Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԳՐԻԳՈՐ ԺԲ. ՎԱՂԱՐՇԱՊԱՏԵՑԻ

1569. ՏԵՒՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱԹՈՌԱԿԻՑՆԵՐ

Երբոր Միքայէլ կը վախճանէր 1576-ին, միայն Գրիգոր կը մնար անոր մօտ աթոռակից, զի Բարսեղ Գ. եւ Ստեփանոս Զ. վախճանած էին արդէն ( § 1586), եւ հետեւաբար նովին իսկ Գրիգոր կը լինէր բուն գահակալ կաթողիկոսութեան ( ԴԱՎ. 338), համաձայն այն ատեն ընդունուած սովորութեան, որով յաջորդութիւնը կ՚որոշուէր ոչ թէ նոր ընտրութեամբ, այլ նախորդին կամքով: Գրիգոր ինքն ալ արդէն ծերացեալ էր, վասնզի 1583-ին 85 տարեկան եղած ըլլալը գրուած է ( ԱՐՐ. 232), եւ 1576-ին արդէն 78 տարեկան եղած կ՚ըլլայ, եւ որովհետեւ 1557-էն աթոռակցութեան կոչուած էր ( § 1554), կը հետեւի թէ 59 տարեկան եղած ատեն այդ աստիճանին բարձրացած էր: Ինչ ինչ յիշատակարաններուն մէջ 1575-էն կը կարդանք ի հայրապետութեան տէր Գրիգոր կաթողիկոսին ( ԹՈՐ. Բ. 260), կամ ի հայրապետութեան տեառն Գրիգորի ( ԹՈՐ. Բ. 410), սակայն այդ յիշատակներ չեն ստիպեր մեզ Դավրիժեցիին թուականէն աւելի կանխել Գրիգորի գահակալութիւնը, քանի որ գիտենք թէ յիշատակագիրներ անխտիր գահակալը կամ աթոռակիցը կը նշանակեն իբր բուն կաթողիկոս: Միւս կողմէն նկատելով Գրիգորի տարիքը, եւ հետեւելով սովորական դարձած ձեւին, զարմանալի պիտի չ՚երեւի այլեւս տեսնալ, որ Գրիգոր անմիջապէս իրեն երկու աթոռակիցներ կ՚ընտրէ միեւնոյն 1576 տարին, որոնք են Թադէոս Բ. եւ Առաքել Ա. ( ԴԱՎ. 238), այս երկրորդը ի գեղջէն Էջմիածնի ( ԴԱՎ. 1), եւ անշուշտ առաջինն ալ Վաղարշապատեցի ծննդեամբ կամ բնակութեամբ, քանի որ ուրիշ տեղացի ըլլալը նշանակուած չէ, ինչպէս յիշուած էր Սալմաստեցիին, Սեբաստացիին եւ Առնջեցիին համար ( ԴԱՎ. 238): Աթոռակիցներու յատուկ գործունէութեան մաս կազմել սկսած էին նաեւ գաղթականութեանց հետ յարաբերութիւնները, կրկնակի նպատակով` թէ անոնց հակելու, եւ թէ անոնցմէ կամ անոնց ձեռքով Մայրաթոռին համար քաղաքական եւ նիւթական օգնութիւններ հայթայթելու: Իրաւ այս նպատակով նուիրակներ ալ կրնային ղրկուիլ, բայց կ՚երեւի թէ կաթողիկոսի անունով ճոխանալը, եւ կաթողիկոսական իշխանութեամբ եկեղեցական ծիսակատարութիւններ եւ կարգադրութիւններ ալ ընելու իրաւունքը, օգտակար նկատուած էր այդ այցելուներուն արդիւնաւորութիւնն աճեցնելու համար: Գրիգորի նոր աթոռակիցներէն Թադէոսը, անմիջապէս Էջմիածինէ մեկնած է յիշեալ նպատակով, վասնզի 1577 յուլիս 21-ին Վենետիկ կը գտնուի եւ կը մասնակցի մեծահանդէս թափորին, որ կազմուած էր Ճուտէքա (Giudeca) կղզեակին վրայ շինուելիք ուխտի եկեղեցւոյ հիմնարկէքին առթիւ, Վենետիկի թեմակալ պատրիարքէն ետքը առաջին տեղը գրաւելով ( ՎԵՆ. 332): Այդ առթիւ աւելցնենք թէ հայազգին Անտոն Սուրեան կամ Սուրիացի, որ նշանաւոր եղած էր Վենետիկի մէջ նաւաշինութեան արուեստով ( ՎԵՆ. 246), ժանտամահի դէմ ալ դեղ մը հնարած էր, եւ շատեր բժշկած եւ մահուանէ ազատած ( ՎԵՆ. 260), եւ այդ ժանտամահին առթիւ էր որոշուած ուխտի եկեղեցւոյն կառուցումը: Թադէոսի Վենետիկ գալուն պատճառը որոշակի չէ ցուցուած, բայց այդ ուղեւորութեանց ընդհանուր շարժառիթը յայտնի էր, իսկ կրօնական նպատակ մը ունեցած չըլլալը կը հետեւի պապութեան հետ յարաբերութեան չմտնալէն, եւ Ալիշան ալ կը խոստովանի թէ ոչ յիշի որոշակի եւ երթն ի Հռոմ ( ԱՐՐ. 231): Թադէոսի այցելութիւնը երկարատեւ ալ եղած չէ, վասնզի Վենետիկի մէջ մնալը միայն քանի մը ամիս ցուցուած է ( ՎԵՆ. 333), ուսկից պէտք է անցած ըլլայ Լեհաստան ( ԱՐՐ. 231), ուր աւելի բազմաթիւ եւ աւելի կարող էին Հայ գաղթականութիւնները: Անհնար է մեզ ճշդել թէ որչափ ատեն գաղթականութեանց մէջ դեգերեցաւ Թադէոս Բ., բայց ստոյգ է, որ իր շրջանը աւարտելով դարձած է Մայրաթոռ, ուր 1583 հոկտեմբեր 21-ին Աբգարի որդին Սուլթանշահ, Մարգանտոն կոչուած, խնդրանքի նամակ մը կ՚ուղղէ Հռոմէն ( ՅԻՇ. 258), որուն վրայ յառաջիկային պիտի խօսինք:

1570. ՕՍՄԱՆՑԻՆԵՐ ԵՒ ՊԱՐՍԻԿՆԵՐ

Թադէոսի ուղեւորութիւնը զուգընթաց կու գայ երկու սահմանակից իսլամ պետութեանց մէջ խաղաղութեան խանգարուելուն, եւ Հայաստանի մէջ պատերազմի տագնապներուն վերսկսելուն, այնպէս որ անհաւանական չէ ներքին կապակցութիւն մը ճանչնալ երկու եղելութեանց մէջ: Շահ Թահմազ 53 տարի թագաւորելէն ետքը մեռած էր 1576-ին, դեղակուր եղած ( ԺՈՒ. 166), կամ ի բաղանիս խեղդեալ ( ԶԱՔ. Ա. 11), իրեն յաջորդ ցուցնելով իրեն որդիներէն Հայտարը, զոր նոյն օր սպաննել տուաւ իր Իսմայիլ եղբայրը, սակայն նա ալ խեղդուեցաւ 1577-ին, տարիուկէս ցոփակեաց թագաւորութենէ ետքը, եւ գահ բարձրացաւ Թահմազի երէց որդին Մուհամմէտ, որ Խուտաբանտ կամ Խիւտապէնտէ կոչուեցաւ: Պարսկաստանի ներքին խռովութիւնները Օսմանցիները քաջալերեցին պատերազմը նորոգելով սահմաննին ընդարձակելու: Սուլտան Մուրատ Գ., որ 1574 դեկտեմբեր 21-ին յաջորդած էր իր հօրը Սէլիմ Բ. , Մուսթաֆա փաշան ( ԺՈՒ. 166), որ եւ Լալա փաշա ( ԶԱՔ. Ա. 13), հրամանատար նշանակեց, որ 1578 յուլիս 23-ին առաջին մեծ յաղթութիւն մը տարաւ Չլտրի ճակատամարտին մէջ, եւ սեպտեմբեր 8-ին երկրորդ մըն ալ կատարեց Քանաքի գետեզերքը, եւ այսպէս հիւսիսային Հայաստան եւ Կովկասեան գաւառներ Օսմանեանց հպատակեցան, եւ Երեւան եւ Էջմիածին ալ նոյն տիրապետութեան անցան: Հայ պատմագիրին համեմատ, Լալա փաշա աւերեաց զԵրեւան եւ գերեաց 60, 000 անձինս, եւ Ֆէրհատ փաշա որ անոր յաջորդեց, շինեաց բերդ յԵրեւան ( ԶԱՔ. Ա. 13): Այդ նպատակաւ էր, որ բազում եկեղեցիք քակեալ, զքարինս ի շինումն բերդին առնէին, եւ հազիւ Երկու երես կոչուած մեծ եկեղեցին ազատուեցաւ Առաքել կաթողիկոսին Ֆէրհատին առջեւ միջնորդելովը, բայց չկրցաւ արգելել զինուորներուն իրենց ձիերով 30 օր եկեղեցւոյ մէջ բնակիլը ( ՍԱՄ. 192): Մեր նպատակէն դուրս կը սեպենք հետեւիլ Պարսից եւ Օսմանեանց պատերազմներուն, որոնք երկար տեւեցին: Այդ պատերազմներուն մէջ երկու կողմէն նշանաւոր հանդիսացան Իւզտէմիր Օսման փաշա, որ մասնաւոր զօրապետութենէ ետքը Ֆէրհատի յաջորդեց իբր Օսմանեանց հրամանատար, եւ Համզէ Միրզա, Խիւտապէնտէ շահին որդին: Պատերազմները շարունակեցին մինչեւ 1584, բայց պատերազմի աղէտէն աւելի սաստիկ եղաւ սովը, որ պատերազմին աւերածներուն եւ կոտորածներուն երեսէն առաջ եկաւ, եւ որուն աղիողորմ նկարագիրը կը պատմեն ժամանակակիցներ ( ՍԱՄ. 190): Օսման փաշա, որ Կոստանդնուպոլիս դարձած էր, 1585-ին նոր արշաւանք մը բացաւ Ատրպատականի եւ ներքին Պարսկաստանի կողմը, բայց ինքն հիւանդութեամբ մեռաւ, եւ Համզէ քանի մը նշանաւոր յաղթութիւններ տարաւ: Ասոր վրայ Օսմանեանք արշաւանքը նորոգեցին, եւ վերջապէս Պարսիկներ խոնարհեցան հաշտութիւն խնդրել, որ կնքուեցաւ 1590 մարտ 21-ին Նէվրուզի օրը, եւ Լուրիստան, Շէհրիզօր, Շիրուան, Ատրպատական, Երեւան, Վրաստան, եւ Կովկասեան գաւառներ Օսմանեանց տիրապետութեան ներքեւ մնացին ( ԺՈՒ. 175): Պարսից արքունիքը անկեալ վիճակ ունեցաւ Մուհամմէտ Խիւտապէնտէի օրով, մանաւանդ երբ Համզէ Միրզա ալ սպանուեցաւ: Անոր յաջորդեց Ապպաս եղբայրը, եւ գահ ելաւ հօրն ալ օգնելէ ետքը, եւ սա է հռչակաւոր եւ Մեծ մականուանեալ Շահաբասը կամ Շահ Ապպասը: Անոր իսկական թագաւորութիւնը հռչակուեցաւ 1590-ի դաշնագրութենէն ետքը, թէպէտեւ 1585-է սկսելով շատ գործեր անոր անունով կատարուած էին: Նա ինքն ալ եղած է հաշտութիւնը անհրաժեշտ դատողը, անկեալ կացութիւնը վերանորոգելու համար: Աւելորդ է անգամ մըն ալ կրկնել, թէ այդ երկարատեւ պատերազմներու երեսէն կարի աղետալի եղած էր Էջմիածինի կացութիւնը:

1571. ՍՈՒԼԹԱՆՇԱՀԻ ՁԳՏՈՒՄՆԵՐԸ

Քանիցս յիշեցինք թէ Աբգարի որդին Սուլթանշահ, Լատիններէն Մարգանտոն կամ Մարկոս Անտոնիոս անունով ճանչցուած, Հռոմ մնացած էր իր հօրը մեկնելէն ետքը ( § 1568), եւ այնտեղ ազգային հիւրանոցին տեսուչ, եւ ընդհանրապէս փախստական եւ պանդուխտ եւ ուխտաւոր Հայոց խնամակալ եղած էր, գոնէ ինքն մեծաբանութեամբ կը գովէ այդ մասին իր ունեցած աշխատութիւնը ( ՅԻՇ. 256): Քսան տարիէ ի վեր Հռոմ ընտելացած եւ համակերպած էր տեղական պահանջներուն, եւ իր թագաւորազուն ըլլալուն համոզմամբ, իշխանական տիտղոսի մըն ալ հետամուտ էր: Այդպիսի տիտղոսի մը համար աւատական կալուածի մը ստացութիւնը էական էր, եւ այս է անշուշտ իր գրածին իմաստը, թէ փափն կամեցաւ տալ ինձ ժառանգութիւն իբր` կամ զքաղաքս կամ զբերդս ( ՅԻՇ. 258): Մենք կը կարծենք թէ պապին ուզելէն աւելի ինքն եղած կ՚ըլլայ այդ բանին հետապնդողը, որչափ ալ գիտենք թէ 1572-ին Գրիգոր ԺԳ. յաջորդած էր Պիոս Ե-ի, եւ բուռն կերպով կ՚աշխատէր Արեւելցիները, եւ մասնաւորապէս Հայերը, հռոմէադաւանութեան շահելու եւ ասոր համար ամէն տեսակ հրապուրիչ միջոցները ձեռք առած էր: Կ՚երեւի թէ Միքայէլ կաթողիկոսէն Աբգարին տրուած վկայագիրը` պապական արքունիքին մէջ ներքին համոզում յառաջ բերած չէր, որ Սուլթանշահէն նոր վկայագիր կը պահանջուէր իր ծագումը արդարացնելու համար` կանոնաւոր ազգաբանութեամբ մը: Սուլթանշահ կը պարտաւորուի զայն ճարելու համար Թադէոս կաթողիկոսին դիմել: Այդ նամակը կը գտնուի այսօր Անտոնեանց դիւանին մէջ ( ՅԻՇ. 255), եւ մենք ալ անկէ օգտուեցանք Աբգարի վրայօք մանրամասնութիւններ քաղելու ( § 1557): Նամակը 1583 հոկտեմբեր 21 շաբաթ օր թուական կը կրէ ( ՅԻՇ. 258), սակայն յիշեալ ամսաթիւը երկուշաբթի կը հանդիպի, եւ շաբաթ օրը կ՚արդարանայ 1581-ին, որով կամ տարեթիւը կամ ամսաթիւը ուղղելի կը մնայ. բայց հաւանաբար շաբաթ օրուան յիշուիլը շփոթութեան արդիւնք է, եւ 1583 թուականը պահելու է: Իսկ ուղղակի Թադէոսի գրելը, հետեւանք է անշուշտ Թադէոսի Իտալիա գալուն, եւ թերեւս տեսակցութիւն ալ ունենալնուն Վենետիկի մէջ ( § 1569), կամ թէ Թադէոսի անունը լսուած ըլլալուն: Սուլթանշահ կը խնդրէ, որ նոր վկայագիր մը պատրաստուի իրեն թագաւորազարմ ըլլալուն, զոր Թադէոս իր կնիքով կը կնքէ, եւ ուրիշ քսան եպիսկոպոսներու ալ կնքել տայ, դնելով զկնիքս միահամուռ, եւ զմատունս իւրեանց ի ներքոյ կնքոյն, այսինքն ստորագրութիւն ալ աւելցնելով, եւ խոստովանաբար, այսինքն երդման ներքեւ, որպէսզի յաջողի իրեն քաղաքներ եւ գիւղեր ունենալ, որ է ըսել իշխանական տիտղոս ստանալ: Կը յայտարարէ, թէ այս բանը ոչ վասն իմ փափաքիմ, այլ վասն Հայոց, եւ այն երից պատճառաց համար, որոնք են Հռոմ եկող Հայերը խնամել, Հայոց անունը բարձրացնել, եւ փրկութիւն Սրբոյն Սիոնի, այսինքն Հայաստանի, պատրաստել, որպէս հարբն իմով ոչ եղեւ ( ՅԻՇ. 258), կամ թէ ըսել, Աբգարին գլուխ հանել չկրցած նպատակը իրագործել ( § 1589): Նամակը տանելու եւ վկայագիրը բերելու համար յատուկ պատգամաւոր ալ ճամբայ հանած է, այլ թէ գործը ինչ արդիւնք ունեցած է, յայտնի չէ, կամ թէ ունեցած ալ չէ, զի Սուլթանշահի գործերուն եւ վախճանին վրայ ուրիշ տեղեկութիւն չունինք: Նամակին պարունակութիւնը ունայնասիրութեան արդիւնքէ աւելի բան մը չէ, այլ աւելորդ չի դատեցինք յիշատակել, իբր ժամանակին գաղափարներուն արտայայտութիւն, թէ ինչպէս Հռոմի հետ յարաբերութիւններ եւ լատինասէր մերձեցումներ` փրկութիւն Սրբոյն Սիոնի նպատակին կը դիմէին:

1572. ՆՈՐ ՏՈՄԱՐԻ ԿԱԶՄՈՒԻԼԸ

Գրիգոր ԺԳ. պապը, զոր անգամ մը յիշեցինք ( § 1571), իր անունը տուած է նոր տոմարին կազմութեան, որ այժմ ընդհանրացած է Արեւմուտքի մէջ, թէպէտ Արեւելեան եկեղեցիներ եւ ազգեր տակաւին հին տոմարով կը վարուին, եւ կ՚արժէ այս մասին բացատրութիւն մը տալ: Տոմարի վերջին կարգադրութիւնը եղած էր 325-ին Նիկիոյ ժողովին ատեն, զատկական հաշիւը ուղղելու համար: Այս մասին հիմ բռնուած էր Յուլեան դրութիւնը, տարին 365 օր եւ 6 ժամ հաշուելով, եւ քառորդ օրերը չորս տարին մէկ անգամ օր մը հաշուելով, սովորական տարիները 365, եւ չորրորդ տարիները 366 օր համրել, որով հարիւրամեայ դար մը կ՚ունենար 36, 525 օր: Իսկ Զատկի օրն ալ ճշդելու համար մարտ 21-ը հաստատուն գիշերահաւասար ընդունուեցաւ, ինչպէս էր 325-ին, եւ այդ հիմամբ շինուեցան զատկական ցուցակները, եւ այլեւս անոնց վրայ կը քալէին եկեղեցիները, անկախաբար աստղաբաշխական զննութիւններէ: Սակայն իրօք տարին 365 օր եւ 6 ժամ չէր, այլ 365 օր, 5 ժամ, 48 վայրկեան, 47 երկվայրկեան եւ 33 եռվայրկեան, որ տասնորդական գրութեամբ կը գրուի 365, 242217, եւ տարբերութիւնը կ՚ըլլայ մերձաւորաբար 11 վայրկեան իւրաքանչիւր տարի, որ հարիւր տարուան կամ 365, 242217 օրերու վրայ մէկ օրի մօտ տարբերութիւն կու տայ, կամ տասնորդական ձեւով 0, 7783: Այդ տարբերութիւնը դարերու շարունակութեամբ գումարուելով, գիշերահաւասարը խախտած էր, որ այլեւս մարտ 21-ին չէր հանդիպեր իսկութեամբ, թէպէտ այնպէս կ՚ըմբռնուէր գործածական ցուցակներու մէջ, եւ նոյն ցուցակներով ալ կը հաշուուէին զատիկները: Կացութիւնը դիտողութեան առարկայ եղած էր դար մը առաջ, բայց անորոշ մնացած, մինչեւ որ նորէն խնդիրը արծարծեց Ալոիսիոս Լիլիօ (Lilio) Իտալացի աստղաբաշխը, որ այդ մասին լուրջ ուսումնասիրութիւններ կատարած էր: Լիլիօ 1576-ին մեռաւ առանց գործնական որոշման մը յանգելու: Գրիգոր ԺԳ. պապ խնդիրը ուրիշ հմուտներու հետազոտութեանց յանձնեց, եւ տեսնուեցաւ որ գիշերահաւասարը 10 օր խախտած էր, եւ իսկապէս մարտ 11-ին կը հանդիպէր: Այդ 10 օրերու տարբերութիւնն էր, որ պապին հրամանով ուղղուեցաւ 1582-ին եւ հոկտեմբեր ամսուն մէջ, կարեւոր տօներու պակասութեան միջոցին, հոկտեմբեր 4 հինգշաբթիին յաջորդեց հոկտեմբեր 15 ուրբաթ: Ապագային ալ խախտուիլը արգիլելու համար որոշուեցաւ իւրաքանչիւր դարավերջի տարին նահանջն ընել եւ 365 օր պահել, բայց այսչափն ալ շատ գալուն, որոշուեցաւ նաեւ իւրաքանչիւր չորրորդ դարավերջի տարին նահանջն ընել, չորրորդ դարավերջ համրելով այն թուականները, որոնց հարիւրեակները չորսի բաժանելի են: Նոր կամ Գրիգորեան տոմարի գրութիւնը նոյն 1582 տարին ընդունեցին Իտալիա, Սպանիա, Լուսիտանիա, Գաղղիա, Բելգիա ու Դանիա. 1583-ին Հելուետիոյ հռոմէադաւանները, 1584-ին Գերմանիոյ հռոմէադաւանները, 1596-ին Լեհաստան եւ 1587-ին Հունգարիա: Իսկ Գերմանիոյ եւ Հելուետիոյ բողոքականները անագան ընդունեցան 1700-ին եւ Անգլիա, Շուետիա եւ Նորվեգիա 1752-ին, իսկ գաղթականութիւններն իրենց բնաշխարհին հետ: Արեւելեան ազգեր եւ եկեղեցիներ` ցարդ կը շարունակեն հին տոմարով վարուիլ, որուն բոլոր տարբերութիւնը, գիշերահաւասարի խախտուելուն միտ չդնելով` դարավերջի նահանջը չզեղչելուն վրայ կը կայանայ: Ամսաթիւի տարբերութիւնը, որ 1582-ին 10 օր էր, նոյն մնաց 1600-ին, երբ նոր տոմարն ալ նահանջը պահեց, իսկ անկէ ետքը 1700-ին տարբերութիւնը եղաւ 11 օր, 1800-ին 12 օր եւ վերջերս 1900-ին 13 օր: Արեւելեայք աւելորդ նախանձախնդրութիւն մը կը դնեն այս մասին, Արեւմտեայց կամ Լատիններու հետեւած չըլլալու համար, սակայն խնդիրը ոչ կրօնական է եւ ոչ դաւանական, քանի որ երկու կողմերն ալ միեւնոյն կանոնով կը հաշուեն իրենց զատիկը: Ասոր հետ մէկտեղ քանի որ թուականի խնդիրը քաղաքական նշանակութիւն ունի, աւելորդ կը գտնենք Արեւելեան ազգերու հռոմէադաւան բաժիններուն ցուցած փութկոտութիւնը, երկրին քաղաքական ընթացքէն հեռանալու, եւ ինքզինքնին Արեւմուտքի յարմարցնելու: Որչափ ալ այսօր պարզ աչքով ալ կը նշմարուի, որ երկինքի վրայ լրումն լուսնի չկայ, երբ հին տոմարը իր ցուցակներուն համեմատ լուսնի լրումն կը հաշուէ, սակայն այսչափը չ՚արդարացներ երկրին ընդհանուր հաշիւէն շեղիլը: Միայն թէ բաղձալի էր, որ պարզապէս բնական եւ գիտական հաշուոյ խնդիր մը աւելորդ տարաձայնութիւն չ՚աւելցնէր ազգերու եւ եկեղեցիներու մէջ, եւ որովհետեւ այժմէն այդ դիտմամբ շարժումները կը տեսնուին, յուսալի է որ գործը կարգադրութեան մը յանգի, տարբերութիւնը 14 օրուան չի բարձրացած, որ տեղի պիտի ունենայ երկու դարէն 2100-ին:

1573. ՀԱՅՈՑ ԴՊՐԱՏՈՒՆ

Զանազան կողմերէ եւ զանազան պատճառներով Հռոմ եկող պանդուխտներուն հետ հասած էր նաեւ այրի քահանայ մը, Յովհաննէս Տէրղնցի, թէպէտ Տէրղինը անծանօթ, որ իր երկու աղջիկները Ամիդի մէջ թողլով Խաչատուր որդւոյն հետ եկած էր բախտ փնտռելու ( ՅԻՇ. 249): Սուլթանշահի հետ մտերմանալով Հռոմի մէջ տպարան մը կազմակերպելու հետեւեցաւ, եւ անկէ ելած առաջին գործն է, Տումար Գրիգորեան յաւիտենական, որ եղեւ յիշխանութեան հզօր սրբոյ փափոյն եւ այլ թագաւորաց, 1584-ին տպագրուած ( ԼԷՕ. 104): Անշուշտ Գրիգոր պապին յատուկ պաշտպանութեամբ կը կատարուէր այդ հրատարակութիւնը, որով պապը իր տոմարական կազմակերպութիւնը Արեւելքին ալ կ՚ուզէր ծանօթացնել, թէպէտ արդիւնք մը ձեռք ձգած չէ: Պապը Արեւելքին եւ առանձին Հայերուն վրայ մտադրութիւն դարձնելով, կերպով մը կ՚ուզէր անոնցմով փոխարինել, ինչ որ Արեւմուտքին մէջ բողոքականութեամբ իր իրաւասութենէն ելած էր: Սոյն այս նպատակով խորհեցաւ Հայոց յատուկ եւ անոնց անունով եկեղեցական դպրատուն մը բանալ Հռոմի մէջ, ամբողջապէս պապական գանձուն ծախքով, որպէս զի այնտեղ պատրաստուին հայազգի եկեղեցականներ, հռոմէականութեան սկզբունքով սնած եւ ուսած, եւ անոնց ձեռքով Հայեր եւ Հայոց եկեղեցին հռոմէադաւանութեան վերածուի: Վասնզի թէպէտ իր կոնդակին մէջ կ՚ըսէ, թէ Հայոց եկեղեցին յամենայն ժամանակի մեծապատիւ յարգանօք հպատակ գտաւ հայրապետին Հռոմայ, սակայն վերջէն կը յաւելու թէ սպրդեցին ի նոսա մոլորութիւնք ինչ ( ՉԱՄ. Գ. 526), եւ այս կերպով կ՚ուզէ յատուկ վարժարանի պէտքը առջեւ բերել: Գործը Հայերուն դիւրընկալ ընելու համար, գովութեամբ կը յիշատակէ Հայ եկեղեցւոյն առաքելական քարոզութեամբ սկսած ըլլալը, եւ Հայոց բիւրապիսի հալածանաց եւ նեղութեանց ներքեւ իրենց քրիստոնէական հաւատքին վրայ հաստատուն մնալը: Բայց Հայերու հաստատուն պահած հաւատքը հայադաւանութիւնն էր, որով պէտք կ՚ըլլայ այդ իմաստով առնել Գրիգոր ԺԳ. պապին Հայերուն համար շռայլած գովեստը: Պապին որոշումը արդիւնք եւ գործադրութիւն չունեցաւ. կոնդակը 1584 հոկտեմբեր 13 թուական կը կրէր, եւ ինքն 1585 ապրիլ 10-ին կը մեռնէր, գործին սկզբնաւորութեան իսկ չի ձեռնարկած: Գրիգորի մահուանէ ետքը իր յաջորդները այդ մասին մտադրութիւն չդարձուցին, եւ միայն Ուրբանոս Ը. պապ, երբ 1630-ին ատենները ընդհանուր ազգութեանց համար Բրօբականտայի կամ Ծաւալոցի դպրատունը հիմնեց, Հայ երիտասարդներ ալ ընդունուեցան, եւ անոնցմէ սերեցան հռոմէադաւանութեան նուիրեալ քարոզիչներ, եւ այնպէս շարունակեց, մինչեւ որ Լեւոն ԺԴ. պապ 1883-ին Հայոց յատուկ Լեւոնեան դպրատունը բացաւ Հռոմի մէջ:

1574. ՀԱՅՈՑ ՄԱՍԻՆ ԳՈՐԾԵՐ

Գրիգոր ԺԳ. պապը Հայերուն վրայ մտադրութիւն դարձնելու յորդորող պարագաներուն գլխաւորը, Հռոմ խռնուող Հայերուն ներկայութիւնն եւ պաշտպանութեան թախանձանքներն էին, բայց դուրսէն ալ իր մտադրութիւնը հրաւիրող պարագաներ պակաս չեղան: Հռոմի հետ յարաբերութիւն մշակողներուն մէջ նախաձեռնարկ դեր մը կը ստանձնէր Սսոյ աթոռը, եւ Խաչատուր Երաժիշտ 1575-ին այդ իմաստով դիմում կ՚ընէր Գրիգոր ԺԳ. պապին ( ԱԶԱ. 108): Որչափ ալ այդ նամակին մէջ գործածուած արեւելեան չափազանցութիւնները եւ շողոքորթ նմանութիւնները` դաւանական մեկնութեան տանիլը, պարզապէս բորբոքեալ երեւակայութեան արդիւնք ըլլան ( ԱԶԱ. 109), սակայն իրողութիւն մըն է` եղած դիմումը, որուն նպատակն է միշտ փրկութիւն Սրբոյն Սիոնի ( § 1571), զոր Ուլնեցի նոր կազմակերպուող Հայութիւնն ալ ( § 1563) արեւմուտքէն կ՚ակնկալէր, հետեւելով Կիլիկեցւոց հնաւանդ նախապաշարեալ գաղափարին ( § 1055): Այդ դիմումին իբրեւ արդիւնք պիտի ճանչցուի, պապին կողմէ յատուկ նուիրակի մը Կիլիկիա ղրկուիլը, յարաբերութիւնները ճշդելու եւ իսկական հռոմէադաւանութեան հաւանեցնելու Հայերը, վասնզի Գրիգոր պապն ալ պէտք չէր անգիտանար Հայերուն շատ շատ անգամներ առատ յայտարարութիւններ գրելը, առանց երբեք իրենց նախնական դիրքէն խախտելու: Պապերը արդէն Հռոմի մէջ յատուկ Հայերու հոգածու եւ պաշտպան կարդինալ մը հաստատած էին, որ էր Յուլիոս-Անտոնիոս Սանսէվէրինօ (di San Severino), իսկ պատուիրակութեան ընտրուեցաւ Լէոնարդոս Սիդոնի անուանական եպիսկոպոսը, որ Հռոմէ մեկնեցաւ 1583-ին ուղիղ դէպի Հալէպ, մէկտեղ ունենալով պապէն նամակ մը Խաչատուր կաթողիկոսի անունին ( ԿԱԹ. 309), եւ հաւատոյ դաւանութեան պատճէն մը ( ԿԱԹ. 311), որուն համեմատ պիտի հաստատուէր յարաբերութեանց հիմը, եւ որ անհրաժեշտ պայմանը պիտի ըլլար ակնկալուած օգնութեանց: Խաչատուր արդէն ծեր մարդ էր աւելի քան զութսուն ամ, երբ իրեն վէքիլ ընդհանրական եւ օգնական առաւ Ազարիա Ջուղայեցին, որ անոր կենդանութեան բազում ամք ծառայեց Սսոյ կաթողիկոսարանին ( ԿԱԹ. 312), եւ անշուշտ այդ պատճառով Ազարիայի անունն ալ Խաչատուրի հետ յիշուած էր 1575-ին` պապին ուղղուած նամակին մէջ ( ԱԶԱ. 108): Լէոնարդոս Արեւելք չհասած Խաչատուր վախճանած էր, եւ Ազարիա իրեն յաջորդած 1584 փետրուար 25-ին (09. ՕՐԱ. 283), եւ վասն այլ ուրիշ կռուոյ` եւ մեր ազգի մէջն` Հալէպ գացած էր, երբ այն տեղ իրեն ներկայացաւ պապական նուիրակը բանագնացութեանց նպատակով, եւ իբր առաջին պայման, եբեր առաջի զդաւանութիւնն սուրբ հաւատոյ զոր հայերէնի թարգմանած էր Գրիգոր Բերիացի սարկաւագ կաթողիկոսարանին ( ԿԱԹ. 311): Բանակցութիւնները շատ հեշտ եղած պիտի չըլլան, եթէ դիտենք որ անոնք տարի մը շարունակեցին` մինչեւ որ ելք մը ունենան:

1575. ԼԷՈՆԱՐԴՈՍ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿ

Լէոնարդոս Հալէպ եղած ատեն լուր կ՚առնէ թէ Էջմիածինի կաթողիկոսներէն Առաքել Ամիդ կը գտնուի, եւ հարկաւ կը տեղեկանայ ալ թէ Էջմիածինի աթոռին դիրքը աւելի բարձր եւ ազդեցութիւնը աւելի ընդարձակ է քան Սսոյ աթոռը, ուստի անոր հետ ալ յարաբերութեանց կը մտնէ, իր պաշտօնին ու նպատակին կարեւորութիւնը շատցնելու համար: Այդ առթիւ Լէոնարդոսի գրութեանց մէջ կը յիշուի Գրիգոր ԺԲ. կաթողիկոսը 85 տարեկան ծերունի մը, եւ Առաքել աթոռակից, եւ Դաւիթ փակակալ ( ԱՐԱ. 232): Թադէոսի անունը յիշուած չէ, ուսկից կը հետեւի թէ Թադէոս Բ. Վաղարշապատեցի աթոռակիցը, որ Իտալիա եւ Լեհաստան ալ գացած էր ( § 1569), արդէն վախճանած էր 1584-ին, Գրիգորի կենդանութեան, որով անտեղի կ՚ըլլայ անոր անունը կաթողիկոսական գաւազանին անցուիլը սովորական ցուցակին մէջ ( ԺԱՄ. 637): Փակակալ անունով յիշուած Դաւիթն ալ, Գրիգորի նոր աթոռակից Դաւիթն է, սա եւս ի նոյն գեղջէն Էջմիածնի ( ԴԱՎ. 2), որուն կաթողիկոսակից ըլլալը 1586-ին կը գրուի թէ Դավրիժեցիէն ( ԴԱՎ. 338) եւ թէ Երեւանեցիէն ( ՋԱՄ. 20): Սակայն անհաւանական չէ մինչեւ 1584 բարձրացնել աթոռակցութեան թուականը, նկատելով որ առանց այդ պայմանի անոր անունը Գրիգորի եւ Առաքելի հետ յիշուած չէր ըլլար. արդէն փակակալի պատուանունն ալ շատ բարձր նշանակութիւն ունէր հին դարերուն մէջ: Ալիշան կը գրէ թէ Լէոնարդոս երեքէն ալ թուղթս հաւանութեան առած ըլլայ, իր առաջարկներուն համար ( ԱՐԱ. 232), սակայն ոչ ինքն եւ ոչ իր համամիտներէն Վատիկանի դիւանները պրպտողներ, այսպիսի գիրեր ոչ տեսած են եւ ոչ հրատարակած, որով ենթադրական կը մնայ այս տեղեկութիւնը: Պատմական յիշատակներ չեն բացատրեր Առաքելի Ամիդ կամ Տիարպէքիր գալուն շարժառիթը: Պարագաներու մերձեցուցմամբ կը գտնենք, որ 1584 տարին Պարսից եւ Թուրքաց պատերազմին ընդհատուելուն միջոցն է ( § 1570), եւ հաւանաբար Առաքել եկած է Ամդեցիներու օգնութեան դիմելու, որոնք լաւ եւ կարող վիճակ ունէին, եւ ուր առաջնորդ էր Սրապիոն եպիսկոպոս, Ղուկաս Կեղեցիի աշակերտներէն ( § 1564), որ մեծ հռչակ ունէր թէ իր մեծահարուստ ունեւորութեամբ: Յառաջիկային պիտի տեսնանք` այդ առաւելութեանց համար անոր կաթողիկոսութեան հրաւիրուիլը Վաղարշապատեցի Դաւիթէն: Գուցէ կանուխէն ալ այդ միտքը յղացուած էր, եւ Առաքել նոյն նպատակով Ամիդ եկած էր, բայց այս անգամ ելք մը չունեցաւ: Լէոնարդոսի դառնալով անոր Էջմիածինի հետ յարաբերութեանց մասին ստոյգ բան մը ըսել դժուար է: Նմանապէս Էջմիածին երթալու դիտում ունեցած, եւ Օսմանեանց նոր արշաւանքին պատճառով արգիլուած ըլլալը ( ԱՐՐ. 232), պարզ ենթադրութենէ աւելի նշանակութիւն չունի:

1576. ԱԶԱՐԻԱՅԻ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ

Լէոնարդոսի եւ Ազարիայի միջեւ կատարուած բանակցութիւնք մինչեւ 1585 շարունակեցին, թէպէտ մանրամասնութիւնք մեզի անծանօթ կը մնան, այլ Գրիգոր սարկաւագ կը վկայէ, թէ միայն յետ յոյժ մտածութեան եւ զրուցից բազում անգամ ի հետ պարոնտէր Սիդովնայ եպիսկոպոսին, եւ յետ խորհրդակցելոյ ի յաւագ բաժին իւր եպիսկոպոսացն եւ երիցանց, այսինքն մեծամասնութեամբ եւ ոչ միաձայնութեամբ, վերջապէս ընդունեցաւ ստորագրել առաջարկեալ դաւանութիւնը ի տունն եպիսկոպոսութեան եկեղեցւոյն Հալպայ ( ԿԱԹ. 307): Ասոր վրայ Ազարիա Սիս դարձաւ, եւ այն տեղէ գրուած են երկու նամակներ, մէկը կաթողիկոսին եւ միւսը եպիսկոպոսներուն կողմէն, ուղղուած Գրիգոր ԺԳ. պապին 1585 ապրիլ 10 շաբաթ օր թուականով, որ այն տարին աւագ շաբաթ է, եւ է նաեւ Գրիգոր ԺԳ. պապին մեռած օրը ( § 1573): Ազարիա իր նամակին մէջ կը յայտնէ, թէ կաթողիկոսութեան չ՚անցած ուխտ ունեցած է Հռոմ այցելել, բայց հիմա այլեւս չի կրնար, վախնալով յայլ մեծ փորձանաց, եթէ բնակութենէն հեռանար: Անոր համար, Յովհաննէս եպիսկոպոսը կը յղէ իր տեղը, եւ անոր հետ Գրիգոր սարկաւագն ալ, առաւել պասմային համար, եւ Աստուածաշունչ մըն ալ կը ղրկէ ըստ այնմ տպագրելու համար, վասնզի գրչագիրներ 200 կամ 300 ֆլորին կ՚արժեն եւ չեն գտնուիր: Կը յիշէ թէ ստորագրած է ներկայացուած դաւանութիւնը, տեղեկութիւն ունեցած է նորոգման տոմարից, բայց թէ չի կրնար խախտել յառաջ քան զայլ ազգիք, եւ կը յաւելու թէ սարկաւագը կու գայ քանի մի տղայով վասն ուսման ի դպրատունն ( ԿԱԹ. 312): Ակնարկներ ունի Դաշանց Թուղթին եւ Կոռիկոսեանց ժամանակ Հռոմի միացեալ եղած են, թէպէտեւ կը խոստովանի, թէ բազում մեր նախնիք ոչ են պահեալ զայս պարտս ( ԿԱԹ. 309): Այդ յայտարարութեանց նպատակն է պապին սիրտը օգնութեան եւ նպաստի շարժելու, զի, կ՚ըսէ ամենեքին եմք գերի ի ներքոյ անողորմ տէրանց, որք վասն մեղաց մերոց ամենայն օր տանջեն եւ չարչարեն զմեզ ագահութեամբ, մինչ մենք տնանկ եւ աղքատք եմք ( ԿԱԹ. 309): Իսկ միւս նամակը ստորագրած են Մարտիրոս Աշոտի, Յովհաննէս Զէյթունի, եւ Ղազար Հալէպի եպիսկոպոսներ, Մըսըրշահ, Լիպարիտ, Յանուշ եւ Պուտախ Սսոյ իշխաններ, եւ Յովհաննէս քահանայ Հալէպի: Ասոնք կը վկայեն թէ Ազարիա Խաչատուրի օգնական եղած է եւ այժմ իրենց կաթողիկոսն է, եւ կը խնդրեն որ ըստ այնմ ճանչցուի, եւ կը փակեն միշտ նոյն յանգերգը կրկնելով, թէ մի' մոռանաք զմեզ զաղքատս եւ զտնանկս ( ԿԱԹ. 313): Շարունակ աղքատ եւ տնանկ ըլլալնին յիշեցնելը` կը բացատրէ Կիլիկեցւոց ունեցած ակնկալութիւնը եւ դաւանութիւնը ստորագրելնէն սպասուած հետեւանքը: Որոշակի պիտի չկարենանք ճշդել թէ ստորագրող Զէյթունի եպիսկոպոսը, կամ թէ ուրիշ Յովհաննէս եպիսկոպոս մըն է Հռոմ երթալիք պատուիրակը:

1577. ԱԶԱՐԻԱՅԻ ԴԱՒԱՆԱԳԻՐԸ

Դաւանութեան գիրին մանրամասնութեանց մտնել հարկ չենք տեսներ, զի Հայոց եկեղեցւոյ միտքով եւ Հայերուն կողմէ շարադրուած գրութիւն մը չէ, այլ կատարեալ հռոմէական միտքով եւ Հռոմի կողմէ կազմուած դաւանութիւն մը, լատիներէն գրուած, եւ ապա հայերէնի վերածուած, ինչպէս որ Գրիգոր սարկաւագը կը յայտարարէ, թէ թարգմանեցի եւ գրեցի հաւատարմութեամբ, որչափ որ կարացի եւ գիտցայ ի պատմութենէ, զոր արար ինձ տէր եպիսկոպոս Սիդովնի ի ֆրանկի եւ յարապի լեզուէ, եւ եւս գրեցի ի հայերէն ( ԿԱԹ. 307): Հետեւաբար Հայ կաթողիկոսի եւ Հայ եկեղեցականի մը գիտցածն կամ դաւանածին բացատրութիւնը չէ, այլ ստիպմամբ առնուած ստորագրութիւն մըն է, այն ալ տարի մը ձգձգելէ ետքը տրուած, իբրեւ բռնադատեալ պայման մը նեղութեանց հանդէպ պաշտպանութիւն եւ աղքատութեան հանդէպ օգնութիւն գտնելու ակնկալութեան: Այլ թէ ինչ արդիւնք ունեցած են, յայտնի չէ. որովհետեւ պատմութեանց մէջ Լէոնարդոսի պատգամաւորութեամբ գալը յիշուած եւ գրուած է, բայց դառնալէն ետքը որեւէ արդիւնք ունեցած ըլլալը գրուած չէ: Այս տեղ ալ հռոմէադաւաններ կը կարծեն անջրելի փաստ մը եւ հաստատութիւն գտած ըլլալ Ազարիայի վկայութեամբ, սակայն չուզելով ալ կրկնել թէ որպիսի ստիպման ներքեւ, դիտել պէտք է տանք թէ Ազարիա ոչ Հայոց եկեղեցւոյ ներկայացուցիչն է, եւ ոչ ալ օրինական ժողովով որոշում մը տուող է: Սսոյ աթոռը բաժանեալ եւ մասնաւոր աթոռ մըն է, անոր աթոռակալն ալ կարօտութեանց եւ նեղութեանց լուծին ներքեւ կքած անձ մըն է, որ որեւէ պայմանով մը դիւրութիւն գտնելու հարկին ներքեւ կը հեծէ: Այսուհանդերձ բաւական կ՚աշխատի բռնադատիչ հարկէն ազատիլ, եւ վերջապէս երեք եպիսկոպոսի, չորս աշխարհականի եւ մէկ քահանայի գիտակցութեամբ պահանջուած ստորագրութիւնը կու տայ, եւ ոչ թէ ինքնաբերաբար իր միտքը կը յայտնէ: Այսպիսի անհատական գրութիւն մը ոչ Հայոց եկեղեցիէն բղխած է, եւ ոչ Հայոց եկեղեցւոյ դաւանութիւնը կը ներկայէ: Դիտողութիւն մըն ալ պէտք է աւելցնենք, Ազարիայի դաւանութեան ներքեւ Ղազար եպիսկոպոսի եւ Գրիգոր սարկաւագի 1585 մայիս 1 շաբաթ օր թուականով, Ազարիայի ստորագրութիւնը հաստատելնուն վրայ: Կ՚երեւի թէ Լէոնարդոս ստորագրութիւնը առնելէն երեք շաբաթ ետքը աւելցնել տուած է ստորագրութեան վաւերացումը, ինքն ալ ստորագրած, եւ Բերիայի լատին նուիրակին ստորագրութիւնն ալ աւելցուցած ( ԿԱԹ. 308): Վերջապէս նկատելի է որ Ազարիայի անունը Զաքարիա արձանագրուած է պապական դիւանին մէջ ( ԿԱԹ. 302), եւ կ՚երեւի թէ անունը ճիշդ գրելու չափ ալ կարեւորութիւն չէ տրուած ձեռք անցուած ստորագրութեան:

1578. ԱԶԱՐԻԱՅԻ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Շատ աւելի նշանակալից է գործին հետեւանքը: Լէոնարդոսի եւ Ազարիայի միջեւ գոյացած համաձայնութեամբ Ազարիայի դիրքը կը խախտուի, եւ ընդհանուր դժգոհութեան առիթ կը դառնայ, եւ տարին չանցած Ազարիա հանրութեան կողմէ կը մերժուի, եւ Տիրատուր Սսեցի, մականուանեալ Գիտնական, որ 1563-ին Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութենէն ելած էր երկամեայ պաշտօնավարութենէ ետքը ( § 1563), կաթողիկոս կ՚օծուի Սսոյ մէջ 1586 մարտ 20-ին: Սակայն Տիրատուր ալ երկար ատեն հաճելի չի մնար, եւ Յովհաննէս Այնթապցի, մականուանեալ Բարեբարոյ, իրեն համամիտներ կը գտնէ, եւ ինքն ալ կաթողիկոս կ՚օծուի Սսոյ մէջ 1588-ին, եւ այսպէս Կիլիկիոյ մէջ երեք կաթողիկոսներ միանգամայն կը գտնուին, իւրաքանչիւրը իրեն համախոհներու շրջանակ մը ունենալով, սակայն Սիսը Յովհաննէսի ձեռք կը մնայ: Այդ երկպառակութիւնները եւ բաժանումները հետեւանք էին Ազարիայի Հռոմի հետ հաստատած յարաբերութեան, եւ որչափ ալ ցաւալի ըլլայ այդ հետեւանքը, յայտնապէս կը ցուցնէ թէ Կիլիկիա բովանդակ համախոհ չէր Ազարիայի ստորագրած դաւանութեան, եւ թէ Ազարիայի ըրածը անձնական կամ մասնաւոր գործ մը եղած էր: Ազարիա Կիլիկիոյ մէջ իր դիրքը վերանորոգելէ յուսահատ, Կոստանդնուպոլիս կու գայ, ուր Յակոբ պատրիարքէն ետքը ( § 1563) նստած էին, Յովհաննէս Տիարպէքիրցի 1573-ին, Թովմաս Գաղատացի 1581-ին, Սարգիս Ուլնեցի 1590-ին: Ազարիայի Կոստանդնուպոլիս գալուն թուականը յայտնի չէ, բայց հարկաւ կանուխէն եկած պիտի ըլլայ, որ ատեն ունենար կողմնակիցներ եւ պաշտպաններ շահելու համար, մինչեւ որ 1591-ին Յովհաննէսը հեռացնելով Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութիւնը ձեռք անցուց, իսկապէս Սսոյ աթոռը դառնալու միտքը յաջողցնելու համար: Հազիւ տարի մը կը մնայ Կոստանդնուպոլիս, եւ 1592-ին Սիս կը դառնայ, եւ կը յաջողի Տիրատուրին եւ Յովհաննէսին վրայ ալ զօրանալ, եւ Սսոյ աթոռին տիրանալ, այլեւս մոռնալով Հռոմն եւ Հռոմի յարաբերութիւնները: Ազարիայի կաթողիկոսութեան այդ վերջին մասը իբր 10 տարի տեւած է, եւ վախճանած է 1601 յունիս 2-ին ( ՉԱՄ. Գ. 536), եւ գերեզմանը կը գտնուի Բերիոյ եկեղեցւոյն մէջ, նշանակալից արձանագրութեամբ մը, Թող զյանցանս տէր Ազարիա կաթողիկոսին (08 ԱՐԵ. 593), որ կարծես թէ կ՚ուզէ առաջին անգամ տկարանալուն ակնարկել: Քանի որ Ազարիայի գերեզմանը յստակ արձանագրութեամբ մէջտեղ է, չենք գիտեր ինչ աղբիւրէ առած են հռոմէականք կարծել, թէ Ազարիա յետ փորձանաց ի Հռոմ եկեաց եւ վախճանեցաւ ( ՍԻՍ. 218): Ազարիայի մահէն ետքը Յովհաննէս Այնթապցի նորէն Սիսի մէջ զօրացաւ եւ գրաւեց, եւ թերեւս անոր մահէն ալ առաջ, զի Ազարիա Բերիոյ մէջ կեդրոնացած կ՚ապրէր, ուր եւ մեռաւ, եւ իբրեւ ուրոյն աթոռ մը այնտեղ նոր յաջորդ ալ ունեցաւ, Պետրոս Կարկառեցին, որ 7 տարի պաշօնավարեց, եւ վախճանեցաւ 1608 զաւագ պահոց երեքշաբթին (08 ԱՐԵ. 594), այսինքն է մարտ 22-ին, եւ գերեզմանը կը մնայ Բերիոյ եկեղեցին: Յովհաննէս եւ Պետրոս, եւ թերեւս անկէ ալ առաջ Յովհաննէս եւ Ազարիա համերաշխութիւն գոյացուցին, որ իւրաքանչիւրը որոշ շրջանակի մէջ իրաւասութիւն վարէ ( ՉԱՄ. Գ. 528), մինչեւ որ Պետրոս ալ մեռաւ, եւ 1586-ին սկսած պառակտումը վերջացաւ 22 տարի տեւելէն ետքը, եւ Յովհաննէս Այնթապցի միահեծան մնաց Սսոյ աթոռին վրայ, մինչեւ իր մահը 1627-ին:

1579. Կ. ՊՈԼՍՈՅ ԱԹՈՌԸ

Իսկ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ Ազարիայի մեկնելէն ետքը 1592-ին նորէն աթոռ բարձրացաւ Սարգիս Ուլնեցին, որ երկու տարի առաջ տեղի տուած էր Յովհաննէս Ուլնեցիին ( § 1578), եւ այս անգամ ալ չորս տարի ետքը տեղի տուաւ Տիրատուր Սսեցիին, որ անգամ մը պատրիարք եղած էր ( § 1563), եւ վերջերս ալ Սսոյ կաթողիկոսութենէն հեռացուած էր` Ազարիայի կրկին զօրանալուն պատճառով, բայց կաթողիկոսական կերպով ճոխանալէ չէր դադարած: Կրնայ մտածուիլ թէ Սարգիս պատուադիր կերպով տեղի տուած ըլլայ Տիրատուրի, ուսկից ժամանակին ստացած էր եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը (90. ԱՐԵ. 519): Տիրատուր այս անգամ ալ երկար պաշտօնավարութիւն չէ ունեցած Կոստանդնուպոլսոյ աթոռին վրայ, զի երեք տարիէ 1599-ին, մայրաքաղաքի մեծամեծները հանին զինքն յաթոռոյ, ուրիշ արժանաւորագոյն մը գտած կարծելով պատրիարքութեան համար ( ՉԱՄ. Գ. 535): Կիլիկիոյ եւ Կոստանդնուպոլսոյ վերաբերեալ տեղեկութիւնները կանխեցինք հաւաքել այստեղ, շարայարութիւննին պահելու համար: Քաղաքական եւ պետական գործերէն շատ բաներ չունինք պատմել այդ միջոցին, զի կը տեւեր Թուրքաց եւ Պարսից մէջ հաստատուած 1590-ի հաշտութիւնը ( § 1570) եւ գրեթէ ամբողջ Հայաստան եւ Կովկաս Օսմանեանց իշխանութեան ներքեւ կը գտնուէին, Էջմիածինն ալ միասին: Սակայն կաթողիկոսներ ուրոյն դիրք մը չէին գրաւեր պետութեան աչքին, որ կը շարունակէր իբր իրմէ ծանուցեալ հոգեւոր պետ եւ ազգապետ ճանչնալ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքը, եւ անոր թողուած էր պարտ ու պատշաճ հոգեւոր յարաբերութիւնները պահել բոլոր ուրիշ աթոռներու հետ, եւ նոյն կարգին Էջմիածինի աթոռին հետ ալ: Սսեցիներու եւ Ուլնեցիներու Կոստանդնուպոլսոյ աթոռին վրայ յաջորդաբար բարձրանալը, եւ նոյնիսկ Ազարիայի եւ Տիարատուրի Սսոյ կաթողիկոսի անունը վրանին պատրիարքական աթոռը գրաւելը, յայտնի կը ցուցնեն Սսոյ եւ Կ. Պոլսոյ մէջ տիրող սերտ յարաբերութիւնը, սակայն Էջմիածինի Օսմանեանց տիրապետութեան ներքեւ անցնիլը, պէտք էր Մայրաթոռի հետ յարաբերութիւնները զօրացնէր եւ իրօք ալ այդ արդիւնքը յառաջ եկաւ, եւ այդ ատենէն Կոստանդնուպոլսոյ աթոռը վերջնականապէս եւ բացառապէս կապուեցաւ Էջմիածինի Մայրաթոռին հետ:

1580. ԳՐԻԳՈՐԻ ՎԱԽՃԱՆԸ

Գրիգոր ԺԲ. Վաղարշապատեցի կաթողիկոսն ալ` երբ իր կեանքը կնքեց, իբր Օսմանեան հպատակ կը նկատուէր: Գրիգորի վախճանը որոշակի գրուած չենք գտներ, եւ պարատւորեալ մանր յիշատակներու բաղդատութենէն պիտի քաղենք թւական մը: Լէոնարդոսի յիշատակներուն մէջ կը գտնուի Գրիգորի անունը, թէ 1583-ին կենդանի էր տակաւին, թէպէտ 85 տարեկան ծերունի մը ( ԱՐԱ. 232): Քիչ ետքը 1585-ին ի կաթողիկոսութեան տէր Գրիգորի կը դնէ Դաւիթ Ծարեցի եպիսկոպոսը` իր գրած աւետարանին ժամանակը ( ԹՈՐ. Բ. 368), տարի մըն ալ ետքը 1586, նոյն տէր Գրիգոր կենդանի կը ցուցուի Դավրիժեցիին ժամանակագրութեան մէջ ( ԴԱՎ. 338): Տարի մը եւս ետքը 1587-ին Դաւիթ եպիսկոպոս Գեղամայ երկրէն, որ նոյն ինքն վերոյիշեալ Ծարեցին կ՚երեւի, Խնուսի մէջ ղարիպ եղած ատեն, նոր աւետարան մը կը գրէ ի կաթողիկոսութեան տեառն Գրիգորի յաթոռն Էջմիածնի, ճշդելով իսկ թէ այս ամ տասն ամ եղեւ որ Արեւելից աշխարհն ի վտանգի կայ, որովհետեւ Օսմանլու ազգն շատ բերդաքաղաք էառ ( ԹՈՐ. Բ. 446), եւ իրօք գիտենք թէ 1577-ին սկսած էին Օսմանեանց արշաւանքները ( § 1570): Այդ թուականէն ետքը Գրիգոր անունը տուող յիշատակարանի չենք հանդիպած, իսկ Դավրիժեցին մինչեւ 1593 կը յետաձգէ Դավիթի անունը գլուխ անցընել ( ԴԱՎ. 338), որ կրնայ առնուիլ իբր Գրիգորի մահուան թուական: Այդ 1593-ին Գրիգոր պէտք է 95 տարեկան եղած ըլլար, այնպէս որ այլեւս անունով միայն կաթողիկոս կրնար ըսուիլ, բոլորովին տկարացած եւ զառամած վիճակի մէջ, բայց եւ այնպէս գահակալութիւնը իրաւամբ իրը կը մնար, թէպէտ աթոռակիցներն ըլլային գործնականապէս կաթողիկոսութիւնը վարողներ: Դավրիժեցին իր պատմութեան սկիզբը, առանց թուական յիշելու կը գրէ, թէ ի ժամանակս յայս էր կաթողիկոս սրբոյ աթոռոյն Էջմիածնի, տէր Առաքեալ ( ԴԱՎ. 1), սակայն այսչափով Առաքելը գահակալ կաթողիկոս չենք կրնար ընդունիլ, քանի որ ուրիշ տեղ 1578-ին ալ ի հայրապետութեան տեառն տէր Առաքելին Էջմիածնի Սուրբ աթոռոյն ( ԹՈՐ. Բ. 435) գրուած կը գտնենք, երբ աներկբայաբար Գրիգոր էր գահակալը: Յիշատակագիրներ կը սիրեն տալ այն անունը` որ գործի գլուխ կը գտնուէր եւ Գրիգոր, 80 տարեկան եղած ատենէն կամ աւելի առաջ գործը աթոռակալներուն թողած կ՚երեւի: Ըստ այսմ երբ Առաքելին համար յաւելաւ առ Տէր ըսելէն ետքը կը գրէ, յետ սորա եկաց կաթողիկոս Սուրբ Էջմիածնի տէր Դաւիթ ( ԴԱՎ. 2), կրնանք Առաքելը ընդունիլ իբր վարիչ, եւ ոչ գահակալ կաթողիկոսութեան: Բնական ալ էր որ երիցագոյն աթոռակից Առաքելին մահէն ետքը, աթոռին կառավարութիւնը կ՚անցնէր իրմէ ետքը եկող Դաւիթին, որուն աթոռակից անուանուած ըլլալը արդէն գրած ենք ( § 1575): Բայց այդ ձեւը չէր արգիլեր, որ իրաւամբ եւ կանոնապէս գահակալ նկատուէր միշտ Գրիգոր, թէպէտ զառամած եւ բոլորովին գործէ քաշուած, բայց ոչ հրաժարած եւ ոչ ալ գահընկէց նկատուած: Չամչեան, եւ անոր հետեւողութեամբ կազմուած սովորական ցուցակը, Գրիգորի միայն 4 տարի կու տան 1569-էն սկսելով, եւ Ստեփանոս Զ., Թադէոս Բ., եւ Առաքել Ա. աթոռակիցները գաւազանին կ՚անցընեն, եւ 1586-էն Դաւիթ Վաղարշապատեցին գահակալ կը նշանակեն ( ԺԱՄ. 637), մինչ մենք մինչեւ 1587 Գրիգորը յիշատակուած ցուցուցինք: Ուստի յիշեալ երեքը կաթողիկոսական գաւազանին չենք անցըներ, եւ Գրիգորի իրաւական կաթողիկոսութիւնը հաւանական հաշուով մը մինչեւ 1590 կ՚երկարաձգենք, այն տեսութեամբ միայն, որ Դաւիթ 1593-ին աթոռակից մը առնելէն առաջ, յամս ինչ կաթողիկոսութիւնը մինակ վարեաց, ըստ բերման ժամանակի եւ ըստ իւրում կարի ( ԴԱՎ. 2):