Նիւթեր Աղեքսանդր ջուղայեցիի կենսագրութեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ի. Վկայաթուղթ։

Գրութիւն ի Նոր Ջուղայի դիւան։

  «Իշխանաշուք փառաւորե[ա]լ Պերճապատիւ պայազատ եւ իշխանազն իշխանաց իշխան… (բնագրին մէջ) գիտութի[ւ]ն եւ արզ լիցի մեծապատիւ տէրութե[ա]ն եւ իշխանու[թ]ե[ան] քո.

Ահա մեր խնդիրքն՝ առաջին՝ եւ միջին՝ եւ վերջին այս է, որ հայն՝ հայ լինի, եւ Ֆռանկն՝ փռանկ, բայց Ֆռանկ[ա]ց կամքն՝ այս է որ Ֆռանկ Ֆռանկն լինի, հայն եւս Ֆռանկ լինի. բ[ա]յց մեք ոչ կամիմք այսպէս, չուզեմք որ… (բնագրին մէջ) ռահաթն՝ Ֆռանկ լինի, ինչպէս որ Թարվիզու ԻԶ (26) մարդ գնացե[ա]լ են՝ Ֆռանկստան այլ յետ չեն եկած՝ թէ քահանայ եւ թէ աշխարհական՝ ահա Լ (30) ամ է Ֆռանկ են դարձել տեղն.

Այժմս մեր խնդիրքն՝ այս է մեծութէ[ան]դ որ մէկ հուքմ եւ ռաղամ լինի թէ հայն՝ հայ կենայ եւ Ֆռանկն՝ Ֆռանկ, հայն՝ Ֆռանկի ժամ չգնայ, եւ տղայ կարդալու չտայ, հարկայ անեն, սահապ թասխիր լինին, տեղին հեքիմն թամբէհն անէ, այս հուքմս մեր ձեռն գայ, որ պահեմք, ամենուն ջուղապն տամք, թէ շաֆաղաթ կու լինի, բարի է, ապա թէ ոչ մի անգամ մեզ ջուղապ լինի թէ թողէք… (բնագրին մէջ) ռահաթն՝ Ֆռանկ դառնայ, ումպրն, ախտիարն ձեր է.

Տէրն՝ տերանց եւ թագաւորն՝ թագաւորաց պահեսցէ հաստատուն զիշխանութի[ւն]դ քո, եւ հայրենեաց քոց երկար ամանակաւ ճոխափառ պայծառու[թեամբ]։ Ամէն։ Դարձեալ եթէ այս Ֆռանկաց բանին՝ վերահասու չլինիս՝ եւ հուքմն չուղարկես հայքն՝ ամէն Ֆռանկ կու լինի, աղաչեմ մեծապատիւ տէրութէ[նէ]դ, որ ռահաթին ողորմիս այս Ֆռանկութի[ւն]ն վերանայ, Ա[ստուա]ծ՝ (բնագրին մէջ) եւ քո հրամանուցդ դօվլաթն՝ եւ ումպրն՝ զիադայ անէ. Ամէն։ Գրեցաւ արզայս ի Սուրբ Աթոռս Էջմիածին ի Սորին։ Ապա սաւոր Աղէքսանդր կաթուղիկ[ո]սէ, ՌՃԾԶ (1707) թուին ի Դրանէ Ս[ուր]բ Էջմիածնի»։

  * * *

ԺԷ դարուն վերջը եւ ԺԸ դարուն սկիզբը՝ Կ. Պոլսէն մինչեւ Սպահան բուռն եւ ազգակործան պայքար մը կար՝ կաթոլիկ եւ հակակաթոլիկ հայ հատուածներու մէջ։ Երկու կողմէն ծայրայեղութիւններ կատարուեցան եւ մինչեւ անգամ ոճիրներ գործուեցան։

  Հոս մտադիր չեմ այդ աղետալի եւ վնասակար պայքարին պատմութիւնը տալու. այլ միայն պիտի ներկայացնեմ անկէ քանի մը փուլեր՝ Աղեքսանդրի հետ ուղղակի կապ ունեցող։

  Անուրանալի է, որ ամէն ճիգ եւ միջոց կը գործածէին հայութիւնը կաթոլիկացնելու, առանց խտրութիւն դնելու համոզումի եւ բռնութեան միջեւ։ Տանք ապացոյցներ։ Անկիւրիոյ Արքեպիսկոպոսը (Տօն Ֆէրանդէ Բալմա տ՚Արդուաս. Սէնդ Էլիայի դուքս). Պապական մասնաւոր Նուիրակ, դէպի Հնդկաստան իր ճամբուն վրայ Պանտար Ապպասէն՝ Հռովմ կը գրէր 1 Ապրիլ. 1700ին. «որ եթէ հայեր կաթոլիկ չըլլան պէտք է որեւէ հայու արգիլել Պապական երկիրներ մտնել. մինչեւ որ ան նախ Կաթոլիկ Հաւատքը չդաւանի։ Ես կը թելադրեմ որ Սուրբ Աթոռը առաջարկէ Վենետիկի Հանրապետութեանն, (Դօսքանի) Մեծ Դուքսին. եւ Կայսեր, որ միասին հրաման մը հրատարակեն իրենց հպատակներուն. ըստ որում, եթէ Հայեր որոշեալ ժամանակամիջոցին կերպ մը չգտնեն ինքզինքնին ենթարկելու իրենց նախկին ժամանակներու Գլխուն (այսինքն Պապին) իրենց բոլոր ստացուածքները այդ երկիրներուն մէջ պիտի գրաւուին». (Scripture rieferite, vol, 511, էջ 17)։

  Էլիաս Եպիսկոպոսը 5 Մայիս. 1702 թուակիր Յիշատակարանով մը՝ ուղղուած Վենետիկի Հանրապետութեան Դուքսին եւ Ծերակոյտին. ի մէջ այլոց կը գրէր, «Եթէ հաճելի է նորին Պայծառափայլ Բարձրութեան եւ բարձրապատիւ Քօլէճին եւ Ծերակոյտին գրել եւ յանուն իրենց գրել տալ նամակ մը՝ ազդարարելով Ճուլֆայի Քալանթարին եւ իր խորհրդականներուն՝ բաղկացած գլխաւոր հայ վաճառականներէն, նկատի առնելով իրենց իսկ թագաւորին (Շահին) հրամանը. եւ այն շնորհքները զորս անոնք (հայերը) կը ստանան աստ ամենապայծառ Հանրապետութեան եւ Քրիստոնեայ վեհապետութեանց կողմէ, նոյն իսկ այն ազատութիւնը որ ունին իրենց սովորութեան համաձայն այս մայրաքաղաքին (Վենետիկի) մէջ ապրելու, բայց անոնք (հայերը) պէտք է դադրին ուղղակի կամ անուղղակի իրենց թէ ուրիշներու միջոցաւ արգիլելէ Կաթոլիկ կրօնքին արդար ազատութիւնը» (Scripture non riferite, հատոր II. էջ 414)։

Վատիկանի դիւանին մէջ կը պահուի (նոյն հաւաքման մէջ ցանկ, հատոր II. էջ 341) թարգմանութիւնը Պարսից Շահ Սուլթան Հիւսէինի կողմէ Անկիւրիոյ Արքեպիսկոպոսին տրուած հրամանագիր մը. ուր իբր թէ կ՚ըսուի. որ «(Շահը) բացարձակապէս կը հրամայէր Պարսից թագաւորութեան սահմաններուն մէջ գտնուող Հայոց ցեղին, որ իրենցմէ որեւէ անհատ ապագային չյանդգնի հայհոյել Սուրբ (Պապ) Լեւոնի, հայհոյողներուն տուգանքներ պիտի պարտադրուին, անոնք որոնք հակառակին այս հրահանգին. ապագային իրենց կրօնականներէն ո՛չ մին պիտի բարձրացուի Եպիսկոպոսի կամ Պատրիարքի ասիտճանին, բացի երբ հպատակութիւն յայտնէ Առաքելական Սուրբ Աթոռոյն եւ մեր սուրբ հօր։ Այս համաձայնութիւնը ապագայ քանի մը օրերուն պիտի գործադրուի իմ տիրոջ (արքեպիսկոպոս) Անկիւրիոյ, Ճուլֆայի եպիսկոպոսներուն եւ բոլոր գլխաւորներուն կողմէ, թագաւորին (Շահին) հրամանաւ»։

  Դժուար է խորհիլ որ Շահ Հիւսէին կամ իր կառավարութիւնը նման յիմար, կամ՝ նման վնասաբեր հրաման մը տար. իրեն հպատակ հայութիւնը դնելով օտար վեհապետութեանց ազդեցութեան տակ։ Արդարեւ այս հրամանագրին խօսքը կայ, բայց անոր պատճենը գոյութիւն չունի։ Շահին այս հրամանագիրը բոլորովին կը պակսի Պապական դիւանին թուղթերուն մէջ։

  Իրականութիւնը այն է որ վերի սպառնալիքներէն ոչ մին յաջողութիւն գտաւ։ Կարմեղան Ֆրա Պազիլ 20 Մայիս. 1708ին կը գրէր «դեռ Հայերը այնքնա յամառ են իրենց հերձուածին մէջ որ անկարելի է զանոնք դարձնել։ Ժողովուրդը հեշտութեամբ տեղի պիտի տայ, սակայն եպիսկոպոսները այնքան թշնամի են, որ բարութիւնը ոչ մէկ ազդեցութիւն կ՚ընէ անոնց վրայ»։ Այս ալ խորհուրդ կուտայ որ Շահ Սուլթան Հիւսէինի նամակ գրուի «խնդրելով որ հայերը ենթարկուին Պապին հոգեւոր հեղինակութեան. եւ արգիլուին Պապ Ս. Լեւոնի հայհոյելէ, եւ Կաթոլիկներուն միջամտելէ. (Կարմեղեան Դիւան, Հռովմ)։

  Ուրեմն՝ Անկիւրիոյ Արքեպիսկոպոսին ստացած հրամանագիրը կարծես թէ գոյութիւն չունէր որ ի նորոյ հրամանագիր կը խնդրուի նոյն նպատակաւ։

Բնական է որ Հայերն ալ իրենց միջոցներով կը պայքարէին այս բռնաբարումին դէմ։ Թիւ Ի. վկայաթուղթը ըստ երեւոյթին աղերսագրի մը պատճեն է՝ Աղեքսանդրէ Կաթոլիկներու դէմ ուղղուած։

  Հայերը բռնի միջոցներով արգելք եղեր էին Թաւրիզի մէջ Գաբուչիններու եկեղեցւոյն գործունէութեան։ Սարգիս վարդապետ Մանուկեան. որ 1700էն սկսեալ լատինամերձ գոծունէութիւն մը ունէր. Հռովմ դիմած էր օգնութեան։ Ինք եւ Էնկօլիսմանուս Գաբուչինը Թաւրիզի մէջ կաթոլիկ դպրոց մը ունէին 60ի մօտ աշակերտներով. որուն տնօրէնն էր Ֆրա Բէթէր Իսօտունցի։ Աղեքսանդր միջոցներ ձեռք առաւ. նախ Սարգիս վարդապետը փիլոնազուրկ ըրաւ, իբր լատինամիտ եւ կաթոլիկ, թէեւ 2 Փետրուար. 1710ին, Հռովմ կը գրուէր թէ Սարգիս դեռ կը վայելէր Թաւրիզի հայոց համակրանքն ու օժանդակութիւնը. (Scripture non riferite, մաս II. էջ 370)։

  10 Նոյեմբեր, 1710ին Աղեքսանդր կը յաջողէր Շահէն հրաման հանել որ Գաբուչիները ուրիշ քարոզիչներուն հետ իր պետութեան սահմաններէն վտարուին։ Հռովմ կը տեղեկագրուէր որ Շահին հրամանագրէն «երկու օր առաջ իր (Աղեքսանդրի) նամակը հասած էր Թաւրիզի հայոց գլխաւորներուն. եւ ատոր մէջ կը հաւաստուէր թէ Կաթոլիկները Նեստորականներ էին, եւ այն հայերը որոնք Գաբուչիններուն եկեղեցիները կ՚այցելէին եւ իրենց որդիները Լատին դպրոց կը ղրկէին կ՚արտաքսէր (Հայ Եկեղեցիէն)»։ Իսկ Մօնսենէօր Մօրիս՝ Սուրբ Թէրէզայի, իր Պապին գրած մէկ նամակին մը մէջ կ՚ըսէ. «Այս բոլորը, Սուրբ Հայր, այսինքն՝ կաթոլիկներու եւ քարոզիչներու հալածանքը կը յառաջանայ Հայոց Պատրիարքին (Հայրապետին) կողմէ անոնց Պարսկաստան մուտքին արգելք հանդիսանալէն։ Ան (Հայրապետը) չի տատամսիր Թուրք եւ Պարսիկ պաշտօնատարներ կաշառելէ, այնպէս որ վերջինները կը վնասեն եւ նոյն իսկ գաւազաններով կը ծեծեն քարոզիչները, օրինակի համար, քանի մը ամիս առաջ այդ պատահեցաւ Գաբուչին Հայրերու՝ ի Թիֆլիզ եւ Կէնճէ (Գանձակ) եւ Յիսուսեան Հայրերու ի Շամախի…։ Սուրբ Հայր, բոլոր հայերը որ Իտալիա եւ մասնաւորաբար Հռովմ կուգան կը խաբեն Ձեր Սրբութիւնը եւ Կարտինալները, հոտ անոնք ինքզինքնին իբր Կաթոլիկ ցոյց կուտան, իսկ հոս անոնք մեծագոյն հալածողներն են քարոզիչներուն եւ իրական Կաթոլիկներուն»։

  Համատանէն Պաղտատի Կաթոլիկ Եպիսկոպոսը 23 Հոկտեմբեր. 1711ին կը գրէր իր կարգին։ «Չար շաղկապը ներկայ ժամանակներուս, այս երկրին մէջ, Հայ հերձուածողներու կողմէ կատարուած արդի շատ բուռն հալածանքին, որոնք քաջալերուած Էջմիածնի իրենց հայրապետ Աղեքսանդրէ, հասած է այն կէտին, որ կրնայ բոլոր առաքելական քարոզիչները  Պարսկաստանէն դուրս քշել։ Ան կրցած է յետս կոչել տալ (Կաթոլիկներու) նպաստաւոր արքունի հրամանագիրները՝ շնորհուած շատ բարեպաշտ ֆրանսական դեսպանին, Մօնսիէօ Միշէլին, տրուած երեք տարի առաջ եւ ստացած է (Աղեքսանդր) ատոնց տրամադրութեան ճիշտ հակառակ ուրիշ (հրովարտակներ)…։ Կարգ մը մարդիկ կը խորհին թէ ասոնք կը կատարուին աւարառու Արքունաց կաշառակեր պաշտօնատարներու միջոցաւ՝ առանց Շահին գիտութեան». (Scripture riferite, հատոր 587, էջ 28)։

  Պաղտատի Կաթոլիկ Եպիսկոպոս Բիտու իր նամակին հետ կը ներփակէր նաեւ նամակ մը ֆրանսացի Գաբուչին Ֆրա Բէթէր կողմէն, Սպահանէն ղրկուած, ուր Գաբուչինը կը գրեր։ «Ամենէն անսանձ թշնամին Հռովմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյն, Հայրապետն Հայոց. շատ դրամ կը ծախսէ արքունեաց մօտ, որպէս զի ջնջել տայ թագաւորէն (Շահէն) մեզի շնորհուած առանձնաշնորհումները» եւ իր առաքելութեան համար օգնութիւն խնդրելէ վերջը կ՚իմացէ որ «Հայոց հայրապետը հոս ժամանեց քանի մը օր առաջ»։ Աղեքսանդրի Նոր Ջուղայ այս այցելութիւնը կատարուած կ՚երեւի 1711ի ամրան։ Ով գիտէ գուցէ այս այցելութեան կ՚ակնարկէ իր թիւ ԺԳ վկայաթուղթը. զոր վերը հրատարակեցինք։

  Կարմեղան Ֆրա Ժէրօմ Ֆրանչիս՝ Սպահանէն 31 Հոկտեմբեր. 1711-ին կը գրէ Աղեքսանդրի ժամանման մասին։ «Եւ կը վախցուի այս մայրաքաղաքին մէջ, որ ան գլուխ հանէ այն (հրամանագիրը) զոր ան ձեռք բերաւ անցեալ տարի մեզի դէմ, մեզ Պարսկաստանէն վտարելու համար»։

  Կարմեղեան Ֆրա Բօլ Օկուսդին կը գրէ Հաւատոյ Տարածման ժողովին։ «Չեմ գիտեր թէ ինչ շարժառիթով քարոզիչ մը լաւ ծանօթ Հայոց հայրապետ Աղեքսանդրի անարգանքներուն. յայտարարութեանց եւ գործունէութեանց, խօսած է այնքան մոլորեցուցիչ կերպով, որ փոխանակ ճշմարտութիւնը պարզելու. փորձեր է պահել, օժանդակ նամակէ մը, որ հայրապետին (Աղեքսանդրի) կողմէ գրուեր է Նորին Սրբութեան։ Նորին Սրբութիւնը մեծ քաղաքավարութեամբ պատասխաներ է հայրապետին (Աղեքսանդրի)։

  Ուրեմն. գոյութիւն ունի նամակ մը զոր Աղեքսանդր Կաթողիկոս գրած է 1709 Փետրուար 25-ին։ Հ. Գր. Գալէմքեարեան «Հանդէս Ամսօրեայ»ի 1914 տարւոյ էջ 532-562ին մէջ ունի երկար աշխատութիւն մը նուիրած «Յովակիմ Վ. Ջուղայեցի»ի (1666-1720)։ Սակայն աշխատութեան մեծագոյն մասը կը գրաւէ Աղեքսանդրի վերոյիշեալ նամակը։

  Պէտք է ընդունիլ որ Յիսուսեան Հայր Վիլօդնն է որ նախ տեսած ու գործածած է այս նամակը։ Հաւանաբար ինքն է որ «այնքան թիւր կերպով» ներկայացուցած է այս նամակին պարունակութիւնը։ Սխալ է Հ. Չամչեանի վերագրել որեւէ խեղաթիւրում՝ կատարուած Աղեքսանդրի նամակին մասին։ Այս նամակը պարզապէս պատասխան մըն էր լատին քարոզիչներուն հայոց դաւանանքին մասին կատարած հերիւրանքներուն դէմ։ Ան կ՚ուզէ որ Պապը սաստէ ստայօդ քարոզիչները. խորհելով որ Պապը իր գրած նամակներէն ըմբռնած կ՚ըլլայ Հայոց Դաւանութեան իրաւ հոգին կամ էատարրը։ Միաժամանակ Վենետիկի հայոց համար հայաւանդ եկեղեցի մը կը խնդրէ։ Բայց, Վենետիկի մէջ արդէն գոյութիւն ունէր Ս. Խաչ եկեղեցին։

  Հռովմի Կղեմէս ԺԱ. Պապը 15 Մարտ. 1710 թուակիր նամակով մը պատասխանեց Աղեքսանդրի նամակին։ Սակայն. Պապին նամակը որեւէ կերպով պատասխան մը չէր Կաթողիկոսին գրածներուն, այլ գրուած էր. Աղեքսանդրի նամակին իրեն սխալ մեկնուած բովանդակութեան հիման վրայ։ Պապական այս նամակը կը մնայ Հռովմի դիւանաթուղթերուն մէջ (Վատիկանի Դիւան, Epist. ad Princ. vol, 87, էջ 194), իսկ անոր մէկ թարգմանութիւնը կուտայ Հ. Գր. Գալէմքեարեան իր վերոյիշեալ աշխատութեան էջ 553-555ին մէջ։ Պապը կը գրէ այն սխալ տպաւորութեան տակ, ըստ որում, ան կը խորհի թէ Աղեքսանդր կ՚ուզէ Հռովմի ենթարկուիլ եւ անոր գերակայութիւնը արդէն ընդունած է, պարագայ մը որ անհիմն ու անիրական է։ Ահա այս անհիմն իրականութեան ազդեցութեան տակ Կարմեղեան Ֆրա Բօլ Օկուսդին կը գրէր 11 Նոյեմբեր. 1711 թուակիր նամակը Սպահանէն մերկացնելով Աղեքսանդրի նամակին անանուն (Յիսուսեան Յակոբ Վիլօդ) թարգմանիչ-մեկնաբանողը, եւ կը շարունակէ, - «Որպէսզի Ձեր Գերազանցութիւնը գիտենայ, թէ քսան տարի առաջ այս Հայրապետը (Աղեքսանդր) գրքոյկ մը (զոր կարդացած եմ) գրեց եւ տպել տուաւ, որուն մէջ ան մեծ քամահրանքով կը խօսի Սուրբ Աթոռոյն (Հռովմի) մասին, նաեւ Սուրբ Լեւոն (Պապին) եւ Քաղկեդոնի Ժողովին, եւ մատի մը հաստութեամբ այս գրքոյկը կարդացած են անոնք որոնք վատ տեղեկութիւններ տուած են Ձերդ Գերազանցութեան, սա կը նշանակէ որ անկէ ի վեր Հայրապետը (Աղեքսանդր) փոխուած չէ երբեք, որովհետեւ բացի հրապարակին վրայ գտնուող այդ գիրքէն, Նորին Սրբութենէն իր պատասխանը ստացաւ ան (Աղեքսանդր) եւ արհամարհեց այդ նամակը»։

  Ծանօթ չէ՝ թէ ի՛նչ գիրք է յիշուած հակակաթոլիկ գիրքը որ 1711-էն մօտաւորապէս «քսան տարի առաջ», այսինքն՝ 1690ի ատենները Աղեքսանդր վարդապետ «գրեց եւ տպել տուաւ գրքոյկ մը… մատի մը հաստութեամբ»։ Յարութիւն Տէր Յովհանեանց իր Նոր Ջուղայու պատմութեան մէջ կը կարծէ թէ՝ ատիկա կրնայ «Կրթութիւն Մանկանց» «փոքրիկ գիրքն» ըլլալ, հեղինակ՝ Ջուղայեցի Յովհաննէս Տիեզերալոյս վարդապետ, որ հրատարակուած է Կ. Պոլիս. 1713-ին «ի տպարանէ Գրիգոր դպրի Մարզուանցւոյ» . մաս, էջ 32, ծանօթ, 4)։ Բայց ասիկա անկարելի է, քանի որ Ֆրա Բօլ Օկուստին 20 Նոյեմբեր. 1711-ին չէր կրնար գրել թէ «կարդացած եմ»։ Ֆրա Բօլ նաեւ կը վկայէ թէ 1711էն մօտաւորապէս քսան տարի առաջ հրատարակուած է այդ գիրքը, եւ որուն հեղինակն ու տպագրիչը Աղեքսանդրն է։

  Արդարեւ, 1687-ին Նոր Ջուղայի վանքի տպարանէն լոյս կը տեսնէ ութածալ. 288 էջնոց հատոր մը՝ Աղեքսանդր Ջուղայեցիի հեղինակութեամբ, եւ հետեւեալ խորագրով «Գիրք ատենական, որ ասի վիճաբանական»։ Երբ այս գիրքին Բ. տպագրութիւնը տեղի կունենար 1783-ին ի Կ, Պոլիս, տպագրիչը կը յայտնէր թէ առաջին կամ 1687-ին տպագրութիւնը «որպէս թէ անհետացեալ, որոց զմին չեղեւ իսկ տեսանել եւ ի տեսողացն լինիւր լսել»։ Հետեւաբար, այդքան հազուագիւտ եղած ըլլալուն համար էր որ Տէր Յովհանեանց գիրքէն նմոյշ մը չէր կրցեր տեսնել։ 1687-ին տպուած այս գործն է զոր տեսած եւ կարդացած ըլլալ կը յիշէ Ֆրա Բօլ 20 Նոյեմբեր. 1711-ին։

  Շարունակելով անոր նամակը կը կարդանք, - «Երեք տարի առաջ Մ. Միշէլի (Ամենաքրիստոնեայ Թագաւորէն Պարսից Շահին մօտ դասպան) ստիպումին վրայ Հայրապետը (Աղեքսանդր) շրջաբերական մը գրեց իր հոգեւոր հպատակներուն, որով յորդորեց զանոնք բոլոր քրիստոնէից հետ խաղաղութեամբ ապրիլ, սակայն… դեսպանին մեկնումէն յետոյ, ան եկեղեցիէն արտաքսեց բոլոր անոնք որ մեր ֆրանկ եկեղեցիները կը յաճախէին։ Այդ միջոցին ինքն էր գլխաւոր պատճառը, որ Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ քրիստոնեաներ իսլամացան եւ բուռն հալածանք մը սկսաւ Սուլթանէն։ Նախանցեալ տարի (1710). ինչպէս որ գիտէք այլուստ, ան (Աղեքսանդր) դրամի շնորհիւ ձեռք բերաւ ռաքամ (ամենախիստը որ երբեք եղած է, ինչպէս որ կ՚ըսեն) մը ֆրանկներուն դէմ, մեր վտարման համար, եւ այժմ հոս եկած է (Սպահան) մեզ նեղելու, ինչ որ պիտի ըլլայ, Աստուած գիտէ…»։

  Յիշեալ Միշէլը այն մարդն է որ Իսրայէլ Օրիի ի վնաս մատնութիւններ ըրաւ Շահին արքունիքի մօտ, եւ նոյնիսկ բառախաղ մը հեղինակեց Իսրայէլ Օրիի անուամբ՝ «Իլ Սրա Րուա», այսինքն՝ «Թագաւոր պիտի ըլլայ»։

  Աղէքսանդր ընդհանրապէս կ՚ամբաստանուի Թուրքիոյ եւ Պոլսոյ կաթոլիկ հայոց դէմ հալածանքներ կատարած ըլլալուն համար, այդ հալծանքներուն ընթացքին նահատակուեցաւ նաեւ Կոմիտաս Քէօմիւրճեան։ Գաբուչին Ֆրա Ճան Պաբդիսդ Օրլէանցին. որ Սպահան ապաստանած էր. կը տեղեկագրէ Պաղտատի իրենց առաքելութեան մասին, եւ «Վերջապէս մեր առաքելութեան հոն մնալուն ԺԷ տարին. 22 Ապրիլ, 1708ին (հինգ-վեց հազար մանուկներու մկրտութիւն տալէ վերջ, մանուկներ՝ որոնք կը պատկանին Յակոբիկեաններու կամ Սիւրիացիներու, Նեստորականներու կամ Քաղդէացիներու, Հայերու եւ Յոյներու եւ եւրոպացիներ գերութենէ ազատելէ վերջ), Հայոց Հայրապետը Աղեքսանդր, սատանայի միջոցաւ եւ դրամի շնորհիւ, Դռնէն ամենազօրաւոր եւ ընդհանուր հրովարտակ մը ստացաւ, որով հրաման ունէր Օսմանեան Կայսրութեան սահմաններէն արտաքսելու բոլոր (քարոզիչները եւ կաթոլիկները), այս հրովարտակէն թուրքերն իսկ սարսափեցան» (Scripture non riferite, Հատոր III, p. 10)։

  Պէտք է յիշել նաեւ՝ որ կաթոլիկներն ալ անխտրական միջոցներ կը թելադրէին։ Օրինակ Կարմեղեանց մեծաւորը՝ Ֆրա Ճօզէֆ Մարի՝ Սպահանէն 28 Փետրուար, 1712-ին Հռովմ կը գրէր, - «Ես երկու քայլեր մեծապէս օգտակար կը նկատեմ հայերը Հռովմ եկեղեցւոյն միացնելու համար։ Առաջին, եթէ Ֆրանսայի թագաւորը Շարիման ընտանիքին վաճառականութեան ազատ իրաւունք շնորհէ իր պետութեան սահմաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ բոլոր անոնց որոնց համար վկայական տանք թէ կաթոլիկ են եւ մեր եկեղեցիները կը յաճախեն։ Երկրորդ, Մասքադ, որ կարեւոր նաւահանգիստ մըն է Պարսից Ծոցին վրայ, որ ժամանակին փորթուկալցիներուն ձեռքն էր, իսկ այժմ արաբներուն։ Վերջիններս Պարսից ծովեզերքին մեծ վնասներ կը պատճառեն. եւ պարսից թագաւորը ի սրտէ ուրիշ բան չի ցանկար եթէ ոչ կա՛մ այդ քաղաքին տիրանալ, կամ՝ անոր գրաւումը քրիստոնեայ ֆրանսիայի թագաւորը զայն պաշարելու խոստում տալ հաճի՝ պէտք է պայման դնէ որ ինք պիտի նշանակէ Հայոց Հայրապետը, (այն ատեն նշանակուելու իրաւունքը) անտարակոյս իրեն պիտի շնորհուի։ Եւ քանի որ Հայրապետը ի պաշտօն կը կոչէ եպիսկոպոսները, այս վերջինները թեմի քահանաները, որով այս կողմերու ամբողջ հայ ժողովուրդը կաթոլիկ պիտի դառնայ եւ Աստուծոյ շնորհիւ մենք պիտի տեսնենք այն՝ ինչ որ անցեալ շատ մը դարերուն իզուր փորձուած է»։

  Սակայն. Հռովմ գիտակցօրէն խուլ մնաց այս անխորհուրդ թելադրութեանց։ Վերոյիշեալ նամակին ի պատասխանի Սուրբ Ժողովոյն քարտուղարը նշած է, - «Թող պատասխան գրուի խնդրարկուի որ միջամուխ չըլլայ այն գործերուն որոնք առաքելութեան պաշտօնին չեն վերաբերիր»։

  Հայ-Կաթոլիկ պայքարին մասին հոս ասկէ աւելի պիտի չուզէի ծանրանալ։ Նիւթը, որուն մասին այնքան անորոշ է մեր պատմութեան այս շրջանը, կը ներկայացնէ չափազանց ծաւալուն եւ ընդարձակ հանգամանքներ, ըլլալով թէեւ խիստ շահեկան։ Բայց եւ այնպէս ներկայ աշխատութեանս ծրագրէն դուրս է այս մասին աւելի մանրամասնել։

* * *

  Թաւրիզի քարոզիչներէն Գաբուչին Ֆրա Բէթէր. 12 Յունուար. 1715-ին ի մէջ այլոց կը տեղեկագրէ Հռովմ - «3 Դեկտեմբեր, 1714-ին Աղեքսանդր Հայրապետը, մեր մեծ հալածիչը մեռաւ, եւ Մովսէս Ջուղայեցի Արքեպիսկոպոսը իրեն յաջորդ ընտրուեցաւ»։

  Օրմանեան, Աղեքսանդրի մահը կ՚ընդունի 22 Նոյեմբեր, 1714-ին (Ազգապատում էջ 2800)։ Իրեն աղբիւր ծառայած է Յարութիւն Տէր Յովհանեացի «Պատմութիւն Նոր Ջուղայու» գործը էջ 37։ Ֆրա Բէթէրի եւ Տէր Յովհանեացի տուած ամսաթիւերուն միջեւ եղած տարբերութիւնը կարելի է հաշտեցնել հին եւ նոր տոմարի տարբերութեամբ։

  Օրմանեան սխալ մը գործած է. գրելով՝ «1714 Հոկտեմբեր, 19ին Մովսէս Էջմիածին կը հրաւիրուի կաթողիկոսանալու նպատակով» (Ազգապատում. էջ 2800)։ Դարձեալ իր աղբիւրը Յարութիւն Տէր Յովհանեանցն է։ Սակայն ան կը գրէ «միաբանք սրբոյն Էջմիածնի հրաւիրեցին զնա Հոկտեմբեր 19 յամի 1715» (էջ 50)։ Արդ, երբ գիտենք թէ Աղեքսանդր մեռաւ 1714 Նոյեմբեր 22-Դեկտեմբեր 3, ուրեմն՝ Մովսէս կաթողիկոսութեան չէր կրնար հրաւիրուած ըլլալ նախ քան Աղեքսանդրի մահը։ Օրմանեան կը սխալի երբ կը գրէ «եւ Մովսէս Ջուղայեցին, որուն արդէն Աղեքսանդր չմեռած, հրաւէր ուղղուած էր» (Ազգապատում. էջ 2799)։ Աղեքսանդր եւ Մովսէս մտերիմներ ու գործակիցներ էին։ Աղեքսանդր կը փափաքէր իր մահէն յետոյ զինք կաթողիկոս ընտրել տալ։ Ուստի, Աղէսքանդր հրաւիրած էր Մովսէսը Էջմիածին այցելութեան համար, բայց, կը թուի թէ Մովսէս չէ կրցած իր վանքէն բաժնուիլ։

  Աղեքսանդրի մահէն ետք, հակառակ կատարուած կրկնակ խնդրանքներու՝ Մովսէս մերժեց Էջմիածնի կաթողիկոսութիւնը։ Օրմանեան դիտել կուտայ որ «կը կարծենք թէ Մովսէս միակ օրինակ է պատմութեանս մէջ, որ պաշտօնապէս կաթողիկոսութեան կոչուելով, հրաժարի եւ յանձն չառնու զայն ստանձնել» (Ազգապատում, էջ 2799 - 2800)։

  Մովսէսի փոխարէն կաթողիկոս ընտրուեցաւ Աստուածատուր Համատանցի, որուն Էջմիածին հասնիլը ո՛չ թէ  1715 Մայիս 7-ին տեղի ունեցած ըլլալու է, ինչպէս կ՚ըսէ Չամչեան, եւ որուն կը հետեւի Օրմանեան, այլ՝ 1716-ին. քանի որ 19 Հոկտեմբեր. 1715-ին էր Մովսէսի եղած հրաւերը։

Աղեքսանդր շինարար Կաթողիկոս մը եղաւ։ Ան, Էջմիածինն ու անոր շրջակայքը զարդարեց բազմաթիւ նոր շէնքերով, վանքին եւ մահուան ատեն գանձին մէջ դրամ թողուց, որ գրեթէ անսովոր բան էր Էջմիածնի համար։ Իրեն վիճակուեցաւ կաթոլիկ քարոզչութեան դէմ կանգնիլ եւ բուռն պայքար մղել՝ պաշտպանելու համար Հայց. Եկեղեցւոյ դաւանանքը։ Սակայն ցաւալին այն եղաւ որ երկու կողմերու կիրքերն այնքան բորբոքեցան, որ ողբալի դէպքերու տեղի տուին։

Աղեքսանդրի մասին գոյութիւն ունեցող կենսագրական մթութիւնը՝ կը յուսամ թէ՝ փոքր ինչ փարատեցաւ հոս առաջին անգամ ներկայացուած կենսագրական վաւերաթուղթերով եւ նիւթերով։

«Հասկ», 1959, դեկտեմբեր, թիւ 12, էջ 499-504