Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԿՈՍՏԱՆԴԻՆ Ե. ՍՍԵՑԻ

1329. ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐ

Մեսրոպի յաջորդին ընտրութիւնը չէր կրնար շատ հանդիսական եւ կանոնական ձեւերով կատարուիլ, նկատելով այն տագնապալից կացութիւնը որ կը տիրէր, եւ երբ Սիս քաղաք հազիւ թէ կրնար դուրսերուն հետ յարաբերութիւն պահել: Կոստանդին Հեթումեան ալ բռնական եւ բռնապետական իշխանութիւն կը վարէր, եւ կրնար իր կամքով գործը վերջացնել, եւ առձեռն պատրաստ մէկ մը` անմիջապէս կաթողիկոս օծել տալ, աթոռը պարապ չթողլու եւ կաթողիկոսական ազդեցութիւնը չկորսնցնելու համար: Կոստանդինի նախընթացին վրայ որեւէ տեղեկութիւն տրուած չլինելով, իրաւունք կը կարծենք ունենալ, նոյնացնելով զայն Կոստանդին եպիսկոպոսին հետ, որ յիշուած է Մխիթարի ժողովին ներկաներուն մէջ, անթեմ կամ դրան եպիսկոպոսներու կարգին ( § 1291), եւ այդ հիմամբ կը պատշաճեցնենք իրեն Սսեցի մակդիրանունը: Մեր կազմած մերձեցուցման կը նպաստեն Կոստանդինի Սսոյ մէջ գտնուիլը, երբ յարաբերութիւնները դժուարացած էին, եւ անոր շատ հակիրճ պաշտօնավարութիւնը, հազիւ երկու տարի, որ ծեր ըլլալուն նշան մըն է, ինչպէս պէտք էր ըլլար 1342-է առաջ եպիսկոպոս գտնուող մէկ մը: Կոստանդինի ուղղութեան եւ ընթացքին վրայ ալ շատ ըսելիք չունինք, զայն իբրեւ Մխիթարի նախկին գործակից մը նկատելով, կրնանք ըսել թէ Արեւմուտքի օգնութեան հետամուտ եւ բոլոր յոյսը Արեւմուտքի վրայ դնող մըն էր, եւ այս տեսակէտէն Լուսինեանց ալ համակիր:

1330. ԼԵՒՈՆԻ ՀՐԱՒԷՐ

Նշանակելի է Կոստանդինի կաթողիկոսութեան սկիզբները Լուսինեան կուսակցութեան աւելի աճում գտնելը, Կոստանդին Հեթումեանը արքունական գահէն վար առնելու, եւ Լեւոն Ջիւանեանը անոր տեղ թագաւորեցնելու գաղափարը յղանալու չափ: Այս միտքով պատգամաւորութիւն մըն ալ ղրկուեցաւ Կիպրոս, յանուն ազգին ներում հայցելով Գուիտոնի եւ Պէմունդի եւ Լատին ասպետներուն սպանութեան համար, սակայն Լեւոն իսկեւիսկ չհամակերպեցաւ, եւ չ՚ուզեց առանց իր տրամադրութեան ներքեւ զօրաւոր գունդ մը ունենալու Կիլիկիա անցնիլ, եւ Հայ իշխաններուն եւ գունդերուն ազդեցութեան ներքեւ մտնել: Իր խոստովանահայր պատմիչն ալ կը վկայէ, թէ կը վախնար որ արկանէին զնա Հայք ընդ ձեռամբ իւրեանց, վարելով ըստ կամս անձանց ( ԴԱՐ. 67): Այդ մտածութեանց մէջ, որոշակի կը տեսնուի կրօնական խնդիրին ալ նկատի առնուած լինելը: Նզրեցի Կոստանդիններու օրով հռոմէականութեան հակումը շատ տկարացած էր, մինչ Լեւոն` ջերմեռանդ հռոմէադաւան մը, կ՚ուզէր Հայերը իր ուղղութեան ստիպելու չափ ոյժ ունենալ:

1331. ՀԵԹՈՒՄԵԱՆ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ

Պարագաները շուտով ծանրացան եւ խնդիրին լուծումը գահավիժեցին: Մանչակ ամիրայ Տարսոնի` նոր ասպատակ մը հանեց Սսոյ կողմերը, եւ քաղաքն ալ նեղի դրաւ: Կոստանդին Հեթումեան բոլորովին յուսահատ եւ իր կեանքին վրայ վախցող, մտածեց հարստութիւնները մէկտեղ առնելով խոյս տալ, եւ Սիսէ փախչելով Կիպրոս ապաւինիլ, բայց այս խորհուրդին գործադրութիւնը անհնար գտաւ, որովհետեւ Սիսէ դէպի ծովեզերք ամէն տեղեր Եգիպտացիներէն գրաւուած էին եւ անվտանգ անցնիլ յուսալի չէր: Այն ատեն մտածեց թշնամիին հետ համաձայնութեան մտել, Սիսը կամ Կիլիկիան անոր յանձնել, միայն թէ իր կեանքը ապահովուի, եւ իրեն ներուի Կիպրոս երթալ իր հարստութիւններով: Խորհուրդը յայտնուեցաւ, եւ զայրոյթը ընդհանուր եղաւ: Կոստանդին արդէն իր բռնութիւններով ժողովուրդը զզուեցուցած էր, մատնութեան յայտնուելովը իրեն պաշտպաններն ալ կորսնցուց, դաւաճանութիւնը դաւաճանութեամբ ընկճելու միտքը զօրացաւ, եւ Կոստանդին սպանուեցաւ 1373 ապրիլին ( ԴԱՐ. 68): Լուսինեան կուսակցութեան յաղթանակն էր եղածը, եւ անիկա տիրացաւ կացութեան, եւ մինչեւ նոր թագաւորի մը հաստատութիւնը Մարիամ թագուհի ( § 1326) խնամակալ կամ տեղապահ հռչակուեցաւ, եւ իրեն քաղաքական եւ զինուորական օգնականներ նշանակուեցան Գուիտոնի եղբօր Պէմունդ կոմսին անհարազատ զաւակը Բարթողիմէոս ասպետ, եւ Թորոս մարաջախտին որդին Վասիլ զօրավար: Իսկ թագաւորութեան յաջորդին համար շատ վարանելու տեղի չէր մնար, Լուսինեան կուսակցութիւնը արդէն տարի առաջ իր ընտրութիւնը ըրած էր ( § 1320), եւ թագաւորի մահը ապահովցուցած էր արքունական գահը:

1332. ԼԵՒՈՆ ԹԱԳԱՒՈՐ

Համաձայնութիւնը շուտով գոյացաւ, Կոստանդին կաթողիկոս ալ միացաւ, պաշտօնական գիրեր պատրաստուեցան, կնքուեցան, եւ Լեւոն Համուսցի սեպուհ եւ երկու Սսեցի տանուտէրներ պատգամաւոր նշանակուեցան Լեւոն Ջիւանեանը Կիպրոսէ Սիս առաջնորդելու: Ասոնք ներկայացան նախ Պետրոս Բ. թագաւորին, որ 13 տարեկան եղած էր, եւ գործերը կը վարէր իր հօրեղբօր Անտիոքայ իշխանի անունը կրող Յովհաննէս Լուսինեանի խնամակալութեամբ: Իսկ Լեւոն Ջիւանեան, արդէն 31 տարեկան եղած, Կիպրոսի բանակին մէջ զօրավար մըն էր, եւ Կիպրոսի թագաւորին հաւանութեան հետ օգնութեանն ալ պէտք ունէր, իր գործը յաջողցնելու համար: Պատգամաւորութիւնը Լեւոնի ալ ներկայացաւ, եւ օր ետքը հաւանութեան պատասխան ալ ստացաւ, բայց ոչ նոյնժամայն գործադրութեան, զի Կիպրացիք պատերազմի մէջ էին Գենուացւոց դէմ, եւ Լեւոնի ներկայութիւնը անհրաժեշտ էր Կիպրացւոց յաջողութեան համար: Ուստի թագաւորն ու խնամակալն յայտարարեցին թէ միայն պատերազմին վերջանալէն ետքը Լեւոն կրնայ Կիպրոսէ մեկնիլ, եւ այն ատեն պէտք եղած օգնութիւններն ալ իրեն կը տրուին ( ԴԱՐ. 76): Լեւոնի յայտարարութեանց մէջ յատկապէս շեշտուած է. ի պահպանութիւն կաթողիկէ հաւատոյ պայմանը ( ԴԱՐ. 74), այսինքն թէ հռոմէականութիւնը պաշտպանելու համար Հայոց թագաւորութեան յանձնառու կ՚ըլլայ, սակայն պատգամաւորներ շատ մտադրութիւն չդարձուցին այդ պայմանին, եւ յակամայ կամս հաւանեցան իրենց խնդրանքին յետաձգման:

1333. ՏԵՂԱԿԱԼՆԵՐՈՒ ԱՏԵՆ

Քանի որ Լեւոն այդ վայրկեանէն պաշտօնապէս Հայոց թագաւոր եղած կը նկատուէր, ինքն որոշեց առժամապէս երկիրը կառավարելու սահմանուած տեղակալները, որոնք եղեն դարձեալ կանխաւ նշանակուած խնամակալները, Մարիամ թագուհին եւ Բարթողիմէոս Լուսինեան ու Վասիլ Թորոսեան իշխանները ( § 1331), անոնց վրայ աւելցնելով Ռեմի կոմսուհին` Լուսինեան Պէմունդի այրին: Այս չորսերուն օգնական տրուեցան Կոստանդ զինակիր, եւ Մանուէլ թարգման, այս վերջինս Իտալիոյ պատգամաւորութենէն ( § 1236) Կիպրոս դարձած: Սիսէ եկող պատգամաւորները, եւ յիշեալ զինակիրն ու թարգմանը Քերինէ նաւահանգիստէն յատուկ նաւով Կոռիկոս անցան, բայց իմանալով որ Սիս քաղաք Հալէպի ամիրայ Պէկ-Թիմուրի կողմէ պաշարուած է, պարտաւորուեցան հանդերձս Թուրքաց հագնիլ եւ հետիոտս քալելով առանց ճանչցուելու Սիս մտնել: Պատգամաւորութեան բերած խոստումնալից աւետիսը Սսեցիները ոգեւորեց, Լեւոնի դրօշը ամրոցին վրայ կանգնուեցաւ, ամենքը զինուեցան, եւ անվեհեր յարձակումով պաշարողները ցրուեցին ( ԴԱՐ. 80): Այդ եղելութեանց ալ որոշ ամսաթիւը նշանակուած չենք գտներ. բայց նկատելով որ Կոստանդին Հեթումեանի սպանութիւնը 1373 ապրիլին էր եղած ( ԴԱՐ. 68), մերձաւորաբար երեք չորս ամսուան ժամանակ հարկ կը զգանք տալ պատմուած եղելութեանց, եւ 1373 սեպտեմբերին դնել Լեւոնի թագաւորութեան հռչակուիլը եւ Պէկ-Թիմուրի պաշարումին ետ մղուիլը: Անկէ մինչեւ Լեւոնի անձամբ Սիս հասնելը 10 ամիսներ անցան, բայց որոշակի դիպուած մը կամ նշանակելի եղելութիւն մը պահած չէ պատմութիւնը: Կ՚երեւի թէ Եգիպտացիներ պահ մը հանդարտեցան վերահաս ձմեռուան պատճառաւ, եւ Սիսի մէջ ալ ներքին խնդիրները դադրեցան, նոր թագաւորին օրէցօր հասնելուն ակնկալութեամբ: Կոստանդին կաթողիկոսն ալ հանդարտ օրեր անցուց, համակերպելով կատարուած եղելութեանց եւ առիթ չ՚ունենալով նոր խնդիրներ յուզելու` իր տարիքին ալ հետեւանօք, ինչպէս հաշուեցինք ( § 1329):

1334. ԼԵՒՈՆԻ ԳԱԼՈՒՍՏԸ

Անդին` Լեւոն Գենուացւոց հետ պատերազմին հետեւանքներով նոր արկածներու հանդիպեցաւ: Գենուացիք մեծ ոյժերով Ֆամագոստա նաւահանգիստը պաշարեցին եւ գրաւեցին, եւ Կիպրացիք տեղի տուին: Պետրոս Ա. սպանութեան վրայ քննութիւն բացին, եւ ուրիշ կասկածաւորներու հետ Լեւոնն ալ բանտարկեցին, որ Պետրոսի այրիին Էլէոնորա թագաուհւոյն միջնորդութեամբ Գենուացւոց ծովակալին դիմեց ինքզինքը արդարացնելու, Հայոց թագաւորութեան կոչուած, Ուրբանոսի կոնդակով հաստատուած, եւ մեկնելու վրայ ըլլալն ալ յայտնելով: Վերջապէս Գենուացիք զիջան, բայց 36. 000 Կիպրոսի արծաթ դահեկան տուգանք պահանջեցին: Լեւոնի մայրը Սուլթան տիկին եւ ամուսինքը Մարգարիտ տիկին հազիւ 6000 դահեկան ճարեցին, ու 30. 000-ի փոխարէն Մարգարիտի աւատական կալուածը հաշուեցին, եւ այնպէս Լեւոն բանտէն արձակուեցաւ: Կիպրոսէ Կոռիկոս անցնելու համար ալ Լեւոն պարտաւորուեցաւ Էլէոնորայի թողուլ իր կնոջ Մարգարիտի ուրիշ մէկ կալուածը եւ երդնուլ թէ Կոռիկոսի բերդաքաղաքը պիտի չմտնէ, եւ Գենուացի ծովակալին խոստացաւ 10, 000 ֆիօրին վճարելի իբր վարձ, եւ 300 տուկատ եւս իր կարասիները գրաւումէ ազատելու համար: Այդ ամէն գործողութիւններ երկար ամիսներ տեւեցին, եւ հազիւ 1874-ին զատկին օրը, ապրիլ 2-ին, կրցաւ Լեւոն Կոռիկոս հասնիլ իրեն հետ ունենալով մայրն ու կինը ու հետեւորդները ( ԴԱՐ. 89), զորս չէր կրնար այլեւս Կիպրոսի մէջ թողուլ: Կոռիկոս հասնելով, Լեւոն բուն քաղաքը չմտաւ, եւ փոքրիկ կղզեակին մէջ բնակեցաւ, եւ որչափ ալ Կիլիկիա հասած էր, բայց տակաւին իր թագաւորութեան մէջ չէր, զի Կոռիկոս Կիպրացւոց անցած էր ( § 1323), եւ այդ միջոցին Գենուացիք կ՚իշխէին, ու անկէ մինչեւ Սիս ութ օրուան ճամբայէն աւելի էր ( ԴԱՐ. 87), եւ միջանկեալ երկիրն ալ Տարսոնի ամիրային ձեռքն էր:

1335. ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԻ ՄԱՀԸ

Կոստանդին կաթողիկոս հաւանաբար կրցաւ լսել սպասուած թագաւորին Կիլիկիա հասնիլը, բայց չկրցաւ զայն տեսնել: Մահը կանխեց այդ մխիթարութիւնը իրեն զլանալ, թէպէտ ինքն ալ մասնակցած էր գործին, եւ Կիպրոս գացող պատգամաւորներ յատկապէս կաթողիկոսի անունն ալ յիշած էին, թէ Պետրոսի ( ԴԱՐ. 69), եւ թէ Լեւոնի առջեւ ( ԴԱՐ. 70): Կոստանդինի կաթողիկոսութիւնը տեւողութեամբ յոյժ համառօտ կարեւորութեամբ ալ աննշանակ անցաւ, արդիւնաւորութեան հետք մը չենք տեսներ իր վրան, եւ միայն տագնապալի եւ ազգին ճակատագիրին հետ շատ նշանակելի օրերու հետ կապուած կը մնայ իր անունը, առանց յատուկ նշանակութիւն մը ունենալու, ոչ լաւ եւ ոչ վատ տեսակէտով: