

Այդ ամբողջ օրը քրտերը Պիֆէրանի բլուրի ետեւէն դուրս չելան։ Մթնեց։ Հրացաններու ձայները դադրեցան։

Լեւոնը, վարդապետը, Ռէս Պետրոսը, եկեղեցին հաւաքուած, կը խորհրդակցէին։ Գիւղի բլուրը բռնուած էր տասնեակով մը։

Աչքերդ չորս բաց,   պատուիրած էր Լեւոնը Առիւծ Գեւոյին,   գիշերուան մթնէն օգտուելով կրնան յանկարծ այս դիրքը գրաւել, այդ պարագային Ծիծանցը կորսուած է։ Ես մէկ երկու ժամէն կը վերադառնամ,   ու Լեւոնը իջած էր գիւղ, խորհրդակցութեան համար։

Ամբողջ գիշերը տղաքը դիրքեր մտած, առանց աչք խփելու, աչալուրջ սպասեցին։ Առիւծ Գեւօն մինչեւ լոյս դիրքէ դիրք կ՚անցնէր, վստահ լինելու համար թէ՝ հայդուկներէն մէկն ու մէկը քնած չէ, թէ ամէն ինչ կարգին է։

Հը, մեծ ախպեր, կատակելով խօսեցաւ Թոփալ Սատանան, երբ Առիւծ Գեւօն մօտեցաւ իր դիրքին,   քիչ մը ուշ հասանք հարսանիքին, բայց վնաս չունի, վաղը առտու ալ թմբուկի տմբտմբոցը կը սկսի։

Առիւծ Գեւօն, առանց պատասխանելու, գլուխը մէկ կողմ դարձուց եւ հեռացաւ ընկերոջը մօտէն։ Խռոված էր Թոփալին հետ, ալ երբէք, երբեք կեանքին մէջ անոր հետ բառ մը չպիտի փոխանակէր։ Կռապաշտ անաստուածը բլուրի վրայ զինքը մինակ ձգած՝ վազեր էր Լեւոնին ետեւէն։

-----

Յաջորդ առտու, երբ լոյսը բացուեցաւ, քրտերը, որոնց թիւը ապահովաբար հազարի հասած էր, անկանոն կերպով սկսան առաջ շարժուիլ ձորի երկու կողմերէն։ Որոշ դիրքեր գրաւելով՝ անոնք սկսան իրենց սովորական հրացանաձգութեան։

Ծիծանցը լուռ էր։ Տղաքը, դիրքերը մտած, կը սպասէին։ Երբեմն միայն քիւրտ յանդուգն ձիաւորներու փոքրիկ խմբակներ, սրարշաւ կը մօտենային գիւղին, ու դիմաւորուած վզվզացող գնդակներով, կիսաշրջան մը կազմելով՝ կը վերադառնային նախկին դիրքերը։

Այդ աչքակապուկ կռիւը շարունակուեցաւ բաւական ժամանակ։

Կռուի երրորդ օրն էր։ Գիւղացւոց յուսահատութեան չափ չկար։ Ծիծանցէն մինչեւ գետը, ոսկեգոյն արտերը կը խշխշային՝ սպասելով՝ քաղող ձեռքերու, մինչ գիւղացիք ձեռքերնին ծոցերը, վզերնին ճկած, հեռուէն միայն կը նայէին անկարող արտերը իջնելու։

Կէս օրուան մօտ, քրտերու մէջ մեծ իրարանցում մը սկսաւ։ Հեռուէն կը լսուէին անոնց կոկորդային ձայները։ Ի՞նչ էր պատահած։

Լեւոնը, գիւղէն վար, այգիի մը պատին տակ տասը ընկերներով դիրք բռնած, դիտակով կը հետեւէր քրտերու շարժումներուն։ Մէկ ալ Լեւոնը նկատեց, որ քիւրտ ձիաւորներէն շատեր դէպի Պիֆէրան դարձան ու հազիւ կէս ժամ անցած, կրկին վերադարձան յիսունէ աւելի թրքական կանոնաւոր ձիաւորներու հետ, որոնք խիտ շարքերով կը յառաջանային ու հասնելով քրտական զանգուածին՝ կանգ առին։

«Կռիւը պիտի բարդանայ,   ինքնին մտածեց Լեւոնը,   ուրիշ ճար չկայ, երբ կառավարութիւնն ալ կռուի մէջ կը մտնայ, գիւղը պիտի դատարկենք ու ժողովուրդը ցրուենք շրջակայ հայկական գիւղերը»։

Տեսա՞ր, Ռէս Պետրոսին դառնալով հարցուց Լեւոնը,   սվարի եկաւ, յիսուն վաթսուն հատ մը կան, կռիւը պիտի երկարի…

Մեր բանը պօշ է, պարոն Լեւոն, այլեւս միայն հրաշք մը կրնայ փրկել մեզ… Արդէն զարմանալի է որ կառավարութիւնը երրորդ օրը մէջտեղ ելաւ…

Ըհը՞…

Ի՞նչ կայ, պարոն Լեւոն։

Կնիկ մը, այդպէս կ՚երեւի հագուստէն, ձեռը ճերմակ շոր մը շարժելով դէպի մեր դիրքերը կուգայ։

Եա՛… էտ ի՞նչ խապար է…

Շուտ, մէկը ճամբէ վարը ջաղացքը, տեսնենք ինչո՞ւ համար այդ կնիկը ճամբեցին։

Պատգամաւոր կինը, մօտենալով ջաղացքին, հանդիպեցաւ գիւղէն ճամբուած զինուորի մը, որուն նամակ մը յանձնեց ու նստաւ ջրացաղի դրան սեմին, պատասխանի սպասելով։ Զինուորը նամակը առնելով արագօրէն բարձրացաւ Լեւոնի մօտ։

Նամակ մը,   հեռուէն պոռաց զինուորը։

Վայրկեան մը նամակը ձեռքին մէջ դարձնելէ վերջ, Լեւոնը բացաւ պահարանը, հարեւանցի ակնարկ մը նետելով վրան։ Բայց այքանն իսկ բաւական էր, որ Լեւոնը ապշած, զարմացկոտ աչքերը չռէր, կարծես կարդացածը անկարող ըմբռնելու։ Նամակը ստորագրուած էր Եկաւեանի ու Գարեգինի կողմէն, որոնք ինչպէս ընթերցողը գիտէ, բանտարկուած էին Վանի մէջ։ Բայց ստորագրութիւններէն աւելի ապշեցուցիչ, անհաւատալի կը թուար նամակի բովանդակութիւնը։ Գարեգինն ու Եկաւեանը կ՚իմացնէին, թէ Սուլթանը սահմանադրութեան հրովարտակ ստորագրած է այդ ամսու յուլիսի 11-ին, թէ բոլոր բանտարկեալները ազատուած են, թէ աննախընթաց ոգեւորութիւն կը տիրէ ամբողջ Թուրքիոյ մէջ եւ թէ իրենք քաղաքէն յատկապէս ճամբուած էին կառավարութեան կողմէ, Լեւոնին հանդիպելու համար։

Նամակին մէջ տոմսակ մ՚ալ կար։ Լեւոնը անմիջապէս ճանչցաւ Պիծայի ձեռագիրը։ Երկտող մը միայն։

«Գարեգինն ու Եկաւեանը ժէօն թուրք սպայի մը հետ, Շատախի կողմերը կուգան քեզ հանդիպելու»,   կը գրէ Պիծան. - «Ես Ոստան եղայ, ու հիմա Աթանանի մէջ կը սպասեմ… Այս օրն ալ պիտի տեսնենք եղեր։ Անմիջապէս եկուր։ Քաղաք պիտի երթանք։ Գալուդ կը սպասեմ»։

Լեւոնը բոլորովին շշմած էր։ Ոչ բերանը կրցաւ բանալ եւ ոչ ալ կարդացածին հաւատալ, մինչ շուրջինները անհամբեր լուրի կը սպասէին։

Հը՞, ի՞նչ կայ, պարոն Լեւոն,   հարցուց Ռէս Պետրոսը… գէ՞շ խապար…

Հրաշքը… սպասած հրաշքդ կատարուեր է… Թուրքիան Սահմանադրութիւն հռչակեր է…

Սահմանադրութի՞ւն,   դունչը քերելով հարցուց ՌԷսը, առանց այդ բառի իմաստը հասկնալու,   եանի Սահմանադրութիւնը ի՞նչ ըսել է, ազատութի՞ւն…

Հա՛, ազատութիւն։

Լեւոնը անմիջապէս երկտող մը գրելով յանձնեց զինուորին, որ ջրաղացի մօտ սպասող կնոջ յանձնէ։

Շուտով հասցուր պառաւ կնկանը։

Բերնէ բերան լուրը տարածուեցաւ գիւղին մէջ, ու անկէ ալ բարձրացաւ բլուրը։ Ծայրայեղ յուսահատութենէն ծայրայեղ ուրախութեամբ գինովցաւ ժողովուրդը, որ եթէ չէր հասկնար Սահմանադրութիւն բառին իմաստը, կը զգար որ նոր գոյավիճակ մը կը ստեղծուէր, երբ այլեւս ազատ է դաշտային աշխատանքներ սկսելու։ Եթէ զինուորները չլինէին, գիւղացիք դէպի արտերը կը վազէին, անմիջապէս արտերը հնձելու համար։

Պառաւի մեկնելէն կէս ժամ վերջը, քիւրտերու դիրքերէն չորս ձիաւորներ ձիերը քշելով ուղղուեցան դէպի Ծիծանց։

Ես ջրաղացը կ՚իջնամ, վարդապետ, զգոյշ, ո՞վ գիտէ… Տղոցմէ երեքը ինծի հետ թող գան։

Լեւոնի ջրաղացը հասնելէն երկու երեք րոպէ վերջ, ձիաւորները հասան։ Գարեգինն ու Եկաւեանն էին, ու երկու թուրք զինուորական սպաներ։ Գարեգինն ու Եկաւեանը ձիերէն վար ցատկելով՝ գրկուեցան Լեւոնի հետ։ Վերջէն, սպաներէն երիտասարդը, որ երեք տարի առաջ Պոլսէն աքսորուած էր որպէս յեղափոխական, թեւերը բացած վրայ վազեց ու գրկելով համբուրեց շփոթած Լեւոնը։

Լեւոն էֆէնտի,   քիչ մը դերասանական շարժուձեւով սկսաւ երիտասարդ սպան,   ճշմարիտ հերոս մ՚էք ու Թուրքիան ձեզ ու ձեզ պէսերուն կը պարտի իր վերականգնումը։ Դուք մեր մեծ եղբայրն էք, մեր փառքը։ Հայերը եղան առաջին անգամ մեր աչքը բացողները։ Մենք յաւիտեանս պիտի չմոռնանք ձեր ըրածը, կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը…

Սպան կրկին անգամ գրկեց ու համբուրեց Լեւոնը, որ քիչ մը անյարմար կը զգար, բոլորովին չսպասելով որ թուրք սպայ մը զինք բարեկամօրէն պիտի համբուրէ։

Երկրորդ սպան, տարինք առած հին զինուորական մ՚Էր, որ պատկառանքով մէկդի քաշուած՝ կը սպասէր իր կարգին։ Երբ միւսներուն ողջագուրումը վերջացաւ, մօտեցաւ ու Լեւոնի ձեռքը թօթուելով՝ յայտնեց, թէ Շատախի մէջ պատրաստութիւններ տեսնուած են եւ թէ կառավարութիւնն ու ժողովուրդը անհամբեր կը սպասեն իր ժամանումին։

Երբ առաջին րոպէներու տարտամութիւնը փարատեցաւ, բոլորը միասին նստան ծառի մը ստուերին տակ ու սկսան խօսիլ Սելանիկի մէջ կատարուած յեղափոխութեան շուրջը, քաղաքի մասին, ուր ամէն օր հանդէսներ տեղի կ՚ունենային։ Երբ սպաները կրկին թախանձեցին որ անմիջապէս ճամբայ ելնեն, Լեւոնը կտրականապէս մերժեց, պահանջելով որ Ռաշիդ Բէկը ձերբակալուի, եւ քիւրտ ամբոխը ցրուի, նախ քան իր մեկնիլը։

Ես հազիւ թէ մինչեւ վաղը կրնամ ճանապարհ ելնել,   բացատրեց Լեւոնը,   իսկ մինչեւ այդ՝ հեռաւոր շրջաններէ եկած քիւրտերը մեկնած պէտք է լինին այս շրջանէն։

Անշուշտ, արդար պահանջ է ձերինը,   համաձայնեցաւ Կալիպ պէյը (այդպէս էր երիտասարդ սպային անունը), մենք անմիջապէս կը կարգադրենք։ Ի՞նչ կ՚ըսես, Օսման պէյ…

Ինչպէս որ կ՚ուզէք, Կալիպ պէյ, հրամանը ձերն է։

Լաւ ուրեմն, քրտերը անմիջապէս կը ցրուես։ Խօսք մտիկ չընողներուն, գիտես ա՜… էդ աւազակ Ռաշիդն ալ ձեռքերը կռնակը կապած Թաղ կը ճամբես, ինքդ ալ մնացած սուվարիներով կը սպասես Պիֆէրան գիւղը։ Ես Լեւոն էֆէնտիի հետ հոս պիտի մնամ այս գիշեր։ Վաղը առտու միասին կուգանք քեզ գտնալու։

Նախազգուշութեան համար, Լեւոնը այդ գիշեր ալ գիւղի շուրջը որոշ դիրքեր պահել տուաւ։ Առիւծ Գեւօն իր տասնեակով բլուրի վրայ մնաց, թէեւ դեռ չմթնած՝ գիւղ իջան կրկին իրենց նախկին զգեստները հագնելու համար։ Երկար օ՜խ մը քաշեց Գեւօն, երբ ասկերի նեղ տաբատը հանելով շատախցու լայն շալվարը քաշեց մէջքին, վրայէն ալ քեազախին հագաւ.

Ոնց որ մարդ դժոխքէն ելնելով արքայութիւն մտնայ,   թեւերն ու ոտքերը շարժելով ըսաւ Առիւծ Գեւօն,   տօ՛, ես ատոնք անգամ մ՚ալ հագնողին…

Է՜, օնպաշի էֆէնտիս… քէֆդ, հալդ… անճախ մարդու կերպարանք մտար…

Բայց Թոփալ Սատանան չկրցաւ շարունակել։ Գեւօն յօնքերը կիտած՝ գլուխը մէկ կողմ դարձուց, ուշադրութեան իսկ չարժանացնելով ընկերը, որու հետ քէն ըրած , ամբողջ օր մը չէր խօսած։

Գիւղին մէջ ընդհանուր իրարանցում կար։ Ռէս Պետրոսի երեսբացին մէջ, թաղիքներու վրայ երկար սփռոց մը ձգուած էր։ Գիւղի մեծամեծները, Լեւոնը, վարդապետը, Գարեգինը, Եկաւեանը եւ երիտասարդ սպան սեղանի գլուխը նստած էին Ռէսի եւ քահանայի հետ։ Առիւծ Գեւօն եւ ընկերները, ինչպէս նախօրօք կարգադրած էր Լեւոնը, բլուրի վրայ իրենց դիրքերուն մէջ մնացին։

Գիւղէն ոչխարի խորոված միս, ձաւարէ փլաւ ու  մածուն ուղարկեցին տղայոց համար։ Բայց Գեւօն ընկերներէն քիչ մը հեռու քաշուեցաւ, քարի մը վրայ նստելով գլուխը առաւ ձեռքերուն մէջ ու սկսաւ դառնութեամբ լեցուած մտածել այդ օրուայ անակնկալ նորութեան վրայ, երբեմն կրծքի խորէն ախ մը քաշելով։ Ընկերները զարմացած, իրարու աչք կ՚ընէին. այդ ի՞նչ էր պատահած Առիւծ Գեւոյին, որ կարծես սգաւոր լինէր, չէր մասնակցեր ընդհանուր ուրախութրան եւ իրենց սեղանին, ուր թարմ լաւաշի հետ խորոված միս ալ կար։

Թօփալ Սատանան չդիմացաւ, ախր ի՞նչպէս պատառ մը կրնար ծամել երբ անդին, առիւծ Գեւօն առանձնացած նստած էր, առանց ընկերներու ուրախութեան մասնակցելու։

Մեծ ախպէր,   լաւաշի մէջ կտոր մը միս պլլած Թօփալ Սատանան մօտեցաւ Գեւոյին,   մեծ ախպէր, կտոր մը բան ծամէ…

Առիւծ Գեւօն գլուխը միւս կողմը դարձուց որպէս թէ բարկացած, թէեւ սրտանց կուզէր հաշտուիլ Թօփալ Սատանային հետ, անոր առջեւ դուրս թափել սրտի դառնութիւնը։ Թօփան Սատանան առանց այլեւայլի Գեւոյի կողքին նստաւ, լաւաշով միսը անոր ծնկան վրայ դնելով.

Ախպէրս, բան մը կեր…

Չոր ու ցաւ ուտեմ ու խալսիմ ձեռքէդ… Տօ՛, իմ ցաւս հերիք չէ, դուն ալ մէկ կողմէն…

Գեւօ ջան, ազիզ ախպէրս, քեզի ի՞նչ պատահեցաւ, Աստծու սիրուն, տարտդ ըսէ… Մեխ ախպօրս ըսեմ, մենք ալ սրտի, ճիկեարի տէր հայ քրիստոնեայ ենք… այսօր աշխարհ քէֆ ուրախութեան մէջ…

Ուրախութի՞ւն ըսիր, ծօ հայվան, մէկ ըսէ տեսնեմ, այդ ինչո՞ւ համար կ՚ուրախանան…

Ըհը՛մ… մեծ ախպեր, սահմանադրութիւն…

Ծօ, սահմանադրութիւնդ ի՞նչ է։

Ախպօրս ըսեմ,   թուրքը կուլ տալով սկսաւ Թոփալ Սատանան, առանց որոշապէս գիտնալու թէ ինչպէ՞ս պիտի բացատրէր,   Սահմանադրութիւն որ կ՚ըսեն, ախպօրս ըսեմ, եանի՝ հայ, թուրք, քուրտ ախպօր պէս… Սահմանադրութիւնը… էնպէս, ինչպէս ազատութիւն էղնի…

Թահո՜ւ… ծօ, ուրեմն ազատութիւն է…

Ըհը՛, - վստահօրէն պատասխանեց Թոփալը։

Ուրեմն Հայաստանը ազատեցա՞ւ։

Թոփալ Սատանան բերանաբաց ընկերոջը նայեցաւ։ Չէ, շիտակը, Հայաստանի ազատութիւնը հաստատ չէր գիտեր, բայց այդ քանի մը ժամուայ ընթացքին այնքան լսած էր այդ բառը, որ բնական համարեց Հայաստանի ալ ազատութիւնը եւ դրական իմաստով գլուխը շարժեց։

Որ էդպէս է,   շարունակեց արդէն բարկացած Գեւօն,   ըսէ տեսնեմ, այդ ե՞րբ հայոց թագաւորը թախտ նստաւ…

Թոփալ Սատանայի թուքը բերնին մէջ չորցաւ։ Աչքերը խոշոր բացած՝ նայեցաւ անողոք ընկերոջը։

Էջմիածնայ կաթողիկոս սուրբ միռոնով ճակատն ու ձեռքերն օծե՞ց… հայու դրօշակ տուա՞ւ ձեռքը…

Գեւոյի ջախջախիչ փաստերու առջեւ, Թոփալը սմքեր ոչնչացեր էր։ Մեղաւորի նման գլուխը կախեց։ Էդ բաներէն ինք խաբար չունէր։

Հը՞, չխօսե՞ս, Թոփալ… Սահմանադրութիւն հա սահմանադրութիւն… Ծօ՛, ըսէ տեսնեմ Ֆրանկի թագաւոր օսկի թագ ճամբե՞ց հայու թագաւորին…

Ախպօրս ըսեմ, ֆրանկները թագաւոր չունին,   Թոփալ Սատանան ընդմիջեց Գեւոյի խօսքը, ուրախ որ առիթ մը գտաւ իր իմաստութիւնը ցուցնելու։ Տէ՜ր Աստուած, վերջապէս ինքն ալ բաներ մը կրնար հասկնալ։

Ծօ, սո՛ւս կռապաշտ,   ու Թոփալի գլխուն բռունցք մը իջեցնելով՝ փափախը մինչեւ ականջները իջեցուց Առիւծ Գեւօն,   ծօ՛, առանց թագաւորի ազգ կ՚եղնի՞… որ ազատութիւն եղնէր, մենք ալ մեր թագաւորը կ՚ունենայինք… Սահմանադրութի՜ւն, հա սահմանադրութիւն, ծօ էդա սահմանադրութիւնը պօշ բան է, հէչ հայը թրքին, քիւրտին հետ ախպեր կ՚եղնի՞… Ծօ աւանակ, մէկ ըսէ տեսնեմ, թուրքը քիւրտը մկրտութիւն ունի՞ն… երեսներուն սուրբ միռոն կա՞յ…

Ալ ի՞նչ կրնար ըսել Թոփալ սատանան։ Կաթը թափող մեղաւոր կատուի նման սմքեցաւ, միեւնոյն ժամանակ զարմանալով Առիւծ Գեւոյի խելքին ու գիտութեան վրայ։

Մտքի ծով էր, ծով Առիւծ Գեւօն։

Իրարու կուշտի նստած, երկու ընկերները ատեն մը լռեցին։ Սակայն պարզ էր որ Գեւօն ուրիշ մտածում մ՚ալ ունէր, զինք տանջող ներքին ցաւ մը։ Ծունկի լաւաշը կողքին դրաւ, ու մէկալ դառնալով Թոփալ Սատանային կողմը, երես երեսի, խեղճացած ձայնով մը հարցուց.

Թոփա՛լ, ախպերս, դու կ՚իմանաս, Բութկու Սուրբ Գեւորգը զօ՞ռ սուրբ է։

Մեռնեմ զօրութեանը, հա Աստուած, հա մեր Բութկու Սուրբ Գեւորգ… եանի երկուքի ղուվեթը համա համա իրար հաւասար։

Պահ մը լռելէ վերջ, Գեւօն նորէն խօսեցաւ, բայց այս անգամ շատ սրտաբեկ ձեւով մը։

Թոփալ, ախպերս, մէկը որ ուխտ կատարէ, ու վերջէն ուխտը աւրէ… եանի սուրբը…

Սո՛ւս, մեծ ախպեր, մեղք մի՛ խօսիր… ուխտը աւրողին ազատում չկայ, դժոխքի բաժին կ՚եղնի, հուրն յաւիտենից…

Առիւծ Գեւոյի թեւերը յուսահատօրէն վար կախուեցան, հառաչանքի նման մռնչիւն կը կրծքէն թռաւ, ու գլուխը տխրօրէն տարուբերելով ինքնիրեն քրթմնջաց.

Մէկ երկու տարի վերջը գար, եթէ պիտի գար… Խնձո՞ր ղրկեցինք ետեւէն… Աստուած պելան տայ Սահմանադրութեան ալ, տուողին ալ, առնողին ալ… ա՜խ Թոփալ, ուրեմն ասկէ վերջ Ծօ, խելքդ ի՞նչ կը կտրէ… ալ քրդերու հետ կռիւ չպիտի՞ ունենանք…

Ալ ի՞նչ կռիւ, սահմանադրութիւն է…

Ծօ, ես քու Սահմանադրութեան ալ, քեզի ալ, շուն շան որդի, հէչ իմ մասին չես մտածեր, հապա իմ ո՞ւխտս…

Ո՞ւխտ, Գեւօ ջան, ի՞նչ ուխտ…

Ծօ, էն որ Սուրբ Խաչ վանքն էինք, որ պարոն Լեւոնը գիշերով ճամբու դրինք…

Առիւծ Գեւօն, երբեմն կանգ առնելով, պատմեց իր ըրած ուխտի մասին։ Նեղ սահաթի մը խոստացեր էր, Փութկի զօրաւոր Սուրբ Գեւորգին տասներկու քրդի ականջ։ Հիմա որ այլեւս Սահմանադրութիւն էր, ալ կռիւ չկար… ու Գեւօն կուրծքին կախուած քսակին մէջէն, երկու կաշեցած ականջներ հանելով՝ դառն յուսահատութեամբ մը ըսաւ.

Թոփալ, ազիզ ախպեր, եղած չեղածը երկու հատ… հապա մնացած տա՞սը…

Թոփալի կարգն էր մտմտալու։ Ուխտը ուխտ էր, Բութկու Սուրբ Գեւորգն ալ զօռ սուրբ մը։ Եթէ Սբ. Սարգիսը լինէր, կամ Աստուածածինը, էհ, ո՜վ գիտէ, մոմ վառելով, ծոմապահութեամբ, աղաչանք պաղատանքով միջոց մը գտնուէր, թերեւս անոնց սիրտը կարելի լինէր շինել։ Բայց Բութկու Սուրբ Գէո՞րգը… զալում սուրբ մ՚էր։ Թիմարէն մինչեւ Կարճկանի գիւղերը, ժողովուրդի բերանն էր, թէ ինչպէս Աւանցի կէմիճի մը, ֆուրթունայի մը ժամանակ ուխտ կ՚ընէ երկու եզ մատաղ ընել Սուրբ Գեւորգին, եթէ ազատուի փոթորկէն։ Սուրբն ալ կը հաւատայ կէմիճիի խօսքին, քամիները տոպրակը կը կոխէ, ծովը կը խաղաղի։ Արի տես, որ կէմիճին հալալ կաթ չէ կերեր։ Երբ փորձանքէն կ՚ազատի կ՚ուզէ սուրբին հախը ուտել, երկու եզի փոխարէն գառնուկ մը եւ աքլոր մը մորթելով։ Ալ ի՞նչ օրուայ Բութկու Սուրբ Գէւորգն էր որ իր զօրութիւնը չցուցնէր։ Ահա տասներկու տարի է, խեղճ մարդը անկողնին վրայ անշարժ գամուած է, ոչ կը լաւանայ ու ոչ ալ մէկ անգամէն կը մեռնի։ Ուրիշ քիւրտի մ՚ալ երեսը յանկարծ կը ծռի երբ Բութկայ վանքէն աշտանակ մը կը գողնայ։

Այսպիսի վաւերական դէպքերը Թոփալ Սատանան ինչպէ՞ս կրնար անտեսել։ Մտածելու լուրջ խնդիր մ՚էր։ Վերջապէս, Գեւօն իր մեծ եղբայրը կը համարուէր։ Ճիշդ է, զինքը քիչ մը շատ կը նեղէր, բայց ինքն ալ խօմ պակաս չէր մնար։ Ասով մէկտեղ Առիւծ Գեւօն Թոփալ Սատանայ կ՚ըսէր, ուրիշ մարդու անուն չէր տար։ Չէ, պէտք էր ճար մը գտնալ։

Յանկարծ խորհուրդ մը լուսաւորեց Թոփալ Սատանայի միտքը։ Հը՞, գէշ գաղափար չէր։ Է՜, Թոփալ Սատանան ալ պակաս մտածող մարդ չէր։

Թոփալ Սատանան ակներեւ ուրախութեամբ ձեռքերը իրարու շփեց, ինքն ալ զարմացած որ այդքան փայուն գաղափար մը յղանալու ընդունակ է։ Համ Սուրբը պէտք էր գոհացնել, համ ալ Գեւոյի ուխտը պահել։

Գեւօ՛, ըսաւ Թոփալ Սատանան,   շատ ալ հոգ մի ըներ, ես ճարը գտայ… Մեծ Ախպօրս ըսեմ, հոն հոն հանդիպած քրդին… ղըրթ- ու ձեռքը հորիզոնական ձեւով կոկորդին քսեց,   հիմա հասկցա՞ր…

Ծօ, կ՚եղնի՞… հապա էն, Սահմանադրութիւն է, ինչ ղարաղատա է…

Է՜, բա՞ն չունի՜ս…

-----

Յաջորդ օրը, Ղարիպն ու երկու հայդուկներ ձգելով Ծիծանցի մէջ, Լեւոնը իր խմբով մեկնեցաւ։ Ճանապարհին զանազան գիւղերէ ժողովուրդը միացաւ Լեւոնի խմբին  ու երբ Շատախի Թաղը մտան, արդէն հազարէն աւելի կը հաշւուէր։ Տիգրիսի երկու կողմերուն գտնուող հայկական գիւղերէն ժողովուրդը թափած էր Թաղ, կառավարչական շէնքի առջին գտնուող հրապարակը։

Նկարագրել խմբին եղած ընդունելութիւնը, գրեթէ անկարելի է։ Ոչ թէ անոր համար, որ այդ խեղճուկ գիւղաքաղաքին մէջ տպաւորիչ, շքեղ հանդէսներ տեղի ունեցան, այլ այն մեծ արժէքին համար, որ եղած քիչը անվերապահ զգացումներու հարազատ արտայայտութիւն մ՚էր։ Ժողովուրդը, մասնաւորաբար հայերը այդ պահուն կ՚ապրէին հոգեկան վիճակ մը, որ հազիւ թէ ուրիշ ազգ ապրած լինի։

Սահմանադրութեան անսպասելի լուրը առաջին պահուն շփոթեր էր ժողովուրդը, ու մէկ ալ խելայեղ հոգեկան արբեցութեան մը մէջ նետեր էր զայն, երբ ամէն սահման կը վերնայ, մարդիկ դեռ արցունքները աչքերուն՝ ուրախութենէ կը սկսին պարել։ Անցեալի բոլոր տառապանքները գէշ երազի նման չքացեր էին։ Այս օրը կար միայն ու մէկ ալ ապագայի փայլուն հեռանկարը։

Երբ հայդուկներու խումբը, վարի դպրոցի քովէն անցնելով, նեղ փողոցը մտաւ, տներու, խանութներու տանիքները լեղուած էին հարիւրաւոր հանդիսականներու բազմութեամբ։ Կիներ, երեխաներ, ծերունիներ ու աղջիկներ տանիքներէն վար կը կախուէին՝ «ազգի մարդիկը» տեսնելու համար։ Մասնաւորաբար կիներն ու պառաւները յայտնապէս յուզուած՝ մէկ կը ծիծաղէին, մէկ լաչակի ծայրով աչքերնին կը սրբէին։

Հակառակ նախօրօք եղած կարգադրութեան, Վերի ու Այվազեան թաղերէն բուռն հրացանաձգութիւն մը սկսաւ, երբ եկող բազմութեան յառաջապահները Թաղ մտան։ Երկու զոյգ դաւուլ զուռնաները, որոնք Թաղի առջեւ խումբն ու եկողները դիմաւորած՝ կ՚առաջնորդէին զանոնք դէպի կառավարչատուն, այնպիսի սարսափելի ժխորով մը լեցուցին նեղլիկ փողոցը, որ մարդ քովէն քալողի մը խօսքերը չէր կրնար լսել։

Հայդուկները խմբուած կը քալէին։ Բնականօրէն Առիւծ Գեւօն առաջին շարքի մէջ կը գտնուէր, դեռ մէկ երկու քայլ ալ առաջ ինկած։ Այդ առտու մեր բարեկամը ամիսներէ ի վեր անլուայ գլուխը լուացած, երկար ու թաւ պեխերը առանձին խնամքով ոլորած էր։ Համբերութեամբ նստած ու լայն շալվարին մէկ երկու ծակերը կարկտած։

Պէտք էր տեսնել այն աղաղակող հպարտութիւնը, որ Առիւծ Գեւոյի քալուածքէն կը պոռթկար։ Ուխտի խնդիրը Թոփալ Սատանայի հանճարեղ գիւտով լուծուած լինելով, միամտուած էր։ Այլեւս Առիւծ Գեւոյի քէֆին քէֆ չէր հասներ։ Թող արար աշխարհ տեսնէ թէ՝ Ալաշկերտցի Առիւծ Գեւօն ինչ մարդ է։ Հէ՜յ, հէ՜յ, մօտ երկու տասնեակ տարիներ «ազատութեան զինուոր» եղած էր, կա՞ր մէկը որ չափուէր իր հետ։

Հանդիսականներէն շատ շատեր, անոր քալուածքէն, խիստ դէմքէն, բայց մանաւանդ երկար ու շքեղ պեխերէն ազդուած, կը կարծէին թէ ան է պարոն Լեւոնը, «ազգութեան մեծը»։ Փոքր աղջնակ մը, դռնէ մը դուրս վազելով փունջ մը վայրի ծաղիկներ տուաւ Առիւծ Գեւոյին, զայն Լեւոնի հետ շփոթելով։ Մեր բարեկամը արժանավայել ծանրութեամբ փունջը վերցուց՝ աղջկայ գլուխը շոյելով, բայց կարիք չզգաց յայտնելու, որ Լեւոնը երկու քայլ ետեւ հայդուկներու հետ քալողն է։

Կառավարչատան մէջ տեղի ունեցած ընդունելութենէն վերջ, երբ թուրք պաշտօնեաներ ու հայեր տեղի անտեղի կը համբուրուէին իրարու հետ, բազմութիւնը, շրջապատած հայդուկներու խումբը, զանոնք առաջնորդեց երկու կամուրջներով դէպի Թաղ, ուր «պատուաւոր ազգային»ի մը տան մէջ մեծ սեղան մը շտկուած էր։ Կեր ու խումը եւ ուրախութիւնը մինչեւ մթնելը շարունակուեցան։ առիւծ Գեւոյի տրամադրութիւնը շատ բարձր էր։ Երկու անգամ ճառ խօսեցաւ, բազմաթիւ բաժակներ դատարկելէ վերջ։

Այդ երեկոյ, Գարեգինի, Եկաւեանի, Կալիպ պէյի ու երկու հայդուկներու ընկերակցութեամբ, Լեւոնը մեկնեցաւ Աթանան՝ կարգադրելով, որ խումբը գիւղէ գիւղ անցնելով հետեւի իրեն։

Վեց ձիաւորները արագ արագ կը քալեցնէին ձիերը, լոյսը բացուելուն Աթանան հասնելու ցանկութեամբ։ Բայց կէս գիշերը անցած, երբ Փեսան Դաշտի Շիտան գիւղէ կ՚անցնէին, գիւղացի մը հանգստանալու համար ճամբու եզրը նստող անցորդները ճանչնալով՝ ամբողջ գիւղը ոտքի հանեց։ Լեւոն ու ընկերները հինգ րոպէ չէին նստած, երբ գրեթէ ամբողջ Շիտանի ժողովուրդը պաշարեց զինքը։ Այլեւս անկարելի էր ճամբան շարունակել, հոդ պէտք էր մնային։ Լոյսը բացուելուն, դաւուլ զուռնայի դղրդոցը ծանր ծանր կը տարածուէր Փեսան Դաշտի ցրուած գիւղերու վրայ, բոլոր ժողովուրդը մէկտեղելով Շիտանի մէջ։

  Այդ գիշեր ու յաջորդ ցերեկը Շիտան մնալով՝ Լեւոն ու ընկերները մութը կոխելուն անցան Աթանան։