Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. Ս. ԱՐԻՍՏԱԿԷՍ Ա. ՊԱՐԹԵՒ

82. ՆԱԽԸՆԹԱՑ ԿԵԱՆՔԸ

Արիստակէսի անցեալը փոքրիշատէ արդէն ակնարկուած ըլլալով, ընդարձակելու պէտք չունինք: Գրիգորի եւ Մարիամի երկրորդ զաւակը, ծնաւ 264-ին մերձաւորաբար, եւ հօրը մեկնելէն ետքը մօրը հետ անցուց մանկութիւնը իր ծննդավայրը եղող Կեսարիայի մէջ: Դեռ նորահաս երիտասարդ` հոգեւորական կեանքի հետեւեցաւ, եւ Նիկոմաքոս անուն ճգնաւորին քով աշակերտեցաւ (ԶԵՆ. 22), եւ տակաւ յառաջանալով ինքն ալ զոմանս յինքն յարեցուցեալ եւ աշակերտեալ ճգնաւորական խումբի մը գլուխ դարձաւ (ԱԳԹ. 450), եւ լեռնակեաց, բանջարաճաշակ, արգելական, խարազնազգեստ եւգետնատարած կեանք մը կը վարէր (ԱԳԹ. 450): Եւ այնչափ սիրահարուած էր այդ կեանքին, որ Տրդատի պատուիրակները դժուարութիւն կրեցին զինքն իր մենաւորաստանի կեանքէն հեռացնել, մինչեւ որ քրտիստոնեայք առ հասարակ զինքն ստիպեցին պնդելով, թէ լաւ է քեզ գործ մշակութեան Աստուծոյ, քան զայդ մենաւորութիւն բնակութեան յանապատի այդր (ԱԳԹ. 452): Բայց անգամ մը որ Արիստակէս Հայաստան եկաւ, եւ իբր հօրը օգնական եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն առաւ, ալ անկէ ետքը ինքզինքը ամենայն եռանդով հովուական աշխատութեանց տւաւ, որով Գրիգոր կրցաւ հանդարտ սրտով միայնութեան հետեւիլ, վստահ ըլլալով որ առաքելական եւ հայրապետական աշխատութիւնը արթուն եւ կարող ձեռքի մէջ կը գտնուի: Սակայն իր անձնական կենցաղին մէջ նա չմերկացաւ ճգնաւորական կերպարանը եւ խստակրօն կեանքը, եւ անփոփոխ պահեց իր հնօրեայ սովորութիւնները: Նիկիոյ ժողովին երթալու ատեն ուղեկիցներ ունեցաւ Յովհաննէս Տիզբոնի, Յակոբ Մծբնայ եւ Եւթաղ Եդեսիոյ հայրապետները, եւ չորսը միասին հանդիպեցան Կեսարիա քաղաքը, ուր ներկայ եղան երբ Ղեւոնդիոս կը մկրտէր Գրիգոր մանուկը, որ յետոյ Գրիգոր Աստուածաբանի հայր եւ Նազիանզի եպիսկոպոս եղաւ: Ղեւոնդիոս ալ միացաւ Արեւելեայց խումբին եւ մէկտեղ հասան Նիկիա, ուր ժողովը պիտի գումարուէր: Կը պատմուի թէ Բիւթանիոյ ծովածոցին մօտերը խումբ մը Արիանոսներ, որք զօրաւոր էին Նիկոմիդիոյ վիճակին մէջ, տեսնելով Արիստակէսի տեսիլքով գծուծ, մարմնով նիհար, եւ ճգնութիւններէ ներքեւեալ կերպարանը, սկսան ըսել թէ Արեւելեան եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը, առաւել մշակի քան թէ հայրապետի կը նմանի, եւ ծաղրելու համար առաջարկեցին որ արօրը առնէ եւ ծովը հերկէ: Արիստակէս առանց վարանելու կը հաւանի, մաճը ձեռք առնելով արօրով ու եզներով դէպի ծով կը քալէ, եւ ծովին երեսը հաստատ գետնի պէս ակօսաբեկ հերկելով ետ կը դառնայ, եւ ծաղրողները կը հրաւիրէ որ իրենք ալ, եթէ ուղիղ հաւատք ունին, երթան հերկերուն վրայ սերմերը ցանեն (ՎՐՔ. 488): Դիպուածը միայն մեր Յայսմաւուրքին մէջ պատմուած է (ՅԱՅ. 219), եւ մենք այստեղ յիշեցինք Արիստակէսի կերպարանին եւ կենցաղին մասին պահուած աւանդութիւնը ցուցուցած ըլլալու համար:

83. ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐԸ

Արիստակէս հօրը կենդանութեան ժամանակէն հայրապետական գործունէութիւնը ստանձնած էր, իբր իր հօրը պարտքն ու պատասխանատուութիւնը լրացնող: Վերջին անգամ Գրիգոր մեկնած էր առանց վերջնական հրաժարականի ու հրաժեշտի, եւ անոր այլեւս չերեւնալովը Արիստակէսի գործունէութիւնը անզգալի կերպով օգնականութենէ իսկական պաշտօնավարութեան փոխուեցաւ, այնպէս որ ոչ աթոռոյ պարապութեան, ոչ նոր ընտրութեան, եւ ոչ հայրապետական ձեռնադրութեան տեղ չմնաց: Այս պատճառաւ պատմիչն ալ, ըսելէն ետքը թէ Գրիգոր Արիստակէսը ձեռնադրեց յեպիսկոպոսութիւն փոխանակ իւր, վրայ կը բերէ, որ եւ յետ նորա կալաւ զտեղի հայրենեացն, եւ անդէն նստաւ յաթոռ կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծաց (ԱԳԹ. 452): Այդ պարագային մեզի կը հաւաստէ, թէ Արիստակէսի կաթողիկոսանալուն ատեն, Կեսարիայէ ձեռնադրութիւն առնելու խօսք չեղաւ, եւ թէ Կեսարիոյ աթոռին կողմէն ալ բնաւ դիտողութիւն չեղաւ, ինչ որ կը հաստատէ Կեսարիայէ ձեռնադրութիւն առնելուն նշանակութեան մասին մեր տուած բացատրութիւնը 62): Արիստակէսի գործունեութեան եւ արդիւնաւորութեան մասին պատմութիւնը մեզի մանրամասնութիւններ չէ հասուցած, բայց ամենէն գերագոյն վկայութիւնը կու տայ, երբոր կը հաւաստէ, թէ առաւել եւս քան զհայրն վերագոյն երեւեցուցանէր զիւր վարդապետութիւնն (ԱԳԹ. 453), եւ ասկէց աւելի մեծ գովեստ մը չէր կրնար խօսուիլ անոր վրայ: Արիստակէսի ծնունդը 264ին հաշոււած ատեն` իբր վաթսունամեայ պաշտօնապէս հայրապետական աթոռ բարձրացած կ՚ըլլայ, իսկ հայրապետական պաշտօնին տեւողութիւնը 7 տարի ըսուած է (ԽՈՐ. 179) եւ մենք պատճառ մը չունինք այդ մասին փոփոխութիւն մը ընելու, եւ հետեւաբար նորա վախճանին թուականը կ՚ընդունինք 333-ին, որ ուրիշներէն իր հայրապետութեան սկսելուն թուականը նկատուած էր: Ապրած կը լինի 67 տարի:

84. ՏՐԴԱՏԻ ՄԱՀԸ

Այդ միջոցին մէջ կ՚իյնայ Տրդատի մահը: Խորենացին ցաւալի շեշտով մը կը սկսի այդ եղելութեան պատմութիւնը. Ամաչեմ, կ՚ըսէ, ասել զճշմարտութիւնն, մանաւանդ թէ զանօրէնութիւն եւ զամբարշտութիւն ազգիս մերոյ (ԽՈՐ. 181): Հայոց դարձին պատմութեան մէջ, որչափ գործ եւ արդիւնք կը վերագրուի Գրիգորի, նոյնչափ մըն ալ պէտք է տալ Տրդատի, որ իրօք եւ ճշմարտութեամբ առաքելակից եւ լուսաւորչակից մը եղաւ Հայաստանի համար: Տրդատ իր եռանդոտ եւ նախանձայոյզ բնութեամբ, որչափ բուռն ու սաստիկ էր քրիստոնէութեան դէմ հալածանքներ մղած ատեն, նոյնչափ եւ աւելի սաստիկ եղաւ կռապաշտութեան դէմ վարած հալածանքներովը: Նա ոչ միայն ճշմարիտ քրիստոնէի, անկեղծ ապաշխարողի եւ գրեթէ ճգնաւորի կենցաղ մը կազմեց իրեն համար, զի մի յիշեսցին մեղքն որ յառաջին տգիտութեանն, յայնժամ զոր ի հեթանոսութեան անդ գործէր (ԱԳԹ. 454), այլեւ աշխատեցաւ, որպէսզի նորահաւատ Հայերուն, թէ մեծամեծներուն եւ թէ ռամիկ բազմութեան, ոչ միայն կրօնքն ու դաւանութիւնը փոխուած ըլլայ, այլեւ զի վկայեսցեն հաւատոյն ամենեցուն եւ գործքն (ԽՈՐ. 181): Բայց այդ փոփոխութիւնը ծանր էր գլխաւորապէս նախարարներուն եւ աւագանոյն, որոնք վարժուած էին հեթանոսական կենցաղին անառակութեանց եւ անբարոյութեանց, խենէշութեանց եւ պղծութեանց, եւ աւելի մտադիւր կը հետեւէին կամաց կանանց եւ հարճից, քան բարեպաշտ թագաւորին յորդորներուն: Տրդատ յուսահատած իրեններուն հակառակութենէն, արքունիքը թողլով հեռացաւ անգամ մը եւ գնաց ընկերանալ Գրիգորի իր ճգնարանին մօտ, երբ տակաւին նա կենդանի էր: Բայց Տրդատի ներկայութիւնը անհրաժեշտ էր երկրին, վասնզի նա էր որ Պարսիկներու եւ հիւսիսաբնակ հրոսակներու կողմէ եկած յարձակումները պիտի վանէր. եւ նախարարներ, խոստանալով լինել ըստ կամաց նորա, անգամ մը կրցան դարձնել զայն նորէն գործին գլուխը: Տրդատի սիրտն ալ չէր կրնար ներել, որ երկրին պաշտպանութիւնը մերժէ, եւ կրօնքին շահերուն ջանքերը զանց ընէ: Բայց շուտով սկսան կրկնուիլ առաջին անկարգութիւնները, եւ գրեթէ անհնար եղաւ անոնց առաջքն առնուլ, ուստի նորէն Տրդատ գործէ քաշուելու կամքը յայտնեց, եւ իր որոշման վրայ անյեղլի մնաց: Արդէն տարիքն ալ շատ յառաջացած էր, եւ իննսնամեայ ծերունին այլեւս չէր զօրէր իր բուռն կամքը ցուցնել: Քաղաքական շահերու համար ալ նախարարներ յոյսերնին կտրած էին անկէ, ուստի անոր յանդիմանութիւններէն ալ ազատուելու համար` տիրասպան դաւաճանութեան խորհուրդը յղացան, եւ արբուցեալ նմա դեղ մահու, զրկեցան ի լուսոյ ճառագայթից նորա (ԽՈՐ. 183): Տրդատի 56 տարի թագաւորութիւն կը տրուի, որ եթէ երկարակեաց եղած ըլլալուն նշանն է, սակայն անհնար է 287-է հաշուել: Մենք կը կարծենք թէ 56 տարիներու հաշիւը կրնայ արդարանալ 274-էն հաշուելով, երբ տեղի ունեցաւ Տրդատի առաջին գահակալութիւնը եւ մահը դնելով 330ին (19): Տրդատի յիշատակը անդստին ի սկզբէն տօնելի սուրբերու կարգը դասուած է, եւ հին տօնացոյցը զայն նշանակած է տրէի 21-ին (ՄՇՏ. 5): Տրդատի հետ միացած է միշտ Աշխէն թագուհիին եւ Խոսրովիդուխտ արքայաքոյրին յիշատակը, որոնց վրայ պատմութիւնը կենսագրական տեղեկութիւններ չի տար, եւ ոչ ալ յայտնի է թէ Տրդատէ առաջ կամ ետքը վախճանած են, բարեպաշտ գործունէութեամբ անցընելով իրենց կեանքը:

85. ԽՈՍՐՈՎ ԿՈՏԱԿ

Տրդատի սպանութիւնը դիւրութիւն ընծայեց նախարարներուն փառասիրական ձգտումներուն, եւ գլխաւորներ` մանաւանդ սահմանագլուխներու կողմնապետներ, փութացին ինքնագլուխ իշխանութիւններ կազմել, որոնց մէջ յանուանէ կրնանք յիշել Սանատրուկը Փայտակարանի, Բակուրը Աղձնեաց, եւ Արքեղայոսը Ծոփաց նահանգներուն մէջ: Ասոնք իրենց թեւ թիկունք առին Պարսից Շապուհ Բ. թագաւորը, որ ամէն միջոցներէ կ՚օգտւէր Հայաստանի վրայ իր թեւարկութիւնը տարածելու, ուր Տրդատի օրով տեւական մնացած էր Հռոմայեցւոց թեւարկութիւնը: Խորենացին Որմիզդի անունը կու տայ (ԽՈՐ. 190), սակայն արդէն 309-էն Որմիզդ մեռած եւ Շապուհ Բ. թագաւորած էր, որ եւ 70 տարի թագաւորեց մինչեւ 378: Հայ նախարարներէն անոնք որ ընդհանուր միաբանութենէ քակտած չէին, մտածեցին Հոռոմոց օգնութեամբ կացութիւնը շտկել, եւ Տրդատի որդւոյն Խոսրով Բ. թագաւորութեան համար անոնց հովանաւորութեան դիմել: Կաթողիկոսն ու գլխաւոր նախարարներ գրաւոր դիմում ըրին, եւ Անտիոքոս զօրավար եկաւ, Խոսրովին թագաւորութիւնը հաստատեց, կողմնապետ հրամանատարութիւնները յանձնեց Բագարատ Բագրատունիի, Միհրան Գուգարացիի, Վահան Ամատունիի եւ Մանաճիհր Ռշտունիի (ԽՈՐ. 191), եւ փոխարէն վարձքը ընդունելով դարձաւ իր տեղը: Խորենացին, հետեւելով միշտ այն 24 տարիներու յաւելուածական սխալին, որով իր ժամանակագրութիւնը խանգարած է 81), Վրթանէս կաթողիկոսի կու տայ ի նպաստ Խոսրովի եղած դիմումը, եւ Կոստանդ կայսեր` զայն թագաւորեցնելու պաշտպանութիւնը (ԽՈՐ. 190), ինչ որ համեմատ չէ մեր ժամանակագրութեան: Սակայն մեր հաշիւները կ՚արդարանան Բուզանդի վկայութեամբ, որ յայտնապէս կը գրէ թէ Խոսրովի թագաւորելէն ետքը գրաւեց Վրթանէս հայրապետական աթոռը փոխանակ հօրն իւրոյ եւ եղբօրն իւրոյ (ԲԶՆ. 6): Ըստ այսմ Խոսրովը թագաւորած է երբ տակաւին կենդանի էր Կոստանդիանոս Կոստանդի հայրը, եւ երբ Կաթողիկոս էր Արիստակէս: Ինչչափ ալ Արիստակէս` քաղաքական գործերէ հեռու ճգնաւոր մէկ մը կը նկարագրուի, սակայն իբր կաթողիկոս նա չէր կրնար անտարբեր մնալ ազգին համար կենսական խնդիրներու մէջ, եւ իր միջնորդութիւնը աւելի մեծ նշանակութիւն կ՚ունենար Կոստանդիանոսի առջեւ, որ Արիստակէսը անձամբ ճանչցած էր Նիկիոյ ժողովին առթիւ, եւ որ աւելի համակրական կապ մը ունէր Տրդատի յիշատակին հետ եւ անոր զաւկին վրայ:

86. ԱՐԻՍՏԱԿԷՍԻ ՄԱՀԸ

Պատմութիւնը աղքատ է Արիստակէսի գործունէութեան մանրամասնութեանց մասին, եւ չի ներկայեր մեզի յատուկ եղելութիւններ նորա արդիւնաւորութիւնը բացատրելու համար: Բայց ամենուն տեղ կրնայ անցնիլ իր հայրն ալ գերազանցած ըլլալուն վկայութիւնը (ԱԳԹ. 453): Միանգամայն էր սուսեր հոգեւոր ըստ ասացելումն, վասն որոյ թշնամի ամենայն անիրաւաց եւ զազրագործաց թուէր նա (ԽՈՐ. 179): Այսչափը կը բաւէ ցուցնել Արիստակէսի անաչար եւ անվկանգ հաստատամտութիւնը, որով սաստիկ եւ բուռն կերպով կ՚ընդդիմանար նախարարներու անառակութեանց եւ անիրաւութեանց, եւ ոչ միայն յորդորներով եւ խրատներով կը ջանար անբարշտութիւնները արգիլել, այլեւ եկեղեցական արդարութեան հոգեւոր զէնքերով, սաստերով եւ արգելքներով, երկար ապաշխարութիւններով եւ նզովքներով կը դիմադրէր անոնց: Այս է ըստ մեզ Արիստակէսի սուսեր հոգեւոր կոչուելուն իմաստը: Սակայն զեղծ ու պիղծ անձերուն զայրոյթը չէր մեղմանար, եւ անոնք որ իրենց թագաւորին դէմ ալ դաւաճանեցին, պիտի չներէին հարկաւ անզէն հայրապետին համարձակութիւնը: Անոնց ամենուն մէջ աւելի կատաղի գտնուեցաւ Արքեղայոս Ծոփաց նախարարը, որ գուցէ քաղաքական պատճառներ ալ ունէր Արիստակեսէ վշտացած ըլլալու, ուստի ուզեց վրէժը լուծել. եւ երբ Արիստակէս Ծոփաց գաւառին մէջ կը գտնուէր իր հովուական պտոյտներով ժողովուրդը զօրացնելու, Արքեղայոս ինքն անձամբ, պատահեալ ի ճանապարհի, սպան զնա սրով (ԽՈՐ. 179): Բուզանդ ալ խոստովանութեան մահ կ՚անուանէ Արիստակէսի վախճանը (ԲԶՆ. 6), թէպէտ մասնաւոր պարագայ չի յիշեր: Արիստակէսի եւ Ծոփաց գաւառին միջեւ մասնաւոր յարաբերութիւն մը կրնայ նկատուիլ այդ առթիւ, յիշելով մանաւանդ որ Նիկիոյ հայրապետներուն ցանկին մէջ Ծոփաց եպիսկոպոսի պաշտօնական անունը տրուած է Հայոց Մեծաց ներկայացուցիչին, որ նոյնինքն Արիստակէսն է: Թէպէտ աւազակային ոճիր մըն է Արքեղայոսի ըրածը, բայց երբ նկատենք սպաննութեան դրդիչ պատճառը, շուտով կը կազմենք խոստովանող մահուան փաստը, որովհետեւ Արքեղայոս կշտամբեալ ի նմանէ, սպասեաց ի դիպող աւուր (ԽՈՐ. 179): Կշտամբանքը հաւանաբար եկեղեցական կամ կանոնական ձեւ մըն ալ ունեցած է, որ Արքեղայոս վրէժխնդրութեան շարժելու ոյժ ունեցած է: Արիստակէսի հետ կը յիշուին իր աշակերտները, որք Ծոփաց գաւառին մէջէն, թէպէտ յայտնի չէ թէ որ գիւղէն կամ որ ձորէն, մարմինը փոխադրեցին Եկեղեաց գաւառը, եւ պատուով թաղեցին Թիլ աւանի մէջ, որ էր կալուած Գրիգորի հօրն իւրոյ (ԲԶՆ. 6), բայց Գրիգորի մահուընէն ետքը ժառանգութեամբ իւր աւանն էր եղած (ԽՈՐ. 179): Արիստակէսի գերեզմանը կը գտնուի այսօր Երզնկայի Ջուխտակ-Հայրապետ վանքին մէջ: Յիշատակը պատուուած է եկեղեցւոյ մէջ իբր տօնելի սուրբ, Լուսաւորչի որդւոց եւ թոռանց կարգին, որոնց տօնը հին տօնացոյցը նշանակած է տրէի 22-ին (ՄՇՏ. 5):