Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՅԱԿՈԲ Բ. ԱՆԱՒԱՐԶԵՑԻ

1272. ՆԱԽԸՆԹԱՑՆ ՈՒ ՄԻՏՈՒՄՆԵՐԸ

Կոստանդին Լամբրոնացիի մահը 1326-ին, եւ յաջորդին ընտրութիւնը 1327-ին նշանակուիլը ( ՍՄԲ. 130), իրաւունք կու տայ հետեւցնել, թէ 1327-ին սկիզբները, եւ թերեւս նոյնիսկ Աստուածայայտնութեան տօնին, կատարուեցաւ Յակոբ Բ. կաթողիկոսի օծումը: Իր նախընթացին համար կը յիշուի, թէ էր քոյրորդի տէր Գրիգորի Տուրքերիցանց ( ՍՄԲ. 130), որով կը նոյնանայ նոյն այն Յակոբ եպիսկոպոսի հետ, որ քուերորդի տէր Գրիգոր կաթողիկոսի կոչմամբ ներկայ եղած էր Սսոյ ժողովին մէջ: Թերեւս յետոյ վիճակաւոր ղրկուած է, եւ նոյն ինքն Կապանի Յակոբ եպիսկոպոսն է ( ԿԱԼ. 504), որ ստէպ Արեւմուտքի դեսպանութեանց ալ գործածուեցաւ ( ՍԻՍ. 558): Իսկ վերջին պահուն կը ներկայանայ իբր արքեպիսկոպոս Անաւարզայ ( ՍՄԲ. 130), մինչ Ատանայի ժողովին մէջ Յովհաննէս էր Անաւարզաբայ եպիսկոպոսը ( ԿԱԼ. 505) եւ Յակոբ անոր յաջորդը եղած պիտի ըլլայ: Այդ տեսութեամբ Յակոբ նախ կաթողիկոսարանի ծառայած, յետոյ Կապանի, վերջէն Անարզաբայ եպիսկոպոսութիւնները վարած ըլլալով, կը հաստատուի թէ Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետութեան մէջ ընդունուած էր աթոռէ աթոռ անցնելով բարձրանալու դրութիւնը: Յակոբ սովորական կիրառութեան մէջ` Տարսոնացի եւ Սսեցի եւ Անաւարզեցի կոչուած է անխտիր, իսկ մենք այդ վերջինը նախադասեցինք իբր մակդիր անուն, որ իր վերջին թեմակալութեան հետ, Գրիգոր Անաւարզեցիի հետ ազգակցութիւնն ալ կը շօշափէ: Յակոբ կաթողիկոսութեան բարձրացած է անշուշտ Լեւոնի եւ Օշինի պաշտպանութեամբ, իսկ իբր արժանիք սեպուած են իրեն Անաւարզեցիին ազգակցութիւնը եւ լատինասէր ուղղութեան ծառայութիւնները, որոնց կարգին կը միտինք համարել Արեւմուտքի դեսպանութիւնները: Այսու հանդերձ Յակոբ չէ եղած այն մոլեռանդ լատինասէրը, ինչ որ եղած էր Կոստանդին Կեսարացին, եւ պէտք եղած խոհականութիւնն ունեցած է անսանձ լատինամոլութիւնը զսպելու ձեռնարկելով: Լատինասէր ուղղութիւնը ժամանակին իբր քաղաքագիտական միջոց մը ըմբռնուած էր երկրին եւ թագաւորութեան պաշտպանութեան համար, եւ այդ դիտումով Լատիններուն տրուած համարձակութիւնները զանոնք տէր ըրած էին արքունիքին եւ հայրապետանոցի եւ ընդհանուր կացութեան, շնորհիւ ազգակցութեան ու խնամութեանց, եւ զօրութեամբ ամէն կողմ ցրուած լատին կրօնաւորաց, մինչեւ իսկ արքունիքի խորհրդականութեան մէջ: Այդ դրութեան ներքեւ աթոռ բարձրացող կաթողիկոսը, որ ինքն ալ այդ ուղղութեան ծառայողներէն եղած է իր նախընթացին մէջ, չէր կրնար բացարձակապէս խզել իր կապերը եւ փոխել իր ընթացքը. եւ մեր տեսութեամբ իբր արժանիք կը պարտաւորուինք նկատել Յակոբի վրայ, եթէ կրցաւ մինչեւ մէկ աստիճան ստրկաբար չի ծառայել լատինամոլ գաղափարին, եւ համարձակութիւնն ալ ունեցաւ աթոռէն հրաժարիլ, իր մտադրութենէն չշեղելու համար:

1273. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՔՌՆԵՑԻ

Երբոր Կիլիկիոյ մէջ այդ կացութիւնը կը տիրէր, լատինամոլ գրութեան նոր եւ աւելի բուռն հոսանք մը կը սկսէր Արեւելեան գաւառներէն, որ մինչեւ այն ատեն աւելի զերծ մնացեր էին անոր ազդեցութենէն, գոնէ Հայութեան մէջ: Յովհաննէս ԻԲ. պապէն կազմակերպուած հռոմէադաւան արշաւանքը, որչափ ալ հայադաւանութեան դէմ ուղղուած, սակայն իր կեդրոնը մի քիչ հեռու հաստատած էր Սուլտանիայի մէջ ( § 1241), ուրկէ հետզհետէ իր ազդեցութիւնը կը տարածէր շրջակայ գաւառներու վրայ: Բարթողիմէոս Պոնոնիացի, Մարազայի լատին եպիսկոպոսը, գիտութեան եւ կարողութեան մեծ հռչակ հանած էր այն կողմերը, զի կրօնական ուսմանց կը միացնէր բնագիտական եւ աստեղագիտական հմտութիւններ ալ, այնպէս որ Գայլեձորի վանքը վարդապետող Եսայի Նչեցին ալ ( § 1241), կը հետաքրքրուէր անոր գիտութենէն օգտուիլ, եւ 1328-ին Գայլեձորէն Մարազա կը ղրկէր իր աշակերտներէն Յովհաննէս Քռնեցի վարդապետը, որ երթայ ու տեղեկանայ, եւ ինչ որ օգտակար կը գտնէ, համբարէ ու դառնայ: Ընդհանրապէս այդ քայլը Նչեցիին նախաձեռնութեան կը վերագրուի ( ՉԱՄ. Գ. 326), սակայն նկատելով որ Քռնեցին յետ չորից աւուրց, առ հնազանդութիւն Հռոմայ եկեղեցւոյն հոգւով ետ զինքն ( ԿԱԼ. 510), անտեղի չէր ըլլար հետեւցնել, թէ Քռնեցին ներքին նախապատրաստութեամբ կ՚երթար Մարազա, եւ բուն միտքը ծածկելով կը յաջողէր վարդապետին հաւանութիւնը ընդունիլ, եւ կը մեկնէր հայրենակից Յակոբ վարդապետին հետ: Քռնեցիին այս ներքին մտադրութիւնը կատարելապէս կը քաղուի իր իսկ գրիչէն ելած խօսքերով ( ԿԱԼ. 518): Տարիուկէս մնաց Մարազա, եւ Բարթողիմէոսէ եւ անոր Պետրոս ու Յովհաննէս ընկերներէն սորվեցաւ լատին լեզու եւ լատին աստուածաբանութիւն, ինքն ալ փոխադարձաբար անոնց հայ լեզու սորվեցուց, եւ միանգամայն Հայոց մէջ հռոմէադաւանութիւն տարածելու միտքը, մշակեց եւ միջոցները հոգալու զբաղեցաւ: Այդ միջոցներէն մէկն ալ իր աշակերտակիցներէն իրեն համամիտներ որսալն էր, անոնց աչքին առջեւ փայլեցնելով արեւմտեան գիտութեան առաւելութիւնները, եւ լատին աստուածաբանութեան արուեստակեալ ձեւերը, որոնց մէջ գլխաւոր տեղ կը բռնէին Բարթողիմէոսի քարոզներուն եւ գրուածներուն հայերէն թարգմանութիւնները: Քռնեցին յաջողեցաւ իր միտքին յանկուցանել, իր քեռին Գէորգը, որ Քռնայի գիւղաւագն էր, եւ տիկին Էլթիկ քեռեկինը, որպէս զի նիւթականով նպաստեն յատուկ Հայ վանք մը հիմնել, եւ համամիտներով անոր մէջ կեդրոնանալ, եւ անկէ տարածել իրենց գործունէութիւնը Հայաստանի ներքին գաւառներուն վրայ: Այդ նախահոգ միջոցները կարգադրելէն ետքը, Յովհաննէս Քռնեցին առջեւ կ՚իյնար եւ վստահօրէն Բարթողիմէոսը Քռնա կ՚առաջնորդէր գործին ձեռնարկելու համար: Իրեն հետ կը դառնար Յակոբ Քռնեցին, եւ Բարթողիմէոսի հետ էր Պետրոս Արագոնացին, հայերէնի մէջ աւելի զարգացած լատին կրօնաւորը: Այդ եղելութեան թուական նշանակուած է 1330 տարին ( ԿԱԼ. 510):

1274. ՈՒՆԻԹՈՐ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐ

Գէորգ իշխան, Քռնայի գիւղաւագը, զինքն կատարելապէս իր քեռորդւոյն եւ անոր բերած անձերուն տրամադրութեան ներքեւ գրած էր, անոնց բոլոր նիւթական պէտքերն հոգալով, այնպէս որ հնար եղաւ 60 օրուան մէջ, նոր եկեղեցի մը շինել յանուն Ս. Աստուածածնի, եւ յարակից վանք մը լատին ոճով, եւ այն տեղ հաւաքել Քռնեցիէն շահուած վարդապետները, որոնցմէ 12-ը անունով յիշուած են, եւ են Յակոբ Քռնեցի, Մարգար Օծոպեցի, Հայրապետ Եօթնաղբիւրցի, Յովհաննէս Ծուանցի, Սիմէոն Բասենցի, Ներսէս Տարոնեցի, Առաքել Արտազեցին, Լալ Արտազեցի, Գրիգոր Ապրակունեցի, Կոստանդին Կաղզուանցի, Յովհաննէս Կաղզուանցի, եւ Սիմէոն Խաչէնցի ( ԿԱԼ. 519): Այս առթիւ Բարթողիմէոս Մարաղայի եպիսկոպոսութենէն Նախիջեւանի արքեպիսկոպոսութեան բարձրացաւ, եւ ճանչցուեցաւ իբրեւ գլուխ եւ առաջնորդ նոր կազմուած միաբանութեան, որուն լատին բառով Ունիթոր (Unitor) անունն ալ տուաւ, որ կը նշանակէ Միաբանող, Հայ եկեղեցին Լատինին հետ միացնելու իմաստով: Յատուկ կանոնագրութիւն մըն ալ կազմեց Ս. Օգոստինոսի կոչուած կանոնին հետեւողութեամբ, որ Դոմինիկեանց կանոնին ալ նախատիպը եղած էր, որով Քարոզիչ Դոմինիկեանց ճիւղ նկատուեցաւ Միաբանող Հայոց միաբանութիւնն ալ, որոնք Դոմինիկեանց սքեմն ալ առին, ճերմակ կապայով ու սեւ փիլոնով, եւ պապական հաստատութեամբ ալ վաւերացուցին իրենց կանոնագրութիւնը ( ԿԱԼ. 512): Գլխաւոր եւ առաջին ջանքերնին եղաւ լատին գիրքեր հայացնել, թէ միտքերը գրաւելու, եւ թէ նոր գրութիւնը ամրացնելու համար, եւ ոչ միայն կրօնական գիրքեր թարգմանեցին, այլ եւ լատին ծիսաբաններն ալ հայերէնի վերածեցին, եւ կիրառութեան մտցուցին իրենց շրջանակներուն մէջ: Այդ աշխատութեանց մէջ Բարթողիմէոսի օգնեց Եղբայր Պորտիոս (Frater Portius) անուն հայագէտ փրանկիսկեան կրօնաւոր մըն ալ ( ԿԱԼ. 512): Իսկ Եսայի Նչեցին իր ալեւորեալ տարիքին մէջ, ցաւով տեսաւ Քռնեցիին ընթացքը, եւ յատուկ գրութեամբ աշխատեցաւ զայն խրատել եւ անոր մոլեռանդութիւնը մեղմացնել, եթէ ոչ իսպառ կասեցնել, յանձնարարելով ոչ կագել յանդիման մրգուզ շինականուց ( ՉԱՄ. 327): Ըստ այսմ կամայական պէտք է կարծել ոմանց ըսելը, թէ Նչեցին իր կեանքին վերջերը միտքը փոխած եւ լատին կրօնաւորի տարազ առած ըլլայ ( ՍԻՆ. 132), մինչ յայտնի են լատին եկեղեցին ջատագովողներուն դէմ անոր գրած զանազան թուղթերը ( ՍԻՆ. 132):

1275. ՀԱԿԱՌԱԿ ՋԱՆՔԵՐ

Յակոբ կաթողիկոս ալ պէտք տեսաւ գրել Քռնեցիին, 1332 մարտ 6-ին, ուր թէպէտ չի դատապարտեր գիտութեանց փափաքով օտարներու դիմելը, այլ կը զգուշացնէ օտարամուտ ծէսերու եւ դաւանութիւններու կիրառութիւնը ( ՍԻՆ. 384): Հակառակ այդ խրատներու Ունիթոր միաբանութիւնը բուռն գործունէութեան ձեռնարկեց, անարգելով ինչ որ հայածէս սովորութիւն էր, մոլորութիւն համարելով ինչ որ հայադաւան վարդապետութիւն էր, մինչեւ իսկ անվաւեր ու չեղեալ նկատելով ինչ որ Հայ եկեղեցիէ պաշտուած խորհուրդ էր: Բարթողիմէոս եղաւ այդ սկզբունքներուն հիմնադիրը, բայց այդ երեսէն նեղութեանց հանդիպեցաւ, եւ վերջէն ճարտար կերպով ջանաց ծայրայեղութիւնները առժամաբար չափաւորել: Այսպէս անցան Ունիթորներու առաջին երեք տարիները 1330-էն 1333, որ տարին վախճանեցաւ Բարթողիմէոս օգոստոս 15-ին, իրեն յաջորդ ցուցնելով Յովհաննէս Քռնեցին: Եսայիի մահն ալ նոյն միջոցին տեղի ունեցած է ալեւորեալ տարիքի մէջ ( ՍԻՆ. 384), թէպէտեւ ոմանք մինչեւ 1338 կը յետաձգեն անոր վախճանը ( ՍԱՄ. 168): Կարնոյ եպիսկոպոս մըն ալ կը յիշուի Գրիգոր անունով, բաժակին ջուր խառնելու համար ժողովուրդէն սպանուած, 1326 տարին ( ՍԱՄ. 167): Սակայն այդ թուին դեռ Ունիթորներ ոյժ չունէին, ուստի կամ ուղղելու է գրուած թուականը, եւ կամ Գրիգորի ըրածը անձնական նախաձեռնութիւն մը կարծելու է:

1276. ԼԵՒՈՆԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐԸ

Երբոր Հայաստան նոր եղելութեանց երեսէն կը յուզուէր, Կիլիկիա ալ աղմկալից դիպուածներու ասպարէզ կը դառնար: Օշին թագաւորի նշանակած խնամակալութեան տասնամեայ պայմանաժամը կը լրանար 1329-ին, եւ Լեւոն իր քսաներորդ տարին թեւակոխելուն պէս, բուռն կերպով ձեռք կ՚առնէր գործերը, իբրեւ մէկ մը օր սաստիկ ճնշումէ ազատելով յախուռն գործերու կը ձեռնարկէ, եւ երկար ատեն սիրտին մէջ զսպուած ցասումն ու վրէժխնդրութիւնը յանկարծ դուրս կը պոռթկացնէ: Իր առաջին գործը եղաւ ձերբակալել տալ խնամակալ Օշին Պայլը, որ իր մօրեղբայրն ու աներն էր միանգամայն: Խնդրակները անոր կը հանդիպին Ատանայի մօտ, երբ Տարսոնէ Սիս կու գար, եւ կը բանտարկեն Մօրօթու վանքը: Անկէց կ՚անցնին ձերբակալել միւս խնամակալ Կոստանդինը, Օշինի եղբայրը, Լեւոնի գիւղին` թերեւս Լեւոնկլայի մէջ, եւ կը տանին եղբօրը փակուած վանքը Ատանայի մօտ, եւ մէկ օրն սպանին զերկուսն, որ էր 1329 յունուարի 26 ( ՍՄԲ. 131), հինգշաբթի օր: Անեցիին շարունակողը կ՚աւելցնէ, թէ Լեւոն սպանեալներուն գլուխները ընծայ ղրկեց, Օշինինը Եգիպտոսի Նասր սուլտանին, եւ Կոստանդինինը Դաւրէժի Պուսայիտ խանին ( ՍԱՄ. 138): Ժամանակակիցներ կ՚աշխատին Լեւոնը չքմեղացնել, թէ եսպան ի սադրելոյ իշխանացն եւ ի քսու արանց, թէ խորհեալ են բառնալ զքեզ, եւ ինքեանք թագաւորել ( ՍԱՄ. 138), կամ թէ շատ բերդեր ապրանք առին, որ չէր իւրեանց սահմանով ապրանք ( ՍՄԲ. 131), կամ թէ սպանեալ էր զհայրն արքային, Օշին թագաւորը, արբուցեալ նմա դեղ մահու ( ԴԱՐ. 30): Բայց մենք առանց ուզելու Օշին խնամակալի կատարած բռնութեանց ( § 1270) պաշտպան կանգնիլ, պէտք է դիտել տանք, որ եթէ Օշին Լեւոնը մեռցնել ուզած ըլլար, տասը տարի չէր սպասէր` մինչեւ անոր չափահաս ըլլալը, եւ թէ նոյնիսկ զրոյցներու իրարու անհամաձայն ըլլալը կը ցուցնէ, թէ իրական չեն տրուած պատճառանքները, այլ իսկութիւնը ծածկելու համար կազմուած յերիւրանքներ են: Հետեւաբար պիտի չկարենանք համաձայնիլ յայտարարելու թէ, Լեւոն թագաւոր անմեղ է ի նոցա արենէն ( ՍՄԲ. 131): Մանաւանդ որ անոնց գլուխները ընծայ ղրկելու պարագան, աւելի հեռու միտքեր կը ցուցնէ, կերպով մը անոնք զոհելով, թշնամիներու առջեւ զինքն արդարացնել, վերջին անգամ մղուած պատերազմներուն համար: Բայց ասկէ ալ աւելի հաւանական կ՚երեւի, ազդեցութեան լուծէն ազատ մնալու փափաքը, ազատ կերպով իր կիրքերուն եւ ձգտումներուն ծառայելու համար: Որովհետեւ աները սպաննել տալէն ետքը, անոր աղջիկն ալ եսպան, զթագուհին իւր Ալիծը, յաղագս աղտեղի գործոց նորա ( ՍԱՄ. 138), որոնց ստուգութիւնը շատ կեղակարծ է: Զի եթէ ճշմարիտ ալ ըլլար, սպանութիւնը չէր արդարանար, քանի որ ոչ մի պարագայ պատմուած չէ: Նկատելի է նաեւ որ անմիջապէս սպանութենէ ետքը` 1331-ին երկրորդ ամուսնութեան կ՚անցնի Լեւոն, Սիկիլիոյ Փրեդերիկոս Ա. թագաւորին աղջիկ եւ Կիպրոսի Հենրիկոս Բ. թագաւորին այրի, Կոստանդիա-Ելէոնորայի հետ ( ՍԻՍ. 363), որուն տրուած Ըռեֆար անունը ( ՍՄԲ. 132) յայտնի շփոթութիւն է` հօրը Փրեդերիկոս կամ Ֆրետերիք անունին աղաւաղմամբը: Ամուսնութիւնը տարւոյն առաջին կէսին մէջ կատարուած պիտի ըլլայ, զի իբր կանուխէն եղած կ՚ենթադրուի 1331 նոյեմբեր 24-ին գրուած պարգեւագիրին մէջ ( ՍԻՍ. 363): Յակոբ կաթողիկոս դեր մը ունեցած չ՚երեւիր այդ գործողութեանց մասին, բայց եւ ոչ կրցած է Լեւոնը զսպել իր անտեղի ձեռնարկներուն մէջ:

1277. ԼԱՏԻՆԱՄՈԼ ՁԳՏՈՒՄՆԵՐ

Լեւոնի կատարած սպանութեանց եւ ամուսնութեան հետեւանքն եղաւ քայլ մը եւս յառաջել Սիսի արքունիքին` լատինական կազմութիւն եւ կերպարան տալու մէջ, գրեթէ բոլոր, գոնէ գլխաւոր պաշտօնները բուն Լատիններու յանձնելով, եւ լատին կրօնաւորներու առջեւ բանալով ամէն դուռները: Ասկէ առաջ եկած է քաղաքական իշխանութեան ձեռքով եկեղեցական գործերու վրայ բարդուած ազդեցութիւնը, քանի որ արտաքին վտանգներու աճելովը եւ ներքին զօրութեան նուազելովը, ամէնուն սիրտին վրայ ճնշող կէտը վտանգեալ կացութիւնը պաշտպանելու ջանքն է, եւ միայն Արեւմուտքէ կը յուսային օգնութիւն գտնել: Արդէն Լատիններու հետ սերտ կապուած ըլլալով` դրացի արեւելեան պետութեանց հետ հաշտ կացութիւն մը կազմելու ակնկալութիւնն ալ կորսուած էին: Լեւոնին առաջին գործերէն մին եղաւ, իր մօտ հրաւիրել իր հօրաքեռորդիները, Օշին Պայլէն աքսորուած Լուսինեան եղբայրները, որոնք Հռոդոս կը մնային ( § 1270): Ջիւանի կը յանձնէր պայլութիւնը, Պեմունդի տուաւ Կոռիկոսի իշխանութիւնը, իսկ Գուիտոն իր մօրաքրոջ Ռիթա կայսրուհւոյն պաշտպանութեամբ Յունաց կայսեր կողմէ Աքայիոյ կուսակալ նշանակուած էր: Բաղդին լատին իշխան մըն ալ մարաջախտ, եւ Պեմունդ մըն ալ սենեսջալ անուանուեցան, իբր թէ այս կերպով Հայեր պիտի կարենային Լատինները շահիլ եւ փութացնել անոնց օգնութիւնները: Բայց տակաւ Կիլիկիոյ Հայ թագաւորութիւնը կերպարանափոխ կ՚ըլլար, եւ թէ քաղաքականապէս եւ թէ եկեղեցականապէս իր իսկութիւնը կը մերկանար, լատինական երկրի մը կերպարանը կ՚առնէր, առանց իսկ բոլորովին լատինութեան անցնելու, որուն կ՚ընդդիմանար ազգային զգացումը, եւ ժողովուրդին սիրտին մէջ արմատացած ինքնութեան գաղափարը: Այդ ընդդիմութեան գլխաւոր գործիչներն էին, նոյնիսկ Հայոց Կաթողիկոսները, որ չի կարենալով քաղաքականապէս կազմակերպուած դրութիւնը ջնջել, կ՚աշխատէին գոնէ հնարաւորութեան սահմանին մէջ եկեղեցական աւանդութեանց պահպանութիւնը ապահովել: Նոյնինքն Յակոբ կաթողիկոս, Անաւարզեցիին քեռորդին եւ անոր հետեւողը, պահ մը կանգ կ՚առնէր իր ուղղութեան մէջ, չհանդուրժելով մինչեւ վերջին ծայրը տանիլ լատինամոլութեան հետեւողութիւնը: Այդ շփոթ եւ կէսառկէս կացութեան տրուեցաւ Աղթարմայ անունը, որ իսկապէս հռոմէադաւան ու կաթոլիկ ըլլալէ տարբեր իմաստ մը ունի, եւ լոկ հակամէտ եւ ջանացող ըլլալ կը նշանակէ, որ է տիրապէս անորոշ կացութիւն մը, եւ այս անունով կոչուեցան Կիլիկիոյ թագաւորութեան վերջին միջոցին Հայերը: Անոնք տիրապէս հռոմէադաւան չեղան, ինչչափ ալ այժմեան հռոմէադաւանները ջանան անոնք իբր իրենց նախնիքը ցուցնել, որովհետեւ Հայ եկեղեցիէն չելան, եւ ոչ ալ զայն հիմնապէս եւ ամբողջապէս այլայլել յաջողեցան, Լատիններու մօտեցան, անոնց հետ ապրեցան, անոնց գործակցեցան, համաձայնելու ձեռնարկեցին, բայց հայազգի եւ հայադաւան ըլլալէ չի դադրեցան, Հռոմէադաւան Հայեր չեղան ու չի կոչուեցան, այլ իրենց անորոշ կացութեան յատկանիշն եղաւ Աղթարմայ կոչումը:

1278. ՔՌՆԵՑԻԻՆ ՑՈՒՑԱԿԸ

Կատարեալ հռոմէադաւան եղան Ունիթօր կրօնաւորները, իրենց աշակերտներուն հետ, որոնք Յովհաննէսի գլխաւորութեամբ կը գործէին Հայաստանի մէջ, եւ նոյնիսկ Կիլիկիոյ մէջ ալ ճիւղ մը ունեցան Աղթարմաներէ տարբեր: Բարթողիմէոս Բոնոնիացիի մահուընէ ետքը Քռնեցին անձամբ Հռոմ գնաց, որպէս զի իր մեծաւորութիւնը պապին հաստատել տայ, եւ իր միաբանութեան ընդարձակուելուն համար միջոցներ ստանայ: Այնտեղ լատին կրօնաւորներու կենցաղն ու սովորութիւններն ալ տեսնելով, աւելի բուռն վառուեցաւ անոնց համեմատ կազմակերպել Հայ եկեղեցականութիւնը ( ԿԱԼ. 520), որուն մէջ եթէ զեղծումներ ալ կային, անոնք ոչ թէ սկզբունքի կամ կանոնի, այլ պատահական հանգամանաց եւ դժուարութեանց հետեւանքներն էին: Յովհաննէս ԻԲ. պապը Բարթողիմէոսի օգնականներէն Տփղիսի եպիսկոպոս Յովհաննէս Անգղիացիին պաշտօն տուած էր Հայ Ունիթոր միաբանութեան վրայ հսկել, ուստի անոր առջեւ Հայ միաբաններ, լատին ձեւով ուխտադրութիւն կատարեցին, եւ Յովհաննէս Քռնեցին ճանչցուեցաւ գաւառական առաջնորդ կարգի միաբանողաց ( ԿԱԼ. 521): Ասոր վրայ Քռնեցին հարկ տեսաւ շրջաբերական թուղթով մը պէտք եղած հրահանգները տալ առ միաբանեալ եղբայրսն Հայոց, այսինքն Հայ Ունիթոր կրօնաւորներուն ( ԿԱԼ. 513-522), զորս աւելորդ կը սեպենք վերլուծել, սակայն հետաքրքրական է 19 մոլորութեանց ցուցակը, զորս նա կը վերագրէ Հայ եկեղեցւոյն ու անոր հետեւողներուն: Ասոնք են, 1. Մի բնութիւն կ՚ըսեն. 2. Եւ յՈրդւոյ բղխում չեն դաւանիր. 3. Վերջին դատաստանէ առաջ արքայութիւն եւ դժոխք չեն ընդունիր. 4. Քաւարան չեն ընդունիր. 5. Հռոմը գլուխ ամենայն այլոց եկեղեցեացն աշխարհի չեն ճանչնար. 6. Լեւոն պապը եւ Քաղկեդոնի ժողովը կը նզովեն. 7. Ծնունդն եւ ուրիշ տէրունական տօները Հռոմայ եկեղեցւոյ կացուցմանց համաձայն չեն կատարեր. 8. Պահքերը Հռոմի կարգադրութեանց համեմատ չեն պահեր. 9. Եօթը խորհուրդներէն Դրոշմը ու Վերջին օծումը չունին. 10. Բաժակին ջուր չեն խառներ. 11. Հաղորդութիւնը կրկին տեսակներու ներքեւ կը բաշխեն` մարմինը արիւնին մէջ թաթխելով. 12. Փայտեղէն եւ խեցեղէն սկիհներ կը գործածեն. 13. Ամէն քահանայ խոստովանութեան խորհուրդ կը պաշտէ, թարց սորուք յարգելմանց, այսինքն վերապահեալ մեղքեր չունին. 14. Երկու պատրիարքներու կը հնազանդին, որոնց երկուքն ալ պատրիարք Ամենայն Հայոց կը ստորագրեն. 15. Արենակցութեան բռնութեամբ քահանայ եւ եպիսկոպոս կ՚ըլլան. 16. Եկեղեցւոյ խորհուրդները դրամով կը վաճառէն ու կը գնեն. 17. Առանց հարկաւոր պատճառի ամուսնալուծումներ կը կատարեն. 18. Երախայից եւ հիւանդաց յատուկ ձէթեր չեն օրհներ. 19. Տղայոց հաղորդութիւն կու տան ( ԿԱԼ. 515): Ասոնք թուելէն ետքը, կը յաւելու, թէ այլ յոշով մոլորութեամբ, ազգն Հայոց թիւրեալ եղեւ ի ճշմարտութեան ճանապարհէն բազում ժամանակաւ, եւ թէ վերջապէս Յովհաննէս ԻԲ. պապէն ղրկուած է լատին կրօնաւորներու ձեռքով Ատանայի ժողովը ուղղութեան դարձաւ ( ԿԱԼ. 517): Բայց մենք արդէն տեսանք, թէ ինչպէս հեղինակութենէ զուրկ գումարում եղած է Ատանայի ժողովը ( § 1257):

1279. ՊԱՂՈՆ ԵՒ ՊԷԿ ՈՒՆԻԹՈՐՆԵՐ

Քռնեցին եւ իրեն ընկերները պապէն ստացած քաջալերութեամբ զեղծանելով իրենց քարոզութիւնները բռնադատութեանց եւ Հայ եկեղեցւոյ նախատանաց ալ հասուցին, եւ ինքեանք կրկին ձեռնադրեալք եւ կրկին մկրտեալք, նաեւ զայլս բազումս կրկին մկրտեցին եւ կրկին ձեռնադրեցին, հարկաւ հռոմէական դրութեան համեմատ, այսինքն թէական ձեւով, եւ այն ալ գաղտագողի կերպերով, զոմանս ի բաղանիս, զայլս ի տունս, եւ զայլս յանցս ջրոց, եւ ի ծածուկ տեղիս ( ՉԱՄ. Գ. 331): Այդ մոլեգնութեան ձեւերը, զոր առաւելաբար կը կատարէին Մարազայի, Նախիջեւանի, Սուլտանիայի եւ Տփղիսի կողմերը, եւ մանաւանդ Կաֆայի մէջ, ուր Գենուացիք կը տիրէին ( ՉԱՄ. Գ. 328), հետզհետէ տարածեցին Կիլիկիոյ կողմերն ալ, ուր յատկապէս եկած էին Ներսէս Պաղոն եւ Սիմէոն Պէկ, որոնց առաջինը Որմիոյ եւ երկրորդը Կարնոյ եպիսկոպոս եղան: Այդ երկուքը հաւանական կը դատենք նոյնացնել Քռնեցիին առաջին ընկերներէն Ներսէս Տարոնեցի եւ Սիմէոն Բասենցի վարդապետներուն հետ ( § 1274): Սիմէոնի Բասենցի ծագումը կը բացատրէ Կարնոյ մէջ ունեցած գործունէութիւնը, իսկ Ներսէս թէպէտ տեղ մը ի Տարսոն գաւառէ ըսուած է ( ԿԱԼ. 519), բայց ուղղագոյն կ՚երեւի յաշխարհէն Տարոնու կարդալ, ինչպէս ուրիշ ժամանակակից յիշատակարան մը կը գրէ ( ՍԻՆ. 375): Հետեւաբար հաւանական չէ Ներսէս Պաղոնի, բնիկ Սսեցի ըլլալը: Ծագումէն անկախաբար կրնան ընդունուիլ ունիթորութեան յարելով կրկին մկրտուած եւ դարձեալ քահանայ ձեռնադրուած ըլլալնուն մասին տրուած տեղեկութիւնները ( ՉԱՄ. Գ. 346): Եղելութեանց կարգին դառնալով, Ներսէսի եւ Սիմէոնի երեսէն Կիլիկիոյ ժողովուրդին մէջ սկսած շփոթութիւնները եւ վտանգաւոր երկպառակութիւնները Յակոբ կաթողիկոսն ալ զայրացուցին, որ Լեւոնն ալ համոզեց վերջ դնել այդ ոտնձգութեանց, եւ քաղաքական պաշտօնեաներուն միջոցով ձերբակալուեցան Ներսէս ու Սիմէոն եւ անոնց գործակիցները, եւ այս վերջիններէն ոմանք աքսորուեցան, ուրիշներ բանտարկուեցան, իսկ Ներսէս ու Սիմէոն կաթողիկոսին յանձնուեցան, որ խրատեց ու յորդորեց, զի մի հնարեսցեն յանձանց զնորանար խաբէութիւնս, եւ մի' լիցին պատճառ կորստեան հոգւոց ( ՉԱՄ. Գ. 331): Անոնք երեսանց հաւանութիւն յայտնեցին եւ արձակուեցան, բայց Ներսէս Կանչի գնաց, եւ Մանաճիհր վարդապետի մը հետ սկսաւ այնտեղ ալ նոր շփոթութիւններ սերմանել: Կաթողիկոսը ստիպուեցաւ քննիչներ ղրկել, եւ Ներսէսի խաբէական ձեռնարկները յայտնուեցան, եւ հազիւ կրցաւ ժողովուրդին զայրոյթէն եւ քարկոծուելու վտանգէն ազատելով Կիլիկիայէ հեռանալ ( ՉԱՄ. Գ. 332), միշտ աւելի ատելութիւն շատցնելով սիրտին մէջ Հայոց եկեղեցւոյն դէմ: Մէկ կողմէն Յակոբ կաթողիկոս պապին կը գրէր, որ խրատէ իրենները եւ գրգռութիւնները արգելու ( ՉԱՄ. Գ. 332), իսկ միւս կողմէն Ունիթորները պապին կը գրէին, թէ Հայոց կաթողիկոսն ու թագաւորը հռոմէադաւանները կը հալածեն, եւ անոնց եկեղեցիները կը կործանեն ( ՉԱՄ. Գ. 328): Վերջին տարիներու մէջ պատերազմական աղէտներ ալ անպակաս եղած էին, եւ թէպէտ Հայեր պատահաբար յաջողութիւններ կ՚ունենային, սակայն 1335-ին մեծ արշաւանք մը հանած էր Նասր սուլտան յաւուրս հնձոց, եւ ի տօնի Համբարձման Քրիստոսի, որ այն տարի մայիս 25-ին կ՚իյնար: Մամեստիան, Ատանան եւ Տարսոնը կ՚աւերէր ու կը քանդէր, երբ Հայերը յանհագս կային, եւ անխնայ կը կոտորեր ժողովուրդը, Լեւոնն ալ ձերբակալելու նպատակով ( ՍԱՄ. 159): Ասոր վրայ պապին կողմէն 30, 000 ոսկւոյ նպաստ մը կը սահմանուէր, Գաղղիոյ թագաւորին տուած 10, 000 ոսկւոյ հետ ( ՍԻՍ. 391), սակայն Ունիթորներուն ամբաստանութեանց վրայ, պապը կ՚արգիլէր զի զայն երեսուն հազար ոսկին մի' տացեն, մինչեւ որ Հայերուն ընթացքը քննուի ( ՉԱՄ. Գ. 328): Աւելի խօսուն փաստ մը պէտք չէ պապերուն միտքն ու Հայերու պաշտպանութեան համար ցուցուած ջանքին, ներքին եւ իսկական իմաստը ճշդելու, եւ Ունիթոր միջնորդներուն հոգին նկարագրելու:

1280. ՀԱՅԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ՀԱՇՏՈՒԹԻՒՆ

Հայերու եւ Լատիններու յարաբերութեանց անպտղութեանց յակամայս կը վկայէ պատմիչն ալ խոստովանելով, թէ երբ Լատիններ գրչաւ եւ լոկ կամեցողութեամբ մարտնչէին ընդ այլազգիս, Եգիպտացիներ սրով եւ հրով անողորմ կոտորածս առնէին ի Հայս ( ՉԱՄ. Գ. 334): Նասրի զօրավարները հետամուտ էին, զի ըմբռնել կարասցեն զթագաւորն Լեւոն ( ՍԱՄ. 159), անոր համար սա կը պարտաւորուէր, Սիսը թողուլ, եւ անծանօթ կերպերով լեռներ ու ձորեր թափառիլ. եւ միանգամայն նամակ նամակի եւ դեսպան դեսպանի ետեւէն հասցնել Յովհաննէս ԻԲ. յաջորդ Բենեդիկտոս ԺԲ. պապին: Իսկ պապը կը բաւականանար ցաւակցական եւ մխիթարական գիր մը յղել Կոստանդիա թագուհիին 1336 ապրիլ 16-ին գրուած, եւ լատին իշխաններէ ոմանց յորդորականներ կը գրէր, բայց տեղէն շարժուող չէր գտնուեր: Լեւոն վերջապէս յուսախաբ եւ նեղուած, թէպէտեւ իր առաջին պատուիրակները մերժուած էին, եւ Բաղդին մարաջախտ դեսպանն ալ բանտին մէջ մեռած էր 1336 դեկտեմբեր 12-ին, բայց վերջապէս կը պարտաւորուէր, նորէն բանակցիլ եւ ծանր պայմաններով հաշտութիւն կնքել Նասրի հետ 1337-ին: Այաս բերդը եւ Ջահան գաւառը տալէ զատ, յանձնառու կ՚ըլլար, զի յայնմհետէ մի' առաքեսցէ զդեսպան ոք կամ զթուղթ ինչ առ քահանայապետն Հռոմայ, որ է ըսել, Լատիններու հետ յարաբերութիւնները խզէ, ինչ որ ստիպեցաւ խոստանալ երդմամբ, եւ այս կերպով Սիս դարձաւ, եւ նորէն թագաւորութեան գործերը ձեռք առաւ ( ՉԱՄ. Գ. 337), գրեթէ երկամեայ աստանդական կեանքէ ետքը: Այս եղելութեան նկատմամբ պապին ունեցած մեծ հոգատարութիւնը եղաւ 1338 մայիս 1-ին գրած նամակովը ( ՍԻՍ. 559), Լեւոնը երդումին կապէն քակել, պատճառաբանելով թէ ոչ կամաւ այլ ի հարկէ ըրած է այն երդումը, ուստի վստահութեամբ կ՚ապահովցնէր Լեւոնը, թէ քաւեալ լիցիս դու յերդմանէդ յայսմանէ, եւ ոչ լիցի քեզ ինչ մեղք ի պահելոյ զայդ ( ՉԱՄ. Գ. 328): Իսկ նիւթական եւ զինուորական օգնութիւն չէր հասնէր տակաւին: Այս կերպով Լատինաց յարաբերութիւնները նորէն յայտնի վտանգի կ՚ենթարկէին Հայերը, որոնք եթէ հաւատարմութեամբ մշակած ըլլային Եգիպտացւոց հետ բարեկամական յարաբերութիւնները, կրնային նորանոր վտանգներէ զերծ մնալ, եւ ազգային իշխանութիւնը պահել սուլտաններուն հովանաւորութեան ներքեւ: Բայց այլեւս արքունիքը Հայ տարրով կամ Հայ մտածմունքով չէր կառավարուեր. բուն Լատիններ էին որ գործի գլուխ անցած եւ տէր եղած էին քաղաքական իշխանութեան, եւ ճնշում կը բանեցնէին եկեղեցական իշխանութեան վրայ: Բայց վերջապէս երեք տարւոյ չափ միջոց մը` քիչ շատ հանդարտ անցաւ շնորհիւ հաստատուած հաշտութեան, թէպէտ Լեւոն եւ իր պալատականներ Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւնները չէին դադրեցներ, բայց կը զգուշանային յայտնի եւ հանդիսապէս ընել, եւ որչափ հնար էր` ծածուկ միջոցներ եւ գաղտնի կերպեր կը գործածէին:

1281. ԱՂԹԱՄԱՐԻ ԱԹՈՌԸ

Երբոր Կիլիկիոյ մէջ այս անցուդարձերը կը կատարուէին, Հայաստան ալ հանդարտ չէր: Պուսայիտ խան կը մեռնէր 1334-ին եւ կը յաջորդէր Արփա խան, որ քրիստոնեայ կ՚ըսուի, եւ թերեւս այդ պատճառով, Պուսայիտի քեռին Ալի փաշա, զայն կը սպաննէր 6 ամիս ետքը, եւ Մուսի անուն անզօր մէկ մը խան անուանելով, ինքն կը տիրանար գործերու, եւ քրիստոնէից դէմ ատելութեամբ կը հրամայէր փակել զեկեղեցիս, ինչպէս որ տեղ տեղ ալ կը գործադրուէր: Այս պատճառով Զաքարիա Սէֆէտինեան Աղթամարայ կաթողիկոսը պարտաւորուեցաւ անձամբ երթալ Ալի փաշայի մօտ, եւ իր ազդեցութեամբ ու համոզկեր խօսքերով յաջողեցաւ հրամանին անտեղութիւնը ցուցնել, եւ եբաց զչար հուքմն ( ՍԱՄ. 159): Այդ եղելութիւնը պէտք է դնել 1335-ին, վասնզի յաջորդ տարւոյն 1336-ի սկիզբները Զաքարիա կը մեռնէր, եւ իրեն կը յաջորդէր իր քեռորդին Ստեփանոս, Հաւաքարանին համեմատ (00. ԲԻԶ. 1193), մինչ ուրիշ յիշատակարանի համեմատ, Զաքարիա իր կենդանութեան, Դաւիթ եղբայրը ձեռնադրած է իբր յաջորդ, եւ նա իր Կուրճիբէկ եւ Սէֆէտին եղբայրներովը աշխատած է աթոռին պաշտպանութեան եւ պայծառութեան ( ԱՐԾ. 366): Մեր տեսութեամբ յոյժ տկար է Հաւաքարանի հեղինակութիւնը հնագոյն ժամանակներու համար: Վերոյիշեալ Զաքարիայի կը վերագրուի կողոպուտի օրէնքը, որով եպիսկոպոսներու եւ վարդապետներու եւ իշխանաւորներու գիրքերը եւ եկեղեցական զգեստները ու բոլոր հագնելիքները աթոռին պիտի առնուէին իբրեւ հոգեբաժին: Միեւնոյն 1366 տարին, Ալի փաշան ալ սպանուեցաւ Խալիթ աղայէ մը, որ ընդունուած է իբր նոյնինքն Հասան խան, Պուսայիտի որդին, որ թէպէտ իբր մեծ խան ճանչցուեցաւ, այլ տէրութիւնը բազմաթիւ ինքնիշխան խաներու մէջ բաժնուեցաւ, եւ անիշխանութիւնը տիրեց մինչեւ Լանկթիմուրի երեւնալը 1360-ին:

1282. ՈՒՆԻԹՈՐՆԵՐ ԵՒ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

Հայաստանի Հիւսիսային կողմերը տակաւ կը յառաջանային Ունիթորները, որոնց հետեւած կ՚ըսուին 3 քաղաքներ եւ 30 գիւղեր, ( ՍԻՍ. 386): Իրենց մեծ գործունէութիւնը կայացած էր թարգմանութեանց մէջ, որոնցմէ 20 կտորներու ցուցակը կազմած է Ալիշան ( ՍԻՍ. 384), բայց ինքն ալ չէ կրցած չի խոստովանիլ, թէ հայերէնի խանգարման աղբիւր եղած են այդ թարգմանութիւնները: Հայերէնագէտ Լատիններուն տկարութիւնը մէկ կողմէն, եւ լատինագէտ Հայերուն բնագիրներու բառ առ բառ հետեւելու խղճմտութիւնը միւս կողմէն, տարօրինակ լեզու մը ստեղծած են, որ բաւական ընդարձակութիւն գտած եւ տարաբախտ ազդեցութիւն ունեցած է դարուս մէջ եւ առյապայ: Ալիշան կը ջանայ արդարացնել ըսելով, որ թէպէտ թերացան Ունիթորները ի պարզութենէ լեզուին իւրեանց եւ ի հայրենի ծիսից, այլ ոչ սակաւ օգտեցան յիմաստս կրօնականս եւ բարոյականս, որովք գերազանցէին քան զանհաշտ յամառեալսն ( ՍԻՍ. 385), սակայն առաւելութիւնը միջին դարուն Դպրոցական կոչուած, այսինքն Սկոլաստիկեան ոճն էր, որ իմաստութենէ աւելի իմաստակութեան կ՚առաջնորդէր: Նոյն միջոցին Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը հոգ կը տանէր ազգային ստացութեանց պաշտպանութեան եւ ուխտաւորներու մխիթարութեան, շարունակ նեղութիւններ կրելով Եգիպտացի պաշտօնակալներէն եւ տեղացի ժողովուրդէն: Սակայն Նասր սուլտան չէր վարանէր իրաւացի դիմումներու անսալ, Ս. Յակոբի պարսպին նորոգութիւնը կ՚արտօնէր 1339-ին, եւ Ս. Յարութիւն մտնողներէն ու ելլողներէն աւելորդ տուրք մը առնողները կ՚արգիլէր 1341-ին: Երուսաղէմի պատմիչը այդ գործողութիւնները կը դնէ Բարսէղ պատրիարքի ժամանակ ( ԱՍՏ. Ա. 207), մինչ ցուցակագիրը, Վարդան պատրիարք մը կը դնէ այդ միջոցին, եւ Յովհաննէս մըն ալ Բարսէղէ առաջ ( ԲԱՌ. 45):

1283. ՅԱԿՈԲԻ ՀՐԱԺԱՐԻԼԸ

Կիլիկիա տակաւ առ տակաւ իր առժամեայ հանդարտութիւնը կը կորսնցնէր: Լեւոնի եւ իւրայնոց Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւնները որչափ եւ գաղտնի, չէին կրնար իսպառ ծածկուիլ, եւ Եգիպտացւոց ականջը չհասնիլ, որոնք միշտ անվստահութեամբ կը նայէին Կիլիկեցւոց անհաստատ ընթացքին վրայ: Հետեւաբար 1340-ին ատենները ազդարար արշաւանք մը հասաւ Կիլիկիոյ կողմերը, որ սահմանագլուխին վրայ 16 բերդեր եւ աւաններ զարկաւ, եւ աւելին ալ սպառնացաւ ընել, եթէ Կիլիկեցիք ճշդիւ եւ խստիւ չի յարգեն հաշտութեան գլխաւոր պայմանը: Ասկէ ծագեցաւ կարծիքներու տարբերութիւն մը եւ ներքին գժտութիւն մը, որ մինչեւ կաթողիկոսի փոփոխութիւնը յառաջեց: Լեւոն արշաւանքին վախէն ու սպառնալիքէն ազդուած պահ մը, կը միտէր Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւնները դադրեցնել, սակայն Լատին պալատականներ, Լատին կրօնաւորներ, եւ լատինամոլ Հայեր կ՚ընդդիմանային: Չէfl որ կրնար ըլլալ որ յարաբերութիւնները դադրեցնելնին` իբր Հռոմէ հեռանալ մեկնուէր: Չէfl որ, կ՚ըսէին իբրեւ բաժանեալս համարիմք, եւ կ՚ուտեն ի վերայ մեր ամբաստանութիւնս իբրեւ ի վերայ հերետիկոսաց: Եպիսկոպոսներ եւ իշխաններ իրարմէ զատուեցան, քանի որ վերջինները բուն կամ կէս Լատիններ էին, մինչ եպիսկոպոսներուն սիրտին մէջ չէր կրնար բոլորովին մարած ըլլալ ազգային եկեղեցւոյ զգացումը: Հակառակութեան հետեւանքը եղաւ Յակոբի կաթողիկոսութենէն դադարիլը, եւ նոր կաթողիկոսի ընտրութիւնը: Այդ փոփոխութեան պատճառն ու հանգամանքները բոլորովին մթին կը ներկայանան, վասն զի չունինք ձեռուընիս սկզբնագիր պատմիչ մը, որ զայն մեզ բացատրէ, գոնէ մակաբերութեան աղբիւրներ ներկայէ: Ալիշան ալ որոշ բան մը չէ գտած, երբ կը գրէ, թէ ներքսագոյն եւս վէճ կրօնից եւ ծիսից ի տագնապի կացուցանէին զերկոսին եւ, աթոռս ազգին` եւ զվիճակեալսն ընդ նոքօք, վասն որոյ հարկ համարեցան իջուցանել զՅակոբ ի կաթողիկոսութենէն ( ՍԻՍ. 147): Անկէ առաջ Չամչեան գրած էր, թէ ի սաստկանալ վիճմանց եւ ի յառնել այլեւս պէսպէս գրգռութեանց ի բանսարկու արանց, կշտամբեաց Յակոբ կաթողիկոս զԼեւոն արքայ եւ սպառնացաւ նմա, ընդ որ ցասուցեալ Լեւոնի ընկեց զնա յաթոռոյ իշխանութեան ( ՉԱՄ. Գ. 339): Երկուքն ալ աղբիւր մը չեն ցուցներ, որով միայն իրենց կարծիքը բացատրած կ՚ըլլան, եւ մենք ալ իրաւունք կ՚ունենանք մեր տեսութիւնները բացատրել: Երբոր երկու ընդդիմադիր ուղղութեանց պաշտպաններ կը նկատուին Լեւոն ու Յակոբ, յայտնի կ՚ըլլայ թէ Յակոբ պիտի ընդունուի իբր եպիսկոպոսներու խումբին գլուխը, այսինքն եգիպտական հաշտութեան պայմանը յարգելու` եւ Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւնները խզելու կողմին հետեւող, ինչ որ Ունիթորներուն առիթ տուած է Յակոբը ամբաստանել իբր հռոմէադաւանութեան հալածիչ ( ՉԱՄ. Գ. 344): Ասոր հակառակը Լեւոն շրջապատուած էր Լատին եւ կէս լատին պալատականներէ, որոնք իրենց ուղղութիւնը կը պնդէին: Եթէ եկեղեցական խումբը Լեւոնի կողմը չէր, ուրեմն Լեւոնի դիւրին չէր իր սաստով ու զայրոյթով կաթողիկոս մը վար առնել, եւ ուրիշ մը օծել տալ, եւ լոկ քաղաքական իշխանութեան զօրութեամբ ճոխանալ: Աւելցնենք որ Յակոբի համար հալածուած ու անարգուած ըլլալու պարագայ մը չի յիշուիր, եւ ոչ ալ իր վրայ գործադրուած են բանտի եւ շղթայի խստութիւնները, զորս Հեթում գործածեց Կատուկեցիին վրայ ( § 1184): Յակոբ իր պատուովը հեռացաւ աթոռէն, երբոր իրեն տեղ անցնողը մեռաւ. հետեւաբար ոչ գահընկէցութիւն, այլ հրաժարական պէտք է ընդունիլ Յակոբի դադարելուն մէջ: Եթէ գահընկեցութիւն ընդունէինք, պէտք էր ազգային եկեղեցական ժողով մըն ալ ենթադրել, որ բնաւ յիշուած չէ, եւ առանց ժողովական վճռոյ լոկ արքունի հրամանով գահընկեցութիւնը կանոնական չէր ըլլար, եւ տեղը անցնողն ալ օրինաւոր կաթողիկոսաց շարքը պիտի չանցնէր ինչպէս չանցաւ Դիոսկորոս Սանահնեցին ( § 835):

1284. ՀՐԱԺԱՐԵԼՈՒՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐԸ

Այդ տեսութիւններով եւ յառաջ բերուած պատճառաբանութիւններով` իրաւունք կ՚ունենանք պնդել, թէ Յակոբ կաթողիկոս, ոչ գահընկէց, այլ հրաժարեալ մըն է: Ինքն նախապէս Անաւարզեցիին հետեւողն ու շատ մօտէն գործակիցն եղած էր, անոր քեռորդին ըլլալով, եւ եթէ նոյնացնենք զինքն Կապանի եպիսկոպոս Յակոբի հետ, անձամբ Հռոմ գացած եւ յարաբերութեանց միջնորդ եղած էր: Բայց հայրապետական աթոռ բարձրանալէն եւ պատասխանատու դիրք գրաւելէն ետքը, հետզհետէ փորձով տեսած էր այդ յարաբերութեանց անօգտակարութիւնը, մանաւանդ թէ վնասակարութիւնը, զի ոչ միայն նպաստ եւ օգնութիւն չէր պտղաբերեր, այլ եւ Եգիպտացիները կը գրգռէր եւ երկրին աւերման եւ ժողովուրդին քայքայման եւ եկեղեցւոյն վնասներուն պատճառ կ՚ըլլար: Եգիպտացւոց հետ կնքուած հաշտութենէն ետքը, որուն հարկաւ աշխատակցած էր իր նախորդին հետեւելով ( § 1269), Յակոբ նոր կացութեան պաշտպանն էր եղած, Լեւոնն ալ իր կողմը յանկուցանելու աշխատած, գուցէ եւ գայթակղած էր Բենեդիկտոսի թելադրած եւ նուիրագործած ուխտադրժութենէն, որով Լեւոնի տուած երդումը կը քակէր եւ կը լուծէր: Յակոբի դժուար էր, առանց թագաւորին գործակցութեան արդիւնաւորութիւն մը ունենալ, գուցէ ալ իրեն կ՚առարկէին իր նախընթաց գործերը: Հետեւապէս իրեն ուրիշ ճամբայ չէր մնար, բայց եթէ ձեռուըները լուալ եւ մէկ կողմ քաշուիլ, ինչպէս ալ կը գործադրէ 1341 տարւոյ սկիզբները, եւ կաթողիկոսութենէն հրաժարելով, աթոռէն կը հեռանայ, ապագային պատասխանատուութենէ զերծ մնալու համար, թողլով որ ուրիշները գիտցածնին ընեն եւ պատասխանատուութիւնն ալ ըստանձնեն: Յիշատակագիր մը Յակոբի համար կ՚ըսէ, թէ էր յոյժ հնազանդ սուրբ եկեղեցւոյն Հռոմայ, բայց յիշատակարանը գրուած է 1331-ին ( ՏԱՇ. 741), կաթողիկոսութեան առաջին տարիները, երբ տակաւին իր միտքը չէր պղտորած 1335-ին դառն փորձառութենէն ետքը: Արդէն նոյնիսկ հրաժարականով քաշուիլն ալ Հռոմի հետ բացարձակ պայքարէ խուսափելու միջոց մըն է եղած, որով եթէ կրնանք պաշտպանել Յակոբի ուղղամտութիւնը, չենք կրնար ծածկել անոր տկարամտութիւնը:

1285. ԱՄԵՆԱՒԱԳ ԴԵՐՋԱՆՑԻ

Ժամանակակից դէպքերէն առաջին կը ներկայանայ Ամենաւագի նահատակութիւնը, որ կատարուած է 1335-ին: Բնիկ Դերջանցի էր Ամենաւագ, Գառնբերդակ գիւղէն, Թիմէրի եւ Զամէնի որդի, հողագործութեամբ ապրող: Պարտատէր այլազգի մը անոր գրաստը բռնի գրաւել ուզած պահուն, եղբօրմէն օգնութիւն կը խնդրէ, եւ ասոր մերժելու վրայ սիրտին ցաւը կը յայտնէ ըսելով. որպիսիfl քրիստոնէութիւն է այդ, ես ոչ գիտեմ ( ՅԱՍ. Ա. 114): Այս խօսքը կը բաւէ, որ այլազգին եւ ընկերները հետեւցնեն, թէ Ամենաւագ քրիստոնէութիւնը ուրացաւ եւ իսլամութիւնը ընդունեցաւ, եւ այսպէս կը վկայեն գաւառին Հասան դատաւորին եւ Մահմուտ գաւառապետին առջեւ: Ամենաւագ միջոց մը թաքչելէն ետքը, նորէն Գառնբերդակ կը դառնայ գործը մոռցուած ենթադրելով, բայց կը ճանչցուի, եւ դատաւորի առջեւ կը հանուի, իբրեւ իսլամութենէ ետ դարձող մը: Քանի մը օրեր բանտարկութեամբ, ողոքանօք եւ սպառնալեօք կը ջանայ դատաւորը, որ իսլամութիւնը ընդունիլ տայ, բայց Ամենաւագի անդրդուելի հաստատամտութեան վրայ մահուան վճիռը կու տայ իբրեւ ուրացեալ: Ասոր վրայ խոշտանգանօք կը տանին զայն աւանին հրապարակը, եւ հոն քարկոծելու կը սկսին, եւ երկաթ ուռով գլուխը ջախջախելով կը սպաննեն: Մարմինը մերկացնելով փողոցները կը քաշկռտեն, եւ մինչեւ երրորդ օր անթաղ կը թողուն, ուրկէ վերջ հրաման կ՚ըլլայ զայն թաղել: Նահատակութեան օրը գրուած է մարտ 10 ուրբաթ ( ՅԱՍ. Ա. 115), որ 1335-ին ճշդիւ կը պատասխանէ մեծ պահոց երկրորդ ուրբաթին, եւ յաջորդ կիրակին, մարտ 12 եղած կ՚ըլլայ թաղման օրը: Միայն չէ յիշուած թէ որ աւանն էր գաւառին կեդրոնը, ուր դատաւորը կը նստէր եւ նահատակութիւնը տեղի ունեցաւ, եւ թէ ուր թաղուեցաւ մարմինը: Ամենաւագի ծննդավայր գիւղը Գառնբերդակ մինչեւ այսօր կայ, բայց գերեզմանը յայտնի չէ Դերջանի մէջ:

1286. ՄԽԻԹԱՐ ՍԱՍՈՒՆՑԻ

Նոր Յայսմաւուրքը ապրիլ 4 օրուան ներքեւ կը յիշատակէ Մխիթար Սասունցի վարդապետը ( ՅԱՍ. Ա. 148), զոր հինը դրած է փետրուար 11-ին ( ՅԱՅ. 364): Բնիկ Սասունցի ամբարիշտ մարդու մը զաւակ, անոր մահուընէ ետեւ Կերմանից գիւղը փոխադրուած, մօրը մահուընէն ետքն ալ Գայլեձորի վանքին մէջ. Ներսէս Տարոնոցիի աշակերտած էր Մխիթար, ուսկից փոխադրուեցաւ Արճէշի Կերմանից վանքը եւ վերջէն հաստատուեցաւ Մեծոփայ վանքը, եւ նշանաւոր քարոզիչ մը եղաւ շրջակայ գաւառներու մէջ. նշանաւոր ոչ միայն իր ազդեցիկ խօսքովը, այլ եւ ողորմած գործունէութեամբը, որուն կը գործածէր գիրքերու ընդօրինակութեամբ շահած գումարները: Մխիթարի առաւելութիւններէն մին եղաւ հայադաւան ուղղափառութեան պաշտպանութիւնը, անոր համար իրեն դէմ ալ ամբաստանութիւններ յարուցին Ունիթորները, հոգեծնութեան մտացածին վարդապետութիւն մը վերագրելով ( ՉԱՄ. Գ. 343): Սակայն Մխիթար շարունակեց իր քարոզութիւնները եւ սրբութեամբ վախճանեցաւ Հայոց 786 թուին հոռի 25-ին հին տոմարով, կամ մեհեկի 5 Սարկաւագի հաշւով, յետի բարեկենդանին չորեքշաբթին, ինչպէս կը գրէ հին Յայսմաւուրքը ( ՅԱՅ. 366): Արդ հոռի 25-ը ըստ հնոյն կը պատասխանէ փետրուար 19-ին, մինչ մեհեկի 5 կը համեմատի փետրուար 11-ին, իսկ չորեքշաբթին կը յարմարի փետրուար 19-ին, եւ ճշդիւ Առաջաւորաց պահքին յաջորդող չորեքշաբթի: Ըստ այսմ հարկ կ՚ըլլայ 1337 փետրուար 19-ը, քան թէ փետրուար 11-ը, ընդունիլ իբր ճիշդ թուական Մխիթար Սասունցիի մահուան, որ Կերմանեցի անունով ալ յիշուած է ( ՍԻՆ. 136):