Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՆԱՀԱՊԵՏ Ա. ԵԴԵՍԱՑԻ

1826. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ՆԿԱՐԱԳԻՐ

Եղիազարի յաջորդին ընտրութիւնը լրացեալ գործողութեան մը պէս կը ներկայանայ պատմութեան մէջ, զի Եղիազարի մահուանէ միայն երկու օր ետքը, օգոստոս 10-ին կաթողիկոս կը հռչակուի իր ձեռնասուն աշակերտը Նահապետ եպիսկոպոս Եդեսացի ( ՉԱՄ. Գ. 724): Անշուշտ հանգուցեալ կաթողիկոսի կամքը կար այդ մասին, որ Մայրաթոռոյ միաբանութեան կողմէն խղճմտօրէն յարգուեցաւ, մինչեւ իսկ գրող ալ եղաւ, թէ Նահապետ նորա իսկ ձեռքով կաթողիկոս օծուեցաւ ( ԶԱՄ. Բ. 37): Այդ վերջին պարագան բուն յիշատակողը Աւետիք Եւդոկիացին է, որ իր վերջին օրերու յիշատակարանին մէջ կը գրէ, թէ հիւանդ Եղիազարը իր մեռնիլը զգալով մահիճէ ելած, եկեղեցի իջած, պատարագ մատուցած, Նահապետը օծած, եւ նորէն հիւանդութեան մահիճը դառնալով նոյնժամայն հոգին աւանդած ըլլայ (94 ԱՐՐ. 112): Սակայն ընտրելագոյն աղբիւրներ, որ օգոստոս 8-ին Եղիազարի մահը եւ օգոստոս 10-ին Նահապետի օծումը կը դնեն, այդ ենթադրութիւնը կը հերքեն. եւ միայն կրնանք ընդունիլ Եղիազարի կտակային կամքը Նահապետը կաթողիկոսացնելու, զոր միաբանութիւնն ալ կը յարգէ մեծագործ կաթողիկոսին պատուոյն: Միաբանութիւնը այդ առթիւ ալ բացարձակ իրաւամբ գործած կ՚ըլլայ, ոչ մերձաւոր իշխանաւորներու եւ ոչ ալ հեռաւոր աթոռներու հաւանութեան դիմելով: Բայց եւ այնպէս ոչ մի կողմէն նկատողութիւն չի յարուցուիր, եւ ամէն կողմէ առանց դիտողութեան կ՚ընդունուի Նահապետի կաթողիկոսութիւնը: Այդպէս ըրած էր միաբանութիւնը Յակոբի ընտրութեան ատեն ալ. իսկ Եղիազարին ընտրութիւնը բացառիկ հանգամանքներու հետեւանք եղած էր. եւ ահա անոր մահուընէ ետքը` իր նախընթաց սովորութեան կը դառնայ: Նահապետ Եդեսացին, որ իբր Եղիազարի ձեռնասունն ու աշակերտը, խորհրդակիցն ու գործակիցը կը ներկայացուի, երբեք յիշուած չէ ոչ Եղիազարի ինքնահնար կաթողիկոսութեան, եւ ոչ ալ օրինական հայրապետութեան միջոցին, որով մութ կը մնայ մեզի թէ որ ժամանակին նա Եղիազարի մօտ աշակերտ մտած է, եւ որ եղելութեանց մէջ Եղիազարի գործակից եղած է, եթէ այսչափ անոր հաւատարիմն ու մտերիմն էր, որ իրեն յաջորդելու կը նշանակէր, եթէ անձամբ չօծէր ալ: Նահապետ կը նկարագրուի, ճիշդ Եղիազարի համանման տիպարով անձ մը, ճոռոմախօս, փառապերճ, ահարկու իշխեցող ( ՋԱՄ. 26), խստապահանջ, եւ սաստկութեամբ վարող կաթողիկոսութեան գործը ( ԽԱՉ. 151), թէպէտեւ կարդալոյ եւ յօրինաց թոյլ էր (74 ԱՐՐ. 113): Այդպէս կը նկարագրեն զինքը մօտէն ճանչցողներ, որով չ՚արդարանար Չամչեանի պարզաբար այր բարեսէր եւ հեռահոգի ըսելը ( ՉԱՄ. Գ. 724), զոր իբր գովասանք կու տայ. իբր թէ Նահապետ հռոմէականութեան բարեկամ եւ դիւրամէտ, եւ մինչեւ իսկ զայն ընդունած անձ մը եղած ըլլայ: Սակայն պատմութեան ընթացքը պիտի ցուցնէ թէ Չամչեանի ենթադրութիւնը այս անգամ ալ հիմնական չէ:

1827. ՇԻՆԱՐԱՐ ԱՐԴԻՒՆՔ

Ազգային կեանքի զանազան պատահարներու պատմութեան չանցած, յիշատակենք Նահապետի շինարար գործերը, որոնց համար հաւանաբար դիւրութիւններ ունեցաւ Եղիազարի թողած անձնական ստացութիւններէն: Դիտելի պարագայ մըն է, որ կաթողիկոսներ կրնան մեծագործ եւ մեծածախ շինութեանց ձեռնարկել, երբ ընդհանուր կերպով աթոռոյ խեղճութեան եւ աղքատութեան գանգատներ ամէն կողմէ կը բարձրանան: Այդ անհամաձայն եզրներու մեկնութիւնը պէտք է գտնել այն դրութեան մէջ, որ կաթողիկոսներ, ինչպէս նաեւ անոնցմէ ետեւ եկող աստիճանաւորներ, անջրպետ մը դրած էին իրենց անձնական ստացութեանց եւ աթոռոյ սեփականութեանց մէջ: Ինչ որ իբր իրաւունք եւ իբր նուէր կը ստանային, կամ թէ կեղեքմամբ ալ կը հաւաքէին, իբրեւ իրենց անհատական ստացութիւն կը նկատէին, եւ իրենց կենցաղին եւ նպատակին կամ թէ շինարար ձեռնարկներու կը գործածէին: Այս կերպով աթոռին հանրային ստացութեան քիչ բան կը մնար, կալուածական հասոյթներ կամ որոշ տուրքեր միայն, որոնք շատ չէին պտղաբերեր, եւ միաբանութեան ուտեստին ու զգեստին ու պահեստին գործածուելու գումարը կ՚անօսրանար, աթոռներ ու միաբանութիւններ խեղճ ու կարօտալից վիճակ կ՚անցընէին, եւ աթոռներու վրայ ծանրացող տուրքեր անվճար կը մնային եւ կը դիզուէին: Այդ կերպով եղած է անշուշտ Նահապետի վարմունքը, եթէ անձուկ եւ դժուարին օրերու մէջ նշանաւոր շինութիւններ կատարեց, որոնցմէ գլխաւորները Երեւանցին կը յիշէ: Ասոնք են Շողակաթի եկեղեցին եւ վանատունը բոլոր յարակիցներով` Աղամալ Շոռոթեցի իշխանին ծախքով, Հրազդանէ հանուած առուն լեռ ծակելով եւ քարաժայռեր պատռտելով` վանքին արտերը ոռոգելու համար, Երեւանի Ձորագեղի վանքին եկեղեցիին, եւ խուցերուն նորոգութիւնը` բոլոր շրջակայ մասերով, Վաղարշապատ եւ Քանաքեռ եւ Կոնտ եւ ուրիշ շատ գիւղերու եկեղեցիներու շինութիւնները, այնպէս որ կրցաւ ըսուիլ, որ յերկիրն Երեւանու որքան քարաշէն եկեղեցիք կան, ըստ մեծի մասին ի սմանէ են շինեցեալք: Ասոնցմէ զատ Նահապետ արար եւ զայլ շինութիւնս եւ զօգտակար գործս յաթոռոջս եւ յերկրիս, կալուածներ աւելցուց, եւ եղածները ապահովցուց արքունական եւ դատաւորական վաւերագիրերով: Ինքն սկսաւ եւ յառաջեցուց Քասաղ գետի վրայ Օշականի գեղեցիկ եւ մեծածախ կամուրջը ( ՋԱՄ. 26) որ մահուընէն ետքը լրացաւ 1706-ին ( ՋԱՄ. Բ. 38): Այդ շինութիւններ հետզհետէ կատարուեցան Նահապետի կաթողիկոսութեան միջոցին, բայց որովհետեւ միւս եղելութեանց հետ կապ չունին, ամէնքը մէկէն այստեղ քաղել յարմարագոյն սեպեցինք: Իրօք ալ այդ շինարար զբաղումները տեղի ունեցան աւելի Նահապետի առաջին տարիները, երբ չէին սկսած ներքին շփոթութիւնները, որոնք տեղի ունեցան ի չորրորդում ամի կաթողիկոսութեան սորին, 1695-ին ( ՋԱՄ. 27):

1828. ԱՂԹԱՄԱՐԻ ԽԶՈՒՄԸ

Ասով ըսել չենք ուզեր, թէ առաջին տարիներուն մէջ ալ միջադէպեր տեղի չունեցան, վասնզի Նահապետ կարի սաստիկ էր, եւ ահարկութեամբ կայր ի վերայ ամենայն եկեղեցականաց ( ԶԱՔ. Բ. 136), թէպէտ իր անաչառութիւնը ոչ միշտ նպատակին հասնելու կը ծառայէր: Կաթողիկոսութեան առջի ամիսներուն մէջ, վշտանալու առիթ ունեցաւ Աղթամարայ կաթողիկոս Թովմասի վրայ, որ Եղիազարին հպատակութիւն էր յայտնած, եւ Էջմիածինի տեւական հնազանդութիւն խոստացած ( § 1817), բայց ասով իր մեծամտութիւնը չէր մերկացած: Որոշ գրուած չէ, բայց այս միայն յայտնի է, որ Նահապետ Թովմայի վրայ բարկանալով, զայն պաշտօնէն կը զրկէ, եւ Աւետիս եպիսկոպոս մը կաթողիկոս ձեռնադրելով Աղթամարի աթոռին տիրանալու կը ղրկէ: Սակայն Թովմաս չընկճուիր: Աւետիս Պարսկաստանէ կու գար, մինչ Աղթամար` Օսմանեան երկիր էր, եւ Թովմասի շատ դիւրին եղաւ Աւետիսը վտարել տալ կուսակալին ձեռքով, եւ իր աթոռը ձեռքէ չհանել: Որպէսզի իր ծերութիւնն ալ պատճառ չըլլայ աթոռին յանկարծ դատարկանալուն եւ Աւետիսի յաջողելուն, Սահակ Արծկեցի եպիսկոպոսը աթոռակից կաթողիկոս կ՚օծէ, որ յաջորդութիւնը ապահովէ Աղթամարի եպիսկոպոսներուն վրայ` Էջմիածինէ անկախաբար: Որչափ Թովմաս Յերիճցիին առաջին գործը օգտակար էր եկեղեցւոյ խաղաղութեան, այնչափ վնասակար կը դառնայ վերջին ընդդիմութիւնը. սակայն Թովմասի իրաւամբ կրնար ծանր գալ Նահապետի ըրածը, տեսնալով որ իր զիջողութիւնը չարաչար գործածուեցաւ (00. ԲԻԶ. 1198): Մենք ալ պէտք է ըսենք թէ անաչառ խստութիւնը վարչական շրջանակի մէջ` ոչ միշտ օգտակար արդիւնքներ յառաջ կը բերէ, եւ Նահապետ աւելի խոհեմութեամբ վարուած, եւ ապագային համար աւելի օգտակար ընթացք բռնած կ՚ըլլար, եթէ առիթ չի տար խզելու այն կապը` որ երկու աթոռներուն միջեւ բարեբախտաբար հաստատուած էր: Աւետիս իրեն տրուած աթոռը գրաւել չկրնալով, հետապնդութենէն ձեռնթափ չեղաւ, եւ զինքն դեռ գործի վրայ կը տեսնենք մինչեւ 1697, երբ Թովմաս աւելի գրգռուելով եւ Օսմանեան կուսակալը գրգռելով, Վանայ մէջ նստող Էջմիածինի հպատակ եպիսկոպոսն ալ հեռացնել տուաւ, եւ Վանայ վիճակին վրայ Աղթամարեան եպիսկոպոս հաստատեց, եւ Նահապետ իր իշխանութիւնը ընդարձակելու աշխատած ատեն, վիճակ մըն ալ իր ձեռքէն հանուած տեսաւ: Նահապետի առաջին քայլը կրնանք դնել 1693-ին:

1829. ՄԱՏԹԷՈՍ ԵՒ ԵՓՐԵՄ

Երբ Եղիազար վախճանեցաւ 1691-ին ( § 1825), Կ. Պոլսոյ աթոռը 1689-էն սկսելով աշխարհական տեղակալներու ձեռքը կը մնար, քահանայ փոխանորդի մը գործակցութեամբ ( § 1812), եւ երկու տարիէ աւելի էր որ այդ դրութիւնը կը տեւէր: Բայց այս ձեւն ալ ոչ յարատեւ կրնար ըլլալ, եւ ոչ ժողովրդական պահանջները կը գոհացնէր, եւ առիթ կ՚ընծայէր ճարպիկ եկեղեցականի մը իր ձգտումները յագեցնելու: Այս անգամ ալ առաջ անցնողը եղաւ Մատթէոս եպիսկոպոս Կեսարացի, մականուանեալ Սարի, որ է Շէկ, անշուշտ մազին ու մօրուքին գոյնին պատճառով, որ պատրիարքական աթոռը բարձրացաւ 1692-ին, եւ իբր երկու տարի պաշտօնին վրայ մնաց ( ՉԱՄ. Գ. 721): Մատթէոսի օրով շարունակեցին Հայու ու Ֆրէնկի, ուղղափառի ու օտարադաւանի բուռն վէճերը, որոնց վրայ ընդհանուր տեղեկութիւններ տուած ենք ( § 1813), այլ իր օրով մասնաւոր եղելութիւններ կամ յիշատակաց արժանի պարագաներ չեն յիշուիր: Չենք կրնար այդ լռութիւնը համարձակօրէն Մատթէոսի խոհականութեան վերագրել, զի այդպիսի արժանիք մը իրեն պատշաճեցնելու չեն նպաստեր իր ընթացքն ու գործերը: Այսու հանդերձ փառասիրական նպատակներու մէջ բաւական յաջողակ եղած պիտի ըլլայ, զի երբոր Կ. Պոլսոյ աթոռը անբաւական գտաւ իր ձգտումներուն, կամ թէ երբոր գայթիգայթի տեսաւ իր դիրքը, կրցաւ Կիլիկիոյ աթոռին համար ազգային հաւանութիւն եւ պետական հրովարտակ ստանալ, եւ այսպէս զօրացած Սիս երթալ ու Աստուածատուր Նարին կաթողիկոսը մերժելով տեղը անցնիլ, ինչպէս որ սա ալ ըրած էր Գրիգոր Պիծակին ( § 1816): Երբոր Կ. Պոլսոյ աթոռը կը պարպուէր Սարիի հեռանալով, կամ թէ երբոր Սարիի դիրքը կը խախտուէր, զայն կը գրաւէր Եփրեմ Ղափանցին, որ անգամ մը 20 ամիս սոյն պաշտօնը վարած էր ( § 1812), եւ 8 տարի ետքը կը յաջողէր զայն վերստին ձեռք ձգել 1694-ին: Ղափանցիին յաղթանակը անաչառ հայադաւանութեան յաղթանակն էր, բայց չենք վարանիր յայտարարել, թէ որչափ գովելի նկատենք Եփրեմի զգացումները ազգային եկեղեցւոյ պաշտպանութեան համար, նոյնը պիտի չկրնանք ըսել իր վարմունքին եւ գործելու կերպին համար, զի բուռն ընդդիմութիւնը նպատակին հասնելու չի նպաստէր, որչափ կրնայ ընել խոհական հաստատամտութիւնը: Պատմական ճշմարտութենէ հեռացած չենք ըլլար ըսելով, թէ Եփրեմի եւ նմաններուն խստութիւնները աւելի նպաստեցին հռոմէականներուն զօրանալուն եւ կազմակերպուելուն, մինչ պիտի չկարենային օգտուիլ` պատրիարքներու հաստատամիտ, բայց եւ խոհական ընդդիմութենէն:

1830. ԵՐԵՄԻԱ ՔԷՕՄԻՒՐՃԵԱՆ

Եփրեմի պատրիարքութենէն ոչ շատ ետքը, 1695-ին, ամսաթիւը անյայտ, կը վախճանէր Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեան ( ՉԱՄ. Գ. 723), որուն անունը քանիցս տուինք պատմութեանս կարգին, անդստին այն ժամանակէն, որ Եղիազար իր ինքնահնար կաթողիկոսութիւնը ստեղծեց ( § 1754): Երեմիա նշանակելի դէմք մըն է մեր ազգային գործիչներու մէջ` իր ինքնատիպ եւ բազմակողմանի ձիրքերով: Հաւասարապէս ներհուն եւրոպական լեզուներու, եւ տեղական յունարէնի, եւ տաճիկ ու արաբացի գրականութեան, փոխադարձաբար մէկէն միւսին թարգմանեց կարեւոր գործեր, եւ շատ եւս ազգայնոց համար` հայերէնի, եւ օտարաց համար հայերէնէ փոխարկեց, հայրենական լեզուին կատարեալ հմտութեամբը: Իր երկասիրութիւնները բազմաթիւ են եւ զարմանալի պէսպիսութիւն մը կը ներկայեն, որոնց մէջ Աստուածաշունչի տաճկերէնի թարգմանութենէն, մինչեւ զաւեշտ ոճով եւ ռամկօրէն բարբառով ոտանաւորներ կը գտնուին: Ասոնց ամբողջական ցուցակը եւ գնահատութիւնը մատենագրութեանց մասնագէտներուն կը թողունք: Մեր նպատակին ծառայողը իր ժամանակակից պատմութիւնը պիտի ըլլար, եթէ գրչագիրը ունեցողներ զայն հրատարակած ըլլային ցարդ, ինչպէս եղած է Կ. Պոլսոյ տեղագրութիւնը պատմական յիշատակներով խառն, որուն հրատարակութեան աշխատեցաւ բժշկապետ Վահրամ Թորգոմեան ( ՉԷԼ. ը. ): Երեմիա պաշտօններ վարած է պետական շրջանակներու մէջ, եւրոպական դեսպանատուններու քով, եւ ազգային պատրիարքներու մօտ, եւ անմիջական շփում ունեցած է ամէն կարեւոր գործերու հետ, իբրեւ խորհրդակից եւ գործակից, եւ իբրեւ յանձնարարութեանց կատարող: Ինքն անկեղծ եւ հաւատարիմ հայադաւան, երբեք բան մը զոհած չէ ազգային եկեղեցւոյ ինքնութենէն եւ յատկութիւններէն, բայց եւ եւրոպական զարգացման եւ առաւելութեանց տեղեակ, հակառակ եղած չէ անոնցմէ օգտուելէ, եւ միջասահման ընթացք եւ գործունէութիւն մը ունեցած է, ծայրայեղութիւններէ խորշելով, ոչ հռոմէադաւանութեան յարելով, եւ ոչ հայադաւանութենէ հեռանալով: Երեմիա որդի էր Քէօմիւրճեան Մարտիրոս քահանային, եւ Նավրէրցի Ամբակումի քրոջ դստերն: Ամբակում բարեպաշտ եւ բարեկեցիկ անձ մը, անզաւակ ըլլալուն իր քրոջ թոռը եղող Երեմիան իրեն որդեգիր էր առած, որով Մահտեսի Երեմիա դպիր, Ամբակումի սիրալիր հոգեւոր որդի եւ ժառանգ է կոչուած, եւ անշուշտ սա ինքն եղած է Երեմիայի ստացած զարգացման եւ ընդարձակ գործունէութեան պաշտպանն ու հովանաւորը ( ԹՈՐ. Բ. 402): Երեմիա 1695-ին 60 տարեկան մեռած ըլլալով ( ՉԱՄ. Գ. 723), 1635-ին ծնած եւ 1647-ին 12 տարեկան եղած կ՚ըլլայ, երբ հայրը կը գրէ, թէ զանդրանիկ որդեակս իմ, մերս յօժարութեամբ, զԵրեմիա դպիրս, շնորհեալ եմք ինքեան մահտեսի Ամբակումի որդիութեան ( ԹՈՐ. Բ. 403): Բազմարդիւն եւ բազմաշխատ Երեմիայի 60 տարեկան վախճանիլը կը նկատենք, ոչ միայն տարիքին կողմէն վաղահաս, այլ եւ ազգային շահերուն կողմէն տարաժամ, զի անոր մահուանէ ետքը, աւելի սաստկացան բուռն ու խիստ ձեռնարկներ, զորս կրնար խափանել Երեմիա իր խոհական խորհուրդներով, եթէ տակաւին ապրէր: Գուցէ եւ իր եղբոր Կոմիտաս Քահանային վրայ ալ կ՚ազդէր, զգուշացնելով զայն բուռն ընդդիմութիւններէ, որ անուղղակի կերպով պատճառ եղան աղետաբեր դէպքերու:

1831. ԿԱԹՈԼԻԿԱԿԱՆ ՃԻԳԵՐ

Ամենուրեք կաթոլիկութեան խնդիրն էր որ յուզմանց եւ շփոթութեանց պատճառ կ՚ըլլար Հայութեան մէջ, եւ որուն սկզբնապատճառ պիտի նկատուին եռանդնոտ եւ գործունեայ, բայց եւ յախուռն եւ կրօնամոլ Լատին աբեղաներ, որոնք նիւթական միջոցներով հարուստ, քաղաքական պաշտպանութեամբ եւ զօրաւոր, եւ ձեռներէց յանդգնութեամբ նշանաւոր, սանձարձակ մտած էին արկածեալ եւ չարչարեալ ժողովուրդի մը մէջ, որ իր բնական բուռն տենչերուն հակառակ, բռնութեան եւ տգիտութեան ճիրաններուն ներքեւ կը ճնշուէր: Այս խեղճերուն աչքին շողացնելով փայլուն ոսկւոյն հրապոյրը, գրաւիչ զարգացման ուսումները, եւ ազդեցիկ պաշտպանութեան ակնկալութիւնները, դիւրաւ կրնային իշխել տկար հոգիներու վրայ, որպէսզի ցուցուած առաւելութեանց հանդէպ, յանձն առնուն զոհել իրենց ուղղափառ եկեղեցին, ուրանան իրենց հայրենաւանդ ինքնութիւնը, եւ հետեւին օտարադաւան սկզբունքներուն: Ուստի զարմանալի պէտք չէ երեւնայ, եթէ կը յաջողէին իրենց հետեւող խմբակ մը կազմել: Ասով մէկտեղ մեծ չէր իրենց արդիւնքը: Նոյն ինքն Եւրոպացի ականատեսներ կը վկայէին, թէ շատ էին հնարքներն ու ծախսերը, որ Հռոմը գործ դրեց Հայերին կաթոլիկ դարձնելու համար, բայց ապարդիւն. եւ թէ այս ամէն գործունէութիւնը չեղեւ կարող մի բան գլուխ բերել ( ԼԷՕ. Ա. 246): Թէպէտ Հայութեան մեծամասնութիւնը, եւ գրեթէ հանրութիւնը, ամուր կը մնար իր նախկին կացութեան մէջ, բայց ամենափոքր հատուած մըն ալ կը բաւէր` որ անոր անունով օտար միջամտութիւնը ներս սպրդէր, եւ ազգին խաղաղութիւնը վրդովէր, ներքին երկպառակութիւններ տարածուէին, եւ ընդդիմադիր կիրքեր բորբոքուէին: Այսպիսի կացութեան հանդէպ մեղադրելի պէտք չէ սեպել, եթէ տկար զէնքերով հզօր բռնադատութեանց դէմ մաքառողներ, անձնապաշտութեան օրինաւոր մրցումով, ամէն հնրաւոր եւ հաւանական զէնքերու գործածութեան յորդորուէին: Այս պէտք է ըլլայ ուղղադատ կշիռը, աղետալի ժամանակամիջոցիս մանրամասնութիւնները` արդարապէս քննադատելու եւ կշռադատելու համար: Կաթոլիկ քարոզիչներուն չափազանցութիւնները կը մեղադրէր նոյնիսկ Եւրոպական դեսպան մը, որ կը գանգատի թէ ասոնք ամէնքն ալ հոս տէրութեանց պաշտօնէից տեղ դնել կ՚ուզենք զիրենք, ինքզինքնին դեսպաններէն աւելի քաղաքագէտ եւ լուսամիտ կը համարին, եւ չեն դադարիր քաղաքականութեան մասին ալ ամէնուն իշխելէ ( ԹՈԲ. 50): Դժուարութիւնը արտաքուստ եղած կ՚ըլլար, եթէ միայն օտարազգի քարոզիչներ եղած ըլլային գործողները, բայց ներքուստ ալ օտար դպրոցներու Հայազգի աշակերտներ, եւ կերպ կերպ միջոցներով սրսացուած եկեղեցականներ, ընտանիքներու մէջ սողոսկելով եւ խղճահարներ հրապուրելով, պատճառ կ՚ըլլային առտնին երկպառակութեանց, որոնց առջեւն առնել կը պարտաւորուէին անշուշտ ազգին գլուխներն ու գլխաւորները: Ամէնէն աւելի յուզում պատճառող կէտն էր` Հայերը Հայ եկեղեցիներէ հեռացնելու սկզբունքը, խիղճեր վրդովելով բարեպաշտութեանց արդիւնաւորութեանց եւ խորհուրդներու վաւերականութեան վրայ: Այս ձեռնարկներ աւելի Կ. Պոլսոյ մէջ կը գործադրուէին, ուր կրօնաւորներ` դեսպաններ ունէին ետեւնին իրենց պաշտպանութեան:

1832. ՆԱՀԱՊԵՏ ԵՒ ՊԱՊՈՒԹԻՒՆ

Տարբեր էր քարոզիչներու գործունէութիւնը գաւառներու, եւ նոյնիսկ Մայրաթոռի մէջ: Մինչ Կ. Պոլսոյ մէջ իրենցմէ հրապուրուածներուն Հայոց եկեղեցիներ մտնելը կ՚արգելէին, գաւառներու մէջ իրենք մտնելու չէին խղճեր, եւ Նահապետ կաթողիկոսէ իբրեւ շնորհ կը խնդրէին եւ կը ստանային` Հայ եկեղեցիներու մէջ քարոզելու արտօնութիւնը: Նահապետի կը վերագրուին ամենամօտ յարաբերութիւններ Հռոմի եւ հռոմէականներու հետ, միջնորդութեամբ Յիսուսեան միաբանութեան աբեղաներու, որոնք գլխաւոր գործիչներ դարձած էին ներքին գաւառներու մէջ, ուր շատ նուազեր էր կանուխէն հաստատուած Դոմինիկեանց ազդեցութիւնը, եւ որոնց մնացորդներն էին Երնջակի Ունիթորները: Սակայն պէտք է յոյժ վերապահութեամբ ընդունիլ Չամչեանի այս մասին տուած տեղեկութիւնները, որ աստանդ տեսած կեղակարծ ակնարկներն ալ իբրեւ անստելի աղբիւր կ՚ընդունի, իսկ ժամանակակից եւ կենակից անձերու գրուածներէն քաղուելիք տեղեկութիւնները կ՚անտեսէ: Ըստ Չամչեանի, Յիսուսեան աբեղաներ ոչ միայն գտին պատիւ եւ ընդունելութիւն մեծ Նահապետէն եւ Նահապետի մեծ վիշտ պատճառեցին, իրենց տեղեկութիւններով եւ ծանուցանելով` թէ Արեւմուտքի մէջ լուր տարածողներ եղած ըլլան, թէ Հայք ի բաց կացեալ իցէն ի սիրոյ եւ ի հպատակութենէ առաքելական աթոռոյն Հռոմայ, իբր թէ առաջուց Հայոց հայրապետութիւնը Հռոմի ձեռքին տակ նուաճուած ըլլար: Կը պատմեն եւս թէ այդ մեղադրանքը Հայերէն հեռացնելու համար Նահապետ 1695 սեպտեմբեր 5-ին, թուղթ սիրոյ եւ յարգութեան յղած ըլլայ Իննովկենտիւս ԺԲ. պապին ( ՉԱՄ. Գ. 724), մինչ այս թուականին Նահապետ կաթողիկոսութենէ զրկուած եւ աթոռէն հեռացած էր: Այս նամակին պատճէնը եւ թարգմանութիւնը կը գտնենք ուրիշի մօտ ( ԱԶԱ. 130), բայց արեւելեան չափազանցութեանց եւ փոխաբերութեանց հեղեղին մէջ, հպատակութեան իմաստ չենք գտնէր, եւ գործին բուն իսկութիւնը կը տեսնենք այն հատուածին մէջ, ուր պապէն նիւթական նպաստ եւ քաղաքական օգնութիւն կը սպասէ Նահապետ, ինչպէս հիւանդներ առողջութիւն, գերիներ ազատութիւն, բանտարկեալներ փրկութիւն, եւ ինչպէս մանկունք մօրերնուն ստինքներէն կաթ կը փնտռեն ( ԱԶԱ. 131): Միշտ նոյն յանգերգն ու նոյն նպատակն է, պապութեան ձեռքով Եւրոպայէն քաղաքական հովանաւորութիւն եւ նիւթական նպաստ ստանալու ակնկալութիւն եւ այդ յաջողցնելու համար շողոքորթ մարդահաճութիւն: Տեսանք արդէն, թէ այդ գաղափարը սկսած էր զօրանալ Արեւելքի մէջ, եւ օրինաւոր եւ տանելի համաձայնութեան մըն ալ սկզբունքը ընդունուած էր ( § 1790), եւ ասկէ անդին չէր անցներ Նահապետի ալ դիտումը: Կաթողիկոս մըն ալ կրնար հրապուրուիլ լատին եկեղեցականութեան արտաքնայարդար բարեկարգութենէն, կրնար ալ փափաքիլ անոր նմանութիւնը իր եկեղեցւոյն մէջ քաջալերել, բայց ոչ իր ուղղափառութենէն շեղիլ, եւ ոչ իր եկեղեցւոյն ինքնութիւնը զոհել: Լատին քարոզիչներ նամակի մը գրութիւնը բաւական կը ցուցնէին, եւ կաթողիկոսը կը յորդորուէր իր անձնական նախաձեռնութեամբ այդպիսի նամակ մը անոնց յանձնել, որով մարդորսակ գործիչներ իրենց պետերուն առջեւ արդիւնք եւ արժանիք կը շահէին, այլ ազգային շրջանակի մէջ անոնց հետքն անգամ չէր երեւար: Զաքարիա Քանաքեռցին որ Նահապետի հետ ապրած է, եւ զոր` որ այժմս է` բացատրութեամբը կը հաւաստէ ( ԶԱՔ. Բ. 107), որ Նահապետի թերի կողմերն ալ գրելէ չի քաշուիր, երբեք տեղեկութիւն չունի եւ չի տար Նահապետի հռոմէականութեան միտելուն կամ պապին նամակ գրելուն վրայ, ինչ որ կը ցուցնէ թէ Նահապետի նամակը, զոր Հռոմ կը պահէ եղեր ( ԱԶԱ. 129), Նահապետի անպաշտօն եւ անձնական եւ գաղտնի մէկ գործն է, զոր իբր փորձ կրցած է յանձնել Լատին աբեղաներուն, այլ որ բնաւ նշանակութիւն չկրնար ունենալ Հայոց եկեղեցւոյն եւ Հայ հայրապետութեան տեսակէտէն:

1833. ՆԱՀԱՊԵՏԷ ԴԺԳՈՀՆԵՐ

Մայրաթոռի մէջ, ստոյգ է, որ Նահապետի դէմ տժգոհութիւններ կը շատնային, եւ անոր գործերուն դէմ բողոքներ կը զօրանային, բայց ոչ թէ հռոմէականութեան հետեւելէն գրգռուած, իբր թէ Նահապետ կամի ի լատին դարձուցանել զազգն ( ՉԱՄ. Գ. 725): Բուն շարժառիթը եղած է, զի կարի սաստիկ էր ի վերայ յանցաւորաց, ինչպէս կը գրէ Քանաքեռցին ( ԶԱՔ. Բ. 136), կամ զի սաստկութեամբ վարէր զգործ կաթողիկոսութեանն, ինչպէս կը կրկնէ Ջուղայեցին ( ԽԱՉ. 151): Եթէ ոք պակասութիւն ինչ գործէր, սա կալեալ հրապարակաւ կախեց, եւ գանալից առնէր, եւ տուգանէր մարմնաւոր իշխանութեամբ, հարէր զմօրուսն եւ գանգուրն, եւ անկանէր ի բանտ եւ շղթայէր, եւ այսպէս ահարկութեամբ կայր ի վերայ ամենայն եկեղեցականաց եւ քահանայից ( ԶԱՔ. Բ. 136): Պէտք չէ նաեւ մտադրութենէ վրիպեցնել, որ երբ այդ խստութիւններ անհատական կամքով կը գործուին, անոնց կը խառնուին նաեւ անիրաւ գործեր, մասնաւորներու նախանձէն եւ քսութենէն գրգռուելով, եւ կամ վայրկենական կիրքերէ յուզուելով: Նահապետի այդ ընթացքէն վիրաւորեցան գլխաւորապէս Էջմիածինի միաբանները, նաեւ ոմանք ի սեւագլխոց ի մերումս յաշխարհի, եւ գրովք միաբանեցան Նահապետի դէմ, որպէսզի զայն գահընկէց ընեն, եւ այդ խորհուրդին գլուխ կանգնեցան Նախիջեւանի եւ Գողթան եպիսկոպոսները, որոնց անունները չեն յիշուած ( ԶԱՔ. Բ. 136): Ուրիշ պարագայ մըն ալ պէտք է դիտել այդ հակառակութեան մէջ: Մայրաթոռը Պարսկաստանի մէջ էր, հետեւաբար իշխանութիւնը այն կողմի եկեղեցականութեան ձեռքը կը մնար, որուն գլուխը գտնուէին Էջմիածինի տեղացի եւ Նոր-Ջուղացի միաբանները, կամ որ նոյն է Ջուղայի երեւելիները առհասարակ հանրութիւնը, զի Նոր-Ջուղան էր բոլոր պարսկահպատակ Հայութեան կեդրոնը: Հետեւաբար այդ խումբին ախորժելի պիտի չ՚երեւար տաճկահպատակ Հայութենէն եկած Եղիազարի եւ Նահապետի իրենց վրայ իշխելը, կամ անոնց տեսութեամբ` իրենց վրայ բռնանալը, եւ պիտի ջանային նորէն իրենց դարձնել Մայրաթոռոյ կառավարութիւնն ու հեղինակութիւնը: Այդ տեսութիւնը կը քաղուի Քանաքեռցիին խօսքերէն ալ, որ ինքն ալ շատ համակիր չ՚երեւիր Նահապետին, եւ կը գրէ թէ կաթողիկոսները, իմա Եղիազար եւ Նահապետ, զոր ինչ յիւրեանց աշխարհին վարեալ էին, զնոյն եւ աստ առնէին, եւ թէ կարգ ու կանոն առաջին կաթողիկոսացն` քայքայեցաւ ի սուրբ աթոռոյն. որով յայտնապէս Ջուղայեցի Յակոբին, եւ անոր նախորդներուն կ՚ակնարկէ: Կը յիշուի նաեւ թէ ամենայն առաջնորդք ըստ կամաց իւրեանց առնէին, եւ կաթողիկոսացն ոչինչ փոյթ լինէր, ( ԶԱՔ. Բ. 107), ինչ որ կը ցուցնէ թէ կաթողիկոսին եւ թեմական կամ վանական առաջնորդներուն մէջ համաձայնութիւնը վերջացած էր. եւ այս ալ նշան մըն է, որ տաճկահայ կաթողիկոսներ, պարսկահայ եպիսկոպոսներուն եւ վարդապետներուն աչքին ախորժելի չէին: Կրնայ ըլլալ որ Նահապետի Լատիններուն հետ կատարած գաղտնի յարաբերութիւններն ու նամակագրութիւններն ալ մէջտեղ ելնելով, բորբոքուած հակառակութեան առթիւ` իբրեւ նոր զէնք մը գործածուած ըլլան, թէպէտ միաբանները այսպիսի կասկած ունեցած չեն երեւար: Բայց այս պարագան, եթէ իբր իրական ընդունինք ալ, մեր պնդածը կը հաստատէ, թէ Հայ եկեղեցւոյ գործ չէր Նահապետի նամակը, եւ այս երեսէն իրեն դէմ եղած ամբաստանութիւնները կ՚ապացուցանեն, թէ Հայ եկեղեցին եւ եկեղեցականութիւնը մաս չունէր կաթողիկոսին անհատական եւ գաղտնի ձեռնարկներուն մէջ:

1834. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՋՈՒՂԱՅԵՑԻ

Հակառակութեան գլուխ կանգնող Նախիջեւանի եւ Գողթան եպիսկոպոսներ ( § 1833), պէտք եղած ամբաստանագիրները կը պատրաստեն Նահապետի դէմ, եւ իրենց համամիտներուն ստորագրութիւններով կը զօրացնեն, եւ գիրերը Ջուղայեցւոց կը ղրկեն, որպէսզի իրենց հետ միաբանին Նահապետը տապալելու եւ անոր տեղը նստեցնելու Ստեփանոս Ջուղայեցին, Նոր-Ջուղայի Ամենափրկիչ վանքին առաջնորդը եւ Պարսկաստանի Հայոց արքեպիսկոպոսը, նոյն ինքն որ ուրացեալ Յոհան աբեղայի ձեռքով բանտարկութեան եւ չարչարանքի եւ տուգանքի ենթարկուած էր ( § 1822): Գիրերը Ջուղայ տանելու համար կ՚ընտրեն Մատթէոս Կարնեցի վարդապետը, Բատրադեն մականուանեալ, որպէս զի բերանացի ալ աշխատի Ստեփանոսը համոզել պաշտօնը ստանձնելու, եւ Ջուղայեցիները յորդորել պատշաճ դիւրութիւններն ու միջոցներն ընձեռելու: Նամակներն ու պատուիրակը իրենց նպատակին կը հասնին, Ստեփանոս ալ կը շարժուի, եւ բազում գանձս ծախեալ, եւ բազում միջնորդաւ զօրացեալ, վերջապէս ձեռք կը ձգէ ռազամ կաթողիկոսութեան, որ է արքունական հրովարտակը, եւ մինչեւ որ ինքն ուղեւորութեան պատրաստութիւնները լրացնէ, եւ պէտք եղած ոյժերն ու միջոցները կարգադրէ, իր առջեւէն կը ղրկէ Աղէքսանդր Ջուղայեցի վարդապետը ( ԶԱՔ. Բ. 136), Դաւիթ Ջուղայեցիի յառաջադէմ աշակերտներէն ( § 1821), որպէսզի իր հասնելէն առաջ Նահապետը վտարէ, եւ Տաթեւի վանքը փակէ, եւ ինքն ալ իբր տեղակալ Մայրաթոռոյ կառավարութիւնը ստանձնէ: Որչափ ալ Ստեփանոս մեծ յարգ ու վարկ կը վայելէր Պարսկահայ հասարակութեան առջեւ, եւ Ճգնաւոր ( ԶԱՔ. Բ. 136) եւ Ճգնակիր ( ԽԱՉ. 152) եւ Երանելի ( ԽԱՉ. 153) պատուանուններով կը յիշուի, բայց եւ հետեւեցաւ սնափառութեան մեղադրանքն ալ չեն խնայեր իր գովաբաններն իսկ, եւ միայն ի պատիր բանից խաբեցաւ, արդարացումը կը գրեն իբր պաշտպանութիւն ( ԶԱՔ. Բ. 136): Նահապետ զգաց որ տեղւոյն վրայ պիտի չկարենայ դէմ դնել, քանի որ նոյնիսկ Մայրաթոռոյ միաբանութիւնը իրեն հակառակ էր, ուստի փութաց քաշուիլ դէպի Տաթեւ, բայց ոչ գնաց ի Տաթեւ, այլ ուղիղ գնաց Թավրէզ` ուր էր Հիւսէյին շահը, եւ շիտակ ապաւինեցաւ Շահօճաղի կոչուած տեղը, որ կը ծառայէր իբրեւ քաղաք ապաստանի, եւ ով ոք մատնէ անդ, թէեւ մահապարտ իցէ, ոչ ոք ասէ նմա ինչ: Նահապետ, որ պաշտօնանկ կ՚ըլլար, իրաւամբ կրնար վախնալ որ իբր յանցաւոր պատժապարտութեան չհանդիպի: Ստեփանոս պետական հրովարտակով, Ֆարղալի խան կուսակալին հետ եկաւ Երեւան, եւ անկէ Էջմիածին եւ օրհնեցաւ կաթողիկոս, եւ տիրացաւ աթոռին, այլ շատ չկրցաւ վայելել ձեռք անցուցած իշխանութիւնը ( ԶԱՔ. Բ. 137), որուն հազիւ թէ ամիսս տասն տեւողութիւն կը տրուի ( ՉԱՄ. Գ. 725): Ստեփանոսի կաթողիկոս նստիլը 1695-ին կատարուած եղելութիւն է, վերջն ալ 1696-ին:

1835. ՆԱՀԱՊԵՏԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

Նահապետի ալ կուսակիցներ չէին պակսեր, եւ ինքն ալ անշուշտ պաշտպաններ ճարելու կերպերն ու միջոցները գիտէր, իր բազում բարեկամք ալ գործի ձեռնարկեցին, բայց ամէնէն աւելի իրեն նպաստաւոր եւ օգտակար եղաւ Աւետիս Ջուղայեցի գիւղաւագը, զոր անգամ մը յիշեցինք ( § 1822): Աւետիս ի հարկելոյ եւ ի թախանձելոյ թագաւորին Հիւսէյինի յակամայս կրօնափոխ էր եղած, եւ իսլամութիւն ընդունած Մահմատ Հոսէն կամ Մէհէմմէտ Հիւսէյին անունով: Եւ ոչ այսչափ միայն այլ եւ երկոքին դստերքն իւր աղերսեաց նմա, այսինքն է շահ Հիւսէյինի կանանոցին նուիրեց ( ԽԱՉ. 152), եւ այս կերպով եղեւ ինքնիշխան ի վեր քան զյոգունս, եւ շահ Հիւսէյին դիւրամատոյց էր անոր ամէն խնդիրներուն: Նախկին գիւղաւագ Աւետիսը, սիրտէն ուրացեալ մը չըլլալով, Հայերու վերաբերեալ խնդիրներով զբաղելէ եւ պատշաճ օգնութիւններն ալ ընելէ չէր քաշուեր, եւ այդ պարագային ալ փութաց Նահապետին օգնել, որուն մտերիմ բարեկամ էր: Գուցէ եւ Ստեփանոսէ ցաւելու առիթ ունեցած էր, անոր առաջնորդութեան ատենէն: Աւետիս պաշտպան հանդիսացաւ Նահապետին, որուն գահընկէցութիւնը խմբակի մը չարակամութեան հետեւանք էր, եւ պարզապէս ծախեալ զբազում գանձս գլուխ ելած մի գործ էր: Շահ Հիւսէյինի հետ ունեցած համարձակութեամբը հաղորդեց անոր Ստեփանոսի ստացած հրովարտակին ապօրինութիւնը, որ հակառակ էր Հայոց օրէնքին, որ կաթողիկոս մը չմեռած կամ չհրաժարած ուրիշի մը նստիլը չի ներեր, եւ եղածն ալ ձեռք ձգուած էր առատ կաշառքներով պալատականներու մէջ: Անշուշտ շահ Հիւսէյինի վրայ տպաւորութիւն գործող ուրիշ ամբաստանութիւններ ալ աւելցուց Աւետիս-Մէհէմմէտը, որ թագաւորը սաստիկ զայրանալով հրամայեց Ստեփանոսէ հազար թուման տուգանք գանձել, եւ զինքն ալ իր համախոհներուն հետ բանտարկել, եւ հրամանին գործադրութիւնը յանձնուեցաւ Երեւանի կուսակալ Ֆարզալիի, որ Ստեփանոսը նստեցուցած էր: Ֆարզալի դժուարութիւն չունեցաւ հրամանը գործադրել, տուգանքը գանձել, եւ Ստեփանոսը բանտարկել իր երեք գլխաւոր համախոհներով, որոնք էին Պետրոս Վայոցձորի, Գրիգոր Մուղնու եւ Յովհաննէս Ծաղկունոց առաջնորդները, մինչ Նահապետ յաղթական յաջողութեամբ իր աթոռը կը դառնար, եւ միաբանութիւնն ալ կը լռէր ( ԶԱՔ. Բ. 137), զի կ՚երեւի թէ Ստեփանոս ալ զիրենք չգոհացուց, երբոր տեսան որ ոչ խաղաղութեամբ վարէ նա զիշխանութիւն իւր: Միայն թէ չ՚արդարանար կարծիքը, թէ միաբաններ մերժեցին զնա յաթոռոյ, որպէս զխռովարար ոք ( ՉԱՄ. Գ. 725), զի կարի յայտնի են Քանաքեռցիին եւ Ջուղայեցիին ցուցած պատճառները: Եղելութիւնը այս ձեւին թափել ուզողներուն դիտումն է, Նահապետը իբրեւ հռոմէականութեան մօտ եւ միաբաններուն սիրելի, իսկ Ստեփանոսը իբրեւ ոչ հռոմէադաւան ու միաբաններէ մերժուած ցուցնելով, Հայ եկեղեցին իբր կաթոլիկ ներկայել: Սակայն պատմական ստոյգ հանգամանքներ իրենց դիտումին չեն ծառայեր: Ընդհակառակն ժամանակակիցներ Նահապետը կը մեղադրեն իբրեւ խստաբարոյ, եւ Ստեփանոսը հակաթոռութենէն ետքն ալ երանելի այր Աստուծոյ կը ճանչնան, եւ մահուանէ ետքը յիշատակն օրհնութեամբ եղիցի կը գրեն ( ԽԱՉ. 153):

1836. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՄԱՀԸ

Ստեփանոսի հետ բանտարկուած երեք վարդապետներուն դժուար չեղաւ շուտով ազատիլ, վասնզի ի բանտի ընդարձակ էին ( ԶԱՔ. Բ. 137), եւ ետուն իսկ յոլով տուգանս եւ արձակեցան ( ԽԱՉ. 153): Իսկ Ստեփանոսի հնար չեղաւ ազատիլ, մանաւանդ թէ աւելի ծանրացաւ իր վիճակը, եւ հանեալ իսկ ի թեթեւ եւ յընդարձակ բանտէ, արկին ի մթին եւ մահահոտ զընտան ( ԽԱՉ. 153), ոտուըները ծունկերէն ծանրագոյն կոճղի զարկին, թիկունքին վրայ կարծրանիւթ քարեր կապեցին, եւ այնպէս անշարժացեալ թողուցին, մինչեւ որ ի զազրութենէ հոտոյն, յաճմանէ հերացն, եւ ի բազմանալոյ որդանցն վշտացեալ մեռաւ անդէն ( ԶԱՔ. Բ. 138): Եղերական է ապաքէն Ստեփանոսի վախճանը, որ ոչ ստորին զգացմանց տէր անձ մըն էր, եւ ոչ ալ հասարակ եկեղեցական մը, այլ մի յընտրեալ աշակերտաց Դաւիթ Ջուղայեցիի, եւ արժանաւոր յաջորդ Խաչատուր Կեսարացիին եւ Սիմէոն ու Դաւիթ Ջուղայեցիներուն, եւ գլուխ Ամենափրկչի վանքին ընտիր միաբանութեան: Այլ դժբախտաբար յախուռն գործի մը մէջ նետուեցաւ, առանց եկեղեցական եւ կանոնական օրինաւորութեանց կաթողիկոս մը գահընկեց ընելու եւ անոր տեղը անցնելու յաւակնութեամբ, լոկ մասնաւոր խումբի մը գրգռութեամբ: Պէտք է ըսել որ երկայնամիտ համբերութեամբ տարած պիտի ըլլայ Ստեփանոս գլուխը եկած բազմաչարչար արկածները, որոնք անհամեմատ ծանրագոյն եղան, քան իր անխորհուրդ ձեռնարկները: Այդ բանին կը վկայէ պատմիչն ալ, Եւ ահա այսպէս եղեւ վախճան եւ մահ երանելւոյ առն Աստուծոյ տեառն Ստեփանեայ վարդապետի եւ կաթողիկոսի, որոյ յիշատակն օրհնութեամբ եղիցի, եւ ասով կը կնքէ անոր պատմութիւնը ( ԽԱՉ. 153): Չենք գիտեր ում վերագրել Ստեփանոսի վրայ գործածուած խուժդուժ խստութեանց պատասխանատուութիւնը, արդեօք թագաւորին բարկութեաflն, թէ կաթողիկոսին վրէժխնդրութեաflն: Թագաւորին համար շատ նշանակութիւն պիտի չունենար եկեղեցական կանոններու պահանջը, իսկ կաթողիկոսին վրայ չէինք սիրեր ծանրացնել այդպիսի վայրագ վրէժխնդրութիւն մը, որչափ ալ ծանոթ ըլլան Նահապետին ընթացքը, որ ահարկութեամբ կայր ( ԶԱՔ. Բ. 136) եւ բրածեծ առնէր մահու չափ ( ԶԱՔ. Բ. 107): Ստեփանոսի հակաթոռութեան եղելութիւնը յառաջ բերինք, առանց ժամանակագրական ճշդութեանց, վասնզի որոշակի գրուած չէր նոյնիսկ բանտարկութեան տեւողութիւնը: Մահուն թուականը պէտք է ընդունիլ 1698 յունուար 4-ին ( ԶԱՔ. Բ. 138), կամ աւելի ճիշդ 1698 յունուար 5-ին, չորեքշաբթի օր, Աստուածայայտնութեան ճրագալոյցին ( ԱՐԱ. 439), թէպէտ ուրիշ տեղ 1696 փետրուար 16 գրուած ըլլայ ( ԽԱՉ. 153), զոր շփոթուած կը կարծենք իր գահընկէցութեան թուականին հետ, իբր զի 1695-ին կը տրուի իր գահակալութիւնը ( ՋԱՄ. 27) եւ պաշտօնավարութեան տեւողութիւնը տասն ամիս ըսուած ըլլալով ( ՉԱՄ. Գ. 725), 1695 ապրիլին տեղի ունեցած կ՚ըլլայ Ստեփանոսի գահակալութիւնը: Ըստ այսմ կը հաստատուի թէ Նահապետ 1605 սեպտեմբեր 5-ին չէր կրնար իբրեւ աթոռի վրայ կաթողիկոս պապին նամակ գրել ( § 1832): Իսկ Ստեփանոսի գահընկէցութիւնը 1696 փետրուարին տեղի ունենալով երկու տարի տեւած կ՚ըլլայ անոր խստամբեր բանտարկութիւնը: Մարմինը իր իսկ կամքով տարին Խորվիրապի վանքը ( ԶԱՔ. Բ. 138), եւ անդ հանգուցին փառաւորապէս ( ԱՐԱ. 439): Այդ մասին մեծ հոգ ունեցած է Նահապետ, խղճալի կաթողիկոսին յիշատակը պատուելու համար, եւ մեծամեծ ծախքերու ստիպուած է, բանտարկեալ դատապարտեալի մը մարմինը զնտանէն առնելով փառաւոր յուղարկաւորութիւն ընելու համար ( ՉԱՄ. Բ. 39), ինչ որ կրնայ նպաստել Նահապետը վայրագ վրէժխնդրութենէ ազատ սեպելու կարծիքին:

1837. ՄԽԻԹԱՐ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ

Այդ միջոցներուն էր որ Հայաստանի խորերը կը թափառէր Մխիթար Սեբաստացի սարկաւագը, որուն ապագայ գործունէութիւնը կը պահանջէ կանուխէն պատմել անոր նախընթացը: Մխիթար Պետրոսեան, եւ կամ աւազանի նախկին անունովը Մանուկ, 1676 փետրուար 7-ին ծնած Սեբաստիա քաղաքը, տեղական քահանաներու եւ վարդապետներու մօտ սկսած էր առնել առաջին ուսումները, մինչեւ որ Ս. Նշանի վանքին միաբան մտնելով, 1685-ին դպիր եւ 1691-ին սարկաւագ կը ձեռնադրուի` առաջնորդ Անանիա եպիսկոպոսէն ( ՄԽԻ. 57): Մայրաթոռի մէջ ընդարձակագոյն ասպարէզ գտնելու փափաքը, զինքն կը յորդորէ փոքրաւոր մտնել Էջմիածինի նուիրակ Միքայէլ եպիսկոպոսին մօտ, որուն հետ Սեբաստիայէ կը մեկնի 1691 դեկտեմբերին, եւ ձմեռնային ուղեւորութեամբ ու Կարին հանդիպելով Էջմիածին կը հասնին 1692 փետրուարին, Նահապետի կաթողիկոսութեան սկիզբը: Կարնոյ մէջ է, որ Մխիթար կը գտնէ Խոկումն քրիստոնէական լատիներէնէ թարգմանուած գիրք մը, 1687-ին Վենետիկ տպուած եւ բոլորովին հռոմէական ուղղութեամբ գիրք մը, զոր Միքայէլ եպիսկոպոս նախահոգ զգուշութեամբ պատանի սարկաւագին ձեռքէն կ՚առնէ: Կարին ալ մուտ գտած էին Լատին քարոզիչներ ու խիղճեր վրդովելու ճիգեր կը թափէին: Ստեփանոս Սեբաստացի ուխտաւոր մը, Մխիթարի ծանօթ, Էջմիածին կը հանդիպի նոյն օրեր, եւ Մխիթար կը հրապուրուի անոր հետ Հայաստանի սրբավայրերը տեսնել, եւ իր եպիսկոպոսէն գաղտնի հայրենակիցին հետ Էջմիածինէ կը մեկնի, երկու ամիս միայն այնտեղ մնալէ ետքը, եւ Խորվիրապի ուխտը կատարելով կ՚անցնին Սեւան կղզիին վանքը: Սեւանի եկեղեցւոյն մէջ տեղի ունեցած կ՚ըսուի Մխիթարի տեսիլքը, որուն վկան հարկաւ ինքն միայն է, եւ որուն մէջ Աստուածածին Մխիթարի կը խօսի, Խնդրէ Մխիթար ինչ որ կ՚ուզես, եւ Մխիթար կը պատասխանէ. Այն կ՚ուզեմ, տիրուհի, ինչ որ դու կ՚ուզես, եւ Աստուածածին ալ կը խոստանայ. Թող ըլլայ ուզածդ, եղիցի ( ՅՈԲ. 6): Մխիթարեանք այս տեսիլքին մէջ կ՚ուզեն տեսնել իրենց միաբանութեան հիմնարկութիւնը, եւ անոր հռոմէական ուղղութիւնը: Բայց պարագաներ շատ հեռու կը ցուցնեն այդ նպատակը 17 տարեկան սարկաւագին միտքէն, որ Էջմիածին եկած էր Մայրաթոռին մէջ բախտը գտնելու: Եւս առաւել չենք կարծեր որ ըսեն, թէ Սեւանի Աստուածածինը, որ այսչափ դարերէ իվեր հայադաւան եկեղեցւոյն մէջ էր, եւ Սեւանի հայադաւան միաբաններուն հովանաւորն էր, նա ալ միտքը փոխած ու հռոմէադաւան դարձած ըլլայ: Մխիթար վերը յիշուած Սեբաստացի ուղեւորին հետ նորէն Սեբաստիա երթալու համար Սեւանէ Կարին կու գայ, բայց Բասէնի վանքին առաջնորդ Մելքիսեդ եպիսկոպոս, զինքն վար կը դնէ տղայոց ուսուցչութեան համար, մինչ Կարնոյ Աւետիք եպիսկոպոսն ալ ամէն հնարք ի գործ կը դնէր զինքն որսալու, կը գրէ Մխիթարեանց պատմիչը ( ՄԽԻ. 77), այսինքն Կարինի մէջ պահելու, ինչ որ Աւետիքի անձնաւորութիւնը գիտնալով, Մխիթարի վրայ հաւատարիմ հայադաւանութիւն տեսնելուն վկայութիւն կրնայ համարուիլ:

1838. ԱՒԵՏԻՔ ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ

Կարնոյ առաջնորդ Աւետիք Եւդոկիացին, զոր առաջին անգամ յիշելու առիթ կ՚ունենանք, հռչակաւոր է պատմութեան մէջ, եւ հարկ կը սեպենք այժմէն անոր նախընթացը բացատրել: Բնիկ Եւդոկիացի, 1657 ապրիլ 7-ին ծնած, մինչեւ 15 տարեկան ըլլալը մեծ հօրը` հարիւրամեայ Սարգիս քահանային, եւ մկրտող Պետրոս քահանային մօտ քիչ շատ ուսման պարապած ըլլալով մէկտեղ, հօրը մօտ ջուլհակ եղած եւ զղումաշ գործելն սորված, եւ նշանակուած ալ էր: Յակոբ Պէլէնկցի եպիսկոպոսին նուիրակութեան առթիւ, կուսակրօն եկեղեցականութեան փափաքը կը զարթնու, եւ նոյն վարդապետին աշակերտութեան կը մտնէ, եւ 3 տարի ետքը Փայաս գտնուած ատեննին, սարկաւագ կը ձեռնադրուի 1675-ին: Միշտ Պէլէնկցիին նուիրակական շրջագայութեանց հետեւելով, 1689-ին Սեբաստիա կը գտնուի Յակոբ կաթողիկոսի անկէ անցած ատեն ( § 1790): Պէլէնկցին կաթողիկոսին հետ Կ. Պոլիս կ՚երթայ, եւ Աւետիք իր վարդապետէն բաժնուելով, Երուսաղիմացի Սահակ եպիսկոպոսին հետ Էջմիածին կու գայ, եւ անոր հետ ետ դառնալով` Երզնկայի Կապոսու կամ Կայիփոսի Ս. Յակոբ վանքին մէջ աբեղայ եւ վարդապետ կը ձեռնադրուի, եւ նոյն վանքին առաջնորդ կը նշանակուի: Ասկէ կը ծագի Աւետիքի` Երզնկացի կոչուիլը (74. ԱՐՐ. 74): Ոչ միայն այս վանքը, այլեւ Տիրանաշէն Ս. Նշանի, կամ Տիրաշէն Ս. Ներսէսի վանքն ալ կը նորոգէ, եւ Երզնկայի Մարիամ Աստուածածին յանգեալ եկեղեցին ալ նորոգելու կը ձեռնարկէ (74. ԱՐՐ. 75): Յանկարծ Եէնիչէրիներու ըմբոստութիւնը կը բորբոքի, որոնք յոյժ եարամազ էին, քրիստոնէից զտղայքն կու պղծէին, եւ աւազակութիւն առնէին, եւ Աւետիքն ալ երկու տեղաց խանչարով խոցոտեցին, որ պարտաւորուեցաւ 40 օր ի մահիճ մնալ: Առողջանալէն ետքը Կ. Պոլիս կու գայ, եւ պատշաճ հրամանները հանել տալով, եւ զինուորական գունդ ալ բերել տալով ըմբոստութիւնը զսպել կու տայ: Ասոր վրայ հակառակորդներ կը գրգռուին եւ զինքը կ՚ամբաստանեն իբրեւ անհրաման եկեղեցի շինող, եւ Կարնոյ կուսակալին հրամանով կը բանտարկուի եւ կոճղի կը զարնուի, եւ երեք օր անսուաղ կը թողուի Կարնոյ մէջ: Անկէ ետքը ատեան հանուելով իր արդարացման պէտք եղած պաշտօնագիրները կը ներկայէ, եւ Ֆէյղուլլահ դատաւորին վճռով ազատ կ՚արձակուի, եւ Երզնկա կը դառնայ եկեղեցւոյն շինութիւնը շարունակելու: Այս միջոցին Երզնկայի մէջ Սահակ Կիւմիւշխանացի վարդապետէն ծայրագոյն գաւազան կ՚ընդունի, եւ անկէ Էջմիածին անցնելով Եղիազարէ եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի 1691-ին 35 տարեկան եղած ատեն: Երբոր Երզնկա կը դառնայ ուղղակի իր կեանքին կը սպառնան, որով հազիւ տուն մը կը պահուըտի շարունակ վախի մէջ: Յանկարծ դատաւորը` որ իր գլխաւոր հակառակորդն էր, ընտանեօք կը հիւանդանայ, եւ զինքն աստուածային պատուհասի ենթարկուած տեսնելով, բացարձակ հրաման կու տայ եկեղեցին շինել եւ դրամական եւ նիւթական նպաստ ալ կը ղրկէ: Սակայն Եէնիչէրիներու ըմբոստութիւնը կը նորոգուի, եւ Աւետիք Էջմիածին կ՚ապաւինի, ուր 4 ամիս միայն մնալով Նահապետ կաթողիկոսի հրամանով Կարնոյ առաջնորդութեան կը ղրկուի 1691-ին վերջերը (74. ԱՐՐ. 115): Այդ միջոցին է ահա որ Մխիթար Բասէնի վանքը կը հաստատուէր, եւ զոր Աւետիք կ՚ուզէ եղեր իրեն որսալ: Եւ որովհետեւ Աւետիք կաթողիկէ Հայոց հալածումին նախաձեռնարկը, եւ սկիզբէն իվեր նախանձայոյզ հաւադաւան մը ցուցուած է ( ՄԽԻ. 61), պէտք է ընդունին իրենները` թէ Մխիթարի վրայ կաթողիկոսութեան միտում չէր տեսնուեր տակաւին:

1839. ՄԽԻԹԱՐԻ ՊՏՈՅՏՆԵՐԸ

Մխիթար սարկաւագը տարի մը միայն Բասէնի վանքին մէջ մնալէ յետոյ, 1693-ին Սեբաստիա Ս. Նշանի վանքը կը դառնայ, եւ կը մնայ իբրեւ միաբան, մինչեւ որ իր պաշտպան Անանիա եպիսկոպոսին տեղ կ՚անցնի Սահակ Կեսարացի վարդապետը: Մխիթար անկէ տժգոհելով, նորէն ուրիշ տեղ բախտ փնտռելու կ՚ելլայ, եւ Յովնան Եւդոկիացի վարդապետին հետ 1695 մարտին կը մեկնի Երուսաղէմ Հայոց վանքը երթալու: Բայց Բերիոյ մէջ երկուքն ալ կը սկսին շփուիլ Լատին աբեղաներու հետ, որոնցմէ Անտոն Պովոլիէ Յիսուսեան միաբանութենէն, զիրենք կը գրաւէ, եւ Հռոմ յղելու եւ գիտնական դարձնելու խոստումներով երկուքն ալ հռոմէականութեան կը միտեցնէ ( ՄԽԻ. 95): Գոնէ այս կը ցուցուի Մխիթարի հռոմէականութեան յարելուն շարժառիթն ու սկզբնաւորութիւնը, թէպէտ տակաւին զայն հայադաւան եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ կը գտնենք, իբրեւ լատինասէր Հայ մը, եւ ոչ երբեք իր եկեղեցիէն բաժնուած կաթոլիկ մը: Հռոմին անունէն եւ Եւրոպայի համբաւէն գրաւուած Մխիթար` Երուսաղէմը կը մոռնայ, եւ Բերիայէն կ՚իջնէ Իսքէնտէրուն որ է հին Աղեքսանդրիա Իսոսի կամ Փոքր Աղեքսանդրիան, անկէ ալ Կիպրոս կ՚անցնի, եւ Կիպրոսէ նաւ մտնելէն ետքն ալ` նորէն միտքը կը փոխէ, եւ դուրս կ՚ելլէ եւ Կիպրոս կը դառնայ, եւ առաջին պատեհով Սելեւկիոյ նաւահանգիստը կ՚անցնի, եւ Անտիոքի ու Բերիոյ ու Այնթապի ճամբով Սեբաստիա կը դառնայ 1695 նոյեմբերին, եւ Ս. Նշանի վանքին միաբանութիւնը կրկին կը շարունակէ: Այնտեղ 1696-ին Զատիկէն ետքը, որ ապրիլ 12-ին հանդիպած էր, քահանայական ձեռնադրութիւն կ՚ընդունի Կեսարացի Սահակ եպիսկոպոսէն: Աստիճանը իրեն համարձակութիւն կու տայ լատինասէր կուսակցութեան կողմը բռնելու, բայց հակառակութիւններ կը գրգռէ իր դէմ, կը պարտաւորուի խոյս տալ, եւ Եւդոկիա ու Ակն դեգերելէ ետքը, նորէն Սեբաստիա կը դառնայ, լսելով որ մեռած է Ծառուկ վարդապետը, զոր իբր անձնական հակառակորդ նկատած էր: Բայց Սեբաստիան բաւական չէր իր ձգտումներուն գոհացում տալ, եւ աչքը կը սեւեռէ մայրաքաղաքին եւ պատրիարքութեան կեդրոնին, հոն ընդարձակելու համար իր ասպարէզը, եւ 1698-ին ապրիլին Կ. Պոլիս կը մտնէ ( ՄԽԻ. 117), տակաւին 22 տարեկան նորընծայ վարդապետ մը:

1840. ՇՓՈԹ ԱԿՆԱՐԿ

Այս միջոցին անցողակի յիշատակ մը կը գտնենք Սարգիս դպիրէ նշանակուած ( ՍՐԳ. ), թէ Ղասիտէճի կաթողիկոսն Սըսայ, որ կախելոց էին, թրքացաւ ՌՃԽԵ=1696 յունիս 5 շաբաթ օր, թէպէտ շաբաթ օրը յունիս 6-ին կ՚իյնայ: Այդ տարին Կիլիկիոյ կաթողիկոս գիտենք Մատթէոս Սարին ( § 1849), որուն Ղասիտէճի մականունը տրուած չէ ուրիշ տեղ: Թէպէտ նա իվերջոյ ուրացաւ, բայց 1707-ին, եւ ոչ 1696-ին: Ըստ այսմ մեզի համար անլուծանելի կը մնայ խնդիրը, թէ արդեօք թուականներու շփոթութիւն մըն էfl, թէ ոչ տարբեր կաթողիկոս մըն է որ նեղը ինկած մէկ պահուն այդ վախճանը ունեցաւ:

1841. ԵՓՐԵՄ ՂԱՓԱՆՑԻ

Կոստանդնուպոլսոյ մէջ պատրիարքական աթոռի վրայ կը գտնուէր Եփրեմ Ղափանցին 1694-էն ի վեր ( § 1829), հայադաւանութեան համարձակ պաշտպան մը, եւ լատինամիտներուն յայտնի հակառակորդ, սակայն այդ միջոցին պատմութիւնը անոր չի վերագրեր խստութեան գործեր: Հետեւաբար չարդարանար, վասն սաստիկ բարուցն ( ՉԱՄ. Գ. 727), կամ իրեն դաժան բնաւորութեան պատճառաւ ( ՄԽԻ. 118), պաշտօնանկ եղած ըլլալու բացատրութիւնը, քանի որ շատ յայտնի են պատրիարքութիւնը իրարու ձեռքէ խլելու տիրող մրցակցութիւնը, եւ պատրիարքներու շարունակ փոփոխութիւնը: Անհիմն ասացուած պիտի նկատուի նաեւ Ստեփանոս Ջուղայեցիէն իր բանտարկութեան ատեն նամակ գրուիլը Եփրեմին` Նահապետի հռոմէականութիւնը մեղադրելով, եւ այս պատճառով Եփրեմի Նահապետի դէմ գրգռուիլը, բայց գահընկէց ըլլալուն պատճառով բան մը ընել չկրնալը: Վասնզի ոչ միայն շատ դժուար էր Ստեփանոսի իր խիստ բանտարկութեան միջոցին Կ. Պոլիս նամակ հասցնել, այլ եւ Նահապետ աթոռ վերադարձաւ 1696-ին, Եփրեմի գահընկեցութենէն երկու տարի առաջ ( § 1836): Նահապետի իշխանութիւնն ալ Օսմանեան կառավարութենէ ճանչցուեցաւ հրովարտակով, որ չէր կրնար կատարուիլ առանց Եփրեմի միջնորդութեան: Ստոյգն այն է որ Եփրեմն ալ պիտի չկարենար երկար ատեն դէմ դնել նոր մրցակիցներու եւ պաշտօնանկ եղաւ Մխիթարի Կ. Պոլիս հասնելէն ամիս մը ետքը, 1698 մայիսի առաջին շաբաթ օրը, որ 6-ին ըսուած է, բայց 7-ին պիտի ուղղուի, եւ ոչ 8-ին ( ՉԱՄ. Գ. 327): Յաջորդը Մելքիսեդեկ եպիսկոպոս, Սուպհի Շայիր մականուանեալ, որ կը ցուցնէ թէ շայիր կամ աշուղ մըն էր, եւ Սուպհի իր կեղծանունն էր, ինչպէս սովորութիւն է ամէն աշուղներու կեղծ անուն մը ունենալ: Պատրիարքութեան բարձրացող եպիսկոպոսի մը` երգաբանութեան հետեւիլը զարմանալի պէտք չէ երեւայ, վասնզի երգի ճիւղը ժամանակին բարձրագոյն գրականութիւնն էր, եւ կանուխէն ալ այդ ճիւղին մէջ յառաջացած տեսանք Յովհաննէս Թլկուրանցի ( § 1525) եւ Գրիգոր Աղթամարցի ( § 1556), կաթողիկոսները: Մելքիսեդեկի օրով ալ կը շարունակուէին Կ. Պոլսոյ մէջ Հայու ու Ֆրէնկի անվերջ վէճերը, եւ եկեղեցականներէն ալ այս ու այն կողմի պաշտպաններ կը յայտնուէին համարձակ, բայց տակաւին խտրականութիւններ զօրացած չէին, եւ նոյնիսկ հռոմէական դպրանոցի մէջ ուսում առնող աբեղաներ, իբրեւ Հայոց եկեղեցւոյ վարդապետներ պաշտօնավարութեան կը մտնէին, ինչպէս Խաչատուր Կարնեցի կամ Խաչատուր Առաքելեան` Փրօփականտայի դպրանոցին աշակերտը, որ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցին քարոզչութիւն կ՚ընէր, եւ Մայր եկեղեցւոյ բեմն իսկ կը բարձրանար:

1842. ՄԽԻԹԱՐ Ի Կ. ՊՈԼԻՍ

Մխիթար Սեբաստացին ալ, որ Կ. Պոլիս հասնելուն, յայտնապէս Խաչատուրի կը յարէր եւ Հռոմ երթալու միտքը կը մշակէր, առանց դժուարութեան Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյն մէջ քարոզելու կ՚արտօնուէր Մելքիսեդեկ պատրիարքէն: Ղալաթիոյ դիրքէն կ՚օգտուէր Մխիթար դիւրին շփումներ ունենալու Լատիններուն հետ, եւ իրենց զարգացման դուռ մը բանալ Արեւմտեայց մերձաւորութեամբ, ինչպէս զինքը կը քաջալերէին Խաչատուր Կարնեցին եւ Յովհաննէս Վերզոյ Յիսուսեանց միաբանութենէն` Բերիայէ ծանօթ լատին աբեղայ մը: Մխիթարի ներքին ոգին ճշդելու համար աւելորդ չէ դիտել, թէ նա խտրականութիւնը հեռացնելու համար, խաղաղութեան եւ եղբայրութեան քարոզներ կը խօսէր` Հայ ու Ֆրէնկ անուններով մաքառող կուսակցութեանց, որով նոյնիսկ Հայութիւնը պաշտպանողներ` մենք քեզի հետ գործ չունինք կ՚ըսէին Մխիթարին ( ՅՈԲ. 17): Ասիկա Մխիթարին միջասահման անտարբեր մը լինելը կը հաւաստէ, եւ իրաւունք ունին որոնք իրեն կը պատշաճեցնեն Լամբրոնացիին առածը, թէ է ինձ Հայն որպէս զԼատինացին, եւ Լատինացին որպէս զՀելլենացին ( ՄԽԻ. 119), որ ոչ թէ լատինացի կամ հռոմէադաւան եղած ըլլալը կը նշանակէ, այլ հարազատ հայադաւանութեամբ հռոմէադաւանին եւ յունադաւանին ալ հանդէպ ազատական եւ թոյլատու համոզում, եւ համոզումին համաձայն ընթացք եւ վերաբերութիւն ունենալը: Մխիթարի Կ. Պոլիս մնալը 5 ամիս միայն կը տեւէ ( ՄԽԻ. 121) եւ 1698 սեպտեմբերին, նորէն բախտ փնտռելու փափաքով կը մեկնի Կ. Պոլսէ, ուր մտադրած ասպարէզը չէր գտած, եւ կը խորհի դառնալ Հայաստանի ներքին գաւառները, ուր կանուխէն տեսած էր շարժումի միտումներ եւ նոր ձեռնարկներու նշաններ:

1843. ԻՍՐԱՅԷԼ ՕՐԻ

Յակոբ Ջուղայեցի կաթողիկոսին հետ, 1679-ին վերջը Կ. Պոլիս եկող պատգամաւորութեան անդամակիցներէն մէկուն փոխանակ Արցախ դառնալու, 1680-ին Եւրոպա անցնելով Գաղղիոյ մէջ զինուորական արուեստին հետեւած ըլլալը յիշած ենք, եւ այս մէկն էր Պռօշ իշխանին որդին Իսրայէլ Օրի ( § 1797): Իսրայէլ անսովոր անուն չէ Հայերու մէջ, բայց Օրի մականունը հայերէն չի հնչէր, եւ հարկաւ Եւրոպայի մէջ զայն իւրացուցած է Իսրայէլ, ով գիտէ ինչ նշանակութեամբ: Մեր կարծիքով դժուարին է ենթադրել թէ Ori, տառաշրջութիւնն ըլլայ Roi գաղղիերէն բառին, որ թագաւոր կը նշանակէ, եւ թէ ամբողջ Israel Ori անունը, il sera roi, Նա թագաւոր կը լինի իմաստով գործածուած ըլլայ ( ԼԷՕ. Բ. 265): Օրի 12 տարի ծառայեց Գաղղիական բանակին, եւ մինչեւ սպայի աստիճան բարձրացաւ, եւ Գաղղիացի գունդերու հետ պատերազմներու ալ մասնակցեցաւ, եւ եղաւ կատարելապէս Եւրոպացի մի անհատ, իր արեւելցի ծագումը եւ նկարագիրը անյայտացնելու չափ: Յիշուած 12 տարիներուն վերջը պատերազմի գերի ինկաւ Անգղիացւոց ձեռքը, եւ առիթ ունեցաւ Անգղիան ալ ուսումնասիրել եւ Անգղիացւոց ընտելանալ: Երբոր ազատութիւն ստացաւ, Գաղղիա չվերադարձաւ, այլ այս անգամ Գերմանիա անցաւ` Պալատինիոյ կայսրընտիր իշխանութեան, ուր 1688-էն ի վեր յաջորդութեան պատերազմ կը մղէր Փիլիպպոս-Գուլիէլմոս իշխանը, եւ վերջապէս ազգատոհմին իրաւունքը կ՚ամրապնդէր Յովհան-Գուլիէլմոս իր որդին 1697-ին (Johan-Wilhelm): Անոր ծառայութեան մէջ կը գտնուէր Օրի, եւ զանազան քաղաքներու մէջ կառավարչութեան պաշտօն վարած էր ( ԼԷՕ. Ա. 423), երբ օգտուելով Յովհան-Գուլիէլմոսի հետ ստացած մտերմութենէն, Օրի Գուլիէլմոսի ռազմիկ ձգտումները գրգռեց եւ Արեւելքի մէջ ընդարձակ գործի ասպարէզ, եւ նոր թագաւորութեան ակնկալութիւն փալփլեցուց անոր աչքին: Յովհան-Գուլիէլմոս գրաւուեցաւ եւ գործին ձեռնարկելու ալ որոշում տուաւ, վստահանալով Լէոփոլտ Ա. կայսեր օգնութեան, որ իր քենեկալն էր: Օրի արդէն Գաղղիա եղած ատենէն հռոմէականութիւնը ընդունած էր, եւ լաւ գիտնալով թէ ինչպէս կրօնափոխութիւնը հիմնական պայման մըն էր եւրոպական արքունիքներուն առջեւ յաջողելու, եւ կրօնականներու ու պապութեան հովանաւորութիւնն ստանալու, համարձակեցաւ խոստանալ եւ վստահեցնել` Հայ եկեղեցին հռոմէականութեան բերելու: Պարագաներն ալ յաջող կ՚երեւնային նոր ձեռնարկին, վասնզի 16 տարիներէ ի վեր պատերազմներ կը շարունակէին Եւրոպիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ, որոնք եթէ 1695 փետրուար 6-ին Մուսթաֆա Բ. -ի` իր մօրերբօր Ահմէտ Բ. ի յաջորդելէն ետքը, պահ մը Օսմանեանց յաջող կողմեր ունեցան, բայց վերջապէս 1697-ին Ծէնթայի ճակատամարտը Օսմանեաց աղետաբեր եղաւ, եւ Եւգինէոս Սավոյացւոյն (Eugenio di Savoia) տարած մեծ յաղթանակը, ստիպեց Օսմանցիները հաշտութեան հաւանիլ: Այդ մասին բանակցութիւններ սկսած էին` Աւստրիոյ, Թուրքիոյ, Ռուսիոյ, Վենետիկի եւ Լեհաստանի լիազօրներու մէջ իբրեւ պատերազմիկներ, որոնց հետ էին Անգղիոյ եւ Հոլանտիոյ լիազօրներն ալ իբրեւ միջնորդներ ( ԺՈՒ. 312): Այդ պարագաներուն մէջ էր որ Յովհան-Գուլիէլմոս մտածեց Օրին Լէոփոլտ կայսեր մօտ յղել պարտուպատշաճ գիրերով եւ հրահանգներով: Օրի 1698 օգոստոս 2-ին Տիւսսէլտօրֆ (Dusseldorf) քաղաքէն մեկնեցաւ դէպի Վիէննա` կայսեր ներկայանալու, որպէսզի հրահանգներ տրուին Քարլօվից (Karlowitz) հաւաքուած լիազօրներուն: Քարլօվիցի դաշնագիրը 1699 յունուար 26-ին կնքուեցաւ` երկարատեւ բանակցութիւններէ ետքը, 25 ամեայ խաղաղութեան պայմանաժամով, բայց անոր մէջ Հայոց մասին ակնարկ չկար, վասնզի ծրագրեալ ձեռնարկը Պարսկական Հայաստանին համար էր, եւ ոչ Օսմանեան Հայաստանին համար: Իսկ Օրի հարկաւ քաջալերական խօսքեր լսեց, որ Յովհան-Գուլիէլմոսէ Հայ ու Վրացի իշխաններուն ուղղուած գիրերով ուղեւորեցաւ Հայաստան: Աւելորդ չսեպուի կրկնել, թէ Օրի Եւրոպացի ասպետի անունով կը ճամբորդէր, իր իսկութիւնը ծածկելով:

1844. ՆԱՀԱՊԵՏ ԵՒ ՕՐԻ

Օրի իր ուղեգիծը նախ Լեհաստանի եւ Ռուսաստանի վրայով սկսաւ, բայց ձմեռնային արգելքներու պատճառաւ փոխեց դէպի Մոլտավիա եւ Սեւ ծով, եւ հոն ալ դժուարութեանց բաղխելուն, Ադրիանուպոլիսի եւ Կոստանդնուպոլիսի գիծը ընտրեց: Առաջին քաղաքին մէջ Գաղղիոյ դեսպանին հետ տեսակցեցաւ, իսկ մայրաքաղաքի մէջ մեծ եպարքոսը տեսաւ, արքունիքն ալ պտտեցաւ, միշտ յանծանօթս: Մելքիսեդեկ պատրիարքին ալ ներկայացաւ ( ԼԷՊ. Ա. 425), որուն պէտք չտեսաւ ծրագիրը յայտնել, յաջողութեան նշոյլ չտեսնելով մայրաքաղաքի յուզուած Հայութեան վրայ, եւ միայն Ասիական գաւառներով ճամբորդելու դիւրութիւններ ստացաւ ու մեկնեցաւ: Ցամաքային ուղեւորութեան մէջ ոչ զինքն յայտնեց, եւ ոչ իր նպատակին մասին խօսեցաւ, եւ շիտակ Երեւան հասաւ 1699 ապրիլ 4-ին, աւագ Երեքշաբթի օր, իսկ եթէ նոր տոմարով հաշուենք, կը հանդիպի մարտ 25-ին, Մուտն ի վիրապ յիշատակին: Չարքաշ զինուորականը հոգ ըրած պիտի չըլլայ ձմեռնային եղանակին ճամբորդել ներքին գաւառները: Ամէնէն կարեւոր կէտը կար այստեղ իր առաջ: Եւրոպայի օգնութեան դիմելու եւ Եւրոպայի հաճոյական ձեւեր ալ գործածելու միտքը ընդգրկած էին հաւասարապէս Յակոբ եւ Եղիազար եւ Նահապետ, եւ քաղաքավարի եւ քիչ մըն ալ շողոքորդ գիրեր ստորագրած էին, իսկ այս անգամ Օրի հռոմէադաւանութեան բացարձակ պայմանը կը բերէր, եւ պէտք էր այդ կէտին վրայ կաթողիկոսին հաւանութիւնը ստանալ: Բայց Հայ քաղաքական գործիչը հեռացաւ Էջմիածնից բոլորովին հիասթափուած ( ԼԷՕ. Ա. 427), չկրցաւ կաթողիկոսը համոզել եւ դաւանափոխութեան հաճեցնել: Կաթողիկոսը բացէբաց մերժեց կաթոլիկանալու միտքը ( ԼԷՕ. Ա. 428): Հարկաւ Նահապետ չէր կրնար չյիշել որ Լատին քարոզիչներ Նոր-Ջուղայի Հայ տպարանը փակել տուեր էին, իսլամութեան դէմ հրատարակութիւններ ընելու քսութեամբ, եւ իրենց աշակերտող Շահրիմանեանց տունը` Հայ ազգային շահերուն դէմ շարժեր էին: Այդ պարագան, որ պատմական է, պէտք է դնենք Չամչեանի պատմութեան հանդէպ, որ կը գրէ, թէ Իննովկենտիոս ԺԲ. պապ, Նահապետի 1695 սեպտեմբեր 5-ի նամակը առնելով` պատասխանը ուշացուցած էր կաթողիկոսի գահընկէցութեանը պատճառով, եւ թէ աթոռ դառնալէն ետքը, պատասխանը ղրկած էր Խաչատուր Կարնեցիի ձեռքով, եւ ազնիւ ընծաներ եւ աթոռ մի փառազարդ ալ միատեղ: Ասոնց հետ Կալանոսի գիրքէն օրինակ մըն ալ, որ Հայերու վերագրուած մոլորութիւնները կը հերքէ, եւ թէ Նահապետ ալ ամենայն հպատակութեամբ կատարեալ կաթոլիկութեան գիր մը յղած էր 1699-ին, որուն բնագիրը Հռոմի մէջ չգտնուելով, Մխիթարեանց ձեռք ինկած կ՚ըլլայ ( ՉԱՄ. Գ. 726), ուսկից կազմուած է լատիներէն թարգմանութիւնը ( ԱԶԱ. 132): Օրիի եւ Նահապետի միջեւ կատարուած եղելութիւնը, զօրաւոր փաստ է հաստատելու մեր կարծիքը, թէ Հայոց կաթողիկոսներ քաղաքական օգնութեան եւ նիւթական նպաստի յոյսով, դժուարութիւն չէին զգար լոկ խօսքով հաճոյակատար ըլլալ, առանց իրենց դիրքէն շարժուելու. եւ առ առաւելն այսպէս եղած կրնայ ըսուիլ Նահապետի ընթացքը իր առաջին նամակովը: Իսկ այս վերջին նամակին գոնէ Հռոմի դիւաններուն վկայութիւնն ալ կը պակսի. իսկ ընծաներն ու աթոռը զրոյցէ մը աւելի չեն: Ինչ որ Չամչեանի պատմութեամբ` իբրեւ Իննովկենտիոսէ Նահապետի ընծայուած աթոռ կը ցուցուի, հայրապետական աթոռի կաթողիկէ մըն է, կամ սիւներու վրայ ամպովանի մըն է, կատարելապէս Արեւելեան գործուած Էջմիածինի կաթողիկէներուն նմանութեամբ, եւրոպական ոճէն եւ արհեստէն օտար, եւ որ աւելին է վրան հայերէն տառերով: Պետրոս եպիսկոպոս անունը կը կարդացուի ( ՄՈՎ. 281), որ անշուշտ նուիրողին, կամ նուիրող հասարակութեան առաջնորդին արձանագրութիւնն է: Արդ միեւնոյն 1699 տարին տեղի ունեցած է Նահապետի պաշտօնական եւ բացարձակ մերժումը հռոմէադաւանութեան հետեւելու, նոյնիսկ Հայոց իշխանութեան վերականգնումին եւ եւրոպական զինեալ պաշտպանութեան խոստումին հանդէպ ( ԼԷՕ. Ա. 428): Աւելի խօսիլ պէտք չենք տեսներ այդ մասին: Կը բաւականանք նկատել տալ, որ Զաքարիա Քանաքեռցի, Խաչատուր Ջուղայեցի, եւ Սիմէոն Երեւանեցի, բնաւ տեղեկութիւն չունին Նահապետի վերագրուած ենթադրական եղելութիւններէն:

1845. ՕՐԻԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐԸ

Հաւանական է որ Օրի` Նահապետ կաթողիկոսին ալ ինքզինքը յայտնած չըլլայ, վասնզի Էջմիածինէ իր տունն ալ երթալով, ինքզինքը ծածկեց, նոյնիսկ իր քրոջ ու եղբայրներուն գորովին հանդէպ ամուր մնալով, որոնք Եւրոպացի օտարականէն իրենց կորսուած եղբօր վրայ լուր կը փնտռէին ( ԼԷՕ. Ա. 429): Բայց ինքզինքը յայտնեց Անգեղակոթի իշխան Մելիք Սաֆրազին, որ Էջմիածինի 1678ի խորհրդակցութեան մասնակցողներէն էր ( § 1790), եւ ազգային ձեռնարկին սիրոյն` զայն հաշտեցուց գլխաւոր մելիքներէն Մարտիրոսեան Ամիրի հետ: Մելիքներն ալ հաւաքեց Անգեղակոթի մէջ, եւ տեղական ոյժերուն եւ դիրքերուն վրայ տեղեկութիւններ քաղեց, եւ դաւանափոխութեան համոզեց: Սակայն կրօնական պետի մը հովանաւորութիւնը անհրաժեշտ էր, եւ այս միտքով Գանձասար նստող Աղուանից Սիմէոն կաթողիկոսին դիմեց, բայց նա ալ իր միաբանութիւնով մերժողական պատասխան տուաւ, միայն Մեծիրանից Ս. Յակոբի վանահայր, Մինաս Տիգրանեան վարդապետը գտնուեցաւ Օրիին համաձայնող, եւ անոր հետ իբր Հայ եկեղեցականութեան ներկայացուցիչ Եւրոպա երթալու յանձնառու ( ԼԷՕ. Ա. 434): Անցողաբար յիշենք թէ այս միջոցին Աղուանից երկիրը բաժնուած էր Սիմէոն եւ Երեմիա կաթողիկոսներուն միջեւ, որոնք անգամ մը հաշտուելէ յետոյ նորէն գժտուած էին, եւ որչափ ալ Էջմիածին Երեմիայի կողմն էր, սակայն միշտ աւելի ազդեցիկ դիրք կը պահէր Սիմէոն ( ՋԱՄ. 81): Ամսուան մը մէջ Օրին ոգեւորեց ամբողջ Արցախի լեռնականները, որոնք տեղական շարժումով եւ Եւրոպական արշաւանքով իրենց փրկութիւնը մօտալուտ կը տեսնէին, եւ սիրայօժար կը ստորագրէին որչափ թուղթեր` որ Օրին կը պատրաստէր, պապին, կայսեր, կայսրընտիրին, եւ ուրիշ կարեւոր անձանց: Եւրոպայէ գալիք արշաւախումբին անհնար լինելով Թուրքիայի վրայէն անցնիլ, Քարլօվիցի հաշտութեան հետեւանօք ( § 1843), պէտք էր որ այն Ռուսաստանի ճամբով Կովկաս իջնէր, կայսրընտիր Յոհան-Գուլիէլմոսի հրամանատարութեամբ: Հոգ չէր ալ եթէ շատ մեծ չըլլար գալիք գունդը, զի Օրին կ՚երազէր որ Հայերը պիտի կարենային հայթայթել ամէն տեսակ մթերք եւ 10, 000 հեծեալ ( ԼԷՕ. Ա. 441), եւ 200, 000 պատերազմող մարդ ( ԼԷՕ. Ա. 443), մէկտեղ հաշուելով Վրացիներն ալ եւ Օսմանեան գաւառներէ եկողներն ալ. մինչ Պարսկական ոյժերը շատ չնչին էր համարում ( ԼԷՕ. Ա. 444): Այս նախապատրաստութիւնները լրացնելով եւ գործը ապահովուած կարծելով, Իսրայէլ Օրի` Մինաս վարդապետի հետ 1699 ամառուան մէջ դարձաւ Յովհան-Գուլիէլմոսի մօտ, զոր ոգեւորեց իր լաւատես տեղեկութիւններով, եւ նորա հրահանգով եկաւ Լէոփոլտ կայսեր մօտ 1699 աշնան միջոցին: Կայսրը թէպէտ Սպանիոյ յաջորդութեան խնդիրով զբաղուած, բոլորովին չմերժեց օգնելու առաջարկը, այլ զգացուց Ռուսիան միասին ունենալու անհրաժեշտութիւնը, եւ հրահանգեց դիմել Պետրոս կայսեր, եւ պատշաճ յանձնարարականներով ճամբայ հանեց 1700 գարունին: Օրին պէտք ունեցաւ նորէն իր պաշտպան կայսրընտիրին դառնալ, եւ անկէ ալ հրահանգուելով եւ յանձնարարուելով մեկնեցաւ դէպի Ռուսիա: Հայաստանի մելիքներուն ոգին ալ վառ եւ միտքերնին հաստատ պահելու համար, Օրի պէտք տեսաւ Յովհան-Գուլիէլմոսի կողմէն նամակ հասցնել անոնց, վստահացնելով թէ Աստուած Օրիին է ընտրել հայրենիքի մեծ եւ սուրբ գործը գլուխ հանելու համար ( ԼԷՕ. Բ. 227):

1846. ՕՐԻ Ի ՌՈՒՍԻԱ

Երբոր Օրի եւ Մինաս Մոսկուա հասան, 1701 յուլիս 11-ին, Ռուսեր այն տագնապներու մէջ էին, որոնք հետեւեցան 1700 նոյեմբեր 19-ին Նարվայի ճակատամարտին մէջ Շուետացիներու կողմէ կրած պարտութիւններուն: Եկող պատուիրակներ յանձնարարականներ ունէին կայսրէն եւ կայսրընտիրէն եւ Լեհաց Օգոստոս Բ. թագաւորէն եւ Նազար Օրեխովիչ հայազգին Լեհաստանէ միասին առած էին իբրեւ տեղական լեզուներու թարգման: Հակառակ ներքին տագնապին, Պետրոս կայսր մտադրութիւն դարձուց իր ոտքովը եկող առաջարկին, որ իրեն դուռ կը բանար դէպ հարաւ ալ ընդարձակել իր կայսրութիւնը, երբ մեծամեծ ճիգերով կ՚աշխատէր դէպ հիւսիս տարածուիլ, եւ Պալթիկէն ծովային հաղորդակցութիւններ կազմակերպել: Պետրոս յատուկ պաշտօնէութիւն մը նշանակեց եկող պատգամաւորութենէն, զոր իբրեւ կայսեր եւ կայսրընտիրի դեսպան կը նկատէր ( ԼԷՕ. Ա. 228), որ պէտք եղած տեղեկութիւնները քաղէ Հայաստանի կացութեան, Պարսից զօրութեան, եւ Եւրոպիոյ օգնութեանց մասին: Պաշտօնէութեան գլուխն էր Գոլով ռուս իշխան, եւ թարգման էր Նիկողայոս Սբօթարիուս Յոյնը ( ԼԷՕ. Բ. 235): Օրի միշտ նպաստաւոր, եւ չափազանցեալ նպաստաւոր տեղեկութիւններ կը հաղորդէր գրաւոր եւ բերանացի, այնպէս որ Պետրոս յատուկ պաշտօնեայ մը կը յղէր Պարսկաստան, Վասիլ Քուչուկով անուն, որպէսզի տեղւոյն վրայ ստուգէ կացութիւնը ( ԼԷՕ. Բ. 240): Այս բանակցութեանց վրայ` պաշտօնական պատգամաւորութիւն մըն ալ Պարսկաստան յղելու միտքը ծագեցաւ, մինչեւ իսկ Պարսկաստանի ամրութեանց յատակագիծները ունենալու պէտքը զգացուեցաւ, բայց այդ գործերուն կատարումը կայսրընտիրին թողուեցաւ: Այս պատճառներով գործը կը ձըգձգուէր, մանաւանդ 1701 դեկտեմբերին Շուետական պատերազմին մէջ Ռուսերուն տարած յաղթանակը` բոլորովին այն կողմը դարձուց Պետրոսի մտադրութիւնը ( ԼԷՕ. Բ. 241): Օրի ձգձգումներէ յօգնած, ռուսական բանակին ծառայութեան մտնելու միտքը յղացաւ, որուն պատասխան ստացաւ Պետրոսէ 1702 մարտին, թէ Շուետական պատերազմէն ետքը անպատճառ իր ձեռքը կ՚առնէ այն գործը ( ԼԷՕ. Բ. 242): Օրի եւ Մինաս ուրախութենէ արտասուելու հասած, այս աւետիսը ամէն կողմ հաղորդելու համար, Նազար Օրեխովիչ թարգմանը կայսրընտիրին, եւ Միւռոն Վասիլեւսքի հայազգի հարիւրապետը` իրենց բարեկամ մելիքներուն յղեցին: Համակիր պատասխաններ առին կայսրընտիր Յովհան-Գուլիէլմոսէ 1702 աշունին, իսկ Սաֆրաստի եւ բարեկամ մելիքներուն մօտէն դարձաւ Վասիլեւվսքի 1703 գարունին: Սակայն եկած պատասխանները յուսադրութենէ անդին չէին անցներ: Կայսրընտիրը` Սպանիոյ եւ Գաղղիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ սկսած պատերազմին պատճառով իր անմիջական ձեռնարկը անհնար կը տեսնէր, իսկ Պետրոս Մեծն, որ նոյն օրեր, 1703-ի գարունին, Սանկդ-Պետերսբուրգ (Sanct Petersbourg) քաղաքին հիմերը կը դնէր, բոլորովին այդ գործով էր գրաւուած: Օրի հասկացաւ թէ իր մտածած ձեռնարկը առ այժմ չի կրնար սկսիլ, նոր գաղափար յղացաւ Եւրոպա դառնալ, եւ պապին կողմէն Պարսկաստանի դեսպան նշանակուիլ, եւ այս կերպով աւելի դիւրաւ նախապատրաստական տեղեկութիւնները քաղել: Ռուսաց կայսրէն գնդապետի աստիճան խնդրեց ու ստացաւ, Մինաս վարդապետը Մոսկուա թողուց, որ գործին ծայրը թողած չ՚երեւայ, եւ 1704 փետրուար 10-ին Մոսկուայէ մեկնեցաւ, եւ շիտակ Տիւսսելտօրֆ գնաց, ուր կը մնային իր ամուսինը եւ երկու զաւակները ( ԼԷՕ. Բ. 247): Այդ եղելութեանց մէջ, կաթողիկոսը յիշեցինք միայն երբ բացէբաց մերժեց Օրիէ առաջարկուած կաթոլիկանալու գաղափարը ( § 1844), սակայն Նահապետ հեռու չէր ազգային ազատագրութեան ծրագիրէն, միայն չէր ուզեր զայն գնել իր եկեղեցւոյն ուրացութեամբ: Ապա թէ ոչ, երբոր պաշտպանութեան խոստումը Ռուսիայէն եկաւ` առանց դաւանափոխութեան պայմանի, սիրով ընդունեցաւ Միւռոն Վասիլեւսքի պատգամաւորը, եւ 1702 նոյեմբեր 7-ին Օրիի նամակին ալ պատասխանեց խնդակցութիւն յայտնելով, որ Ռուսաց կայսրը պատրաստ է Հայ ազգի ազատութիւնը հոգալու ( ԶԱՄ. Բ. 40):

1847. ԼԱՏԻՆՆԵՐ Ի Կ. ՊՈԼԻՍ

Երբոր Հայութեան բախտը շօշափող, անկարեւոր` բայց եւ ոչ հիմնաւոր ձեռնարկներ կը կատարուէին Կ. Պոլիսէ հեռու, այնտեղ բոլորովին տարբեր շարժումներ տեղի կ՚ունենային, եւ փոխանակ ազատութեան, նորանոր աղետալի եղելութեանց դուռ կը բանային: Մէկ կողմէն պատրիարքութեան թեկնածուներու յախուռն մրցումները, եւ միւս կողմէն Լատին քարոզիչներու եւ իրենց հետեւողներուն մոլեռանդութիւնը` հետզհետէ կը զայրանային: Մինչեւ այս ատեններ միեւնոյն հասարակութեան մէջ կարծիքներու տարբերութեան կերպարանը կը տիրէր, առանց բաժանումի եւ անջատումի ձեւն առնելու: Ազգային եկեղեցական իշխանութիւնն ալ, որչափ եւ պահպանողական եւ պաշտպանողական ընթացքի հետեւող, հայադաւանութեան թոյլատու սկզբունքէն չէր հեռանար, եւ տարբեր կարծիքներու հետեւողներն ալ միեւնոյն եկեղեցւոյ մէջ կը մնային, եւ փոփոխակի անոր վարչութեան ալ կը մասնակցէին, թէպէտ իշխանութիւնը ձեռք անցընելու մրցակցութիւնը կը մղէին: Ասիկա ամէն կառավարութեան մէջ ալ կը հանդիպի իբր կուսակցական դրութեան հետեւանք: Հռոմի պապութիւնն ու գործիչներն ալ, չէին քաշուէր այդ ընթացքին համակերպիլ, միշտ այն գերագոյն սկզբունքով, որ պէտք չէ առաջ խտրական խնդիրներ յուզել, եւ ոչ ալ շատ փոփոխութիւններ պահանջել, այլ ոտքի կռուան կազմելէն ետքը պահանջները հետզհետէ շատցնել: Մենք տեսանք Կալանոսի Հայ վարդապետի տարազ իսկ հագնիլը ( § 1694), եւ Յիսուսեան աբեղաներուն Հայոց եկեղեցիներուն մէջ քարոզելը ( § 1832), բայց այն ժամանակները անցած էին, եւ այս միջոցին սկսած էին տարբեր մտածել ու գործել, ուստի ամենախիստ պատիժներով արգելեցին կաթոլիկներուն Հայոց եկեղեցին մտնելը ( ԹՕԲ. 45): Ասկէ ծագելիք անտեղութիւնները դիտել տուողին, Պրաքօնիէ` Յիսուսեանց վանահայրը կը պատասխանէր, թէ չէր կրնար ընդունիլ որ կաթոլիկներն ամենափոքր հաղորդակցութիւն մը ունենային իրենց հերձուածող եղբարց հետ, եւ թէ ամէնէն դառն չարչարանքները աչուընին պէտք էր առնէին ( ԹՕԲ. 47): Հռոմէականք ծանր խօսքերով կը պախարակեն եւ կը նախատեն ժամանակիս մէջ ազգային իշխանութիւն եւ պատրիարքութիւն վարողները, իբր բռնաւոր հալածիչներ եւ անգութ դահիճներ, իբր թէ անոնց պարտքը չըլլար` իրենց հօտին մէջ մտնող օտարներուն գողութիւնը արգելել, իրենց եկեղեցին անարգողներուն դէմ դնել, եւ Հայ Եկեղեցիներէ հեռացնելով Լատին եկեղեցիներ տանելու անխոհեմ եւ վտանգաւոր ձեռնարկին առջեւն առնել: Այո', մենք պիտի յիշենք կաթոլիկութեան առջեւն առնելու համար գործածուած ուժգին եւ բուռն միջոցներն ալ, բայց պէտք է ճանչնալ, որ անոնց առաջին պատասխանատուութիւնը Լատիններուն վրայ կը ծանրանայ, իրենց անխոհեմ եւ մոլեռանդ պահանջումներով, եւ իրենց հետեւողներուն խիղճերը չարչրկելով, մինչ այսպիսի բաներ չէին ունեցած, ցորչափ գործը ներքին զգացմանց շրջանակի մէջ կը մնար, եւ իրենք ալ կը զգուշանային նորանոր պահանջներէ: Հայոց եկեղեցին քրիստոնեայ էր այդչափ դարերէ իվեր, ուղղափառ եկեղեցի էր ի սկզբանէ անտի, միշտ կը մնար ինչ որ էր, միայն Արեւմուտքի դիզաբարդած նորութիւններէ կը խորշէր, եւ Լատիններուն պէտք չէր` որ Արեւելքի առաքելական եւ հնաւանդ քրիստոնեաները ստիպէին, իրենց դպրոցական եւ նորահնար վարդապետութեանց համակերպիլ: Այդ ընդհանուր տեսութիւնը պարզելէ ետքը պատմական եղելութեան անցնինք:

1848. ՍՈՒՊՀԻ ԵՒ ՅԱՋՈՐԴԸ

Պատրիարքութեան աթոռը գրաւած էր Մելքիսեդեկ Սուպհի 1698 մայիսին ( § 1838), եւ Եփրեմ Ղափանցին աքսորով հեռացուցած, իսկ Կիլիկիոյ աթոռին վրայ կը մնար Մատթէոս Սարի ( § 1829): Բարեկամական զգացմաflմբ թէ պատշաճ փոխանակութեաflմբ, Մելքիսեդեկ հաճեցաւ Եփրեմը աքսորանքէն դարձնել 1699-ին սկիզբը, եւ Ադրիանուպոլսոյ առաջնորդութիւնն ալ անոր յանձնել: Մրցակիցներու սովորական ճիգերու շնորհիւ, Մելքիսեդեկ հազիւ թէ տարին բոլորեց, հակառակութիւնները զօրացած տեսաւ, եւ գահընկէց եղաւ Եփրեմի դառնալէն քիչ ետքը 1699 յուլիսին, բայց ոչ 23-ին ( ՉԱՄ. Գ. 727), այլ 25-ին երեքշաբթի օր, ինչպէս ճշդուած կը գտնենք Սարգիս դպիրին ձեռագիրին մէջ ( ՍՐԳ. ): Նոր անձ մըն էր որ այս անգամ պատրիարքութեան կը բարձրանար, Մխիթար վարդապետ Քիւրտիստանցի կոչուած, որ Սղերդի գաւառին պաշտօնական անունն էր, եւ պէտք է այնպէս իմանալ, եւ ոչ թէ յաշխարհէն Կորդուաց ( ՉԱՄ. Գ. 727): Իսկ Սղերդցի վարդապետ մը հաւանական է Բաղէշի Ամլորդւոյ վանքին միաբաններէն եղած կարծել, քանի որ անոր նախընթացին վրայ աւելի տեղեկութիւն չունինք: Մխիթարի պաշտօնավարութիւնն ալ երկար չեղաւ, զի միւս տարին 1700 դեկտեմբեր 4-ին նորէն աթոռ կը բարձրանար Մելքիսեդեկ Սուպհին: Այդ տարիներու մէջ ալ կը շարունակէին Հայու եւ Ֆրէնկի վէճերը, որոնց հետզհետէ զայրանալուն առիթ կու տար Լատին քարոզիչներու եւ լատինացեալ Հայերու կողմէ` Ֆրէնկ կոչուածներուն վրայ դրուած արգելքը, որով մեղաւոր կը նկատուէին եթէ Հայոց եկեղեցիներ յաճախէին իրենց բարեպաշտութեանց համար, եւ կը բռնադատուէին օտարազգի եկեղեցիներ յաճախել, եւ օտարազգիներու ազդեցութեան ներքեւ մտնել, ինչպէս արդէն բացատրեցինք ( § 1847): Բայց տակաւին բուռն գործողութիւններ չեն յիշուիր մինչեւ 1700 թուականը, ոչ այնչափ Մելքիսեդեկի կամ Մխիթարի հռոմէականութեան հակամէտ կամ թոյլատու ըլլալէն, որպէս ոմանք կը սիրեն կարծել, այլ զի աստիճանով է` որ այդ տեսակ գործեր կը սաստկանան: Հռոմէականութեան հետեւողներն ալ դրուած արգելքներուն տակաւին խստիւ համակերպելու չէին յորդորուեր, մանաւանդ որ կամայ կամ ակամայ ստիպեալ էին պաշտօնական խորհրդակատարութեանց համար Հայ եկեղեցիներու դիմել, զի յատուկ Հայ կաթոլիկ եկեղեցիներ չկային, Հայ կաթոլիկ հասարակութիւն մը կամ պաշտօնական կացութիւն մըն ալ չի կար, եւ եթէ Լատին եկեղեցիներու մէջ լրացնէին այդ խորհրդակատարութիւնները, օտարահպատակ եւ տէրութեան հակառակորդ եւ ապստամբ պիտի նկատուէին:

1849. ԳԱԼՈՒՍՏ ԵՒ ՄԻՆԱՍ

Երուսաղէմի աթոռին վրայ թողուցինք Յովհաննէս պատրիարքը` Նօհուտճի մականուանեալ, որ արդիւնաւոր եղած էր Հայոց ստացութիւնները պաշտպանելուն մէջ, բայց ստիպեալ շատ աճեցուցած էր աթոռին վրայ ծանրացող պարտքերը ( § 1811): Հրովարտակներ ալ հանել տուած էր, որ Երուսաղէմի գահակալները անվրդով մնան աթոռին վրայ մինչեւ իրենց մահը, սակայն հրովարտակներ միայն իրեն ծառայեցին, որովհետեւ աթոռին վրայ վախճանեցաւ 1697-ին ( ԱՍՏ. Ա. 414), իսկ իրմէ ետքը` ալ աւելի խառնակ եղաւ պատրիարքական յաջողութիւնը: Մահուան թուականը դրինք Երուսաղէմի պատմագիրին հետեւողութեամբ, վասնզի թէպէտ ուրիշ մը տապանագիրին մէջ 1694 գրուած ըլլալը յիշած է ( ԲԱՌ. 57), սակայն յետին գրողը հարկաւ ստուգելով նշանակած է ճիշդ թուականը: Երբոր մահուան լուրը Կ. Պոլիս հասաւ, իշխանաւորք ազգին պատրիարք ընտրեցին Գալուստ Զէյթունցի եպիսկոպոսը, Կայծակ մականուանեալ, եւ հրովարտակն ալ հանել տուին, բայց Գալուստ իսկոյն Երուսաղէմ չուղեւորուեցաւ, այլ աթոռին վրայ ծանրացած պարտքը պատճառելով, ուզեց ազգին մէջ հանգանակութեան ելլել, եւ Կ. Պոլիսէ սկսելով մեծ շրջագայութիւն մը սկսաւ Եւդոկիա, Սեբաստիա, Բերիա, Ամիդ եւ Կարին, եւ տարին լրացուց, բայց ոչ գործը աւարտեց, ոչ հանգանակածէն լուր տուաւ, եւ ոչ Երուսաղէմ գումար մը հասուց, որ պարտապաններուն բռնադատութիւններէն կը ճնշուէր ( ԱՍՏ. Ա. 415): Ասոր հետ բոլոր այն քաղաքներէն ուսկից կ՚անցնէր Գալուստ, շարունակ իրեն վրայ գանգատներ կը հասնէին պատրիարքարան: Ուստի հարկ եղաւ վերջ տալ այդ անվայել ընթացքին, Գալուստ պաշտօնանկ հռչակուեցաւ, եւ Երուսաղէմի պատրիարքութեան կոչուեցաւ Մինաս վարդապետ Համդեցի, եւ հրովարտակը առնուեցաւ 1698-ին: Պէտք է ընդունիլ, որ նոյն ինքն Մինասն էր որ Յովհաննէսի մահուանէ ետքը աթոռին վարչութեան գլուխը կը գտնուէր, Գալուստի թափառայած շրջագայութեանց միջոցին: Միեւնոյն 1698 տարւոյ թուականը կը կրէ Մինասի աշխատասիրած Ազգաբանութիւն գրքոյկը, որուն մէջ շատ համառօտ կերպով քաղած է Հայոց եւ Հռոմայեցւոց վեհապետներուն պատմութիւնը ( ԱՄԴ. 144), համաձայն իր գտած տեղեկութեանց, որոնց մէջ աւելորդ է ճշդութիւն եւ քննադատութիւն փնտռել: Կ՚երեւի թէ Մինաս օգտուեցաւ Երուսաղէմի մէջ անցուցած ժամանակէն, եւ փափաքեցաւ բան մը արտադրել, որուն մէջ միայն բարի կամքն է գնահատելի: Երբոր Մինասի հրովարտակը ստացուեցաւ, միանգամայն պետական հրաման հանուեցաւ, որ ուր եւ գտնուի Գալուստ, ձերբակալուի եւ Կ. Պոլիս բերուի, այլ նա փութաց գաղտագողի գալ, եւ ազգին մէջ շփոթութիւններ ձգել, Մինասը ամբաստանելով եւ զանազան յերիւրանքներ բարդելով, մինչեւ որ հարկ եղաւ Մինասի անձամբ Կ. Պոլիս գալ, եւ Գալուստի զրպարտութիւնները ցրել, եւ իր պատրիարքութիւնը վերահաստատել տալով Երուսաղէմ դառնալ 1699-ին ( ԱՍՏ. Ա. 417): Երուսաղէմ դառնալէն ետքը պարտաւորուեցաւ տեղացի Իսլամներու հետ դատի մտնալ եւ պայքարիլ, որոնք զանազան կարեւոր սեփականութիւններ յափշտակելու պահանջներ կը յարուցանէին: Մինաս հին հրովարտակներու զօրութեամբ ազգային իրաւունքները պաշտպանեց ( ԱՍՏ. Ա. 418): Այդ եղելութիւնները տեղի կ՚ունենային մասամբ Մելքիսեդեկի եւ մասամբ Մխիթարի պատրիարքութեան միջոցին:

1850. ՄԽԻԹԱՐ Ի ԿԱՐԻՆ

Մխիթար Սեբաստացի վարդապետին մասին վերջին անգամ յիշեցինք Կ. Պոլսէ մեկնիլը 1698 սեպտեմբերին, Հայաստանի ներքին գաւառներուն մէջ իրեն ասպարէզ փնտռելու համար ( § 1838), եւ յատկապէս նպատակ ունենալով Օլթի եւ Նարման գաւառները, Կարինի եւ Կարսի սահմանակցութեան մէջ: Նաւարկութեամբ Տրապիզոն պիտի ելլար, բայց ալեկոծութենէն հետզհետէ Էրէյլի եւ Սինոպ ցամաք ելլելով, վերջապէս Սամսոնէն ճամբան կը փոխէ, ամիս մը կը մնայ Մարսուան, քիչ մըն ալ Ամասիա, եւ 1699 գարունին կը հասնի Կարին: Օլթիի վրայ դրած ակնկալութիւնները չճշմարտուելուն, Հինձք գիւղի Կարմիր վանքը կը հաստատուի առաջնորդ Մարգար եպիսկոպոսին մօտ, ուր 3 աբեղաներու հետ 15 ալ աշակերտ գտնուելուն` անոնց ուսուցիչ կ՚անուանուի ( ՄԽԻ. 132): Այստեղ կը մնայ իբր տարի մը, բայց վերջապէս այդ ալ չի բաւականանար իր ձգտումները գոհացնելու: Մարգար եպիսկոպոսէ գաւազանի իշխանութիւն ընդունելէ ետքը, կը մտադրէ նորէն մայրաքաղաք դառնալ, ուր աւելի յաջողութիւն կրնար յուսալ այս անգամ: Անոնք որ Մխիթարի ամէն մի շարժումին մէջ կաթոլիկական միաբանութեան մը հիմնարկութեան գաղափարը կը թափանցեն, այստեղ ալ նոյն բանը առաջարկած կ՚ըսեն Մարգարի, անոր ընծայելով իսկ միաբանութեան առաջնորդութիւնը ( ՄԽԻ. 136). սակայն կը կարծենք թէ այս եւ ասոր նման պարագաներ, գործի մը լրանալէն ետքը մտածուած գաղափարներ են: Մեղադրելի չեն Մխիթարի երախտաւորեալ աշակերտները, երբ անոր կեանքին ամէն քայլերուն մէջ` հրաշալիք եւ սքանչելիք եւ երկնային նշաններ կը տեսնեն: Կարմիր վանքէն հեռանալէն ետքը, քիչ մըն ալ Կարին քաղաքին մէջ կը մնայ, ուր էր Աւետիք եպիսկոպոս ( § 1837), եւ որուն համար ըսուած էր, թէ ամէն հնարք ի գործ դրած էր զինքն որսալու եւ իրեն մօտ պահելու ( ՄԽԻ. 77), բայց այս անգամ իբրեւ Մխիթարի հալածիչ կը ներկայացուի, վասնզի ազդարարած է անոր, ազգին մեծամասնութեան դաւանանքին հակառակ վարդապետութեամբ չխօսիլ ( ՄԽԻ. 138): Սակայն Մխիթար Հայ եկեղեցւոյ պաշտօնեայ էր, եւ Հայ եկեղեցւոյ դաւանութեամբ օծում եւ գաւազան ստացած էր. եւ միթէ կաթոլիկ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներն ալ չէիflն պահանջեր, որ նորահաս վարդապետ մը, ինչպէս էր Մխիթար, իր եկեղեցիէն աւանդուած եւ հանրութենէն ընդունուած դաւանութեանց դէմ համարձակ չխօսէր: Արդէն Կարին հաստատուելու միտք չունէր Մխիթար, ուստի կը փութայ Տրապիզոն իջնել, եւ 1700 յունիսին անկէ մեկնելով, այս անգամ յաջող նաւարկութեամբ յուլիսին Կ. Պոլիս կը հասնի ( ՄԽԻ. 142), Մխիթար պատրիարքի վերջին օրերը ( ՄԽԻ. 144), որ դեկտեմբեր 4-ին գահընկէց եղաւ, եւ Մելքիսեդեկ նորէն աթոռը գրաւեց ( § 1864): Մխիթար Քիւրտիստանցին եղաւ որ Մխիթար Սեբաստացին արտօնեց նորէն Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ քարոզել ( ՄԽԻ. 145), իբր Հայոց եկեղեցւոյ վարդապետ:

1851. ԵՓՐԵՄԻ ՃԻԳԵՐԸ

Մխիթար պատրիարքի յաջորդող Մելքիսեդեկ Սուպհին ( § 1838), որ ամէն ջանք ու զոհողութիւն թափած էր նորէն պատրիարքական աթոռը գրաւելու, այս անգամ ալ բախտաւոր չեղաւ, եւ կաթոլիկական խնդիրին առաջին բուռն միջադէպը իրեն ալ աղիտալի դարձաւ: Ադրիանուպոլսոյ քահանաներէն երեքը, Կ. Պոլսոյ մէջ Խաչատուր Կարնեցիին յարած, եւ անկէ ինչ ինչ հռոմէական բացատրութիւններ ուսած, իրենց տեղը դառնալէն ետքը, սկսած էին կրկնել, եւ ժողովուրդին մէջ յուզում պատճառել: Եփրեմ Ղափանցին, որ առաջնորդն էր ( § 1847), փափաքելով իր վիճակին ներքին յուզմանց պատճառները սկիզբէն խափանել, նախապէս սաստեց, վերջէն արգիլեց նորըստացիկ ֆռանկացեալ վարդապետութիւնները խօսիլ, եւ երբ անոնք յամառեցան իրենց ընթացքին մէջ, պարտաւորուեցաւ քահանայագործութենէ արգիլել, եւ քաղաքէն ալ հեռացնելով Կ. Պոլիս յղել Մելքիսեդեկ պատրիարքին, յանձնարարելով զանոնք զսպել կամ ուղղութեան բերել: Ասոնք յաջողեցան Մելքիսեդեկի պաշտպանութիւնն ձեռք ձգել, արդէն դիւրին բան մըն էր` մրցակիցներու մէկէն հալածուողին միւսէն պաշտպանուիլը: Պատրիարքը յանձնարարեց անոնց` իրենց տեղը դառնալ` ուր ինքն ալ պիտի երթար պետական յարաբերութեանց համար, եւ դիւրին կը կարծէր Եփրեմը ամոքել: Դժբախտաբար շատ շուտ դարձան քահանաները, եւ իբրեւ յաղթութիւն տարած, իրենց առաջին միտքերը աւելի համարձակ կրկնել, ինչ որ պիտի զայրացնէր Եփրեմ առաջնորդը, որ այս անգամ եպարքոսական հրամանով քաղաքէն վտարել տուաւ նոյն երեքը, իբր օտարուսում անձեր եւ ժողովուրդը յուզելու եւ պառակտելու պատճառ եղողներ: Այս իսկ էր այն ատեն Ֆրէնկ եւ Ֆրանկացեալ բառերուն բուն իմաստը: Ինչչափ ալ Քարլովիցի դաշնագիրէն եւ 25 ամեայ խաղաղութենէն ետքը դադարած էին Թուրքիոյ եւ Եւրոպիոյ թշնամութիւնները, բայց Օսմանեանց միտքէն ջնջուած չէին երկարատեւ պատերազմները, եւ թշնամական հոգին մարած չէր երկու կողմերուն մէջ ալ: Հետեւաբար պետական շրջանակներու մէջ շատ նշանակալից կը դառնար` միաբանեալ են ընդ Ֆրանկս բացատրութիւնը ( ՉԱՄ. Գ. 729), զոր եթէ Հայեր դաւանական իմաստով կը խօսէին, Տաճիկներ քաղաքական իմաստով կ՚իմանային: Երեք Ադրիանուպոլսեցի քահանաներ Կ. Պոլիս բերուեցան 1701 յուլիս 5-ին, Գիւտի Նշխարաց շաբաթ օրը, եւ միւս օր իբր քաղաքական կասկածաւորներ Թիարանի բանտը շղթայակապ արգիլուեցան: Այս երեքը պատմութեան մէջ կը յիշուին` իբր հռոմէական սկզբունքներու առաջին զոհերը, թէպէտեւ անուննին յիշուած չէ: Բայց յայտնի կը տեսնուի, թէ ոչ երբեք իրենց միտքին կամ համոզման պատճառաւ կրած են գլուխերուն եկած արկածը, այլ պարզապէս լատինական բարեկամութեան եւ Արեւմտեան թեկնածութեան համար կասկածաւոր նկատուած, եւ բացարձակապէս պետական հարուածի մը ենթարկուած են: Ամէն առիթի մէջ Եփրեմ Ղափանցիին անունը գործին յարակցած ըլլալուն, հռոմէականց կողմէ իբրեւ կաթոլիկութեան առաջին հալածիչ նկատուած է:

1852. ԵՓՐԵՄ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

Մելքիսեդեկ պատրիարք որ երկար պտոյտներով Ադրիանուպոլիս կ՚ուղեւորէր, հոն հասաւ երբոր ամէն բան աւարտած էր: Գործին առանց իրեն լրանալէն, եւ իր նպատակին հակառակ վերջաւորութիւն ունենալէն ցաւած, եպարքոսին հետ ալ խիստ լեզու գործածած պիտի ըլլայ, որ անոր ալ զայրոյթը գրգռած է: Ոչ միայն իր առաջարկութեանց գոհացում չէ ստացած, եւ պատրիարքութենէ գահընկէց ըլլալու վտանգին է հասած, այլեւ ինքն ալ իբր թշնամի տէրութեանց նպաստաւոր, կասկածելի դարձած եւ իբրեւ պատժապարտ Թիարանի բանտարկութեան դատապարտուած է, երկու ամիսէ աւելի Ադրիանուպոլիս ատեն անցընելէ ետքը: Որչափ ալ մեծ ըլլար Ղափանցիի ազդեցութիւնը եպարքոսին առջեւ, սակայն Քէօբրիւլիւ Հիւսէյին փաշա, այն խոհական եւ շրջահայեաց քաղաքագէտն էր, որ Իմաստուն մականունով ճանչցուած է պատմութեան մէջ, եւ օտարներու կողմէ ալ հռչակուած է իր խոհեմ եւ չափաւոր վարչութեան համար ( ԺՈՒ. 316), որով չէր կրնար պարզապէս ուրիշին խօսքին վրայ այսպիսի անօրինակ խստութեան ձեռնարկել: Ադրիանուպոլսոյ ժողովուրդն ալ պատրիարքին դէմ ելաւ, եւ Մելքիսեդեկի դէմ դատախազ կանգնեցաւ, եւ այս ալ պատճառ եղաւ որ գահընկեց հռչակուելէ ետքը` Կ. Պոլիս ղրկուելով Թիարանի բանտը արգիլուեցան: Իսկ պատրիարքութեան կոչուեցաւ Եփրեմ Ղափանցին 1701 սեպտեմբեր 1-ին, որ անգամ մը ( § 1812) եւ երկու ( § 1829) պատրիարքութիւն վարած էր արդէն: Եփրեմ չուզեց Ադրիանուպոլսէ հեռանալ, այլ թագաւորի եւ եպարքոսի եւ դենպետին մօտ մնալ, եւ այն տեղէն պէտք եղած արտօնութիւնները ստանալ եւ հրամաններ արձակել: Եփրեմ այս անգամ աւելի ազդեցիկ կերպով աշխատեցաւ, կաթոլիկացեալ խմբակին կողմէ` Լատիններուն գրգռութեամբ սերմանուած պառակտումներուն առջեւն առնելն, անոնց ազդեցութիւնը կոտրելով եւ անոնց գլխաւորները հեռացնելով: Կ. Պոլսոյ մէջ պատրիարքական փոխանորդ մը նշանակեց, տեղւոյն վրայ վարչական եւ մատակարարական գործերը հոգալու, սակայն ժամանակակիցներէ երեք յիշուած չենք գտներ փոխանորդին անունը:

1853. ՖԷՐԻՕԼ ԴԵՍՊԱՆ

Նոր դէմք մը կը սկսի երեւիլ ժամանակակից պատմութեան մէջ, թէպէտ օտարազգէ, բայց Հայ ազգութեան գործերովը զբաղող, եւ ամէն մի եղելութեան մասնակից: Սա Գաղղիոյ դեսպանն է, Կարոլոս Ֆէրիօլ, Արժանթալի մարքիզը (Charles Ferriol marquis, d'argental). որ բաւական ճիգեր եւ ամենակերպ միջոցներ գործածելով յաջողած էր Գաղղիոյ թագաւորութեան կողմէն Կ. Պոլսոյ դեսպան անուանուիլ 1699-ին ( ԺՈՒ. 460): Իր առաջին ջանքն եղաւ Լատին կրօնաւորներու ազդեցութիւնը նուազեցնել ի նպաստ դեսպանութեան, բայց երբ այս չյաջողեցաւ, ուղղութիւնը փոխեց, եւ սկսաւ աշխատիլ դեսպանութեան ազդեցութիւնը բարձրացնել գործակցութեամբ Լատին կրօնաւորաց եւ պաշտպանութեամբ կաթոլիկութեան: Իր դեսպանութեան սկիզբները, մինչեւ իսկ ժողով մը գումարել տուաւ, հայադաւանութեան պաշտպան եւ հռովմէադաւանութեան կողմնակից Հայ եկեղեցականները իրարու մօտ բերելով, եւ երկու կողմերուն պահանջներն ալ չափաւորելով Միաբանութեան դաշնագիր մըն ալ պատրաստել տուաւ 1701-ին, որ Հայոց պատրիարքին եւ Լատին եպիսկոպոսին հաւանութիւնները ստանալէ ետքը, պապին հաւանութեան պիտի ներկայացուէր Գաղղիոյ դեսպանատան եւ թագաւորութեան միջնորդութեամբ: Բայց գործը իր ընթացքը չկրցաւ լրացնել, եւ արդիւնքը կորսուեցաւ Ճիզվիթաց մեծաւոր հայր Պրաքօնիէի ընդդիմութեամբ ( ԹՕԲ. 479): Այդ բանը տեղի կ՚ունենար ճիշդ Եփրեմի նոր պատրիարքութեան սկիզբը, եւ Հայ եկեղեցականութեան կողմէ ցոյց տրուած խաղաղասիրութեան շնորհիւ: Մոլեռանդ եւ նախատական գրգիռ մըն էր Ֆէրիօլի ձեռնարկը, զոր չէր կրնար յանձն առնել, ոչ թէ Եփրեմի սկզբունքներով տոգորեալ հաստատմիտ մը, այլեւ ոչ որեւէ հեզահոգի եւ խաղաղասէր զգացումներ ունեցող` եկեղեցւոյ պետ մը, երբոր կը տեսնէր իր հնաւանդ եւ ուղղափառ եկեղեցւոյն դէմ արձակուած անարգանքը: Հետեւապէս որեւէ անկողմնակալ դիտողի համար յայտնի ճշմարտութիւն մըն է, որ եթէ Եփրեմի կողմէ բռնի միջոցներ ընդարձակուեցան, անոնց պատասխանատուութիւնը իրմէ աւելի` զինքն գրգռողներուն վրայ կ՚իյնայ, եւ հայադաւանութեան պաշտպաններէն աւելի` հռոմէադաւանութիւն մուծանելու հետամուտներուն վրայ կը ծանրանայ: Լատիններ որչափ ալ ուզեն հոգւոյն փրկութեան նախանձայուզութեամբ` իրենց ընթացքը վարագուրել, սակայն ստուգութիւնը ինքնին կը ցայտէ, որ պապական ազդեցութիւնը տարածելու եւ քաղաքական միջամտութիւն ընդարձակելու ձեռնարկ մըն էր: Եթէ Հայեր ալ գտնուեցան, որ այդ օտարուսում եւ օտարամուտ միջամտութիւնները քաջալերեցին, երկու բան զիրենք կ՚արդարացնեն. Հայադաւանին եկեղեցականապէս թոյլատու եւ լայնախոհ զգացումը, եւ Հայազգւոյն կրթականապէս զարգացման անյագուրդ ձգտումը: Այս դիտողութիւններն ընելով` կ՚ուզենք միայն պատմական ստուգութիւնը իր ճիշդ կէտին բերել, թէ ոչ պիտի չգովաբանենք ոչ Ղափանցիին եւ ոչ իրեն յաջորդներուն բուռն ձեռնարկները, քանի որ համոզուած ենք, որ բուռն միջոցներ ուղիղ եւ ապահով կերպով նպատակին չեն տանիր, եւ ստէպ հակառակ արդիւնք ալ յառաջ կը բերեն, եւ հալածուած զգացումը տարածուած կը դարձնեն եւ յաջողելուն կը նպաստեն:

1854. ՄԽԻԹԱՐ Ի Կ. ՊՈԼԻՍ

Գրգռութեան առիթը կ՚աւելցնէին լատինամոլներ` երբ Լատին եկեղեցիներու մէջ կը հաւաքուէին, թէպէտ Հայ եկեղեցւոյ պաշտօնէութեան շարքէն չէին ելլեր. Լատին վանքերու մէջ գումարումներ կը կազմէին, եւ մասնաւոր տեղեր ալ կը ստեղծէին իրենց գաղտնի համախմբութեանց համար: Ասոր հետ մէկտեղ արտաքին պաշտպանութիւններով ներքին իշխանութեանց դէմ կը մաքառէին, եւ դեսպաններուն հովանաւորութեամբ պատրիարքական աթոռին եւ պատրիարքներու անձին դէմ բռնանալ կը փորձէին, եւ իրենց գրգռութիւններով միւս կողմին ցասումը կը զայրացնէին, եւ պաշտպանողական ձեռնարկներու կը մղէին: Ժամանակին լատինամիտ խումբին մէջ աւելի կը խօսուէին Խաչատուր Կարնեցի եւ Մխիթար Սեբաստացի վարդապետները, բայց առաջինը արդէն իր Հռոմի մէջ ստացած դաստիարակութեամբը ծանօթ ըլլալով, այնչափ գրգռութիւն չէր յուզեր, որչափ երկրորդը, որ Հայ վանքերու աշակերտ մըն էր: Մանաւանդ երբոր երեւան եկաւ, որ երբ մէկ կողմէն Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ քարոզչութիւնը կը վարէր իբր Հայ վարդապետ, միւս կողմէն Կ. Պոլսոյ Բերա օտարաբնակ արուարձանին մէջ տուն մը վարձած էր ( ՄԽԻ. 150), որուն արտաքուստ գրակազմութեան գործարանի ձեւ տուած, ներքուստ լատինական սկզբունքներ տարածելու կ՚աշխատէր ( ՄԽԻ. 151): Արդէն ամէն Հայ վարդապետի սովորութիւն էր, իր շուրջը աշակերտութիւն մը կազմել, Մխիթար ալ այդ սովորութենէն կ՚օգտուէր: Սեբաստացիին աշակերտողներուն մէջ յանուանէ կը յիշուին, Սարգիս Այնթապցի դպիր, Ղազարոս Ակնեցի այրի, Յովհաննէս Սեբաստացի պատանի, Ազարիա Բերացի դպիր, եւ Եղիա Կոստանդնուպոլսեցի վարդապետ` Երուսաղէմի միաբաններէն ( ՄԽԻ. 146): Մխիթար եղանակը գտաւ Սարգիս եւ Ազարիա դպիրները աբեղայ ձեռնադրել տալ Գէորգ եւ Մանուէլ անուններով, որով վանական խումբի մը երեւոյթը տուած եղաւ իր հետեւողներուն ( ՄԽԻ. 149): Գրակազմութեան արհեստարանի ձեւը յիշեցինք, բայց բոլորովին կեղծ չէր այդ նպատակը, որովհետեւ, Մխիթարի մէկ զբաղումն ալ գիրք տպել տալն էր Կ. Պոլիս բացուած տպարաններու մէջ: Այդ միջոցին օր մը, 1701, սեպտեմբեր 8-ին, Մխիթար իր գործարան-տունին մէջ, իրեն հետ եղողները կը համոզէ միասին ապրիլ, եւ Տաճկաստանէ հեռանալով իրենց բնակութիւնը հաստատել այնպիսի տեղ մը, ուր կարենան իրենց ուզած կերպով գործել, ինչպէս էին Արեւելքի մէջ Լիբանանը, իսկ Արեւմուտքի կողմը` Պիղոպոնէսը: Մխիթարեանները այդ միջադէպը պատմելով` կը պարծենան, թէ Մխիթարեան միաբանութեան կենաց առաջին օրն եղաւ այն ( ՄԽԻ. 160), բայց տակաւին կանոնական եւ իրաւական սկզբնաւորութեան նշան մը չի տեսնուիր, եւ եթէ ըլլար ալ, Հայոց պատրիարքութեան եւ հայադաւան շրջանակին մէջ գործ մը պէտք էր եղած ըլլար: Վասնզի Մխիթար այդ թուականէն ետքն ալ Գաղղիոյ դեսպանատան կից Վեղարաւոր Փրանկիսկեան (Cappuccini) վանքը կը բնակէր, եւ կը գործակցէր հայր Յակինթոս վանահօր` պառակտեալ Հայերը միացնելու համար: Իսկ 1701 նոյեմբեր 26 թուականով համաձայնութեան պայմանագիր մըն ալ կը պատրաստուէր ( ՄԽԻ. 165), որով Ֆէրիօլ դեսպան կը յայտարարէր թէ իւր դատողութեանց վրայ, մեղմացած էր փրանկացեալներուն հանդէպ բռնուած ընթացքը ( ՄԽԻ. 162): Հետեւաբար անջատական մտադրութիւնը դեռ Մխիթարի միտքին մէջ տեղ ըրած չէր:

1855. ԱՒԵՏԻՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

Եփրեմ Ղափանցիին օրով փրանկացեալներու վրայ ծանրացած հետապնդութիւնը, սովորութիւն է անոր վերագրել իբր հեղինակի եւ սկզբնապատճառի, սակայն դեսպանը կը գրէ, թէ սոյն հալածանքը Թուրք դենպետին գործն է, որ երդուեալ թշնամին է Փրանկաց, եւ իւր ազդեցութիւնը ամենակարող է թագաւորին միտքին վրայ ( ՄԽԻ. 162): Ուստի պէտք է մեղմել Եփրեմի վրայ եղած դատաստանը, եւ ոչ ալ անոր վերագրել, եթէ արքունի հրովարտակ մը հրամայեց, բովանդակ կայսրութեան սահմանին մէջ բոլոր Ֆրանկ եղողները ձերբակալել եւ ցրուել ( ՉԱՄ. Գ. 732): Այսպիսի հրովարտակ մը բնական կերպով դուռ կը բանար բազմադիմի անիրաւութեանց եւ բռնադատութեանց, որոնք առաջ կու գային անձնական թշնամութիւններէ, անհատական վրէժխնդրութիւններէ, եւ ստորին չարաշահութիւններէ, եւ եթէ 1701-ին վերջերը, շատերու վրայ բռնադատութիւններ գործուեցան, տուներ խուզարկուեցան, բանտարկութիւններ եղան, աքսորներ եւ վտարումներ գործադրուեցան, անոնց իսկական պատճառը Ֆէյզուլլահ դենպետն էր: Այս պատճառով Մխիթար Սեբաստացին եւ Խաչատուր Կարնեցին ալ Լատին վանքերու մէջ կը պահուըտէին, երբ միւս կողմէն 1701 հոկտեմբեր 26-ի պայմանագիրը կը պատրաստուէր, եւ Փրանկիսկեան Վեղարաւորաց մեծաւորը Յակինթոս` անձամբ Ադրիանուպոլիս կ՚երթար Եփրեմի ալ հաւանութիւնը ստանալու ( ՄԽԻ. 165), ուսկից ետքը պայմանագիրը Հռոմ` պապին եւ Էջմիածին` կաթողիկոսին պիտի ղրկուէր հաստատութեան համար ( ՄԽԻ. 164): Կ՚երեւի թէ Եփրեմի վրայ զիջողութեան գաղափար տեսնելուն համար է, որ Ֆէյզուլլահ անոր վրայէ վստահութիւնը կը վերցնէ, եւ լուր կը հասցնէ Կարին` Աւետիք եպիսկոպոսին շուտով Կ. Պոլիս գալ, որ զինքն պատրիարքութեան բարձրացնէ: Աւետիք եւ Ֆէյզուլլահ նախածանոթ էին Կարինէ ( ԹՕԲ. 54), առաջ պաշտպանութեան օրէն ( § 1831), եւ յետոյ առաջնորդութեան ժամանակէն, ուստի երբոր Ֆէյզուլլայ Կ. Պոլիս դենպետութեան բարձրացաւ, ուզեց իր բարեկամն ալ բախտաւորել, մանաւանդ որ Աւետիք ծանօթ էր իր խստութեամբ նորամուտ վարդապետութեանց դէմ, եւ Կարնոյ մէջ Լատին կրօնաւորաց վարժարանն ալ փակել տուած էր: Աւետիք այդ լուրը առած կ՚ըլլայ 1701 սեպտեմբերի սկիզբները, վասնզի երկու ամիս պայմանաժամ ուզեց ճամբայ ելնելու (74 ԱՐՐ. 115), եւ անկէ ետքը Կարինէ մեկնելով Կ. Պոլիս կը հասնէր 1701 դեկտեմբերին ( ՄԽԻ. 165), եւ Ս. Յակոբի տօնին` ամսոյն 13-ին ( ՉԱՄ. Գ. 732), Սամաթիոյ եկեղեցւոյն մէջ խաղաղասիրական քարոզ մը կը խօսէր, եւ կը փութար Ադրիանուպոլիս երթալ պատշաճը կարգադրելու, ուր Ֆէյզուլլահի միջնորդութեամբ պատրիարքական փոխանորդ անուանուեցաւ, կացութիւնը բարւոքելու յանձնարարութեամբ: Սակայն իսկապէս Եփրեմը տապալել էր Ֆէյզուլլահի միտքը: Հազիւ ամիսուկէս էր, որ Աւետիք Ադրիանուպոլիս կը գտնուէր իր նոր պաշտօնով, երբ 1702 փետրուար 1-ին, նոր տոմարով 12-ին, Ս. Սարգիսի կիրակէին, ժողովրդական մեծ ցոյց մը կազմուեցաւ Եփրեմի դէմ, եւ հինգ օր տեւեց գրգռութիւնը: Աւետիք ստիպուեցաւ ծածկուիլ, եւ Եփրեմ տակաւին պատրիարքութիւնը պահեց, բայց քիչ օրուան համար, որովհետեւ փետրուար 24-ին, նոր տոմարով մարտ 7-ին, Մեծպահոց երկրորդ երեքշաբթին, Աւետիք Եւդոկիացին պատրիարք հռչակուեցաւ Ֆէյզուլլահի պաշտպանութեամբ, եւ հազարէ աւելի անձանց ընկերակցութեամբ, եպարքոսին ատեանը տարուեցաւ Ադրիանուպոլսոյ մէջ: Եփրեմը Էջմիածին աքսորելու համար տրուած որոշումը` իբր Աւետիքի դաժանութեան նշան ցոյց կը տրուի ( ՄԽԻ. 166), բայց յարմարագոյն է լաւ կողմը մեկնել, Մելքիսեդեկի վրայ փորձուած պետական խստութենէն ( § 1850) ազատելու եւ հեռու ու ազատ տեղ մը զայն ապահովի հանելու միտքով: Արդէն այն կողմերու բնիկն էր Ղափանցին, խոր ծերութեան ալ հասած: Այս միտքը կը քաղուի նոյնիսկ Աւետիքի գրածէն, թէ Եփրեմ յոյժ աղմուկ էր ձգեր ի մէջ ժողովրդեան, եւ թէ Եփրեմի համար հրաման հանեց գնալ ի Սուրբ Էջմիածին, մօտ ի Նահապետ կաթողիկոսին, անդ մեռանել (74. ԱՐՐ. 115):

1856. ԱՒԵՏԻՔԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Աւետիքի պատրիարքութեան սկզբնաւորութիւնը խաղաղասէր բանակցութեանց ակնկալութիւնները աւելցուց: Աւետիքի եւ Յակինթոսի յարաբերութիւնները աւելի մտերմական եղան Անդրիանուպոլսոյ մէջ, եւ Աւետիք կրցաւ իր մտադրութեան վրայ Լատինները վստահեցնել, առանց Ֆէյզուլլահի ալ կասկածները արթնցնելու: Դեսպանն ալ միամտեցաւ Աւետիքի մասին, զոր առաջ իբր դաժան հալածիչ մը նկատած էր, բայց 1702 մարտ 11-ին կը վկայէր, թէ Աւետիք Հայերը խաղաղութեան կը յորդորէ, եւ յունիս 8-ին կը հաստատէր, թէ Կաթոլիկաց հալածումը բոլորովին վերջացած է ( ԹՕԲ. 56): Աւետիք այդ միջոցին կը շարունակէր մնալ Ադրիանուպոլիս, որ իսկական մայրաքաղաք դարձած էր թագաւորին եւ եպարքոսին եւ դենպետին ներկայութեամբ, իսկ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ իրեն ներկայացուցիչ եւ փոխանորդ նշանակուած էր Յովհաննէս Ամասիացի վարդապետը ( ՉԱՄ. Դ. 733): Սոյն օրեր Կ. Պոլիս եկած էր Մատթէոս Կեսարացի` Սսոյ կաթողիկոսը, մականուանեալն Սարի, որ Կ. Պոլսոյ պատրիարքութենէ Սսոյ կաթողիկոսութեան անցած էր 1694-ին ( § 1829), եւ եօթը տարիէ հետէ աթոռին վրայ կը մնար: Սակայն հինէն կազմուած Բերիացւոց պառակտումը, որ պահ մը դադարած էր Ազարիա Կարկառեցիի քաշուելէն ետքը ( § 1816) անգամ մըն ալ արծարծեցաւ Պետրոս Բերիացիին ձեռքով, որ հաւանաբար Դաւիթ եւ Ազարիա Կարկառեցիներուն ազգականութենէն եղած կ՚ըլլայ, եւ հնօրեայ իրաւունք մը վերանորոգելու ձգտումով մէջտեղ ելաւ: Պետրոսի ձեռնարկը 1701-ին կը դրուի, վերիվերոյ Աւետիքի հրապարակ ելած օրերը: Պետրոս նստաւ Բերիոյ մէջ իբրեւ Սսոյ հակաթոռ, բայց Մատթէոս յանձն չառաւ կաթողիկոսական իրաւասութիւնը բաժնել, ինչպէս ժամանակով հաստատուած էր Խաչատուրի եւ Դաւիթի միջեւ ( § 1753): Մրցակիցը ընկճելու նպատակով Կ. Պոլիս եկաւ, բայց պատրիարքական աթոռին շփոթութեանց պատճառով չկրցաւ արդիւնաւոր ձեռնարկ մը կատարել, եւ պատեհի ակնկալութեամբ մայրաքաղաքի մէջ կը դեգերէր: Եւ ահա Կ. Պոլիս կը հասնին չորս Երուսաղէմի միաբան վարդապետներ ( ՉԱՄ. Գ. 733), իսկ Աւետիք երկոտասան սեւագլուխք միաբանք Ս. Յակոբայ կը գրէ (74 ԱՐՐ. 150), որոնց համար ըսուած է, թէ անկարգութիւն ինչ գործեալ յեկեղեցւոջ, ժողովով արտաքսեցան Մինաս Համդեցի պատրիարքին կողմէն, թէպէտ ճշդուած չէ` թէ ինչ էր գործած անկարգութիւննին: Մինաս յատկապէս ալ գրած էր Աւետիքի այդ վարդապետներուն մասին, որպէսզի ականջ չկախէ անոնց չարախօսութիւններուն, եւ զգուշանայ անոնցմէ. սակայն այդ բանը հրապարակի վրայ չլսուեցաւ, եւ եկող վարդապետներ համարձակ կը խօսէին Մինասի դէմ, տեսակ տեսակ զեղծումներ վերագրելով անոր պաշտօնավարութեան, թէ միաբանութիւնը ցրուեր է, թէ մեծագումար պարտքի ներքեւ ձգած է, թէ կալուածները ծախած է, եւ թէ բոլոր սպասները Կ. Պոլիս յղած եւ դրած է Ինկլէզ պազիրկեանին մօտ (74. ԱՐՐ. 150): Առաջ Մատթէոս եղաւ, որ իրեն գրաւեց արտաքսեալ վարդապետները, եւ ժողովական հաւաքումի մէջ ալ անոնք խօսեցուց, որպէսզի Մինասի տեղ Երուսաղէմի պատրիարքութեան անցնի ( ՉԱՄ. Գ. 733), եւ արդէն կաթողիկոս ալ գտնուելով, Եղիազարի նման դիրք մը կազմէ Արեւելքի մէջ:

1857. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԻԱՑՈՒՄԸ

Բայց Մատթէոս իրմէ ճարպիկ մրցակիցի մը բաղխեցաւ: Աւետիք որ ամէն կողմ սիրոյ եւ խաղաղութեան օրհնագիրներ ղրկած էր, ժամանակին Մինաս պատրիարքին ալ պարտուպատշաճ յարգանօք գրած էր, ուսկից քաջալերեալ Մինաս, արտաքսեալ վարդապետներուն անտեսուիլը խնդրած էր: Աւետիք ընդհակառակն զանոնք մօտէն բռնեց, Ադրիանուպոլիս կանչեց, եւ Մինասի դէմ խօսուածնին հաւաքեց: Արդէն Կ. Պոլսոյ մէջ ալ` Մատթէոս բաւական յուզում յարուցած էր Մինասի դէմ, կարծելով իրեն օգտին ծառայեցնել, մինչ Աւետիք մէկ կողմէն Մատթէոսի կը սաստէր, որ տեղը դառնայ` եթէ չ՚ուզեր տուգանքի եւ վտանգի ներքեւ իյնալ, եւ միւս կողմէն կառավարութեան կը դիմէր Մինասի գահընկէցութիւնը պահանջելով, եւ Ֆէյզուլլահ դենպետին պաշտպանութեամբ իրեն վրայ դարձնելով անոր յաջորդութիւնը` առանց Կ. Պոլսոյ պատրիարքութիւնն ալ թողլու: Այս է երկու աթոռներու միաւորութեան սկիզբը, որուն ոմանք թուական կը նշանակեն 1701 տարին ( ՉԱՄ. Գ. 734), սակայն Աւետիքի պատրիարքութիւնն ալ 1702-ին սկսած ըլլալուն ( § 1853), աւելի ճիշդ է 1702 յուլիս 13-ին հրովարտակով որոշուած ըսել այդ միացումը ( ԱՍՏ. Ա. 421): Յովհաննէս Հաննա, Երուսաղէմի ողբերգու պատմիչը, այդ միացման վրայ խօսելով, կը գրէ, թէ չարաճճիկ եւ անխիղճ ոմանք, անուամբ եւ եթ քրիստոնեայք, թելադրեալք ի հօրէն իւրեանց սատանայէ եւ ի կամարարաց նորին, զերկու աթոռոց սրբոց առաջնորդութիւնն, այսինքն Երուսաղէմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ, մի առաջնորդութիւն արարին ( ՀՆՆ. 119): Աւետիքի անունը չի տար, թէպէտ գործը պատմելով գործիչը մատնանիշ կ՚ընէ, բայց որովհետեւ մէկէ աւելի անձերու կ՚ակնարկէ Հաննա, իդէպ է զայդ մեկնել Երուսաղէմի միաբան վարդապետներուն վրայ, որոնք Մինասէ վրէժ լուծելու համար, իրենց միաբանութեան դէմ դաւաճանեցին, եւ զայն կորստեան բերանը հասուին, քաջալերելով Աւետիքի փառասիրական եւ շահադիտական ձգտումները: Մենք ալ համամիտ ենք համարձակ կերպով մեղադրել Աւետիքի այդ ձեռնարկը, եւ զայն իբրեւ մեղադրելի կէտ մը նկատել: Աւետիք կ՚ուզէ ինքզինքը արդարացնել, եւ կը գրէ թէ ինքը բնաւ հետամուտ չէր, այլ առաւօտեան ժամուն ես միամիտ կայի յեկեղեցին, չուխատար եկաւ` տարաւ զմեզ սարայըն (74. ԱՐՐ. 151): Այլ պատմութիւնը զինքը չի կրնար արդարացնել, եւ կը պարտաւորուի ճանչնալ Աւետիքը իբր պատճառ այն աղետալի պատահարներուն, որոնց մանրամասնութիւնները պիտի տեսնենք հետզհետէ: Անցողակի գիտենք, որ թէպէտ պատմութիւնը որոշակի չի յիշէր, սակայն եղելութեանց կապակցութիւնը յայտնապէս կը ցուցնէ, թէ ասկէ ծագում առած է` Կոստանդնուպոլսոյ եւ անոր պատրիարքութեան հոգեւորապէս ենթարկեալ վիճակներուն մէջ, Կ. Պոլսոյ աթոռակալներուն իբր Երուսաղէմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք միանգամայն յիշատակուիլը, որ յետոյ երկուքին զատ զատ յիշատակուելուն առաջին քայլն եղած է:

1858. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Աթոռներու միաւորութեան պատճառով բոլորովին եղծաւ ու խանգարեցաւ Երուսաղէմի աթոռին կարգն ու սարքը, քանի որ չկար այլեւս պատրիարք մը` որ միաբանութեան գլուխ, սեփականութեանց տէր եւ մատակարարութեան իշխող ըլլար: Պատրիարքէ զատ ընդհանուր մատակարարի մը պաշտօնը բաւական ժամանակէ իվեր մտած էր, որուն հնագոյն օրինակներէն մէկն է Պարոնտէր Գրիգորի յանձնուած պաշտօնը ( § 1603), եւ որ նորոգուեցաւ Եղիազար Այնթապցիի վրայ ալ, Աստուածատուրի պատրիարքութիւնը յարգելով մէկտեղ ( § 1759): Ժամանակ անցնելով գործը սովորականի դարձաւ, եւ աշխարհականներու անցաւ ընդհանուր մատակարարի պաշտօնը, որ Նազըր եւ Միւթէվէլլի կը կոչուէր երբեմն, եւ վերջէն Պապա կոչմամբ սկսաւ յիշուիլ տեղւոյն վրայ, եւ սոյն միջոցին պաշտօնը վարողը հռչակաւոր Պապա Մինասն էր: Աւետիք Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը ստանձնելով Պապա Մինասին պաշտօնին չդպաւ, այլ Կարապետ անունով մէկ մը իր կողմէն փոխանորդ նշանակեց` Նազըր անունով, եւ արքունի հրովարտակով Երուսաղէմ ղրկեց, յանձնարարելով որ Պապային հետ գործակցութեամբ, անմիջապէս կալեալ զՄինաս վարդապետ, միայն հանդերձին զոր զգեցեալն էր, դիցեն շղթայիւք ի բանտի ( ԱՍՏ. Ա. 420): Այսպէս կ՚ըսէ Երուսաղէմի յիշատակագիրը. բայց Աւետիք կը գրէ, որ թէպէտ այսպէս հրաման եղած էր, սակայն ինքն խնդրած եւ ընդունած է, որ Մինաս պատրիարք` ինք իւր հալովն թող նստի ի վանքն (74 ԱՐՐ. 151): Կարապետ Երուսաղէմ հասնելով գործի ձեռնարկեց 1702 օգոստոս 18-ին ( ԱՍՏ. Ա. 421): Մինաս պատրիարքին գահընկէցութեան եւ Կարապետ Նազըրին պաշտօնին հրովարտակները հանդիսապէս հրապարակուեցան, եւ խիստ քննութիւններ բացուեցան պատրիարքին հաշիւներուն վրայ, որուն մեծամեծ զեղծումներ վերագրուած էին աքսորեալ միաբաններու խօսքերով: Մինաս Համդեցին կրցաւ պատշաճ բացատրութիւնները տալ, ուստի կրկին Կ. Պոլսոյ հետ բանակցութիւններ եղան ֆրանկութեան կամ կաթոլիկութեան կամ աղթարմայութեան զրոյցներ ալ խառնուեցան Մինասը պարտաւոր թողլու համար: Աւետիք պատրիարք Յովհաննէս Ամասիացի փոխանորդն ալ Երուսաղէմ յղեց ( ՉԱՄ. Գ. 737), եւ նոր հրաման ղրկել տուաւ Երուսաղէմի դատաւորին` խիստ քննութիւններ կատարելու: Այս առթիւ մեծ ատեան մը կազմուեցաւ, ուր դատաւորը կոչեաց զմեծամեծս այլազգեաց, զփոխանորդս Լատինաց եւ Յունաց եւ Ասորւոց, զհամայն միաբանս Ս. Յակոբայ, եւ զժողովուրդս Հայոց, որոնք միաբերան Մինասի նպաստաւոր վկայութիւն տուին, թէ զոր ժողովեաց ի ժամանակս իշխանութեան իւրոյ, ծախեաց ի կարեւոր պէտս շինութեանց եւ նորոգութեանց. ոչ վատնեաց զինչս ազգին, հաւատարմութեամբ կատարեաց զամենայն գործս վանաց, եւ ոչ երբեք հակամիտեալ է ի լատին կրօնս ( ԱՍՏ Ա. 424): Դատաւորն ալ այդ վկայութեանց համաձայն կազմեց իր վճիռը եւ Կ. Պոլիս հաղորդեց: Ասով թեթեւցաւ Մինասի կացութիւնը, սակայն պաշտօնէն զրկուած մնաց, եւ Երուսաղէմի մատակարարական գործել Նազըր Կարապետին, եւ վանական գործեր վէքիլ Յովհաննէսին ձեռքն անցան, որոնք ուրիշ նպատակ չունէին, բայց եթէ որեւէ կերպով եւ միջոցով դրամ եւ ինչ ձեռք անցնել, եւ իրենց գլխաւորին հասցնել, հարկաւ իրենց անձնական բաժինն ալ չմոռնալով: Իսկ միաբաններուն նկատմամբ կարի զգայուն են Հաննայի խօսքերը, թէ վէքիլն ու նազըրը սկսանէին նուաճել զբնաւ միաբանս ի ներքոյ կամաց իւրեանց չարաց ( ՀՆՆ. 122): Համդեցին միջոց մըն ալ Երուսաղէմ մնաց ( ՉԱՄ. Գ. 734), եւ վերջապէս միւս տարին, 1703-ի ամառուան մէջ, Կ. Պոլիս գնաց, տեսնել թէ ինչ կրնայ յաջողցնել իրեն եւ Երուսաղէմի համար ( ԱՍՏ. Ա. 428):

1859. ԱՒԵՏԻՔԻ ՋԱՆՔԵՐԸ

Աւետիք պատրիարքին դառնալով պիտի դիտենք, թէ երբոր նա երկու պատրիարքութիւնները իր ձեռքն անցուց, եւ արքունական պաշտպանութիւնը ապահովցուց Ֆէյզուլլահ դենպետին ամենակարող միջնորդութեամբը, համարձակ նետուեցաւ Ֆրանկացեալներու ձեռնարկը ջնջելու, բայց միշտ առանց ձեռքէ թողլու օտարներու հետ հաշտարար եւ խաղաղասէր կերպերը: Ինքն փրանկացեալներու խօսք չ՚ըներ իր յիշատակարանին մէջ, այլ կը յիշէ, թէ բազումք էին ի մէջ ժողովրդեան յօրինազանցք, որոնք յօրինօք կնոջ վրայ մէկ այլ կին կ՚առնէին (74. ԱՐՐ. 115): Այս բանէն ցաւելով չորս մարդիկ. Երեմիա Սահապայեան, Յովհաննէս ու Յարութիւն Թիւլթէլօղլիք եւ Նիկողոս Էսքէրօղլի, զինքն պաշտօնէ ձգելու դիմում են ըրեր, բայց Ֆէյզուլլահ նոյնիսկ դիմողները թիարանի է դատապարտել տուեր: Այս առթիւ ալ Աւետիք կը գրէ, թէ` ես դեռ ոչ էի լուեալ զորպիսութիւն իրին (74. ԱՐՐ. 116): Աւետիք Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը ստանալէն, այսինքն 1702 յուլիսէն ոչ շատ ետքը, Ադրիանուպոլիսէ Կոստանդնուպոլիս եկաւ: Մաքրիհօրիա կամ Մաքրիքէօյ գիւղէն մեծ բազմութիւն մը զինքն դիմաւորեց Մատթէոս Սարի կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ, մեծայարդար պատուասիրութիւններ եղան, եւ քաղաք մտաւ այնպիսի իմն հանդիսիւ` որ չէր բնաւ լեալ ումեք ի պատրիարքաց ( ՉԱՄ. Գ. 735): Իրեն բացակայութեան միջոցին ազատուած էին երեք Ադրիանուպոլսեցի քահանաները, որոնք գրեթէ տարիէ իվեր Թիարանի մէջ բանտարկուած կը մնային ( § 1849), եւ սկսած էին ազատ շրջիլ: Ուրիշներ կը գրեն թէ փոխանորդ Ամասիացին ազատած էր անոնք ( ՉԱՄ. Գ. 737), մինչ Աւետիք իրեն կը վերագրէ անոնց ազատութիւնը (74 ԱՐՐ. 151) միայն թէ Աւետիքի դառնալէն վախցան, եւ Փրանկիսկեան Վեղարաւորաց վանքը ապաստանեցան, ուր էր Մխիթար Սեբաստացին ալ ( § 1852): Աւետիք Կ. Պոլսոյ մէջ ալ խնամով մշակեց Վեղարաւոր Փրանկիսկեանց մեծաւոր Յակինթոսի յարաբերութիւնները, խնջոյքներ ալ պատրաստելով անոր պատուոյն ( ՉԱՄ. Գ. 737), եւ անոր ձեռքով Ֆէրիօլ դեսպանին ալ վստահութիւնը գրաւելով, որ 1702 հոկտեմբեր 2-ին, որ է սեպտեմբեր 2-ին, կը գրէր թէ հալածանքը բոլորովին վերջացած կ՚երեւի ( ԹՕԲ. 56): Աւետիք միւս կողմէն փրանկութեան պատրուակով շատերու վրայ կը ծանրանար, ինչպէս Պրուսայի առաջնորդ Սուքիաս եպիսկոպոսին, անունը անծանօթ մնացած նշանաւոր աւագերէցի մը, յերեւելի երիցանց եւ իշխանաւորաց շատերուն, որոնց բանտարկութիւն եւ գանակոծութիւն սպառնալէ ետքը, ծանր տուգանքներով կը ներէր ( ՉԱՄ. Գ. 735): Այս պարագան լիովին կը ցուցնէ, թէ ինչ էր Աւետիքի բուն նպատակը, զոր գիտէր պատշաճ կերպով գեղերեսել` իբրեւ գործ վրէժխնդիր լինելոյ աստուածային օրինաց, եւ ոչ միայն ուղիղ դաւանութեան, այլեւ բարեկարգական նախանձայուզութեան կերպարանով, որով ժողովրդական համակրութիւն ալ կը շահէր, մինչ իրմէ նեղուածներ, տժգոհներու խումբ մը կը սկսէին կազմել, եւ բողոքնին եպարքոսութեան տեղակալին կը հասցնէին ( ՉԱՄ. Գ. 736), իսկ սա Ֆէյզուլլահէ ստացած հրահանգին համեմատ գանգատողները կը բանտարկէր եւ կը տուգանէր ( ՉԱՄ. Գ. 735): Այդ միջոցներուն էր որ Յովհաննէս Ամասիացին Երուսաղէմ կը ղրկուէր ( § 1856), եւ անոր տեղ պատրիարքական փոխանորդութեան կը կոչուէր Յովհաննէս Զմիւռնիացի վարդապետը ( ՉԱՄ. Գ. 737): Աւետիք օգտուելով Յակինթոսի վրայ ազդած վստահութենէն, առաջարկեց փոխադարձ հաշտարար յարաբերութեանց պայմանագիր ալ կազմել, եւ խնդրեց որ Լատիններն ալ մասնակցին ըլլալիք ծախքերուն, եւ միանգամայն իրենց մօտ ապաւինած Մխիթար վարդապետին եւ Ադրիանուպոլսեցի քահանաներուն պաշտպանութիւն չընեն, որպէսզի թշնամութեան նշանը վերցուի, եւ խոստացաւ լաւ ընդունելութիւն ընել անոնց` երբոր իրեն դիմեն: Մինչեւ իսկ Մխիթարին ուղղուած սիրալիր գիր մըն ալ յանձնեց Յակինթոսի` խոստանալով զայն ի գերագոյն պատիւ բարձրացուցանել, եւ ի վերայ մեծամեծ գործոց պատրիարքութեան կացուցանել ( ՉԱՄ. Գ. 738):

1860. ՄԽԻԹԱՐԻ ՓԱԽՈՒՍՏԸ

Յակինթոս կատարեալ գոհունակութեամբ փութաց Աւետիքի պայմանները գործադրել, որպէսզի հաշտութեան պայմանները իրականացնէ, եւ իր հիւրերուն առաջարկեց վստահօրէն երթալ պատրիարքին մօտ, բացարձակ յայտարարելով թէ այլեւս չի կրնար անոնք իր վանքին մէջ պահել: Ֆէրիօլի ալ Յակինթոսի համամիտ ըլլալուն նշան պիտի ընդունինք, վերեւ յիշուած սեպտեմբեր 21-ի նամակով տուած վկայութիւնը ( § 1857): Յակինթոսի վերջնական յայտարարութեան վրայ երեք Ադրիանուպոլսեցի քահանաներ գացին Աւետիքի մօտ, որ բանիւք խաղաղութեան ընկալաւ զնոսա, իսկ Մխիթար չ՚ուզեց համոզուիլ, եւ ստիպուելով Լատին վանքէն ելլալ, մասնաւոր տուն մը քաշուեցաւ յանծանօթս, եւ հոն ալ ինքզինքը ապահով չկարծելով ընդ առաստաղիւ պահուըտեր է եղեր, ինչպէս անշուշտ իրմէ լսելով, կը պատմեն իրենները ( ՉԱՄ. Գ. 738): Մխիթարի կեանքին ամէնէն նշանաւոր վայրկեաններէն մին է այս, որ իրեններէն կը ներկայացուի իբր ահարկու հալածանքէ մը մազապուր զերծանելու պարագայ, սակայն պատմական հանգամանքներ չեն արդարացներ ենթադրեալ ստիպողականութիւնը: Աւետիք հալածանքի գործեր չէր կատարեր այդ միջոցին, եւ ոմանք դէմ եղած խստութիւններ, պատահական էին, եւ առատ տուգանքներ շորթելու, որ Մխիթարի մասին չէր կրնար ճշմարտուիլ: Իսկ կացութեան մասին պէտք է իբրեւ ապացուցական ընդունիլ Յակինթոսի զգացած վստահութիւնը, եւ Ֆէրիօլի տուած վկայութիւնը, թէ հալածանքը բոլորովին վերջացած կ՚երեւի ( ԹՕԲ. 56): Եթէ Մխիթարի պահուըտելուն վրայ Աւետիք խուզարկութիւններ հրամայեց, շատ բնական էր անարգեալ իշխանաւորին կողմէ կատարուած հետազոտութիւնը, եւ չի կրնար արդարացնել Մխիթարի բորբոքեալ երեւակայութիւնը, որ ինքզինք դահիճի սուրին ներքեւ կարծելով, եկեղեցական սքեմը կը ծալլէ, գուցէ եւ դեմքին վրայ ալ փոփոխութիւններ կը կատարէ, վաճառական մարդու տարազ կը հագնի, եւ օտարազգիներու բարեկամութենէն օգտուելով ինքզինքը Զմիւռնիա գացող նաւ մը կը նետէ: Հոն նախ` վաճառականներու պանդոկ մը, եւ յետոյ Յիսուսեան միաբանութեան Լատին աբեղաներու մօտ կ՚իջեւանի, բայց տակաւին ինքզինքը ապահով չի զգար, եւ միշտ Աւետիքի խնդրակները իրեն ետեւէն հետապնդած կ՚երեւակայէ, հապճեպ կերպով Վենետիկցի նաւ մը կը մտնէ, որ զայն կը հանէ Զակիւնթիա կամ Զանթա կղզին, բաւական հեռու եւ Մխիթարի նպատակէն դուրս տեղ մը: Մխիթարի Կ. Պոլիսէ մեկնիլը կը դրուի 1702 սեպտեմբերին ( ՄԽԻ. 173), եւ Զմիւռնիայէ մեկնիլը հոկտեմբերին ( ՄԽԻ. 174), իսկ Զանթա մնալը կը տեւէ մինչեւ 1703 փետրուար ( ՄԽԻ. 176): Մխիթարի նախ Զմիւռնիա, եւ անկէ դէպի Յունաստան երթալը, պիտի վերագրենք իր շփոթութեան եւ առջեւը ելած առիթէն օգտուելու դիտումին, զի շատ յառաջ միտքը դրած էր Արեւելքէն եւ հայաբնակ կեդրոնէ չհեռանալ:

1861. ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ ՄՕՏ

Լիբանանի բնակիչ Մարոնիներու մօտ երթալ էր Մխիթարի միտքը ( ՄԽԻ. 156), որոնք ազատ վարչութիւն կը վայելէին եւ յատուկ պատրիարքութիւն ալ ունէին, եւ Հռոմէականութեան ալ յարած էին ժամանակէս դար մը առաջ, Գրիգոր ԺԳ. պապին օրով: Մխիթարի նախնական այդ մտադրութիւնը, կարի յարմար կու գայ, նոյն միջոցին Մարոնիներու մէջ զարգացած կրօնաւորական ձեռնարկներուն հետ, որոնց հոգի եւ ներշնջող եղած էր Ապտալլահ Ղարաալի, Բերիացի նշանաւոր վաճառականը, իրեն ընկերակից ունենալով Ճիպրաիլ Հավա եւ Եուսուֆ Պէթըն վաճառականները: Երեքն ալ ինքզինքնին հոգեւորականութեան տուած, 1694-ին, անձամբ ալ կրօնաւորած էին, եւ 1701-ին Ապտալլահ առաջնորդ ընտրուած էր Ս. Եղիսէի հռչակաւոր մայրավանքին Լիբանանի մայրիներուն Սուրբ Ձորին մէջ: Մարոնի վաճառականներուն ձեռնարկը նմանօրինակ ազդեցութիւն գործած էր իրենց արհեստակից եւ մտերիմ հայազգիներէն չորս եղբայրներու վրայ, որպէսզի իրենք ալ Հայերու յատուկ կրօնաւորական հաստատութիւն մը կազմեն Մարոնիներու մօտ եւ անոնց հովանաւորութեան ներքեւ: Այս չորս եղբայրներ` որդիներ էին Մուրատի եւ թոռներ Յովսէփի, որ Պարսկաստանի կողմերէն Բերիա գաղթած էր ժամանակէս իբր կէս դար առաջ, եւ անհաւանական չէ Ունիթոր Ջահկեցիներէն եղած կարծել Յովսէփը: Չորս եղբայրներուն երիցագոյնն էր Աբրահամ, կարեւոր առեւտրական տան մը գլուխ, ժամանակի գործածական տաճկերէն բառով` փերեզակ մը, որուն վրայ ազդած էր Մարոնի բարեկամներուն օրինակը, եւ Բերիայէ Լիբանան էր եկած, կրօնաւորական ձեռնարկին համար տեղեկութիւններ առնելու եւ Ապտալլահի հետ խորհրդակցելու համար ( ԱՆՏ. ): Անշուշտ այդ ամէն պարագաներ Մխիթարի ականջը հասած էին, որ Բերիա եղած էր ժամանակին, եւ այնտեղի հռոմէականներուն հետ յարաբերութեան մէջ գտնուած էր ( § 1837), գուցէ եւ Մուրատեան եղբայրներուն հետ ծանօթացած էր: Հաւանաբար Զմիւռնիա եկած ատենն ալ, Լիբանան անցնելու միտքը իրմէ օտար չէր, երբ հապճէպ փախուստի վայրկեանին շփոթութեան մէջ` Զանթա գացող նաւ մը նետուեցաւ, եւ ուղեգիծը փոխուեցաւ:

1862. ՆԵՐՔԻՆ ՇՓՈԹՆԵՐ

Աւետիք պատրիարք որ 1702 յուլիսին Կ. Պոլիս էր եկած ( § 1857), քանի մը ամիս ետքը նորէն Ադրիանուպոլիս էր դարձած ( ՉԱՄ. Գ. 738), ուր հասած էին երեք Ադրիանուպոլսեցի քահանաներն ալ, զորս խաղաղութեամբ իրենց տուներն էր ղրկած ազատօրէն քահանայագործելու համար: Հարկաւ նոր միջադէպ մը տեղի ունեցաւ, թէրեւս երեք քահանաներ` կամ անխոհեմ վարմունք մը ունեցան, կամ թէ քսութեան հանդիպեցան, որ Աւետիք կրկին զայրացաւ անոնց վրայ, եւ առաջնորդարանին մէջ բանտարկեց, եպարքոսական վճիռով պատուհասել տալու: Միջնորդներ եւ խոստումներ չկրցան Աւետիքի զայրոյթը իջեցնել, եւ քահանաները արձակել տալ, ուստի ոմանք բռնութեան դիմելով յարձակեցան առաջնորդարանին վրայ, եւ քահանաները ազատեցին, եւ պատրիարքին մարդիկը եւ նոյն ինքն պատրիարքն ալ գանակոծեցին: Աւետիք եւս քանզեւս զայրացած եպարքոսին առջեւ ամբաստանեց բռնացող ամբոխավարները, սակայն եպարքոսը Տալտապան Մուսթաֆա փաշա, անուս զինուորական մը, պատրիարքին վրայ դարձուց իր ցասումը, թէ ինչ իշխանութեամբ բանտեր եւ շղթաներ կրնայ ունենալ, եւ նոյն ինքն Աւետիքը բանտարկել հրամայեց ( ՉԱՄ. Գ. 739), ուր եւ մնաց 27 օր (74. ԱՐՐ. 151), մինչեւ որ հասաւ Ֆէյզուլլահի պաշտպանութիւնը. որ ոչ միայն Աւետիքը ազատեց, այլ եւ անոր հակառակորդներէն հինգ հոգի Կոստանդնուպոլսոյ Թիարանը ղրկել տուաւ: Երբոր Ադրիանուպոլիս անհանդարտ էր, Կ. Պոլիս ալ հանդարտ չէր, զի Յովհաննէս Զմիւռնիացի փոխանորդ` համարձակ կը դիմէր զրպարտութեանց եւ բռնութեանց` մեծամեծ տուգանքներ գանձելու նպատակով: Գանգատներուն ձայնը մինչեւ Ադրիանուպոլիս արձագանգեց, եւ եպարքոսական հրամանով Աւետիք Կ. Պոլիս դարձաւ ժողովուրդը խաղաղացնելու համար: Բայց արդիւնքը հակառակ եղաւ, զի այս անգամ Աւետիքի դէմ ամբաստանութիւններ գրուեցան եպարքոսին, որ կրկին Աւետիքը ետ կանչեց քննութեան համար: Աւետիքի գրածին համեմատ իրեն դէմ եղած ամբաստանութիւնը, փրանկացեալներուն պաշտպանութիւն ընելն էր, որոնցմէ 125 հոգիի ցուցակ մը կազմուած էր, եւ իրեն եղած հարցումն էր, որ եթէ այսպէս բան կայ, դու էflր չես ասեր (74. ԱՐՐ. 152): Աւետիք չ՚ուզեց մեկնիլ բարի վկայութեան գիր մը տանելու, եւ Յիսնակաց բարեկենդանին, նոյեմբեր 15-ին, մայր եկեղեցւոյ բեմէն ժողովուրդը հրաւիրեց իրեն համար վկայութիւն տալ: Ամբոխը բազմութեամբ դիմեց եպարքոսական տեղակալին ատեանը, Աւետիքէ դժգոհներուն ամբաստանութիւնները ցրելու: Տեղակալը բազմութենէն եւ աղաղակէն խրտչած, զայն ցրուելու համար առջեւ անցնողներէն երեսուն հոգի ձերբակալել տալով Ֆալախայի գանակոծութեան կ՚ենթարկէ, զոր մերոնք կախաղան կամ աղխաղան կը թարգմանեն. Երեսուններուն մէջն էր Մատթէոս Սարի կաթողիկոսն ալ, եւ ամէնքն ալ տուգանքներով ինքզինքնին գոնէ բանտարկութենէ կ՚ազատեն: Սակայն Աւետիքի նպատակը չի յաջողիր, եւ առանց վկայագիրի Ադրիանուպոլիս կը մեկնի դեկտեմբեր 3-ին, ինչպէս պէտք կը զգանք ուղղել նոյեմբեր 3 գրուածը ( ՉԱՄ. Գ. 742), զի վերագոյնդ Աւետիքը Կ. Պոլիս եղած ըսուած է Յիսնակաց բարեկենդանին ( ՉԱՄ. Գ. 741), որ է ըսել նոյեմբեր 15-ին: Աւետիքի համար միշտ պատրաստ էր Ֆէյզուլլահ դենպետին պաշտպանութիւնը, եւ այս անգամ ալ անով կը յաջողէր Տալտապանը շահիլ եւ իր հակառակորդները բանտարկել տալ, եւ միջոց մը նորէն Ադրիանուպոլիս մնալ կառավարութենէ պաշտպանուած եւ պետական հովանաւորութեամբ զօրացած:

1863. ԽԱՌՆԱԿ ԳՈՐԾԵՐ

Երբ Աւետիք Ադրիանուպոլսոյ մէջ հանդարտած կը նստէր, Յովհաննէս Զմիւռնիացի փոխանորդ` առիթէն կ՚օգտուէր Կ. Պոլսոյ մէջ իր ուզած կերպով շահադիտական հրամաններ եւ հրահանգներ արձակել, միշտ իբր պատճառանք գործածելով լատինականութեան ձգտումները եւ կաթոլիկական զեղծումները: Խստութեամբ կ՚արգելէր եւ կը հաւաքէր ու կ՚այրէր ալ լատիներէնէ թարգմանուած գիրքեր, որոնք Հայ ծէսի հակառակ թուլութիւններ կը ներէին: Լատիններու մօտ ուսած եւ անոնց կողմը բռնող եկեղեցականներուն խորհրդակատարութիւնները կ՚արգելէր, կնունքի եւ թաղումի համար ալ պատրիարքարանէ արտօնութիւն ստանալ կը պահանջէր` դաւանութիւննին ստուգելու պատրուակով, բայց իրօք յատուկ տուրք մը գանձելու նպատակով: Անոնք որ այդ ամէն պարագաներու մէջ ուղղակի հռոմէադաւանութեան դէմ հալածանք մը կը տեսնեն, իրօք իրենց կը հակասեն` երբ կը յայտարարեն, թէ շատեր գաղտ տարեալ գերախայս իւրեանց յեկեղեցիս Յունաց, անդ մկրտէին ( ՉԱՄ. Գ. 742), զի եթէ այդպիսիներ իրօք փրանկացեալներն էին, պիտի խղճէին, պաշտօնապէս հերետիկոս նկատուած Յոյներուն դիմել մկրտութեան կենսատու խորհուրդին համար: Աւետիքի եւ Յովհաննէսի բուռն եւ ընդհանուր հալածանքի գործեր եւ հրամաններ կը վերագրուին այդ միջոցին, միշտ նոյն հռոմէադաւան պատմողներու կողմէ ( ՉԱՄ. Գ. 743), սակայն պատմածներնուն ստուգութիւնը կեղակարծ կը դառնայ Ֆէրիօլ դեսպանին վկայութեամբ, որ ճիշդ այս օրերուն 1903 մայիս 3-14-ին գրած նամակով կը վկայէ, թէ ամէն առեւտրական եւ կրօնական գործերը խիստ լաւ կ՚երթան, եւ բաւական մեծ անդորրութիւն կը վայելենք ( ԹՕԲ. 57): Գիտենք թէ Ֆէրիօլի համակիր մը չէր Աւետիք պատրիարքին, եւ ոչ ալ անոր վրայ վստահութիւն կը տածէր, եւ աւելի իր ճարտարութեան կը վերագրէր ստացուած յաջող արդիւնքը: Սակայն ինչ ալ ըլլայ Ֆէրիօլի եւ Աւետիքի դէմառդէմ կեղծեալ ընթացքը, մեզի կը բաւէ որ եղելութիւններ եւ պատահարներ գոհացուցիչ կերպարան ունէին, եւ կը ստեն այն ահարկու հալածանքներու տեսարանները, զորս հռոմէադաւան պատմողներ կը պատկերացնեն ( ՉԱՄ. Գ. 743): Աւետիք կը պատմէ, թէ անգամ մըն ալ ինքն Կ. Պոլիս եկած է այդ միջոցին 125 անձերու դէմ եղած գրգռութիւնը ցածուցանելու, թէ Զմիւռնացին փախեալ գնաց ի Աճէմիստան, որ վասն ագահութեան դրամ կաշառք առնելու պատճառաւ գրգռութիւններ էր յուզած, թէ ամբաստանութեանց գլխաւորը զպաքերնին կ՚ուտին խօսքն էր, որուն ինքն յայտարարած է թէ իւրեանք գիտեն, զօռով պաք չիլինիր (74 ԱՐՐ. 152), թէ վերջապէս 125 անձերը կրցած է արդարացնել, եւ թէ ի մէջ նոցա միայն երկոտասան մարդ կային չարք եւ ագահք կողոպտողք եկեղեցեաց: Ասոնցմէ երեքը Առաքել Շահամիր օղլու եւ Սրապիոն եւ Աբրահամ Չալուխ, իրեն դէմ ալ ամբաստանութիւն են ըրած, իբրեւ Երուսաղէմի դրամներուն վատնող, այլ Աւետիք պաշտպանուած է, եւ Առաքել ու Աբրահամ Թիարան նետուած, թէպէտեւ Տուլտապան եպարքոս միշտ իրեն հետ հակառակութեամբ է վարուած, սպառնալով թէ զքո գլուխդ կտրեմ, զի այնպէս ըմբռնած էր թէ ինքն օտարացեալներու պաշտպանութիւն կ՚ընէ (74. ԱՐՐ. 153):

1864. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿ

Եթէ ազգային ներքին ձեռնարկներ դժուարին կացութիւն ունէին ընդհանուր վիճակը աւելի անհանդարտ էր, եւ սկզբնապատճառն էր Ֆէյզուլլահ դենպետը, որ անհաւատալի ըլլալու չափ գերիշխանութիւն կազմած էր Մուսթաֆա Բ. սուլտանին անձին վրայ, ամէն ուզածը ընել տալու չափ, եւ ընդարձակ յագուրդ տալով իր հակեւրոպական ձգտումներուն, ցրելով եւ ցրուելով, քանդելով եւ ջարդելով ամենայն ինչ եւ ամենայն անձ, որ եւրոպական յարաբերութեանց եւ մերձաւորութեանց մէջ կը գտնուէր: Պէտք չէ մոռնալ որ Աւետիք Ֆէյզուլլահի հնօրեայ բարեկամն ու մտերիմը, պաշտպանեալն ու պաշտպանողն էր. սակայն ինչպէս պատմուած պարագաները ցուցուցին, Աւետիք բաւական ճարպիկ էր, նոյնիսկ Ֆէյզուլլահի աչքին ներքեւ, Յակինթոսներու եւ Ֆէրիօլներու հետ յարաբերութիւններ մշակելու, եւ իր հաշտարար տեսութեանց վրայ անոնց վստահութիւնը գրաւելու: Սակայն ամէն զօրութիւն, որ բռնական է, իր տարաբախտի վերջը կ՚ունենայ, Ֆէյզուլլահի դէմ ընդհանուր տժգոհութիւնը օրէցօր կը սաստկանար ժողովրդական խաւերուն եւ զինուորական դասակարգերուն մէջ, եւ աւելի բորբոքեցաւ, երբ եպարքոս Տուլտապան Մուսթաֆա փաշան ալ Ֆէյզուլլահի գրգռութեամբ եւ ամբաստանութեամբ, եւ թագաւորական հրամանով խեղդամահ սպանուեցաւ, եւ տեղը անցաւ Ֆէյզուլլահի մտերիմն ու դաւակիցը Ռամի Մէհէմմէտ փաշա, որ զինուորական ալ չէր ( ԺՈՒ. 116): Թագաւորին մայրաքաղաքէ հեռու Ադրիանուպոլսոյ զեղխ կեանքն ալ գանգատի նիւթ դարձաւ, եւ վերջապէս Կ. Պոլսոյ մէջ խռովութեան եւ ապստամբութեան դրօշը համարձակ պարզուեցաւ, եւ Եէնիչէրիներու հռչակաւոր կաթսայն Էթմէյտանի հրապարակին վրայ հաստատուեցաւ, պահանջելով սուլտանին մայրաքաղաք դառնալը, եւ Ֆէյզուլլահի ու շատ մը արբանեակներու պաշտօնանկութիւնը: Խռովարարներ շատ պաշտօնակալներու ապարանքներուն ալ կողոպտեցին, եւ օրէնսգէտներու պատգամախօսական ատեանէն իրենց գործին արդարացումը հռչակել տուին: Նոր 1703 տարւոյ յուլիս 11-22-ին յատուկ պատգամաւորութիւն մըն ալ մայրաքաղաքէ Ադրիանուպոլիս մեկնեցաւ, եւ անոր բռնադատութեան վրայ Ֆէյզուլլահ պաշտօնանկ եղաւ իր որդիներով եւ արբանեակներով, եւ Մուսթաֆա սուլտան խոստացաւ Կ. Պոլիս դառնալ: Ճիշդ այդ օրերուն եւ պատգամաւորութեան մեկնելէն առաջ, յուլիս 8-ին, Աւետիք Ադրիանուպոլսէ մեկնած էր Կ. Պոլիս գալու, զոր հնար չէ իբր պատահական դիպուած նկատել, քանի որ մայրաքաղաքի անցուդարձը անծանոթ չէր կրնար ըլլալ Ադրիանուպոլսոյ մէջ, եւ անշուշտ Ֆէյզուլլահի խորհուրդով ծրագրուած ուղեւորութիւն մըն էր, կերպով մը շփոթութիւնը ցածուցանելու եւ դենպետին դիրքը պաշտպանելու նպատակով: Չորլու հասած ատեն Ռոտոսթոյի առաջնորդ Յովսէփ վարդապետ Կեսարացին, եւ Չէքմէճէ հասած ատեն այլազգի իշխանաւոր մը, Աւետիքը զգուշացուցին Կ. Պոլիս երթալէ, ուր ապստամբութիւնը արդէն համակերպեցաւ միայն` փոխանակ ուղղակի մայրաքաղաք մտնելու, ծովով անցնիլ Իւսկիւտար, որ է նախնի Խրիւսոպոլիսը: Աւետիք Իւսկիւտար հասաւ յուլիս 14-ին ( ՉԱՄ. Գ. 744), պատգամաւորութեան մեկնելէն երեք օր ետքը: Աւետիքի այդ ընթացքը յայտնի կը ցուցնէ, թէ նա գաղտնի նպատակի մը կը ծառայէր եւ որոշ հրահանգի կը հետեւէր:

1865. ԱՒԵՏԻՔ ՊԱՇՏՕՆԱՆԿ

Մինչ այս մինչ այն ապստամբներուն խրոխտութիւնը կը բարձրանար Ֆէյզուլլահի պաշտօնանկութեամբը եւ Մուսթաֆայի դառնալու զիջանելովը, եւ կը վտանգուէր Ֆէյզուլլահեանց կացութիւնը: Հազիւ թէ կը լսուի որ Աւետիք Իւսկիւտար կը գտնուի, վասնզի իր հետեւորդները ուղղակի ցամաքի ճամբով պատրիարքարան եկած էին, ապստամբ խումբը անոր վրայ կը դարձնէ իր զայրոյթը, վասնզի ամէնուն յայտնի էր երկուքին միջեւ տիրող մտերմութիւնն ու համամիտ գործակցութիւնը: Պէտք չէ մոռնալ որ Աւետիքի դէմ եղող ազգային դասակարգ մըն ալ կար, եւ անոնցմէ աւելի` Ֆէրիօլ դեսպանը, որ յայտնի ու գաղտնի ամէն միջոցներ գործածած էր եւ կը գործածէր Աւետիքը տապալելու: Մինչեւ հիմա իր հնարքները ձախողութեան մատնուած էին Ֆէյզուլլահի զօրաւոր պաշտպանութեան առջեւ, բայց այլեւս այն վերջացած էր: Ուստի Տաճիկ խուժանին, Հայ լատինամիտներուն եւ Գաղղիացի դեսպանին միաբան միասիրտ դաշնակցութեամբ` Աւետիքի կործանումը պատրաստուեցաւ: Առաջ անոր բնակած տունը պաշարուեցաւ, եւ կ՚ըսեն թէ Աւետիք փախուստի առաջարկներն ալ մերժեց, ինչ որ յայտնի կը ցուցնէ իր գալուն գաղտնի նպատակը, եւ թերեւս ալ Ֆէյզուլլահի վերջնականապէս ինկած ըլլալուն չհաւատալը, արտաքնայարդար ձեւակերպութիւն մը սեպելով Պաշմաքճըզատէ Ալի էֆէնտի նոր դենպետին անուանումը: Սակայն ամբոխավարներ կը փութան Աւետիքի անձին տիրանալ, եւ երկու օր արգելական պահելէ ետքը, յուլիս 22-ին կը փակեն զայն Եէտիքուլէի աշտարակը, պետական անձերու բանտը, մերիններէն Եօթնաբուրգն թարգմանուած ( ՉԱՄ. Գ. 744): Աւետիքի փոխանորդ Յովհաննէս Զմիւռնիացին ալ կը փնտռուի ( ՉԱՄ. Գ. 745), ինչ որ կաթոլիկներու գրգռութեան նոր փաստ մըն է, զի անոր անձնաւորութիւնը բնաւ նշանակութիւն չէր կրնար ունենալ ապստամբ ամբոխավարներուն համար ( § 1863): Բայց Զմիւռնիացին արդէն ժամանակին փախած եւ հեռացած էր: Աւետիքի բանտարկութիւնը, իրեն պաշտօնանկութիւնն ալ չ՚ենթադրեր, զի ամէն իշխանութեանց տակնուվրայ եղած ատեն, նոր ընտրութեան միջոցը կը պակսէր. ուստի իբր երկամսեայ միջոց մը բացարձակ անիշխանութիւն կը տիրէ ազգային շրջանակին մէջ ալ: Իսկ քաղաքական շրջանակը բնաւ բարեփոխութիւնը չի կրեր, մանաւանդ երբոր Մուսթաֆա սուլտան իր մայրաքաղաք գալը կը յետաձգէ, որուն վրայ մայրաքաղաքի մէջ 200. 000-ի մօտ զինեալ խռովարարներէն ( ԹՕԲ. 58) մաս մը` յուլիս 29-ին ճամբայ կ՚ելլէ Ադրիանուպոլիս երթալ: Իրենց հետ կը միանան այնտեղ գտնուող Եէնիչէրի գունդերն ալ, եւ Մուսթաֆայի գահընկէցութիւնը կը վճռուի 1703 օգոստոս 11-22-ին, եղբայրը Ահմէտ Գ. սուլտան կը հռչակուի, եւ գահընկէցը կը փակուի գաֆէս, որ է արքայազուններուն վանդակապատ արգելարանը, ուր 4 ամիս միայն կ՚ապրի եւ դեկտեմբեր 20-31-ին կը մեռնի ( ԺՈՒ. 319): Նոր կայսրն Ահմէտ Գ. ամէն զիջողութիւններու պարտաւորուեցաւ խռովարարները հանդարտեցնելու եւ շահելու համար, մինչեւ իսկ սեպտեմբեր 6-ին Կոստանդնուպոլիս գալուն առթիւ, նախկին դենպետ Ֆէյզուլլահը անոնց ձեռքը յանձնեց, որ զայն սպաննելէ եւ մարմինը յօշոտելէ ետքը, փոխանակ թաղելու ծովը նետեցին: Աւետիք տակաւին կը մնար Եէտիքուլէի աշտարակը, եւ պատրիարք չկար մէջտեղ, ուստի մեծամեծներ նոր եպարքոս Տամատ Հասան փաշայի դիմեցին, եւ պետական հրամանով նորէն երկու պատրիարքութիւնները բաժնեցին: Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք անուանուեցաւ Գալուստ եպիսկոպոս Զէյթունցի, Ամասիացի ալ կոչուած եւ Կայծակ մականուանեալ, որ երբեմն Երուսաղէմի անուանական պատրիարք էր եղած ( § 1847): Իսկ Երուսաղէմի պատրիարքութեան մէջ վերահաստատուեցաւ Մինաս Համդեցին, որ Կ. Պոլիս կը գտնուէր, եւ իսկոյն ուղեւորուեցաւ Կիլիկիոյ նախկին կաթողիկոս Գրիգոր Պիծակի հետ ( § 1816): Սա Հռոմ դիմած էր մեծամեծ ակնկալութեամբ, բայց կ՚երեւի թէ յուսախաբ եղած Կ. Պոլիս էր դարձած, եւ այս անգամ յանձնառու կ՚ըլլար Երուսաղէմ երթալ իբրեւ Մինասի օգնական: Աւետիքի պաշտօնազրկութիւնն ու Մինասի ու Գալուստի անուանումները նշանակուած են 1703 սեպտեմբեր 8-ին ( ՍՐԳ. ), որ է Աստուածածնայ Ծննդեան տօնին օրը, այն տարի Խաչի պահոց չորեքշաբթիին հանդիպած: Մինաս Համդեցին Երուսաղէմէ դառնալէն ետքը ( § 1856) Կ. Պոլիս մնացած գիտէինք մինչեւ նորէն պատրիարքութիւնը ձեռք անցընելը, որ միեւնոյն տարին տեղի ունեցաւ: Բայց միւս կողմէն կը գտնենք, թէ այդ միջոցին տեղի ունեցած է Յարութիւն Էքսէրճեան սարկաւագին գրածը, որ ընդ վեհին իւրոյ. մեծի տեառն Մինասայ հայրապետին սրբոյ Երուսաղէմի` եդեալք ի Սուրբ Էջմիածին, ողբաձայն գունով ի կարօտ Սուրբ Երուսաղէմի, հառաչանաց տաղ մը կ՚երգէ ( ԷՔՍ. ):

1866. ԱՒԵՏԻՔ ԱՔՍՈՐԵԱԼ

Որչափ եւ բանտարկուած եւ պաշտօնանկ եղած, մեծ էր տակաւին Աւետիքի համակիր շարժումը ժողովուրդին մէջ, ուստի հակառակութեան ցոյցերով ընդունուեցաւ Մայր-եկեղեցւոյ մէջ Գալուստի պատրիարքութեան համար աւագերէցին ծանուցումը, որ այդ պատճառով խոշտանգանքի ալ ենթարկուեցաւ, եւ ամէն կողմ թնդացին` մեք զԱւետիք վարդապետն խնդրեմք աղաղակները ( ՉԱՄ. Գ. 745): Ֆէրիօլ դեսպան եւ հռոմէականներ հազիւ ձեռք անցուցեր էին Աւետիքի անպաշտպան մնալուն պատեհը, ուստի դեսպանին անդուլ թախանձանօքը ( ԹՕԲ. 59) եպարքոսը հաւանեցաւ, ոչ միայն Աւետիքի կուսակիցներէն 15 հոգի անմիջապէս ի ծառայութիւն թիոյ բանտարկել, այլեւ Աւետիքը հեռացնել ու աքսորել: Ուստի ձեռուըները ետեւը կապուած, եւ վիզը չուան ձգուած, Եէտիքուլէէ հանեցին եւ նաեւ դրին Ավրատ կղզին տանելու համար ( ՉԱՄ. Գ. 745): Յիշուած աքսորավայրը փոքրիկ եւ գրեթէ ամայի կղզի մըն է Ասորիքի եզերքը, Լաւոդիկիոյ եւ Տրիպոլիսի մէջտեղը, Եւրոպացիներէ Ապրադատաս գրուած աղաւաղութեամբ ( ԹՕԲ. 59), եւ է հին Արատոս կղզեակը, որ Ռուատ ալ կը կոչուի: Բայց Ֆէրիօլ այսչափով չգոհացաւ, եւ չդադարեցաւ Աւետիքը հալածելէ, եւ իր ազդեցութիւնը մեծ ըլլալով, ամենամանր եւ խիստ զգուշութեանց միջոցներ ի գործ կը դնէ Աւետիքի դէմ: Անոր աքսորն ու բանտարկութիւնը հնար եղածին չափ դժնդակ ընելու կ՚աշխատի, եւ ժանտ բարբարոսութեամբ մը, որուն ապացոյցները մարդ կը վարանի ստոյգ համարելու, եթէ ինքն տուած չըլլար իր նամակներով, եւ հարկ կը համարի իր զոհը ջրով լեցուն մութ բանտի մը մէջ փակել տալ: Այս անգթութեան նրբութիւնը Ֆէրիօլ իր նամակներուն մէջ կը հասկցնէ, առանց ամենեւին ցաւելու, որով ամէն ոք ի զուր կը փնտռէ զայն արդարացնելու փորձ մը ( ԹՕԲ. 60): Աւետիքի Եէտիքուլէէ հանուիլը պէտք է նշանակել սեպտեմբեր 11-ին Խաչի նաւակատիքին, զի յուլիս 22-էն հաշուելով 51 օր մնացած է ահարկու աշտարակին մէջ ( ՉԱՄ. Գ. 745): Իսկ թէ երբ հասաւ աքսորավայրը, որոշ նշանակուած չենք գտնէր, այլ ամիսի մօտ տեւած կ՚ըլլայ Կ. Պոլիսէ մինչեւ Ավրատ ծովագնացութիւնը: Աքսորավայրին մէջ մնացի մի տարի, կը գրէ ինքն (74. ԱՐՐ. 153), եւ անշուշտ շատ խստամբեր եւ տագնապալից եղած է աքսորավայրին մէջ անցուցած տարին, թէպէտ յիշատակներ եւ մանրամասնութիւններ կը պակսին: Սակայն վերեւ յիշուած պարագաներ, եւ մութ ու ճախճախուտ նկուղի մէջ փակելու համար` Ֆէրիօլի կողմէ եղած թելադրութիւնը, բաւական են իբր նմոյշ ծառայել Աւետիքի կրած ծանր նեղութեանց: Հռոմէականներ իրենցմէ ոմանց` դաւանութեան առիթով կրած նեղութիւններէն խոստովանողական եւ մարտիրոսական արժանիքներ կը կազմեն: Աւետիքին ալ` կաթոլիկ Ֆէրիօլի թելադրութեամբ եւ իր դաւանութեան պատճառով կրած տառապանքը` նոյն շարքին անցընելու իրաւունք չունիflնք արդեօք:

1867. ԳԱԼՈՒՍՏ ԵՒ ՆԵՐՍԷՍ

Գալուստ Կայծակ թէպէտ պաշտօնապէս եւ պետական հրամանով պատրիարք անուանուեցաւ, սակայն խաղաղ պաշտօնավարութիւն չունեցաւ, վասնզի Աւետիքի հիացողներ չդադրեցան երբեք անոր անունը տալէ եւ զայն աթոռ վերադարձնելու ջանքերէ, երբեմն ողոքական աղերսագիրներով, երբեմն դրամական խոստումներով, եւ երբեմն ալ Կայծակին դէմ ամբաստանութիւններով: Սակայն մէկ կողմէն նախկին Ֆէյզուլլահեանի մը դէմ նախապաշարեալ հակակրութիւնը, եւ միւս կողմէն Ֆէրիօլ դեսպանին եւ Լատին կրօնաւորներուն եւ կաթոլիկացեալ խմբակին ճիգերը` ապարդիւն կը թողուին Աւետիքեանց աշխատութիւնները, իրենցմէ շատերուն ալ նեղութեանց եւ գանակոծութեանց եւ բանտարկութեանց պատճառ ըլլալով: Յատկապէս կը յիշուին Աբրահամ վարդապետ Արզումանեան, Մուրթ կամ Ճանպապա մականուանեալ, որ 210 հարուածներով գանակոծուեցաւ Ֆալախայի մէջ, եւ Պետրոս վարդապետ, որ Աւետիքի քարտուղարն էր, եւ երեք Երզնկացի քահանաներ, որ նոյնպէս սաստիկ գանակոծութեան ենթարկուեցան, եւ ուրիշ բազմաթիւ անձեր, որոնք Աւետիքի պաշտպանութիւն ընելնուն թիապարտութեամբ պատժուեցան ( ՉԱՄ. Գ. 746): Որչափ Աւետիքի համար համակրութիւն կը յայտնուէր, նոյնչափ հակակրութիւն կար Գալուստի դէմ, եւ այս պարագայէն ջանաց օգուտ քաղել Աւետիքեանց խումբէն եւ Մատթէոս Սարիի աշակերտ Ներսէս վարդապետ Պալաթցի, որ զօրութեամբ դրամոց գործը յաջողցնելու առաջարկը տարածեց: Եւ իրօք ալ ժողովեաց յոլով դրամս, եւ անով զօրացուց Գալուստի դէմ ամբաստանութիւնները: Այս կերպով եպարքոսական վճիռով Գալուստ պաշտօնանկ եղաւ եւ թիարանի բանտարկութեան դատապարտուեցաւ, ( ՉԱՄ. Գ. 747). բայց կ՚երեւի թէ չգործադրուեցաւ, զի Աւետիք կը գրէ, թէ փախեալ էր ի յԱմասիա (74. ԱՐՐ. 153): Թէպէտ Գալուստ տապալեցաւ, բայց Աւետիքի ազատութիւնն ու պաշտօնի դառնալը չիրականացան, զի Ներսէս աւելի օգտակար տեսաւ իր անունով հանել Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան հրովարտակը: Գալուստի պաշտօնը 10 ամիս իսկ չտեւեց, զի 1704 ապրիլ 25-ին, Նոր կիրակիի երկուշաբթին տեղի ունեցաւ պատրիարքի փոփոխութիւնը ( ՍՐԳ. ): Աւետիքեանք աւելի զայրացան Ներսէսի ըրածին վրայ, եւ անոր դէմ բողոքելու եւ զայն ամբաստանելու շարժուեցան, եւ որչափ ալ Տամատ Հասան փաշա եպարքոսին օրով չյաջողեցան, եւ մինչեւ իսկ մատնեցան ի գանս եւ ի բանտս եւ ի ծառայութիւն թիոյ ( ՉԱՄ. Գ. 747), սակայն եպարքոսական փոփոխութիւնը կացութիւնն ալ փոփոխեց: Գալայլը Ահմէտ փաշա, որ եպարքոսութեան կոչուեցաւ 1704 սեպտեմբեր 17-ին` Խաչվերացի օրը ( ՍՐԳ. ), թէպէտ փոքրոգի եւ ունայնասէր անձ մը կը նկարագրուի ( ԺՈՒ. 320), բայց գոնէ բռնական գործերէ հեռու էր, եւ խնդիրներ վերջացած տեսնալու հետամուտ. ուստի շուտով կրցան զինքն համոզել, թէ Աւետիք օտարազգիներու դաւաճանութեանց զոհ մըն է, եւ անոր ներկայութեամբ միայն կրնայ հանդարտիլ Հայերու մէջ տիրող պառակտումն ու խռովութիւնը:

1868. ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՒԵՏԻՔ

Այս համոզմամբ Աւետիքի ազատութիւնը հրամայուեցաւ Գալայլըէն, բայց Աւետիք իր իսկ աղաչանքին եւ աղերսագիրին կը վերագրէ զայն (74. ԱՐՐ. 153), եւ կը կարծենք թէ անտեղի չէ բոլոր միջոցները իրարու յարակցել, նոյնիսկ դրամին ոյժը: Ներսէսի պաշտօնանկութիւնն ալ վճռուեցաւ, սակայն Սարգիս դպիր` Ներսէս Պալաթցիին 1704 ապրիլ 22-ին պատրիարք ըլլալը նշանակելէն ետքը կը գրէ, թէ Ներսէսս այս կրկին եղեւ 1704 հոկտեմբեր 6 ( ՍՐԳ. ): Այս ակնարկը մեզ կ՚առաջնորդէ հետեւցնել, թէ Ներսէսի պատրիարքութիւնը, թէպէտ կարճատեւ, սակայն նոյնիսկ շարունակեալ չեղաւ եւ ընդհատում ունեցաւ, եւ թէ մինչեւ որ Աւետիք աքսորէն դառնար, Ներսէս նորէն պատրիարքութեան մէջ հաստատուեցաւ 1704 հոկտեմբեր 6-ին: Աւետիքի յիշատակներէն ալ կը քաղենք, թէ Ավրատի աքսորավայրէն ելնելէն ետքը շիտակ Բերիա է եկած, ուր Հայոց ժողովուրդն զամենայն մարմնոյ պակասութիւնս լցին եւ պատուօք ճանապարհեցին դէպի Երզնկա, ուր կ՚ուզէր երթալ Աւետիք` իր վանքը, որ է Կայիփոսի վանքը քաշուելու: Բայց Երզնկա հասնելու երկու օր մնացած, յատուկ սուրհանդակով հրաման ստացաւ Կ. Պոլիս դառնալ (74. ԱՐՐ. 153): Ներսէս երկրորդ անգամ պատրիարքութենէն հանուեցաւ, Աւետիք յանձնառու եղաւ ազգին մէջ հաշտութիւնը վերահաստատել, եւ այնպէս կրկին բարձրացաւ պատրիարքական աթոռը 1704 դեկտեմբերին ( ՉԱՄ. Գ. 747): Ոմանք ըսին թէ Աւետիք Մինասը Երուսաղէմի պատրիարքութենէն անգամ մըն ալ վտարելով Կիպրոս աքսորել տուած եւ Մինաս ալ Կիպրոսի մէջ մեռած ըլլայ ( ՉԱՄ. Գ. 748), սակայն Երուսաղէմի մէջ եղող Մինասի գերեզմանը կը ցուցնէ թէ նա արդէն վախճանած էր 1704 նոյեմբերին, Աւետիքի պատրիարք հաստատուելէն առաջ, ինչ որ Աւետիք ինքն ալ կը յիշէ, թէ ահա նա վախճանեալ է (74. ԱՐՐ. 154): Իսկ մահուան ամսաթիւը թէպէտ ի 14 նոյեմբեր ամսոյ գրուած է, սակայն պէտք է իբր տպագրական սխալ նկատել, եւ նոյեմբեր 24 կարդալ, որպէսզի արդարանայ յաւուր ուրբաթու մեռած ըլլալը ( ԱՍՏ. Ա. 429): Աւետիք Երուսաղէմի աթոռին պարապութենէն օգտուեցաւ, նորէն Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան կցելու համար, եւ պէտք չունեցաւ ուրիշ մը աթոռէն տապալել եւ աքսորել: Հռոմէականք կը սիրեն Աւետիքը ամբաստանել, թէ չեւ եւս զբան դաշինն զամիսս երեք ( ՉԱՄ. Գ. 747), այսինքն 1705 փետրուարը չլրացած, բռնութեանց եւ հալածանաց ձեռնարկած ըլլայ: Սակայն Ֆէրիօլ միեւնոյն օրերը, այսինքն 1705 մարտ 11-ին կը գրէ, թէ Աւետիք պատրիարք մեծ ակնածութեամբ կը վարուի, եւ կրօնի գործերը շատ խաղաղ են, եւ օգոստոս 13-ին ալ կը կրկնէ, թէ Աւետիք բնաւ նեղութիւն չտար կաթոլիկաց ( ԹՕԲ. 63): Ասով չենք ուզեր հաստատել թէ Ֆէրիօլ հաշտ եւ վստահ եղած ըլլայ Աւետիքի մասին, զի միանգամայն Աւետիքի համար կը գրէ, թէ շատ չար եւ շատ խորամանկ մարդ է, թէ բնաւ հանգիստ չպիտի թողում զինքը, եւ թէ զինքը բոլորովին ընկճելու առիթը չեմ փախցներ ( ԹՕԲ. 64): Բայց մեզի բաւական է նկատել տալ, որ Աւետիք խոհական ընթացքով հակառակորդին գանգատանաց առիթ չէր տար, եւ նոյնիսկ Ֆէրիօլը իրեն համար նպաստաւոր վկայութիւն տալու կը բռնադատէր: Նշանակութեան արժանի է որ Աւետիք մինչեւ իսկ յանձնառու կ՚ըլլայ 1705 սեպտեմբեր 15/26-ին, Խաչի նաւակատիքին օրը, անձամբ Գաղղիոյ դեսպանատունը երթալ կաթոլիկաց հետ խաղաղութիւնն ամրապնդելու համար ( ԹՕԲ. 64): Աւետիք կը պահանջէ որ Լատիններ Հայերու դէմ գրգռութեան առիթները խափանեն, իրենց եկեղեցիներու մէջ Հայերու դէմ նզովքները դադարեցնեն, եւ Հայոց եկեղեցիներու մէջ քարոզելու թոյլտուութիւնը չարաչար չգործածեն եւ լեզունին չափաւորեն ( ԹՕԲ. 65): Պէտք կը զգանք մտադրութիւն հրաւիրել այդ առաջարկներուն վրայ, որոնք երբ մէկ կողմէն Հայերուն ծայրայեղ ներողամտութիւնը կ՚ապացուցանեն, միւս կողմէն Լատիններուն վրայ պատասխանատուութիւնը կը ծանրացնեն, եւ գրգռութիւններուն անոնց կողմէ ըլլալը կը հաստատեն: Եւ տակաւին Ֆէրիօլ կը յայտարարէ, թէ այս խոսքերուն համար` պատրիարքը կը բռնէր բանտարկել կու տար, եթէ կանխաւ ազատ երթեւեկութեան համար գիր տուած չըլլար ( ԹՕԲ. 65): Իբրեւ հետաքրքրական պարագայ յիշենք այդ այցելութեան առթիւ նոյն ինքն Աւետիքի գրածը, թէ Ֆռանցայու թագաւորաց թագաւորին զպատկերն սուրբ նկարեալ էին ի օտան Էլչի պէկին, տեսի եւ համբուրեցի փափաքմամբ սրտիւ, եւ ցանկայի թէ երբ լինիցի որ զգալի աչօք ճշմարիտ զիւր օրհնեալ տեսոյն արժանանամ եւ համբուրեցից զպատուանդան յոտից նորա (74 ԱՐՐ. 154): Թէ Աւետիք այն օրը այդ զգացումն ու փափաքը ունեցած է, չենք պնդեր. միայն գիտենք որ այդ խոսքերը գրած է Գաղղիոյ խստամբեր բանտին մէջ, երբ իր ազատութիւնը կը սպասէր նոյն թագաւորէն, որ էր Լուդովիկոս ԺԴ:

1869. ՊԱՐՏՔԻ ԽՆԴԻՐԸ

Աւետիք խոհական ջանքերով կ՚աշխատէր հաշտաբար կացութիւն մը ապահովել, առանց հայադաւան եկեղեցւոյ ինքնութիւնը զոհելու եւ առանց օտարամուտ կաթոլիկացման ճիգերը քաջալերելու, սակայն արդիւնքները իր ակնկալութիւնները չպսակեցին, եւ ազգին ներքին վիճակը հետզհետէ աւելի աղմկալից դարձաւ, զի ամէնէն մանր միջադէպներ ալ զայն կը ծանրացնէին: Մէկ կողմէն Լատիններուն եւ լատինամիտներուն գրգռութիւնները Ֆէրիօլ դեսպանին պաշտպանութեամբ, եւ Յակինթոս մեծաւորին թելադրութեամբ ( ԹՕԲ. 69), միւս կողմէն պատրիարքութեան թեկնածու եկեղեցականներուն խորամանկ հնարագիտութիւնները, եւ ժողովուրդին մէջ ալ արմատացած կուսակցութիւնները, աղետալի եղելութեանց դուռ կը բանային հետզհետէ: Պարտքի սովորական գործ մըն ալ ահագին խռովութեան պատճառ եղաւ նոյն միջոցին: Մինաս Ամդեցիին օրէն Երուսաղէմի գործակալ Երեմիա հաւանաբար Սահապայեանը ( § 1856), 22. 000 դահեկանի փոխառութիւն մը առած էր Անգղիացի վաճառականէ մը ( § 1856), անունը Լօթրան, եւ որուն երաշխաւոր գրուած էին Սրապիոն ( § 1863), Ալէքսան Քէօմիւրճեան, եւ Յովհաննէս Ճինեան, որոնք երկոտասան մարդով միաբանեալ կ՚ըսուին (74. ԱՐՐ. 154), եւ հաւանաբար կանուխ յիշուած հակառակորդներով կը լրանան, որոնք են, Յովհաննէս եւ Յարութիւն Թիւթէլօղլիք, Նիկողոս Էսքէրօղլի ( § 1859), Առաքել Շահամիրօղլու, եւ Աբրահամ Չալուխ ( § 1863): Ասոնք Աւետիքի դէմ դատ կը բանան, որ իբր Երուսաղէմի պատրիարք աթոռին անունով եղած փոխառութիւնը վճարէ, իսկ Աւետիք կը դիմադրէ, թող տեղն ցոյց տան թէ սա շինեցաք, թող լինի` տամ. եթէ վանից վրայ խարճած չունին, զիաflրդ տացից սոցա դրամ: Անոնք Երուսաղէմի կնիքով գիր մը կը ցուցնեն, Աւետիք վաւերականութիւնը կ՚ուրանայ, եւ վերջապէս Երեմիայի մեռնելէն ետքն ալ, միւսները մինչ մէկ տարի զայս տավան քշեցին, եւ ոչ կարացին առնուլ, անոր համար քէն պահեն, սպառնալով թէ ի ցամաք, կամայ յակամայ զայս դրամս կ՚առնումք (74. ԱՐՐ. 154): Այդ պարտքին խնդիրը կորիզ մը դարձաւ, որուն շուրջը սկսան հաւաքուիլ ամէն անոնք, որոնք որեւէ կերպով Աւետիքէ ցաւած էին, եւ որոնց մէջ ինքն կը յիշէ այնպիսիներ, որ զերկու կանայք ունէին, եւ զէտի կին թողուլ տուի: Այդ խումբին խառնուեցան նաեւ Մարտիրոս Երզնկացի վարդապետը, մականուանեալ Քիւլհանճի, որ իր ձեռնասունն էր, եւ այս երկրորդ պատրիարքութեան ատեն փոխանորդ անուանուած էր, եւ Հայրապետ Պալիքէսիրցի` զոր Դրսի քէհեա, այսինքն գործակատար նշանակած էր. որովհետեւ երկուքն ալ մի կամք մի խորհուրդ լինելով, եւ հասոյթներն ալ իրենց ձեռքը ըլլալով, պատրիարքի անունով դրամ կը հաւաքէին, եւ 8 ամիս էր որ գործի վրայ էին, բայց ինչպէս կը գրէ Աւետիք, մէկ ստակ ցոյց ոչ ետուն, զդրամն դիզեցին, եւ ինձ պարտք կուտեցին. ծանեայ զնոցա խարդախութիւն, կոչեցին հիսապն տեսայ (74 ԱՐՐ. 155): Ահա այս երկուքին ալ Աւետիքի դէմ ելլալուն պատճառը:

1870. ԱՒԵՏԻՔԻ ԳՈՐԾԵՐԸ

Ազգին մէջ արծարծուած հակառակութիւնները գեղեցիկ առիթ էին Գաղղիացի դեսպանին` անոնք եւս քանզեւս բորբոքելու, եւ ամէն հնարաւոր միջոցներով նոյնիսկ Հայոց մէջէն հակառակորդներ յարուցանելու Աւետիքի դէմ: Այդ խումբին կը խառնուի նաեւ Մատթէոս Սարի, Կիլիկիոյ գահազուրկ կաթողիկոսը, որ այլեւս Կիլիկիա դառնալէն յոյսը կտրած, ուր Պետրոս Բերիացին զօրաւոր կերպով հաստատուած էր, աչքը դարձուցած էր Կ. Պոլսոյ աթոռին, եւ լատինամիտներու օգնութեամբ կը յուսար նպատակին հասնիլ: Մինչեւ իսկ Ֆէրիօլ` դեսպանատունը կը հրաւիրէ զայն, եւ իր ազդեցութեամբը եւ խորհուրդներովը կ՚օգնէ անոր ( ԹՕԲ. 66): Ասկէ կը սկսի Մատթէոսի ալ լատինամիտ կողմը հակիլը, մինչ անկէ առաջ Աւետիքի պաշտպաններէն էր, ինչպէս տեսանք Մաքրիհօրիայի դիմաւորութեան ( § 1859), եւ տեղակալին ատեանը վկայութեան երթալուն առթիւ ( § 1862): Աւետիք ինքն ալ իր յիշատակարանին մէջ իրեն դէմ լարուած մեքենայութեանց մասին տեղեկութիւններ կու տայ, բայց Ինկլիզի էլչին կը յիշէ, որ իրեն դէմ հակառակութիւններ կը գրգռէր, որ նուէրք էր ուղարկէր Թուրք պաշտօնեաներուն անոնք շահելու համար (74. ԱՐՐ. 156), եւ բնաւ Ֆրանցու էլչի պէկին մասին գանգատի խօսք չ՚ըներ, զի Գաղղիացւոց ձեռքն էր ինկած, եւ անոնցմէ բարիք կը սպասէր: Միայն անցողակի կը յիշէ Գաղղիացի դեսպանին տուած այցելութիւնը, եւ իր մօր Երուսաղէմ ուխտի երթալուն առթիւ անոր ձեռքով յարմար նաւ մը ճարելը (74. ԱՐՐ. 155): Սակայն Ֆէրիօլի թշնամութիւնները շատ յայտնի են, ամէնէն պատմուած, եւ իր իսկ նամակներով հաստատուած են, այնպէս որ Աւետիք լռութիւնը, կամ լաւ եւս անուններու փոխանակութիւնը, բռնադատեալ զգուշաւորութիւն մը կը յայտնուի: Պէտք չէ աչքէ վրիպեցնել որ յիշատակարանը գրուած է Գաղղիոյ Բանտին մէջ, երբ այլեւս Աւետիք միտքին մէջ որոշած էր Գաղղիացւոց դաւանական պահանջներուն հաճոյակատարութեամբ իր ազատութիւնը ձեռք անցընել: Աւետիք իրաւ իրեն թշնամի դեսպանատուն մը ցոյց կու տայ, բայց իզուր Անգղիականը կ՚ամբաստանէ, որ այդ տեսակ խնդիրներու երբեք միջամտած չէր, եւ իբր բողոքական, միտք ալ չէր կրնար ունենալ Լատին աբեղաները եւ պապական կրօնքը պաշտպանել: Նոյն իսկ պարտատէր Եւրոպացին Լօթրան, Գաղղիացի մըն է հաւանաբար եւ ոչ Անգղիացի, ինչպէս անունին հնչումն ալ կը թելադրէ, եւ անոր ալ ազգութիւնը փոխանակուած է Աւետիքին գրիչին ներքեւ, դեսպանատունին փոխանակուելուն նման: Աւետիքի երկրորդ պատրիարքութեան տարին լրանալու վրայ էր 1705 տարւոյն հետ, բայց ներքին աղմուկը, եւ Աւետիքի դէմ հակառակութիւնը հետզհետէ կը զօրանար ազդեցիկ եւ դրամատէր դասակարգին մէջ, որուն ոյժ կու տային լատինամիտները թելադրութիւններ կ՚ընէին Լատինները, եւ հովանաւորն էր Գաղղիական դեսպանը: Աւետիքի համակիր եւ իրաւ Հայոց հասարակ ժողովուրդը, որ գոհունակութեամբ կը տեսնէր անոր անխոնջ եւ անվեհեր պաշտպանութիւնը Հայ եկեղեցւոյն համար, սակայն այդ համակրութիւնը չէր բաւէր Աւետիքի պէտք եղած պաշտպանութիւնը պատրաստել, եւ առաջն առնուլ այն ստորին եւ վատ դաւաճանութեանց, որոնք գաղտնաբար, բայց եւ խրոխտ պատրիարքին դէմ:

1871. ՆԱՀԱՊԵՏԻ ՄԱՀԸ

Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան շուրջը կատարուած կարեւոր եղելութիւնները, պահ մը մեր աչքէն հեռացուցին Մայրաթոռոյ գործերը որոնց վրայ վերջին անգամ խոսեցանք` Նահապետ կաթողիկոսի Հռոմի հետ կարծեցեալ յարաբերութեանց առթիւ, եւ յատկապէս յիշեցինք նաեւ Իսրայէլ Օրիի առաջարկութեանց հանդէպ ցուցած ընդդիմութիւնը կաթոլիկանալու պայմանի մասին ( § 1844): Նահապետ սիրով կը հաւանէր ազգային ազատութեան համար ըլլալիք ջանքերուն, միայն թէ անոնք առանց դաւանափոխական պայմանի ներկայանային ( § 1846): Պատմութիւնը մեզի չէ հասուացած Նահապետի վերջին տարիներէն դէպքերու կամ գործերու յիշատակներ, ուսկից կը հետեւցնենք թէ ամփոփուած եւ քաշուած կեանք մը ունեցած է Նահապետ իր վերջին տարիներուն մէջ, եւ հանդարտութեամբ վախճանած է 1705 յունիս 13 չորեքշաբթի օր ( ՉԱՄ. Գ. 749), ինչպէս կը կրկնուի ուրիշներէն ալ ( ՄՈՎ. 286), եւ կը հաստատուի Երեւանեցիին վկայութեամբ, որ 1705 տարեթիւը կը դնէ առանց ամսաթիւի ( ՋԱՄ. 27): Ըստ այսմ իբր թիւրիմացութիւն կը նկատենք ուրիշ տեղ 1706 յունիս 13 գրուած ըլլալը ( ՍՐԳ. ) մանաւանդ որ այսպէս գրողը Էջմիածինի մէջէն չէ: Նահապետի անձնաւորութեան մասին սկիզբէն փոքրիշատէ տեղեկութիւն տուած ըլլալով ( § 1826), կրկին գրելու պէտք չենք տեսներ. բաւական ըլլայ նկատել տալ որ Ստեփանոս Ջուղայեցիի հակաթոռութենէն ետքը ( § 1834), Նահապետ շատ թուլցուցած պիտի ըլլայ իր առաջին խստութիւնները, միաբաններն ալ քիչցուցած պիտի ըլլան իրենց գանգատներն ու պահանջները, տեսնելով Նահապետի յաղթական վերադարձը ( § 1835), քանի որ վերջին տարիները շատ հանդարտ ապրեցան Էջմիածինի մէջ: Իսկ Նահապետի վերագրեալ լատինամիտ կամ կաթոլիկական միտումը չի կրնար բնաւ հաստատուիլ, քանի որ շատ յայտնի է այդ մասին Օրիին առաջարկին չհաւանիլը եւ կաթոլիկանալու մասին ցուցած ընդդիմութիւնը ( § 1844): Մահուան պարագաներն ալ յիշատակուած չենք գտներ, միայն գերեզմանը յայտնի է իւրաշէն վանքին, Շողակաթի բակին մէջ:

1872. ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՊԱՂՈՒՄԸ

Աւելի կարեւոր կը նկատենք հետազննել յաջորդի ընտրութեան յապաղումը, որ 1705 յունիսէն մինչեւ 1706-ի վերջերը երկարած է, եւ այսպիսի նշանաւոր միջադէպ մըն ալ ցարդ առանց բացատրութեան մնացած է, այնպէս որ հետազօտողներն ալ ստիպուած են գրել, թէ յապաղման էութիւնը մեզ յայտնի չէ ( ԶԱՄ. Բ. 40): Մեր տեսութեամբ պէտք է յապաղումը վերագրել այն դժուարութեան` որ յառաջ եկած էր Ստեփանոս Ջուղայեցիի հակաթոռութենէն, եւ երկուքի բաժնած էր Արեւելեան վարդապետներուն խումբը, խոր անջրպետ մը ստեղծելով Մայրաթոռի եւ Նոր-Ջուղայի բաժիններուն մէջ, եւ որ բոլորովին դարմանուած չէր Նահապետի կենդանութեան: Ջուղայեցի բաժինին գլուխը կը գտնուէր Աղեքսանդր Ջուղայեցին, նոյն ինքն որ Ստեփանոսէ առաջ Էջմիածին էր եկած անոր կողմէն Նահապետը վտարելու ( § 1834), եւ որ հարկաւ չէր կրցած ներել Նահապետի պաշտպան Մայրաթոռցիներուն` Ստեփանոսի աղետալի վախճանը ( § 1836): Ջուղայեցիք անշուշտ հետամուտ էին իրենց ձեռքն անցնել Մայրաթոռի տիրապետութիւնը, որ պահ մը իրենցմէ ելած էր Այնթապցիին եւ Եդեսիացիին կաթողիկոսանալովը: Ջուղայի կարող եւ ազդեցիկ իշխանաւորներն ալ հարկաւ ամէն միջոց գործածեցին, որ իրենցմէ դուրս մէկ մը չկարենայ արքունական հաստատութիւն ստանալ: Կ. Պոլսոյ հայութիւնն ալ, որ կարեւոր դեր ունէր այդ պարագաներուն մէջ, Աւետիքի վերջին օրերուն շփոթութեանց երեսէն` չէր կրնար Մայրաթոռի կացութեան մտադրութիւն դարձնել, եւ քիչ ետքը վրայ եկող Աւետիքի արկածը բոլորովին անհնար կը դարձնէր կաթողիկոսական աթոռին եւ ընտրութեան մասին հոգածութիւն ունենալ: Այդ ամէն տատամսութիւնները իրարու խառնուելով, եւ փոխադարձաբար իրարու ճիգերը չեզոքացնելով, պատճառ եղած են ընտրութիւնը օրէցօր յետաձգելու, եւ արգելած են ընտրելիի մը վրայ համաձայնութիւն գոյացնելու: Նոր կաթողիկոսի աթոռ բարձրանալու տարին` Երեւանեցիէն Հայոց 1156 թուականը գրուած ըլլալուն, ոմանք 1707-ին կարծեցին յետաձգել եղելութիւնը, սակայն պէտք է դիտել որ 1156-ի ամանորը 1706 սեպտեմբեր 26-ին հանդիպելուն, յաջորդ ամիսները միեւնոյն 1706 տարւոյն մէջ կը մնան: Մեզի մութ է նաեւ Մայրաթոռոյ վիճակը` տարիէ աւելի տեւող աթոռոյ պարապութեան միջոցին, եւ ոչ ալ կը գտնենք իբր տեղակալ գործերը վարող եպիսկոպոսին անունը, որ հարկաւ Նահապետի հինաւուրց ընկերներէն կամ երիցագոյն ձեռնասուններէն մէկն էր: Չենք գիտեր թէ Էջմիածինի դիւաններուն մէջ անծանօթ մնացած յիշատակներ կը գտնուին արդեօք. միայն թէ մինչեւ այս օր այնտեղի գրողներն ալ այդ եղելութիւնները լուսաբանած չեն, եւ նոյնիսկ Երեւանեցին ալ բացատրութիւն մը տուած չէ ( ՋԱՄ. 27), թէպէտ եւ վեշտասան ամսոց չափ աթոռին անկաթողիկոս մնացած ըլլալը կը հաստատէ ( ՋԱՄ. 81): Բայց եթէ պարապութեան միջոցին Մայրաթոռի յիշատակներ կը պակսին, Կ. Պոլսոյ աթոռին մէջ կարեւոր եւ անօրինակ եղելութիւններ տեղի ունեցած են, եւ կ՚անցնինք անոնք պատմել:

1873. ԱՒԵՏԻՔԻ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐ

Աւետիքի դէմ միաբանած հակաթոռները ( § 1870) վերջապէս անոր կորուստը պատրաստելու ձեռնարկած էին, եւ յայտնի կամ գաղտնի ամէն միջոցներ կը գործածէին որպէսզի իրենց նպատակին հասնին: Աւետիք լուր կ՚առնէ թէ Լօթրանի պարտքին երաշխաւորները, յաջողած են եւ զպարտքն ձգեալ են ի վանից վրայ, որ է ըսել զինքն նեղի պիտի դնեն, եւ անով գահընկէցութեան առիթ պիտի պատրաստեն: Կառավարութեան կողմէն ալ իրմէն կանխիկ կը պահանջէին զգալոյ տարուան զմիրի դրամն, պատճառելով թէ քո տեղւոյդ եւ մանսուպիդ ցանկացող կայ, եւ Աւետիք վտանգը անցընելու համար կը պարտաւորուէր պարտք ընել եւ վճարել (74. ԱՐՐ. 155): Սակայն տագնապը ասով ալ չ՚անցնիր, եւ Աւետիքի կացութիւնը հետզհետէ կը վտանգուի: Օսմանեան կառավարութեան ընթացքն ալ եւսքանզեւս խիստ կը դառնայ Եւրոպացւոց եւ եւրոպականութեան բարեկամներուն դէմ, մանաւանդ երբ Գալայլը Ահմէտ եւ Պալթաճը Մէհէմմէտ եպարքոսներուն կարճատեւ պաշտօնավարութենէն ետքը, պաշտօնի կ՚անցնի Չօրլուլու Ալի փաշա, ուղղութեամբը խիստ եւ բնութեամբը խստասիրտ անձ մը ( ԺՈՒ. 321): Քանի որ ժամանակին անցնող բարուրանքը փրանկացեալ ըլլալն էր, Աւետիքի հակառակորդներն ալ նոյնը կը գործածեն Աւետիքի դէմ, եւ կառավարութեան բողոք կու տան, թէ Էրմէնի միլլէթն իխլալ կ՚անէ, իբր թէ Ֆրէնկ կ՚անէ, չենք ուզէր զնա (74. ԱՐՐ. 155): Այդ բանը կը հաստատեն նոյնիսկ Աւետիքը կաթոլիկներու հալածիչ ներկայացնել ուզողներուն ալ, եւ կը պատմեն թէ եպարքոսը Աւետիքը յանդիմանած ըլլայ, թէ Արդ այժմ գլուխ կամիս լինել Ֆրանկաց ( ՉԱՄ. Գ. 748): Պատմութեան կարգին առջեւ չանցած, պէտք է մտադրութիւն դարձնենք Չամչեանի յառաջ բերած մէկ պարագային վրայ ալ. թէ Աւետիքէ ետքը Մատթէոս Սարի, Սսոյ գահազուրկ կաթողիկոսը պատրիարքութիւն վարած ըլլայ երկու ամիս, եւ իրմէ ետքը այդ պաշտօնին անցած ըլլայ Մարտիրոս Քիւլհանճին 1706 փետրուար 11-ին ( ՉԱՄ. Գ. 750): Սակայն Աւետիք իր յիշատակարաններուն մէջ կը յիշէ, թէ անոնք որ իր պաշտօնանկութիւնը կը պահանջէին, Քիւլհանճին կ՚առաջարկէին, թէ ահա այս Մարտիրոս վարդապետն բուն Էրմէնի է, մեզ լաւ է, զսա կու խնդրենք (74. ԱՐՐ. 155): Աւետիք լսելով թէ բողոքը ընդունելութիւն կը գտնէ, եպարքոսութեան արկղակալին էր դիմէր, կանխիկ վճարումը ետ ուզելու: Եւ ահա միւսում օրն, երկու բարապաններ ներկայացուցեր էին իրեն հրաման, թէ Աւետիք մանզուլ փաթրիկ` Պօհճա ատասընա քալէպէնտ (74. ԱՐՐ. 156), որ է, Աւետիք պաշտօնանկ պատրիարքը Թենետոս կղզին բերդարգել ընելու հրաման: Իսկ այս աւուր թուականը կը գտնենք նոյն Աւետիքի ուրիշ յիշատակարանին մէջ, թէ 1706 փետրուար 2-ին էր (00. ԲՆՍ. 143): Այդ հաշուով փետրուար 2-է 11 Մատթէոս Սարիի երկամսեայ պատրիարքութեան միջոց չի մնար, եւ հարկ կը լինի անոր անունը ջնջել Կ. Պոլսոյ պատրիարքներուն ցանկէն, ինչպէս ուրիշ դիտողներն ալ ըրած են (01. ՕՐԱ. 122):

1874. ԱՒԵՏԻՔ Ի ԹԵՆԵՏՈՍ

Աւետիքի պաշտօնանկութեան եւ պատժապարտ աքսորման շարժառիթը միայն ազգային գլխաւորներուն եւ Լօթրանի պարտքէն զչարացեալներուն բողոքը չէր, այլ անկէ աւելի ուժգին եւ ազդեցիկ էին Գաղղիոյ դեսպանին բողոքները, որ Աւետիքը կը ներկայացնէր իբրեւ Լատիններուն ազգութեան եւ կրօնքին անարգող, Լատին եւ լատինամիտ անհատներու դէմ անիրաւող, եւ բարեկամ տէրութեանց յարաբերութիւնները խանգարող, ուստի պաշտօնապէս կը պահանջէր անոր պաշտօնէ հանուիլը եւ խստիւ պատժուիլը: Այս դիմումներէ եւ ժողովրդական բողոքներէ դրդուած, Չօրլուլուն պէտք կը զգար Աւետիքի վրայ ծանրանալ, եւ զայն գործէն եւ Կ. Պոլիսէ հեռացնել: Չամչեան կ՚աւելցնէ նաեւ, թէ ետ գան հարկանել զնա, եւ արգելեալ ի բանտ մահապարտուց, ի Խանլըխույուն, որ է Արեան գուբը, հրամայեց աքսորել ի Թենետոս ( ՉԱՄ. Գ. 748): Ուրիշ տեղ մըն ալ գրուած է թէ 1706 փետրուար 14/25-ին պատրիարքութենէ հանուելով, երկու ամիս ետքը աքսոր ղրկուած ըլլայ ապրիլ 9/20-ին ( ԹՕԲ. 67): Սակայն Աւետիք իր յիշատակարաններուն մէջ յայտնապէս 1706 փետրուար 2-ին կը դնէ Թենետոս աքսորուիլը (00. ԲՆՍ. 143), եւ 8 օրէն հոն հասնիլն ալ կը գրէ, թէ երկու փոքրաւորովս ութն օր գնացաք ի Պօհճա ատասին լալագին (74. ԱՐՐ. 155), որ է ըսել փետրուար 10-ին հասած է իր աքսորավայրը: Թենետոս ղրկուիլը նշան մըն է, թէ մեղմօրէն վարուած է Չորլուլուն Աւետիքի հետ, ինչ որ անգամ մըն ալ անհաւանական կը ցուցնէ գանակոծութիւնն ու Գանլըգույուի բանտարկութիւնը: Թենետոսի մէջ մնալը տեւած է երկու ամիս ի բերդն (00 ԲՆՍ. 143), որ է ըսել մերձաւորաբար մինչեւ ապրիլի կէսը: Աւետիքը բերդարգելութեան մէջ թողլով, դառնանք մայրաքաղաքին եղելութեանց:

1875. ՔԻՒԼՀԱՆՃԻՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Աւետիքի պաշտօնանկութենէ քանի մը օր ետքը, փետրուար 11-ին, պաշտօնապէս պատրիարք հռչակուեցաւ Մարտիրոս Երզնկացին մականուանեալն Քիւլհանճի, որ Աւետիքի բարերարեալ ձեռնասունն եւ անոր փոխանորդն ըլլալէն ետքը, իր բարերարին դէմ էր դարձած, երբ Աւետիք անոր խարդախութիւններն ու գողութիւնները երեւան հանելով, պաշտօնէն հեռացուցած էր ( § 1869): Մարտիրոս մէկ աղքատ քրիստոնէի որդի էր (74. ԱՐՐ. 155) եղած Երզնկայի մէջ, զոր Աւետիք քովը առած եւ կրթած էր: Մարտիրոս ամուսնացած եւ քահանայ էր ձեռնադրուած Աւետիքէ, եւ այրիանալէ ետքը աբեղայ եւ վարդապետ եւ Զմիւռնիոյ նուիրակ էր եղած Աւետիքի առաջին պատրիարքութեան ատեն, եւ երկրորդ պատրիարքութեան ատեն ալ պատրիարքական փոխանորդ էր անուանուած: Բայց Մարտիրոսի փոխանորդութիւնը Աւետիքի պատրիարքութեան հետ անմիջական եղած պիտի չըլլայ, զի 1705 յունուար 3-ին կը յիշուի, թէ Տէր Եսայի, հայր Փափազօղլու մահտեսի Պօղոսին, վէքիլ եղաւ Աւետիք պատրիարքին ( ՍՐԳ. ): Իսկ Մարտիրոս Եսայիի յաջորդած կ՚ըլլայ, եւ ամենայն ինչ Աւետիքէ ստանալէ ետքն ալ այդպէս խայինութիւն ըրած անոր դէմ (74. ԱՐՐ. 155): Հնար չէր Մատթէոս Սարին ալ անվարձ թողուլ, որ ձեռնտու եղած էր Աւետիքը տապալելու. ուստի անոր ալ յատկացուեցաւ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը, ոչ իբրեւ կատարեալ Երուսաղէմի պատրիարք, այլ իբր պարզ Երուսաղէմի առաջնորդ, ձեւ մը զոր կանուխէն ստեղծած էր Կաֆացին ( § 1787), Կ. Պոլիս մնալու եւ Երուսաղէմի դարպասները իւրացնելու իրաւունքով: Քիւլհանճին եւ Սարին իրարու հետ միաբանած, եւ Աւետիքի հակառակորդներուն ձեռքով յաջողութիւն գտած, պարտաւոր էին իրենց բարեկամները բախտաւորել, եւ հալածել անոնք որ իրենց նպաստաւոր չէին, այսինքն, Աւետիքի կուսակիցներ էին: Այդ կարգին կը յիշուին Մանուէլ ու Յովհաննէս քահանաներ, հաւանաբար ուրիշ առթիւ յիշուած Երզնկացիները ( § 1867), եւ Մարգար Պարթեւազն ու խօճա Սահակ իշխանաւորներ, թէպէտ որոշակի ճշդուած չենք գտներ անոնց դէմ եղած գործերը (01. ՕՐԱ. 122): Մարտիրոս, որ պատրիարքութեան անցաւ, տակաւին եպիսկոպոս ձեռնադրուած չէր, եւ ձեռնադրուելու համար ալ դիւրութիւն չկար, զի Էջմիածինի աթոռը պարապ էր տակաւին Նահապետի մահուընէ ետքը ( § 1872): Ատեն չանցընելու համար անոր ալ դարմանը մտածեց Մարտիրոս, եւ որոշուեցաւ որ Մատթէոս Սարի` Սսոյ գահազուրկ կաթողիկոսին ձեռքէն ձեռնադրութիւն ընդունի: Աշխարհամատրան կիրակիէն, որ ապրիլ 7-ին կ՚իյնար եւ միանգամայն Աւետման տօն էր, Մայրեկեղեցւոյ դրսի բակն աստիճաններ շինեցին, այսինքն է ձեռնադրութեան կոչումին պէտք եղող եօթն աստիճանները, եւ այն տեղ Սարի կաթողիկոս Սսոյ` երեք եպիսկոպոս ձեռնադրեաց, Քիւլհանճիին ուրիշ երկու ընկերներ ալ տալով, որոնք յանուանէ յիշուած չեն: Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն մը նորութիւն էր Կ. Պոլսոյ համար, ուստի զարմանալի բան մի եղեալ է նոյն տեսարանն, որ տեսնողք ապուշ մնացեալ հիացեալ էին ( ՍՐԳ. ): Բայց եթէ նորութիւնը հետաքրքրական էր, նշանակութիւնը հաճելի չեղաւ, որովհետեւ կաթողիկոսական իրաւասութեանց շփոթութիւն յառաջ կը բերէր: Ուստի տժգոհութիւն պատճառեց շատերու, (01. ՕՐԱ. 123), եւ փոխանակ Մարտիրոսի դիրքը ամրացնելու, զայն աւելի տկարացուց, որովհետեւ փաստ ընձեռեց Աւետիքի կուսակիցներուն Մարտիրոսը իբր կանոնազանց եւ իբր ապօրինի ձեռնադրուած նկատելու:

1876. ԱՒԵՏԻՔ Ի ՄԵՍԻՆԱ

Ուրիշ նոր պարագայ մըն ալ եկաւ եւս քանզեւս վտանգել Քիւլհանճիի դիրքը: Թենետոսի բերդը բանտարկեալ Աւետիք` եւ Կ. Պոլսոյ մէջ Աւետիքի բարեկամները, շարունակ հետամուտ էին ազատութեան շնորհը ձեռք բերել, եւ այդ նպատակով, կ՚ըսէ ինքն, արզուհալ ուղարկեցի ի Կոստանդնուպոլիս Թուրքին մեծին, թէ հրաման շնորհեա ինձ, ազատութիւն աստի, եւ գնալ ի Սուրբ յԵրուսաղէմ: Իրեն բարեկամներն ալ հարկաւ նիւթական միջոցներով աշխատեցան զօրացնել աղերսագիրին ազդեցութիւնը, եւ հակառակ դեսպանին ու լատինամիտներուն ընդդիմադիր ջանքերուն, ազատութեան հրամանը ստացուեցաւ (74. ԱՐՐ. 192), ինչ որ նորէն Չորլուլու եպարքոսին Աւետիքի հանդէպ բարեացակամ տրամադրութեան նշանն էր: Բայց երբ Ֆէրիօլի ուղղակի թշնամութեան ճիգերը ապարդիւն դարձան, վատ նենգութեան միջոցները ձեռք առնուեցան, զոր Եւրոպացի գրիչն ալ` ազգաց իրաւանց ամէնէն յանդուգն բռնաբարութիւն կ՚անուանէ ( ԹՕԲ. 66): Աւետիք Թենետոսէ Երուսաղէմ ծովագնացութեամբ պիտի երթար, եւ հետզհետէ պիտի հանդիպէր Քիոս, Հռոդոս ու Կիպրոս: Ֆէրիօլ մտածեց այդ ճամբորդութեան միջոցին նենգութեամբ հափափել տալ Աւետիքը, անոր անձին տիրանալ, եւ զայն Լատին հաւատաքննութեան ատեանին մատնելով անյայտացնել: Իր խորհուրդին գործադիր ընտրեց, Քիոս կղզւոյ գաղղիական փոխհիւպատոս Պօնալը (Bonald), իսկ հրահանգը անոր հասցնելու համար ճամբայ հանեց Յիսուսեան միաբաններէն Թարիյօն աբեղան ( ԹՕԲ. 68): Ապրիլի մէջ կիրակի օր մը, թերեւս նոյնիսկ ապրիլ 7 Մարտիրոսի եպիսկոպոսացած օրը, եպարքոսութեան բարապան մը Աւետիքի յանձնեց հրաման ազատութեան, պաշտօն ունենալով անոր ընկերանալ եւ ճանապարհել մինչ Ռատոս, իսկ անկէ Երուսաղէմ երթալու համար կ՚երեւի թէ բարապանը պիտի փոխուէր: Քիոսի համար նաւ մը գտնելով, Աւետիք եւ բարապանը եւ մէկ փոքրաւոր չորս օրէն հոն հասան, եւ ցամաք ելան նոր նաւ գտնելու: Աւետիք միամտօրէն կը գրէ թէ պատրաստ նաւ չկար Հռոդոսի համար եւ երեք օր սպասեցին (74 ԱՐՐ. 192): Սակայն հոն կատարուեցան ամէնէն տգեղ մատնութեան պատրաստութիւննեը: Եւրոպա գացող Գաղղիական նաւը փոխհիւպատոսը ճարեց, նաւապետին հաղորդեց դեսպանի հրահանգները, Թուրք բարապանն ալ կաշառեց, եւ խեղճ Աւետիք, որ լեզունին չէր գիտեր եւ ըսածնին չէր իմանար, միամիտ վստահութեամբ ինքզինքը անոնց յանձնեց, երեք ոսկի ալ նաւողչէք վճարելով մինչեւ Հռոդոս: Քիոսէ մեկնելու օրը ճշդուած չէ բայց մերձաւորաբար ապրիլին միջին օրերը պիտի ըլլայ: Գիշերուան ժամը 5-ին, այսինքն կէս գիշերին նաւը ճամբայ կ՚ելլայ գաղտագողի, առաւօտուն կը հանդիպի կղզի մը, չեմ գիտեր ինչ կ՚առնեն` կը գրէ Աւետիք, ուսկից պարէն կը հայթայթեն, եւ միւս օր կը հասնին Տէկիրմէնլիք, որ է Սանթօրինօ կղզին: Հոն Թուրք բարապանը դուրս կ՚ելլայ եւ այլ չի դառնար: Երկու օր եւս նաւագնացութենէ ետքը, բռնի դուրս կը հանեն Աւետիքի փոքրաւորը, եւ կղզի մը կը թողուն, եւ խեղճ Աւետիք անճար մնացած, կը սկսի մտածել թէ նաւապետը զիս իflնչ պիտի առնէ, ծովն մի կու ձգէfl, կու սպաննէfl մի, գերեցնէfl մի: Այլեւս առանց օգնականի, գերի կ՚իյնայ նաւապետին ձեռքը, որ կը խլէ կ՚առնէ անոր ունեցածներն ալ, որոնց մէջ նաեւ զՍուրբ խաչն, եւ կաշիէ կղպակած պարկ մը, որուն մէջ ունէր 188 ոսկի, մէկ ադամանդ եւ մէկ զմրուխտ մատանի, ծոցի ժամացոյց, 17 ոսկեթել դաստանակ եւ 7 ձեռք ճերմակեղէն: Աւետիք կ՚ուզէ բողոքել, աղաչել, սակայն լեզունին չի հասկնար, նոքա խօսէին հետս, ես չէի գիտեր թէ զինչ կ՚ասէին, կայի պշուցեալ անասնման, խեղճ պանդուխտ ի մէջ ծովու մտատանջ լինելով (74. ԱՐՐ. 193): Այլեւս ուրիշ տեղ չեն հանդիպիր մինչեւ որ կը հասնին Մէսինա քաղաքը (Messina), որ է Ըսպանեօլ, կը գրէ Աւետիք (00 ԲՆՍ. 143), զի Սիկիլիա` Սպանիացւոց տիրապետութեան ներքեւ կը գտնուէր Փիլպպոս Ե. Պուրպոնի թագաւորութեան օրով: Մէսինա հասնելնին մերձաւորաբար պէտք է դնել 1706 մայիսին սկիզբները:

1877. Կ. ՊՈԼՍՈՅ ՅՈՒԶՈՒՄՆԵՐԸ

Մէսինայի մէջ ալ Աւետիքի անձին տէր կանգնողը միշտ Գաղղիական հիւպատոս մը եղաւ, Բոլ Սուլիէ (Paul Soulier) անուն, որ զայն փակել տուաւ հաւատաքննութեան բանտը (74. ԱՐՐ. 72), զոր ինքն Աւետիք` Նազարէթ կամ Լազարէթ (Lazzaretto) կը կարծէ (74 ԱՐՐ. 193), որ է վարակելոց զգուշարան, եւ մատնեց զայն այն ահաւոր ատեանին խստութեան (74. ԱՐՐ. 72): Հինգ ամիս մնաց Աւետիք Մեսինայի հաւատաքննական բանտին մէջ (00 ԲՆՍ. 143), բայց գործածուած խստութեանց մանրամասնութիւններ պատմուած չեն: Մէսինա հասնելուն կրցած էր Աւետիք իր վիճակին վրայ լուր հասցնել Կ. Պոլիս, 1706 մայիս 7-ին Մէսինայէ գրուած նամակով մը ( ՄԽԻ. 180), եւ ոչ Ճէնովայէ (Genova) ( ԹՕԲ. 69), ուր բնաւ չեն հանդիպած: Լուրը տանելու միջնորդն եղած է Սբարթալի անուն Յոյն վաճառական մը, զոր ի դէպ է նոյնացնել Աւետիքի յիշատակարանին մէջ յիշուած Սախըզու պազիրկեանին հետ (74 ԱՐՐ. 193), որ է Քիոսցի վաճառական: Ժամանակն ալ կը յարմարի, զի յունիսի սկիզբները լուր կ՚առնեն Կ. Պոլսեցիք Աւետիքի օտարներէն հափափուած ըլլալուն վրայ ( ԹՕԲ. 135): Այս է նոր պարագայն որ եւսքանզեւս կը վտանգէ Քիւլհանճիին դիրքը ( § 1876), որ լատինամիտներուն կողմը կը բռնէր, իսկ Լատիններն էին անլուր բռնութեան հեղինակները, եւ շատ ճշմարտանման էր Մարտիրոսի կամակցութիւնը ենթադրել: Յանկարածական շարժում մը Աւետիքեանց կողմէն` Մարտիրոսը կը տապալէ պատրիարքական աթոռէն, եւ 1706 յունիս 9-ին, Լուսաւորչի կիրակէին, պատրիարքարանը կը յանձնուի Միքայէլ Խարբերդցի քահանային, աւելի իբր տեղապահ Աւետիքի (01 ՕՐԱ. 123), զոր ժողովուրդը միշտ իբր պատրիարք կը ճանչնար, քան թէ իբր բուն պատրիարք: Անշուշտ Քիւլհանճիին հետ Սարին ալ խախտուած է իր դիրքէն, այլ Երուսաղէմի համար նոր պատրիարքի ընտրութիւն կատարուած չէ, վասնզի Մինաս Համդեցիի 1704 նոյեմբերին վախճանելէն ետքը ( § 1868), մինչեւ 1718 այլեւս Երուսաղէմ յատուկ պատրիարքներ չունեցաւ, այլ Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան հետ միացուած նկատուեցաւ, եւ Կ. Պոլսոյ գահակալները Երուսաղէմն ալ կառավարէին աշխարհական տեղակալօք եւ նազըրօք, որոնք տիրաբար բռնանային ի վերայ միաբանաց եւ ժողովէին զարդիւնս ( ԱՍՏ. Ա. 429): Աւետիքի նենգութեամբ բռնուած եւ բանտարկուած ըլլալուն լուրը ոչ միայն Հայերը գրգռեց, եւ նոյնիսկ Աւետիքի հակառակ եղողներուն ալ ցնցեց, այլ Օսմանեան կառավարութիւնն ալ զայրացուց, եւ Չօրլուլուն մէկ կողմէն խնդրակներ հանեց զայն գտնելու, եւ միւս կողմէն սաստիկ պնդումներով եւ սպառնալիքներով Ֆէրիօլ դեսպանէն պահանջեց Աւետիքը ետ դարձնել, որ միշտ չգիտնալ ձեւացուց, եւ ամէն բան ուրացաւ, եւ միշտ ծովահէններու ձեռքն ինկած ըլլալուն մեկնութիւնը կրկնեց, ինչ որ կաշառուած բարապանն ալ ըսած էր առաջ, բայց վերջէն տանջանաց ներքեւ ճշմարտութիւնը խոստովանած ( ԹՕԲ. 100): Սակայն ինքն Ֆէրիօլն է որ իր նամակներուն մէջ կը յայտնէ, թէ վերջապէս ձեռքս ինկաւ, ես զինքը Գաղղիա տանել տուի, եւ հրահանգներս տուի Քիոսի փոխհիւպատոսին ( ՄԽԻ. 213): Բայց իբրեւ իրեն չքմեղանք կ՚աւելցնէ, թէ Յիսուսեանց մեծաւոր հայր Յակինթոսն է, որ զիս ստիպեց այդ բռնութեան գործը Աւետիքի դէմ ընելու ( ԹՕԲ. 67): Կը յիշուի եւս թէ Հայոց երկու պատրիարքները` Քիւլհանճին եւ Սարին, արքունի թիարանը նետուելով շղթայի զարնուեցան ( ԹՕԲ. 104): Ֆէրիօլ ինքն ալ զգացած էր, թէ այս դէպքը շատ գէշ է կաթոլիկաց համար, եւ անոնց դէմ զէնք տուած կ՚երեւի մեծ եպարքոսին ( ԹՕԲ. 103), ինչպէս որ ալ սպառնալիքը կատարուեցաւ եւ կաթոլիկները սարսափելի վրէժխնդրութեան ենթարկուեցան, խաթթիշէրիֆ մը ելաւ, եւ լատինածէս Հայոց գլխաւորները բռնուելով բանտարկուեցան ( ԹՕԲ. 101): Հռոմէականներ բողոքներ կը բարձրացնեն իրենցներուն դէմ ելած հրամաններուն վրայ, սակայն եղելութիւնները կը խօսին, թէ որ կողմն է բուն բռնութեան եւ անգութ անիրաւութեան մեղապարտութիւնը, եւ թէ պետական վրէժխնդրութենէ տարբեր բան մը չէին եպարքոսութեան կողմէն հրամայուած կարգադրութիւնները:

1878. ԱՒԵՏԻՔ Ի ԳԱՂՂԻԱ

Կոստանդնուպոլսոյ մէջ զայրացած յուզումները, պիտի յորդորէին Աւետիքի դահիճները` զգուշաւորութեան միջոցներ ձեռք առնել, եւ Մեսինայի մէջ մնալը ապահով չտեսնելով, անծանօթ տեղ մը փոխադրել: Աւետիք ինքն ալ լսեր է, որ Կոստանդնուպոլսոյ Ֆռանցու Էլչի պէկն այլ` գիր է գրէր թէ ուղարկեցէք ի Ֆռանցա: Միտք յղացուեր է Սիկիլիոյ Բալէրմօ (Palermo) գլխաւոր քաղաքը փոխադրել, բայց Ըսպանիու թագաւորն Փիլիպպոս Ե. չէ հաւաներ դահիճի տխուր դերը ստանձնել (74. ԱՐՐ. 194), զոր յօժարակամ ընդունած էր Գաղղիոյ մեծանուն Լուտովիկոս ԺԴ թագաւորը: Այսպէս 1706 սեպտեմբերին, Ժուֆրօա Սուլիէ (Jouffroy Soulier) նաւապետին հսկողութեամբ, Աւետիք կը փոխադրուի Մարսիլիա (Marseille) ուր հասածին պէս իսկոյն արքունի թիարանը կը բանտարկուի ի զընտան անողորմ` գերեաց նման (74 ԱՐՐ. 72): Ինքն Աւետիք ցաւագին շեշտերով կը պատմէ, ոտս իմ զարկին փռանկա երկաթէ շղթայիւք, եւ կռանաւ փեռչինեցին, զմօրուք եւ զգլուխս ածիլեցին, մերկացուցին, եւ զմնացեալ ուռուպաս եւ զգիրքերս եւ թղթերս նոքա առին: Յատկապէս մօրուքին ածիլուելուն կը ծանրանայ, զոր Հայոց ազգն չեն ածիլեր, եւ իբր կարգազրկութիւն մեկնելով, յոյժ յոյժ դժուարս եկաւ կ՚ըսէ: Նոյն երեկոյ կը փոխադրեն ներքին բանտն խոր, ուր մնացի կ՚ըսէ քառասուն օր լալագին (74. ԱՐՐ. 194): Մօնմօր է եղեր բանտին վերակացուին անունը (74. ԱՐՐ. 72), զոր հարկ կը սեպենք յիշել, որ չմոռցուի անլուր բռնութեան գործադիրը: Կ. Պոլսոյ մէջ կը շարունակէին թէ պետութեան եւ թէ ազգին յուզումները Աւետիքը գտնելու, եւ անոր հակառակորդներուն վրայ ծանրանալու: Թէպէտ Ֆէրիօլ իր բոլոր զօրութեամբ անգիտութիւն կը յայտարարէր, եւ ինքն ալ գտնելու համար աշխատութիւններ կը խոստանար, սակայն ձեռքի տակէն 1706 սեպտեմբեր 16-ին կ՚աղաչեմ կը գրէր, որ մութ սենեակի մը մէջ փակել տաք, որպէսզի բնաւ լոյս չտեսնէ, եւ բնաւ ազատութիւն չտրուի իրեն ( ԹՕԲ. 111): Այս լուրերն էին հարկաւ որ Լուդովիկոսի կառավարութիւնը կը յորդորէին Մարսիլիոյ նաւարանին նկուղն ալ բաւական ծածուկ չսեպել, եւ կ՚որոշուէր զայն փոխադրել Գաղղիոյ հիւսիսակողմը Նորմանտիա եւ Բրիտանիա գաւառներուն սահմանակցութեան վրայ, Ատլանտեանի ծովեզերքը` ժայռի մը վրայ բարձրացող Ս. Միքայէլի վանքը, Մօն-Սէն-Միշէլ (Mont-Saint-Michel) անունով ծանօթ Բենեդիկտեանց հռչակաւոր մայրավանքը, որ յետոյ եկեղեցականներու եւ պետական անձերու բանտարկութեան յատկացուեցաւ: Աւետիքը կը խաբեն, թէ Փարիզ կը տանին անկէ ազատ թողլու համար, եւ հասարակ աշխարհականի պէս կը հագուեցնեն, ճիւստիքէօր, շապիկ, տիպա, սօլ, մազ, շաբօ, եաղմուրլուխ, եւ Նէպի անուն անձի մը եւ երկու կտրիճներու հետ առանց Փարիզ հանդիպելու կը բերեն վերոյիշեալ Ս. Միքայէլի վանքը, եւ առանձին սենեակի մը մէջ կը փակեն փէռփրիէօռին (pըre prieur), այսինքն է վանքին մեծաւորին հսկողութեան յանձնելով (74. ԱՐՐ. 194): Մարսիլիոյ թիարանին քառասնօրեայ բանտարկութիւնն, եւ Մարսիլիայէ Մօնսէնմիշէլ Գաղղիոյ ամբողջ երկայնքին ուղեւորութիւնը հաշուի առնելով, իդէպ է 1706 դեկտեմբերին սկիզբները դնել այնտեղ հասնիլը: Ինքն ալ երեք տարի կը հաշուէ միշտ անդ մնալը (00. ԲՆՍ. 143), մինչեւ 1710 յունուար 8 (74. ԱՐՐ. 194), ինչպէս ինքը կը գրէ, եւ ըստ այսմ ամբողջաբար հոն անցուցած կ՚ըլլայ 1707, 1708 եւ 1709 տարիները, անծանօթ բոլոր աշխարհէ: Կ՚երեւի թէ Ֆէրիօլի իսկ չէր ծանուցուած Աւետիքի եղած տեղը ( ԹՕԲ. 111): Այս տեղ ընդհատելով Աւետիքի վրայ գրելիքնիս պիտի անցնինք ուրիշ տեղեր կատարուած իրողութեանց, եւ յատկապէս հայրապետական աթոռին յաջորդութեան, սակայն անկէ ալ առաջ, մեր սովորութեան համեմատ կ՚ուզենք քաղել քանի մը ժամանակակից վկաներուն յիշատակները:

1879. ԿԱՏԱՐԵԱԼ ԳՈՂԹՆԱՑԻ

Գողթն գաւառի Շաղկերտ գիւղի տանուտէր Մալխաս, երբոր պարտական կը մնայ գիւղին հաշուէն, գիւղացոց ճնշումէն ազատելու համար Նախիջեւանի իշխան Մէհէմմէտ Ռիզա խանին կը դիմէ, որ իր կոյս ու գեղանի աղջիկը անոր որդւոյն Մուրթեզաղուլլին տայ, եթէ զինքն գիւղացւոց դէմ պաշտպանէ: Պայմանադրութիւնը կ՚ընդունուի, եւ այր ու կին Տաճիկ հարսնեւորներ կու գան աղջիկը Երեւան տանիլ: Կատարեալ, կամ տաճկական կոչմամբ Թամամ, կ՚ընդդիմանայ, սակայն օգուտ չ՚ունենար, մերթ ի քարշ, մերթ ի յոտին, աղջիկը կը տանին Երեւան, ուր Մուրթեզաղուլին, զարդարեաց զնա ոսկւով եւ արծաթով եւ դիպակով, բայց աղջիկը միտքը կը դնէ մինչեւ վերջը դէմ դնել, Քրիստոսի հաւատովն մեռանել, քան ուրացութեամբ մնալ կենդանի: Տունը Հրազդանի ձորին վրայ ըլլալուն, պատուհանէն վար կը նետուի, եւ ուշաթափութենէն զինքն ժողվելով` կամուրջը կ՚անցնի, Կարբիի ճամբան կը բռնէ, եւ հարցնելով եւ ուղեւորներու հետեւելով Նորագեղի եւ Կարբիի վրայէն Եղվարդ կը հասնի. հոն կը խոստովանի ու կը հաղորդուի կեանքին վտանգը կռահելով, եւ ճամբան կը շարունակէ, ուրիշ տեղ երթալու: Ով ըլլալը յայտնուելով, Եղվարդի տանուտէրը Սահակ, իբր թէ Նախիջեւանի իշխանին վրէժխնդրութենէն վախնալով գիւղին իշխանին խորհուրդով, երկու Տաճիկներու հետ ետեւէն կը հասնի, զարդերէն կը մերկացնէ, կը կապէ եւ Տաճիկներէն մէկուն խանջանովը աղջիկը կը խեղդէ: Մալխաս ետեւէն կը հասնի, մարմինը գտնել կու տայ որուն փառաւոր յուղարկաւորութիւն կը կատարեն իբր վկայուհւոյ, եւ Եղվարդի եկեղեցւոյն բակը կը թաղեն` Կատարեալ Գողթնացի կոյսը: Կատարման թուականն է 1691: Քանաքեռցին յատկապէս Եղվարդ երթալով պարագաները ստուգած ու գիրի առած է ( ԶԱՔ. Բ. 128-131):

1880. ՊՕՂՈՍ ՍՂԵՐԴՑԻ

Միեւնոյն 1691 տարին տեղի ունեցած է Պօղոս Սղերդցի սարկաւագին նահատակութիւնը: Նեստորական Ասորի մը տաճկացած ըլլալով` հանդիսապէս կը բերեն զայն Հայոց եկեղեցին, զի ուրացական քար արկցէ ընդդէմ եկեղեցւոյն, որուն կը հետեւի ամբոխն ալ, եւ կը սկսին եկեղեցին քարկոծել: Մուտն ի վիրապ տօնն էր, եւ եկեղեցին լեցուն էր, ժողովուրդը կը յուզուի եւ կը շփոթի: Այս միջոցիս Պօղոս, նորապսակ սարկաւագ, երիտասարդական աշխոյժով դուրս նետուեցաւ, ամբոխը ցրուելու, բայց խռնումի մէջ պատահաբար քարամբք խորտակեաց զթուղն եւ զդրօշ նոցա: Ասոր վրայ զինքն կը ձերբակալեն եւ դատաւորին ատեանը կը հանեն, որ ուրացութիւն կ՚առաջարկէ մահապարտութենէ ազատելու համար: Պօղոս դիմադրեց, ուստի պահեցին աւուրս բազումս ի բանտի, եւ վերջապէս ոտուըներէն ցցի մը կապելով եւ շուրջը փայտ կուտելով այրեցին արիասիրտ սարկաւագը: Մուտն ի վիրապը մարտի 28-ին իյնալով, եւ աւուրս բազումս ըսուածը երկու շաբաթի չափ համրելով, զատկի մօտ կրնանք դնել նահատակութեան օրը, որ այն տարի կը հանդիպէր ապրիլ 12-ին: Ոսկրները հաւաքելով կը թաղեն Սղերդի եկեղեցւոյն բակը ( ՆՈՐ. 525):

1881. ՍԱՐԳԻՍ ԿԱՐՍԵՑԻ

Ուրիշ նահատակ սարկաւագ մըն է Սարգիս Կարսեցին, աւազանի անունով Սաֆար, 18 տարեկան, որ միանգամայն մուշտակի առեւտուրը կը շարունակէր: Օր մը Տաճիկ կարդացողի մը առջեւ դիտողութիւն ըրած ըլլալով իսլամական կրօնքի մասին, անիկա պատեհ առիթ կը կարծէ սպառնալեօք ձրի ապրանք շորթելու, եւ Սարգիսի ընդդիմանալուն վրայ կը սկսի աղմուկ հանել թէ մեր կրօնքին հայհոյեց: Ամբոխը իսկոյն Սարգիսը դատաւորին առջեւ կը հանէ, որ ուրացութիւնը կ՚առաջարկէ իբր ազատութեան պայման: Գործը կուսակալին ատեանն ալ կ՚ելլայ, եւ հնար չըլլալով սարկաւագին հաստատամտութիւնը խախտել, քարկոծմամբ կը նահատակեն Հայոց 1141 թուին, եւ որովհետեւ հոկտեմբեր 15-ին կը դրուի յիշատակը ( ՆՈՐ. 530), պէտք է 1691 հոկտեմբեր 15-ին դնել նահատակութեան օրը, զի Հայոց յիշեալ թուականին ամանորը սեպտեմբեր 27-ին կ՚իյնար:

1882. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ՊՐՈՒՍԱՑԻ

Նիկողայոս Պրուսացի երիտասարդ մըն էր, Այվազեանց տունէն, Աթաճանի եւ Շուշանի որդի, դարբնութեան արհեստով զբաղած Պրուսայի մէջ, Թահթաքալէ Պօղազը շուկան, եւ 16 ամիս առաջ ամուսնացած, եւ Աննա անունով աղջիկ մը ունեցած: Ութը տարեկան եղած ատեն հօրմէ որբ մնացած, մօրը Շուշանին խնամքով արհեստ սորված եւ գործի տէր եղած էր: Բարետեսիլ պատանի մը ըլլալով, հինգ տարի առաջ` այսինքն 1689-ին, դրացի Տաճիկ արհեստաւորներէն ուրացութեան ստիպումներ կրած էր, որոնք սպառնալիքներ սկսած էին ընել, եւ գործը փակուած էր` զպատիւ կերակրոց ընծայելով նոցա զանազան խորտկօք ( ՆՈՐ. 532): Նոյներ փորձը սկսան կրկնել 1694-ին, որոնց այս անգամ խստիւ պատասխանեց Նիկողայոս, եւ խանութպանները սկսան աղաղակել եւ վկայել թէ մեր առջեւ ուրացած է: Հակառակ վկայութիւն տուողներ ալ եղան, բայց սուտ վկաներ յարգուեցան, եւ Նիկողայոս բանտարկուեցաւ, ուր մնաց 10 օր, եւ այդ միջոցին քաղաքին առաջնորդ Սուքիաս եպիսկոպոսէ ղրկուած քահանայի մը ձեռօք խոստովանեցաւ եւ հաղորդուեցաւ, եւ քրիստոնէութեան վրայ անսասան մնալուն` գլխատման դատապարտուեցաւ: Իսկոյն մերկացնելով, եւ ձեռուըները ետեւ կապուած` քաղաքին մէջ պտտցնելով, ձաղանօք գլխատման տեղը տարին: Ճամբան բարեկամներ եւ խղճացողներ առ երեսս ուրացութեան կը յորդորէին, մայրն ու մօրաքոյրն ու զոքանչն ալ նոյն առաջարկը կ՚ընէին ( ՆՈՐ. 535), այլ արի երիտասարդը անդրդուելի մնաց, եւ վիզը ներկայեց դահիճին, որ չորս հարուածներէ ետքն ալ չկարենալով կտրել, առեալ զդանակն որպէս զգառն եզեն ( ՆՈՐ. 536): Սուքիաս եպիսկոպոս մարմինը թաղելու հրամանը ստացաւ եւ Հայերու ու Յոյներու անհամար բազմութեամբ թաղեց ի նշանաւոր տեղւոջ ( ՅԱՍ. Ա. 218): Նահատակութեան օրն եղած է 1694 մարտ 14, մեծ պահոց չորրորդ չորեքշաբթին ( ՆՈՐ. 537):

1883. ԳՐԻԳՈՐ ՋՈՒՂԱՅԵՑԻ

Ուրիշ երիտասարդ նահատակ մըն ալ է Գրիգոր Ջուղայեցի, Լոյս Գրիգոր մականուանեալ, լոյսի պէս բարետեսիլ կերպարանին համար, եւ տակաւին 18 տարեկան: Գրիգոր Ասպահանի մէջ Անգղիացի վաճառականի մը մօտ կը ծառայէր: Օր մը հանդիպմամբ հօրը հագուստին քղանցքը` Պարսիկ խանութպանի մը ջուրըմպու անօթոյ կը դպչի, որ իր ջուրը պղծեց ըսելով զայն ուժգնապէս գանակոծեալ վիրաւորէ: Գրիգոր զայրանալով երկու այլազգի ծառայակիցներու հետ կ՚երթայ Պարսիկը ծեծել, եւ միասին հարեալ զնա վիրաւորեն, եւ ընդ քարշ տանին ի դուռն Անգղիացւոյն ( ՏՅՈ. Ա. 210): Այսպէս կը սկսի Գրիգորի դէմ անհաշտ թշնամութիւնը, եւ իսլամական կրօնքի դէմ հայհոյած ըլլալու պատրուակը, զոր դատաւորի վճիռով հաստատել կու տան, եւ ըստ այնմ Գրիգորը Անգղիացիներէն կը պահանջեն, որ տեղական դատարանին յանձնեն: Անգղիացիք երկու ծեծող այլազգիները կը յանձնեն, իսկ Գրիգորը կը պահեն: Երբ որ գործը մինչեւ եպարքոսին կ՚ելլայ, Գրիգորը կը հեռացնեն, որ Ջուղային մէջ հօրենական տունը կը պահուըտի: Այն ատեն հայրը կը ձերբակալեն, որ տղուն ուր ըլլալը յայտնէ, եւ երբ սպառնալիքով չեն կրնար իմանալ, երդմամբ կը վստահեցնեն, թէ բան մը հարցնելէ ետքը պիտի թողուն, եւ հայրը հաւանելով մօրը կը գրէ որ յանձնուի, եւ այսպէս Գրիգոր Պարսիկներուն ձեռքը կ՚անցնի ( ՏՅՈ. Ա. 213): Այն ատեն կը սկսին մահուան սպառնալիքներ եւ ուրացութեան առաջարկներ` ազատելու համար: Ամբոխը եպարքոսին վրայ ալ կը ծանրանայ` Գրիգորի մահապարտութիւնը վճռելու, սակայն նա միայն ձաղանքի հրաման կու տայ, եւ շապիկ վարտիքով պնդութեամբ կապուած, քարկոծելով, գանակոծելով եւ կռուփներ հանելով եւ այլ բազմապիսի չարչարանօք բոլոր շուկաները կը պտտցնեն: Կը տանին նաեւ ի խան վաճառականացն Հայոց, ուր Գրիգոր ամէնքը կը քաջալերէր, վստահեցնելով իր ի վերայ ճշմարտութեան հաւատոյ մերոյ մնալուն ( ՏՅՈ. Ա. 216), եւ այսպէս կը տանին մինչեւ ի պանդոկն շահի: Հոն պարսիկ վաճառականներուն աւագը ողոքանաց միջոցներ կը գործածէ, ուրացեալ Հայերէ ոմանք ալ հայերէն լեզուով կը խրատեն առ երեսս դաւանեա, եւ գնա յայլ քաղաքս, բայց նա կը մնայ անդրդուելի: Ամբոխէն մէկը գաւազանով, եւ ուրիշ մը սուրով կը զարնեն, եւ բարձրաւանդակէ կը գլորեն, բայց ուրիշներ ազատելով սենեակ մը կը փակեն: Մոլեգնեալ ժողովուրդը սենեակին դուռը կոտրելով ներս կը խուժէ, եւ հոն սուրերով եւ դաշոյններով եւ բիրերով, վրան կը յարձակին եւ յարիւն թաթաւեալ հոգին կ՚աւանդէ արիասիրտ նահատակը ( ՏՅՈ. Ա. 218): Մարմինը Ջուղա տարուելով պատուով կը թաղուի Երեւանի թաղին ամարան եկեղեցւոյն մէջ ( ՆՈՐ. 549): Նահատակութեան օրը տապանագիրին մէջ նշանակուած 1704 յուլիս 3-ին, Ներսէսի եւ Խաթայ տօնին օրը ( ՏՅՈ. Ա. 220), որ ճշդիւ կը պատասխանէ հին տոմարին, երբ սոյն տօնը կը կատարուէր Հոգեգալստեան չորրորդ երկուշաբթին, մինչեւ այժմ Սիմէոնեան տօնացոյցով փոխադրուած է Հոգեգալստեան երկրորդ շաբաթ օրը, եւ անիմանալի կը մնայ թէ ինչու հրատարակողներ 1703 յուլիս 20 գրած են ( ՏՅՈ. Ա. 219):