Հայոց եկեղեցական իրաւունքը. Ա Գիրք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԶԳԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ

 

101) ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ

 

 

Ա.

Ազգին ամէն մէկ անհատը առ ազգը պարտաւորութիւններ ունի, ազգն ալ իր կողմէն առ ազգային ամէն մէկ անհատ իրաւունքներ ունի ազգէն եւ ազգն անհատներէն:

 

Ուստի ազգն ու ազգայինք փոխադարձ պարտեօք կապուած են իրարու հետ, անանկ որ մէկին պարտաւորութիւնքը միւսին իրաւունքն են:

 

Բ.

 

Ազգայնոց պարտականութիւնն է՝ ազգին պիտոյիցը պահանջած ծախքերուն մասնակից ըլլալ իւրաքանչիւր իր կարողութեան չափովը. ազգին խնդրած ծառայութեանցը յօժարակամ յանձնառու ըլլալ, եւ անոր ըրած տնօրէնութեանցը սիրով հնազանդել:

 

Ազգայնոց այս պարտաւորութիւնքը ազգին իրաւունքն են:

 

Գ.

 

Ազգին պարտականութիւնն է՝ ազգայնոց բարոյական, մտաւորական եւ նիւթական պիտոյիցը հոգ տանել, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ դաւանութիւնն ու աւանդութիւնքը անարատ պահել, մարդկութեան հարկաւոր եղած անհրաժեշտ գիտելեաց ուսումը՝ ամէն աստիճանի թէ մանչ եւ թէ աղջիկ տղայոց հաւասարապէս ծաւալել, ազգային հաստատութիւնքը պայծառ պահել, հասոյթներն օրինաւոր կերպով աւելցնել, եւ ծախքերն իմաստութեամբ տնտեսել, ազգին ծառայութեանը մշտնջենապէս նուիրեալ անձանց կացութիւնը բարւոքել եւ ապագայն անդորրել, կարօտելոց խնամ տանել հայրաբար, ազգայնոց մէջ ծագած վէճերն արդարասիրութեամբ խաղաղել, եւ վերջապէս` ազգային յառաջադիմութեան անձնանուէր աշխատել:

 

Ազգին այս պարտաւորութիւնքը ազգայնոց իրաւունքն են:

 

Դ.

 

Զազգը փոխանորդաբար ներկայացնող, եւ այս փոխադարձ պարտեաց կանոնաւոր կատարմանը տեսուչ եւ մատակարար կարգեալ իշխանութիւնը՝ ազգային վարչութիւն կը կոչուի, որուն յանձնուած է Օսմանեան Տէրութենէն յատուկ արտօնութեամբ եւ Սահմանադրութեան միջոցաւ, Թուրքիոյ Հայոց ներքին գործերու տնօրէնութիւնը:

 

Ե.

Վարչութիւնը՝ ազգային ըլլալու համար, պէտք է Երեսփոխանական ըլլայ:

 

Զ.

Երեսփոխանական վարչութեան հիմը՝ իրաւանց ու պարտեաց սկզբունքն է, որ արդարութեան սկզբունք է, իր ոյժը ձայնից բազմութեան մէջ կը կայանայ, որ օրինաւորութեան սկզբունք է: