Հայոց եկեղեցական իրաւունքը. Ա Գիրք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

121) ԳԼՈՒԽ Բ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԿԱՆՈՆՔ ԺՈՂՈՎՈՑ ԵՒ ԽՈՐՀՐԴՈՑ

 

 

Յօդ. 85. Ամէն ժողով եւ խորհուրդ պիտի ունենայ ատենական դիւան մը, որ կը բաղկանայ մէկ ատենապետէ, մէկ ատենադպրէ եւ երբեմն նաեւ ատենապետէ եւ ատենադպրի փոխանորդներէ: Ասոնց ամենն ալ հարկաւ ժողովոյ անդամներէն պիտի ըլլան:

Ատենական դիւանը տարին անգամ մը  կը նորոգուի, եւ  անդամներն անմիջապէս վերընտրելի են:

 

Յօդ. 86. Առանց մեծագոյն մասի ներկայութեան ատեան չը կրնար կազմուիլ:

 

Յօդ. 87. Խնդիր մը լաւ քննուելէն եւ անոր վրայ ներկայ ժողովականաց կարծիքը հասկացուելէն վերջը, քուէ կը դրուի եւ ձայնից առաւելութեամբ որոշում կը տրուի: Երբ ձայնից հաւասարութիւն պատահի, եթէ նախագահը ներկայ է՝ անոր կարծեաց կողմը կը հակի որոշումը. եթէ ոչ՝ ատենապետին կողմը:

 

Յօդ. 88. Խառն ժողովոյ մէջ քննուած որ եւ է խնդրոյ որոշում տրուելու համար, պէտք է, որ երկու ժողովները զատ քուէարկութիւն ընեն: Երբ երկուքին ալ մեծագոյն մասը միեւնոյն որոշումը ըրած ըլլայ, խնդիրը լուծուած է, իսկ եթէ որոշումնին տարբեր ըլլայ, կարծեաց անհամաձայնութիւն կը համարուի եւ հետեւաբար խնդրոյն որոշումը ընդհանուր ժողովին կը ձգուի:

 

Խառն ժողովը  օրինաւորապէս  գումարուած  համարուելու  համար, պէտք է, որ ժողովոց երկուքին ալ մեծագոյն մասը ներկայ գտնուին:

 

Յօդ. 89. Ընդհանուր ժողով գումարուելէն գոնէ վեց օր առաջ պէտք է, որ պատրիարքարանի կողմէն հրաւիրանաց գրեր յուղարկուին անդամներուն: