Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՅԱԿՈԲ. Ա. ԿԼԱՅԵՑԻ

1152. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ՆԱԽԸՆԹԱՑ

Կաթողիկոսական ընտրութիւնը քիչ մը ատեն ուշացաւ, որովհետեւ այնչափ մեծ էին երկրին տակնուվրայութիւնը, եւ մայրաքաղաքին աւերածը, եւ ազգայնոց շփոթութիւնը ու Հեթումի սուգը, որ դատարկուած աթոռին մտադրութիւն դարձնել շատ ետեւ կը մնար: Հեթում շարունակ` մէկը սպանուած, միւսը գերութեան գացած զաւակներուն ցաւովը տոգորեալ էր, եւ Ակների վանքը կը յաճախէր հոգեւորական մխիթարութիւն գտնելու (ՀԱՅ. 474): Աստուածայայտնութեան տօնին ալ` Մամեստիոյ մէջ, ո՜ւր են Լեւոնն ու Թորոսն` հեծկլտանքներովը, բոլոր ներկայ եկեղեցականներն ու իշխանները կը լացնէր (ՀԱՅ. 475): Ինն ամիսներ կը լրանային Կոստանդին Բարձրբերդցի կաթողիկոսին 1267 ապրիլին վախճանելէն ի վեր 1143), բայց ընդհանուր սուգին հետ խառնուելովը, յաջորդի ընտրութեան հոգածութիւնը մոռցուած էր, բայց իսպառ ալ աթոռը պարապ թողուլ հնար չէր: Գործերուն պահանջը ստիպեց ընտրողական ժողով գումարել Մսիսի մէջ, որ է նոյնիսկ Մամեստիա քաղաքը, եւ որ Սիսի աւերածէն ետքը պետութեան կեդրոն էր եղած: Ժողովին եկողներուն համար յԱրեւելից մինչեւ ցԿիլիկիա ըսուիլը (ՍԻՍ. 249), արեւելեան եպիսկոպոսներուն ալ մասնակից եղած ըլլալը կը ցուցնէ, եւ գուցէ անոնց սպասելնին ալ յապաղման պատճառներէն մին եղած էր: Ժողովը գումարուեցաւ եւ կաթողիկոս ընտրուեցաւ արժանաւոր վարդապետն Յակոբ, եւ հանդիսաւորապէս օծուեցաւ 1268 փետրուար 12-ին, Բուն Բարեկենդանի նախընթաց, Սահակ Պարթեւի եւ Ղեւոնդեանց ու Վարդանանք տօներուն մէջտեղ հանդիպող կիրակին (ՍԻՍ. 249): Նորընտիր կաթողիկոսը յիշած ենք արդէն երկիցս Կոստանդնուպոլիս Յոյներու հետ միաբանական բանակցութեանց երթալուն առթիւ 1135): Իրեն անխտրաբար տրուած Սսեցի, Տարսոնացի եւ Կլայեցի անունները չեն ներեր որոշել թէ որը իր ծննդավայրն եւ որը իր պաշտօնավայրն եղած է, բայց աւելի գործածական եղած է Կլայեցի կոչումը (ՏԱԹ. 638), եւ զայն մենք ալ ընդունած ենք: Իսկ այս կոչման հիմ կը նկատենք Հռոմկլայի հայրապետանոցին մէջ մնայուն պաշտօնավարելը, իբր կաթողիկոսին օգնական, մեծ բանագնացութեանց պատուիրակ 1090), բացակայութեան ատեն տեղը բռնող 1138), եւ անշուշտ կաթողիկոսութեան ալ տեղակալ` աթոռին 10 ամիսներ պարապ մնացած միջոցին: Նա անխտիր կոչուած է Գիտնական (ՍԱՄ. 151) եւ Հռետոր, որ իր ուսումնական կարողութեան ապացոյցն է, եւ որով գերագոյն յոգունց կացեալ ըսուելու արժանացած է (ՎԱՀ. 227): Արդէն Մեծքարի վարդապետանոցին առաջնորդ եղած ըլլալն ալ (ՍԻՍ. 196), նոյն բանը կը հաստատէ: Իսկ Արեւելեայց մասնակցութեամբ ընտրուիլը` անխարդախ եւ անկեղծ հայադաւան ուղղութեան յայտարարն է:

1153. ԱՐԴԻՒՆՔ ԵՒ ԱՐԺԱՆԻՔ

Յակոբի համար կը կարդանք, թէ արար զլուծմունս գրեանցն դժուարագոյն բանիցն (ՍԱՄ. 151), բայց իրմէ գրուած այսպիսի աշխատութիւն մը մեզի հասած չէ, եւ իբր իր գրական կարողութեան նմոյշ ունինք միայն Աստուածնայ ծննդեան Երգեցէք շարականը (ՏԱԹ. 638), որ իր գեղեցիկ ոճովն ու վսեմ իմաստներովը մեծ փաստ մը կ՚ընծայէ Յակոբի արժանիքին: Սոյն շարականին յօրինուածը կը ցուցնէ միանգամայն Աստուածածնայ ծննդեան տօնին սկսելուն ժամանակը, վասնզի Աստուածածնայ տօներէն միայն անոր Ննջման կամ Փոխման կամ Վերափոխման յիշատակութիւնն էր, որ նախապէս Հայ եկեղեցւոյն մէջ կը կատարուէր, իսկ Աւետումն ու Տեառընդառաջը իբր Աստուածայայտնութեան յարակից կը նկատուէին: Այլ թէ Յակոբը իբր կաթողիկոս զայն կարգադրեց եւ Յակոբ պատշաճը գրեց, ճշդել դժուար է, որոշակի գրուած յիշատակ մը չգտնուելուն: Յակոբի պէս ուսումնական անձի մը վայել էր Ընդհանրական գիր մըն ալ պատրաստել, եւ պարտուպատշաճ հրահանգներն ու հրամանները տալ եկեղեցական բարեկարգութեան կանոնները յիշեցնելով, եւ այդ միտքը ունեցած ըլլալը պատմական յիշատակներէ կը քաղուի: Միայն թէ հայրապետանոցի դիւանին մէջ գտնելով Ներսէս Կլայեցիի նշանաւոր Ընդհանրականը 963), եւ հիանալով անոր պարունակութեան վրայ, պէտք չէ տեսած իր կողմէն նոր մը խմբագրել, եւ գոհացած է զայն արտագրել տալ բազմաթիւ օրինակներով, եւ զայն հաստատող եւ անոր ընթերցումը հրամայող թուղթ մը իր կողմէն աւելցնելով ցրուած է բոլոր գլխաւոր վիճակները եւ հայաբնակութեան կեդրոնները (ՉԱՄ. Գ. 268): Յակոբ Կլայեցիին կողմէ Ներսէս Կլայեցիի մասին ցուցուած այս յարգանքը, պէտք չէ երբեք ձախողակի մեկնութեան տանիլ, իբր թէ նոր աշխատութենէ խուսափելու նպատակով եղած ըլլայ, որովհետեւ այդպիսի աշխատութիւն մը երբեք ծանր պիտի չգար Գիտնական կաթողիկոսի մը: Մինչ միւս կողմէն մեծապէս դրուատելի պէտք է ըսուի, նախնեաց յիշատակին հանդէպ ցուցուցած ակնածանքը, եւ ճշմարիտ արժանեաց համար վկայած անկեղծ գնահատումը:

1154. ԼԵՒՈՆԻ ԳԵՐԵԴԱՐՁԸ

Երբ այդ ամէնը Կիլիկիոյ մէջ տեղի կ՚ունենար, թագաժառանգ Լեւոնը Եգիպտոսի մէջ գերի կը մնար: Եգիպտացի բանակը 15 օր Կիլիկիան ամբողջ աւերելէ եւ աւարելէ ետքը ճամբայ ելած էր, Լեւոնն ալ կալանաւոր տանելով 1142), որպէս զի Փնտուխտար սուլտանին ներկայացնէ, որ չէր ընդ զօրսըն եկեալ: Սուլտանը Լեւոնի զիմաստուն բանս լուեալ, զնա սիրով մեծաւ պատուեալ էր, եւ հրաման ալ տուած էր որ Երուսաղէմի ուխտագնացութիւնը կատարէ իբր կալանաւոր, եւ անկէ յԵգիպտոս յառաջացեալ էր, եւ անդանոր ի բանտ ածեալ էր շղթայակապ արքայորդին (ՎԱՀ. 225), որ երեսնամեայ էր եղեալ այդ միջոցին: Լեւոն բանտին մէջ համբերատար եւ հոգեսէր կեանք մը ունէր, որ զսուլտանն ի գութ շարժեց, եւ ի կապանաց զնա ածեալ, եւ միշտ առ ինքն մեծարեալ պահեց (ՎԱՀ. 226): Կ՚ուզէր իսկ անոր ազատութիւնը շնորհել, բայց կը սպասէր որ առաջին քայլը Հայոց թագաւորին կողմէն ըլլար: Հեթում ընդհակառակն յուսալով որ Արեւմուտքէն ու Արեւելքէն, Լատիններէն ու Թաթարներէն օգնութիւն պիտի հասնի, եւ Եգիպտացւոց վրայ յաղթութեամբ մը պիտի կարենայ զաւկին ազատութիւնը կարգադրել. երկար ատեն դիմումի գաղափարը չունեցաւ, մինչեւ որ տարիուկէս անցաւ վրան, եւ այլեւս յուսակտուր եղաւ երկու կողմէն ալ գալիք օգնութեանց վրայ: Այն ատեն միայն ստիպուեցաւ Հեթում, իր զաւկին ազատութեան համար Եգիպտոսի սուլտանին դիմումներ ընել: Փնտուխտար Պաղտատ գտնուած էր, քաղաքին Հուլաւունէ գրաւուած միջոցին 1137), այլ յաջողած էր փախչիլ Սղըր անուն երիտասարդ ազգականին հետ: Թաթարներուն հետապնդած ատենը` Սղըր իր լաւ ձին Փնտուխտարի էր տուած արագ փախչելու համար, վստահանալով, որ եթէ ինքն տկար ձիով գերի ալ իյնայ, Թաթարներ իրեն մանկութեան կը խնայեն եւ չեն սպաններ, եւ այսպէս ալ եղած էր: Բայց Փնտուխտար իրեն պարտք մը կը սեպէր Սղըրը գերութենէ ազատել (ՉԱՄ. Գ. 265), եւ երբոր Հեթումի դիմումը ստացաւ, պայման դրաւ փոխանակել զայն Սղըրի հետ, որուն անունը Սղուր (ՉԱՄ. Գ. 225), եւ Անգաղըսար (ՉԱՄ. Գ. 268), եւ Սանկոլասար (ՀԵԹ. 52) եւ Անգոլաշար ալ (ԿԱԼ. 395) գրուած է: Հեթում պարտաւորուեցաւ դիմել Ապաղա խանին Սղըրի ազատութեան համար, զոր խանը սիրով շնորհեց բարեկամը մխիթարելու համար, եւ այս փոխանակութեամբ եւ բերդ մը տալով ու երկուք ալ քանդելով, ու երդմամբ դաշինս եդեալ, եւ զհաշտութիւնն կատարեալ (ՎԱՀ. 226), յաջողեցաւ Հեթում իր թագաժառանգ որդին ազատել: Կալանոս կը համարձակի վնասակար եւ անիրաւ կոչել այդ դաշինքը (ԿԱԼ. 394), որով Հայերը Լատիններու հետ ունեցած դաշինքնին խզած պիտի նկատուէին, սակայն մենք աւելի վնասակար եւ անիրաւ կը գտնենք, Հայերուն Լատիններէն հրապուրուելով նորէն Եգիպտացւոց հետ թշնամանալնին, որով հետզհետէ իրենց վտանգը եւ կործանումը պատրաստեցին Եգիպտացիներուն երեսէն: Երանի թէ այն մեծ ուրախութիւնն, որ եղեւ հօրն եւ աշխարհիս Հայոց, (ՍԱՄ. 151), եւ որով Հայեր բովանդակ ընդդէմ երթեալ եւ ցնծութեամբ Լեւոնը տեսեալ կուրախանային, անփոփոխ մնացած ըլլար, եւ անգամ մը որ Եգիպտացւոց կողմէ հալածուած էին, կրկին անոնց ցասումը չհրաւիրէին: Լեւոնի գերութեան տեւողութիւնը ամ մի եւ տասն ամիս եղած (ՎԱՀ. 226), եւ գերութիւն ալ 1266 սեպտեմբերին հանդիպած ըլլալով 1142), 1268 յուլիսին պէտք կ՚ըլլայ դնել անոր ազատութիւնը, եւ աւելի ճշդութեամբ, յունիս 24-ին կը դրուի Դամասկոսէ ազատ թողուիլը (ՍԻՍ. 555):

1155. ՀԵԹՈՒՄԻ ՄԱՀԸ

Յակոբ կաթողիկոս դեռ քանի մը ամիս առաջ աթոռ բարձրացած էր, եւ բարեգուշակ պարագայով մը կը սկսէր իր հայրապետութիւնը: Հեթում արդէն շատ յոգնած, եւ վերջին արկածներէն աւելի եւս զգածուած, հազիւ թէ զԼեւոն յինքն առեալ, անմիջապէս զհայրապետն յառաջ կոչեալ, այն որ Յակոբ էր անուանեալ, կ՚առաջարկէր եւ կը ստիպէր, որ ինքն բոլորովին գործէ քաշուի, եւ թագաժառանգը թագաւոր լիցի օծեալ, ինչ որ սակայն Լեւոն, թէեւ բազում անգամ արկեալ, չընդունեցաւ եւ բնաւին յանձն չառեալ մերժեց (ՎԱՀ. 229): Կաթողիկոսին ալ հնար չէր կատարել այնպիսի առաջարկ մը, որ ազգը կրնար զրկել կարող եւ փորձառու վեհապետի մը հովանաւորութենէն: Սակայն Հեթում Ապաղայի այցելութեան եւ շնորհակալութեան երթալու պատրուակով Կիլիկիայէ մեկնեցաւ դէպի Դավրէժ, ուր կը գտնուէր Թաթար խանը, եւ Լեւոնի հարկ եղաւ թագաւորութեան գործերը ստանձնել, եթէ ոչ թագաւորի անունը: Հեթումի դառնալէն ետքը նորէն կը կրկնուէին հրաժարելու առաջարկները, բայց այս անգամ ալ պատշաճ զատուեցաւ, որ Լեւոն ինքն ալ Ապաղայի մօտ երթայ, թէ շնորհակալութիւն յայտնելու եւ թէ իբր ապագայ թագաւոր հայոց, անոր հետ անձնապէս բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատելու, եւ այսպէս 1269-ին Լեւոն ալ Կիլիկիայէ մեկնեցաւ, եւ երկրին կառավարութիւնը Հեթումի ձեռքը մնաց: Միայն Լեւոնի վերադառնալէն ետքն է, որ Հեթում վերջնականապէս ձեռք քաշեց թագաւորական եւ աշխարհական գործերէն, եւ հրաժարեալ ի շքոյ կենցաղոյս եմուտ ի կրօնս (ՀԵԹ. 52), եւ մեծաւ զղջմամբ կրօնաւոր եղեալ Մակար անուանեցաւ (ՍԱՄ. 151): Որչափ ալ Հեթում կրօնաւորի սքեմ հագնելով եւ անունն ալ փոխելով իսպառ հրաժարած եղաւ թագաւորութենէ, սակայն Լեւոն ոչ մի կերպով յանձնառու չեղաւ թագն ու անունը ստանձնել, այլ պարզապէս Աւագ պարոն անունով սկսաւ վարել թագաւորական իշխանութիւնը, իբրեւ խնամակալ կամ տեղակալ արքունական գահին: Հեթումի առանձնացած տեղը Ակների վանքն էր (ՍԻՍ. 154), Հեթումի աներոջ մեծին Լեւոնի ծաղկեցուցած սրբավայրը 1096), ուսկից կը յայտնուի, թէ պարզ հայկական վանականութիւնն էր Հեթում Առաջինի զմիանձանց կարգ ընկալեալ (ՎԱՀ. 227) կրօնաւորիլը: Կարծես թէ նախազգացութեամբ մը Հեթում մօտալուտ տեսած էր իր վախճանը, զի վանք առանձնանալէն յետ սակաւ ժամանակի հանգեաւ խաղաղութեամբ յամին 1270, ինչպէս կը գրէ Հեթում պատմիչը (ՀԵԹ. 52), եւ կը ձայնակցին թուականին մասին Սմբատ ալ (ՍՄԲ. 125), Անեցիին շարունակողն ալ (ՍԱՄ. 151), թէպէտ Յայսմաւուրքը 1271 կը դնէ: Օրուան մասին ալ Յայսմաւուրքը մայիս 22, չորեքշաբթի կ՚ըսէ (ՅԱՍ. Ա. 229), զոր ուրիշներ հոկտեմբեր 25-ին (ԹՈՐ. Բ. 382) կը դնեն. ոմանք ալ, ինչպէս եւ Յայսմաւուրքը ուրիշ տեղ (ՅԱՍ. Բ. 209) հոկտեմբեր 28-ին նշանակեն կրօնաւորիլն ալ միայն ութն օր առաջ հոկտեմբեր 20-ին հաշուելով (ՍԻՍ. 555), որ շատ չյարմարիր պատմիչին յետ սակաւ ժամանակի բացատրութեան: Այդ վերջին թուականները ստուգելու միջոցներ չունինք, սակայն, թէ' 1270-ին եւ թէ' 1271-ին մայիս 22-ը չորեքշաբթիի չիյնար, այլ 1270-ին Համբարձման հինգշաբթի օրն է, եւ 1271-ին Հոգեգալուստին նախընթաց ուրբաթին կը հանդիպի, նոյնպէս 1270 հոկտեմբեր 28-ն ալ երեքշաբթիի կ՚իյնայ: Ուստի մահուան օրը ճշդելը նոր հետազօտութեանց թողլով, իբր հաւանական կ՚ընդունինք 1270 մայիսին կրօնաւորիլը, եւ հոկտեմբերին վախճանիլը: Իսկ թաղումը եղաւ Դրազարկի վանքը արքայական դամբարաններուն կարգը, ուր օրհնութեամբ երգով բարձեալ բերին (ՎԱՀ. 227), եւ մեծահանդէս յուղարկաւորութիւն կատարեցին: Հեթում Զապելի հետ ամուսնանալով 1226-ին թագաւորութեան բարձրացած էր 1105), որով 45 ամբողջ տարիներ իշխանութիւն վարեց, եւ պարզ գրչագիրի սխալ պիտի ըսուի տեղ մը զամս հնգետասան թագաւորեաց` գրուած ըլլալը (ՀԵԹ. 52): Յակոբ կաթողիկոս` որ քիչ առաջ Լեւոնի գերեդարձին նախագահած էր, Հեթումի մահուան տխուր յուղարկաւորութիւնը պարտաւորուեցաւ կատարել, որ տարաժամ նկատուեցաւ, զի հակառակ երկարատեւ իշխանութեան, տակաւին 58 տարեկան էր Հեթում, եւ դեռ կրնար երկրին բարօրութեան ծառայել:

1156. ԼԵՒՈՆԻ ՕԾՈՒՄԸ

Բոլոր պարագաներով կշռելով, անտեղի չէր արքայորդի Լեւոնին անմխիթար տխրութիւնը, որ այնքան սուգ առեալ, մինչ մահու չափ հիւանդացեալ, չէր հաւաներ առժամեայն թագաւորել, այլ զերիս ամիսս սուգ առեալ, տկար անձամբ եւ վշտացեալ օրեր կ՚անցընէր, ընդդիմանալով իւրայնոց ալ` որոնք թագադրութեան եւ օծման փութացումը կը պահանջէին, նոյնիսկ պետական գործոց կանոնաւորութեան եւ արտաքնոց առջեւ ազդեցութեան համար: Երբոր ամէն կողմէ թախանձանքներ կը շատնային, նմանօրինակ յորդորներ կը յղէին նաեւ Փնտուխտար որ յԵգիպտոս սուլտան կացեալ, եւ Ապաղա որ խանն էր անուանեալ, եւս եւ Միքայէլ Պալէոլոգ, որ 1261-ին յունական կայսրութիւնը վերանորոգած էր Կոստանդնուպոլսոյ մէջ` Լատիններ հեռացնելով: Վերջապէս Լեւոնի դժկամակութիւնը յաղթուեցաւ, եւ Յակոբ կաթողիկոս գլուխ կանգնեցաւ հասարակաց բաղձանքին կատարման, եւ զբովանդակ Հայք ժողովեալ, եւ զեկեղեցւոյն լրութիւն բերեալ հաւաքեց Տարսոնի մէջ, եւ անդանօր զնա օծեալ, արքունի գահին վրայ նստեցուց Ռուբինեան հարստութեան երրորդ թագաւորը` Լեւոնէ եւ Հեթումէ ետքը (ՎԱՀ. 228), ինքն ալ բախտակից ըլլալով Գրիգոր Ապիրատի 1064) եւ Կոստանդին Բարձրբերդցիի 1105) զգացած մխիթարութեան: Լեւոնի օծման օրը կը նշանակուի 1271 յունուար 6 (ՍԻՍ. 270), եւ եթէ զերիս ամիսս սուգ բռնած ըլլալը հաշուի առնենք, կը հաստատուի Հեթումի նախընթաց հոկտեմբերին վախճանած ըլլալը: Միանգամայն կրնայ արդարանալ պատմագիրներուն 720 Հայոց թուական յիշելն ալ (ՍՄԲ. 125. ՍԱՄ. 152), զի եօթն օր ետքը 1271 յունուար 13-ին կը սկսէր Հայոց ամանօրը լատինական կաղանդէն շատ քիչ տարբերութեամբ: Լեւոն Հեթումեան նոր պատմութեանց մէջ երբեմն Բ եւ երբեմն Գ թուահամարով կը կոչուի: Հիները չունէին համանունները թուահամարով որոշելու սովորութիւնը, եւ նոր պատմութիւն գրողներ սկսան պատշաճեցնել զայն հիներուն վրայ: Ռուբինեանց մէջ երրորդ Լեւոն էր Հեթումեանը, Կոստանդինեանէն 934) եւ Ստեփանեանէն 1019) ետքը, եւ այդպէս ալ Լեւոն Գ անունով կոչեցին առաջինները (ՉԱՄ. յաւ. 85), այլ վերջէն նորեր Կոստանդինեանէն լոկ իշխանապետ եւ Ստեփանեանին առաջին թագաւոր ըլլալը նկատողութեան առնելով, Լեւոն Բ կոչեցին Հեթումեանը (ՍԻՍ. 555), թէպէտ եւ ուրիշ տեղ ալ զանց չեն ըրած Լեւոն Ա կոչել Կոստանդինեանը (ՍԻՍ. 45): Մեզի լաւագոյն կ՚երեւի Կոստանդինեանը թուահամարէ չհանել, եւ Լեւոն Գ կոչել Հեթումեանը, եւ այսպէս շարունակել յաջորդ Լեւոնները: Լեւոն Գ ալ ոչ նուազ նշանաւոր եղաւ իր գործունէութեամբ, քան Լեւոն Բ Ստեփանեան առաջին թագակալը, եւ որչափ ալ իրեն մտերիմն ըլլայ իր գովաբան Վահրամ Րաբունին, սակայն պատմած իրողութիւնները ճշմարիտ արդիւնքներ կը պարունակեն (ՎԱՀ. 229-230), զոր համառօտելով կը կրկնէ տարեգրողը, թէ էր այր հեզ եւ երկայնամիտ եւ ժուժկալ, քաղցրատեսիլ եւ պարկեշտ, ողորմած եւ ունկնդիր բողոքելոց, սիրէր զեկեղեցիս, զվանօրայս եւ զեկեղեցականս: Եւ իբրեւ յատուկ արդիւնք կը յիշուի թէ Մեծքարի վանքը տուն կարգեաց վարդապետաց վասն վարժելոյ զմանկունս (ՍԱՄ. 152), կամ ուրիշ բացատրութեամբ, նոր վարդապետանոց կամ դպրեվանք մը հիմնարկեց Մեծքարի մէջ, ինչ որ կանուխէն ըրած մի գործը պիտի ըլլայ, վասնզի Յակոբ անոր առաջնորդն էր եղած կաթողիկոսութենէ առաջ 1152): Հարկաւ այդ վերջին կարգադրութեանը համար իրեն թելադրող եղաւ ուսումնասէր եւ ուսումնական կաթողիկոսը: Դիտուած, է որ մեզի հասած գրչագիրներէն շատեր այդ միջոցին կը պատկանին, եւ հին յիշատակներն ալ կը նշանակեն գիրքերու օրինակներ շատցնելու եւ ամէն կողմ, մինչեւ իսկ Իտալիոյ Հայ գաղթականութեանց (ՀԱՅ. 485) տրուելու համար Լեւոնի եւ Յակոբի համամիտ ջանքերը, որ հաւասարապէս պատիւ կը բերեն Գրասէր թագաւորին եւ Գիտնական կաթողիկոսին (ՍԻՍ. 519):

1157. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Լեւոն Գ բաւական դժուար կացութեան ներքեւ կը գտնուէր, քաղաքագիտական տեսակէտէն երեք տարբեր եւ ներհակ ազդեցութեանց ներքեւ ճնշուելով: Եգիպտացիք յայտնի թշնամիներ էին, եւ լատին քրիստոնեայ իշխանութիւնները Ասորիքէ բնաջինջ ընելու աշխատած ատեննին` աչքէ չէին վրիպեցներ Հայերն ալ, որ քրիստոնեայ ու Լատիններու հետ յարաբերութեան մէջ էին, եւ անոնց ձեռքին ներքեւ կը նկատուէին` Լեւոն Բ-ի օրէն հաստատուած աւատական եւ գերիշխանական դրութեան զօրութեամբ 1055): Բայց միւս կողմէն բարեկամական դաշնագրութիւն մը կնքուած էր Փնտուխտարի եւ Հեթումի միջեւ, եւ անով միայն կրցած էր Լեւոն գերութենէ ազատուիլ եւ իշխանութեան անցնիլ 1154), եւ չէր կրնար երբեք զայն մոռացութեան տալ: Միւս կողմէն Թաթարներու եւ Հայերու միջեւ կանխաւ հաստատուած բարեկամութիւն եւ դաշնակցութիւն մը կար, որ նորոգուած ալ էր նոյնիսկ Լեւոնի ազատութենէն եւ Եգիպտացիներու հետ հաշտութիւն եւ բարեկամութիւն կնքելէ ետքը: Սակայն Թաթարներ միշտ թշնամի մնացած էին Եգիպտացիներու, եւ Հայերն ալ իրենց նիզակակից գիտնալով, զանոնք հրաւիրած էին զինուիլ 1269-ին, երբ Ապաղա խան Եգիպտացիներու հետ պատերազմը նորոգել կը մտածէր (ՍԻՍ. 555): Լատիններ միշտ ինքզինքնին Հայերուն վրայ գերիշխան կը ճանչնային Լեւոն Բ-ի թագադրութեան առթիւ ստացուած իրաւունքով, եւ իրենց կէտ նպատակի ունենալով Երուսաղէմի ազատութիւնը եւ իսլամ տիրապետութեան արեւելքէն, գոնէ Պաղեստինէն եւ Ասորիքէն հեռացուիլը: Միշտ կը մտածէին խաչակրութիւնները նորոգել, եւ իբր քրիստոնեայ բանակին յառաջամարտիկ եւ օգնական կը նկատէին Հայոց Կիլիկեան թագաւորութիւնը: Հայերէն ալ կը պահանջէին Եգիպտացիներու դէմ պատերազմի ելլել, բնաւ կարեւորութիւն չտալով Հեթումի կնքած հայ-եգիպտական դաշնագրութեան, զոր վնասակար եւ անիրաւ կը դատէին (ԿԱԼ. 394), եւ այս տեսութեամբ պապը զայն իբր չեղեալ, եւ Հայերն ալ անոր պահպանութեան պատրաստութենէն ազատ կը նկատէր: Եգիպտացիներ թէ՛ Թաթարներէն եւ թէ՛ Լատիններէն հաւասարապէս թշնամի նկատուած ատեն, անուղղակի բարեկամութիւն մը կը ծագէր այս վերջիններուն միջեւ, շահի նոյնութեան տեսակէտէն, թէպէտ շատ հեռու էին կրօնի եւ ազգի, կրթութեան եւ նպատակի տեսակէտով: Յոյներ այդ միջոցին առանձինն ուղղութիւն չունէին: Միքայէլ Ը Պալէոլոգ, որ յաջողած էր կայսերական գահը գրաւել 1260-ին Յովհաննէս Դ Լասկարիս մանուկ կայսրը կուրացնելով, եւ յաջորդ տարին ալ Նիկիայէ Կոստանդնուպոլիս փոխադրուած էր, Բաղդովինոս Բ լատին կայսրը հալածելով բոլոր մտադրութիւնը` դարձուցած էր հաշտարար յարաբերութիւններով իր դիրքը ամրացնել, եւ այս նպատակով Հռոմի հետ ալ միաբանութեան բանակցութիւններու սկսած էր, որպէսզի Լատիններու գրգռութեան առջեւն առնէ, եւ այլեւս Կոստանդնուպոլսոյ կայսրութեան վրայ աչք չդարձնեն: Ըստ այսմ յունական ուղղութիւնը կերպով մը լատինականին կը խառնուէր, եւ Լեւոնի եւ Հայերու համար չորրորդ տեսակէտ մը չէր կազմեր:

1158. ԼՈՒԳԴՈՒՆԻ ԺՈՂՈՎԸ

Լուդովիկոս Թ Գաղղիոյ թագաւորը, 1248-ին փորձած խաչակրութեան ձախողելէն ետքը 1131), Սուրբ Տեղեաց ազատութեան խորհուրդը չէր լքած, ուստի նոր խաչակրութիւն մըն ալ ձեռնարկեց 1270-ին, որ ութերորդն ու վերջինը եղաւ: Այս անգամ ալ արշաւանքը Թունուզէն սկսաւ, բայց ժանտախտի բռնուելով մեռաւ օգոստոս 25-ին, քաղաքին պաշարման ատեն, եւ խաչակրութիւնը ապարդիւն մնաց: Սակայն Սուրբ Տեղեաց խնդիրը դեռ արեւմտեան երեւակայութիւնները կը բորբոքէր: Գրիգոր Ժ պապ 1271-ին աթոռ բարձրանալով, սկսաւ մեծ եռանդով նոյն նպատակին հետեւիլ, եւ 1273-ին մեծ ժողով մը հրաւիրեց Լուգդունի մէջ գումարուելիք, որուն մէջ պիտի յուզուէին Արեւմուտքին եկեղեցական բարեկարգութեան խնդիրներէն զատ, Յոյն եւ Լատին եկեղեցիներու միաբանութեան, եւ Սուրբ Տեղեաց ազատութեան հարցերը: Գրիգոր պապ ամբողջ արեւելքն ալ այդ ժողովին հրաւիրեց, ուր Յոյն կայսրութեան եւ Յունական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներէն զատ` կ՚ուզէր որ գտնուէին Հայոց թագաւորն ու կաթողիկոսն ալ, որոնց առանձինն առանձինն գրեց (ԿԱԼ. 397), եւ մինչեւ իսկ Թաթարաց խանին հրաւիրագիր ուղղեց: Լուգդունի Բ-րդ ժողովը, որ Լատիններուն ԺԴ տիեզերական կը սեպուի, բացուած է 1274 մայիս 7-ին պապին նախագահութեամբ եւ 500 եպիսկոպոսներու եւ 1000 վանահայրերու եւ վարդապետներու ներկայութեամբ, եւ Սպանիոյ ու Գաղղիոյ թագաւորներուն եւ Յունաց կայսեր եւ Թաթարաց խանին պատգամաւորներուն մասնակցութեամբ: Առաջին նիստին մէջ որոշուեցաւ եկեղեցական հասոյթներուն տասանորդը վեց տարի շարունակ Սուրբ Տեղեաց ազատութեան գործածել: Մայիս 18-ի յունիս 7-ի նիստերը լատինական բարեկարգութիւններով զբաղեցան: Յունիս 29-ի տօնախմբութիւնը եւ յուլիս 6-ի նիստը Յունաց հետ միաբանութեան կէտերը որոշելու եւ հռչակելու անցան: Յուլիս 6-ին Թաթարաց խանին պատգամաւորներէն մէկը մկրտուեցաւ, եւ վերջապէս նոյեմբեր 1-ին հանդիսաւոր փակումը տեղի ունեցաւ: Այդ մանրամասնութիւնները յիշելով նպատակնիս է դիտել տալ, թէ ժողովական գործերու մէջ (ՊԵԼ. Ա. 1194-1202) բնաւ Հայերու անունը յիշուած չէ, եւ չենք գիտեր, թէ ուստի քաղուած է Լեւոնի պատգամաւորներուն Լուգդունի ժողովին գտնուիլը (ՍԻՍ. 555), զոր ոչ ոք, նոյնիսկ Կալանոս ալ (ԿԱԼ. 397) չյիշեր, եւ ուրիշներ ալ գրած են, թէ Հայոց կողմէ զինչ պատահեալ իցէ, ոչ գիտեմք (ՉԱՄ. Գ. 271): Բայց եթէ ընդունինք ալ, թէ Լեւոնի արքունի պատգամաւորները Կիլիկիայէ Լուգդուն գացած ըլլան, յայտնի կը վկայուի, թէ Հայեր լոկ քաղաքական գործունէութիւն մը նկատած են Լուգդունի ժողովը, եւ եկեղեցական կերպով չեն մասնակցած եւ եկեղեցական կարեւորութիւն չեն տուած: Այս տեղ հնար չէ առանց դիտողութեան անցընել Յակոբ Բ. կաթողիկոսի զգուշաւոր եւ ճարտար ընթացքը, որ հեռուէն զննելով Լատիններուն եւ Յոյներուն միջեւ մշակուած միաբանական յարաբերութիւնները, եւ տեսնելով Միքայէլ Պալէոլոգ կայսեր համարձակ կերպով Լատիններուն մօտենալը, խոհականութիւն սեպած է լռութեամբ անցընել պապական հրաւէրը, ոչ պատասխանել եւ ոչ պատուիրակ ղրկել, եւ ոչ ալ ժողովին մասնակցիլ, եւ այսպէս անցընել պարագաներու ստիպողականութիւնը եւ հարկեցուցիչ բռնադատութիւնները, որոնց Յոյներն ալ գլուխ ծռել կը պարտաւորուէին, վերահաս վտանգներէ զերծ մնալու համար: Նոյն եղած է Լեւոնի ալ ընթացքը, որ ըստ ամենայն հաւանականութեան համաձայնած է հայրապետին` ներկայացուցիչ չղրկելու մասին, բայց եթէ ինքը ղրկած ալ ըլլայ, առանձինն եւ լոկ քաղաքականապէս մասնակցելով, խուսափած է եկեղեցական միութեան վտանգէն, եւ ազատ եւ անխառն պահած է հայադաւանութեան սկզբունքը: Այս եղած է Յակոբի եւ Լեւոնի օրերուն տիրող ուղղութիւնը:

1159. ՕՐԲԵԼԵԱՆՔ ԵՒ ՏԱՐՍԱՅԻՃ

Պատմած ենք Սմբատ Օրբելեանի Թաթարաց հովանաւորութեան ներքեւ Սիւնեաց նահանգին վրայ իշխանութիւն վարելը 1132): Սմբատի եղբայրներէն մեռած էին Իւանէ եւ Ելիկում, մէյմէկ զաւակներ թողլով, Բուրթէլ Իւանեան եւ Լիպարիտ Ելիկումեան, Փախրադուլ ալ վաղամեռիկ եղած էր անորդի, Բուրթէլ ալ 1261-ի պատերազմին սպանուած էր, Լիպարիտ շատ պզտիկ էր, եւ մնայր Սմբատայ օգնական` միայն կրտսեր եղբայրն իւր Տարսայիճ, որ ամուսնացած էր արաբացի իշխանի մը Արուզ կամ Արուսեակ աղջկան հետ, որ եղեւ Քրիստոնեայ եւ երեւելի հաւատով եւ երկիւղած յԱստուծոյ: Տարսայիճի զաւակներն եղան Ելիկում, Ստեփանոս եւ Փախրադուլ (ՕՐԲ. Բ. 162), որոնցմէ Ստեփանոսը, Սմբատ որդիացուցեալ ինքեան, տայ յուսումն գրոց եւ ի հրահանգս քահանայութեան (ՕՐԲ. Բ. 166), եւ սա է Ստեփանոս Օրբելեան, արքեպիսկոպոս եւ պատմիչ Սիւնեաց: Սմբատ հաւասարապէս սիրելի էր Հուլաւուն եւ Ապաղա խաներուն, ստէպ անոնց մօտ կը գտնուէր, եւ այդ այցելութիւններէն միոյն ատեն վախճանեցաւ Դավրէժի մէջ, իր մօտ ունենալով վերջին պահուն Շալուէ վարդապետ մը (ՕՐԲ. Բ. 166), իսկ մարմինը փոխադրուեցաւ ու թաղուեցաւ Նորավանքի մէջ 1273-ին (ՕՐԲ. Բ. 167), եւ անորդի ըլլալուն իշխանութիւնը անցաւ Տարսայիճ եղբօրը: Սմբատի նշանաւոր գործերէն մին կը սեպուի, ոչ միայն Թաթարներուն, այլ նոյնիսկ Վրաց Դաւիթ թագաւորին, Գէորգ Լաշայի որդւոյն ալ համակրութիւնը գրաւած ըլլալը, որով կրցաւ աւրել ու ջնջել տալ այն նզովիւք անժառանգութիւնը, որ Գորգի թագաւորին օրով դրուած էր Վրացի Օրբելեանց ազգատոհմին վրայ 1021): Գալով Տարսայիճի, շատ յաջող ու փառաւոր եղաւ անոր իշխանութիւնն ալ: Այր ուժեղ եւ սրտեայ եւ պատերազմող, եւ հասակաւ ահարկու, որ ամէն պատերազմներու մէջ անպարտելի զօրութիւնս ցուցանէր, եւ ինն անգամ վարեալ անձամբ զպատերազմ, թէ' հիւսիսային ասպատակներու, թէ' Հոռոմոց Թուրքերու եւ թէ' Ասորիքի Եգիպտացիներու դէմ յաղթական եղած էր` Թաթարաց հետ միատեղ պատերազմելով, որոնցմէ ոսկի բալիշ պարգեւին ալ արժանացած էր, զի այն իսկ էր յաղթութեան պատիւն (ՕՐԲ. Բ. 170): Ուրիշ տեղ ալ յիշեցինք թէ բալիշը տափարակաձեւ եւ շատ մեծ ոսկի մետալ մըն էր, թիզ մը տրամագիծով եւ լիտր մը կշիռով 1148): Տարսայիճի յաջողութեանց ստուերած բերող պարագայ մը եղաւ, որ առ կենօք առաջին ամուսնոյն, Խաչէնի նահատակ իշխանին Հասան-Ջալալի աղջիկը ու Աթաբէգ իշխանին քոյրը` Մինա խաթունը առնոյր ի կնութեան, ընդ որ ոչ հաճեցան օրէնք եւ վարդապետք եկեղեցւոյ (ՕՐԲ. Բ. 170): Օրբելեան այսչափով կը փակէ իր հօր կրկնամուսնութեան մեղադրանքը, առանց բացատրելու թէ ինչ պատճառանք յարմարցուց նա իր գործին, եւ թէ ինչ եղաւ Արուզ խաթունին վիճակը, ու երբ անոր վախճանը: Ընդհակառակն երկարօրէն կը յիշատակէ Տարսայիճի ազդեցութիւնն ու բարութիւնը, որ զաթաբեգութիւն աշխարհիս Հայոց ձեռք անցնելով, բազում դիւրութիւն եւ ողորմութիւն առնէր նեղեալ ազգիս Հայոց, 150 եւ աւելի եկեղեցիներ ու վանքեր` տուրքերէ կ՚ազատէր, եւ իբր ողորմած եւ գթած այնչափ հռչակ հանած էր, որ Նետիս գիւղի մէջ, խաչ կանգնէին եւ անուամբ նորա կոչէին (ՕՐԲ. Բ. 173): Երեւի թէ Արուզի մահուամբ ապօրինութիւնը դադրած եւ կրկնամուսնութիւնը շուտով երկրորդ ամուսնութեան կերպարան առած է, որ ժողովրդական գայթակղութիւնը չէ զօրացած:

1160. ԵԳԻՊՏԱՑՒՈՑ ԱՐՇԱՒԱՆՔԸ

Երբոր փոքրիշատէ հանդարտ էր Հայաստան, հանդարտութիւն չունէր Կիլիկիա, հարաւէն Եգիպտացիներէն եւ հիւսիսէն Սելճուքներէն յարձակումներ կրելով: Սիսի 1266-ի աւերումէն ետքը 1142), հետզհետէ նորոգութիւններ կատարուած էին քաղաքին մէջ` եւ գրեթէ քաղաքն ու եկեղեցիներ իրենց առաջին պայծառութիւնը կը վերստանային, երբ 9 տարի ետքը 1275-ին` աւերածը նորոգուեցաւ: Հայ-եգիպտական հաշտութիւնը, զոր կնքած էին Հեթում եւ Փնտուխտար 1268-ին 1154), եւ որ բռնադատեալ գործ մը եղած էր, իբր Լեւոնի ազատութեան միակ պայման, գրեթէ մեռեալ տառ մնացած էր, հակառակ շահերու բաղխումին առջեւ 1157): Եգիպտացիք չէին կրնար զայն անտեսել, եւ հաշտ աչքով չէին տեսներ Հայերուն` մէկ կողմէ Թաթարներուն եւ միւս կողմէ Լատիններուն մօտենալը, ուստի հաշտութիւնը եղծուած սեպելով, որոշեցին արշաւել Կիլիկիա: Վահրամ Եգիպտոսի սուլտանը կը մեղադրէ, թէ իւր երդմանն ստունգանեալ, եւ ոչ նախկին ազդ պարեալ, այլ թաքնաբար ասպատակեալ Կիլիկիոյ վրայ յարձակած ըլլայ, ինքն ալ անձամբն զհետ եղեալ (ՎԱՀ. 231): Իրօք ալ Փնտուխտար ինքն 1275 փետրուար 1-ին Եգիպտոսէ մեկնելով, մարտին մէջ Կիլիկիա հասաւ իր գունդերով (ՍԻՍ. 555), որոնք գիւղեր եւ քաղաքներ այրեցին, շատ մարդիկ կոտորեցին, Մամեստիոյ մեծ կամուրջը կործանեցին (ՍԱՄ. 152), Տարսոնի տաճարը քանդեցին (ՎԱՀ. 232), եւ Սիս ալ մտան, եկեղեցի եւ ապարանք աւերեցին, եւ Լեւոն չկրցաւ անոնց դիմադրել: Միայն Սիսի բերդը չգրաւուեցաւ, որուն պաշտպանութեան գլուխ կանգնած էր երէց մի, դժբախտաբար անունը անյիշատակ մնացած, որ թշնամիներուն գլխաւորը, զմի ի սուլտանեացն սատակեաց, եւ յարձակողներէն այլքն պերճանդամ գնացին ու հեռացան, թէպէտ ինքն քաջարի երէցն ալ անդէն նահատակեցաւ (ՀԱՅ. 481): Եգիպտացիք աւելի արշաւանքի եւ ասպատակի ձեւով կը պատերազմէին, ուստի միւս տարւոյն 1276-ի սկիզբը նորէն Կիլիկիա եկան, բայց այս անգամ Լեւոն պատրաստ գտնուեցաւ դիմադրութեան, իր հօրեղբօրն Սմբատ սպարապետի հրամանատարութեամբ, որ Սարուանդիքարի ճակատամարտին մէջ թշնամիները հալածելէն ետքը (ՍԻՍ. 210), դառնալու ատեն երիվարն հարեալ զնա ընդ ժառոյ միոջ չարաչար վիրաւորուեցաւ մահացու հարուածով, եւ հազիւ թէ Սիս հասաւ, սկսաւ ինչ ապրեալ վախճանեցաւ մարտ 6-ին, 70 տարեկան հասակին մէջ, որ յոյժ ծերացեալ ըսուելու չափ չէ (ՀԱՅ. 481): Միեւնոյն միջոցին Թաթարներ վերջին հարուածը կու տային Սելճուք Թուրքերուն` Ռումի կամ Հոռոմ ըսուած սուլտանութեան, եւ պաշտպան կը կանգնէին Հայերուն, մինչեւ իսկ Թուրքերուն գաւառները անոնց յանձնելու չափ, եթէ Լեւոն իմաստուն եւ խոհական մտածմունքով հրաժարած չըլլար ընդունիլ, Ապաղայէ խնդրելով միայն վասն ազատութեան սուրբ երկրին աշխատիլ (ՀԵԹ. 54): Ասով Եգիպտացւոց ոյժն ալ կոտրած պիտի ըլլար եւ Լեւոն ալ ապահովութիւն պիտի ստանար: Վահրամ կը գրէ, թէ սուլտանն զայս լուեալ` որ յԵգիպտոս լինէր տիրեալ, յարքայն Լեւոն պատգամ յղեալ, երդումն եւ սէր ընդ առ եդեալ (ՎԱՀ. 234): Սակայն Թաթարաց բարեկամութիւնը արգելք եղած պիտի ըլլայ անմիջապէս Եգիպտացւոց հետ հաշտութիւն կնքելու, զի Լեւոն 1277-ին Թաթարաց հետ կը գտնուի Բերիոյ պատերազմին մէջ, 1279-ին Եգիպտացւոց դէմ կը պաշտպանէ Հռոմկլայի բերդը, 1280-ին Թաթարներու օգնութեամբ յաղթութիւն կը տանի Հոմսի կամ Եմեսիոյ ճակատամարտին մէջ, բայց Եգիպտացիներ կրկին կը զօրանան (ՀԵԹ. 55) եւ վերջապէս հայեգիպտական դաշնագրութիւն մը կը հաստատուի 1282-ին (ՍԻՍ. 556):

1161. ՅԱԿՈԲԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Յակոբ կաթողիկոսի հայրապետական գործունէութենէն մանրամասնութիւններ կը պակսին պատմութեանց մէջ, թէ վերեւ յիշուած միջոցին համար` Լուգդունի ժողովէն մինչեւ հայեգիպտական դաշնագրութիւնը, եւ թէ անկէ մինչեւ իր մահը, ընդամէնն 13 տարիներու միջոցին: Գիտնալով Յակոբի վարչական եւ ուսումնական կարողութիւնները, չենք կրնար այդ դատարկութիւնը կամ տկարութեան կամ անփութութեան վերագրել, եւ եթէ պարզապէս պատմութեանց պակասութեան արդիւնք չէ, ստուգիւ խոհական ընթացքի մը հետեւանք է, որ շփոթ եւ փափուկ պարագաներու ներքեւ, սիրած է խնդիրներ չգրգռել եւ տարադէպ գործերու առիթ չտալ: Քաղաքականապէս անկայուն եւ անորոշ կացութեան նկարագիրը գծեցինք 1167), եկեղեցականապէս ալ ոչ նուազ փափուկ էր պարագան: Եգիպտական բարեկամութենէն վախնալով եւ լատինական բարեկամութենէն կասկածելով, երկուքին մէջ տարուբերեալ կը մնար Կիլիկեան թագաւորութիւնը, այնպէս որ եթէ բացարձակապէս Լատիններուն կրթնէր կրօնական եւ եկեղեցական ծանր պայմաններու ներքեւ պիտի իյնար, ինչպէս քիչ ետքը ճշմարտուեցաւ Հեթում Բ-ի օրով: Իսկ եթէ բացարձակապէս Եգիպտացիներուն կրթնէր, կը վախնար դարանակալ նենգութեան զոհ երթալ, ուստի միջասահման քաղաքականութեամբ, երկու կողմերն ալ գործածելով պիտի կարենար Կիլիկեան Հայութիւնը իր ազատութիւնը երաշխաւորել: Լեւոն այդ ճամբուն հետեւեցաւ, Յակոբ ալ զայն այդ ճամբուն մէջ քաջալերեց, եւ չուզեց ծանր խնդիրներ յուզել, եւ եկեղեցական խնդիրներ ստեղծել, եւ լաւ սեպեց աւելորդ վիճաբանութիւններէ խորշիլ, եւ բռնադատեալ զիջողութեանց առիթ չտալ: Յակոբի եւ Լեւոնի գործակցութեան միջոցը Հայ եկեղեցւոյ ինքնութիւնն եւ ուղղութիւնը անփոփոխ եւ հաստատուն պահելու շրջան մը եղաւ: Հեթում Առաջինի եւ Կոստանդին Առաջինի շրջանին վրայ, պահպանողական լռութեան առաւելութիւն մը կը գտնենք, որ իրօք վերջին մասն է Կիլիկիոյ պահպանողական շրջանին, վասն զի քիչ ետքը սկսաւ Հեթում Երկրորդի եւ Անաւարզեցիի թոյլ ու զիջողամիտ շրջանը, որ եթէ Հայ եկեղեցւոյ կերպարանը իսկապէս եւ տիրապէս չկրցաւ այլայլել, սակայն նախ լատինասէր, եւ ետքէն լատինազգի թագաւորներու օրով, լատինամիտ հայրապետներու գործունէութեան ալ ասպարէզ բացաւ: Այդ դիտողութիւններու հիմնուելով է, որ իրական եղելութեանց փաստերով իրարու հակասական չենք դատեր Յակոբ կաթողիկոսին` մէկ կողմէն առաւել կարողութեան եւ միւս կողմէն նուազ գործունէութեան եզրերը: Մեր այս տեսութեան իբր հաստատութիւն կը նկատենք նաեւ Անտիոքի յոյն պատրիարք Եւտիմէոսին դիմադրելը, որ Լատին պատրիարքներուն յարուցած պահանջին հետեւելով 1110), Հայոց կաթողիկոսին վրայ գերիշխանութիւն ունենալ կը ձգտէր, եւ յանդուգն ձեռնարկներու յաւակնելուն պատճառով` Լեւոնի ձեռքով կ՚աքսորուէր ալ (ՉԱՄ. Գ. 270): Պէտք է յիշել, որ Անտիոքի Լատիններու անցնելէն ետքը` յոյն պատրիարքներ երբեմն Կոստանդնուպոլիս 1000), բայց ստէպ Տարսոն կամ Կիլիկիոյ ուրիշ մէկ քաղաքի մէջ կը մնային:

1162. ԼԵՒՈՆ ՈՒ ՏԱԹԵՒ

Պատմական յիշատակութեանց պակասութեան մէկ պատճառ ալ մարթ է համարիլ խաղաղութեան տեւողութիւնը, որ 1282-ին հայեգիպտական դաշնագրութեան հետեւանքն եղաւ, եւ շարունակեց մինչեւ Լեւոն Գ-ի մահուան թուականը, ինչ որ նոյն թագաւորին ճարտար քաղաքականութեան արդիւնք պէտք է սեպուի: Լեւոն Եգիպտացւոց հետ խաղաղութիւնը հաստատելէն ետքը, սկսաւ իր մտադրութիւնը դարձնել Հայաստանի կողմը, եւ այնտեղի հետ յարաբերութեանց առիթներ ստեղծել, հարկաւ միեւնոյն դիտումներով, զորս իր մեծ հայրն Լեւոն Բ ալ ունեցած էր, Կիլիկեան թագաւորութիւնը Հայաստանի վրայ ալ տարածել: Առ այս բարեդէպ պատեհ սեպեց Տաթեւի արքեպիսկոպոս Հայրապետին իրեն այցելութեան գալը, երբ ծերութեան տարիքին մէջ Երուսաղէմի ուխտագնացութենէն կը դառնար: Լեւոնի կողմէն Տաթեւի սրբավայրին սահմանուած ընծաներ եղան, զգեստ սեղանոյն յարքունական մետաքսից, գործ Յունաց ճարտարաց աննման կիտուածօք, խաչ պատուական ի սպիտակափայլ եւ սառնատեսակ քարանց համակ կերպացեալ եւ պնդեալ յոսկում, այսինքն է խաչ ոսկեգործ եւ ադամանդազարդ, սկիհք պատուականք ի զուտ արծաթոյ, եւ այլ բազում ընծաներ: Յիշատակարանը 1282 թուական կը կրէ, զոր իւրովի ձեռամբ գրած է Լեւոն (ՕՐԲ. Բ. 181), եւ Օրբելեան զայն ամբողջապէս յառաջ կը բերէ, եւ կը յաւելու թէ զատկի օրուան պատարագները կարգեցան յիշատակ նմա (ՕՐԲ. Բ. 183): Այդ ընծայաբերութեան բոլոր պարագաները` բնիկ Հայոց թագաւորի մը յիշատակը կը նորոգեն Տաթեւի մէջ, եւ այս մեզ կը յորդորէ Լեւոնի գործին մէջ բարեպաշտութեան հետ, քաղաքական հեռաւոր տեսակէտ մըն ալ նկատել: Արտաքին պարագաներն ալ կրնային Լեւոնի այդ հեռաւոր նպատակը քաջալերել: Նոյն միջոցին էր որ Ապաղա խան, եւ եղբայրը Մանգոտան զօրավար` թունաւորուելով մեռած էին, եւ իշխանութեան բարձրացած էր Տանգոտար եղբայրնին, յաւուրս մանկութեան մկրտուած Նիկողայոս անունով, բայց վերջէն իսլամութիւնը ընդունած Մահումէտ կոչմամբ (ՀԵԹ. 56), թէպէտ աւելի ծանօթ է Ահմէտ անունովը (ՕՐԲ. Բ. 172. ՀԵԹ. 84): Ահմէտ մոլեռանդ նախանձայոյզ մը յայտնուեցաւ իր նոր կրօնքին մէջ, եւ նոյնիսկ Եգիպտացիներու հետ հաստատեաց դաշն եւ ուխտ խաղաղութեան, եւ ձեռնարկեց զամենայն քրիստոնեայս տէրութեան իւրոյ ստիպել ի սարակինոսութիւն, որ է իսլամութիւն, եւ մինչեւ իսկ համարձակեցաւ նոյնը առաջարկել Հայոց ու Վրաց թագաւորներուն (ՀԵԹ. 57): Բայց ներքին խռովութիւններ ծագեցան Թաթարներու արեւմտեան պետութեան մէջ: Արզուն` Ահմէտի եղբօրորդին, անոր դէմ ելաւ, եւ թէպէտ անգամ մը յաղթուեցաւ ու գերի ինկաւ, բայց հնարքով ազատեցաւ, եւ նորէն զօրացաւ ու Ահմէտը միջակտուր սպաննեց, եւ ինքը տիրացաւ իշխանութեան 1284-ին (ՀԵԹ. 58): Հայաստանի գաւառները յուզուեցան այդ ներքին շփոթութեանց երեսէն, եւ Լեւոն կրնար իրաւամբ հեռուէն դիտել Թաթարներու իշխանութեան տկարանալը եւ իր թագաւորութեան յաջողութիւն մը սպասել այդ երեսէն: Սոյն նպատակով էր անշուշտ, որ ինքն ալ նոյն տարին Եգիպտացւոց հետ խաղաղութեան դաշինքը կը նորոգէր (ՍԻՍ. 384): Սակայն իրական օգուտը քաղեց Դեմետրէ Վրաց թագաւորը, զոր սիրեաց Արղունն, եւ ետ նմա զամենայն աշխարհս Հայոց, եւ Դեմետրէ ալ Տարսայիճ Օրբելեանը պատուեց, եւ եդ աթաբեգ ի վերայ ամենայն տէրութեան իւրոյ մինչեւ ի Տփղիս եւ յԱնի եւ ի Կարս (ՕՐԲ. Բ. 173), ինչպէս անգամ մը յիշեցինք 1159):

1163. ՅԱԿՈԲԻ ՄԱՀԸ

Յակոբ արդէն կաթողիկոսութենէ առաջ գործունեայ դեր ունեցած էր, եւ հարկաւ երիտասարդ մը չէր` երբոր կաթողիկոսութեան բարձրացաւ, եւ 20 տարիէ ի վեր հայրապետական աթոռին վրայ կը պաշտօնավարէր: Հետեւաբար ծերացեալ տարիք ունէր, եւ աշխատութենէ ալ յօգնած, յուզմունքներով ալ սարսուած պիտի ըլլար, կրկին ծերութեամբ պատուեալ կոչուելու չափ (ՀԱՅ. 496), որով հասունացեալ մահ մը եղաւ իր վախճանը: Մահուանը մասին ոչ մի մանրամասնութիւն չունինք բայց Հռոմկլայի մէջ հանդիպած պիտի ըսենք, եւ հաւանաբար նոյն տեղ ալ թաղուած: Հայրապետանիստ դղեակին 1279-ին պաշարումը 1160), հարկաւ յուզեց ու նեղեց ծերունի կաթողիկոսը, սակայն թողած ու հեռացած ըլլալը գրուած չէ, եւ ենթադրելու հարկ չենք տեսներ: Մահուան թուականը 1286 գրուած է Սմբատի շարունակողէն (ՍՄԲ. 125), եւ Օրբելեան ալ 1280-էն հաշուելով յետ հինգ ամի կը դնէ, իր Սիւնիքէն մեկնիլը (ՕՐԲ. Բ. 174), որով 1286-ին սկիզբը կը ճշմարտուի Յակոբի մահը, որուն ճիշդ օրն ալ փետրուար 12 նշանակուած է (ՀԱՅ. 492): Ուրիշներ 1287 յաւուրս աղուհացից դրած են մահը (ՉԱՄ. Դ. 283), բայց ոչ իրենց աղբիւրն է յայտնի, եւ ոչ առաջին վկայութիւնները ջնջելու ոյժ ունի: Իսկ 1286 փետրուար 12 օրը, Առաջաւորի երկրորդ երեքշաբթիին, Սուքիասանց տօնին կը հանդիպի, եւ ոչ աղուհացից մէջ: Յակոբի անձին եւ կարողութեան 1153) եւ ուղղութեան վրայ 1161) բաւական խօսեցանք, հետեւաբար պէտք չենք տեսներ անդրադառնալ, եւ իրեն վրայ մեր տեսութիւններն ամփոփել: Իբր գրական արդիւնք ալ, թէպէտ զանազան լուծմունքներ գրած ըլլալը յիշուած է 1153), սակայն մեր ձեռքը իր գրական արժանիքին իբր նմոյշ միայն Երգեցէք շարականը հասած է, Աստուածածնայ ծննդեան ամբողջ կանոնը (ՇԱՐ. 5-10): Յակոբի ժամանակը հայ գրականութեան համար նշանաւոր շրջան մը եղած է, թէ գիրքերու բազմանալովը եւ ընտիր գրչագրութեան օրինակներ արտագրելովը, եւ թէ նոյն ժամանակին ծաղկած վարդապետներու եւ մատենագիրներու ընտիր խումբովը:

1164. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՕՐԲԵԼԵԱՆ

Յակոբի մահը տարաժամ պատահար մը կը լինէր Ստեփանոս Օրբելեանի, որ արքեպիսկոպոս ձեռնադրուելու համար Սիւնիքէն Կիլիկիա եկած ատեն, երբոր Սիս կը հասնէր, կաթողիկոսին վախճանած ըլլալը կը լսէր, եւ նոր ընտրութեան սպասելու կը պարտաւորուէր (ՕՐԲ. Բ. 227): Ստեփանոսի անունը տուած ենք արդէն, իբր Տարսայիճ Օրբելեանի որդի, եւ Սմբատ Օրբելեանի որդեգիր 1159), որ յարգանդէ մօր զինքն որոշեալ եւ ընծայեալ ի տուն Տեառն կ՚անուանէ, շատ պզտիկութենէ եկեղեցական ուսմանց արքեպիսկոպոսի խնամոց ներքեւ: Հետզհետէ յառաջացած էր եկեղեցական աստիճաններու մէջ, եւ փսաղտ եւ անագանոս ըլլալէ ետք, կոչուած էր ի դպրութիւն եւ ի սարկաւագութիւն, եւ վերջապէս քահանայացած (ՕՐԲ. Բ. 226), ինչ որ կատարուած է 1280-ին, ի գերափառ ուխտին Նորավանից, եւ աշխարհախումբ հանդիսիւ (ՕՐԲ. Բ. 174): Յիշուած աստիճանները կը հաւաստեն թէ տակաւին հինգ աստիճաններու դրութիւնը պահուած էր Հայոց եկեղեցւոյն մէջ, եւ մանաւանդ Հայաստանի բնիկ վիճակներու մէջ, թէպէտ եւ եօթնի բարձրացումը հարիւր տարի առաջ մուտ գտած ըլլալուն յիշատակութիւնը ըրինք 1020): Պատմութիւնը այդ մասին որոշ եղելութիւններ հասուցած չլինելուն, կը յորդորուինք ըսել, թէ փոփոխութիւնը վճռական կերպով չհրամայուեցաւ, այլ նախապէս Կիլիկիոյ մէջ հետզհետէ տարածուեցաւ, եւ շատ ուշ Հայաստանի մէջ ալ գործածուիլ սկսաւ: Դիտելու արժանի կը սեպենք նաեւ եկեղեցական կոչման տրուած յարգանքը, որով իշխանական տուներ պատիւ կը սեպէին իրենց մէջէն եկեղեցական մըն ալ ունենալ, եւ անով եկեղեցական պաշտօններն ալ իրենց ազգատոհմին սեփականել: Այդ սովորութիւնը միջին դարու մէջ ընդհանրացած էր Եւրոպիոյ աւատական ցեղերուն մէջ, որոնց զաւակներէն` առաջինը ազգատոհմին տանուտէրութեան, երկրորդը եկեղեցական կոչման, եւ երրորդը զինուորական ծառայութեան կը սահմանուէին սովորաբար: Ստեփանոսի վրայ դարձնելով խօսքերնիս, աւելցնենք թէ կուսակրօն քահանայութենէ ետքը շարունակած է վարժիլ ի կրթարանի աստուածեղէն տառից, որ է Տաթեւու վարդապետանոցը, ուսկից ետքը, կը գրէ, առի հրաման եւ նստայ յաթոռ վարդապետական, այսինքն է գաւազանի իշխանութիւն առած է յաստուածազգեաց եւ յաշխարհալոյս րաբունապետէն Ներսիսի (ՕՐԲ. Բ. 226), որ է Գլաձորեցի Ներսէս վարդապետը (ՀԱՅ. 492):

1165. ՍԻՒՆԵԱՑ ԱԹՈՌՆԵՐ

Սմբատ իշխան իւր եղբօրորդին եկեղեցականութեան նուիրած, եւ անոր դաստիարակութիւնը հոգացած ատեն, հարկաւ զայն ստորին աստիճանի մէջ թողլու նպատակ չունէր, եւ Տարսայիճ ալ իր որդւոյն համար տարբեր դիտում չէր կրնար ունենալ: Քահանայական ձեռնադրութենէն 5 տարի ետքը. այսինքն 1285-ին, որոշեց յղել զայն Կիլիկիա, առ մեծ կաթողիկոսն, տէր Հակոբ ի ձեռնադրութիւն եպիսկոպոսութեան (ՕՐԲ. Բ. 174): Այստեղ յայտնի ըսուած չէ, թէ Տաթեւի արքեպիսկոպոսական աթոռին պարապութեան առթիւ` յաջորդութեան համար էր ձեռնադրութիւնը, ինչպէս ոմանք կը մեկնեն (ՉԱՄ. Գ. 283), թէ ոչ պարզապէս եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ստացած ըլլալու նպատակով էր, ապագային աթոռի տէր ըլլալու համար: Օրբելեան ուրիշ տեղ կը գրէ, թէ ժողովեալ մերոց եպիսկոպոսաց առ հայրն իմ, հրաւիրեցին զիս առնուլ ձեռնադրութիւն մետրոպոլտութեան ի վերայ աթոռոյս Սիւնեաց (ՕՐԲ. Բ. 227), որ դատարկացեալ աթոռին յաջորդութիւն մեկնուած է, սակայն նոյն ինքն կը պատմէ, թէ իր ձեռնադրութենէ դառնալէն ետքը խանդացեալ եպիսկոպոսացն որ ի Տաթեւ, յոլով վիշտս հասուցին եկեղեցւոյ, եւ թէ մինչ ի վախճան իւրեանց երկոցունց, տէր Հայրապետին եւ տէր Յովհաննէսին, ոչ դադարեաց խաղմն եւ խռովութիւն (ՕՐԲ. Բ. 175): Իսկ այս երկուքը Տաթեւի աթոռին եպիսկոպոսքն են (ՕՐԲ. Բ. 248), որոնք կենդանի կ՚ենթադրուին իր ձեռնադրութենէ ետքն ալ: Մենք դիտելով որ մէկ կողմէն` ձեռանդրէն զՍտեփան մետրապոլիտ մեծ աթոռին Սիւնեաց (ՕՐԲ. Բ. 174) եւ միւս կողմէն նախորդ մետրապոլիտներ Հայրապետ եւ Յովհաննէս, կենդանի կը ցուցուին Ստեփանոսի ձեռնադրութենէն ետքն ալ (ՕՐԲ. Բ. 175), պիտի եզրակացնենք, թէ Տարսայիճ իշխան յաջողած էր իր որդւոյն ձեռնադրութիւնը ընդունելի ընել տալ եպիսկոպոսներուն, ոչ թէ իբր դատարկացեալ աթոռին մը յաջորդ, այլ Սիւնեաց բաժանեալ աթոռներուն վրայ գերագոյն գլուխ մը, ինչպէս որ իր կարգին ընդարձակօրէն պիտի բացատրենք: Իսկ Հայրապետի եւ Յովհաննէսի` մէջէն բուն եպիսկոպոսը որն էր երկար զննութեան պէտք չենք տեսներ, վասնզի ցուցակին մէջ Սողոմոն մըն ալ կը յիշուի, որ պատմութեան մէջ չյիշուիր, իբրեւ ի միասին (ՕՐԲ. Բ. 248) պաշտօն վարող, եւ կ՚երեւի թէ Հայրապետի ծերական ալեօք տկարացած ըլլալուն (ՕՐԲ. Բ. 181), եւ ուխտագնացութեանց պտտելուն պատճառով 1162), ատեն մը Սողոմոն անոր աթոռակից եղած է, եւ վերջէն ալ Յովհաննէս: Ստեփանոս` մեռած գտաւ կաթողիկոսը, եւ պարտք սեպեց թագաւորը տեսնել, եւ Ատանա քաղաքը երթալով անկէց մեծ պատիւ գտաւ ի վեր քան զարժանն, եւ ամիսս երիս թագաւորին մօտ մնաց (ՕՐԲ. Բ. 228), զոր պէտք չէ իբր տեւողութեան չափ առնել, այլ միայն 3 ամիսներէ մասեր, զի Յակոբ փետր. 12-ին վախճանած ըլլալով, Ստեփանոս ապրիլ 14-ին ձեռնադրուեցաւ, ճիշդ 60 օր ետքը:

1166. ՍՄԲԱՏ ԵՒ ՎԱՀՐԱՄ

Յակոբի օրով ծաղկած մատենագիրներուն սկիզբը կը սիրենք յիշել Սմբատ Գունտստապլը, իբր զի Գրիգոր Մագիստրոսէ 866) եւ Մխիթար Հերացիէ ետքը 1027), երրորդ աշխարհական հեղինակի անունն է, զոր կ՚արձանագրենք: Սմբատի գործունէութեան յիշատակները պատմութեանս կարգին յիշեցինք մինչեւ իր մահը 1160): Աւելի խօսուած երկասիրութիւնն է պատմութիւնը կամ Տարեգիրքը, ուստից շարունակ օգտուեցանք: Անկէ զատ ունի Անոիղք Անտիոքայ, եւ Ծաղկաքաղ Օրինագիրք գործերը, որոնք կը ցուցնեն, թէ ոչ միայն զէնքով ծառայեց իր ազգին իբր սպարապետ, այլ եւ գրիչով, իբր օրէնըսգէտ եւ վարչագէտ: Օրէնագիրքը կազմած է 1265-ին Գօշի դատաստանագիրքը եւ Լամբրոնացիի բիւզանդական օրինագիրքը կարգաւորելով եւ համառօտելով: Անոնցմէ զատ կը գտնուին նաեւ Սմբատէ մնացած թուղթեր ու յիշատակարաններ (ՀԻՆ. 774): Սմբատի ոճը աւելի ռամկականի մօտ է, իր միտքն ըլլալով հասարակ ժողովուրդին օգտակար ըլլալ: Եկեղեցական դասակարգէն յիշատակուելու արժանի է, Վահրամ Րաբունի, որ Լեւոն Բ-ի ատենադպիրն էր, եւ անոր խնդրանօք գրած է Ներսէս Շնորհալիի ոտանաւոր պատմագրութեան շարունակութիւնը 962), եւ 770 տողերով հասուցած է մինչեւ Լեւոնի վերջին պատերազմները 1160), միշտ առատացնելով անոր գովեստները: Պատմութենէն զատ զանազան ճառեր ալ կը վերագրուին նոյն Վահրամ վարդապետի (ՀԻՆ. 792), որ իր ինքնութեան վրայ ուրիշ տեղեկութիւն տուած չէ, եւ միայն Րաբունի մականունովը կը յիշուի:

1167. ՈՒՐԻՇ ՄԱՏԵՆԱԳԻՐՆԵՐ

Կիրակոս վարդապետ Արեւելցի, Գանձակեցիէն տարբեր 1146), թէպէտ աս ալ Գանձակեցի կը կարծուի, որուն գլխաւոր գործն եղած է Յայսմաւուրքի կարգադրութիւնը 1269-ին, 170 նոր կտորներ աւելցնելով (ՀԻՆ. 754): Շարականին կարգադրութեան ալ աշխատած է, իրմէ աւելցնելով Արեւելք գերարփին (ՇԱՐ. 741-747) Աստուածածնայ շարականը, որ բարձր գաղափար մը չներշնչեր հեղինակին վրայ: Կիրակոսի մահը տեղի ունեցած է 1272 յունուարին (ՍԻՍ. 555) Կիլիկիոյ մէջ, ուր անցուցած էր իր կեանքը: Ներսէս վարդապետ Մշեցի, բնիկ Մուշ աւանէն, Առաքելոց վանքին աշակերտ էր եւ վերջէն առաջնորդը եղաւ: Թէպէտ ուսմամբ եւ հմտութեամբ նշանաւոր էր, բայց վերջին ատեններ ուզած է Վարդան Արեւելցիին մօտ երթալ 1099), աւելի զարգանալու դիտմամբ, եւ այն տեղ վախճանած է 1284-ին, բայց իրմէ գործ մը չէ հասած մեզի: Ներսէսի աշակերտն է Յովհաննէս վարդապետ Արճիշեցի, Ոսպնակեր մականուանեալ, 17 տարի շարունակ միայն ոսպով սնանելուն համար: Իրմէ մնացած է պատարագի մեկնութիւն մը Անձեւացիէ եւ Լամբրոնացիէ քաղուածներով: Մխիթար վարդապետ Սասունցին ալ Ներսէս Մշեցիի աշակերտ կը սեպուի, թէպէտ Ներսէս Գլաձորեցիին ալ հետեւեցաւ երկար ժամանակ: Իր արդիւնաւորութեան գլխաւորն եղած է շրջուն քարոզչութիւնը Հայաստանի գաւառներու մէջ, եւ նեղելոց օգնութիւն հասցնելը, եւ երկարակեաց ալ եղաւ մինչեւ 1337 ապրելով, որ տարին վախճանած է փետրուար 11-ին Մեծոփայ վանքը: Յովհաննէս վարդապետ Գանձակեցի հեղինակ տօնապատճառ հաւաքածոյի մը, զոր կազմած է առաջին վարդապետներէն քաղուած հատուածներով, եւ իրմէ ալ կտորներ աւելցնելով (ՉԱՄ. Գ. 275): Զաքարիա Ծործորեցի, Արտաղու արքեպիսկոպոսն ալ, որ Յովսէփ Արտաղեցիի յաջորդած էր 1126), արդիւնաւոր եղաւ իր աթոռը պայծառացնելով, եւ ուսումնական վարդապետներուն գլխաւորապէս Յովհաննէս Երզնկացիի ասպնջական եւ պաշտպան կանգնելով: Այս առիթէն է Երզնկացիին երբեմն Ծործորեցի կոչուիլը (ՉԱՄ. Գ. 274), բայց անոր վրայ խօսիլը աւելի վերջը կը թողունք: Իսկ Զաքարիայի անունը շատ կանուխէն տուած ենք Արտաղեան յիշատակարանի վրայ խօսած ատեննիս 20): Պէտք էր այստեղ Հայոց մէջ մուտ գտնող լատին վանականութեան վրայ ալ խօսիլ, բայց այն ալ կը յետաձգենք, ամփոփ տեղեկութիւններ տալու համար իր կարգին: