Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԵՂԻԱԶԱՐ Ա. ԱՅՆԹԱՊՑԻ

1808. ՄԱՅՐԱԹՈՌԷՆ ԸՆՏՐՈՒԻԼԸ

Եղիազարի հակաթոռ կաթողիկոսութիւնը, եւ Յակոբի մահուանէ ետքը անհակառակ գործունէութիւնը, եւ իր եւ իրեն կուսակիցներուն ջանքերը, նախապէս նոր կաթողիկոսի ընտրութիւնը յապաղեցին, որովհետեւ Սահակ կաթողիկոսի մը գոյութիւնը առեղծուածական ցուցուցինք ( § 1798): Երբոր նոր ընտրութիւն չընելու գաղափարը մէջտեղ ելաւ, հետզհետէ համամտութիւն գոյացաւ ապօրինի կաթողիկոսութիւնը օրինաւորութեան վերածել, եւ Եղիազար Այնթապցին Էջմիածինի մայրաթոռին վրայ բազմեցնել: Այդ մասին նախաձեռնութիւն մըն ալ կ՚ընծայուի Կաֆացիին, որ Էջմիածին գրեց, թէ մի գուցէ թարց հարցանելոյ այսր կողմանց առնէք կաթողիկոս: Սակայն Կաֆացին իբր պատրիարք յԵրուսաղէմ ճանչնալը (ԶԱՔ. Բ. 106), պէտք է իբր երբեմն էր իմանալ, զի նոյն միջոցին, ինչպէս գրեցինք ( § 1792), Կաֆացին պատուիրակ գացած էր Եղիազարին եւ վերադարձած: Համաձայն այդ առաջարկին վերջնական որոշումը տուաւ Մայրաթոռին միաբանութիւն, որ կաթողիկոսական ընտրութեանց իրաւասուն դարձած էր Փիլիպպոսի ( § 1666) եւ Յակոբի ( § 1723) ընտրութիւններէն իվեր: Իրեն որոշումը պետական իշխանութեան ալ ընդունել տալէն ետքը ( § 1797), զայն պաշտօնական հրաւիրագիրով մը վաւերացուց, որ 1681 յուլիս 21 թուական կը կրէ (ՍՏՈ. 111), եւ 1680 օգոստոս 1-ին Յակոբի մահուան տարելիցէն 10 օր կանուխ է: Այդ հրաւիրագիրը մեղադրական ակնարկ մը չունի Եղիազարի կանուխէն գործադրած ապօրէն ձգտումներուն վրայ, եւ հակաթոռութիւնն իսկ կը նուիրագործէ յերկուս սուրբ աթոռս յեղյեղեալ բաժանում անուանելով (ՍՏՈ. 109), եւ ոչ ալ նորէնոր պաշտօն յանձնելու ձեւը կը գործածէ, այլ կանխագոյն ընտրեալ հոգեւոր հովուիդ (ՍՏՈ. 107), եւ Աստուած զվեհդ յառաջագոյն իսկ ի նոյն ընտրեաց բացատրութիւններով (ՍՏՈ. 108), կարծես թէ նախընթացին ալ օրինաւորութեան ձեւ մը տալ կը փորձէ: Մինչեւ իսկ զայն իբր նախախնամական բան մը կը ցուցնէ, յիշելով թէ Դաւիթ ալ ի Բեթղեհէմ թաքնաբար օծաւ, սակայն Աստուած ի թագաւորութիւն բոլորից ազանց էած զնա. եւ վրայ կը բերէ թէ` նոյնպէս եւ Աստուած զվեհդ ի սոյն յարդարեալ տնօրինեաց այժմ: Նամակը այնչափ խոնարհական եւ գետնաքարշ ոճով եւ զգացմամբ գրուած է, որ մինչեւ իսկ գրողները կը զիջանին խոստովանիլ, որ թէպէտ մեղանս ինչ ի ժամանակի առ քեզ յայտնեալ երեւեցան, ըստ անառակին եւ մեք առ քեզ գոչեմք, մեղաք յերկինս եւ առաջի քոյ (ՍՏՈ. 109): Այդ ոճը, ոչ թէ եկեղեցւոյ մէջէն հակառակութեան եւ գայթակղութեան կէտ մը բառնալու նպատակը, այլ աւելի Եղիազարի նիւթական կարողութենէն եւ շինարարութենէն օգտուելու դիտումը կը ցուցնէ, առաջարկելով որ վերստին նորոգեսցէ եւ հաստատեսցէ զաթոռս (ՍՏՈ. 110), եւ յանձնառու ըլլալով որ եկեալ դիցէս զսուրբ գարշապարդ քո ի վերայ մեր գլխոյ (ՍՏՈ. 109): Նամակին ներքեւ յատուկ անունով անձեր յիշուած չեն, այլ իբրեւ ստորագրութիւն գրուած է, եպիսկոպոսունք, վարդապետք, քահանայք, սարկաւագունք, դպիրք, իշխանք եւ առհասարակ ժողովուրդք, վանահարք եւ անապատաւորք, եւ այլք (ՍՏՈ. 111):

1809. ՆԱՄԱԿԻՆ ՀԱՂՈՐԴՈՒԻԼԸ

Նամակը Երուսաղէմ տանելու համար պատգամաւորութիւն մը կազմուեցաւ, որուն գլուխը կը յիշուի Պետրոս Գողթան եպիսկոպոսը, իսկ միաբանութեան գլուխը կը գտնուէր Ստեփանոս Իլվովցին կամ Լեհացին ( § 1797): Ընդունուած պատմութեան համեմատ Էջմիածինի պատուիրակութիւնը Եղիազարի ներկայացաւ Երուսաղէմի մէջ, սակայն Աւետիք Եւդոկիացին այնպէս կը ցուցնէ թէ Պետրոս Ագուլեցին հանդերձ երեք եպիսկոպոսօք, Եղիազարի ներկայացան Զմիւռնիոյ մէջ, ուր կը գտնուէր նա, եւ նաւ ալ վարձած էր Հռոմ երթալու համար` եօթը վարդապետներու հետ, որոնք էին, Մինաս, Սուքիաս, Նահապետ, Խաչատուր Չորթան, Սիմոն Քուրդ, Յովհաննէս եւ ուրիշ մը (74. ԱՐՐ. 75): Սակայն կ՚ենթադրենք թէ Աւետիք գրած ատենը շատոնց Արեւելքէ հեռացած եւ խիստ բանտարկութենէ նեղուած` կրցած է պարագաները եւ տարիներ շփոթել որովհետեւ իրեն պատմած պարագաները արդարացնելու համար պէտք էր ընտրութիւնը լրացած ըլլար Յակոբի մահուան եւ յարաբերութեանց ծրագիրին միաբանութեան նամակին: Եղիազար որչափ եւ այդ վերջաւորութեան նկատմամբ գոհ եւ ուրախ, բայց կ՚երեւի թէ շատ շտապ ցուցնել չուզեց, վասնզի մինչեւ որ պատուիրակութիւնը Երուսաղէմ երթար, եւ Եղիազար պատրաստուէր եւ ուղեւորէր, եւ Կոստանդնուպոլիս գար, եօթը ամիսներ անցան մինչեւ 1682 Մեծպահոց սկիզբը, որուն բարեկենդանը փետրուար 26-ին կ՚իյնար: Մեծպահքը եւ Յինունքը Կոստանդնուպոլսոյ մէջ անցուց, Օսմանեան կառավարութենէ ալ իր կաթողիկոսութեան հաւանութիւն եւ հաստատութիւն ստացաւ, եւ ուրիշ կարեւոր գործերն ալ կարգադրեց: Այս կարգին չմոռցաւ Կրպոյ Ռաբուն պատրիարքն ալ վարձատրել, իրեն ցուցած պաշտպանութեան համար, եւ զայն եպիսկոպոսութեան բարձրացուց, եւ նախկին Տէր Կրպոն ( § 1781) եղաւ Կրպոյ Սրբազան: Վերջապէս Հոգեգալուստէն ետքը, որ յունիս 4-ին կը հանդիպէր, Եղիազար Կ. Պոլսէ կը մեկնի նաւով, եւ 1682 օգոստոս 22-ին, Աստուածածնայ շաբթուն վրայ եկող երեքշաբթին կը հասնի Էջմիածին, ինչպէս սովորաբար կը դրուի, թէպէտ օգոստոս 14 ըսող ալ կայ (ԶԱՔ. Բ. 106), որ Աստուածածնայ մեռելոցին կ՚իյնայ: Եղիազարի իբրեւ արդէն օծուած կաթողիկոսի վրայ, նորէն օծման արարողութիւնը չի կատարուիր, եւ հարկաւ կը բաւականանան առաջին մուտքին հանդէսով, որովհետեւ ուրիշ որեւէ արարողութեան յիշատակութիւն չունինք:

1810. ԸՆԹԱՑՔՆ ՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ

Եղիազար անծանօթ անձ մը չէ պատմութեանս համար, որ անոր նախընթացը պարտաւոր ըլլանք բացատրել: Անիկա 1641-ին վարդապետութեան աստիճան առնելէն իվեր` հրապարակային գործունէութեան մէջ էր որով 1682-ին 41 տարիներու գործնական կեանք ունէր, եւ 70-ի մօտ ալ տարիք ունեցած պիտի ըլլայ: Ամէն տեսակ արկածներ անցուցած էր, եւ ամէն տեսակ պաշտօններու մէջ մտած ու ելած էր քանի մը անգամներ: Կոստանդնուպոլսոյ եւ Երուսաղէմի պատրիարքութիւններն ալ անոր ձգտումներուն յագուրդ չէին տուած. ինքնահնար եւ նորօրինակ կաթողիկոսութիւն մըն ալ ստեղծած էր, եւ հակառակ շատերու հակակրութեան եւ դիմադրութեան` իրեն համար կուսակիցներ շահած էր, եւ ստեղծած դիրքը կը պահէր: Որչափ ալ այդ անյագուրդ ձգտումները Եղիազարը մինչեւ ապօրէն եւ անվաւեր ձեռնարկներու մղեցին, սակայն սիրտին խորը հանրութեան օգտակար ըլլալու բարի դիտումը չպակսեցաւ, եւ ունեցած կարողութեան ձիրքերը եւ հարստութեան ինչքերը, անձնական վայելքի չյատկացուց, այլ ազգօգուտ շինութիւններու եւ ձեռնարկներու գործածեց: Սիմէոն Երեւանեցին ալ զայն կը նկարագրէ իբրեւ այր ճարտարաբան եւ ճոռոմախօս, յաջողակ եւ ահաւոր (ՋԱՄ. 25), եւ գովանի ձեռնարկներ կը վերագրէ անոր: Մարթ է ըսել թէ իրաւ չափազանց եռանդը եւ անկոպար ձգտումը` մինչեւ յախուռն ձեռնարկներու մղեցին Եղիազարը, բայց սիրտը չ՚ապականեցին, եւ երբոր բարեդէպ պարագաներով իր իղձերուն յագուրդը գտաւ, Էջմիածինի մէջ Ամենայն Հայոց հայրապետութեան օրինաւոր յաջորդ ճանչցուելով, եւ իր բորբոքած խազմն եւ կռիւն վերջացաւ (ԹՈՐ. Բ. 407), հանդարտ գործունէութեան տուաւ ինքզինքը` տարիքն իսկ այդ ձեւը պահանջելով, եւ շինարար եւ արդիւնաւոր պաշտօնավարութիւն ունեցաւ յօգուտ Մայրաթոռոյն: Այդ կարգին իբր գլխաւոր պէտք է նկատել, որ զբազում պարտս սրբոյ աթոռոյս, որք մնացեալք էին յառաջնոց, սա զամենայնսն անհետ արար, եւ ազատեաց զսուրբ աթոռս, ինչ որ մեծ ծառայութիւն մըն էր, քանի որ գիտենք թէ ինչ ծանր նեղութեանց ներքեւ կ՚իյնար Մայրաթոռը պարտքերու եւ պարտատէրերու երեսէն: Մայրտաճարին վրայ իր յիշատակներն են, Իջման տեղւոյն վրայ շինուած սեղանն ու կաթողիկէն` որ յառաջագոյն լոկ գետնէն բարձր կլորակ քար մըն էր (ՇԱՀ. Ա. 31), տաճարին հիւսիսային եւ հարաւային կամարներուն ներքեւ երկու սեղանները, հիւսիսայինը Ս. Ստեփանոսի անունով եւ եօթն աստիճանով եպիսկոպոսական ձեռնադրութեանց համար, եւ հարաւայինը Ս. Կարապետի անունով եւ երեք աստիճանով վարդապետական ձեռնադրութեանց համար (ՇԱՀ. Ա. 39), եւ տաճարին մէջ սրբատաշ քարով բաժնուած դասը, զայն ժողովուրդէն զատելու համար, եւ վերջապէս տաճարին վրայ աւելցուած երեք փոքր կաթողիկէները (ՋԱՄ. 26): Հիմնական նորոգութիւններ կատարեց Ս. Հռիփսիմէի եւ Ս. Գայիանէի վկայարաններուն եւ վանքերուն վրայ. ասոնցմէ զատ շինեաց զբազում եկեղեցիս եւ արար զնորոգութիւնս բազմաց վանօրէից (ՋԱՄ. 25), եւ զայլ բազում բարութիւնս արար: Կալուածներուն ապահովութեան ալ նպաստեց` զգրեանս արքունական եւ դատաւորական հոգացեալ: Միշտ ալ խրոխտ կենօք մնացեալ է (ՋԱՄ. 26), այսինքն է երբեք ստորնութեանց չզիջանելով, եւ ոչ ալ բռնութեանց տեղի տալով, մնացած է միշտ նոյն Եղիազարը զոր տեսանք` աննկուն գործող եւ դժուարութեանց եւ հակառակութեանց դէմ շարունակ մաքառող, ինչպէս իր առաջին քառասնամեայ ալեկոծեալ գործունէութեան մէջ: Վերոյիշեալ շինութիւնները գրաւեցին Եղիազարի հայրապետութեան բովանդակ տեւողութիւնը, եւ անոնցմէ դուրս շատ քիչ յիշատակներ հասած են ազգային խնդիրներու կամ աստանդական տեղափոխութիւններու վրայ: Միաբանութեան մէջ ալ հանդարտութեան միջոց մը եղած է Եղիազարի տասնամեայ կաթողիկոսութիւնը, յայտնի նշանակ անոր ունեցած ազդեցիկ իշխանութեան եւ կարող վարչականութեան:

1811. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԳՈՐԾԵՐԸ

Այս պատճառով կը պարտաւորուինք առանձինն առանձին մտադրութիւն դարձնել ազգային եկեղեցւոյն զանազան աթոռներուն վրայ, որոնց մէջ բաժնուած էր ժամանակին Հայութիւնը: Երբոր Եղիազարի հեռանալով տրամադրելի կը դառնար Երուսաղէմի աթոռը, անոր բնական յաջորդ կը ներկայանար Մարտիրոս Կաֆացին, որ թէպէտ հինէն Եղիազարի մրցակից եւ հակառակորդ, այլ յարաբերութիւնները փոխուած էին, յորմէհետէ Յակոբի մեծ խորհուրդը մէջտեղ ելած էր, եւ Կաֆացին անձամբ Երուսաղէմ գացած էր` Եղիազարը Կ. Պոլիս հրաւիրելու, որով նորէն բարեկամութիւն հաստատուած էր իրենց մէջ ( § 1791): Ըստ այսմ բնաւ դժուարութեան չի հանդիպիր ըսել, թէ Եղիազար ինքն ալ երբ Կ. Պոլիս կը գտնուէր, անձամբ օգնած ըլլայ Մարտիրոսի վերջնականապէս Երուսաղէմի պատրիարք ճանչցուելուն, եւ անբացատրելի կը դառնայ ըսել, թէ զկնի մեկնելոյ Եղիազարու ի Կոստանդնուպոլսոյ, Մարտիրոս Կ. Պոլիս եկած ըլլայ: Մարտիրոս անձնապէս պարտքերու տակ կը գտնուէր, ուստի բազում տառապանս կրեց այս երեսէն, եւ բանտ ալ դրուեցաւ (ՉԱՄ. Գ. 720), ինչ որ կը համաձայնի Ստեփանոս Մեղրեցիի բանտարկութեան մասին գրածներնուս ( § 1785): Անհաւատալի չէ կարծել որ Եղիազար Մարտիրոսի ազատութեան ալ օգնած ըլլայ, վասնզի Մարտիրոսի Երուսաղէմ դառնալը կը համեմատուի Եղիազարի Էջմիածին ուղեւորելուն 1682-ին: Շատ չ՚անցնիր եւ Հայերու ու Յոյներու մէջ վէճ մը կը բացուի 1683-ի զատկին, որ ապրիլ 8-ին կը հանդիպէր, հանդիսադիր Գրիգոր եպիսկոպոսին Ս. Գերեզմանին դուռը աւետարան կարդալէն, զոր Յոյներ բրօք եւ մահակօք ի բաց վարեալ կ՚արգելեն, իրենց սեփական պնդելով այդ իրաւունքը (ԱՍՏ. Ա. 402): Մարտիրոս տեղական դատարանին առջեւ իրաւունք կը շահի. բայց երբ երկու պատրիարքներ Ադրիանուպոլիս կու գան, մեծ եպարքոսը Յոյներուն իրաւունք կու տայ, եւ հազիւ թէ Քէօմիւրճեանի միջնորդութեամբ գործը հաշտարար կերպով կը փակուի, եւ Մարտիրոս Երուսաղէմ կ՚ուղեւորուի: Բայց ճամբան կը մեռնի Եգիպտոսի մէջ, Վերափոխման շաբաթապահքին, որուն բարեկենդանը կ՚իյնար 1683 օգոստոս 5-ին, եւ կը թաղուի Մար-Մինա կամ Ս. Մինաս եկեղեցւոյն գերեզմաննոցը (ԱՍՏ. Ա. 404): Նոր պատրիարքի ընտրութիւնը դժուարութեանց կը հանդիպի, զի հազիւ յետ անցանելոյ երկուց ամաց Յովհաննէս եպիսկոպոս Կոստանդնուպոլսեցի, Նօխութճի մականուանեալ իբրեւ սիսեռնակեր պահեցող մը, կայսերական հրովարտակով աթոռ կը բազմի 1685-ին: Խաղաղութիւնը երկարատեւ չ՚ըլլար, զի 1687-ին Սիմէոն եպիսկոպոս կը յաջողի պատրիարքութեան հրովարտակ ստանալ, եւ Յովհաննէսը կը հալածէ (ԱՍՏ. Ա. 405): Իսկ ուրիշներ Մինաս Ամդեցին կը կարծեն աթոռը գրաւողը, Յովհաննէսն ալ իրեն հետ աթոռակից պահելով (ԲԱՌ. 56): Այլ հաւանական է կարծել, որ նախ Մինաս աթոռին կ՚անցնի եւ Սիմէոնէ կը վտարուի: Յովհաննէս ալ հանդարտ չի մնար եւ նորէն պատրիարքութիւնը ձեռք ձգելու կ՚աշխատի, բայց հազիւ չորս տարիէն կը յաջողի Սիմէոնը տապալել, եւ ինքն ըլլալ բուն պատրիարքը 1691-ին: Այդ միջոցին տեղի կ՚ունենային Յոյներու եւ Լատիններու վէճերը Սուրբ Տեղեաց քանի մը հատին սեփականութեան վրայ, եւ Լատիններ դեսպանին միջամտութեամբ զօրանալնէն ետքն ալ Հայոց դէմ, պահանջումներ հաներ էին: Բայց Յովհաննէս պատրիարք աթոռին ունեցած հին հրովարտակներուն զօրութեամբ` յաջողեցաւ հաստատել եւ պահպանել հայկական սեփականութիւնները: Սակայն Յոյներ ետ չկասեցան իրենց պահանջումներէն, եւ շարունակ կը նեղէին Հայերը, մինչեւ իսկ զատկի ճրագալոյցին Ս. Գերեզման մտնելու իրաւունքն ալ զլանալով. բայց Յովհաննէս այդ կէտին մէջ ալ պաշտպանեց Հայոց իրաւունքը 1692-ին (ԱՍՏ. Ա. 412): Այդ վիճակին մէջ էին Երուսաղէմի գործերը, Եղիազարի կաթողիկոսութեան վերջերը: Միայն թէ այդ եղելութիւնները պատճառ եղած էին մեծամեծ ծախքերու եւ ծանր պարտքերու` որոնք 200 քսակի կամ 100, 000 ղուրուշի հասած էին, եւ Պապա Մինաս, որ 40 տարիէ իվեր Երուսաղէմի մատակարարութիւնը կը վարէր, Կ. Պոլիս ղրկուեցաւ, ազգայնոց օգնութիւնը խնդրելու (ԱՍՏ. Ա. 409): Այս է այն մեծ պարտքին սկզբնաւորութիւնը, որ Շղթայակիր Գրիգոր պատրիարքին հռչակաւոր գործունէութեան ասպարէզ բացաւ:

1812. Կ. ՊՈԼՍՈՅ ԳՈՐԾԵՐԸ

Կոստանդնուպոլսոյ աթոռին վրայ կը գտնուէր 1680 դեկտեմբերէն իվեր Կարապետ Կեսարացին կամ Կրպոյ Սրբազանը, երբոր Եղիազար մայրաքաղաքէն Էջմիածին ուղեւորուեցաւ ( § 1809): Բաւական ալ ազդեցիկ դիրք ստացած էր այդ նախկին անուս երէցը իր երրորդ պատրիարքութեան մէջ, որ երեք տարիի մօտ տեւեց: Բայց այս անգամ ալ իրեն մրցակից հանդիսացաւ Եփրեմ եպիսկոպոս Ղափանցի, Սիւնեաց Հաբանդ գաւառէն կամ թէ Կապան քաղաքէն (ՍԻՆ. 255), զոր Եղիազար իր հասնելէն քիչ ետքը 1683-ին, նուիրակ յղած էր Կ. Պոլսոյ շրջանակին համար: Տարի մըն էր որ Եփրեմ մայրաքաղաք կը գտնուէր, եւ հետզհետէ բարեկամներ եւ կուսակիցներ կը շատցնէր, եւ իրմէ առաջ նուիրակներուն նման պատրիարքական աթոռը գրաւելու միտքը կը մշակէր: Վերջապէս իր նպատակին կը հասնէր, եւ կայսերական հրովարտակը ստանալով 1684 օգոստոս 15-ին (ՉԱՄ. Գ. 721), Աստուածածնայ պահոց ուրբաթ օրը պատրիարքական աթոռը կը գրաւէր: Եփրեմ, ինչպէս յառաջիկային ալ պիտի տեսնանք, բնութեամբ խիստ եւ ուղղութեամբ անաչառ հայադաւան, պաշտպան եղաւ այն կուսակցութեան, որ կը ջանար Լատիններու կամ կաթոլիկներու մերձաւորութեամբ պաշտպանութիւն փնտռելու կարծիքը փարատել: Կարապետ ալ իրեն կողմէն անգործ չէր մնար, Եփրեմի դէմ գրգռութիւնները կը մշակէր, եւ 20 ամիս ետքը 1686 ապրիլին չորրորդ անգամ ըլլալով պատրիարքութիւնը ձեռք կ՚անցնէր: Այս անգամ նուազ բախտաւոր, տարիէ մը 1687 ապրիլին, տեղի կու տար իրմէ բռնագունին: Կարապետի սկիզբէն լոկ քահանայ եղած ըլլալը նորէն քահանայական դասակարգին քաջալերութիւն տուաւ` պատրիարքական գահուն հետամուտ ըլլալու: Կարապետի նոր մրցակիցն ու յաջորդը Թորոս Կոստանդնուպոլսեցի երէցն եղաւ, որ անգամ մըն ալ Կարապետի դէմ ելած, եւ միայն 40 օր կրցած էր աթոռը պահել ( § 1791): Այս անգամ մօտ տարի մը կը վայելէ, եւ 1688 մարտին տեղի կու տայ ուրիշ երէցի մը, Խաչատուր Ճլեցիին, Սիւնեաց Սոթք կամ Զոք գաւառի Ճիլ գիւղէն: Բայց նա ալ 7 ամիսէն, 1688 հոկտեմբերին կը տապալուէր Կարապետ Կեսարացիէն, որ հինգերորդ անգամ ըլլալով պատրիարքական աթոռը կը գրաւէր: Սակայն Կարապետ ալ տակաւ իր ազդեցութիւնը կորուսած էր ժողովուրդին առջեւ, որ շուտով` ամիսէ մը (ՉԱՄ. Գ. 721) կամ լաւ եւս հինգ ամիսէ (09 ՕՐԱ. 112), 1689-ին առաջին ամիսներուն մէջ կը հեռացուէր ազգային մեծամեծներու կամքով, որոնք պատրիարքներու մրցակցութենէ զզուած, նոր ընտրութիւնը կը խափանէին, եւ իրենց ձեռքը կ՚անցնէին պատրիարքարանի գործերը տեղակալութեան անունով, որուն մէկ առաջին օրինակը տեսանք 40 տարի առաջ ( § 1699): Այս անգամ տեղակալութեան գլուխ գտնուողներէն էին Սախաօղլու կոչուած դերձակ մը, եւ Շահին անուն որմնադիր մը որ է համամճի, հարկաւ ազդեցիկ արհեստապետներ եւ պետական գործապետներ, որոնք իրենց մօտ միշտ եկեղեցական փոխանորդ մը պահեցին: Առաջ Թորոս Կոստանդնուպոլսեցի երէցը, որ պատրիարք էր եղած` այդ փոխադրութեան կոչուեցաւ, բայց շուտով մերժուեցաւ պաշտօնէն, թէպէտ վէքիլ երիցօք գործելու սովորութիւնը պահուեցաւ (09 ՕՐԱ. 112), որչափ ալ չենք գտնէր փոխանորդութեան կոչուածներուն անունները, եւ ոչ ալ կրնանք պնդել թէ Երեմիայէ յիշուած` Խաչատուր եւ Տիրատուր Մեծատուր եւ Ասվատուր երիցունք (ՄԽԻ. 29), փոխանորդներուն իսկական անուններն ըլլան, զի նմանահնչիւն անուններ կ՚երեւան:

1813. ԿԱԹՈԼԻԿՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ

Պատրիարքական աթոռին այդ անկեալ վիճակը տեսնելով իրաւացի է Մարտիրոս Քէօմիւրճեան երէցին հետ արքայական մայրաքաղաքի պատրիչք ըսել, պատրիարքունք անուանեալքն, այսինքն պատրիկ անուն կրողները, որոնք յաճախեալ ի չարիս եւ թողլով զփառս զառ ի միոյն Աստուծոյ, ուսան կաշառօք եւ տոկոսիւք խլել յիրերաց զպաշտօնն: Ասոր ալ հետեւանքն եղած էր օր ըստ օրէ յաւելուլ զդիմոսական հարկն որ կը ցուցնէ թէ պաշտօնը խլելու միջոցը պետական տուրքի յաւելման խոստումն էր եղած: Այս պատճառով պատրիարքութեան անցնողներ սկսած էին եկեղեցիները կողոպտել ի տանց եւ ի յիշատակաց, ի զարդուց եւ այլ զգեստուց, միանգամայն մեծագումար պարտքեր ալ բարդուած էին պատրիարքարանին վրայ, ուստի առանց պատրիարքի մնալը դարման նկատուած եղաւ պարտքը չշատցնելու համար, եւ ազգայիններ որոշած էին, որ ոչ պատրիկ լիցի, եւ ոչ ի քաղաքս անգամ մտցէ (ԹՈՐ. Բ. 398): Անկանոն կացութեան մէջ անկարգութեանց աճումը բնական հետեւանք էր, եւ նորեր սկսան աւելնալ հետզհետէ: Յիշած ենք մայրաքաղաքին Հայութեան մէջ լատինասէր եւ լատինամոլ կուսակցութեան մը գոյութիւնը, որոնք չէին քաշուէր մինչեւ իսկ Լատինաց դաւանութեան ալ համակերպիլ, ինչպէս որ պատմեցինք ( § 1626), եւ այս ուղղութեամբ գործող պատրիարքներն ալ յիշեցինք, ինչպէս եղան Յովհաննէս Խուլը ( § 1597), Զաքարիա Վանեցին, եւ Թովմաս Բերիացին: Սակայն այն ատեն բռնուած ուղղութիւնը, ներքին կուսակցութեանց պայմաններէն անդին չէր անցած, կը փափաքէին կացութեան տիրանալ, պատրիարքութիւնը ձեռք անցնել, եւ իրենց ուղղութիւնը քալեցնել, սակայն իրարմէ անջատման եւ իրարու դէմ կրօնական խտրութեան շարժումներ չկային: Միեւնոյն եկեղեցիով եւ միեւնոյն եկեղեցականներով կը վարուէին երկու կողմերը, բերանով կամ նամակով Լատիններու համեմատութիւն կը յայտնէին, բայց իրենց ծէսերուն եւ բարեպաշտութիւններուն մէջ տարբերութիւն չէին մտցնէր: Լպրծուն էր այս բռնած ընթացքնին, բայց տակաւին հաստատուն կը մնային կեցած տեղերնին` անոնք որ Արեւելք կը մնային, իսկ Արեւմուտք անցնողներ տեղական համակերպութենէ չէին քաշուեր, իսկ Արեւելք դարձած ատեննին նորէն իրենց հնաւանդ ձեւերը կը գործածէին: Բայց անգամ մը որ այդ սահուն ուղղութիւնը կը սկսէր, գլորումը հետեւանք էր, եւ այս բանի գլխաւոր պատճառ պէտք է նկատել Արեւմուտքի մէջ կրթուող եւ դիրք կազմող, եւ լատինական վանքերու եւ դպրանոցներու, եւ յատկապէս Ուրբանեան վարժարանի մէջ ուսում առնող Հայերը, որոնք հիմնապէս տոգորեալ կաթոլիկական սկզբունքներով եւ սովորութիւններով, եւ Արեւելեան եկեղեցիներուն տրուած հերձուածողի եւ հերետիկոսի կոչումներով ականջնին լեցած, միտքերը պղտորող զրոյցներով միամիտները կ՚որսային: Արեւմուտքի աշակերտող Հայերուն հետ եւ անոնցմէ առաջ պէտք է յիշել հայերէնագէտ լատին կրօնաւորներ, եւ առհասարակ իբրեւ քարոզիչ Հռոմի կողմէ Արեւելք ղրկուած զանազան լատին միաբանութեանց անդամակիցներ, որոնք յատկապէս Հայերուն մէջ աշխատելու պաշտօն ունէին:

1814. ՀԱՅՈՑ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ

Եղելութեանց ներքին պայմանները լաւ իմանալու համար, անգամ մըն ալ կրկնենք Հայերուն բնական եղած ներքին միտումները ու դիտումները: Ասոնց առաջինն է իրենց եկեղեցւոյն թոյլատու եւ լայնախոհ սկզբունքը, որով ուղիղ հաւատքը կամ ուղղափառութիւնը իրենց բացառիկ սեփականութիւն չեն նկատեր, եւ երեք ժողովները ընդունող եկեղեցիներուն բոլորը` Քրիստոսի ճշմարիտ եւ ընդհանրական եկեղեցիէն դուրս չեն նետեր: Որչափ ալ իրենց սեփական վարդապետութեան յարած կը մնան, սակայն ուրիշներուն ալ` սեփական կամ մասնաւոր կամ երկրորդական վարդապետութիւն ունենալը չեն արգելեր: Միւս մէկ տեսութիւնն ալ կրթութեան եւ ուսման եւ զարգացման անյագ եւ անկեղծ տենչն է, որով ուր որ նշոյլ մը կը տեսնեն` արշաւասոյր կ՚ընթանան, եւ ուսկից որ ակնկալութիւն կրնան տեսնել` անհամբեր կը դիմեն: Ինչպէս չեն կասիր նիւթական շրջանակի մէջ զոհողութիւններու եւ նեղութիւններու յանձնառու ըլլալ, նոյնպէս մտաւորական եւ հոգեւորական շրջանակի մէջ ալ իրենց միտքն ու սիրտը զոհողութեանց ենթարկելէ չեն քաշուիր: Այդ սկզբունքներուն հետեւողներուն կողմէն` ուրիշ եկեղեցիներու մատուցուած յարգանքը, կամ անոնց համակերպելու յանձնառութիւնը, ոչ հայադաւանութենէ հռոմէադաւանութեան անցնիլ է, եւ ոչ ալ, ինչպէս կաթոլիկներ կը խօսին, մոլորութենէ ուղղութիւն դառնալ է, այլ փափաքուած նպատակի մը համար անտարբերութեամբ կատարուած զիջողութիւն մըն է: Հայութեան սեփական այդ զգացումին հետեւանք պէտք է ճանչնանք, հռոմէադաւան դպրոցներու մէջ ուսում առնող աշակերտներուն համարձակօրէն հայադաւան եկեղեցւոյ պաշտօնէութեան մտնելը, եւ հայադաւան աթոռներէ ձեռնադրութիւն ընդունիլը, եւ զայդ պէտք է ճանչնան կաթոլիկութեան պաշտպաններն ալ, եթէ չեն ուզեր իրենց համամիտները, իբր նենգաւոր եւ իբր կեղծուրաց ամբաստանել: Բայց թէ այնպէս կամ թէ այսպէս, ակներեւ է որ մեծ եղաւ այսպիսիներուն ազդեցութիւնը ժողովուրդին մէջ գժտութեան որոմը ցանելու, հաւատակիցները իրարմէ բաժնելու, հերձուածողութեան եւ հերետիկոսութեան մակդիրներով զիրար նախատելու, սուրբ խորհուրդներուն վաւերականութեան կամ ապօրինութեան զրոյցներով եկեղեցիներ զատելու, ու Հայերը Լատին եկեղեցիներ հաւաքելու, եւ վերջապէս Եւրոպական կամ օտար յարաբերութեանց գայթակղեցուցիչ եւ կասկածաւոր ենթադրութիւնները ստեղծելու, եւ պետական օրէնքով ճանչցուած պատրիարքութեան կամ ազգապետութեան դէմ ըմբոստութեան դրդելու:

1815. ՆԵՐՔԻՆ ՊԱՌԱԿՏՈՒՄԸ

Այս տեսակ երկպառակութեանց սկզբնաւորութիւնը ճիշդ այդ միջոցին սկսած լինելուն վկայութիւնը ունինք Երեմիա Քէօմիւրճեանէ, որ 1960-ին Եղիազար կաթողիկոսի գրած նամակովը կը ծանուցանէ, թէ եկեալ հասեալ է հեռ եւ նախանձ եւ վրդովումն նոր ի մէջ Հայոց, յորմէ եւ գայթակղութիւն բազմաց, կաթոլիկ եւ հերձուածող, Ֆրէնկ եւ Հայ շշնջելով, հանդերձ այլովք աղճատանօք (ՉԱՄ. Գ. 722): Մաղաքիա Ճէվահիրճեան ալ կը հաւաստէ, թէ մեք զայսպիսի ինչ որ գիտէաք, զի զեկեղեցին Քրիստոսի մի ճանաչէաք, եւ ահա այժմ խստութիւնք բիրտ արանց հաստատեցին ի մէջ եկեղեցւոյ բաժանումն չար (ՉԱՄ. Գ. 723): Զոր Ճէվահիրճեան բիրտ արանց կը վերագրէ, Քէօմիւրճեան գլխաւորին անունովը, կը յիշէ թէ այդ բանին եղեւ առիթ Սարգիս ոմն Թոխաթցի (ՉԱՄ. Գ. 722): Բայց որոշակի չի տար այդ Սարգիս Եւդոկիացիին նախընթացը, սակայն պատմութեան կարգէն յայտնապէս կը քաղուի, թէ մոլի լատինասէրներէն էր, եւ թէպէտ Հայ եկեղեցւոյ մէջ եպիսկոպոսութեան բարձրացած (ՉԱՄ. Գ. 759), սակայն անշուշտ հռոմէականներու մէջ ուսած մէկ մը պէտք է ըլլայ: Ֆրէնկ կոչումին ծագումը, որ աւելի սովորաբար Ֆռանկ կամ Փռանկ կը հնչուէր, թէպէտ ուղղակի Գաղղիոյ բնակիչներուն յատուկ, սակայն Խաչակիրներու ժամանակէն ընդհանրացած էր բոլոր Լատիններուն կամ լաւ եւս Եւրոպացիներուն վրայ: Այդ կոչումին` իբրեւ Հայ անունին դիմաբաժանեալ, եւ իբր Ոչ-Հայ իմաստով գործածուիլը, աւելի քաղաքական քան թէ կրօնական նշանակութիւն տուած է նոյն կոչումին, եւ այդ պատճառով քաղաքականապէս կասկածելի կոչում նկատուած է, իբրեւ բարեկամ եւ մտերիմ, համամիտ եւ գործակից Եւրոպական ազգութեանց, որոնք Օսմանեան պետութեանը դէմ հակառակութիւններ եւ թշնամութիւններ եւ պատերազմներ կը մղէին շարունակ: Իսկ այդ Ֆրէնկ անունը ժամանակին լատինասէրներն ու լատինամոլները սիրով կ՚առնէին վրանին, իբրեւ նշանակ իրենց եւրոպական գաղափարներու հետեւողութեան: Կաթոլիկ կոչումն ալ կը պահէին իբրեւ տառական կոչումն հռոմէական եկեղեցւոյ իրեն սեփականած անունին, որ ճշդիւ կը յայտնէր ծայրայեղ լատինամոլներու վիճակը: Միայն թէ իրաւունք չունէին Կաթոլիկ անունը Ուղղափառ թարգմանել, որ ոչ ստուգաբանութեամբ, ոչ կիրառութեամբ, եւ ոչ պաշտօնական լեզուով Կաթոլիկ կոչման չի համապատասխաներ: Ստուգաբանութեամբ Յոյներուն որթոդոքս կոչումին կը համեմատի, իսկ պաշտօնական կիրառութեամբ սկիզբէն իվեր սեփական է Հայ ազգային, կամ Հայադաւան կամ Հայաստանեայց Սուրբ եկեղեցւոյ, եւ անոնք որ հայադաւանութենէն կը խորշէին` իրաւունք չունէին եւ չունին իրենց վրայ առնուլ ուղղափառ կոչումը: Անունէն գործին անցնելով` ազգին մէջ սպրդել սկսած խտրութիւնն ու պառակտումը յառաջ կու գար այն թելադրութենէն, զոր Լատիններ եւ լատինամիտներ իրենց հետեւողներուն կ՚ընէին, թէ Հայ եկեղեցւոյ մէջ պաշտուած խորհուրդները ապօրէն են, եւ կատարուած բարեպաշտութիւնները ապարդիւն, ուստի կը յորդորէին լատին եկեղեցիներու մէջ կատարել իրենց հոգեւորականութիւնները: Բայց որովհետեւ չէին կրնար այդ սկզբունքը պատշաճեցնել մկրտութեան, պսակի եւ թաղումի վրայ, որոնք արտաքին նշանակութիւն եւ օրինականութիւն ալ ունէին, կը գոհանային գոնէ խոստովանութեան, հաղորդութեան եւ պատարագի համար խորշեցնել Հայերը իրենց եկեղեցիներէն, եւ լատին եկեղեցիներ յաճախելու ստիպել: Իրենց յատուկ Հայ եկեղեցիներ բանալու արտօնութիւնը չունէին, քանի որ պետութենէ ճանչցուած հասարակութիւն կամ ազգութիւն չէին. սակայն այդ նպատակին ձգտումներ ունէին, եւ պաշտօնական դիրքը չկրնալով ձեռք ձգել, տուներու մէջ գաղտնի մատուռներ կազմակերպելու կը ձեռնարկէին:

1816. ՍՍՈՅ ԱԹՈՌԸ

Սսոյ աթոռին վիճակն ալ լաւագոյն չէր, մանաւանդ որ հին աղթարմայութեան խմորը ջնջուած չէր Կիլիկիոյ կողմերէն, եւ ամէն առտնին յուզմունքներ դիւրաւ այդ կողմը կը միտէին: Աթոռը պառակտման մէջ թողուցինք վերջին անգամ 1679-ին, զի Սիսի մէջ Սահակ Մէյխանէճին եւ Բերիոյ մէջ Ազարիա Կարկառեցին նստան երկու նախորդ պառակտեալներու տեղ ( § 1779): Ընդհանրապէս Բերիա նստողներ աւելի մօտ էին հռոմէականութեան, տեղւոյն մէջ գտնուող Լատին կրօնաւորներու հետ շփուելով, եւ իրեն բաժանեալ եւ տկարագոյն դիրքը Արեւմտեայց նպաստներով եւ հովանաւորութիւններով զօրացնելու համար: Ազարիա բոլորովին իսկ Լատիններէն գրաւուելով, 1683-ին անձամբ Հռոմ գնաց ծեր տարիքին մէջ (09. ՕՐԱ. 284), թէպէտեւ ուրիշներ 1683-ին դնեն Ազարիայի ընտրութիւնը եւ հինգ տարի ալ պաշտօնավարութիւն կու տան (ՉԱՄ. յաւ. 111): Ինչչափ ալ Ազարիա հրաժարեալ ըսուի յոմանց (ՍԻՍ. 539) Հռոմ գացած ատենը, մենք աւելի հաւանական կը տեսնենք որ անոր նպատակը եղած է նոր նպաստներով զօրացած վերադառնալ, սակայն իր յառաջացեալ տարիքը չներեց իրեն այդ նպատակը իրագործել, եւ Հռոմի մէջ վախճանեցաւ ու թաղուեցաւ 92 տարեկան (ՍԻՍ. 539): Ազարիայէն ետքը ընդհատած կ՚երեւի Բերիայի հակաթոռ աթոռին յաջորդութիւնը, սակայն անգամ մը սկսած պառակտումը բոլորովին չջնջուեցաւ, եւ որեւէ ներքին տարաձայնութեան պահուն, իսկոյն Բերիոյ հակաթոռութիւնը նորոգուած կը գտնենք: Իսկ Սահակ Մէյխանէճին մինչեւ 1689 շարունակեց իր կաթողիկոսութիւնը, եւ իրեն յաջորդ ունեցաւ Գրիգոր Ատանացին, Պիծակ մականուանեալ, որուն միայն երկու տարի պաշտօնավարութիւն կը տրուի (ՉԱՄ. յաւ. 111), եւ հրաժարելով ձեռնթափ եղած կ՚ըսուի (09. ՕՐԱ. 284) 1691-ին: Սակայն ոչ միայն ժամանակիս պատրիարքներուն եւ կաթողիկոսներուն հոգիէն շատ հեռու էր` ձեռք անցուցած իշխանութիւննին ձեռքէ հանել, այլեւ անցողական յիշատակ մը, թէ Գրիգոր Կիլիկիոյ կաթողիկոս 1693-ին Հռոմ գացած ըլլայ երկու եպիսկոպոսներու ընկերակցութեամբ (ԿԱԹ. 165), կը հաստատէ թէ Գրիգոր իբր Կիլիկիոյ կաթողիկոս կը շրջէր տակաւին: Ուստի աւելի պատմութեան կարգին համաձայն կը գտնենք ըսել, թէ Աստուածատուր Սասունցի, Նարին մականուանեալ, Գրիգորի վրայ զօրանալով զայն աթոռէն մերժած եւ ինքն տեղը գրաւած է, եւ Գրիգոր աստանդական Հռոմ ալ դիմած է, որպէսզի որեւէ հռոմէական դաւանութեան պատրուակով նիւթական նպաստ ձեռք ձգէ եւ անով կարենայ նորէն իր աթոռը դառնալ: Սակայն կ՚երեւի թէ այս կերպով ալ յաջողութիւն գտած չէ, զի աւելի ուշ, 1703-ին կը գտնենք զայն Երուսաղէմի մէջ (09 ՕՐԱ. 284), եւ այս կը բաւէ բացատրել Հռոմ երթալուն իսկական նպատակը: Վասնզի հռոմէականութեան միտումը, որ Կիլիկիոյ եւ Կոստանդնուպոլսոյ աթոռներուն մէջ կրցաւ դեր մը խաղալ, Երուսաղէմի աթոռին եւ Երուսաղէմի միաբանութեան վրայ բնաւ չ՚ազդեց, եւ չէր ալ կրնար ազդել, քանի որ շարունակ Լատիններու դէմ ալ մաքառելու պարտաւոր էին` Հայակական սեփականութեանց պաշտպանութեան համար ( § 1811): Չենք կրնար ճշդել թէ Կ. Պոլսոյ աթոռը ինչչափ մասնակցութիւն ունեցած է Պիծակի եւ Նարինի մրցումներուն, զի 1691-ին կը շարունակէր աշխարհական տեղակալներուն վարչութիւնը ( § 1812):

1817. ԱՂԹԱՄԱՐ ԵՒ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Եղիազար կաթողիկոսի կարողութեան համբաւը լաւ տպաւորութիւն ունեցած էր Հայաստանի մէջ, որ եկին յամենայն կողմանց ի հնազանդութիւն սմա, մինչեւ իսկ Աղթամարի աթոռը յանձն առաւ վերջ տալ ներհակընդդէմ մաքառումներու, եւ ընդունելով Էջմիածնայ գերիշխանութիւնը` զգալի եւ նշանակալից կերպով էառ օրհնութիւն ի ոմանէ (ԶԱՔ. Բ. 106): Երբոր Յովհաննէս Թիւթիւնճի կաթողիկոսը վախճանեցաւ 1683-ին ( § 1776), իրեն յաջորդ ընտրուած Թովմաս Յիրիճցին` փոխանակ իր եպիսկոպոսներէն ընդունելու կաթողիկոսական օծումը, բազում ընծայիւք, եպիսկոպոսօք, քահանայիւք եւ տանուտէրօք ուղեւորեցաւ Էջմիածին, եւ Եղիազարէ ընդունեցաւ իր ձեռնադրութիւնը Մայրտաճարին մէջ, եւ մեծաւ պատուով եւ մեծամեծ պարգեւօք փոխարինուեցաւ, միւռոն ալ առաւ Էջմիածինէ իբրեւ նշանակ հպատակութեան, եւ այնպէս դարձաւ իր աթոռը Աղթամար, որով վերջացած եղաւ ըմբոստութիւն որ ի նախնեաց առաջնոց հայրապետաց Աղթամարայ սկսած էր, եւ բոլոր Հայ եկեղեցին եղաւ մի հօտ եւ մի հովիւ, ընդ գերագահ իշխանութեամբ կաթողիկոսին Ամենայն Հայոց: Այդ եղելութիւնը պատմող Խժիշկի մաշտոցին յիշատակագիրը, Թովմային ըրածը պատմելով կը յարէ` թէ պապանձեցոյց զբերան Երկաբնակաց, այսինքն է հռոմէականներու, որով կ՚ուզէ իմանալ Հայաստան թափառող Լատին կամ լատինամիտ աբեղաները (00 ԲԻԶ. 1138): Ասոնք ստէպ Հայոց եկեղեցւոյն դէմ կը կրկնէին, եւ դեռ կը կրկնեն, թէ բազմագլխեան է եւ յատուկ գլուխ մը չունի, վասնզի մէկէ աւելի կաթողիկոսներ կը ճանչնայ: Սակայն երբեք Հայոց եկեղեցին իր Մայրաթոռին գերագոյն իշխանութիւնը այլայլած չէ: Ամէն եկեղեցիներու նուիրապետութեան մէջ յատուկ աստիճան մըն ալ ընդունուած է ընդհանուր պատրիարքին կամ կաթողիկոսին, եւ մետրապոլիտ արքեպիսկոպոսին մէջտեղ, որ քաղաքականապէս կամ ազգայնապէս զատուած մասի մը գլուխն է. եւ որչափ ալ կաթողիկոսի կամ պատրիարքի անուն կը կրէ, սակայն իբրեւ երկրորդական կամ իբր մասնաւոր կ՚իմանայ այդ անունը, մինչեւ աստիճան մը ինքնագլուխ իրաւասութեամբ, բայց միշտ գերագոյն աթոռին իշխանութիւնը ճանչնալով: Այդ երկրորդական աստիճանի պատրիարքներուն կամ կաթողիկոսներուն, միւռոն օրհնելու եւ եպիսկոպոս ձեռնադրելու արտօնութիւն ունենալն ալ` այդ յարաբերութիւնը չի խանգարեր, զի յիշուած եկեղեցական ծիսակատարութիւնները Հայոց մէջ ալ` ընդհանուր հայրապետին վերապահուած չեն եկեղեցական բացարձակ կանոնով, այլ միայն տիրող սովորութեամբ կամ ներքին կարգադրութեամբ: Կանոնական սկզբունքով ամէն եպիսկոպոս կրնայ միւռոն օրհնել, եւ ամէն մետրապոլիտ կրնայ եպիսկոպոս ձեռնադրել երկու եպիսկոպոսներու ընկերակցութեամբ: Ամէն առթի մէջ Աղթամարի աթոռին առած քայլը գեղեցիկ ցուցմունք մըն էր Հայոց եկեղեցւոյ դէմ խօսուած մեղադրանքը հերքելու: Թովմայի նախաձեռնութեամբ սկսած սովորութիւնը շատ գեղեցիկ կարգադրութիւն մը եղած կ՚ըլլար, եթէ շարունակէր Աղթամարի եւ Կիլիկիոյ աթոռներուն կողմէն, հետեւելով նախապէս Վրաց եւ Աղուանից կաթողիկոսներուն կողմանէ պահուած սովորութեան. բայց դժբախտաբար նորէն խանգարեցաւ նոյնիսկ Թովմայի կողմէ 1693-ին, Եղիազարի յաջորդին օրով:

1818. ՎԱՐԴԱՆ ՅՈՒՆԱՆԵԱՆ

Լեհաստանի մէջ եղածները պատմեցինք մինչեւ Նիկոլի մահը 1681-ին ( § 1784), զոր Վարդան Յունանեանի գրուածէն առնելով` ոմն կը դնէ հոկտեմբեր 14-ին (ԿԱՄ. 127), եւ ուրիշ մը հոկտեմբեր 24-ին (ՏԱՇ. 122), որ կը պատասխանէ տոմարներու տարբերութեան: Իսկ Ստեփանոս Ռոշքեան կը դնէ մարտ 21-ին 85 տարեկան (ԿԱՄ. 143), մինչեւ 1626-ին 22 տարեկան ձեռնադրուած ըլլալով ( § 1638), 77 տարեկան պէտք էր ըլլար, 55 տարի եպիսկոպոսութիւն վարած ըլլալով: Աւելի վաւերական աղբիւրներ չունինք տարիքն ու մահուան օրը ճշդելու: Իսկ Ռոշքեան ուրիշ տեղ Նիկոլի տարիքը 72 եւ եպիսկոպոսութիւնը 42 դնելով (ԿԱՄ. 142), ոչ 22 այլ 30 տարեկան ձեռնադրուած կ՚ենթադրէ, եւ իրաւունք կ՚ունենանք առաջին թուականներուն հետեւիլ: Երբոր Նիկոլ կը մեռնէր, իրեն օգնականն էր Յովհաննէս Կերիմովիչ, որ Քարմատանենց ալ կոչուած է (ԿԱՄ. 143), իսկ Վարդան Յունանեան որ օգնական եւ յաջորդ նշանակուած էր ( § 1783), Իլվովէ բացակայ էր, զի առեալ զհրաման ի սուրբ ժողովոյն այսինքն Փրոբականտայէն, գացած էր ի Հայաստան քարոզելոյ աղագաւ, կամ հռոմէադաւանութիւն տարածելու, որովհետեւ Նիկոլ դեռեւս առոյգ էր եւ առողջ (ԿԱՄ. 143): Յունանեանի քարոզութենէն միայն Սահակ Մակուեցի եպիսկոպոսին իրեն հաւանիլը յիշուած է (ՊԼՃ. 277), զոր քմածին կերպով կաթողիկոսութեան տեղակալ կ՚ընեն ոմանք (ԱԶԱ. 129): Սահակ Մակուեցի անուն եպիսկոպոսը յիշեցինք արդէն տեղապահութեան անուանուած` երբ Յակոբ էջմիածինէ հեռացաւ, բայց Եւդոկիայէ ետ դարձաւ ( § 1759), որով երկար պաշտօնավարութիւն չունեցաւ: Իսկ երբ Յակոբ նորէն ուղեւորութեան ելաւ Մատթէոս էր տեղապահը, եւ վերջին մեկնելուն Ստեփանոս, եւ Սահակի մը կարծեցեալ կաթողիկոսութիւնը անհիմն ցուցուցինք ( § 1798): Վարդան Յունանեանին դառնալով որովհետեւ անոր քարոզութիւնները ժողովուրդին մէջ շփոթութիւն կը ձգէին, 1682-ին կոչուեցաւ Էջմիածին, եւ հնազանդեցաւ, ուր Խաչատուր Կարնեցին միայն իրեն յարեցաւ (ԼԷՕ. Ա. 305), եւ ինքը եղանակը գտաւ հեռանալու: Հազիւ թէ Նիկոլի մահուան լուրը առաւ, փութաց Իլվով հասնիլ, եւ ձեռք առնուլ Լեհահայոց արքեպիսկոպոսութեան աթոռը ուր կը գտնենք 1683-ին (ԿԱՄ. 197), բայց չենք կրնար ճշդել հասնելուն թուականը: Վարդան Յունանեան գործի ձեռնարկեց ոչ եւս Նիկոլի նման յեղյեղուկ կերպով հռոմէադաւանութեան ծառայելով, այլ ըստ ամենայնի հաստատամիտ ուղղութեամբ զայն ամրացնել աշխատելով, այնպէս որ Լեհահայոց բռնի միութեան եթէ սկզբնաւորողն Նիկոլ էր, զայն լրացնողը Վարդան եղաւ, որ զամենայն բանն բադերներուն խրետովն առնելով. շատ անգամ զժողովուրդին սիրտն ազդեց. ուստի Հայերն ալ իրեն պատիւ չէին դնել (ԿԱՄ. 130): Վարդան որդի էր Յունան քահանայի, Թոխաթու Ճռու գիւղէն (ԿԱՄ. 143), կամ Խաղտեաց ստորոտը Գըռզի գիւղէն (ԿԱՄ. 198), որ նոյն անունի տարբեր հնչումներ կ՚երեւին, իսկ կեանքը Եւդոկիոյ մէջ անցնելուն, սովորաբար Եւդոկիացի կը կոչուի: Վարժեալ զհայկականն ի Վաղարշապատ, եւ զհռոմէականն ի Լէոնապատ (ԿԱՄ. 198), որ է Լէոպոլիս կամ Իլվով, Փիթուի ձեռքին տակ, անոր կողմէ Հռոմ Փրոփականտայի դպրանոցը ղրկուած էր կատարելագործուելու ( § 1782), եւ վերջէն իբրեւ Հռոմի կատարելապէս վստահելի անձ մը` Նիկոլի յաջորդ էր նշանակուած ( § 1783): Այդ պաշտօնին հասնելէն ետքն ալ` ատենը պարապ չանցնելու համար Իլվովէ Արեւելք էր անցած հռոմէադաւանութիւն տարածելու եռանդով: Առանց մանր պարագաներ պատմելու` բաւական կը սեպենք ըսել, թէ Վարդան Լեհական իշխանութենէ պաշտպանութիւն գտնելով, եւ Լատին արքեպիսկոպոսին եւ կրօնաւորներուն հլու հպատակութիւն ցուցնելով, մէկ կողմէն կ՚աշխատէր բոլոր Հայ եկեղեցւոյ դաւանական եւ ծիսական կէտերը հռոմէականին նմանեցնել, եւ միւս կողմէ հայադաւանութեան պաշտպանները ընկճել, եւ վիճակին եւ շրջակայից գտնուած Հայ եկեղեցականները այս կամ այն կերպով իրեն կողմը ձգել: Ասոնց մէջ կը յիշուին Մինաս վարդապետ Եւդոկիացի` Պուղտանի կամ Մոլտաւիոյ եպիսկոպոս, Զիլիֆտարօղլու մականուանեալ, 1686-ին (ԿԱՄ. 127), Աստուածատուր վարդապետ Մշեցի Ս. Կարապետի վանքէն, եւ Քրիստոսատուր քահանայ` Սեչովի աւագերէց` Մանտրող մականուանեալ, 1689-ին. Մովսէս եպիսկոպոս Երեւանցի` Էջմիածինի նուիրակ 1690-ին (ԿԱՄ. 44), Եղիա քահանայ Սեչովցի, Մանդրուն մականուանեալ, Մոլտաւիոյ աւագերէց 1691-ին (ԿԱՄ. 128), եւ Մխիթար եպիսկոպոս Մոկացի, Լալուակ Մխոյ կոչուած 1693-ին (ԿԱՄ. 145): Ասոնցմէ ոմանք Իլվով հանդիպելով, եւ տեղական եպիսկոպոսը հաճեցնելով նպաստ մը շորթելու, եւ ուրիշներն ալ Դրանսիլվանիոյ մէջ պաշտպանութիւն գտնելու դիտումով գործած. յայտնի կերպով չենք իմանար թէ այսպիսիներու վկայութեամբ ինչ փաստ կը կազմուի հռոմէական դաւանութեան համար: Վարդան հեռուէն ալ երբեմն իր ծանօթներուն միջնորդ կը դառնար, ինչպէս Ազարիա Աղուանից կաթողիկոսին համար ըրաւ, իրաց ոմանց հոգալոյ փոյթ տարաւ պապին մօտ 1688-ին (ԿԱՄ. 127), եւ Ազարիա փոխարէն շնորհակալութեան գիր մը կը գրէ պապին 1695-ին, որ իբր թէ կ՚ըլլայ պատուական թուղթ հնազանդութեան եւ դաւանութեան, եւ որուն վրայ պապէն շահ Հիւսէյինին յանձնարարական մըն ալ կը գրուի Ազարիայի համար (ԿԱՄ. 145):

1819. ԼԵՀԱՀԱՅՈՑ ԱՆՋԱՏՈՒՄԸ

Յունանեանի գործերուն ամէնէն նշանաւորը եղած է` 1689 հոկտեմբեր 10-ին Իլվովի մէջ գումարած գաւառական ժողովը (ԿԱՄ. 129), որ Սիւնհոդոս ալ կոչուած է (ԿԱՄ. 144), ուր Լեհաստանի Հայոց եկեղեցիներու մէջ գործածուելիք ծիսական դիրքերը ծայրէ ծայր աչքէ կ՚անցըուին, եւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ սուրբ հայրերուն կարծեցեալ մոլորութիւնները, Վարդան Յունանեանի եւ նմանօրինակ կարճամիտներու խելքով կ՚ուղղուին, եւ նոր օրինակներ կը կազմուին, եւ Հռոմ կը ղրկուին ըստ այնմ տպագրուելու եւ հռոմէադաւան Հայերու կիրառութեան ծառայելու համար: Այդ գործին կ՚աշխատակցին Հայերու քարոզիչ եւ ուսուցիչ Լատին աբեղաներն ալ, եւ նոյնիսկ Լեհաստանի արքունեաց մօտ պապական նուիրակ գտնուող Կանտէլմի (Gandelmi) եպիսկոպոսն ալ ժողովին կը նախագահէ, եւ Աստուածատուր Ներսէսեան եպիսկոպոսին կը յանձնուի սրբագրեալ ծիսարանները Հռոմ տանիլ եւ տպագրութեանը աշխատիլ: Այդ գիրքերն են Պատարագատետր, Տօնացոյց եւ ուրիշ բաներ (ԿԱՄ. 129), այսինքն Ժամագիրք, Շարական եւ Մաշտոց: Հռոմի մէջ Բարսեղ եւ Յովհաննէս Հոլովներ ալ ( § 1807) իրենց մասնակցութիւնը պէտք էր նուիրէին, բայց հաւանաբար ասոնց կանխաւ կատարած ուղղութիւնները բաւական սեպուեցան, վասնզի 1689 թուականէն ետքը նոր հրատարակութիւններ չունինք Հռոմի մէջ տպագրուած: Բայց Վարդանի գումարած ժողովը ուրիշ հետեւանք ունեցաւ աւելի կարեւոր: Քանի որ Հայոց եկեղեցւոյ վերաբերեալ գործառնութեան մը պապական նուիրակը կը նախագահէր իբրեւ եկեղեցական իշխանութեան ներկայացուցիչ, այլեւս Հայոց հայրապետին իրաւասութիւնը ոտնակոխ կ՚ըլլար: Այդ պարագային հետ պէտք է կապել Վարդանի այն քայլը, որով վերջնականապէս կտրեց Լեհահայերի կապը Էջմիածինի հետ, մինչ մինչեւ այն ատեն թէ Նիկոլ եւ թէ ինքն Վարդան` ինքզինքնին Էջմիածինի աթոռին հպատակ կը ճանչնային (ԼԷՕ. Ա. 305): Բացարձակ չենք կրնար պնդել թէ Հայոց հայրապետին անունին յիշատակութիւնն ալ դադարած ըլլայ, բայց շատ հաւանական կը դատենք, քանի որ զայն իբրեւ մոլորեալ ու հերձուածող ու հերետիկոս ըսելու յանդգնութեան հասած էին: Այս թուականին, այսինքն 1689 հոկտեմբեր 10-ին պէտք է հաստատել Լեհահայերուն` Հայոց Ուղղափառ սուրբ եկեղեցիէն պաշտօնապէս խզուիլը, քանի որ Իլվովի աթոռը ինքզինքն Էջմիածնի կաթողիկոսէն անկախ եւ Հռոմայ եկեղեցւոյ հետ միացեալ հրատարակեց: Հռոմէականք այս որոշման վրայ գրած ատեննին, Վարդան միաբանութեան գործը կատարեալ գլուխ տարաւ կ՚ըսեն (ԸՍՏ. 382), բայց լաւագոյն էր ազգային եկեղեցւոյ ծոցէն բաժնուեցաւ ըսէին, ոչ ալ ուղղափառ եղաւ, այլ ուղղափառութենէ հեռացաւ գրէին, զի Ուղղափառ` Հայ եկեղեցւոյ հայերէն անունն է, եւ Կաթոլիկ բառը ուղղափառ չի կրնար թարգմանուիլ: Մինչեւ այս ատեն Իլվովի աթոռը, ընդհանուր առաջնորդութիւն էր բոլոր արեւմտեան գաղթականներուն, այլ Յունանեանի 1689-ին առած քայլը, իրմէ անջատեց Մոլտաւիայի եւ Վալաքիայի եւ Պուքովինայի գաղթականները, որոնք ազգային եկեղեցւոյ հաւատարիմ մնացին, եւ նոյնիսկ աստեւանդ գտնուող հռոմէադաւաններն ալ քաղաքական բաժանմամբ իր հպատակութենէ ելան, եւ մնաց պարզապէս Կալիցիա գաւառը եղող հռոմէադաւան Հայերուն եպիսկոպոսարանը:

1820. ՀՈՒՆԳԱՐԱՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԸ

Յունանեան ուրիշ գաւառներու Հայերէն ձեռք քաշելու ստիպուած, մտադրութիւն դարձուց Մաճառաց երկրին Դրանսիլվանիա գաւառին մէջ հաստատուող նոր գաղթականներուն վրայ: Ասոնց սկզբնաւորութիւնը կը հանուի մինչեւ 1654, սակայն բուն գաղթականութիւնը կը դրուի 1672-ին, երբ Մոլտաւիայի յունադաւան իշխանը հայադաւաններու դէմ հալածանք հանեց, եւ մաս մը Հայեր Մոլտաւիայէ հեռացան: Այս խումբէն էին Մինաս Զիլիֆտարօղլու եպիսկոպոսը եւ Եղիա Սեչովցի քահանան (ԳԱԼ. Ա. 2), որոնցմէ առաջինը Վարդան յաջողեցաւ իր կողմը շահիլ 1686-ին ( § 1818), եւ հաւանաբար անոր մահուընէ ետքն է որ 1691 յուլիս 30-ին յատկապէս Դրանսիլվանիոյ համար եպիսկոպոս ձեռնադրեց Օքսենտիոս Վերծերեսքօ (ԿԱՄ. 128), կամ Աւքսենտիոս Վրզարեան (ԳԱԼ. Ա. 19) Պօթուշանցի վարդապետը, վարժեցեալ ի Հռոմըն համալսարանում Ուռպանեան, այսինքն է Փրոփականտայի վարժարանին մէջ, որ զՀայս անդէն եղեալս` միաբանեցոյց ընդ սրբոյ եկեղեցւոյն Հռոմայ (ԿԱՄ. 128): Արդէն կազմակերպեալ չէին նոր գաղթականները, եւ Աւստրիոյ կայսերութեան պաշտպանութեան ալ կը կարօտէին, ուստի շատ դիւրաւ կատարուեցաւ Հունգարահայերուն դաւանափոխութիւնը: Ըստ այսմ կը յայտնուի, թէ Եղիա Սեչովցի քահանային 1691-ին դաւանափոխ ըլլալն ալ ( § 1818) ինչ դրդումէ առաջ եկած է:

1821. ԴԱՒԻԹ ՋՈՒՂԱՅԵՑԻ

Պարսկաստանի Հայերուն վրայ խօսած ատեննիս, գլխաւոր կէտ կը նկատենք շահ Սիւլէյմանի մտադրութիւնը, որ բոլորովին հեռանալով իր նախնեաց սկզբունքէն, կ՚աշխատէր անդրափոխել զողորմելի եւ զտառապեալ ազգս քրիստոնէից, մանաւանդ զազգս Հայոց, ի հաւատոց իւրեանց, եւ դարձուցանել զնոսա իսլամական կրօնքին (ԽԱՉ. 154): Այս պարագան բաւական է հետեւցնելու թէ այլ եւս Պարսկաստանի գաղթականները չունէին այն հանգիստ վիճակը, զոր կը վայելէին Մեծ Շահաբասի օրերը: Իրենց հոգեւորական վարչութիւնը կեդրոնացած էր Ամենափրկիչի վանքին մէջ, ուր արժանաւոր առաջնորդներ կը գտնուէին ընդհանրապէս: Խաչատուր Կեսարացիին յաջորդ կը դնեն ոմանք Դաւիթ Ջուղայեցին (ԽԱՉ. 141), բայց մենք արդէն յիշեցինք թէ Սիմէոն Ջուղայեցին եղած էր անոր յաջորդը ( § 1711): Իսկ Յակոբ Ջուղայեցին դժուար է այդ կարգին անցընել, որովհետեւ 1655-ին Դաւիթ պաշտօնի վրայ կը յիշուի (ԽԱՉ. 142), որ կը համապատասխանէ Սիմէոնի Ջուղայէ հեռանալուն թուականին ( § 1711): Խաչատուր աբեղայ Ջուղայեցի չափազանց գովեստներ կը շռայլէ Դաւիթի, կոչելով զայն երիցս երանեալ քահանայապետ սուրբ` Դաւիթ հրեշտակային վարդապետ (ԽԱՉ. 141), եւ Դաւիթի արժանիքներուն գլխաւորն է Ամենափրկիչի վանքը վերաշինելը` հոյակապ եւ մեծածախ եւ յոյժ վայելուչ կերպով, ադինասարաս եւ երկնանման տաճարով, յոյժ գեղեցիկ եւ ամենաչքնաղ յօրինուածովք, զոր լրացուց 1664-ին (ԽԱՉ. 142): Դաւիթ նիւթական շինութեանց հետ ներքին զարգացման ալ աշխատեցաւ, եւ աշակերտներ հասուց մինչեւ ցքառասուն, ամենեքեան արք ընտիրք եւ փառազգեացք, զորս գեղեցկապանծ վայելչացոյց փիլիսոփայական գիտութեամբ եւ բնազանցական աստուածաբանութեամբ (ԽԱՉ. 219), եւ եղան անվանելի ախոյեանք ընդդէմ Պարսից անաստուածից, եւ ընդդէմ Երկաբնակ հերետիկոսաց (ԽԱՉ. 148): Ասոնց մէջ երկու նշանաւորագոյններն են Ստեփանոս Ջուղայեցի, որ Դաւիթին յաջորդեց (ԽԱՉ. 149), եւ Յովհաննէս Մրքուզ, որ նշանաւոր եղաւ իսլամ օրէնսգէտներուն հետ, եւ նոյնիսկ Պարսից շահին հետ քրիստոնէական հաւատալեաց պաշտպանութեան համար կատարած վիճաբանութիւններովը (ԽԱՉ. 153), զորս երկարօրէն կը քաղէ Խաչատուր (ԽԱՉ. 154-218): Ասոնցմէ ետքը կը յիշուին Աղէքսանդր, Խաչատուր, Մինաս, Անդրէաս, Միքայէլ, Մարկոս, Յովսէփ, Սիմէոն եւ Յովհան վարդապետներ, ամէնքն ալ եպիսկոպոսութեան բարձրացած Մրքուզէն զատ, որ իւրով կամօք հրաժարեցաւ (ԽԱՉ. 219):

1822. ՅՈՀԱՆ ՇԵԽ-ՄՈՒՄԻՆ

Երբոր 1680-ին Յակոբ կաթողիկոս Կ. Պոլիս կը գտնուէր, Յոհան աբեղայ մը զայն կը բռնադատէ, որ Փէրիա գաւառին առաջնորդութիւնը իրեն տրուի Հազարջրիպի վանքին հետ, եւ կաթողիկոսին դժուարանալուն վրայ կը սպառնայ ուրանալ զՔրիստոս տէրն մեր: Յակոբ իբր թէ կը զիջանի կոնդակը տալ, բայց միեւնոյն ժամանակ կը գրէ Էջմիածին, որ երբոր գայ ըմբռնեալ դիցեն զնա ի Սեւան կղզւոջ, եւ մի եւս իսպառ ելցէ անտի (ԽԱՉ. 149): Ըստ այսմ ալ կը գործադրուի, եւ Յոհան քանի մը տարի կը մնայ Սեւան, բայց վերջապէս կը յաջողի փախչիլ անտի, եւ գաղտ Փէրիա գալով կը հաստատուի Հազարջրիպ վանքը: Հազիւ թէ լուրը կ՚առնուի Նոր-Ջուղայի մէջ, Ստեփանոս վարդապետ որ Դաւիթի յաջորդած էր, եւ Աղաբիր Շահխաթունեանց գիւղաւագը, եւ Ջուղայեցւոց գլխաւորներ, վրայ կը հասնին, ըմբռնեն զՅոհան զաբեղայն, խոշտանգանօք եւ տանջանօք չարչարեալ տուայտեն, եւ դնեն ի զնտանս բանտի, բայց Յոհան անկէ ալ կը փախչէ, եւ Պարսից դիմելով իսլամութիւն կ՚ընդունի (ԽԱՉ. 150) Մէհմէտ-Ալի բէկ, Կամ Շեխ-Մումին կոչուելով (ԽԱՉ. 168), եւ պատեհի կը սպասէ Ստեփանոսէ եւ խորհրդակիցներէն վրէժը լուծել: Այս տեղ պատմիչին ժամանակագրութիւնը կը կնճռոտի, եւ հարկ կ՚ըլլայ նկատի առնել, որ Յակոբի Կ. Պոլիս գտնուիլը 1689-ին էր ( § 1791), եւ Դաւիթի մահը 1684-ին (ԽԱՉ. 220), որով բնական էր Ստեփանոսի յաջորդութիւնը այդ տարեթիւէն հաշուել: Այդ Յոհանը Սեւանէ փախչելէն ետքը ձերբակալողը Ստեփանոս եղած ըսուելով (ԽԱՉ. 150), Յոհանի երկրորդ ձերբակալութիւնը եւ ուրացութիւնը, եւ զկնի ինչ ամաց կատարած մատնութիւնը, եւ Ստեփանոսի բովանդակ ամ ամի բանտարկութիւնը, եւ ծանր տուգանքով ազատուիլը, 1685-ին չեն կրնար իյնալ (ԽԱՉ. 151): Ուստի թուատառերու սխալներ ենթադրելով` Յոհանի երկրորդ ձերբակալութիւնը 1685-ին, եւ Ստեփանոսի բանտարկութիւնը աւելի մերձաւորաբար 1687-ին պիտի դնենք, կամ եթէ Ստեփանոսի բանտարկութիւնը 1685 պիտի իմանանք, այն ատեն Ստեփանոս` Դաւթի յանձնարարութեամբ ձերբակալած կ՚ըլլայ Յոհանը մերձաւորաբար 1683-ին: Ամէն առթի մէջ ճիշդը ստուգելու փաստեր չունենալով նոր հետազօտողներու կը թողունք կնճիռին լուծումը: Մեզի բաւական ըլլայ ըսել թէ Յոհան Շեխ-Մումին, Սիւլէյման շահին մօտ կ՚ամբաստանէ զՍտեփանոսը, եւ բանտարկել կու տայ զայն, եւ զայլս բազումս վարդապետս եւ զքահանայս, եւ պրկել զոտս նոցա ի կոճեղս ծանրագոյն, ուր կը մնան ամ մի բովանդակ, եւ հազիւ հազար թուման վճարելով նախարարաց եւ մեծամեծաց, հազար թուման ալ արքային, եւ տարեկան երեք հարիւր թուման տուգանք խոստանալով կ՚ազատին: Տարեկանը կը վճարուի մինչեւ 1691, եւ հազիւ կը ջնջուի 1692-ին Ջուղայի գիւղաւագ Աւետիսին ձեռքով (ԽԱՉ. 151): Այդ եղելութիւնները ամբողջաբար Եղիազարի կաթողիկոսութեան միջոցին հանդիպելով, զարմանալի է անոր անունին բնաւ չյիշուիլը:

1823. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄՐՔՈՒԶ

Սոյն այս միջոցին կ՚իյնան Յովհաննէս Մրքուզ վարդապետին գիտական եւ կրօնական վիճաբանութիւններուն մի մասը, զորս ըրած է քրիստոնէական վարդապետութիւնները պաշտպանելու համար: Այս առաջին մասը Սիւլէյման շահին օրով կատարուած է, թէպէտ աւելի նշանաւոր մասը տեղի ունեցած է Հիւսէյին շահին օրով, որ 1694-ին իր հօրը յաջորդեց: Մրքուզի պատճառաբանութիւնները, ինչպէս կը քաղէ պատմիչը, կը հիմնուին դպրոցական ոճին վրայ, որուն անտեղեակ ըլլալով շահն ու իսլամ կրօնականները, մեծ զարմանքով եւ հիանալով կը խոստովանին, թէ եւ ի յԵւրոպիայ ի Ֆրանկս` ոչ գոյ նման սմա (ԽԱՉ. 175), վասնզի զգիրս հաւաքաբանութեան եւ տրամաբանութեան զամենայն ի միտս իւր ժողովեալ ունի (ԽԱՉ. 174):

1824. ԵՂԻԱԶԱՐԻ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ

Մինչեւ հիմա յառաջ բերուած եղելութիւնները առանց Եղիազար կաթողիկոսի միջամտութեան կամ գործակցութեան կատարուած են, ինչ որ մեզի իրաւունք կու տայ եզրակացնել, թէ որչափ Եղիազար կաթողիկոսութենէն առաջ ձեռներէց եւ ցրուած գործունէութիւն ունէր, այնչափ ալ հանդարտ եւ ամփոփ պաշտօնավարութիւն ունեցած է օրինաւորապէս կաթողիկոսանալէն ետքը: Տարիքն էflր արդեօք պատճառը, թէ չափազանց յոգնածութիւնը, թէ ոչ ամէն տեսակ արկածներէ եւ յախուռն ձեռնարկներէ ետքը տեսակ մը յուսախաբ հիասթափութիւնն էflր` որ զինքը քաշուելու եւ ամփոփուելու կը ստիպէր, մենք որոշել չենք կրնար. միայն եղելութիւնը հետաքրքիրներու մտադրութեան կը ներկայենք: Ընդհանրապէս բոլոր յիշատակարաններ եւ նոր պատմագրողներ Եղիազարի գործունէութիւնը Մայրաթոռոյ նիւթական եւ բարեկարգական շրջանակին մէջ կը պարփակեն, եւ նոյն վիճակին մէջ փակուած ու վերջացած կը ցուցնեն: Նորերէն մէկ մը միայն` Եղիազարի կը վերագրէ Արեւմուտքի հետ յարաբերութեանց ձգտումներ, եւ Լատին կրօնաւորներու հանդէպ հաշտ ընթացք, մինչեւ իսկ Հայ եկեղեցիներու մէջ քարոզելու թոյլտուութիւն տալ, եւ 1686-ին վախճանող Լատին միաբան Ռու աբեղան մեծ հանդէսով Հայոց գերեզմանատան մէջ թաղելու արտօնութիւն շնորհել (ԶԱՄ. Բ. 37): Եղիազարի բոլոր կեանքը հռոմէականութեան հակամէտ եղած չէ, եւ յայտնի գործերու դիմաց շատ նշանակութիւն չեն ունենար Աւետիք Եւդոկիացիին անոր վերագրած լատինամիտ տեսութիւնները: Աւետիք այդ յիշատակները գրած է երբ հաւատաքննական բանտարկութեան մէջ դաւանափոխութեամբ ազատութիւն գտնելու կը միտէր, եւ զինքն կանուխէն այդ միտքի վրայ եղած ցուցնելու դիտմամբ, նոյնը իր ձեռնադրող կաթողիկոսէն իրեն աւանդուած կ՚ուզէր կարծեցնել: Իբր այն թէ Եղիազար զինքն ձեռնադրած ատեն յանձնարարած ըլլայ հնազանդիլ փափաին, ի բաժակն ջուր խառնել ծածուկ, եւ բղխումն ի Հօրէ եւ ի յՈրդւոյ ըսել, եւ թէ Երուսաղէմէ Եղիա վարդապետը երեք եպիսկոպոսօք Հռոմ ղրկած ըլլայ, եւ թէ ինքն ալ եօթն վարդապետօք Հռոմ երթալու վրայ եղած ըլլայ (74. ԱՐՐ. 75), երբոր Էջմիածին հրաւիրուեցաւ ( § 1703): Ստոյգ եղելութիւններ բնաւ չեն ներեր այդպիսի ենթադրութիւններ ընել Եղիազարի վրայ, թէպէտ նա կրնար համարձակ բարեկամական յարաբերութիւններ մշակել Արեւմտեանները շահելու, եւ անոնց միջնորդութեամբ Հայութեան լաւագոյն կացութիւն մը հոգալու նպատակով:

1825. ԵՂԻԱԶԱՐԻ ՄԱՀԸ

Այդ տեսութեամբ կրնանք ընդունիլ, թէ Եղիազար ալ իր նախորդին Յակոբի նման կեանքին վերջին միջոցին Էջմիածինէ Կ. Պոլիս ուղեւորելու դիտաւորութիւն ունեցած է, այնտեղ աւելի դիւրութեամբ Եւրոպացոց հետ բանակցութեան մտնելու, եւ անոնցմէ քաղաքական օգնութիւն ստանալու յուսով: Էջմիածինէ մեկնիլը կը դրուի 1691-ին, բայց Կարինէ կը պարտաւորուի ետ դառնալ, ճամբորդութիւնը վտանգալից տեսնելով (ԶԱՄ. Բ. 37): Օսմանեան կայսրը Մէհէմմէտ Դ. գահընկէց եղած էր 1687 նոյեմբեր 8-ին, ներքին խռովութեանց եւ ապստամբութեանց պատճառով (ԺՈՒ. 296), որ բոլոր ասիական գաւառներուն մէջ ալ տարածուեցան Եէկէն Օսման եւ Կէտուք Մէհէմմէտ փաշաներու գլխաւորութեամբ, եւ վեց տարի տեւեցին, Սիւլէյման Բ. եւ Ահմէտ Բ. սուլտաններուն օրով (ԺՈՒ. 299): Ճիշդ 1691 տարւոյն յուլիս 14-ին Սիւլէյման Բ. կը մեռնէր եւ եղբայրը Ահմէտ Բ. կը յաջորդէր, եւ երկրին խաղաղութիւնը աւելի վրդովուած էր, եւ Եղիազար չվստահացաւ այդ շփոթ միջոցին ցամաքային ճամբորդութիւնը շարունակել, եւ ոչ ալ կրնար յաջողութիւն յուսալ Կ. Պոլսոյ մէջ: Կարինէ ետ դարձաւ Էջմիածին, եւ ուղեւորութեան դժուարութիւններէ ալ տկարացած, քիչ օր ետքը վախճանեցաւ 1691 օգոստոս 8-ին, 9 տարի կաթողիկոսութենէ ետքը, ընդհանրապէս ընդունուած է, թէպէտ Քանաքեռցին 1690 օգոստոս 14-ին կը դնէ 8 տարի կաթողիկոսութիւն հաշուելով, եւ մահուան օրը Էջմիածին մտնելու օրուան հետ նոյն բերելով (ԶԱՔ. Բ. 101): Եղիազար թաղուած է Ս. Գայիանէի իւրաշէն գաւիթին աջակողմը (ՄՈՎ. 278): Եղիազարի Կ. Պոլիս երթալ ուզելուն ուրիշ մէկ նպատակն եղած կ՚ըլլայ` կրօնական վէճերու ու խտրութեանց բորբոքումը, որոնք Կ. Պոլսոյ մէջ զայրացած էին, եւ որոնց վրայ իր մտադրութիւնը հրաւիրած էր Երեմիա Քէօմիւրճեան 1690-ին գրած նամակովը ( § 1815): Սակայն շատեր զարս իմաստունս (ՉԱՄ. Գ. 722), կամ խելահաս եւ խոհական անձեր յղելու միտքը կը վերագրեն Եղիազարի (ՄՈՎ. 278), մինչեւ ուրիշ մը այս խռովութիւնները հանդարտելու համար Կ. Պոլիս երթալու որոշումը կը յիշէ (ԶԱՄ. Բ. 36): Բայց որն եւ ըլլայ ստոյգը, անձամբ կամ պատուիրակով ազգային ընդհանուր գործերուն միջամտելու գաղափարը շատ ուշ ծագած է Եղիազարի միտքը, եւ իրագործուած ալ չէ: Իսկ Եղիազարի անձին եւ ձեռնարկներուն, կարողութեան եւ ուղղութեան վրայ պատմութեանս ընթացքին մեր տեսութիւնները յայտնած ըլլալով, աւելորդ կը սեպենք մահուընէ ետքը նոյն դիտողութիւնները ամփոփել, որ անգամ մը գրուածները կրկնել պիտի ըլլար: