Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԱՂԵՔՍԱՆԴՐ Ա. ՋՈՒՂԱՅԵՑԻ

1884. ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐԸ

Էջմիածինի մէջ 1705 յունիս 13-էն ի վեր դատարկ էր հայրապետական աթոռը 1872): Անշուշտ հետամուտ էին ամէնքն ալ նոր կաթողիկոսի ընտրութեան, թէպէտ չենք կրնար վճռաբար ճշդել դէմերնին ելած դժուարութիւնները, եւ անոնք հարթելու համար կատարուած բանակցութիւնները: Գրեթէ յանկարծ աթոռ բարձրացած կը տեսնենք Աղեքսանդր Ջուղայեցին, Ս. Ամենափրկիչի առաջնորդը եւ Պարսկաստանի մետրապոլիտը, նոյն ինքն որ Ստեփանոս Ջուղայեցիի կողմէ իբրեւ յառաջընթաց Էջմիածին եկած էր Նահապետ կաթողիկոսը վտարելու 1834): Աղեքսանդրի կաթողիկոսական օծումը 1706 դեկտեմբեր 7-ին կը դրուի ( ՇԱՀ. Ա. 224), բայց կանուխէն որոշուած եւ լսուած եւ ընդունուած պիտի ըլլայ ընտրութիւնը, զի 1706 դեկտեմբեր 20-ին Կ. Պոլսոյ Հայոց գլխաւորները Աղեքսանդրի ուղղուած նամակ մը կը գրեն, եւ միայն 13 օրերու միջոցը բաւական չէր, որ եղելութեան լուրը Կ. Պոլիս հասնէր, եւ Կ. Պոլսեցիք կարենային այնպիսի ընդարձակ գրուած մը պատրաստել, որուն ներքեւ 448 անձերու կնիքներն են դրուած (01 ՕՐԱ. 123): Թէ ժամանակին շփոթութիւնները, եւ թէ Հայութեան զանազան մասերուն մէջ տիրող երկպառակութիւնները, յորդորած են անշուշտ Ջուղայեցւոց խումբը, որ որչափ ալ յաջողած են իրենց ընտրելին յաղթանակել տալ եւ Էջմիածինի վարչութիւնն իրենց ձեռքը անցընել, բայց չեն ուզած օծման նուիրագործութիւնը փութացնել, այլ ամէն բաժիններու, եւ գլխաւորապէս Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանի ալ հաւանութիւնը ընդունիլ: Հետեւաբար մենք կը միտինք դեկտեմբերէ երեք ամիսի չափ առաջ 1706 սեպտեմբերին ընտրական տագնապը լրացած եւ կաթողիկոսը որոշուած ընդունիլ, եւ միայն օծումը մինչեւ դեկտեմբեր 7-ը յապաղած: Այս մեր տեսութիւնը կը հաստատուի ուրիշ մասնաւոր գրութենէ մը, ուր 1706 սեպտեմբեր 18-ին կը դրուի Աղեքսանդրի ի սուրբ աթոռն Էջմիածին ի կաթողիկոսութիւն գնալու թուականը ( ՏՅՈ. Բ. 48): Աղեքսանդրի անձը թէպէտ եւ ոչ բոլորովին անծանօթ, սակայն եւ ոչ բոլոր մանրամասնութիւններով ծանօթ է: Նա զինքն Կոստանդնի որդի կը կոչէ, եւ յաջորդն է այն նշանաւոր եւ բանիբուն վարդապետներու, որոնք Խաչատուր Կեսարացիէ սկսելով պայծառացան իրենց արժանիքով եւ պայծառացուցին Ջուղայի աթոռը: Սիմէոն, Դաւիթ եւ Ստեփանոս Ջուղայեցիներէ ետքը, 1699 յունուար 20-ին յաջորդած է Աղեքսանդր ( ՏՅՈ. Բ. 48), Ստեփանոսի դառնաղէտ մահուան տարելիցէն ետքը` պաշտօնապէս անունը ստանձնելով, իսկ անկէ առաջ իբր տեղապահ վարած է պաշտօնը այն օրէն, որ Ստեփանոս իբր կաթողիկոս Էջմիածին գնաց 1834): Աղեքսանդր թէ հմուտ անձ մը եղած է, եւ թէ բուռն պաշտպան հայադաւան ուղղափառութեան, ինչպէս կը վկայէ իր գրած երկասիրութիւնը, Գիրք ատենական, որ ասի վիճաբանական, զոր պատրաստած է 1682-ին ( ՂԱԶ. 108), եւ տպագրուած է Նոր-Ջուղա 1687-ին, իր վարդապետութեան ատեն ( ՂԱԶ. 107), եւ որուն երկրորդ տպագրութիւնն ալ կատարուած է Կ. Պոլիս, դար մը ետքը 1783-ին ( ՂԱԶ. 109): Այդ գիրքին մէջ Աղեքսանդր նախ հինգ գլուխներով հերքած է բնութեանց խնդիրին մասին քաղկեդոնական դրութիւնը, եւ միւս հինգ գլուխներով ալ պաշտպանած է Հայ եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը, բաժակի ջուրին, յՈրդւոյ յաւելուածին, քաւարանին, առ անձնական դատաստանին, եւ պապութեան մասին` լատինական վարդապետութեանց դէմ ( ՂԱԶ. 108): Աղօթամատոյց գրքոյկ մըն ալ պատրաստած է 1687-ին, բայց միայն 1790-ին հրատարակուած է ( ՂԱԶ. 110): Այդ գրուածները, աւելի քան որեւէ ուրիշ ենթադրութիւն, բաւական են ճշդութեամբ ցուցնել Աղեքսանդրի հաստատուն եւ աներկդիմի հայադաւան ուղղութիւնը:

1885. Կ. ՊՈԼՍՈՅ ԴԻՄՈՒՄԸ

Առաջին գործը որով ստիպուեցաւ զբաղիլ Աղեքսանդր, Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան խառնակ եւ կնճռոտած կացութիւնն էր, Աւետիքի հափափումէն ետքը, երբ Քիւլհանճին ալ տապալեցաւ, եւ Միքայէլ երէց պատրիարքարանի վարիչ նշանակուեցաւ 1877), սակայն ոչ ազգը խաղաղեցաւ, եւ ոչ գործերը կարգադրուեցան: Կ. Պոլսեցիք շատոնց դադարած էին Էջմիածինէ սպասել իրենց գործերուն կարգադրութիւնը, վասնզի ոչ միայն հեռաւոր էին, այլ տարբեր պետութեան ներքեւ գտնուելով` չէին կրնար Օսմանեան կառավարութեան գործերուն միջամտել: Բայց այս անգամ ստիպուեցան Աղեքսանդրի դիմել, գլխաւոր առիթ առնելով Յովհաննէս Զմիւռնիացիին Էջմիածին գտնուելէն, որ Աւետիքի առաջին գահընկէցութեան առթիւ փախած 1865), եւ շունչը Էջմիածին էր առած: Կ. Պոլսեցիք զայն կ՚ուզէին, իբրեւ Աւետիքի հոգւոյն եւ ուղղութեան հետեւող, եւ անոր բացակայութեան ատեն` անոր անունով պատրիարքութիւնը վարելու յարմարագոյն անձ մը: Միւս կողմէն կրօնական խնդիրը տակաւ կը զայրանար, եւ Հայեր կ՚ուզէին իրենց նպաստաւոր վճիռ մը ունենալ Մայրաթոռի հեղինակութեամբ տրուած, որպէսզի անով զօրացած կարենան մաքառիլ լատինամիտներուն դէմ, որ Ֆէրիօլի ազդեցութեամբ ամէն տեսակ բռնութիւններ եւ անիրաւութիւններ կ՚ընէին եւ ընել կու տային, եւ որոնց պսակն էր եղած Աւետիքի անձին դէմ գործածուած հաւատաքննական անգթութիւնը: Այդ գրութեան պատճէնը հրատարակուած ունինք (63. ԿՌՆ. 663-683), որ կը սկսի երկար եւ ամենափառաւոր գովեստներով Աղեքսանդր կաթողիկոսին անձին եւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյն, եւ գրողներ ինքզինքնին կը դաւանին լուսաւորչածին եւ քրիստոսադաւան ուղղափառ հաւատացեալներ: Գրութեան թուականն է 1706 դեկտեմբեր 20 (63. ԿՌՆ. 682), եւ կաթոլիկութեան մուտ գտնելուն սկիզբը 17 տարի առաջ կը դնեն, Խաչատուր Կիւմիւշխանացի վարդապետին ձեռքով, զոր Խաչուրաց կը կոչեն (63. ԿՌՆ. 668): Աղթարմաներուն կը վերագրեն տասնէ աւելի մոլար եւ անտեղի գործեր, եւ կը պատմեն Եփրեմի պատրիարքութեան օրէն եղածները, երկարելով Աւետիքի վրայ, եւ մանրամասնօրէն պատմելով յափշտակութեան պարագաները, եւ անկէ ետքի դէպքերը: Կը գանգատին Էջմիածինի նուիրակներուն թոյլ ընթացքին վրայ, եւ կը խնդրեն որ խորիմաց աստուածաբան վարդապետացդ երկուս եւ կամ երիս ղրկէ իբր քննիչ, եւ Իզմիրցի Յովհաննէս վարդապետն ալ անոնց հետ, որ եկեալ մխիթարեսցէ` մնալով աստէն (63 ԿՌՆ. 677): Կը խնդրեն նաեւ որ պապին գրելով պահանջէ Աւետիքի ազատութիւնը, եւ տպագրութեանց վրայ խօսելով` Գրիգոր դպիրին վրայ պաշտպանութիւն կը հրաւիրեն Տուզախեցի Ղազար քահանային դէմ, զոր ստաբան եւ խաբեբայ կը կոչեն, որ եւ բազում վնաս հասոյց այս Գրիգոր դպրիս. եւ կը փակեն` խնդրելով, որ կապէ եւ անիծէ յանուանէ զամենայն հերձուածողսն: Այդ նպատակով անուանական ցուցակ մը կը կցեն ծանօթ աղթարմաներու, թաղերու վրայ բաժնելով, եւ զատելով բուն աղթարմաները, եւ աղթարմա չ՚ըլլալով Աւետիքի կորստեան համար անոնց հետ միացողները, որոնց գլուխը կը դնեն Մատթէոս Սարին եւ Մարտիրոս Քիւլհանճեան, որ բանտի են ի քիւրէկն (63 ԿՌՆ. 681): Ցուցակները քիչ մը շփոթ են, բայց առաջին թուարկութեամբ, 175 անուններ կը գտնենք: Գումքաբուէն 6 քահանայ, 27 աշխարհական, 3 կին եւ 5 միացող: Սամաթիայէ 7 քահանայ, որոնց առաջինը` Քէօմիւրճի որդի Կոմիտաս երէցն (63 ԿՌՆ. 680), 23 աշխարհական, 14 կին եւ 12 միացող. Պալաթէն 10 վարդապետ, 8 քահանայ, 3 աշխարհական, եւ 7 կին: Ստորագրութեանց մէջ առաջինն է Միքայէլ Խարբերդցի երէցը վեքիլ վեհին, այսինքն պատրիարքական տեղակալ Աւետիքի, երկու վարդապետներ` Յովհաննէս եւ Խաչատուր, եւ 448 կնիքներ, որոց մի քանիսի տակին ստորագրութիւններ կան (63 ԿՌՆ. 683): Աղեքսանդր նամակը առածին պէս Յովհաննէս Զմիւռնիացին փութացուց Կ. Պոլիս երթալ (01 ՕՐԱ. 124), եւ միանգամայն գրեց ի Կոստանդնուպոլիս մեծ վէզիրին Օսմանցւոց, թէ ես Հայոց ազգին ֆէթվա տուողն եմ, եւ դոքա իմ ժողովուրդք` հնազանդիլ ոչ կամին ինձ, եւ ելեալ են կրօնից մերոց, ահա ետու ֆեթվայ, զի պատժիցէք այս անուն եւ այս անուն, թուով իբրեւ 175 կամ 200 անձինս, որք ֆրանկ են եղեալ Հայքդ ( ՏՅՈ. Բ. 47):

1886. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԶՄԻՒՌՆԻԱՑԻՆ

Մինչեւ որ Աղեքսանդրէ սպասուած պատասխանը գար, կամ մինչեւ որ Զմիւռնացին հասնէր, Միքայէլ երէցին վարչականութիւնը չբաւեց պահանջուած գործունէութիւնը ունենալ, եւ Սահակ Ապուչեխցի վարդապետ յաջողեցաւ իրեն գրաւել ազգին մէջ ազդեցիկ խումբի մը վստահութիւնը, եւ Միքայէլը հեռացնել տալով, ինքն նստաւ պատրիարքական աթոռը 1707 յունուար 22-ին ( ՍՐԳ. ), որով միայն 7 ամիս տեւած եղաւ Միքայէլի պատրիարքութիւնը կամ տեղապահութիւնը: Սահակ բնաւորութեամբ հանդարտաբարոյ եւ ուղղութեամբը խաղաղասէր անձ մը նկատուած է, բայց ոչ բնաւ իր եկեղեցւոյն համար տկար եւ իր դաւանութեան համար վարանոտ, այլ աշխատած է հնարաւոր միջոցներով փոթորկեալ կացութիւնը մեղմացնել: Իրեն ձեռնտու ունեցած է Աստուածատուր Ջուղայեցի վարդապետը, մականուանեալ Աղաւնի, որ նուիրակ եկած էր Աղեքսանդր կաթողիկոսի հրամանով, եւ յատուկ հրահանգներ ստացած տպագրական ձեռնարկները քաջալերել, ինչպէս կը հաստատեն զանազան գիրքեր այս միջոցին Կ. Պոլսոյ տպարաններէն ելած (01. ՕՐԱ. 124), որոնցմէ չորս հատ կը յիշուին (01. ՕՐԱ. 125): Սակայն Սահակի ընթացքը չարաչար մեկնուելով, սկսած էր քաջալերել կաթոլիկացեալները, եւ իրենց առաջնորդող Լատինները, եւ իրենց հովանաւոր դեսպանը, ինչ որ չէր կրնար դիւր գալ ազգին ընդհանրութեան, եւ իրենց եկեղեցւոյն հաւատարիմ դասակարգին, որոնք չէին կրնար տոկալ իրենց վարդապետութեան եւ ծէսին եւ սովորութեանց դէմ արձակուած անհիմն նախատինքներուն, եւ ազգին մէջ ցանուած անջատական սերմերուն, մանաւանդ երբ հայրապետական վճռով ալ հաստատուեցան իրենց զգացումները: Ասոնք եղան շարժառիթները` որ Սահակի պատրիարքական պաշտօնն ալ երկարատեւ չկրցաւ ըլլալ, եւ պարտաւորուեցաւ տեղի տալ յայտնուած բուռն զգացումներուն ութն ամիս պաշտօնավարելէ ետքը, եւ 1707 սեպտեմբեր 26-ին, պատրիարք հաստատուեցաւ Յովհաննէս Զմիւռնիացին ( ՍՐԳ. ), զոր այնչափ փափաքով փնտռած էր ազգը` կաթողիկոսին ուղղած խնդրագրովը 1885), եւ որուն ընթացքին եւ ուղղութեանը քաջածանօթ էր 1863), ու միակ յարմարագոյնը կը նկատէր` Աւետիքի անձին վրայ կատարուած անիրաւութեան եւ բռնութեան վրէժը լուծելու: Յովհաննէսի պատրիարքութեան անցնիլը ձախողուած մըն էր կաթոլիկամիտ Հայերուն համար, բայց աւելի Ֆէրիօլի եւ իրեն գործակից ու գործիք եղող Լատին աբեղաներուն, որոնց մէջ կը գերազանցէին Յիսուսեան միաբանները: Ասոնք իրենց ձեռնարկը վտանգուած տեսնելով` սկսան պահանջներ սաստկացնել իրենց համամիտներուն վրայ, ստիպելով որ ոչ եւս գնային յեկեղեցիս Հայոց, այլ յեկեղեցիս Լատինաց: Հռովմէականք այդ եղբայրատեաց կռիւը եւ նախնեաց դէմ հաւատուրաց անարգանքը արդարացնելու համար կը գրեն, թէ տաղտկացեալ բաժանեցան իսպառ ի ժողովրդենէ Հայոց. սակայն ասով ալ խոստովանած կ՚ըլլան թէ իրենք են իրենց դարաւոր եւ հայրենաւանդ եկեղեցիէ բաժնուողները. ընդունած կ՚ըլլան եւս թէ այս պատճառով անկաւ ատելութիւն մեծ ազգին մէջ, եւ ծագեցան կագ եւ կռիւ, նախատինք եւ թշնամանք անհնարին Հայութեան մէջ ( ՉԱՄ. Գ. 750): Մէկ խօսքով ստիպեալ կը խոստովանին թէ իրենք եւ իրենց հրապուրիչներն եղած են` ազգին մէջ տեղի ունեցած աղէտներու եւ արկածներու բուն պատճառներն ու պատասխանատուները:

1887. ՏԱՍՆԵՐՈՒՆ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ

Այդ պարագաներուն մէջ պաշտօնի անցած Զմիւռնիացին, թէ իր բնական միտումին ուժգնութեամբ, թէ կաթողիկոսէն ստացած հրահանգին քաջալերութեամբ, եւ թէ ժողովրդական յուզման եւ զայրացման ստիպմամբ, անմիջապէս ձեռնարկեց շփոթութիւնները լռեցնել եւ առիթ տուողները զսպել: Բայց ոչ եւս հետապնդեց այն 200 կամ 175 անձերը, որոնք յիշուած էին Աղեքսանդրի ուղղուած նամակին մէջ 1885), այլ միայն 40 հոգիներու ցուցակ մը կազմեց, եւ անոնց մէջէն ալ 9 հոգիներու վրայ աւելի ծանրացաւ, որոնք գլխաւոր գրգռիչներ կը նկատուէին, եւ ձերբակալուեցան հոկտեմբեր 21-ին, Խաչի վեցերորդ երեքշաբթին, եւ բանտարկուեցան Չօրլուլու եպարքոսին հրամանով, որ չէր կրնար ներել Լատիններուն եւ լատինամիտներուն` Աւետիքի անձին վրայ կատարուած բռնութիւնը, եւ կառավարութեան պատւոյն եղած նախատինքը: Եպարքոսը բացորոշ եւ սպառնալից կերպիւ Աւետիքը կը պահանջէր, իսկ Ֆէրիօլի ճարը հատնելով շարունակ նորանոր խաբէութիւններ կը մտածէր մեծ եպարքոսին ցասումը իջեցնելու համար ( ԹՕԲ. 108): Յիշեալ ինը գլխաւորներն էին. Մանուկ Տուրսունեան, Աբրահամ Քարաօղլանեան, Մուրատ Թէրճիման, Առաքել Շահամիրեան, Յարութիւն Պէնկլեան, Յարութիւն Թիւթէրեան, Զաքար Նորատունկեան, Մխլայիմեան եւ տիրացու Դաւիթ ( ՉԱՄ. Գ. 751): Այս իննէն զատ ուրիշներ ալ ձերբակալուեցան վերոյիշեալ քառասուններէն, որոնց մէջ կը յիշուին Գէորգ Պօղասիճի, Գրիգոր Սահաթճի, Յարութիւն Օրթագեղցի, Ղազար Պէնկլեան, եւ տիրացու Գէորգ: Նոյն գիշեր ձերբակալուեցան նաեւ Կոմիտաս Քէօմիւրճեան եւ Կարապետ Ճամճեան քահանաները, եւ մասնաւոր տուներ դրուեցան: Չորեքշաբթի օր, հոկտեմբեր 22-ին, ինը գլխաւորներու դատաստանը տեսնուեցաւ Չօրլուլու Ալի եպարքոսին ատեանը, եւ գլխաւոր խնդիրը կը դառնար, Ոflւր աքսորեցիք զԱւետիք վարդապետ հարցումին շուրջը: Մատթէոս Սարին ալ քննութեան բերուեցաւ. Զքեզ ոfl եդ ի տեղի նորա, եւ նա նոյնիսկ ձերբակալեալները ամբաստանեց, թէ նոքա աքսորեցին զԱւետիք, եւ նոքա եդին պատրիարք: Հարցումները կրկնուեցան ամբաստանեալներուն, թէ զԱւետիքն իflնչ արարիք. որուն բացատրութիւն մը չկարենալով տալ, անիրաւ նենգութեան եւ Լատին նենգաւորներու գործակցութեան յանցապարտ համարուեցան. Մատթէոս ալ իրենց կամակից եւ մեղսակից նկատուեցաւ, եւ տասներուն վրայ գլխապարտութեան վճիռ տրուեցաւ, եւ նոյն գիշեր բանտ տարուեցան: Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 23, տասն ալ միասին, գլխատման տեղը տարուեցան, եւ ընդհանուր յուզում մը կը տիրէր: Տասներուն ալ սովորական առաջարկը եղաւ, կրօնափոխութեամբ կեանքերնին ազատելու. պահ մը ընդդիմացան, բայց երբ սուրին շողալը տեսան, առաջին Մատթէոս Սարի, Կիլիկիոյ գահազուրկ կաթողիկոսը, հաւանութեան յայտարարութիւնն ըրաւ, որուն հետեւեցաւ Թիւթէրեան եւ հետզհետէ մնացեալներն ալ, եւ ամէնէն վերջը Նորատունկեանը, եւ այսպէս տասն ալ հաւատքի գնով կեանքերնին ազատեցին: Բայց որովհետեւ առերես ուրացութիւն մըն էր, շատ քիչեր իսլամութեան մէջ մնացին: Մատթէոս փութաց Հռոմ ապաւինիլ, եւ հռոմէականութիւնը պաշտօնապէս ընդունելով պաշտպանութիւն գտաւ. ուրիշներն ալ զանազան տեղեր ցրուելով մտադրութենէ վրիպեցան: Կիլիկիոյ կաթողիկոսներէն ուրիշի մըն ալ ուրացութիւնը յիշեցինք 1840), եւ Մատթէոսի հետ շփոթուած ենթադրեցինք, թէպէտեւ ամէն պարագաներ, Ղասիտէճի անունը, 1696 տարեթիւը, յունիս 5 ամսաթիւը, եւ եօթնեկի շաբաթ օրը ( ՍՐԳ. ) բնաւ չեն յարմարիր Սարիի ուրացութեան:

1888. ԿՈՄԻՏԱՍ ՔԷՕՄԻՒՐՃԵԱՆ

Կոմիտաս Քէօմիւրճեան քահանայի դատը առանձինն պահուած էր, զի իբրեւ շարժումին գլուխ ամբաստանուեցաւ եպարքոսին ատեանը: Կոմիտաս որդի էր Մարտիրոս քահանային եւ եղբայր Երեմիա Չէլէպիին 1830), եւ ինքն ալ կրթութիւն եւ ուսում ստացած էր Նավրէրցի Ամբակումի խնամքով, որ իբր իր սեփական զաւակներ խնամած էր իր քրոջ թոռները: Զարգացման փափաքով իրենց դաւանութեան մասին քիչ շատ թոյլ եղողներուն խումբին խառնուած էր Կոմիտասն ալ, սակայն եղբօրը Երեմիայի խոհական եւ ճարտար զգուշաւորութիւնը չունէր: Եկեղացականութեան հետեւած եւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ աւագերէցութեան բարձրացած էր, եւ քարոզութեան ալ վարժ ըլլալով, ժողովուրդին կը խօսէր` օտար սկզբունքներու համաձայն բացատրութիւններ խառնելով, որով իր վրայ դիտողութեան առիթ ընծայած էր քահանայակից ընկերներուն, որոնցմէ յանուանէ կը յիշուին Յակոբ Աստուածատուրեան, Սահակ Յովհաննէսեան եւ Եսայի Շէօհրթեան քահանաներ ( ՉԱՄ. Գ. 751): Կոմիտաս Գործոց Առաքելոց գիրքը ոտանաւորի վերածած եւ տպագրութեամբ ալ հրատարակած էր 1704-ին, զոր չենք կրցած տեսնել, որ գնահատել կարենայինք: Կոմիտաս Երուսաղէմ ալ գացած էր Եփրեմ պատրիարքի օրով, որ անձնական թշնամութենէ խուսափելէ աւելի, հայադաւանութեան մօտիկ եղած ըլլալու նշան պէտք է սեպուի, քանի որ Երուսաղէմի միաբանութիւնը միշտ հռոմէադաւանութենէ հեռու ճանչցուած էր: Կոմիտասի ձերբակալութիւնը հռոմէականք պարզապէս Սամաթիոյ քահանաներուն նախանձին կը վերագրեն ( ՉԱՄ. Գ. 751), սակայն աւելի ճիշդ կ՚ըլլար իր անզգոյշ համարձակութեան վերագրել, զի քաջալերած կը սեպուէր Աւետիքի դէմ ելլող նենգաւոր հալածիչները. եւ եթէ ոչ ուղղակի, գոնէ անուղղակի անոնց գործակից կը նկատուէր: Ըստ այսմ եղելութեանց կապակցութիւնը եւ Օսմանեան կառավարութեան ընթացքը ուսումնասիրելով, եղածը ոչ այնչափ դաւանական խնդիր մը, այլ աւելի Լատիններուն Աւետիքի վրայ գործած անիրաւութեան, եւ լատինամիտներուն անոնց համամիտ գտնուելուն վրէժխնդրութիւնը պէտք է ճանչնալ: Միեւնոյն խնդիրին պատճառով Կոմիտասի վրայ ալ յանցապարտութեան վճիռը տրուեցաւ դատաւորէն, 1707 հոկտեմբեր 23, հինգշաբթի օր, երկու ընկերներու` Յարութիւն Խաչատուրեանի եւ Գրիգոր Եղիայեանի հետ, իսկ 1707 հոկտեմբեր 25-ին շաբաթ օր, Գիւտ Խաչի նախընթաց օրը, վերջին հարցուփորձէ մը ետքը, գլխապարտութեան վճիռ տրուեցաւ եպարքոսէն, եւ գլխատման տեղը տարուեցան: Կոմիտասի առաջարկուեցաւ կրօնափոխութեամբ կեանքը ազատել, սակայն նա իր հայրենական հաւատքին վրայ հաստատուն, եւ արիասիրտ անձի մը զգացմամբ տոգորեալ, յանձն չառաւ քրիստոնէական հաւատոյ ուրացութեամբ ապրիլ, եւ յօժարակամ դրաւ գլուխը դահիճին սուրին ներքեւ: Միւս երկու ընկերները շուարած եւ սահմռկած կեանքերնին ազատեցին ուրացութեան պայմանին ենթարկուելով ( ՉԱՄ. Գ. 755) առաջին տասներուն նման:

1889. ԿՈՄԻՏԱՍ ՆԱՀԱՏԱԿ

Կոմիտաս քահանային նահատակութիւնը հռոմէականք կը սիրեն ուղղակի կաթոլիկ դաւանութեան համար մարտիրոսութիւն նկատել, մինչ պարզապէս իսլամութիւնը մերժելուն համար տեղի ունեցած է, նման այն ամէն նահատակութիւններուն, զորս պատմութեանս կարգին յիշատակեցինք շարունակաբար: Իրեն դէմ յարուցուած հակառակութիւնն ալ, թէ ազգային շրջանակին եւ թէ պետական պարունակին մէջ, իբր սկզբնապատճառ եւ իբր շարժառիթ ունեցած է Աւետիքի անձին վրայ կատարուած կաթոլիկական նենգաւոր բռնութիւնը, որուն մէջ կը սիրենք Կոմիտասը գործակից եղած չճանչնալ, եւ կը ցաւինք ինքզինքը իբր համամիտ ցուցած ըլլալուն: Յովհաննէս պատրիարքի համար ալ` պէտք չէ մոռցուի անոր անպայման սէրը Աւետիքին վրայ: Կոմիտաս ինքն ալ, բանտէն իր քահանայակից ընկերներուն գրած նամակովը, որ Սամաթիոյ 1865 տարւոյ հրդեհին այրած է, այլ զոր կարդացողներ դեռ կենդանի են ( ՇՀՊ. ), որոշակի յայտարարած է, թէ ինքն փրանկացեալ մը չէ, եւ իր վրայ վստահութիւն ներշնչելու համար, խոստացած է աւագերիցութենէ հրաժարիլ եւ քարոզ չխօսիլ: Իրեն վրայ գործադրուած գլխատման ալ` ուղղակի պատճառը, ոչ թէ կաթոլիկութիւնը, այլ քրիստոնէութիւնը ուրանալու եւ իսլամութիւն ընդունելու առաջարկին խստիւ պատասխանելն է եղած, թէ չեմ կրնար ոսկին տալ եւ փոխարէն պղինձ ընդունիլ ( ՇՀՊ. ): Իր վերջին օրերը շարադրած ողբին մէջ ալ ազգին աղիտալի վիճակը կ՚աւաղէ, բայց ոչ Հռոմի եւ ոչ կաթոլիկութեան յիշատակութիւն կ՚ընէ, այլ Լուսաւորչի աշխատանաց եւ Լուսաւորչի ուխտին միայն կ՚ակնարկէ, որ ամէն անկեղծ հայադաւանին գործածած բացատրութիւնն է: Նահատակ քահանային թաղումը կատարած կ՚ըսուին Յոյն քահանաներ ( ՉԱՄ. Գ. 755), սակայն Հայոց բաժնին մէջ թողուած ըլլալը կը ստէ ենթադրութիւնը, զի առանց Հայոց պատրիարքին հաւանութեան չէր կրնար հոն թաղուիլ: Նոյնպէս կը նկատենք մարմինը անգլուխ թաղած ըլլալուն պարագան, ինչ որ կանոնական թերութիւն մը եղած կ՚ըլլար: Իսկ գլուխն ու մարմինը Գաղղիական դեսպանին ձեռքով Գաղղիա յղուած ըլլալն ( ՉԱՄ. Գ. 755) հաստատուն վկայութիւն մը չունի, եւ Գաղղիոյ մէջ բնաւ տեղ մը պահուած չի ցուցուիր: Կոմիտասի գերեզմանը եղած է Պալըքլըի Հայ գերեզմանատան մէջ, պատուոյ տեղը, Կիլիկիոյ Թորոս կաթողիկոսին շիրմին մօտ, եւ յարգանօք կը պահուի մինչեւ ցայսօր, եւ երբեք խախտուած չէ ոսկրներու ներկայութիւնը ստուգելու համար:

1890. ՄԻՔԱՅԷԼ ԲՐԳՆԻԿՑԻ

Կոմիտասի նահատակութենէ քիչ օր առաջ լուր հասած էր Կ. Պոլիս թէ Միքայէլ Բրգնիկցի քահանան կախաղանի վրայ նահատակուած էր Սեբաստիոյ մէջ: Այդ եղելութեան ալ առիթ տուած էին տեղական երկպառակութիւնները, որոնց Միքայէլ իբր գրգռիչ ամբաստանուած եւ կրօնափոխութեամբ ազատիլ յանձնառու չէր եղած: Ինքն ծննդեամբ Խարբերդցի էր, բայց Բրգնիկ գիւղի մէջ մեծցած եւ քահանայացած: Նոր կիրակիին նախընթաց օրը, 1707 ապրիլ 19-ին երեք Հայեր ձերբակալուած էին Սեբաստիա` ֆրանկութեան ամբաստանութեամբ, որոնց երեք եւս աւելցան հարցաքննութեան ատեն, Միքայէլ քահանան ալ յիշուեցաւ իբրեւ խառնակութիւն տարածող: Ապրիլ 20-ին ան ալ ձերբակալուեցաւ եւ 21 օր բանտարկութենէ ետքը մահուան վճիռը տրուեցաւ, ուրացութեան հրաւիրուեցաւ, եւ չհաւանելուն վճիռը գործադրուեցաւ: Թուականը 1707 մայիս 11 շաբաթ օր գրուած է ( ԲՐԳ. ), բայց շաբաթ օր մայիս 10-ին կը հանդիպի: Միքայէլ քահանան Բրգնիկ գիւղին կաթոլիկութեան իբր սկզբնապատճառը նկատուած է: Ինչպէս Կոմիտասի համար ըսինք, Միքայէլին ալ արկածները եւ ոմանց ալ ուրացութիւնը` Լատիններուն յարուցած անխոհեմ գրգռմանց հետեւանքներն են, որոնց մէջ իրենք իբր օտարազգի եւ օտարահպատակ ձախող հետեւանքներէ զերծ կը մնային, եւ իրենց հետեւողները փորձանքներու մատնել չէին խղճեր, որ չենք կարծեր թէ ուղղամիտ ընթացք մը ըլլայ:

1891. ՀԱՆԴԱՐՏ ՄԻՋՈՑ

Ինչպէս բնական փոթորիկներ, նոյնպէս եւ քաղաքական եւ հանրային յուզումներ` տեւական վիճակ չեն ունենար, եւ ինչպէս յանկարծ կը բորբոքին, այնպէս ալ շուտով կը հանդարտին: Մատթէոս Սարիի եւ ինն իշխաններուն եւ վերջին երկուքներուն ուրացութիւնը, եւ Կոմիտաս ու Միքայէլ քահանաներու գլխապարտութիւնը, ազդեցութիւն ունեցան ժողովուրդին վրայ, որ պահ մը կանգ առաւ իր զայրոյթին մէջ: Կառավարութիւնն ալ յարմար չտեսաւ աւելի յառաջ վարել բռնութեամբ զսպելու ոճը: Չօրլուլուն ինքն ալ պահ մը դադար տուաւ իր օտարատեաց զգացումներուն, եւ համոզուիլ ցուցուց այն պատասխաններուն, զորս Լուտովիկոս ԺԴ. թագաւորը Օսմանեան կառավարութեան կը յղէր խաբէութիւնը ձեռք առնելով, եւ խոստանալով Սպանիոյ եւ Իտալիոյ մէջ փնտռել տալ Աւետիքը, որ իրեն ձեռքին տակ եւ իր հրամանով Ս. Միքայէլի վանքին մէջ բանտարկուած կը հեծէր ( ԹՕԲ. 114): Անոնք որ զանազան պատճառներով բանտարկուած եւ աքսորուած կամ թիարան փակուած էին, կրցան դրամի եւ տուգանքի զօրութեամբ ազատութիւննին գտնել, ասոնց մէջ Կարապետ Ճամճեան քահանան ալ, որ առաջին անգամ Կոմիտասի հետ ձերբակալուած էր 1887): Կարծես թէ հանրութիւնն ալ յոգնած էր տեւական յուզումներէն, եւ Զմիւռնիացիէն տարբեր խաղաղասէր եւ հեզաբար գործող պատրիարքի մը պէտքը կը զգար: Ըստ այսմ ան ալ ստիպուեցաւ տեղի տալ, եւ 1708 դեկտեմբեր 30-ին, նորէն Սահակ Ապուչեխցին պատրիարքութեան բարձրացաւ ( ՍՐԳ. ), իր վկայեալ հանդարտաբարոյութեան համար: Յովհաննէս Զմիւռնիացիին պատրիարքութիւնը, պատահարներով նշանաւոր, բայց լոկ 15 ամիս տեւողութիւն կրցած է ունենալ: Ինքն արդէն տարեց էր, որով շատ եւս ապրած պիտի չ՚ըլլայ` պատրիարքութենէ իջնելէն ետքը, թէպէտ որոշ յիշատակ չենք գտներ իր վախճանին վրայ: Ժամանակին տիրող զգացումներուն նշանն է նոյնիսկ Սահակ Ապուչեխցիին երկրորդ պատրիարքութեան 5 տարիէ աւելի տեւելը, որ նկատի առնելով տիրող յուզումները եւ պատրիարքական արագ արագ փոփոխութիւնները, շատ նշանաւոր եղելութիւն մը պէտք է նկատուի: Այդ հանդարտութեան միջոցին կ՚ուզենք օգտուիլ մենք ալ, եւ Կոստանդնուպոլիսէ դուրս կատարուած իրողութիւնները քաղել, պատմական անցքերուն համընթացութիւնը պահելու համար:

1892. ՄԽԻԹԱՐ ՄԵԹՈՆ

Մխիթար Սեբաստացին թողուցինք Զանթա կղզւոյն մէջ 1860), ուր հանդիպմամբ ինկած էր 1702 հոկտեմբերին աճապարանօք Զմիւռնիայէ հեռանալուն առթիւ, եւ ստիպուած մնաց այնտեղ մինչեւ 1703 փետրուար ( ՄԽԻ. 176), մինչեւ որ ինչ ընելիքը որոշէր: Իրեն հետեւողներէն ոմանք ինկած էին Նուպլիա, որ է Նէապոլիս Հոռոմոց, Պեղոպոնէսի արեւելակողմը համանուն ծոցին մէջ, եւ հոն հրաւիրեցին Մխիթարը, որ գալէն ետքը նախադասեց Մեթոն կամ Մօտօն հաստատուիլ, Պեղոպոնէսի արեւմտակողմը, Մեսէնիա գաւառին ծայրը` ծովեզերեայ բերդաքաղաքը, ուր հանդիպած ալ էր Զանթայէ եկած ատենը: Վենետիկի հանրապետութեան պաշտօնեաներ հաւանեցան իրեն բնակավայր տալ, եւ կալուածական հողեր ալ շնորհել, եթէ մինչեւ երեք տարի կարենայ կանոնաւոր վանք մը կազմակերպել: Այս պայմաններով Մխիթար Մեթոն փոխադրուեցաւ 1703 տարւոյ ամառուան մէջ, իրեն հետեւող 15 անձերով, 4 աբեղայ եւ 11 դպիր, եւ հաստատուեցաւ ընդարձակ տան մը մէջ զոր Վենետկեցիք շնորհեցին: Մխիթարի այս տեղ կազմած վանական ձեւը, տակաւին հայկական կերպարանին ներքեւ էր, ինչպէս ինքն ալ կը յայտարարէր թէ պահեմք զձեւն Հայոց ( ՄԽԻ. 190), զի սովորական էր Հայոց մէջ` իւրաքանչիւր վարդապետի աշակերտութիւն մը կազմել եւ վանք մը շէնցնել: Բայց որովհետեւ Լատին պետութեան մը հովանաւորութեան ներքեւ մտած էր, պարտաւոր էր քիչուշատ անոնց սովորական ձեւերուն մօտենալ, որոնց առաջինն էր միաբանական կանոնի մը հիմը: Ըստ այսմ առաջին անգամ իտալերէն լեզուով պատրաստուած գրութեան մը մէջ, որ յայտնապէս Լատին եկեղեցական իշխանութեանց համար գրուած ըլլալը կը ցուցնէ, Կանոնաց Սուրբ Անտոն Աբբայի յիշատակութիւնը կը տեսնուի ( ՄԽԻ. 182): Արդ Ս. Անտոնի անունով կանոնները Հայոց մէջ ծանօթ չէին, որչափ ալ Մխիթար այսպէս հաւատացնել ուզած ըլլայ Լատիններուն ( ՄԽԻ. 190), ուստի Կանոնաց Ս. Անտոն Աբբայի յիշատակութիւնը պէտք է միացնել` Լիբանան քաշուելու իր նախնական գաղափարին հետ 1860), ուր իրօք Ս. Անտոնի անունով եւ Ս. Անտոնի կանոնով կազմակերպուած էր Մարոնի վանականութիւնը, եւ տակաւին այս ձեւն էր, որ Մխիթարի միտքը գրաւած էր: Բայց Մեթոնի բնակութիւնը, Վենետկեան հովանաւորութիւնը, եւ Լատիններու շփումը տակաւ հեռացուցին զինքն Արեւելքի մէջ մնալու եւ գործելու դիտաւորութենէն, եւ լատինական պաշտպանութիւնը ապահովելու հետեւեցաւ: Այդ միտքով երկու տարի անցնելէն ետքը, 1705-ին Հռոմ Կղեմէս ԺԱ. պապին երկու աբեղաներ ղրկեց պաշտօնական յայտարարութեամբ մը` իր դաւանութեան եւ վանականութեան վրայ: Պատուիրակները տարւոյն վերջերը` հոկտեմբերին մէջ Հռոմ հասան, եւ որչափ ալ Վենետիկի դեսպանէն պաշտպանուեցան, սակայն Մեթոնի մէջ հաւաքուած խումբին` դաւանութեան եւ կազմակերպութեան տեղեկութիւնները կասկածներու եւ քննութիւններու տեղի տուին ( ՄԽԻ. 193), եւ 1706-ին պատուիրակներէն մին` Եղիա վարդապետ ձեռնունայն Մեթոն դարձաւ, իսկ միւսը` Յովհաննէս վարդապետ Հռոմ մնաց իտալերէն եւ լատիներէն ուսանելու ( ՄԽԻ. 194), եւ դիմումները շարունակելու համար: Ճիշդ այդ միջոցին էր, որ 1706 ապրիլին Աւետիք հափափուած եւ գերուած այդ ծովեզերքէն կ՚անցնէր 1876): Աւետիքը տանող նաւին Մեթոն հանդիպած ըլլալն ալ կը յիշուի ( ՄԽԻ. 180), բայց ոչ Աւետիք գիտցած է թէ Մխիթար հոն է, եւ ոչ Մխիթար իմացած է, թէ Աւետիք անցորդ նաւին մէջն է: Հռոմէադաւան գրիչ մըն ալ կը դիտէ այդ զուգադիպութիւնը, եւ անորակելի զգացմամբ մը կը ներբողէ Ֆէրիօլի անարդարանալի գործը ( ՄԽԻ. 214), եւ կը յանդգնի զԱստուած նենգութեանց գործակից եւ անիրաւութեանց հովանաւոր ցուցնել:

1893. ՄԽԻԹԱՐԻ ԳՈՐԾԵՐԸ

Մխիթարի տրուած եռամեայ պայմանաժամը լրանալու մօտ էր, եւ վանք շինելու պայմանը պէտք էր գործադրել, ուստի ստիպողաբար 1706 մարտին շինութեան ձեռնարկեց ( ՄԽԻ. 199), եւ հոկտեմբերին աւարտեց եւ նոյեմբերին բնակելու գործածեց, թէպէտ շինութեան ծախքը պարտք կը մնար, զի ակնկալուած նպաստները գտնուած չէին կամ կորած էին: Մխիթար անձուկ վիճակի մէջ անցուց հետեւեալ տարիները Մեթոնի մէջ, եւ հազիւ պզտիկ յաջողութիւններէ քաջալերուած 1708 մարտին Հայ եկեղեցիի մը հիմնարկութիւնն ըրաւ ( ՄԽԻ. 206), որպէսզի լատին եկեղեցին յաճախելէ ազատին, կամ աղօթարանի փոխուած սենեակով չմնան: Եկեղեցին եօթը ամիսէ, այսինքն հոկտեմբերին մէջ կրցաւ կիսովի ծածկել եւ առժամեայ կերպով գործածել, բայց անոր վերջնապէս աւարտիլը մինչեւ 1711 ուշացաւ, երբ վանքին պակասներն ալ լրացան ( ՄԽԻ. 209), եւ վանական միաբանութեան ձեւ առաւ Մխիթարի շուրջը հաւաքուած աշակերտութիւնը: Մինչեւ այն ատեններ Մխիթար իր հայկական եւ արեւելեան ձեւերը պահելու փափաքը կը տածէր, սակայն վերջապէս համոզուեցաւ թէ Արեւելքէն հեռացած եւ Հայութենէ բաժնուած էր, եւ այլեւս այն կողմէն նպաստ եւ օգնութիւն չէր կրնար յուսալ: Քանի տարի էր որ Լատին հովանաւորութեան ներքեւ կ՚ապրէր քաղաքականապէս, ուստի ուզեց եկեղեցական պաշտպանութիւնն ալ յարակցել, այլ դիւրաւ չի յաջողեցաւ, զի Հռոմ միշտ կասկածանօք կը նայէր տակաւին հայեցի ինքնութեան նշանները պահելու աշխատող Մխիթարին վրայ: Պէտք էր որ նա անպայման Լատին ձեւերուն համակերպէր, զի նոյնիսկ Ս. Անտոնի կանոններուն անունն ալ խնդիրի նիւթ էր դարձած, եւ լատինական կանոններու յանձնառութիւնը կը պահանջուէր: Հռոմ գտնուող Յովհաննէս վարդապետ, որ տարիներէ ի վեր հոն կը սպասէր, անհրաժեշտ պայմանը զգացուց, եւ Մխիթար վերջապէս հաւանեցաւ Ս. Բենեդիկտոսի կանոններուն ընդունելութեան, եւ Հռոմի կամքին բացարձակ հպատակութեան: Այս կերպով միայն կրցաւ ստանալ Հռոմի օրհնութիւնը, որուն լուրը 1712-ին Մեթոն բերաւ Յովհաննէս վարդապետը: Յանձնառութեան պաշտօնական ձեւ տալու համար, նոյն 1712 սեպտեմբերին, Մխիթար եւ իրեն հետ եղողներ, Կորնթոսի Լատին արքեպիսկոպոսին առջեւ հաւատոյ դաւանութիւն եւ վանական ուխտագրութիւն ըրին ( ՄԽԻ. 240), եւ այն ատեն Մխիթարի աշակերտութիւնը` իբրեւ վանական միաբանութիւն ճանչցուեցաւ, լատինական կանոնով եւ կաթոլիկ դաւանութեամբ: Մխիթարի աշակերտութեան ասկէ առաջ ունեցած վիճակը անպաշտօն բան մըն էր, իրենց կամքով իրարու հետ ապրող խումբ մըն էր, որ ոչ Հայ եկեղեցւոյ իշխանութեան կը հպատակէր, եւ ոչ Լատին եկեղեցւոյ պետէն ճանչցուած էր, ուստի աւելի ճիշդ պիտի ըլլար 1712 սեպտեմբերէ հաշուել Մխիթարեան վանականութեան կամ միաբանութեան պաշտօնական սկզբնաւորութիւնը: Բենեդիկտեանց կանոնադրութեանց հիմամբ, Մխիթարի պաշտօնական կոչումն ալ Հայկական ձեւերը մերկանալով, լատինական աբբահայր տիտղոսին փոխուեցաւ, որ շարունակ գործածութեամբ մակդիր անուն դարձաւ: Այս կէտէն ուրեմն պէտք է հաշուել Մխիթարի հայադաւան ուղղափառ եկեղեցիէն պաշտօնապէս եւ վերջնապէս խզուիլը, թէպէտ կարծես թէ սիրտին խորէն չկրցաւ քանդել ու քանցել հայրենաւանդ եկեղեցւոյն իղձերը, եւ իր գործունէութեան մէջէն արմատախիլ ընել հայկական ձեւերը: Այս պատճառով ալ մինչեւ կեանքին վերջը անպակաս եղան իր գլխէն` կեղծ հռոմէադաւան եւ ներքնապէս հայադաւան մնացած ըլլալու ամբաստանութիւնները, որոնք ստէպ եւ շատ յոգնութիւն պատճառեցին կաթոլիկ ըլլալը հաւատացնելու համար:

1894. ԱՆՏՈՆԵԱՆՑ ՍԿԻԶԲԸ

Մխիթար Սեբաստացիի Կ. Պոլիսէ փախուստը պատմած ատեննիս յիշեցինք Բերիացի Մուրատեան եղբայրներու կողմէն յղացուած` Լիբանանի մէջ Հայ-կաթոլիկ միաբանութիւն մը կազմելու մտադրութիւնը 1860): Աբրահամ, չորս եղբայրներուն երիցագոյնը, Լիբանանի մէջ 1702-ին շրջագայութիւն մը կատարելով` Բերիա դարձած էր, եւ չորսերն ալ միեւնոյն խորհուրդը որոճալով, վերջնական որոշումնին տուած էին 1707-ին Աւետման օրը, որ ապրիլ 7-ին կը տօնուէր: Անկէ ետքը ձեռնարկած էին իրենց առեւտրական գործը վերջացնել, որ քաղուելիք գումարներով կրօնաւորական հաստատութիւնը հիմնեն, բայց չէին կրցած այդ նպատակը իրականացնել: Զի նոյն տարին Բերիոյ մէջ ալ հռոմէականաց վրայ խստութիւններ կը գործածուէին Պետրոս Բերիացիի ձեռքով ( ԱՆՏ. ), որ Սսոյ հակաթոռ կաթողիկոսն էր 1856), եւ Յովհաննէս Զմիւռնիացիի Կոստանդնուպոլսոյ մէջ բռնած ընթացքին կը հետեւէր 1873): Չորս եղբայրներէն երկու միջինները, Յովհաննէս եւ Յակոբ, Ս. Եղիսէի վանքը կը մտնէին Ապտալլահի ձեռքին տակ վանականութեան աշակերտելու, կրտսերը Մինաս առեւտրական կարգադրութեան համար Սիւրիոյ Տրիպոլիսը կ՚երթար, իսկ Աբրահամ Լիբանան կը դառնար` ապահով տեղ մը ճարելու, ուր կարենային վանք հաստատել: Օտարազգի եւ օտարալեզու ըլլալնին, եւ Հայերուն ընդհանրապէս կաթոլիկ չ՚ըլլալը, եւ ուրիշ նմանօրինակ պարագաներ` իբր դժուարութիւն առարկուեցան Մարոնիներու կողմէ, եւ նոյնիսկ Յակոբ Ավուատ` Մարոնի պատրիարքը, չզիջաւ խնդրուած արտօնութիւնը տալ, մինչեւ որ Ապտալլահ Ղարաալի վանահօր եւ Սախռ Խազինեան իշխանին վկայութիւնները յաջողեցան կասկածները փարատել: Խադինեան իշխանը` իր սեփականութիւնն եղող, Քեսրովան գաւառի մէջ, Ընդիլիաս գետին ձորամէջը, Աֆքար կոչուած առանձնացեալ բլուրին վրայ շինուած տնակը, անոնց իբրեւ վանք յատկացուց 1709-ին, տեղական եւ եկեղեցական իշխանութեանց հաւանութեամբ: Այդ տարիներուն էր, որ Մխիթար ալ Մեթոնի մէջ յատուկ վանքի շինութեամբ կը զբաղէր 1893): Մուրատեան եղբայրներ, հազիւ քանի մը տարի մնացին այս տեղ, զի ասպատակներու երեսէն պարտաւորուեցան խոյս տալ եւ ապաւինիլ Քիւրքի գիւղը: Առաջին տեղերնին այլեւս անապահով կը նկատուէր, ուստի Խազինեան Սախռ իշխանաւորը, իր սեփականութիւններէն Ղոստա գիւղի մօտերը Քրէյմ կոչուած պզտիկ ագարակը` մէջի տունովը նուիրեց անոնց ( ԱՆՏ. ), որուն հաստատուն վանքի ձեւ տուին 1716-ին, եւ տէր դարձան մարտ 3-ին իրենց յանձնուած վաւերագիրին զօրութեամբ: Եւ որովհետեւ Մարոնիներու մէջ եւ անոնց հետեւողութեամբ միաբանութիւն մը կը կազմէին, Անտոնեան կոչումն ալ վրանին առին: Իրենց սկզբնական նպատակը պարզ վանականութիւն եղած կ՚երեւի, վասնզի այսպէս ալ կը բացատրեն իրենց միտքը, թէ ուզած են շինել մին փոքր անապատ ( ԱՆՏ. ), որ է առանձնացեալ վանք: Արդէն Լիբանանի լեռներուն առանձնութիւնն ալ տարբեր նպատակի չէր կրնար ծառայել: Նոյն էր Մխիթար Սեբաստացիի Մեթոնի մէջ սկսած ձեռնարկն ալ, զի Մեթոն ալ Լիբանանի նման ուսումնական զարգացման դիւրութիւն ընծայող տեղ մը չէր:

1895. ՄԵԼՔՈՆ ԹԱՍՊԱՍԵԱՆ

Այդ երկու կրօնաւորական միաբանութեանց սկզբնաւորութիւնները, Մխիթարեանը Արեւմուտքի եւ Անտոնեանը Արեւելքի մէջ, նախաքայլեր էին Լատին քարոզիչներու ձեռքով եւ Գաղղիացի դեսպաններու պաշտպանութեամբ մուտ գտնող լատինամիտութիւնը` կազմակերպեալ կաթոլիկութեան վերածելու, հռոմէադաւան սկզբանց եւ տեսութեանց կատարելապէս համակերպելու, եւ պապական իշխանութեան հպատակելու, բայց տակաւին ներքին կերպով միայն, զի պաշտօնապէս Հայ պատրիարքարանի իշխանութեան ներքեւ կը մնային Օսմանեան սահմաններուն մէջ: Այս երկու ազդակներուն հետ երրորդ մըն ալ հետզհետէ կը զօրանար եւ գործունեայ կը դառնար, եւ այս նպատակին կը ծառայէին Հռոմի եկեղեցական վարժարաններուն մէջ դաստիարակուած Հայ երիտասարդներ, որոնք հռոմէականութեան սկզբունքներով տոգորուած եւ եկեղեցական կոչում ստացած, Հայ ժողովուրդին մէջ կը մտնէին իբր ազգային եկեղեցւոյ պաշտօնեաներ, եւ ճարտար կերպով կը սողոսկէին հաւատացելոց միտքերը պղտորել: Այդ խումբէն յառաջընթաց մը յիշեցինք` Խաչատուր Առաքելեան Կարնեցի վարդապետը, որ տակաւին իր գործունէութիւնը կը շարունակէր մայրաքաղաքի մէջ, եւ ահա ուրիշ մըն ալ կը հետեւէր անոր, Մելքոն Թասպասեան Մամպուտցի վարդապետը, նա ալ Հռոմի Փրոփականտային մէջ կրթուած եւ ուսած էր, եւ իր հայրենիքը դառնալէն ետքը` Հայ վարդապետներու նման աշակերտներ կը հաւաքէր իր շուրջը, իր առած ուղղութեամբ ուսուցանելու, որոնց մէջ նշանաւոր եղաւ Աբրահամ Արծիւեան Այնթապցին ( ԱՂՔ. Գ. 9): Ասոնք չէին խորշիր իբր Հայ եկեղեցւոյ պաշտօնեաներ նկատուիլ, որպէսզի յաջողին ժողովուրդին մէջ սողոսկիլ, եւ Թասպասեան 1908-ին Բերիոյ մէջ ( ԱՂՔ. Գ. 11) եպիսկոպոսական աստիճան ստացած էր` Պետրոս Բերիացիէ, Պիծակ մականուանեալ արդէն յիշուած Կիլիկիոյ հակաթոռ կաթողիկոսէն, որ հռոմէականներէ իբր կաթոլիկներու հալածիչ նկատուած է 1894): Կան որ Պիծակը իբր լատինասէր միտում ունեցող կը ներկայեն ( ԱՂՔ. Գ. 11), սակայն ամէն առթի մէջ պաշտօնապէս հայադաւան եկեղեցւոյ պաշտօնեայ էր, եւ անոր ուղղութիւնը կը պահէր, զի եւ ոչ իսկ յանձն կ՚առնէր Քաղկեդոնի եւ Լեւոնի նզովքը զեղչել ձեռնադրութեան ատեն, թէպէտ ոմանք տարբեր դարձուածներ գործածուած կ՚ըսեն ( ԴՒԹ. 24): Պետրոսի համար գիտենք, թէ հայադաւան եկեղեցւոյ ծոցը մեռած է Երուսաղէմի մէջ (09. ՕՐԱ. 284), եւ անհիմն է ոմանց կարծելը թէ Պարսկաստան աքսորուած եւ հոն մեռած ըլլայ ( ԴՒԹ. 33), քանի որ Պարսկաստան Օսմանեան իշխանութեան ներքեւ երկիր չէր: Մելքոն հայադաւան գրութեամբ Մամպուտի վիճակին եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր, բայց եպիսկոպոսութիւնը ձեռք անցընելէն ետքը, սկսաւ ամէնուրեք համարձակ լատինամոլ գործունէութեան հետեւիլ, եւ մենք զինքը պիտի տեսնենք Կ. Պոլիս եկած, եւ այնտեղ լատինամիտ կուսակցութեան գլուխ կանգնած, մինչեւ իսկ շարժումներ ստեղծելու ձեռնարկած, զի ինքն լիցի առաջնորդ եւ պատրիարք, գոնէ ի վերայ իւրոց առանձինն ( ՉԱՄ. Գ. 758): Արդէն քանիցս դիտել տուած ենք, թէ լատինամիտութիւնն ալ կուսակցական մրցումները եւ փառատենչ ձգտումները ծածկելու ծառայող պատրուակ մըն էր:

1896. ԱԲՐԱՀԱՄ ԱՐԾԻՒԵԱՆ

Թասպասեանի հետեւողութեամբ գործունեայ դեր ունենալ ձեռնարկած էր անոր ձեռնասուններէն Աբրահամ Արծիւեան վարդապետը, 1679-ին ծնած Այնթապ ( ԴՒԹ. 9), եւ 1706-ին աբեղայ ձեռնադրուած ( ԴՒԹ. 17), եւ Թասպասեանի նման Պետրոս Բերիացիէ եպիսկոպոսական աստիճան ստացած 1710-ին Բերիոյ մէջ ( ԴՒԹ. 25): Աբրահամի Պետրոսէ ձեռնադրութիւն ընդունելուն իբր պատճառ ցուցնել, իբր թէ Պետրոս ի ծածուկ ուղղափառ իցէ ( ԱՂՔ. Ա. 10), Հռոմի համար կարկտուած բարուրանք մըն է, զի այդ վարդապետները անխտիր որեւէ աթոռէ եպիսկոպոսութիւն կ՚ընդունէին: Իսկ Աբրահամի Պետրոսէ ձեռնադրուիլը շատ բնական էր, զի բնիկ Այնթապցի էր, եւ Մամպուտցի վարդապետին աշակերտ, եւ իբր Բերիոյ առաջնորդ կ՚ընդունէր ձեռնադրութիւնը ( ԱՆՏ. ), նոյնիսկ Բերիոյ մէջ ( ԱՂՔ. Ա. 10), ուր կը մնար հակաթոռ Պետրոս Պիծակը: Ժամանակակից եղելութեանց յարակցութիւնը չկորսնցնելու համար պարտաւորուած ենք տեղէ տեղ ոստումներով յառաջ բերել մտադրութեան արժանի դէպքերը:

1897. ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻ ՆԱՄԱԿԸ

Լատին քարոզիչներուն Թուրքիոյ զանազան կողմերը յառաջ բերած յուզումները, եւ անոնցմէ յառաջ եկած երկպառակութիւններն ու թշնամութիւնները, եւ այս պատճառով տեղի ունեցած աղետալի դէպքերը, Աղեքսանդր կաթողիկոսի մտադրութիւնը հրաւիրեցին: Գործնականապէս միջամտելու եւ զսպելու միջոցներ ու դիւրութիւններ չունենալով, մտածեց նոյնիսկ անոնց սկզբնապատճառն եղող պապական աթոռին դիմել, եւ անկէ պահանջել յիշեալ գայթակղութեանց դադարումը: Այդ նպատակով 1709 փետրուար 25 թուականով գիր մը ուղղեց ( ՏՅՈ. Բ. 16) յոգնապատիւ եւ գերահռչակ պատուով մեծարեալ` պետականին ժամանեցելոյ գահին Հռոմայ, տեառնդ Գլէմէնտոսի երիցս երջանիկ պապի ( ՏՅՈ. Բ. 38), որ է Կղեմէս ԺԱ. պապը, ժամանակին աղետալից գործերուն դրդիչը: Աղեքսանդր այս նամակով կը խոստովանի թէ մեք վերջացեալ գտանիմք այսմ ներամանակի ի մարմնաւոր իշխանութենէ, եւ աննախանձաբար կը յաւելու թէ զձերն տեսանելով զուարճացեալ բերկրիմք ի սիրտ եւ ի հոգի, եւ կ՚ընդունի ալ թէ աւետարանին համաձայն է, որ հոգեւոր իշխանութիւններ կարենան քարոզս առաքել ի չորեքծագեան տեղերս ( ՏՅՈ. 39): Սակայն պապէն ղրկուած քարոզիչներուն գալով կը դիտէ, թէ քարոզքն այնոքիկ ոչ պարտին աշխատ լինել առ մեզ, այլ առաւել առ այնոսիկ` որք ոչ կարդան զանուն տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի ( ՏՅՈ. Բ. 43), եւ կ՚անարգեն քրիստոնէական վարդապետութիւնները, եւ նախատինքներ կը կուտեն քրիստոնէութեան վրայ: Մինչ պապին ղրկած քարոզները զայս ամենայն տեսանելով եւ լսելով` ոչինչ համարին, եւ ոչ ցաւ է նոցա, այլ անփոյթ առնելով զնոցանէ, զմեօք շրջապատեալ պաշարեն, արկանելով ի մէջ քրիստոնէիցս աղմուկ խռովութեան, եւ փոխանակ շինութեան եւ հաստատութեան արկանեն յոլով գայթակղութիւնս ( ՏՅՈ. Բ. 44): Այդ ընթացքին հանդէպ կը յիշէ, թէ երկրին պետութիւնը, որ այլազգ է եւ ոչ պաշտօնեայ քրիստոնէութեան, գթով գթայ եւ նախախնամեալ պահպանէ զմեզ թարց զզուանաց, իսկ առ մեզ եկեալ պատրիքն ոչ այսպէս, այլ ներհական վարին ընդ մեզ: Ուստի կ՚առաջարկէ որ նոցա թուղթ առաքես ի ձեռս մեր, եւ մեք ցուցցուք պատրոցն, թերեւս կասեսցին յատելութենէ քրիստոնէից: Իսկ եթէ, կ՚ըսէ, մեծապատուութիւն քո զՀայս հերետիկոս դատապարտես, եղիցի կամք վեհափառութեանդ, սակայն սրբազան անուան տեառնդ ոչ է վայելուչ այնպիսի իրականութիւն ( ՏՅՈ. Բ. 45): Այս այն նամակն է, որ հռոմէականներուն գրիչին տակ գիր սիրոյ եւ յարգանաց եղած է, ընդունելով զՀռոմայ հայրապետն լինել փոխանորդ Քրիստոսի եւ յաջորդ Պետրոսի Վիմի, եւ թէ Աղեքսանդր, որ կանուխ պապութեան դէմ գրած էր 1884), կաթողիկոսութենէ ետքը ի բաց եթող զառաջին ընդդիմութիւն իւր ( ՉԱՄ. Գ. 749): Սակայն այսպիսի բացատրութիւն մը չի գտնուիր Աղեքսանդրի թուղթին մէջ: Հայ եկեղեցւոյ ճշմարիտ քրիստոնէութիւնը հաստատելու համար դաւանութեան ամփոփում մը գրած է, բայց ոչ պապութեան, եւ ոչ երկու բնութեան յիշատակութիւն կայ անոր մէջ, եւ Հոգւոյն սրբոյ համար, շեշտելով կը կրկնէ. Բղխումն ի Հօրէ անքննելի եւ անիմանալի ( ՏՅՈ. Բ. 40), եւ Բղխումն մշտնջենաւոր առ ի Հօրէ ( ՏՅՈ. Բ. 41): Սակայն հռոմէականներուն համար բաւական է, որ մէկ քանի քաղաքավարութեան նպատակով գրուած պատուադիր բառեր տեսնան, որ անմիջապէս գրողը հռոմէադաւան հռչակեն, չկարենալով թերեւս ըմբռնել, թէ հնար է հակառակորդի հետ ալ վայելուչ լեզու գործածել առանց նզովից եւ անիծից, ինչ որ արժանիք մըն է Հայ եկեղեցւոյ ներողամիտ ուղղութեան:

1898. ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ

Աղեքսանդրի նամակին հետեւանքն ինչ եղած է` գրուած չէ, բայց եղելութիւններ կը ցուցնեն թէ արդիւնք ունեցած չէ: Հայերէն նամակը թարգմանած է հայրենագէտ Յակոբ Վիլլօթ` Յիսուսեան կրօնաւորը, եւ անոր վկայութեան վրայ կը պնդեն հռոմէականք, թէ Աղեքսանդրի նամակը սիրալրական ու ուղղափառական էր իրենց միտքով, այսինքն կաթոլիկական, եւ ոչ դիմադրական. սակայն իրենք ալ կը խոստովանին, թէ Վիլլօթ թարգմանեաց ոչ հարազատ իմացուածով ( ՉԱՄ. Գ. 7509), որով խարդախողը իբր վկայ ընդունած կ՚ըլլան, հակառակ նամակին բնագիր պատճէնին` որ մէջտեղն է: Վիլլօթ, որ ծանօթ է հայերէն բառարանովն եւ ուրիշ գրուածներով, 1688-ին շփոթութեանց առթիւ շահ Սիւլէյմանի հրամանով Պարսկաստանէ վտարուած Լատիններէն էր, որ չկարենալով ուրիշ կերպով Հայոց դէմ հակառակութիւնը յագեցնել, փոքրիկ տետրակ մը հրատարակեց Ստեփանոսի եւ Աղեքսանդրի դէմ, որուն մէջ Աղեքսանդրի` կաթողիկոսութեան ատեն հռոմէականներու դէմ ըրածները կը թուէ: Ինչ ինչ պարագաներ ալ կը յիշէ, թէ Աղեքսանդր ետուր քակել վանքն Քաբուչինաց, այսինքն Վեղարակիր Փրանկիսկեանց, որ ի Թարվէզ, թէ Լատիններուն մօտ ուսման գացող տղոց ակնարկելով ըսած է Թարվէզի Հայերուն, թէ անմեղ գառինս ձեր տանիք եւ տայք ի ծծել զստինս շանց, թէ Օսմանցոց եպարքոսին գրած է կաթոլիկները պատժել 1825), թէ այս պատճառաւ շատեր թիապարտութեան մատնուած են, կամ ի սովու եւ տանջանաց մեռած են, եւ հազարաց անձինս փախստական ցրուած է, թէ Թարվէզ եւ Շամախի եւ Գանջայ եւ Թիֆլիզ քաղաքները տակնուվրայ ըրած է, եւ թէ ինք Վիլլօթ ալ անոր պատճառով տակաւին պանդուխտ կը շրջի Պարսկաստանէ դուրս ( ՏՅՈ. Բ. 47): Այդ մեղադրանքներ, եւ Վիլլօթի կողմանէ եղած ամբաստանութիւններ, ինչ ալ ըլլայ անոնց իսկութիւնը, գոնէ պիտի հաստատէին` թէ Աղեքսանդր շատ հեռու էր կաթոլիկներու համամիտ եւ անոնց կողմը ըլլալէ: Յիշուած պարագաներ յայտնի կը ցուցնեն, թէ ինչ վերապահութեամբ ընդունելու է հռոմէական պատմիչներուն գնահատումները:

1899. ՕՐԻ ԴԵՍՊԱՆ

Զանազան դէպքեր մեր աչքէն հեռացուցին Իսրայէլ Օրիի մեծ ձեռնարկը, որ էր Հայոց ազատագրութիւնը Եւրոպիոյ միջամտութեան շնորհիւ: Իր մտածած կերպերուն ապարդիւն մնալովը, եւ Ռուսաց Պետրոս Մեծ կայսեր մօտ ըրած միջնորդութիւններուն իրական օգուտ չունենալը, զինքը ստիպած էին 1704 փետրուար 10-ին Մոսկուայէ մեկնիլ դէպի Տիւսսէլտորֆ, թէ իր ընտանիքին տեսութեան եւ թէ Յովհան-Գուլիէլմոս կայսրընտիրին խորհուրդները լսելու, որ Օրիին պաշտպան էր կանգնած 1846): Օրին թէպէտ Ռուսական երկարաձգումներէ ձանձրացած, սակայն քաջալերիչ նշաններ ունէր Հայաստանի կողմէն: Աղուանից Սիմէոն կաթողիկոսը 1701-ին, եւ անկէ առաջ Երեմիա կաթողիկոս 1700-ին մեռած էին, եւ 1702-ին Եսայի Հասան Ջալալեանց Աղուանից կաթողիկոսական աթոռը գրաւած էր բաժանումը վերջացնելով, թէպէտ առանց Էջմիածինի գիտութեան: Բայց վերջէն հաշտուած եւ Նահապետ կաթողիկոսէ հաստատութիւն առած էր ( ՋԱՄ. 81): Եսայի համարձակօրէն Օրիի ծրագիրին պաշտպան կանգնեցաւ եւ մէլիքներուն ալ քաջալերութիւն տուող եղաւ, Անգեղակոթի մէջ հաւաքուած մէլիքները 1835) իր գլուխը ժողվեց Գանձասարի մէջ, ուր Օրիի հրահանգ տրուեցաւ իրենց հաշւոյն ծախքեր ընել ( ԼԷՕ. Բ. 259): Հետեւաբար Օրի գոնէ այդ կողմէն վստահութեամբ մը Եւրոպա կը մեկնէր 1846): Զարմանալի է, որ Եսայի կաթողիկոս, որ Պատմութիւն համառօտ Աղուանից երկրի մը թողած է, բնաւ Օրիի եւ անոր ձեռնարկին ակնարկ մը չունի իր գրուածին մէջ: Օրի Մոսկուայէ մեկնելով Վիէննայի մէջ կայսրընտիրին հետ տեսակցեցաւ, Լէոփոլտ կայսեր ալ տեղեկութիւն տուաւ, բայց Եւրոպական պատերազմներուն վիճակը չէր ներեր կայսեր` ուրիշ գործով զբաղիլ, եւ կայսրընտիրն ու Օրի` Տիւսէլտորֆ անցան, եւ այնտեղէն յատուկ դիմումներով Կղեմէս ԺԱ. պապը համոզեցին, որ Պարսից շահին նամակ մը ուղղէ քրիստոնէից պաշտպանութեան համար, եւ նամակը Օրիին յանձնուի տանիլ ( ԼԷՕ. Բ. 260), որ այս կերպով պաշտօնական հանգամանքով Պարսկաստան պիտի մտնար, եւ կարեւոր հետազօտութիւններ պիտի կատարէր: Օրի հոգաց նոր զէնքեր գնել Հոլանտիոյ մէջ 400 Հայեր զինելու չափ, որոնք Ռուսական արշաւանքին յառաջընթաց պիտի երթային, իբրեւ երկրին հմուտներ, եւ ինքն ալ կը պատրաստուէր Վիէննայէ մեկնիլ 1705-ին: Մայիս 7-ին Լէոփոլտ Ա. մեռաւ, եւ Յովսէփ Ա. յաջորդեց, եւ պէտք եղաւ զայն տրամադրել Հայերուն հովանաւորելու ( ԼԷՕ. Բ. 261): Օրին 1706 հոկտեմբերին, այսինքն է իբր տարիուկէս ետքը նորէն Մոսկուա կը գտնենք, ուր յիսունէ աւելի հետեւորդներէ շքախումբ մը կը կազմէ, ամենայն ճոխութեամբ պատրաստուած, եւ Պետրոս Մեծէ ալ յանձնարարական առնելով, պապական դեսպանէ աւելի Ռուսական դեսպանի կերպարանը կու տայ իր ձեռնարկին: Ամէն ազգէ եւ ամէն աստիճանէ անձեր կ՚առնէր նա իրեն հետ, եւ մինչեւ իսկ Վրաց արքայորդին մէկտեղ առնել մտածեց, բայց Ռուսաց կայսեր հաւանութիւնը չստացաւ: Մոսկուայէ մեկնեցաւ 1707 յունիսին, հոն թողլով Մինաս վարդապետը թղթակցութեանց եւ յարաբերութեանց համար: Բայց Շամախի քաղաքը ստիպուեցաւ կանգ առնել: Պարսից կառավարութիւնը կասկածներու մատնուեցաւ անսովոր եւ անակնկալ դեսպանութեան մասին. Շամախիի կուսակալը շարունակ արգելքներ կը հանէր` Ասպահանէ հրահանգի սպասելով, բայց հրահանգը չէր գար, զի Շահ Հիւսէյինի տկարամիտ կառավարութիւնը` ընդունելու կը վարանէր, դիմադրելու կը վախնար: Անվերջանալի ձգձգումներէ ետքը, եւ մօտաւորաբար Մոսկուայէ մեկնելէն երկու տարի ետքը, Օրի Շամախիիէ կը մեկնէր, Էջմիածին կը հանդիպէր, Աղեքսանդր կաթողիկոսի օրհնութիւնը կ՚առնէր, եւ այնպէս կը շարունակէր ճամբան: Աղեքսանդրի մէկ նամակը կայ Պետրոս Մեծ կայսեր ուղղուած 1709 յուլիս 7-ին գրուած, որուն մէջ Օրիի Պարսկաստան մեկնիլը կը ծանուցանէ, պաշտօնին պատիւը լաւ պահելը կը վկայէ, եւ կայսեր շնորհակալու օրհնութիւններ կը մատուցանէ ( ԼԷՕ. Բ. 276) Հայոց ազգին վրայ ցուցած հոգածութեան համար: Այդ նամակը 4 ամիս միայն ետքն է պապին ուղղուած նամակէն 1897), որուն մէջ կը գովէր եւ կը բարձրացնէր Պարսիկ վեհապետին քրիստոնէից մասին ցուցած խնամքը ( ՏՅՈ. Բ. 45), սակայն պէտք չէ, որ ոմանց պէս հետեւցնենք, թէ կաթողիկոսը հակառակ էր Օրիի ծրագրին ( ԼԷՕ. Ա. 446), զի անոր բուն միտքը պապին ընթացքը հակապատկերով մը յանդիմանել էր: Ապա թէ ոչ նոյնիսկ Պետրոսի օրհնագիր յղելը իր զգացումները կը յայտնէ, որ այսպիսի խորհուրդներու չէր հակառակեր, բաւական էր որ դաւանափոխութեան պայմանի կապուած չ՚ըլլային, ինչպէս Նահապետ ալ կը մտածէր 1846):

1900. ՕՐԻԻ ՄԱՀԸ

Օրիի դեսպանութեան արդիւնքը եւ Պարսկաստանի մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական եղելութիւնները պարզաբանուած չեն մեզի հասած գրութեանց մէջ: Շուրջ 1709 յունիսին Շամախիէ մեկնող Օրին, նոյն տարւոյ սեպտեմբեր 20-ին Շամախի դարձած կը գտնենք ( ԼԷՕ. Բ. 269), միայն երեք ամսոյ միջոց մը, ճանապարհորդութիւններն ալ մէջը ըլլալով, որ կը ցուցնէ թէ Պարսիկները շտապած են օր մը առաջ դեսպանը ետ դարձնել: Արդէն Օրին ալ կատարելու յատուկ գործ մը չունէր, մէկ մը իրեն կարեւորութիւնը պիտի աճեցնէր, մէկ մըն ալ տեղւոյն վրայ Պարսկաստանի նկատմամբ ճիշդ տեղեկութիւններ պիտի հաւաքէր, ինչ որ կրցած էր Շամախի մնացած ատենն ալ ընել: Իբր դեսպանութեան նպատակ ցուցուած էր քրիստոնէից պաշտպանութիւնը, եւ Շահ Հիւսէյին յատուկ գրով մը կը պատասխանէ Ձար Պետրոսի, որ թէպէտ քրիստոնէից մէջ կան այնպիսիներ, որ արժանի պատիժը պիտի կրէին իւրեանց վատ արարքների կամ վատ ուղղութեան համար, սակայն, կ՚ըսէ, ձեր բարեկամութեան համար, վեհանձնաբար ներում ենք յիշեալ ժողովուրդների բոլոր արարքներն ու մեղքերը, այն պայմանով` որ նրանք այսուհետեւ այլ եւս այդպիսի սխալների մէջ չ՚ընկնեն ( ԼԷՕ. Բ. 268): Յայտնի չէ, թէ որո'նց կ՚ուզէ ակնարկել այդ խրոխտ բացատրութիւններով. մեզի բաւական է տեսնել, որ իրօք քրիստոնէից պաշտպանութեան շուրջը դարձած է Օրիի դեսպանութեան պաշտօնական նիւթը, եւ թէ իբր Ռուսական դեսպան նկատուած է, եւ պապին կողմէն ունեցած դեսպանութիւնը նկատի առնուած չէ: Օրիի կը վերագրուի այդ առթիւ յարաբերութեան մտած ըլլալ ուրացեալ Վրացի Գորգին խանի հետ, որ Աֆղաններուն երկրին մէջ բռնաւոր կուսակալ մըն էր ( ԼԷՕ. Բ. 279): Բայց Գորգինէ աւելի` Օրիի ներկայութենէն օգուտ քաղելով Աֆղանները, որոնց պետը Միրվէյս` Աֆղաններուն ապստամբութիւնը կազմակերպեց եւ անոր որդին Մահմուտ` Պարսից շահ եղաւ Հիւսէյինը տապալելով: Օրի, Պարսկաստանէ դառնալուն, Շամախիէ լուր տուած էր Պետրոսի` Աֆղաններուն շարժումին մասին, իսկ ինքն Շամախի մնալ ստիպուած էր, սպասելով որ Ռուսաց կողմէ նաւեր հասնին, որոնցմով Կասպից ծովէն փոխադրէ մետաքսագործ 20 հայ ընտանիքներ, եւ Պետրոսի ընծայ 25 ձիերը, իր հետեւորդները, եւ Աղուանից Եսայի պատրիարքը, որ յանձնառու եղած էր անձամբ Ռուսաց կայսեր ներկայանալով ազատագրութեան գործին աշխատակցիլ: Նաւեր բաւական չհասան, եւ հարկ եղաւ մի մասը ցամաքով ճամբայ հանել: Օրիի գտնուած նաւն ալ փոթորիկէ ցամաք ինկաւ եւ քայքայուեցաւ, եւ Օրի Նիզօվօ ձմերելու պարտաւորուեցաւ, եւ հազիւ թէ 1711 ամառուան սկիզբը զայն Աստրախան հասած կը գտնենք: Օրի ժամանակը անգործ չ՚անցուց, եւ շարունակ Ռուսներուն տեղեկութիւններ հասուց Օսմանցոց շարժումներուն վրայ, որոնք Ռուսաց դէմ պատերազմի կը պատրաստուէին Պալթաճը Մէհէմմէտ եպարքոսին հրամանատարութեամբ: Պատերազմը Բրութի դաշնագրութեամբ փակուեցաւ, եւ Պետրոս անձամբ մեծ վտանգէ մը ազատեցաւ ( ԺՈՒ. 324): Օրի երբ այս ծառայութիւնները կը մատուցանէր, պարտաւորուած էր իրեն դէմ կայսեր մօտ եղած ամբաստանութիւնները ցրել, եւ իր գործին արգելք հանողներուն դէմ մաքառիլ: Այդ պարագաներուն մէջ, իր կեանքը կը կնքէ Աստրախանի մէջ 1711 օգոստոսին, դեռ մերձաւորաբար յիսնամեայ ժիրաժիր տարիքին մէջ, անշուշտ ծանր հիւանդութեան մը հետեւանօք: Յուղարկաւորութեան կը նախագահէ Եսայի Աղուանից կաթողիկոսը, ամփոփելով մարմինը Հայոց եկեղեցւոյն բակին մէջ, թէպէտ այժմ այլեւս հետքը չի տեսնուիր: Եսայի առանց Օրիի` բան մը ընելու անբաւական գտնուելով, կը պարտաւորուի Գանձասար դառնալ ( ԼԷՕ. Բ. 274):

1901. ԳՈՐԾԻՆ ԳՆԱՀԱՏՈՒՄԸ

Իսրայէլ Օրի, ինքնատիպ եւ շահագրգիռ դէմք մըն է դարուս պատմութեան մէջ, որուն մասին սակայն ժամանակակից ազգային յիշատակարաններ բնաւ բան չեն պատմեր, եւ վերջին ժամանակներու պատմութեան գիրքեր եւ ձեռնարկներ պատրաստողներն ալ լռած են անոր մասին: Եթէ առաջինները քաղաքական կասկածներով չեն խօսած, վերջիններն ալ տեղեկութիւն չունենալուն խօսելու առիթ չեն ունեցած: Օտար դիւաններու մէջ գտնուած թղթակցութիւններ առիթ ընծայեցին մոռացութեան գերեզմանէն յարուցանել մոռցուած Օրին, եւ գլխաւորապէս Կարապետ Եզեանց` բանասէր պաշտօնակալին կը պարտինք, որ 1898-ին ստուար հատորով մը հրատարակեց պետական դիւաններէ քաղուած 300 կտորէ աւելի նամակներ եւ գրուածներ իրենց բնագրական լեզուներով: Իսրայէլ Օրիի վաղահաս վախճանը իրեն չներեց արդիւնաւոր հետեւանքի մը հասցնել իր ձեռնարկը, որուն վրայ 1680-էն 1711 երեսուն տարիներ անխոնջ աշխատեցաւ, միշտ իրեն դիմաց ունենալով այնպիսի դժուարութիւններ, որոնք ամենէն հաստատամիտ գործիչներն ալ կրնային ձեռընթափ ընել: Սակայն Օրի հեղինակն ու ստեղծիչը եղաւ Հայութիւնը իբր ազգային մարմին նկատելու գաղափարին, եւ զայն իբր ընկերական մարմին մը վերակենդանացնելու ծրագիրին: Ռուբինեանց հարստութեան` Լուսինեաններու օրով եւ ձեռքով իյնալէն ի վեր, Հայութեան գաղափարն ալ կ՚իյնար իբր ազգութիւն նկատուելէ, եւ անյոյս տեսութիւններ էին, որ կը զօրանային: Արցախի ծոցը յղացուած գաղափարը, որ Էջմիածինի խորհրդակցութեան մէջ խօսուեցաւ 1790), եւ որուն հետեւանօք Յակոբ կաթողիկոս Վրաստանի վրայէն Կ. Պոլիս եկաւ, ծերունի Պռօշի երիտասարդ որդւոյն միտքին մէջ սեւեռեցաւ, որ եթէ տարիքովը գործին գլուխ չէր կրնար սեպուիլ, սիրտին եռանդովը գործը հրահրողն եղաւ: Այս բանին նշանակն էր Օրիի Կ. Պոլիսէ Եւրոպա անցնիլը, զինուորականութեան հետեւիլը, ազդեցիկ դուռեր բաղխելը, իշխաններ եւ թագաւորներ իր միտքին համոզելը, եւ գործի ալ ձեռնարկելով երկրէ երկիր եւ քաղաքէ քաղաք թափառիլը 1843): Հասարակ բախտախնդիրի կերպարան պիտի տրուէր իրեն, եթէ գաղափարին բարձրութիւնը, նպատակին ուղղութիւնը, աշխատութեան յարատեւութիւնը չ՚արդարացնէին իր ընթացքը: Թէպէտ Օրի առանց արդիւնաւորութեան կնքեց իր կեանքը, այլ անոր մշակած խորհուրդն ու ցանած սերմերը չոչնչացան. եւ եթէ այսօր, իր մահուանէն 200 տարի ետքը, Հայ ազգութիւնը ընկերական շրջանակի մէջ լաւագոյն դիրք մը ունի, եւ ապագայ բարօրութեան իղձերով կ՚օրօրուի, պէտք է խոստովանիլ թէ շարժումին սկզբնաւորութիւնը Օրիի կը պարտի: Աշխարհի ընթացքին եւ դարերու պատմութեան մէջ շատ ու շատ են գաղափարի մը հիմնադիրներ, որ իրենց միտքին արդիւնաւորութիւնը չեն տեսած: Ազգային զգացմանց տեսակէտէն` Օրիի գործին մէջ դիտողութեան կէտ մը կրնայ կազմել դաւանափոխութեան պայմանին համակերպիլը 1843), սակայն բուռն զգացումներով տոգորուած, եւ նպատակին նորութեամբ ոգեւորուած, եւ կրօնական չեղող անձի մը համար` թերեւս մեղադրելի չ՚ըլլան այդ մտածումները: Միւս կողմէն իրապէս գործադրելի հանգամանք չունեցաւ այդ պայմանը, զոր ստիպողական կերպով կ՚առաջարկէր Լատին աշխարհը, եւ անոր ներկայացուցիչներուն, կայսրընտիրին եւ կայսեր եւ պապին բռնադատիչ կամքը: Բարեբախտաբար երկրորդական մնացին այդ գործիչներն ալ, իրենց պայմաններն ալ: Օրի շուտով ետ թողուց իր առաջին համոզումը, երբոր աւելի զօրաւոր եւ աւելի խոհական եւ աւելի լայնամիտ հովանաւոր մը գտաւ իր զգացումներուն, Ռուսիոյ մեծ կայսր Պետրոս Մեծը, որ Հայերը պաշտպանելու համար չպահանջեց անոնցմէ իրենց դաւանութեան զոհողութիւնը: Ռուսիոյ կայսեր անունն ու գործը առջեւ անցան, եւ անոր անունով կատարեց Օրի Պարսկաստանի դեսպանութիւնը 1900): Այս թուականէն Հայեր Ռուսիոյ դարձուցին իրենց աչուըները:

1902. ՄԻՆԱՍ ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ

Օրիի ձեռնարկին տրուած Ռուսական գոյնը աւելի եւս շեշտուեցաւ անոր մահուընէ ետքը: Մինաս վարդապետ Տիգրանեան, որ շարժումին առաջին օրէն Օրիի գործակից էր եղած 1845), եւ որ իբր Օրիի ներկայացուցիչը Ռուսաստան էր մնացած անոր Տիւսելտօրֆ 1846) եւ Պարսկաստան 1899) մեկնած միջոցներուն, իբր Օրիի յաջորդ` իր վրայ առաւ գործին շարունակութիւնը, ամփոփուելով պարզապէս Ռուսական յարաբերութեանց շրջանակին մէջ: Իրաւ անգամ մը Եւրոպա անցած էր Օրիի հետ եւ կայսրընտիրին ծանօթացած 1845), սակայն այնչափը չէր բաւէր, որ եւրոպական լեզուաց եւ գործոց անտեղեակ Հայաստանցի վարդապետը` կարենար յարաբերութիւններ մշակել Արեւմուտքի հետ, եւ Եւրոպական արքունիքները շահագրգռել Հայերու մասին: Հետեւաբար այդ կողմէն նոր ըսելիքներ չունինք այլեւս, եւ Լատինական մօտաւորութիւնը խափանուած կը մնայ: Մինաս վարդապետ բոլոր ուշադրութիւնը դարձուց Ռուսաց կառավարութիւնը շահագրգռել Հայաստանի խնդիրներով, եւ երեք տարիներ, 1711-էն 1714 որ Աստրախան մնաց, անձանձրոյթ տեղեկաբեր մը եղաւ Աֆղաններուն շարժումին, որ կը սպառնար այլայլել Պարսկահայ երկիրներուն վիճակը, եւ Սէֆիներու տկարացած եւ մեղկացած հարստութիւնը տապալել: Գործը Ռուսներուն համար անտարբեր չէր, եւ Պետրոս ալ, 1715-ին Պարսկաստան դեսպան գացող Արտէմ Վոլինսքիի հրահանգ կու տար յատկապէս տեղեկութիւններ հաւաքել Հայ ժողովուրդի մասին ( ԼԷՕ. Բ. 284): Իսկ այդ հետաքրքրութիւնը թելադրողը նոյն ինքն Մինաս վարդապետն էր, Օրիի հոգւով ներշնչեալ մը, եւ Հայոց ազգութեան վերակենդանացման անձնուէր աշխատող մը: Օրիի ձեռնարկին մերձաւոր շարունակութիւնը տալէ ետքը, այժմ դառնանք նոյն միջոցին կատարուած ուրիշ եղելութիւնները պատմել:

1903. ԱՒԵՏԻՔԻ ՎԻՇՏԵՐԸ

Թուականներու մերձաւորութիւնը մեր առջեւը կը դնէ Աւետիք պատրիարքը, որ 1706 դեկտեմբերին Ս. Միքայէլի վանքը փակուած կը մնար Գաղղիոյ թագաւոր Լուդովիկոս ԺԴ. հրամանով 1878): Ստոյգ է որ Հռոմէն, Կղեմէս ԺԱ. պապին կողմէն, թախանձագին եւ ստիպողական յանձնարարութիւններ կու գային Լուդովիկոսի, որպէսզի բանտարկեալն աւելի սեղմէ ( ԹՕԲ. 112), սակայն անհնար է Գաղղիացւոց` Մեծ մականուանած եւ իրենց վեհապետներուն երեւելագոյնը ճանչցած թագաւորին ճակատէն սրբել` Աւետիքի պարագայովը դրոշմուած բիծը, քանի որ իր դեսպանին ձեռօք անոր վերցուելուն գլխաւոր հեղինակն եղած, եւ իր նամակներովն ալ յայտնապէս հաւանութիւն տուած, եւ նենգութեամբ գերեալ ու բանտարկեալ Աւետիքի անձին արթուն հսկողն էր ( ԹՕԲ. 114): Աւետիք շղթայակապ փակուած էր Ս. Միքայէլի բանտ-վանքին խուցերէն միոյն մէջ, ուրիշ մէկու մը հետ յարաբերութիւն չունենալով, բայց եթէ աշխատաւոր միաբան Մոֆռէռ Ճուլէն (mon frըre Julien), Եղբայր Յուլիանոսի հետ: Աւետիք կը գրէ, թէ նա յոյժ անողորմ էր, զոր մարդ խապար չունէր, կու բերէր կերակուր, եւ միշտ նախատէր հրետիկ ճիզմաթիկ (hԸrԸtique, schismatique), այսինքն հերետիկոս եւ հերձուածող կոչելով, գիշերն լոյս չէր տար, եւ միշտ խաւար կը թողուր: Միայն մեծաւորին այցելութեանց ատեններ շուտով դուռն կը բանար եւ փէնճէրէն: Աւետիք կը կարծէ թէ Ճուլէն մեծաւորին կամքին հակառակ զինքը կը նեղէ, սակայն մենք լաւ գիտենք, որ Լատին կրօնաւորը իր մեծաւորին հրահանգին հակառակ չէր կրնար գործել, եւ եղածը հարկաւ խաղ մըն էր խեղճ Աւետիքը խաբելու: Բոլորովին տարօրինակ պարագայ մըն ալ կը յիշէ Աւետիք, թէ իր խուցին վրայ գտնուող մը, զշէրն ի գլխոյս կու լնուր, եւ բանտապան կրօնաւորներ արգելել չէին մտածեր: Աւետիքի սիրտին վիշտ տուող պարագաներուն աւելի մեծն էր, իբր հերետիկոս եւ հերձուածող նախատուիլը, այդ խօսից յոյժ վիրաւորէի, կը գրէ, բայց լեզու չեմ գիտեր որ պատասխանէի. ուստի կու լայի գիշեր ցերեկ եւ վիրաւորելուս, երկու օր երեք օր քաղցած կու մնայի: Նախատինքներուն զոյգ կ՚ընթանային դաւանափոխութեան ստիպումներ, եւ կը հալածուէր նոյնիսկ անոր համար, որ մինչեւ տարիուկէս զպահքս եւ զծոմս լաւ կը պահէր, որպէս ի մանկութենէ ի վեր պահեալ էր ի Հայոց կրօնիւքն: Աւետիք ձանձրացած բանտապան կրօնաւորին լուտանքներէն, անոր նշանացի կ՚իմացնէ, որ պահոց օրն ուտեմ խմեմ նէ` կաթոլիկ Ֆռանցէ կու լինիմ հա~ լաւ. եւ անկէ ետքը կ՚ըսէ. մեղքը վիզդ ասացի, եւ կերայ զինչ որ բերին (74. ԱՐՐ. 194): Այդ մանրամասնութիւնները յառաջ բերինք իմացնելու համար թէ Աւետիքի հաւատաքննական բանտապանները մինչեւ ուր կը մղէին զայն նեղելու նրբութիւնները: Միջոց մը ետքը սկսեր են կիրակի եւ տօն օրեր վանքին մատուռը տանիլ պատարագ լսելու. սակայն հոն ալ զատ տեղ կը դնեն եղեր ( ԹՕԲ. 113), իբրեւ խորշելի անձնաւորութիւն մը: Ս. Միքայէլի վանքը եղած միջոցին վերջերը Ճուլէն ուրիշ տեղ կ՚երթայ, եւ տեղը Սաքմօ աշխատաւոր միաբան մը կ՚անցնի, եւ Աւետիք գոհունակութեամբ մը` հանգստացայ կ՚ըսէ, միայն անոր համար որ չէր խօսեր (74. ԱՐՐ. 194), այսինքն է, գոնէ չէր նախատեր:

1904. ՊԱՍԹԻՅԼԻ ՄԷՋ

Տարիներ անցեր էին Աւետիքի անյայտանալէն, սակայն Կ. Պոլսոյ մէջ անոր անունը մոռցուած չէր, եւ զայն գտնելու ջանքերը կը շարունակէին, նոյնիսկ անհիմն զրոյցներ ժողովուրդը կը դղրդէին, եւ եկեղեցեաց մէջ իրիկունները աղօթքներ կը կարդացուէին, այսինքն հսկումներ կը կատարուէին, անոր շուտով վերադարձին համար ( ԹՕԲ. 105): Կը լսուի, իբր թէ Ռոտոսթոյ եկած ըլլայ, եւ իսկոյն շատեր հոն կը վազեն: Մէկ մը Հոլանտիոյ մէջ տեսայ կ՚ըսէ, եւ պարգեւներ կը ստանայ. երկու Թուրք գերիներ Մալթա կղզին բանտարկուած է կ՚ըսեն, եւ իրենց փրկանքը կը շահին. եւ հարուստ Հայեր յատուկ նաւով Մալթա կ՚ուղեւորին ( ԹՕԲ. 106): Ֆէրիօլ այդ պարագաները կը հաղորդէ իրեն թագաւորին, որուն ականջը կը հասնի թէ Աւետիքը փնտռելու մարդեր եկած են Լիվօռնօ, եւ անկէ Գաղղիա պիտի անցնին ( ԹՕԲ. 113), եւ այդ ամէն պարագաները կասկածներ աւելցնելով, նոյնիսկ Սէն Միշէլի լեռը շրջապատող ծովն ու աւազուտն ալ, Աւետիքի համար` ըստ բաւականին մեկուսացած չհամարուելով, հռչակաւոր Պասթիյլի (Bastille) խրամները, ծանր դռներն ու աշտարակները հարկաւոր դատուեցան հափափեալ գերին ձեռքէ չհանելու համար ( ԹՕԲ. 115): Աւետիք կը գրէ, թէ յետ երեք ամաց, այսինքն 1710-ին, յունուար ամսոյ 8, օրն չորեքշաբթի, որ հին տոմարով կը պատասխանէ 1709 դեկտեմբեր 28-ին, հրաման եհաս յարքայէն, եւ երեք մարդ զմեզ բերին ի յարքայանիստ մայրաքաղաքն Փարիզ (74. ԱՐՐ. 194): Թերեւս ամսաթիւին մասին շփոթութիւն ունեցած ըլլայ Աւետիք, զի բանտի արձանագրութեանց մէջ 1709 դեկտեմբեր 18-ին գրուած է, թէ ամէնակարեւոր բանտարկեալ մը բերուեցաւ, որուն անունը ծածուկ կը պահուի ( ԹՕԲ. 115): Սակայն մեր տեսութեամբ այդ անանուն բանտարկեալը Աւետիք եղած պիտի չ՚ըլլայ, քանի որ Աւետիք ամսաթուով եւ եօթնեկի օրով կը նշանակէ Պասթիյլ փոխադրուիլը, թէպէտ յստակ չէ թէ յունուար 8 չորեքշաբթի օրը հրամանին հասնելուն, թէ Մօնսէնմիշէլէ մեկնելուն, կամ թէ Փարիզ հասնելուն թուականն է: Պասթիյլ բերուելուն պէս Աւետիք շղթայակապ կը նետուի ի բանտն ներքին, գետնափոր նկուղներէն մէկը, ուր կը մնայ քառասուն օր: Այնտեղ յոյժ տկարութիւն ունէի, կ՚ըսէ ի ստամոքսէ եւ ի հազէ, գիշերն յոյժ նեղէր հազն, զոր յուշաթափէի նորա (74. ԱՐՐ. 194): Բանտին վերատեսուչը, զոր մուսյու Պէռնավիլ կը կոչէ (00. ԲՆՍ. 142), հոգ կը տանի բժիշկ բերել եւ խնամել տալ, եւ անշուշտ բժիշկի խորհրդովն է, որ գետնափոր նկուղին մէջ Աւետիքի կեանքը վտանգուած տեսնելուն, իբրեւ մեծ շնորհ մը քառասնօրեայ առաջին բանտարկութենէ ետքը, նկուղէն կը տեղափոխուի, եւ կը դրուի միջի քաւարանի բանտն (74. ԱՐՐ. 195): Այս բացատրութիւնն ալ կը բաւէ ցուցնել, թէ դարձեալ հանգիստ դիրք մը ունեցած չէ, այլ միայն առաջինին բաղդատութեամբ տանելի նկատուած է: Պասթիյլի բանտին մէջ կատարուած տեղափոխութիւնը մերձաւորաբար կը դնենք 1710 փետրուարին վերջերը:

1905. ԱՒԵՏԻՔԻ ԳՐՈՒԱԾՆԵՐԸ

Նոր դիրքին հետ նոր կացութիւն մըն ալ կը ստեղծուի Աւետիքի համար, մարմնական եւ արտաքին նեղութիւններուն հետ նորէն ձեռք կ՚առնուին հոգեկան եւ ներքին նեղութիւններ, եւ ստիպումներ կ՚ըլլան իր դաւանութիւնը փոխելու եւ կաթոլիկ դառնալու, որպէսզի հնար ըլլայ զինքն բանտէն արձակել: Յատուկ Գաղղիացի եկեղեցական մը կ՚որոշուի այդ նպատակին, մուսյու Լապէ Ռընօտօթ անուն (monsieur l'abbԸ Reynaud) որպէսզի Աւետիքը թելադրէ եւ յորդորէ: Ռընօտօթի մօտ թարգման կը նշանակուի մուսյու Լաքրօ մը, որ լեզուագէտ Հայ մը եղած պիտի ըլլայ, զի գրուած է թէ անունը թարգմանի Հայոց` Խաչատուր. Հայ մը որ անունն ալ թարգամաներ է` գաղղիական Լաքրօա (La Croix) կոչման փոխելով, եւ վստահելի անձ մը դարձեր է, զի գլուխ թարգմանչաց ալ կոչուած է: Աւետիքի հետ յարաբերութիւն ունեցողներու շարքին, վերոյիշեալներէն զատ կը յիշուին նաեւ Միքէլ մը պահապան, Անտոն մը կերակուր բերող, եւ բժիշկ մը, որուն անունը չէ գրուած (00. ԲՆՍ. 143): Չորս տարիներ կը լրանային որ Աւետիք անտանելի նեղութեանց ներքեւ կը հալէր, սակայն օրինակելի տոկունութեամբ իր միտքն ու ընթացքը չէր փոխեր, կը յուսար որ օր մը իրեններ իրեն ազատութեան կերպը կը գտնեն, եւ զինքն այդ գերութենէն կը փրկեն: Սակայն տարիներ կ՚անցնէին, եւ Աւետիք զինքն յաւիտենական մոռացութեան ինկած կը կարծէր, վասնզի ոչ մի կերպով աշխարհէ լուր չէր ստանար: Հիւանդութիւնն ալ, անհրաժեշտ հետեւանք բազմաչարչար կեանքին` զոր կաթոլիկութեան պաշտպանները իրեն պատրաստած էին, օրէ օր կը ծանրանար իր վրայ, այնպէս որ մարմնոյն զօրութեան հետ հոգեկան զօրութիւնն ալ տակաւ կը նուազէր Աւետիքին վրայ, եւ դաւանափոխութեամբ իր տառապագին կեանքին նշխարեալ օրերը մխիթարելու գաղափարը` տակաւ կը զօրանար իր վրայ: Բայց իսկոյն որոշման չէր հասներ. եօթն ամիսներու միջոց մը կ՚անցնի տակաւին, մինչեւ որ Աւետիքի տրամադրութիւնը վճռական որոշման յանգի: Ռընօտօթ քահանայն ճարտարութեամբ վարած կ՚երեւի իրեն յանձնուած պաշտօնը, առաջ Աւետիքի ընթերցանութեան տալով հռոմէական հոգւով գրուած հայերէն գիրքեր, զորս հարկաւ ինքն ալ կ՚ընդլայնէր թարգմանին միջնորդութեամբ: Անկէ ետքը Աւետիքի իբրեւ ժամանց կը ներուի գրիչով ալ զբաղիլ, նոյնիսկ տպագրեալ գիրքեր արտագրելով, որոնք դեռ պահուած են Փարիզի Գաղղիական մեծ մատենադարանին մէջ (00. ԲՆՍ. 114): Այս գրութեանց մէջ Աւետիքի աւելցուցած յիշատակարանները, պատմական աղբիւրներն են իր կրած արկածներուն: Ընդօրինակած գիրքերէն գտնուածներն են, Հռոբերդոս Բելարմինոսի Պարզաբանութիւն քրիստոնէական վարդապետութեան, թարգմանութիւն Պետրոս Պօղոս քահանայի. եւ Կղեմէս Կալանոսի Քերական եւ տրամաբանական ներածութիւն, եւ Նոր Կտակարան Ամսդելոտամի 1668-ի տպագրութեան վրայէն (00. ԲՆՍ. 141): Առաջինին վրայ կը գտնուին 1710 յունիս 9/20 թուականը, իսկ վերջինին վրայ օգոստոս 3/14 եւ օգոստոս 27 թուականները, որոնք կը ցուցնեն թէ որ միջոցին ներուած է իրեն գրութեամբ զբաղիլ: Իսկ գրութեան յաջողակութիւնը կը քաղուի Աւետարանը 20 օրէն եւ Նոր կտակարանը 39 օրէն աւարտած ըլլալէն: Ընդօրինակութեանց վրայ աւելցուցած յիշատակարաններէն կը քաղուին շատ մը կենսագրական տեղեկութիւններ եւ իր արկածներուն մասին ծանօթութիւններ, որոնցմէ արդէն օգտուեցանք պատմութեանս կարգին: Վերջնագոյն թուական, 1720 օգոստոս 23-ին, կը գրէ, ահա չորս տարի եւ ութն ամիս եղեւ որ բանտի կամք, ի մէջ Փարիզու բերդին զընտանին, որով 1706 տարւոյ սկիզբէն հաշուած կ՚ըլլայ իր բանտարկութիւնը 1874), այսինքն Կ. Պոլիսէ սկսելով: Այդ յիշատակարաններուն մէջ Աւետիք զգուշաւոր է Գաղղիոյ տէրութեան եւ պաշտօնակալներուն դէմ բան չգրել, հարկաւ վախնալով որ գրածները, թարգմանին ձեռքով կրնան բարձր տեղեր հաղորդուիլ եւ իրեն վնասել: Ուստի միշտ չի մոռնար աղօթել եւ գովութեամբ յիշատակել Լուդովիկոս թագաւորը, զոր Լոյս կամ Լոյսք (Louis) կը կոչէ, եւ մինսթռօ վէզիր մօնսէնյէօր Պօնշարթրը (Bonchartre), եւ Փարիզու առաջնորդ կարդինալ Նօայլը (Noailles), յուսալով որ փափկացեալ սենեօր մինիսդր քաղցրասցի: Այս եւ նման բացատրութիւններ Աւետիքի միտքին հետզհետէ մեղմանալը կը ցուցնեն, բայց տակաւին մինչեւ օգոստոս 23 վճռական որոշում մը տուած չ՚երեւի, եւ զինքն կը կոչէ Աւետիք վարդապետ Հայոց Լուսաւորչեան, կամ վարդապետ Հայոց Լուսաւորչի, կամ կալանաւոր Հայոց վարդապետ (00 ԲՆՍ. 142-143):

1906. ԱՒԵՏԻՔԻ ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆԸ

Ուր որ Աւետիքի միտքը աւելի եւս մեղմացած կը տեսնուի` ընդարձակ յիշատակարանն է, որ կատարեալ ինքնակենսագրութիւն մըն է: Գրութեան օրը չէ յիշուած, բայց ոճէն վերջին օրերուն գրուած ըլլալը կը հասկացուի, թէպէտեւ տեղ մը չորս տարի եւ հինգ ամիսուկէս նշանակուած է (74 ԱՐՐ. 195) իր բանտարկութիւնը, բայց Ե եւ Է թուատառերու շփոթութիւն մը կ՚ենթադրուի, եւ եօթն ամիս ու կէս ընթերցուածը 1710 օգոստոսին կը համապատասխանէ: Աւետիք Բելարմինոսի գրութեան վերջը ըսած էր յունիս 9/20-ին, թէ զայս պարզաբանութիւն, մինչեւ ի քսան անգամ սկիզբէն մինչեւ ի վերջն կատարեցի, այլեւ երկու անգամ զօրինակն եւս գրեցի, եւ տեսի որ ճշմարիտ են բանք սորին, եւ մատանեաւ իմով կնքեցի վասն միաբանութեան եւ հաստատութեան բանիս (00 ԲՆՍ. 144): Սակայն տակաւին այդչափը չէ բաւած իր միտքին հաստատութեան վստահանալու եւ անշուշտ այս եղած է պատճառը, որ մեծ յիշատակարանին մէջ ջանացած է հաստատել թէ ինքն սկիզբէն հռոմէական դաւանութեան համամիտ գտնուած է, եւ մինչեւ իսկ իբր կաթոլիկ հալածուած է: Այդ նպատակով կը յայտարարէ թէ Եղիազար կաթողիկոս եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան առթիւ իրեն յանձնարարած ըլլայ, հնազանդիլ փափին, ի բաժակն ջուր խառնել, եւ Սուրբ Հոգին բղխումն ի Հօրէ եւ յՈրդւոյ ըսել (74 ԱՐՐ. 75), թէ ինքն Ֆրէնկ եղած ըլլալու ամբաստանութեամբ պատժւածները ազատած ըլլայ (74 ԱՐՐ. 115), թէ կաթոլիկները պաշտպանելուն համար ամբաստանուած ըլլայ (74 ԱՐՐ. 155), թէ իրեն համար ըսուած ըլլայ Ֆրէնկ կ՚անէ (74 ԱՐՐ. 153), եւ թէ Մարտիրոս Քիւլհանճին տեսած ըլլայ իրեն բաժակի ջուր խառնելը (74 ԱՐՐ. 156): Այդ պարագաները կամաւոր եւ դիտումնաւոր յօրինուածներ են անշուշտ, որպէսզի կարենայ վերջնական համոզում գոյացնել տալ իր կաթոլիկանալուն վրայ, եւ անով յաջողի ազատութիւնը ձեռք ձգել: Մենք պէտք չենք զգար ըսել, թէ այս կտորներ զինքը չարչարող Ճիզվիթաց ներշնչութեամբ գրուած ըլլան նիւթական բռնութեան ներքեւ, զի երկարամեայ կրած բռնութիւնները, եւ անոնցմէ ազատելու համար պահանջուած դարմանը, ներքնապէս ստիպած էին Աւետիքը, իր ուղղութիւնը փոխել, եւ անգամ մը այդ միտումը շեշտելէն ետքը, դիւրին էր այլեւս եղելութեան վրայ յաւելուածներ եւ մեկնութիւններ կցել: Ապա թէ ոչ բուռն հայադաւանութեան տէր եւ բռնաւոր հալածիչ կարծուած, եւ այս պատճառով նենգութեանց մատնուած եւ նեղութեանց ենթարկուած Աւետիքը` իբր կանուխէն կաթոլիկ ցուցնել, հակասութիւնները իբրեւ ճշմարտութիւն ընդունիլ կ՚ըլլար: Յիշատակարանին վերջը Աւետիք ներումն կը շնորհէ ամէն անոնց` որոնք մատնելով, չարչարելով, նախատելով, կողոպտելով, տնազ առնելով եւ արհամարհելով իրեն դէմ մեղանչեցին, կը հրաժարի Կ. Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի պատրիարքութիւններէն, եւ ի Թուրքէն տուեալ փառացն եւ մանսուպէն, կ՚ուզէ այսուհետեւ գտանել զուղիղ ճանապարհն կենաց, եւ հետեւիլ զհոգիս փրկութեան, եւ վասն հաստատութեան բանիցս այս, կ՚ըսէ ձեռամբ իմով գրեալ գիրս ձեռագրչեցի (74. ԱՐՐ. 195): Այդ վերջաբանը պահանջուած յայտարարութեան մը կատարեալ ձեւը կու տայ ծանօթ յիշատակարանին, եւ այս նպատակը կը բացատրէ անոր մէջ տիրող կաթոլիկական միտքը, որ չի կրնար երբեք Աւետիքի նախնական եւ իրական միտքը եղած ըլլալ, եւ պարզապէս ազատութիւն ստանալու համար պահանջուած պայմանին նիւթական գործադրութիւնն է:

1907. ԱՒԵՏԻՔԻ ՄԱՀԸ

Յառաջ բերուած վերլուծութիւնները կը ցուցնեն թէ մինչեւ 1710 օգոստոսի վերջերը չէր վերջացած Աւետիքի վշտակրութիւնը Լատին հաւատաքննութեան ձեռքէն, երբ կը գրէր թէ միջի քաւարանի բանտն եմ այժմ, եւ չեմ գիտեր թէ այլ իflնչ գալոց է այս սեւագիր գլխոյս (74 ԱՐՐ 195): Բայց վերջապէս ազատութեան հրամանը եկեղեցական եւ թագաւորական իշխանութիւններէն շնորհուեցաւ, եւ 1710 սեպտեմբեր 22-ին Փարիզի արքեպիսկոպոս Լուդովիկոս-Անտոն Նօայլ կարդինալին առջեւ հաւատոյ դաւանութիւնը տուաւ, հայադաւանութիւնը մերժելով եւ հռովմէադաւանութիւն ընդունելով ( ԹՈԲ. 116): Պասթիյլի բանտէն ազատելով հսկողութենէն չ՚ազատեցաւ, վասնզի իրեն բնակութեան տեղ ցուցուեցաւ, Բըթի-տըլա-Քրօա անձին տունը, Ֆէրու (FԸrou) փողոցին մէջ (74 ԱՐՐ. 73), որ թագման կոչուած է ( ԹՕԲ. 117), եւ պէտք է ըլլայ բանտին մէջ ալ թարգմանութեան պաշտօն վարողը եւ հռովմէականութեան դարձնելու միջնորդ Խաչատուրը 1905): Գրուած կը գտնենք թէ, քանի մը օր ետքը քահանայ օրհնուեցաւ Նօթրտամի (Notre Dame) մայր եկեղեցւոյն մէջ ( ԹՕԲ. 117), բայց չենք ուզեր կարծել թէ Հայ եկեղեցւոյ ձեռնադրութիւնը ոչինչ համարելով կրկին ձեռնադրութիւն տրուած ըլլայ Աւետիքի, այլ տեսակ մը նզովքէ արձակման արարողութիւն մը կատարուած պիտի ըլլայ: Միայն թէ եպիսկոպոսական աստիճանը զլացուելով, իբր պարզ քահանայ լոկ պատարագելու արտօնուեր է, որով Աւետիք իբր հոգեւորական մխիթարութիւն, ամէն օր ( ԹՕԲ. 118), կամ ըստ այլոց ամէն կիրակի, Բոպիկ Կարմեղեանց (Carmes-DԸchaussԸs) մատուռին մէջ կը պատարագէր, եւ յաճախ բուսաբանական պարտէզին մէջ կը շրջագայէր (74 ԱՐՐ. 73): Գրեթէ վեց տարի էր, որ անտանելի չարչարանքներով հիւծած էր Աւետիք, որ կը նկարագրուի, իբր աւելի վշտով եւ ձախորդութեամբ, քան թէ տարիքով կորացած ծերունի մը, դէմքը խորունկ խորշոմներով կնճռոտած, աչքը գրեթէ մարած, հայկական զգեստներու մնացորդ մը վրան պահած, եւ տկար մարմինը գաւազանի մը օգնութեամբ կանգուն բռնած ( ԹՕԲ. 117): Կ՚երեւի թէ Աւետիքը վերջին օրերուն մօտեցած եւ գրեթէ մահամերձ տեսնելով տուած են անոր ազատութեան շնորհը, զի միայն իննուկէս ամիս եւս ապրած է, եւ այն ալ անշուշտ աշխատաւոր եւ հիւանդկոտ վիճակի մէջ, 1711 յուլիս 11-ին, հին տոմարով յունիս 30-ին կնքած է իր կեանքը, անյիշատակ առանձնութեան մէջ, եւ մարմինը թաղած են Ս. Սուլպիկիոսի (Saint Sulpice) եկեղեցւոյն դամբարանը: Տապանաքար ալ ունեցեր է, կ՚ըսեն, այլ 1793-ի յեղափոխութեանց մէջ անյայտացեր է: Կը յիշուի թէ Հռոմ երթալ ալ փափաքած ըլլայ, աւելի հանգիստ ապաստան մը յուսալով, բայց փափաքին չէ հասած (74 ԱՐՐ. 73):

1908. ԱՒԵՏԻՔԻ ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ

Անհնար է որ պահ մը կանգ չ՚առնենք յետահայեաց ակնարկ մը նետելու համար Աւետիքի գործունեայ եւ տառապագին անձնաւորութեան վրայ, որ միջոց մը Երկաթեայ Դիմակով (Masque de fer) մարդուն հետ շփոթուեցաւ, եւ որ 54 տարեկան մեռնելով երկարակեաց անձի մը գործունէութեան հռչակը, եւ զառամեալ ծերունւոյ մը տկարութեան կերպարանը կը ներկայէ պատմութեան մէջ: Աւետիք բացարձակապէս զոհ մը եղաւ մոլեռանդ լատինականութեան, որ Լատին կրօնաւորներէն արծարծուելով բոցավառ բորբոքուեցաւ Գաղղիական դեսպան Ֆէրիօլի սիրտին մէջ, որ իր իշխանաւոր դիրքին եւ նենգաւոր միտքին ոյժերը այդ նպատակին ծառայեցուց 1853): Աւետիք հայադաւան եկեղեցւոյն հաւատարիմ պաշտպան, կատաղի հալածիչ մը չեղաւ, մանաւանդ թէ ճարտար դարձուածներով յաջողեցաւ նոյնիսկ Լատիններու հետ լաւ յարաբերութիւններ մշակել, եւ Ֆէրիօլը ստիպել իրեն ընթացքին վրայ նպաստաւոր վկայութիւններ տալու 1856): Այդ կողմէն շատ աւելի բուռն գործիչներ եղան Եփրեմ Ղափանցին եւ Յովհաննէս Զմիւռնիացին, որոնք սակայն Ֆէրիօլի անգութ դաւաճանութիւններուն չենթարկուեցան, եւ հնար չէ Աւետիքը կաթոլիկութեան ամենամեծ հալածիչը նկատել, եւ ըրած չարիքին փոխարէնը վրան հրաւիրած ըսել, ինչպէս հռոմէականք կ՚ուզեն ցուցնել: Նոյն այն տարին որ Աւետիք կը վախճանէր, Ֆէրիօլ խենդութեան պատճառով հսկողութեան ներքեւ առնուած էր, պաշտօնը ուրիշի յանձնուած էր, եւ վերջապէս իբրեւ խելագար Փարիզ կը բերուէր, իր արծաթագին գեղուհւոյն` Եգերացի Այշէ աղջկան հետ ( ԹՕԲ. 121), եւ այս բաւական է հաստատել թէ մոլեգնեալ միտքի մը գործ էր` Աւետիքի դէմ վարած անձնական թշնամութիւնը եւ վատ դաւաճանութիւնը, եւ թէ Աւետիք անպարտ զոհ մըն է կրօնական մոլեգնութեան: Երբեք չենք ուզեր ըսել թէ Աւետիք ամէն մեղադրանքէ զերծ պաշտօնավարութիւն ունեցած ըլլայ, եւ համարձակ գրեցինք Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը իր վրայ դարձնելուն անտեղութիւնը 1857): Հնար է փառասիրութեան եւ շահասիրութեան ստգտանքներ ալ ընել իր գործունէութեան ինչ ինչ կէտերուն վրայ, սակայն Աւետիքի դէմ ըլլալիք մեղադրանքները շատ կը նուազին, թերեւս կ՚անյայտանան, իր հակառակորդ Լատիններուն եւ լատինամիտներուն` նենգաւոր եւ դաւաճան արարքներուն բաղդատութեամբ: Աւետիքի զօրաւոր հոգի մը ըլլալուն փաստերը, իր պաշտօնական գործունէութենէն աւելի, կրնանք քաղել իր տառապագին կեանքին մէջ թողած յիշատակարաններէն, որոնց մէջ ակներեւ են հանդարտ միտքի եւ կշռադատ խելքի եւ աննկուն սիրտի արտայայտութիւնները, որով չորս տարիէ աւելի անտանելի խոշտանգանքներու ներքեւ իր ուղղութեան մէջ կրցաւ տոկալ: Նկատի առնելով իրեն շուրջը կազմուած աշխարհէ անհաղորդ եւ անծանօթ վիճակը, իրեն վրայ ճնշող ճարտար բռնադատութիւնները, իրեն կրած անտանելի տուայտանքները, եւ վերջապէս խօթագին եւ անբժշկելի ախտաւոր վիճակը` որ բազմաչարչար կացութեան հետեւանքն էր, մենք պիտի չկարենանք ծանրանալ վերջին պահուն հռոմէադաւանութեան զիջանելուն վրայ ալ: Իրմէ մնացած յիշատակարանները որ հրատարակուած են, եւ շատ եւս իրմէ գրաւեալ անտիպ թուղթեր, բանաստեղծութիւններ, աղօթքներ, աղերսագիրեր, կոնդակներ, որոնք ժամանակին պատմութեան վրայ ալ լոյս կը սփռեն, եւ երկու հատոր գիրքի նիւթ կը մատակարարեն (74 ԱՐՐ. 36), կը ցուցնեն թէ ուշիմութեան եւ արիութեան հետ բաւական մշակեալ միտքի ալ տէր անձ մըն էր Աւետիք Եւդոկիացի պատրիարքը, լաւագոյն բախտի եւ փառաւոր վախճանի արժանաւոր անձ մը, որուն սակայն չժպտաց յաջողութեան բախտը, եւ չկրցաւ ազատաբար արդիւնաւորել իր կարող ձիրքերը: Անցողակի յիշենք, որ Աւետիքը Վեղարակիր Փրանկիսկեանց իրեն վրայ խնամ եւ սէր ցուցնելէն, եւ անոնց խստակրօն վարքէն շինուելով, ի յուշ իւր դարձած եւ ապաշխարեալ, այնոցիկ կրօնաւորաց միաբանութեան մտած ըսելը ( ՉԱՄ. Գ. 748), պարզապէս հռոմէականութեան յերիւրուած մըն է, որով զբաղիլ իսկ չ՚արժեր:

1909. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Երուսաղէմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեանց միեւնոյն անձի վրայ միանալը, կամ լաւ եւս Կ. Պոլսոյ պատրիարքին Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը իւրացնելը, 1702 յուլիս 13-ի հրովարտակով առաջին անգամ հաստատուած էր Աւետիքի վրայ 1857), եւ համառօտ ընդհատումէ ետքը նորոգուած 1704 դեկտեմբերին Աւետիքի պատրիարքութեան վերադառնալուն ատեն 1868): Այդ միաւորութիւնը մեծապէս աղիտալի եղած էր Երուսաղէմի աթոռին, որովհետեւ աթոռը տէր մը չունէր զինքն խնամող, եւ վարձկան մատակարարներ, որոնք պապա եւ նազըր անուններու ներքեւ Կ. Պոլսէ կը ղրկուէին, յաճախ աշխարհական դասակարգէ, շահուելէ ու շահեցնելէ տարբեր նպատակ չունէին, իսկ Երուսաղէմապատկան հասոյթներ Կ. Պոլիս կը գանձուէին, եւ Կ. Պոլսոյ մէջ կը ծախսուէին առանց Երուսաղէմի աթոռին օգուտ մը ունենալու: Այդ անտեղի կացութեան տխուր հետեւանքները ողբագին շեշտերով կը նկարագրէ ականատեսն Հաննա: Կ. Պոլիսէ մեկնող ուխտաւորներուն գիր կը տրուէր թէ առեալ եմք լիապէս զդարպասն, զքառասնիցն եւ զայլս, եւ ուխտաւորքն իբրեւ զթալանեցեալ ոք գնային: Բաց աստի զպարտս փօլիցայից առնուին Կ. Պոլսոյ մէջ, եւ Երուսաղէմ կը ղրկէին որ տայցէին այլուստեք եկեալ դրամովն, եւ այս պատճառով պարտքն լեռնացեալ բարդակուտիւր Երուսաղէմի վրայ ( ՀՆՆ. 120): Պատրիարքունքն եւ այլ անաստուածք ոմանք իրենց ազգականները կը ղրկէին, գացող փոխանորդներ տանէին ընդ ինքեանս զկանայս եւ զորդիս, եւ ասոնք ուտէին զգանձս աթոռին: Երուսաղէմը խեղճութեան մէջ կը հեծէր, իսկ Կ. Պոլսոյ մէջ սուտ լուրերով ժողովուրդը կը խաբէին: Եթէ միաբաններէն ձայն հանող ըլլար, զծերսն ի բանտ մաշեցուցանէին, եւ զերիտասարդսն յաքսորս եւ ի կալանս կեղեքէին, այնպէս որ ոչ եւս համարձակիւր ոք ի սրտացաւ միաբանից ջատագով լինել աթոռին իրաւունքներուն ( ՀՆՆ. 122): Երբոր առձեռն միջոցներ սպառեցան, սկսան կարասին ալ ծախել, եւ Պարոնտէրէ մնացած զպղնձեղէնսն գաղտաբար ի Յոպպէ իջուցեալ յղեցին յԵգիպտոս, զտունս եւ զպարտէզս եւ զայլ միւլքերս գրաւ կը դնէին, զխաչս, սկիհս, բուրվառս, տապանակս, քշոցս եւ զկանթեղս, կոտրատեալ եւ հալեալ վաճառէին այլազգեաց ( ՀՆՆ. 123), այն ալ զհազար ղուռուշի զիրն հազիւ թէ երկու հարիւր ղուռուշ վաճառէին, զհոգեպահ կերակրիկն խեղճ միաբանից համարեա թէ իսպառ հատանէին, եւ եթէ խեղճերուն ձեռքը ուխտաւորներէն ողորմութիւն մը իյնար, տուգանքի պատրուակով կը կողոպտէին: Որովհետեւ այդ շռայլութեանց համար շարունակ պարտքեր կ՚առնէին, այնչափ շատցած էին պարտատէրները, մինչ զի գրեթէ ի մէջ սրբոյ Երուսաղէմի դժուարաւ գտանիւր ոք, որ չիցէր փոխատու եւ թարց առնլեաց աթոռին վրայ: Եւ որովհետեւ վճարում չէր ըլլար, պարտատէրներ ամէն բռնութեանց կը ձեռնարկէին, զգրաւունս ի հրապարակս կը հանէին, զպախուրձ ձիոց իւրեանց ի յօղս դրան սրբոյ եկեղեցւոյն կապէին, եւ արարողութիւնները կը խափանէին, եւ բռնութեանց կը դիմէին: Պատմիչը կը յիշէ զմտանելն զինուորաց ի խցերն կարգաւորաց եւ զխլելն զինչս նոցա, զապտակն եւ զթուքն, զծեծն եւ զյիշուցն, զմօրուս փետելն եւ զհայհոյանս, զխորտակումն դրանցն խցից եւ զջարդումն լուսամտից, եւ զգիշերն ի բուն խցէ ի խուց շրջագայելն պարտատիրաց, ի մէջ եկեղեցւոյ կօշկօք մտանելն, եւ ի բեմն մերձ ի ժամարարն ելանելն, ձեռքի սկիհը խլելու համար ( ՀՆՆ. 126): Այս ամենուն հետեւանք եղաւ կարգի եւ կանոնի, վանականութեան եւ արարողութեանց խափանիլը, եւ այնպիսի ընդհանուր անկման վիճակ մը տիրեց, որ ամաչէր ոք ասել զինքն գոլ յազգէն Հայոց ( ՀՆՆ. 127): Արդարեւ արտասուելի նկարագիր, որուն յիշատակութիւնն իսկ սիրտերը կը քստմնեցնէ: Այս էր Երուսաղէմի վիճակը մինչեւ 1713 տարին, Սահակ Ապուչեխցի պատրիարքին օրերը, որ թէպէտ Երուսաղէմի մասին գէշ տրամադրուած չի կարծուիր, այլ սովորական դարձած ընթացքը տիրացած էր եւ կը շարունակէր:

1910. ԱՄՐՏՈԼԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՐԱՆ

Այդ միջոցին յանկարծ Կ. Պոլիս կու գայ նոր անձնաւորութիւն մը, որ սահմանուած էր մեծ եւ օգտակար դեր մը ունենալ Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան պառակտեալ եւ խանգարեալ կացութեան վրայ: Յովհաննէս Բաղիշեցի վարդապետն էր, աւելի ծանօթ Կոլոտ մականունովը: Յիշած ենք իր կարգին Բաղէշի քաղաքին ծայրը, Խոցերով գետակի եզերքը գտնուող` Ս. Կարապետ Ամլորդի, եւ կամ ժողովրդական հնչումով Ամրտոլի վանքը, որ Գրիգոր Տաթեւացիի ժամանակէն սկսաւ ուսումնական փայլ մը ստանալ Դանիէլ ճգնաւոր վարդապետէ սկսելով, եւ որուն յաջորդութիւնը հասաւ մինչեւ Բարսեղ Գաւառացի 1710) կամ Աղբակեցի ( ԿՈԼ. 147), որ նոր զարկ մը տուաւ Բաղէշի ուսումնարանին, զոր դասատուն ( ԿՈԼ. 2) կամ համալսարան ( ԿՈԼ. 142) կը կոչեն իւրայինք, հարկաւ արտաքին ուսմանց ալ պարապելնուն պատճառով: Բարսեղ Գաւառացիին 1615-ին յաջորդեց Ներսէս Մոկացի, որ ետքէն Մեծ-Անապատը փոխադրուեցաւ 1711), եւ որոշակի չենք գտներ անոր յաջորդը կամ յաջորդները, միայն գիտենք որ իբր երեսուն տարի ետքը, այսինքն ԺԷ. դարուն երկրորդ կէսին կը փայլէր Վարդան Բաղիշեցի վարդապետը, որ նշանաւոր էր իր ժամանակին եւ ընտիր աշակերտներ հասուցեր էր, որոնց մէջ աւելի նշանաւոր հանդիսացան Գրիգոր Շիրուանցի եւ Յովհաննէս Բաղիշեցի: Վարդանի հռչակը մեծ էր, եւ Ամրտոլ շինութիւններով եւ մատենադարանով ճոխացաւ ( ԿՈԼ. 3), բայց դժբախտաբար մանրամասն տեղեկութիւններ չունինք իր գործի սկսելուն, եւ արտադրած արդիւնքներուն վրայ. իր աշակերտներն ալ երախտապարտ գովեստներ ունին, առանց կենսագրական տեղեկութիւններու: Որչափ ալ երկար ենթադրենք Վարդանի գործունէութիւնը, հնար չէ Ներսէս Մոկացիի յաջորդած ըսել, եւ ոչ ալ գիտենք, թէ քանիներ եւ որոնք եղած են երկուքին մէջտեղ: Վարդան վախճանեցաւ 1705-ին յիջման աւուր Լուսաւորչին ի վիրապն խոր ( ԿՈԼ. 147), այսինքն է մարտ 24-ին, եւ Բարսեղի մօտը թաղուեցաւ Ամրտոլու եկեղեցւոյն ատեանին վրայ ( ԿՈԼ. 3), բայց յաջորդութիւնը խնդիրներու տեղի տուաւ, եւ ներքին գժտութեանց պատճառ եղաւ, որով երկու ընտրելագոյն աշակերտներ, Գրիգոր եւ Յովհաննէս, ստիպուեցան իրենց սիրեցեալ համալսարանը թողուլ, եւ զանազան վանքեր տեսնալու համար Ապահունիք, Վաղարշակերտ, Վիշապաձոր եւ Հոռոմոսի վանք հանդիպելէ ետքը, Գլակայ Ս. Կարապետի վանքը հաստատուեցան, առաջնորդ Կարապետ եպիսկոպոսի խնդրանօք եւ պաշտպանութեամբ: Այս թուականէն սկսաւ Գլակայ մայրավանքին վերաշինութեան եւ վերակենդանութեան նոր շրջան մը, սակայն քանի մը տարուան շինութիւնները մէկէն հիմնայատակ քանդուեցան 1709-ին ի Մեծահրաշի կիրակէոջն ( ԿՈԼ. 158), այսինքն յունիս 5-ին տեղի ունեցած երկրաշարժէն: Պէտք եղաւ նորէն վերսկսիլ վանաշինութիւնը, եւ յաջողեցան կանգնել զկաթողիկէն գեղեցկաքանդակ յօրինմամբ, եւ գաւիթ կամարակապ, զանգակատուն կաթողիկեայ, եւ բնակութեան սենեակներ ( ԿՈԼ. 162): Նոյն միջոցին Կարապետ եպիսկոպոսի վախճանելուն, Գրիգոր Շիրուանցի վանահայր ընտրուեցաւ, եւ Յովհաննէսին հետ գործին հետեւեցաւ, միայն թէ մեծագումար պարտքի տակ ինկան: Այս պատճառով Յովհաննէս 1712-ին հանգանակութեան ելաւ եւ շրջաշուրջն ճամբորդութեամբ, գոհացուցիչ արդիւնք ունեցաւ հանդիպած քաղաքները, մինչեւ որ Կ. Պոլիս 1712-ին վերջերը: Սահակ պատրիարքի պաշտպանութեամբ, այնտեղէն ալ շուտով եւ լիալիր արդիւնքներ ունեցաւ, որովք եւ ազատեցաւ սուրբ վանքն Գլակայ ի բազմատոկոս պարտուցն ( ԿՈԼ. 163): Կոլոտի դէպի Կ. Պոլիս եկած պահուն, ուրիշ վարդապետներ ալ ուրիշ կողմեր հանգանակութեան ելած են, որոնց մէջ կը յիշուին Աբրահամ Խօշաբեցի, Ներսէս Ծերունի, եւ ուրիշ Յովհաննէս մը ( ԿՈԼ. 164):

1911. ԿՈԼՈՏ ՅԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

Երուսաղէմի պարտքին եւ կացութեան մասին հետզհետէ հասնող ձախող լուրերը եւ Կոլոտի Գլակայ պարտքին մասին յաջող գործունէութիւնը, իրարու հետ համեմատուելով, նոյնինքն Կոլոտը Երուսաղէմ յղելու խորհուրդը կազմեցին Սահակ պատրիարքի միտքին մէջ, որուն համաձայնեցան Յարութիւն Մուրատեան, Յարութիւն Թէվէքէլեան, եւ Սարգիս ու Իսրայէլ ու Լոթվին գլխաւորներ ( ԿՈԼ. 12), եւ բնաւ իշխանք եւ ժողովուրդ Հայոց ( ՀՆՆ. 129), եւ բազում անգամ հրաւիրմամբ եւ սաստիկ ստիպմամբ համոզեցին Կոլոտը Երուսաղէմ երթալ ( ԿՈԼ. 164), աթոռակալ եւ վէքիլ անուամբ եւ զայն ճամբայ հանեցին ընդ տէրունական ուխտաւորսն եւ չափաւոր արդեամբք, այսինքն մաս մը գումարով ( ՀՆՆ. 129), ինչպէս եւ ինքն ալ կ՚ըսէ, թէ պարտաւորուեցաւ տանիլ զողորմութիւն հաւատացելոցն ի Սուրբ Երուսաղէմ, եւ ծառայել աստուածակոխ տեղեացն ( ԿՈԼ. 164): Կոլոտ Երուսաղէմ հասաւ Մեծպահքի երկրորդ կէսին մէջ, զատիկէն առաջ, որ 1713-ին կը հանդիպէր ապրիլ 5-ին: Իր հասնիլը սակաւ ինչ շնչառութիւն եղաւ սրբոյ տանն այնորիկ ( ԿՈԼ. 169), վասնզի տեսնալով եւ ցաւօք լցեալ, որ ի ձեռաց կողոպտիչ եւ արծաթասէր մերայնոց եւ սուտանուն քրիստոնէից` մեռեալ հաւատս ունողաց, տարապայման անշքացեալ էր Երուսաղէմի աթոռը, իր բերած դրամով եւ ուխտաւորներու նուէրներով սկսաւ ինչ ինչ սեփականութիւններ գրաւէ ազատել ( ԿՈԼ. 168), եւ յատկապէս մի փոքրիկ վանք ( ՀՆՆ. 129), որ պիտի ըլլայ եկեղեցին Ասորւոց, եւ ի Սուրբ Յարութիւն միջի կանթեղքն ( ԿՈԼ. 169), եւ պարտէզն վանուց Հրեշտակապետու ( ՀՆՆ. 129), որ առ Ֆռանկսն եղեալ կային ի գրաւ` ազատեցան շնորհօք Տեառն ( ԿՈԼ. 169): Ապրիլ 5-ին զատիկը կատարելէն եւ ուխտաւորները յուղարկելէն ետքը, Կոլոտ շարունակեց իր պաշտօնը աթոռին ներքին բարեկարգութեան, եւ արտաքին պարտքերու կարգադրութեան աշխատելով, թէպէտեւ կրելով զրպարտութիւնս բազումս ի բարբարոս պարտատէրացն, եւ ի մերայնոց լափլիզողաց` զանազան եւ յոգնակուտակ նեղութիւնս, որոնք այս կերպով հնարէին մեկնել զնա ի սիրոյ եւ ի կարեկցութենէ սրբոյ տանս: Սակայն Կոլոտ հաստատուն էր իր ուղղամիտ գործունէութեան մէջ, եւ մէկու մը չէր ներեր աթոռին մատակարարութեան մէջ նենգութեամբ եւ չարաշահութեամբ օգտուիլ ( ՀՆՆ. 130), եւ ակնկառոյց կը սպասէր գալստեան միւս ամի ուխտաւորացն կրկին օրհնութիւն ի Բիւզանդիոյ ( ԿՈԼ. 169): Իսկ 1714-ի զատիկը պիտի հանդիպէր մարտ 28-ին, դեռ եղանակները չպարզուած:

1912. ՍԱՀԱԿ ՊԱՇՏՕՆԱՆԿ

Կոլոտի այս ակնկալութիւնները չիրականացան: Սահակ Ապուչեխցիին պատրիարքութեան առաջին տարիները համեմատաբար հանդարտ անցած էին, բայց ջնջուած չէր ազգին մէջ տիրող երկպառակութիւնը, միշտ կաթոլիկական ձգտումներու պատրուակին ներքեւ: Եթէ մէկ կողմէն լատինամիտներ, Լատին եւ Լատինաց մօտ կրթուած եկեղեցականներու գրգռութեամբ, եւ Արեւմուտքէ հասնող նպաստներով, եւ Գաղղիական դեսպանատան կողմէ ցուցուած պաշտպանութեամբ զօրացած, իրենց նպատակը յառաջացնելու կ՚աշխատէին, պատրիարքարանն եւ ազգն ալ կը պարտաւորուէին հնարաւոր միջոցներով անոնց խրախտանքը զսպել, եւ ազգային կացութեան եւ եկեղեցական ինքնութեան համար աշխատիլ: Որովհետեւ օտար դաւանութեան սիրայօժարները օտար պետութեան միջամտութեամբ կ՚ուզէին օգտուիլ, իրենց ազգութեան եւ դաւանութեան սերտ փարած Հայերն ալ` իրենց տէրութեան պաշտպանութիւնը պիտի դիմադրէին անոնց: Այն ժամանակին Եւրոպական տէրութեանց եւ Օսմանեան պետութեան մէջ տիրող թշնամութիւնները եւ սպառնացող պատերազմները, բնական իմն հետեւութեամբ Օսմանեան կառավարութեան աչքին կասկածաւոր պիտի կացուցանէին Արեւմտեայց հետեւողութեան դիմող եւ բարեկամութեան վստահացող խումբերը: Ճիշդ այդ միջոցներուն մեծ եպարքոս Տամատ Ալի փաշա Վենետիկեցիներուն եւ Աւստրիացիներուն դէմ պատերազմի նախատեսութիւններով կը զբաղէր, անոնցմէ խլելու համար Պեղոպոնէսի եւ Հունգարիոյ տիրապետութիւնը ( ԺՈՒ. 325): Ահա կաթոլիկութեան միտողներու դէմ կարծեցեալ կրօնական հալածանքին տիրապէս քաղաքական բացատրութիւնը: Այդպիսիներու դէմ ձեռք առնուած միջոցներուն շօշափելի շարժառիթը, Լատիններուն կողմէն բռնուած ընթացքն էր, որք բազմադիմի խրատուք զգուշացուցանէին, ոչ առնել հաղորդութիւն ինչ ընդ Հայս ի հոգեւորս ( ՉԱՄ. Գ. 758), այսինքն է, Հայոց եկեղեցիները չերթալ, եւ Լատին եկեղեցիներ յաճախել, որ զգալի կերպով պետութիւնը իրենց դէմ գրգռել ըսել կ՚ըլլար: Ահա պատճառը որով Սահակ պատրիարքի օրերն ալ ազատ չմնացին ներքին աղմուկներէ, եւ քանի որ խնդիր մը կար մէջտեղ, ամէն անձնական վէճեր կամ կիրքի յուզումներ` շուտով այդ կերպարանին կը վերածուէին: Այս ձեւը առաւ նաեւ Սահակ պատրիարքի եւ Ռոտոսթոյի առաջնորդին միջեւ ծագած վէճը. պատրիարքն` առաջնորդը պաշտօնէ հանած էր, եւ առաջնորդն ալ համարձակեցաւ Սահակ պատրիարքը ամբաստանել կառավարութեան առջեւ: Անոր կողմը զօրացուցին իշխանաւորէն դժգոհ եղող զանազան խումբերը, եւ կառավարութիւնը վճռեց պատրիարքի փոփոխութիւնը ( ՉԱՄ. Գ. 757), եւ Սահակ պաշտօնէ դադրեցաւ 1714 մարտին, որով 1708 դեկտեմբերէն սկսելով 5 տարի եւ 7 ամիս պատրիարքական աթոռի վրայ մնացած կ՚ըլլայ: Ահա Կոլոտի ակնկալութիւններուն պարապի ելլալուն մէկ պատճառը, զի ոչ միայն պատրիարքական տագնապը արգելքներ կը յարուցանէր, այլեւ Սահակի հեռանալով իր պաշտպանը կը կորսնցնէր:

1913. ՈՒԽՏԱՒՈՐԱՑ ՎՏԱՆԳԸ

Ձախորդութիւններ կարծես թէ իրար կը հալածեն, եւ երբ Կոլոտ պատրիարքական տագնապին շշուկներով կը վարանէր, լուր կ՚առնէ թէ նաւն ուխտաւորաց, դեռ Միջերկրական մեծ ծովը չելած, Մարմարայի մէջ, Արակլիոյ կամ Հերակլիոյ, այսինքն Էրէյլիի առջեւ խորտակեցաւ: Ուխտաւորներ փորձանքէն ազատելով Կ. Պոլիս կը դառնան, եւ զայլ նաւ կը վարձեն, բայց այն ալ յետ քանի մի աւուր, տակաւին ճամբայ չելած, մինչ ի տեղի իւրում էր, որ քաղաքին Մարմարայի ծովափը Եէնիքաբուի կողմերը պէտք է ըլլայ, ի սաստիկ հողմոյ, անշուշտ հարաւային փոթորիկէ, կը վնասուի, եւ ողնափայտը կը խորտակուի, եւ չի կրնար ճամբորդել: Այդ գոյժերը վրայէ վրայ ստանալով, ապուշ մնացաք կը գրէ Կոլոտ, եւ կը յաւելու յիշեցաք զբանս տեսլեանցն, եւ կը պատմէ Ս. Յարութեան տաճարին լուսարարին եւ ուրիշ քրիստոնէի մը տեսած ձախող երազները ( ԿՈԼ. 170): Զարմանալի չէ Կոլոտի ալ երազներու տուած կարեւորութիւնը, որ ժամանակին տիրող նախապաշարում մըն էր, ամէն դասակարգերու վրայ հաւասարապէս տարածուած, որ հիմա իսկ դեռ ջնջուած չէ մեր ժամանակակիցներուն միտքէն: Ինչ ալ ըլլայ երազներուն տրուելիք կարեւորութիւնը, իրականը այն էր, որ 1714 տարւոյ զատիկը, որ մարտ 28-ին կը հանդիպէր, յաջող չ՚անցաւ, եւ Կոլոտ չկրցաւ Կ. Պոլիսէ եւ ուխտաւորներէ նորանոր միջոցներ ստանալով, յաջող կարգադրութիւններ ընել Երուսաղէմի աթոռին համար, եւ գլխաւորապէս գրաւի դրուած կալուածներէն եւ սպասներէն մաս մըն ալ ազատել, եւ նոր բեռերու տակ չմտնել:

1914. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԳԱՆՁԱԿԵՑԻ

Երբ Սահակ Ապուչեխցիի պաշտօնանկութեամբ եւ աքսորմամբ պատրիարքական աթոռը պարապ մնաց, հասարակութեան մէջ անմիջական փութաջանութիւն չտեսնուեցաւ նոր մը ընտրելու, զի մեծամեծներէն ոմանք ձանձրացեալ էին, իսկ այլք ոչ գիտէին թէ զոfl ընտրեսցեն ( ՉԱՄ. Գ. 757), որ է ըսել թէ հրապարակի վրայ աչքի զարնող չկար: Առիթէն օգտուողը կ՚ըլլայ, Յովհաննէս Գանձակեցի, պարսկահայ սահմաններէն եկած վարդապետ մը, կամ լաւ եւս եպիսկոպոս մը, որ տակաւին իբր պանդուխտ ու դիրք չկազմած, հացագործներու մօտ կը բնակէր, որ անշուշտ իր հայրենակիցներ էին: Նա ճանչցուած էր իբր խստակեաց եւ օրինաց նախանձախնդիր եկեղեցական մը, եւ միանգամայն իբրեւ ճարտարախօս, քաջաքարոզ եւ ժիր անձ մը կը յայտնուէր: Իր ծանօթ հացագործները զայն մեծամեծներուն մտադրութեան ներկայացուցին, որոնք հաւնեցան եւ հաւանեցան, եւ կառավարութեան ներկայացուցին, եւ 1714 մարտ 21-ին Ծաղկազարդի օրը, Յովհաննէս պաշտօնապէս աթոռ բարձրացաւ (01. ՕՐԱ. 136): Յովհաննէսի անծանօթ մը ըլլալը ոմանց անհաճոյ երեւցուց անոր պատրիարքութիւնը, եւ զօրաւոր հետամուտ մը չգտնուիլը կը քաջալերէր Սահակի կողմնակիցները զայն նորէն դարձնելու: Յովհաննէս իր ճարտարութեան առաջին փորձը տուաւ, մայրեկեղեցւոյ մէջ ժողովուրդը հաւաքելով, արդէն աւագ շաբթու օրեր էին, եւ համարձակ յայտարարելով, թէ ինքն գժտութեան պատճառ չ՚ուզեր ըլլալ, եւ յօժարակամ կը քաշուի, եթէ այնպէս կ՚ուզեն, բաւական է որ լիցի խաղաղութիւն եւ սէր: Այդ յայտարարութիւնը ամէնուն համակրութիւնը գրաւեց եւ միաձայնութեամբ Յովհաննէսի պատրիարքութիւնը ընդունուեցաւ: Հաւանաբար այդ եղելութեան թուականն է մարտ 26 օրը, որ ուրիշներէ իբր պատրիարքութեան թուական կը նշանակուի ( ՉԱՄ. Գ. 757), եւ որ աւագ ուրբաթ օրուան կը համապատասխանէ, որով կրցած է Յովհաննէս Գանձակեցին հանդիսապէս Զատիկը տօնախմբել, մինչ տօնը անպտուղ կ՚անցնէր Յովհաննէս Կոլոտին համար Երուսաղէմի մէջ 1913): Յովհաննէս Գանձակեցին Արեւելեան գաւառներէն եկած, աւելի նախանձայոյզ էր հայրենաւանդ եկեղեցւոյ պահպանութեան եւ պաշտպանութեան, իր պատրիարքութեան սկսած օրերն ալ աւելի զայրացած էին եւրոպական յարաբերութեանց կամ փրանկանալու դէմ Օսմանեան պետութեան համակրութիւնները, նոյն միջոցին Վենետկեցւոց դէմ մղուած պատերազմին պատճառով: Այս առիթ տուաւ Յովհաննէսի բուռն գործունէութեան ձեռնարկելու, որուն պատմութիւնը կը յետաձգենք Աղեքսանդր կաթողիկոսի յաջորդին օրերուն:

1915. ԿՈԼՈՏ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐ

Նոր պատրիարքին առաջին ձեռնարկներէն մին ձախող որոշում մը եղաւ, այն է իբր վէքիլ կամ փոխանորդ, եւ իբր պապա կամ մատակարար Երուսաղէմ դարձնել Յովհաննէս Պալըքէսիրցին, որ քանի մը տարի առաջ Սահակ պատրիարքէն այդ պաշտօնին կոչուած էր, սակայն դատաստանի վճիռով պաշտօնէն հանուած էր 1711-ին, որովհետեւ թէ' վանական հասոյթները, զիրաւունս եւ զողորմութիւնս նուիրեալս յուխտաւորաց, վատնած եւ ոչնչացուած էր ի կամս իւր, եւ թէ' պարտքեր աւելցուցած էր ու հաշիւ տեսնուած ատեն պարտաւոր մնացած էր ( ԱՍՏ. Ա. 439): Կոլոտ իբր Պալըքէսիրցիին անունը կու տայ իր գրութեանց մէջ, կը կոչէ զայն անյագն ի չարիս, Բէլն երկրորդ, մերկացեալ ի շնորհաց, նոր հրէայ եւ հին հեթանոս ( ԿՈԼ. 170), որ իրեն հետ ուրիշ երեք արբանեակք իւրապիսիք ալ ունենալով, նորէն սկսաւ զօշաքաղութեանց հետեւիլ, ընդհանուր թալան մը կազմակերպել կալուածներու եւ սպասներու վրայ, վաճառելով կամ գրաւի դնելով, որով մերկացոյց զիսկուհի հարսն սուրբ, այսինքն Երուսաղէմի եկեղեցին, յամենից զարդուց ( ԿՈԼ. 171): Երբոր պարտատէրներ տեսան, որ իրենց պահանջը գանձելու միջոցները օրըստօրէ կը նուազին, Կ. Պոլիս դիմեցին եւ հրովարտակ հանել տուին, թէ Հայոց ամենայն միւլքերն ծախուիցի եւ իւրեանց պարտքն տրիցի: Պալըքէսիրցին եւ ընկերները, առանց ընդդիմանալու այս կործանիչ հրամանին, խորհեցան նախ վաճառել զգեղեցիկ վանքն սուրբ Փրկչի ( ՀՆՆ. 131): Հազիւ թէ այդ գործը լսուեցաւ, միաբանք եւ ժողովուրդք այլայլմէ եղած շփոթեցան, եւ նեղ ժամանակին մէջ Կոլոտին դիմեցին իր հեղինակութեամբ եւ ստացած յարգանքովը ընդդիմանալ այդ ձեռնարկին եւ տէր կանգնիլ ազգային սեփականութեանց: Պարտատէրներուն ալ դիմեցին կողկողագին, որոնք տեսնելով ընդհանուր յուզումը եւ արցունքը` հաւանեցան սպասել, միայն թէ կ՚ըսեն մեզ մին հաւատարիմ երաշխաւոր տուէք, որ եւ մեք նորա հաւատալով տացուք ձեզ սակաւ ինչ ժամանակ ( ՀՆՆ. 132): Այն ատեն ամէնքը կը բռնադատեն Կոլոտը երաշխաւորութիւնը յանձն առնուլ, պարտատէրներն ալ կը հաւանին, տեսած ըլլալով անոր ուղղամտութիւնը եւ աթոռին համար անկեղծ աշխատութիւնները: Կոլոտ զիջաւ, եւ չորս տարւոյ պայմանաժամով մասառմաս վճարելու պայմանով, հիւճէթ արարին առաջի դատաւորին, եւ կուսակալն ալ գոհ մնալով վարդապետը պատուասիրեց եւ խիլայեալ յուղաւորեաց ( ՀՆՆ. 133): Կոլոտի առաջին գործը եղաւ Ս. Յարութիւն տաճարին մէջ գոհաբանական աղօթքներ ընել` ձեռք ձգուած յաջողութեան համար, եւ անկէ վանք դառնալով միաբանները հաւաքել, եւ նորանոր փոխառութեանց դուռը փակելու համար կտրատել եւ ջնջել պաշտօնական կնիքը` յորոյ վերայ գրեալ էր անուն սրբոյ աթոռոյն, եւ որով զմուրհակս պարտուցն կնքէին, եւ որ հասարակ կնիք կամ օրթայի կնիք կ՚անուանէր ( ՀՆՆ. 135), այլ Կոլոտ կնիք պարտուց կ՚անուանէ զայն ( ԿՈԼ. 172): Անհատական անուն չկար կնիքին վրայ, որով ոչ ոք անձնապէս պարտական կը սեպուէր, եւ ի կնքողաց փող մի չէր գնայր. անոր համար ամէն փոխանորդներ եւ մատակարարներ անխտրապէս զբազում թէմէսիւքս մօհրէին ( ՀՆՆ. 135): Այդ ամէնը կը պատմէ Հաննա, որ գործին մասնակից է: Եղելութիւնները տեղի ունեցան 1714-ի վերջերը, ուսկից ետքը 1715-ի սկիզբները Կոլոտ Երուսաղէմէ մեկնեցաւ Կ. Պոլիս գալ, եւ ազգային մեծամեծներուն եղածը իմացնել եւ ընելիքնին ցուցնել:

1916. ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻ ՄԱՀԸ

Երբոր Երուսաղէմի մէջ այս անցուդարձերը տեղի կ՚ունենային, Էջմիածինի մէջ աթոռը կը դատարկանար Աղեքսանդրի մահուամբ: Իրեն գործերէն շատ մանրամասնութիւններ չունինք, եւ այս պատճառով ժամանակակից եղելութեանց վրայ ընդարձակուած ատեննիս, իրեն գործունէութենէն շատ բան չկրցանք յառաջ բերել: Գիտենք որ զհայրենիս եւ զբարեկամս իւր մխիթարելու նպատակով 1711 հոկտեմբեր 12-ին Նոր Ջուղա է եկած, եւ ութն ամիս այն տեղ ատեն անցնելէ ետքը 1712 յունիս 17-ին Էջմիածին դարձած: Գրուած է թէ կաթողիկոսութիւն սորա եղեւ կարի օգտակար, ոչ միայն սակս ազգին, այլ եւ վասն սրբոյ Էջմիածնի ( ՏՅՈ. Ա. 35): Երեւանեցին ալ կը վկայէ թէ եղեւ հանճարեղ եւ շինարար, զբազում հնացեալ շինուածս նորոգեաց զձմրան սեղանատունն վերանորոգեաց, զայգին Սրբոյն Հռիփսիմեայ մեծացոյց եւ պարսպեաց, հարստացոյց զսուրբ աթոռս եկեղեցական զարդուք եւ արտաքին կահիւք եւ անասնօք, եւ յաւել մուլքս եւ զարդիւնս` արքունական եւ դատաւորական գրովք ( ՋԱՄ. 27): Ինքն ալ 1713 յունիս 4-ին Մովսէս Ջուղայեցիին կը գրէր, թէ տասն տեղ քարխանայք ունիմ, երեք հարիւր աւելի ուստա եւ մշակ կու բանի. եւ տասը տեղ բացուած շինութիւններուն կարգին կը յիշէ եւս Երեւանի այգին, Օշական մուլքը, եւ մեծ առուն ( ՏՅՈ. Բ. 85): Բայց տակաւ կը տկարանար Աղեքսանդր, եւ 1714-ին իր վախճանը մօտալուտ տեսնելով գրաւոր կտակ մըն ալ կը պատրաստէ, որով կը յայտնէ, թէ Նահապետի օրէն մնացած պարտքերն ալ վճարած է, մէկ դեկան պարտք չկայ սուրբ աթոռոյս, այլ եւ դրամ եւս կայ: Իրեն յաջորդ կը ցուցնէ Ջուղայի առաջնորդութեան մէջ իր յաջորդ Մովսէս Ջուղայեցին, վստահացնելով թէ կրկին, երեքկին եւ բազմակրկին ճոխացուցնէ զաթոռս եւ զազգս. թէպէտեւ կը յաւելու թէ կամք ձեր է, զո ոք կամիք կաթողիկոս ընտրէք, եւ կը վերջացնէ օրհնութեամբ, կացէք բարեաւ եւ մնացէք խաղաղութեամբ, եւ վասն մեր աղօթս արարէք եւ յիշեցէք ի Քրիստոս ( ՏՅՈ. Բ. 36): Կտակին ամսաթիւը չկայ, բայց մահուանէ շատ առաջ պիտի չ՚ըլլայ, զի 1714 հոկտեմբեր 19-ին Մովսէս Էջմիածին կը հրաւիրուի կաթողիկոսանալու նպատակով ( ՏՅՈ. Բ. 50): Իսկ Աղեքսանդր կը վախճանի նոյեմբեր 22-ին ( ՏՅՈ. Բ. 37), եւ կը թաղուի ի ներքոյ մեծի զանգակատան, յաջակողմն դրան ( ՋԱՄ. 27): Աղեքսանդր Ջուղայեցի ուսումնական եւ գործունեայ եւ խոհական եւ շինարար, պատկառելի դէմք մըն է կաթողիկոսներու շարքին մէջ, թէպէտեւ կենսագրական մանրամասնութիւններով հարուստ չ՚ըլլան իր վրայ եղող յիշատակարանները: Ազգային եկեղեցւոյն մասին իր հաստատամիտ եւ անխարդախ ուղղութեան համար բաւական ըլլայ պապին գրած նամակին մասին տուած վերլուծութիւննիս 1897):