Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՅԱԿՈԲ Բ. ԱՆԱՒԱՐԶԵՑԻ ԴԱՐՁԵԱԼ

1316. ՆՈՐԷՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հայ եկեղեցւոյ հայրապետներուն շարքին մէջ տարօրինակ եւ միակ է Յակոբի պարագան, որ կանոնական եւ վերջնական կերպով աթոռէ հրաժարելէն, եւ ուրիշ մը օրինաւորապէս կաթողիկոսութիւնը վարելէն ետքը, երկրորդ ընտրութեամբ կրկին հայրապետական աթոռ կը բարձրանայ եւ կաթողիկոս կը հռչակուի: Ասիկա յայտնի նշան մըն է, թէ Յակոբ անուանարկութեամբ եւ իրական մեղադրութեամբ կաթողիկոսութենէ չի վտարուեցաւ, այլ յօժարակամ քաշուեցաւ ( § 1283), իր պատուովը ապրեցաւ, եւ սկսաւ նորէն փնտռուիլ, երբոր Լատինաց մերձաւորութեան` ոչ միայն անպտուղ, այլ եւ վտանգաւոր ըլլալուն շատեր սկսան համոզուիլ: Յակոբի կրկին կաթողիկոսանալուն մասին տեղնիտեղօք պատմութիւն չունինք, որ գիտնանք թէ կրկին օծում կատարեցի՞ն, կամ թէ ի՞նչ ձեւով աթոռ բարձրացուցին. սակայն հաւանական չէ կրկին օծելնին, վասն զի մեր եկեղեցին երբեք օծում չի կրկներ, եւ իբր ստոյգ կը նկատենք որ արդէն կաթողիկոս օծուած ըլլալով առանց նոր արարողութեան գործի գլուխ անցաւ: Յակոբի կրկին կաթողիկոսանալուն առաջին աղբիւր կը գտնենք Դավրիժեցին, որ կը գրէ թէ Մխիթարէ ետքը նստաւ դարձեալ ամս չորս ( ԴԱՎ. 335), եւ անոր հետեւելով կը կրկնէ Երեւանեցին ալ ( ՋԱՄ. 17): Սակայն հնագոյններ կարծես թէ կ՚անգիտանան այդ կրկնակ պաշտօնավարութիւնը, զի Անեցիին շարունակողը, Հայոց 789-ին կը դնէ, տէր Մխիթար ամս չօրեքտասան ( ՍԱՄ. 168), ճիշդ 803-ին ալ կը դնէ տէր Մեսրոպ ամս քսանեւվեց ( ՍԱՄ. 169), որով Յակոբի համար միջոց չի մնար: Նոյնպէս ուրիշ յիշատակարան մըն ալ առանց ընդմիջութեան կը շարէ տեր Յակոբ, տէր Մխիթար, տէր Մեսրոպ ( ՏԱՇ. 989), որով անգիտակ կ՚երեւի Յակոբի երկրորդ կաթողիկոսութեան: Թերեւս մենք ալ միտէինք այդ կրկնութիւնը չընդունիլ, եթէ զօրաւորագոյն ըլլային փաստերը, սակայն Անեցիին շարունակողը մեծ հեղինակութիւն չի վայելեր իր շփոթ տեղեկութիւններովը, եւ յիշատակարանը անորոշ է թուականներ չ՚ունենալուն համար, մինչ Դավրիժեցին աղբիւրներու դիմելով կազմած է իր ցուցակը, յիշատակարաններ եւ կոնդակներ ալ քննած է ( ԴԱՎ. 334), եւ աւելի վստահութեան արժանի կը նկատուի: Ըստ այսմ կը հետեւինք անոր քաղած ծանօթութեանց, ինչպէս հետեւած են մեզմէ առաջիններն ալ:

1317. ԻՐ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ

Յակոբի առաջին ընտրութենէն 28 տարիներ անցած էին, երբ վերստին կաթողիկոսութեան բարձրացաւ 1355-ին, հետեւաբար ծերացեալ հասակին մէջ վերստանձնած պիտի ըլլայ այդ պաշտօնը, երբ ոչ այնչափ ժիր գործունէութիւն, որչափ խոհական վարչութիւն մը կը սպասուէր ժամանակին պարագայից բերմամբ: Յակոբ յայտնի էր իր ճարտար ուղղութեամբ հայադաւան եկեղեցին պահելու եւ պաշտպանելու, առանց լատինականութեան դէմ բուռն պայքար մղելու, ջանալով որեւէ օգուտ մը քաղել անկէ, առանց Հայ եկեղեցւոյ իսկութենէն բան մը վրայ տալու: Մխիթար որ իբրեւ աւելի ճկուն ու յարմարող պաշտօնի կոչուած էր, բոլոր իր ջանքերով ու զիջողութիւններով զգալի արդիւնք մը չէր յաջողած ձեռք ձգել, եւ այդ յուսախաբութիւնն էր, անշուշտ, որ ամէնքը նորէն Յակոբի դառնալ կը յորդորէր: Գուցէ յաջորդի ընտրութեան մասին ներհակ ուղղութեանց մրցումը դադրեցնելու դարման մըն ալ եղաւ` ծերունի կաթողիկոսը նորէն պաշտօնի կոչելով` հակառակութիւնները լռեցնելու խորհուրդը: Մեծ գործունէութիւն չէր սպասուէր Յակոբէ, եւ չ՚ունեցաւ ալ. պատմութիւնը գրեթէ ոչինչ չի պարունակէր այն չորս տարիներուն մէջ, որ 1355-է ետքը անցան մինչեւ Յակոբի մահը: Կոստանդին թագաւորն ալ ներքին համոզմամբ մեծ լատինասէր մը չէր, արդէն Գուիտոնի լատինամոլութեան դէմ ելլող խումբէն ընտրուած էր: Այնչափ ինչ կ՚ըներ որչափ բուռն հարկը կը պահանջէր եւ այդ մասին Յակոբ կաթողիկոսի հետ համամիտ էր: Հռոմի հետ փոխադարձ` յարաբերութեանց եւ թղթակցութեանց բացակայութիւն ալ դիւրաւ կը մեկնուի, քանի որ թագաւորն ու կաթողիկոսը Կիլիկիայէ դիմումներ չէին ըներ, որով պապերուն առիթ չէր ըլլար կրօնական համակերպութեան եւ հպատակութեան պահանջներ նորոգել:

1318. ՈՒՆԻԹՈՐՆԵՐ ՎԵՐԱԿԱԶՄՈՒԱԾ

Ունիթորներու առաջնորդ Յովհաննէս Քռնեցին վախճանած էր 1348 յունուար 6-ին ( ՍԻՍ. 387), որով գրեթէ անգլուխ մնացած էին, եւ գործունէութիւննին տկարացած էր, զի Բարթողիմէոսի Լատին ընկերներն ալ, Պետրոս Արագոնացին եւ Յովհաննէս Անգղիացին նոյն միջոցներուն մեռած էին: Յովհաննէս ԻԲ պապէն Քռնեցիին ստացած կոնդակը` իբր յատուկ միաբանութիւն կը նկատէր Հայ Ունիթորները ( § 1278), բայց Քռնեցիին մահուընէ ետքը հետզհետէ տկարացած էր Ունիթորներու կազմութիւնը, ոչ միայն յաղագս փոքրագունութեան, այլ եւս աղքատութեան եւ թշուառութեան ( ԿԱԼ. 524): Հետեւաբար պարտաւորուեցան Հռոմի յատուկ ձեռընտուութիւնը խնդրել, եւ այս նպատակով երկու պատգամաւորներ յղեցին Աւինիոն Կղեմէս Զ-ի յաջորդ Իննովկենտիոս Զ պապին: Գացողներն եղան Ջահկեցի հարազատ եղբայրներն, Թովմաս եւ Սամուէլ ( ՍԻՆ. 388) կամ Ելեւթիւրոս ( ԿԱԼ. 524): Ունիթորներու դիրքը աւելի զօրացնելու համար, այս անգամ 1356 յունուար 31-ի պապական կոնդակով, անոնք կատարելապէս ձուլուեցան Դոմինիկեան լատին միաբանութեան հետ, եւ Հայաստանի վանքերը ոչ եւս իբր Միաբանութիւն, այլ իբր Միաբանական գաւառ նկատուեցան, գաւառահօր կամ գաւառական մեծաւորի մը իշխանութեան ներքեւ: Ունիթորներու հետեւող հռոմէադաւան Հայերու համար ալ Նախիջեւանի անունով եպիսկոպոսական վիճակ մը կազմուեցաւ, եւ նոյնիսկ պատգամաւոր գացողները, Թովմաս` եպիսկոպոս եւ Սամուէլ` գաւառահայր նշանակուեցան ( ԿԱԼ. 524): Դոմինիկեանց ընդհանուր մեծաւորը պիտի օգնէր եւ պիտի խնամէր Հայ վանքերը, բայց եւ մերթընդմերթ իր կողմէ այցելուներով պիտի քննէր անոնց ընթացքը, եւ պիտի տար պէտք եղած հրամանները: Այսպէս իրենց սկզբնաւորութենէն քիչ ետքը իբր Հայ գործող Ունիթորները, պաշտօնապէս լատինութեան կ՚անցնէին: Մէկ կողմէն միջոցներու նուիրակութիւնը, եւ միւս կողմէն կերպարանին փոփոխութեան պատճառով, Ունիթորները չկրցան այս ատեններ մեծ գործունէութիւն ունենալ, մինչեւ որ Իննովկենտիոսի կարգադրութեամբ յաջողեցան նորէն կազմուիլ եւ զօրանալ եւ Հայ եկեղեցւոյ դէմ յարձակումներու ձեռնարկել: Իրենց կեդրոնը հաստատուեցաւ Նախիջեւան եւ Ջահուկ եւ Շահապունիք գաւառներու մէջ, բայց հետզհետէ Ջահուկի մէջ ամփոփուեցան, եւ այս պատճառով Ջահկեցի կոչուեցան: Անոնք որ Մեծ Հայոց կողմերը Հռոմէադաւանութեան կը հետեւէին, ինչչափ ալ անձուկ եւ սահմանափակ կերպով, քանի մը դարեր տեւող գոյութիւն ունեցան: Միշտ Ներսէս Պաղոնի եւ Սիմէոն Պէկի անուններն ալ այլ եւս չեն յիշուիր պատմութեան մէջ, որով անոնց ալ այդ միջոցին մեռած ըլլալը կը հետեւի: Արդէն բաւական ժամանակ էր, որ իրենց տարադէպ գործունէութիւնը կը շարունակէին, բայց չենք կրնար ճշդել, թէ ո՞ւր, Արեւելքի՞ թէ Արեւմուտքի մէջ կնքեցին իրենց արկածալից կեանքը:

1319. ՅԱԿՈԲԻ ՄԱՀԸ

Յակոբի երկրորդ կաթողիկոսութեան միջոցին տեղի ունեցաւ ահեղ սրածութիւն մը, որ շատ մը կեանքերու կորուստ պատճառեց Կիլիկիոյ մէջ: Ծագումը յայտնի չէ, բայց կրնայ հետեւանք ըլլալ 1356-ի ասպատակին, եւ կամ պարզ մահտարաժամ մը եղած ըլլալ վարակիչ հիւանդութեանց երեսէն: Նկատելի կէտ մըն էր, որ հակառակ սովորական պատահարաց, ուր ընդհանրապէս ստորին դասակարգն է որ զոհ կ՚երթայ վարակիչ ախտերու, այս պարագային եկեղեցականներու եւ ազնուականներու դասակարգեր բազմաթիւ զոհեր տուին, մինչեւ իսկ Կոստանդին թագաւորի որդիք բազումք վարակուեցան եւ մեռան ի մէջ աւուրց քսանից, եւ այս այնչափ աչքի զարկաւ, որ իբր աստուածասաստ պատուհաս կ՚ուզէ մեկնել զայն լատին պատմիչը, իբր զի չէր նա յարքունի զարմէ անտի Հայոց ( ԴԱՐ. 58): Ասով Լուսինեանց ազգատոհմին ժառանգական իրաւունքին բռնաբարող մը կ՚ուզէ ցուցնել Նզրեցոց ազգատոհմէն եղող Կոստանդինը: Իսկ արկածին թուական կը ցուցուի 1359 տարին ( ՍԻՍ. 560): Յակոբի կաթողիկոսութեան երկրորդ մասը համառօտ եղաւ, զի 1359-ին կնքեց նա իր կեանքը, ինչպէս կ՚երեւի, տարիներու երկարութեան եւ աղէտներու ծանրութեան ներքեւ ճնշուած: Դժբախտաբար օրինաւոր պատմագիրներ չ՚ունենալով, կցկտուր եւ ցրիւ յիշատակներով կը պարտաւորուինք կազմել ժամանակիս պատմութիւնը, չոր ակնարկներ միայն տալով առանց անոնց հանգամանքները ու շարժառիթները կարենալ բացատրելու: Իսկ Յակոբի անձին եւ գործերուն մասին բաւական գրեցինք պատմութեան կարգին, եւ պէտք չենք տեսնար նորէն անդրադառնալ անոր ուղղութիւնն ու ընթացքը բացատրելու, կամ արժանիքը գնահատելու համար:

1320. ԿԻՐԱԿՈՍ ԵՒ ՍԱՐԳԻՍ

Այստեղ մեր սովորութեան համեմատ ժամանակակից նշանաւոր անձերն ալ յիշել ուզելով, միայն երկու նահատակներու անուններ կը գտնենք, եւ գերեզմանները Անիի մօտ գտնուելէն, Անեցիներ ըլլալնին կը հետեւցնենք: Այս երկուքն են, Կիրակոս վարդապետ եւ Սարգիս քահանայ, վասնզի կը կարծենք թէ արձանագրութեան Ա. Սարգիս գրուածը պէտք է Տ. Սարգիս կարդալ: Առաջինին համար ըսուած է թէ նահատակեցաւ յանօրինաց: Իսկ երկրորդը` իր եղբայրը Կազեր որդի Միւռոնի, արիւնաթաթաւ գտած է ի խորագոյն հորի քարաթաղ արարած ( ՇԱԿ. 34): Որչափ եւ նոր վկայից հաւաքիչները, երկուքն ալ մարտիրոսներու կարգ են անցուցած ( ՆՈՐ. 133), սակայն հնար է որ պարզապէս աւազակային սպանութեանց զոհ գացողներ ըլլան, քանի որ վկայաբանական յիշատակներ կը պակսին: Կիրակոսի համար յայտնապէս 1348 թուական տրուած է, եւ անոր ժամանակակից կ՚երեւի Սարգիսն ալ: