Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Law  

107) Ե. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

 

Յօդ. 36. Քաղաքական ժողովը կը բաղկանայ ազգային գործոց եւ Տէրութեան  օրինաց  տեղեակ  քսան  աշխարհականներէ:

 

Յօդ. 37. Քաղաքական ժողովոյ անդամները գաղտնի քուէարկութեամբ եւ քուէից բացարձակ առաւելութեամբ ազգային ընդհանուր ժողովոյ մէջ կընտրուին, եւ տեղեկագիրը Պատրիարքի կողմէն Բարձրագոյն Դրան մատուցուելով՝ Կայսերական հրամանաւ կը հաստատուեն:

 

Յօդ. 38. Քաղաքական ժողովը երկու տարին անգամ մը ապրիլի վերջը ամբողջ կը լուծուի, եւ մայիսի սկիզբը կը նորոգուի:

Այս ժողովոյ անդամները երկու տարի անցնելէն ետքը նորէն կրնան ընտրուել: Եւ թէպէտ առջի երկու տարին քաղաքական ժողովոյ համար վերընտրելի չեն, բայց ուրիշ որ եւ է ազգային պաշտօնի մէջ կրնան գործածուել:

 

Յօդ. 39. Եթէ քաղաքական ժողովոյ անդամներէն մէկը, առանց բանաւոր պատճառ իմացունելու գրով, երեք անգամ իրարու վրայ ներկայ չը գտնուի, նոյն ժողովոյ ատենապետի կողմէն անոր նամակ գրուելով՝ չգալուն պատճառը կը հարցուի: Եթէ պատասխան չառնուի, երկրորդ գրութեամբ իմաց կը տրուի իրեն որ՝ եթէ յաջորդ նիստին ալ ներկայ չգտնուի, իբրեւ հրաժարեալ պիտի համարուի, եւ եթէ դարձեալ չներկայանայ, հրաժարականը տուած պիտի սեպուի:

 

Յօդ. 40. Երբ քաղաքական ժողովոյ հրաժարական տուող կամ ուրիշ պատճառաւ պակսող անդամոց թիւը երեքի հասնի, անոնց տեղ ուրիշ անդամներ կընտրուին ընդհանուր ժողովով: Բայց մինչեւ որ այս ընտրութիւնն ըլլայ, քաղաքական ժողովոյ մէջ բոլոր անդամոց մեծագոյն մասը կը բնտռուի:

 

Յօդ. 41. Քաղաքական ժողովոյ պաշտօնն է ազգային քաղաքական գործոց ընդհանուր տեսչութիւնը, իւր պարտաւորութիւնքն են ազգին բարեկարգութեան եւ յառաջադիմութեան մտադրութիւն եւ փոյթ ունենալ, իր տեսչութեան տակ գտնուող խորհրդոց կողմէն մատուցուած ազգօգուտ առաջարկութիւնները ուշադրութեամբ քննել, եւ անոնց կարեւորութիւնը յայտնուելէն ետքը՝ հաստատել կամ գործադրութեան արգելքները  բառնալու ջանք ընել:

 

Յօդ. 42. Քաղաքական ժողովը իրեն եկած գործերը որ խորհրդոյ վերաբերեալ ըլլան՝ քննուելու համար այն խորհրդոյն կը յանձնէ եւ մինչեւ որ անոր կարծիքը չառնու՝ չը կրնար գործադրութեան ձեռնարկել: Եւ թէպէտ կըրնայ իրաւացի պատճառներով հերքել մէկ խորհրդոյ ըրած որոշումը, բայց ինքնին ուրիշ տնօրէնութիւն չկրնար ընել նոյն նիւթին վրայ, եւ կը պարտաւորի դարձեալ նոյն խորհրդոյն յանձնել գործը: Քաղաքական ժողովը չը կրնար նաեւ փոխել կամ լուծել ազգային խորհուրդներէն մէկը, քանի որ չտեսնէ զայն Սահմանադրութեան հիմնական սկզբանց հակառակ ընթացքի մէջ: Բայց երբ տեսնէ անոնց մէկը այսպիսի ընթացքի մէջ առաջին անգամին՝  բացատրութիւն  կուզէ  նոյն  խորհրդոյ  ատենապետէն երկրորդ անգամին՝ անոր գրով ազդարարութիւններ ընելով` ի կանոնապահութիւն կը հրաւիրէ, իսկ երրորդին՝ անդամները կը փոխէ, միայն թէ այս մասին ունեցած պատճառները պիտի բացատրէ ընդհանուր ժողովոյ ներկայացնելու երկամեայ տեղեկագրին մէջ:

 

Յօդ. 43. Քաղաքական ժողով, երբ իրեն եկած քաղաքական գործերէն կարեւոր խնդրոյ մը լուծումը իր ձեռնհասութենէն վեր դատէ, ընդհանուր ժողովոյն կը դիմէ:

 

 

Զ. Քաղաքական ժողովոյ կողմէն կազմուած ազգային խորհուրդք եւ հոգաբարձութիւնք

 

 

Յօդ. 44. Ուսումնական, տնտեսական եւ դատաստանական գործոց եւ վանօրէից տեսչութեան համար չորս խորհուրդ, եւ մատակարարութեան պաշտօնով՝ երեք հոգաբարձութիւն պիտի հաստատուի քաղաքական ժողովոյ կողմէն: Այս խորհրդոց եւ հոգաբարձութեանց անդամները երկու տարի պաշտօն կը վարեն այն պայմանաւ, որ ամէն տարեգլուխ կիսով չափ նորո-

գուին:

 

Դատաստանական խորհրդոյ նախագահը Կ. Պօլսոյ Պատրիարքի փոխանորդն  է: