Նախիջեւանի Հայոց վարժարանը եւ Հռոմը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՖՐԱ ՅԱԿՈԲ ՅԻՍՈՒՍԻ ԵՒ ՄԱՏԹԷՈՍ
ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՒԱՆԷՍԵԱՆ

ՖՐԱ ՅԱԿՈԲԻ ԱՆՁԸ

Նախիջեւանի վարժարանի եւ առհասարակ նոյն թեմի վաստակաւոր միաբաններէն մէկն է ֆրա Յակոբ Յիսուսի` որդի Գրիգորիս դի Ամբրոզիի: 5 Օգոստոս, 1630 թուակիր նամակով, անկեալ գրաբարով, կը գրէ Հռոմ դոմինիկեաններու ընդհանրական մեծաւորին, թէ ընտրուած է գաւառահայր, եւ թէ իր 40 միաբանները եռանդով նուիրուած են տեղւոյն առաքելութեան ծաղկումին: Իր ընտրութեան ստորագրող վանահայրերու վկայականն ալ կը ղրկէ Հռոմ [1]: ՀՍ-ի Ժողովին 3 Փետրուար, 1631-ի նիստին կ’առաջարկուի զինքը դնել օգնական Օգոստինոս արքեպիսկոպոս Բաջենցի եւ որով հարկ կը զգացուի քննել թեկնածուին յատկութիւնները:

Ապարաներէն կը մեկնի Հռոմ, իբր ներկայացուցիչ Օգոստինոս արքեպիսկոպոսին, որ 5 Յունիս, 1642-ին կը գրէ Ուրբանոս Ը պապին. «Ծանուցումն լիցի քո[յ]ին սրբութեանդfi ես վասն ծերութեան եւ յաղագս տառապանաց եւ նեղութեանց յաշխարհիս եւ վասն պակասութեան խարճի ոչ կարացի գալ եւ համբուրել զաստուածամերձ գարշապարան ոտից քոց, վասն այն ես եւ կարգաւորքս, հանդերձ ժողովրդեամբ զփոքր տառապեալ հօտօքս, ընդրեցինք զտէր Յակոբ Յիսուսի զիմ վիքարfi» [2]:

Ֆրա Յակոբի Հռոմ երթալուն երկրորդ պատճառը կը պարզէ Օգոստինոս Բաջենց 15 Յուլիս, 1642 թուակիր նամակով` ուղղուած ՀՍ-ի քարտուղարին. ֆրա Յակոբ պաշտպանած ըլլալով հայ կաթողիկէ աղջիկ մը, որպէսզի չդառնայ «հերձուածող»` հալածուած է Քանկառլի Մաղսուտ սուլթանի որդի Իմամ Ղուլի սուլթանէն, որմէ ազատելու համար կը փախչի Հռոմ` հետը տանելով իր եղբօրորդին` Դոմինիկոս-Մկրտիչ [3]: Օգոստինոս կ’առաջարկէ, որ ֆրա Յակոբ սահմանուի Ճենովայի հայոց հովիւ, «քանի լաւագոյնը չէ կարելի գտնել» [4]:

1372 թուականի մագաղաթեայ Միսսալը, օրինակուած Սիենա, պատկանած Հռոմի Սուրբ Մարիամ Եգիպտացւոց հայոց հիւրանոցին, 1643-ին ֆրա Յակոբ տեսած եւ գործածած է` հոն աւելցնելով սա յիշատակարանը. «Թվ. ՌՈԽԳ [1643] փետրուվարի ԻԴ [24], ի տօնի սուրբ առաքելոյն Մատաթիայի, ես ֆրա Յակոբս Յիսուսի, իմ եղբարորդի Դօմինիկոսին, եկինք ի Հռոմ` արտաքսեալ Երնջակոյ գաւառէն, անօրէն իշխանէն պարսից, որ կոչի Իմամ Ղուլի սուլթան` որդի Մաղսուտ սուլթանին Քանկառլու»: Նոյն ձեռագրին մէջ այլուր կը գրէ. «Այս առաջիկայ Բ [2] պատարագս, որ է ռօզարի եւ Այլակերպութեան, ես ֆրա Յակոբս Յիսուսի գրեցի թվ. ՌՈԽԳ [1643], Յունիսի ԺԵ [15] օր» [5]:

Թէ որքան ժամանակ մնացած է Հռոմ, չունինք բացայայտ վկայութիւն: 1643 տարւոյն մէջ կը ներկայացնէ երկու աղերսագիր, որոնցմէ առաջինին մէջ կը պարզէ, թէ վախնալով Ապարաների իշխանէն` ապաստանած է Հռոմ` խնդրելով քարոզութեան ղրկուիլ տարբեր հողամասի վրայ, ուր իր միաբանութիւնը ունի առաքելավայր: Երկրորդ աղերսագիրով կը փափաքի մնալ Հռոմ` խնդրելով, որ իրեն համար նշանակուի վանք մը, ուր կարենայ ապրիլ, «մինչեւ փոթորիկը անցնի, եւ ես կարենամ դառնալ հայրենիք» [6]:

Պիրոմալլի 3 Մարտ, 1646-ին, Սպահանէն կը գրէ, թէ Պարսկահայաստանի շատ մը գիւղեր մնացած են առանց քահանայի` աւելցնելով, թէ «միայն անգամ մը այդ տեղերէն անցած է ֆրա Յակոբ, ան որ ներկայիս Հռոմ կը գտնուի» [7]:

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

Պիրոմալլի կը համարի, թէ 1646-ին ֆրա Յակոբ գտնուի Հռոմ. ՀՍ-ի դիւանէն ոչինչ կրցանք քաղել` նկատմամբ ֆրա Յակոբի 1644-1652 տարիներուն անցուցած կեանքին: Ալիշան, որ օգտուած է տարբեր աղբիւրներէ, կը գրէ. «Թուի ի նմին իսկ ամի [1643] ընդ Հայր Անտոնի Ապրակունեցւոյ երթալ ի Սպանիա եւ խնդրեալ ի թագաւորէն [Փիլիպպոս Դ] հրամանագիր` հաւաքելոյ տուրս ողորմութեան վասն պարտուց եւ շինութեան գաւառին հայոց. եւ թագաւորին հարցեալ ի Հռովմ եւ ստուգեալ` ոչ միայն թոյլ ետ, այլ եւ ձրի նաւարկութեամբ առաքեաց յԱրեւմտեան Հնդիկս, ուր եւ յամեցին երկար ամս (իբրեւ ութ կամ տասն). եւ բերեալ գումար մեծ (որպէս թուի աւելի քան 25. 000 տուկատ ժամանակին)` կիսովին հատուցին զպարտս վանորէիցն եւ նորոգեցին զհնացեալսն եւ զաւերեալսն եւ զկէս եդին ի պահ ի Վենետիկ [1652], ի դրամանոցն, վասն պիտոյից վարժարանին» [8]:

Արդարեւ, տասնամեայ բացակայութենէ մը ետք ֆրա Յակոբ կը գտնենք Հռոմ, ուր 18 Յունիս, 1652-ին ՀՍ-ի Ժողովէն կը խնդրէ եւ կը ստանայ Կղեմէս Կալանոսի Քերականութենէն 12 օրինակ, ինչպէս նաեւ Պատմութեան առաջին հատորէն, որ նոր տպագրուած էր [9]: Նոյն օրերուն ֆրա Յակոբ Իննովկենտիոս Ժ պապին կ’ուղղէ մենագրութիւն մը` ներկայացնելով Օգոստինոս արքեպիսկոպոս Բաջենցի վիճակն ու կացութիւնը, թէ ինչպէս թուրքերու ձեռքէն ազատելու համար քրիստոնեաներ, ծախած է եպիսկոպոսական մատանին եւ հովուական գաւազանը [10]: ՀՍ-ի Ժողովը 2 Յուլիս, 1652-ին կը գրէ Օգոստինոսի, թէ Հռոմէն իրեն կը ղրկուի մատանի մը եւ հովուական գաւազան մը` «Գռնայ վանահօր ձեռքով» [11]:

Հռոմէն Նախիջեւան ճամբուն վրայ ֆրա Յակոբ կ’անցնի Վենետիկ եւ դրամատան մէջ կը զետեղէ Արեւմտեան Հնդկաստանէն հաւաքուած գումարը: Ալիշան Վենետկոյ դիւաններէն հաւաքած է բազմաթիւ վաւերաթուղթեր եւ թողած իր ձեռագիր հաւաքածոներուն մէջ: Անոնցմէ առաջինը կը կրէ 21 Սեպտեմբեր, 1652 թուականը: Սա վճիռն է Վենետիկի ծերակոյտին, որ կ’ընդունի ֆրա Յակոբի առաջարկը եւ կը բանաձեւէ հետեւեալ կերպով. «Մեծ Հայքի դոմինիկեան կարգէն ֆրա Յակոբ Յիսուսի` գաւառահայրը Նախիջեւանի, յետ երկար շրջագայութեան, կատարուած Արեւմտեան Հնդկաստան, հաւաքած է զանազան ողորմութիւններ` ձեւացնելով 12. 000 դուքատ, այդ կողմերը վարժարան մը հիմնելու, որպէսզի իրենց աշակերտները զարգանան ուսումներու մէջ, յաջորդաբար քարոզելու եւ տարածելու համար կաթողիկէ վարդապետութիւնը: Ինքը, գիտակից, թէ աւելի ջանք եւ աշխատանք պէտք է պահպանելու, քան միացած պահելու, յարմար կը նկատէ մեր դրամատան մէջ զետեղել այդ գումարը` եօթը առ հարիւր շահով»:

Վճիռ-յայտարարութեան մէջ յստակ կը տեսնուի, որ հաւաքուած դրամը Նախիջեւանի վարժարանի բարգաւաճումին համար է, մինչ պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ որքան դժուարութիւններով է, որ կը յառաջանայ վարժարանը, հակառակ այսքան շօշափելի գումարի գոյութեան, մանաւանդ եթէ նկատի առնենք նաեւ նախապէս հաւաքուածը Չիթթադինի արքեպիսկոպոսին ձեռքով:

Յիշեալ վճիռին երկրորդ մասին մէջ կը յայտարարուի, թէ ձեւացած շահը պիտի տրուի միայն անոր, որ կը ներկայանայ յանուն Նախիջեւանի թեմին` հետը բերելով նոյն գաւառին եօթը վանահայրերու ստորագրութեամբ եւ կնիքով նամակը, որ իր կարգին պէտք է վաւերացուած ըլլայ Հռոմի դոմինիկեանց ընդհանրական մեծաւորէն:

ԴԷՊԻ ՆԱԽԻՋԵՒԱՆ

Մինչ ֆրա Յակոբ Վենետիկէն դէպի Նախիջեւան կը շարունակէր ճամբան, 17 Ապրիլ, 1653-ին Ապարաների մէջ կը վախճանի Օգոստինոս արքեպիսկոպոս Բաջենց: Նախիջեւանէն երեք միաբաններ եւ տասը աշխարհականներ կը գրեն ՀՍ-ի Ժողովին 20 Մայիս եւ 28 Յունիս, 1653-ին ու նախ կը պատմեն, թէ սկսած է ընտրապայքարը եւ գայթակղեցուցիչ արարքներ` նաեւ գործակցութեամբ անօրէն թուրքերու եւ հերետիկոսներու, ապա կ’աւելցնեն. «Բայց մեք արժանի տեսանեմք զերկու արքս, այսինքն` տէր Ջվան-Դօմինիկոս Նազարն եւ տէր Յակոբն, եւ խնդրեմք ի սրբութեանց Ձերոց, որ Դուք ալ արժանի առնէք զսոքա, որ բարի եւ պատուելի մարտիք են ի մէջ Հայաստան, որ միոյն իմաստութիւննfi եւ միւսոյն մեկնութիւն, օրինաց նախանձ» [12]:

Ֆրա Յակոբ 9 Հոկտեմբեր, 1653-ին կը հասնի Էրզրում, ուրկէ 25 Հոկտեմբերին կը գրէ ՀՍ-ի քարտուղարին, թէ հոն հանդիպած է ֆրա Յովհաննէս Նազարի, որ Նախիջեւանէն ուղղուած է Հռոմ, որմէ կը խնդրէ միասին վերադառնալ Ապարաներ` «մասնակցելու եպիսկոպոսական ընտրութեան, մանաւանդ այժմ ընտրութեան համար շատ է խռովութիւնը եկեղեցականներու եւ աշխարհականներու միջեւ: Յոյս ունէի, որ ֆրա Յովհաննէս Նազար ետ դառնալով` ջուրերը հանդարտէին. բայց նա չուզեց վերադառնալ: Գիտենք, որ ես պապին նամակ ունիմ` ուղղուած Պարսկաստանի թագաւորին, եւ քանի մը օր Նախիջեւան մնալէ ետք պիտի երթամ թագաւորին: Եթէ հոն խռովութիւնները շարունակուելու ըլլան, ես կը վերադառնամ Հռոմ» [13]:

Էրզրումի մէջ կը հանդիպի ֆրա Սիլվեստրոյ Բենդիչիի, ու միասին 10 Նոյեմբեր, 1653-ին կը հասնին Երեւան, 24-ին` Նախիջեւան եւ յաջորդ օրը` Ապարաներ. «Հայերը եւ կրօնաւորները մեծ հանդէսով ընդունեցան մեր գաւառահայրը [ֆրա Յակոբը]», - կը գրէ ֆրա Սիլվեստրոյ` աւելցնելով, թէ յառաջիկայ կիրակի, սուրբ պատարագի աւարտին, ֆրա Գրիգոր Ծործորեցի տուաւ քարոզ` ի պատրաստութիւն նոր ընտրուելիք եպիսկոպոսին, եւ «մեծ ու փոքր ընտրեցին իբր եպիսկոպոս գաւառահայրը (իմա՛ ֆրա Յակոբ Յիսուսի), որ այժմ գնաց Պարսից թագաւորին եւ Զատիկին կ’ըլլայ Հռոմ» [14]:

Նոյն այս լուրը կը հաղորդէ նաեւ ֆրա Գրիգոր Ծործորեցի անթուական նամակով մը, որ հաւանաբար գրուած ըլլայ 1654-ի Մարտին. «9 Օգոստոսին [1653] հասայ Ապարաներ եւ վախճանած գտայ արքեպիսկոպոսը եւ ֆրա Բենեդիկտոսը: Չորս ամիս ետք (իմա' Նոյեմբեր, 1653) հասան ֆրա Յակոբ գաւառահայրը եւ ֆրա Սիլվեստրոյ. ժողովուրդին եւ կղերին հաւանութեամբ ընտրուեցաւ արքեպիսկոպոսը. նա այժմ կը գտնուի Պարսից թագաւորին մօտ յանձնելու համար ունեցած նամակը: Ես հոս աթոռակալն եմ: Հինգ ամիս եղաւ, որ նա թագաւորին մօտն է եւ կը վայելէ անոր համակրանքը» [15]:

ՀՍ-ի 2 Յունիս, 1654-ի նիստին կը զեկուցուին Նախիջեւանէն հասած նամակները` ֆրա Յակոբի կամ ֆրա Յովհաննէս Նազարի եպիսկոպոսութեան առաջարկներով: Ժողովականները երկար խորհրդակցելէ ետք յարմար կը նկատեն թեմին արքեպիսկոպոս անուանել ֆրա Պօղոս Պիրոմալլին, ունեցած յատկութիւններուն եւ մանաւանդ զարգացումին համար, քանի գիտէր նաեւ հայերէն, թրքերէն, պարսկերէն եւ արաբերէն լեզուները [16]: Պիրոմալլի նոյն այդ օրերուն գերի բռնուած էր, ինչպէս տեսանք նախապէս:

Ֆրա Յակոբ, իբր աթոռակալ եւ տեղապահ թափուր աթոռին, Հռոմ կը ղրկէ ֆրա Թադէոս եւ իր եղբօրորդին` ֆրա Դոմինիկոս Մկրտչի, որոնք հետերնին կ’առնեն Ապարանի վարժարանէն երկու աշակերտներ, որպէսզի Հռոմի մէջ շարունակեն իրենց ուսումները: Ֆրա Յակոբ կու տայ անոնց 20 Փետրուար, 1656 թուակիր նամակը կամ յանձնարարական գիրը` ուղղուած ՀՍ-ի Ժողովին, պարզելով թեմին կարօտութիւնները եւ 400 րէալէի 25 առ 100 տոկոսով փոխ առնուած պարտքի տակ գտնուիլը, միաժամանակ շնորհակալ ըլլալով, որ իրենց ղրկած են ֆրա Սիլվեստրոն, «որու նմանը ցարդ հոս չէր գտնուած» [17]:

Նոյն այս դէպքը Պիրոմալլի տարբեր կերպով կը ներկայացնէ 1663-ին շարադրած ընդարձակ տեղեկատուութեան մէջ: Իրեն համաձայն Օգոստինոսի մահէն ետք, երեք տարի աթոռը մնալով թափուր, կրօնաւորները կը տիրանան կացութեան` իրենք իրենց ընտրելով իբր արքեպիսկոպոս ֆրա Յակոբը, տալով անոր եպիսկոպոսական թագն ու հովուական գաւազանը. եւ երբ կ’իմանան, թէ Հռոմի մէջ Պիրոմալլի ընտրուած է իբր թեմական, Հռոմ կը ղրկեն ֆրա Դոմինիկոս Մկրտչին` տալով ձեռքը կեղծ նամակներ` յանգէտս ժողովուրդէն, գրելով պապին, թէ Պիրոմալլիի եպիսկոպոս անուանումը հակառակ է կանոններու. կը գրեն նաեւ Հռոմի դոմինիկեանց ընդհանրականին, որպէսզի թոյլ չտայ, որ Պիրոմալլի ճամբայ ելլէ: Պապն ու ՀՍ-ի Ժողովը կարեւութիւն չեն տար եղած բողոքին [18]:

Նոր անուանուած արքեպիսկոպոսը` Պօղոս Պիրոմալլի, 15 Յուլիս, 1657-ին կը հասնի իր Աթոռը, եւ ահա քանի մը ամիս ետք կը սկսին խռովութիւնները, որոնց եզրակացութիւն` Պիրոմալլի կը բանադրէ գաւառահայր ֆրա Յակոբը:

Ֆրա Գրիգոր Ծործորեցի 8 Մայիս, 1658-ին կը գրէ ՀՍ-ի Ժողովին` ներկայացնելով իր կարօտութիւնները, ակնարկելով նաեւ, թէ` «Ձեզի կու գան Հայր ֆրա Յակոբ ուրիշ միաբաններով. ան Ձեզի պիտի պատմէ իմ մասին» [19]: 7 Մայիս, 1658-ին պապին կը գրեն նաեւ Նախիջեւանի իշխանները` տալով Պիրոմալլիի մասին գանգատներ եւ ֆրա Յակոբի գովասանք [20]:

ԴԱՐՁԵԱԼ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ

Երրորդ անգամ ըլլալով` ֆրա Յակոբ կը գտնուի Հռոմ 1659-ի առաջին ամիսներուն եւ 3 Մարտին աղերսագիր ներկայացնելով` կը խնդրէ ներկայանալ Աղեքսանդր Է պապին, անձամբ ներկայացնելու համար Նախիջեւանի քրիստոնեաներու վիճակը եւ կարօտութիւնները: Կը խնդրէ նաեւ թոշակ, Նախիջեւանէն հետը բերած երկու աշակերտներուն համար, որպէսզի սորվին եւ վերադառնալով` օգտակար ըլլան նոյն թեմին [21]:

ՀՍ-ի 12 Նոյեմբեր, 1659-ի նիստին կը ներկայացուի ֆրա Բենդիչիի հարցը. Պիրոմալլի, հակառակ որ անձամբ տուած է իրեն եկեղեցական փոքր աստիճանները, հակառակութեան հոգիէ մղուած, կը մերժէ տալ գրաւոր վկայական: Ֆրա Յակոբ, լրացնելով թերին, կու տայ այդ վկայականը, որու հիման վրայ ֆրա Բենդիչի կ’ընդունի յաջորդ եկեղեցական աստիճանները: Ժողովականները վաւերական կը յայտարարեն եղածը [22]:

ՀՍ-ի 22 Նոյեմբեր, 1659-ի նիստին ֆրա Յակոբ կը ներկայացնէ Նախիջեւանի վիճակը` պատմելով, թէ Գանձակի մէջ, ոչ մէկ հայ կաթողիկէ մնացած ըլլալով, կանգուն կը մնան երկու վանքեր` երկու կրօնաւորներով, առանց որեւէ դրամական եկամուտի` մանաւանդ թէ ուսերնուն ունենալով տուրքի բեռը: Նոյնը կը կրկնուի նաեւ Կէծուկի մէջ, ուր կան հարիւր հաւատացեալներ, երկու եկեղեցի` երկու միաբանով: Այս բոլորին համար ֆրա Յակոբ կը խնդրէ դրամական նպաստ, որպէսզի չստիպուին երեսի վրայ թողուլ այդ առաքելավայրերը ու հեռանալ [23]:

28 Փետրուար, 1660-ին ֆրա Յակոբ դեռ կը գտնուի Հռոմ` իր նոր աղերսագիրով. կ’ուզէ ունենալ Կղեմէս Կալանոսի Պատմութեան երկրորդ հատորէն 40 օրինակ, «որովհետեւ այդքանին կարիքը կայ մեր նահանգին մէջ» [24]:

ՀՍ-ի 12 Մարտ, 1660 թուակիր յանձնարարական գիրով, ուղղուած Վենետիկի նուիրակին, ֆրա Յակոբ կը մեկնի Վենետիկ: Նոյն նուիրակը 24 Ապրիլին կը խոստանայ ՀՍ-ի Ժողովին` օգնել ֆրա Յակոբի [25]:

Պահ մը ընդհատելով պատմութեան թելը` ըսենք, թէ, երբ 1656-ին ֆրա Յակոբի քեռորդին` ֆրա Դոմինիկոս Մկրտչի, Նախիջեւանէն կու գայ Հռոմ, հետը կը բերէ հարկաւոր վկայականները, որպէսզի Վենետիկի դրամատունէն գանձէ իր հօրեղբօր դրամագլուխէն ձեւացած շահը: Ֆրա Դոմինիկոս 7 Յուլիս, 1656-ին Վենետիկի ծերակոյտին բողոք կը ներկայացնէ, որովհետեւ դրամատունը իրեն կու տար հինգ առ հարիւր շահը, մինչ դաշնադրութեան մէջ նշանակուած էր եօթը առ հարիւր:

Երբ Նախիջեւանի մէջ կը ծագի խռովութիւնը Պիրոմալլիի եւ գաւառահայր ֆրա Յակոբի միջեւ, Պիրոմալլի 22 Մարտ, 1658-ին Ջահուկէն նամակ մը կ’ուղղէ Վենետիկի ծերակոյտին` հետեւեալ բովանդակութեամբ. «Պօղոս Պիրոմալլի` արքեպիսկոպոս Նախիջեւանի ի Մեծ Հայս, աղերսելով կը ներկայացնեմ Ձերդ բարձրութեան, թէ անցեալ տարիներուն ֆրա Յակոբ եւ ֆրա Անտոն հայերը, դոմինիկեան կարգէն, քաղաքիդ դրամատունը դրին 12. 000 դուքադ, որ իբր ողորմութիւն հաւաքած էին Արեւելեան Հնդկաստանէն ու տարեկան կը ստանան 750 սկուդ շահ` Նախիջեւանի մէջ վարժարան մը դարձնելու տիտղոսով: Այս գործողութիւնները կատարած են առանց իրենց արքեպիսկոպոսին հրամանին, որու ենթակայ են, որպէսզի ազատ մնալով անոր հնազանդելու պարտականութենէն` վայելեն դրամական շահերը, ինչպէս պատահեցաւ անցեալ տարի, երբ ստացան 3. 000 դուքատ եւ ապստամբեցան իրենց արքեպիսկոպոսէն ու կը վայելեն այդ գումարը, առանց հաշիւ տալու ոչ մէկուն: Արդ, խոնարհաբար կը խնդրեմ Ձերդ բարձրութենէն, որ հաճիք չտալ ձեւացած շահերը, մինչեւ այս հարցը չորոշուի կարդինալներու ժողովէն եւ Նորին Սրբութենէն» [26]:

ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՄԷՋ

Ֆրա Յակոբ Մարտ-Ապրիլ, 1660-ին Հռոմէն կ’անցնի Վենետիկ, դրամին շահերը գանձելու եւ ճամբան շարունակելու համար դէպի Նախիջեւան, բայց դիմացը կը գտնէ արգելք Պիրոմալլիի նամակը: 19 Մայիս, 1660-ին բողոք կը ներկայացնէ Վենետիկի ծերակոյտին` պարզելով, թէ 12 տարի անհնարին նեղութիւններով եւ անձնական զոհողութիւններով հաւաքած է 12. 000 տուքադ եւ, իբր ապահովագոյն վայր նախընտրած է դնել Վենետիկի դրամատունը` վստահացած, որ նոյն հանրապետութիւնը պիտի ուզէ հոգալ որբը եւ թշուառը. եւ ահա ահագին նեղութիւններով, իր յառաջացած տարիքին երկրորդ անգամ ըլլալով, հասած է Վենետիկ` գանձելու իր ձեռքով եւ իր անունին դրուած գումարին շահը. եւ իր դէմ գտած է Պիրոմալլիի անհիմն եւ անարդար բողոքը, մանաւանդ որ նոյն արքեպիսկոպոսը ոչ մէկ իրաւասութիւն ունի կրօնաւորներու եւ վանքին նիւթական ինչքերուն վրայ: Ֆրա Յակոբ կը շարունակէ պարզել, թէ դրուած դաշնադրութեան համաձայն` շահերը գանձելու համար հարկաւոր են կարգ մը ստորագրութիւններ, որոնք բերած է հետը, եւ նոյն վաւերաթուղթով, առանց դժուարութեան, գանձած է Հռոմի դրամատունէն եւ Պարմայի դուքսէն, ու պատճառ չկար, որ չկարենար գանձել նաեւ Վենետիկէն:

Մինչ ֆրա Յակոբ Վենետիկի մէջ զբաղած էր այս հարցերով եւ կը սպասէր ծերակոյտին պատասխանին, ՀՍ-ի Ժողովէն հրահանգ կը տրուի Վենետիկի նուիրակին` փութացնել տալ ֆրա Յակոբի Նախիջեւան մեկնումը: 12 Յունիս, 1660 թուակիր նամակով նուիրակը կ’իմացնէ ՀՍ-ի քարտուղար Ալբերիչիի, թէ զգացուցած է «Հայաստանի նախկին գաւառահօր»` ֆրա Յակոբի ՀՍ-ի փափաքը, բայց նա զբաղած է դրամատան հարցերով եւ թէ մինչ այդ, 15-20 օրուան համար մեկնած է Պատովա` յուսալով, որ Վենետիկի դոմինիկեաններէն չգտած ընդունելութիւնը գտնէ հոն [27]: Նոյն նուիրակը 27 Յուլիս, 1660-ին կ’իմացնէ ՀՍ-ի, թէ ֆրա Յակոբ դարձած է Վենետիկ եւ առանց շատ կարեւորութիւն տալու ՀՍ-ի ստիպումին, կ’ուզէ ոչ միայն լուծել դրամատան հանած դժուարութիւնները, այլ եւ նուիրուիլ հայերէն Ժամագիրքի տպագրութեան [28]:

Ֆրա Յակոբ կը մնայ Վենետիկ, որովհետեւ ծերակոյտը կ’ուշացնէր պատասխանը. 14 Օգոստոս, 1660-ին, երբ դրական կը ստանայ վճիռը, կ’առնէ ձեւացած շահերը, դրուած դաշինքին համաձայն, եւ հաւանաբար, իսկոյն մեկնած ըլլայ Նախիջեւան:

1661-1666 տարիներուն չունինք ծանօթութիւն իր մասին: 12 Յունուար, 1667-ին Նախիջեւանի եկեղեցական դասն ու աշխարհականները, իմանալով, որ Պիրոմալլի ՀՍ-ի կողմէ նշանակուած է Իտալիոյ Բիզինիանոյի թեմի թեմական, ՀՍ-ի Ժողովին կը ներկայացնեն փափաք ունենալու նոր հովիւ` յանձին ֆրա Մատթէոս Յովհաննէսեանի: Նամակին ստորագրած են ինը վանականներ եւ 14 աշխարհականներ, եւ ամէնէն առաջ` «Ես` ֆրա Յակոբս Յիսուսի, փրիօր վանիցն Ապ[ա]րաներ Ամենայն սրբոց» [29]:

ՄԱՀՈՒԱՆ ԼՈՒՐԸ

Ֆրա Մատթէոս Յովհաննէսեան Հռոմի մէջ կ’ընդունի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը եւ կը մեկնի իր թեմը: Անատոլու հասնելուն, կը գրէ ՀՍ-ի Ժողովին 9 Մայիս, 1669-ին, թէ լուրեր կը շրջին ֆրա Յակոբի մահուան մասին: Ֆրա Գրիգոր Ծործորեցի եւ ֆրա Թանի Նախիջեւանի կարգ մը գիւղերուն համար կը դիմեն Պարսից թագաւորին: Նախիջեւանի իշխանը, համարելով, թէ ֆրա Յակոբն է, որ զիրենք կը ղրկէ թագաւորին իր դէմ գանգատելու համար, պատժած է ֆրա Յակոբը, որ երեք օր ետք վախճանած է, ոմանց համաձայն` թունաւորուած: Այս դէպքէն երեք օր ետք, երբ կը վախճանի նաեւ ֆրա Անտոն, իշխանը, վանք մտնելով, կը չարչարէ կրօնաւորները` ստիպելով, որ յայտնեն ֆրա Յակոբի գանձերու տեղը: Կը միջամտէ քաղաքապետը, որ համբուրելով կրօնաւորները չարչարողներուն ոտքերը` կ’ապահովցնէ, թէ ֆրա Յակոբ զուրկ էր հարստութենէ: Խաղաղութիւնը կը տիրէ, երբ ֆրա Թանի իշխանին կը յանձնէ վանքին բոլոր շարժուն հարստութիւնը ու եկեղեցական սպասները` մատնելով կրօնաւորները յետին աղքատութեան [30]:

Այսպէս կը փակուի շուրջ ութսունամեայ ֆրա Յակոբի կեանքը: Իր մեծագոյն արժանիքը կ’ըլլայ Վենետիկի դրամատան մէջ թողուլ հսկայ դրամագլուխ, ի նպաստ Նախիջեւանի առաքելութեան եւ յատկապէս` վարժարանին: Եւ սակայն դրամն ու հարստութիւնը չէին կրնար ծառայել, երբ կրօնաւորական ներքին կառոյցը վնասուած էր. եղբայրատեաց վէճերն ու խնդիրները թոյլ չէին տար, որ վերընձիւղէր դարաւոր հաստատութիւնը:

ՖՐԱ ՄԱՏԹԷՈՍ ԱՒԱՆԷՍԵԱՆ

Նախորդ էջերուն մէջ խօսեցանք ֆրա Մատթէոս Աւանէսեանի (Avaniense) աշակերտութեան եւ Քիւրտիստանի մէջ կատարած առաքելութեան մասին, ուրկէ փոխադրուած ըլլալու է Նախիջեւան:

Պիրոմալլի արքեպիսկոպոսի հրաժարումով, երբ Նախիջեւանի Աթոռը կրկին կը մնայ թափուր, ութը վանականներու ստորագրութեամբ նամակ մը կը ղրկուի Հռոմի դոմինիկեան ընդհանրական մեծաւորին` շարադրուած լատիներէն լեզուով, 14 Ապրիլ, 1665-ին, թէ ահա Հռոմ կը ղրկենք ֆրա Մատթէոսը` կարգելով զինքը մեր ներկայացուցիչը, որպէսզի կարենայ գանձել Հռոմի եւ Վենետիկի դրամատուններէն ձեւացած շահերը: Այս առիթով կը խնդրեն նոր առաջնորդ մը` պայմանով, որ ըլլայ դոմինիկեան կարգէն. «Իսկ եթէ հարցնելու ըլլաք` ո՞վ, ահա կ’առաջարկենք Ձեզի այս նամակը բերող ֆրա Մատթէոս Յովհաննէսեանը» [31]:

ՀՍ-ի քարտուղարութիւնը նկատմամբ ֆրա Մատթէոսի արքեպիսկոպոսութեան պատրաստած է ժողովի ներկայացուելիք մենագրութիւն մը 1666 տարւոյն ընթացքին, ուր կ’ըսէ. «Նախիջեւանի դոմինիկեանները, տեսնելով, որ մեծ վնաս կը հետեւի առաջնորդէ զուրկ մնալով, մանաւանդ որ չունին նաեւ ձեռնադրիչ եպիսկոպոս, երկու անձ ղրկեցին իրենց ընդհանրական մեծաւորին, որպէսզի այս հարցին լուծում տայ: Անոնք իբր արժանաւոր անձ կը ներկայացնեն իրենց գաւառահայրը` Մատթէոս Աւանէսեանը, որու կը վկայեն Առաքել արքեպիսկոպոս [Շոռոթեցի] եւ իրենց ընդհանրական մեծաւորը: 1656-ին Պիրոմալլի անուանուեցաւ իրենց եպիսկոպոս, որ յաջորդաբար փոխադրուեցաւ Բիզինիանոյ: Նախիջեւանցիները կ’ուզեն իրենք ընտրել իրենց եպիսկոպոսը` Պօղոս Գ պապի 3 Մարտ, 1545-ի կոնդակին զօրութեամբ [32], որ հաստատուած է Պօղոս Ե-ի 12 Հոկտեմբեր, 1609-ի կոնդակով: Գուցէ լաւ է, որ օտարազգի եպիսկոպոս չղրկենք, որպէսզի չպատահի այն, ինչ որ պատահեցաւ: Պապին կոնդակը կ’ենթադրէ սովորութիւն մը, որ ութը աշխարհականներ, միացած վանականներուն, ընտրեն նոր եպիսկոպոսը: Բայց հոս եկողները չունին այդ վկայականը, որովհետեւ չէին գիտեր, թէ Պիրոմալլի ուրիշ թեմ փոխադրուած է, ապա թէ ոչ` զինուած կու գային: Անոնց միակ փափաքը հովիւէ զուրկ չմնալն է: Պիրոմալլի համաձայն է, որ չտրուի անոնց օտարազգի եպիսկոպոս, եւ երկրորդ` կ’առաջարկէ տալ միշտ դոմինիկեան կարգէն մէկը: Սակայն եպիսկոպոսութեան թեկնածու հայերը տգէտ են եւ անպատրաստ, եւ, եթէ Հռոմէն չղրկուի մէկը, հոն չի պահուիր կարգն ու կանոնը: Այս նիւթին մասին պէտք է հարցնել մերձակայ կարմեղականներուն եւ վեղարաւորներուն, թէ կարելի՞ է հոն կանգնել նոր եկեղեցի եւ դնել եպիսկոպոս մը, որպէսզի ձերբազատինք դոմինիկեան եպիսկոպոս մը դնելու հարցէն» [33]:

ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐ` Ի ՆՊԱՍՏ ՖՐԱ ՄԱՏԹԷՈՍԻ

Այս տողերը գրուած ատեն, ի նպաստ ֆրա Մատթէոսի, հասած էր միայն Առաքել արքեպիսկոպոս Շոռոթեցիի Ապրակունիսէն գրած 2 Մայիս, 1665 թուակիր յանձնարարականը, ուր ֆրա Մատթէոս կ’որակուի «անձ մը մեծ խոհեմութեան տէր» [34]: Առաքել նոյնը կը կրկնէ նաեւ 21 Մայիս, 1665-ին, ուր ակնարկելով Պիրոմալլիի օրով ծագած խնդիրներուն` կը գրէ ՀՍ-ի քարտուղարին. «Կը յիշե՞ս, երբ քեզի կ’ըսէի, թէ նախ պէտք է առնել հաւանութիւնը հարսին եւ փեսային, ապա կատարել պսակի արարողութիւնը: Հոս պէտք է դոմինիկեան եպիսկոպոս մը, իսկ եթէ տարբեր անձ դրուի, 300 տարի դիմացած սուրբ Դոմինիկոսի զգեստը պիտի արատաւորուի: Պէտք է, որ տեղւոյս եպիսկոպոսը յարմարի այս ժողովուրդին բնութեան եւ երկրին: Եթէ ինծի խորհուրդ հարցնելու ըլլաք, կ’առաջարկեմ ֆրա Մատթէոս Յովհաննէսեանը, որ արդէն վարած է այս պաշտօնը» [35]:

Յաջորդաբար կը հասնին նոր յանձնարարական գիրեր. այսպէս`

1. Ապարաների կղերին եւ հաւատացեալներու կողմէ` անթուական, ուղղուած պապին [36].

2. Նոյնը լատիներէն լեզուով` հաւանաբար շարադրուած Քնապէն, 12 Յունուար, 1667 թուակիր, 22 ստորագրութիւններով, ուղղուած ՀՍ-ի ժողովին [37].

3. Fra Felice di S. Antonio` կարմեղական, 15 Մարտ, 1667-ին գրուած Սպահանէն [38].

4. Fra Jo. Battista de Marinis` ընդհանրական մեծաւոր դոմինիկեանց. 22 եւ 28 Մարտ, 1668-ին` գրուած Հռոմէն [39]:

1667-ին ֆրա Մատթէոս, Հռոմէն Փարիզ երթալով, կը յաջողի Լուդովիկոս ԺԴ թագաւորէն ստանալ նամակ մը` ուղղուած Պարսից Շահին, ի պաշտպանութիւն հայ գիւղերուն, կը դառնայ Հռոմ [40]:

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

14 Մայիս, 1668-ին ֆրա Մատթէոս կ’անուանուի արքեպիսկոպոս Նախիջեւանի եւ նոյն ամսուն 28-ին կը ստանայ ձեռնադրութիւնը: Թեմը մեկնելէ առաջ պապէն կը խնդրէ հրաման` ձեռնադրելու թեկնածուին կանոնական տարիքը լրանալէն առաջ. ու հրաման կը տրուի կանխել միայն 18 ամիս եւ ոչ աւելի [41]:

ՀՍ-ի 28 Մայիս, 1668-ի նիստին, իր փափաքին համաձայն, կը տրուի իրեն ջերմեռանդական իրեր հաւատացեալներու բաժնելու համար: Միաժամանակ կը տրուի 200 սկուդ` իբր ճանապարհի ծախս, եւ 100 սկուդ եւս` իբր տարեկան թոշակ [42]:

Նոյն տարւոյն Յունիսին կը մեկնի Հռոմէն դէպի իր թեմը: Ֆիրենցէ, Նափոլի եւ Վենետիկ քաղաքներուն մէջ պատահած դէպքերու մանրամասնութիւնները կարելի է գտնել այլուր [43]: Իբր նորութիւն` կրնանք աւելցնել հետեւեալները:

25 Օգոստոս, 1668-ին կը գրէ Վենետիկէն, թէ տեղւոյն առաքելական նուիրակէն ստացած է պապէն առ Պարսից Շահը ղրկելիք նուէրները, ինչպէս ծերակոյտէն նամակ մը` նոյն թագաւորին, եւ 100 ծէքքինի` իբր նուէր [44]:

Լիվոռնոյէն դէպի Զմիւռնիա նաւով ճամբորդած ատեն սաստիկ փոթորիկի հանդիպելով` կը վերադառնայ Նափոլի, ուրկէ կը գրէ 28 Նոյեմբեր, 1668-ին` նկարագրելով ոչ միայն ճամբորդական արկածախնդրութիւնները, այլ նաեւ Լիվոռնոյի հայոց ունեցած ներքին խնդիրները` ծագած Բարսեղի եւ Յովհաննէս Հոլովի ներկայութենէն [45]:

Երկար լռութենէ մը ետք Մատթէոս արքեպիսկոպոս կը գտնենք դեռ ճամբու վրայ. Զմիւռնիայէն մեկնելով` 50 օրէն կը հասնի Անատոլու, ուրկէ 9 Մայիս, 1669 թուակիրով կը հաղորդէ Նախիջեւանէն ստացած լուրերը, թէ ֆրա Գրիգոր Ծործորեցի եւ ֆրա Անտոն Նախիջեւանի գիւղերու վերաբերեալ հարցով գացած են Պարսից Շահին, եւ թուրք իշխանը, կասկածելով, թէ անոնք գացած են իր մասին գանգատելու, կ’ուզէ սպաննել ֆրա Գրիգորը, որ ֆրա Պետրոսի հետ կը փախչի Սպահան: Հոս է, որ կը պատմէ նաեւ ֆրա Յակոբի պատահած դէպքը, որու մասին խօսեցանք քիչ առաջ: Մատթէոս եպիսկոպոս յետ պատմելու լսած բոլոր դժբախտութիւնները նամակը կը փակէ` գրելով. «Ներկայիս անոնք [վանականները] մնացած են յետին աղքատութեան մէջ, քրիստոնեաները կը փախչին աջ ու ձախ, շատեր կ’ուրանան. ես ո՞ւր երթամ եւ ի՞նչ ընեմ այդ տեղ, ուր կայ միայն դառնութիւն» [46]. ու կը խնդրէ ՀՍ-ի Ժողովէն, որ իր միաբաններէն երկուքը, որոնք մնացած էին Հռոմ ուսանելու համար, փութով ղրկուին Նախիջեւան [47]:

Մատթէոս արքեպիսկոպոսէն ունինք զանազան նամակներ` գրուած 1669-ին. 26 Սեպտեմբեր, 1 եւ 2 Հոկտեմբեր (Ապարաներէն) եւ 7 Նոյեմբեր (Թաւրիզէն) [48], որոնք զեկուցուած են ՀՍ-ի 14 Մարտ, 1672-ի նիստին, որու արձանագրութեան մէջ կը կարդանք անոնց համառօտութիւնը. «Նախիջեւանի արքեպիսկոպոսը զանազան նամակներով կը պատմէ, թէ հասած է իր Աթոռը մեծ նեղութիւններով: Էրզրումի մէջ իր երեք ընկերներով գերի բռնուած է թուրքերէն` իբր լրտես քրիստոնեայ իշխաններուն, քանի մօտը գտնուած են նամակներ` ուղղուած Պարսից Շահին: Բանտէն ազատած են` վճարելով 400 pezze da otto: Ամիս մը հիւանդ պառկած եւ ապա ձեռնադրած է ինը քահանաներ (որոնց մէջ է ֆրա Անտոն Նազար. տե'ս Ալիշան Ղ., Սիսական, էջ 398): Քիչ ատենէն պիտի մեկնի Սպահան` կատարելու պապին հրահանգները: Հայոց մէջէն անցած ատեն գտած է պատիւներ: Հայերը թուրքերէն չարչարուած են եւ չունին ապրելու միջոցներ. ինքն ալ, աղքատ ըլլալով, կը խնդրէ երեք կամ չորս տարուան թոշակը` կանխիկ» [49]:

ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Միշտ, ի պաշտպանութիւն իր ժողովուրդին, Մատթէոս եպիսկոպոս գրած է Ապրիլին ՀՍ-ի կարդինալներուն` խնդրելով, որ պապը գրէ երկու յանձնարարական նամակ, մին Երեւանի Սէֆիկուլ իշխանին` իբր տիտղոս գործածելով «խան» կամ «վէզիր», եւ երկրորդ մը Ատրպէյճանի Իմիրզա Իպրահիմ վէզիրին, որ կը նստի Թաւրիզ, եւ որու իշխանութիւնը կը տարածուի Մեծ Հայքի, Վրաստանի եւ շրջակայ պարսկական հողերուն: Մատթէոս եպիսկոպոս կը շեշտէ ունենալ այս նամակները, որովհետեւ ըմբռնած է անոնց հոգեբանութիւնը, որոնք կը սիրեն պատիւ եւ յարգանք գտնել հեղինակաւոր անձնաւորութիւններէ, եւ միաժամանակ ամբողջ ժողովուրդներու ճակատագիրը կախուած է անոնցմէ: Իբր նուէր` կը թելադրէ Երեւանի իշխանին զրահ մը, իսկ վէզիրին` ոսկեայ ծաղիկներ, որովհետեւ «բաւական է, որ Եւրոպայէն եկած ըլլայ նուէրը, մանաւանդ` պապէն, իրենց համար յարգի կ’անցնի» [50]:

Մատթէոս արքեպիսկոպոսի գահակալութեան ընթացքին պատահած են յիշատակութեան արժանի երկու դէպքեր:

Առաջինը` 1669-ին, երբ ինքն այցելութեան կ’երթայ Պարսից Շահին տանելու համար Եւրոպայէն տարած նամակները եւ նուէրները. Շահը իբր իր դեսպանները կ’ընտրէ Մատթէոս եպիսկոպոսի ուղեկիցներէն` ֆրա Անտոն Նազար եւ ֆրա Ազարիա, երթալու Եւրոպա: Երկրորդը` ֆրա Պիսգոպոյի այցելութիւնը Հռոմէն Նախիջեւան: Այս առիթներով Մատթէոս եպիսկոպոս գրած է երկու նամակ` 13 Յունուար եւ 24 Մարտ, 1674 թուակիր, որոնք պատմական կարեւորութիւն մը ունենալնուն համար կը հրատարակենք ամբողջութեամբ. իսկ հոս կու տանք համառօտ բացատրութիւնը յիշեալ երկու դէպքերուն:

ՖՐԱ ԱՆՏՈՆ ՆԱԶԱՐ ԵՒ ՖՐԱ ԱԶԱՐԻԱ` ԴԵՍՊԱՆ ՊԱՐՍԻՑ ՇԱՀԻՆ

Ֆրա Անտոն Նազար Ապրակունեցիի եւ ֆրա Ազարիա Յովհաննիսեան Ջահկեցիի կատարած դեսպանութեան մասին լրիւ գաղափար կարելի է կազմել` կարդալով ուրիշ աղբիւրներ [51]: Հոս կ’աւելցնենք հետեւեալ մանրամասնութիւնները:

Յիշեալ երկու դեսպանները Նախիջեւանէն Եւրոպա կը մեկնին 1670-ի Օգոստոս ամսուն` հետերնին ունենալով Շահէն չորս նամակ` ուղղուած պապին, Ֆրանսայի թագաւորին, Ֆիրէնցէի դուքսին եւ Վենետիկի տոճին: Պատերազմներու պատճառով կը ստիպուին Մոսկուա մնալ 22 ամիս եւ միայն 1673-ի Յուլիսին է, որ կը հասնին Վենետիկ: Նախ կը ներկայանան Վենետիկի ծերակոյտին` ձեռքերնին ունենալով Մատթէոս արքեպիսկոպոսի նոյն ծերակոյտին ուղղուած 10 Օգոստոս, 1670 թուակիրը, իսկ Pietro Fortis թարգմանին ձեռքով կը յանձնեն Շահին նամակը` բացատրելով, թէ սա պատասխանն է տոճին այն նամակին, որ 1668-ին Մատթէոս արքեպիսկոպոս, իբր Վենետիկի Հանրապետութեան դեսպան, տարած էր Պարսկաստանի Շահին: Երբ ծերակոյտը կ’ուզէ իմանալ Շահին կամքը, երկու դեսպանները թարգմանին միջոցով կը յայտնեն, թէ Շահը կ’ուզէ պահել իր թղթակցութիւնը Վենետիկի Հանրապետութեան հետ: Ի բացակայութեան տոճին, ծերակոյտին նախագահը` Նիքոլոյ, կը յայտնէ իր հաճութիւնը` ցաւակցելով զոյգ ուղեւորներու ճանապարհին կրած նեղութիւններուն համար: Ծերակոյտին կողմէ 22 Յուլիս, 1673 թուականով կը տրուի նամակ մը, ի պատասխան Մատթէոս արքեպիսկոպոսին` խնդակցելով, որ յաջողած է Շահէն ստանալ առանձնաշնորհութիւններ քրիստոնեաներուն համար` խոստանալով պահել կապը Շահին հետ, ի նպաստ քրիստոնեաներուն [52]:

Ֆրա Անտոն Նազար, որ գրաւոր թողած է իր կատարած առաքելութեան համառօտ պատմութիւնը, կատարած ճամբորդութեան համար կու տայ սա տեղեկութիւնը. «Մեր ճանապարհն էր այսպէս. նախ Դարբանդ, անտի Հաճթարխան, անտի Մոսկովն, անտի Լէհն, ի Լէհէն Վիէնայ, անտի Վանյտիկն, Վանյտիկէն Ֆիօրէնցիեայ, Ֆիօրէնցիոյ Հռոմ, Հռոմայ այլ` Վանյտիկն, Վանատիկէն Թուրին, Թուրինոյ Փարիզ» [53]: ՀՍ-ի 20 Նոյեմբեր, 1673-ի նիստին որոշուած է պապին կողմէ նուէր ղրկել Պարսից Շահին. շատ հաւանաբար, այս երկու դեսպաններու առաջարկով կամ միջամտութեամբ առնուած է այս որոշումը [54]:

Հռոմէն կ’անցնին Ֆիրենցէ, ուր կը հասնին 30 Նոյեմբեր, 1673-ին եւ 2 Հոկտեմբերին կ’իմացնեն ՀՍ-ի Ժողովին, թէ ստիպուած են հոն սպասել քանի մը օր, քանի բացակայ է դուքսը, որմէ պէտք է նամակ տանին Շահին: Երկու ուղեւորները կը խնդրեն, որ Հռոմէն փութով Վենետիկ ղրկուի պապին նուէրը, որպէսզի չստիպուին սպասել անոր [55]:

Դեկտեմբեր 1673-ին կը հասնին Վենետիկ ու, չգտնելով պապին նուէրը, դարձեալ կը գրեն ՀՍ-ի Ժողովին` խնդրելով, որ փութացնեն սահմանուած նուէրը, որպէսզի կարենան մեկնիլ Փարիզ հանդիպելու համար թագաւորին [56]:

Ֆրա Անտոն եւ Ազարիա Վենետիկի մէջ իրարմէ բաժնուելէ առաջ 10 Փետրուար, 1674-ին կը գրեն ՀՍ-ի հետեւեալ տողերը. «Գոհունակութեամբ կը լսենք, թէ լեհ բանակը կը յառաջանայ ընդդէմ բարբարոս օսմանցիներու` կոտորելով անոնց բանակները. միւս կողմէ շատ մը հայ վաճառականներէ կ’իմանանք, թէ Պարսից Շահը բարի տրամադրութիւններով լեցուած է եւ կ’ուզէ պատերազմիլ օսմանցիներու դէմ: Անցեալ օրերուն խնդրեցինք, որ Նորին սրբութիւնը հաճի գրել Շահին եւ քաջալերէ զինքը, որ ելլէ պատերազմի հասարակաց թշնամիին դէմ, որպէսզի պապին օրինակին հետեւին միւս իշխանները, եւ վերջապէս, ջախջախուի օսմանեան զօրութիւնը: Բայց ցարդ պատասխան ստացած չըլլալով` կը դիմենք Ձեր վսեմութեան, որպէսզի միջամտէք, եւ գրուի Շահին նամակ, որ ոչ միայն բարիք է մեզի, այլ ամբողջ քրիստոնէութեան, որ պիտի չդադրի աղօթելէ Տիրոջ Նորին սրբութեան եւ Ձեզի համար…»: Նամակին կը ստորագրեն` «Fra Azaria et Fra Antonio Armeni» [57]:

Պապին կողմէ Շահին ղրկուելիք նուէրը երեք սնտուկներու մէջ կը ղրկուի Անքոնա, որպէսզի Mainardi-ի մը ձեռքով հասնի Վենետիկ: 3 Փետրուար, 1674-ին Վենետիկի նուիրակը (արքեպիսկոպոս Ադրիանուպոլսոյ) կը գրէ ՀՍ-ի, թէ դեռ չեն հասած նուէրները, սակայն, ստացած հրահանգին համաձայն, կը խոստանայ, որ հազիւ ընդունի, հասցնէ Վիեննա, որպէսզի տեղւոյն նուիրակը իր կարգին փոխանցէ Վարշաւիա, եւ, երկու դեսպանները առնելով, շարունակեն ճամբանին [58]: 14 Փետրուար, 1674-ին կը հասնին նուէրները եւ 17 Փետրուարին կը ղրկուին Վիեննա [59], որու նուիրակը, տեսնելով թէ նուէրները շատ խեղճ են, այսինքն` հայելի մը եւ զարդի ծաղիկներ, կ’առաջարկէ ծախել եւ աւելի մեծ գումարով գնել ժամացոյց մը: 28 Մարտ, 1674-ին կ’ընդունի ՀՍ-ի հաւանութիւնը [60], եւ 27 Մայիս թուակիր նամակով նուիրակը կ’իմացնէ, թէ գնած է ժամացոյցը եւ Հռոմ կը ղրկէ ժամացոյցին գծագրութիւնը, մեծութեան չափերն ու այլ մանրամասնութիւններ [61]:

Ֆրա Անտոն Փարիզ կը հասնի 28 Փետրուար, 1674-ին, իսկ ֆրա Ազարիա կը մնայ Վենետիկ` գանձելու Նախիջեւանի համար պահեստի դրուած դրամագլուխի շահերը. իսկ երբ հարցը կ’երկարի, ֆրա Ազարիա խնդիրը կը յանձնէ Վենետիկի դոմինիկեան մեծաւորին` ֆրա Չէլէստին Նէկրիի, ու կը մեկնի Վիեննա: Երբ Վենետիկէն ոչ մէկ լուր կը ստանայ, 5 Ապրիլ, 1674-ին կը գրէ հետեւեալ նամակը.

«Սիրելոյդ իմ ի Քրիստոս պատրի Չէլէստին Նէկրիդ եւ պրէդիքատօր ջէնէրալիդ յոյժ տենչալի սիրով ողջուն ու սէր.

Ծանիցէ, սիրելի'դ իմ, զի յետ բաժանելոյն ի քէն, ողորմութեամբն Քրիստոսի մինչեւ քսան աւուրն հասաք Վիեննայ. մեծ յոյս ունէաք, որ քո հրամանուց թուխթն տեղս եկեալ լինել ոչ գոյր, ո'չ կամբի գիրն կայր եւ ո'չ ողջունի. այդ է քո հաւատարմութիւնդ Մեք ընդ քեզ խօսեցաք, թէ այս շաբաթի աւուրս կամբի շինէ, որ մինչ ի մեր հասնուլն Վիէննա, քո գիրն անդ գտանիմք: Այս ինչպէս իրղար է քո իրղարն. ես զքեզ մեծ հաւատարիմ գիտեմ, որ մինչեւ ի մահ հրամանքդ աշխատիս վասն այն ախքատ հօտին եւ վասն եպիսկոպոսին խաթրին համար. հալբաթ այդ բանիդ վերջն պիտի որ շինես եւ առաքես մեզ: Վասն Աստուծոյ լինի, վերջացո'յ. եթէ հարիւրին չորս կու տան, թէ երեք կու տան, ա'ռ եւ աղորկէ, գայ, զմեզ ճանապարհ մի' հանիլ, մեր ճանապարհն յոյժ երկար է: Գիտեմ, որ կայսրն մեզի շուտով պատասխան կու տայ, այլ ուրիշ պատճառ չէ ունիմ տեղս մնալոյ, բայց միայն այդ փողիդ կու հայիմ. բաւ է:

Թէ՛ Հռօմայ, թէ՛ Ֆրանցիոյ գիր լինի եկեալ, առաքես մեզ, վասն Աստուծոյ սիրոյն: Ի հասանել թղթոյս փութով ամէն բանն շինէ՛, կատարած մե'զի հասոյ: Դու խոստացար, թէ` մինչեւ մէկ ամիսն զամէն վերջ կանիմ: Ապրիլ ամսին նոր սաւի կու նստի, իմ եղբօրն բարեկամ այ, նայ շուտով կու շինի. Ապրիլ տասն էլ անցաւ, ո՞ւր է քո իրղարն, ո՞ւր է քո շինած բանն: Այժմ ժամ է, որ քո մարդութիւնդ տեսնումք եւ հաւատարմութիւնդ պատմեմք ի մեր պրօվինցին առջեւ. բաւ է:

Գրեցաւ Ապրիլի Ե [5], թիւն ՌՈՀԴ [1674]

Պատրի Ազարիա վարդապետ` աղօթող հրամանուցդ» [62]:

13 Յունիս, 1674-ին Վարշաւիոյ նուիրակը կը գրէ ՀՍ-ի նախագահ կարդինալ Ալթիէռիի, թէ ֆրա Ազարիա ներկայացած է իրեն` Սուրբ Ժողովի 5 Հոկտեմբեր, 1673 թուակիր յանձնարարականով, թէ պատրաստած է անոր անցագիրը, որպէսզի կարենայ մեկնիլ Մոսկուա, եւ թէ կը սպասէ ֆրա Անտոնի, որ պիտի հասնի Ֆրանսայէն [63]: Այս նամակին թուականէն քանի մը օր ետք պէտք է հասած ըլլան թէ՛ ֆրա Անտոն եւ թէ՛ Վիեննայէն ժամացոյցը: 18 Յուլիս, 1674-ին նոյն նուիրակը կ’իմացնէ Ալթիէռիի, թէ երկու հայ դոմինիկեանները մեկնած են Մոսկուա` տանելով ժամացոյցը. «Երկուքին բացատրեցի, թէ ինչ կերպով կը լարուի, եւ նոյնը գրաւոր ալ յանձնեցի իրենց, ինչպէս փափաքած էր Ձեր վսեմութիւնը» [64]:

Երկու ուղեւորները, դժուարութիւններու հանդիպելով, վերջապէս կը հասնին Նախիջեւան 23 Դեկտեմբեր, 1674-ին ու կը գտնեն Մատթէոս արքեպիսկոպոս Աւանէսեան վախճանած: 20 Մարտ, 1676 թուակիր նամակով կը նկարագրեն իրենց ուղեւորութիւնը եւ աւարտին կը խնդրեն, որ ընտրեալ նոր արքեպիսկոպոսը` ֆրա Գրիգոր Ծործորեցի, շուտով ձեռնադրուելով, դառնայ իր թեմը: Նամակը գրուած է մաքուր իտալերէն գեղեցկագրութեամբ, որու խեղճ կերպով ստորագրած են` «ֆրա Ազարիա վարդապետ Յովաննու, ֆրա Անդոն լէքթօր Նազարօ» [65]:

ՖՐԱ ՖՐԱՆՉԵՍԿՈՅ ՊԻՍԿՈՊՈՅԻ ԱՅՑԸ

1662-1664 տարիներուն, երբ Նախիջեւանի մէջ ծայր տուած էր խռովութիւն նոր անուանուած արքեպիսկոպոս Պիրոմալլիի եւ կրօնաւորներու միջեւ, Հռոմէն կը ղրկուի իտալացի ֆրա Անտոն Թանի` իբր այցելու, որպէսզի տեղւոյն վրայ քննելով հարցը` կատարէ միջնորդի դերը եւ լուրերը հաղորդէ Հռոմ: Սակայն փոխանակ խաղաղութեան, խռովութիւնը կը սաստկանայ, ու իր մասին Հռոմ կը տեղան գանգատներ թէ՛ Պիրոմալլիէն եւ թէ՛ կրօնաւորներէն: ՀՍ-ի Ժողովը հարցը կը յանձնէ Հռոմի դոմինիկեանց ընդհանրական մեծաւորին:

ՀՍ-ի 28 Փետրուար, 1673-ի նիստին կը զեկուցուի ընդհանրական մեծաւորին առաջարկը` Նախիջեւան իբր լիազօր այցելու ղրկելու ֆրա Պիսկոպոյ, որպէսզի իր բարեխառն նկարագրով օգտակար ըլլայ տեղւոյն վանականներուն, եւ իբր ուղեկից եւ թարգման կ’առաջարկուի Լիվոռնոյի միսիոնար դոմինիկեան ֆրա Թոմաս  Իսրայէլեանը: Սուրբ Ժողովը կը գրէ Փիզայի արքեպիսկոպոսին, որու ենթակայ էր Լիվոռնոյ քաղաքը` առաջարկելով, թէ տէր Վարդան Յունանեան կարո՞ղ էր գրաւել ֆրա Թոմասի պաշտօնը, որպէսզի սա վերջինս ընկերանայ Պիսկոպոյի [66]: Փիզայի արքեպիսկոպոսը 13 Մարտ, 1673 թուակիրով ժխտական կ’արտայայտուի ֆրա Թոմասի նկատմամբ, ոչ իբր անպէտ կամ անյարմար անձ, այլ թէ Լիվոռնոյի հայութիւնը կրնար վնասուիլ անոր բացակայութենէն, քանի ֆրա Թոմաս եւ ֆրա Սեբաստիանոս Քնապ «սքանչելի կ’աշխատին, դարձեր կը կատարեն, շատ սիրուած են Չէլէպիէն (իմա՛ Անտոնէ), որ հայոց կողմէ մեծապէս գնահատուած անձ է. նորութիւն ներս մտցնելով` կրնայ խանգարուիլ կարգը. ահա կանուխէն գրեցի ամէն բան» [67]: ՀՍ-ի Ժողովը կը մտածէ Պիսկոպոյ ղրկել մինակ առանձին, ու 18 Ապրիլ, 1673-ի նիստով կը տրուին իրեն հարկաւոր բոլոր իշխանութիւնները [68]:

Նոյն տարւոյն Յուլիսին Պիսկոպոյ կը գտնուի Լիվոռնոյ` պատրաստ մեկնելու Նախիջեւան Զմիւռնիոյ ճամբով: 3 Յուլիսին գերմանացի ֆրա Քնապ կը գրէ ՀՍ-ի քարտուղարին` խնդրելով, որ փութացնեն ղրկել Սուրբ Աթոռի կողմէ «ցանկալի» նամակը` ուղղուած Յակոբ Դ կաթողիկոսին. իսկ ինքն իր կողմէ կը փութայ աւարտել Խորհրդատետրի սրբագրութիւնը` նշելով բոլոր հարկաւոր ծանօթութիւնները, նոյնը բացատրելով Պիսկոպոյի, որպէսզի նա, իր կարգին խօսելով կաթողիկոսին հետ, զայն իր հեղինակութեամբ ընդունիլ տայ հայոց [69]:

Պիսկոպոյ Լիվոռնոյէն մեկնելէ առաջ 24 Յուլիսին կ’իմացնէ ՀՍ-ի քարտուղարին, թէ ստացած է Սուրբ Աթոռին կողմէ Յակոբ կաթողիկոսին ուղղուած նամակը, եւ թէ ֆրա Քնապ եւս իրեն յանձնած է սրբագրուած ձեռագիր Խորհրդատետրը ու կը խոստանայ դնել բոլոր բարի կամքը, գործը ի գլուխ հանելու համար [70]:

1673 տարւոյն վերջին օրը Պիսկոպոյ կը հասնի Էջմիածին եւ կը գտնէ սիրալիր ընդունելութիւն. սակայն կաթողիկոսին ուղղուած նամակը եւ Խորհրդատետրը չի կրնար յանձնել, քանի ութը ամիս առաջ կաթողիկոսը, չկարենալով վճարել պարտքերը, հալածուած Երեւանի իշխանէն, ապաստանած էր Սպահան:

2 Յունուար, 1674-ին կը մտնէ Ապարաներ, ուր դարձեալ կը գտնէ սրտազեղ ընդունելութիւն: 22 Յունուարին կը գրէ ՀՍ-ի Ժողովին` վկայելով, թէ տեղւոյն Մատթէոս արքեպիսկոպոսը կ’ապրի պարզ կրօնաւորի նման, առանց եպիսկոպոսական շուքի` օր ու գիշեր ժամերգելով, եւ ամէնքէն նկատուած էր իբր հասարակաց Հայր: Պիսկոպոյ կը մասնակցի Յայտնութեան ժամերգութեան, «որ հոս կը կատարուի ծանրութեամբ եւ ճշգրտութեամբ» [71]:

Պիսկոպոյի գալուստէն գոհ է նաեւ Մատթէոս արքեպիսկոպոս, որ իր գոհունակութիւնը եւ շնորհակալութիւնը կը հասցնէ Հռոմ` 13 Յունուար, 1674 թուակիր նամակով. «Եկն եհաս մեր այս աղքատ պրօվինցս պատրի Ֆրանցիսկոսն Փիսկօբօ…, լաւ, բարի, առաքինի է, որպէս հաճոյ է Աստուծոյ, որպէս մարմնօվ, նոյնպէս` հոգով» [72]:

Պիսկոպոյ Նախիջեւան հասնելուն, ունէր ամէն իշխանութիւն Սուրբ Աթոռէն նոյնիսկ արքեպիսկոպոսին վրայ: Երբ տեղւոյն կրօնաւորները կը սրտնեղին այս կարգադրութենէն, քանի կը սիրէին իրենց արքեպիսկոպոսը` Մատթէոս, եւ չէին համակերպիր անոր նսեմանալուն, արքեպիսկոպոսն ու Պիսկոպոյ, բարեխառն նկարագրի տէր անձեր ըլլալով, կը համաձայնին սիրով ապրիլ իրարու հետ: Մատթէոս արքեպիսկոպոս զինքը կ’անուանէ իր փոխանորդը եւ կը մեկնի ներկայանալու համար Պարսից թագաւորին, իր թեմին շահերը պաշտպանելու համար:

Մատթէոս արքեպիսկոպոս 14 Յուլիս, 1674-ին կը վախճանի, ու մարմինը կը փոխադրուի Ապարաներ. իսկ Պիսկոպոյ կը շարունակէ փոխանորդի պաշտօնը [73]:

Այս շրջանիս է, որ Եւրոպայէն կը հասնին Շահին առաքած երկու դեսպանները` ֆրա Ազարիա եւ ֆրա Անտոն Նազարեան, որոնք, օգտուելով Պիսկոպոյի ներկայութենէն եւ ունեցած հեղինակութենէն, կը խնդրեն, որ ընկերանայ իրենց տանելու համար Շահին` պապին ղրկած ժամացոյցը եւ նամակները: Շահը մեծ պատիւներով կ’ընդունի զիրենք եւ կը պատուէ նուէրներով: Այս առիթով պապին ղրկած նուէրին եւ գրած նամակին շնորհիւ Շահը կը ջնջէ այն պարտքը, որ ֆրա Թանիի պատճառով ժողովուրդը պէտք էր վճարել արքունիքին. միաժամանակ կը շնորհէ 1. 300 թումանի տուրքը, որ ժողովուրդը պարտական էր տալ: Առանձնաշնորհութիւններու վաւերական թուղթերը կը տրուին Պիսկոպոյի, որպէսզի միասին տանի Հռոմ: Դարձեալ, այս այցելութեան իբր պտուղ, կը տրուի յատուկ հրահանգ, որ Նախիջեւանի իշխանը ոչ մէկ կերպով նեղէ կաթողիկէ հայերը, որոնք կը յանձնէ իր վէզիրին` Միրզա Իպրահիմի խնամքին [74]:

Մատթէոս արքեպիսկոպոսի մահէն ետք ՀՍ-ի Ժողովը հետամուտ էր գտնելու յաջորդը եւ որով կը դիմէ դոմինիկեանց ընդհանրականին, որ իբր թեկնածու, կը ներկայացնէ, բացի ֆրա Քնապէն եւ ֆրա Թոմաս Թադումեանէն, նաեւ ֆրա Պիսկոպոն, «որ սիրուած է ամէնքէն, նաեւ ժողովուրդէն» [75]:

Շուրջ երկու տարի (1674-1675) Հայաստան մնալէ եւ թէ՛ Շահին եւ թէ՛ Յակոբ կաթողիկոսի հետ իր պաշտօնը ազնիւ կերպով կատարելէ ետք, Պիսկոպոյ կը պատրաստուի դառնալ Արեւմուտք: Այս շրջանին գրուած նամակներուն մէջ կը գտնենք միայն գնահատական խօսքեր իրեն հանդէպ` գրուած Սուրբ Աթոռին: 17 Ապրիլ, 1676-ին Յակոբ Ջուղայեցի կաթողիկոս կը գրէ կարդինալ Ալթիէռիի, թէ առ այժմ կարող չէր գումարել ժողով ծիսական բարեփոխութիւնները որդեգրելու համար, որովհետեւ թէ' պարտքերուն պատճառով հեռու կը գտնուի Էջմիածնէն եւ թէ' Պիսկոպոյ մեկնելու վրայ էր. «Սա մեր մօտ, Պարսից թագաւորին դիմաց եւ Նախիջեւանի թեմին մէջ վարուեցաւ մեծ խոհեմութեամբ եւ արժանացաւ բացառիկ պատիւներու. իսկ մենք ցոյց տուինք իրեն յարգանք, այնքան որքան թոյլ կու տար մեր տկարութիւնը, որովհետեւ կը գտնուինք նեղութիւններու մէջ: Անսահման կերպով շնորհակալ ենք Ձեզի, որ այս կողմերը կը ղրկէք խոհեմութեամբ օժտուած նման անձեր» [76]:

Երկրորդ վկայութիւնը Առաքել արքեպիսկոպոս Շոռոթեցիինն է` գրուած իտալերէն լեզուով Ջահուկէն 27 Մարտ, 1676-ին. «Կ’ուզեմ հաղորդել Ձեզի, թէ Հայր Պիսկոպոն, ղրկուած Սուրբ Ժողովէդ եւ դոմինիկեանց ընդհանրականէն, գոհ ձգեց ամէնքը եւ մխիթարեց թէ' կաթողիկէները, թէ' հերձուածողները եւ թէ' թուրքերը ու թագաւորէն գտաւ մեծ պատիւներ, ի յարգանս Նորին սրբութեան եւ իր ունեցած խոհեմութեան, որ ցոյց տուաւ իր գործելակերպով: Մեծ ու փոքր գոհ մնացին այս հօր ցոյց տուած բարի օրինակէն` օրհնելով այն անձը, որ պատճառ եղաւ իր հոս գալուն: Կը խնդրենք Ձեր վսեմութենէն, որ միջնորդէք Նորին սրբութեան մօտ, որպէսզի այս Հայրը կրկին դառնայ այս կողմերը շատ մը կարեւոր գործերու համար» [77]:

Վլաս եպիսկոպոս Շամախի Գանձասարի Աթոռէն 3 Մայիս, 1676-ին կը գրէ ՀՍ-ի Ժողովին` տալով եկեղեցական հաղորդակցութեան նկատմամբ մանրամասնութիւններ, աւելցնելով, թէ` «Մեր Հայր Ֆրանչիս եպիսկոպոսն (իմա՛ Պիսկոպոն) եւ եղբայր Պետրոսն (այն է` Պետիկն), որ Շահին մօտ դեսպան էիք ուղարկել, սոքա պատմեն Ձեզ, որպէս գիտակ ենfi Եկին ի մեր վանքն, զմեր խորհուրդն յայտնեցաք սոցա. իսկ սոքայ պատմեսցեն Ձեզ, մինչ մեր գալն առ Ձեր սրբութիւնն» [78]:

Պիսկոպոյ 1677-ի Յունիսին կը գտնուի Վարշաւիա, որու առաքելական նուիրակը 17 Յունիսին կը վկայէ, թէ Պետրոս Պետիկ եւ Պիսկոպոյ կը գտնուին քաղաքը եւ ուղղուած են Հռոմ [79]: Սեպտեմբեր 18-ին Վենետիկի նուիրակը կը գրէ ՀՍ-ի քարտուղար Չերրիի, թէ քաղաքէն անցած է Պիսկոպոյ եւ յայտնած է իրեն` ըսելով. «Կաթողիկոսը ձեռքերուս մէջ կատարեց հաւատոյ դաւանութիւնը», ու նամակ մը կաթողիկոսէն կը տանի պապին [80]:

Հռոմ հասնելէն երկու ամիս ետք, երբ ՀՍ-ի Ժողովը փնտռելու հետ էր Նախիջեւանի թեմական, Չերրի քարտուղար կը դիմէ դոմինիկեաններու վանքին իմանալու համար Պիսկոպոյի կարծիքը, որ տեղեակ էր հարցին եւ հաւատարիմ անձ էր: Հռոմի Sopra Minerva վանքէն Padre Antonio de Monroy 10 Նոյեմբեր, 1677-ին կը պատասխանէ, թէ` «Հանգուցեալ Հայր Պիսկոպոյ իր հիւանդութեան պատճառով չխօսեցաւ հետս Հայաստան կատարած առաքելութեան մասին, եւ թէ ով յարմար է արքեպիսկոպոսութեան. չխօսեցաւ ոչ իսկ տեղւոյն վանքերուն մասին, ուստի կարող չեմ թելադրել ոչ մէկ անուն» [81]:

Պիսկոպոյ, որ ղրկուած էր Նախիջեւան իր ընդհանրական մեծաւորէն` յատկապէս նախորդ այցելու ֆրա Անտոն Թանիի խնդիրը քննելու, թողած էր գրաւոր հաշուետուութիւն մը: ՀՍ-ի 15 Նոյեմբեր, 1677-ի նիստի արձանագրութեան մէջ կը կարդանք, թէ այդ գրութիւնը կը գտնուի դոմինիկեանց ընդհանրականին մօտ, որու պէտք է տրուի հրահանգ, որ նոյնը անցնէ ՀՍ-ի Ժողովին քննելու համար հարցը [82]:

* * *

Այս բոլոր մանրամասնութիւններուն մէջ յստակ կը տեսնուի բացակայութիւնը էական եւ մխիթարական տարրերու, որոնք կանգուն կը պահեն հասարակութիւն մը, յատկապէս` կրօնաւորական տուն մը, այն է` վանական բարեկարգութիւնը եւ սէրը ուսումին: Պիսկոպոյի մը միջամտութիւնը, անկէ առաջ Թանիի մը խարդախութիւնները, երկու վանականներու տարիներով Եւրոպա թափառիլը, տնտեսական հաշիւներու յստակութեան պակասը, առաջնորդ եպիսկոպոսին տկարութիւնը եւ ստէպ երկար բացակայութիւնը ու այս բոլորին կողքին` աղքատութիւնն ու շարունակական նեղութիւնները  օսմանցիներէն ու պարսիկներէն, անտարակոյս, նպաստաւոր պայմաններ չէին կրօնաւորական տան մը բարգաւաճումին:



[1]           SOCG, vol. 180, f. 207. 7 նոյեմբեր, 1627-ին Նախիջեւանի հասարակութիւնը Ուրբանոս Ը պապէն կը խնդրէ, որ Օգոստինոս Բաջենց յաջորդէ վախճանող Մարտիրոս արքեպիսկոպոսին: Նամակը ստորագրողներու մէջ երկրորդ անունն է` «Ես` ֆրա Յակոբս, իմ ժողօվրդօքս վկայեմ» (SOCG, vol. 180, f. 211):

[2]  SOCG, vol. 168, f. 428.

[3]           Այս անձին մասին դիւանէն հաւաքած ենք սա ծանօթութիւնները: Եղբօրորդին է ֆրա Յակոբ Յիսուսի, որ 1643-ին Ապարաներէն Հռոմ երթալուն, կը տանի հետը Օգոստինոս եպիսկոպոսի 15 յուլիս, 1642 թուակիր յանձնարարական գիրով (SOCG, vol. 122, f. 185): Ֆրա Յակոբ ՀՍ-ի խնդրագիր կը ներկայացնէ, որպէսզի Դոմինիկոս ընդունուի Ուրբանեան վարժարան, քանի գիտէր հայերէն եւ լատիներէն (SOCG, vol. 405, f. 227; vol. 406, ff. 187, 236): ՀՍ-ի 3 մարտ, 1643-ի նիստին կ’որոշուի քննել պատանիին յատկութիւնները (Acta, vol. 15, f. 298, n. 52; SOCG, vol. 122, f. 190): Սեպտեմբեր, 1643-ի նիստին կ’որոշուի երկարաձգել Դոմինիկոսի վեցամսեայ թոշակը (Acta, vol. 15, f. 418, n. 4): Երբ Ուրբանեան վարժարանէն դուրս կ’ելլէ Անտոն հայազգի ուսանողը, Դոմինիկոս կը խնդրէ գրաւել անոր տեղը` միաժամանակ խնդրելով դրամական նպաստ զգեստներու նորոգութեան համար (SOCG, vol. 408, ff. 13-14): 13 մարտ, 1645-ին իրեն կը տրուի 20 սկուդ, որպէսզի աւարտէ ուսման երրորդ տարին քահանայական ձեռնադրութիւն ստանալու համար (Acta, vol. 16, f. 258, n. 5; SOCG, vol. 409, ff. 409, 253; vol. 407, f. 218): Ձեռագիր Միսսալի մը վրայ թողած է սա յիշատակարանը. «Ես` Դօմինիկոս, յերկրէն Նախիջեւանոյ, ի գիւղէն Ապարաներոյ, եկի Հռոմ հետ իմ խորբեր տէր Յակոբին վասն ուսանելոյ զլեզու լաթինացոց. թվ. ՌՈԽԶ [1646]: Յիշեալ լիջիք ձեր սուրբ օթ» (ձեռ. Ս. Ղազարու, թիւ 1266, թղ. 209ա): Այնուհետեւ դարձած ըլլալու է Նախիջեւան: Պիրոմալլի երբ կ’անուանուի արքեպիսկոպոս Նախիջեւանի, սա Հռոմ կը ղրկուի իբր դեսպան` պապին ներկայացնելու իրենց դժկամութիւնը: Լիվոռնոյ հասնելուն` 18 հոկտեմբեր, 1655-ին կը գրէ Հռոմ տէր Զաքարիա Աղամին, թէ Պիրոմալլիի Նախիջեւանի եպիսկոպոս ընտրուած ըլլալու լուրը խռոված է ժողովուրդը, որոնք դիմած են պապին եւ դոմինիկեանց ընդհանրական մեծաւորին` աւելցնելով. «Գիտէք, որ մեր երկրի մարդիկը արժանի չեն սրբակենցաղ եւ իմաստուն հովիւի, այլ կ՚ուզեն հովիւ մը, որ իրենցմէ վատն ըլլալով` կարենան կատարել, ինչ որ իրենք կ’ուզեն» (SOCG, vol. 292, ff. 304, 397): Հռոմի մէջ 29 ապրիլ, 1656-ին շարադրած է էջ մը գրութիւն` տալով տեղեկութիւն Ապարաների աշակերտութեան մասին (SOCG, vol. 313, չունի էջերու համարակալութիւն), որու մասին այլուր խօսեցանք: Հռոմէն Նախիջեւան ճամբուն վրայ, երբ Վենետիկի դրամատունէն կ’ուզէ գանձել իր հօրեղբօր` ֆրա Յակոբի թողած 12. 000 տուգադի շահը, իրեն կը տրուի փոխանակ եօթը առ հարիւր շահի` հինգ առ հարիւրը: 7 յուլիս, 1656-ին բողոք կը ներկայացնէ ծերակոյտին` յիշեցնելով դրուած գրաւոր դաշինքը (տե'ս Ալիշանի ձեռագիր հաւաքածոն): 1657-ին, երբ Պիրոմալլի Հռոմէն, իբր արքեպիսկոպոս, կը մեկնի Նախիջեւան, հետը կ’առնէ ֆրա Դոմինիկոսը, բայց Պոլիս հասնելուն, կը բաժնուի անկէ չափազանց ծախսող ըլլալուն համար (SOCG, vol. 222, f. 12; vol. 316, f. 130): 14 ապրիլ, 1665-ին ինքն ալ, իբր «մեծաւոր Ապրակունոյ վանից», ստորագրած է նամակին` ուղղուած դոմինիկեանց ընդհանրական մեծաւորին` խնդրելով, որ իրենց եպիսկոպոսը ըլլայ ֆրա Մատթէոս Յովհաննէսեանը (SOCG, vol. 222, f. 245):

              Ֆրա Դոմինիկոս Մկրտչի իբր կեղծ անուն ունեցած է «Քուռդ»: Յիշեալ Միսսալին վրայ ֆրա Մովսէս կը գրէ. «Ես` տէր Մօվսէսին Խօշկաշինեցի եւ Քուռդ տէր Դօմինիկոսին անուանքն գի'տ ի նա» (թղ. 227բ):

[4]           SOCG, vol. 122, f. 185.

[5]           ՃԵՄՃԵՄԵԱՆ հ. Ս., Մայր ցուցակ հայերէն ձեռագրաց, հատոր Դ, Վենետիկ, 1993, էջ 857

[6]           SOCG, vol. 405, ff. 39, 227.

[7]           SOCG, vol. 64, ff. 287, 290.

[8]           ԱԼԻՇԱՆ հ. Ղ., Սիսական, էջ 396

[9]           Acta, vol. 21, f. 70, n. 27.

[10]        SOCG, vol. 292, f. 236.

[11]        Lettere volgari, vol. 29, f. 38.

[12]        SOCG, vol. 292, ff. 370, 371.

[13]        SOCG, vol. 292, f. 361. Իտալերէն այս նամակին ստորագրած է հայերէն` «Պատրի ֆրա Յակոբ Յիսուսի»:

[14]        SOCG, vol. 292, f. 321.

[15]        SOCG, vol. 292, f. 320.

[16]            Acta, vol. 23, f. 54, n. 29.

[17]            SOCG, vol. 313.

[18]            SOCG, vol. 224, ff. 7, 10.

[19]            SOCG, vol. 222, f. 32.

[20]            SOCG, vol. 221, f. 9.

[21]        SOCG, vol. 223, f. 13. 5 ապրիլ, 1659-ին ֆրա Յակոբ կու տայ գրաւոր բարի վկայութիւն Առաքել արքեպիսկոպոս Շոռոթեցիի մասին, որ նոր ժամանած էր Հռոմ (SOCG, vol. 223, f. 15):

[22]        Acta, vol. 28, f. 215, n. 18.

[23]        SOCG, vol. 224, f. 288.

[24]        SOCG, vol. 221, f. 15.

[25]        SOCG, vol. 222, f. 52.

[26]        Այս ծանօթութիւնները հաւաքած ենք Ալիշանի թողած ձեռագիր հաւաքածոյէն, որոնք օրինակած է Վենետիկի դիւաններէն: Նկատմամբ վերոյիշեալ հարցին տարիներ ետք, երբ Պիրոմալլի Հռոմ կը դառնայ եւ 11 դեկտեմբեր, 1663-ին տեղեկատուութիւն մը կը շարադրէ, հոն ալ կը յիշէ նոյնը` գրելով. «Ապարաների վարժարանին համար Վենետիկի Սուրբ Մարկոս դրամատունը տարեկան 750 սկուդի շահ մը կու տայ կաթողիկէ թագաւորին տուած ողորմութիւններէն ձեւացած դրամագլուխէն` հաւաքուած ֆրա Յակոբէն Արեւելեան Հնդկաստան` իմ նախորդ արքեպիսկոպոսին հրամանով: Այդ գումարը ֆրա Յակոբը կը ծախսէ ըստ կամս, առանց հաշիւ ներկայացնելու իր եպիսկոպոսին» (SOCG, vol. 224, f. 5):

[27]        SOCG, vol. 222, f. 48.

[28]        SOCG, vol. 222, f. 54.

[29]        SOCG, vol. 222, ff. 247, 255.

[30]        SC Armeni, vol. 1, ff. 205-206.

[31]        Նամակին ստորագրած են`«Ես` ֆրա Միքա[յ]էլ Մարմնաւորութեան, վիգար պրիւինցալ. Fra Sebastianus Knab, Ordinis Pred. Mdr. ac Prior Conv. Abaranersis.

              Ես` ֆրա Պետրոս, Խօշկայշինոյ վանից մեծաւոր.

              Ես` ֆրա Պետրոսս Խօշխաբարեցի, մեծաւոր Քռնոյ վանից.

              Ես` ֆրա Ազարիա Ճահկեցի, մեծաւոր վանից Ճահկոյ սուրբ Յով[հ]աննու.

              Ես` ֆրա Բարդօղիմէոս Բազումեցի, Շահբունոց վանից մեծաւոր.

              Ես` տէր Բանէթիկտոս Բազումեցի, Սայլթաղեցւոյ վանից մեծաւոր»

              (SOCG, vol. 222, f. 245):

[32]        Քարտուղարութեան դիւրութիւն ընծայելու համար օրինակուած է նաեւ Պօղոս Գ-ի կոնդակը, հաւանաբար, որպէսզի անոր հետեւողութեամբ շարադրուի նորը (SOCG, vol. 222, f. 250):

[33]        SOCG, vol. 222, ff. 244, 262.

[34]        SOCG, vol. 222, f. 252.

[35]        SOCG, vol. 222, f. 246.

[36]        SOCG, vol. 222, f. 161.

[37]        Նոյն վաւերաթուղթը ունի երկու օրինակ (SOCG, vol. 222, ff. 148-9, 247, 255): Հոս կ’արտագրենք ստորագրութիւնները.

              «Ես` ֆրա Յակոբս Յիսուսի, փրիօր վանացն Ապ[ա]րաներ Ամենայն սրբոց.

              Ես` Յովհանէս Աբարանեցի, մելիք ֆռանկ գեղոր[է]ից . Կ. ).

              Ես` տանուտէրս Էվարշէսխ ի գեղն Ապարաներոյ . Կ. ).

              Ես` Հանիսի որդի Ավանէս, աղսաղալոյ ի գիւղն Ապարաներ.

              Ես` Էվազի որդի Իսպանդիարս, աղսաղալու Ապարաներո[յ] . Կ. ).

              Ես` ֆրա Ազարիա, բրիօր Ճահկոյ վանից սուրբ Յով[հ]աննու.

              Ես` Պօղոսի որդի Սարգիսս, աղսաղալու Ճահկոյ.

              Ես` ֆրա Միքաէլ, բրիօր Ապրակունոց վանից.

              Ես` Ազիզի որդի Երիջանս ի Գերզուն, Ապրականոց տանուտէր.

              Ես` ֆրա Պետրոս, բրիօր Քռնոյ վանիցն.

              Ես` Հասանի որդի Հուջրի, ի գեղջէն Քռնայ . Կ. ).

              Ես` տէր Բարթօղիմէոս, բրիօր Շահբունոց վանից.

              Ես` Ովանէս Ամիրբէկի որդի, տանուտէր Շահբունոց . Կ. ).

              Ես` ֆրա Պետրոս, բրիոր Խօշկայշինոյ վանից.

              Ես` Ավանի որդի Ազարէս, տանուտէր Խօշկայշինոյ . Կ. ).

              Ես` Իսրայէլի որդի Գուլազարս, աղսաղալոյ Խօշկա[յ]շինոյ . Կ. ).

              Ես` Աբարնեցի Աշիշի որդի Մաւէլս  . Կ. ).

              Ես` տէր Բէնէթ Աբարանեցի, ավագէրէց Սուրբ Գէորգայ ի Սալթաղ.

              Ես` Յեզդանի որդի Արշանի, աղսախալու Սալթաղոյ.

              Ես` տէր Անդրէասըս, աւաքէրէց Գանձակոյ Սուրբ Յով[հ]ան[ն]իսին.

              Ես` Գուլումի որդի Նազարս ախսախալու Գանձակոյ.

              Ես` տէր Պողոսս ի Խօշկաշինոյ, աւագէրէց ի գիւղն Կէծուկ.

              Ես` Ջիկարի որդի Դիւաշէս, տանուտէր ի գիւղն Կէծկու»:

[38]        SOCG, vol. 222, ff. 163, 166, այլ օրինակ` ff. 167-168.

[39]        SOCG, vol. 222, ff. 164, 169.

[40]        ԱԼԻՇԱՆ հ. Ղ., Սիսական, էջ 398

[41]        Udienze, 1668, vol. 1, f. 41.

[42]        Acta, vol. 37, f. 84, n. 15.

[43]        ԱԼԻՇԱՆ հ. Ղ., Սիսական, էջ 398

[44]        SOCG, vol. 222, ff. 164, 172. Նոյն նամակով տեղեկութիւններ կը գրէ Վենետիկի հայոց եւ Եկեղեցւոյ մասին, թէ կը գտնուին շատ խեղճ վիճակի մէջ, որովհետեւ ունին երեք հերձուածող քահանաներ. կը թելադրէ ղրկել կաթողիկէ վարդապետ մը:

[45]        SOCG, vol. 222, ff. 164, 296.

[46]        SC Armeni, vol. 1, ff. 205-206. Անատոլուէն գրած նամակները զեկուցուած են ՀՍ-ի 4 օգոստոս, 1670-ի նիստին, եւ որոշուած է դրամական օգնութիւն ընելէ առաջ սպասել հասնելիք յաջորդ նամակներուն (Acta, vol. 39, f. 161, n. 44).

[47]        Այս շրջանիս Մովսէս Անանիայի անունով ուսանողի մը կը հանդիպինք, որ 22 սեպտեմբեր եւ 7 հոկտեմբեր, 1664-ին աղերսագիր ներկայացուցած է, ընդունուելու համար Ուրբանեան վարժարան: Աղերսագիրներուն համաձայն` սա Մեծ Հայքէն եկած է Հռոմ, փախչելու համար հօրմէն` որ թրքացած է, եւ մօրմէն` որ հերձուածող է: Գիտէ լատիներէն, ծարաւն ունի սրբազան գիտութիւններու, որպէսզի սորվելով դառնայ իր երկիրը եւ օգտակար ըլլայ ազգայիններուն (SOCG, vol. 380, f. 54):

              Երկրորդ ուսանողն է Ղուկաս Ղուկասի, որ Նախիջեւանի մեծաւորէն ղրկուած է Նափոլի, սորվելու լատիներէն, փիլիսոփայութիւն եւ աստուածաբանութիւն: 1669-ին կը խօսուի իր մասին` դնելու զինքը միսիոնար հայերու (SC Armeni, vol. 1, ff. 243-244): Ֆիրէնցէի նուիրակն ալ 23 ապրիլ, 1669-ին կը խնդրէ ՀՍ-էն, որ ֆրա Ղուկաս Ղուկասի ըլլայ միսիոնար` նկատած, որ 45 տարեկան է, 30 տարիէ կրօնաւոր եւ գիտէ գրաբար (SC. Armeni, vol. 1, f. 234): Դոմինիկեանց մեծաւորը 2 մայիս, 1669-ի նամակով դրական վկայութիւն չի տար` ըսելով. «Ներկայիս փափաքուած պաշտօնին ատակ անձը չէ» (SC Armeni, vol. 1, f. 203): Դեկտեմբեր, 1670-ի ՀՍ-ի նիստին կը զեկուցուի իր խնդրագիրը. սա աւարտած իր ուսումները` կ’ուզէ դառնալ հայրենիք (Acta, vol. 39, f. 227, n. 17): 15 յունիս, 1671-ի նիստին կը զեկուցուի երկրորդ խնդրագիրը (SOCG, vol. 428, f. 400), ուր կը ներկայացուի, թէ աւարտած ուսումները` կատարած է շատ մը գիրքերու թարգմանութիւններ լատիներէնէ հայերէն ու կը խնդրէ յանձնարարական գիր, որպէսզի դէպի Նախիջեւան ուղեւորութեան ընթացքին կարենայ հաւաքել ողորմութիւն եւ շարունակել ճամբան: Ժողովին պատասխանը կ’ըլլայ. «Թող դիմէ իր մեծաւորին» (Acta, vol. 41, f. 185, n. 42): Շատ հաւանաբար, Մատթէոս եպիսկոպոսի ակնարկը ֆրա Ղուկասին է, որ Ալիշանի համաձայն` Մատթէոս եպիսկոպոսէն կը ղրկուի Սպահան (Սիսական, էջ 399), ուրկէ գրած է երկու նամակ 6 եւ 16 օգոստոս, 1678-ին` ուղղուած ՀՍ-ի Ժողովին, իմացնելով, թէ Սպահանի եւ Ջուղայի մէջ բացած է վարժարան, ուր կը սորվեցնէ տասը աշակերտի, հինգ քահանայի եւ երեք սարկաւագի` ուսուցանելով հայերէն եւ լատիներէն: Կը խնդրէ ունենալ պապէն յանձնարարական նամակը` ուղղուած Շահին, որպէսզի կարենայ շինել եկեղեցի մը` նուիրուած «վարդարանի Տիրամօր», «որովհետեւ այժմ հայոց մէջ տարածուեցաւ վարդարանի ջերմեռանդութիւնը, մինչ առաջ չէին գիտեր, ինչ ըսել է վարդարան»: Այս նամակին ստորագրած է “P. fra Luca di Luca, maestro armeno Domenicano” (SC Armeni, vol. 3, ff. 90, 109):

[48]        SOCG, vol. 434, ff. 167-176.

[49]        Acta, vol. 47, f. 70, n. 41. Խաչատուր եւ Ազարիա ճգնաւորները, Ապարաներէն Եւրոպա ուղեւորուած ըլլալով, Մատթէոս արքեպիսկոպոս տուած է անոնց լատիներէն յանձնարարական նամակներ (SOCG, vol. 437, f. 16):

[50]        SC Armeni, vol. 2, ff. 270-271.

[51]        ԱԼԻՇԱՆ հ. Ղ., Սիսական, էջ 399

[52]        Այս ծանօթութիւնները քաղած ենք Ալիշանի հաւաքածոյէն` իտալերէն նամակներու պատճէններէն, որոնք ինքը օրինակած է Վենետիկի դիւաններէն:

[53]        Տե'ս Պ[ԱՏԿԱՆԵԱՆ] Ք., Նշխարք մատենագրութեան հայոց, Ս. Պետերբուրգ, 1884, էջ 23-26:

[54]        Acta, vol. 43, f. 345, n. 14.

[55]        SC Armeni, vol. 2, f. 222.

[56]        SC Armeni, vol. 2, f. 224.

[57]        SC Armeni, vol. 2, f. 264.

[58]        SC Armeni, vol. 2, f. 258.

[59]        Վենետիկի նուիրակը 17 փետրուար, 1674-ին կ’իմացնէ ՀՍ-ի Ժողովին (SC Armeni, vol. 2, f. 260):

[60]        Udienze, vol. 1, f. 176.

[61]        SC Armeni, vol. 2, ff. 291-292.

[62]        Այս նամակը Ալիշան օրինակած է Վենետիկի San Giovanni e Paolo դոմինիկեան վանքի դիւանէն:

[63]        SC Armeni, vol. 2, f. 297.

[64]        SC Armeni, vol. 2, f. 314.

[65]        SC Armeni, vol. 2, ff. 377-378. Տարիներ ետք, երբ 1691-ի նոյեմբերին Յովհաննէս Հոլով` Վենետիկի միսիոնարը, կը վախճանի, ֆրա Անտոն Նազար կը գրաւէ անոր պաշտօնը ու կը վարէ երեք տարի եւ ութ ամիս: Ամբաստանութիւններու տակ կքած` կը հիւանդանայ ու կը քաշուի 1697-ին: 19 մայիս եւ 21 յուլիս, 1698-ին Թրէվիզոյէն (Իտալիա) գրած է նամակներ ՀՍ-ի Ժողովին` ցոյց տալով պատրաստակամութիւն երթալու Լիվոռնոյ, Հռոմ կամ Վիեննա ծառայելու համար հայերու (SC Armeni, vol. 42, ff. 534, 548):

[66]        Acta, vol. 43, f. 29, n. 15.

[67]        SC Armeni, vol. 2, f. 162.

[68]        Acta, vol. 43, f. 89, n. 3.

[69]        SC Armeni, vol. 3, f. 182. Քնապ նոյնը կը կրկնէ 10 յուլիս, 1673 թուակիր նամակով: Իր առաջարկը, այն է` սրբագրուած Խորհրդատետր մը ղրկել Պիսկոպոյի ձեռքով Յակոբ կաթողիկոսի, կը զեկուցուի ՀՍ-ի 10 յուլիս, 1673-ի նիստին, որու արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «fiղրկել վերջերս սրբագրուած Խորհրդատետր մը, որովհետեւ քանի [Յակոբ կաթողիկոսի մէջ] միտում մը կը տեսնուի Հռոմէական եկեղեցւոյ հետ միութեան, կրնայ ապացոյց մը տալ` յայտարարելով զայն [Խորհրդատետրը հայոց մէջ]: Պիսկոպոյ կրնայ տալ բացատրութիւն, թէ ինչու այս կերպով կատարուած են սրբագրութիւնները եւ օգտագործել կաթողիկոսին եւ անոր օգնական Սահակ վարդապետի (իմա' Արդարի) բարի տրամադրութիւնը միութեան հանդէպ, որովհետեւ ծեր ըլլալով եւ ուրիշ անձ անոր յաջորդելով` կրնայ դժուարութեան հանդիպիլ հետապնդուած հարցը» (Acta, vol. 43, f. 220, n. 31): Բացի Խորհրդատետրէն, որ փառակազմ օրինակ մը կը պատրաստուի, Քնապ Պիսկոպոյի կու տայ Հաւատոյ դաւանութեան գիր մըն ալ` պատրաստուած հայոց համար (տե'ս Քնապ 24 յուլիս, 1673 թուակիրը` ուղղուած ՀՍ-ի քարտուղարին. SOCG, vol. 442, f. 75):

[70]        SC Armeni, vol. 3, f. 186. Պիսկոպոյի մեկնելէն ետք ՀՍ-ի Ժողովին կողմէ նամակ մը կը գրուի Նախիջեւանի Մատթէոս արքեպիսկոպոսին ու կը ղրկուի Քնապի, որ 11 սեպտեմբեր, 1673 թուակիր նամակով կը խոստանայ հասցնել Պիսկոպոյի, որ պէտք էր մօտեցած ըլլալ Զմիւռնիոյ սահմանը (SC Armeni, vol. 2, f. 216):

[71]        SOCG, vol. 450, ff. 154-157.

[72]        SOCG, vol. 450, f. 158. 24 մարտ, 1674-ին Մատթէոս արքեպիսկոպոս դարձեալ կը գրէ իր գոհունակութիւնը (SC Armeni, vol. 2, f. 364):

[73]        Նիւթիս ամբողջացումին համար ըսենք, թէ ՀՍ-ի 8 մայիս, 1674-ի նիստին կը ներկայացուի Մատթէոս եպիսկոպոսի 13 յունուար, 1674 թուակիրը, ուր կը յայտնէ իր դժուարութիւնը Հռոմ այցելելու. կ’որոշուի գրել իրեն` փոխանորդի մը միջոցով կատարել այցելութիւնը, որպէսզի թեմը չմնայ առանց հովիւի (Acta, vol. 44, f. 160, n. 38): Մարտ, 1675-ի նիստին կը զեկուցուի աղերսագիր մը` Նախիջեւանի կողմէ գրուած (SOCG, vol. 452, f. 242), ուր շնորհակալութիւն կը յայտնուի 1674 տարւոյն տարեկան թոշակը ստացած ըլլալուն, կը խնդրէ 1675 տարուան 200 սկուդի թոշակը (Acta, vol. 45, f. 38, n. 17):

[74]        Այս ծանօթութիւնները քաղած ենք ֆրա Անտոնի եւ ֆրա Ազարիայի 20 մարտ, 1676 թուակիր նամակէն (SC Armeni, vol. 2, ff. 377-378):

[75]        SC Armeni, vol. 2, f. 432.

[76]        Չունինք այս նամակին հայերէն բնագիրը, այլ միայն երկու օրինակ իտալերէն թարգմանութիւնը (SC Armeni, vol. 2, f. 527; vol. 3, f. 472):

[77]        SC Armeni, vol. 3, f. 14.

[78]        SC Armeni, vol. 2, f. 540.

[79]        SC Armeni, vol. 2, f. 660.

[80]        SC Armeni, vol. 2, f. 682.

[81]        SC Armeni, vol. 2, f. 706.

[82]        Acta, vol. 47, ff. 272-274, n. 17.