Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԿԱՐԱՊԵՏ Ա. ԿԵՂԵՑԻ

1374. ՆԱԽԸՆԹԱՑՆ ՈՒ ՊԱՇՏՕՆԸ

Թէոդորոսին յաջորդին ընտրութիւնը ոմանք տարի մը կը յետաձգեն, սակայն այդ մասին որոշ ակնարկ մը չենք գտներ ժամանակակիցներուն մէջ, եւ կը կարծենք թէ այդ կարծիքը յառաջ եկած է Կարապետի կաթողիկոսութեան 1393 թուական նշանակուելէն ( ՍԱՄ. 172), որով Թէոդորոսի մահուընէ տարի մը ետքը եղած կ՚ըլլայ: Սակայն միեւնոյն տեղը Հայոց թուականը 840 ցուցուած է, որ կը պատասխանէ 1391-ին եւ Թէոդորոսի մահն ալ 842 գրուած է, այսինքն 1393-ին, որ իրարու չեն կապակցիր եւ այդ կողմէն որոշ փաստ չի կազմուիր: Միւս կողմէն ալ 1393-ին Կարապետ կաթողիկոսը յիշողներ, ընտրութեան թուական չեն տար, այլ նոյն թուականին կաթողիկոս գտնուիլը կը յիշեն: Այդ պատճառներով մենք պատճառ չենք գտներ Կարապետի կաթողիկոսութիւնը տարի մը յետաձգելու: Էօմէր ամիրան ալ նոր կաթողիկոսի հաստատութեամբ նիւթական օգուտի առիթ կ՚ունենար, եւ ուշացնելու գրգիռ չունէր: Հետեւաբար ոչինչ չ՚արգելեր որ Կարապետի կաթողիկոսութիւնը 1392-ին դնենք, անմիջապէս Թէոդորոսի սպանութենէն ետքը, ոչ թէ կանոնաւոր ընտրութեամբ, որուն պարագաներ նպաստաւոր չէին, այլ նոյն ինքն Կարապետի առջեւ նետուելովը, պաշտպաններ ալ ճարելովը եւ ամիրան գոհացնելովը: Կարապետ ըսուած է Կեղեցի ի Խորձենոյ ( ՉԱՄ. ՅԱՒ. 110), եւ թէպէտ աղբիւրը ցուցուած չէ, այլ կը պահենք իբրեւ յատուկ անուն մը, որ մեր կարծեօք օգտակար է անձերը զատելու: Բայց եթէ ծննդեամբ Կիլիկեցի չէր, անշուշտ առաջին տարիքէն Կիլիկիոյ մէջ ապրած եւ հայրապետանոցին մէջ յառաջացած էր: Շարունակողը այն կը կոչէ տէր Կարապետ Բոկիկն ( ՍԱՄ. 172), որ ժողովրդական հնչումով Բոբիկ ալ կ՚արտասանուի: Անյայտ կը մնայ այդ կոչումին իմաստն ու ծագումը, եւ չենք կարծեր թէ խստամբեր կեանք ունեցող, բոկոտն շրջող կամ բոկ ու խեղճ ապրող մէկ մը եղած ըլլայ: Այսպիսի առաքինութիւն կամ կենցաղ Կիլիկիոյ հայրապետանոցին ընտանի չէր այդ միջոցին: Աւելի հաւանական է կարծել թէ խեղճ, բոկիկ ու բոկոտն, Կեղեցի պանդուխտ տղայ մըն էր, հայրապետանոցին մէջ պատսպարուած եւ հետզհետէ յառաջացած ու բարձրացած, Եսայի Եղիպատրուշեցիի նման մէկ մը ( § 614):

1375. ԿԱՐԱՊԵՏՆԵՐԸ ԵՐԿՈՒ ՉԵՆ

Աւելի կարեւոր է զննել Կարապետին անձին վրայ կատարուած կրկնումը, որով մէկ Կարապետը երկու Կարապետ կաթողիկոսներու վերածուած է, եւ Կարապետ Ա եւ Կարապետ Բ անուններով երկու կաթողիկոսներ ցուցակի անցած են: Այդ թիւրիմացութեան մեզի ծանօթ հնագոյն կազմողը Դավրիժեցին է, որ իր ցուցակին մէջ գրած է. ՊԽԴ թ. տէր Կարապետ. ՊԽԶ թ. տէր Դաւիթ. ՊԾԲ թ. միւս տէր Կարապետ ( ԴԱՎ. 336): Ետեւէն եկողներն ալ իրեն հետեւած ( ՉԱՄ. Գ. 428), եւ բոլոր վերջին գրողներ նոյն գրութիւնը ընդունած են: Այլ մենք հնագոյն աղբիւրներու դիմած ատեննիս, շուտով տեսանք թէ թիւրիմացութիւն մը տեղի տուած է այդ բանին մէջ: Շարունակողն որոշակի եւ կրկին անգամ գրած է, տէր Կարապետ Բոկիկն ամս երկոտասն ( ՍԱՄ. 172), որով Հայոց 852-էն ետքը եղող Կարապետը միեւնոյն 844-ին կաթողիկոս գտնուող Կարապետը եղած կ՚ըլլայ, եւ այլ եւս երկու Կարապետներու տեղի չմնար: Որպէս զի մեր տեսութիւնը աւելի յայտնի ըլլայ, պէտք կ՚ըլլայ թիւրիմացութեան ծագումն ալ ցուցնել: Անոնք որ երկու Կարապետներու միջանկեալ Դաւիթ մը կը դնեն, անոր պաշտօնին տեւողութիւնը կը դնեն 1397-է 1403 տարիներու մէջ: Այդ միեւնոյն տարիներու պատկանող յիշատակարաններ, Կարապետ անունով կը յիշեն ժամանակին կաթողիկոսը, այսպէս 1400-ին կը գրուի, ի հայրապետութեան Կիլիկեցւոց տէր Կարապետի ( ՓԻՐ. 11), 1401-ին ի հայրապետութեան Կիլիկեցւոց տէր Կարապետի ( ՓԻՐ. 14) եւ 1402-ին ի կաթողիկոսութեան Հայոց տէր Կարապետի ( ՓԻՐ. 18), եւ եթէ այդ տարիներուն Կարապետ տակաւին կաթողիկոս էր, Դաւիթի մը տեղի չէր մնար: Սակայն այդ միջոցին Դաւիթ կաթողիկոս մը կար, բայց ոչ թէ Սսոյ այլ Աղթամարայ մէջ, նոյն ինքն 1393-ին նահատակուող Զաքարիայի եղբայրն ու յաջորդը: Աղթամարայ կաթողիկոսները սովոր էին համարձակ Հայոց կաթողիկոս կամ հայրապետ կոչուիլ, մանաւանդ իրենց վիճակային գրողներու կողմէ, զոր օրինակ, ի կաթողիկոսութեան Հայկազեան սեռի տեառն Դաւթի ( ՓԻՐ. 18), կամ ի հայրապետութեան տեառն Դաւթայ ( ՓԻՐ. 24), կամ պարզապէս ի հայրապետութեան տեառն Դաւթի ( ՓԻՐ. 14): Այդ կոչումներն են որ առիթ տուած են նոյն միջոցներուն Դաւիթ կաթողիկոս մը ենթարկել, եւ հետեւապէս Կարապետը միջակտուր ընելով երկուքի վերածել: Մեր տեսութիւնը իր վերջնական հաստատութիւնը կը գտնէ այն վկայութիւններով, ուր Կարապետ եւ Դաւիթ միասին կը յիշատակուին միեւնոյն ժամանակ, մէկը Սիս եւ միւսը Աղթամար նստած: Այսպէս 1400-ին գրուած է, ի հայրապետութեան Կիլիկեցւոց տէր Կարապետի, եւ ի հայրապետութիւն Ռշտունեաց որ յԱղթամար կղզի, Դաւթի` եղբօր տեառն Զաքարիայի ( ՓԻՐ. 11), եւ 1401-ին ի հայրապետութեան տէր Դաւթի Աղթամարայ, եւ ի Կիլիկեցւոց տէր Կարապետի ( ՓԻՐ. 14), եւ 1404-ին ի կաթողիկոսութեան Հայկազանց սեռի տեառն Կարապետի Կիլիկեցւոյ, եւ ի մերոյ հայրապետութեանս տեառն Դաւթի Աղթամարայ ( ՓԻՐ. 23), Այդ վկայութիւններն ու բացատրութիւնները այլ եւս վարանման տեղի չեն թողուր, սովորական ցուցակներուն Դաւիթ Դ-ը բոլորովին վերցնել, եւ Կարապետ Ա եւ Կարապետ Բ կաթողիկոսներու տեղ միակ Կարապետ Ա Կեղեցի, մականուն Բոկիկ, կաթողիկոս մը ընդունիլ, ինչպէս որ բոլոր յիշատակներ ու յիշատակարաններ երկրորդ Կարապետի մը ենթադրութիւնը չեն ճանչնար:

1376. ԶԱՔԱՐԻԱ ԱՂԹԱՄԱՐՑԻ

Անցողակի յիշեցինք Աղթամարայ Դաւիթ կաթողիկոսին նախորդին եւ եղբօր Զաքարիայի անունը: Սա աթոռ բարձրացած էր 1378-ին, եւ մեծ փոյթ ունեցած էր իր վիճակին զարգացման, եւ աթոռին պայծառութեան: Իր օրով Սարգիս Սորբեցի վարդապետը, Նչեցիի աշակերտ եւ Որոտնեցիի աշակերտակից, ծաղկեցուցած էր Եզերով լերան վրայ գտնուող Ս. Գէորգ վանքը, որ Սարի Ս. Գէորգ կը կոչուի լերան գագաթը գտնուելէն, Փութկու Ս. Գէորգ ալ կ՚ըսուի մերձակայ գիւղին անունէն, եւ շատ բանուկ կապան մը ըլլալուն, անցորդներ այնտեղ օթարան կը գտնէին, եւ աքաղաղի ձայնով փուքի ու փոթորկի գուշակութիւն կը ստանային (00. ԲԻԶ. 1194): Օր մը Ոստանի դատաւորը Ճաֆէր անուն ( ՅԱՍ. Ա. 271), Աղթամար կու գայ եւ իր մախաղը կաթողիկոսին աւանդ թողուլ կ՚ուզէ, իսկ Զաքարիա նենգամիտ դիտումը գուշակելով ապահով տեղ չունենալը կը պատասխանէ: Ասոր վրայ դատաւորը հերձոտելով մինչեւ իսկ կաթողիկոսը կ՚ապտակէ, սակայն ուրիշներուն վրայ հասնելուն կը ստիպուի տեղի տալ, եւ որպէս զի պարտաւոր չմնայ, ինքն իր երեսը սկրդելով եւ արիւնոտելով Ոստան կը դառնայ, եւ Աղդին ամիրային կաթողիկոսը կամբաստանէ, երբ ամիրայն բաղնիքի մէջ կը հանգստանար: Զաքարիան ալ ետեւէն կը հասնի դատաւորին դէմ գանգատելու, եւ ամիրայն առջեւ դէմ դէմի կը գտնուին: Ամիրան դատաւորին վկայութիւնը գերակշիռ կը համարի, եւ իբրեւ գործը վերջացնելու միջոց կ՚առաջարկէ, դարձիր յօրէնս մեր եւ ես շնորհեմ քեզ զվնասդ ( ՆՈՐ. 173): Զաքարիա համարձակ կը պատասխանէ, իր անպարտութիւնը կը հռչակէ, պարտաւոր եղած ատենն ալ իր սուրբ հաւատքէն չհեռանալը կը յայտարարէ: Շուրջը գտնուողներ կը զայրանան քրիստոնէութիւնը փառաբանելուն վրայ, եւ առանց ամիրային հրամանին սպասելու, վրան կը յարձակին, կուշտէն կը վիրաւորեն, եւ բաղանիքէն դուրս հանելով կը մերկացնեն, եւ վիզէն չուան անցընելով փողոցները կը քաշկռտեն, մէկ կողմէն ալ կը քարկոծեն ու կը հարուածեն, մինչեւ որ փողոցի մէջտեղ հոգին կ՚աւանդէ, օրհնութիւն ի բերանն, եւ բարի խոստովանողութեամբ ( ՆՈՐ. 174): Աղդին ալ այս եղերական վախճանէն ազդուած, չի ներեր մարմինն անարգել, այլ կը հրամայէ Հայերուն` թաղել պատուով որպէս եւ կամեսցին, եւ անոնք ալ կը տանին եւ կը թաղեն Աղթամարի մէջ ( ՅԱՍ. Ա. 272): Զաքարիա կաթողիկոսի նահատակութեան օրը նշանակուած է 842 մեհեկի 15, որ բուն տոմարով կը պատասխանէ 1393 յունիս 25-ին, չորեքշաբթի օր ( ՆՈՐ. 176), մինչ Յայսմաւուրքի մէջ նշանակուած յունիս 26 օրը ( ՅԱՍ. Ա. 272) հինգշաբթիի կը պատասխանէ, եւ թերեւս թաղման օրն է: Նահատակութեան տարին ոմանց մինչեւ 1396 յետաձգելը ( ՉԱՄ. Գ. 434), գրչագիրներու շփոթութեան արդիւնք պէտք է սեպել: Նահատակ կաթողիկոսին յիշատակը գովուած է իր աշակերտներէն Գրիգոր Աղթամարցի տաղասաց վարդապետին յօրինած գանձ քարոզովը ( ՆՈՐ. 177): Այս Զաքարիայի եղբայրն ու յաջորդն է Դաւիթ, որ 1393-ին պաշտօնի անցնելով մերձաւորաբար մինչեւ 1423 կաթողիկոսութիւն վարեց Հաւաքարանին համեմատ (00. ԲԻԶ. 1195), թէպէտեւ յիշատակարանի մը մէջ 1430 թուականը կը տեսնենք ( ՓԻՐ. 94), եթէ ընդօրինակութեան սխալանք չկայ, զի շատ երկարած պիտի ըլլար իր պաշտօնը: Սա է որ շփոթմամբ Սսոյ կաթողիկոսներուն ալ շարքն անցած է ( § 1375):

1377. ԼԵՒՈՆԻ ՄԱՀԸ

Սոյն այս 1393 տարին վերջին Լեւոնի մահուան տարին է, որուն Եւրոպա անցնելէն ետքը ( § 1356) այլեւս իրեն չհետեւեցանք, մեր պատմական շրջանակէն դուրս նկատելով, սակայն գոնէ հարեւանցի քանի մը տեղեկութիւններ աւելցնենք նիւթի ամբողջացման նպատակով, Լեւոն 1383-ին սկիզբները Աւինիոն հասած, մայիս 4-ին Կղեմէս Է պապին մօտէն մեկնեցաւ, Արագոնայի եւ Կաստիլիոյ թագաւորներուն երախտագիտական այցելութիւն տալու: Առաջ Արագոնայի Պետրոս թագաւորին համառօտ այցելութիւն մը տուաւ, ու փութաց Կաստիլիոյ Յովհաննէս թագաւորին հասնիլ, որ մայիս 12-ին պիտի ամուսնանար, բայց Լեւոնի չհասնելուն պատճառով` մայիս 16-ին յետաձգեց եւ Լեւոն եղեւ կնքահայր նորա ( ԴԱՐ. 191): Յովհաննէս Լեւոնի հետ պտոյտի ելաւ Սպանիոյ մէջ, եւ այդ միջոցին օգոստոս 14-ին Սեգովիոյ (Segovia) մայր եկեղեցւոյն մէջ Յովհաննէս Դարդէլի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը կատարել տուաւ հանդիսապէս ( ԴԱՐ. 192), իսկ Լեւոնի շնորհեց Մադրիդ եւ Վիլլարէալ եւ Անդիխար (Madrid. Villareal. Antequera) քաղաքները իբրեւ աւատ, եւ գումար մը Գաղղիա ուղեւորելու համար ( ԴԱՐ. 193): Լեւոն յիշեալ քաղաքներուն տիրանալէ ետքը ճամբայ ելաւ 1384 փետրուար 29-ին, եւ Նաւարրայի թագաւորին, Բէառնի կոմսին, Արագոնայի թագաւորին եւ Աւինիոնի պապին հանդիպելով յունիս 30-ին Պարիս (Paris) հասաւ, եւ մեծ պատուով ընդունուեցաւ Կարոլոս Ը Գաղղիոյն թագաւորէն: Այստեղ կը փակուին Դարդէլի յիշատակները ( ԴԱՐ. 199): Լեւոն Պարիսի մէջ առատ դրամական նպաստներ ստացաւ, եւ Սէնդուէնի (Saint-Ouen-sur-Seine) պալատն ալ իբր յատուկ բնակարան ( ԲԱՍ. 105): Գաղղիոյ եւ Անգլիոյ վէճին առթիւ յանձնառու եղաւ Պարիսէ Լոնդոն բանագնաց երթալ, եւ 1385 հոկտեմբեր 24 թուականով Անգղիոյ Հռիքարտոս Բ թագաւորին ապահովագիրը ստանալով ( ԲԱՍ. 108) Լոնդոն անցաւ, բաւական աշխատեցաւ բայց հաշտութիւնը չգոյացաւ ( ԲԱՍ. 116), թէպէտ Լեւոն նպաստներ, եւ պարգեւներ ստացաւ, եւ 1386 մայիս 20-ին Գաղղիա դարձաւ ( ԲԱՍ. 119), եւ Կարոլոս Ը թագաւորին մտերիմ խորհրդականը եղաւ, եւ միշտ անոր մօտ ըլլալու համար Տուրնէլի (Tournelles) պալատը փոխադրուեցաւ ( ԲԱՍ. 121): Հաշտարար բանակցութիւնները նորոգուեցան 1392-ին, եւ Լեւոն նորէն մասնակցեցաւ, թէպէտ առանց յաջողութեան ( ԲԱՍ. 119): Լեւոն 1393-ին 51 տարեկան կ՚ըլլար, բայց շատ տկարացած էր, անկողին ինկաւ Տուրնէլի պալատին մէջ, եւ մեռաւ նոյեմբեր 29-ին, որ շաբաթ օր մըն էր, եւ ոչ կիրակի ( ԲԱՍ. 125), եւ թագաւորական պատիւներով թաղուեցաւ Սէնդընի (Saint-Denis) արուարձանը, Ս. Դիոնեսիոսի եկեղեցւոյ արքունական դամբարանին մէջ: Հին փառաւոր շիրիմին միայն պատկերը մնացած է ( ԲԱՍ. 1), Գաղղիական յեղափոխութեան աւերածներէն ետքը: Իսկ այժմ վրան արձանով, այլ մէջը դատարկ գերեզմանաքար մը միայն կը գտնուի Ս. Դիոնեսիոսի եկեղեցւոյն մէջ, զի ոսկրները խառնուած կը կարծուին Մօնրուժ (Montrouge) թաղի գետնափորներուն մէջ դիզուած ոսկրներուն հետ ( ԲԱՍ. 145): Լեւոնի անձին եւ գործերուն վրայ բաւական խօսած ենք. Եւրոպային մէջ անցուցած կեանքն ալ մեծ գովեստի առիթներ չ՚ընծայեր: Իրաւ ամէն տեղ իբր քրիստոնէութեան համար զրկեալ եւ հալածեալ մը` մեծ պատիւ գտաւ, եւ Հայոց թագաւորութիւնը նորոգելու առաջարկով մեծամեծ գումարներ ձեռք անցուց, բայց իր գովաբաններն ալ կը խոստովանին, թէ թէպէտ շատ դրամ կը հաւաքէր, բայց առանց խղճի խայթ ունենալու իւր հաճոյքներուն կը ծախսէր զանոնք ( ԲԱՍ. 106):

1378. ՈՒՂՂԱՓԱՌ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐ

Այդ միջանկեալ տեղեկութիւններէ ետքը նորէն Արեւելքի եղելութեանց դառնալով, Կարապետ կաթողիկոսի գործունէութեան մասին յիշատակ մը չենք գտներ: Ոչ միայն կաթողիկոսական աթոռին ապիկարներու եւ անարժաններու ձեռք ինկած ըլլալը, այլ եւ նոյնիսկ Կիլիկիոյ անկեալ եւ քայքայեալ դիրքը, ամէն նշանակելի գործողութեան արգելք էր: Կաթողիկոս եղողը, իր ձեռքը անցուցած բախտէն գոհ, զայն իր դիւրութեանց գործածելէ աւելի մտածմունք չունէր, ազգին հանրութեան ու եկեղեցւոյն ամբողջութեան հետ ոչ յարաբերութիւն կը պահէր, եւ ոչ տեղեկութիւն ունէր, որ տառապեալ կացութեան դարմանը հոգար, արդէն եթէ հոգալ ալ ուզէր` գործելու ոչ միջոց ունէր եւ ոչ կարողութիւն: Այն ամենատխուր կացութիւնը` զոր Մեծոփեցին կը պատմէ Սիս նստող վերջին կաթողիկոսներուն վրայ ( ԿՈՍ. 56), հետզհետէ աճելով իր գագաթնակէտը պիտի հասնէր, սակայն արդէն Կարապետի օրէն զեղծումներ սկսած էին եւ օրէցօր կը տարածուէին: Երբ Կիլիկիա իր վերջնական անկումին կը դիմէր, Հայաստանի ներքին գաւառներ, նոյնիսկ արտաքին տագնապներու եւ տառապանքներու ներքեւ, գոհացուցիչ արդիւնքներ ցոյց կու տային: Որոտնեցիին ձեռնասուններն էին, որոնք աստ եւ անդ վանքերու մէջ, գլուխնին խումբ մը աշակերտներ հաւաքած, եկեղեցւոյ պաշտպանութեան գործիչներ, եւ ժողովուրդին առաջնորդող վարդապետներ կը պատրաստէին: Քաղաքական անկումին ներքեւ կ՚աշխատէին գոնէ կրօնական անկումին առջեւն առնել, որ սպառնալից երեւոյթներ կը ստանար Կիլիկիոյ Աղթարմաներուն եւ Երնջակի Ունիթորներուն երեսէն: Սահակ-Մեսրոպեան դարուն երեւոյթն էր որ կերպով մը կը կրկնուէր: Այն ատեն Արշակունի թագաւորութեան դադարման եւ կրօնական հալածանաց բռնութեան դէմ, Հայ դպրութիւնն ու երանաշնորհ Թարգմանիչներն էին, որ ազգին պահպանութեան ու պաշտպանութեան գրաւական կ՚ըլլային, այս տեղ ազգային իշխանութեան վերջանալուն եւ ազգային եկեղեցւոյն դէմ լարուած նենգութեանց հանդէպ, վերանորոգեալ ուսումն եւ Ուղղափառ վարդապետներն էին, որ հայադաւան եւ հայածէս եկեղեցւոյն պաշտպան կը հանդիսանային:

1379. ՏԱԹԵՒԱՑԻԻՆ ԳՈՐԾԵՐԸ

Առաջինն ու գլխաւորը Տաթեւ էր, ուր Տաթեւացին եկած էր 1390-ին Ապրակունեաց վանքը թողլով ( § 1367), եւ ուր իրեն շուրջը հաւաքուած էին Որոտնեցիին վերջինները եւ նորէն իրեն յարողները: Ասոնց մէջ յանուանէ կը յիշուին, Մխիթար Տաթեւացի, Յովհաննէս Հերմոնեցի, Գալուստ Վազանդնեցի, Սիմէոն Սիւնեցի, Յակոբ Բոստացի, Գրիգոր Այրարատեցի, Գրիգոր Ջուղայեցի, Մատթէոս Ջուղայեցի, Աւետիս Աստապատցի, Եղիս Ոծոփեցի, Յովհաննէս Վազանդնեցի, Յովնան Շամախեցի, Յովհաննէս Կապանցի մականուանեալ Կարմիր, Մատթէոս Ուխտեցի, Մկրտիչ Փայտակարանցի եւ Ստեփանոս Թաւրիզեցի ( ՄԵԾ. 50): Տաթեւացիին արդիւնաւորութեան մէջ երկու գլխաւոր կէտեր նկատողութեան արժանի են: Առաջինը իր ուսումնական ծրագիրն է, որուն առաջին մասը կը կազմեն անշուշտ Հնոց եւ Նորոց Կտակարանաց մեկնութիւնները, եւ նախնի սուրբ հայրերուն գրուածները, որոնցմով ուղիղ հաւատքը եւ ուղղափառ դաւանութիւնը կը հաստատէր: Ասոնց հետ կ՚աւանդէր եւս լուծմունս արտաքին գրոց ( ՄԵԾ. 34), այսինքն է արտաքին իմաստասիրաց ( ՄԵԾ. 51), կամ յոյն փիլիսոփայներուն` Պղատոնի եւ Արիստոտելի, Փիլոնի եւ Պորփիւրի իմաստասիրական գործերուն բացատրութիւնները, նպատակ ունենալով միտքը կրթելու ուղիղ տրամաբանութեան, եւ սուրբ գիրքէ անկախաբար ապացուցուած ճշմարտութեանց մէջ: Տաթեւացիին գիտական երկասիրութեանց գլխաւորն եղող Գիրք Հարցմանց գործը, իր ձեւովը յայտնապէս կը ցուցնէ թէ Տաթեւացին հմուտ էր լատին լեզուի եւ տեղեակ էր լատին աստուածաբաններուն Սկոլաստիկեան ոճին, եւ Հայոց եկեղեցւոյ ուղղափառութիւնը կը պաշտպանէր միեւնոյն ձեւերով, որով անոնք սովոր էին իրենց վարդապետութիւնը պաշտպանել, եւ Հայ եկեղեցւոյ դէմ գրել: Երկու հատոր Ամարան եւ Ձմերան քարոզգիրքներն ալ կը վկայեն, թէ յատուկ մտադրութիւն դարձուցած էր իր աշակերտութիւնը քարոզի եւ բեմբասացութեան վարժեցնելու: Արիստակէս վարդապետի եւ Գէորգ Լամբրոնացիի, գրչութեան արուեստին վրայ գրուածներով զբաղած ըլլալն ալ ( ՄԵԾ. 52), նշան է, թէ ընտիր գրչագրութեան եւ առատ ընդօրինակութեան զարկ տրուած էր Տաթեւի դպրանոցին մէջ, որով Տաթեւացին, ժամանակին համեմատութեամբ, լիագոյն ծրագիր մը կը մշակէր իր աշակերտներուն զարգացման համար: Երկրորդ նկատելիքնիս է, որ Մեծոփեցին Տաթեւացիին աշակերտները եւ վարդապետները յիշելէն ետքը կ՚աւելցնէ, եւ քահանայս բազումս աւելի քան զվաթսուն ոգի ( ՄԵԾ. 51): Այդ բազմաթիւ քահանաներն անշուշտ ամուսնացեալ կղերին կը պատկանին, եւ փաստ կ՚ընձեռնեն մեզի հետեւցնելու, թէ եկեղեցական բարձր ուսումը կուսակրօն դասակարգին պահուած առանձնայատուկ իրաւունք մը չէր, այլ թէ կուսակրօն եւ ամուսնաւոր դասակարգերու հաւասարապէս կը տրուէր եկեղեցական պաշտօնէութենէ պահանջուած կրթութիւնը, եւ թէ աբեղայական վեղարին հետ հարկաւ կապուած չէր նկատուեր վարդապետական գաւազանը: Տաթեւացին 1390-էն սկսելով Տաթեւի մէջ աշխատեցաւ տեւականապէս, ոչ ելեալ անտի ( ՄԵԾ. 34) մինչեւ 1409, ինչպէս պէտք է հաշուենք հիմնուելով Հայոց 858 թուականին համեմատ ( ՄԵԾ. 52), եւ ըստ այնմ ուղղելով շփոթմամբ 867 ( ՄԵԾ. 34) կամ 868 ( ՄԵԾ. 53) գրուած տեղերը: Թէպէտեւ այդ միջոցին Լէնկթիմուրեան արշաւանքները մեծ տագնապներ հասուցին Հայաստանին, այլ համեմատաբար ազատ մնաց Սիւնեաց երկիրը, եւ Տաթեւացին կրցաւ իր գործը շարունակել:

1380. ԱՊՐԱԿՈՒՆԵՑԻԻ ՄԱՀԸ

Սարգիս Ապրակունեցին ալ նմանօրինակ կերպով կ՚աշխատէր Սուխարու վանքին մէջ ( § 1368) եւ իրեն աշակերտներն էին այն վարդապետները, որ Տաթեւացիին Մեծոփ գալուն առթիւ այնտեղ խմբուեցան, Գրիգոր Խլաթեցի, Յակոբ Ովսաննացի, Մարգարէ Վարագցի, Յակոբ Ասպիսնակցի, Յովհաննէս Փափլինցի, Ստեփանոս Բերկրեցի, Մկրտիչ Հիզանցի, Յովհաննէս Բաղիշեցի, Սարգիս Յարութիւնցի, եւ Մելքիսիդ Երզնկացի ( ՄԵԾ. 52), ինչպէս նաեւ Արճէշէ Տաթեւ գացող երկոտասան եղբարք, յայտնապէս կոչուած աշակերտք մեծին Սարգսի, որոնք են, Յակոբ, Մարգարէ, Յովհաննէս, Մկրտիչ, Կարապետ, Մելքիսեդ, Սարգիս, Մատթէոս, Կարապետ, եւ Թովմաս Մեծոփեցի պատմիչը, որ մնացած երկուքին անունը չտար ( ՄԵԾ. 51): Ասոնցմէ Սարգիս` Սալանապատացի կը յիշուի, եւ Մկրտիչը Նահապետեանց, եւ Յովհաննէսը` Փափկշէնցի, եւ երկու Մկրտիչներ եւս կ՚աւելցուին` մէկը Հողձեցի եւ միւսը Օղուլբէկեան ( ՏԱՇ. 418), որոնք պէտք է ըլլան 12 թիւը լրացնողները: Սարգիսի աշխատութիւնն ու արդիւնաւորութիւնն ալ համանման էր Գրիգորի տուածին, սակայն Սուխարու աշակերտներուն դիմումը, որ բան մը աւելի վաստկելու նպատակով Տաթեւ գացին, այն տեղ աւելի բարձր ուսում տրուելուն նշանակն է: Սարգիս երիցագոյն էր Գրիգորէ, եւ Որոտնեցիի գրեթէ ընկերակից ( § 1352), ուստի կանխեց անոր մահը, եւ 1401-ին վախճանեցաւ մեծ վարդապետն Սարգիս ալեւորեալ եւ լի աւուրբք ( ՄԵԾ. 49), եւ թաղուեցաւ Արճէշի եպիսկոպոսներուն Խաչատուրի եւ Զաքէոսի գերեզմաններուն քովը ( ՄԵԾ. 37):

1381. ՎԱՐԴԱՆ ՀՈԳՈՑԵՑԻ

Սուխարու առաջնորդութեան եւ ուսուցչութեան մէջ, Ապրակունեցիին յաջորդեց, սքանչելի այրն Աստուծոյ, մեծ ճգնաւորն եւ վարդապետն Հայոց, Վարդան Հոգոցեցին ( ՄԵԾ. 49): Ասոր ձեռքին տակ կը գտնուէին բազում աշակերտք առաւել քան վաթսուն կրօնաւոր: Նա Սուխարու Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ վարդապետեց զամս չորս, եւ ուսմամբք գրոց եւ սաղմոսերգութեամբ պայծառացոյց զհոգին ամենեցուն Արճէշի գաւառին մէջ ( ՄԵԾ. 50), մինչեւ որ ստիպուեցաւ անկէ քաշուիլ փախուցեալ յանօրինաց, այսինքն է 1405 տարւոյ Լէնկթիմուրի արշաւանքներուն պատճառով, եւ գնաց հաստատուիլ Վանայ քաղաքին մօտերը ի սուրբ Սալնապատ, որ է Արծրունեաց օրերուն Ձորովանքը, ուր քիչ ետքը 1406-ին ( ՄԵԾ. 41), եհաս օր վախճանի նորա, եւ այն տեղ թաղուեցաւ: Վարդանի մահուընէ ետքն է, որ Սուխարու աշակերտութենէն 12 վարդապետներ, որբ մնացեալ գնացին Տաթեւ, վասնզի այն տեղ կը վարդապետէր Մեծն Գրիգոր, վարդապետն Ամենայն Հայոց, երկրորդ Լուսաւորիչն, եւ աստուածաբանն գերիվերոյ գոլով ամենայն իմաստասիրաց եւ վարդապետաց հնոց եւ նորոց ( ՄԵԾ. 50): Այնտեղ երկու տարի մինչեւ 1408, շարունակեցին ուսանել 12 Քաջբերունիները, զորս յոյժ սիրով ընկալաւ Տաթեւացին, կերպով մը հայրենակիցներ նկատելով եւ իր ծագումը վերյուշելով, զի իր հայրն ալ էր ի գաւառէն Քաջբերունեաց ի քաղաքէն Արճիշոյ ( ՄԵԾ. 50):

1382. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԵԾՈՓԵՑԻ

Տաթեւէն եւ Սուխարէն ետքը նշանաւոր եղաւ Մեծոփայ վանքը, որուն ծաղկեցնողն էր Յովհաննէս Մեծոփեցի: Տաթեւացիին քովէն բաժնուած ինչպէս կ՚երեւի, անոր Ապրակունիքէ Տաթեւ փոխադրուած միջոցին ( § 1369): Յովհաննէս ուխտ ըրած էր, որ եթէ իրեն տացի Աստուած իշխանութեան կարգ վարդապետութեան, որ է մեծ վարդապետութեան աստիճան, Աստուածածնի Կուսին տաճար շինէ յոյժ հրաշալի ( ՄԵԾ. 55), եւ այս միտքով Մեծոփ հաստատուելէն երկու տարի ետքը ուզեց շինութեան ձեռնարկել, այլ չկրցաւ զի ոչ գայր իմաստուն ճարտարապետ ի գաւառ իւր, ուստի պարտաւորուեցաւ համբերել ժամանակ ինչ, թէպէտ միւս կողմէն զարդարեաց զսուրբ ուխտն ժամօք եւ աղօթիւք եւ պատարագօք, ընթերցմամբ գրոց եւ ուսումնականօք եւ գեղեցիկ կարգաւորութեամբ, ծառօք եւ տնկօք ( ՄԵԾ. 57): Վերջապէս յաջողեցաւ գտնել Հոռոմ մը Ֆարաճ անուն, յոյժ իմաստուն եւ ճարտար շինող, որ այն կողմերը ինկած էր ի գերութենէ Թամուրին, եւ անոր գլխաւորութեամբ հիմնարկութիւնը կատարեց 1402-ին, բայց շէնքը աւարտեցաւ յեօթն ամին, այսինքն է 1409-ին ( ՄԵԾ. 58): Յովհաննէս Մեծոփեցի տաճարին արձանագրութեան մէջ, Ֆարաճ յոյնին հետ յանուանէ կը յիշէ բազմաթիւ հայ ուսթա արհեստաւորներ ալ, որոնք են, Ատոմ, Սիրուն, Դաւիթ, Տիրատուր, Մկրտիչ, Յովհաննէս, Յովսէփ, Ղազար, Մարտիրոս, Կիրակոս, Զաքար Բէկ, եւ միւս Ատոմ ( ՓԻՐ. 30), եւ մենք ալ առջեւ կը բերենք Հայ արհեստաւորներու անունները անկորուստ պահելու համար: Մեծոփայ տաճարին փառաւոր շինուածը գրգռած էր այլ ազգիները, եւ բազումք յանհաւատիցն մախացեալ լինէին, եւ մինչեւ իսկ փորձեցին քակել, այլ Յովհաննէսի պաշտպան կեցաւ Չաղաթայն ( ՄԵԾ. 58), որ է Թաթար կուսակալ Շէյխ Ահմէտը, որ մետասան ամ ծովաբոլորս, այսինքն Վանայ լիճին շրջակայ երկիրները կառավարեց, եւ յոյժ բարեբարոյ եւ քրիստոնէասէր գոլով, շէնցուց ու ծաղկեցուց աշխարհքը, 1397-էն մինչեւ 1407 ( ՄԵԾ. 49):

1383. ԽԼԱԹԵՑԻՆ ԵՒ ՈՒՐԻՇՆԵՐ

Վերոյիշեալ Շէյխ Ահմէտին հովանաւորութեան ներքեւ ծաղկեցաւ նաեւ Սարի Ս. Գէորգ վանքը, Սարգիս Սորբեցի վարդապետին ձեռքով ( ՄԵԾ. 49), զոր անգամ մը յիշեցինք ( § 1376): Պիտի չկարենանք մանրամասնութիւններ տալ Յակոբ Սաղմոսավանքցի եւ Գէորգ Երզնկացի վարդապետներուն գործունէութեան վրայ, քանի որ կանոնաւոր տեղեկութիւններ կը պակսին: Իսկ Գրիգոր Խլաթեցի վարդապետը, որ Ծերենց մականուանեալ է, զի էր հաւատարիմ առն Աստուծոյ ծերի ( ՄԵԾ. 41), Վարդան Հոգոցեցիին յաջորդեց Սալնապատի մէջ, բայց ոչ կրցաւ հոն մնալ, եւ ոչ ալ Սուխարու վանքը դառնալ, եւ քաշուեցաւ Բզնունեաց գաւառը, Արծկէ քաղաքի մօտ, Ցիպնայի Ս. Ստեփանոս վանքը, Սիփան լերան ստորոտը, այժմ ընկլուզած: Խլաթեցին մեծ աշակերտութիւն չկրցաւ կազմել, դժուար ըլլալով ուսման հետեւիլ աղետալից միջոցին, թէպէտ Մեծոփեցին այդ կը վերագրէ սառնացեալ բարուց ուսումնականաց մերում ազգի: Ուստի ինքզինք տուաւ գիրքերու ընդօրինակութեան, եւ յիսուն ամ գիրս գրեաց տիւ եւ գիշեր ( ՄԵԾ. 42), եւ արդիւնքը աղքատներուն կը բաշխէր ( ՄԵԾ. 85): Խլաթեցիին գլխաւոր գործն է Յայսմաւուրքը նորէն կարգադրելն ու ճոխացնելը, Վկայասէր անունին ալ արժանանալով ( ՀԱՅ. 560), եւ ինքն ալ նոր վկայ մը ըլլալով իր ծերացեալ հասակին մէջ:

1384. ԹԱԹԱՐՆԵՐ ԵՒ ԹԻՒՐՔՄԷՆՆԵՐ

Լէնկթիմուրի արշաւանքներուն մանրամասնութիւնները զանց ընելով, յիշենք միայն թէ 1387 ձմեռուան սկիզբը իր երկիրը դառնալէն ետքը, ( § 1365), զէնքերը դարձուց հեռաւոր կողմեր, արշաւեց Կովկասներու հիւսիսակողմը գտնուող երկիրները, Ռուսաստանն ու Խրիմը ասպատակեց, անկէ դարձաւ հարաւ, Ատրպատականէ եւ Պարսկաստանէ անցաւ Հնդկաստան, յարձակեցաւ ներքսագոյն Թաթարաստանի եւ Չինաստանի վրայ ալ, ոչ կանոնաւոր աշխարհակալութեամբ, այլ հինաբար ասպատակելով, աւերելով եւ աւարելով, գերելով եւ գերփելով անխնայ: Լէնկթիմուրի Հայաստանի կողմեր արշաւանքները նորոգուեցան 1395-ին ( ՄԵԾ. 44), Միջագետքի կողմէն մտնելով, եւ հետզհետէ զարնելով Ամիդը, Մերդինը, եւ Արեւորդիներուն չորս գիւղերը, հասաւ Երզնկա, ուր եկեղեցիներուն կործանումը արգելելու խնդրանքով իրեն ներկայացաւ Գէորգ Երզնկացին, բայց յահէ եւ երկիւղէ պղծոյն` շրթունքն պատառեցան եւ արիւն իջանէր, եւ չկրնալով յաջողիլ լալով եւ արտասուօք յետս դարձաւ այրն Աստուծոյ ( ՄԵԾ. 45): Լէնկթիմուր Երզնկայէ սկսաւ դէպ ետ երթալ, Բասէնի Աւնիկ բերդը գրաւելուն առթիւ Մսիր բերդակալը եւ հարիւր բերդապահներ կապեաց, եւ բերդէն ի վայր ընկէց, եւ մեռան: Արարատեան նահանգի մէջ Բագրատունեաց բերդը, այսինքն Կարսը առած ատեն երեքհարիւրական տաճիկներ եւ քրիստոնեաներ զատեց, ըսելով թէ զքրիստոնեայս սպանանեմք եւ զտաճիկսն ազատեմք: Ասոր վրայ, Կարսի Մկրտիչ եպիսկոպոսին երկու եղբայրները երթեալ խառնեցան ի գունդս Տաճկացն, սակայն սպանելու հրամանը տաճիկներուն վրայ ելաւ, եւ երկուքն ալ միասին սպանուեցան, թէպէտ կը պոռային թէ մեք Քրիստոսի ծառայք եմք, եւ սուգ մեծ եղեւ եպիսկոպոսին ( ՄԵԾ. 46): Թաթարաց ասպատակները շարունակեցին մինչեւ Կոգովիտ եւ Արճէշ, եւ այդ միջոցին տեղի ունեցաւ Ստեփանոս Դարացի վարդապետին մահը ( ՄԵԾ. 47): Զանազան պատերազմներ շարունակեցին Թաթարներու զօրավար Աղդինի, եւ Թիւրքմէններու ամիրայ Յուսուփի կամ Գարա-Եուսուֆի մէջտեղ: Յուսուփ յաջողութիւն մըն ալ ունեցաւ Յովհաննէս անուն Հայու մը հասուցած լուրովը, զոր հարազատ մեր կ՚անուանէ Մեծոփեցին ( ՄԵԾ. 48), բայց Թաթարներ նորէն զօրացան, եւ Յուսուփ պարտաւորուեցաւ փախչիլ Ասորիքի կողմերը, եւ 1396-էն մինչեւ 1406 այլ ոչ կարաց գալ Հայաստանի կողմերը ( ՄԵԾ. 49), եւ ասկէ կը սկսի Շէյխ Ահմէտի շինարար կառավարութիւնը, ինչպէս արդէն յիշեցինք ( § 1382): Ինչ որ այս արշաւանքներու մէջ մեր դիտել տալ ուզած կէտն է, Հայաստան աշխարհին աւերումն է, զոր տխուր սիրտով կը պատմէ Մեծոփեցին, թէ եկեալ տեսաք զաշխարհս մեր աւերակ, թափուր եւ դատարկ յամենայն ընչից ( ՄԵԾ. 47):

1385. ԼԷՆԿԹԻՄՈՒՐ ԿԸ ՅԱՌԱՋԷ

Լէնկթիմուր իր արշաւանքները նորոգեց 1400-ին վերջերը ( ՄԵԾ. 131), եւ Միջագէտքի վրայէն հասաւ Դամասկոս, եւ ձմեռն մի լման եկաց այնտեղ, եւ 1401-ին սկիզբը, շարժեցաւ դէպի Փոքր Ասիա ( ՄԵԾ. 62): Դամակոս եղած ատենին համար կը պատմուի թէ, 700. 000 զինուորներու ձեռքով 700. 000 գլուխ կտրել տալով, եօթը բուրգեր շինել տուած ըլլայ, եւ յատկապէս Տաճիկներու գլուխներով, եւ հրամայելով չմօտենալ ամէն անոնց որ ըսին թէ Յիսէի եմ, այսինքն է Իսեվի, որ է Քրիստոնեայ ( ՄԵԾ. 63): Նոյն հրամանը Պաղտատի մէջ ալ ընել տուած ըլլալը կը պատմուի, եւ Մեծոփեցին կը յիշէ, թէ իր հոգեւոր եղբայրն Մխիթար ի քաղաքէն Վանայ, ականատես եղած եւ իրեն պատմած է ( ՄԵԾ. 64), սակայն ուրիշներ իբրեւ անհիմն զրոյց կը նկատեն այդ պատմութիւնը, եւ գոնէ չափազանցեալ պէտք է նկատել գլուխներուն թիւը: Լէնկթիմուր 1401 տարին անցուց Ասորիքի եւ Եփրատացւոց կողմերը, եւ այդ միջոցին կրնանք դնել Սիսի վրայ ալ յարձակիլը, եւ աւերելով ու աւարելով անցնիլ երթալը ( ՍԻՍ. 542): Յառաջեց նաեւ Պաղեստինի կողմը, բայց Երուսաղէմին չի դպաւ եւ ի միւս ամին, այսինքն 1402-ին պաշարեց Սեբաստիան, որ Օսմանեանց ձեռքն էր անցած: Լէնկթիմուր քաղաքը անձնատուր ըլլալու հրաւիրեց երդուըննալով, թէ ով զձեզ սրով սպանանէ, սուր նոցա ի սիրտս նորա մտանէ, բայց ամէնէն խուժդուժ անգթութիւնները այնտեղ կատարեց: Հրամայեց որ զմեծատունսն չարչարեսցեն, իսկ զկանայսն յագիս ձիոցն կապէլ եւ արշաւել: Զորդիս եւ զդստերս ժողովեալ ի դաշտավայրի` հեծելազօրի ոտքերուն ներքեւ կոխկռտել տալ իբրեւ զորայս կամնասայլից, իսկ քաղաքացիները ու զինուորները կապէլ ոտիւք եւ ձեռօք չորեք հազար ոգի, եւ կենդանի թաղել եւ ջրով եւ մոխրով ծածկել ( ՄԵԾ. 65): Սեբաստիա տակաւին կը պահէ այդ անողորմ բռնութեան յիշատակը Սեւ-Հողեր դաշտին անունովը: Լէնկթիմուր սաստիկ զայրացած Օսմանեան սուլտան Պայազատի խրոխտ վարմունքէն, շիտակ անոր վրայ քալեց, Անկիւրիոյ ճակատամարտին մէջ յաղթութիւնը տարաւ 1402 յունիս 18-ին, եւ Պայազիտը գերի բռնելով, մէկտեղ առաւ Սմրղանտ տանելու, այլ չհասաւ, զի Պայազիտ ութ ամիսէն 1403 մարտ 8-ին մեռաւ Լէնկթիմուրի բանակին մէջ ( ՏԻՒ. 355):

1386. ՕՍՄԱՆԵԱՆՔ ԵՒ ՀԱՅԵՐ

Օսմանեան սուլտանութեան վրայ առիթ չունեցանք խօսելու, անոր սկզբնաւորութիւնը պատմելնէս ետքը ( § 1228): Օսման Ա. սուլտան եւ հարստութեան հիմնադիրը, որ իր անունն ալ տուաւ իր ժողովուրդին, սահմանները ընդարձակեց Յունաց կայսրութենէ ասիական գաւառներ գրաւելով, եւ մինչեւ Նիկիա, Նիկոմիդիա եւ Պրուսա մօտենալով: Իրեն յաջորդեց որդին Օրխան Ա. 1326-ին, որ յիշեալ քաղաքներուն տիրեց, Պրուսա մայրաքաղաք հռչակեց, Քիոս կղզին, Կիւղիկոն թերակղզին, եւ Գալլիպոլիս նաւահանգիստը գրաւեց, Կոստանդնուպոլիսի սպառնացաւ, բայց աւելի նշանաւոր եղաւ ներքին կարգ ու կանոն, օրէնք ու զինուորականութիւն հաստատելովը իր եղբօր Ալայէտտինի կարող ձեռնտուութեամբ: Մուրատ Ա. 1360-ին իր հօրը յաջորդելով, տիրապետութիւնը Եւրոպական կողմերը ընդարձակեց, Ադրիանապոլիսը մայրաքաղաք հռչակեց, Թրակիան, Մակեդոնիան եւ Ալբանեան նուաճեց, Քոսովայի պատերազմին մէջ Բուլղարներու ու Սերբերու ու Հունգարացիներու միացեալ զօրութեանց յաղթեց 1389-ին, բայց նոր դաշտին մէջ Սերբիացի վիրաւոր զինուորի մը կողմէ սպանուեցաւ: Ասոր որդին էր Պայազիտ Ա., որ մերթ Ասիակողմը եւ մերթ Եւրոպակողմը արագաշարժ արշաւանքներովը Եըլտըրըմ կամ Կայծակ մականունը ստացաւ: Ասիոյ կողմէ զանազան փոքր իշխանութիւններ նուաճեց, Եւրոպիոյ մէջ իր հօրը աշխարհակալութիւնները ընդարձակեց, Կոստանդնուպոլիսը պաշարեց եւ Յունաց Մանուէլ Բ. Պալէոլոլոգ կայսրը հարկ վճարելու ստիպեց, Դանուբեան Նիկոպոլսոյ պատերազմին մէջ` Հունգարացւոց եւ Լեհաց եւ Գաղղիացւոց միացեալ խաչակրութիւնը ցրուեց 1396-ին, բայց Լէնկթիմուրի դէմ չկրցաւ դնել, եւ գերի ինկաւ, բայց երկաթէ վանդակի մէջ փակուած ըլլալու զրոյցը հաստատութիւն գտած չէ: Յիշեալ սուլտաններուն Հայոց հետ յարաբերութիւնները միշտ քաղցր ու բարեացակամ եղան: Օսմանեանք, լոկ զէնքի նուիրուած ժողովուրդ մըն էին, բայց դէպի քաղաքակիրթ երկիրներ տարածուելով, արուեստից ու ճարտարութեանց պէտքը զգացին, եւ Յոյներուն չկրնալով վստահիլ, Հայ տարրին վրայ հաստատեցին իրենց մտադրութիւնը, եւ անոնցմէ օգտուելու համար, ամէն տեսակ դիւրութիւններ ցուցուցին: Փոխադարձաբար Հայերն ալ, որ ուրիշ տեղեր հալածուած ու նեղուած էին, խուռն սկսան դիմել Օսմանեանց տիրապետած երկիրները, եւ այս միջոցին սկսած է Փոքր-Ասիոյ առաջակողման, եւ յայնկոյս Վոսփորի գաւառներուն նորանոր գաղթականութիւններով հայաբնակ եւ հայաշատ երկիրներ դառնալը: Օսմանեանք կրօնական ազատութիւնն ալ լիապէս կը յարգէին, ինչ որ Հայերը կը քաջալերէր, մինչ Յունական կայսրութիւնը կրօնական բռնադատութիւններովը ստիպած էր Հայերը իրմէ հեռու մնալ, եւ Հայաստանի գաղթականներն ալ կը նախընտրէին Կովկասը անցնելով դէպի Խրիմ եւ Լեհաստան, կամ Եփրատը անցնելով դէպ Ասորիք տարածուիլ, իսկ Կիլիկիոյ գաղթականները ծովը անցնելով դէպ Իտալիա կը տարածուէին: Բայց Օսմանեան սուլտանութեան զօրանալէն ետքը` գաղթականութեանց հոսանքին ընթացքը փոխուեցաւ, եւ արեւմտեան Ասիան եղաւ իրենց նախընտրած կողմը:

1387. ՍՍԵՑՒՈՑ ԳԱՂԹԵԼԸ

Լէնկթիմուրի դէպ Արեւելք մեկնելէն ետքը, Փոքր-Ասիոյ մէջ մնացած էր Ռամազան անուն Թաթար իշխանը այն կողմերուն տիրապետելու հետամուտ, որով Սիս ալ մտահոգ էր վասն գալստեան Ռամազանին ( ՍԻՍ. 542): Այդ պարագայն մեզի մտածել կու տայ, թէ անուանեալ թագաւոր Կոստանդինը ( § 1349), հետզհետէ կրցած էր իր դիրքը զօրացնել, եւ եթէ ոչ ինքնագլուխ, գոնէ Եգիպտացւոց հովանաւորութեամբ իշխանութիւն մը հաստատել Սիսի մէջ, զոր Ռամազանեանք կ՚ուզէին գրաւել, եւ յարձակումներով կը նեղէին Սսեցիները: Ասոնք ձանձրացեալք ի նեղութենէ, եւ ակնյայտնի տեսնելով զզօրանալն անհաւատից, յուսակտուր եղան վերջնական յաջողութեան հասնելէն, եւ ինչ ընելիքնին որոշելու համար մեծ ժողով եղեւ ի դուռն Կարապետ կաթողիկոսին, եւ համաձայնեցան քաղաքնին լքանել ու գաղթել: Այդ ժողովին թուական ցուցուած է 1404 ( ՍԻՍ. 542) կամ 1403 տարին ( ՍԻՍ. 560): Գաղթականութեան առաջին խումբը մեկնած է երեքշաբթի մը, գլուխ ունենալով պարոն Կարապետն, թոռն Կոստանդին թագաւորին, իսկ երկրորդ խումբը` չորեքշաբթի, եւ անոր առաջնորդներն են, պարոն Ասըլպէկն, եւ երիցունքն Յովհաննէս եւ Վահան, Գրիգոր եւ Ստեփանոս: Քաղաքէն մեկնողները կը նշանակուին տունս ԼՌ., (երեսուն հազար), եթէ սխալ չէ թուատառը, կամ թէ հազար երեսուն կարդացուելու չէ. որովհետեւ թէ ցուցուած թիւը չափազանց կ՚երեւի, եւ թէ երկու օրուան մէջ այնչափ բազմութեան մեկնիլը դիւրին չէր: Քաղաքին մէջ կը մնան միայն աղքատք եւ չքաւորք, որոնք տեսնելով, թէ ոչ ոք մնաց ի մեծատանց եւ իշխանաց, եւ պարոնաց եւ ի թագաւորի ցեղիցն, կ՚որոշեն անձնատուր ըլլալ, եւ ետուն զՍիս յունիսի վեց ( ՍԻՍ. 542): Արդ 1404 յունիս 6 օրը ուրբաթ կը հանդիպի, որով նախընթաց երեքշաբթիի եւ չորեքշաբթիի մեկնումները կ՚ըլլան յունիս 3-ին եւ 4-ին: Ռամազանեանք այս կերպով Կիլիկիոյ կը տիրապետեն, եւ միջոց մըն ալ անոնց ձեռքը կը մնան Հայ թագաւորութեան վերջին բեկորները: Սիսէ ելլող գաղթականները անցան յայնկոյս ծովու, որ աւելի Կիպրոս անցնելնին հաւանական կը ցուցնէ, ուր տակաւին քրիստոնեայ իշխան մը կար Յովհաննէս Բ. թագաւորը, սակայն ուրիշ ժամանակագիր մը կ՚ըսէ թէ մտեալ ի նաւ գնացին Ֆրանկաստան ( ՍԻՍ. 542): Հետեւապէս անտեղի չէր ըլլար, այդ գաղթականութեան հետ կապել Իտալիոյ մէջ հաստատուած Հայազգի հասարակութեանց մի մասը: Թագաւորի անուն կրող Կոստանդինին թոռին մեկնելը, իսկ իր անունին վերջէն չյիշուիլը մտածել կու տայ, թէ Կոստանդին Սիսէ քաշուելով Կիլիկիոյ մէջ կամ մօտերը մնացած է, ապագայ ակնկալութեանց յուսով, որով պէտք կ՚ըլլայ զինքն իբր ձեռներէց եւ աննկուն հոգւոյ տէր մէկը ճանչնալ: Իսկ իրեն համար գրուած կը գտնենք, թէ վերջին Լեւոնէ ետքը դարձեալ թագաւորէ ի Սիս` Կոստանդին, եւ միանգամայն քառասուն եւ ութն ամ թագաւորեաց կ՚ըսուի, եւ 1424-ին կը դրուի իր թագաւորութեան վերջը ( ՍԻՍ. 543): Ասկէ աներկբայ կը հետեւի, որ եթէ ոչ տիրապէս թագաւոր, գոնէ տիրող ազգապետ մը եղաւ նա, եւ վերջալոյսի ճառագայթներու նման շարունակեց ազգային իշխանութեան օրը, 1376-էն մինչեւ 1424, որ ճշդիւ կը պատասխանէ իր 48 ամեայ իշխանութեան:

1388. ԿԱՐԱՊԵՏԻ ՄԱՀԸ

Գալով Կարապետ կաթողիկոսին, իրեն տրուած 12 տարիները ( ՍԱՄ. 172), 1392-էն հաշուելով ( § 1374), կու գան վերջանալ 1404-ին որ է ճիշդ Սիսին Ռամազանեանց ձեռք իյնալուն տարին, եւ երկու պարագաներ յարմար զուգադիպութեամբ կու գան իրարու յարակցիլ, այնպէս որ նոր տիրապետութիւնը յօժար կամ թէ բռնի ձեւով վերջ տրուած կ՚ըլլայ Կարապետի կաթողիկոսութեան: Կարապետի 1404-ին կաթողիկոս յիշուիլը ( ՓԻՐ. 23), պատմութեանս կարգին կը համաձայնի, բայց 1411-ին ալ իր հայրապետութեան Հայոց տէր Կարապետի գրուիլը ( ՓԻՐ. 39), ծանր դժուարութեանց տեղի կու տայ, քանի որ ստոյգ է թէ 1408-ին Յակոբ Գ. արդէն կաթողիկոսացած էր: Դիւրին մեկնութիւններ են գրչագիրի ընթերցուածը սխալուած կարծել, կամ հեռաւոր Սիւնիքի մէջ գրող Ծարեցի ընդօրինակողը Կիլիկիոյ գործերուն անտեղեակ ենթադրել, այլ ասոնք ոյժ ունին, երբոր հակառակը յայտնի փաստերով ու վկայութիւններով զօրացած կ՚ըլլայ: Դավրիժեցին 1404-ին միւս տէր Կարապետ մը դնելով ( ԴԱՎ. 336), զոր մենք հերքեցինք ( § 1375) բոլորովին իսկ չի յիշեր Կարապետի յաջորդ Յակոբին անունը, զոր շարունակողը կ՚ընդունի, բայց միայն ամս երկուս պաշտօնավարութիւնը կու տայ, այն ալ 1403 թուականէն սկսելով ( ՍԱՄ. 172), որ է մերձաւորապէս Ռազմազանեանց տիրապետութեան տարին, եւ որ 1408-ին ոչ եւս Յակոբը, այլ Գրիգորը կաթողիկոս ընդունած կ՚ըլլայ, որուն սկիզբը կը դնէ 1405-ին ( ՍԱՄ. 172): Այս իրարու հակասող տեղեկութեանց խառնելով Մեծոփեցիին ընդհանուր կերպով գրածն ալ, թէ Կիլիկեցիք վերջին վեց կաթողիկոսներէն վեցին ալ դեղ մահու արբուցին ( ԿՈՍ. 55), եւ Չամչեանի հարկաւ աղբիւրէ մը քաղածն ալ` թէ Յակոբ մատուցեալ առ այլազգի ամիրայն Կիլիկիոյ էառ զտէրութիւն աթոռոյն ( ՉԱՄ. Գ. 455), կը կարծենք իրաւունք ունենալ, եթէ ամէնէն ալ անկախաբար, բայց եւ ամենուն ալ տարիներէն բաղադրուած կարծիք մը յայտնենք Կարապետի կաթողիկոսութեան վերջանալուն վրայ, որուն արդէն ինքնութեան վրայ ալ նոր կարծիք մը յայտնելու առիթը ունեցանք ( § 1375): Մեր տեսութեամբ Ռամազանեանց 1404-ին Սիսին տիրելը, եւ Կարապետի այդ տիրապետութեան դէմ աշխատած ըլլալը պատճառ եղած են նոր տիրապետ Ռամազան ամիրային Կարապետին դէմ թշնամանալուն: Իսկ Յակոբ ամիրային հաճութիւնն ու պաշտպանութիւնը ստանալով, աթոռին հետամուտ կ՚ըլլայ, եւ նպատակին կը հասնի, ոչ ընտրութեամբ, զի պարզապէս էառ զտէրութիւն աթոռոյն, որ է ըսել զօրութեամբ զայն ձեռք ձգեց, հակառակ ոմանց ի միաբանից իրեն դէմ ըլլալուն ( ՉԱՄ. Գ. 455), որոնք հարկաւ Կարապետի կուսակիցներն են եղած: Այս կերպով Սսոյ մէջ հակաթոռութեան դիրք մըն ալ կազմուած պիտի ըլլար, բայց անոր առիթ տրուած չէ Կարապետի դեղակուր սպանութեամբը: Չենք կարծեր, որ Կարապետ պաշտօնէ իյնալով մինչեւ 1411 ապրած ըլլայ, զի 1409-ին Տաթեւացին ուղղակի Յակոբի կը դիմէր, ինչպէս պիտի տեսնենք, այլ սպանութիւնը գահազրկութեան կից քալած է: Ըստ այսմ 1392-ին կաթողիկոսացած Կարապետը, 12 տարի ետքը, 1404-ին վերջերը թունաւորուած կը մեռնի եւ Յակոբ նոյն թուականին կաթողիկոսութեան տիրացած կ՚ըլլայ, ոչ օրինաւոր կերպով, այլ նոր տիրապետող ամիրային ահարկու ազդեցութեամբ ուսկից անբաժան պէտք է նկատել Յակոբէ տրուած համոզիչ ընծաները ու վճարումները: Կարապետ անկանոն կերպով աթոռ բարձրացած, ապարդիւն կերպով պաշտօնի վրայ մնացած, անփառունակ կերպով ալ զայն կնքած կ՚ըլլայ, չկրնալով ինքն ալ յագեցուցիչ գոհունակութիւն մը ստանալ իր կաթողիկոսութենէն:

1389. ԹԱՄԱՐ ՄՈԿԱՑԻ

Երբոր եկեղեցւոյ պետերը եւ բարձր պաշտօնեաները շինիչ օրինակներ եւ առաքինի տիպարներ չեն ներկայացներ մեր առջեւ, մխիթարական է տեսնել որ հասարակ ժողովուրդէ անձեր կ՚արիանան իրենց հաւատքին պաշտպանութեան եւ, կեանքերնին զոհելու անձնուիրութիւնը կ՚ունենան: Մոկացի կին մը, անունը Թամար, եւ պայծառ գեղեցկութեան համար Գոհար կոչուած, Թովմաս անուն անձի մը հետ ամուսնացած էր, բայց Քուրդ մը ետեւէն կ՚իյնար յափշտակելու, ուստի նոր ամուսինները միասին կ՚երթան կը փակուին Աղթամար կղզիի մէջ: Այս դէպքը տեղի կ՚ուենայ 1393-ին ատենները: Քանի մը տարի ետքը, գործով մը Ոստան քաղաքը կ՚իջնան, նոյն քուրդը կը հանդիպի Թամարին, եւ մէկէն սովորական խաբէութեան կը դիմէ, թէ ու երբեմն տաճկանեալ էր: Ազդին ամիրայ խաբէական ըլլալը զգալով անփոյթ արար զայնու ( ՆՈՐ. 189), սակայն իր կինը Փաշախաթուն, լիրբ եւ յանդուգն թիւրքմէնուհի կամ քրդուհի մը ( ՆՈՐ. 190), այն որ Եղիսաբէթ Խառաբաստեցին ալ նահատակել տուած էր ( § 1371), մէջ տեղ կ՚անցնի Թամարը յորդորելու ու բռնադատելու: Թամար դատաւորին ատենն ալ կը հանուի, բայց անսասան կը մնայ արիասիրտ պատասխաններով, եւ նոյնպէս կը խօսի տասն օր անսուաղ բանտարկութենէ ետքը, հազար ոսկի ալ առջեւը դրուած տեսնելով: Երբ այդ ջանքերը արդիւնք չունեցան, մահուան վճիռ տրուեցաւ, եւ Թամար քարկոծմամբ նահատակուեցաւ Ոստանի մէջ, իսկ Ազդին հրամայեց մարմինը պատուով թաղել: Թուական նշանակուած է 1398-ին ահեկի 17-ին, երկուշաբթի օր, Յինանց միջոցը, մերձ տօնի սրբոյն Գէորգայ ( ՆՈՐ. 194): Հայկական ամիսը հնար չէ հին տոմարով հաշուել, զի այն ատեն կը պատասխանէր օգոստոս 25-ին որ Յինանց միջոց չէ: Իսկ նոր սարկաւագագիր տոմարով կը պատասխանէ ապրիլ 24-ին, որ Յինանց միջոց է, եւ մերձ է սուրբ Գէորգայ յիշատակին, որ Յայսմաւուրքի մէջ ապրիլ 23-ին կը նշանակուի: Միայն 1398-ին ապրիլ 24 երկուշաբթի չի հանդիպիր, այլ չորեքշաբթի, իսկ երկուշաբթի կը հանդիպի 1396, եւ պէտք կ՚ըլլայ հայկական ՊԽԷ թուականին մէջ ( ՆՈՐ. 195) Է եւ Ե թուատառերու փոխանակութեամբ թուականը ուղղել, եւ ՊԽԵ կարդալ, ու Թամար Մոկացիին նահատակութիւնը դնել 1396 ապրիլ 24-ին, որ կը լինի Յինանց չորրորդ կամ Կարմիր կիրակիին երկուշաբթին: Ուրիշներ Ե եւ Է թուատառերու փոխանակութիւնը ամսաթիւինվրայ կատարելով ԺԵ ամսաթիւը ԺԷ կ՚ուզեն կարդալ, եւ քանի որ 1398 ապրիլ 22-ը երկուշաբթի կը հանդիպի, այն որ դնել նահատակութիւնը: Այդպէս կ՚ընեն քանիէ աւելի ձեռագիրներէն միայն երկուքին մէջ յետ աշխարհամրտան կիրակէի յաւելուածը տեսնելով ( ՆՈՐ. 197), բայց մենք կը նախադասենք տարեթիւին վրայ կատարել թուատառերու ուղղութիւնը, զի միայն երկու օրինակներու յաւելուածը բնագրական չի կրնար սեպուիլ, եւ միւս կողմէն կը յարգուի Յայսմաւուրքին հեղինակութիւնն ալ, որ ապրիլ 24-ին եւ ոչ 22-ին կը դնէ Թամարի յիշատակը ( ՅԱՍ. Ա. 182):

1390. ԵՐԿՈՒ ՎԱՆԵՑԻՔ

Անգամ մը Վանայ քաղաքին մէջ, Հայտարի կոչուած շէժխերը, տաճիկ աղջկան մարմինը գերեզմանէն հաներ էին վասն մեղաց, հաւանաբար կախարդական նպատակով: Գործը քրիստոնէից վրայ թողուեցաւ, եւ քաղաքացիներէն ութը հոգի ամբաստանուեցան: Ասոնցմէ մէկը Սիրանոս անուն խոստովանեցաւ, բայց ուրացաւ եւ ազատեցաւ. եւ երկու մեղսակիցներ միայն ցուցուց, որով հինգ հոգիներ այլեւս չի փնտռուեցան: Երկուքէն մէկը` Կարապետ փախաւ, իսկ միւսը Մելիքսէդ տանը մէջ ձերբակալուեցաւ, եւ անմիջապէս ուրացութեան հրաւիրուեցաւ: Յանձն չառնելուն, հրացեալ շամփուրներով մարմինը տանջեցին 26 տեղերէ, եւ հաւատքին վրայ հաստատուն մնալուն քարկոծման վճիռ տուին: Կարծելով թէ պիտի չկարենայ քալել, կողովով կ՚ուզէին փոխադրել, այլ նա իւրովի վազեաց, եւ քարկոծմամբ նահատակուեցաւ, իսկ մարմինը յօշօտելով այրեցին: Մելքիսեդ Վանեցիի նահատակութեան օրն է 1403 յուլիսի 10: Օր մը ետքը ձեռք ձգեցին Կարապետ Վանեցին ալ, եւ ուրացութեան բռնադատելու համար ականջները կտրեցին, եւ չհաւանելուն պատճառով քարկոծեցին ու այրեցին ընկերին նման ( ՆՈՐ. 203):

1391. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՉՄՇԿԱԾԱԳՑԻ

Յովհաննէս Չմշկածագցի քահանայն ալ նոյն 1403 տարին կատարուեցաւ: Իր բարեբարոյ, պարկեշտ եւ աղքատասէր կեանքը քահանայակից ընկերներուն նախանձը գրգռած էր, որոնք զինքն սկսան զրկել ու հալածել: Յովհաննէս յաջողեցաւ Մահմուտ ամիրայէն արտօնութիւն ստանալով, փայտաշէն նոր եկեղեցի մը կանգնել Կարմիր Սարակ կոչուած տեղը: Ասիկա աւելի եւս գրգռեց նախանձոտները, եւ Յովհաննէսի դէմ ծանր ամբաստանութիւններ մատուցին ամիրային` արբած մի պահուն, որ հրամայեց շինուածը քանդել եւ քահանայն ուրացութեան ստիպել: Անմիջապէս ժողվուեցան, փայտաշէն եկեղեցիին կրակ տուին, եւ Յովհաննէսի ուրացութեան չհաւանելուն համար կապեալ ոտիւք եւ ձեռօք արկին ի հուրն, եւ այսպէս կատարուեցաւ սրբակրօն քահանայն 1403 սեպտեմբեր 10-ին: Չմշկածագի եպիսկոպոսը Դաւիթ, արտօնութիւն ստանալով մարմինը պատուով թաղեց Ս. Աստուածածին եկեղեցին ի ներքս պարսպին, եւ յիշատակն ալ գիրի առաւ ( ՆՈՐ. 206): Այդ միջոցներուն ընդհանուր հալածանք ալ հռչակած էր Բաղէշի մէջ Իբրահիմ ամիրայն, որ իր եղբօր Շարաֆի յաջորդած էր: Նա կապուտ արկ ի քաղաքին, եւ յոյժ դառնացանա քրիստոնեայք, բայց յատուկ նահատակուածներու անուններ չունինք: Իբրահիմի ընթացքին հաւանութիւն չտուաւ Միրան-Շահ, Լէնկթիմուրի որդին, որ հարաւային գաւառներու կողմնակալ դրուած էր, եւ Իբրահիմին վրան քալեց ու սպաննել տուաւ, բայց Ազդին Ամիրային միջնորդութեամբ, Իբրահիմի որդին Շամշատինը ամիրայ նշանակելով դարձաւ Թաւրիզ իր կեդրոնը ( ՄԵԾ. 69):

1392. ՍՏԵՓԱՆ ԵՒ ՄԻՒՍԷՖԻՐ

Տարօրինակ պարագաներով կը պատմէ Մեծոփեցին` Ստեփան Ամիւկցի քահանային նահատակութիւնը, ապօրէն գործեր ալ վերագրելով անոր: Ստեփանոս միջոց մը իր ծննդավայրին մօտ եղող Լիմ անապատը ապրելէ ետքը, Արճէշ եկաւ, եւ երկիրը անտեսուչ եւ անառաջնորդ գտնելով, զի եպիսկոպոս եւ վարդապետ փախած էին Թաթարաց յարձակումներուն պատճառով բազում ժամանակս եղեւ առաջնորդ գաւառին: Մեծոփեցին կը մեղադրէ Ստեփանոսի ըրածը, իբր զի պէտք է որ ամենայն կարգաւոր յիւրում կարգի կայցէ. սակայն մենք ապօրէն չենք գտներ, որ նա անտերունչ ժողովուրդին ինքնընտիր առաջնորդն եղած ըլլայ, միայն թէ աստիճանէն բարձր խորհրդական գործերու չխառնուի: Այլ կը դիտենք մանաւանդ միւս պարագայն, որ նա կ՚ապրէր յափշտակեալ կին մի ի քաղաքացւոցն հրամանաւ եւ կաշառօք անհաւատից ( ՄԵԾ. 112): Այդ վիճակը շարունակեց բազում ժամանակս, եւ Արճիշեցի տանուտէրերէն Մուսէֆիր ալ գործակից էր Ստեփանոսի: Ասոնց գործունէութիւնը հաճոյ չ՚ըլլայ անօրինաց եւ ստախօս քրիստոնէից ոմանց, որ նենգեալ մատնեն երկուքն ալ Արճէշի Սահանդ ամիրային ( § 1365): Ուրացութեան առաջարկը կը հետեւի, եւ յանձնառու չըլլալուն երկուքն ալ կը գլխատուին, եւ զգլուխս ի պարսպէն ի վայր կախեցին: Մեծոփեցին կը յաւելու թէ անմեղ արեամբն իւրեանց լուացին զաղտեղութիւն մեղաց իւրեանց ( ՄԵԾ. 112), հարկաւ ապօրէն կենակցութիւնը, եւ ոչ թէ անձընծայ գործունէութիւնը: Ստեփանոսի եւ Միւսէֆիրի նահատակութեան թուական ցուցուած է 1395 տարին, առանց ամսաթիւի ( ՄԵԾ. 113): Այդ նահատակութիւնը պատմելէն ետքը երկարօրէն առաջ կը բերէ Մեծոփեցին նոյն քահանային սերունդին մէջ պատահած անկարգութիւնները, յայտարարելով թէ չար սերմանցն չար լինի երկրագործութիւն, եւ չար ուսուցչացն չար լինի ուսումն նոցա ( ՄԵԾ. 113): Սկսելով պատմել թէ ի քահանայէս յայսմանէ ծնաւ մանուկ մի Յովհաննէս անուն, վրայ կը բերէ մերձաւորաց ամուսնութիւններ, որոնց մէջ իրաւ կան բաւական մօտիկներ, բայց նոյն կերպով կը պախարակէ նաեւ այն` որ առնու զհօրեղբօր իւրոյ կնոջ քուեր դուստրն, եւ այն որ առնու զքուեր դուստր փեսային հօրեղբօրորդւոյ իւրոյ ( ՄԵԾ. 114), որոնք վեցերորդ աստիճանի խնամութիւններ են: Ժամանակին նախապաշարեալ սովորութեանց իբր նմոյշ յիշենք նաեւ, որ այդ կիներէն մին դեւերու մատնուած ըլլալով, երբ խաչ ու աւետարան, դիւթութիւններ ու կախարդութիւններ օգուտ չեն ըներ, ժողովուրդը փորեցին զգլուխ փողոցին աղտեղին, եւ կինը թաղեցին մինչեւ ի պարանոցն, եւ սուր առեալ ի ձեռս իւրեանց աղաղակէին եւ հարկանէին զերկիր եւ ասէին, ել չար դեւ ի կնոջէս յայսմանէ, եւ բազմութիւն քաղաքին տեսանէին հերարձակ եւ ողորմելի դիմօք կին մարդ ի մէջ հրապարակին, որ այսպէս կացեալ սակաւ աւուրբք աւանդեաց զհոգին: Մեծոփեցին կը յաւելու, թէ խնդրեմք ի Տեառնէ, զի թողցէ զյանցանս նորա, զի ոչ կամաւ էր մեղանչական, այլ ակամայ, եւ եպիսկոպոսներուն եւ վարդապետներուն ուղղելով խօսքը` կը խնդրէ, այս սուտ եւ անցաւոր կենացս համար մի' ներգէք ի սէրն եղբայրական ( ՄԵԾ. 116), ակնարկելով այն պարագային, որ այդ կնոջ ամուսնութեան համար դիմած էին ի հոգեւոր առաջնորդս եւ վարդապետս եկեղեցւոյ, եւ անոնք հաւանած էին յանցանօք պատուիրանացն բարիս առնել ( ՄԵԾ. 115): Մենք այս միջադէպները ուզեցինք պատմել, պարզապէս ժամանակին ըմբռնումները պատկերացուցած ըլլալու համար:

1393. ԱՂԹԱՄԱՐ ԵՒ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

Ժամանակակից եղելութիւնները քաղելու, եւ Հայութեան զանազան հատուածներուն պատկանող դէպքերը զանց չընելու համար հետեւեալ տեղեկութիւններն ալ կը յաւելունք: Աղթամարի մէջ Դաւիթ կաթողիկոս, Զաքարիայի եղբայրը ( § 1376), իշխանութիւնը վարած է արդիւնաւոր գործունէութեամբ, եւ օգտակարութեամբ, Շէյխ Ահմէտի հովանաւորութեան ներքեւ ( § 1382): Այդ միջոցին բաւական թուով վանքեր ալ ծաղկած են Աղթամարի սահմաններուն մէջ: Սարի Ս. Գէորգի, Մեծոփայ Ս. Աստուածածնի եւ Ցիպնայ Ս. Ստեփանոսի վանքերէն զատ, որոնց վրայ խօսուեցաւ, պէտք է յիշել նաեւ Հիզանի Ս. Խաչ վանքը` Յովհաննէս Հռետորաբան վարդապետին ձեռքով, եւ Աղթամարայ Ս. Խաչ մայրավանքը` Զաքարիա Փիլիսոփայ վարդապետին ջանքերով: Դաւիթ կաթողիկոսի կը վերագրուի նաեւ թեմական տուրքերուն մէջ կանոնաւորութիւն մտցնելը, իւրաքանչիւր գիւղի բնիկներուն եւ կարողութեան համեմատ (00. ԲԻԶ. 1195): Երուսաղէմի մէջ ալ նոր Հայ վանքեր կը հաստատուէին տնօրինական վայրերը, եւ Ս. Յակոբայ աթոռը կը պարտաւորուէր օտարներու ձեռնձգութեանց դէմ պաշտպանել իւր սրբավայրերը: Սարգիս պատրիարք Գողգոթայի տիրապետութեան համար նոր հրովարտակ մը կը ստանայր 1393-ին Պետրոս եւ Վահրամ վարդապետներու աշխատութեամբ ( ԱՍՏ. Ա. 216): Գահիրէի մզկիթին հրդեհը քրիստոնէից վերագրուելուն պատճառով, նոր հալածանքներ եւ սպանութիւններ տեղի ունենալէն զատ, ընդհանուր հրաման ալ տրուած էր, որ քրիստոնեայք չկարենան ձի եւ ջորի հեծնալ եւ ոչ պատուոյ փակեղ գործածել: Բայց Մարտիրոս եպիսկոպոս միեւնոյն ժամանակ, 1399-ին կը յաջողէր պաշտպանութեան հրովարտակ հանել տալ Արաբացի հարկապահանջներուն դէմ, եւ երկրորդ մըն ալ 1402-ին Մեսրոպ եպիսկոպոս կը հանէր Ճառների գերեզմանատան անարգել կիրառութեան համար ( ԱՍՏ. Ա. 217): Ուխտաւորներու կացութիւնը ճշդելու համար Սարգիս պատրիարք ընդհանուր կանոն մը հաստատել կու տար 1400-ին, թէ տարիէ աւելի Երուսաղէմ մնացողներ միայն պարտաւոր պիտի ըլլան գլխահարկ վճարել, եւ թէ Հայեր, Վրացիներ, Հապէշներ եւ Յոյներ հաւասարապէս ազատ պիտի ըլլան Ս. Գերեզմանի մուտքին համար յատուկ տուրք վճարելէ ( ԱՍՏ. Ա. 219): Սարգիս պատրիարքի ժամանակը հարկ է վերջացնել 1412-ին ( ԱՍՏ. Ա. 219), թէպէտ երկարաձգուած էր սովորաբար մինչեւ 1417 ( ԲԱՌ. 47): Ինչպէս գործերէն կը տեսնուի, արդիւնաւոր միջոց մը եղած է Սարգիսի ժամանակը:

1394. ՈՒՆԻԹՈՐՆԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԸ

Ունիթորներու գործունէութեան ալ նոր զարկ մը տուած ըլլալու համար, Ղուկաս Շահապունեցին գաւառահայր ընտրուելէն ետքը անմիջապէս Հռոմ կ՚ուղեւորէր, նպաստներ եւ դիւրութիւններ ստանալու: Այդ առթիւ եւս առաւել կը շեշտուէր Երնջակի Ունիթորներուն ամբողջապէս լատին իրաւասութեան ենթարկուիլը, որոնց վրայ պիտի չկարենային հսկել տեղւոյն եկեղեցական իշխանաւորները, այլ միայն Հռոմէ եկող այցելուները, ինչպէս կը հրամայէ Վոնիփակիոս Թ. պապին 1398 յունիս 1-ին հանած կոնդակը: Իսկ 1399 ապրիլ 28-ի կոնդակով ալ Խրիմի մէջ գտնուող Ս. Յակոբ, Ս. Նիկողայոս եւ Ս. Պետրոս-Պօղոս վանքերը, Հայաստանի գաւառահօր իշխանութենէն զատելով, ուղղակի Հռոմի ընդհանուր մեծաւորութեան կ՚ենթարկուէին: Նշանակելի է նաեւ այն կարգադրութիւնը որ Նախիջեւանի Հայ եպիսկոպոսութեան յաջորդող Փրանկիսկոս Դավրիժեցին, պապին կոնդակը չստացած ձեռնադրուելուն համար, պապէն կը մերժուէր, եւ հակառակ ընկալեալ սովորութեան, փոխանակ Դոմինիկեանի, Փրանկիսկեան լատին կրօնաւոր մը` Ստեփանոս Սէկէս` Նախիջեւանի եպիսկոպոս կ՚անուանուէր 1398 օգոստոս 26-ին ( ՍԻՆ. 389): Դիտելով որ այդ միջոցին էր, որ տեղի կ՚ունենային Տաթեւացիի եւ գործակիցներուն Հայ եկեղեցւոյ պաշտպանութեան համար արդիւնաւոր ջանքերը, Հռոմ եւ Հռոմէականք իրենց զօրութիւնը կը դնէին եւս քան զեւս` լատինականութիւնը շեշտելու մէջ, ինչ որ անշուշտ իրենց յաջող ելք պիտի չտար: Զի Հայեր բնական կերպով պիտի խորշէին օտարածէս եւ օտարաձեւ կարգադրութիւններէն, մինչ թերեւս աւելի հրապուրուած ըլլային, եթէ հայածէս եւ հայաձեւ կերպարաններով գեղերեսեալ ըլլային Հռոմի հաւատորսական ճիգերը: Ունիթորներու կացութիւնն ու գործունէութիւնը տկարանալու երես բռնած էին արդէն Որոտնեցիին եւ Ղրիմեցիին աշխատութեամբը, եւ սկսուած նուազման ճամբան շարունակեցին անոնցմէ ետքն ալ: