Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՂՈՒԿԱՍ Ա. ԿԱՐՆԵՑԻ

2148. ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐ

Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսը 1780 յուլիս 26-ին կիրակի օր վախճանած, եւ յուլիս 27-ին երկուշաբթի թաղուած էր 2139): Երեքշաբթի յուլիս 28-ին ( ԴԻՒ. Դ. լբ. ), որ ըսել է յետ երից աւուրց ( ՄՍՐ. 5), կամ մահուան երրորդ օրը, Մայրաթոռի մէջ ժողով գումարուեցաւ միաբանութեան անդամներով եւ յուղարկաւորութեան եկող Երեւանի եւ շրջակայից երեւելիներով ( ԴԻՒ. Դ. լբ. ), նոր կաթողիկոսի ընտրութեան խնդիրը յուզելու: Վերջին ատեններու ընկալեալ սովորութիւն էր, որ միաբանութիւնը երկու կամ երեք ընտրելիներ կը ցուցնէր, եւ յետոյ ազգին կարծիքը առնելու հետամուտ կ՚ըլլար, գլխաւորապէս Երեւանի, Ջուղայի եւ Տփղիսի, եւ մանաւանդ Կ. Պոլսոյ ազգայիններուն, եւ այնպէս ընտրուածը կ՚օծուէր եւ աթոռ կը բարձրանար ( ԴԻՒ. Դ. լգ. ): Բայց մենք տեսանք որ պարագայից ստիպմամբ միաբանութենէ եւ մօտաւորներէ կատարուած հապճեպ ընտրութիւններ եւ օծումներ ալ տեղի ունեցած են, զորս ազգը համակերպութեամբ ընդունած էր: Ըստ այսմ այս անգամ ալ խնդիրի նիւթ եղաւ, թէ պէտք է արդեօք ընտրութիւնը շտապել եւ աւարտել: Ընդհանուր կարծիքը այն եղաւ թէ ժամանակը վրդովեալ լինելով, ինչպէս որ Սիմէոնի վերջին օրերուն դէպքերն ալ կը ցուցնեն 2138), եւ աթոռին անգլուխ մնալը վտանգաւոր նկատուելով` անհրաժեշտ է ընտրութիւնը փութացնել: Այդ անհրաժեշտութիւնը ծանրացնող պարագաներուն կարգին նկատողութեան առնուեցաւ, որ Իսրայէլ Աղուանից վտարեալ կաթողիկոսը 2092), Տփղիսի մէջ Վրաց արքունիքը շահած էր, եւ Երեւանի յաղթութեամբ 2138) անոր ստացած դիրքէն օգտուելով, արդէն Սիմէոնի հիւանդութեան օրերէն սկսած էր խլրտիլ: Մահուանէ երկու շաբաթ ալ առաջ, Տփղիսի մէջ սուտ լուր տարածուելով, թէ հոգեւոր տէրն վախճանեցաւ, կաշառքներով եւ խաբկանքներով շարժում գոյացուցած էր, որ Հերակլի ազդեցութեամբ Էջմիածինի աթոռը գրաւէ ( ԴԻՒ. Դ. 32): Ուրիշ բռնի եւ ինքնընծայ թեկնածու մըն ալ կը ներկանար Գալուստ Ներսէսեան եպիսկոպոս, որուն համար կ՚ըսուէր թէ 300 Պօրչալուցի Թաթարներ վարձած է, եթէ պէտք ըլլայ, բռնութեամբ ալ աթոռին տիրանալու. եւ այս կասկածով տեղապահ եւ գանձապետ Մկրտիչ եպիսկոպոսի կարգադրութեամբ իբր 200 երիտասարդներ հաւաքուած էին վանքին մէջ, Գեղարքունի գաւառի զանազան գիւղերէն, հարկ եղած ատեն բռնութիւնը զօրութեամբ վանելու համար ( ԴԻՒ. Դ. լդ. ): Սիմէոնի հիւանդութեան օրեր, շրջակայ Թուրքեր ալ սկսած էին Էջմիածինի կալուածները իւրացնել, զգիւղ մի նշանաւոր յափշտակեցին, զերկուս մեծամեծ այգիս իւրացուցին, սկսան եւ ի մերձակայ գիւղս ձեռնամուխ լինել, եւ շատ աւելի վնասներու սպառնալիքներ կ՚ընէին ( ԴԻՒ. Դ. 27), աթոռը անգլուխ տեսնելով: Այս կասկածներէն աւելի միաբանութեան միտքին վրայ կ՚ազդէր վախճանած եւ յարգուած կաթողիկոսին վերջին կամքը կամ կտակը, զոր քանիցս իր կենդանութեան յայտնած էր, եւ վերջին անգամ ալ իր խոստովանահօր` ծերունազարդ Մարկոս լուսարարապետ եպիսկոպոսին յանձնարարած էր, որ աթոռը անայցելու չմնայ այս վնասաշատ ժամանակիս` եւ շուտով կաթողիկոս ընտրեն Ղուկաս Կարնեցի եպիսկոպոսը ( ԴԻՒ. Դ. լբ. ): Ժողովին մեծամասնութեան միտքը հակած էր Ղուկասին, զոր Մայրաթոռի մէջ գործի վրայ ալ գնահատած էին քանի տարիներէ իվեր: Բայց հակառակ կարծիք ունեցողներ ալ կային, որոնք կուսակից էին Կ. Պոլսոյ պատրիարք Զաքարիային, որ աւելի կարող եւ գործունեայ եւ երիցագոյն նկատուած էր, բայց աւելի շատեր կը խրտչէին անոր խիստ եւ բուռն բնաւորութենէն: Զաքարիայի կողմը եղողներուն գլխաւորն էր Սահակ եպիսկոպոս Գեղամացի կոչուած հայրենական գաւառէն ( ՄՍՐ. 5), եւ Փառակեցի` ծննդավայրը եղող Փառականք գիւղին անունով ( ԴԻՒ. Դ. լե. ): Սա իր միտքը յառաջ մղելու համար կը պնդէր, թէ անհրաժեշտ է Կ. Պոլսոյ ազգայիններու հաւանութեան դիմել, եւ առանց անոնց հաճութիւնը ստանալու ընտրութիւն չվերջացնել ( ԴԻՒ. Ա. 3):

2149. ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԼՐՈՒՄԸ

Խնդիրը այդ կէտին վրայ եղած ատեն, վիճաբանութիւնը սաստկացաւ մանաւանդ Մկրտիչ եւ Սահակ եպիսկոպոսներու միջեւ, եւ Սահակ սկսաւ Մկրտիչը նախատել թէ, Դու նախ եկ տուր զհաշիւ քո ուղղապէս: Ժողովականներ Մկրտիչի կողմը ելան, որ յինքն յանկուցեալ ունէր զհամարումն իւրաքանչիւրոց, եւ Սահակի դէմ ելլալով սկսան հարկանել զնա, զոր հազիւ Յովհաննէս Քէալ մելիքը ձեռուըներէն ազատելով` դուրս հանեց, եւ տարաւ իր սենեակը հանդարտեցնել եւ նստեցնել: Հազիւ թէ միջադէպը փակուեցաւ, նոյնինքն Գալուստ եպիսկոպոս, որուն վրայ կասկածոտ էին, երկուցեալ որ մի գուցէ իրեն դէմ ալ նմանօրինակ բան մը փորձուի, տեղէն կ՚ելլէ, եւ ի բաց առեալ զվեղար իւր, կ՚երթայ Ղուկասի աջը համբուրել ասելով. Կէցցէ տէր մեր սրբազան: Ներկաներ համամիտ կերպով կը ձայնակցին, եւ համաձայն հաւանութեան ձեւով կը հռչակուի Ղուկասի ընտրութիւնը: Ղազար Աստապատցի եպիսկոպոսը, անմիջապէս Սուրբ խաչիւս կ՚ըսէ, եւ ժողովին նախագահող Մկրտիչ եպիսկոպոսն ալ Պահպանեա աղօթքը կ՚արտասանէ, եւ ժողովը կը փակուի (01 ԱՐՐ. 183): Գալուստ եպիսկոպոսի նախաձեռնութիւնը կը քաղենք ժամանակակից յիշատակարանէն ( ԴԻՒ. Ա. 3), եւ չեն արդարանար Մսերեանցի գրածները, թէպէտ ինքն կը պնդէ թէ գրեցի` զորս հարցի եւ լուայ եւ ստուգեցի ի հինաւուրց միաբանից ( ՄՍՐ. 12), իբր թէ Սահակ եղած ըլլայ առաջին անգամ Ղուկասի համար մտածողը ( ՄՍՐ. 5), եւ ժողովին մէջ Ղուկասին անունը հռչակողը ( ՄՍՐ. 6): Կ՚երեւի թէ Մսերեանց մոռացկոտ կամ կողմնակցական աղբիւրներու հանդիպած է, զի տեսանք Սահակ ինքն ալ խոստովանած է Ղուկասի դէմ ելած ըլլալը ( ԴԻՒ. Դ. 193): Նոյն ժողովին մէջ որոշում տրուեցաւ ընտրութիւնը անմիջապէս լրացնել եւ Ղուկասը աթոռ բարձրացնել. ուստի հապճեպով պատրաստութիւններ կը տեսնուին օծումն ալ կատարելու: Ղուկաս բաւական կ՚ընդդիմանայ, թէ վրդովեալ ժամանակին դժուարութիւններէն խոյս տալով, եւ թէ ներքին տարաձայնութիւններէն խիթալով. բայց ամէնքը միաբերան անհրաժեշտ պարագաներուն պահանջը առջեւ կը դնեն եւ զիջողութեան կը ստիպեն ( ԴԻՒ. Դ. 28): Վարդավառի դիմացի կիրակէն, 1780 օգոստոս 2-ին, օծման կարգը կը կատարուի, եւ Ղուկաս կաթողիկոսական աթոռ կը բազմի, Սիմէոնի մահուան ութերորդ օրը, եւ անմիջապէս կը սկսի աթոռին պաշտպանութիւնը հոգալ, զանազան կողմեր ղրկուելիք շրջաբերականները պատրաստել, եւ զանոնք տանող պատուիրակները, կամ ժամանակին բառով` մահսերատար վարդապետները ճամբայ հանել:

2150. ՂՈՒԿԱՍԻ ՆԱԽԸՆԹԱՑԸ

Գործողութեանց մէջ չյառաջացած պէտք է ակնարկ մը նետենք Ղուկասի նախընթացին վրայ: Ղուկաս ծնած կ՚ըլլայ 1722-ին, եթէ 77 տարեկան վախճանեցաւ 1799-ին ( ԴԻՒ. Ա. 45): Ըստ այսմ երբ 1783 ապրիլ 4-ին կը գրէ, թէ 36 տարի առաջ Քիւթիւրի ժամանակ դեռ եւս տղայ էր, պէտք չէ տղայական տարիքի վրայ առնել, զի արդէն 26 տարեկան եղած կ՚ըլլայ, այլ պաշտօնական շրջանակէ դուրս եւ գործերու անհաղորդ ըլլալուն վրայ, ինչպէս ինքն ալ կ՚ակնարկէ ըսելով, թէ այն ատեն միթէfl ես խորհրդակից էի այդպիսեաց իրաց ( ԴԻՒ. Դ. 507): Ղուկաս Կարնեցի կոչուած է սովորաբար, ոչ քաղաքաւ, այլ գաւառաւ ( ԴԻՒ. Դ. կ. ), զի ծննդավայրն եղած է Կեղի կամ Քղի աւանը որ է հին Խորձեանը: Մանկութենէ աշակերտած է Մայրաթոռին, եւ Սիմէոնէ առած է ուսմանց դասեր, իսկ քահանայական ձեռնադրութիւնը ընդունած է 1751-ին լուսարարապետ Եղիազար եպիսկոպոսէն, օծակից ունենալով Զաքարիա Կաղզուանցին: Վարդապետութեան ատեն նուիրակ գացած է Ռումէլի եւ Խրիմ: Սիմէոն կաթողիկոս իր օծուելէն միայն 58 օր ետքը, 1763 յունիս 17-ին, երեքշաբթի, Որդւոց եւ Թոռանց տօնին օրը ( ԴԻՒ. Դ. իէ. ), հին տօնացոյցի կարգով ( ՏՆԱ. 228), եպիսկոպոսութեան օծում տուած է Ղուկասի եւ Եսայի Նախիջեւանցի եւ Պետրոս Բերթումեան վարդապետներու, բայց Ղուկաս նկատուած է անդրանիկ եւ շնորհածին զաւակ Սիմէոնի, որ քիչ ետքը զայն վանքէ դուրս պաշտօնի կոչեց, եւ 1764 մարտ 11-ին յղեց Զմիւռնիոյ առաջնորդութեան եւ նուիրակութեան ( ԴԻՒ. Գ. 101): Ղուկաս այնտեղ մնաց մինչեւ 1775, զի մէկկողմանէ շատ օգտակար կ՚ըլլար զանազան յանձնակատարութեանց եւ մանաւանդ տպարանի ձեռնարկին համար, եւ միւս կողմէն Զմիւռնացիք կը թախանձէին որ չփոխէ, եւ նոյնիսկ 1775-ին երբոր զայն Մայր աթոռ կը կոչէր` նոյնիսկ Ղուկասի խնդրանաց համեմատ, Զմիւռնացիք, խնդրագիրներ կը տեղացնէին, որ որպէս զԶաքարիա վարդապետն Պոլսեցւոցն բաշխեցէր, զՂուկաս վարդապետն եւս մեզ բաշխեա ( ԴԻՒ. Ը. 426), բայց Սիմէոն վեհն` բացասեաց զխնդիրս նոցին ( ԴԻՒ. Ը. 440), զի թէ ինքն կ՚ուզէր զայն իրեն մօտ ունենալ, եւ թէ Ղուկաս կրկին անգամ աղաչանօք գրեալ էր սրբազան վեհին խնդրել զինքն ( ԴԻՒ. Ը. 452): Այս պատճառով վերջապէս Եսայի վարդապետ յաջորդ նշանակուեցաւ, եւ 1775 յունիս 23-ին ճամբայ ելաւ ( ԴԻՒ. Ը. 456), իսկ Ղուկաս հազիւ տարւոյն վերջերը կրնայ Մայրաթոռոյ դարձած ըլլալ: Անկէ ետքը շարունակ Էջմիածին մնաց, իբրեւ գլխաւոր գործակից եւ խորհրդական Սիմէոնի, որուն հիւանդագին վիճակը օրէ օր կը ծանրանար, եւ հաւատարիմ եւ կարող գործակցի մը պէտք ունէր, որպիսի ոք ճանչցած եւ ընդունած էր նա իր անդրանիկ եւ շնորհածին Ղուկասը: Սիմէոնի այդ մեծ գնահատումը հիմնական երաշխաւորութիւն մըն է Ղուկասի արժանիքին, հակառակ իր մասին ոմանց կողմէ կուտակուած ձախող դիտողութեանց ( ՄՍՐ. 10): Նախընթաց գործունէութիւնը վկայուած է այս կերպով. իսկ կաթողիկոսական գործունէութեան մասին կը թողունք որ եղելութիւնները խօսին, Ղուկաս կը ներկայացուի իբրեւ այր անձեայ, փառացի, վայելչադէմ, ծանրաբարոյ, քաղցր ի կենակցութեան, եւ վարժ ի գրաւել զսիրտս այլոց, որ համակիր չեղողի մը գրիչին ներքեւ աւելի մեծ նշանակութիւն կը ստանայ: Ուսումնական զարգացման կողմէն ալ յետամնաց պէտք չէ կարծուի, քանի որ Սիմէոնի յառաջադէմ աշակերտներէն էր, եւ հնար չէ զինքն անուսումն կամ ուսումնատեաց ըսել, պարզապէս ըսած ըլլալուն համար, Մեծ է տունս այս, ինձ մարդիկ հարկաւորք են ի կառավարել, իմ միաբանաքն եթէ զՍուրբ ես տէր եւ զՀայր գթած գիտենան ինձ բաւական է, ես փիլիսոփայ միաբան ուզում չեմ ( ՄՍՐ. 12): Այդ խօսքերը պարզապէս աթոռին շինութեան եւ պահպանութեան նախանձաւոր ըլլալուն վկայութիւնն են, եւ գրեթէ կրկնութիւն են Սիմէոնի խօսքերուն թէ, Լաւ է տգէտն` որ ըստ հաւատոյն ուղիղ իցէ եւ ըստ վարուցն պարկեշտ, քան զիմաստունն սնապարծ` որ ըստ հաւատոյն թերի իցէ եւ ըստ վարուցն անպարկեշտ ( ԴԻՒ. Դ. 754): Սիմէոնի մասին կասկածող չկայ, Ղուկասի ալ միտքը, եւ երկուքն ալ կ՚ակնարկեն լատինամոլ ուսումներով ազգային եկեղեցին անարգող թեթեւամիտներուն:

2151. ԶԱՔԱՐԻԱ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ

Ղուկասի ընտրութիւնը ծանուցանող պաշտօնագիրներուն կարգին, յատուկ մտադրութիւն դարձուեցաւ Կ. Պոլիս ղրկուելիքին, վասնզի որչափ ալ Մայրաթոռը Պարսից իշխանութեան ներքեւ էր, բայց սովորութեամբ պահանջ դարձած էր որ Օսմանեան կառավարութեան կողմանէ ալ հրովարտակ ստացուի, որպէսզի անով կաթողիկոսը կարենայ իշխանութիւն վարել Տաճկահպատակ վիճակներուն վրայ: Օծումէն յետ իբրեւ աւուրց քսանից ( ԴԻՒ. Ա. 3), որ է ըսել Վերափոխման տօնը ընելէն ետքը, որ այն տարի օգոստոս 17-ին կը հանդիպէր, ճամբայ ելաւ Կ. Պոլսոյ պաշտօնագիրը տանելու սահմանուած Պետրոս եպիսկոպոս Խոզարածեան, որ Սէթ ալ կոչուած է, գուցէ աւազանի անունը ըլլալուն. սակայն նա Կ. Պոլիս չհասած, լուրը եկած էր, որ իբր անակնկալ գոյժ եւ անհաճոյ գործ ամէնուն ուշադրութիւնն իրեն գրաւեց 2137): Կ. Պոլսեցիք վշտացան որ կաթողիկոսական ընտրութեան մէջ իրենց ձայնը կ՚անարգուէր, եւ ճանչցուած իրաւունքնին ոտնակոխ կ՚ըլլար, ուստի խռովեցան յանձինս իւրեանց, եւ խորհեցան եղելութեան ընդդիմանալ: Բայց ազգայիններէն աւելի էր Զաքարիայի զայրոյթը, ոչ թէ լոկ իր աթոռին պատիւը պաշտպանելու տեսակէտէն, այլ աւելի իր անձնական զգացումին վիրաւորուելուն համար, որովհետեւ իրեն իրաւունքը կը կարծէր կաթողիկոսական աթոռին յաջորդութիւնը, եւ զինքն Ղուկասէ եւ բոլոր Մայրաթոռոյ եպիսկոպոսներէն վեր կը դասէր արդիւնաւորութեամբ եւ արժանաւորութեամբ: Զաքարիայի զայրոյթը եւս առաւել սաստկացաւ, երբ ձեռքը հասան Սահակ Փառակեցիի գիրերը, որ ընտրական ժողովին միջադէպէն 2149) վիրաւոր եւ սրտնեղեալ, Զաքարայի գրգռիչ տեղեկութիւններ էր հաղորդած, անոր ընտրութեան հաւանականութիւնը ցուցնելով եւ դիմադիրներ մատնանիշ ընելով, ինչպէս ինքն ալ վերջէն կը խոստովանէր, թէ գրեցի յիրաւի զբանս վրդովականս ի մեծն Պոլիս, եւ թէ գրեցի զոր ինչ եւ կամեցայ ( ԴԻՒ. Դ. 193): Զաքարիա մեծամեծաց ժողով գումարեց, եղելութեան մասին խօսեցաւ ինչպէս որ իր վիրաւորեալ անձնասիրութիւնը կը թելադրէր, եւ ամէնքը գրգռեց: Խոզարածեանի տուած բացատրութիւնները նկատի չ՚առնուեցան, եւ որոշում տրուեցաւ կաթողիկոսին յիշատակութիւնը չ՚ընել, եւ կառավարութենէ հաստատութեան հրովարտակ չ՚առնել: Միանգամայն կաթողիկոսական ընտրութեան եւ ազդեցութեան խնդիրները հաստատուն ձեւի մը վերածելու համար, չորս կէտեր սահմանեցին եւ միաբանութեան կողմէն ընդունուիլը պահանջեցին, եւ յատուկ պատուիրակ մըն ալ որոշեցին Կարապետ Ամդեցի` Տիգրանակերտի եպիսկոպոսը, որ Էջմիածին երթալով առաջարկները ընդունիլ եւ Ղուկասի ընտրութիւնը ջնջել տայ: Չորս առաջարկներու պաշտօնագիրը չունինք, որ աւելի մանրամասնօրէն ուսումնասիրենք: Անոնք համառօտակի միայն նշանակուած կը գտնենք. 1. Լուսահոգւոյն փոքրաւորները ելանիցեն ի Ներսէս, 2. վասն ընտրութեան կաթողիկոսի, 3. վասն կացուցանելոյ զխորհրդականս, 4. վասն հասու լինելոյ հաշուոյն սրբոյ աթոռոյն եւ պատուէր տալոյ նուիրակաց ( ԴԻՒ. Դ. 194): Այդ չորս առաջադրեալ պայմաններէն առաջին կէտը պարզ անձնական վրէժխնդրութեան հետեւանք էր, զի Զաքարիային գրուած էր, թէ ներսնայիններ ընտրեցին զՂուկասն եւ քեզ մերժեցին ( ԴԻՒ. Դ. լէ. ): Միւս երեք գլուխներով կը պահանջուէր որ առանց Կ. Պոլսոյ ազգայնոց հաւանութեան կաթողիկոս չնստի, կաթողիկոսին շուրջը որոշուած խորհրդականներ ըլլան եւ անոնց հաւանութեամբ գործէ, Մայրաթոռոյ հաշիւները Կ. Պոլսեցւոց հաւանութեան ենթարկուին, եւ Մայրաթոռոյ նուիրակները պատրիարքէ ստանան հրամաններն ու հրահանգները: Մինչեւ որ պատգամաւորութեան արդիւնքը իմացուէր, որոշուեցաւ այդ ընդդիմադիր կացութիւնը շարունակել:

2152. ՂՈՒԿԱՍԻ ՔԱՇՈՒԻԼԸ

Կարապետ եպիսկոպոսին Էջմիածին հասնելուն ճիշդ օրը չունինք, միայն կը գտնենք թէ պատուիրակին հասնելէն ու երկիցս անգամ ժողով գումարուելէն, եւ բանակցութիւններ լրանալէն ետքը, 1781 տարւոյ ի մարտի ելն Մայրաթոռոյ միաբանից պատասխանը գրուած եւ ղրկուած է Կ. Պոլիս ( ԴԻՒ. Դ. 196): Ղուկաս հազիւ թէ պաշտօնապէս ստացաւ Կ. Պոլսեցւոց տժգոհութեանը եւ դիմադրութեան գիրը, ու լսեց Կարապետ Ամդեցիի բերանացի տեղեկութիւնները, իսկոյն որոշեց իր անձը չեզոքացնել, եւ կաթողիկոսական արտաքին ձեւակերպութիւններէ ձեռք քաշել: Եթէ վճռապէս հրաժարելով կաթողիկոսի անունն ու գործունէութիւնն ալ չմերկացաւ, պարզապէս աթոռը անիշխանութեան եւ կացութիւնը անտէրնջութեան չմատնելու համար էր, այն ալ թախանձանօք միաբանութեան, ապա թէ ոչ նա կաթողիկոսարանէ ալ ելլելու եւ միաբանութեան կարգը իր սենեակը դառնալու կամք յայտնած էր: Նա համարձակ յայտարարեց թէ. Ես ոչ եմ կաթողիկոս, այլ նոյն Ղուկաս եպիսկոպոսն եմ որպէս էի յառաջ: Երթայք ուրեմն միաբանութեամբ խորհեցարուք զօգուտն սրբոյ աթոռոյս, եւ որ ինչ դուք ամենեքեան պատշաճ տեսանիցէք, ինձ եւս հաճելի ու ընդունելի է: Եթէ կամիցիք խնդրել զայլ ոք յաղագս այսր աստիճանի, գրեցէք միաբանութեամբ եւ խնդրեցէք, ես եւս կնքեցից զթուղթն ( ԴԻՒ. Գ. 192): Այլեւս հայրապետական աթոռի չնստեցաւ, եւ պաշտօնական գահին քովը յահեակ կողման ( ԴԻՒ. Ա. 4), ըստ այլոց յաջմէ կողմանէ ( ՄՍՐ. 8), փոքր աթոռ մը դնել տալով, հոն կը կենար, ուր հասարակօրէն կանգնի տեղապահ աթոռոյն ( ԴԻՒ. Ա. 4): Որովհետեւ մեղադրած էին, թէ ընդէր է եդեալ զկարմիր կնիքն ի ճակատն թղթոյն ( ԴԻՒ. Դ. 194), զանց ըրաւ կարմիր կնիք գործածել, ըսելով թէ որքան պղտորեալ կայ յայդր բանն մեր եւ ի ձախն ընթանայ, անպատեհ է մեզ եւ պակասութիւն մեծ` այլեւս կարմիր կնիքով գիր գրել ( ԴԻՒ. Դ. 196): Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն դեռ չէր ըրած, այնուհետեւ ալ զգուշացաւ ընել, եւ մինչեւ իսկ կարգադրեց ամէն վիճակներում յիշել Սիմէոնի հանգուցեալ կաթողիկոսի անունը ( ԴԻՒ. Դ. լը. ): Ղուկասի կողմէ առնուած այդ քայլերը` հեզահոգի առաքինութեան եւ խաղաղասէր խոնարհամտութեան արդիւնք էին, որոնք ստուգիւ գովութեամբ պէտք է յիշատակուին: Մինչեւ իսկ, եթէ հակակիրներու խօսքին համեմատ, այսպիսի իմն ի վար արկ հնարս, որպէսզի կարենայ շահիլ զսիրտ Զաքարեայ կամ զիջուցանել զցասումն նորա ( ՄՍՐ. 8), դարձեալ բարեմիտ հոգւոյ եւ ընտիր բնաւորութեան հետեւանք էր, եթէ ուզեց բարեաւն յաղթել չարին ( ՀՌՄ. ԺԲ. 21), եւ չուզեց ձեռք անցուցած հայրապետական իշխանութեամբը ճոխանալ եւ բռնադատիչ միջոցներու դիմել:

2153. ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԵՐԸ

Երբոր Ղուկաս անձնապէս ձեռնթափ եղաւ` Կ. Պոլսեցւոց կամ լաւ եւս Զաքարիայի յուզած խնդիրներուն համար, միաբանութիւնը յառաջ անցաւ խնդիրներն ստանձնել, եւ աթոռին իրաւունքները պաշտպանել, եւ վնասաշատ պարագաներու հանդէպ կատարած գործողութիւնը ջատագովել: Պատուիրակ Կարապետ Ամդեցիին ներկայութեան համաբերան պատասխանեցին, թէ այնպէս միանգամ ընտրեալ եւ կացուցեալ եմք Ղուկասը, նոյնպէս եւ այժմ ընդունիմք, եւ ոչ է ի մեզ այլ եւ այլ` բան կամ պատասխանի ( ԴԻՒ. Դ. 193): Ընտրութեան մասին այսպէս կտրուկ կերպով պատասխանելէ ետքը, կ՚անցնին Կ. Պոլսեցւոց առաջարկած չորս կանոններուն: Առաջինին դիմաց տեղի կու տան, եւ Սիմէոնի ժամանակէն կաթողիկոսական յարկաբաժինի կամ վեհարանի մէջ եղող եւ ներսնայիններ կոչուածներ, յօժարակամ դուրս կ՚ելլեն, անձնական խնդիր մղած չ՚ըլլալու համար: Իբր թէ այս կերպով Ղուկասի մօտէն հակազաքարեաններ հեռացած պիտի ըլլան. զի Զաքարիայի միտքին մէջ Սիմէոնի դէմ ալ բուռն հակառակութիւն մը գոյացած էր, Ղուկասի ընտրութեան անոր կամքին եւ կտակին արդիւնքը եղած ըլլալուն: Իսկ միւս երեք կէտերուն միաբանութիւնը կ՚ընդդիմանայ, խնդիրը օրինական ձեւի վերածելով: Իբրեւ սկզբունք կը հռչակեն, թէ Կանոնադիրք սրբոյ աթոռոյս հայրապետք լինին եւ ոչ միաբանք. ամէն կանոն հայրապետս մեր պարտի վերահաստատել իւրով կոնդակաւ եւ կարմիր կնքով, անկէ ետքը, կ՚ըսեն եւ մեծ զլուսանցսն կնքեսցուք, որով եթէ այս կանոնք առանց հայրապետական կնքոյ լինիցին, ի հարկէ անվաւեր լինին: Այս սկզբունքի հիմնուելով կը հետեւցնեն, որ եթէ Կ. Պոլսեցիք Ղուկասի ընտրութիւնը չեն ընդունիր, անոր զօրհնութեան թուղթն չ՚ընթեռնուն, զանունն չյիշեն, եւ կաթողիկոս անուան եւս արժանի չ՚առնելով` ընտրեալդ ձեր գրեն, եւ զկարմիր կնիքն մեղադրեն, ինչպէflս կը պահանջեն որ կաթողիկոսական աթոռէն կանոններ հաստատուին: Եւ կ՚եզրակացնեն թէ այս անհեթեթ իմն է: Թող միաբանեսցին ընդ ինքեանց, եւ կացութիւնը պարզեն յիշելով զանուն կաթողիկոսին, եւ զֆէրմանսն եւ զմահսարն մեր հոգացեալ աստ յղեսցին, ապա եւ ասացեալ կանոնքն հանդերձ այլ եւս կանոնօք գրեսցին կոնդակաւ եւ կնքով ( ԴԻՒ. Դ. 194): Այդ տեսութիւնները միաբանութիւնը յատուկ պաշտօնագիրի վերածելով` Կ. Պոլիս ղրկուելու համար ճամբայ կը հանեն 1781 ի մարտի ելն, եւ հաւանաբար Կարապետ Ամդեցին ալ կը մեկնի Կ. Պոլիս դառնալու, եւ բերանացի բացատրութիւններ տալու: Միաբանական գիրը կը ղրկուի Կ. Պոլիս գտնուող Պետրոս եպիսկոպոսին, եւ Կ. Պոլսոյ քաղաքին նոր նուիրակ Մինաս եպիսկոպոսին, եւ Կ. Պոլսոյ վիճակաց նուիրակ Գալուստ եպիսկոպոսին, որպէսզի ըստ այնմ աշխատին Կ. Պոլսոյ պատրիարքին եւ մեծամեծաց հետ գործերը կարգադրել: Սակայն դժբախտաբար վերոգրեալ թուղթքն ի ձեռս աւազակաց էին անկեալ ի ճանապարհին յայնկոյս Կարնոյ, եւ մայիս 2-ին դեռ Կ. Պոլիս բան մը ստացուած չէր, եւ հարցում ուղղած էին Էջմիածին, եւ անկէ ետքը նոյն գիրերը նորապէս գրեալ ղրկուեցան ( ԴԻՒ. Դ. 197), որով շատ ուշ ստացուեցաւ Կ. Պոլսոյ մէջ Մայրաթոռոյ միաբանութեան պատասխանը: Այդ առթիւ շատ մը մասնաւոր գիրեր ալ ղրկուեցան Կ. Պոլիս միտքերը շինելու, որոնց մէջ նշանաւոր է նոյնիսկ Ղուկասու կողմէ 1780 սեպտեմբեր 7 թուականով ( ԴԻՒ. Դ. 30) սեղանաւորներու պետ Պալքափանցի Յարութիւն ամիրայի ուղղուած գիրը ( ԴԻՒ. Դ. 24), որ շատ ուշ եւ միաբանական գործողութենէն ետքը ճամբայ հանուած է, ինչպէս յաւելուած ծանօթութենէն կը քաղուի ( ԴԻՒ. Դ. 30): Կը յիշուի եւս թէ Ղուկաս` Զաքարիայի ալ գրած ըլլայ, թէ ի հարկէ ժամանակիս վիճակեցայ ես յայն պաշտօն, այլ գիտեմ արժանագունիդ քան զիս տեղի տալ, միայն թէ հաճեսցիս գալ այսր եւ զծանրագոյնս զայս յանձն առնուլ զլուծ ( ՄՍՐ. 8): Ամէն առթի մէջ Զաքարիա պատրիարքութեանը ատեն այդ գիրը առած չէ:

2154. ՏԱՃԿԱՀԱՅՈՑ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐԸ

Երբոր Զաքարիայի ազդեցութեամբ Կ. Պոլսոյ մէջ Ղուկասի ընտրութեան դէմ որոշումներ կը տրուէին 2151), արդէն մեծամեծներէն մաս մը կար, որ սրտով կամակից չէր, եւ այդ խումբին ոյժ կու տային կաթոլիկամիտներն ալ, որոնք Զաքարիայի համար չէին կրնար ըլլալ, անոր վերջին ձեռնարկներուն պատճառով 2130): Էջմիածինէ եկող նուիրակ եւ պատգամաւոր եպիսկոպոսներն ալ համոզիչ բացատրութիւններով, զիջողութեան կողմ եղողներուն թիւը օրըստօրէ կը շատցնէին, բայց շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն գործեց Ղուկասի բռնած խոհեմ եւ հեզ ընթացքին լուրը, եւ Կ. Պոլսեցւոց դիմադրութեան առջեւ խոնարհելով, կաթողիկոսական ձեւերէն հրաժարիլը: Ըստ այսմ թէպէտ կազմուած էր մեծամեծներու նշանաւոր թիւ մը, որ զիջանէին առնել զխաղաղութիւն, սակայն Զաքարիա անողոքելի էր, եւ կամք պատրիարքի եւ վրդովումն սրտի նորա` մնայր անխոնարհելի, մանաւանդ որ նա զօրաւոր էր իր դիրքին մէջ, եւ մեծամեծներն ալ չվստահանային ասել ինչ եւ կամ առնել ընդդէմ նորին կամաց ( ԴԻՒ. Ա. 5): Այսպէս տարտամ վիճակ մը կը տիրէր Կ. Պոլսոյ մէջ, եւ Ղուկասի կաթողիկոսութիւնն ալ առկախ ձեւ մը ունէր, ոչ ընդունուած էր, եւ ոչ ալ բացարձակ մերժումով նոր ընտրութեան ձեռնարկութիւն կար: Միեւնոյն առկախ վիճակը Էջմիածնի մէջ ալ կը տիրէր: Ղուկաս կաթողիկոս էր, Մայրաթոռոյ վարչութիւնը ձեռք առած էր, պէտք եղած գործերը պաշտօնապէս կը կատարէր, բայց կաթողիկոսութեան արտաքին ձեւերը չէր գործածեր, ինչպէս բացատրեցինք 2152). աւելի տեղապահի, քան թէ բուն կաթողիկոսի դիրքը կը պահէր: Այդ կացութիւնը երկկողմանի կը շարունակէր 1781 գարնան միջոցին, երբ անակնկալ միջադէպ մը, այսինքն Զաքարիայի պատրիարքութենէն ելլելը, կացութիւնը այլափոխեց:

2155. ԱՆԿԻՒՐԻՈՅ ԿԱԹՈԼԻԿՆԵՐԸ

Պատմեցինք իր կարգին թէ Զիլիֆտար Մէհմէտ եպարքոսին օրով, Զաքարիա ստիպուած էր կաթոլիկներու հանդէպ ունեցած ընթացքը մեղմացնել 2136): Արդէն կաթողիկոսական խնդիրն ալ ամբողջովին գրաւած էր անոր մտադրութիւնը: Այդ պատճառով կաթողիկոսական խնդիրը թուլցեր էր, եւ սկսան յանդգնիլ հերձեալքն, ո'չ միայն Կ. Պոլսոյ մէջ խրոխտալ` այլ մանաւանդ Անկիւրիոյ մէջ տեղական իշխանութիւնները շահելով չորս եկեղեցիներ գրաւել, եւ ըստ ախորժակաց իւրեանց կատարել զկարգ եւ պաշտօն ( ԴԻՒ. Ժ. 266): Գործը ակնյայտնի կերպով պատրիարքական իշխանութեան հակառակ ըլլալով, ժողով մը գումարեց Զաքարիա, եւ ժողովական որոշմամբ կառավարութեան դիմեց, եւ Զիլիֆտար եպարքոսն ալ ստիպուեցաւ հրովարտակ մը հանել տալ չորս եկեղեցիները ետ դարձնելու, հեստեալներն ալ պատժելու հրամանով: Զաքարիա հրովարտակը ստանալով անմիջապէս բուռն գործադրութիւն չ՚ուզեց ընել, այլ առաջնորդ Ստեփանոս վարդապետին գրեց, որ ծանուցանէ հրամանը եւ հպատակելու հրաւիրէ հեստեալները: Անոնք չհամակերպեցան, զի տեղական իշխանութիւնները շահած էին: Նոյն օրեր Ստեփանոս վարդապետի մահուան վրայ, Աբրահամ վարդապետ ղրկուեցաւ նման հրահանգով, բայց անոր ալ չ՚անսալնուն, հարկ եղաւ հրովարտակի գործադրութիւնը պահանջել պետական զօրութեամբ, եւ այս նպատակով Անկիւրիա ղրկուեցաւ Պօղոս վարդապետ Պանտրմայի առաջնորդը, իբրեւ կարողագոյն անձ մը: Այդ միջոցին Զիլիֆտար կը մեռնէր 1791 փետրուար 7-ին, եւ իշխանութիւնը տեղակալութեամբ կ՚անցնէր Քաբուտան Հասան փաշային, զի եպարքոս անուանուող Իզզէթ Մէհմէտ փաշա Կարին կը գտնուէր, եւ մինչեւ անոր հասնիլը տեղակալութեան պէտք զգացուած էր: Պօղոս վարդապետ գլխաւոր հեստեալներէն չորս հոգի աքսորել կու տայ Սամսոն, որոնք են Եսայի Փէշտիմալճի օղլու, Պետրոս Զըպճըօղլու, Յովհաննէս Եուսուֆօղլու, եւ բժիշկ Պետրոս Քէօթահեացի. բայց եկեղեցիներու խնդիրը տակաւին առկախ կը մնար, եւ որ եւս է, Պօղոսի դէմ դաւաճանութեան լուրեր ալ կը լսուէին: Պօղոս լուր կու տայ պատրիարքին, սա ալ կրկին ազգային ժողով կը գումարէ, եւ կ՚որոշուի նոր դիմում ընել փոխեպարքոսին Անկիւրիոյ եկեղեցիներու մասին հրովարտակը գործադրելու, եւ միանգամայն տասուերկու հոգիներու անունները կու տան Անկիւրիայէ հեռացուելու համար: Ասոնք են. Մաղաքիա Էմիրզէօղլու, Անտոն Ուզունօղլու, Հայրապետ Տիւրկէրօղլու, Յովհաննէս Ինճէօղլու, Միքայէլ Զուռնաճիօղլու, Մաղաքիա Սամուէլօղլու, Հերոնիմոս Ճգնաւորօղլու, Յակոբ Սվաճիօղլու, Յովհաննէս Գըլըճօղլու, եւ Յովհաննէս Եուսուֆ օղլու, վերոյիշեալ համանունէն տարբեր` անոր մէկ ազգականը: Միեւնոյն առթիւ մայրաքաղաք գտնուողներէն ալ հեռացուելու համար քանի մը անուններ կը տրուին, որոնք են. Յարութիւն Ճանպազօղլու, Յովսէփ Թիւլպէնտճի, Քերոբէ Գույումճու, Յովհաննէս Սահաթճի, Սերոբէ Օթուրաքճի, Վարդան Մանկավարժ, Լօրենցիոս Գափամաճի, եւ Մինաս Կոյր մականուանեալ: Ասոնց գործադրութիւնը կ՚ըլլայ 1781 մարտին, վերջինները թիարան կը բանտարկուին, առաջինները Ամասիա կ՚աքսորուին, իսկ եկեղեցիներու խնդիրը փոխ-եպարքոսը եպարքոսին կը թողու, որուն գալը մօտալուտ էր ( ԴԻՒ. Ժ. 267-278), ինչպէս որ ալ կը հասնի ապրիլ 5-ին ( ՍՐԳ. ):

2156. ՆԱՄԱԿԻ ԽՆԴԻՐԸ

Եպարքոս Իզզէթ Մէհմէտ փաշա իր պաշտօնավարութեանը ձեռնարկեց պատրիարքարանին պաշտպանութեամբ: Անտեղի վարմունքի մէջ գտնուողներէն 3 հոգի եւս բանտարկեց, որոնք են Գէորգ եւ Աբիկ Սանտալճի եղբարք եւ Յովհաննէս Մինթանճի: Բանտարկեալներուն ազատութեանը համար իրեն դիմող կիներուն լեզուագարութեանը համար, անոնցմէ ալ չորս հատը բանտարկեց, թէպէտ յետոյ տուգանքով արձակեց: Իսկ Անկիւրիոյ եկեղեցիներու գործն ալ նկատի առնելով որոշեց յատուկ պաշտօնեայ ղրկել հրովարտակին գործադրութեան համար, եւ այդ պաշտօնին որոշուեցաւ Քաբուճուպաշը Ուզուն Մէհմէտ, որ ունէր ընդ իւր վաթսուն սպասաւորս ( ԴԻՒ. Ժ. 281-283): Այդ որոշումները եւս քանզեւս գրգռեցին կաթոլիկութեան յարողները, որոնք Եւրոպական դեսպաններու դիմելով Զաքարիայի տապալումը իբրեւ միակ միջոց ցուցուցին, եւ իրենք ալ այդ նպատակով ճիգերու ձեռք զարկին: Քաբուճուպաշը Մէհմէտ դեռ ճամբայ չելած կը լսէ, որ Ամասիա աքսորուածներէն Յովհաննէս Գըլըճօղլու գաղտնաբար եկած է, ուստի իր պաշտօնէից ձեռքով բռնել ու բանտարկել կու տայ: Ասոր վրայ կաթոլիկներուն մէջէն Էսմա սուլտանուհւոյն ապարանքին հետ յարաբերութիւն ունեցողներ, անոր պաշտօնեաներէն գիր մը կ՚առնեն, իբր թէ Էսմա սուլտանուհիէն գրուած, եւ վերոյիշեալ Մէհմէտի ուղղուած, որ Գըլըճօղլուն թողու, զի իր մարդն է, բայց Մէհմէտ կասկածելուն, ճարտար կերպով կը ստուգէ թէ սուլտանուհին անգիտակ է, ուստի գործը եպարքոսին կը հաղորդէ, եւ ոչ միայն Գըլըճօղլուն չթողուիր, այլ եւ եպարքոսը խարդաւանանքին վրայ զայրանալով աւելի խիստ հրահանգներ կու տայ Մէհմէտի: Ասոր վրայ Մէհմէտ ճամբայ ելլալու համար 1781 մայիս 7 ուրբաթ օր Իւսկիւտար կ՚անցնի: Հոն իրեն կարաւանին հետ ճամբորդելու եկած կասկածաւոր մէկը կը տեսնէ, եւ կը հարցաքննէ, եւ անոր շփոթ պատասխաններուն վրայ խուզարկել կու տայ, եւ վրան շատ մը նամակներ կը գտնուին, մինչ սուրհանդակ ըլլալը ուրացած էր: Նամակները եւրոպական լեզուով հասցէ ունէին, եւ մարդը կը խոստովանի թէ Անկիւրացի կաթոլիկներու կեդրոնն եղող Սօֆճի խան շուկային դռնապանն ու բեռնակիրը այդ գիրերը իրեն յանձնեցին Անկիւրիա տանելու համար: Այդ խօսքերը Մէհմէտի կասկածը կը շատցնեն, եւրոպական լեզուի հմուտ մէկը գտնել տալով մէկ հատը միայն բանալ եւ կարդալ կու տայ, եւ վերջէն բոլոր նամակները ու կասկածոտ մարդը, սեղանաւոր Միքայէլ ամիրային ձեռքով Զաքարիա պատրիարքին կը ղրկէ, որ նայի եւ գիտցածին պէս տնօրինէ: Միքայէլ Կ. Պոլիս անցնելով իր սպասաւորին հետ թղթատարն ու թուղթերը պատրիարքին կը յղէ: Իսկ նա ոչ կը բանայ եւ ոչ կ՚ընդունի, այլ ետ կը ղրկէ Միքայէլին, թէ մեզի վերաբերեալ գիրեր չեն, առած տեղը դարձնէ: Այսպէս կը գրէ Զաքարիայի յիշատակագիրը, վկայելով թէ ականատես եւ ականջալուր եմ այսմ ( ԴԻՒ. Ժ. 286-289): Երկու օր ետքը Աւստրիոյ դեսպանատան թարգման մը կու գայ գանգատիլ, թէ զփայեկն մեր ըմբռնեալ էք, եւ ի ձեռաց նորա առեալ զթուղթսն բացեալ եւ ընթերցեալ: Զաքարիա կը հերքէ զրպարտութիւնը, եւ Միքայէլն ալ կանչել տալով եղելութիւնը պատմել կու տայ: Սակայն թակարդը կանուխէն պատրաստուած էր Զաքարիան տապալելու: Դեսպանը բողոքագիր կու տայ եպարքոսին, եւ իբր հատուցում պատրիարքին պաշտօնանկութիւնը կը պահանջէ: Իզզէթ եպարքոս իր փոխանորդին կը յանձնէ գործը ստուգել, պաշտօնեայ մը կը ղրկուի պատրիարքին որ ճշմարտութիւնը կը բացատրէ, Միքայէլ սեղանաւորէն տեղեկութիւն կ՚առնուի, թղթատարն ալ հարցուփորձի կ՚ենթարկուի, եւ ամէնուն խօսքերը իրար կը հաստատեն ( ԴԻՒ. Ժ. 290-294):

2157. ԶԱՔԱՐԻԱ ՊԱՇՏՕՆԱՆԿ

Իզզէթ Եպարքոս այս տեղեկութեանց հիմնուելով, դեսպանին դիմումին ոյժ չի տար, եւ դիտել կու տայ որ եթէ դեսպանատան գիրեր էին, այսպիսի աննշան մէկու մը չէին յանձնուեր: Կասկածաւոր թղթատարն ալ արգելական կը պահէ խնդիրը աւելի պարզելու համար: Ասոր վրայ Աւստրիոյ եւ Գաղղիոյ դեսպանները միացած ուղղակի սուլտանին կը բողոքեն, պատրիարքին պաշտօնանկութիւնը պահանջելով, որով, կ՚ըսեն, վերականգնի անդրէն մեր պատիւ, եւ կանոն մեր առնու զհաստատութիւն: Ապտիւլ Համիտ կայսր ոչ կարացեալ զերծանել ի խնդրանաց նոցա, պատրիարքի փոփոխութիւնը կը հրամայէ: Թէպէտ եպարքոս յոյժ ջանացաւ զոչ փոխումն նորա հնարել, սակայն անդառնալի եղաւ թագաւորական հրամանը: Ժողովուրդին դիմումներն ալ օգուտ չունեցան, զի խնդիրը քաղաքական գոյն էր առած, եւ դիւանագիտական կնճռոտութեանց դուռ կրնար բացուիլ: Տուաճի Իսմայիլ էֆէնտիի պաշտօն տրուեցաւ կայսերական հրամանը գործադրել, որ զինուորներու ջոկատով մը պատրիարքարան ներկայացաւ, 1781 մայիս 29 շաբաթ օր կայսերական հրամանագիրը կարդաց, որ կը հրամայէր Պրուսա երթալ, եւ հրաւիրեց անմիջապէս ճամբայ ելլել Քումգաբուի առջեւ պատրաստ կեցող նաւով: Ժողովուրդը լուրը առած եւ խուռն լեցուած էր յարգանքի ցոյց մը ընելու, Զաքարիա ալ պատրաստութիւնները ըրած էր, ուստի իսկոյն խոնարհեալ յանձն էառ խնդութեամբ, եւ Իսմայէլի հետ ուղեւորեցաւ դէպի ծովեզերքը` հազիւ կրնալով ճեղքել խուռն բազմութիւնը: Ժամը երեկոյեան դէմ 10 էր, երբ նաւ մտան, եւ մինչեւ 12 սպասեցին առ ի տանիլ զինչս նորա ի նաւն: Զաքարիա նաւին մէջը ոտքի վրայ կանգնելով սկսաւ օրհնել զազգն ամենայն, զքաղաքն եւ զթագաւորն, եւ այնպէս արձակեց ժողովուրդը մխիթարական խօսքերով: Նա ոչ միայն իր վեհանձն բնաւորութեամբը գիտէր ինքզինքը հանդարտ պահել ձախող պարագաներու մէջ ալ, այլ եւ նոյն պահուն յաղթուածէ աւելի յաղթանակի զգացումն ունէր, զի նոյն մայիս 29-ի առտուն Իսմայէլի գալէն իբր երեք ժամ յառաջ, գիր հասած էր Անկիւրիայէ յաղագս առման եկեղեցեացն չորեցունց: Ուզուն Մէհմէտ ստիպողական հրամանով փութացուցեր էր իր ուղեւորութիւնը, եւ անմիջական գործադրութեամբ, հաներ էր եկեղեցիները կաթոլիկներուն ձեռքէն, եւ առաջնորդ Պօղոս վարդապետին յանձնած: Նոյն նաւին մէջ Զաքարիայի կ՚ընկերանային Տուաճի Իսմայիլ էֆէնտիէ զատ, իր աշակերտներէն Թովմաս եւ Պօղոս վարդապետներ, Յակոբոս սարկաւագ, Մեսրոպ եւ Պօղոս դպիրներ, վերջինը իր եղբօրորդին, եւ երեք ծառաներ: Պաշտօնեան պատուով եւ խնամով տարաւ աքսորական Զաքարիան, եւ բազում մխիթարական բանիւք սփոփէր զայն, յայտարարելով եւս թէ իրեն հրահանգ տրուած էր, քաղցրութեամբ տարցես եւ մի' նեղեսցես զնա, զի այս նմա ի զուր պատահումն եղեւ: Կ. Պոլսէ 15 ժամ նաւագնացութեամբ կը հասնին Մուտանիա, եւ 2 ժամ ետքը անկէ մեկնելով, կիրակի 30 մայիս երեկոյեան ժամ 11-ին Պրուսա կը մտնեն, ժողովրդական եւ պետական փառաւոր ընդունելութեամբ ( ԴԻՒ. Ժ. 295-301): Միւս օր Իսմայիլ էֆէնտի ետ կը դառնայ իրեն հետ բերելով Պրուսայի առաջնորդ Յովհաննէս Համատանցի եպիսկոպոսը, որ Զաքարիայի յաջորդելու նշանակուած էր, եւ յունիս 2-ին չորեքշաբթի օր հանդիսապէս պաշտօնին ձեռնարկեց ( ՍՐԳ. ):

2158. ՂՈՒԿԱՍ ԸՆԴՈՒՆՈՒԱԾ

Պատրիարքի փոփոխութիւնը կաթողիկոսական խնդիրին կերպարանը փոխեց: Յիշուեցաւ 2153) թէ մայիս 2-ին դեռ Կ. Պոլիս չէր հասած միաբանական ժողովին պաշտօնագիրը ( ԴԻՒ. Դ. 196), եւ թէ անկէ ետքը նորապէս գրեալ ղրկուեցաւ նոյն գիրը ( ԴԻՒ. Դ. 197), որով մայիս 29-ին, Զաքարիայի պաշտօնանկութեան օրը Կ. Պոլսոյ մէջ պաշտօնական գիրեր հասած չէին կրնար ըլլալ: Անոնք Համատանցիին ձեռքը յանձնուեցան, որ կաթողիկոսական խնդիրին մասին Զաքարիայի զգացումները չունէր, եւ ժողովուրդին մէջ ալ Ղուկասի հանդէպ համակրութիւնը երթալով տարածուած էր 2154): Զաքարիայի արկածն ալ իր նշանակութիւնն ունեցաւ, եւ տարադէպ զգացումներուն իբր ձախող հետեւանք մեկնուեցաւ, ուստի նոր պատրիարք եւ մեծամեծներ որոշեցին դիմադրութեան վերջ դնել: Օսմանեան կառավարութեան դիմելով հաստատութեան հրովարտակը ստացան եւ փութացին հասցէին ղրկել, օրհնութեան կոնդակները հրատարակուեցան, անունը եկեղեցական պաշտամանց մէջ սկսաւ յիշատակուիլ, եւ Ղուկասի կաթողիկոսութիւնը պաշտօնապէս եւ գործնականապէս ճանչցուեցաւ Տաճկահայոց կողմէն: Անկէ ետքը միայն` Ղուկաս վերջ տուաւ իր քաշուած վիճակին, եւ երբ ընդհանուր ազգին կողմէ իր իշխանութիւնը ճանչցուեցաւ, նորէն սկսաւ Մայր տաճարին մէջ հայրապետական գահը բազմիլ, կարմիր կնիք գործածել, եւ ամէն կողմ օրհնութեան կոնդակներ ղրկել, առանց երբեք անցելոյն վրայ վիշտ յայտնելու: Ղուկասի քաշուած եւ կաթողիկոսական ձեւակերպութիւններէ հրաժարած միջոցը եղած է ութն ( ԴԻՒ. Դ. լթ. ), կամ տասն ամիս ( ԴԻՒ. Ա. 5), եւ ոչ երբեք զամս երկու ( ՄՍՐ. 8), զի 1780 յուլիսին վախճանած էր Սիմէոն, իսկ 1781 յուլիսին հարկաւ հասած էր Էջմիածին Կ. Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած փոփոխութեանց արդիւնքը: Ղուկաս երբեք ձեռքէ հանած չէր աթոռին վարչութիւնը եւ վանքին մատակարարութիւնը, եւ միաբանութիւնը շրջապատած էր զայն համակրութեամբ եւ օժանդակութեամբ, բայց հարկաւ մեծ գոհունակութեամբ ընդունուեցաւ Համատանցիի ձեռնտուութեամբ ստացուած ելքը, եւ աւելի ազատօրէն սկսան կարգադրուիլ պաշտօնական գործերը:

2159. ՀԱՄԱՏԱՆՑԻԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Եթէ Համատանցիին պատրիարքութիւնը դիւրացուց կաթողիկոսական խնդիրին լուծումը, բնաւ չնպաստեց կաթոլիկական խնդիրին, որ կարծես շատ աւելի սաստիկ եւ բուռն վիճակ մը ստացաւ: Համատանցին աւելի նախանձայոյզ երեւցաւ քան Կաղզուանցին, եւ ոչ ալ գիտցաւ անոր ճարտար եւ մտացի կերպերը գործածել, այլ կատարելապէս աններող վարմունք մը ձեռք առաւ: Հրամայեց զպսակն նոցա ամենեւին չ՚առնել, եւ զմկրտութիւն արգելեաց, գլխաւորներէն շատերը ի թիաքարշ բանտն յղեաց ( ՍՐԳ. ), որոնց մէջ կը յիշուին Հանմեան, Նալպանտեան, Հիւրմիւզեան, Թընկըրեան ընտանիքներու անունները (01. ՕՐԱ. 155), եւ Ղազարոսօղլու այր ոմն, Տիւզօղլուի փեսայ, հարուստ անուանի ( ՍՐԳ. ): Ուրիշ խստութեանց վրայ նորօրինակ բան մըն ալ հնարեց, զի հեստելոց մեռելոցն մէրտիպանի կամ սանդուխի նման ճաղ կամ դագաղ շինել ետ, եւ պարանիւ կապեալ զմեռելն ի վրայն տանիլ պատուիրեաց ( ՍՐԳ. ): Կաթոլիկները որ այնչափ ուրախութեամբ ողջունած էին իրենց նենգամիտ դաւաճանութեան ելքը եւ Զաքարիայի պաշտօնանկութիւնը, սկսան իրենց ըրածին վրայ զղջալ, կարծես թէ փնտռելով Զաքարիայի օրերը ( ԴԻՒ. Ժ. 303): Համատանցին իրեններն ալ զզուեցուց, եւ սկսաւ ազգին ատելի եւ խոտելի երեւնալ վասն գոռոզ բարուցն, եւ յոռի եւ անպիտան նկատուիլ յաղագս մեծաբանութեան իւրում, մանաւանդ երբ զնախորդ պատրիարքն ածելով ի մէջ` բասրական բանիւ նանրացուցանէր զվաստակ նորա ( ԴԻՒ. Ժ. 303): Սակայն աքսորական եւ բռնի հեռացումը` աւելի եւս շատցուցած էր Զաքարիայի հանդէպ ընդհանուր համակրութիւնը, անմեղ զոհ մը նկատուելով գաղտնի եւ չարամիտ նենգութեանց: Համատանցին շատ երկար չկրցաւ վայելել բախտովին ձեռք անցուցած պատրիարքութիւնը, վասնզի վեց ամիս ետքը, նոյն 1781 տարւոյ վերջերը, յայտնի ընդդիմութիւնները սկսան, եւ ընկենուլ յիշխանութենէն եւս ճգնեցան: Համատանցին այդ ընդդիմութեան դէմ դնելու համար, հրամանագիր հանել տուաւ թէ ով որ իր պատրիարքութիւնը չ՚ընդունի վնաս կրելոց է առանց կարծեաց, եւ այս պատրուակով քանի մը անձինս առաքեաց ի թի: Ժողովուրդին մէջ զայրոյթը աւելցաւ, մինչեւ ցսենեակ նորա ընթացան ցասուցեալքն ի նա, եւ եթէ նա չէր փախուցեալ եւ ծածկեալ ի մառանի եկեղեցւոյն, թերեւս վտանգի մըն ալ հանդիպէր: Ասոր վրայ բերեալ պահապանս ի զինուորաց, նստոյց ի մէջ եկեղեցւոյն, սակայն աւելի եւս գրգռեց կացութիւնը, եւ չհանդուրժեալ այնմ ազգին, խնդրեցին ի նմանէ տալ զհրաժարականն: Խռովութիւնը օրէ օր եւսքանզեւս սաստկացաւ, եւ հանրութեամբ դիմումներ եղան սուլտանին եւ եպարքոսին, պատրիարքը հեռացնել եւ Զաքարիան բերել: Ժողովուրդի մեծ գրգռութեան պատճառներէն մէկն ալ այն եղաւ, որ լուր առնուեցաւ, թէ Համատանցին դիմում ըրած է կառավարութեան` Զաքարիան Պրուսայէ հեռացնել եւ ի հեռաւոր ուրեք առաքել: Այսպէս տեւեաց այս խռովութիւն մինչեւ երեք ամիս ( ԴԻՒ. Ժ. 304), եւ Համատանցին չկրցաւ խաղաղ պաշտօնավարութիւն ունենալ:

2160. ՆՈՐԷՆ ԶԱՔԱՐԻԱ

Այս միջոցին Զաքարիա հեռուէն հանդիսատես` անցած դարձած շփոթութիւնները կը դիտէր, եւ կը զբաղէր Պրուսայի առաջնորդութեան գործերով, ըստ կարի կարգադրելով տեղւոյն կացութիւնը, յանձանձելով ժողովուրդին պէտքերը, եւ համակրութիւն աճեցնելով իրեն շուրջը: Միեւնոյն միջոցին մանրամասնեալ տեղեկութիւններ կը ստանար Ուզուն Մէհմէտի Անկիւրիոյ մէջ ունեցած գործունէութեան, եւ չորս եկեղեցիներուն կաթոլիկներէն առնուելուն վրայ, որուն առաջին լուրը լսած էր պատրիարքարանէ մեկնած ժամուն 2157): Չորս եկեղեցիներ խաղաղութեամբ ազգային առաջնորդարանին ձեռքը կը մնային, 12 աքսորեալներէն Մաղաքիա Էմիրզէօղլու եւ Յովհաննէս Գըլըճըօղլու, որ վերջի անգամ կրկին ձերբակալուած էր 2156), մեղայի գալով եւ ստորագրութիւն տալով ազատած էին, ընդ նոսա իննհարիւր քսան եւ չորք տունք եւս, կաթոլիկութենէ ետ դարձած եւ տուգանքի յանձնառութեամբ ստորագրութիւն տուած էին: Զաքարիա ասոնք լսելով յոյժ ուրախացաւ եւ ցնծացեալ բերկրեցաւ, զի գոնէ այն արկածին` որուն ենթարկուեցաւ, զարդիւնսն ետես անյապաղ: Անդին Կ. Պոլսոյ մէջ Համատանցիին դէմ հակառակութիւնը օրէօր սաստկացաւ, կառավարութիւնն ալ տեսաւ, որ այլեւս անհնար է անոր պաշտօնի վրայ մնալը, եւ մերձակայ զատկի տօնին առթիւ անտեղութեանց առիթներ պիտի տրուին, ուստի 1782 մարտի կէսին ատենները, հրաման ըրաւ որ Համատանցին պատրիարքարանը թողու, եւ երթայ Գարթալ գիւղը նստի, Մարմարայի հանդիպակաց եզերքը, եւ ժողովուրդն ալ ազատօրէն իր կամքը յայտնէ պատրիարքական խնդիրին մասին: Համատանցին հեռացաւ, եւ ժողովեալ բազմաց ի մի ըստ հրամանի տէրութեան, բացարձակ միաձայնութեամբ Զաքարիայի աքսորէ բերուիլը եւ նորէն պատրիարք ըլլալը խնդրեցին, եւ յայտարարեցին, որ ուրիշ մը, եթէ հրեշտակ եւս իցէ, չէ մեզ ընդունելի, եւ ոչ խռովութիւնս այս առնու դադարումն: Եպարքոս Իզզէթ Մէհմէտ, արդէն յակամայից Զաքարիայի պաշտօնանկութեան համակերպած էր 2157), ուստի հաճութեամբ հաւանեցաւ, եւ կայսերական հրամանն ալ ստանալով, իսկոյն պաշտօնագիրը գրեց եւ Պրուսա յղեց, արքունական պաշտօնէի ձեռօք Զաքարիան մայրաքաղաք առաջնորդելու համար: Գիրը Պրուսա հասաւ Զատկի կիրակի օրը արեւ մտնալէն ժամ մը ետքը, 1782 մարտ 27-ին, որ օր կը հանդիպէր զատիկը, եւ ոչ 25-ին, ինչպէս գրուած կը գտնենք Ե. եւ Է. թուատառերու շփոթութեամբ: Պաշտօնեան կը ստիպէր միւս առտու ճամբայ ելլել, բայց Պրուսայի խարաճճիպաշը մեծ աղայն ընդդիմացաւ ըսելով, թէ պատիւ մը չ՚ըրած չի թողուր, քանի որ Զաքարիա ցարդ յիւր նստեալ սենեակէն արտաքս ոչ է ելեալ, բաց ի յեկեղեցի գնալոյն: Անկէ ետքը զինուորական հետեւորդներով եւ ժողովրդական ուղեկիցներով Պրուսայէ մեկնեցան զատկի երեքշաբթի առտուն մարտի 29-ին, եւ այն գիշեր Ղարսախ գիւղը օթեւանեցան, եւ չորեքշաբթի 30 մարտ` Չէնկիլէր հանդիպելով իջան Եալօվա, եւ յատուկ բերուած նաւով ճամբայ ելան, բայց ալեկոծութեան հանդիպելով անմարդաբնակ կղզի մը ապաւինեցան, եւ հոն գիշերեցին: Կանուխ այն տեղէն մեկնելով Հարէմիսկէլէսի նաւահանգիստը ելան հանդէպ քաղաքին մեծի, ուսկից եպարքոսական հրաւիրակ մը զիրենք պետական դուռը առաջնորդեց ( ԴԻՒ. Ժ. 305-307):

2161. ԳՈՐԾԻ ԿԸ ՍԿՍԻ

Զաքարիա մայրաքաղաք ոտք կախելուն ահագին բազմութիւն խռնուած կը գտնէ դիմացը, ոչ միայն Հայ ազգայիններէն, եւ ժողովուրդին ամէն դասակարգերէն, այլեւ յայլ ամենայն ազգաց, եւ շիտակ եպարքոսին կ՚ելլէ, որ պարտուպատշաճ մեծարանօք եւ պատուասիրութեամբ կ՚ընդունի, եւ յորդորական մըն ալ կը խօսի թէ դու մի' փքանար ի միտս քո, այլ որքան յառաջն էիր, քան զայն լեր խոնարհ եւ հեզ, եւ բարւոք կառավարեսջիր զազգն քո, որպէս մինչեւ ցայժմ կառավարեցեր ( ԴԻՒ. Ժ. 307), եւ չլինի թէ գլուխ ցաւեցուցանելոյ առիթ լինիցիս արքային ( ՍՐԳ. ): Տեսակցութեան վերջը, զգեցոյց նմա զիշխանութեան կապայն, եւ պատրիարքարան ղրկեց պատիւներով, ուր խնդակցութեան ցոյցերը նորոգուեցան, եւ այսպէս 1782 մարտ 31 հինգշաբթի օր` հանդիսապէս մտաւ այն պատրիարքարանը, ուսկից մեկնած էր 10 ամիս առաջ 1781 մայիս 21-ին 2157): Զաքարիա իրօք ալ մեղմ եւ խոհեմ ընթացք մը բռնեց, եւ ամէն կողմէն եղած համակրական ցոյցերուն մէջ նկատելի էր, որ նաեւ բազումք ի հեստելոց կու գային իրենց յարգանքը մատուցանել, եւ միանգամայն յայտարարել, թէ ոչ մեղար դու ինչ ումեք, այլ մեք մեղաք ( ԴԻՒ. Ժ. 309-310), որով ոչ միայն կրօնական զգացումնին կը վկայէին, այլեւ վերջին նենգամիտ դաւաճանութեան վրայ զղջումնին կը յայտնէին: Զաքարիա այսպէս վարուելով, երբեք իր առաջին ուղղութենէն շեղած չէր, եւ կաթոլիկական շարժումը զսպելու միտքէն ետ կեցած չէր, միայն թէ կը փորձէր քաղցրութեամբ շահիլ, յօգուտ գործածելով ընդհանուր ժողովրդէն ցուցուած խանդավառութիւնը, եւ Համատանցիին թողած տխուր տպաւորութիւնը հեռացնելով: Իբրեւ նոր ուղղութեան հաւաստիք, թիապարտութեան մէջ գտնուողներէն արս չորս արձակել տուաւ, հաւանաբար Համատանցիին բանտարկել տուածներէն: Սակայն դիտողութիւններ եղան, թէ տեղի տալ սկսած է, եւ առանց հաւանութեան մեծամեծաց գործել կը փորձէ: Զաքարիա գանգատներու աճելուն եւ զօրանալուն առիթ չտալու, եւ գործին խոհական ուղղութիւն եւ օգտակար արդիւնաւորութիւն եւ կանոնաւոր ընթացք տալու համար, արար իսկոյն ժողով մեծ ի Սուրբ Աստուածածնի եկեղեցին Քումգաբուի, ներկայութեամբ գլխաւոր եկեղեցականաց, բոլոր քահանայից, բարեպաշտօն իշխանաց, եւ ի մէջ բոլոր էսնաֆից ընտրեալ վարպետաց, եւ հեստելոց հանդէպ բռնուելիք ընթացքին մասին, հետեւեալ կանոնները հաստատուեցան: 1. Եթէ մէկը հարկ ըլլայ պատժել, յիւր էսնաֆէն եկեալ վկայեսցեն վասն նորա, իսկ պատիժն կամ արձակելն ի պատժոյն ի պատրիարքէն ըլլայ: 2. Եթէ մէկուն արձակման համար իւր էսնաֆէն խնդրանք ըլլայ, պատրիարքը նախապէս քննութիւն ընէ ի ձեռն քահանայից կամ ի ձեռն արանց հաւատարմաց: 3. Պսակի համար պէտք է որ ամուսնացողները հաղորդեսցին յեկեղեցւոջ Հայաստանեայցս, եւ խաչ բռնող կնքահայրն ալ հերձուածող չ՚ըլլայ: 4. Հեստեալներու զաւակները անարգել մկրտուին, միայն թէ կնքահայրն ալ հաղորդեսցի ընդ երախային: 5. Որ հեստեալներուն մեռելներուն առջեւ միմիայն քահանայ գնասցէ, առանց կատարման կարգի: Արգելուեցաւ միանգամայն որ ազգայիններ փաթերայ կամ կարգաւեր, իմա Հայ կաթոլիկ կարգաւոր, ի տունս իւրեանց մի' տարցեն ( ԴԻՒ. Ժ. 313): Բայց այդ կարգադրութիւններուն օրինական ձեւով սահմանուիլը աւելի ծանր եկաւ կաթոլիկութեան հետեւողներուն, եւ անոնց մէջ ալ լուրջ խնդրոյ առարկայ դարձաւ գործը, թէ հնար չէfl արդեօք այդ կարգադրութեանց համակերպիլ, առանց հռոմէադաւան ուղղութեան դէմ մեղանչած ըլլալու:

2162. ԱՀԱԳԻՆ ՀՐԴԵՀՆԵՐ

Յիշեալ խնդիրին բացատրութեան չ՚անցած, հարեւանցի յիշենք Զաքարիայի դառնալուն, 1782 տարին պատահած աղետալի հրդեհները: Առաջինը հանդիպեցաւ Սամաթիա, յունիս 28-ին, Վարդավառի պահոց երեքշաբթի օրը, եւ գիշերուան ժամ 5-ին սկսելով 15 ժամ տեւեց: Քիչ ետքը պատահեցաւ Պալաթի հրդեհը յուլիս 12-ին, Վարդավառի երկրորդ երեքշաբթի օրը, եւ ցերեկուան ժամը 10-ին սկսելով 25 ժամ տեւեց: Բայց աւելի ահռելի եղաւ երրորդը, որ օգոստոս 10-ին, Աստուածածնայ պահոց չորեքշաբթի օրը, երեկոյեան ժամը 2-ին սկսելով, շարունակեց 66 ժամ մինչեւ շաբաթ ցերեկ ժամ 8: Հրդեհը Ճիպալի թաղէն սկսելով, տարածուեցաւ Այագաբու Քօսթքա, Վլանկա, Եէնիքաբու, Սամաթիա, Սիլիվրիքաբու ու Եէտիքուլէ թաղերը, եւ 30, 000-է աւելի տունս եւ շինուածս պատուականս յոչինչ դարձոյց, այնպէս որ Կ. Պոլսոյ մայրաքաղաքին մեծ կէսը անապատ արար: Այդ աղէտները, որոնց մէջ ընդարձակ Հայ թաղաբաժիններ ալ կային, առիթ ընծայեցին Զաքարիայի նպաստամատոյց գործունէութեան ձեռնարկել: Արար խորհուրդ ընդ իշխանաց եւ իշխանապետաց, եւ սկսաւ նշանաւոր գումարներ հաւաքելով ամէնուն պարէն եւ սնունդ բաշխել տալ, վրաններ պատրաստել տալով բացօթեաները պատսպարել, եւ ամէն արհեստաւոր խումբերու շրջաբերականներ գրել, եւ սրտաճմլիկ խօսքերով ամէնքը նուիրատուութեան եւ ողորմութեան յորդորել: Արհեստաւորներու 72 խումբերէն կամ էսնաֆներէն` 16 հոգիէ բաղկացեալ յանձնաժողով մըն ալ կազմեց, որ հաւաքուած նպաստերը խղճի մտօք բաշխեն, որով փոքր մի թեթեւացոյց զտառապանս հրկիզուած խեղճերուն ( ԴԻՒ. Ժ. 315-321): Էսնաֆներու կամ արհեստաւորներու 72 խումբերէն 65-ին անունները կը յիշէ Պօղոս Կաղզուանցի յիշատակագիրը ( ԴԻՒ. Ժ. 338), որ հետաքրքրական է այդ տեղեկութիւններով զբաղողներուն, բայց մեր նպատակէն դուրս է:

2163. ԿԱԹՈԼԻԿՆԵՐՈՒ ԴԻՐՔԸ

Այդ միջանկեալ յիշատակութենէ ետքը, դառնանք կաթոլիկ կուսակցութեան մէջ յուզուած ներքին խնդիրին, որուն մասին ինչ ինչ ակնարկներ ըրած ենք արդէն 2110): Խնդիրը կաթոլիկութեան հետեւողներուն տանելի կացութիւն մը պատրաստելու վրայ էր, իրարու յարմարցնելով Հռոմի կրօնական պահանջները եւ Օսմանեան պետութեան տիրող օրէնքները: Քանի որ Տաճկահպատակ քրիստոնէից դիրքը պատրիարքարաններով էր ճշդուած, եւ կենցաղական ամէն պարագաներ ու գործեր անոնց ձեռքով պիտի կատարուէին, պէտք էր որ կաթոլիկութեան հակամէտներն ալ իրենց կենցաղական գործերը Հայոց պատրիարքարանին իշխանութեամբ կատարէին: Միջանկեալ կերպով յիշենք, թէ այն ատեն երկու պատրիարքարան միայն կը ճանչնար Օսմանեան կառավարութիւնը, Յոյնն ու Հայը: Ինչչափ յունադաւան ազգութիւններ կային, Յոյն, Պուլկար, Սըրպ, Առնաւուտ, Վալաք, Մոլտաւ, Ռութէն, Խրուադ, Գարամանցի, Ասորի, Մելքիդ կամ Արաբ, բոլոր Որդոդոքսները` որոնք Երկաբնակ դաւանութիւն ունէին` Յոյն պատրիարքարանին կը հնազանդէին: Իսկ մնացեալ արեւելեան քրիստոնեաներ, Հայ, Վրացի, Աղուան, Ասորի, Ղփտի, Հապէշ, Քաղդէացի, որոնք ընդհանրապէս Միաբնակ դաւանութիւն ունին, Հայ պատրիարքարանին ներքեւ էին: Լատին կաթոլիկներ իբրեւ օտարներ նկատուած էին, իսկ Արեւելցիներէն կաթոլիկութեան հետեւողներ իրենց ազգէն դուրս յատուկ համայնք չէին կազմեր, եւ պարտաւորեալ իրենց կենցաղական գործերը Հայ պատրիարքարանի իշխանութեամբ պիտի կատարէին: Այստեղ կը ծագէր տիրող կնճիռը: Կաթոլիկութիւն տարածող Լատին քարոզիչներ եւ զայն պաշտպանող եւրոպական դեսպանատուններ, կը ջանային իրենց դաւանութեան յարող Հայերը, բոլորովին իրենց ազդեցութեան ներքեւ բերել եւ Հայ պատրիարքարանէ հեռացնել, եւ այս նպատակով կրօնքի եւ խիղճի կնճիռներ կը յարուցանէին, թէ այդ դիմումները հերձուածողներու կամ հերետիկոսներու հետ ի հոգեւորս հաղորդակցութիւն եղած կ՚ըլլան, եւ ներեալ չեն: Բուն Լատիններուն ձայնակից էին Փրոփականտայի Հայ աշակերտներ, եւ միեւնոյն սկզբունքը կը պնդէին, եւ ասոնք կը կազմէին Գօլէճեան կամ Գոլէճցի կոչուած խումբը: Ասոնց հակառակ էին Մխիթարի աշակերտութենէն Վենետիկ մնացողները, որոնք մէկ կողմէն զուտ հայկական կաթոլիկութիւն մը կազմել կ՚ուզէին, եւ միւս կողմէն կաթոլիկութեան հետեւողներուն հանդարտ կացութիւն մը գտնել կը ճգնէին, Օսմանեան տիրող օրէնքներու համակերպութեամբ եւ ազգային կաթողիկոսութեան եւ պատրիարքութեան հովանաւորութեամբ: Արդէն Էջմիածինի կաթողիկոսներուն անուններն ալ իրենց գիրքերուն ճակատը կը մակագրէին, որով անոնց իշխանութիւնը ճանչցած կ՚ըլլային: Ասոնք ալ Աբբայեան կամ Աբբացի անունով կը յիշուէին: Երկու կողմերն ալ իրենց համակիրներն ունէին կաթոլիկութեան հետեւողներուն մէջ, բայց բնիկ Կ. Պոլսեցիներ կամ քաղաքացիներ` առաւելութեամբ Աբբացոց հետ էին, իսկ Անկիւրացիք կամ Գաղատացիք` Գօլէճցոց կը հետեւէին: Հայ հռոմէական եկեղեցականութեան մէջ կային եւս Լիբանանի Անտոնեան միաբաններ, որոնք շատ որոշ եւ վերջնականապէս շեշտուած ուղղութիւն չէին յայտնէր. Աբբացոց կը համակրէին, բայց բացարձակ գործակցիլ կը խիթային: Իսկ Թրիէստի Մխիթարեաններ յայտնի կերպով Գօլէճցոց կը գործակցէին, զի Վենետիկի ճիւղին հետ համընթանալ չէին սիրեր: Ահա կաթոլիկ խումբին մէջ յուզուող ներքին խնդիրին բուն ոգին ու ծագումը:

2164. ՉԱՄՉԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Վենետիկի Մխիթարեանց մէջ տիրող ուղղութիւնը իրենց մէջ ժառանգական կրնանք ըսել, անդստին իրենց հիմնադիրէն Մխիթարէ մնացած 1987): Իրենց մէջ կանուխէն` այդ ուղղութեան մեծ ջատագով մը եղած էր հայր Գէորգ Այնթապցին, իսկ անկէ ետքը աւելի գործունեայ պաշտպան երեւցած էր հայր Միքայէլ Չամչեան: Սա պաշտպանողական գրուածներով ուզեց հաստատել, ինչ որ իր միաբանութեան տեսութեանց հիմնաքարն էր, թէ հռոմէականութեան հետեւողներուն արգելեալ չի կրնար ըլլալ Հայ եկեղեցիէ խորհուրդներ ընդունիլ, եւ մկրտութեան ու ամուսնութեան ու թաղման համար օրինաւորապէս նոյն եկեղեցիին դիմել, որովհետեւ Հայ եկեղեցին իր վարդապետութեամբ հռոմէադաւանութենէ օտար եղած չէ, եւ երբեք իբրեւ հերձուածող կամ հերետիկոս Հռոմի պապութենէն դատապարտուած չէ: Այդ նպատակին ծառայող Չամչեանի մեծ գործն է, Պատմութիւն Հայոց ըստ աւանդելոյ այլեւայլ մատենագրաց, եռահատոր ստուար հրատարակութիւնը, բովանդակ 2975 երես, եւ որ իր ժամանակին դարագլուխ կազմած է, Հայոց ազգային պատմութեան ամբողջութիւն մը ներկայելով ի սկզբանէ աշխարհի մինչեւ ցամ տեառն 1784: Առաջին հատորին տպագրութիւնը 1784 յունիս 15 թուական կը կրէ ( ՉԱՄ. Ա. 1), իսկ երրորդը լրացած է 1786 ապրիլ 16-ին ( ՉԱՄ. Գ. 1), սակայն շատ կանուխէն պէտք է դնել աշխատասիրութեան թուականը, ինչ որ նշան մըն է, թէ գաղափարին պաշտպանութիւնը կանուխէն յղացուած գաղափար մըն էր: Չամչեանի պատմութիւնը, անկախաբար պատմական տեսակէտով ունեցած իր արժանիքէն, կանխամտածուած եւ սեւեռեալ որոշ գաղափարի ծառայող գործ մըն է, ամէն առթի մէջ Հայերը Հռոմի մօտ, Հռոմի հետեւող, Հռոմի հպատակող ցուցնելու համար, անխտիր ընդունելով կեղակարծ յիշատակներ, քմահաճ մեկնութիւններ, եւ թիւրիմաց տեսութիւններ: Չամչեանի գրիչին տակ, հին դարերուն գործերը` երբ եկեղեցիներ իրարու հետ հաշտ էին, Հռոմի հնազանդութիւն կը դառնան: Միջին դարերու մէջ քաղաքական նպատակով յայտնուած զիջողութիւններ, կատարեալ հռոմէադաւանութեան կերպարան կ՚առնեն: Իսկ Հայոց եկեղեցւոյն ներողամիտ հոգին եւ ուրիշ եկեղեցիներու հետ յարաբերութիւններ պահելու պատրաստականութիւնը, հայադաւանութեան ուրացութիւն կը մեկնուին: Նոյն իսկ մասնաւորներու պատահական կամ քաղաքավարի խօսքերը, մինչեւ անգամ նամակի հասցէները, պաշտօնական դաւանութեան կը փոխարկուին: Մեր նիւթին հետ կապ ունեցող տեսակէտն է միայն, զոր այստեղ ուզեցինք մատնանիշ ընել, թէ ոչ հնար էր Չամչեանի ժամանակագրական եւ քննադատական տեսութիւններուն վրայ ալ դիտողութիւններ ընել, սակայն կ՚ընդունինք թէ իր ժամանակին պատմական ուսումն ալ մեծ քայլեր առած չէր, որ ինքն ալ կարենար անոնց հետեւիլ եւ անոնցմէ օգտուիլ:

2165. ՎԱՀԱՆ ՀԱՒԱՏՈՅ

Չամչեանի Հայոց պատմութիւնը անուղղակի պաշտպանութիւն էր Վենետիկի ընդգրկած մեծ սկզբունքին, բայց ուղղակի ալ նոյն նպատակին ծառայող աշխատութեան մը պէտքը զգացուելով, միեւնոյն ժամանակ երկրորդ երկասիրութեան մը ձեռնարկած էր Չամչեան, Վահան Հաւատոյ անունին ներքեւ, յորում հաստատի ուղղափառութիւն Հայաստանեայց եկեղեցւոյ, սկսեալ ի սրբոյն Գրիգորէ Հայաստանեայց Լուսաւորչէ մինչեւ ցայսօր: Յիշենք անգամ մըն ալ անցողակի կերպով, թէ Չամչեանի միտքով ուղղափառութիւն բառը հռոմէադաւանութեան տեղ գործածուած է: Այդ գործը սկսած է պատրաստել 1776-ին, որ է ըսել, միեւնոյն միջոցին որ պատմութիւնն ալ կը գրէր: Այդ աշխատութիւնը ոչ միայն տպագրուած չէ, այլեւ բոլորովին անծանօթ մնացած է, եւ իբրեւ հետաքրքրական գործ մը կ՚արժէ որ քիչ մը աւելի տեղեկութիւն տանք անոր մասին, աչքի առջեւ ունենալով այն հազուագիւտ գրչագիր օրինակը, որ Անտոնեանց մատենադարանին մէջ կը գտնուի: Քառածալ մեծութեամբ, եւ իւրաքանչիւր երեսը 40 տողով, 924 երես ստուար հատոր մըն է գործը: Համառօտ յառաջաբանէ մը ետքը ( ՉՄՉ. 1-5), տեղեկութեանց առաջին մասին մէջ կը բացատրուի, Վիճակ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ յիւրաքանչիւր դարս ( ՉՄՉ. 7-52), եւ երկրորդ մասով կը ներկայացուի, Բովանդակութիւն մոլորութեանց բարդելոց ի չարախօսաց ի վերայ ազգին Հայոց ( ՉՄՉ. 52-80): Կարծեցեալ մոլորութիւններուն մէջէն տասը հատը կ՚ընտրէ, եւ իւրաքանչիւրը ընդարձակօրէն կը բացատրէ եւ կը հերքէ, որոնք են. 1. Քաղկեդոնի ժողովին մերժումը ( ՉՄՉ. 81-115): 2. Մի բնութիւն բացատրութիւնը ( ՉՄՉ. 115-179): 3. Հոգւոյն սրբոյ ի Հօրէ բղխումը ( ՉՄՉ. 179-194): 4. Հանդերձեալ կեանքի վարդապետութիւնը ( ՉՄՉ. 195-270): 5. Սուրբ Աստուած ի խաչեցարը ( ՉՄՉ. 270-352): 6. Ծննդեան տօնին օրը ( ՉՄՉ. 353-373): 7. Անապակ բաժակը ( ՉՄՉ. 374-709): 8. Վերջին օծումը ( ՉՄՉ. 709-737): 9. Խտրական օրէնքները ( ՉՄՉ. 738-768), եւ 10. Հռոմի նախագահութիւնը ( ՉՄՉ. 769-799): Յաւելուածական գլուխ մը ունի: 11. Յաղաքս ազատ գոլոյն եկեղեցւոյն Հայոց ի հերետիկոսութենէ եւ ի հերձուածողութենէ ( ՉՄՉ. 800-855), որուն կը կցէ մաս մըն ալ, Յաղագս քանի մի անձանց, զորոց չարախօսեն ոմանք ( ՉՄՉ. 856-886), եւ յատկապէս կը յիշէ Պարսամը, Օձնեցին, Որոտնեցին, Գրիգոր Տաթեւացին եւ Մովսէս Տաթեւացին: Այդ աշխատութիւնը որուն ճակատը գրուած կը գտնենք, թէ պատրաստուած է ինքնակամ յօժարութեամբ եւ ստորագրութեամբ միաբանութեան իւրոյ, իբր գաղտնիք պահուած էր, եւ հանրութենէն ծածուկ կը մնար, զի ոչ Չամչեան ինքն, եւ ոչ իր միաբանութիւնը, չէին համարձակիր պաշտօնապէս ստանձնել խնդիր մը, որ ուրիշներէն կասկածաւոր կը դատուէր, այլ կը ջանային անպաշտօն կերպերով գաղափարը տարածել: Պատրաստուած Վահան-ը պատշաճ պարագային պաշտպանութեան ասպար պիտի ըլլար, կամ լաւ եւս` իբրեւ պատրաստ զէնքերու մթերանոց պիտի ծառայէր:

2166. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՍԵՂԲՈՍԵԱՆ

Միւս կողմէն խնդիրը բախտին բերմանց թողուլն ալ մտացի կերպ մը չէր, եւ չէր կրնար ապահովապէս դիտուած նպատակին հասցնել: Այս երկճղի կացութեան մէջ ճարտար մտածմունք մը եղաւ` պատասխանատու անուն մը գտնել, եւ այդ մասին մեծ եղաւ Վենետիկ բնակող հայազգի Յովհաննէս Սեղբոսեանի օժանդակութիւնը, որ է Վենետկեան ազնուականութեան մէջ ընդունուած Հայազգին Յովհաննէս Սերբոս մարքիզ (Marchese Giovanni di Serpos) տիտղոսով: Սա յանձնառու եղաւ իր անունով դիմումներ ընել Հռոմի պապութեան, եւ յայտնապէս անոր հաւանութեան ենթարկել խնդիրի նիւթ եղող դրութիւնը, Փրօփականտայի ատեանին առջեւ զայն պաշտպանել, եւ յաջողցնելու համար պէտք եղած միջոցները գործածել: Մէկ խօսքով ծախք ու աշխատանք չխնայել լատինական ազդեցութենէն անկախ Հայ կաթոլիկութիւն մը կազմելու, որ հռոմէադաւան ըլլայ իր ներքին համոզումներով եւ կարծիքներով, եւ հայադաւան եկեղեցիէ չի զատուի իր հանրական եւ եկեղեցական յարաբերութիւններով: Այս դրութեան արդիւնքը պիտի ըլլար Օսմանեան պետութեան կասկածները չզարթուցանել, եւ անոր կողմէն խիստ բռնադատիչ միջոցներու առիթ չ՚ընծայել: Ըստ այսմ Յովհաննէս Սեղբոսեան կամ Սերբոս մարքիզը, նախապէս մասնաւոր նամակներով Փրօփականտայի իմացուց հռոմէադաւան Հայերուն Թուրքիոյ մէջ ունեցած տառապագին վիճակը, տեղական օրէնքներով քրիստոնէից ունեցած կացութիւնը, Լատին քարոզիչներու մոլեռանդ պահանջկոտութենէն յառաջ եկած անտեղութիւնները, եւ հրաման խնդրեց գործը պաշտօնապէս իրենց քննութեան ենթարկել ( ՍԵՐ. 6): Առաջարկը ընդունուեցաւ եւ արտօնուեցաւ գրուածը պատրաստելու, եւ 1783 հոկտեմբեր 9-ին տպագրութեան հրամանն ալ ստացաւ ( ՍԵՐ. 12), եւ հաւանաբար տպագրեալ օրինակով խնդիրը Հռոմին ներկայացուց: Սեղբոսեան կը խոստովանի թէ ինքն օտար է դաւանական եւ աստուածաբանական ուսումներէն, եւ թէ ուրիշներ իւր ձեռքէն բռնելով, իրեն առաջնորդեցին խնդրոյ եւ եղելութեանց լաբիւրինթոսին մէջ ( ՍԵՐ. 7): Ասով յայտնի կը ցուցնէ թէ Վենետիկի միաբանութիւնն էր գործին հեղինակը եւ գրուածը պատրաստողը, հետեւելով այն ուսումնասիրութեանց, որոնց վրայ Չամչեան անխոնջ աշխատութիւն էր թափած: Յառաջաբանին մէջ լռելեայն Լատին քարոզիչներուն կ՚ակնարկուի, երբոր կը յիշուին անոնք, որ կամ չափազանց պահանջկոտութիւններէ, եւ կամ մարդկային նպատակներէ եւ տեսութիւններէ մղուած, աշխատած են մինչեւ հիմակ Հռոմէն ծածկել հալածանքներուն ճշմարիտ պատճառները, որոնց մերթ ընդ մերթ դժպհի տագնապներով ենթարկուած է Արեւելցի Հայերուն կաթոլիկ հատուածը ( ՍԵՐ. 9): Կը խնդրուի միանգամայն, որ այդ մասին պատշաճ հրահանգները տրուին Կ. Պոլսոյ պապական փոխանորդին եւ Լատին քարոզիչներուն ( ՍԵՐ. 10): Այդ յայտարարութիւնները ո'չ միայն կը բացատրեն Աբբայեանց ընդգրկած դրութեան հոգին, այլեւ կ՚արդարացնեն մեր քանիցս յայտնած ու կրկնած տեսութիւնը, թէ Լատին քարոզիչներու մոլեռանդ եսականութիւնն էր, որ իրենց հետեւողները խստութեանց ենթակայ կ՚ընէր, ստիպելով զանոնք այնպիսի վարմունքներու` որոնք ոչ միայն ազգային կացութիւնը կը խանգարէին, այլեւ տէրութեան կասկածները կը զարթուցանէին:

2167. ԵՐԿՈՒ ԽՆԴԻՐՆԵՐ

Սեղբոսեանի անունով Հռոմի Փրօփականտայի քննութեան եւ որոշման ենթարկուած երկու խնդիրները բացատրուած են հետեւեալ կերպով: 1. Թէ նկատելով Թուրքիոյ կացութիւնը եւ եղելութիւնները, կրնաflյ արդեօք ներուիլ Հայ կաթոլիկներուն, որ կարենան երբեմն մտնել Հայ ազգին հերձուածող ըսուած եկեղեցիները, եւ հոն ինչ ինչ կրօնական գործողութեանց մասնակցին, եւ ողորմութիւն մըն ալ թողուն, գոնէ այս կերպով շատ մը նեղութիւններէ ազատելու, եւ իրենց կաթոլիկութիւնը խաղաղօրէն պահելու համար ( ՍԵՐ. 2): 2. Թէ նոյներուն կրնայ արդեflօք ներուիլ ինչ ինչ տօնակատարութեանց համար համակերպիլ Հայ եկեղեցւոյ գործածած տօնացոյցին, նկատելով որ այդ տօնացոյցը նոյնիսկ նախկին Հայ սուրբ Հայրերուն ընդունած տօնացոյցն է ( ՍԵՐ. 2): Երկու խնդիրներուն լուծումը տրուած է ստորասական կերպով` թէ կրնան, եւ ընդարձակ պատճառաբանութիւններով եւ ուսումնասիրութիւններով պաշտպանուած է ստորասական պատասխանը, զորս մենք պիտի չվերլուծենք, այլ միայն ըսենք թէ ամփոփումն է վերոյիշեալ Վահան Հաւատոյ երկասիրութեան, եւ այն ալ ոչ շատ համառօտ, զի առաջինին լուծումը 182 երես ( ՍԵՐ. 3-185), եւ երկրորդինը 70 երես ( ՍԵՐ. 185-256) կը պարունակէ Սեղբոսեանի կողմէ ներկայուած գրուածին մէջ: Սեղբոսեան նոյն գրուածին մէջ խոստացեր էր, Հայ պատմութիւն մըն ալ պատրաստել եւ ներկայել Փրօփականտային ( ՍԵՐ. 6), եւ երեք տարի ետքը 1786-ին, նոյն Սեղբոսեանի անունով Վենետիկի մէջ հրատարակուեցաւ եռահատոր իտալերէն Հայոց պատմութիւն մը, որուն համար կրնանք ըսել թէ Չամչեանի պատմութեան 2164) ուղղութեամբ եւ պարունակութեամբ կազմուած է: Միայն թէ ձեւն ու ոճը բոլորովին տարբեր է, եւ պարզ պատմականէ աւելի ջատագովական ընթացք մը ունի, միշտ միեւնոյն նպատակի ծառայելով, թէ Հայոց եկեղեցին Հռոմէականէն հեռացած չէ, եւ անկէ դատապարտուած չէ, եւ թէ Հայոց եկեղեցւոյն դէմ չարախօսներ` ստուգութենէ հեռացած եւ ճշմարտութիւնը աղաւաղած են: Այդ աշխատութիւնը վեց մասերու կամ գիրքերու բաժնուած է, որոնք են 1. Հայաստանի աշխարհագրութիւնը ( ՍԵՂ. Ա. 1-105): 2. Հայաստանի հին եւ նոր քաղաքական վիճակը ( ՍԵՂ. Ա. 106-273): 3. Քրիստոնէութեան Հայաստանի մէջ սկսիլն ու զարգանալը ( ՍԵՂ. Ա. 274-500): 4. Հայ կաթողիկոսներու շարքը ( ՍԵՂ. Բ. 3-315): 5. Հայ եկեղեցւոյ ժողովները ( ՍԵՂ. Բ. 316-486): 6. Հայ եկեղեցւոյ ծէսն ու սովորութիւնները ( ՍԵՂ. Գ. 3-622): Գործին մէջ ընդարձակ տեղի տրուած է Կալանոսի տեսութիւնները եւ մեղադրութիւնները հերքելու: Ինչպէս կը տեսնուի, այդ աշխատութեան մէջ պատմական մասէն զատ, վիճաբանական մաս մըն ալ կայ, ուր Չամչեանի պատմութենէն զատ Վահան Հաւատոյ գիրքն ալ քաղուած է. իսկ անոնցմէ դուրս աւելցուած են պապական կոնդակներէ եւ Փրօփականտայի որոշումներէ զանազան կտորներ:

2168. ԱՆԼՈՅԾ ԿԸ ՄՆԱՆ

Պէտք է ընդունիլ թէ մեծ աշխատութիւն թափած են Վենետիկի Մխիթարեանները, իրենց ընդգրկած ուղղութիւնը պաշտպանելու, եւ եթէ հնար ըլլար տիրապետել տալու: Իսկ Սեղբոսեան նոյն նպատակով մեծ ծախքերու ենթարկուած է, քան թէ գրական աշխատութիւն ունեցած, զի կրկին կը խոստովանի, թէ ինքն պէտք ունեցած է նշանաւոր բարեկամի մը հմուտ գրիչին ( ՍԵՂ. Ա. 16), եւ թէ ինքն է խմբագրութեան եւ տպագրութեան ծախքերն ընողը, եւ թէ որչափ ալ գրութիւնը իրեն եղած չ՚ըլլայ, ինքը կը ստանձնէ անոնց հեղինակութեան պատասխանատուութիւնը ( ՍԵՂ. Ա. 17): Այլ թէ ինչ եղաւ այդչափ աշխատութեան արդիւնքը, խորունկ լռութիւն մը կը գտնենք իբր հետեւանք: Իրաւ գրուածները Հռոմէ չդատապարտուեցան եւ չմերժուեցան, որովհետեւ Հայութիւնը դէպի հռոմէականութիւն տանելու կը ծառայէին, բայց ընդունելութիւն ալ չգտան, զի Հայութիւն մը պահելու եւ պաշտպանելու կը միտէին: Միւս կողմէն Լատիններ եւ լատինամոլներ չդադրեցան իրենց պահանջկոտ եւ մոլեռանդ ուղղութիւնը շարունակել, իրենց հետեւողներուն խիղճերը յուզել եւ միտքերը խանգարել, զանոնք հակազգային գործերու եւ հակապետական արարքներու մղել, եւ ազգային պատրիարքարանի պաշտպանողական ջանքերուն եւ Օսմանեան պետութեան կասկածոտ որոշումներուն հետեւանքներուն ենթարկել: Հայոց պատրիարքարանին եւ կաթոլիկամիտ հատուածին մէջ խնդիրներ եւ միտումներ, դժուարութիւններ եւ հակառակութիւններ դադար չ՚առին: Իսկ կաթոլիկամիտ հատուածին մէջ Աբբայեանի եւ Գօլէճեանի տարբերութիւնը երթալով սաստկացաւ, եւ թող չի տուաւ որ գոնէ հատուածը ինքն իր մէջ խաղաղ վիճակ մը ունենար: Այսպէս տեւեց եւ կը տեւէ տակաւին, եւ նոյնիսկ այս օրեր նոյն խնդիրները կը յուզուին: Զաքարիա պատրիարքի հետեւած ուղղութեան դառնալով, նա երկրորդ անգամ աթոռ բարձրանալէն ետքը` միտքը չփոխեց, բայց ոճը մեղմացուց կաթոլիկութեան դէմ մրցումը` պարզապէս պաշտպանողականի վերածեց, աշխատելով Հայ եկեղեցին եւ Հայ ազգութիւնը ներքնապէս զօրացնել, կաթոլիկութենէ անկախաբար ուսում ու զարգացում քաջալերել եւ ազգայնաց միտքէն հեռացնել կաթոլիկութեան ոյժով եւ միջոցներով զարգանալու հրապոյրը:

2169. ՀԻՆ ԵՒ ՆՈՐ ՏՕՆԱՑՈՅՑՆԵՐ

Զաքարիայի պատրիարքութեան առաջին շրջանին մէջ զինքն յուզող խնդիրներէն մէկն ալ Ղուկասի կաթողիկոսութիւնն էր, որով մինչեւ Էջմիածինի դէմ յայտնի մրցման եւ դիմադրութեան մղուած էր: Երբոր աթոռ վերադարձաւ` Ղուկասը ճանչնալու կամ չճանչնալու խնդիրը փակուած էր, եւ այլեւս ետ դառնալ անհնար էր, ուստի կամայ ակամայ անոր համակերպիլ ստիպուած էր, բայց Էջմիածինի անհամակիր զգացումը իր սիրտին մէջ մարած չէր: Ակնարկեցինք արդէն թէ իր հակակրութիւնը տարածած էր նաեւ հանգուցեալ Սիմէոն կաթողիկոսի վրայ, իմացած ըլլալով որ Սիմէոն էր որ Ղուկասը իրեն նախադասած եւ անոր կաթողիկոսանալը յանձնարարած էր 2153): Ուստի աւելի բան մը չկարենալով ընել, եւ Սիմէոնի կարգադրած տօնացոյցին դէմ սկիզբէն յուզուած դիտողութիւնները պատճառանք ընելով 2127), ազգային ժողով մը գումարեց 1784 յունուար 26-ին ( ԴԻՒ. Ա. 8) Ս. Սարգիսի շաբաթ օրը, ի պատրիարքանիստ Սուրբ Աստուածածնի մայր եկեղեցւոջ, ուր ըստ սովորութեան հաւաքուեցան ի բոլորից եկեղեցեաց աւագերիցունք եւ առհասարակ քահանայք սրբոց եկեղեցեաց, մութէվէլիք, եկեղեցպանք, իշխանապետք եւ իշխանք եւ բոլոր էսնաֆք ( ՏՆԱ. 2), եւ որոշեցին հին տօնացոյցի կիրառութիւնը հաստատել` երկու պատճառներով: 1. Վասն սրբոյ եկեղեցւոյս Հայաստանեայց անփոփոխ մնալոյ, եւ 2. Վասն սքանչելագործ սրբազան հայրապետաց մերոց կարգադրեալ տօնացոյցն անայլայելի պահելոյ, ուր հայրապետաց կարգը կը յիշեն Սարգիս Շնորհալին ալ, որ երբեք տօնացոյցի հետ գործ ունեցած չէ, եւ հայրապետ ալ եղած չէ: Սակայն կարծես թէ որոշման բուն հեղինակին խիղճն ալ հանդարտ չէր, թէ որոշման իսկական շարժառիթները ասոնք չեն. վասնզի անմիջապէս կ՚աւելցնէ. Եթէ ոք ի մեծամեծաց մինչեւ ցփոքունսն յայլեւայլ միտս ընթանայցէ, կամ բանիւ արտաբերիցէ, յիրաւի մեծամեծս մեղանչելով մեղանչէ ( ՏՆԱ. 389): Ըստ մեզ տեղն է առածը յիշելու, թէ ամբաստանութիւնը կանխող չքմեղանք, անձամբ անձին է մեղադրանք: Համաձայն տրուած որոշման, հին տօնացոյցը նորէն տպել տրուեցաւ, արդեամբ եւ ծախիւք բնակելոց ի մեծն Պոլիս ( ՏՆԱ. 4), եւ աւարտեցաւ 1785 օգոստոս 11-ին ( ՏՆԱ. 1), եւ ըստ այնմ ալ սկսան վարուիլ: Սիմէոնեան տօնացոյցը 1777-ին տարեմուտէն գործածութեան մտած էր, նոյնիսկ Զաքարիայի հաւանութեամբ 2128), եւ եօթը տարիէ ի վեր ամէն կողմ տարածուած էր. ուստի չենք կարծեր թէ նոր որոշմամբ անոր կիրառութիւնը ամէն տեղ եւ իսպառ խափանուած ըլլայ, եւ պէտք է ընդունել թէ տօնացոյցի մասին խառնակ եւ տարբեր գործածութիւններ տիրեցին Զաքարիայի պատրիարքութեան ատեն, որչափ ալ ժողովական հրամանով, ուր ուրեք գտած էին զտօնացոյց Սիմէոնի բերէին առ Զաքարիա պատրիարք, որ գաղտ թաքուցանէր զնոսա ի հուր ( ՊԷՐ. 5): Այս կացութիւնը տեւեց եօթը տարի, մինչեւ որ Զաքարիայի մահուընէ ետքը, յաջորդին հրամանով Սիմէոնեան տօնացոյցի կիրառութիւնը հաստատուեցաւ մինչեւ ցայսօր:

2170. ԱՐՄԱՇԻ ՎԱՆՔԸ

Ակնարկեցինք Զաքարիայի ուսումնական զարգացման մտադրութիւն դարձուցած ըլլալուն 2168), ինչ որ գլխաւորապէս եկեղեցական դասակարգին համար անհրաժեշտ էր, Հայ հռոմէադաւան եկեղեցականներու հակակշռելու համար: Արդէն կանուխէն Յակոբ Նալեան եւ վերջէն Զաքարիա Փօքուզեան պատրիարքներ` անձամբ այդ նպատակին ծառայած էին 2121), բայց վերջին անցուդարձեր այդ ձեռնարկն ալ խանգարեցին, ուստի հարկ եղաւ նորէն նոյն նպատակին ոյժ տալ: Բայց այս անգամ մայրաքաղաքին մէջ պարզ դպրոցական ձեռնարկի մը տեղ, Զաքարիա մտածեց հնաւանդ ոճով վանական եւ ուսումնական հաստատութիւն մը, կամ հինէն նուիրագործեալ անունով Դպրեվանք մը կազմակերպել, եւ այդ նպատակին միակ յարմար տեղը Արմաշի Չարխափան Սուրբ Աստուածածնի վանքն էր, մայրաքաղաքէ ոչ շատ հեռու, Նիկոմիդիա քաղաքին շրջանակին մէջ: Արմաշի վանքին հիմնարկութիւնը պատմելնէս ետքը 1639), նոր առիթ չունեցանք անոր վրայ խօսելու, զի վանքն ալ յիշատակաց արժանի կացութիւն մը չունեցաւ, եւ պարզապէս իբրեւ Նիկոմիդիոյ առաջնորդարան նկատուեցաւ, ուր հարկաւ անընդհատ շարունակութեամբ առաջնորդներ գտնուեցան, թէպէտ ամբողջական շարքը յայտնի չ՚ըլլայ: Արմաշ` առաջնորդարանէ զատ հռչակաւոր ուխտատեղի ալ դարձաւ, իբր ազգային բարեպաշտութեան կեդրոն, որ միշտ իրեն համար սրբավայր մը կը փնտռէ. իսկ Ասիոյ առաջակողման եւ Եւրոպիոյ սահմանակցութեան վիճակները` ուրիշ տեղ մը չունէին իրենց ջերմեռանդութեան յագուրդ տալու: Աւելորդ կը սեպենք Արմաշու առաջնորդներուն մասին մեր կատարած հետազօտութեանց արդիւնքը այստեղ յառաջ բերել, որ աւելի մենագրութեան մը նիւթ պէտք է ըլլայ: Միայն յիշենք թէ անոր պահպանութեան եւ իբր ուխտատեղի պայծառութեան նպաստողներուն մէջ, Նալեան պատրիարքի անունին ալ կը հանդիպինք, եւ Զաքարիա Վանեցի, Յարութիւն Կրետացի, Աթանաս Կ. Պոլսեցի, եւ Պետրոս Ղափանցի եպիսկոպոսներու նման ծանօթ անուններ ալ կը գտնենք առաջնորդաց շարքին մէջ: Պետրոս Ղափանցին վախճանեցաւ 1784 մարտ 20-ին, Նիկոմիդիա քաղաքը, յառաջացած եւ գրեթէ զառամած ծերութեան մէջ, իրեն աշակերտ եւ օգնական ունենալով Յովակիմ եպիսկոպոս մը, բուռն բնաւորութեան` բայց եւ յամառ գործունէութեան տէր անձ մը: Նիկոմիդացիք Պետրոսի զառամութենէն եւ Յովակիմի բռնութենէն ձանձրացած` նոր առաջնորդ ուզած էին Զաքարիայէ` երբ տակաւին կենդանի էր Ղափանցին, եւ Զաքարիա 1781 փետրուար 17 թուակիր, հրովարտակով մը կարգադրած էր Պետրոսի Պանտրմա փոխադրուիլը Յովակիմի հետ, եւ իր ձեռնասուններէն Բարթողիմէոս եպիսկոպոսը նշանակած էր Արմաշի եւ Նիկոմիդիոյ համար: Բայց Պետրոս չէր մեկնած օգուտ քաղելով անշուշտ մայրաքաղաքին շփոթներէն, եւ պատրիարքին փոխուելէն: Զաքարիա պատրիարքութեան վերադառնալէն ետքը չէր ուզած իսկոյն բռնանալ, հաւանաբար տաղասաց Ղափանցիին ծերութիւնը յարգելով: Մինչեւ որ Պետրոս կը վախճանէր, իսկ Յովակիմ իբր ժառանգական իրաւունք Պետրոսի յաջորդութիւնը իւրացնել կ՚աշխատէր, կրթնելով խուժանական խումբին աղմուկներու եւ շահուած պաշտօնեաներու պաշտպանութեան: Բայց պէտք էր անգամ մը վերջ տալ այդպիսի անտեղի կացութեան, ուստի 1786 յունուար 8 թուակիր նոր եւ ազդու հրովարտակով զօրացած, Բարթողիմէոս Նիկոմիդիա եկաւ, Յովակիմը վտարեց, անոր կողմնակիցներն ալ շահեցաւ կամ զսպեց եւ վերջապէս Արմաշ ու Նիկոմիդիա հանդարտութիւն գտան, հնգամեայ շփոթութիւններէ ետքը:

2171. ԲԱՐԹՈՂԻՄԷՈՍ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ

Բարթողիմէոս` Կապուտիկ կամ Կապուտիկեան մականուանեալ կապոյտ աչքերուն համար, Կ. Պոլսեցի էր բնիկ, 1749-ին ծնած, Զաքարիայի աշակերտած, եւ աստիճանները անկէ ստացած, եւ 1775-ին եպիսկոպոսացած Սիմէոնի ձեռնադրութեամբ, Զաքարիայի ընտրելագոյն աշակերտներէն մին եղած, եւ գրեթէ միշտ անոր հետ մնացած եւ գործակից եղած: Զաքարիա իր սիրելի Բարթողիմէոսը կը ղրկէր Արմաշ, յանձնարարելով զայն կատարեալ վանական միաբանութեան եւ ուսումնական հաստատութեան վերածել: Բայց Արմաշ աւեր ու խանգար էր վերջին պատահարներու պատճառով, որով Բարթողիմէոս, աւելի քան նորոգող, ի հիմանէ շինող տաճարի կ՚ըլլար, եւ միանգամայն ձեռնամուխ կը լինէր կազմակերպելու վանս կրօնաւորաց յոյժ պայծառաշէն, կարի անուանի, ինչպէս կը խօսի տապանագիրը: Սակայն դիւրին չեղաւ այդ արդիւնքները իսկոյն իրականացնել: Նախանձոտ քսուներ զրոյց հանեցին թէ Բարթողիմէոսի շինածը 366 սենեակներով, ամուր պարիսպներով եւ զէնքերով լեցուն դղեակ մըն է: Քսութիւնն ալ շուտով ընդունուեցաւ, զի Ռուսաց հետ պատերազմի միջոցն էր, եւ որչափ ալ կուսակալական քննութեամբ ստութիւնը յայտնուեցաւ, բայց խափանուած շինուածը շարունակելու համար նոր հրամանագիրի պէտք եղաւ, որուն ստացութիւնը ուշացաւ, եւ հազիւ 1797 սեպտեմբեր 13-ին Խաչվերացի կիրակիին կրցաւ կատարուիլ նորաշէն տաճարին նաւակատիքը: Բարթողիմէոս երբ նիւթական շէնքին հետամուտ էր, բարոյական շինութեան գործը զանց չէր ըրած, որ իր վարդապետին մեծ յանձնարարութիւնն էր, եւ աշակերտաց խումբ մը կազմած էր Արմաշի մէջ, եւ անոնց դաստիարակութեամբ կը զբաղէր: Արմաշեան աշակերտութեան այս նախընծայ դասակարգէն տասնի չափ անուններ ունինք մեզի հասած, որ օգտակար եղած են աւելի Նիկոմիդիոյ եւ Պրուսայի եւ շրջակայ վիճակներուն մէջ:

2172. ԵՓՐԵՄ ԱՋԱՊԱՀԵԱՆ

Երկու օծակից ընկերներուն` Ղուկաս կաթողիկոսի եւ Զաքարիա պատրիարքի` 2150) պաշտօնավարութիւնները` բաւական երկար եղան, եւ գրեթէ զոյգ վերջացան, զի իրարմէ իբր ինն ամիս տարբերութեամբ վախճանեցան 1799-ին: Իրենց գործունէութեան մասին` ընդհանուր ակնարկներ են աւելի մեր գրելիքները, քան նշանաւոր եղելութիւններ. ուստի անոնց չմտած կ՚ուզենք քաղել զանազան աթոռներու եւ հաստատութիւններու նկատմամբ ժամանակակից տեղեկութիւնները, պատմական զուգընթացութիւնը պահած ըլլալու համար: Կիլիկիոյ աթոռին պատահարները պատմեցինք մինչեւ Գաբրիէլ Աջապահեանի եղերական մահը 2104): Սպանութիւնը տեղի ունեցած էր 1770 սեպտեմբեր 10-ին, եւ շփոթութեանց պատճառով միջոց մը աթոռը պարապ մնացած, մինչեւ որ Աջապահեան Մարկոս քահանայի որդին, եւ վերջին երեք կաթողիկոսներուն եղբօրորդին` Եփրեմ եպիսկոպոս, կրցաւ Ատանայի ապաստանարանէն գալ եւ Սիսի մէջ աթոռը գրաւել 1771-ին, զի Ատանայէն դարձը` Գաբրիէլի սպանութենէն յետ սակաւուց տեղի ունեցած է ( ՍԻՍ. 219): Պասմաճեանէ նշանակուած 1772 թուականը ( ՊԱՍ. 22), աւելի քան Եփրեմի կաթողիկոսութեան, պէտք է պատշաճեցնել Եղիազարի ի յանկեան ուրեք իւրովի կաթողիկոս հռչակուելուն: Եղիազար ալ Աջապահեան ըսուած է ( ՊԱՍ. 22), բայց Ալիշան իր ճիւղահամարին չէ անցուցած ( ՍԻՍ. 219), որով չենք կրնար ճշդել թէ ինչ ազգակցութիւն ունէր Եփրեմի հետ, բայց հաւանաբար Մարկոս քահանայի միւս չորս եղբայրներէն մէկուն որդին էր, եւ նախորդ երեք կաթողիկոսներուն ուրիշ եղբօրորդի մը: Եփրեմ կաթողիկոս` Սսոյ Աջապահեան տոհմին եւ նոյն տոհմէն եղող կաթողիկոսներուն պատմութիւնը գրած է, այլ հրատարակուած չէ, բացի ոտանաւոր քաղուածի մը կտորէն ( ՍԻՍ. 220-221), իսկ Ներսէս Դանիէլեան եպիսկոպոսին կողմէն ստացած ձեռագիրնիս ( ԱՋԱ. ) անուններ միայն ունի, եւ գործերէն ոչինչ կը պարունակէ: Պասմաճեանէ կը տեղեկանանք թէ Եղիազար Կ. Պոլիս եկած է վասն հաստատելոյ զկաթողիկոսութիւն իւր, թէ Կիլիկիոյ մէջ երկպառակութիւնք տեղի ունեցած են, եւ Պօղոսեանք եւ Ապողոսեանք գտնուած են յայնմիկ թեմի, իմա Եփրեմեանք եւ Եղիազարեանք, եւ թէ Պասմաճեան պատրիարքին ալ բազում նեղութիւնք պատճառած են, որովհետեւ ինքն ալ դիմադրած է Եղիազարի ձգտումներուն, գիտնալով թէ օրինաւոր կաթողիկոսն Եփրեմն էր ( ՊԱՍ. 22): Պիտի չկարենանք նաեւ ճշդել թէ ինչպէս վերջացաւ Եղիազարի գրգռած հակաթոռութիւնը, միայն գիտենք թէ Եփրեմի կաթողիկոսութիւնը տեւեց մինչեւ 1784, եւ ինքն ալ եղերական վախճան ունեցաւ սպանեալ ի բռնակալէն Սսոյ ( ՍԻՍ. 219): Իսկ սպանութեան կերպը եղած է դեղ մահու արբուցեալ յայլազգի իշխանէն տեղւոյն ( ՊԷՐ. 5), այսինքն Գօզանօղլուներու ցեղապետէն: Սպանութեան ժամանակը յարմար է դնել 1784 տարւոյ յուլիսի վերջերը կամ օգոստոսի սկիզբները, զի սեպտեմբերին սկիզբը մեծ շտապով նոր ընտրութիւն կը կատարուի, որպէսզի չմնայ աթոռն այն առանց վերակացուի եւ առանց հովուի ( ԴԻՒ. Ժ. 327):

2173. ԹԷՈԴՈՐՈՍ ԱՋԱՊԱՀԵԱՆ

Եփրեմի յաջորդն ալ ի զարմէ Աջապահի էր, ինչպէս կ՚ըսէ տապանագիրը ( ՍԻՍ. 217), նոյն ազգատոհմէն հինգերորդ մը` Ղուկասէ, Միքայէլէ, Գաբրիէլէ եւ Եփրեմէ ետքը: Ընտրեալն էր Թէոդորոս, որ Կ. Պոլիս կը գտնուէր, չենք գիտեր ի'նչ ճիւղահամարով կապուած նախորդին հետ, բայց հաւանաբար Եփրեմի հօրեղբորորդի մը: Հարկաւ Եղիազար հակաթոռը այլեւս կենդանի չէր, որ աթոռին թեկնածու չեղաւ: Ընտրութիւնը կատարուեցաւ Կ. Պոլսոյ մէջ, զի հոն կը գտնուէր Թէոդորոս, բայց միշտ համաձայնութեամբ բոլոր Կիլիկիոյ թեմի համայն քահանայից եւ ժողովրդոց ( ԴԻՒ. Ժ. 325): Նշանակելի պարագայ մըն է կաթողիկոսական օծումին Կ. Պոլսոյ մէջ կատարուիլը: Այդ բացառութեան պատճառ պէտք է նկատուին` Եփրեմի եղերական մահը, Կիլիկիոյ աթոռին մէջ տիրող շփոթութիւնը, եւ աթոռին տիրանալու համար` ամէն պարագաներով զօրացած եւ եկեղեցական ու պետական պայմանները լրացուցած կաթողիկոս մը ղրկելու անհրաժեշտութիւնը, եւ ոչ թէ կաթողիկոսութեան տիրանալու համար անզօր ընտրելի մը: Նշանակութեան արժանի է եւս որ յատուկ մտադրութիւն կը դարձուի օծումն ալ զանխուլ կատարել, լուր օր մը, Խաչի բարեկենդանին նախընթաց ուրբաթը, 1784 սեպտեմբեր 6-ին, վասն ոչ իմանալոյ ամենեցուն եւ լսելի լինելոյ, մի' գուցէ վնաս ինչ ծնանիցի ի յեկեղեցւոջ եւ յազգի մերում ( ԴԻՒ. Ժ. 327): Կաղզուանցի յիշատակագիրին նշանակած` բազմութեան գրոհ տալէն զգուշանալու պատճառը` շատ թեթեւ կ՚երեւի մեզի. աւելի ծանր կասկածներ ծանրացած պիտի ըլլան պատրիարքին եւ ժողովրդականաց միտքին վրայ: Որչափ ալ լուր օր մը եւ գաղտնի կերպով, սակայն մաշտոցի ծիսական պահանջներուն յարմարիլ աշխատած են, եւ կաթողիկոսական օծման համար պահանջուած 12 եպիսկոպոսները պատրաստ չգտնելով, եօթը վարդապետներ զգեստաւորած են` հինգ եպիսկոպոսներուն հետ թիւը լրացնելու համար: Հինգ ներկայ եպիսկոպոսներն եղած են, Սահակ Փառակեցին` Էջմիածնի նուիրակ, Աւետիս` Երուսաղէմի փոխանորդ, Գէորգ Սսոյ միաբաններէն, Յովհաննէս Սեբաստացի եւ Յովհաննէս Տրապիզոնցի: Զաքարիա պատրիարք օծումին նախագահած է, բայց ինքզինքը երկոտասաններուն թիւէն դուրս է համրած: Արարողութիւնը տեղի ունեցած է Քումգաբուի Մայրեկեղեցւոյն մէջ: Թէոդորոս, որ կը նկարագրուի իբրեւ այր համեստակենցաղ, սրբազնասուրբ, բարեբարոյ եւ ցանկալի, երբեք ոչ առնոյր յանձն պարագաներուն դժուարութեան պատճառով, սակայն Զաքարիա եւ ամենայն իշխանքն ազգին ստիպած են պնդելով, թէ մի' զանձն քո խնայէր, եւ նա հնազանդեալ յանձն էառ ( ԴԻՒ. Ժ. 326): Շտապով օծումին պէս շտապով ալ Թէոդորոս ճամբայ կը դրուի 12 օր ետքը ( ՊԷՐ. 5), այսինքն 1784 սեպտեմբեր 18-ին: Իր պաշտօնավարութեան մասին մանրամասն տեղեկութիւն պիտի չկարենանք տալ, գոհանալով միայն պատմագիրին վկայութեամբ, թէ բազում ջանս անձին կալեալ նորոգութեան սրբոյ գահիս, եւ բարի վարուք փայլելով վախճանեցաւ 1791-ին ( ՍԻՍ. 217): Թէոդորոսի մահը ուրիշ պատմութեանց մէջ կը յետաձգուի մինչեւ 1801, եւ սպանուած կ՚ըսուի Խօզանօղլու բռնապետէն, յօշոտեալ անդամ անդամ, Սիսի պարիսպէն դուրս գետին կամուրջին վրայ ( ՊԷՐ. 38): Տարբեր պատմութիւններու մէջէն աւելի ստոյգ կը նկատենք տապանագիրին վկայութիւնը թուականին համար, եւ 1791-ին եւ ոչ 1801-ին կը դնենք Թէոդորոսի կաթողիկոսութեան վերջը: Իսկ մահուան կերպին համար, կրնանք ընդունիլ բռնական սպանութիւնը, իբր զի տապանագիրին մէջ ալ չեն կրցած բացէն գրել տեղւոյն բռնապետին ոճրագործ արարքը: Թէոդորոսի յաջորդը եղած է իր եղբօրորդին, Կիրակոս Աջապահեան, որուն գահակալութիւնն ալ պէտք կը զգանք դնել 1791-ին: Բռնապետներ երբոր կաթողիկոսի մը կեանքին կը դաւաճանէին, արգելք չէին դներ ուրիշի մը յաջորդելուն, նոր որս մը պատրաստ ունենալու դիտմամբ:

2174. ԱՂԹԱՄԱՐԱՅ ԱԹՈՌ

Աղթամարի աթոռին յաջորդութիւնը շփոթ կը ներկայանայ այդ միջոցին, եւ դժբախտաբար հեղինակաւոր աղբիւրներ չենք գտներ, խնդիրը լուծելու համար: Թովմայի մահէն ետքը, որ 1783-ին կը դրուի 2105), ոմանք կը յիշեն Կարապետ Վանեցի 1783-ին, Մարկոս Շատախցի 1788-ին, Յովհաննէս Սպարկերտցի, անկէ ետքը Թէոդորոս 1792-ին, Միքայէլ Վանեցի 1796-ին, եւ Կարապետ Շատախցի, զոր կը հասցնեն մինչեւ 1803-ին (09. ՕՐԱ. 288): Հաւաքարանը այդ անունները կ՚անգիտանայ, եւ 1783-էն 1804 միջոցին համար ունի միայն Միքայէլ Վանեցի` յոյժ երաժիշտ, եւ Կարապետ Վանեցի Ղրըմքէսեանց, որ Դանիէլի օծման կը գտնուի (00. ԲԻԶ. 1200): Մեր ձեռքը գտնուող վաւերագիրներէն ստուգապէս գիտենք, Կարապետ կաթողիկոսի մը Դանիէլի օծման նախագահելը ( ԴԻՒ. Ե. 236), սակայն որեւէ մակդիր անուն յիշուած չէ, որ ստուգէինք թէ նոյն ինքն Վանեցին է, թէ ոչ միւս ցուցակին մէջ տեսնուած Շատախցին, զի անոր համեմատ 1788-էն ետքը Վանեցին այլեւս չկայ, եւ 1802-ին Շատախցին կը գտնուի աթոռի վրայ: Առ այժմ մեզի նախադասելի կ՚երեւի Հաւաքարանի գրութիւնը, քանի որ չենք տեսած միւս գրութեան նախնական աղբիւրները: Դիտողութեան արժանի կը սեպենք, որ 1783-էն սկսելով Աղթամարի կաթողիկոսներ տեղական ընտրութեամբ եւ օծմամբ աթոռ բարձրացած են, եւ Ղուկաս չէ կրցած Աղթամարի գործերով զբաղիլ, եւ Ջահկեցիի ու Երեւանեցիի ատեն հաստատուած յարաբերութեանց պաշտպան կանգնիլ, եւ առանց Էջմիածինի հաւանութեան Աղթամարի կաթողիկոս չնստեցնելու պայմանը գործադրել տալ: Ասոր պատճառ եղած են քաղաքական խառնակութիւնը եւ սահմանակից գաւառներու խռովութիւնը, որով խափանուած է երկու աթոռներուն հետ պայմանադրուած յարաբերութիւնը, որ հազիւ թէ Էջմիածինի կամատէր եւ Աղթամարի կամակատար կաթողիկոսներու ատեն կրցած էր գայթիգայթ սկզբնաւորութիւն մը ունենալ:

  2175. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱԹՈՌ

Երուսաղէմի մէջ 1775-ին յանկարծամահ եղած է Պօղոս Վանեցի պատրիարքը` խռովութեանց միջոցի մը մէջ 2107), այնպէս որ միաբանութիւնը կանոնաւորապէս հաւաքելու եւ ընտրութիւն ընելու պատեհութիւնն ալ չգտաւ, եւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքին եւ մեծամեծներուն յանձնեց արժանաւորն ընտրել եւ պետական հաստատութիւնն ալ հոգալ: Այդ կերպով Երուսաղէմի պատրիարք ընտրուեցաւ Յովակիմ Քանաքեռցի եպիսկոպոսը, որ Կ. Պոլսոյ մէջ Երուսաղէմի փոխանորդ կը գտնուէր: Եթէ ինքն Յովակիմ աշխատած չէ իր վրայ հրաւիրել ընտրողներուն մտադրութիւնը, գոնէ ասոնք յորդորուած են իրենց մտադրութիւնը դարձնել աչուըներնուն ներքեւ գտնուող եւ իրենց ճանչցած մէկու մը վրայ: Որն որ ըլլայ Յովակիմի ընտրուելուն շարժառիթը, նորընտիրը պետական հաստատութիւն ստացաւ 1775 օգոստոսին, Երուսաղէմ հասաւ հոկտեմբեր 5-ին, եւ միաբանութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց նոյեմբեր 24-ին գրութեամբ ( ԱՍՏ. Բ. 107): Յովակիմ 18 տարի պաշտօն վարեց մինչեւ 1793, սակայն խաղաղութիւն չվայելեց: Առաջին օրեր նեղուեցաւ Լատիններուն ոտնձգութիւններէն, որոնք կը հետապնդէին յափշտակել զմի մասն գերեզմանատան Հայոց, 65 կանգուն երկայն եւ 37 կանգուն լայն, կամ 2400 քառակուսի կանգուն գետին մը ( ԱՍՏ. Բ. 108): Լատիններու պահանջկոտութեան փաստ կը կազմէր այնտեղ Լատիններէն ոմանց թաղուած ըլլալը, այն ժամանակէն որ Լատինաց գերեզմանատունը Ահմէտ Տէճէնի շէյխէն գրաւուած էր իբր իր սեփական ագարակը, եւ Հայեր հիւրասիրութեամբ իրենց գերեզմաննոցը ընդունած էին Լատին մեռեալները: Երկրորդ փաստ մըն ալ կը քաղէին բնիկ Հայ ընտանիքներէն ոմանց լատինացած ըլլալէն, որոնց մեռելները նոյն մասին մէջն էին ( ԱՍՏ. Բ. 110): Հայերը քիչ շատ պաշտպանութիւն կը գտնէին Երուսաղէմի դատաւորէն, տեղացի իսլամ ծերերու վկայութեամբ, բայց Լատիններ իրենց կողմը կը շահէին Դամասկոսի կուսակալները, եւ կը զօրանային Գաղղիական դեսպանատան ազդու միջամտութեամբ, զոր չէր հասներ չեզոքացնել Զաքարիայի պատրիարքական ազդեցութիւնը: Երկու կողմերէն փոխադարձաբար ելեւէջներ տեղի ունեցան, բայց վերջին որոշումը Լատիններուն նպաստաւոր եղաւ, եւ խնդիրի պատճառ տուող գերեզմաննոցի մասը` վերջնականապէս Լատիններուն անցաւ 1777-ին, եւ այսօր ալ անոնց սեփականութիւնը կը մնայ ( ԱՍՏ. Բ. 114): Լատիններ հետամուտ եղան նաեւ իրենց սեփականել Բեթղեհէմի գիւղէն դուրս քառասնից այր կամ Կաթին այր կոչուած մատուռը, որ երեք ազգերու հասարակ էր: Այս կէտը դատաւորին ատեանին առջեւ տրուած ծերերու վկայութեամբ վաւերացաւ, եւ Լատիններուն ոտնձգութիւնը խափանուեցաւ 1776-ին ( ԱՍՏ. Բ. 115):

2176. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԿԱՆՈՆՆԵՐ

Յովակիմ ներքին խնդիրներ ալ ունեցաւ աթոռին վարչութեան եւ ընչից մատակարարութեան եւ սեփականութեանց պաշտպանութեան մասին, որոնց արձագանգը մինչեւ Կ. Պոլիս հասաւ, եւ պատրիարքն ու պատրիարքարանն ալ զբաղեցուց: Զաքարիա ուզելով հիմնական դարման մը հաստատել, կարեւոր նախապատրաստութիւններէ ետքը, հանդերձ իշխանօք եւ գրեթէ համայն ազգով ժողով մը գումարեց 1791 յունիս 23-ին, Լուսաւորչի պահոց երկուշաբթի օրը, եւ եօթը յօդուածներով կանոնագիր մը հաստատել տուաւ` վասն բարեպէս կառավարութեան Սուրբ Երուսաղէմի, առ ի զերծուցանելոյ զայն սուրբ աթոռն ի բամբասանաց ( ԱՍՏ. Բ. 115): Ասկէց կը տեսնուի, թէ շատ հին է Երուսաղէմի աթոռին մատակարարութեան մասին գանգատը, եւ թէ նոյնպէս հին է Կ. Պոլսոյ աթոռին անոր առջեւն առնելու համար ջանքեր ընելն ու կանոններ հաստատելը: Անկէ ասդին 120 տարիներ անցած են, եւ դժբախտաբար ոչ գանգատները վերջացած են, եւ ոչ նոր կանոններ հաստատելու պէտքը դադարած: Զաքարիայի ձեռքով կազմուած անդրանիկ կանոնագիրին տրամադրութիւններն են` 1. Պատրիարքն զվեց նազըրս ունիցի ինքեան օգնական, ամէն ելեւմուտք անոնց գիտակցութեամբ կատարուի, հասոյթները երկաթ սնտուկի մէջ պահուին, բանալին նազըրներէն մէկուն մօտ կը մնայ, պատրիարք եւ նազըրներէն մէկը զատ զատ հաշուատետր բռնեն, ծախքերու համար պէտք եղած գումարները գործակալներուն յանձնուին, նազրներ եւ գործակալներ միաբաններէն ըլլան, շինութիւններն ալ նազըրներու որոշմամբ կատարուին: Ասիկա յայտնապէս տնօրէն ժողովոյ նախատիպ կազմութիւնն է: 2. Ջուխաճի կոչուած գործակալը տետրակ ունենայ, առածն ու տուածը գրէ, եւ առանց իւրաքանչիւր ճիւղի գործակալին գիտութեան մէկու մը բան չտայ: Այս անունով նշանակուած գործակալը իբր ընդհանուր ծախսարարը կը ներկայացուի: 3. Առանց նազրներու հաւանութեան միաբան չ՚ընդունուի եւ միաբան չ՚արտաքսուի: 4. Ամէն գործակալներ եւ նուիրակներ նազրներու հաւանութեամբ անուանուին: 5. Պատրիարքն զիւրսն եւ զհասարակսն մի' որոշեսցէ, այսինքն առանձնաշնորհեալ միաբաններ չ՚ըլլան: 6. Վախճանեալ միաբաններուն ունեցածները երբոր Ջուխաճիին կը դառնան, ոչ ըստ հաճոյից իւրոց, այլ կամօք խորհրդականաց տնօրինէ: Խորհրդական կոչուածները վերը նազըր ըսուածներն են: 7. Պատրիարքը իր կողմէն ըրած ծախքերը, տուած պարգեւները, գանձած կոնդակադրամները եւ ուրիշ նուէրները, անունով եւ տեղով նշանակէ, եւ նազրներու կողմէ քննութիւն լիցի տոմարաց, եւ այնպէս կարգադրուի: Պատրիարքը նոյնը պահանջէ գործակալներէն, եւ մի' ոք ընդդիմասցի պատրիարքին ( ԱՍՏ. Բ. 116): Այս կանոնները Կ. Պոլսոյ եկեղեցական եւ աշխարհական մեծամեծներէն կնքուեցան, Երուսաղէմի պատրիարքին եւ միաբանութեան յորդորականներ ալ գրուեցան, խոստանալով կանոններուն պահպանութեան առթին, յամենայնի ձեռնտու եւ օգնական լինել գործոց աթոռոյն: Երկու ալ պատգամաւորներ ընտրեցին Երուսաղէմ երթալու եւ կանոններուն գործադրութեան հսկելու: Առաջին կանոնով յիշուած վեց նազրները, կամ մեր բառով` տնօրէն ժողովոյ անդամները, այս անգամ ուղղակի Կ. Պոլիսէ նշանակուեցան, Սարգիս, Աւետիք, Զաքարիա, Կարապետ, Պետրոս եպիսկոպոսներ եւ Մարտիրոս վարդապետ ( ԱՍՏ. Բ. 115-117), որ ըսել է` թէ միաբանութեան երիցագոյնները առնուեցան:

2177. ՅՈՎԱԿԻՄ ՔԱՆԱՔԵՌՑԻ

Ընտրուած պատգամաւորները նշանակուած չեն, բայց հաւանաբար եկեղեցականներ են: Ասոնք Երուսաղէմ հասնելով ամէն բան պարզեցին, միաբանութեան ժողով հաւաքեցին, եւ կանոններու ընդունելութեան եւ հպատակութեան գիր առին: Վեց նշանակուած տնօրէններուն գործի ձեռնարկել տուին, երկաթի սնտուկը հաստատեցին, եւ բանալին Մարտիրոս վարդապետի տուին իբրեւ գանձապետի. Պետրոս եպիսկոպոսը հաշուակալ նշանակեցին, գործակալները որոշեցին, եւ Ջուխաճիին հաշիւը տեսան ու տոմարները կարգադրեցին: Բայց այսչափով խնդիրը չփակուեցաւ, զի տագնապ մեծ էր դրամի պակասութեան կողմէն, եւ կանոնները դրամ չէին պատրաստեր: Աթոռը պարտքեր ունէր, զսահմանեալ տարեկան տուրս այլազգեաց վճարելու միջոցներ չունէր, եւ յերեսաց դառնութեան ժամանակին ուխտաւորութիւններ եւ ուրիշ հասոյթի աղբիւրներ նուազած էին: Տաճկահայերն ալ որչափ եւ խոստումներ ըրած, սակայն իրենք ալ երկրին տագնապներէն կը նեղուէին. ուստի հեռաւոր կողմեր, Ռուսաստանի եւ Վրաստանի բարեկեցիկ ազգայիններուն դարձուցին աչուընին, եւ Ռուսիոյ Կատարինէ կայսրուհւոյն եւ Վրաց Հերակլ թագաւորին յատուկ գիրեր գրուեցան Յովակիմ պատրիարքի կողմէն. հոգեւորական ընծաներ ալ պատրաստուեցան, եւ այնպէս յատուկ նուիրակներ ճամբայ հանուեցան այն կողմերուն համար ( ԱՍՏ. Բ. 118): Այս գործերը կատարուած ատեն արդէն Յովակիմ պատրիարք ծերացած էր, եւ ըստ աւանդութեան նաեւ աչքն ի տեսանելոյ զրկուած էին, եւ քիչ ետքը 1793 սեպտեմբեր 25-ին, Վարագայ խաչին կիրակի օրը կեանքը կնքեց: Վշտալի եւ տագնապալի եղած էր Յովակիմի բոլոր կեանքը, մահուանէ ետքն ալ տագնապները չդադարեցան, զի թէպէտ երկուշաբթի յուղարկաւորութեան կարգը կատարուեցաւ, բայց ըստ սովորութեան Ս. Փրկչի վանքը թաղելու համար դժուարութիւններ հանուեցան, եւ արգելքներ դրուեցան դատաւորին կողմէն, եւ հազիւ կարացին հաճել զմիտս նորա, ինն քսակ դրամ վճարելով, եւ այնպէս թաղումը կատարեցին ( ԱՍՏ. Բ. 119-120):

2178. ՊԵՏՐՈՍ ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ

Յովակիմի մահուընէ ետքը միաբանութիւնը ինքն ձեռնարկեց յաջորդի ընտրութեան, իբրզի աչքին առջեւն ունէր յարմար ընտրելի մը, Պետրոս Եւդոկիացի եպիսկոպոսը, զոր իբր հաշուակալ յիշեցինք վերեւ 2177), որ միանգամայն Ս. Յակոբոյ փակակալ կամ լուսարարապետն էր: Միաբանութիւնը` Սարգիս Կուզիկեան եպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ, եւ ծերունազարդ Մարտիրոս վարդապետին ազդեցութեամբ, որ բանգէտ եւ տաճկագէտ, եւ աթոռին գործերուն հմուտ եւ տեղեակ, եւ քանի պատրիարքներ տեսած, եւ ամէնուն յարգը գրաւած միաբանն էր, Պետրոսը բռնադատեց ընտրութեան հաւանիլ, եւ պաշտօնական գիրերը պատրաստելով Մելքոն վարդապետի ձեռքով Կ. Պոլիս ղրկեց: Զաքարիա եւ մեծամեծներ շուտով հաւանեցան, պետական հաստատութիւնը ստացան, եւ հրովարտակը յղեցին պատուիրակին ձեռքով, եւ 1794 փետրուար 14-ին, Տեառնընդառաջի տօնին կատարուեցաւ Պետրոսի աթոռ նստելուն հանդէսը: Առաջին գործերէն մին եղաւ կանուխ գրուած կանոնագիրին 2176) վերստին հաստատութիւնը, եւ Պետրոս ինքն կանխեց եւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանէն խնդրեց վեց խորհրդականները որոշել եւ լրացնել, զի ինքն պատրիարք եղած էր, ոմանք վախճանած էին, Մարտիրոս վարդապետ ալ անկարացած էր, բայց յիշուած չենք գտներ թէ որոնք եղան նոր կազմութեան մէջ մտնողները: Պետրոս ալ զանազան նեղութիւններ կրեց դրամական վճարմանց պատճառով, Ս. Յարութեան Տաճիկ դռնապաններուն, Դամասկոսի կուսակալին, Յոպպէի մաքսապետին, եւ Երուսաղէմացի այլազգիներուն` կերպկերպ քմահաճոյ պահանջմանց երեսէն: Ինչչափ ալ Պետրոս թախանձանօք Զաքարիայի դիմեց, որ յատուկ հրամանագիր հանել տալ առ ի զսպել զապիրատութիւնս նոցա ( ԱՍՏ. Բ. 123), սակայն տուգանքներէ բոլորովին զերծ մնալ անհնար եղաւ: Յատուկ ծախքի եւ մտահոգութեան պատճառ տուաւ Զմիւռնացի ուխտաւորներու նաւի մը` Սիւրիական Տրիպոլիսի առջեւ խորտակուիլը, որուն մէջ 8 հոգի խեղդուեցան, իսկ 52 ազատուածները Երուսաղէմ հասցնելու համար Պետրոս յատուկ մարդ ղրկեց, ժողվել ու բերել տուաւ, եւ մինչեւ իսկ տեղերնին դարձնելու համար ամէն պէտքերնին հոգաց: Ս. Յարութեան տաճարը այրելու համար իսլամներու թշնամութեամբ կրակ ձգուիլն ալ նոր ծախքի դուռ բացաւ, զի թէպէտ հրդեհը շուտով մարեցաւ, բայց հինցած փայտէ դուռներուն տեղ, երկաթէ նոր դուռեր դնել հարկ եղաւ երեք ազգերու համերաշխ ծախքով:

2179. ԳԱՂՂԻԱՑՒՈՑ ԱՐՇԱՒԵԼԸ

Աւելի տագնապալի եղաւ` Գաղղիացւոց Եգիպտական արշաւանքին հետեւանքը: Եգիպտոս Օսմանեան նահանգ եղած էր 1517-ին, եւ սուլտան Սէլիմ խալիֆայութեան բարձրացած էր, այսինքն է իսլամութեան կրօնապետ ճանչցուած, իբր յաջորդ իրենց մարգարէին: Եգիպտոս անկէ ետքն ալ կէս առանձնաշնորհեալ դիրք մը պահեց, եւ իր կուսակալները աւելի ազատ վարչութիւն եւ աւելի ընդարձակ նախաձեռնութիւն պահեցին, տեղացւոց եւ օտարաց վրաց հաւասարապէս բռնութիւններ եւ հարստահարութիւններ ընելով: Վերջին ատեններ Ապտիւլ-Համիտի սուլտանութեան օրով, Եգիպտոսի Շէյխէլպէլէտը կամ մեծ կուսակալը` Իսմայիլ պէյ մըն էր, որուն 1790-ին յաջորդեց Օսման պէյ Թապէլ, ապիկար մէկ մը, որ բոլոր գործերը յանձնեց Իպրահիմ պէյ եւ Մուրատ պէյ երկու բռնապետներու, որոնք բնիկները կեղեքելէ եւ կողոպտելէ ետքը` օտարականներու վրայ սկսան բռնանալ: Այս պարագան Եւրոպայի մտադրութիւնը հրաւիրեց Եգիպտոսի վրայ: Եւրոպայի գերիշխանը Նաբօլէոն Պօնաբարթն էր (Napoleon Bonaparte), որ 1797 հոկտեմբեր 17-ի Քամբօֆօրմիոյի (Campoformio) դաշնագիրով` Գաղղիոյ աշխարհակալութիւնը ընդարձակած` եւ Աւստրիոյ կայսրութիւնը ընկճած` եւ դէպ Արեւելք տարածուելով Յոնիական կղզիներն ալ իւրացուցած էր: Ասկէ ծագեցաւ իր մէջ Եգիպտոսի աշխարհակալութեան միտքը, եւ նպատակը ծածկելով մեծ պատրաստութիւններ կատարել սկսաւ Թուլօնի (Toulon) նաւահանգիստը, ուսկից 1798 մայիս 19-ին հարիւր առագաստանաւերու տորմիղ մը կը մեկնէր 10, 000 նաւագներով եւ 40, 000 զինուորներով, գիտնականներու գունդով մը եւ 400 բեռնբարձ նաւերու հետեւորդով ( ՌԻՄ. 1): Ճամբուն վրայ յունիս 12-ին Մալթա կղզին գրաւեց Ասպետներուն ձեռքէն, եւ 19-ին նորէն ճամբայ ելլելով, յուլիս 1-ին Եգիպտոս հասաւ, 2-ին բանակը ցամաք հանեց, եւ 3-ին Աղեքսանդրիա մտաւ ( ՌԻՄ. 32): Ասորիք եւ Պաղեստին ցնցեցան ու դղրդեցան, Խաչակիրներու յիշատակները միտքերու մէջ արթնցան: Այլազգիներու միտքերը գրգռուեցան, եւ քրիստոնէից դէմ ատելութիւնը զայրացաւ, եւ կեղեքումներու նոր դուռ բացուեցաւ: Երուսաղէմի մէջ ալ պաշտօնական անձեր եւ տեղացի մեծամեծներ խորհուրդներ կազմեցին, երեք ազգերու վրայ բռնանալ սկսան, նախ պատահմամբ գտնուող զէնքերը փնտռեցին եւ առին, վանքերու բանալիները ձեռք անցուցին, պահպանութեան խումբեր դրին, եւ զինեալ խաժամուժ ամբոխն անդադար եւ անարգել մտանէին եւ ելանէին. եւ ամէն տեսակ կեղեքում եւ յափշտակութիւն համարձակ կը գործէին, յաճախակի կոտորածներ ալ սպառնալով ( ԱՍՏ. Բ. 127): Երեք ազգերուն փոխանորդ ու թարգման վարդապետները ձերբակալելով բանտարկեցին` իբրեւ պատանդներ, բայց Եգիպտոսի արշաւանքին ստոյգ չլինելուն զրոյցը, միտքերը պահ մը հանդարտեցուց, եւ կարծես խաղաղութիւն վերահաստատուեցաւ: Երուսաղէմի մէջ գործուածներուն նմանները միւս քաղաքներուն մէջ ալ կը կրկնուէին, առաւելապէս Յոպպէի մէջ: Շուտով վերջացաւ անհիմն զրոյցէն յառաջ եկած հանդարտութիւնը, եւ նորէն սկսան հարստահարական բռնութիւնները, բարդուեցան ստիպաւ պահանջուած գումարները, եւ երեք ազգերու եկեղեցականներէն 170 հոգի Ս. Յարութեան տաճարին մէջ բանտարկեցին, ուր շատեր հիւանդացան: Ուրիշ եկեղեցիներն ալ փակուեցան, եւ ամէն տեսակ բռնութիւններ շատցան, մեռելները թաղելու իսկ արգելքներ դնելու չափ ( ԱՍՏ. Բ. 128):

 

2180. ՊԱՂԵՍՏԻՆ ՀԱՍՆԻԼԸ

Նաբօլէոն Աղեքսանդրիայէն Գահիրէի վրայ ուղղեց իր արշաւանքը, ուր մտաւ յուլիս 24-ին: Թէպէտ օգոստոս 1-ին իր նաւատորմը կորսնցուց Ապուքիրի առջեւ, Անգղիացի ծովակալ Նելսընի հնարագիտութեամբ, բայց Եգիպտոսի տիրապետութիւնը ընդարձակեց եւ կարգաւորեց: Մենք պիտի չհետեւինք Գաղղիական տիրապետութեան եւ Նաբօլէոնի Եգիպտոսի մէջ ըրած կարգադրութեանց, եւ հիմնած գիտական հաստատութեանց. բաւական ըլլայ աւելցնել, թէ անոր յաջողութեանց հակահարուածը կը զգացուէր Պաղեստինի եւ Ասորիքի քրիստոնեաներուն վրայ, եւ յատկապէս Հայոց պատրիարքին եւ միաբանութեան վրայ, մինչեւ իսկ ասոնք յորդորելու որ Երուսաղէմը թողուն եւ բոլորովին հեռանան: Սակայն Կ. Պոլսոյ կողմէ միշտ յորդորներ կը հասնէին չթողուլ եւ չլքանել զժառանգութիւն ազգին ( ԱՍՏ. Բ. 130): Եգիպտոսի արշաւանքը Օսմանեան տէրութիւնն ալ կը ստիպէր Գաղղիացիներու դէմ, որոնք կը կանխէին նոր արշաւանք մը կազմակերպել Ասորիքի կողմը, զի տակաւին 30, 000 զինուորի բանակ մը կը գտնուէր Նաբօլէոնի ձեռքը, եւ կը յուսար անով Եգիպտոսն ալ պահել, եւ Ասորիքն ալ գրաւել: Սոյն արշաւանքը սկսաւ 1799 փետրուար 1-ին, 9-ին մտան Արիշ աւանը, եւ Նաբօլէոնի ալ անձամբ հասնելէն ետքը` գրաւուեցաւ Արիշ բերդը 19-ին, ուսկից յաղթականներ անցան Գազա, եւ մարտ 1-ին բանակեցան Էզտոտի հանդէպ, որ է հին Ազովտոսը: Ռամլէ եւ Լիտտա դիմադրութիւն չ՚ըրին, Եաֆա կամ Յոպպէ պատերազմով առնուեցաւ 7-ին, եւ աւարի եւ կոտորածի մատնուեցաւ: Երբ Պաղեստինի ամէն կողմէն` դիմադրութեան պատրաստութիւններ սկսան, Նաբօլէոն ժողովուրդը հանդարտեցնելու համար յայտարարութիւններ ղրկեց Նապլուս, Երուսաղէմ եւ ուրիշ քաղաքներ, թէ ինքն միտք չունի անոնց դէմ գործել, միայն Մէմլուքներուն դէմ է կռիւը, եւ ոչ տեղացիներուն ( ՌԻՄ. 108): Բայց այս կոչը Երուսաղէմացիները չհանդարտեցուց, որոնք միշտ քրիստոնէից դէմ կասկածոտ, արդէն փետրուար 14/25-էն, 2000 հոգիէ աւելի բազմութիւն մը հաւաքած եւ բանտարկած էին Ս. Յարութեան տաճարին մէջ, եւ հոն ալ հանդարտ չթողլով կը նեղէին եւ կը նախատէին, եւ մինչեւ իսկ պատուհաններէն ներս զէնք կը պարպէին ( ԱՍՏ. Բ. 130): Նաբօլէոնի դիտումն էր Աքիան գրաւել, հիներուն Պտղոմայիսը, Եւրոպացիներէն Ակրայ Ս. Յովհաննէս կոչուած բերդաքաղաքը, ուր ամրացած էր Ճեզար փաշա կուսակալը` Հայֆայէ ալ ետ քաշուելով: Ժանտամահը բաւական կորուստ պատճառած էր Գաղղիացւոց, Ապտուլլահ փաշա ալ Օսմանեան գունդերով անոնց դէմ կու գար, Նաբօլէոն փութաց Աքիան պաշարել մարտ 7/18-ին ( ՌԻՄ. 111): Այստեղ զինուց բախտը դարձաւ. Աքիան զօրաւոր ընդդիմութիւն ըրաւ. Ճէզար փաշա արդէն իր բոլոր ոյժը կեդրոնացուցած էր հոն: Անգղիացիք ծովէն իրեն օգնութիւններ կը հասցնէին, Ֆիլիբբօ (Philippeaux) անուն Գաղղիացի մը քաղաքին ամրութեան գործերուն կը հսկէր, Նաբօլէոնի պզտիկ տորմիղին բերած զէնքերը Անգղիական տորմիղէն կը գրաւուէին, եւ Ճէզարի կը յանձնուէին: Նաբօլէոնի ոյժերը սպառեցան, թէ ամուր քաղաքին դէմ յարձակումներով, եւ թէ ետեւէն եկող Տաճկական գունդերուն դէմ պատերազմներով, եւ երկու ամիսէ աւելի Աքիայի դիմաց ատեն անցընելէն ետքը, մայիս 10/21-ին, ուրիշ կարեւորագոյն գործի պատրուակով, պաշարումը վերցուց, եւ եկած ճամբէն ետ դառնալու սկսաւ, առանց նշանաւոր դժուարութեան հանդիպելու ( ՌԻՄ. 127): Բայց Յոպպէի վրայ նորէն զայրոյթի բռնութիւնները թափեց ( ԱՍՏ. Բ. 131), անկէ Եգիպտոս դարձաւ, եւ յունիս 14-ին Գահիրէ մտաւ, յաղթական փառաւորութեամբ` Ասորիքի մէջ ունեցած յաջողութեանց յիշատակներով: Մենք պէտք չունինք այլեւս Նաբօլէոնի գործերուն հետեւիլ, որ Օսմանեան գունդերուն վրայ յուլիս 25-ին Ապուքիրի մէջ նոր յաղթութիւն մըն ալ տանելէն ետքը, 1799 օգոստոս 24-ին Եգիպտոսէ մեկնեցաւ, նորէն Եւրոպիոյ պատերազմներուն դառնալու համար:

2181. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Մենք այս պատմական յիշատակները օգտակար սեպեցինք յառաջ բերել, որպէսզի յստակ եւ կատարեալ գաղափար մը տանք այն նեղութեանց, զորս այդ առթիւ կրեց Երուսաղէմի աթոռը, պատերազմի արհաւիրքներու մէջ պաշարուած, եւ տեղացոց մոլեգնութեան մատնուած: Ասոնք` քրիստոնեայ գունդերու յարձակումներուն ներքեւ, ամէն քրիստոնեայ անխտիր անոնց բարեկամ եւ օգնական, եւ լրտես եւ բանագնաց առ հաւատակիցս իւրեանց սեպելով ( ԱՍՏ. Բ. 130), ամէն միջոց օրինաւոր կը կարծէին քրիստոնեաները` եւ մանաւանդ վանքերը նեղելու եւ կողոպտելու, կեղեքելու եւ տանջելու: Ոչ միայն այլազգիներէ, այլեւ արշաւող քրիստոնեաներէ ալ նեղուեցաւ Երուսաղէմի աթոռը, զի Յոպպէի վրայ երկու անգամ կատարուած բռնութեանց կարգին, Հայերուն ալ տուներն ու մթերանոցները այրուեցան, վանք ու վանատուն վնասուեցան, եւ յափշտակութիւններէ զատ 100 քսակի ալ տուգանք առնուեցաւ ( ԱՍՏ. Բ. 131): Ռէմլէի մէջ եղող միաբաններուն Յոպպէ փախչելուն վրայ, լեռնական տեղացիներ` վանքին վրայ յարձակելով, կողոպտեցին եւ աւերեցին, եւ մինչեւ իսկ շինուածին երկաթները քակելով տարին: Նոյն աւարառուք Երուսաղէմի վանքին վրայ ալ յարձակեցան, Ս. Փրկիչ եկեղեցին քարուքանդ ըրին, ձիթաստանն ու պարտէզները կտրտեցին, մայր վանքին բակերը իբրեւ բանակետղ գործածեցին, եւ ամէն տեսակ վնասներ հասուցին ( ԱՍՏ. Բ. 132): Օսմանեան զօրավարներ ալ, իբրեւ պատերազմի ծախք` բռնի գումարներ կորզեցին, եւ բոլոր վանականք եւ քաղաքին Հայազգիք նուաղեցան ի զօրութենէ եւ անկան ի կարողութենէ, եւ Պետրոս պատրիարք յոգւոց հանելով կը հառաչէր, եւ մահուան կը փափաքէր, բիւրիցս երանի հանելով մեռելոց որք ի Տէր ննջեցին ( ԱՍՏ. Բ. 133): Այնչափ յուսաբեկ էր Պետրոսի կացութիւնը այդ տագնապներու մէջ, որ աթոռին մէջ ալ չկրնալով մնալ, Յոպպէ իջաւ Օսմանեան զօրավար Քէօր մականուանեալ միականի Եուսուֆ փաշայի մօտ, որպէսզի թեթեւութիւն ստանայ վանքէն պահանջուած պատերազմի ծախուց գումարին վրայ: Պետրոս Յոպպէ հասաւ 1800 մայիս 11-ին, այլ տագնապէն եւ նեղութիւններէն հոն հիւանդացաւ, եւ քիչ օր ետքը յունիս 18-ին վախճանեցաւ, եւ Յոպպէի հասարակաց գերեզմաննոցը թաղուեցաւ, ուսկից 1837-ին ոսկրները Յոպպէի եկեղեցիին գաւիթը փոխադրուած են ( ԱՍՏ. Բ. 134): Այս կերպով ուրիշ տագնապներուն վրայ աւելցաւ աթոռի պարապութիւնն ալ, որ միջոց մըն ալ երկարեցաւ, մինչեւ որ ընտրութիւն կատարուէր եւ յանձնառու մէկ մը գտնուէր: Պետրոս Եւդոկիացի պատրիարքին իբրեւ մեծ արժանիք պէտք է արձանագրենք, եթէ այդչափ տառապանքներու եւ արկածներու մէջ կրցաւ գոնէ աթոռի կացութիւնը անվտանգ պահպանել:

2182. ԿԱԹՈԼԻԿՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐ

Պատմական յիշատակները լրացնելու համար համառօտիւ քաղենք ԺԸ. դարու վերջին քառորդին մէջ` Հայ հռոմէական հաստատութեանց կացութիւնն ալ, որոնք թէեւ մտադրութեան արժանի պարագաներ չեն ներկայեր, այլ կարեւոր են ապագայ եղելութեանց կապակցութիւնը պահելու համար: Լիբանանի մէջ Կիլիկիոյ անունով կազմուած կաթողիկոսութիւնը հանդարտ օրեր անցուց Բարսեղ Պետրոս Դ. Ավգատեանի օրով, որուն 1780-ին ընտրուած ըլլալը յիշեցինք 2112), եւ ապրեցաւ մինչեւ 1788 փետրուար 5: Անտոնեան միաբանութեան անդամակից էր, եւ կաթողիկոսութեան եւ միաբանութեան հաշտ յարաբերութիւնները պահեց ( ԱՆՏ. ): Իրեն հետեւող եղաւ իր յաջորդը Գրիգոր Պետրոս Ե. Քիւբէլեանը, բնիկ Քիլիսցի, Ատանայի անունով եպիսկոպոս ձեռնադրուած Միքայէլէ, որ 1788 մայիս 11-ին ընտրուեցաւ` իրմով մէկտեղ երեք եպիսկոպոսներու ժողովէն, եւ պապական հաստատութիւն ստացաւ 1788 դեկտեմբեր 15-ին ( ԱՂՔ. Ա. 34): Սա եւս ժամանակ մը Անտոնեանց աշակերտութեան մէջ գտնուած կ՚ըսուի, եւ իր ընթացքն ալ Անտոնեանց հանդէպ հաշտ եղաւ իր բովանդակ պաշտօնավարութեան ժամանակ, որ երկարեցաւ մինչեւ 1812 յունիս 17 ( ԱՂՔ. Ա. 37): Բայց իր մեծ ջանքն եղաւ Զըմմառի աթոռին եւ անոր ժառանգաւորաց վարժարանին ընդարձակուելուն եւ զարգանալուն աշխատիլ, նորանոր շինութիւններով եւ ներքին բարեկարգութիւններով զարգացնել, այնպէս որ Զըմմառեան աշակերտութիւնը զայն իբր իրեն հիմնադիրը կը պատուէ ( ԱՂՔ. Ա. 36): Յիշած ենք թէ Լիբանանի աթոռը շատ կաշխատէր իր իրաւասութիւնը ընդարձակել բոլոր հռոմէադաւան Հայոց վրայ, բայց վերջին ատեններ այլեւս ետ կեցաւ այդ ճիգերէ, Հռոմի կողմէ գտած յամառ ընդդիմութեան առջեւ, որ կը նախընտրէր հետեւիլ Կ. Պոլիս նստող Լատին եպիսկոպոսներուն կամքին, որոնք օգտակար եւ շահաբեր կը գտնէին իրենց իրաւասութեան ներքեւ ունենալ Հայ կաթոլիկ տարրը: Միւս կողմէն Հայութեան կերպարանին պահպանութիւնն ալ` հրապուրիչ ըլլալով հռոմէականութեան տարածուելուն, վերջին ատեններ Հռոմ սկսած էր Կ. Պոլսոյ Լատին եպիսկոպոսին մօտ հայածէս եպիսկոպոս մը աւելցնել իբր փոխանորդ, կամ իտալերէն կոչմամբ` Վիքար (Vicario): Սոյն միջոցին այդ պաշտօնին վրայ կը գտնուէր Սահակ Սօֆեալեան, 1784-ին յաջորդած Անտոն Մսրլեան եպիսկոպոսին ( ՀԱՍ. 523): Այսպէս Թուրքիոյ Հայ կաթոլիկներ, երկու իրաւասութեանց վրայ բաշխուած կը գտնուէին, Կիլիկիա, Կապադովկիա, Ասորիք եւ Միջագետք Լիբանանի կաթողիկոսին կը հպատակէին, իսկ Փոքր-Ասիա եւ Մեծ-Հայք Կ. Պոլսոյ Լատին եպիսկոպոսին: Ըստ այսմ Փոքր-Հայք երկուքին վրայ բաժնուած կ՚ըլլար, եւ երկու իրաւասութեանց մէջ սահմաններու վէճեր կը գրգռէր: Պէտք չէ մտադրութենէ վրիպեցնել, թէ այդ իրաւասութիւններ եւ բաժանումներ, միայն իրենց մէջ եւ կամ Հռոմի առջեւ ոյժ ունէին, իսկ պետական տեսակէտէն գոյութեան իրաւունք իսկ չունէին, քանի որ հռոմէադաւան կաթողիկոսն ու եպիսկոպոսները ճանչցուած եւ հաստատուած չէին, եւ պետական օրէնքին առջեւ կաթոլիկներ` բացարձակապէս Հայ պատրիարքարանի հպատակ եւ Հայոց պատրիարքին ենթարկեալ անհատներ կը նկատուէին, ինչ որ առիթ կու տար այն խնդիրներու, որոնց վրայ ընդարձակօրէն խօսեցանք 2163):

2183. ԱՆՏՈՆԵԱՆՑ ԳՈՐԾԵՐ

Անտոնեանք սոյն միջոցին մէջ զանազան ձեռնարկներու կը հետեւէին, նպատակ ունենալով ընդարձակել իրենց անշշուկ գործունէութիւնը ինպաստ հռոմէականութեան: Պետրոս Եղիազարեան Մամպտոյ եպիսկոպոս եւ Անտոնեան միաբան, նախաձեռնութիւն առաւ Լիբանանի Անտոնեանց վանքին մէջ իր թեմականներուն համար յատուկ վարժարանական ճիւղ մը հաստատել: Ուրիշ Անտոնեան միաբան մը, Պետրոս Փիրիմեան, Կ. Պոլսոյ Լատին եպիսկոպոսին հետ բանակցութեամբ, նմանօրինակ ձեռնարկի մը ոյժ կու տար յօգուտ Կարնեցի տղայոց: Հռոմի վանքին մէջ ալ 2065), ձեռնարկուած էր Անտոնեան միաբաններէն ուսումնական անդամներ հասցնել, սակայն բոլոր այդ ճիգեր տեւական արդիւնքներ չունեցան: Եղիազարեանի փափաքը անձնական ձեռնարկ մնաց, եւ իր մահով վերջացաւ 1787-ին: Լատին եպիսկոպոսի հետ եղած կարգադրութիւնը, սկզբնաւորութիւն մնաց` առանց շարունակութեան: Հռոմի վանքին ուսումնական ձեռնարկն ալ ընդմիջեցաւ Գաղղիական արշաւանքներուն պատճառով, որոնք Իտալիան տակնուվրայ ըրին, եւ 1798-ին Հռոմն ալ ազատ հանրապետութեան վերածեցին, եւ եկեղեցական ինչքերու գրաւման եւ եկեղեցականներու զինուորագրութեան օրէնքները հաստատեցին: Թէպէտեւ Օսմանեան հպատակներ, եւ անոնց ստացութիւններ գրաւումէ ազատ մնացին սուլտան Սէլիմ Գ. կայսեր հովանաւորութեամբ, այլ դրամական տուրքերէ չկրցան ազատուիլ, որով ուրիշ ծախքերու չկրցան բաւական ըլլալ: Այդ ամէն անցքերուն մէջ Հռոմի վանքին եւ ստացութեանց եւ անձանց պաշտպանութեան մէջ մեծապէս արդիւնաւոր եղաւ Աթանաս վարդապետ Սարաֆեան, 1795-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած, որ 1782-էն մինչեւ 1815 Հռոմի վանահայրութիւնը վարեց, եւ ամէն տեսակ արկածներու դէմ տոկաց, եւ ճարտար կերպերով վտանգներու դէմ մաքառեցաւ ( ԱՆՏ. ): Մխիթարեանց երկու ճիւղերուն, թէ Վենետիկի 2109), եւ թէ Թրիէստի 2111) միաբաններուն գործունէութիւնը` հասուցած կը գտնուինք մինչեւ ԺԸ. դարուն վերջերը, որով այստեղ նոր աւելցնելիք կէտ մը չենք ունենար: Այսպէս մասնաւոր ճիւղաւորմանց մասին ամփոփ տեղեկութիւններ տալէ ետքը, դառնանք երկու մեծ կեդրոններու` Կ. Պոլսոյ եւ Էջմիածինի անցքերը պատմել:

2184. ԶԻՆՈՒՈՐ ԵՒ ՏՈՒՐՔ

Զաքարիայի պատրիարքութեան գործերէն վերջին անգամ յիշեցինք Սիմէոնեան տօնացոյցի մասին ըրածները 2040), եւ Արմաշի վանքին համար ունեցած հոգածութիւնը 2169): Բաւական աշխատութեան առիթ տուաւ նաեւ Աւստրիոյ եւ Ռուսիոյ դէմ միանգամայն` 1787-ին Օսմանեանց բացած պատերազմը, Շուետաց եւ Լեհաց եւ Անգղիացւոց օգնութեան վստահանալով, որոնք սակայն չիրականացան ( ԺՈՒ. 360): Երբոր Օսմանեանց վիճակը ծանրացաւ, եպարքոս Եուսուֆ փաշա մտածեց` քրիստոնեայ տարրէն օգտուիլ պատերազմական ոյժերու համար, բան մը, որ ի յաւիտենից ոչ էր եղեալ եւ ոչ տեսեալ ( ԴԻՒ. Ժ. 334): Յունաց եւ Հայոց պատրիարքարանէն պահանջեց, որ առաջինը 2000 եւ երկրորդը 1000 այր պատերազմական տան տարուէ տարի, Հայերը ցամաքի վրայ, եւ Յոյները նաւերու մէջ ծառայեցնելու համար: Պատրիարքներ եւ մեծամեծներ վրդովուեցան, աղաչանքի եւ պաղատանքի դիմեցին, բայց ուրիշ յաջողութիւն չունեցան, բայց եթէ թիւերը նուազեցնել, Յոյները` 1800-ի եւ Հայերը 500-ի, եւ նոյնչափ այր հզօր տուին տէրութեան չորս տարի շարունակ, պատերազմին տեւողութեան միջոցին: Իսկ չորս տարիներէ ետքը անձերու տեղ հատուցանէին զվարձս հինգհարիւրոց, դրամս հինգ հազար Հայք, նմանապէս եւ Յոյնք ըստ այնմ հաշուի ( ԴԻՒ. Ժ. 3345): Թէպէտ որոշակի նշանակուած չենք գտներ, բայց այդ պարագայէն սկսած կը կարծենք, քրիստոնէից վրայ ծանրացող պէտէլը ասքէրիէ կոչուած զինուորական տուրքին սկզբնաւորութիւնը: Եուսուֆ եպարքոսը այսչափով ալ չգոհացաւ, այլ ոչ-իսլամները ուրիշ ծանրութեան մըն ալ ենթարկեց, որ տարուէ տարի Յոյները 5000, Հայերը 4000 եւ Հրէաները 3000 օքքա կամ քաշ արծաթ մատակարարեն կառավարութեան ի տպարանս դրամոյ, փոխարէն փողերանոցէն գինը ստանալու պայմանով, դրամն տասն փարա հաշուով: Արծաթի հանքեր չունէին քրիստոնեաները, որ պահանջուած սակը վճարեն, եւ պէտք եղաւ որ տուներէն ու եկեղեցիներէն բոլոր արծաթեղէնները հաւաքեն, նաեւ բռնադատութեան միջոցով, այնպէս որ, ոչ կարեմք, կը գրէ յիշատակագիրը, իշխել կանթեղ մի արծաթի կախել յեկեղեցիս ( ԴԻՒ. Ժ. 336-337): Զաքարիա յատուկ գործակալաց ժողով մը կարգեց, Ոսկերիչ Գրիգորի գլխաւորութեամբ, թէ արծաթը հաւաքելու, եւ թէ անոնց տեսակն ու աստիճանը ճշդելու պաշտօնով: Ինքն պատրիարքն ալ ամենայն աւուր երթայր ի Վեզիր խան, եւ անդ նստեալ յորդորէր, եւ ստիպանօք բերել կու տար տուներէն, եւ եւս որքան արծաթ գտաւ յեկեղեցիս ( ԴԻՒ. Ժ. 336): Ո~վ գիտէ որչափ թանկագին յիշատակներ ոչնչացան այդ առթիւ, որ բարեբախտաբար չորս տարիէ աւելի չտեւեց, եւ դադարեցաւ հաշտութեան դաշինքներով, որ կնքուեցան Աւստրիոյ հետ, 1791 օգոստոս 4-ին, եւ 1792 յունուար 9-ին Ռուսիոյ հետ ( ԺՈՒ. 364): Այդ չորեքամեայ միջոցին կէսերուն, 1789 ապրիլ 7-ին, սուլտան Ապտիւլ Համիտ մեռաւ, եւ եղբօրորդին Սէլիմ Գ. գահ բարձրացաւ, բայց իրողութիւնները միեւնոյն կերպով շարունակեցին մինչեւ հաշտութեանց կնքուիլը ( ԺՈՒ. 361):

2185. ԶԱՔԱՐԻԱ ՇԻՆԱՐԱՐ

Մեծ տագնապը անցնելէն ետքը, հազիւ կրցաւ Զաքարիա ընթացք տալ իր ուրիշ մի ձգտումին, որ էր յատուկ շինութիւններով իր անունը փառաւորել: Իրեն անունն ու յիշատակը յաւէրժացնող գլխաւոր շինութիւնը Վոսփորի վրայ Քուրուչէշմէ գիւղի եկեղեցին է, ուր ինքը ամառնային բնակութիւն ալ ունէր: Եկեղեցին Ս. Նշան կոչուած էր, բայց յետոյ սովորաբար Ս. Խաչ անունով յիշուեցաւ, որուն շինութեան Զաքարիա իր իսկ քսակէն 18, 000 մարչիլ նուիրեց, եւ խաչափայտի նշանաւոր մասունքով մըն ալ օժտեց ( ԴԻՒ. Ժ. 341), եւ շինութիւնը փութացուց, եւ օծումը կատարեց 1798 փետրուար 28-ին (01 ՕՐԱ. 157), մեծպահոց Տնտեսի կիրակիին: Քումգաբուի Մայրեկեղեցւոյ շրջափակն ալ պարիսպով պատեց, եւ հրդեհներէ պահպանելու համար մնայուն ջրհան հաստատեց, ջրհանկիրներու խումբով մը, եւ պատրաստ ջուրի ընդարձակ աւազանով մը, իր քսակէն ալ 20, 000 դահեկան սահմանելով ծախքին համար: Մայրաքաղաքին մէջ հիւանդաց երկու յարկ հաստատեց կ՚ըսէ տապանագիրը ( ԴԻՒ. Թ. 347), կամ թէ երկու հիւանդանոցք շինուեցան եւ յարդարուեցան իր նախաձեռնութեամբ, ուր են այժմ Նառլըքաբուի Ս. Յովհաննէս եւ Բերայի Ս. Յարութիւն եկեղեցիները: Այդ բարեգործական հաստատութեանց համար Զաքարիայի ձեռնտուն էր Մկրտիչ Միրիճանեան, Շնորհք ամիրայ կոչուած, որ Բերայինին հիմնադիրն եղաւ, իսկ Նառլըքաբուինը նորոգեց, զի մինչեւ 1751 կը հասնին անոր գոյութեան յիշատակները ( ԱՐԼ. 6514): Զաքարիա բարեգործականներէն ետքը մտադրութիւն դարձուց դպրոցական հասատատութեանց, ինչպէս արդէն պատմեցինք 2121), եւ իր պատրիարքութեան առջի տարիներուն մէջ սկսած ջանքերը, որոնք պահ մը թուլցած էին իր պաշտօնանկութեամբ 2157), եւ վրայ եկող պատերազմական տագնապներով 2184), կրկին ձեռք առաւ իր վերջին տարիներուն մէջ, եւ անոնց աւելի տեւական ձեւ մը տուաւ, այնպէս որ իրաւամբ կրնանք Զաքարիայի վերագրել, վերջին դարերու ազգային կրթական կամ բարոյական զարգացման մէջ կարեւոր դեր ունեցած ըլլալու պարծանքը (01 ՕՐԱ. 158): Մայրաքաղաքէն դուրս ալ Զաքարիայի շինարար ջանքերուն արդիւնքներն եղան գլխաւոր քաղաքներու մէջ եկեղեցիներու եւ վանքերու եւ վարժարաններու նորոգութիւնները կամ վերաշինութիւնները, որոնց արտօնութիւնները ինքն կը ստանար կառավարութենէն, ծախուցը կ՚օգնէր քաջալերելով եւ մասնակցելով, եւ գործադրութիւնները գլուխ կը հանէր իր աշակերտներով: Այսպէս վերաշինուեցան Եւդոկիոյ երեք եկեղեցիները Յակոբոս եպիսկոպոսի հսկողութեամբ, Պրուսայի եկեղեցին ու առաջնորդարանը Պօղոս եպիսկոպոսի ջանքով, նոյնպէս Ակն քաղաքի եւ թեմերուն զանազան եկեղեցիները, Ադրիանուպոլսոյ եկեղեցին, Մարսուանի վանքը, եւ ուրիշներ: Զաքարիայի շինարար արդիւնքները պսակելու համար պակսեցաւ միայն Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ վերաշինութիւնը: Կոլոտի 1733-ին շինած տաճարը 1967), միայն 38 տարի կեանք ունեցաւ եւ հրոյ ճարակ եղաւ 1771 փետրուար 7-ին, Պասմաճեանի պատրիարքութեան օրով, եւ միայն միջի քարաշէնն մնաց, եւ դժբախտաբար այլ այնուհետեւ ոչ եղեւ հնարս շինելոյ ( ՊԱՍ. 22): Մեզի ալ անբացատրելի կը մնայ, թէ ինչու Զաքարիա իր մեծ հեղինակութեամբ չկրցաւ վերաշինել այդ կարեւոր եկեղեցին, մայրաքաղաքի Հայ եկեղեցիներուն անդրանիկը, որոյ տեսութիւնն արտասուալից հառաչանօք լինէր, յամարան արեւակէզ եւ ի ձմերան ցըտասառոյց եղելութիւնն` ի բացօթեայ յաւերական, որ կը ցուցնէ թէ քարուկիր մնացորդը կը շարունակէր ժողովրդական բարեպաշտութեան ծառայել: Յիշատակագիրը կը գրէ, թէ այս ամենայն լինէր յաղագս անմիաբանութեան եւ երկապառակութեան ժողովրդոց եւ մանաւանդ իշխանաց տեղւոյն. իսկ իբր երկպառակութեան պատճառ կը ցուցնէ, թէ զգանձս տաճարին յափշտակեալ իւրացուցանէին ( ՍՐԳ. ) զոր մենք անբաւական բացատրութիւն կը նկատենք, վասնզի վերաշինութիւնը հասոյթը կ՚աւելցնէր: Աւելի հաւանական կը կարծենք, թէ Ղալաթիոյ եւ Բերայի կողմերը ազդեցութիւն ունէին կաթոլիկութեան յարողները, եւ անոնք աշխատած են շինութիւնը յետաձգել տալ, յուսալով թերեւս իրենք առջեւ անցնիլ եւ իրենց սեփականել զայն դեսպանատանց միջամտութեամբ: Այդ դարձուածներու հանդէպ Զաքարիա ալ կրնար գործը չմղել, անակնկալ միջադէպերու առիթ տուած չ՚ըլլալուն համար, թէ ոչ իրեն համար շատ դիւրին պիտի ըլլար եկեղեցպան իշխաններու հանած դժուարութիւնները լուծել եւ հարթել:

2186. ԶԱՔԱՐԻԱՅԻ ԲՆՈՅԹԸ

Զաքարիայի գովանի արդիւնքները իրաւամբ կը բարձրացնեն իր կարողութիւնները եւ ձիրքերը, մինչ իր բնաւորութեան մասին պակաս չեն մեղադրողներ, վերագրելով խրոխտ ամբարտաւանութեան ոգի մը, խառն արտաքնայարդար ունայնասիրութեան հետ: Մենք ալ չենք արդարացներ կաթողիկոսական խնդիրին մէջ բռնած ուղղութիւնը, թէպէտ խառն էին իր աթոռին արժանապատուութեան պահանջներն ալ, բայց չենք ալ կրնար համաձայնիլ ինչ ինչ աւելորդ դիտողութիւններու: Գրուած է, թէ էր խիստ հանրակաց եւ դժնահայեաց եւ յոյժ պատուասէր, թէ չէր մօտենար հասարակաց եւ գռեհկաց եւ համայն ժողովրդականաց, թէ միայն ազնուաց եւ հարստաց էր տեսութիւնն, թէ ի քայլելն եւ ի ձի հեծեալ երթալն` գլուխն ի յետս թեքեալ ընթանայր, եւ կուրծքն դուրս ունելով, այնպէս որ իբրեւ արձանեայ շինեալ իր մի էր ( ՍՐԳ. ): Անոնց մէջ եթէ ձեւակերպութեանց սէր մըն ալ ենթադրենք, բարոյական մեղադրանքի կէտ մը չենք նշմարեր, քանի որ գիտենք թէ բուռն կերպով ժողովուրդը պաշտպանելու եւ կարօտելոց օգնելու հետամուտ էր: Իւր կերպարանն ալ կը մեղադրեն, թէ այլանդակ իմն ցոյց ունելով, յերեսն մազաշատ եւ բրդոտ եւ երկայնահասակ էր ( ՍՐԳ. ): Բայց ընդհակառակն կը պատմուի, թէ այնչափ վեհ եւ փառաւոր կերպարան մը ունէր, որ Էսմա սուլտանուհին, զոր անգամ մը առիթ ունեցանք յիշել 2156), անոր համբաւը լսելով, ուզած է անձամբ ստուգել, եւ Քուրուչէշմէէ դառնալուն օրն ու ժամը իմանալով, ի կողմն ծովու նստեալ սենեկի միում նաւակով անցնիլը դիտած, եւ հիացեալ ընդ ահեղակերպ տեսիլ նորա, գոված է ասելով, մաշալլահ, Ալլահա էմանէթ. եւ մինչեւ իսկ ետեւէն առաքեաց զընծայն իւր` առ նա ի Պատրիարքարանն ( ԴԻՒ. Ժ. 285): Հետեւաբար այլանդակ իմն եղած ըսելու տեղի չմնար: Իսկ խրոխտ վարմունքին մասին ալ հակառակ վկայութիւն կու տայ Պասմաճեանը, թէ Զաքարիա, իւրով պատրիարքական եւ եպիսկոպոսական կարգովն, յառնէր ի վերայ ոտից եւ առնէր սպասարկութիւնս եւ զմատռուակութիւնս ( ՊԱՍ. 33), որ բնաւ խրոխտ ամբարտաւանութեան փաստ մը չէ, եւ չ՚արդարացնէր ուրիշներուն ըսածը, թէ յինքենէ ոչ շարժէր, այլ յայլոց ձեռօքն շարժեալ լիներ ( ՍՐԳ. ): Աւելի արդարացի չ՚երեւիր միւս մեղադրանքն ալ, թէ տարագիր արար զբազում գիտուն անձինս, եւ աստ ի Պոլիս ոչ թողոյր զբանագէտ վարդապետս ( ՍՐԳ. ), զի եղելութիւն մըն է` գիտուն եւ բանագէտ վարդապետներ հասցնելու համար անձնապէս աշխատած, եւ իրապէս հասուցած ըլլալը 2121): Եթէ խնդիրը ծայրագոյն նուիրակին Սահակայ` բազմիմաստ առն հեռացուելուն համար է ( ՍՐԳ. ), այս այն Սահակ Փառակեցին է, որ Էջմիածինի ընտրողական ժողովէն դուրս հանուած էր իր ըմբոստ վարմունքին համար 2149), եւ Զաքարիայի հետ ալ ունեցած վիճաբանութեան միջոցին համարձակած էր պատրիարքը ապտակել (01. ՕՐԱ. 156): Հեռացուելուն հրամանն ալ Ղուկաս կաթողիկոսէ բղխած է, որ եղածը լսելով փութացած է Սահակը Զմիւռնիա փոխադրել, եւ տեղը Մինաս եպիսկոպոսը Կ. Պոլսոյ նուիրակութեան ղրկել: Իսկ միւս հեռացուածին` Թրակացի Յարութիւն աստուածիմաստ առնն եւ Երուսաղէմի նուիրակին համար ( ՍՐԳ. ), որոշ տեղեկութիւն չունինք, այլ հաւանական է անտեղի գործ մըն ալ անոր կողմէ կատարուած ըլլալը: Զաքարիայի ըրածը` առառաւելն պատրիարքութեան թեկնածու եւ կուսակցութիւններ կազմող եպիսկոպոսներու ասպարէզ տուած չ՚ըլլալն է:

2187. ԶԱՔԱՐԻԱՅԻ ՄԱՀԸ

Կ՚երեւի շատ հին եղած է Կ. Պոլիս գտնուող եպիսկոպոսներու մէջ` երկարատեւ պատրիարքութիւն ընողներու դէմ զգացուած հակակրութիւնը: Զաքարիա ալ նոյն կացութեան մէջ գտնուած է, զի քսանեւհինգ ամ, երեք ամիս եւ տասնեւմէկ օր պատրիարքութիւն ըրած կ՚ըսուի ( ՍՐԳ. ), իր նախորդներուն բոլորէն աւելի, եւ գրեթէ Կոլոտի հաւասար: Սակայն տրուած չափը առաջին պատրիարքութենէն, 1773 նոյեմբեր 29-էն սկսելով հաշուուած է 2119), եւ միջանկեալ պաշտօնանկութեան տասն ամիսները զեղչուած չեն 2160), թէ ոչ բուն պաշտօնավարութիւնը, 24 տարի եւ հինգուկէս ամիս եղած կ՚ըլլայ: Զաքարիայի ազդեցիկ եւ ձեռներէց ձիրքերուն պիտի վերագրենք անշուշտ, եթէ կրցաւ այնչափ ատեն աթոռի վրայ մնալ խառնակ եւ շփոթ պարագաներու մէջ: Տարիքն ալ արդէն լրացած էր, զի շուրջ 1720-ին ծնած ըլլալով 2118), գրեթէ ութսունամեայ մը եղած էր, երբ դժնդակ հիւանդութիւն մըն ալ ունեցաւ, որ ի ներհուն բժշկաց էլաւուս ասի ( ԴԻՒ. Ժ. 342), եւ ուրիշներէ լուծմամբ որովայնին կը բացատրուի ( ՍՐԳ. ): Հիւանդութիւնը սկսաւ 1799 փետրուարի մէջ, այնպիսի սաստիկ կերպով, մինչ զի յաւուրս տասն-ինն ոչ եկեր ինչ եւ ոչ էարբ, եւ բազմատարազ դեղօրէիւք ալ քաջահմուտ բժիշկներէն օգուտ մը չտեսնելով, հոգին աւանդեց 1799 մարտ 11-ին, մեծպահոց երկրորդ ուրբաթ օրը, առաւօտեան ժամ 3-ին, եւ յաջորդ շաբաթ օրը մեծահանդէս թաղում կատարուեցաւ Մայրեկեղեցւոյ մէջ: Նախագահ հանդիսադիրն եղաւ Դանիէլ Սումրառեցի եպիսկոպոս, Էջմիածինի նուիրակ, հանգուցելոյն աշակերտներէն Յովհաննէս եւ Պետրոս եպիսկոպոսներու ընկերակցութեամբ, եւ բազմաթիւ վարդապետներու մասնակցութեամբ ( ԴԻՒ. Ժ. 343): Մարմինը Մայրեկեղեցիէն կ՚իջեցնեն, եւ նաւով Քուրուչէշմէ կը հանեն, եւ նաւամատոյցէն նորէն թափօր կազմելով կը տանին իւրաշէն եկեղեցին, զոր տարի մը առաջ օծած էր 2185), եւ նորէն կարգ կատարելով, եկեղեցւոյ հարաւակողմը կը թաղեն, ուր տակաւին կը մնայ գերեզմանը փառաւոր տապանագիրով ( ԴԻՒ. Ժ. 347): Զաքարիայի վախճանը Մեծպահքի մէջ տեղի ունեցած ըլլալով, երբ խորանները փակ են, բացառիկ կարգադրութեամբ բոլոր մայրաքաղաքի եկեղեցիները երեք օր բաց պատարագ մատուցին, այսինքն կիրակի, երկուշաբթի եւ երեքշաբթի օրերը, իսկ Մայրեկեղեցին բաց պատարագը շարունակեց 40 օր ( ԴԻՒ. Ժ. 343), որ է ըսել ամբողջ Մեծպահքը մինչեւ Նոր կիրակի: Այդպիսի պատուաւոր յիշատակութիւն մը անօրինակ կը կարծենք եկեղեցական տարեգրութեանց մէջ, եւ զայն իբր փաստ կը նկատենք Զաքարիայի վայելած յարգանքին եւ գնահատման: Արդէն Ազգասէր կոչումը իբր մակդիր անուն սեփականուած էր Զաքարիայի, եւ այդ մասին յիշատակագիրին ըսելը, թէ կոչեցաք ազգասէր վասն այն, չէ թէ ինքն զազգն սիրէր, այլ ազգն զինքն սիրէր ( ՍՐԳ. ), մեր կարծիքով գրողին միտքին հակառակը կը հաստատէ, եւ Զաքարիայի զազգն սիրելը կը հաւաստէ: Վասնզի անհնար է որ ազգը կամ ժողովուրդը մէկը սիրէ, եթէ նա առաջուընէ զինքն սիրած, իրեն համար աշխատած, եւ իրեն երախտաւոր եղած չ՚ըլլայ: Անոնք որ Զաքարիայի յիշատակին աննպաստ ակնարկներ ունին, անձնապէս անկէ օգուտ չստացած անձեր եղած պիտի ըլլան, եւ այս կարգին մէջ կը դասենք Սարաֆ-Յովհաննէսեան Սարգիս դպիրն ալ` որ սիրած է արձագանգ ըլլալ Զաքարիայի հակակիրներուն:

2188. ԶԱՔԱՐԻԱՅԻ ԿՏԱԿԸ

Զաքարիայի անունին արատ չենք սեպեր իր թողած մեծահարուստ կարողութիւնն ալ, զի այն ժամանակներ նաեւ առանց զօշաքաղութեան, հնար էր եկեղեցականաց, մանաւանդ բարձրաստիճան եկեղեցականաց, դրամի տէր դառնալ, ինչպէս որ պատմութեան կարգին ալ տեսնուեցան անոնց բազմաթիւ օրինակները: Ընդհակառակն Զաքարիայի գովեստի գլուխ մը պէտք է նկատուի, որ իր կարողութիւնը բոլոր բարեգործական նպատակներու սահմանեց, եւ անտեղի կիրառութեանց դուռ չբացաւ: Իրեն ժառանգութենէն 30, 000 մարչիլ կամ դահեկան տէրութիւնն էառ, 20, 000 ալ իրեն յաջորդող պատրիարքն էառ, եւ մնացած 92, 000 դահեկանը զանազան նպաստներու յատկացուցած էր, կտակակատար նշանակելով Սիմէոն Տէր-Մովսէսեան, Չօպան Հովուեան, Յովհաննէս Տագէսեան, Յովհաննէս Լիմոնճեան եւ Յակոբ Կիւլլապեան ամիրաները: Այս գումարին մէջ համրուեցան Քուրուչէշմէի եկեղեցւոյն 18, 000 եւ Մայրեկեղեցւոյ 20, 000 նպաստները, որոնք իրմէ ետքը վերջնապէս կարգադրուեցան, իսկ մնացեալ գումարը պիտի բաշխուէր հետեւեալ կերպով: Տուրքի եւ պարտքի համար բանտարկուածներուն ազատման 5000, անտէր մեռեալներու թաղումի ծախքերուն 5000, տնանկ աղքատներու 1500, մօրը հոգւոյն տարեկան երկու հոգեհանգիստ ընելու համար Էջմիածինի միաբանութեան 5000, այրի երէցկիններուն աղջիկները ամուսնացնելու 2500, դպրատուներուն 1500, Հիւանդանոցին 3500, իսկ մնացեալ 10, 000-ին տեղերը չեն նշանակուած: Այս գումարէն զատ Մայրեկեղեցւոյ կտակած է ամբողջ ծանրագին զգեստ մը 35, 000 դահեկանի արժողութեամբ:

2189. ԴԱՆԻԷԼ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

Թաղումին երրորդ օրը երեքշաբթի մարտ 15-ին յաջորդի ընտրութեան համար, եպիսկոպոսներու եւ քահանաներու, իշխաններու եւ էսնաֆներու ժողովը Մայրեկեղեցին գումարուեցաւ: Ընտրելի առաջարկուեցան, Դանիէլ եպիսկոպոս` Էջմիածինի նուիրակը, եւ Յովհաննէս ու Պետրոս եպիսկոպոսներ Զաքարիայի աշակերտներէն: Ընտրութիւնը կայացաւ Դանիէլի վրայ, հանրագիրը պատրաստուեցաւ ( ԴԻՒ. Ժ. 346) եւ պետական հաստատութեամբ Դանիէլ պատրիարք աթոռ բարձրացաւ մարտ 17-ին ( ՇԱՀ. Ա. 233): Դանիէլ Սումառեցի էր բնիկ, համանուն գաւառին մէջ Սուրմառի կամ Սումալու կամ Սիւմէլի աւանէն, որ սահմանակից է Պայազիտի, եւ թերեւս ասկէ կամ Պայազիտ վերաբնակեալ ըլլալէն Պայազիտցի ալ կոչուած է ( ԶԱՄ. Բ. 141): Իր նախընթացը պատմուած չենք գտներ, եւ բնական կերպով կ՚ենթադրենք Մայրաթոռի աշակերտած, եւ այնտեղ մինչեւ եպիսկոպոսութիւն բարձրացած ըլլալը Ղուկասի օրով: Ինքն առաջին անգամ գործի վրայ կը տեսնուի, երբ 1796-ին Ղուկասէ կը ղրկուի Զմիւռնիոյ առաջնորդութեան եւ նուիրակութեան, սակայն այնտեղ հակառակութեանց կը հանդիպի, այնպէս որ կաթողիկոսը կը պարտաւորուի չպնդել, երբոր Զաքարիայի ալ ջանքերը անօգուտ կը դառնան: Մարտիրոս Կեսարացի եպիսկոպոս Զմիւռնիա կ՚երթայ, եւ Դանիէլ Կ. Պոլիս կը դառնայ 1797 փետրուար 1-ին: Զաքարիա պատրիարք նախատեաց զնա բազմադիմի բանիւք ( ՊԷՐ. 6), ժողովուրդը շահիլ չկրնալուն համար, եւ Դանիէլ փութաց մեկնիլ Ռումէլի, իր նոր նուիրակական վիճակը, առանց գարունի բացուելուն սպասելու: Այնտեղի պաշտօնավարութիւնը յաջող եղաւ, եւ 1799-ին սկիզբները Կ. Պոլիս եկաւ (01. ՕՐԱ. 165), Մայրաթոռ դառնալու դիտաւորութեամբ: Զաքարիա տկարացած էր արդէն, եւ Դանիէլ` այր խոհեմազարդ եւ գովելի վարուք, միանգամայն եւ շքեղ կերպարանօք ( ՊԷՐ. 5), Կ. Պոլսեցւոց համակրութիւնը գրաւեց, որոնք կամաւ անոր մեկնիլը ուշացուցին, մինչեւ որ քիչ ետքը Զաքարիա վախճանեցաւ, եւ քանի մը օրէն Դանիէլ յաճորդելու կոչուեցաւ: Դանիէլ Էջմիածինի ջերմեռանդ եւ Զաքարիայի հակաղուկասեան եւ հակասիմէոնեան զգացումներէն ազատ, իր առաջին գործն ըրաւ տօնացոյցի տարբերութեամբ կաթողիկոսութեան եւ պատրիարքութեան մէջ հաստատուած խտիրը վերցնել 2169) եւ ամէն կողմ հրամաններ ղրկեց, որ հին տօնացոյցի կիրառութիւնը դադրեցնեն, եւ Սիմէոնեան տօնացոյցին միայն հետեւին, որ ընդհանրացած էր արեւելեան գաւառներու կողմը, եւ շփոթ գործածութեանց պատճառ էր արեւմտեան կամ Տաճկահպատակ վիճակներու մէջ: Այսպէս միանգամ ընդմիշտ փակուեցաւ տօնացոյցի խնդիրը, եւ այլեւս այդ մասին զրոյց կամ դիտողութիւն տեղի չունեցաւ:

2190. ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Բարեպատեհ յաջողութիւն մը փառաւորեց Դանիէլի պատրիարքութեան սկզբնաւորութիւնը: Յիշեցինք արդէն թէ ինչպէս տարիներէ իվեր աւերակ կը մնար Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ հրկիզեալ եկեղեցին, եւ նոյն ինքն Զաքարիա` ձեռներէց եւ ազդեցիկ պատրիարքը չէր յաջողած անոր վերաշինութեան արտօնութիւնն ստանալ եւ գործին ձեռնարկել 2185): Դանիէլ ալ կ՚երեւի թէ դիմում ըրած էր իր պատրիարքութեան սկիզբը, բայց տակաւին սպասած արտօնութիւնը կը յապաղէր, եւ յատուկ արգելք մը եւ ձեռքի տակէն խարդաւանանք մը զայն կը խափանէր, ինչ որ ժողովուրդին մէջ մեծ գրգռութեան առիթ կ՚ըլլար: Բայց վերջապէս ի յոգիս ապաստան եղեալ` յարեան ի վերայ խումբք ռամկաց սրիկայից եւ ոլոքամերկից ( ՍՐԳ. եւ ԿՈԼ. 114), եւ հրապարակային ցոյցի դիմեցին: Անոնց հետ միացան արք եւ կանայք, եւ դիմեցին Քումքաբուի պատրիարքարանը, անմիջական շինութիւնը պահանջելով, եւ սպառնալով` ապաթէոչ վախճան իրին դառնութեամբ վճարի: Պատրիարքը հազիւ կրցաւ ամբոխը հանդարտեցնել, յանձն առնելով իրենց հետ Ղալաթիա գալ եւ ընդ բարեխորհ արանց զելս իրացն խորհիլ: Իրօք ալ նոյնժամայն անցաւ Ղալաթիա, եւ օրն էր շաբաթ, 1799 սեպտեմբեր 17: Բայց պատրիարքին հետ Ղալաթիա հասաւ հրամանն արքայի, աւետաւոր յաղագս շինման տաճարին: Անշուշտ պատրիարքական դիմումներուն յապաղեալ պատասխանն էր, որ հապճեպ կերպով կը տրուէր` երբոր ժողովրդական յուզման եւ սպառնական շփոթի լուրը կ՚առնուէր: Յիշենք թէ Նաբօլէոնի Եգիպտական արշաւանքին օրերն էին 2180), եւ Օսմանեան բանակին Գաղղիական գունդերէն Ապուքիրի մէջ կրած պարտութեան գոյժն ալ նոյն օրերուն Կ. Պոլիս կը հասնէր ( ԺՈՒ. 366): Հրամանին հասնելուն յաջորդ օրը, սեպտեմբեր 18 Վարագայ խաչի բարեկենդանի կիրակին, Ղալաթիա կու գային պետական իշխան ճարտարաց Արիֆ Աղա, եւ Հայազգի ճարտարապետ Մինաս Գալֆա, տեղւոյն վրայ շինութեան չափերը կը հաստատէին, եւ երկուշաբթի սեպտեմբեր 19-ին, նախ ինքն Դանիէլ պատրիարք առեալ ի ձեռս օրհնութեամբ զբրիչ գործի, հիմերուն պեղումը կը սկսէր, եւ ժողովուրդը ետեւէն գործին վրայ կը թափուէր, եւ յետ ութն շաբաթուց, այսինքն 56 օրէն, նոյն 1799 տարւոյ նոյեմբեր 13-ին, Յիսնակաց բարեկենդանի նախընթաց կիրակին, Պատրիարքը եկեղեցւոյն օծման տօնախմբութիւնը կը կատարէր ( ՍՐԳ. եւ ԿՈԼ. 115), Զաքարիայի աշակերտներէն Յովհաննէս եւ Պետրոս եւ Յակոբոս եպիսկոպոսներու ընկերակցութեամբ ( ՊԷՐ. 8): Այս շինուածն է, որ դեռ այսօր կանգուն կը մնայ: Շինուածը կը նկարագրուի, շքեղ եւ փառաւոր, հոյակապ եւ զարմանալի, կամարաձեւ յօրինեալ, կրամած սպիտակ եւ պայծառ, ըստ ամենայնի գեղեցիկ ( ՍՐԳ. եւ ԿՈԼ. 115): Որչափ ալ շինուածին նիւթերը պատրաստ եղած, եւ ժողովուրդը խմբովին ցերեկ ու գիշեր շինութեան աշխատած ենթադրենք, տակաւին մեզի անհնարին կ՚երեւի 56 օրուան մէջ Ղալաթիոյ երեքխորանեան եռամասնեայ եկեղեցւոյն շինութեան վերջանալը. եւ պէտք է ենթադրել, թէ շինութեան վերիվերոյ աւարտումը բաւական սեպուած է օծման համար, եւ հետզհետէ շարունակուած են ներքին յարդարումները եւ զարդերը:

2191. ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐԸ

Այստեղ կ՚ընդհատենք Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան գործերը, վասնզի եկեղեցւոյն օծումէն հազիւ ամիսուկէս ետքը տեղի կ՚ունենար Ղուկաս կաթողիկոսի վախճանը, եւ մենք տակաւին չենք խօսած անոր գործունէութեան եւ արդիւնաւորութեան վրայ: Վերջին անգամ պատմեցինք Ղուկասի կաթողիկոսութեան Տաճկահայոց կողմէն ընդունուիլը, եւ անոր պաշտօնական եւ արտաքին ձեւակերպութիւններով գործը ստանձնելը 2158): Իսկ անկէ ետքը Էջմիածինէ դուրս տեղի ունեցած անցուդարձերով զբաղեցանք, որովհետեւ գրեթէ ընդհատուած էին մասնաւոր աթոռներուն Մայր աթոռոյ հետ յարաբերութիւնները, եւ մենք ալ կապակցութիւններ չունէինք պատմութիւնը զուգընթաց քալցնելու: Ուստի պարտաւորեալ ետ պիտի դառնանք, եւ յատուկ կերպով Մայրաթոռոյ անցքերով պիտի զբաղինք: Այդ ընդհատման կամ կղզիացման պատճառ եղած է երկրին, այսինքն է Պարսկական Հայաստանին մէջ տիրապետող քաղաքական խռովութիւնը, զոր աւելի յարմար է բոլորովին անիշխանութիւն եւ տիրող պետութեան մը գործնականապէս անգոյութիւն անուանել, զի Պարսկաստան դադրած էր կանոնաւոր տէրութիւն մը ըլլալէ: Ամէն գաւառ ու նահանգ իրեն յատուկ աւատապետ խանը ունէր, որ բացարձակ տէրն էր, եւ սեփական յարաբերութիւններ կը պահէր եւ աղիկամի բռնութիւններ կը գործէր: Անոնք իրարու հետ ալ կը պատերազմէին եւ իրարու ձեռքէ գաւառներ կը գրաւէին, եւ տիրապետութիւննին յաղթութեամբ կ՚ընդարձակէին, կամ պարտութեամբ կ՚ամփոփէին: Ասոնցմէ մէկն ալ Երեւանի խանութիւնն էր, որուն ձեռքին ներքեւ կը հեծէր Էջմիածինի Մայրաթոռը: Հիւսէյին-Ալի, Երեւանի նշանաւոր խանը մեռած էր Սիմէոնի վերջին օրերը տեղի ունեցած տագնապներու վրայ 2138), եւ իրեն յաջորդած էր որդին Ղուլամ-Ալի խան, բայց 1785 գարունին Երեւանի մեծամեծները զայն սպաննեցին, եւ յաջորդ հռչակեցին անոր եղբայրը Մահմատ խանը` 12 տարեկան տղան, իրեն կին տալով զխելացի այրի կինն խանին Որմւոյ, եւ զայն խնամակալուհի ճանչնալով, միատեղ բերած ներքինիի մը հետ, այր բանաւոր եւ գործունեայ ( ԴԻՒ. Ա. 9): Շամտին աղա, Քուրդ ցեղապետը եւ Ղուլամի ու Մահմատի քեռին, ուզեց ինքն ձեռք անցընել խնամակալութիւնը, բայց Ղուկաս կաթողիկոս եմուտ ի մէջ նոցին, եւ համոզեալ հանդարտեցոյց, եւ պատրաստուած պատերազմը խափանեց: Հիւսէյինի ժամանակ զօրաւոր` իսկ յետոյ զրկուած պաշտօնեաներէն` Այվազ եւ Մուզանլը Քասըմ պէկեր ալ զինու զօրութեամբ դիմադրութիւն կազմեցին եւ երկիրը շփոթութեան մատնեցին, գիւղեր աւերեցին եւ Մայրաթոռոյ կալուածներուն ալ վնասեցին: Թէպէտ Հերակլ թագաւոր պատգամաւորով եւ Ղուկաս կաթողիկոս անձամբ միջամտեցին, բայց արդիւնք չունեցան, մինչեւ որ Որմիէ եկող ներքինին չսպաննուեցաւ, եւ Այվազ ու Քասըմ մտին անդրէն ի գործ իւրեանց ( ԴԻՒ. Ա. 10): Եթէ ներքինը հանդարտեցաւ, արտաքինը շփոթութիւններէ ազատ չմնաց. վասնզի Հերակլ Վրաց թագաւորը եւ Ումման խան Լէզգիներա կամ Խաղտեաց գաւառին պետը, եւ Մովպետն Տայոց Հագարացի, որ է Օսմանեան սահմանակից կուսակալը, իրարու հետ շարունակ պատերազմի մէջ էին 1785 եւ 1786 տարիներու մէջ, եւ Հայաստան էր որ ոտնակոխ կ՚ըլլար անոնց արշաւանքներուն պատճառով, Մայրաթոռն ալ ծանր վնասներ էր կրէր, որչափ ալ Ղուկաս` Վրաց թագաւորին ազդարարութեանց վրայ, ջանար հոգ ունել պատրաստութեանց` ամրացուցանելոյ զինքեանս եւ զբնակիչս երկրին ( ԴԻՒ. Ա. 11):

2192. ԱՐՑԱԽԵՑԻՔ ԵՒ ՅՈՎՍԷՓ

Ժամանակին ամենէն աւելի խօսուած անձերէն, կամ լաւ եւս բռնակալ խաներէն մէկն ալ Իբրահիմ խանն էր, որ կ՚իշխէր Շուշիի նահանգը, հիներուն Արցախը, Ղարաբաղ կամ Խամսա անուններով ալ յիշուած զանազան գրութեանց մէջ: Երբոր ուրիշ կողմեր փոխադարձ կռիւներ տեղի կ՚ունենային, Իբրահիմ անտանելի բռնութեամբ կը նեղէր իր հպատակ քրիստոնեաները, Հայերն ու Աղուանները, որոնց տարբերութիւնն ալ կորած էր գրեթէ, եւ Աղուանից կաթողիկոսութիւնն ալ, Ամենայն Հայոց հայրապետութեան թեմ մը կամ վիճակ մը կը նկատուէր: Գանձասարի աթոռին վրայ կը գտնուէր տակաւին Յովհաննէս Հասան-Ջալալեան 2092), եւ հակաթոռ Իսրայէլ Գանձակ քաշուած, Վրաց թագաւորութեան պաշտպանութեամբ կը յուսար նորէն աթոռ գրաւել: Իբրահիմի բռնութիւնները այն աստիճան ծանրացան, որ քրիստոնեաներ ստիպուեցան աչուընին դուրս դարձնել, մանաւանդ որ իրենց քաջալերութեան կը հասնէր Յովսէփ Արղութեան, Ռուսաստանի առաջնորդը, որ սերտ յարաբերութիւններ կրցած էր կազմել Ռուսիոյ Կատարինէ կայսրուհւոյն արքունիքին հետ ( ՄՈՎ. 317): Առաջին անգամ Յովսէփ անունը կը յիշենք հանրային եղելութեանց մէջ, եւ տեղն է որ անոր նախընթացն ալ ցուցնենք: Յովսէփ ծնած էր Սանահին 1743 մայիս 23-ին Շիրշ բէկի եւ Քեթեվան տիկնոջ որդի: Հայրը Սանահնի կալուածատեր եւ Վրաց արքունիքին պաշտօնեայ, տեսակ մը տոհմային ազնուականութեան հովեր ունէր, զոր յետոյ որդին Յովսէփ պաշտօնապէս իշխանութեան աստիճանին բարձրացուց, սերունդնին Զաքարէ եւ Իւանէ սպասալարներուն, անկէ ալ Արշակունիներուն, անկէ Պարսից Արտաշէս Երկնաբազուկ տագաւորին բարձրացնելով, Քրիստոսէ հինգ դար առաջ ( ԱՐՂ. 15): Յովսէփ պատանին Էջմիածինի դպրանոցը մտաւ, Սիմէոն Երեւանեցիին աշակերտեցաւ, եկեղեցական աստիճաններ ստացաւ: 1769-ին 26 տարեկան եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ, Տաճկահայոց մէջ Էջմիածինի իշխանութեանց համար ժողովրդավարութիւն կատարեց, եւ 1773-ին միշտ Սիմէոն կաթողիկոսէ` Ռուսաստանի առաջնորդ նշանակուեցաւ: Յովսէփ առաջնորդ` Մինաս Տիգրանեանի յաջորդութեան հետ անոր գաղափարներն ալ ժառանգեց, Հայկական վերակենդանութեան գաղափարը սկսաւ մշակել, իրեն ծրագիրը հիմնելով Ռուսական կայսրութեան վրայ, որ ամէն միջոցներով կը ջանար դէպ հարաւ ընդարձակել իր տիրապետութիւնը: Այդ նպատակով Պարսկական եւ Օսմանեան իշխանութեանց ներքեւ գտնուող քրիստոնեաներուն աչքին ազատութեան յոյսերը կը ցոլացնէր ամենադրական խոստումներով, եթէ զէնք բարձրացնեն իրենց տիրապետներուն դէմ ( ԱՐՂ. 37): Ռուսեւթուրք պատերազմ մը սկսած էր 1768-ին, եւ 1769-ին սկիզբը Կատարինէ կայսրուհին նոյն միտքով կոչեր կ՚ուղղէր` Յունաստան, Սիպերիա, Չրնակորա, Վրաստան եւ Հայաստան: Այդ նպատակով էր 1768 յուլիս 30-ին կայսրուհւոյն կողմէն Սիմէոնի յղուած հրովարտակն ալ 2094): Ահա թէ ինչ պարագաներու ներքեւ կատարուած էր Յովսէփի առաջնորդական անուանումն ալ, իբրեւ առիթներէն օգտուելու եւ առիթները օգտակար ընելու կարող անձնաւորութիւն մը:

2193. ՌՈՒՍԱՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹՆԵՐ

Ժամանակին նշանաւոր անձնաւորութիւն մըն էր նաեւ Ջուղայեցի Աղազարը, 1747-ին Աստրախան եւ 1749 Մոսկուա եկած, եւ Ռուսաստանի մէջ ընտիր դիպակի եւ կերպասի գործարաններու սկզբնաւորողն եղած, որով մինչեւ կայսերական արքունինքին պաշտպանութիւնն ու համակրանքը գրաւեց, եւ ազնուականութեան պատւոյն բարձրացաւ: Սա ինքն է հռչակաւոր Լազարեան գերդաստանին նահապետը, որ անունով ճանչցուեցան Աղազարի զաւակները, ուղիղ անուամբ Եղիազար, եւ Ռուսական հնչմամբ Լազար կոչուած: Աղազարի զաւակներն էին, Յովհաննէս, Մինաս Խաչատուր եւ Յովակիմ, որ հօրենական ձեռնարկները ծաղկեցուցին, եւ զգացումները ընդարձակեցին, եւ ռուսաբնակ Հայութեան գլուխները ճանչցուեցան, իրենց կարողութեամբ եւ հարստութեամբ, նախաձեռնութեամբ եւ բարերարութեամբ: Լազարեան զաւակներուն յաջողութիւնները քաջալերեցին Հայերուն դէպի Ռուսաստան գաղթականութիւնը, եւ Կովկաս լեռներու հիւսիսակողմը հետզհետէ շէնցաւ հայաբնակ քաղաքներով, մանաւանդ երբ Սիմէոն յաջողեցաւ այն կողմերը Աղուանից աթոռին ոտնձգութիւններէն ազատել, եւ ուղղակի Մայրաթոռոյ իրաւասութեան ներքեւ մտցնել կայսերական հաստատութեամբ 2094): Ռուսական կառավարութիւնն ալ ամէն կերպով կը քաջալերէր այդ գաղթականութիւնները, մանաւանդ թէ զայն իբրեւ զէնք գործածեց Խրիմի խանութեան տիրելու, եւ իր տիրապետութիւնը Սեւ Ծովի վրայ տարածելու համար: Առաջ 1774 յուլիս 21-ին Քիւչիւք-Քայնարճըքի դաշնագրով Խրիմի խանութեան անկախութիւն տրուեցաւ, եւ Օսմանեան գերիշխանութենէն հանուեցաւ ( ԺՈՒ. 358), Շահին Կէրայ` Ռուսիոյ համակիրը Օսմանեան համակիր եղող Տէվլէթ Կէրայի տեղ խան կամ իշխանապետ եղաւ ( ԺՈՒ. 359), հնարիմացն կոմս Գրիգոր Պօտեմկին (Potemkin) հարաւային Ռուսիոյ կուսակալ անուանուեցաւ, եւ ամէն միջոց գործածեց Խրիմի քրիստոնեաները գաղթել տալու` որ խանութիւնը տկարացնէ: Գաղթականութիւնը սկսաւ 1778 օգոստոսին (63. ԿՌՆ. 321), եւ 12, 000-է աւելի Հայեր փոխադրուեցան Տօնի գետաբերանը ( ԱՐՂ. 54), ուր տարիէ աւելի վրանաբնակ անցընելէ ետքը, 1779 նոյեմբեր 4-ի հրովարտակով Նոր-Նախիջեւանի տեղը ստացան, եւ 1780 յունուար 14-ին սկսան զշինուածս շինել (63. ԿՌՆ. 323) նորոգ քաղաքիս եւ հնգեսին սորին գիւղօրէիցն մէջ (63. ԿՌՆ. 324): Նոյն միջոցին Խրիմի մէջ ներքին խռովութիւններ գրգռուեցան, Ռուսական բանակը Խրիմ մտաւ, Շահին Կէրայ հրաժարիլ ստիպուեցաւ, եւ 1783-ի ապրիլին Խրիմի թերակղզին եւ Քուպանի նահանգը Ռուսական գաւառ հռչակուեցան ( ԺՈՒ. 359):

2194. ՅՈՎՍԷՓԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐԸ

Այդ եղելութեանց մէջ գլխաւոր դերակատար կը գտնուէր Արղութեան` Ռուսաստանի երիտասարդ առաջնորդը, որ գիտցած էր Հայ գաղթականութեան գլխաւորները շուրջը բոլորել, կոմս Պօտեմկինին անձնական բարեկամութիւնը շահիլ ( ԱՐՂ. 44), անոր միջնորդութեամբ արքունեաց հետ յարաբերութիւն ունենալ, եւ Ռուսական քաղաքականութեան ճարտար օգնականը ըլլալ: Հարաւային գաւառներու մէջ հայաբնակութեանց փոփոխութիւններ` Սիմէոնը յորդորեցին այն կողմերն ալ Յովսէփի յանձնել, Խրիմու առաջնորդ Պետրոս վարդապետին 1779 յունուարին վախճանելուն վրայ: Անկէ ետքն է որ Նախիջեւանի հիմնարկութեան հրովարտակը ստացուեցաւ, երբ Յովսէփ Աստրախանէ Պետրբուրգ անցաւ, եկեղեցւոյ օծման պատճառով, եւ մեծամեծներու հետ միանալով զաղերս մատոյց ի ձեռն ազնիւ աղա Յովհաննէսին Եղիազարեանց որ հօրը տեղը անցած էր, եւ ընդունեցաւ զկատարումն խնդրանաց, զյատուկ տեղ եւ անուանեցաք, կ՚ըսէ, զքաղաքն մեր Նախիջեւան (63. ԿՌՆ. 322): Ասոր վրայ 1780 փետրուար 18, երեքշաբթի, Սուքիասանց տօնին օրը, կ՚օծէ Պետրբուրգի Ս. Կատարինէ եկեղեցին, եւ կայսրուհիէն կը պատուուի ընդունելով զպնակէ եւ զխաչ պարանոցի յոյժ թանկագին: Մարտ 10-ին կը ստանայ Խրիմու առաջնորդութեան պաշտօնագիրը (63. ԿՌՆ. 323), եւ մայիս 9-ին կայսրուհւոյն կը ներկայանայ: Սիմէոնի մահուան վրայ, Ղուկասէ նոր կոնդակ կը ստանայ, եւ 1780 նոյեմբեր 4-ին կու գայ ի նորաշէն քաղաքս Նախիջեւան 1781 ապրիլ 4-ին, Զատկի օրը կ՚օծէ զփայտեայ եկեղեցին Նախիջեւանու յանուն Խնդրակատար Սուրբ Աստուածածնի. ապրիլ 21-ին թափօրով եւ անդաստանով կը դնէ զհիմնաքարինսն ի չորս կողմանս քաղաքիս. մայիս 9-ին Նախիջեւանի մէջ զհոգեւոր դատարանս եւ զբազում կանոնս կը հաստատէ. եւ յունիս 6-ին Կատարինեսլավ նոր քաղաքին մէջ Ս. Աստուածածին եկեղեցին կը հիմնարկէ, եւ սեպտեմբեր 9-ին Մոսկուայի Ս. Խաչ եկեղեցին կ՚օծէ (63. ԿՌՆ. 322-328): Այսպէս կը շարունակէ Յովսէփ զանազան քաղաքներու մէջ եկեղեցիներ հիմնարկելով եւ նուիրագործելով, որոնց ցուցակը կազմած է ինքը, եւ որուն մէջ յատուկ յիշատակութեան արժանի կը սեպենք հիմնարկէքի օրհնութիւնը (63. ԿՌՆ. 598):

2195. ՌՈՒՍԻՈՅ ՄԵՐՁԵՑՈՒՄ

Երբոր Ռուսաստանի մէջ Հայեր հանգիստ եւ բարեկեցիկ կեանք կը սկսէին տիրանալ, եւ պետական հովանաւորութիւններ կը վայելէին, բնական էր որ Հայաստանի մէջ եղողներուն տառապագին վիճակը, զիրենք ստիպէր աչուընին դէպ հիւսիս դարձնել, ուստից կը սպասէին ամենատեսակ բարութիւններ: Միւս կողմէն ոչ նուազ մտադրութեամբ Ռուսներն ալ Հայերուն գործերով կը զբաղէին, եւ տեղեկութիւններ կը քաղէին անոնց կացութեան եւ ոյժերուն եւ տրամադրութեան վրայ, թէ պիտի կարենաflն արդեօք օգտուիլ, կամ հիմնական օժանդակութիւն գտնել այդ կողմէն: Լուրջ բանակցութիւններու յիշատակներ կը գտնենք 1780 տարւոյ սկիզբները: Ռուսական կողմէն միջնորդը հռչակաւոր Աղեքսանդր Սուվորօֆ (Souvorof) էր, իսկ Հայոց դատը ներկայացնողներ Արղութեան եպիսկոպոսը եւ Յովհաննէս Եղիազարեան: Յովսէփ Աստրախանէ եւ Յովհաննէս Մոսկուայէ 1779 օգոստոս 5-ին Պետրբուրգ հասած էին, եկեղեցւոյն օծման պատճառով 2194), եւ նոյն օր հրաւէր ստանալով Պօտեմկինի կը ներկայանան, միւս օր օգոստոս 6-ին Ռուսաց եկեղեցւոյն մէջ Այլակերպութեան տօնին արարողութեանց կը գտնուին, կայսրուհիէն կը ճանչցուին, եւ հետզհետէ յարաբերութիւնները կ՚ընդարձակէն (63. ԿՌՆ. 509): Ռուսեր Կասպից ծովեզերայ կողմերը եւ Կովկասեան գաւառները գրաւելու համար Պարսից դէմ պատերազմ էին բացած, եւ 1780 յունուար 1-ին Իւան Գօրիչ կու գար այն կողմերուն վրայ ծանօթութիւններ ստանալ: Միւս օր Սուվորօֆ ինքն էր որ ոչ միայն անձամբ բազում հարցմունս արար, եւ զկացութենէ սրբոյ աթոռոյն մերոյ տեղեկութիւններ խնդրեց, այլեւ յուսադրութիւն արար յոյժ, որպէս թէ նորոգելոց իցեն ի մեզ իշխանութիւն ինչ: Յունուար 3-ին Յովսէփ եւ Յովհաննէս Պօտեմկինի կը ներկայանան, եւ տեղեկութիւն տալու կարգին կը համարձակին թախանձել, նորոգել ի մեզ զմասնաւոր տէրութիւն ի մեծն Հայաստան ի քաղաքն Երեւան, որուն Պօտեմկին պայման կը դնէ, որ պատրիարքն, այսինքն Էջմիածինի կաթողիկոսը, քանիօք իշխանօք խնդիր ի գործ ածիցեն (63. ԿՌՆ. 511): Յովհաննէս ժամանակ անցընել չուզելով, յունուար 10-ին տեղեկագիր մը կը ներկայէ, ուր Ռուսական հովանաւորութիւնը կը խնդրէ, որ Հայերը համարձակին իրենցմէ պետ մը որոշել, որուն շուրջը կրնան 20, 000, եւ մինչեւ իսկ 60000 պատերազմիկներ հաւաքել ( ԱՐՂ. 111-114): Յունուար 13-ին նոր տեսակցութիւն, ուր Արցախի ցեղապետներու կամ մելիքներու անուններն ալ կը ներկայեն Սուվորօֆի, իրենց զինեալ մարդերու թուերով, որոնք են, Յովսէփ Գիւլստանի, Ադամ Ջրաբերդի, Եսայի Դիզակի եւ Շահնազար Վարանդայի, իւրաքանչիւրն հազարական, Միրզա ու Ալլահվէրտի Խաչէնի` միասին հազար: Կը յիշեն եւս Իբրահիմ խանի բռնութեան ներքեւ ընկճուած` Աղուանից ու Սիսուանի ու Ղափանի քաջերը, որոնք կրնան պատերազմիկներ հանել եթէ շարժումը սկսի (63. ԿՌՆ. 512): Այդ բանակցութիւններէ անմիջական եւ գործնական արդիւնք մը յառաջ եկած ըլլալը չենք գտներ` իրաւ, բայց զրոյցներն ու շշուկներն ալ բաւական էին գրգռել Հայաստանի նեղեալները, որոնց արդէն ակնարկեցինք 2192):

2196. ԱՐՑԱԽԻ ՇԱՐԺՈՒՄԸ

Արղութեան իր ձեռնարկներուն մասին փութաց տեղեկութիւններ հասցնել Ղարաբաղի իշխաններուն, եւ յատկապէս Աղուանից կաթողիկոս Յովհաննէսին, որ իր դիրքովը եւ իր նախորդներէն` Սիմէոնէ 1845) եւ Եսայի 1899) մնացած աւանդութեամբը, եւ շուրջը գտնուող Արցախեցի լեռնականներուն ազդեցութեամբը` միշտ շարժումի պատրաստակամ զգացումները կը տածէր: Գանձասարի աթոռանիստ վանքին մէջ մելիքներու ժողով կազմուեցաւ, եւ որոշում տրուեցաւ Շուշու խան Իբրահիմի ձեռքէն ազատելու համար ոտք ելնել, շարժումին սկզբնաւորութիւն տալ, եւ Ռուսական բանակին առիթ ընծայել` արեւմտեան Կասպիական գաւառներէն դէպ յառաջ քալել, ինչպէս որ յուսադրութիւն յայտնած էին Արղութեան եւ Լազարեան: Այդ որոշման վրայ փութացին Ռուսաստան, որպէսզի անոնք ալ գործը կայսրուհւոյն եւ իր նախարարներուն եւ զօրավարներուն հաղորդեն ( ԶԱՄ. Բ. 74): Բայց նորէն ներսէն սկսաւ Հայոց ձախողուածը: Նոյնինքն Յովհաննէս կաթողիկոսի եղբայրը Ալլահղուլի կամ Աստուածատուր բէկն էր, որ իր եղբօր եւ իշխաններուն խորհուրդը Իբրահիմ խանին կ՚իմացնէր, եւ դեռ անոնք գործի ձեռնարկած չէին: Ռուսաստան ղրկուելիք գրութիւնները տանող` Գրիգոր ժիր սուրհանդակն ալ, Իսրայէլ հակաթոռին միջոցով կը ձերբակալուէր Գանձակի մէջ եւ Իբրահիմ իր սովորական բռնութեանց վրայ վրէժխնդրութիւնն ալ կը բարդէր: Ուստի գլխաւոր մելիքներ կը փութան Իբրահիմի սահմաններէն խոյս տալ, եւ Գանձակ ապաստանիլ ( ԶԱՄ. Բ. 74), եւ միայն երեքը հրապուրուելով Իբրահիմի մօտ կու գան. Մէջլում եւ Աբով կը բանտարկուին, եւ Բուխտամ կ՚աքսորուի ( ԱՐՂ. 135): Աւելի դժբախտ եղաւ Յովհաննէս կաթողիկոսի վիճակը, որ բռնաւորին ձեռքը ինկաւ, եւ անխնայ գանակոծութեան ենթարկուեցաւ, մինչեւ որ նոյնիսկ մտրակի հարուածներուն ներքեւ հոգին աւանդեց ( ՄՈՎ. 318, ԶԱՄ. Բ. 74), թէպէտ ուրիշներ բանտի մէջ թունաւորուած կը կարծեն ( ԱՐՂ. 135): Իսրայէլ փութացած էր Գանձակ գալ, իր դաւաճանութեան վարձքը ստանալ, եւ Գանձասարի աթոռին տիրանալ, բայց նպատակին չհասաւ, զի ոչ ժողովուրդը եւ ոչ Էջմիածինի աթոռը հանդուրժեցին անոր կաթողիկոսանալուն: Ղուկաս գիտէր` որ իր ընտրութենէն առաջ Իսրայէլ հետամուտ եղած էր Էջմիածինի տիրանալ ( ԴԻՒ. Դ. 32 եւ 124), բայց այսուհանդերձ չէր քաշուած անոր սիրալիր գիրեր ալ ուղղել, հանդարտ պահելու համար ( ԴԻՒ. Դ. 17 եւ 39): Ասով մէկտեղ Ղուկաս չէր վարանած յայտարարել, թէ հաստատուն եւ անդառնալի վճռափակ թղթով հրամայեալ է, առ ի բառնալ զկաթողիկոսական անուն Իսրայէլին յեկեղեցեաց մերոց ( ԴԻՒ. Դ. 504): Գանձասարի վանքը, Յովհաննէսի սպանութեան պահուն աւարի եւ կողոպուտի մատնուած էր, եւ հազիւ թէ քիչ մը բան կրցած էր ազատել, եւ ամուր տեղեր պահած ( ՄՈՎ. 318): Իսկ Աղուանից աթոռը անկերպարան վիճակ ունէր, ոչ Իսրայէլ օրինաւորապէս ճանչցուած էր, եւ ոչ ուրիշ օրինաւոր կաթողիկոս անուանուած էր: Այսպէս շարժումի գործը դեռ հրապարակ չնետուած` խանձարուրին մէջ խեղդուեցաւ, թէպէտ Արղութեան չյուսահատեցաւ եւ նորէն շարժումը կ՚ուզէր վերանորոգել, մինչեւ իսկ անձամբ տեղւոյն վրայ գործերը կարգադրելու յանձնառութեամբ ( ԱՐՂ. 136): Հազիւ թէ 1787-ին Ռուսական գունդ մը Վրացւոց օգնութեան եկաւ. մելիքներն ալ միացան, եւ Իբրահիմի զօրքերուն լաւ ջարդ տուին. բայց յանկարծ Ռուս գունդերը ետ դարձան, զի Օսմանեանց հետ պատերազմը կը պարտաւորէր այն կողմը զօրացնել ( ԺՈՒ. 360): Մելիքներն ալ ստիպուեցան խոյս տալ Վրաց եւ Ռուսաց կողմերը: Իբրահիմ անոնց կալուածները գրաւեց, Արցախը իր կիսովի անկախութենէն զրկուեցաւ, մնացած ժողովուրդը ընկճուեցաւ, եւ անգամ մըն ալ ակնկալութիւններ յուսախաբութեան փոխուեցան ( ԱՐՂ. 138):

2197. ՂՈՒԿԱՍԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Ղուկաս կաթողիկոսի անունը չի տուինք այդ եղելութեանց մէջ, այլ պէտք չէ հետեւցնել թէ նա կրցած ըլլայ անտարբեր մնալ կենսական խնդիրներու հանդէպ: Երբոր Պօտեմկին` Արղութեանի եւ Լազարեանի առաջարկութեանց կը պատասխանէր, թէ պէտք է որ կաթողիկոսին կողմէն ալ Ռուսական պետութեան դիմում մը ըլլայ 2195), Ղուկաս դիմումը գրեց, եւ աղաչեց որ ազատուին Պարսկական լուծէն ( ԱՐՂ. 132), բայց չհամակերպեցաւ արկածախնդիր ձեռնարկներու մասնակցիլ: Մասնաւորներու, այսինքն ընդհանուր պատասխանատուութեան ենթարկուած չեղողներու համար, կրնան ներուիլ երբեմն յախուռն ձգտումներ եւ յանդուգն ձեռնարկներ. բայց ոչ անոնց, որոնք իրենց անձէն աւելի իրենց դիրքէն պէտք է ազդուին, եւ չեն կրնար իրենց անձնական գաղափարով պաշտօնական դիրքը վտանգել, որ հանրային շահ մըն է, եւ պաշտօնատարներ անոր սպասաւորն են, եւ ոչ անոր տէրը: Ղուկաս ալ այդ սկզբունքին կը հետեւէր, եւ իր տեսութեանց յայտնի լուսաբանութիւնն ունինք Մատրասի Հայազգիներէն Սուլթանուեան Շամիրի գրած նամակին մէջ: Շամիր Ղուկասի մտադրութիւնը հրաւիրած էր վասն ազատութեան աշխարհիս մերոյ եւ ազգիս հոգ տանիլ. միանգամայն Ղուկաս գրեթէ մեղադրած էր գրելով, կ՚երեւի թէ հաճիք ընդ ծառայութիւն այլազգեաց եւ ոչ սիրէք զազատութիւն: Ղուկաս կը պատասխանէ, թէ ձուկերն իսկ ցանցէն եւ թռչուններն ալ վարմէն ազատիլ կ՚աշխատին, միթէ յիմար իցեflմք, որ ի տառապանաց զերծանիլ չկամիցիմք: Միայն թէ, կը յաւելու, այժմոյս կարի դժուարին է եւ վտանգաւոր յոյժ, վասն որոյ երկուց չարեաց զփոքրն ընտրել պիտոյ է: Չկայ, կ՚ըսէ, Մովսէսը` որ Փարաւոնէն ազատէ, ուստի հաւաստապէս իմա', որ ոչ ի հիւսիսական տէրութենէն եւ ոչ յայլոց` մեզ այցելութիւն կարէ լինել այժմ: Արղութեանի եւ համախոհներուն ակնարկելով կը գրէ, թէ ոմանք ըստ հաճոյից խօսելով, թէ յայս ինչ եւ յայն ինչ կողմանց ձեռնտուութիւն եւ օգնականութիւն լինիցի մեզ, գողացեալ են զմիտսդ, եւ այդպիսի յուսադրութեանց ապարդիւն լինելուն փաստն ալ կը յիշէ, որ է վերջին ձախող շարժումը, երբ Արցախեցիք ձգտեցան առ ապաւինութիւն նոցա` ի բռնաւորէն իւրեանց, զիflնչ անցք անցին ընդ նոսա. զիաflրդ մահացաւ խղճալի Յովհաննէս կաթողիկոսն, եւ որպէflս աղաւաղեցաւ սուրբ աթոռն Գանձասարու, եւ այժմ ոflւր են մելիքազունքն, եւ զիflնչ կրեցին: Ղուկաս գիտակցօրէն կը ջատագովէ իր ընթացքը, եւ կը հաւաստէ թէ շատեր իրեն գոհութեան եւ գովութեան գիրեր են յղած, թէ յոյժ բարւոք էր, որ դուք ոչ ցուցիք առ նոսա զնշան համակամութեան, եւ անվնաս պահեցիք զսուրբ գահդ ( ԴԻՒ. Ա. 17-19): Ղուկասի խոհական ընթացքին նոր նշաններ ալ պիտի ունենաք, երբոր ապագային կրկին յիշենք անոր զգուշաւոր ջանքերը:

2198. ԶԱՆԱԶԱՆ ՇՓՈԹՆԵՐ

Ղուկաս չէր կրնար չտեսնել այն ահեղ տագնապները` որոնք Մայրաթոռին շուրջը բոլորած էին, եւ աւելի մեծեր ալ կը սպառնային: Հերակլ Վրաց թագաւոր 1787-ին Իբրահիմ խանին վրայ ելաւ, որովհետեւ իր կողմէն Ղազախու եւ Շամշուլտէի իսլամ բնակիչներէն մաս մը Իբրահիմի կողմը գաղթած էր. ընդհակառակն Իբրահիմի կողմի Հայերն ալ Վրաց կողմը անցնելու համար պաշտպանութիւն կ՚ուզէին: Հազիւ պատերազմը կը սկսի, Վրացիք կը պարտաւորուին ետ դառնալ, զի Ուման խան իրենց երկիրը մտած էր: Ուման կը պարտաւորուի տեղի տալ ( ԴԻՒ. Ա. 12), եւ Վրացիք Իբրահիմի դէմ պատերազմը կը նորոգեն 1788 գարունին, եւ իբրեւ ամիսս երիս, զգերի եւ զաւար կողոպտեալ ետ կը դառնան, առանց Գանձակ քաղաքը կարենալ նուաճելու: Վրացւոց հետ կը գտնենք Հայագունդ մըն ալ Մէջլում եւ Աբով մելիքներու հրամանատարութեամբ ( ԴԻՒ. Ա. 13), որոնք յաջողած էին Իբրահիմի բանտէն ազատիլ 2196): Բայց Իբրահիմ ասով չ՚ազատիր, նոր ոսոխ մը կ՚ելլէ իրեն դէմ, Ֆաթալի խան` Ներքինի Շահ անուանեալն, որ Վրացիներուն հետ դաշնակցելով կ՚ուզէ Իբրահիմը ընկճել, եւ 1789-ին պատերազմը կը նորոգէ: Գանձակի կառավարիչ խանը` Իբրահիմէ ապստամբելով դաշնակիցներուն կը հնազանդի, բայց Իբրահիմի բախտէն Ֆաթալի կը մեռնի, եւ Իբրահիմ անդրէն արծարծէ զիւրն չարութիւն ( ԴԻՒ. Ա. 14), եւ երկկողմանի աւերումներ կ՚ընդարձակուին: Ասոնց կը բարդուի Բագրեւանդի մեծ երկրաշարժն ալ, որ մինչեւ իսկ Ս. Յովհաննու հոյակապ եկեղեցւոյն պատն ալ կը վնասէ ( ԴԻՒ. Ա. 15): Նոյն միջոցին Երեւանի Մահմատ խանն ալ 2191) հրապարակ կը նետուի: Հին Նախիջեւանը Իբրահիմի ձեռքէն կ՚առնէ, եւ հոն իր կողմէն նոր կառավարիչ կը հաստատէ: Նա Պայազիտի կուսակալին բանակն ալ ետ կը վանէ, որ մինչեւ Երասխի եզերքը հասած էր, այլ Պայազիտի բերդին տիրել չկրնալով, Արծափն ու Քօրունը ու Մուսունը այրելով եւ կողոպտելով ետ կը դառնայ: Այդ կռիւներուն հետեւանքն եղող վնասք եւ աւերութիւն` գրեթէ ըստ մեծի մասին եղեն ի տառապեալ ազգս Հայոց ( ԴԻՒ. Ա. 17): Բայց կացութիւնը ալ աւելի աղետալի դարձաւ 1790 տարին:

2199. ՀԱՅՈՑ ԱՐԿԱԾՆԵՐ

Երեւանի խանը վերահաս վտանգէն վախնալով, զծանրագին զարդս եւ զինչս իւր, Խոյ քաղաքը յղած էր Հիւսէին խանի հոգածութեան յանձնելով. բայց երբ ետ ուզեց` աւանդը զլացուեցաւ, եւ Մահմատ պարտաւորուեցաւ պատերազմով ստանալ իր ինչքը, եւ Հիւսէյինի եղբայրը Ջաֆարղուլի խանը պատանդ առնելով տեղը դառնալ: Կարծելով թէ հին բարեկամութիւնը վերահաստատուած է, պատանդը կ՚արձակէ, բայց նա Երեւանի զօրութեան վրայ քաղած տեղեկութիւններուն յենլով, պատերազմը կը նորոգէ 1790 գարունին, եւ մինչեւ Երեւան կը յառաջէ: Մահմատ նեղի մտած, Երեւանի բերդին մէջ կ՚ամրանայ, իրեններն ալ շրջակայ մասնաւոր բերդերուն կ՚ապաւինին, Էջմիածինի Մայրաթոռն ալ իր պարիսպներով եւ աշտարակներով, իբրեւ ամրոց կը գործածուի եւ պատերազմի ամբոխով կը լեցուի: Ղուկաս կաթողիկոս տագնապալից վիճակի կ՚ենթարկուի, ոչ միայն նիւթական նեղութիւններով, այլեւ բռնելու ընթացքին կողմէն: Մայրաթոռը Երեւանի խանին հպատակն էր, եւ Մահմատ ազդարարութիւն կը յղէր կաթողիկոսին, որ թշնամիին դէմ դնէ, մի' գուցէ հաղորդութիւն արասջիք ընդ նոսա, եւ կամ տաջիք նոցա զկերլիս ինչ, այլ հարջիք եւ ի բաց վանեսջիք: Միւս կողմէն Ջաֆարղուլի` կ՚աշխատէր կաթողիկոսը իր կողմը շահիլ, վստահեցնելով թէ առ ձեզ հաստատուն է մերս բարեկամութիւն ( ԴԻՒ. Ա. 21): Հիւսէյին խան ալ Խոյէ կը հասնէր, եւ եղբօրը հետ պատերազմը կը սաստկացնէր, ու Նորագաւիթ գիւղէ մեկնելով, ուր իրենց բանակատեղն էր, Փարաքար կու գար` հուրբ ծախելով հանդիպած գիւղերը: Այս կերպով Հիւսէյին եւ Ջաֆարղուլի եղբայրներ Էջմիածինի մօտեցան, եւ յաւարի առին զբազմութիւն արօտականացն աթոռոյն, Կուսանաց երեք վկայարաններէն ալ առին յաւարի զոր ինչ գտինն, եւ Ս. Գայիանէի վանքին ետեւէն անցնելով Քասաղի եզերքը բանակեցան, եւ կաթողիկոսը տեսութեան հրաւիրեցին: Ղուկաս վկայելով մէկտեղ, թէ սէր մեր ընդ ձեզ հաստատուն է, հրաւէրին չգնաց, պատճառելով թէ իշխանութիւն ամրոցիս չէ ի ձեռս մեր ( ԴԻՒ. Ա. 22): Երբոր Էջմիածինի մէջ մեծագոյն վտանգի վախով կը տագնապէին, Խոյեցիք յանկարծ պաշարումը վերցուցին, եւ հետզհետէ Երասխի մօտ Զէյվէ գիւղը, Բլուր բերդը, եւ Օրթալուի անցքը դադարներ ընելով, դարձան իրենց երկիրը` Մակու գաւառը: Արշաւանքին արդիւնքը Երեւանի գաւառին Հայերուն ընդհանրապէս, եւ Մայր աթոռին մասնաւորապէս կրած վնասներն եղան, ոչ միայն ի թշնամեաց անտի, այլեւ յերկրացի աւազակասարաս սրիկայիցն: Անոնց մեկնելէն ետքը, Երեւանի Մահմատ խանը առիթ գտաւ Հին Նախիջեւանի կողմը յարձակիլ, եւ ինքն ալ իր մասին նոր աւերածներով, կարծեց իրեն սահմանին մէջ եղածներուն վրէժը լուծել, այլ մանաւանդ Հայք էին, որ կրէին այդ նեղութիւնները: Զի ինչպէս նոյնինքն Ղուկաս կը գրէ, բազում վանօրայք եւ եկեղեցիք կողոպտեցան եւ աւերեցան, եւ մանկունք նոցին գերեցեալ ցիրեւցան եղեն, եւ որք մնացեալք են, այնոքիկ եւս օր աւուր կողոպտին եւ ոտնակոխ լինին ( ԴԻՒ. Ա. 24): Այսուհանդերձ պահ մը Մայրաթոռին շուրջը պատերազմական արկածները դադարեցան, զի Պարսկաստանի մէջ գահակալութեան ներքին մրցումները գրաւած էին բռնապետ խաներուն գործունէութիւնը:

2200. ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԳԻՐ

Յիշեցինք թէ Արղութեան եւ Լազարեան ձեռնթափ եղած չէին Հայկական խնդիրը գրգռելէ 2196), եւ այդ մասին հետաքրքրական գրուածներ կը հաստատեն մեր ըսածը: Կրկին ծրագիրներ, փոխանակուած կը գտնենք 1789-ին վերոյիշեալներուն` եւ Ռուսական կառավարութեան կողմէն իրենց հետ բանակցող Պօտեմկինի միջեւ ( ԴԻՒ. Դ. 831): Հայոց ծրագիրը 18 յօդուածներ ունի, որով ապագայ Հայոց թագաւորութեան եւ Ռուսաց կայսրութեան միջեւ յարաբերութիւնները կը գծուին, եւ կը վճռուի կապակցութիւն երկուց թագաւորութեանց մեծ դաշամբ յաւիտենականաւ: Առջի յօդուածներով կրօնական յարաբերութիւններ կը հաստատուին երկու եկեղեցիներու մէջ. 5-րդ յօդուածով կ՚ընդունուի Ռուսական բանակի մը Հայոց թագաւորութեան մէջ մնալը, եւ 6-րդ յօդուածով ալ Հայոց կողմէ հարկ վճարուիլը ի հանքաց ոսկւոյ եւ արծաթոյ, եւ կ՚ընդունուի պատերազմի ատեն իրարու զինու զօրութեամբ օգնելու պարտաւորութիւն: Հայոց թագաւորը կայսրուհւոյն կամքով պիտի ընտրուի, Էջմիածինի մէջ պիտի օծուի, եւ Վաղարշապատ կամ Անի, կամ Արարատ ուրիշ պատշաճաւոր քաղաք մը պիտի նստի: Նոյեան Տապանի եւ Լուսաւորչի եւ Դաստառակի ասպետական շքանշաններ պիտի հաստատուին. ազգային գոյները պիտի ըլլան կարմիր եւ կանաչ եւ կապոյտ. զինանշանը արծիւ միագլխի եւ երկու առիւծ. հին նախարարութեանց սերունդները իբր իշխանական տուներ պիտի ճանչցուին. գիւղեր կալուած պիտի ըլլան` բայց ոչ երբեք մարդիկը ստրուկ. կաթողիկոսն ալ Հայոց թագաւորին առաջարկութեամբ, պիտի ընտրուի: Վերջապէս երկու թագաւորութեանց մէջ առեւտրական պայմանագիր, եւ փախստականներու դաշնագիրներ պիտի հաստատուին: Իսկ Ռուսաց կողմէն մատուցուած ծրագիրը, Հայոց իշխանութիւնը նախարարութիւն կ՚անուանէ, թէպէտ կը յաւելու թէ Ռուսիա զայն իբրեւ զթագաւոր պիտի ճանչնայ: Ռուսական 6000 մարդու բանակ մը Հայաստան պիտի մնայ մինչեւ տասը տարի, որ անկէ ետքը 4000-ի, եւ 15 տարիէն 2000-ի պիտի իջնայ, եւ 20 տարիէ բոլորովին պիտի քաշուի: Այս բանակին համար Հայեր 60, 000 թուման պիտի վճարեն. կէսը դրամ եւ կէսը պարէն, որ համեմատաբար պիտի նուազի` գունդերուն քաշուելովը: Իսկ Հայաստանի զինուորութիւնը եւ ամրոցները Ռուսաց սպարապետին հրամանին ներքեւ պիտի ըլլան: Հայեր իբր հարկ պիտի վճարեն 20 մսղալ զուտ ոսկի, 3 ձի եւ 6 խոյ: Ռուսաց բարեկամին բարեկամ եւ թշնամիին թշնամի պիտի ըլլան, եւ պատերազմի առթիւ 6000 զօրք պիտի տան օգնութեան: Եկեղեցական եւ առեւտրական եւ քաղաքական յարաբերութիւնները փոխադարձաբար ազատ պիտի ըլլան: Երկրին հասոյթներէն պիտի հոգացուին թէ Ռուսական բանակին ծախքերը եւ թէ եկեղեցական եւ բարեգործական հաստատութեանց պէտքերը, եւ վերջապէս Գերմանիոյ կայսրը իրաւարար պիտի ճանչցուի երկու կողմերու միջեւ տեղի ունենալիք խնդիրներուն ատեն: Այս ծրագիրը 20 յօդուած ունի, եւ 1779-ին պատրաստուած եւ 1786-ին թարգմանուած կ՚ըսուի ( ԴԻՒ. Դ. 737), միայն թէ փոխանակութիւնը 1789-ին եղած է ( ԴԻՒ. Դ. 731): Ուզեցինք ծրագիրները քաղել իբրեւ հետաքրքրական տեղեկութիւն, թէ ոչ գործնական արդիւնք մը ունեցած ըլլալնին տեսնուած չէ:

2201. ՄԱՀՄԱՏ ԽԱՃԱՐ

Պարսկաստանի գործերուն դառնալով, պիտի կրկնենք թէ Զէնտ տոհմին իշխանութիւնը աննշանակ դարձած էր, եւ կուսակալներ կամ ցեղապետներ անկախ իշխաններու պէս կը գործէին: Միւս կողմէն հետզհետէ կը զօրանար Խաճարներու ցեղապետ Աղա Մահմատ խանը, ինչպէս կը գրեն մերոնք ( ԴԻՒ. Ա. 25), կամ Աղա Մուհամմէտ խան, ինչպէս կը կոչեն օտարազգիք ( ՏՊԷ. 368): Որդի էր նա ցեղապետ Մուհամմէտ-Հիւսէյինի, եւ Ալի-Ատիլ թագաւորին 2024) հրամանով ներքինացած էր հազիւ 6 տարեկան եղած ատեն, իսկ հայրը Քէրիմի հրամանով սպանուած էր: Այս երկու արկածները, վրէժխնդրութեան գրգռեցին Մահմատը, երբոր չափահաս եղաւ, եւ անկէ ետքը ամէն միջոց, ճարտարութիւն եւ նենգութիւն, գթութիւն եւ անգթութիւն, խոհականութիւն եւ բռնութիւն անխտիր գործածեց, մինչեւ որ նախ իր հայրենական Մազանդարանի, եւ յետոյ բոլոր Պարսկաստանի կրցաւ տիրապետել, եւ 1794-ին Պարսից վեհապետ հռչակուեցաւ, թէպէտ շահ կամ շահնշահ անունը չ՚առաւ, եւ թագաւորութիւնն ալ տարի մը յապաղեց: Իրեն մայրաքաղաք ըրաւ եւ ամրացուց Թէհրանը, իր հայրենական երկրին մերձաւորութեան մէջ, իսկ Սպահանի եւ Շիրազի ամրութիւնները քանդել տուաւ ( ՏՊԷ. 369): Այդ միջոցին կատարուած զանազան եղելութիւններ մեր նպատակէն դուրս կը մնան, եւ կը բաւականանանք յիշել թէ Մահմատ իր արշաւանքները դէպի Հայաստան ալ ուղղեց, եւ ահուսարսափը Հայերուն վրայ տիրեց: Վրաստան տակաւին բնիկ թագաւորով կը կառավարուէր, բայց Պարսից գերիշխանութեան ենթարկուած էր: Հերակլ, զոր քանիցս յիշեցինք, օգտուելով Պարսկաստանի անիշխանութենէն, Պարսից հետ յարաբերութիւնները խզած էր եւ Ռուսիոյ հովանաւորութիւնը ընդունած էր 1783 յուլիս 24-ի դաշնագիրով ( ՖԱՄ. 30): Մահմատ երբոր իր իշխանութիւնը ներսէն ամրացուց, բոլոր մրցակիցները` նոյնիսկ իր եղբայրներն ալ սպաննելով մտադրութիւնը դարձուց Պարսկական գահուն նախկին զօրութիւնն ու ընդարձակութիւնը վերանորոգել, եւ այս ձեռնարկներէն մէկն ալ Վրաց թագաւորութիւնը իր հպատակութեան դարձնել եղաւ: Ծանր բանակով մեկնեցաւ Մահմատ 1795 գարունին, ահուսարսափ տարածելով ամէն կողմ, եւ ուղիղ քալեց դէպի Արցախ. Շուշին պաշարեց, գունդ մըն ալ Երեւանի վրայ ղրկեց ( ԴԻՒ. Դ. ժէ. ): Երեւանի Մահմատ խանը իր բերդին մէջ ամրացաւ ( ԴԻՒ. Ա. 27), իսկ Ղուկաս Մայրաթոռոյ գանձը 21 սայլով ճամբայ հանեց դէպի Տփղիս, այնտեղը ապահով կարծելով: Գանձէն մաս մը, 6 սայլաբեռ, գանձին ընկերացող Տփղիսի առաջնորդ Անկոթ մականուն Մարտիրոս եպիսկոպոսին հետ, Մահմատի ձեռք ինկաւ, թէպէտեւ Ղուկաս մեծագին ընծաներով եւ դրամական փրկանք վճարելով յաջողած էր Մայրաթոռը ազատ պահել Մահմատի աւարառութենէն ( ԴԻՒ. Ա. ժէ. ): Տփղիսի վրայ արշաւանքը Մահմատի յաղթութեամբ փակուեցաւ, եւ յերրորդ աւուր Վերացման սուրբ Խաչի, այսինքն է 1795 սեպտեմբեր 18-ին, յետ կէս աւուրն, Պարսից բանակը Տփղիսը գրաւեց: Անօրինակ կոտորածով մը գրեթէ ամէն այր չափահաս սրոյ ճարակ եղաւ, եկեղեցիներ կործանուեցան, ամէն բան կողոպտուեցաւ, եկեղեցականներ բոլոր սպանուեցան, եւ 16, 000 աղջիկներ եւ մանչեր գերի տարուեցան ( ՏՊԷ. 372), իսկ Հերակլ հազիւ թէ ազատեցաւ Թելաւի լեռնակողմը ապաւինելով: Յիշատակագիր մը կը յաւելու, թէ մելիք Մէջլում Հայազն իշխան, որ ամենայն որպիսութեանց մտից եւ ելից քաղաքին հմուտ էր, իր տեղեկութիւններով դիւրացուցած է Մահմատի յաջողութիւնը ( ԴԻՒ. Ա. 28): Ղուկաս ընդհակառակն ձեռքը մնացած միջոցները գործածեց Հայ եւ Վրացի գերիներ գնելու եւ ազատելու ( ԴԻՒ. Դ. ժը. ): Գերի տարուած Մարտիրոս եպիսկոպոսն ալ փրկանաւորուեցաւ Երեւանցի Ջաֆար Խուբեանց իշխանին կողմէն ( ԴԻՒ. Ա. ժէ. ), եւ գոյաթափեալ եւ մերկ աթոռ դարձաւ, բայց առ վշտակրութեանցն յեղակարծ մեռաւ ( ԴԻՒ. Դ. 669): Կ՚ըսուի թէ Մարտիրոսի մահը յառաջ եկած է Ղուկասի դիտողութեանց վրայ զգացած յուզումէն ( ԴԻՒ. Դ. ժէ. ): Ղուկաս լսելով որ Էջմիածինի յափշտակուած գոյքերը, եւ գլխաւորապէս Ղազար կաթողիկոսի թագն ու վակասն ու շուրջառն ասոր անոր ձեռք անցած են, յանձնարարութիւններ գրեց զանազան կողմեր, որ գնեն եւ ազատեն եւ աթոռ դարձնեն: Այդ կարգին գրած է եւս առ ազնիւ սիրելին մեր պարոն մելիք Մէջլուն ( ԴԻՒ. Դ. 649), բայց կ՚երեւի թէ Տփղիսի առման մէջ անոր խաղացած դերէն տեղեկութիւն չունէր, կամ թէ Մահմատի մօտ անոր գտած ընդունելութենէն օգտուիլ կ՚ուզէր:

2202. ՄԱՀՄԱՏԻ ԱՐՇԱՒԱՆՔԸ

Մահմատ Տփղիսի աւարառութենէն եւ կոտորածէն ետքը ետ դարձած էր աւարով, իսկ Ղուկաս կը շարունակէր միշտ աւելի ծանր տագնապներու ներքեւ տառապիլ: Եւ ահա միւս տարին յանկարծ լուր կ՚առնուի, թէ Ռուսական բանակ մը Զապով (Zapow) զօրավարի հրամանատարութեամբ կը յառաջանայ, եւ իրեն հետ է նաեւ Յովսէփ Արղութեան եպիսկոպոս, որ յաղթական բանակին հետ Գանձակ կը մտնէ 1796 սեպտեմբերին: Քրիստոնեայք կարծես թէ կը սկսին ոգեւորուիլ, եւ այլազգիք` եւ նոյնիսկ Մահմատ թագաւոր` շփոթութեան կը մատնուին, բայց այս անգամ ալ ակնկալութիւնք պարապի կ՚ելլան: Կատարինէ Բ. կայսրուհին, այդ ձեռնարկներու հեղինակը, 1796 նոյեմբեր 16-ին կաթուածահար կ՚ըլլար, եւ 37 ժամուան տագնապալից հոգեվարքէ ետքը կը մեռնէր միւս օրը ( ՇՕԲ. 382): Քիչ օր ետքը Ռուսաց բանակը Գանձակ կը մտնէր, բայց կայսրուհւոյն մահուան լուրին հետ, որդւոյն Պօղոս Ա. կայսեր հրամանն ալ կը հասնէր, որ ամէն կողմերէ արշաւանքները կը կասեցնէր, եւ Գանձակի բանակն ալ ետ կը քաշուէր, երկիրը թողլով ի ձեռս նոյն առաջին աւերչացն ( ԴԻՒ. Ա. 30): Ղուկաս ալ պահ մը ուրախացած ու ոգեւորուած էր, բայց խոհական զգուշաւորութեամբ ձեռնարկին աւարտման կը սպասէր, երբ տարաբախտ լուրը կ՚առնէ, եւ միաժամանակ կը լսէ, որ Մահմատ նորէն Հայաստան կ՚արշաւէ, ամէն կողմ կը նուաճէ եւ կը քանդէ, եղբայրը Ալիղուլին ալ Երեւանի վրայ կը ղրկէ, որ Երեւանի կուսակալ Մահմատ խանը կը ձերբակալէ եւ կ՚աքսորէ, եւ բռնութիւնները կ՚ընդարձակէ: Ղուկաս, այր խորախորհուրդ եւ զգոյշ, պարագաները կշռելով եւ մանաւանդ Արղութեանի Ռուսական բանակին մէջ գտնուած ըլլալը նկատի առնելով, կը փութայ Դաւիթ եւ Յովհաննէս վարդապետները ընծայիւք հանդերձ յղել առ բռնաւորն քաջաբախտ, ուսկից ապահովութեան խոստումներ կ՚ընդունի հրովարտակաւ միամտութեան ( ԴԻՒ. Ա. 31): Մահմատ հետզհետէ կ՚ընդարձակէ իր բռնական արշաւանքները, եւ 1797 մայիսի վերջին օրերը կը մտնէ Շուշի, ուսկից փախած էր Իբրահիմ դէպի Կովկասի լեռները: Ութն օր միայն կ՚անցնի Մահմատի Շուշի հասնելուն վրայ ( ԴԻՒ. Ա. 33), եւ սպանուելուն լուրը կը լսուի: Օտարազգի պատմիչը կը գրէ թէ սպանողներն էին իր երկու սպասաւորները, զորս նա մահուան դատապարտած էր աննշան դիպուածի մը պատճառով ( ՏՊԷ. 373). Արղութեան ալ հեռուէն գրելով յիւրոց ծառայիցն խողխողեցաւ կ՚ըսէ, եւ յունիս 6-ը սպանման թուական կը նշանակէ ( ԴԻՒ. Թ. 243): Բայց Հայ յիշատակագիրը գործը կը վերագրէ մելիք Ջումշուտ Հայազգի իշխանին, որոյ ի տան իսկ իջեւանած էր Մահմատ, բայց նոյնիսկ իր վանատուրը կողոպտելու էր ձեռնարկած: Ջումշուտի խորհրդակից եւ գործակից էր Սատըգ խան` մտերիմ հարազատ անձնապահ Մահմատի, որով կրցած էր Ջումշուտ սրախողխող ընել ի մահճի զմարդախոշխոշ բռնաւորն ( ԴԻՒ. Ա. 32), որուն մասին օտարազգի պատմիչն ալ կը վկայէ, թէ անկէ անգութ բռնաւոր մը եւ անկէ ճարտար թագաւոր մը չէր նստած Պարսկաստանի գահին վրայ ( ՏՊԷ. 373): Մահմատի յաջորդութիւնը նորէն մրցակիցներ ստեղծեց, որոնց մէկն էր նաեւ վերը յիշուած Սատըգ խան, սակայն Հաճի Իբրահիմ խան, որ Մահմատի կողմէ Թէհրանի մէջ կառավարութեան գլուխն էր, հաւատարիմ մնաց անոր յիշատակին, եւ նախընթացաբար անկէ յայտնուած կամքին համաձայն` եղբօրորդին` Պապա խանը բերել տուաւ Շիրազն, եւ շահ հռչակեց Ֆէթհալի անունով: Մահմատի օրէն Թէհրանի մէջ հաւաքուած պատանդներու ներկայութիւնը, դիւրացուց Ֆէթհալիի անհակառակ գահակալութիւնը ( ՏՊԷ. 376):

2203. ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ՇՈՒՐՋԸ

Ֆէթհալի, հակառակ իր հօրեղբօր ընթացքին, խաղաղ կառավարութիւն սիրող յայտնուեցաւ, թող տալով որ իւրաքանչիւր նահանգի մէջ` բռնապետներ իբր կուսակալներ ըստ հաճոյս կառավարեն, միայն թէ ինքն ալ իր կեդրոնին մէջ հանդարտ ապրի: Երեւանի մէջ նստող Ալիղուլին, Մահմատի եղբայրը, քաղաքացիներու հակառակութենէն ստիպուեցաւ մեկնիլ. թերեւս եղբօրը յաջորդելու ալ ձգտումներ ունէր, բայց չյաջողեցաւ: Մահմատ խան Երեւանի նախկին բռնապետը, որ աքսորուած էր 2202), արտօնութիւն ստացաւ տեղը դառնալ: Իբրահիմ խան որ Կովկասի լեռները փախած էր, համարձակութիւն առաւ Շուշի վերադառնալ. եւ վշտաւոր եւ լի ամենայն արհաւրօք օրեր նորոգուեցան, ինչպէս կը գրէ Ղուկաս. եւ ցաւագին շեշտով կը հառաչէ, դուռն այցելութեան դարձեալ փակեցաւ, ակնարկելով Ռուսական բանակին քաշուելուն, անօգնականքն իflւ զօրասցին առնել զիմն ( ԴԻՒ. Ա. 35): Յիշատակագիրը 1797 հոկտեմբեր 29-ին գիշերը` Օշականի մէջ Խամսեցի Յակոբ եպիսկոպոսի աւազակներէն սպանուիլը պատմելէն ետքը կը յարէ, թէ անօրէնքն մնացին անպատիժ, ըստ որում եւ ժամանակաւորքն իսկ էին անօրէնք ( ԴԻՒ. Ա. 37): Իսկ ընդհանուր կացութեան մասին Ղուկաս կը գրէ, թէ ի պէսպէս ծանր գործառնութեանց եւ ի սաստիկ սղութենէ ի յետին դառնութիւն չքաւորութեան ժամանեայ ենք, եւ կասկածանօք ապառնի վտանգից թախծիմք առ հասարակ ( ԴԻՒ. Ա. 38): Բռնապետներու իրարու հետ պատերազմները շարունակեցին 1798 տարւոյ ընթացքին մէջ, եւ Դավրէժի եւ Խոյի եւ Երեւանի խաներուն միջեւ մղուած թշնամութեանց մէջ Մայրաթոռն ալ կրկին եւ կրկին ոտնակոխ եղաւ, մինչեւ իսկ Խոյի Ջաֆարղուլին 14 օր վանքին մէջ մնաց իր մարդիկներով հանդերձ բազում վնասուք. եւ որովհետեւ տարագրեալ էր ի սահմանաց անտի Խոյու, իր սեփական գաւառէն, տատանեալ տարուբերէր Էջմիածինի շրջակաները, Բարդող լերան եւ Երասխաձորի կողմերը, մինչեւ որ հաստատուեցաւ Թալին, եւ իրենները սփռեց զստորոտովք Արագած լերին ( ԴԻՒ. Ա. 40), հայաբնակութեան գլխուն նոր պատուհաս դառնալով: Այսպէս 1798 տարին ալ ոչ Հայերուն դիւրութիւն եւ ոչ Ղուկասի հանդարտութիւն բերին, եւ միշտ միեւնոյն տառապագին վիճակն էր, որ երկրին վրայ կը ծանրանար: Ամէն դժբախտութեանց վրայ ժանտախտն ալ սկսաւ Արցախի եւ Գանձակի կողմերը, եւ աւելի Վրաց երկիրը, մինչեւ մեծ թախանձանօք քանիցս խնդրեաց Ղուկասէ նոր արքայն Գէորգի` զՍուրբ Գեղարդն, եւ կաթողիկոսն զիջաւ յղել այն 1798 նոյեմբեր 3-ին Յովհաննէս վարդապետի ձեռօք, եւ ի ժամանելն, ինչպէս կը կարդանք, Աստուծոյ ողորմութեամբն փարատեալ է ախտն ( ԴԻՒ. Ա. 41): Վրաց նոր թագաւորը յիշեցինք, եւ աւելցնենք թէ Հերակլ, որուն 1795-ին Թելաւի կողմերը փախուստը պատմած ենք 2201), նոյնտեղ հիւանդացաւ եւ մնաց վասն զառամութեանն, մինչեւ որ մեռաւ 1797 փետրուարին, եւ իր աւագ որդին իրեն յաջորդեց, եւ Ֆէթհալիէ հաստատութիւն ստացաւ հպատակութիւն խոստանալով, բայց Տփղիսի աւերածը եւ ժանտախտի վախը զինքն ստիպեցին Կախեթի կողմերը մնալ ( ԴԻՒ. Ա. 34-35):

2204. ՂՈՒԿԱՍԻ ՄԱՀԸ

Մայրաթոռոյ արտաքին վիճակի ցաւալի պատմութիւնը, մեզ կը հասցնէ Ղուկասի կեանքին վերջին օրերուն: Կացութիւնը բնաւ լաւանալու ակնկալութիւններ չէր ներշնչէր, մանաւանդ թէ կը վատթարանար, այնպէս որ Ղուկաս մահուանէ քիչ առաջ 1799 ապրիլ 19-ին կը յայտարարէր, թէ երկիրն յաւեր դիմէ, եւ թէ երկրիս բնակիչքն ի նեղութեանց բնաւ պակասութիւն չունին ( ԴԻՒ. Ա. 42): Ղուկաս ինքն ալ իր անձին վրայ կը կրէր տառապագին կեանքին հետեւանքները, եւ գրեթէ շարունակ հիւանդ էր, առանց սակայն լքանելու եւ գործերէ ձեռնթափ ըլլալու: Այդ կացութիւնը պատճառ եղած էր անշուշտ որ Ղուկաս ալ իր վերջին օրերուն մէջ տակաւ իր ուղղութիւնը կը բարեփոխէր, եւ ինքն ալ իր աչքը դէպի հիւսիս կը դարձնէր: Յիշեցինք թէ` ինչպէս վարանոտ վիճակ մը առած էր Ռուսաց վերջին արշաւանքէն ետ քաշուելովը, եւ պարտաւորուած` Պարսիկները շահելու կը հետեւէր 2202), սակայն անցաւոր էր այդ ըրածը: Նա ամէն բան կշռելով կը զգար, թէ այլեւս ոչ Պարսիկներէն լաւութիւն մը կրնար սպասել, եւ ոչ Վրացիներէն օգնութիւն: Այդ համոզմամբ 1797 յուլիսին, Պօղոս կամ Պաւել կայսեր գահակալութենէն իբր 8 ամիս ետքը, կ՚որոշէ անոր գահակալութիւնը շնորհաւորել, անոր պաշտպանութիւնը հայցել, եւ յատուկ հրովարտակ ալ խնդրել, ինչպէս կանուխ տրուած էր Սիմէոն կաթողիկոսին 2094): Կայսեր ուղղուած գիրը չենք տեսած, բայց կան այդ առթիւ նախարարապետ իշխան Աղեքսանդր Բէզպօրօտկինի, Յովսէփ Արղութեան եպիսկոպոսի, աղա Յովհաննէս Եղիազարեանի, եւ պարոն Մարգար Մանուչարեանցի ուղղած գիրերը ( ԴԻՒ. Թ. 218-232), որոնք բաւական են անոր տեսութիւնները եւ դիտումները պարզել: Պօղոս կայսր, որչափ եւ արշաւանքէն ձեռնթափ, բայց հարաւային երկիրներու վրայ ազդեցութիւն պահելու մտադիր, Ղուկասի առաջարկներուն լաւ ընդունելութիւն ըրաւ, եւ խնդրուած պաշտպանութեան հրովարտակը գրուեցաւ 1798 փետրուարին ( ԴԻՒ. Դ. ծթ. ), եւ յանձնուեցաւ Արղութեանին, բայց Ղուկասի չղրկուեցաւ, զի հոկտեմբեր 18-ին միայն լուրը առնելով շնորհակալութիւն կը գրէ Արղութեանին եւ միւսներուն ( ԴԻՒ. Թ. 249), եւ 1799 փետրուար 12-ին տակաւին հրովարտակին եւ նախարարապետին նամակին պարզ պատճէնները կը խնդրէ, յետաձգել տալով յղել զիսկ հրովարտակն կայսեր, եւ զթուղթն վէզիրին, եւ զպնակէն եւ զկտորսն ինչպէս նաեւ Ղազար կաթողիկոսի թագն եւ ուրիշ զգեստները, զորս Արղութեան աւարէն ազատած էր ( ԴԻՒ. Թ. 262): Ասոր վրայ պատճէնները ստանալով, եւ մտածելով որ իսկը ընդունելու սպասելով անհամեստ լինէր յետաձգումն ( ԴԻՒ. Թ. 289), 1799 հոկտեմբեր 15-ին ուղղակի կայսեր ուղղած կոնդակով մը իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ ( ԴԻՒ. Թ. 283): Բայց միւս կողմէն Ղուկասի վիճակը օրըստօրէ կը ծանրանար, եւ մահուան վտանգը կը մօտենար: Արդէն տարի առաջ 1798 դեկտեմբերին յայտնած էր, թէ հիւանդութիւն ի շողահարութենէ ամարայնոյ դիպեալ` սաստկացաւ իր վրայ, եւ տագնապեցոյց մինչ ի նոյեմբերի վերջին աւուրսն: Թէպէտ այս անգամ առողջացաւ ( ԴԻՒ. Թ. 250), բայց միւս տարին աւելի ծանրացաւ հիւանդութիւնը, ուսկից չկրցաւ ազատիլ, եւ 1799 դեկտեմբեր 28 չորեքշաբթիի վրայ եկող գիշերը ժամը 8-ին որ է ըսել կէս գիշերէն ետքը հոգին աւանդեց եւ հինգշաբթի առաւօտուն, դեկտեմբեր 29, Որդւոց Որոտման տօնին օրը յուղարկաւորութեան կարգը կատարուելով, մարմինը հանգուցին Ս. Գայիանէի գաւիթին հարաւակողմը ( ՇԱՀ. Ա. 232): Յիշատակագիրներէն ոմանք դեկտեմբեր 27 կը գրեն Ղուկասի մահուան օրը, չենք գիտեր ինչ պարագայէ շփոթուելով, զի Որդւոց Որոտման տօնը զոր ամենքն ալ կը յիշեն, հինգշաբթի` դեկտեմբեր 29-ին հանդիպած է, եւ Ղուկաս նախընթաց գիշերը վախճանած է: Ղուկաս ընտրուած եւ օծուած էր 1780 օգոստոս 2-ին 2149) որով 19 տարի եւ 5 ամիս պաշտօն վարած կ՚ըլլայ ( ՇԱՀ. Ա. 231), կամ աւելի ճշդելով, 19 տարի 4 ամիս եւ 26 օր:

2205. ՂՈՒԿԱՍ ՇԻՆԱՐԱՐ

Պատահարներու շարքը չ՚ընդհատելու եւ ժամանակին կացութեան նկարագիրը ամբողջապէս տուած ըլլալու համար, զանց ըրինք Ղուկասու գործունէութեան յատուկ կէտերը լուսաբանել, որոնց վրայ կը պարտաւորուինք անդրադառնալ մահը պատմելէ ետքը, բայց այդ ձեւն ալ կրնայ իբր գնահատում ծառայել անոր արդիւնաւորութեան եւ արժանաւորութեան: Մայրաթոռին կրած աղէտներուն եւ անընդհատ տեւող արկածներուն պատմութիւնը, անհաւատալի կը դարձնեն թէ Ղուկաս կրցած ըլլայ շինարար ձեռնարկներ կատարել, թէպէտեւ անոնց մեծագոյն մասը իր առաջին տարիներու մէջ կատարուած են, որոնք համեմատաբար հանդարտ անցան: Բայց միւս կողմէն ալ աւերածները նորոգութեանց ստիպողականութիւն կը ստեղծէին, եւ իր ազդեցութիւնն ու հեղինակութիւնը զօրաւոր փաստ կ՚ըլլար կարող ազգայինները յատուկ նուիրատուութեանց յորդորելու: Այդ մասին բաւական ըլլայ կատարուած նորոգութիւններէն քանիները յիշել: Մայր տաճարին դուրսէն ներքնաշարեալ չորս կարգ քարինք, որոնք այժմ այլեւս չկան, նորոգուեցան Կ. Պոլսոյ ամիրաներէն Ապուչեխցի Յարութիւն Աստուածատուրեանի ծախքով ( ՇԱՀ. Ա. 35): Իսկ տաճարին շուրջը պատող սալայատակը շինուեցաւ Սուրաթի բնակիչ Գերաքեանց Յովհաննէսի ծախքով ( ՇԱՀ. Ա. 36): Ամարան սեղանատունը, համակ կոփածոյ սեղաններով եւ նստարաններով, եւ հայրապետական աթոռով կառուցուեցաւ Ջուղայեցի Խալդարենց Մարգարի ծախքով ( ՇԱՀ. Ա. 102): Ձմրան սեղանատունը ընդարձակուեցաւ Պաշպազիրկեան Յովհաննէս ամիրայի ծախքով: Սեղանատունին վրայի համբարանոցը շինուեցաւ Թոքաթցի Նիկողայոսի ծախքով ( ՇԱՀ. Ա. 103): Սանահնի վանքը որ ի բազում ամաց հետէ ամայացեալ կայր, նորոգեալ պայծառացաւ, հաւանաբար Արղութեանց ծախքով: Ասոնցմէ զատ Ղուկաս վանքին քանքանը կամ աղբիւրն ալ նորոգեց, վանքին զանազան մասերուն վերնայարկեր աւելցուց, սենեակներ ընդարձակեց եւ շատցուց, եւ ուրիշ մասեր ալ նորոգեց եւ ամրացուց: Շինութեանց մի մասը 1784 եւ 1785 տարիներուն կատարած է իր կաթողիկոսութեան սկիզբը, բայց մինչեւ վերջն ալ նոյն հոգւով շարունակած է, ինչպէս կը գրէ 1797-ին, թէ երբ իրենց կեանքին համար անյոյս են, ուր կը մնայ որ կարենան շինութիւններ ալ կատարել ( ԴԻՒ. Դ. ծբ - ծդ ): Պէտք է դիտել տանք եւս, որ բարերարները հեռու տեղերէ յաջողած է ճարել, զի Մայրաթոռի շրջակայից մէջ հնար չէր նուիրատուներ հայթայթել:

2206. ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՆՈՐՈԳՈՂ

Բայց Ղուկասի շինարարութեան ամենամեծ արդիւնքը կաթողիկէի ներքինն է: Մայր տաճարը վերջին անգամ նորոգութիւններ ստացած էր Աստուածատուր կաթողիկոսի օրով, երբ պատերն ալ պատկերագրեցան ի տեղիս տեղիս եւ անհեթեթ ծաղկեցան (01. ԱՐՐ. 327), բայց անկէ ետքը ամէն մասեր հետզհետէ խանգարուած եւ խաթարուած էին, մինչեւ իսկ կամարները վնասուած էին եւ անձրեւը ներս կ՚անցնէր: Սիմէոն կաթողիկոս անհրաժեշտ դարմաններու ձեռնարկած էր Սահակ ճարտարապետի ձեռքով, բայց անյաջողութիւնք եւ պէսպէս նեղութիւնք, եւ մանաւանդ ծանրագոյն վիշտք եւ հիւանդութիւնք արգելք եղած էին ձեռնարկը լրացնել (01 ԱՐՐ. 328): Հետեւաբար շարունակութիւնը պարտք մնաց Ղուկասի վրայ, որ ընտրութենէն անմիջապէս ետքը գործի ձեռնարկեց Գասպար քաջարհեստ ճարտարապետին ձեռքով, զի գրեթէ տաճարին կործանման վտանգ կը զգացուէր: Յիշատակագիր մը այդ մասին մանրամասն տեղեկութիւններ տուած ատեն կը գրէ, թէ աջակողմեան տասներկու մեծ սիւները խախտեցեալ եւ բեկբեկեալ էին (01. ԱՐՐ. 328) եւ հարկ էր անոնցմէ սկսելով տաճարին շինուածը ապահովել, ինչպէս որ ալ կատարուեցաւ, Ագուլեցի Կարապետ Պապայեանի եւ Կեսարացի Խըտըր Աբրահամեանի ծախքով ( ՇԱՀ. Ա. 37): Երբոր ձեռք կը զարնեն եկեղեցւոյն կամարներն ու որմերը յարդարել, երեւան կու գան ի վաղնջուց ժամանակաց քակեցեալ տեղիքն, եւ հնագոյն բեկբեկեալ եւ ջախջախեալ քարինքն, ու երկիւղալի փտութիւնքն, այնպէս որ ճարտարապետն ալ զարհուրեալ կը շփոթի վասն երկիւղի մահուան, զի մեծ կաթողիկէի գմբէթն ի վերայ չորից կամարացն էր շինեցեալ, իսկ կամարները` գմբէթին ծանրութենէն էին բեկոտեալք, եւ կրնային վար գալով ներքեւը եղողները վտանգել: Երբոր Ղուկասի լուր կը տրուի լուսարար Մարկոս եպիսկոպոսի ձեռքով, անձամբ կու գայ վնասները տեսնել, եւ մինչեւ իսկ ելեալ ի գլուխ սանդխոյն եւ լաստակներուն վրայ պտտելով, ճարտարապետին պէտք եղած կերպերն ալ կը ցուցնէ իւրով աստուածազդեցիկ հանճարովն, առաջ կամարները մեքենայիւք նախապնդել, եւ յետոյ միակ միակ զփշրեալ քարինսն հանել (01 ԱՐՐ. 328): Եթէ ճարտարապետն ալ Ղուկասի կը դիմէր, պէտք է հետեւցնել թէ Ղուկաս արուեստական տեսակէտէն ալ հմտութիւն ունէր, եւ իր ձեռնարկներուն իսկապէս տէրն էր: Այդպէս հետզհետէ տաճարին շինուածը ապահովելէն, եւ տանիքին եւ պատերուն եւ գմբէթին վրայ պահանջուած նորոգութիւնները աւարտելէն ետքը, ներքինը պարզ ծեփով կը մնայ, զոր ձիւնափայլ եւ արծաթանիշ սպիտակեցեալ կ՚անուանէ յիշատակագիրը (01 ԱՐՐ. 329): Սիւներու նորոգութեան թուական պիտի ընդունինք 1786 տարին, համաձայն տեղւոյն վրայ գրուած յիշատակարաններուն ( ՇԱՀ. Ա. 37): Մնացած նորոգութիւններն ալ միեւնոյն տարին կատարուած պէտք է ըսուին:

2107. ՆԵՐՔԻՆ ՆԿԱՐՆԵՐԸ

Սակայն հնար չէր տաճարին ներքինը բռածեփ վիճակին մէջ անշուք պահել: Ոչ միայն Ղուկասի արուեստական ճաշակը կը պահանջէր զայն զարդարել, այլեւ պարտք մըն էր վերանորոգել ինչ որ Աստուածատուրի ժամանակէն կար, եւ նոր շինութիւնք ստիպեր էին ոչ թողեալ նշմարանք ինչ հնագոյն գահից եւ անհեթեթ ծաղկանշից, զի եւ զքանի մի հնագոյն պատկերս տեղերնէն վերուցած էին (01 ԱՐՐ. 328): Ղուկասի ճաշակն եւ արուեստական հմտութիւնը չէր ներեր նորէն անհեթեթ ծաղկանիշեր եւ նկարներ դնել, ուստի որոշեց ժամանակին նշանաւորագոյն նկարիչին յանձնել գործը, որ էր Յովնաթան Յովնաթանեան, Տփղիսի արքունիքին արուեստագէտը, որդի Յակոբայ եւ թոռն Շոռոթեցի Յովնաթանի, աւելի ծանօթ Նաղաշ մականունովը իբրեւ նկարիչ, եւ ընտիր քերթուածներովը իբր աշուղ կամ երգիչ, եւ որ վախճանած էր 1722 հոկտեմբեր 28-ին ( ՉՕՊ. 113): Հերակլ թագաւոր հաճեցաւ Յովնաթանը ղրկել Էջմիածին, ուր եկաւ աշակերտօքն հանդերձ: Պետրոս եւ Գաբրիէլ հնարագէտ հիւսանց ձեռքով, մեքենայապատ եւ տախտակաշար ընել տուաւ տաճարին ներքինը, եւ ըլլալիք գծագրութեանց ծրագիրները Ղուկասի գնահատման ենթարկեց, եւ ըստ հաճութեան եւ հաւանութեան նորին գործի ձեռնարկեց: Ինքն Ղուկաս ալ սիրատարփ սրբազանն, ոչ դադարէր յերթեւեկս առնելոյ, եւ զչափ եւ զձեւ ոսկեփայլ ծաղկանց, ու խորհրդաւոր պատկերաց գաղափարները ինքն յօրինէր, եւ ի ձեռն հանճարեղ խրատուց եւ պատուիրանաց իւրոց շարունակ գործին կ՚առաջնորդէր (01 ԱՐՐ. 239): Երկարապատում եղած ըլլալ կը նկատէինք, եթէ Մայրտաճարի նկարներուն բացատրութիւնը տալ ուզէինք: Բաւական ըլլայ ըսել, որ բոլոր տաճարը, իր ամէն մասերով ծաղկած եւ նկարուած էր, եւ պատշաճ դասաւորութեամբ հին եւ նոր կտակարանէ եւ ազգային յիշատակներէ պատկերներ կային ամէն կողմ, որոնք էին թուով հարիւրքսան եւ այլ աւելիք (01. ԱՐՐ. 330): Հետազնիններ դիտած են որ ծաղկանկարներուն մէջ աւելի Պարսկական ոճը կը տիրէր, իսկ կենդանագիրներուն մէջ աւելի Իտալականը, բայց օտար ազդեցութիւնը ստրկօրէն կրուած չէր, եւ ամենայն ինչ պատշաճեցուած էր Հայ միջավայրին եւ զգայնութեան ( ՉՕՊ. 28): Այնպէս որ հնար էր համարձակօրէն` Հայութեան համար գեղարուեստական գանձեր անուանել Յովնաթանի եւ իր աշակերտներուն արտադրութիւնները ( ՉՕՊ. 26): Մենք ալ ժամանակին տեսած ենք Մայրտաճարը իր Ղուկասեան եւ Յովնաթանեան շքեղութեան մէջ, եւ անկեղծօրէն զմայլած, Իտալական ոստաններուն արուեստագիտական գանձերը տեսնելնէս ետքը:

2208. ԴԱՐՁԵԱԼ ՆԿԱՐՆԵՐԸ

Գործին մանրամասնութեանց մտնելով պիտի աւելցնենք, թէ ծաղկանկարներ եւ զարդեր ընդհանրապէս որմնանկարներ էին ծեփերուն վրայ գծուած, եւ երբեմն ալ մարմարի վրայ, իսկ կենդանագիրները ի վերայ կտաւոց նկարագրուած ու շքեղազարդուած էին (01. ԱՐՐ. 330), եւ յարմար տեղեր զետեղուած: Նկարներուն մասին խօսած ատեն Շահխաթունեան կը գրէ, թէ անոնց մէջ քաջապէս փայլին շնորհք ձեռաց մեծանուն վարդապետին Ստեփանոսի Լեհացւոյ, եւ քաջ նկարչին հօր` Յովնաթանու ( ՇԱՀ. Ա. 45): Արդ գիտենք թէ Ղուկասի ատեն չէին ապրեր այլեւս ոչ Ստեփանոս Լեհացին եւ ոչ Յովնաթան` նկարիչին մեծ հայրը: Ուստի պէտք է հետեւցնել, թէ անոնք մասնակցութիւն ունեցած էին Աստուածատուրի ժամանակ կատարուած նկարներուն, եւ թէ վերջին Յովնաթանն ալ ազդուած է անոնցմէ, գուցէ եւ ինչ ինչ ալ կտաւեայ կենդանագիրներէն, այն ժամանակէ մնացածներ են, զի յիշուած ալ կը գտնենք թէ պատկերներէն զոմանս` որք հնացեալք եւ անգեղացեալք էին, վերջին Յովնաթան նորոգեալ պայծառացոյց (01. ԱՐՐ. 330): Աւելցնենք թէ նկարիչ Յովնաթան եկեղեցւոյ նկարներէն զատ, աշխատած է խաչվառներուն նորոգութեան ալ, զորս Ղուկաս ետ շքեղազարդել գունագոյն կերպասեօք (01. ԱՐՐ. 330): Ծախքին հայթայթման համար Ղուկաս կը յայտնէ, թէ իմս գոյիւք ստացելովք ի յօրհնեալ ժողովրդոց մերոց` ծաղկեցուցի հանդերձ խորհրդաւոր պատկերօք, որ ըսել է թէ յատուկ բարերար նուիրատու մը չեղաւ, այլ ամէն կողմերէ նուիրահաւաքութեամբ գլուխ հանուեցաւ բազմածախս ձեռնարկը: Իսկ ժամանակին համար յատուկ արձանագիրը 1786 թուականը կը ցուցնէ ( ՇԱՀ. Ա. 37), բայց յիշելով սիւներուն եւ կամարներուն նորոգութիւններուն ալ նոյն 1786 տարին կատարուած ըլլալը 2206), եւ նկատելով նկարներուն թիւն ու տարածութիւնը, անհնար կը գտնենք նոյն տարւոյն մէջ գործին աւարտումը, եւ ստիպուած ենք լոկ սկզբնաւորութիւնը դնել 1786-ին, իսկ աւարտիլը յետաձգել, զի յիշատակագիրն ալ գործը երկարած կ՚ըսէ մինչեւ ցհինգ եւ վեց ամս (01. ԱՐՐ. 330), որ է ըսել մինչեւ 1791 կամ 1792: Ըստ այսմ աշխատութիւնները շարունակած են տեղական բռնապետներու փոխադարձ կռիւներուն միջոցին 2198), որոնք Էջմիածինի վրայ շատ չծանրացան, իսկ աւարտած էին երբոր Մահմատ Խաճար Հայաստանի արշաւանքներուն ձեռնարկեց 2162), եւ Ղուկասի վրայ բաւական ծանրացան շինուածն ու նկարուածն անեղծ պահելու տագնապները: Սակայն ինչ որ այն ատեն աւերիչ ասպատակին ձեռքէն ազատեցաւ, դար մը միայն ապահով կեանք ունեցաւ, իսկ այժմ դժբախտաբար կորած ու ջնջուած է բոլորովին: Կաթողիկոսի մը անհասկանալի քմայքը եղծած է բոլոր այդ շքեղ զարդերը ( ՉՕՊ. 26), այնպէս որ նոյն կաթողիկոսի, Մկրտիչ Խրիմեանի, հիացողներն ալ համարձակած են գրել, թէ նա ամէն բան քանդած եւ փճացուցած է անհաւատալի վանտալութեամբ ( ՉՕՊ. 8): Որմանկարներէն ազատած է միայն գմբէթը, Պետրբուրգի Հնագիտական Ընկերութեան գայթակղած միջամտութեան շնորհիւ ( ՉՕՊ. 26): Իսկ Կտաւեայ պատկերներէն մի մասը ջնջուած է բոլորովին, մի մասն ալ աննշան գիւղերու եկեղեցիներ ուղարկուած ( ՉՕՊ. 19), եւ 120 պատկերներէն հազիւ 20 հատ անխնամ կերպով մնացեր են թանգարանին մէջ նետուած, բայց կը լսուի, թէ միտք կայ նորէն զետեղելու:

2209. ԴԱՒԱՆԱԿԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ

Ղուկասի շինարարութեան մասին խօսելէն ետքը պէտք է անցնինք անոր ուղղամիտ դաւանութեան կէտը լուսաբանել: Այդ բացատրութեան կը ստիպուինք, Մուրատեան Մելքիսեդեկ եպիսկոպոսի մէկ անզգոյշ ակնարկէն, չ՚ուզելով ուրիշներուն հետ` զայն անհեթեթ սխալանք անուանել ( ՄՈՎ. 312): Մուրատեան կը գրէ թէ Սարգիս Թէքիրտաղցի վարդապետին Էջմիածին գալուն վրայ` Ղուկաս կամք ունեցած ըլլայ Հայաստանեայց եկեղեցին միացնել Հռոմայ եկեղեցւոյն հետ, եւ թէ իր վրայ կասկածը երթալով ստոյգ կերպարանք կ՚առնու, ուստի եւ Ղուկաս սաստիկ կը խոշտանգուի Էջմիածնի միաբաններէն եւ կ՚աքսորուի, սակայն ձեռնտուութեամբ Վրաց Հերակլ կայսեր կ՚ազատի, եւ գաղտագնաց կը փախչի ի Տփղիս, եւ անտի յԵւրոպա ( ՄԵԼ. 592): Ղուկասի ամբողջ կեանքը եւ գործունէութիւնը տուինք, եւ անոր ոչ մի մասին մէջ հնար չէ սղմեցնել այդպիսի տարօրինակ պատահար մը: Ղուկասի թղթակցութեանց շարքը ( ԴԻՒ. Դ. ), եւ Արղութեանի հետ ունեցած յարաբերութիւնները ( ԴԻՒ. Թ. ), եւ կարեւոր յիշատակագրութիւններ (01 ԱՐՐ. 183), եւ իր գերեզմանը ( ՇԱՀ. Ա. 232) այսօր յայտնի են, եւ քայլ առ քայլ կը պատմեն Ղուկասի կեանքն ու վախճանը, եւ այս տեսակ` իրաւ անհեթեթ ենթադրութիւնն իսկ կը մերժեն, որով մեզի հարկ չմնար պատճառաբանութեամբ անոր անհիմն ըլլալը ցուցնել, զոր ուրիշներ ալ կանխած են հերքել ( ՄՈՎ. 313): Մուրատեանէ առաջ Փափազեան` լոկ կասկած մը քսած էր Ղուկասի հայադաւան ուղղափառութեան վրայ, գրելով թէ էր սա յաշակերտութենէ Յարութիւն արքեպիսկոպոսի Բասենցւոյ, եւ զի հմուտ էր ուղղափառ ճշմարտութեան, գրողին միտքովը` հռոմէադաւանութեան, աշակերտակից նորին Սարգիս վարդապետ Թէքիրտաղցի` գնաց առ նա ի գտանել հնարս միաբանութեան ազգին Հայոց ընդ եկեղեցւոյն Հռոմայ: Իսկ ինչ որ անկէ ետքը կը գրուի, թէ չկարաց ի լրումն ածել զիղձս սրտին, թէ խոշտանգուեցաւ զամս իբր հինգ, եւ թէ Տփղիս եւ անկէ Եւրոպա փախաւ ( ՓԱՓ. 936), ոչ Ղուկասի այլ Սարգիսի համար ըսուած է Փափազեանէն, մինչ Մուրատեան պարզապէս անզգոյշ անմտադրութեամբ Ղուկաս կաթողիկոսին վրայ իմացած է: Այդ պարագաներն ալ յապաւելով, երբեք չի ճշմարտուիր Ղուկասի հռոմէադաւանութեան միտած ըլլալը, վասնզի եթէ պահ մը Բասենցիին գործակից եղած էր, այն ատեն Բասենցին ալ հռոմէադաւանութենէ հեռու էր: Ղուկաս Սիմէոնի հարազատ աշակերտ էր, եւ միշտ Մայրաթոռի մէջ ուղղամիտ հայադաւանութեան պաշտպան եղած էր, իբր շնորհասուն եւ բազմաշխատ զաւակ մօրս լուսոյ սրբոյ աթոռոյս Էջմիածնի (01. ԱՐՐ. 183):

2210. ՍԱՐԳԻՍ ԹԷՔԻՐՏԱՂՑԻ

Նկատառութեան արժանի կէտ մըն է, որ Ղուկաս երբ հռոմէադաւանի մը կողմէ իբր իրենց հակամէտ կը ցուցուի, ուրիշ հռոմէադաւանի կողմէ իբր անգութ հալածիչ կը մեղադրուի: Սարգիս Թէքիրտաղցին Բասենցիէ ձեռնարդութիւն է առած անոր Թրիէստ գտնուած ատեն, 1782-էն ետքը. եւ տեսակ մը նախանձայուզութեամբ մտադրած է Էջմիածինի վրայ ազդեցութիւն գործելով, հռոմէադաւանութեան ընդարձակուելուն աշխատիլ, եւ աշխարհականի ու հայհոռոմ եկեղեցականի կերպարաններու ներքեւ Էջմիածին հասնելով կաթողիկոսին ալ ներկայացած է, յորդորելով որ կաթոլիկութիւն ընդունի եւ տարածէ: Հռոմէադաւան պատմողն ալ կը վկայէ, թէ կաթողիկոսն ընդդիմացաւ եւ այս գաղափարը անգործադրելի հռչակեց, միայն Սարգիսի անձին խնայելով խրատեց շուտ մեկնիլ եւ երթալ: Այսչափն ալ բաւական էր հաւաստելու թէ Ղուկաս ոչ մի միտում ունեցած չէ հռոմէական կողմը: Ուրիշ պատմական աղաւաղում ալ գործուած է գրելով, թէ Ղուկասի վրայ եղած հռոմէականութեան կասկածը պատճառ եղած էր, որ կաթողիկոս ընտրուելուն առաջին տարիները զինք չէին ուզեր ճանչնալ ( ԳԱԼ. 290): Վասնզի մենք արդէն տեսանք, թէ Էջմիածինի մէջ երբեք չ՚ընդունելու նշան չտրուեցաւ 2153), եւ թէ բոլոր հակառակութիւնը Զաքարիայի անձնական վիրաւորանքէն յառաջ եկած էր 2151): Սարգիսին հետ ունեցած վարմունքին դառնալով, Ղուկաս զայն եպիսկոպոսաց ատեանին առջեւ կը հանէ: Սարգիս կը ծեծուի, կը խոշտանգուի եւ կը փակուի, եւ վերջէն շղթայակապ մութ բանտ կը նետուի: Թէպէտ 20 օր ետքը կը փախչի, բայց նորէն կը ձերբակալուի, եւ շղթայակապ կը բանտարկուի, իսկ հիւանդանալուն պատճառով առանձին խուց կը փոխադրուի: Այդ բաները կը կատարուին 1788-է 1790 տարիներու միջոցին ( ԳԱԼ. 291), որով Սարգիսի Էջմիածին գալը 1787-ին վերջերը յարմար կ՚ըլլայ նշանակել, երբ Արցախի շարժումին եւ Իբրահիմի հարստահարութիւններուն պատճառով 2196), վտանգաւոր կը նկատուէին արտաքին յարաբերութեանց կասկածները: Իսկ Սարգիս Էջմիածինէն Սեւան կը փոխադրուի, եւ այդ աքսորին մէջ 3 տարի եւ 3 ամիս կը մնայ, եւ արտաքին միջնորդութեանց շնորհիւ նորէն Էջմիածին կը բերուի, եւ թեթեւ բանտարկութեամբ տարի մը եւս կը մնայ, մինչեւ որ կը յաջողի փախչիլ, եւ տարի մը աստանդական թափառումներէ ետքը Կ. Պոլիս կը գտնուի, 1796 մայիս 13-ին ( ԳԱԼ. 293): Փախուստը 1795-ին դնելով, Սարգիսի Էջմիածինի կողմերը մնալը պէտք կ՚ըլլայ իբր 7 տարի ըսել, եւ ոչ զամս իբր հինգ ( ՓԱՓ. 936): Թէքիրտաղցի Սարգիսին քաշած նեղութիւնները, որոնք Ղուկասը հալածիչ ցուցնելու համար կը պատմուին, գոնէ հռոմէադաւանութեան հակամէտ չ՚ըլլալուն հաւաստիք մը կը դառնան: Պատմութիւնը ներքին աղբիւրներէ քաղուած չ՚ըլլալուն, չենք կրնար Սարգիսի ընթացքին վրայ աւելի մանրամասնութիւններ տալ, եւ թէ ինչ անտեղի արարքներ իր վրայ հրաւիրեցին կաթողիկոսական եւ եպիսկոպոսական ատեանին խստութիւնները: Ամէն առթի մէջ հռոմէականները, որոնք Լատինական հաւատաքննութեան փառաբանողներն են, չպիտի կարենան մեղադրել Հայ եկեղեցւոյ դաւանութեան եւ իշխանութեան դէմ ելլողներուն մասին գործածուած խստութիւնները:

2211. ՍԱՀԱԿ ԱԽԼՑԽԱՑԻ

Ղուկասի դաւանական հաստատամտութիւնը իբր անգութ հալածողութիւն ցուցնելու համար յառաջ կը բերուի, Ախլցխացի Սահակ քահանայի դէպքն ալ: Սահակ իր հայրենական հայադաւան եկեղեցւոյն հաւատարիմ անձ մը եղած է սկիզբէն, Անկոթ Մարտիրոս եպիսկոպոսի աշակերտած, եւ անոր Ախլցխայի մէջ վարած պաշտօնին գործակցած 2097), 1776-ին Ախլցխայի քահանայ ձեռնադրուած, միշտ կաթոլիկներուն դիմադրած, կաթողիկոսէ նուիրակ ղրկուած, եւ իր ուղղութեան համար Զաքարիա պատրիարքէ ալ սիրով ընդունուած: Սահակ 1785-ին ատենները առաջին անգամ Կ. Պոլսոյ մէջ կաթոլիկներու հետ շփում կ՚ունենայ, եւ իբր թէ ի ներքուստ կաթոլիկ կ՚ըլլայ. բայց 1791-ի զատկէն ետքը, որ ապրիլ 13-ին կը հանդիպէր, Ախլցխայի մէջ օր մը պատարագի մէջ կաթողիկոսէ առաջ Հռոմի պապին անունը կը յիշէ ( ԳԱԼ. 295), եւ անկէ կը ծագի Ախլցխայի մէջ կրօնական յուզում մը, ուր կանուխէն ալ կաթոլիկութեան սերմեր կը մնային 2097): Կաթողիկոսը անյապաղ փութով կը գրէ քրիստոսասէր Հաճի Բաբա վաճառականին ( ԴԻՒ. Դ. 554), եւ նա ալ կուսակալին ձեռքով շղթայակապ Էջմիածին կը ղրկէ ըմբոստ քահանան ( ԳԱԼ. 295): Թերեւս Սահակի բան մը չ՚ըսուէր, եթէ զատուէր եւ կաթոլիկ եկեղեցի երթար, բայց Հայ եկեղեցւոյն մէջ իր կաթողիկոսը նախատել, եւ օտար հայրապետի անունը տալ, կանոնազանց ըմբոստութիւն էր: Արդ որովհետեւ ապստամբ չերէցն այն` անհաւատարիմ գտնուած էր սրբոյ եկեղեցւոյս մերոյ ուղղափառ դաւանութեան եւ կրօնիցն, մատնեցաւ դատաստանի եւ պատժոց, լուծաւ ի կարգէն, եւ խայտառակեալ եղաւ ( ԴԻՒ. Դ. 555): Ուրիշներ կ՚աւելցնեն, թէ թշնամանքներով սքեմը հանեցին, մօրուքը ածիլեցին, երեսը սեւցուցին, եւ իշու վրայ նստեցնելով ձաղանքի ենթարկեցին ( ԳԱԼ. 295), որոնք ժամանակին սովորաբար գործածուած պատիժներն էին, եւ կրնան խայտառակեալ բացատրութեան իբր մանրամասնութիւններ առնուիլ: Անոր վրայ խիստ բանտի ալ կ՚ենթարկուի, բայց միւս տարին, 1792-ին, Ախլցխայի կուսակալին զայն խնդրելուն պատճառով, կաթողիկոսը զայն գանակոծել եւ գլուխը գերծել տալէ ետք, տաճկական զգեստ հագցնելով յանձնել կու տայ ( ԳԱԼ. 296), Տաճիկներէ գտած պաշտպանութեան ակնարկելով: Սահակ` Ախլցխա գրեթէ մօտեցած ատեն կը մեռնի, թունաւորուածի նշաններով ( ԳԱԼ. 296): Արդ եթէ այս պարագան ստոյգ է, քանի որ Սահակ արդէն իրեններուն յանձնուած էր, եւ շատ օրերէ իվեր Էջմիածինէ հեռացած էր, զինքը տանողներ կամ Ախլցխայէ զինքը դիմաւորողներ պէտք է պատասխանատու սեպուին: Սահակ քահանային դիպուածը յայտնապէս Հայ եկեղեցւոյ նախատանաց եւ Հայոց հայրապետին դէմ ըմբոստութեան խնդիր է, եւ ըստ այնմ ալ պատժուած է: Նա ոչ թէ զբարին ընտրելով` հեստեցաւ ի սուրբ եկեղեցւոյ մերմէ, այլ ցանկանալով հեշտութեան լոյծ կենաց` ախտաւորեցաւ, թէպէտ գիտէր զուղղութիւն դաւանութեան եւ կրօնից սրբոյ եկեղեցւոյն մերոյ, կը գրէ Ղուկաս կաթողիկոս ( ԴԻՒ. Դ. 555), ակնարկելով Սահակի առաջին գործունէութեան եւ ուղղութեան:

  2212. ՂՈՒԿԱՍԻ ԸՄԲՌՆՈՒՄԸ

Ղուկաս կաթողիկոսի մասին` Փափազեանի կեղծմտօրէն եւ Մուրատեանի միամտօրէն յարուցած կասկածը իսպառ փարատելու համար, աւելորդ չենք սեպեր, անոր յայտարարութիւններէն քանի մը տողեր յառաջ բերել, քաղելով իր գրած նամակներէն: Ըստ այսմ 1780 նոյեմբեր 1-ին Ափխազաց Մաքսիմոս կաթողիկոսին գրելով շնորհակալութիւն կը յայտնէ, որ հատիք այտի զոտս մոլար աղթարմայից սուտ կարգաւորաց, եւ եդիք զկանոնս դատավճռականս, ա'յլ ոչ թողուլ նոցա մտանել ի կալուածս ձեր ( ԴԻՒ. Դ. 55): Ռուսիա գաղթած Հայերուն ուղղած եւ 1781 դեկտեմբերին գրած շրջաբերականով, երբ կը հրամայէ առանց հայրապետական կոնդակի ներկայացող եպիսկոպոսներէն եւ եկեղեցականներէն զգուշանալ, յատկապէս կը յիշէ անոնք, զորս ձեռնադրած են` ի դիւաբնակ անտառն Լիբանանու աղթարմայ սուտ կաթողիկոս կոչուածները, որոնք խոտորեալ են ի յաղանդն աղթարմայութեան, եւ զմոլար աղանդն իւրեանց սերմանեն ( ԴԻՒ. Դ. 296): Նոյնպէս 1782-ին Բերիացիներու ուղղած օրհնութեան կոնդակով կը պատուիրէ կալ արի ընդդէմ աղթարմայից, եւ զգուշանալ ի նոցին խմորոյ, եւ կալ ուղիղ ի հաւատս ( ԴԻՒ. Դ. 329): Նոյն միտքով գոհունակութիւն կը յայտնէ 1782 մայիս 20-ին, Վրաց Հերակլ թագաւորին, որ վրէժխնդիր լինելով ճշմարտութեան, եւ ջանալով հերքել զաղանդն աղթարմայութեան, հրամայած է ի յեկեղեցւոյն մերժել փեռեկտեալքն, որպէսզի խոտորեալքն ի մոլեկան աղանդն այն` ուղղութեան բերուին ( ԴԻՒ. Դ. 383): Այդ քանի մը տողեր բաւական ըլլան հաստատել Ղուկասի ըմբռնումները հռոմէադաւանութեան մասին, եւ թէ որչափ հեռի էր նա հռոմէադաւանութեան հակամէտ ըլլալէ:

  2213. ԱՊԱՇՆՈՐՀ ՄԸ ՉԷՐ

Ղուկասի վրայ աննպաստ խոսողներ կան նաեւ անկախաբար հռոմէականութեան տեսակէտէն, եւ այսպէսներուն արձագանգ եղած է Մսեր Մսերեան, գիրի առնելով ինչ որ լսած է, կ՚ըսէ, ի հինաւուրց միաբանից աթոռոյն եւ յարժանահաւատ ծերունեաց ( ՄՍՐ. 12): Բայց քանի մեր օրերուն կը մօտենանք, այդ տեսակ զրոյցներ կամ գնահատումներ երթալով կը բազմապատկուին, եւ կը տեսնուի թէ անձնական տեսակէտներ տակաւին ջնջուած չեն: Հետեւաբար դժուար եւ դժպհի կ՚ըլլար ժամանակակից եւ գրեթէ ժամանակակից անձերու վրայ համարձակօրէն խօսիլ: Ասով մէկտեղ մենք պարտաւորութիւն կը սեպենք դժուարութենէ չխուսափիլ, եւ մեր ստանձնած պատմագիրի պարտքը անաչառութեամբ կատարել: Այդ նպատակով հարկ կ՚ըլլայ ոչ այնչափ խօսողներուն կամ գրողներուն հինաւուրց կամ արժանահաւատ լինելուն վրայ հիմնուիլ, որչափ իրողութիւնները կշռել իրենց իսկութեան մէջ, եւ կշռադատութեան դնել զուգընթաց պարագայից հետ: Մսերեանի յառաջ բերած մեղադրանքներուն առաջինն է ապաշնորհութիւն առ երախտաւորս, եւ իբր հաստատութիւն կը յիշուի թէ Սահակ եւ Մկրտիչ եպիսկոպոսներուն հետ հովութեամբ է վարուեր, որով ասոնք պարտաւորուեր են փոխել զբնակութիւն իւրեանց ի վեհարանէ ի միջնապարիսպ անդր, ուր հասարակաց միաբանիցն էին բնակարանք ( ՄՍՐ. 10): Բայց եթէ այս միայն է Ղուկասի ապաշնորհութեան փաստը, մենք համարձակօրէն պիտի եզրակացնենք, թէ յիշեալ երկու եպիսկոպոսներ, Մկրտիչ եւ Սահակ, որոնք Մսերեանի պատմութեամբ գլխաւոր դերը վարած էին Ղուկասի ընտրութիւնը յաջողցնելու մէջ 2149), յաւակնութիւն ունեցած են առանձնաշնորհեալ դիրք մը վայելել ուրիշ միաբաններուն վրայ, նոյնիսկ հայրապետական վեհարանի մէջ բնակութիւն հաստատելով, ինչ որ Ղուկաս ուզած չէ ներել եւ անոնց պահանջը գոհացնել: Այս տեսութեամբ Ղուկաս աւելի յարգելի պէտք է նկատուի, եթէ առանձնաշնորհութիւն պահանջողներուն դիմադրելու ողջմտութիւնը ունեցաւ: Թող որ մենք արդէն տեսանք թէ Սահակ Փառակեցին երբեք Ղուկասի պաշտպան եղած չէ 2149), եւ միայն գործին վերջանալէն ետքը իրեն արժանիք սեփականելու ձգտումներ ունեցած է: Սա նոյն այն Սահակն է, որ Զաքարիան ալ ապտակելու յանդգնեցաւ 2186):

2214. ԱՐԾԱԹԱՍԷՐ ՄԸ ՉԷՐ

Աւելի ծանր մեղադրանք մըն ալ կը յիշէ Մսերեան, որ է ագահական արծաթասիրութիւն հանդերձ ժլատութեամբ: Ասոր ալ իբր հաստատութիւն յառաջ կը բերէ, թէ զհետ եղեւ միշտ գումարելոյ զանհամար գանձս ոսկւոյ եւ արծաթոյ, եւ մթերս ընչից եւ ականց պատուականաց ( ՄՍՐ. 10), թէ կարողագոյն միաբանները առաքէր նուիրակս, առաջնորդս եւ ժողովարարս, որպէսզի լիուլի քաղեսցեն զտուրս: Ասոնք թէպէտ հարստացուցին զաթոռն, բայց եւ զանձինս եւ զընտանիս իւրեանց մարթացան ճոխացուցանել, եւ թէ ուրիշ միաբաններ ալ ճիգն եդին ի շահասիրութիւն, փոխանակ ի փոյթ ուսումնական ջանից եւ հոգեւոր վաստակոց վառելոյ: Վերջապէս ամբաստանութեան նիւթ կ՚ընէ նաեւ, թէ աթոռը մեծագումար գանձուց լիութեամբ թողուց ( ՄՍՐ. 11), զոր ուրիշներ հարիւր հազար թուման կը հաշուեն պատրաստ դրամ (75. ԱՐՐ. 93): Այդ կէտին մէջ ալ, պէտք է դիտել տանք, որ արծաթսիրութեան եւ շահասիրութեան մեղադրանքը կ՚արդարանար, եթէ Ղուկաս հաւաքածները ապարդիւն պահէր, կամ թէ անոնցմով յղփանար եւ կիրքերու կամ հաճոյքներու ծառայեցնէր: Արդ այդպիսի ակնարկ մը չենք գտներ նոյնիսկ ամբաստանողներու մօտ. այլ ընդհակառակն կը տեսնենք որ բոլոր գումարները օգտակար շինութեանց եւ նորոգութեանց գործածուած են 2205), եւ գլխաւորապէս Մայրտաճարին պահպանութեան եւ շքեղութեան 2207): Կ՚երեւի թէ Ղուկասի դէմ դժգոհութեան պատճառը` աթոռին հասոյթները անաշխատ վայելելու զակատուած միաբանները յուսախաբ թողուլ եղած է: Մենք կը պնդենք եւս թէ կարողագոյն միաբանները նուիրակութեան յղելը` իմաստուն կարգադրութիւն եղած է, որ գացած տեղերնին ժողովուրդին հովուութեան ալ հոգ տանին, եւ ոչ թէ ապիկար հարկահաններ ըլլան, եւ ոչ ալ ժողովուրդէն մարմնաւորը կթեն` առանց հոգեւորը ընձեռելու: Այդ կարգին յիշենք թէ իրօք արդիւնաւոր նուիրակներ եղան Սահակ Փառակեցի եւ Մինաս եպիսկոպոսները ի Կ. Պոլիս, Գրիգոր Օշականցին ի Կարին, Պետրոս Փերթումեան կամ Աղամալեան յԵւդոկիա, Եփրեմ Ձորագեղցին ի Հնդկաստան եւ Ռուսաստան ( ՄՍՐ. 9), Դանիէլ Սուրմառեցին ի Ռումէլի 2189), Գալուստ Ջուղայեցին ի Նիկոմիդիա ( ՄՍՐ. 19) եւ ուրիշներ ալ ուրիշ շրջանակներու մէջ: Իսկ պատրաստ թողած գումարին` ապագային մէջ աղետալի աղմկաց ծառայած ըլլալը ( ՄՍՐ. 13) չի կրնար Ղուկասի վրայ մեղադրանք բերել, որ չէր կրնար նախատեսել` իր մահուանէ ետքը յաջորդութեան պատճառով յուզուած անտեղի եւ վնասարար վէճերը: Ընդհանրապէս Ղուկասի վրայ կը փայլի տնտեսագէտ անձի մը նկարագիրը, գանձելու մէջ յաջողակ եւ ծախսելու մէջ խոհական, որ եթէ մէկ կողմէն իր բնական ձգտումներուն եւ ձիրքերուն հետեւանքն էր, միւս կողմէն ժամանակին անհրաժեշտ պահանջն ալ էր. զի եթէ այն աղետալի արկածներուն եւ տագնապներուն մէջ, զորս պատմեցինք, տնտեսագէտ եւ լոկ գիրի ու գիրքի հետամուտ կաթողիկոս մը գտնուէր, գուցէ Մայրաթոռն ալ քանդուած եւ հայրապետութիւնն ալ վտանգուած ըլլար:

2215. ՈՒՍՈՒՄՆԱՏԵԱՑ ՄԸ ՉԷՐ

Ղուկաս կը մեղադրուի նաեւ, որ իր օրով դադարեցան Սիմէոնի հիմնած տպարանը եւ թուղթի գործարանը ( ՄՍՐ. 11): Բայց մեղադրանքը կ՚արդարանար եթէ Ղուկաս ինքն վնասած կամ ինքն քանդած ըլլար այդ հաստատութիւնները: Ընդհակառակն կը տեսնենք որ մինչեւ 1791, Ղուկասի խնամքով զանազան հրատարակութիւններ լոյս տեսած են Էջմիածինի տպարանէն ( ԴԻՒ. Տ. ծե. ), եւ միայն նոյն թուականէ ետքը դադարած են, երբոր Խոյի եւ Երեւանի բռնապետներուն միջեւ տեղի ունեցած պատերազմներուն պատճառով, Էջմիածին իբրեւ բերդ գործածուեցաւ, եւ զանազան մասեր այրուեցան եւ քանդուեցան 2199): Իսկ հետզհետէ տեղի ունեցած պայքարներ անհնար դարձուցին վերականգնել եւ արդիւնաւորել նոյն հաստատութիւնները, որոնք տեղական միջոցներով չէին կրնար կենդանանալ, եւ պէտք էր ամենայն ինչ դուրսէն հոգալ, իսկ դուրսի յարաբերութիւններ խափանուած էին իսպառ: Բայց ինչ որ Էջմիածինի մէջ անհնար էր ընել, ուրիշ տեղ կազմակերպելու ջանքը չպակսեցաւ Ղուկասի վրայ, եւ իր քաջալերութիւնները իրենց արդիւնքն ունեցան Արղութեանի տպարանական հաստատութիւններով Նոր Նախիջեւանի եւ Աստրախանի մէջ, եւ Շիրազեցիին կամ Շմաւոնեանին տպարանով Մատրասի մէջ: Մինչեւ իսկ Ղուկասի կը վերագրուի Շմաւոնեան Յարութիւն քահանան յորդորած ըլլալը` Մատրասի մէջ հրատարակելու Ազդարար ամսագիրը ( ԴԻՒ. Դ. ծզ. ), որ 1794 յուլիսին սկսած եւ Հայ պարբերականներու անդարանիկն է: Աւելի չենք ուզեր երկարել այդ կէտերու վրայ, զի նպատակնիս Ղուկասի ջատագովականը գրել չէ, այլ իբրեւ անաչառ պատմագիր, եղելութիւնները իրենց իսկական նկարագիրին ներքեւ ներկայել: Այստեղ յիշատակենք մասնաւոր դէպք մըն ալ, որ իր պարզութեան եւ առերեւոյթ փոքրկութեան մէջ ալ` լայնախոհ միտքի նշան կը դառնայ: Երբոր Մահմատ թագաւորեց, եւ եղբայրը Ալիղուլի Երեւանի մէջ բռնուեցաւ 2202), այս վերջինը ուզեց իր հաճոյքին համար Հայ աղջիկներ ժողվել տալ Երեւանի իշխանութեան սահմաններէն, բացառութիւն ընելով արդէն ամուսնացեալներուն: Հազիւ թէ այդ բանը լսուեցաւ, Ղուկաս հրաման ըրաւ որ Երեւանի եւ շրջակայից մէջ գտնուող, եւ յութամենից եւ ի վեր եղող աղջիկները իսկոյն ամուսնացնեն, չնայելով որ կը գտնուէին յաւուրս աղուհացից, յորս արգելեալ են հարսանիք ըստ եկեղեցական կանոնաց ( ՄՍՐ. 9): Ժամանակագրական հաշուով եղելութիւնը պէտք է դնել 1797 Մեծպահքին, որ տարին Բուն բարեկենդանը կ՚իյնար փետրուար 15-ին:

2216. ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆԱՑ ԺՈՂՈՎ

Երբոր Ղուկասի ընտրութիւնը ընդունելու խնդիրը Կ. Պոլսոյ մէջ կը յուզուէր, Տաճկահայոց կողմէ Մայրաթոռին առաջարկուած պայմաններէն մէկն էր, աթոռին մատակարարութեան համար կացուցանել զխորհրդականս 2151): Իսկ Մայրաթոռոյ միաբանութիւնը դիտել տուած էր, թէ նոր օրէնք չէր կրնար գրուիլ առանց կաթողիկոսի, եւ թէ այդ կէտն ալ կրնար կարգադրուիլ Ղուկասի կաթողիկոսութիւնը ընդունուելէն եւ հաստատուելէն ետքը 2153): Այսչափն ալ լռելեայն յանձնառութիւն մըն էր առաջարկուած պայմանը ժամանակին գործադրելու: Ղուկասի մասին գտնուած յիշատակարաններ եւ իր պաշտօնագիրներ` յայտնի չեն խօսիր, թէ ինչ որոշում տրուեցաւ այդ մասին Ղուկասի կաթողիկոսութեան ընդունուելէն եւ հաստատուելէն ետքը, որ տեղի ունեցաւ 1781-ին, Զաքարիայի պատրիարքութենէ դադարած միջոցին 2158): Բայց գործին մոռցուած եւ բարձիթողի եղած չ՚ըլլալուն վկայութիւնը կ՚ունենանք Ներսէս Ե. Աշտարակեցի կաթողիկոսին գրուածներուն մէջ, որ կը հաստատէ թէ 1783-ին, կաթողիկոսն եւ ամենայն արքեպիսկոպոսք Էջմիածնի, պատրիարքն եւ ամենայն հոգեւորականք եւ ժողովրդականք Կոստանդնուպոլսոյ, հաստատեալ ստորագրեցին միաբանութեամբ, զի անդամք սիւնհոդին Էջմիածնի, արքեպիսկոպոսք կամ եպիսկոպոսք, չիցեն պակաս քան զվեց ( ՄՍՐ. 10): Աղանեան Գիւտ քահանան, Դիւան հաւաքածոյին հրատարակիչը, թերահաւատութեամբ կը վերաբերուի այդ վկայութեան վրայ, իր հաւաքածոյին մէջ այդ մասին ոչինչ յիշատակութիւն չգտնելով ( ԴԻՒ. Բ. 201), սակայն մենք այլապէս պիտի վերաբերուինք: Եթէ կանոնական ծրագիրով եւ գրաւոր հրահանգով կազմուած սիւնհոդական մարմինի մը վրայ խօսուէր, կրնար իրաւունք տրուիլ Աղանեանի: Բայց խնդիրը պարզապէս կաթողիկոսին միահեծան եւ աղիկամի մատակարարութիւնը դադարեցնելու եւ խորհրդակցութեամբ գործելու վրայ ամփոփուած ատեն, շատ լաւ կ՚արդարանայ Աշտարակեցիին վկայութիւնը: Այդ պայմանը կանուխէն Զաքարիայի կողմէն առաջարկուած էր: Բայց Ղուկասի ընդունելութիւնը կատարուեցաւ Համատանցիին օրով, երբ այն ատեն նախկին պայմաններուն վրայ որոշակի միտք չէր դարձուած: Բայց երբ Զաքարիա պատրիարքութեան դառնալով լրացեալ գործի մը դիմաց գտնուեցաւ, անհնար էր որ գոնէ իր նախապէս առաջարկած պայմաններուն վրայ չպնդէր, եւ Ղուկաս ալ անոնց չհամաձայնէր: Ուստի անշուշտ վեց խորհրդականներու անուանումը կատարուած է Ղուկասի կողմէ, եւ այս ալ յստակ կերպով կը ճշդուի 1783 թուականով եւ գործադրութեան ձեւովը: Զի ոչ միայն կաթողիկոսն եւ արքեպիսկոպոսք Էջմիածնի եղան, որ հաստատեալ ստորագրեցին, այլեւ պատրիարքն եւ հոգեւորականք Կոստանդնուպոլսոյ. ուր յայտնապէս կը տեսնուի Զաքարիայի պնդելը եւ Ղուկասի համակերպիլը: Հետեւապէս պէտք է Ղուկասի օրով դնել Մայրաթոռի խորհրդակցական կառավարութեան սկիզբը, բայց դեռ Խորհրդականութեան նախնական եւ գրեթէ անկերպարան ձեւին մէջ, որ Կառավարիչ ժողով եղաւ Դանիէլ Սուրմառեցիի օրով 1808-ին, եւ օրինական Սիւնհոդ հռչակուեցաւ Յովհաննէս Կարբեցիի օրով 1836-ին:

2217. ԱՂՈՒԱՆԻՑ ԱԹՈՌ

Աղուանից կաթողիկոսական Աթոռը շփոթ եւ անիշխանական կացութեան մէջ թողուցինք Յովհաննէս Հասան-Ջալալեանի սպանութենէն ետքը 2196): Իսրայէլ օրինաւոր կաթողիկոս չէր ճանչցուեր, բայց Յովհաննէսի օրինաւոր յաջորդ մըն ալ չէր օծուած. Սարգիս ալ ազատած գոյքերով աստեւանդ ամուր տեղեր թափառական կը շրջէր 1786-է մինչեւ 1792: Վրաց թագաւորներ կ՚ուզէին պաշտպան կանգնիլ Աղուանից աթոռին, բայց Հայոց աթոռին դէմ ըմբոստութիւնն ալ չէին համարձակեր պաշտպանել: Ուստի աւելի անձնական հովանաւորութիւն մը կը կատարէին ինքնակոչներու վրայ: Այս կերպով Իսրայէլի` զայլ անկարգութիւնս եւ զամբարտաւանական չափազանցութիւնսն սանձահարեալ, Գէորգի արքայորդին նստեցուցած էր զնա, իբր արքեպիսկոպոս եւ առաջնորդ Հաղբատու վանիցն, եւ Ղուկաս ալ հաւանութիւն յայտնած էր 1783-ին նամակովը ( ԴԻՒ. Դ. 504), թէպէտ Իսրայէլ` կաթողիկոս կոչումը կը պահէր: Իսկ Սարգիս, եղբօրը յաջորդելու թեկնածու, Գանձակի Ջաւատ խանի պաշտպանութիւնը շահելով, 1792 դեկտեմբեր 8-ին Գանձասարի մէջ կաթողիկոս հռչակուեցաւ եւ օծուեցաւ, Իսրայէլի հակառակ: Սարգիս Ղուկասի ալ դիմեց, 1795 հոկտեմբեր 22-ին աղերսարկու նամակով մը ( ԴԻՒ. Դ. 648), բայց Ղուկաս չուզեց ճանչնալ ինքնընծայ կաթողիկոսն, եւ դեկտեմբեր 15-ին պատասխանեց, թէ այնպիսի նորաձեւ իմն բան արարեր, որ չմնաց մեզ տեղի խօսել ( ԴԻՒ. Դ. 649): Այսուհանդերձ երկու ինքնակոչներն ալ կը կարծէին իրենց միտքը յաջողցնել, բայց Սարգիս տեսնելով որ ոչ Ջաւատ խանէ եւ ոչ ալ մելիքներէ սպասած օգնութիւնը չի գտներ, իր Դանիէլ եղբօրը որդւոյն` Բաղդասար աբեղային հետ Տփղիս անցաւ 1796-ին, Հերակլի պաշտպանութեամբ զօրանալու յոյսով: Բայց Հերակլ մեռաւ այն օրեր, եւ Գէորգի միջամտեց Ղուկասի մօտ, բայց ընդդիմութեան հանդիպեցաւ` Սարգիսի ինքնագլուխ կաթողիկոսացած ըլլալուն պատճառով: Գէորգի այն ատեն, մէկ կողմէ խստանալու ձեւեր առաւ Էջմիածինի նուիրակները իր սահմաններուն մէջ արգելել սպառնալով ( ՄՈՎ. 319), միւս կողմէն Սարգիսը խոնարհեցուց զանուն կաթողիկոսութեան եւ զկարմիր կնիքն խափանել, եւ Ղուկաս հաւանեցաւ, որ Սարգիս եպիսկոպոսական պատուով լինի առաջնորդ Հաղբատայ սրբոյ վանիցն իբրեւ արքեպիսկոպոս Աղուանից երկրին, եւ այս պայմանով ճամբայ դրաւ Սարգիսը, որ մինչեւ Էջմիածին եկած էր. եւ ըստ այնմ ալ գրեց Գէորգիի 1797 օգոստոսին ( ԴԻՒ. Դ. 678): Նոյն թղթով կը խնդրէր, որ այլեւս Էջմիածին դարձնէ Ս. Գեղարդը, որ Տփղիս ղրկուած էր ժանտամահի առթիւ, Ակնեցի Յովհաննէս վարդապետին հետ 2203), եւ զոր Վրաց արքունիքը մօտը կը պահէր իբր պատանդ կամ գրաւական, Էջմիածինի վրայ ազդելու համար: Գէորգի այս անգամ ալ Ս. Գեղարդը չդարձուց, եւ Ղուկաս ալ նորէն պնդելու եւ պահանջելու ատեն ալ չունեցաւ, զի շատ չուշացաւ իր մահը, որ ինչպէս գրեցինք տեղի ունեցաւ 1799 դեկտեմբեր 28-ին 2204): Հոս կը փակենք Ղուկասի կաթողիկոսութեան շրջանը, որ իրաւամբ մեծավաստակ հայրապետ կոչմամբ կը պատուուի կաթողիկոսաց շարքին մէջ ( ԴԻՒ. Դ. 684):

 

2218. ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ԸՆՏՐԵԼԻՆԵՐ

Մայրաթոռոյ միաբանութիւնը շտապեց յաջորդի ընտրութեամբ զբաղիլ, եւ նոյնիսկ Ղուկասի թաղման օրը, 1799 դեկտեմբեր 29-ին, ժողովի գումարուեցաւ, որ զանազան կողմերէ յաջորդութեան ցուցուածներէն յարմարագոյնը նշանակէ: Մէկէ աւելի էին աչքի ինկողները, ըլլան միաբանութեան գնահատումով, ըլլան իրենց հետամուտ թեկնածութեամբ: Նախեւառաջ Մինաս եպիսկոպոսի խօսքը կ՚ըլլար, բայց պարզապէս քաղաքավարական ձեւակերպութեամբ մը, իբր զի տեղապահ կը գտնուէր. բայց կաթողիկոս ըլլալն ալ անհնար էր, աչքի տեսութիւնը կորուսած էր ( ՄՍՐ. 14): Իբր ամենէն աւելի արժանաւոր եւ յարմարաւոր կը ներկայանար Դանիէլ Սուրմառեցին, որ վերջերը Կ. Պոլսոյ պատրիարք ընտրուած էր 2189), եւ ամէնուն կողմէ յարգանք կը վայելէր: Բայց անոր համար ալ կը կասկածէին թէ Կ. Պոլսոյ մեծամեծներ արգելք դնեն, չուզելով նորէն պատրիարքական տագնապի մատնուիլ, նոր պատրիարքացու գտնելու դժուարութեամբ (63. ԿՌՆ. 744): Այդ մտածումով իբրեւ աւելի յարմարաւոր Եփրեմ Ձորագեղցիին անունը կը տրուի, որ երբեմն Հնդկաստանի մէջ արդիւնաւոր նուիրակութիւն կատարած, եւ վերջերս 1799 փետրուար 12-ին Ռուսաստանի նուիրակութեան ղրկուած էր ( ԴԻՒ. Թ. 265), եւ կարող էր կաթողիկոսական աթոռին մատակարարութիւնը վարել (63. ԿՌՆ. 744): Եփրեմի համար ալ դիտողութիւն ընող եղաւ, թէ զԵփրեմն դժուարին է հանել ի ձեռաց առիւծուն ( ՄՍՐ. 15), որով կ՚իմանային Ռուսաստանի մէջ տիրապետող Արղութեանը, որ հարկաւ արգելք պիտի հանէր, իրեն ուզելով պահել աթոռը, եւ թերեւս աւելի յարմար կ՚ըլլար, զայն առաջ անցընել: Բայց անոր մասին ալ դիտողութիւն կ՚ընէ Մինաս եպիսկոպոս, բերեալ ի մէջ զզանազան բանաւոր պատճառս ( ԴԻՒ. Բ. 46): Իսկ այս պատճառներն էին Յովսէփի Ռուսի մարդ ( ԵՐՑ. Ա. 2), կամ Ռուսաց կառավարութեան գործիք նկատուիլը, եւ Ռուսաց բանակին հետ Պարսից եւ Օսմանցւոց դէմ պատերազմի մէջ գտնուած ըլլալը ( ԴԻՒ. Դ. 687), մինչ ընտրութիւնը հաստատողներ Պարսիկ եւ Օսմանեան կառավարութիւնները պիտի ըլլային: Այդ մտածմունքով ընտրելի առաջարկուեցաւ Կեսարիոյ առաջնորդ Ստեփանոս Սեբաստացի եպիսկոպոսը, բայց անոր ալ հեռաւոր եւ Մայրաթոռէ դուրս ըլլալը դիտողութեան տեղի տուաւ: Իբր ոչ մի բանով պակաս քան զյիշատակեալ եպիսկոպոսունսդ յիշուեցան նաեւ Դաւիթ Էնէգէթցի եպիսկոպոսը, Ղորղանեան ազգատոհմէն, որ աթոռակալ ալ էր ( ՄՍՐ. 15), այսինքն է աթոռին տնտեսական կամ ելեւմտական վարիչը ( ՄՈՎ. 325): Դաւիթի անունին դէմ ալ դիտողութիւն ընողներ եղան, որոնց դէմ սկսաւ գրգռուիլ Դաւիթ` որ ներկայ էր, եւ այդ առաջին ժողովը ցրուեցաւ աղմկաւ եւ տարաձայնութեամբ ( ՄՍՐ. 15), շատ մը անուններ տալով, բայց որոշման չկրնալով յանգիլ:

2219. ԴԱՆԻԷԼ ԵՒ ԵՓՐԵՄ

Միւս օրը դեկտեմբեր 30, եւ ոչ դեկտեմբեր 28 ( ՄՍՐ. 15), նորէն կը գումարուին ի տաճարն, եւ վերջապէս համաձայնութիւն կը գոյացնեն Դանիէլի եւ Եփրեմի անուններուն վրայ, առաջնութիւնը Դանիէլի տալով, եւ Եփրեմն ալ աւելցնելով` Կ. Պոլսոյ մեծամեծներուն Դանիէլէ բաժնուիլ չուզելը ենթադրելով: Ըստ այսմ պաշտօնական գիրը կը պատրաստեն միաբանութեան անունով, որուն մէջ երկու ընտրելիներու անունները ոսկեզօծ ծաղկօք եւ գեղեցիկ նկարիւք գրուած էին: Գիրը կը ստորագրեն նաեւ Երեւան քաղաքի մելիքք եւ իւզբաշիք: Երեւանի իշխող Մահմատ խանէն ալ յատուկ գիրեր կ՚առնեն առ սրբազան Դանիէլ, եւ առ տէրութիւն Օսմանցւոց (63. ԿՌՆ. 744): Միաբանութեան պաշտօնագիրը կը կազմուի 1800 յունուար 2 թուականով, եւ պէտք եղած պատրաստութիւններով կ՚անցնեն Ծնունդին տօնական օրերը: Գիրերը Կ. Պոլիս տանելու պատգամաւորի ընտրութիւնը մտածած ատեննին, Դաւիթ ամէն միջոցներով կ՚աշխատի որ ինքն ըլլայ պատգամաւորը, եւ կը յաջողի ալ միջնորդութեամբ իր Բարսեղ եղբօր, եւ ազդեցութեամբ անոր աներոջ մելիք Աբրահամ Աղամալեանի, եւ Էջմիածինէ կը մեկնի 1800 յունուար 16-ին ( ԴԻՒ. Դ. 687), երկուշաբթի օր: Միաբանութիւնը կը կարծէր դժուարին կացութեան մէջէն ելած եւ մանաւանդ Յովսէփ Արղութեանի անունէն ծագելիք վտանգէն ազատուած ըլլալ, համոզուած ըլլալով թէ անոր պատճառով Հայ ժողովուրդը տիրող պետութեանց վրիժառութեան զոհ պիտի լինէր ( ՄՈՎ. 324): Բայց ուրախութիւննին կարճ եղաւ: Աղանեան իր ամփոփումին մէջ կը յիշէ, թէ Դաւիթ` Դանիէլի եւ Եփրեմի համար պաշտօնական գիրէն զատ ( ԴԻՒ. Ե. 3), վկայական գիր մըն ալ ունէր ծոցում, որով միաբանութիւնը յարմարագոյն ընտրելի կը ցուցնէր Դաւիթը ( ԴԻՒ. Է. ժբ ): Բայց ոչ միայն վաւերական աղբիւրը ցուցուած չէ, այլեւ միաբանութեան համար նախատական պիտի սեպուէր այսպիսի խարդախ ընթացք մը: Առաւելն կրնար քանի մը կուսակիցներու կողմէ մասնաւոր գրութիւն մը եղած ըլլալ: Յետ մետասան աւուր յուղարկման պատգամաւորին եւ պաշտօնագիրներուն ( ԴԻՒ. Թ. 310), որ է ըսել յունուար 27-ին ( ՄՍՐ. 17) ստիպողական գիրեր եւ լուրեր կը հասնէին Տփղիսէ, երբ Դաւիթ հազիւ Կարին հասած կ՚ըլլար (63 ԿՌՆ. 745): Նա կը փութար շուտով հասնիլ Կ. Պոլիս, եւ Կ. Պոլսեցւոց կատարելիք ընտրութեան մասնակցիլ` երկճիւղի նպատակով, կամ ընտրութիւնը իր վրայ դարձնել տալ, եւ կամ եթէ Դանիէլի վրայ կայանար, անոր պատրիարքութիւնը ձեռք ձգել:

2220. ՅՈՎՍԷՓԻ ՀԱՄԱՐ

Էջմիածինէ Տփղիս շուտով հասած էր Ղուկասի մահուան գոյժը, եւ տեղւոյն հայաբնակութիւնն ալ եւ պետական շրջանակներն ալ սկսած էին յաջորդի անձնաւորութեամբ զբաղիլ, եւ համամտութիւն յայտնուած էր Յովսէփ Արղութեանի անունին վրայ: Յովսէփ ծանօթ էր իբրեւ կարողագոյն անձնաւորութիւն մը, որ 1773-էն սկսելով 2192), 27 տարիէ ի վեր Ռուսաստանի առաջնորդ էր, ազդեցիկ դիրք կազմած էր, եւ Ռուսիոյ արքունեաց հետ մտերմական յարաբերութիւններ հաստատած էր: Ոչ միայն կրնար Մայրաթոռի մէջ արդիւնաւոր պաշտօնավարութիւն ունենալ, այլեւ յարմարագոյն եւ գուցէ միակ միջնորդն էր, որ կրնար Ռուսական պաշտպանութեամբ Հայաստանի Հայութիւնը իր տագնապալից վիճակէն ազատել: Այդ գաղափարը պարզապէս ժողովուրդին կամ բարձր շրջանակներու մէջ կազմուած միտք չէր, այլ համարձակ կրնանք ըսել, թէ Յովսէփ ինքն էր այդ նպատակը կազմողն ու մշակողը: Ղուկասի կենդանութեան ատենէն` Էջմիածնի կաթողիկոսական տեղակալ տիտղոսը գործածել սկսած էր ( ՄՈՎ. 324), կաթողիկոսական աթոռին յաջորդելու միտքը բացարձակ յայտարարած էր, իր ապագայ գործունէութեան արդիւնքներն ալ մատնանշելով, եւ նոյնիսկ Կ. Պոլսոյ մեծամեծներուն` այդ միտքը գրաւորապէս յայտնել էր մի քանի անգամ ( ԶԱՄ. Բ. 142): Այնպէս որ Ղուկասի ականջն ալ հասած էր այդ ամէնը, եւ քանիցս կրկնած էր այն նշանաւոր խօսքը. Ինձ իflնչ մնաց այս աշխարհից, որ քեզ ինչ մնայ, Յովսէփ վարդապետ ( ՄՈՎ. 324): Հետեւաբար Յովսէփի յաջողութեան գաղափարը` ծանօթ մի բան էր, եւ նոյն կէտը որ միաբանութիւնը զգուշաւորութեան կը յորդորէր, ուրիշները գործունէութեան կը մղէր: Տփղիսի մէջ եղող Յովսէփի ազգակիցներ եւ բարեկամներ անմիջապէս գործի սկսան, եւ ձեռք առին Վրաց Գէորգի թագաւորն ալ ( ՄՍՐ. 16), որ իրեն ալ նպաստաւոր արդիւնքներ կրնար ակնկալել Յովսէփի դիրքէն եւ յարաբերութիւններէն: Իրենց կողմը շահեցան նաեւ Տփղիսի մէջ Ռուսական զօրավար Լազարեվը (63. ԿՌՆ. 745), եւ դեսպան Պետր Իւանիչ կամ Պետրոս Յովհաննէսեան Կաւալիցկին ( ԴԻՒ. Թ. 295): Գէորգի թագաւոր իրեն մօտ կանչեց Յովհաննէս Ակնեցի եպիսկոպոսը, Գեղարդին պահապանը, որ Գեղարդակիր եւ Կենդանի-Նահատակ մականուններով ալ յիշուած է, եւ որ Տփղիսի մէջ իբրեւ Մայրաթոռոյ ներկայացուցիչ կը նկատուէր: Բացարձակապէս հրամայեց, գրեա' առ միաբանակիցս քո եւ ծանո' զի չէ հնար այլում ումեք լինել ձեզ հայրապետ, բայց միայն Յովսեփայ. սպառնալիքն ալ աւելցնելով վրան, ապա թէ ոչ չթողում դարձուցանել զԳեղարդնդ յաթոռ ձեր ( ՄՍՐ. 16): Գէորգի այս նպատակով գիր մըն ալ ուղղեց միաբանութեան, գիր մըն ալ իր որդւոյն Դաւիթի անունով ( ԴԻՒ. Թ. 297): Յովհաննէս եպիսկոպոսն ալ գրեց, Տփղիսի Հայ մեծամեծներն ալ նոյն միտքով զատ գիր մը ուղղեցին Մայրաթոռոյ միաբանութեան 1800 յունուար 11 թուականով ( ԴԻՒ. Թ. 293), եւ Յովսէփ Միրիշքարբաշի իշխանազունը, եւ Տփղիսի աւագերէցներէն Ստեփան ( ԴԻՒ. Թ. 294) կամ Առաքել ( ԴԻՒ. Թ. 310) քահանան` իբր պատգամաւոր ճամբայ հանեցին, գիրերը Էջմիածին տանիլ եւ միաբանութիւնը համոզել: Կ՚երեւի թէ եղած ընտրութեան 2219) լուրը չէր հասած Տփղիս, վասնզի այդ մասին բնաւ ակնարկ չենք տեսներ վերոյիշեալ գրութեանց մէջ:

2221. ԴԱՆԻԷԼ ԵՒ ՅՈՎՍԷՓ

Պատգամաւորները Էջմիածին հասան յունուար 27-ին, եւ վերիվայր եղաւ միաբանութեան մտադրութիւնը: Տփղիսի Հայութեան թախանձանքը, Վրաց թագաւորին կամքը, Ռուսական ներկայացուցիչին առաջարկը, Գեղարդը կորսնցնելու սպառնալիքը իրարու վրայ բարդուելով, միաբանութիւնը զիջողութեան ստիպեցին, որչափ ալ ակամայ, եւ բռնադատեալ ըլլար իրենց հաւանութիւնը: Հարկաւ ժողով մըն ալ տեղի ունեցաւ, եւ որոշուեցաւ որ ընտրելիներու անուններուն մէջ Յովսէփի անունն ալ գրուի իբր երկրորդ, առանց բոլորովին ջնջելու Եփրեմի անունը, եւ Կ. Պոլսոյ մեծամեծաց հաղորդուի նոր թուղթով մը, անոնց թողլով, որ եթէ ազգս մեր զայլ ոք առաքեսցէ, մեք ոչ կարեմք ընդդիմանալ, զի շինութիւն սրբոյ աթոռոյս եւ ապրուստ մեր ի նոցանէ է, եւ մինչ ազգն մեր կամակցեալ մեզ` զՅովսէփ արքեպիսկոպոսն հրաւիրեալ առաքեսցեն, մեզ ընդունելի եւ յարգելի է ( ԴԻՒ. Թ. 297): Միաբանութիւնը այս կերպով կը մտածէր դժուարութեան մէջէն ելած ըլլալ, գործը բոլորովին Տաճկահայոց վրայ թողլով. գուցէ ալ կը յուսար թէ Տաճկահայք չեն հաւանիր կամ չեն համարձակիր Ռուսի մարդ եղողը կաթողիկոսութեան բարձրացնել: Մայրաթոռոյ միաբանութիւնը ստիպողական պարագային առջեւ` երկարօրէն վարանած չէ, զի յունուար 27-ին հասած էին Տփղիսի պատգամաւորները, եւ 28-ին իրենց որոշումը կը գրէին Դաւիթ եպիսկոպոսին: Գիրին մէջ կը պատմեն թէ ստիպումներ ստացած են Տփղիսէ, եւ որչափ ալ առաջ վասն կասկածելի պատճառաց ոմանց չէին համարձակած Յովսէփը իբր ընտրելի ցուցնել, բայց այժմ կ՚ըսեն, պատշաճ տեսաք այն ալ ներկայել նոր գրութեամբ մը, եւ անոր մէջ ընդ յարգելի պատրիարք Դանիէլ արքեպիսկոպոսին` ճոխապատիւ Յովսէփ արքեպիսկոպոսն դասելով: Սակայն առջի գրութիւննին չեղեալ չեն համարիր, այլ կը յանձնարարեն, որ թէ առաջին մահսէրն եւ թէ զերկրորդ մահսէրն ի միասին մատուսցես օրհնեալ ազգին մերոյ: Այս երկրորդ հանրագիրին չէին կրցած ամէնքը ստորագրել` վասն սղութեան ժամանակի ( ԴԻՒ. Թ. 306), միանգամայն այն ի վերայ հասարակ թղթոյ եւ անպաճոյճ շարադրութեամբ գրուած էր, որ նշան էր անհաճութեան մտաց գրողացն` զանուն Յովսէփ արհւոյն (63 ԿՌՆ. 746): Այդ գիրերը ստիպաւ Կարս յըղուեցան, որ անկէ ալ թաթարաւ հասցնեն Դաւիթին` ուրեւիցէ ( ԴԻՒ. Թ. 306): Միւս օր, յունուար 29-ին, միաբանութիւնը փութաց իր որոշումը հաղորդել թէ արքայազուն Դաւիթ իշխանին ( ԴԻՒ. Թ. 299), եւ թէ Ռուսիոյ դեսպան Կաւալիցկինին ( ԴԻՒ. Թ. 295), երկարօրէն բացատրելով իրենց առաջին որոշման պատճառները, եւ չմոռնալով ալ կրկնել Ս. Գեղարդը դարձնելու խնդրանքը, քանի որ իրենք համակերպելով հպատակած էին իրենց եղած պահանջումին: Հարկ կը սեպեն յատուկ եւ բացատրական նամակով մը եղելութիւնները եւ փոփոխութիւնները Եփրեմի ալ հաղորդել ( ԴԻՒ. Դ. 685): Այս նամակը գրուած է 1800 փետրուարին ( ԴԻՒ. Դ. 689), հարկաւ առջի օրերը, զի պէտք չէր յապաղել պարտուպատշաճ բացատրութիւնը: Բայց Եփրեմ, բոլորովին հեռու կաթողիկոսանալու փափաքէն կամ յաւակնութենէն, բնաւ դժգոհութիւն չզգաց եղած փոփոխութեան վրայ, արդէն ինքը կանխած էր կաթողիկոսութիւնը Յովսէփի առաջարկել ( ԴԻՒ. Թ. 303), եւ իր ընթացքն ալ նոյնը հաստատեց, ինչպէս պիտի տեսնուի պատմութեան ընթացքին մէջ, եւ Եփրեմի կատարած ջանքերով:

2222. ՅՈՎՍԷՓԻ ՃԻԳԵՐ

Պէտք էր որ այդ անցուդարձերուն վրայ Յովսէփի ալ բան մը գրուէր միաբանութեան կողմէն, եւ իրօք ալ կը գտնենք այս նպատակով անոր ուղղուած երկար նամակ մը ( ԴԻՒ. Թ. 307): Միայն թէ գրչագիրի կամ տպագիրի սխալմունք մը սպրդած է նամակին ներքեւ դրուած 1800 յունուար 20 թուականին մէջ ( ԴԻՒ. Թ. 311), որովհետեւ նոյն նամակին մէջ յիշուած են, առաջին ընտրութեան եւ վերջին փոփոխութեան պարագաները, որոնք յունուար 27-էն ետքը տեղի ունեցան: Հետեւապէս Յովսէփի ուղղուած նամակը` հազիւ յունուար 30-ին գրուած կրնայ ըլլալ: Միւս նամակներուն մէջ պատմուած մանրամասնութիւններէն զատ` նկատողութեան արժանի են Յովսէփի անձին վրայ նկատուած արգելքին մասին ընդարձակ բացատրութիւնները, այնպէս որ աւելի Յովսէփը ընտրութենէն հրաժարելու, քան թէ կաթողիկոսութիւնը ընդունելու կը յորդորեն, եւ ուղիղ մտօք եւ ստուգութեամբ իրենց տեսութիւնները կը պարզեն: Կը յիշեն թէ ինչպէս ինքն Յովսէփ Պօտէմկինի բանակին հետ Օսմանեանց դէմ գտնուեցաւ` Բանտէր, Իսմայիլ, Եաշ եւ Սիչով, թէ նոյնպէս Զաբովի բանակին հետ Պարսից դէմ եկաւ Դարբանդ, Շամախի եւ Գեանջա. թէ ինչպէս ինքն Յովսէփ ալ այն ատեն չհամարձակեցաւ Էջմիածին գալ, եւ թէ երկու անգամ Ղուկասէ հրաւիրուելով` չ՚ախորժեցաւ ճաշակել զդառնութիւն խստութեան այլազգական իշխանութեանցն: Ասոր վրայ դիտել կու տան, թէ ազգն մեր ըստ մեծի մասին է այժմ ընդ գաւազանաւ տէրութեան Օսմանցւոց, եւ տարաբախտ մասն Հայաստան աշխարհի ընդ խիստ իշխանութեամբ Պարսից ( ԴԻՒ. Թ. 309): Ուստի կ՚ըսեն, եթէ չունիս կասկած վտանգի առ ամենաազնիւ անձն քո, եւ առ սուրբ տունս, եւ առ ազգ մեր, հրամայեսցես եկեսցես ի սուրբ աթոռս ի կաթողիկոսութիւն, բայց կ՚եզրակացնեն, որ եթէ երկիցես ի պատճառացն յիշատակելոց, թէ վտանգ լինիցի շքեղափառ անձինդ, եւ սրբոյ աթոռոյս, եւ ազգի մերում, եւ չկամիցես գալ, առ այն ոչ կարեմք ձեզ լինել մեղադիրս ( ԴԻՒ. Թ. 311): Բայց Յովսէփ հեռու էր այս տեսակ կասկածներէ եւ զգուշութիւններէ: Նա տակաւին միաբանութեան գիրը չ՚առած, եւ թերեւս ալ բոլոր անցուդարձերուն կատարելապէս չտեղեկացած, փութացած էր կանխել եւ ամէն միջոցները գործածել, որ կանուխէն երազած եւ հեռուէ նախապատրաստած նպատակը իրագործուի, եւ առիթը ձեռքէ չփախցուի: Անշուշտ Ռուսական արքունիքին հետ ալ` պէտք եղած միջնորդութիւնները ձեռք առած էր: Արդէն փետրուար 1-ին, միաբանութեան նամակին հասնելէն առաջ, յատուկ գրութեամբ կը դիմէր ամիրայից, իշխանաց եւ իշխանապետաց եւ բոլոր Հայկազուն ժողովրդականաց Կ. Պոլսոյ ( ԴԻՒ. Թ. 301), եւ անոնց հաւանութիւնը կը խնդրէր իրեն կաթողիկոսութեան համար: Այդ գրութեամբ կը պատմէ, թէ Վրաց նորապսակ թագաւորը` Գէորգի, որ 1797-ին հօրը յաջորդեց 2203), Ղուկասի ծերութեան եւ տկարութեան պատճառով, զինքն հրաւիրած էր գտանիլ ի մերձակայ սահմանս, որպէսզի կարենայ ի դիպուկ ժամու բառնալ զլուծ հոգաբարձութեան Մայրաթոռոյ: Բայց ինքն այն ատեն Զաքարիա պատրիարքին գրեր է, թէ չ՚ուզեր ի թագաւորաց եւ ի կայսերաց կոչուիլ, եւ ոչ ալ բռնաբարիչ սրբացեալ աստիճանին երեւալ ( ԴԻՒ. Թ. 302): Բայց որովհետեւ այժմ աթոռը պարապ է, հարկադրեցեալ ի նոցունց ժտից, կը դիմէ բնակչաց մեծի մայրաքաղաքիդ Կոստանդնուպոլսոյ եւ Դանիէլ պատրիարքի, որ եթէ կոչումս այս իցէ ի Տեառնէ, եւ եթէ լիցի հաւանութիւն եւ համակամ հաճութիւն աստ եւ անդ եղեալ միաբանից եւ երեւելի անձանց, ինքն կը հնազանդի ձայնից բազմութեան, եւ կը փութայ Էջմիածին երթալ ( ԴԻՒ. Թ. 304): Ասկէ աւելի յայտնի կերպով քուէ մուրալու աղաչանք չէր կրնար ըլլալ: Աղանեանի Դիւանին մէջ նոյն նամակը կրկին անգամ հրատարակուած կը գտնենք ( ԴԻՒ. Թ. 311), որ կը ցուցնէ թէ Յովսէփ իր նամակը կրկին պատճէններով եւ տարբեր միջոցներով յղած է, որ անկորուստ հասնի եւ նպատակը ապահովուի: Նոյն միտքով գրած է եւս Էջմիածին` տեղապահ Մինաս եպիսկոպոսին ( ԴԻՒ. Թ. 315), Աստրախան` նուիրակ Եփրեմ եպիսկոպոսին ( ԴԻՒ. Թ. 319), Տփղիս` Գեղարդակիր Յովհաննէս եպիսկոպոսին ( ԴԻՒ. Թ. 322), եւ նոյնիսկ յատկապէս Դանիէլ պատրիարքին ( ԴԻՒ. Թ. 327), ամէնուն ալ իրեն ընտրութիւնը յանձնարարելով:

2223. ՏԱՃԿԱՀԱՅՈՑ ՄԻՏՔԸ

Կոստանդնուպոլսոյ մէջ Ղուկասի մահուան առաջին գոյժը առնուեցաւ 1800 փետրուար 7-ին: Դանիէլ պատրիարք իր աշակերտ Ներսէս վարդապետը, որ է Աշտարակեցի ապագայ կաթողիկոսը, ճամբայ հանած էր Էջմիածին` իր նուիրակութեան հաշիւն ու արդիւնքը եւ ընծաները տանելու: Ներսէս Կարին հասած էր Ղուկասի մահուընէ 7 օր ետքը, այսինքն 1800 յունուար 4-ին, ուր արդէն գոյժը լսուած էր, ուստի յատուկ սուրհանդակ կը հանէ պատրիարքը տեղեակ ընելու: Այսպէս կը գրէ ժամանակակից մը Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, տեղական լուրերը եւ օրերը ճշդելով, մինչ այլուր կը տեսնենք թէ Ներսէս Ղուկասի մեռնելէն չորս օր առաջ Էջմիածին հասած ըլլայ ( ԴԻՒ. Ե. 9): Թերեւս Կարինէ ղրկուած սուրհանդակը Ղուկասի վտանգաւոր վիճակին համար եղած էր, եւ թերեւս ալ անստուգութեան պատճառով Դանիէլ անմիջապէս չէ հռչակած` վերջնական եւ պաշտօնական լուրին սպասելով: Միայն փետրուար 17-ին կը հաղորդէ Ջուղայեցի Գալուստ եպիսկոպոսին, որ Նիկոմիդիա կը գտնուէր նուիրակութեամբ, եւ Գալուստ փետրուար 22-ին Կ. Պոլիս կը հասնի, որ յաջորդին մասին խորհրդակցին ( ՊՏՄ. ): Իսկ լուրը բերնէբերան ժողովուրդին մէջ տարածուած էր, եւ թէպէտ պաշտօնական պատգամաւոր չէր հասած, բայց մասնաւոր նամակներ եկած էին Մայրաթոռէն, որոնք ընտրական գործողութիւնները կ՚իմացնէին, եւ Դանիէլի կաթողիկոսանալը կը թելադրէին: Այդ պարագայից վրայ կը հասնի պատգամաւոր Դաւիթ եպիսկոպոս, որ ձմեռուան պատճառով աստեւանդ դադարած էր, եւ պատրիարքարան կը մտնէ մարտ 18-ին, Մեծ պահոց Դատաւորի կիրակին, կէսօրին մօտ, երբ Մայրեկեղեցւոյ երեք եկեղեցիներու մէջ, Դանիէլ պատրիարք, Գալուստ նուիրակ եւ Յակոբ Երուսաղէմի փոխանորդ` եօթնական քահանայ կը ձեռնադրէին: Նոյն օր կը սկսին Ղուկասը իբր հանգուցեալ կաթողիկոս յիշատակել: Դաւիթի ներկայութեամբ եւ բերած գիրերով` կաթողիկոսական ընտրութիւնը օրուան խնդիր դարձաւ մեծամեծներուն մէջ, մանաւանդ որ Ղուկասի ընտրութեան միջադէպին վրայ 2151), եւ Յովսէփի խնդիրէն ազատելու համար 2221), այս անգամ միաբանութիւնը` բոլորովին Կ. Պոլսեցոց կամքին էր թողած ընտրութիւնը: Դաւիթի հասնելէն իբր տասն օր ետքը, այսինքն է մարտ 28-ին, ամիրաներու ժողով կը գումարուէր Եէնիխանի մէջ պատրիարքի գլխաւորութեամբ ( ՊՏՄ. ), զանազան կարծիքները ամփոփելու համար: Դաւիթ եւ Գալուստ հաւասարապէս Դանիէլի ընտրութիւնը կը պնդէին, իբրեւ միաբանութեան փափաք ու կամք, եւ միտքերը Յովսէփէ կը հեռացնէին. բայց երկուքն ալ թաքուն միտք ունէին` իրարմէ անկախաբար, որ Դանիէլի տեղ պատրիարք ընտրուին, կամ եթէ Կ. Պոլսեցիք Դանիէլը պահել ուզեն, կաթողիկոսութիւնը իրենց մնայ: Սակայն Էջմիածինի եպիսկոպոսներէն մասնաւոր նամակներ եկած էին, երկուքին ալ ընտրութիւնը արգելելու նպատակով (63. ԿՌՆ. 752): Իսկ Ստեփանոս Սեբաստացւոյն ընտրութեան դէմ ելան Կեսարացիները (63. ԿՌՆ. 753): Յովսէփի եւ Եփրեմի մասին Կ. Պոլսեցիք նպաստաւոր չեղան, օտար երկիրէ, որ է ըսել օտարի նպաստաւոր մարդ ընտրելով` կասկածի ներքեւ չիյնալու համար (63. ԿՌՆ. 750): Կը մնար Դանիէլ, բայց անոր մասին ալ մէկէ աւելի պատճառներ առջեւ կը բերէին պատրիարքական տագնապ չյարուցանելու համար, մինչեւ որ զինքն ալ համոզեցին ընտրելիութենէ հրաժարիլ (63. ԿՌՆ. 749): Եւ այսպէս բոլոր խօսուածները մէկդի թողլով, նոր անձ մը գտնելու հարկին մէջ մնացին, եւ պատրիարքէ խնդրեցին որ յարմարագոյն մէկ մը ներկայացնէ ( ՊՏՄ. ): Բայց այս կերպով ժողովուրդին մէջ տարաձայնութիւններ կը շատնային, վէճեր եւ յուզմունքներ կը տարածուէին, մանաւանդ որ Աւագ շաբթու տօնական օրեր ալ էին: Այնպէս որ կառավարութեան ալ մտադրութիւնը հրաւիրեցին, եւ ապրիլ 9-ին եպարքոսական հրաման մը պատրիարքին կ՚ազդարարէր որ չորս օրէն ընտրութիւնը վերջացնեն, այսինքն մինչեւ Ապրիլ 13: Ապրիլ 9 այն տարին Զատկի մեռելոցն էր, եւ պէտք է հետեւցնել թէ նախընթաց Զատկի օրը ժողովրդական յուզումներ տեղի ունեցած են:

2224. ԲԱՐԹՈՂԻՄԷՈՍԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ընտրելիին վրայ վերջնական որոշումը տալու համար Զատկի չորեքշաբթին ապրիլ 11-ին, մեծամեծներ ստուար թուով նախապատրաստական նիստ մը կազմեցին, ուր Դաւիթի եւ Գալուստի հարցուցին, թէ Մայրաթոռի մէջ Դանիէլէ եւ Յովսէփէ եւ Եփրեմէ զատ ուրիշ արժանաւոր մէկ մը կաflյ արդեօք. անոնք յայտնեցին թէ չկան, եւ թէ Յովակիմ եւ Գրիգոր եպիսկոպոսներն ալ շատ ծեր են ( ԴԻՒ. Ա. 51): Անոնք թերեւս անուղղակի ինքզինքնին կը ներկայէին, բայց Կ. Պոլսեցիք անոնց մասին աննպաստ գիրեր առած եւ ազդուած էին: Այն ատեն իշխաններ որոշեցին իրենց ծանօթներէն եւ մերձաւորներէն մէկը ընտրել: Յիշուեցաւ Պրուսայի առաջնորդ Պօղոս Գարագօչեան եպիսկոպոսը ( ՊՏՄ. ), բայց համաձայնութիւն գոյացաւ Նիկոմիդիոյ եւ Արմաշու առաջնորդ Բարթողիմէոս Կապուտիկեան եպիսկոպոսի վրայ ( § 2171), որուն համար Դանիէլ վկայեց, թէ է այր քաղցրաբարոյ եւ գիտնական, եւ ուղղափառ վարդապետ սուրբ եկեղեցւոյ (63 ԿՌՆ. 753): Ասոր վրայ պատրիարքէ խնդրեցին, որ յաջորդ օրուան համար ընդհանուր ժողով հրաւիրէ Մայրեկեղեցին, եւ օրինական ձեւակերպութիւնները կատարուին. եւ միւս կողմէ ալ գիր եւ հրաւիրակ ղրկէ Նիկոմիդիա` Բարթողիմէոսը Կ. Պոլիս բերելու: Համաձայն այդ որոշման հինգշաբթի, ապրիլ 12, ազգային ժողովը գումարուեցաւ Մայրեկեղեցին, նախագահութեամբ Դանիէլ պատրիարքի, եւ ներկայութեամբ վերոյիշեալ Գալուստ եւ Դաւիթ եւ Յակոբ եւ Շուլաւերցի Թադէոս, եւ Զաքարիայի աշակերտ` փոխանորդ Պետրոս եւ Յովհաննէս եպիսկոպոսներու, վարդապետներու եւ աւագերէցներու բազմաթիւ իշխանաւորներու, եկեղեցպաններու, արհեստաւորաց պետերու, եւ խօսացտէր վարպետներու, աւելի քան զերկու հարիւր անձինս (63. ԿՌՆ. 755): Առաջ վարագոյրը բանալով, կանգնեցան յաղօթս առ Հոգին Սուրբ եւ յօգնութիւն կոչեցին ( ՊՏՄ. ), եւ նորէն փակելով կարդացին Էջմիածինէ բերուած գիրերը, եւ Սիմէոն Փափազեան ամիրան բացատրեց անոնց առաջարկած անձերը ընտրելու անյարմարութիւնը, խօսեցաւ ուրիշ հնարաւոր ընտրելիներու վրայ, եւ յանգեցաւ Բարթողիմէոսի նկատմամբ, որուն համար գրեթէ միաձայնութիւն գոյացաւ: Միայն Դաւիթ եւ Գալուստ եպիսկոպոսներ դժգոհ մնացին, զի իրենց թաքուն նպատակներէն եւ ոչ մէկը յաջողեցաւ: Իրենց հետեւողներէն Ստեփան Պասմաճի ծերունի մը, եւ Միքայէլ Քէվրանպաշի խոհարար մը, ձայն բարձրացուցին, որ թէ ի յաթոռոյ ոչ լինի ոք, ոչ կարէ հանդարտ նստիլ ( ՊՏՄ. ): Բայց բաւական ձայնակիցներ չունեցան, եւ պատրիարքը ասաց վասն Բարթողիմէոս արքեպիսկոպոսի զՊահպանիչն, եւ այնպէս ժողովը արձակուեցաւ, թէպէտ եղեն ձայն հանողներ, թէ մի' կարծէք թէ կատարեցաւ այդ ընտրութիւն (63 ԿՌՆ. 758): Այսու հանդերձ տրուած որոշման համեմատ տեղեկութիւն հաղորդուեցաւ կառավարութեան, ապրիլ 13-ին, որ էր պայմանագրեալ օրը:

2225. ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱԴԻՐՆԵՐ

Դաւիթ եւ Գալուստ, որ յուսախաբ մնացած էին, ձեռնարկեցին եղած որոշումը խափանել, աւաղելով թէ սուրբ աթոռն ի ձեռաց ելանել երեւի, եւ թէ սոքա զաթոռն տապալել եւ վերիվայր շրջել կամին ( ՊՏՄ. ): Բայց տարբեր էին երկուքին բնաւորութիւնները: Դաւիթ, արտաքինովը` բարձրահասակ եւ մեծակն, երկայնամօրուս եւ թխադէմ իսկ ներքինովը` խորագէտ եւ դարանագործ ( ՊԷՐ. 8), կարող էր գաղտնի հնարքներ լարել. մինչ Գալուստ` այր պարզամիտ եւ անխոհեմ ( ՊԷՐ. 11) միայն ընդունակ էր գործիք դառնալ ուրիշի ձեռք: Ապրիլ 12-ին գիշերը Դաւիթ գնացեալ ի սենեակ նուիրակ Գալուստ եպիսկոպոսի, կը սկսի զայն գրգռել, թէ արժանաւորը դուն էիր, թէ օտարական մտցնել պէտք չէր Մայրաթոռը, թէ պէտք է առջեւն առնել գայթակղութեան, թէ ընտրեալն ալ արժանաւոր մէկը չէ (63 ԿՌՆ. 759), եւ այս առթիւ կը յիշուի եւս, թէ նա իբրեւ զաշխարհականս ծխախոտիւ եւ նարգիլակաւ շատանայ ( ՊԷՐ. 11): Դաւիթ այնչափ կը խօսի, որ պատրեալ ողորմելի Գալուստ արհւոյն` ի նենգապատիր բանից Դաւիթ եպիսկոպոսի (63. ԿՌՆ. 759), միւս առտուն, ապրիլ 13 ուրբաթ օր, կանուխ Մայրեկեղեցին կ՚իջնէ, եւ ի ժամու Կեցոյին, բնաբան առնելով Պօղոսի խօսքերը. Զաւակք Աբրահամու իցեflն, եւ ես, պաշտօնեայք Քրիստոսի իցեն, առաւել եւս ես եւայլն ( Բ. ԿՐՆ. ԺԱ. 22-23), բերանը եկածը կը խօսի, զինքն գովելով եւ ուրիշները պարսաւելով, եւ իբր թէ հայրապետական աթոռին պատիւը պաշտպանելով (63. ԿՌՆ. 761): Առիթ առնելով եւս Զատկին օրը հռոմէադաւան Քէօչօյօղլի կամ Կէօչէեան ընտանիքէն մէկուն հանդիսով թաղուիլը, եւ ետքէն` անոր հրաման տուած ըլլալուն պատասխանատուութիւնը պատրիարքարանի պաշտօնեաներուն իրարու վրայ նետելը, կը հետեւցնէ, թէ որ սուտ խօսի` հայրն նորա սատանայ է: Ասոր վրայ, ինքնիրեն սեփականած հրամանաւն Յիսուսի Քրիստոսի եւ Հոգւով Սրբով, նզովեալ, կապեալ եւ բանադրեալ կը հռչակէ կաթողիկոս ընտրուած Բարթողիմէոս եպիսկոպոսը, պատրիարք Դանիէլ եպիսկոպոսը, փոխանորդ Կարապետ վարդապետը, եւ իշխանապետներէն չորսը, որ պէտք է ըլլան այլուր յիշուած Սիմոն Փափազեան, Գասպար Ազնաւորեան, Մուրատ Սուրէնեան, եւ Մարտիրոս Սարաֆլարքէհեասի ( ՊՏՄ. ): Այս կ՚ըսէ ու եկեղեցիէն կ՚ելլէ: Որչափ ալ Գալուստի նզովքը նշանակութիւն չունէր, եւ ամէնքը կ՚ըսէին թէ զանէծս սորին եւ զբանադրանս` առ նախանձու ելով` չ՚ընդունիմք, սակայն ժողովրդական գայթակղութիւնը արգելել, եւ Գալուստի յանդգնութիւնը ճնշել ալ պէտք ըլլալով, ամէնքը պատրիարքին կը դիմեն, որ անմիջապէս հրաման հանէ զայն Արմաշու վանքն քշել, եւ նուիրակութեան հաշիւները առնելով` ի Վան ղալէն աքսորել տալ: Դանիէլ պատրիարք կը ստիպուի ընդհանուր զայրոյթին համակերպիլ, եւ ուզուած հրամանը կառավարութենէ խնդրել ( ՊՏՄ. ): Այդ շփոթներուն գրգռիչը Դաւիթն էր եղած, ինչպէս գրեցինք, թէպէտ ինքն մէջտեղ չէր երեւար, զի այր խորամանկ էր, եւ առ երեսս զհաճութիւն ցուցանէր (63. ԿՌՆ. 763): Պէրպէրեան պատմագիրն, թիւրիմացութեան զոհ երթալով, գրգռութեան հեղինակ կը կարծէ Յովհաննէս Չամաչըրճեան եպիսկոպոսը, Զաքարիայի աշակերտներէն, Բարթողիմէոսի ընկերակից, եւ Պալաթու քարոզիչ ( ՊԷՐ. 11): Սակայն Պէրպէրեան անձնապէս գիտցածը չի պատմեր, մինչ ժամանակակիցներ եւ ուրիշներ (63. ԿՌՆ. 759, ԴԻՒ. Ա. 57, ՄՍՐ. 20): Դաւիթին անունը կու տան իբրեւ Գալուստի գրգռիչ: Նոյն ինքն Գալուստ ալ 1802 սեպտեմբեր 30-ին Դաւիթի գրած նամակին մէջ վկայութիւն տուած է վասն փասքսութեան եւ որոմնացանութեան Դաւթին, եւ պատրելոյն իւր (63. ԿՌՆ. 760): Ուստի համարձակ կրնանք Յովհաննէսի վրայէն հեռացնել Պէրպէրեանի յանզգաստս քսած այդ կեղտը:

2226. ԸՆՏՐԵԱԼԻՆ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ

Դանիէլ Բարթողիմէոսը Կ. Պոլիս հրաւիրած ատեն, պատճառն ու նպատակը չէր յայտնած, ուստի երբ շաբաթ օր, ապրիլ 14-ին Քումքաբու կը հասնի, եւ պատրիարքարան կը մտնէ, կը շփոթի զոչինչ գիտելով զանցից եւ զգալստենէ իւր, եւ Դանիէլի խորհրդով եւ Կիւմիւշխանացի Մանուէլ Ալթունեան վարդապետին առաջնորդութեամբ Իւսկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցին կ՚երթայ մինչեւ դադարեսցին խռովութիւնք: Բարթողիմէոս յորմէհետէ Արմաշու եւ Նիկոմիդիոյ առաջնորդութիւնը կը վարէր ( § 2171), յաջողած էր մէկ կողմէն վիճակին ժողովուրդը հայրաբար հովուել, եւ միւս կողմէն վանքը տեղական արգելքներու դէմ պաշտպանել, ամէն պարագաներով զօրացնել, նուիրատուութիւններով ճոխացնել, շինութիւններով բարեզարդել, եւ ուսմամբ ու բարեկարգութեամբ ծաղկեցնել, անոր վրայ հիմնելով իր աշխատութիւնն ու մխիթարութիւնը: Նա, այր շնորհազարդ եւ գովելի վարուք, իմաստուն եւ խորախորհուրդ ( ՊԷՐ. 10), բայց եւ համեստ իր ձգտումներուն մէջ, շատ հեռու էր բարձրագահ աթոռներու փափաքէն, մանաւանդ երբ տեսաւ, թէ ահագին խռովութեանց կռուածաղիկ դարձած է իր ընտրութիւնը: Ուստի անմիջապէս զգօնութեամբ իւր, անձամբ անձին հրաժարիլ սկսաւ, իր անկարութիւնն ու տկարութիւնը առջեւ դնելով: Մինչեւ իսկ կը յայտարարէր, որ եթէ իր ընդդիմութիւնը, ազգին կամքին անհնազանդութիւն սեպուելով` կամեսցին աքսորել, կամ թէ զայլ պատիժս պատրաստեն, կը նախընտրէ անոնց համակերպիլ, քան կաթողիկոսութիւնը ընդունիլ: Իսկ եթէ հաւանին իր վիճակը դարձնել, մեծապէս շնորհակալ կ՚ըլլայ ամէնուն: Բարթողիմէոսի այդ որոշակի եւ հաստատուն յայտարարութիւնը` համոզիչ կը դառնայ ամէնուն, եւ հակառակը պնդել չեն համարձակիր, բայց ընտրութեան գործը, եւ տէրութեան տուած հրամանն ալ անկատար կը մնան, Դաւիթի որոմնացանութեան եւ Գալուստի խռովայուզութեան պատճառով (63. ԿՌՆ. 763): Բարթողիմէոսի հասնելուն հետ, Գալուստի աքսորին հրամանն ալ նոյն շաբաթ օր, ապրիլ 14-ին ստացուած էր, բայց ինքն տեղեկութիւն չունէր, ուստի Նոր կիրակի առտուն, ապրիլ 15-ին, կը պատրաստուէր եկեղեցի իջնալ, երբ իրեն զգացուցին իրողութիւնը: Ուստի զգուշացաւ եւ եկեղեցի չ՚իջաւ, թէպէտեւ եկեղեցպան Յովհաննէս Լիմոնճեան ամիրային եւ ուրիշներուն չքաշուեցաւ ազդարարել, որ չ՚ըլլայ թէ իրեն բանադրած Բարթողիմէոսին այցելեն, որպէսզի իրենք ալ ընդ նմին բանադրեալ չ՚ըլլան: Բայց ուզեց անմիջապէս հեռանալ եւ շիտակ իջաւ Պալաթ, Յովհաննէս եպիսկոպոսին հանդիպեցաւ ( ՊՏՄ. ), եւ իսկոյն անցաւ Խասքէօյ Մինաս Տարապխանեան ամիրային տունը: Հոն ալ ինքզինքը ապահով չզգալով, դիմեց Ղալաթիա Գէորգ Աղայէկեանի տունը, որ Աղայէկով կը կոչուէր Ռուսաց դեսպանատան գործակատար ըլլալուն համար: Ասոր խորհրդով գնաց պահուըտիլ Յակոբ Գալֆայի կամ արքունի ճարտարապետի տունը, Պէյլէրպէյի գիւղը (63. ԿՌՆ. 814), վստահանալով թագաւորական առն տունին անբռնաբարելիութեանը ( ԴԻՒ. Ա. 59): Այսպէս Գալուստ ամէն ճիգ կը թափէր առ ի պաշտպանել զանձն, թէպէտ Դանիէլ զայն հալածելու հետամուտ չէր, եւ գործակատարին ալ ապսպրեալ էր, թէ չտես լեր ( ՊՏՄ. ):

2227. ԴԱՆԻԷԼԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Երբոր Բարթողիմէոս եւ Գալուստ գործէ կը հեռանային, Դաւիթի ասպարէզը կ՚ընդարձակուէր, եղած ընտրութիւնն ալ արդէն ոչնչացած կ՚ըլլար, եւ նորէն պէտք էր կատարել: Կառավարութեան կողմանէ ալ զգացուած էր այդ պէտքը, եւ կրկին հրահանգ կը տրուէր պատրիարքին, փութալ եւ գործը վերջացնել, որ գրգռութեանց ալ առջեւն առնուի, որոնք աւելի աճած էին, եւ ամէն ոք իր բերման համեմատ` մէկը կամ միւսը կը մեղադրէր: Դաւիթ նորէն գործի վրայ էր, Դանիէլը կաթողիկոսացնելէն զատ ելք չկար, որով իրեն ալ պատրիարքութիւնը կ՚ապահովուէր, զի ուրիշ մրցակից մնացած չէր: Կ. Պոլսոյ մեծամեծներն ալ համոզուեցան, թէ ուրիշ ելք չունին. նոյնը սկսան Դանիէլի ալ թելադրել, հակառակ իրենց առաջին թելադրութեանց ( § 2223): Իսկ պատրիարքութեան համար ամէնուն առջեւ սկսաւ բարձրանալ Դաւիթը, իշխաններու աչքին` իբրեւ դժուարութեանց լուծող եւ կարող անձ մը, եւ Դանիէլի աչքին` իբրեւ իրեն բարձրացման երախտաւոր մը: Այդ գաղափարը հետզհետէ զօրացաւ, Դանիէլ ալ իր յանձնառութիւնը ստորագրեց Մայրաթոռի առաջին պաշտօնագիրին ներքեւ, ուր իր եւ Եփրեմի անուններն էին գրուած, թէ խոնարհեցայ ի համակամ խնդիրս հաճութեան միաբանիցն սրբոյ աթոռոյն, եւ օրհնեալ իշխանապետաց, իշխանաց եւ ժողովրդոց մայրաքաղաքիս Կոստանդնուպոլսոյ (63 ԿՌՆ. 806): Ասոր վրայ ապրիլ 26-ին, Աշխարհամատրան հինգշաբթիին, պատրաստական գումարումը տեղի ունեցաւ, Վէզիրխանը, Չօպան ամիրայի սենեակը, ուր Դանիէլի կաթողիկոսութիւնը որոշուեցաւ, եւ պատրիարքութեան համար երեք ընտրելիներ առաջարկուեցան, պատգամաւոր Դաւիթ, Կեսարիոյ Ստեփան եւ Պրուսայի Պօղոս եպիսկոպոսները, եւ շուտով նախադասուեցաւ Դաւիթը: Երկու օր ետքը, ապրիլ 28, շաբաթ օր, ազգային ժողով գումարուեցաւ Մայրեկեղեցին առաջինէն աւելի մեծ բազմութեամբ, զի աւելի քան զչորս հարիւր անձինս էին հաւաքուած: Բարթողիմէոս ալ ներկաներուն հետ էր ամենայն գոհունակութեամբ, իսկ Գալուստ իր թաքստոցէն չէր համարձակած ելլել (63. ԿՌՆ. 808): Ժողովին մէջ գլխաւոր բանախօսը եղաւ Դաւիթ, Դանիէլի կաթողիկոսութիւնը առաջարկեց եւ փաստաբանեց, եւ ամէնքը հաւանութիւն յայտնեցին: Այս առթիւ Դաւիթի պատրիարքութեան համար ալ համամտութիւնը երաշխաւորուեցաւ: Առաջին շնորհաւորութիւններէն ետքը, եկեղեցականներ պատրիարքարան ելան, եւ հանդիսաւոր թափօր կազմեցին շուրջառներով եւ ամենայն զարդուք: Դանիէլն ալ զգեստաւորեալ վիշապագլուխ գաւազանն ձեռքը եւ ամպհովանիի ներքեւ, առաջնորդուեցաւ լուսազարդուած եկեղեցին շարականներով եւ սաղմոսներով. բեմ ելլելով օրհնութիւն տուաւ Կեցո տէր զժողովուրդս քո աղօթքով, եւ աթոռ բազմելով քարոզեց, Դաւիթի պատրիարքութիւնն ալ հռչակեց խորհրդակցութեամբ պատուելի իշխանաց եւ գլխաւոր վարդապետաց (63. ԿՌՆ. 809), եւ ամէնուն համահաւանութեամբ եւ համահաճութեամբ: Հանդէսը փակուեցաւ Քրիստոս Աստուած մեր մաղթանքով, եւ Որ ընտրեցեր աղօթքով ( ԺԱՄ. 275-277), մէջը Դանիէլի անունը տալով (63. ԿՌՆ. 810): Միւս առտուն, ապրիլ 29, Յինանց չորրորդ կիրակին, Մայրեկեղեցւոյն մէջ հանդէսները կրկնուեցան, իսկ երկուշաբթի, ապրիլ 30, կը սպասուէր որ նորընտիրները պաշտօնապէս Բարձարգոյն Դուռ երթան եւ հաստատութիւն ընդունին, եւ բազմութիւնն ալ այս յուսով խռնուած էր: Բայց տեղի չունեցաւ:

2228. ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱԴԻՐՆԵՐ

Յապաղումը լաւ նշանակ մը չէր, եւ իրօք ալ նոր դարձուածքներ սկսած էին կացութիւնը խառնակելու: Երկու տարբեր կողմերէ էին անոնք, բայց համաձայն գտնուեցան եղածը եղծանելու մէջ: Գլխաւոր ներշնչութիւնը դուրսէն կու գար, Յովսէփի կողմէն: Նա իր կաթողիկոսութիւնը յաջողցնելու համար Կ. Պոլսոյ մեծամեծաց ընտրութեան կամ հաւանութեան անհրաժեշտ ըլլալը գիտէր, եւ ըստ այնմ դիմումներ ալ ըրած էր ( § 2222). բայց հարկաւ ականջը հասած էր, որ իրեն համար նպաստաւոր նշաններ չկային: Ուստի աւելի կտրուկ միջոցի պէտք տեսաւ: Պօղոս կայսեր համաձայնութիւնը վաստկած ըլլալով, Ռուսական կառավարութեան կողմէն գրել տուաւ Կ. Պոլսոյ դեսպանին, այդ նպատակին հոգ տանիլ, եւ ամէն կերպով աշխատիլ որ Յովսէփի ընտրութիւնը իրականանայ: Վասիլ Թամարով դեսպան` հրամանը ընդունելով, ամենայն մտադրութեամբ սկսած էր գործին հետեւիլ, եւ օգտուիլ այն երկպառակութիւններէն, որոնք Հայոց մէջ կը տիրէին: Բարթողիմէոսի ընտրութիւնը ապարդիւն եղած էր, ընտրեալին հրաժարելովը, պէտք էր Դանիէլին ընտրութիւնն ալ անհետեւանք դարձնել: Ռուսաց դեսպանին ձեռքն ալ լաւ գործիք մըն էր Գէորգ Աղայէկեան գործակատարը, որ ինքն ալ կատարուած ընտրութեանց հակառակորդներէն էր, եւ արդէն Գալուստի ալ պաշտպանութիւն ըրած էր 2226): Թամարով ձեռնարկած միջամտութիւնը յառաջացնելով, սկսած էր Օսմանեան կառավարութեան մօտ պաշտպանել իր կառավարութեան ընտրելին: Իսկ Ռուսիոյ նպատակը ուրիշ բան չէր, բայց եթէ իրեն հաւատարիմ գործակից մը ունենալ Էջմիածինի աթոռին վրայ, այն կողմերուն մասին իր ապագայ դիտումները դիւրացնելու համար: Կատարուած գործողութեանց հակառակողներէն մէկն ալ Բարթողիմէոս Եուսուֆեանն էր, արքունի ժամագործ, որ փոխանակ դուրսէ նոր եկած եպիսկոպոսի մը, իր ծանօթն ու համակիրը կ՚ուզէր տեսնել պատրիարքական աթոռին վրայ, ինչպէս էր Պալաթի քարոզիչ Յովհաննէս Չամաշըրճեան եպիսկոպոսը, բնիկ Բաբերդցի, Զաքարիայի ընտրելագոյն աշակերտներէն, որ անոր մօտ փոխանորդութիւն ալ վարած էր: Աւելորդ է ըսել, թէ Յովհաննէսի ալ անհաճոյ չէր այդ գաղափարը: Եուսուֆեան կրցած էր թէ կառավարութեան շրջանակին մէջ պէտք եղած թելադրութիւններն ընել, եւ թէ ամիրայակից ընկերներու մէջ համամիտներ պատրաստել: Յայտնի կը տեսնուի թէ Դաւիթի պատրիարքութիւնը, որչափ ալ պաշտօնապէս հռչակուած, իրեն դէմ բաւականաչափ եւ ազդեցիկ հակառակողներ ունէր: Ահա այն ազդակները, որոնք կառավարութիւնը վարանման մատնեցին, երբոր Դանիէլի եւ Դաւիթի ընտրութիւնները հաղորդուեցան, եւ չուզեց իսկոյն հաստատութիւնը տալ, այլ պատրուակներու դիմեց յապաղելու համար: Նախ պատճառեց թէ ընտրողական հանրագիրներուն ներքեւ կնքողներուն թիւը քիչ է, եւ յետոյ ալ պահանջեց որ Դանիէլի ընտրութեան մասին Էջմիածինէ եկած առաջարկներուն պաշտօնագիրները իսկութեամբ հաղորդուին: Յովսէփ ինքն ալ Թամարովի գրած էր ( ԴԻՒ. Ե. 38), իսկ Թամարով` Աղայէկեանի խորհրդով Գալուստի աքսորին յետս կոչումին կ՚աշխատէր, իբր զի կրնար գործերը խառնակելու յարմար գործիք ըլլալ: Դանիէլի մօտ ալ նոյն նպատակով դիմումներ եղան, որուն նա շուտով համակերպեցաւ, զի աքսորի հրամանն ալ ստիպմամբ հանել տուած էր (63. ԿՌՆ. 762), եւ վերջին ժողովէն ալ առաջ, ջանայր ընդարձակել նմա շրջիլ յայտնապէս (63 ԿՌՆ. 808), եւ գործակատարն ալ հրահանգած էր Գալուստին չհետապնդել ( § 2226):

2229. ԳԱԼՈՒՍՏԻ ԽՌՈՎՈՒԹԻՒՆԸ

Դանիէլ ընտրեալ կաթողիկոս եւ Դաւիթ ընտրեալ պատրիարք, այդ առթիւ իրարու մտերիմ գործակիցներ, պատրիարքարանի մէջ կը սպասէին իրենց պաշտօնապէս ճանչցուելուն, իսկ պատրիարքարանի գործերը տակաւին Դանիէլի անունով կը շարունակէին: Միւս կողմէն Դանիէլ կ՚ուզէր իր կարասին ամփոփել եւ Իւսկիւտար անցնիլ, որպէսզի անկէ դէպ Էջմիածին կարենայ ուղեւորիլ, սակայն Գասպար Ազնաւորեան եւ Յովհաննէս Լիմոնճեան ամիրաներ թելադրեցին քիչ մըն ալ սպասել մինչեւ խնդրոյն վերջանալը ( ՊՏՄ. ): Այսպէս անցաւ ապրիլ 28-ի ժողովին յաջորդող եօթնեակը, երբ մայիս 4-ին ուրբաթ օր, յանկարծ Գալուստ Քումքաբու կու գայ, իր աքսորին յետս կոչուելուն հրամանը ստացած ըլլալով Ռուսիոյ դեսպանին միջամտութեամբ: Նա իր ազատութեան հետ պատրիարքութեան յուսադրութիւնն ալ ստացած էր Աղայէկեանէ, Դաւիթին ընտրութիւնը ջնջել տալով, եթէ Դանիէլի ընտրութիւնն ալ ջնջելով Յովսէփի կաթողիկոսութիւնը յաջողէր: Դանիէլ եւ Դաւիթ, ինքզինքնին ուրախ կը ցուցնեն Գալուստի ազատութեան հանդէպ, եւ իբրեւ պատուելու ցոյց զինքն առաջիկայ կիրակի, Երեւման Խաչի տօնին առթիւ, Իւսկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցին պատարագելու կը հրաւիրեն: Իսկ Գալուստ ազատութեամբը եւ յուսադրութեամբը խրոխտացած, պատասխան կը ղրկէ, ճանաչել զչափ անձանց իւրեանց եւ լռել, աւելցնելով թէ ոչ եւս ունին իշխանութիւն հրամայել յիմ վերայ, զի արքունի հրովարտակաւ եկեալ կամ աստ: Գալուստ, որ իր ասպնջական ( § 2226) Յակոբ ճարտարապետին ալ բաց պարտամուրհակ տուած էր, վճարել զոր ինչ դրամ իցէ գնալոց յաղագս պատրիարքութեան ( ԴԻՒ. Ա. 68), արդէն ինքզինքը պատրիարք եղած կը կարծէր: Գալուստի այս խրոխտանքը յառաջ կու գար Աղայէկեանի եւ Տարապխանեանի թելադրութիւններէն, որոնք գիտակցութեամբ զայն ձեռք առած էին շփոթ ծագեցնելու համար, որով եղածը եղծանել, զի առանց յայտնի եւ գլխաւոր պատճառի` տէրութեան հրամանով եղածը յետս ընկրկելն` էր ըստ ամենայնի անպատկան (63 ԿՌՆ. 813): Կարծէս թէ ճիշդ այդ նպատակով, Գալուստ մայիս 5 շաբաթ առտու կանուխ Մայրեկեղեցի կ՚իջնէ, եւ կ՚երթայ գրաւել նորընտիր Դաւիթի յատկացեալ աթոռը: Քիչ ետքը Դաւիթ կու գայ, Գալուստ չի շարժուիր, եւ Յակոբ Գանձակեցի վարդապետ, Դաւիթի հետեւորդներէն, կալեալ ի բազկէն իջոյց յաթոռոյ զԳալուստ արհին: Սա ալ այն ատեն վեղարով փիլոնով կ՚երթայ կանգնիլ ի շարս ժողովրդեան, յուզում գրգռելու միտքով ( ՊՏՄ. ), եւ մինչեւ իսկ կ՚ըսուի, թէ եկեղեցւոյ միջին դրան առջեւ, գաւազանը ձեռքը գրգռիչ ատենաբանութիւն ալ ըրած է ( ՊԷՐ. 16): Բայց այն օր շփոթը չի սկսիր, թէպէտ ժողովրդական խաւերու մէջ կը տարածուի. անշուշտ գրգռողներ ալ պակաս չեն եղած: Մանուկ Գանթարեան մուշտակագործ մը, գլուխ կը նշանակուի ( ՊՏՄ. ), եւ շաբաթ օրուընէ 200 հոգիի խումբ մը կը պատրաստէ, որոնք կիրակի առտու, մայիս 6, Զարթիք փառք իմ երգին ատեն, Գալուստը տունէն կ՚առնեն ու եկեղեցի կը տանին, Դաւիթը աթոռէն կը քաշեն, Գալուստը տեղը կը նստեցնեն, բեմ կը հանեն, քարոզ խօսեցնել կու տան, պատրիարքական գահը կը բարձրացնեն, պատարագին մէջ Գալուստ պատրիարքի անունը յիշել կու տան, Աստուած շնորհաւոր արասցէ կ՚աղաղակեն, եւ վերջէն ալ կը պատրաստուին բազմութեամբ կառավարական դուռը տանիլ, եւ պատրիարք հաստատել տալ: Դաւիթ ալ ունէր իր կողմնակիցները, որոնք ընդդիմանալ կ՚աշխատէին: Արդէն երկու կողմէն եկեղեցւոյ մէջ եւ դուրս սկսած էին կռփահարել զմիմեանս եւ քարշել զիրեարս, խրոխտային առիւծաբար եւ գոռային վարազօրէն: Բայց Դաւիթ խոյս տուած էր պատրիարքարան, իսկ Գալուստ, բերկրութեամբ կը դիտէր իրեններուն յաղթանակը, եւ բաղձացեալ պատրիարքութիւնը լրացած կը կարծէր (63. ԿՌՆ. 817): Իրաւ Գալուստ յուսախաբ պիտի մնար իր յաջողութեան մէջ, սակայն զինքը իբր գործիք գործածողներուն նպատակը իրականացած էր, զի այդպիսի շփոթի մը վրայ` նախընթաց ընտրութիւնը ջնջուած կ՚ըլլար:

2230. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ ՋՆՋՈՒԱԾ

Մայրեկեղեցւոյ շփոթը զինուորական միջամտութիւն հրաւիրեց, եւ շուտով Եէնիչէրիներու ջոկատ մը հասաւ, որուն առջեւ բազմութիւնը ցրուեցաւ, բայց գլխաւորներէն 64 ( ՊՏՄ. ) կամ 70 հոգի (63. ԿՌՆ. 819), որոնք Գալուստի սենեակը խմբուած էին, ձերբակալուեցան, Գալուստն ալ միասին, եւ տարուեցան Եէնիչէրիներու հրամանատարին, անկէց ալ եպարքոսին տեղակալին, քննուելու եւ դատուելու համար: Ոմանք Մանուէլ եւ Աստուածատուր վարդապետները կ՚ամբաստանեն, իբրեւ թէ Գալուստի կողմնակիցները Եէնիչէրիներու ցուցուցած ըլլան ( ՊՏՄ. ), եւ մինչեւ իսկ ըսող կայ, թէ Աստուածատուր` Գալուստը հարուածելով վեղարը գլուխէն քաշած ըլլայ ( ՊԷՐ. 17), սակայն ժամանակակիցը այս վերջին ծայրայեղութիւնը չի յիշեր: Հարցուփորձէ մը ետքը, նախ ամէնքը կը բանտարկուին, բայց ոչ ի կոճեղս ( ՊԷՐ. 17), եւ վերջէն քանի մը հատը թիարան կը ղրկուին (63. ԿՌՆ. 819), մնացածներ գանիւ խրատեալ կ՚արձակուին, իսկ Գալուստ Իւսկիւտար` Աղասի ամիրայի տունը պահպանութեան կը յանձնուի ( ԴԻՒ. Ա. 71): Մայիս 10-ին, Երեւման Խաչին հինգշաբթին, նոր խլրտում մը տեղի կ՚ունենայ շուկային մէջ Գալուստի կողմնակիցներուն կողմէն, եւ կառավարութեան կը դիմեն զայն պատրիարք ուզելու, բայց եպարքոսին հրամանով չորս գլխաւորներ, Կարապետ հնավաճառ, եւ Սարգիս ու Իգնատիոս բեւեռագործներ, եւ Գէորգ հիւսն կը բանտարկուին, եւ մնացածներ գանակոծ կը հալածուին ( ԴԻՒ. Ա. 71): Իսկ Գալուստ Աղասիին տունէն փախչելով, նորէն Պէյլէրպէյի Յակոբ ճարտարապետին մօտ կ՚ապաւինի: Կառավարութիւնը տեսնելով որ շփոթութեանց առիթ տուողները հեռացնելէ զատ ուրիշ միջոց չկայ, եւ անսալով Թամարով դեսպանին թելադրութեանց, որ այստեղի մրցակիցներէն դուրս իր պաշտպանեալին կաթողիկոսացումը իբրեւ արմատական դարման կը ցուցնէր, կ՚որոշէ Դանիէլն ու Գալուստը աքսոր ղրկել: Այս նպատակով մայիս 13-ին, կիրակի օր, Գալուստ խաբէական պատրուակով, իբրեւ թէ պատրիարք ըլլալու համար, Պէյլէրպէյիէն եպարքոսարան կը տարուի, եւ անկէ ուղիղ կ՚աքսորուի Լեմնոս կամ Իլիմիա կղզին: Միեւնոյն ատեն Մէհմէտ էֆէնտի, եպարքոսարանի աղօթասացը, պատրիարքարան կու գայ եւ Դանիէլի ներկայանալով կը յայտնէ թէ հրաման ստացած է, զինքն Թենետոս կամ Պօխճա կղզին տանիլ: Դանիէլ կը զգայ ու կը յայտարարէ թէ պարտի հնազանդիլ տէրութեան, եւ առանց յանցանաց եւ պատճառի պատիժին համակերպելով, իսկոյն պատուիրակին հետ կը մեկնի նշանակուած տեղը, մինչ շուրջը կը տեսնէ զաղէկիզութիւն եւ զարտասուս բարեպա շտ ժողովրդոց (63. ԿՌՆ. 822), որոնք սիրելի պատրիարքէն կը բաժնուէին: Կ. Պոլիսէ մեկնելէն երեք օր ետքը, մայիս 16-ին կը հասնէր Թենետոս: Գալուստի աքսորը դիւրին էր, զի անպաշտօն անձ էր, բայց նոյն կերպարանը Դանիէլի վրայ ալ նկատուեցաւ, զի ապրիլ 30-ին հրաժարանաց գիր էր մատուցած կառավարութեան, իսկ կաթողիկոսութիւնն ալ պաշտօնական հաստատութիւն չէր ստացած (63 ԿՌՆ. 820): Միեւնոյն ատեն կառավարութեան կողմէն հրաման եղաւ ազգին մեծամեծներուն, որ խնդիրի առարկայ դարձած երեք անձերէ, այսինքն Դանիէլէ եւ Գալուստէ ու Դաւիթէ դուրս պատրիարք մը ընտրեն եւ ներկայացնեն: Այս կերպով կը լրանար Թամարովի հովանաւորութեամբ Աղայէկեանի կազմակերպած ծրագիրը, որով ջնջեալ եւ չեղեալ կը դառնար ապրիլ 28-ի ընտրութիւնը, եւ նոր ընտրութեան դուռ կը բացուէր: Ինքն Թամարով ալ լաւ գիտէր եղելութեանց նշանակութիւնը, եւ ըստ այնմ կը բացատրէր իր բարեկամ Սարգիս Լաշկարովին, ու մայիս 16-ին Պէօյիւքտէրէի ամառանոցէն կը գրէր, թէ մեր հասարակաց բարեկամ յարգելի Յովսէփ արքեպիսկոպոսն այո', ընտրեալ լինելոց է, եւ լինելոց է պատրիարք Էջմիածնի ( ԴԻՒ. Թ. 334): Այդ պարագային մէջ ալ պէտք չէ մտադրութենէ վրիպեցնել Դաւիթի շահադէտ հնարիմացութիւնը, որ կացութիւնը շփոթած տեսնելուն, ուղղութիւն եւ կարծիք փոխելով, Յովսէփի պաշտպաններուն կողմը կ՚անցնէր, եւ Ռուսական քաղաքականութեան պաշտպան ձեւանալով թէ ինքզինքը վտանգէն կ՚ազատէր, եւ Դանիէլի ու Գալուստի արկածէն զերծ կը մնար, եւ թէ իր ապագայ յաջողութեան բաց դուռ կը թողուր: Թիւրիմացութեան հետեւանք է կարծել թէ այս առթիւ Դաւիթ ալ աքսորուած ըլլայ, ինչպէս նաեւ Յովհաննէսն ալ աքսորուած ըսելը ( ԴԻՒ. Է. ժէ. ), որ թուականներու շփոթութեան հետեւանքներ են:

2231. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

Հրամայուած ընտրութեան համար ազգային ժողովը գումարուեցաւ մայիս 18-ին, Համբարձումին յաջորդող ուրբաթ օրը ( ՊՏՄ. ), եւ ընտրեալը եղաւ Յովհաննէս Չամաշըրճեան, զոր արդէն յիշեցինք թէ Բարթողիմէոսի ( § 2225), եւ թէ Դանիէլի ( § 2228) ընտրութիւններուն առթիւ: Բարթողիմէոսի դէմ պատրաստուած գրգռութեան հեղինակը` Յովհաննէսին չ՚ըլլալը բացատրեցինք արդէն ( § 2225): Թէպէտ վերջին անգամ ալ` Դանիէլի եւ Դաւիթի ընտրութեանց եղծուելուն առթիւ` նորէն Յովհաննէս գրգռիչ ըլլալ կը կարծուի, սակայն պատմական եղելութիւններ Յովհաննէսի յատուկ դեր մը վարած ըլլալը չեն ցուցներ: Կասկածին գլխաւոր պատճառներն են Եուսուֆեանի հետ մտերմութիւնը (63 ԿՌՆ. 812), եւ վերջէն ինքն ընտրուած ըլլալը: Չուզելով ալ ուրանալ, թէ գոնէ կամակցութիւն մը ունեցած ըլլայ, շատ կշիռ ունի իրեն մասին դրական գործ մը պատմուած չ՚ըլլալը, մանաւանդ որ իբր պատրիարքական ընտրելի, իրեն նախադասելի մէկը չկար մէջտեղ, որ բուռն մրցակցութիւն մղէր: Միայն թէ իրեն համար յաջողութեան միջոց եղաւ` Աղայէկեան եւ Եուսուֆեան խմբակներուն իրարու մերձեցումը, անիկա Յովհաննէսի պատրիարքութեանը եւ ասիկա Յովսէփի կաթողիկոսութեանը հաւանելով, եւ այսպէս միացեալ զօրութեամբ կացութիւնը փոփոխելու կերպը գտնելով: Հետեւապէս Մանուէլ վարդապետ, Դանիէլի եռանդուն անձնուէրը, միայն իր սիրտին զեղուածը յայտնած կ՚ըլլայ, երբոր Յովհաննէսը` պատճառ եւ հիմն եւ արմատ խարդաւանաց եւ դաւից եւ յարատեւական խռովութեանց կը կարծէ (63. ԿՌՆ. 812): Իսկ Պէրպէրեան բոլորովին եղելութիւնները կ՚այլայլէ, Յովհաննէսի պատրիարքութիւնը Դանիէլի աքսորէն առաջ դնելով, եւ Յովհաննէսը Դանիէլի աքսորին հեղինակ ցուցնելով ( ՊԷՐ. 18): Մենք սկզբնական եւ ժամանակակից աղբիւրներէ քաղելով, գրեթէ օրագրական ձեւով պատմեցինք ամէն պարագաները: Եւ եթէ քիչ մըն ալ մեր սովորական ոճին աւելի երկարեցինք կ՚ուզէինք որ այդ հռչակուած ու հետաքրքրութիւն շարժած, եւ միանգամայն տգեղ կերպարան ստացած, Դաւիթ-Դանիէլեան կոչուած, բայց սկզբնապէս Յովսէփեան եղած խնդիրը, իր իսկական ճշդութեան մէջ ներկայացուէր: Նոյն ձեւով պիտի շարունակենք պատմել այդ խնդիրին հետագայ մասերն ալ:

2232. ՅՈՎՍԷՓԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Յովհաննէս մայիս 18-ին ընտրուելով, միւս օր շաբաթ, մայիս 19-ին, պետական հաստատութիւնը ստացաւ, եւ փառաւոր հանդիսիւ եպարքոսին մօտէն Մայրեկեղեցի բերուելով, ու պատրիարքարան ելնելով` պաշտօնին ձեռնարկեց, երբ Դանիէլ եւ Գալուստ իրենց աքսորավայրերը հասած էին: Իրեն առջեւ ծանր աշխատութիւն մը ունէր նա, պառակտեալ եւ խռովեալ ժողովուրդը հանդարտութեան առաջնորդել: Այդ նպատակին համար պէտք էր միանգամ ընդմիշտ վերջացնել կաթողիկոսական խնդիրը, որ կռուախնձոր էր դարձած: Արդէն կնճիռը տակաւ լուծման կը յանգէր, քանի որ գլխաւոր ընտրելին Դանիէլ ասպարէզէ դուրս էր հանուած, եւ դուրսէն ընտրելին Բարթողիմէոս ինքն ասպարէզէ քաշուած էր: Մնացած երկու աւելի խօսուածներուն, Յովսէփի եւ Եփրեմի մասին եղած դժուարութիւնը հաւասարապէս օտար հողի վրայ եւ օտար հովանաւորութեան ներքեւ գտնուելնին էր, եւ եթէ այդ պարագան նկատողութեան պիտի չ՚առնուէր, հարկաւ նախադասելի էր Յովսէփ, որ իրեն հետ աւելի կարողութիւն եւ գործունէութիւն կը բերէր, եւ Հայոց համար զօրաւոր պաշտպանութեան միջնորդ կրնար ըլլալ: Գալով արգելք կազմող պետական պարագային, ազգը որեւէ պատասխանատուութենէ զերծ կը մնար, քանի որ Ռուսական դեսպանին միջամտութիւնը` Օսմանեան կառավարութեան վրայ ճնշում կը գործածէր: Այդ մտածումները կ՚արդարացնէին Յովհաննէսին մտադրութիւնը, երբոր Յովսէփի կաթողիկոսութիւնը յաջողցնելու յանձնառու կ՚ըլլար, ինչպէս նաեւ ազգին մեծամեծները եւ ազգային ժողովը, երբոր իրենք ալ այդ եզրակացութեան կու գային: Յովհաննէս իրեն առաջին գործերէն մին ըրաւ խնդիրը վերջացնել, եւ Յովսէփի վրայ կաթողիկոսական ընտրութիւն կատարել տալ, առանց ազգն ու պատրիարքարանն ալ պատասխանատուութեան ներքեւ թողլու: Երբ Թամարով կառավարութեան վրայ ճնշում կը բանեցնէր, կառավարութիւնը պաշտօնապէս անոր առաջարկը կը հաղորդէր պատրիարքին, իսկ գաղտնապէս հակառակը կը թելադրէր: Յովհաննէս այնպէս իմն դարձուց գործերը, որ վերջապէս կառավարութիւնը բացարձակապէս իր հաւանութիւնը յայտնեց, եւ ասոր վրայ 1800 մայիս 31-ին, Հոգեգալստեան հինգշաբթի օրը, ազգային ժողով գումարուեցաւ, եւ թէպէտ մեծամեծներէն ոմանք զգուշացան ներկայանալ, բայց ժողովը օրինաւորապէս տեղի ունեցաւ. Յովհաննէս իբրեւ գործողութեան հիմն մէջտեղ դրաւ Մայրաթոռոյ միաբանութեան երկրորդ հանրագրութիւնը, Դանիէլի եւ Յովսէփի անուններով ( § 2221), եւ Դանիէլը ընտրելու անհնարութեան առջեւ, ամէնքը Յովսէփի անունին վրայ միացան, մանաւանդ որ անոր հակառակորդներուն գլխաւորին` Սիմէոն Փափազեանին ալ սպառնալիք եղած էր կառավարութեան կողմէ, եւ անոր ալ խոստացեալ էր այլ կայան, որ է աքսորավայր եթէ եւս աղմկեսցէ ( ԴԻՒ. Թ. 334): Այսպէս ապրիլ 12-էն հաշուելով ( § 2224) 50 օրուան մէջ, երեք կաթողիկոսական ընտրութիւններ կատարուած եղան: Մանուէլ, եւ Դանիէլեան անկոպար եռանդին մէջ, կը գրէ թէ Յովհաննէս առանց աջ եւ ահեակ նկատելոյ, միայն զփառաց եւ զանձնէ իւր խորհելով (63. ԿՌՆ. 824) վարուած ըլլայ այդ պարագային մէջ, սակայն անաչառ պատմութիւնը պէտք է ընդունի, թէ նա այլապէս գործել չէր կրնար, Դանիէլի աքսորէն, ժողովրդական յուզումէն, Ռուսական ճնշումէն, եւ Տաճկական համակերպութենէն ետքը: Թէ ոչ անպայման ժամանակաւ աթոռը անտէրունջ եւ ազգը վրդովուած պիտի պահէր, որ հանրութեան տեսակէտէն ալ նախընտրելի կացութիւն մը չէր, որչափ ալ Դանիէլի անձնական օգուտին համաձայն ըլլար: Պարագայից համեմատ գործող, եւ առաւելագոյն վնասին առջեւ մասնաւոր պարագաներ անտեսող իշխանաւորներ, աւելի գնահատման արժանի պէտք է սեպուին, քան թէ մեղադրանաց ենթարկուին:

2233. ՅՈՎՍԷՓԻ ՆՈՐ ՃԻԳԵՐԸ

Կատարուած ընտրութիւնը պետութեան հաղորդել, պաշտօնական ձեւակերպութիւնները լրացնել, եւ հաստատութեան հրովարտակը ընդունիլ, ինչչափ ատեն տեւեցին, կամ ինչ գործողութեանց տեղի տուին, ճշդուած չունինք, միայն գիտենք թէ օգոստոս 2-ին Կ. Պոլիսէ կը մեկնէր Դաւիթ` ստացուած հրովարտակը Յովսէփին հասցնելու համար (63. ԿՌՆ. 911, ԴԻՒ. Ա. 77), ուսկից կը հետեւի թէ ամբողջ յունիս եւ յուլիս ամիսները այդ ստացութեան նուիրուեցան: Իսկ կացութիւնը հանդարտեցաւ, եւ նոր միջադէպներու առիթ չ՚ընծայեց: Քանի որ Դաւիթ` Յովսէփի կաթողիկոսութեան հրովարտակը տանողն էր, եւ ընտրութեան գործը լրացած էր, անհիմն կը դառնայ Պէրպէրեանին գրելը, թէ Յովհաննէս իշխանաւորները հաճեցոյց յընտրել զԴաւիթ ի կաթողիկոսութիւն Էջմիածնի, եւ թէ այդ նպատակով Դաւիթը Էջմիածին առաքեցին, զի անդ գտցէ զեղանակ եւ զճանապարհ կաթողիկոսանալու ( ՊԷՐ. 18): Յովսէփին դառնալով, նա ամենայն պնդութեամբ եւ ամէն միջոցներով կաթողիկոսանալու ետեւէն էր: Արդէն 1800 ապրիլ 12-ին, որ է Բարթողիմէոսի Կ. Պոլսոյ մէջ ընտրուելուն օրը ( § 2224), երբ Յովհաննէս հազիւ թէ Մայրաթոռի միաբանութեան գիրը առած կրնար ըլլալ ( § 2222), նա արդէն Սրբոյ աթոռոյն անուանեալ կաթողիկոս կը ստորագրէր ( ԴԻՒ. Ե. 39, ԴԻՒ. Թ. 333): Անհաճոյ զգացում մը ազդելու չափ խրոխտ եւ յանձնապաստան է Յովսէփի լեզուն, երբոր Դանիէլի եւ ամիրայից գրելով, կ՚ազդարարէ որպէսզի իմացեալ զօրինաւոր ժառանգութիւն մեր եւ զընտրութիւնն ( ԴԻՒ. Ե. 33), եւ զվաստակս իմ ի վերայ հանուրց ազգին, հաւատոյն եւ եկեղեցւոյն ( ԴԻՒ. Ե. 34), համակերպին իրեն ընտրութեան, պատիւ համարելով աթոռ բարձրացնել ի ցեղէ Լուսաւորչին սրբոյ Գրիգորի, յորմէ եմք մեք, կ՚ըսէ վստահօրէն: Միանգամայն կը սպառնայ, թէ իրմէ զատ ում եւ ընտրէք` կաթողիկոս լինել ոչ կարէ, եւ ոչ իշխել ի վերայ կողմանցս, եւ այս պատճառաւ կը յաւելու, որ եթէ ընտրեալ եւս իցէք եւ առաքեալ, դադարեցուցանել ուրեւիցէ ընտրեալն այն ( ԴԻՒ. Ե. 35): Դանիէլի ալ ակնարկելով, որ միաբանութեան առաջին ընտրելին էր, կը գրէ թէ պատիւ եւ փառք համարեսցի ի ժամանակս իմ պատրիարք գոլն իւր ( ԴԻՒ. Ե. 38): Իր միտքը յաջողցնելու համար մինչեւ իսկ իղձ կը յայտնէ ի վերայ Պոլսոյ անցանել, այլ մտածելով, թէ յոյժ յամէ գնալն ի սուրբ աթոռն ( ԴԻՒ. Ե. 39), իր աշակերտ Նոր-Նախիջեւանցի Կարապետ վարդապետը Կ. Պոլիս կը ղրկէ, բոլոր ամիրաներուն զատ զատ յանձնարարականներով, որոնցմէ 12 հոգի յանուանէ յիշուած են ( ԴԻՒ. Ե. 38): Որչափ ալ յոխորտաբանութիւն ըլլան Յովսէփի գրածները, սակայն անշուշտ Կ. Պոլսեցոց վրայ իրենց ազդեցութիւնը կ՚ունենային, նկատելով անոր Ռուսաց մայրաքաղաքին մէջ ստացած դիրքը, եւ Ռուսական դեսպանատան ամէն կերպով անոր օգտին ծառայելը: Այս պարագաներն ալ կը ցուցնեն թէ ինչ զգացումով Յովհաննէս եւ Կ. Պոլսեցիք կը զիջանէին Յովսէփի ընտրութեան, եւ հրովարտակը ստանալով կը յղէին անոր: Յովսէփ հազիւ թէ այդ եղելութեանց լուրը կ՚առնէր արքունիք հասած տեղեկութիւններէն, եւ կ՚ապահովուէր իր կաթողիկոսութեան վրայ, օգոստոս 4-ին Պետրբուրգէ կը մեկնէր ( ԵՐՑ. Ա. 6): Նախ կու գար Մոսկուա, եւ Մոսկուայէ Նոր-Նախիջեւան, եւ անկէ Աստրախան ( ԴԻՒ. Թ. 342), ուր կը մտնէր սեպտեմբեր 12-ին, սպասելով հրովարտակին, զոր Դաւիթ Կոստանդնուպոլիսէ կը բերէր, իրեն ձեռքը հասցնելու համար:

2234. ՅՈՎՍԷՓԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐԸ

Յովսէփ տակաւին Նոր-Նախիջեւան եղած ատեն, օգոստոսի մէջ, Յովսէփ կաթողիկոս վերտառութեամբ եւ ստորագրութեամբ կոնդակ կը գրէ ( ԴԻՒ. Թ. 334), իսկ սեպտեմբեր 12-ին Աստրախան հասած օրը կը ստանայ Դաւիթի Կ. Պոլիսէ գրած նամակները: Քանի մը օր ետքը Դաւիթի ուղղած նամակով լուր կու տայ, թէ ձեռքը հասած են հրովարտակին պատճէնն ու թարգմանութիւնը, դեսպանէն Պետրբուրգ ղրկուած եւ անկէ իրեն հաղորդուած: Ուրախութիւն կը զգայ, որ իր անունին յիշատակութիւնը սկսած է Կ. Պոլիս, Մոսկուա, Նոր-Նախիջեւան, Գրիգորուպոլիս, եւ յայլ քաղաքս: Բայց կը սպասէ Ռուսաց կայսեր բարեհաճական հրովարտակին վասն ընդհանուր Հայոց ազգիս կաթողիկոսութեան, զոր լսած է թէ պատրաստեալ են, եւ յայս քանի օրս կը յուսայ ստանալ: Ռուսաստանի առաջնորդութիւնը փոխանցած է Եփրեմի, Էջմիածինի տեղապահութիւնը կը հաստատէ Մինասի վրայ, բայց եւ Դաւիթի իրաւունք կու տայ զամենեսեան ի կարգի պահել ընդ տեղապահին, եւ կը խոստանայ Յովհաննէսի օրհնութեան կոնդակ ղրկել յետ ընկալման օծմամբ զշնորհս Սուրբ Հոգւոյն ի գլուխն: Դաւիթի ուղղուած այդ գրութեան ( ԴԻՒ. Թ. 342-356) թուականը գրուած չէ, բայց սեպտեմբեր 12-էն շատ ետքը գրուած պիտի չ՚ըլլայ, վասնզի իբր կենդանի յիշուած Մինաս տեղապահը վախճանած է հոկտեմբեր 22-ին, ի չորրորդ ժամու ցերեկին ( ԴԻՒ. Թ. 339), որով Դաւիթ զօրութեամբ վերոյիշեալ գրութեան ստացած կ՚ըլլայ բուն տեղապահութիւնը: Յովսէփ տակաւին Աստրախան կը մնայ, մինչեւ որ սպասածը կը ստանայ հոկտեմբեր 30-ին, նաեւ հրաման զինուորական ուղեկցութեամբ մինչեւ Էջմիածին երթալու, եւ ցմահ վայելելու կանուխ ունեցած 2000 ռուբլիի ռոճիկը ( ԵՐՑ. Ա. 10): Ինքն ալ միեւնոյն ատեն Էջմիածինի մէջ ըլլալիք պատրաստութիւնները կը հրահանգէ, եւ հազիւ դեկտեմբեր 12-ին Աստրախանէ կը մեկնի, եւ 17-ին կը հասնի Ղըզլար: Հոն կը սպասէ մինչեւ որ Կնօրին զօրավար, Կովկասեան գաւառներու կողմնակալը, ճամբուն ապահովութեան պատրաստութիւնները լրացնէ: Անկէ կը մեկնի Մոզդոկ, հոն ալ կը մնայ քանի մը օր, եւ ապա կ՚ուղեւորի Կովկասի լեռնաշղթան անցնելու, գնդապետի մը եւ հարիւր խազախ հեծեալներու ընկերակցութեամբ: Հազիւ 1801 տարւոյ փետրուար 6-ին, կը հասնի Դուշէթ, ուսկից փետրուար 11-ին, Մեծպահոց երկրորդ երկուշաբթին, մուտ կը գործէ Տփղիս, արտակարգ փառաւորութեամբ եւ հանդիսական ցոյցերով: Նկատելի է որ բաւական դանդաղաքայլ եղած է Պետրբուրգէ Տփղիս հասնիլը, վեց ամիս ամբողջ, օգոստոս 4-էն փետրուար 11: Ասոր պատճառներուն մէջ եթէ պիտի հաշուենք պաշտօնագիրներու սպասելը եւ եղանակին խստութիւնը, պէտք չէ զանց ընենք նաեւ Յովսէփի` փառքերու եւ ցոյցերու փափաքը, որպէսզի ամէն տեղ պատրաստութիւններ կատարուին ընդունելութիւնը շքեղ ընելու համար:

2235. ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄՈՒՄԸ

Յովսէփի այդ երկարատեւ ուղեւորութեան միջոցին Էջմիածինի կացութիւնը, անհամբեր ակնկալութիւն էր: Երբ վարանումները փարատեցան, եւ կամայ կամ ակամայ, բայց հարկաւորը կամաւոր ընելու խոհականութեամբ, միաբանութիւնը համակերպեցաւ Յովսէփի կաթողիկոսութեան այժմ կը սպասէր քաղել` իրմէ խոստացուած, Ռուսական կառավարութենէ յուսադրուած եւ երեւակայութեամբ աճեցուցուած բարիքները: Հոկտեմբեր 31-ին գրութեամբ միաբանութիւնը Յովսէփէն կը խնդրէր մի եւս ամենեւին յետաձգել, այլ փութացուցանել զբարիոք գալուստն շքեղաշուք փեսայիդ, որովհետեւ տասն ամիս է, կ՚ըսեն որ աթոռը անտերունջ է, ի մէջ օձից եւ կարճաց բնակեալ` ամէն կողմէն կը նեղուինք, յարտաքուստ յումեքէ դանկ մի չէ մտեալ ի սուրբ տունս, Կ. Պոլսոյ նուիրակը Գալուստ աքսորուած է, Տաճկահայոց չորս շրջանակներ առանց նուիրակի մնացած են, եւ միւռոնը մերձ է ի սպառումն: Միաբանութիւնը կը սպասէ որ դեկտեմբերի մէջ հարկաւ Էջմիածին հասած ըլլայ ( ԴԻՒ. Թ. 340), բայց մենք տեսանք որ հազիւ թէ դեկտեմբերին Աստրախանէ կը մեկնէր: Կարծես թէ այնչափ ճիգերով ու հնարքներով ու ստիպումներով ձեռք ձգուած կաթողիկոսութեան գործունէութենէն աւելի` երեւոյթն էր Յովսէփը շահագրգռողը:

2236. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Իսկ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ Յովհաննէս պատրիարք ազգին մեծամեծներուն գործակցութեամբ, կ՚աշխատէր հին գժտութեանց բոլոր պատճառներն ու հետեւութիւնները ջնջել վերջացնել: Կաթողիկոսական ընտրութիւնը մայիս 31-ին լրացած էր ( § 2232), բայց նուիրագործութիւն չէր առած ընտրեալին օծմամբը, եւ առկախ վիճակը կը շարունակէր: Միտքեր տակաւին վրդովեալ էին, եւ եղածը եղծանելու ձգտումներ արմատախիլ չէին եւ երրորդէն ետքը չորրորդ ընտրութիւն մըն ալ պատրաստողներ կային, գլխաւորապէս Դանիէլեան խմբակէն, քան թէ Դանիէլէն: Մեր տեսութեամբ ալ Դանիէլին անիրաւիլ կ՚ըլլար փառասէր թեկնածութիւն վերագրելով իրեն, սակայն լիովին համակերպող մըն էր իրեն համակիրներուն ձեռքը: Բացառիկ պէտքերու բացառիկ դարմաններ կրնան արդարանալ, եւ Յովհաննէս այդ սկզբունքին հետեւած պիտի ըլլայ Յովսէփին կաթողիկոսութեան` ծիսական նուիրագործում տալով: Պատմած ենք Երուսաղէմի պատրիարք Պետրոս Եւդոկացիին մահը 1800 յունիս 18-ին ( § 2181), կաթողիկոսական պայքարին ամէնէն տաք միջոցին, Դանիէլի աքսորուելէն քիչ օր ետքը ( § 2230): Այնչափ խառնակ ու շփոթ, խեղճ ու անկերպարան էր Պաղեստինի վիճակը` Գաղղիացւոց արշաւանքին եւ Օսմանեանց պատերազմներուն պատճառով, որ Երուսաղէմի միաբանութիւնը` Կ. Պոլսոյ պատրիարքին, զոր Դանիէլը կ՚ենթադրէր տակաւին, կը յանձնարարէր իր ժողովով յարմար մէկը ընտրել եւ հաստատել տալ, իրեն կողմէ ալ փոխանորդ Յակոբ եպիսկոպոսին կը յանձնարարէր պատրիարքարանի գործակցիլ ( ԱՍՏ. Բ. 135): Պարտուպատշաճ խորհրդակցութիւններէ ետքը, պատրիարք կ՚ընտրուէր Թէոդորոս Վանեցի եպիսկոպոս, Երուսաղէմի դարպասընկալը, եւ գործը լրացեալ ճանչնալով անունին յիշատակութիւնն ալ պիտի սկսէր յուլիս 14-ին, Վարդավառի նաւակատիքին կամ Տապանակի տօնին օրը: Այդ նոր յիշատակութենէն կ՚օգտուէր Յովհաննէս Էջմիածինի աթոռին համար ալ, փոխանակ հանգուցելոյն` նոր գահակալը յիշատակել տալ, եւ նոյն օր Յովսէփ ալ կը յիշուէր իբրեւ կաթողիկոս: Այս է ահա այն բացառիկ դարմանը, զոր վերեւ յիշեցինք, որպէսզի միանգամընդմիշտ կաթողիկոսական ընտրութիւնը լրացեալ եւ վաւերացեալ գործի կարգ անցնի, եւ ոտնձգութիւնք վերջանան: Բացառիկ անուանեցինք եղած գործողութիւնը, զի հնաւանդ եւ հաստատուն կանոնին, եւ նոյնիսկ կաթողիկոսական մաշտոցին խորագիրին համեմատ, ընտրեալը կ՚օծուի, եւ յետ այնորիկ կոչի Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց ( ԿԹՂ. 19): Յովհաննէսի բացառիկ կարգադրութիւնը Դանիէլեանց առջեւ դուռը գոցել մըն էր, եւ անոնց եռանդուն պետը, Մանուէլ Կիւմիւշխանացին, Յովհաննէսը կ՚ամբաստանէ, թէ հրամայեաց զՅովսէփ արհին առանց օծութեան կաթողիկոս յիշատակել (63. ԿՌՆ. 909): Մենք ալ պաշտպան կանգնելով հանդերձ հնաւանդ եւ կանոնական սովորութեան, խիստ դատաստան պիտի չ՚ընենք: Յովհաննէսի դէմ, որ այդ բացառիկ միջոցին կը դիմէր երկար ատեններէ իվեր ազգը պառակտող եւ կիրքերու ասպարէզ տուող կաթողիկոսական խնդիրը վերջացնելու: Միայն թէ ինչ որ իբրեւ բացառիկ կրնար արդարանալ, այժմ սովորական դարձած է, մանաւանդ Ներսէս Ե. Աշտարակեցիէ ասդին, որ իբրեւ եռանդուն Դանիէլեան եւ Մանուէլի գործակից, Յովհաննէսը սաստիկ մեղադրելէն ետքը, ինքն նոյնը գործադրեց եւ այն ալ իրեն համար եւ իր հրամանով: Ինչ որ Յովհաննէս յուլիս 14-ին Կ. Պոլսոյ մէջ կը կատարէր, Մոսկուայի մէջ կը կատարուէր յաջորդ յուլիս 15 օրը, Վարդավառի կիրակիին, Յովսէփի ներկայութեան ( ԴԻՒ. Թ. 343): Ըստ այսմ Յովսէփը կրկին Պետրբուրգ դարձած պիտի ըսենք, քանի որ վերջին անգամ անտի մեկնեցաւ օգոստոս 4-ին, հրաժեշտի ողջոյնը տալով անձամբ Պօղոս կայսեր ( ԵՐՑ. Ա. 6):

2237. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵՒ ԱՔՍՈՐՆԵՐ

Յովհաննէսի վրայ իբրեւ մեղադրանք կը յիշուի նաեւ, որ պատրիարք ըլլալէն ետքը, չփութաց անմիջապէս Դանիէլը ու Գալուստը աքսորէն դարձնել տալ, եւ մինչեւ իսկ այդ միտքով իրեն եղած դիմումներուն ականջ չկախեց (63. ԿՌՆ. 912): Թերեւս խնդիրը իր բացարձակ եւ պարագաներէ անկախ տեսակետէն առնելով, մենք ալ ձայնակցէինք մեղադրողներուն. սակայն պէտք չէ դիտողութենէ վրիպեցնել, թէ մեղադրողները բոլոր իրենց միտքը Դանիէլի վրայ ամփոփողներն են, որոնք Դանիէլը մէջտեղ հանելով կ՚ուզէին Յովսէփի վրայ եղած ընտրութիւնը եղծանել, եւ նորէն Դանիէլի վրայ չորրորդ ընտրութիւն մը կատարել, որչափ ալ պիտի չկարենար խաղաղ եւ վճռական իրականութիւն ունենալ: Յովսէփի ունեցած դիրքը եւ գործածելիք ազդեցութիւնները գիտնալով, յայտնի էր թէ հետեւանքը պիտի ըլլար, պահ մը եւս երկարել ազգին ապարդիւն եւ աննպատակ վրդովմանց եւ երկպառակութեանց տեւողութիւնը: Յովհաննէս եթէ իր ընտրութենէն անմիջապէս ետքը աքսորեալներուն վրայ մտադրութիւն չդարձուց, սակայն այդ բանն ըրաւ անմիջապէս որ յուլիս 14-ի յիշատակութիւնը հրամայեց ( § 2236), եւ Յովսէփի Ռուսաց կառավարութեան կողմէ հաստատուած ու պատուուած, եւ դէպ Էջմիածին ճամբայ ելած ըլլալուն լուրը առաւ ( § 2234): Նա այլեւս վստահութիւն գոյացուցած էր, թէ ամուլ պիտի մնային տարաժամ ճիգերը: Կիւմիւշխանացին կը գրէ, թէ Յովհաննէս մեծ գումար պահանջած ըլլայ, եւ Մուրատ Սուրէնեան ամիրան` պատրիարքէն անկախաբար եւ ձրի հանել տուած ըլլայ Դանիէլի ազատութեան հրովարտակը ( ԴԻՒ. Ա. 77): Բայց անոնք որ պետական գործոց ձեւերուն տեղեակ են, լաւ կը հասկնան, թէ ամիրաներ կրնային ազդեցիկ միջնորդութիւն գործածել իրենց մտերիմ պաշտօնէից ձեռքով, բայց հնար չէր գործ վճարել, առանց պատրիարքի պաշտօնական խնդրագիրին եւ կնիքին: Ուստի հնար չէ գործին իրականացումը Յովհաննէսէ բաժնել, զի Յովհաննէս հաւանած է գործել, երբ այլեւս գործին անվնաս լինելուն համոզում գոյացուցած է: Դանիէլի ազատութեան հրովարտակը կ՚առնուի սեպտեմբեր 17-ին եւ Գալուստինը սեպտեմբեր 22-ին ( ԴԻՒ. Ա. 78): Դանիէլ 26-ին Թենետոսէ մեկնելով, շիտակ կու գայ Ռոտոսթոյ, ուր կը գտնուի սեպտեմբեր 29-ին Վարագայ խաչին օրը: Սուրբ Բեւեռին ուխտը կատարելով նորէն կը նաւարկէ Պանտըրմա անցնելու համար, բայց սաստիկ ալեկոծութեամբ, կ՚իյնան Հէրէկ (63 ԿՌՆ. 914), որ պէտք է ըլլայ Էրտէք. եւ անկէ ցամաքի ճամբով կը հասնի Պանտըրմա հոկտեմբեր 5-ին, ուսկից Պաղտասար փոքրաւորը Կ. Պոլիս կը յղէ, իր իրեղէնները հաւաքելու: Այս առթիւ Յովհաննէս անոր համար Եւդոկիոյ առաջնորդութեան կոնդակ կը հանէ, եւ փոքրաւորին կը յանձնէ, որ Պանտըրմա կը դառնայ նոյեմբեր 4-ին, եւ 13-ին Դանիէլ ճամբայ կ՚ելլէ Եւդոկիա երթալու, բայց Մահալըճ հասնելով կը դադարի: Իսկ Գալուստ Լեմնոսէ դառնալով ազատութիւն կը ստանայ Նիկոմիդիա երթալ, եւ ընդհատուած նուիրակութեան շրջանը լրացնել (63. ԿՌՆ. 915):

2238. ՅՈՎՍԷՓ Ի ՏՓՂԻՍ

Կաթողիկոսական խնդիրին ընթացքը շարունակելով, պէտք է նորէն Տփղիս դառնանք, ուր Յովսէփ հասած էր 1801 փետրուար 11-ին ( § 2234), շքեղ հանդիսավեհութեամբ ( ՄՍՐ. 32): Բոլոր քաղաք դուրս էր թափուած, եկեղեցականութիւնը երկար թափօր էր կազմած, թնդանօթներ գալուստը կ՚ողջունէին, ինքն ալ շուրջառով ու գաւազանով, եւ ամպհովանիի ներքեւ թափօրին հետեւելով, կը մտնար Վանքի եկեղեցի կոչուած Հայոց մայրեկեղեցին: Այնտեղ կը քարոզէ, մաղթանքներ կ՚ընէ Ռուսաց կայսեր համար, եւ ժողովուրդը կ՚օրհնէ, ու կ՚անցնի Վրաց Ս. Սիոն մայրեկեղեցին, ուր տակաւին անթաղ կը մնար իր մտերիմին ու պաշտպանին Գէորգի թագաւորին մարմինը: Այնտեղ ալ կ՚աղօթէ դագաղին փաթթուած, վրացերէն կը քարոզէ, Ռուսաց կայսեր կողմէ վախճանեալ թագաւորին ուղղուած գիրը կը կարդայ, հոգեհանգիստ կը կատարէ, եւ անկէ ետքը կ՚երթայ Մողնու թաղը իջեւանիլ իր եղբօրորդւոյն` հազարապետ Սողոմոն Արղութեան իշխանին տունը: Էջմիածինէ հրաւիրակ եկող չորս գլխաւոր եպիսկոպոսները, ձիւնապատ ճամբաներէն արգելուելով, յաջորդ օրը` 12-ին հասան, եւ էին Սիմէոն աթոռակալ, Թադէոս ատենադպիր, Անդրէաս գրագիր, եւ Բարսէղ Աշտարակեցի եպիսկոպոսները: Դաւիթ Էջմիածին էր մնացեր իբր տեղապահ: Յովսէփ քանի մը օր այցելութիւններով զբաղեցաւ, մինչեւ որ Էջմիածին ուղեւորի, ուր մտադիր էր մեկնիլ մարտ 1-ին, Մեծպահոց չորրորդ ուրբաթ օրը, պատշաճ ատեն օծումը լրացնելու, եւ մարտ 24-ին զատիկը փառաւորապէս տօնախմբելու համար: Այդ օրերուն մէջ կը կատարուէր` Վրաց համար նշանակալից դիպուած մը, այն է իրենց թագաւորութեան վերջանալը: Իրաւ այլեւս անուանական դարձած էր Վրաց թագաւորութիւնը, Պարսիկ կուսակալներու հարկատու ըլլալու չափ ստորնացած, եւ անոնց բռնութենէն ազատելու համար անպայման Ռուսաց գիրկը ինկած, բայց վերջապէս ազգային քաղաքական իշխանութեան ձեւը կը մնար: Գէորգի եւ իր որդին Դաւիթ, իրենց կացութեան վրայ յուսահատ, Ռուսական միջամտութիւնը ընդունած եւ Ռուսական պաշտպանութիւնը խնդրած եւ հաստատած էին իրենց երկրին ու մայրաքաղաքին մէջ, եւ անպայման յանձնուած էին Ռուսաց ձեռքը: Գէորգիի վերջին հիւանդութեան օրերը, 1800 դեկտեմբեր 22-ին, ստորագրուած էր Վրաստանը Ռուսական մարզ դարձնելու հրովարտակը, եւ դեկտեմբեր 28-ին կը մեռնէր Գէորգի ( ԱՐՂ. 184), եւ որոշումը գործադրելու պատեհը կը ներկայանար ( ՖԱՄ. 30): Փետրուար 16-ին, երբ տակաւին Գէորգի չէր թաղուած, Ս. Սիոն մայրեկեղեցւոյն մէջ հրատարակուեցաւ Պօղոս կայսեր յիշեալ հրովարտակը, եւ Վրաստան պաշտօնապէս կայսրութեան միացուեցաւ, եւ Ռուսական նահանգ դարձաւ: Նոյն հրովարտակը յաջորդ փետրուար 17 կիրակի օրը Հայոց մայրեկեղեցւոյն մէջ ալ կարդացուեցաւ, եւ Յովսէփ նախագահեց այդ հանդիսութեան ( ԵՐՑ. Ա. 14), գոհունակ զգացումով եւ արտակարգ ցոյցերով, վասնզի ինքն եղած էր բանակցութեանց միջնորդը, եւ Ռուսական ձգտումներուն ալ օգնականը: Վրացիները համոզած էր համակերպիլ Ռուսական հպատակութեան ( ԱՐՂ. 185), եւ Կայսեր գրելով վստահօրէն յայտարարած էր, թէ իմ խորհուրդներով քանդուեցան Ռուսաց հանդէպ անհամակիր կռիւները եւ խռովութիւնները ( ԱՐՂ. 186): Ասկէ ետքը կատարուեցաւ Գէորգիի յուղարկաւորութիւնը Տփղիսէ Մծխիթա, մահուանէն 55 օր ետքը, փետրուար 20-ին, որուն Յովսէփ ալ հանդիսապէս մասնակցեցաւ Տփղիսի մէջ: Վրաց թագաւորութեան ջնջուելովը, ջնջուած կ՚ըլլար նաեւ Հայոց թագաւորութեան մը գաղափարը, որուն համար ծրագիր ըլլալը յիշեցինք ( § 2200): Որչափ ալ պարզ փափաք մը եղած ըլլար այդ ծրագիրը, սակայն նկատողութեան արժանի է, որ նոյն Յովսէփ, որ անոր հետամուտ եղած էր, ինքն էր որ զայն կ՚եղծանէր Վրաց թագաւորութեան ջնջուելուն գործակցելովը: Ռուսական քաղաքականութեան առաջին մտադրութիւնն էր Կովկասի վրայ գերիշխանութեան ձեւով տիրել, ուստի Վրաց նման դիրք մըն ալ Հայոց տալու միտքը յղացուած էր: Բայց Վրաց դիրքին ջնջուելովը, Հայոց համար եղած միտքն ալ նովին իսկ կը ջնջուէր:

2239. ՅՈՎՍԷՓԻ ՄԱՀԸ

Յովսէփ Տփղիսէ չմեկնած ուզած էր անգամ մըն ալ քաղաքին հռչակաւոր ջերմուկներուն մէջ լոգանալ, ուստի Գէորգիի այրին Մարիամ թագուհին հրաւիրեց զայն արքունական բաղանիքը, եւ Յովսէփ հաճութեամբ գնաց փետրուար 27-ին, Մեծպահոց չորրորդ չորեքշաբթին, եւ ջուրը դիւրական գալուն շատ երկար մնաց ջերմուկի աւազանին մէջ: Բաղանիքէն տուն եկաւ, բայց տունէն անմիջապէս թագուհիին գնաց շնորհակալութիւն յայտնելու եւ հրաժեշտի ողջոյն տալու. այնտեղ թէյ առնելու ալ մնաց, եւ ուշ ատեն նորէն տուն եկաւ: Նոյն գիշեր յանկարծ աւրուեցաւ, սաստիկ այլայլութիւն եւ տկարութիւն զգաց, անկողին ինկաւ, ուսկից այլեւս չկրցաւ ելլալ: Բաւական տարածուած եւ մինչեւ աստիճան մը հաւանութիւն գտած կարծիք է, թէ Յովսէփ թագուհիին մօտ թէյ առնելու առթիւ թունաւորուած ըլլայ ( ՄՍՐ. 33): Այդ կարծիքին շարժառիթը պէտք է փնտռել այն զգացումին մէջ, զոր ունէր Մարիամ թագուհին, ազգային իշխանութեան ջնջուելուն վրայ ամէնէն աւելի զայրոյթ ու ցասում զգացող կինը, որ մինչեւ իսկ զինքն Պետրբուրգ տանելու ներկայացող սպան դաշունահար սպաննելու համարձակեցաւ ( ՖԱՄ. 30): Նէ կրնար միեւնոյն զգացումով դեղակուր ընել` նոյն ջնջումին միջնորդ եղող անձը: Սակայն հաւանականագոյն է անհիմն նկատել այդ կասկածը, որովհետեւ Յովսէփ տասն օր եւս ապրեցաւ, եւ բժշկական զննութիւնք թոքատապ ըսին վերահաս հիւանդութիւնը, եւ հետեւանք բաղանիքի մէջ չափազանց տաքանալուն, եւ ցուրտ ատեն կրկնուած երթեւեկներով տարաժամ մրսելուն: Տկարութիւնը օրէօր ծանրացաւ, բժշկական ջանքեր ապարդիւն մնացին, ինքն ալ զգաց իր վտանգաւոր եւ յուսահատ կացութիւնը: Մարտ 9-ին Մուտնիվիրապի շաբաթ օրը, վերջին վայրկեանը հասած զգալով, առաւօտուն իրեն մօտ կանչեց աթոռակալ կամ գործակալ Սիմէոն եպիսկոպոսը, խոստովանեցաւ ու հաղորդուեցաւ, եւ Էջմիածին ղրկուելիք ու իր ազգականներուն յանձնուելիք իրերուն մասին հրահանգներ տուաւ: Ժամը 8-ին նորէն կոչեց Սիմէոնը, լեզուն ծանրացեալ էր, ասաց ես կը մեռանիմ, իմ մարմին տարէք ի սուրբ Էջմիածին, Սիմէոն կաթողիկոսի գերեզմանին մօտն թաղէք (63. ԿՌՆ. 920): Քիչ ետքը մահը հասաւ, եւ հոգին աւանդեց մարտ 9-ին գիշերուայ մօտ, 10 ժամին ( ԵՐՑ. Ա. 16), նոյն գիշերուան մէջ ( ԱՐՂ. 225) յորում լուսանայր տասներորդն մարտի (63. ԿՌՆ. 921), որով պէտք կ՚ըլլայ մահը նշանակել մարտ 9-էն 10 գիշերը, կէս գիշերին մօտ, մարտ 10-ին չմտած:

2240. ՅՈՎՍԷՓԻ ԱՐԺԱՆԻՔԸ

Այսպէս վերջացաւ Յովսէփ Արղութեանի կեանքը, իր բաղձանաց եւ ձգտմանց եւ փառաց լրանալուն վայրկեանին, առանց կարենալու անոր յագուրդը զգալ, եւ լիակատար ստացութիւնը վայելել: Մենք չենք ուզեր Կիւմիւշխանացիին գրգռեալ զգացումներով ըսել, թէ նա մեռաւ ոչ ժամանեալ ի բազում ամաց հետէ բաղձացելոյն, եւ բռնութեամբ յափշտակեալ պատուոյն (63. ԿՌՆ. 921), բայց չենք ալ կրնար աննշանակ պատահար մը նկատել, այդ անակնկալ եւ անսովոր վայրկեաններու մէջ տեղի ունեցած մահը: Նա տակաւին 58 տարեկան էր, տկարացած եւ վատացած կազմ չունէր, տարիքով առոյգ եւ մարմնով առողջ, կրնար իրեն երկարատեւ պաշտօնավարութիւն ալ խոստանալ, եւ հաւանաբար նշանաւոր եւ արդիւնաւոր գործունէութիւն ալ ունենալ, որուն երաշխաւորութիւն կրնար ընծայել` Ռուսաստանի առաջնորդութեան 29 տարիներու մէջ ցուցուցած արդիւնաւորութիւնը: Նա իրեն համար ազդեցիկ դիրք մը կազմած էր, պաշտօնական եւ արքունական շրջանակներու մէջ բարձր տեղ մը գրաւած, անձամբ եւ ընտանեօք յառաջագահ ազնուականութեան բարձրացած, Հայութեան եւ հայաբնակութեան համար երախտիքներ ընծայած, եկեղեցիներ եւ վանքեր, եւ նոյնիսկ նոր Հայաքաղաքներ հաստատած, մեծ բախտի եւ մեծ հարստութեան տիրացած, եւ անոնցմով օգտակար եւ բարեգործ ձեռնարկներ կատարած. մէկ խօսքով հասարակ դասակարգէ վեր անձնաւորութիւն մը դարձած էր, թէ ձիրքերու եւ թէ արդիւնքներու տեսակէտէն: Ինչ որ Արղութեանի այդչափ փայլին վրայ ստուերած կրնայ ձգել, իր անյագ փառասիրութիւնն է, ոչ այն` որ լոկ արդիւնաւորութեան վրայ կը հիմնուի, այլ այն` որ արտաքին երեւոյթներու եւ պերճանքներու կը հետապնդէ: Պատմուած պարագաները կը հաստատեն, որ իր կաթողիկոսանալուն գաղափարը յղացողը, առաջարկը կազմողը, միջոցները պատրաստողը, արգելքներու դէմ մրցողը, ամէնը հպատակեցնողը, մրցակիցները ճնշողը, գործը յաջողութեան հասցնողը, ինքն եղած է. ինքը գրեթէ միայնակ, թէ Մայրաթոռոյ միաբանութեան, եւ թէ Տաճկահայ տարրին անհամակրութեան հակառակ: Եթէ Ռուսահայ տարրը համակիր եղած է, ան ալ իր ազդեցութեան ոյժովը կազմուած է: Իր յաղթանակին մէջ` ուղղակի իր անձնական գործունէութիւնն է որ կը տեսնուի, եւ ինչ որ ուղղակի իրմէ չէ, անուղղակի իր դիրքին եւ ազդեցութեան եւ ճնշող ստիպման հետեւանքն է եղած, որովհետեւ իրեն ընդդիմանալու եւ յաջողելու անյուսութեան հանդէպ, նպաստաւոր դառնալը աւելի գործնական տեսնուած է:

2241. ՅՈՎՍԷՓԻ ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ

Թերեւս իբրեւ արդարացում կարենայ յառաջ բերուիլ, թէ Յովսէփ իր կարողութեան եւ արդիւնաւորութեան գիտակցութեամբ, ինքզինքը առջեւ կը նետէր, որպէսզի իշխանութիւնը ձեռք անցընելով ազգին աւելի օգտակար ըլլար: Բայց այդ պարագային մէջ ալ, մեր կարծիքով, ներեալ չէ գրեթէ բռնի ինքզինքը առջեւ մղել, այլ պէտք է թողուլ, որ ուրիշները իրեն արդիւնքը տեսնելով զինքը փնտռեն: Թող որ իր ազգին եւ իր տարրին օգտակար ըլլալու համար, իշխանութիւն եւ աստիճան էական պայմաններ չեն: Ամէն ոք որեւէ կացութեան եւ դիրքի մէջ իրեններուն օգտակար ըլլալու բաց ասպարէզ ունի, եւ Յովսէփ ինքն ալ` պարզ առաջնորդի աստիճանին մէջ կրցաւ այնպիսի արդիւնքներ ցուցնել, զորս թերեւս պիտի չկարենար արդարացնել կաթողիկոսական աթոռին վրայ: Միւս կողմանէ յայտնի կը նշմարուի Յովսէփի վրայ, ուղիղ փառասիրութեան խառնուած` ունայնասիրութեան ձգտում մը: Կեղծ ազգաբանութեամբ ազնուականութեան ձգտումները, արտաքին պերճանքը, արտաքնայարդար շքեղութեանց տենչանքը, ցուցամոլութեան անյագ ծարաւը, յայտնի եղած են իր կեանքին ամէն պարագաներու մէջ: Նոյն իսկ կաթողիկոսութիւնը ապահովելէն ետքը, երկար ամիսներով աթոռ երթալու եւ գործի ձեռնարկելու յապաղիլը, արտաքին շքեղութեանց հետապնդութենէն տարբեր պատճառ չէ ունեցած, ինչպէս արդէն ալ դիտեցինք ( § 2235): Կարծես թէ աներեւոյթ ձեռք մը եկաւ իր կեանքին թելը խզել, երբ տակաւին Տփղիսի մէջ արտաքին փառքերու վայելումով կը յագենար, կաթողիկոսական օծմամբ բաղձացեալ դիրքին գագաթնակէտը հասնելու նախօրեակին: Կը յիշուի որ Էջմիածին ղրկած հրահանգներն ու հրամայած կարգադրութիւններն ալ` պերճանաց եւ շքեղութեանց, հանգստութեանց եւ վայելմանց պայմաններուն շուրջը կը դառնային, մինչ աթոռը իրմէ կենսական դարմաններ կ՚ակնկալէր ( § 2235): Այսչափ ճիգերէ ետք ձգտումներուն լրումը իրեն պակսեցաւ, զի իր անունը չենք կրնար անցընել կաթողիկոսաց շարքին մէջ, եւ լոկ ընտրուածները, առանց միւռոնի նուիրագործման եւ առանց օծումի, կաթողիկոս չենք կրնար հռչակել: Ինքն այդ պայմանին ալ ականջ չկախելով, կանխեց կաթողիկոս հռչակուիլ, կաթողիկոս ստորագրել, կաթողիկոսական կոնդակներ արձակել, կաթողիկոսական գործունէութիւն յայտարարել, բայց այնչափը մեզի չի բաւէր իր անունը կաթողիկոսաց գաւազանին մէջ արձանագրելու: Ընտրեալը օծեալ մը չէ, եւ օծեալ չեղողը կաթողիկոս չէ, այս է մեր եկեղեցւոյն կանոնը, եւ Մաշտոցին կանոնական կարգադրութիւնը ( ԿԹՂ. 19): Ոմանք սովոր են Յովսէփը կաթողիկոս տիտղոսով անուանել ( ԴԻՒ. Թ. եւ ԱՐՂ. ): Կան եւս Յովսէփ Դ. անունով ցուցակի անցընողներ, Յովսէփ Սսեցի երէցն ալ շարքի անցընելով ( § 1442), սակայն մենք չենք ուզեր հաստատուն կանոններէն շեղիլ, եւ ընտրեալ Յովսէփը` Յովսէփ կաթողիկոս ճանչնալ, ինչպէս որ նշանուածները` պսակուած չենք ընդունիր:

2242. ՎԵՐԱՀԱՍ ՎՏԱՆԳՆԵՐ

Բայց կ՚ընդունինք թէ Յովսէփի մահը նոր աղէտ մը եղաւ ազգին եւ նոր դժբախտութիւն մը եկեղեցւոյն: Այսպէս թէ այնպէս, Յովսէփ կաթողիկոսական աթոռի վրայ անարժան կաթողիկոս մը պիտի չ՚ըլլար, եւ որ գլխաւորն է, ազգին մէջ պառակտումները վերջացած, եւ նոր գրգռութեանց առջեւ առիթները փակուած պիտի ըլլային: Հազիւ թէ Յովսէփի աչքերը փակուեցան, շփոթութեանց դուռները բացուեցան: Կաթողիկոսական աթոռը դատարկ կը մնար, եւ մրցակիցներ եւ կողմնակիցներ նորէն ասպարէզ կը գտնէին հանդէս գալ, եւ ըսենք համարձակ, իրենց ամէն տեսակ` մաքուր թէ աղտոտ հնարքները գործածել անխտիր: Դանիէլեաններ կային արդէն, եւ ինչպէս յիշեցինք, Յովսէփի ընտրութենէն ետքն ալ յուսահատած չէին, եւ միայն ընտրութեան Ռուսական պաշտպանութեամբ լրացեալ գործ դառնալը, եւ լրացեալ գործին հանդէպ խնդիրները դադարեցնելու համար Յովհաննէսի հնարքը, անոնք լռութեան ստիպած էին: Կացութիւնը պարզուած կ՚ըլլար թերեւս եթէ Յովսէփի մեռնելովը, անոր կողմնակիցներն ալ Դանիէլի կողմը անցնէին, բայց անոնց մէջ կային հակադանիէլեան հոգւով տոգորեալներ, եւ անձնական նպատակի ծառայողներ: Յովսէփի անձնանուէր հետեւորդներէն էր Գրիգոր Զաքարեան Աքքիրմանցի վարդապետը, անոր աշակերտն ու հաւատարիմ գործիքը, եւ ամէն գործերուն տեղեակը. այնպէս որ Սիմէոն եպիսկոպոսի յայտնած վերջին կամքին մէջ Յովսէփ ըսած էր. Իմ կայից դաւթարովն Գրիգոր վարդապետն գիտակ է, ի նմանէ տեղեկացէք (63. ԿՌՆ. 920): Բայց Գրիգոր իրեն համար աշխատելու հանգամանք չունէր, եւ այդ դերը վիճակեցաւ Դաւիթին, որ այլեւս Դանիէլի բարեկամութեամբ իրեն պատրիարքութիւնը պատրաստողը չէր ( § 2227): Երբոր Դանիէլ վտանգուեցաւ` Դաւիթ անկէ բաժնուած էր. երբոր Դանիէլ աքսորուեցաւ` Դաւիթ անոր հակառակ դարձած էր ( § 2230). երբոր Յովսէփ Տաճկահայերէ ընտրուեցաւ` Դաւիթ թղթատար ըլլալու ալ զիջած էր, անոր պաշտպանութիւնը վայելելու համար: Իբր ստոյգ չենք ընդունիր Պէրպէրեանի գրածը, թէ Դաւիթ Յովհաննէսի թելադրութեամբ կաթողիկոսութիւն կ՚երազէր ( § 2233). չենք ալ կարծեր որ նորէն Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան սպասէր, որուն անգամ մը ընտրուած էր ( § 2227). զի սկսած էր գոհանալ Կ. Պոլսոյ կամ Զմիւռնիոյ նուիրակութեամբ, որուն համար Յովհաննէս իրեն միջնորդութիւն կը խոստանար (63. ԿՌՆ. 911): Բայց Դաւիթ իր ակնկալածէն լաւագոյն բախտի հանդիպած էր, զի Էջմիածինի մէջ պաշտօն ստացած էր, եւ Մինաս տեղապահի մահուամբ` Էջմիածինի վարիչը դարձած էր ( § 2234): Այս կերպով աւելի մօտեցած էր Յովսէփի, անոր մարդը եղած էր, անոր մտերիմներուն սիրելին եղած էր, եւ Գրիգորի հետ սերտ յարաբերութեան մտած էր: Մէկ խօսքով Դաւիթ, սկիզբէն ի վեր միտքէն անցուցած, բայց չյայտնած ձգտումներուն այս անգամ բնական կերպով մը կը մօտենար, եւ Յովսէփի պարապ թողած, կամ թէ լեցնել չկրցած աթոռին ժառանգ կը նկատէր ինքզինքը, մանաւանդ որ Մայրաթոռին մէջ ալ առաջնակարգ դիրք կը վայելէր: Ահա բուն Դաւիթ-Դանիէլեան խնդիրին սկզբնաւորութիւնը, Յովսէփեան հանգամանքէն անկախաբար:

2243. ՅՈՎՍԷՓԻ ԿՏԱԿԸ

Դաւիթի հակակիր միտք յայտնողներ, նախեւառաջ Էջմիածինի միաբանները եղան, որոնք կանուխէն ալ Տաճկահայերուն ազդարարեր էին Դաւիթն ու Գալուստը չ՚ընտրել ( § 2223): Չորս եպիսկոպոսներ որոնք հրաւիրակ եկած էին Էջմիածինէ, ուզեցին գլուխ կանգնիլ եւ թաղման պարագաները իրենք կարգադրել եւ կատարել մարտ 10-ին, Գալստեան կիրակիէն, Մուղնու եկեղեցւոյն մէջ, եւ Յովսէփի մարմինն ալ պատեալ ու պատրաստեալ միասին Էջմիածին տանիլ, իր վերջին կամքին համեմատ Ս. Գայիանէի բակը թաղելու համար ( § 2339): Բայց Գրիգոր կանխեց Ռուսական պաշտօնեաներու մօտ եպիսկոպոսները կասկածելի ընել, տիրացաւ մարմնոյն, կարգադրիչ եղաւ յուղարկաւորութեան, եւ Ռուսական պաշտօնէից բերնով արգիլեց փոխադրութիւնն ընել, առանց Մոզդոկ նստող կուսակալին արտօնութեան. եւ եպիսկոպոսներուն երթալուն արգելք դնել տուաւ, որպէսզի Էջմիածին դառնալով միաբանութիւնը չզօրացնեն ( ԵՐՑ. Ա. 17): Սակայն եպիսկոպոսներ նոյն օր նամակ գրեցին Էջմիածինի միաբանութեան, որ ժողով ընեն, եւ նորէն ընտրութիւն կատարեն Դանիէլի վրայ: Դեռ Յովսէփի մահուան վրայ արեւ չէր մտած, եւ ընտրական խլրտումներ զայրացած էին: Գրիգոր Աքքիրմանցին, արդէն մտերմացած էր Դաւիթի հետ, Դաւիթ ալ համակերպած էր Յովսէփի տեսութեանց հետ, եւ այս կերպով Դաւիթի ընտրելիութեան ծրագիրը կազմուեցաւ երկուքին միջեւ: Մէկը Տփղիսի մէջ եւ միւսը Երեւանի մէջ գործելու սկսան, աւելի արտաքին եւ բռնական ոյժերուն վրայ կռթնելով, քան թէ ներքին ընտրութիւնը շահելու միտքով: Գրիգոր Տփղիսի մէջ լուր տարածեց թէ Յովսէփ կտակ ըրած է Էջմիածինի Դաւիթը կամ Կ. Պոլսոյ Յովհաննէսը կաթողիկոս նստեցնել, ինչ որ հիմնովին սուտ էր: Անմիջապէս Սիմէոն եպիսկոպոս, որ Յովսէփի վերջին կամքերը լսող եւ ընդունող միակ անձն էր, այդ մասին գրաւոր յայտարարութիւն հրատարակեց, մարտ 12 թուականով, որուն մէջ այս տեսակ ակնարկ բնաւ չկար (63. ԿՌՆ. 920): Բայց Գրիգոր տիրացած էր Յովսէփի բոլոր ինչքերուն եւ դրամներուն, որոնք նշանաւոր գումար կը կազմէին, եւ զորս նա միատեղ առած էր Էջմիածնայ մէջ դիւրակեաց կեանք պատրաստելու եւ մեծագործութեան արդիւնք ալ ցուցնելու համար: Գրիգոր այդ գումարներով յաջողեցաւ համամիտներ շահիլ, բայց աւելի զօրաւոր փաստ եղաւ քաղաքական տեսակէտը: Յովսէփի ռուսասիրութիւնը յայտնի, եւ Գրիգոր ալ անոր սրտակիցն ըլլալով, վերջինիս վկայութիւնները անպայման կերպով ընդունելի էին Ռուսական պաշտօնէութեան առջեւ: Արդ Գրիգոր կը վկայէր, թէ Դաւիթ միակն էր որ Յովսէփի ուղղութիւնը կրնար շարունակել, եւ Ռուսական ազդեցութիւնը տարածել Հայկական գաւառներու մէջ, եւ թէ Դանիէլ Ռուսական ազդեցութեան յայտնի հակառակորդ մըն էր, եւ Պարսկական ու Տաճկական ազդեցութեանց ներքեւ կը գործէր: Ռուսերուն դիւրին էր հետեւցնել թէ պէտք էր ամէն միջոցներով պաշտպանել Դաւիթը: Յիշենք անցողաբար թէ Ռուսաց Պօղոս կայսրը, Յովսէփի պաշտպանը, դաւաճանութեամբ կը սպանուէր 1801 մարտ 11-էն 12 գիշերը ( ՇՕԲ. 400), Յովսէփէ 3 օր ետքը, եւ կը յաջորդէր որդին Աղեքսանդր Ա., բայց հաւանաբար Տփղիսի մէջ լուրը չէր հասած, եւ Պօղոսի ազդեցութիւնն էր որ կը տիրէր:

2244. ԴԱՆԻԷԼԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Գրիգոր օգուտ կը քաղէր նաեւ միաբանութեան ըրածէն, որ Յովսէփի մահուան լուրը եւ չորս եպիսկոպոսներուն նամակը առնելով, ժողովի գումարուեցաւ մարտ 16-ին ( ԴԻՒ. Ա. 86), Ղազարու յարութեան շաբաթ օրը, եւ համամիտ համաձայնութեամբ կրկին անգամ Դանիէլի ընտրութիւնը հռչակեց, որ նախապէս ալ` միաբանութեան առաջին ընտրելին եղած էր ( § 2219): Ժողովին համաձայնութեան դէմ դիտողութիւն ընողը միայն Դաւիթ եղաւ, պատճառ դնելով թէ առանց Երեւանի մեծամեծներուն օրէն չէ ընտրութիւն կատարել: Բայց իրեն պատասխանուեցաւ թէ եղածը նոր ընտրութիւն չէ, այլ առաջին ընտրութեան կրկնումը կամ վերանորոգումն է, որուն այն ատեն աշխարհական տարրը համաձայնեցաւ, ինքն Դաւիթ ալ ամէնուն կողմէն պատգամաւոր գնաց, եւ նոյն միտքով աշխատեցաւ, Տաճկահայերն ալ Դանիէլի ընտրութիւնը հռչակեցին, որով նոր դիմումի հարկ չի մնար: Ասով մէկտեղ խնդիրի տեղի չթողլու համար, ութը եպիսկոպոսներ, Դաւիթն ալ միատեղ, Երեւան կու գան, մեծամեծները կը հաւաքուին ի ներկայութեան խանին իսկ, որ էր միշտ Ղուկասի օրէն յիշուած Մահմատը, ամէնքն ալ համամիտ կը գտնուին Դանիէլի ընտրութեան, եւ պաշտօնական հանրագրութիւնը կը պատրաստուի, եւ մարտ 20, աւագ չորեքշաբթի օրուան թուականով կը կնքուի 78 միաբաններէ եւ 41 իշխաններէ ( ՄՍՐ. 37), եւ շուտով Դանիէլի հասցնելու համար պատգամաւորներ կը նշանակուին Յովհաննէս Պառաւեան եւ Ներսէս Աշտարակեցի վարդապետները, պայմանաւ վաթսուն աւուր միջոցի` ընտրեալը Էջմիածին բերելու: Դաւիթ` որ ներքին ընտրութեամբ օգտուելէ յոյսը կտրած էր, անհակառակ հանրագրութիւնը կը ստորագրէ, եւ յատուկ նամակ ալ կը գրէ Աստուծմէ ընտրեցելոյն եւ կոչեցելոյն, յորդորիչ ըլլալով որ հրամայէ եւ Էջմիածին գայ` ի միամտութիւն եւ հանգստութիւն միաբանիցս, եւ յուրախութիւն Դաւիթ նուաստ եպիսկոպոսիս: Դաւիթ Յովսէփի մահն ալ իբրեւ նախախնամական պատահար մը ընդունիլ կը ցուցնէ, երբոր կը գրէ, Աստուած է որ յաջողէ զամենայն, եւ ոflվ է որ Աստուծոյ կամացն կայցէ հակառակ ( ԴԻՒ. Ա. 86-88):

2245. ԴԱՒԻԹԻ ՃԻԳԵՐԸ

Բայց Դաւիթ անկեղծ չէր այդ յայտարարութեանց մէջ. նա արտաքնապէս համակերպելով կ՚ուզէր միաբանները քնացնել, որպէսզի ուրիշ ձեռնարկներու պէտք չզգան. զի ինչպէս գրեցինք, Գրիգոր-Դաւիթեան ծրագիրը, ուղղակի արտաքին ճնշումի եւ բռնութեան վրայ հիմնուած էր: Այդ միտքով կ՚աշխատէր Գրիգոր Տփղիսի մէջ, իրեն կողմը ունենալով Ռուսական տիրապետութեան ներկայացուցիչները, զօրավար Լազարեվը, դեսպան Կաւալիցկին, եւ կուսակալ Կնօրինը, որոնք այլեւս համոզուած էին թէ իրենց պետական շահը բացարձակապէս կը պահանջէ Դաւիթի կաթողիկոսութիւնը, որպէսզի Էջմիածինի միաբանութեան հակառուս կարծուած ուղղութիւնը փոխուի: Այդ միտքով Տփղիսէն պատգամաւորութիւն մը ղրկուեցաւ Երեւան, զօրավար Լազարեվի, եւ Վրաց անժառանգեալ թագաժառանգ Դաւիթի անունով, եւ Յովսէփեան կողմնակից Տփղիսեցի մեծամեծներու յանձնարարութեամբ, որպէսզի մէկ կողմէն միաբանութիւնը հաճեցնէ Դաւիթի կաթողիկոսանալուն, իսկ միւս կողմէն Մահմատ խանը բռնադատէ, եւ Յովսէփէ մնացած գանձերուն փաստով համոզէ, որպէսզի բոլոր իր իշխանութեամբ միջամտէ եւ Դաւիթը կաթողիկոսութեան աթոռին վրայ հաստատէ: Մահմատ նախապէս իր ներկայութեամբ Դանիէլի ընտրութիւնը հաստատած էր, եւ յատուկ գրութեամբ ալ զայն հրաւիրած էր, որովհետեւ զայն իրեն կողմնակից կը ճանչնար, բայց Տփղիսէ եկողներ, եւ Ռուսական քաղաքականութեան գործիք եղողներ, Մահմատի միտքը կը պղտորեն, թէ Ներսէս վարդապետ Ռուս կառավարութեան գործիք է, եւ խոստացել է Ռուսաց, թէ Դանիէլը կաթողիկոսանալով, նոցա մուտքը պէտք է դիւրացնէ դէպի Երեւան ( ԴԻՒ. Է. ժզ. ): Այսպէս ռուսասէրներ հակառուսականութիւն կը կեղծեն, խարդաւանանքի գագաթնակէտը հասնելով: Այսպէս թէ այնպէս Տփղիսէ եկող պատգամաւորութեան թելադրութիւնները կամ յանձնարարութիւնները, եւ մանաւանդ առատաձեռն կաշառքը, Մահմատի միտքէն կը ջնջէին նախընթացաբար ըրածը եւ զինքը Դաւիթի համար բուռն գործիչ մը կը դարձնէին: Մահմատ իր կողմէն ալ յանձնարարութիւններ կը սկսէր ընել միաբաններուն, որուն սոքա կը պատասխանեն, թէ իրենք ուխտ ըրած են, Ս. Գեղարդի վրայ երդումով Դանիէլի ընտրութիւնը հաստատած են, եւ չեն կրնար անկէ ետ դառնալ ( ԴԻՒ. Ա. 89), եւ թէ ընտրեալը գալու վրայ է, եւ մօտ օրէն կը հասնի, պայմանադրեալ 60 օրերուն մէջ: Յիշենք անցողակի որ դեռ Յովսէփ Տփղիս չհասած, Յովհաննէս Գեղարդակիր եպիսկոպոսը կրցած էր Ս. Գեղարդը գաղտնի կերպով Տփղիսէ հանել, եւ անձայն անշշուկ Էջմիածին հասցնել: Միաբանութիւնն ալ Մայրտաճարի մէջ հաւաքուելով եւ Ս. Գեղարդը մէջտեղ դնելով կատարած էր Դանիէլի ընտրութիւնը ( ԴԻՒ. Ա. 88):

2246. ԴԱՆԻԷԼ ՅԵՒԴՈԿԻԱ

Դանիէլի մասին չխօսեցանք 1800 նոյեմբեր 13-ին Պանտըրմայէ մեկնելէն ետքը ( § 2237): Նա Պանտըրմայէ ետքը Մահալըճի մէջ դադարած էր տեղացւոց հիւրասիրութիւնը վայելելով, եւ այնտեղէն իր յարաբերութիւնները ընդարձակելով, որ կրնար կասկած տալ նոր խլրտումներու, թէ ոչ իրմէ, գոնէ իր շուրջը գտնուողներէն, որոնց յախուռն գործունէութիւնը յայտնի էր: Այս պատճառով Յովհաննէս իրեն լուր կը հասցնէ, որ շատ չերկնցնէ ուղեւորութիւնը, եւ օր առաջ Եւդոկիա հասնի, վասնզի տէրութիւնն բարձր հրամանաւ առաքել կամեցեալ էր, այսինքն է բռնադատեալ կերպով. բայց մեք աղերսանօք արգելեցաք, այսինքն կերպով մը երաշխաւոր կանգնեցանք. ուստի լաւ կը լինի աստեւանդ չդեգերիլ, զի մի' կրկին անպատուութիւն բերցի, որ տեղի կ՚ունենար եթէ զինուորական հրամանով տարուէր (63. ԿՌՆ. 916): Կիւմիւշխանացին, իր բորբոքեալ երեւակայութեամբ, Յովհաննէսի կողմէ դաւաճանութեան գործ մը կը կարծէ տեսնել այդ ազդարարութեան մէջ, Յովհաննէսի եւ Աղայէկեանի եւ Թամարովի ձեռքով լարուած, որուն առջեւը կ՚առնուի Մուրատ Սուրէնեանի ձեռքով, որ կառավարութենէն արտօնութիւն կը ստանայ, որպէսզի Դանիէլ ըստ հաճութեան իւրոյ հանդարտ ընթացիւք երթայ Եւդոկիա: Մենք կը կարծենք որ եթէ իրօք պատրիարք եւ Թամարով գործին մէջն էին, Մուրատ Սուրէնեան մը չէր կրնար անոնց հետ կշռուիլ: Ուստի Յովհաննէսի ազդարարութիւնը, որով ոչ նոր հրամանի մը, այլ կանխորոշ հրահանգի կ՚ակնարկուի, պարզ զգուշաւորութիւն մըն էր, Դանիէլեանց նոր խլրտումին առիթ չտալու համար: Այդ անցուդարձերու միջոցին Դանիէլ Մահալըճ կը մնայ նոյեմբեր 13-էն մինչեւ դեկտեմբերի վերջերը, եւ 1801 յունուար 5-ին կը հասնի Պօլու: Կիւմիւշխանացին բաւարար բացատրութիւն մը չի տար մեզի, Դանիէլի 50 օր Մահալըճ մնալուն վրայ, ինչ որ մեր կարծեօք աւելի Յովհաննէսը կ՚արդարացնէ, եւ ոչ թէ անոր վրայ զդառնութիւն մաղձի կը հաստատէ: Յովհաննէսի համար կաթողիկոսութեան խնդիրը փակուած էր Յովսէփի հաստատութեամբ, եւ այլեւս Դանիէլեան համակրութիւնը անօգուտ եւ վնասակար էր: Դանիէլ Ծնունդի տօնը Պօլու կատարելով, Առաջաւորաց բարեկենդանին, այսինքն 1801 յունուար 13-ին կը գտնուի Թօսիա, 19-ին Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնը կը կատարէ Ամասիա, եւ 22-ին, երեքշաբթի, Սուքիասեանց տօնին կը մտնէ Եւդոկիա` իրեն նպատակակէտը (63. ԿՌՆ. 916), երբ տակաւին Յովսէփ Մոզդոկէ Տփղիս ուղեւորութեան մէջ կը գտնուէր ( § 2237): Եւդոկիա հասնելով փառաւոր ընդունելութիւն ունեցաւ Դանիէլ քաղաքացւոց կողմէն, բայց ինքն չուզեց պաշտօնապէս առաջնորդական դեր ստանձնել, իբրզի կը դժուարանար եւ կը խրտչէր, կամ աւելի ճիշդ իրենները զինքը կը խրտչեցնէին, իբրեւ առաջնորդ տեղւոյն` Յովհաննէս պատրիարքին որպէս սպասաւոր լինել (63. ԿՌՆ. 915): Դանիէլ ըստ բնածին բաղձանաց իւրոց, ինչ որ անպայման մենք ալ կ՚ընդունինք Դանիէլի վրայ, կը սպասէր որ Յովսէփ օծութեամբ լրացուցանէ զպատիւ կաթողիկոսութեան իւրոյ, որպէսզի ինքն ալ Էջմիածին քաշուի, կալ եւ մնալ հասարակ միաբանական պաշտօնիւ (63. ԿՌՆ. 916):

2247. ԴԱՒԻԹԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Բայց գործերը այլապէս կերպարանեցան, եւ երբ Դանիէլ հանդարտ կը մնար Եւդոկիա, անդին Տփղիսի մէջ կը վերջանար Յովսէփի կեանքը, եւ Դանիէլի միտքին գործադրութիւնը իր հիմնական պայմանը կը կորսնցնէր: Մայրաթոռոյ միաբանութիւնը մարտ 16-ին ընտրութիւնը կատարած, եւ մարտ 20-ին պարտուպատշաճ պաշտօնագիրը պատրաստած, իսկոյն ճամբայ հանած էր Յովհաննէս Պառաւեան եւ Ներսէս Աշտարակեցի վարդապետները, որպէսզի 60 օրերու միջոցը չ՚անցած, այսինքն մայիս 16-էն առաջ, Դանիէլը Եւդոկիայէ Էջմիածին հասցնեն ( ԴԻՒ. Ա. 88): Երբոր Մահմատ Դաւիթի համար ստիպումները կը խստացնէ, միաբաններ իրենց ընտրութիւնը փոխելու անհնարութիւնը կը զգացնեն ( § 2245). իսկ միւս կողմէն ալ միջոցներ կը խորհին որ օր առաջ գործը լրացեալ վիճակի մէջ դնեն, եւ հետապնդումներուն առջեւն առնեն: Կը սկսին վանքին մէջ մասնաւոր խորհրդակցութիւններ կատարել, Դաւիթէ գաղտնի, յարմար միջոցներ կարգադրելու համար: Մահմատ կը նայի կերպով մը երկու կողմերն ալ շահիլ` որ երկու կողմերէ ալ շահուի, եւ միաբանները կը յորդորէ, որպէսզի ջանան պայմանադրեալ 60 օրերը չ՚անցած իրենց ընտրեալը հասցնել: Այդ խորհուրդներու ատեն, օր մը միաբաններուն Աստուածատուր եպիսկոպոսի սենեակը հաւաքուած ատենին, Դաւիթ ինքնահրաւէր վրայ կը հասնի, եւ կը սկսի գանգատիլ, ընդէflր եւ ոչ ինձ առնէք իմաց յայսպիսիս. որուն խստիւ կը պատասխանէ Յովհաննէս Գեղարդակիրը. ոflվ ոք ես դու, որ հարկաւ լուր տալու պարտաւորուինք: Դաւիթ մինչեւ այն ատեն երկերես ընթացք կը պահէր, արտաքուստ միաբանութեան համակարծիք երեւնալով, եւ ձեռքի տակէն իրեն նպատակին հետեւելով: Բայց Մահմատէ եկած ազդարարութիւնը, ամէն բան պարզած էր միաբաններուն առջեւ, եւ անոր հետեւանքն էր Յովհաննէսի պատասխանը: Դաւիթ ալ զգալով, որ իր գաղտնիքը յայտնուած է, բուռն զայրացմամբ կը պատասխանէ. Տեսէք զինչ ունիմ առնել, եւ գիտասջիք եթէ որպիսի ոք իցեմ: Միաբաններ գործը շտապեցնելու պէտքը տեսնելով, անմիջապէս նոր պատուիրակներ կ՚որոշեն, Ղազար խոստովանահայր եւ Ստեփանոս Քուչուրեան եպիսկոպոսները, եւ անմիջապէս ճամբայ կը հանեն ապրիլ 10-ին: Առաջին հրաւիրակները ապրիլ 7-ին կը հասնէին Եւդոկիա, եւ Էջմիածինի նուիրակ Գրիգոր Խամսեցի եպիսկոպոսէն ալ օգնութիւն գտնելով, հապճեպ պատրաստութեամբ ճամբայ կը հանէին Դանիէլը ապրիլ 11-ին, Աշխարհամատրան հինգշաբթիին, եւ Կ. Պոլիս ալ բոլոր եղելութիւնները հաղորդելով, կը յանձնարարէին փութալ հանել զհրովարտակ հայրապետութեան նորին ( ԴԻՒ. Ա. 90): Բայց միաբանութեան ըրած կարգադրութիւնները, եւ անոնց վրայ դրած յոյսերը պարապի ելան, երբ աւելի ջանքերնին կը շատեցնէին, որպէսզի յաջողին արգիլել Դաւիթի ոտնձգութիւնները, եւ աթոռը վտանգէ ազատել: