Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՇԱՀԱԿ Ա. ՄԱՆԱԶԿԵՐՏԱՑԻ

157. ԱՆՁՆ ՈՒ ԱՆՈՒՆԸ

Ներսէսի մահը մեծ տպաւորութիւն գործեց Հայաստանի ամէն կողմերը: Թէ տարիքին կողմէ անակընկալ էր անոր վախճանը, եւ թէ կացութեան կողմէ անհրաժեշտ էր անոր կեանքը ձախող կասկածներ ալ պակաս չէին մահուան պատճառին վրայ: Ուստի Պապ թագաւոր տեսեալ սգացեալ զամենայն Հայս, պէտք զգաց հայրապետական աթոռը թափուր չթողուլ: Բնական կերպով ընտրելի կը ներկայանար Ներսէսի Սահակ որդին, որ իբր 25 տարեկան երիտասարդ մըն էր, սակայն ներկայ չէր, եւ տակաւին զարգացման փափաքով Բիւզանդիոն կը գտնուէր, եւ զայն հաճեցնել ու բերել եւ աթոռ բարձրացնել ժամանակի կը կարօտէր, մինչ պարագաները կը պահանջէին անմիջապէս ունենալ: Ուստի հարկաւորեալ յուզեաց, բռնադատուեցաւ կերպ մը գտնել եւ եգիտ զոմն յազգէ եւ ի ժառանգութենէ Աղբիանոսի, որում անուն Շահակ կոչիւր (ԽՈՐ. 228): Այդ բացատրութեանց մէջ ալ կը գտնենք ժառանգական արժանեաց սկզբունքը, եւ երբ Լուսաւորչի տունէն հայրապետցու կը պակսի, անմիջապէս Աղբիանոսի տունէն հայրապետ դնելնին Բուզանդ ալ կ՚ընդունի, բայց անունը կը փոխէ, որովհետեւ կը գրէ, թէ կացոյց թագաւորն Պապ զՅուսիկ եպիսկոպոս, որ էր ի զաւակէ Աղբիանոս եպիսկոպոսին Մանազկերտոյ (ԲԶՆ. 232): Բուզանդի հետեւողութեամբ Միխայիլ Ասորի ալ Յուսիկ անունը իր ցուցակին անցուցած է (ՔԱՀ. 34): Այս կտորը բաւական եղած է նորերէն ոմանց նոր կաթողիկոս մը աւելցնել հայրապետական գաւազանագիրքին Յուսիկ Բ. անունով, բայց մեր կարծիքով առանց բաւական փաստի: Որովհետեւ տասնըհինգի չափ կաթողիկոսական ցուցակներէն ամէնքն ալ Ներսէսէն ետքը կը նշանակեն Շահակը, եւ բնաւ մէկը Յուսիկի անուն չունի: Նոյնինքն Բուզանդ ալ Ներսէսի եւ Զաւէնի մէջտեղ միայն մէկ անուն կը դնէ, որով ինքն իսկ միտք բացած կ՚ըլլայ Շահակ եւ Յուսիկ անունները նոյնացնելու: Իրօք ալ այդ նոյնացումը ընելու համոզիչ փաստ մը ունինք Բարսեղ Կեսարացիի թուղթերուն մէջ գտնուող 32 եպիսկոպոսներու նամակէն, զոր արդէն յիշեցինք 151): Եպիսկոպոսներու կարգին 28-րդ անունը, որ լատիներեն Isaacis գրուած է, յունական բնագիրին մէջ Iosacis կը գրուի, կամ մեր տառերով Իսաակ կամ Իսսակ, որոնք տառադարձութեան օրէնքով կը լինին, առաջինը Սահակ կամ Շահակ ասորական հնչմամբ, եւ երկրորդը Յուսակ` որ եւ Յուսիկ, համազօր ակ եւ իկ մասնիկներու փոխանակութեամբ: Ինչ ալ ըլլայ Բարսեղի նամակին յունարէն եւ լատիներէն օրինակներու միջեւ տեսնուած տարբերութեան պատճառը, Շահակը Յուսիկի փոխուած ըլլալը իրողութիւն մըն է, եւ փաստ կը դառնայ մեր պարագային մէջ ալ նոյն բանը հաստատելու: Ըլլայ ուրեմն տառադարձութեան շփոթ, կամ գրչագիրի սխալ, կամ նմանաձայնութեան հետեւանք, մենք իրաւունք կ՚ունենանք պնդելու, թէ Ներսէսէն ետքը Շահակ եւ Յուսիկ զատ զատ կաթողիկոսներ չեղան, այլ Բուզանդի Յուսիկը միեւնոյն անձն է Խորենացւոյն եւ բոլոր գաւազանագիրքերուն Շահակին հետ: Այրիվանեցիին ցուցակին մէջ Ներսէսի յաջորդին անունը գրուած է Չոնակ, որ է Ներսէսի բացակայութեան` անոր տեղը գործողին Բուզանդէ տրուած անունը 132): Այդ պարագային քաղեցինք արդէն Ներսէսի տեղակալին եւ Ներսէսի յաջորդին նոյն անձը ըլլալը, եւ զայն այս անգամ ալ կը կրկնենք, թէ Ներսէսէ առաջ, եւ Ներսէսի բացակայութեան տեղակալութիւն վարող Շահակն էր, որ վերջապէս կաթողիկոսական աթոռ ալ կը բարձրանար, իբր Աղբիանոսեանց տան գլխաւորը, որք Մանազկերտացիք ալ կոչուեցան (ՓԱՐ. 110), իրենց տանուտէրական եւ եպիսկոպոսական գաւառին անունով: Գաւազանագիրք մը սոյն Շահակը Աղբիանոսի եղբայր կը նշանակէ (ՍԱՄ. 273), սակայն անհնար է ընդունիլ, որ 303ին եպս. ձեռնադրուող Աղբիանոսի եղբայր կարենայ ըլլալ 373-ին կաթողիկոս եղող Շահակը, որ գոնէ 70 տարեկան ենթադրուած ատեն ալ, պէտք էր նորածին ըլլար Աղբիանոսի ձեռնադրուած տարին: Եւ ոչ իսկ Աղբիանոսի որդի ըսելու հարկ կը տեսնենք, քանի որ սովորաբար յազգէ եւ ի ժառանգութենէ (ԽՈՐ. 228), կամ ի զաւակէ (ԲԶՆ. 232) Աղբիանոսի կ՚ըսուի, մինչ որդի Աղբիանոսի ըսուած կ՚ըլլար եթէ ուղղակի զաւակը ըլլար: Տարիքին կողմէ 70-է վեր պէտք է դնել Շահակը, որ 352-ին արդէն տեղակալութիւն վարած էր, եւ որ կարճ միջոց մը միայն կրցաւ հայրապետական պաշտօն վարել:

158. ԿԵՍԱՐԻԱ ՉԵՐԹԱԼԸ

Շահակի հայրապետական աթոռ բարձրանալուն առթիւ Խորենացի կը գրէ, թէ այս եղաւ առանց մեծի արքեպիսկոպոսին Կեսարու (ԽՈՐ. 228): Երբ Կեսարիոյ աթոռին միջամտութեան դադարման կ՚ակնարկէ, անոր նախընթացաբար, գոնէ երբեմն, տեղի ունեցած ըլլալը կը հաստատէ: Մենք ալ այդ միջամտութիւնը տեսանք Գրիգորի, Յուսիկի եւ Ներսէսի հայրապետութեանց ատեն, որոնք կանուխէն եպիսկոպոսական աստիճան չունէին, եւ միանգամայն ըսինք, թէ պէտք չեղաւ Արիստակէսի եւ Վրթանէսի համար, որոնք արդէն եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն առած էին 83, 88): Շահակի ալ Կեսարիա երթալ պէտք չէր, քանի որ արդէն եպիսկոպոսութեան աստիճան ունեցող էր (ԲԶՆ. 232) իբր Մանազկերտի եւ Հարքայ եպիսկոպոս (ՍԱՄ. 273), եւ տեղակալութիւն ալ վարած էր: Բուզանդ ալ կը յիշէ Շահակի առանց Կեսարիոյ հայրապետական աթոռ բարձրանալը, եւ կը պատմէ թէ այս բանիս համար ցասման լեալ հայրապետին Կեսարու, գումարեց ժողով եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին նահանգին Կեսարու, եւ արքեպիսկոպոսն ու ժողովը լուծին զիշխանութիւն կաթողիկոսութեանն Հայոց, որպէսզի այլեւս Հայոց հայրապետը մի' իշխեսցէ ձեռնադրել զեպիսկոպոսսն Հայոց, եւ թէ անկէ ետքը բոլոր Հայ եպիսկոպոսցուները պարտաւոր կ՚ըլլային, որ ստիպուած երթային ի քաղաքն Կեսարացւոց եւ անդ լինէին եպիսկոպոսք. իսկ Հայոց կաթողիկոսը այնուհետեւ լոկգլուխ եպիսկոպոսաց անուն պիտի կրէր, եւ ուրիշ եպիսկոպոսներէ ի վերոյ միայն նստէր, եւ հաց օրհնէր թագաւորացն (ԲԶՆ. 232): Բայց այսպիսի տարօրինակ եւ անիմաստ կացութիւն մը երբեք տեղի չունեցաւ Հայաստանի մէջ, որ կաթողիկոսական իրաւասութենէ զուրկ ըլլայ կաթողիկոսը, միայն թագաւորական ճաշի սեղանը օրհնելով կաթողիկոսութիւն վարէ, եւ բոլոր Հայ ընծայեալներ եպիսկոպոսանալու համար Կեսարիա երթալու պարտաւոր ըլլան: Պատմութիւնը ոչ մէկ տեղ եւ ոչ մէկ ատեն այդպիսի կացութեան մը յիշատակութիւնն ու հեռաւոր ակնարկն իսկ չունի, եւ Հայոց եկեղեցին օրինաւորապէս եւ կատարելապէս եւ տեւողապէս հայրապետական իրաւասութիւն գործածող կաթողիկոսներով կառավարուած է: Կեսարիոյ ենթադրեալ ժողովն ալ, որո՞վ իրաւամբ պիտի կարենար ջնջել Նիկիոյ ժողովին չորրորդ կանոնը, որ երեք եպիսկոպոսներու ձեռօք կատարուած եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը, իբր վաւերական եւ օրինաւոր կը ճանչնայ (ԿԱՆ. 28): Ո՞չ ապաքէն նոյնինքն Բուզանդն է, որ երեք եպիսկոպոսներով ձեռնադրուած Չոնակը իբր օրինաւոր կաթողիկոս կ՚ընդունի (ԲԶՆ. 127): Բուզանդ չ՚ըսեր եւս թէ եպիսկոպոս ձեռնադրելէ արգելեալ եւ կերակուրի սեղան օրհնելու միայն արտօնեալ կաթողիկոսը արդեօք հայրապետական իշխանութիւն պիտի գործածէ՞ր վիճակներու եւ եպիսկոպոսներու վրայ: Եթէ վարչական իրաւասութիւն կը վայելէր, ինչո՞ւ ձեռնադրութեան իրաւունքէ կը զրկուէր, եւ եթէ իրաւասութիւն չէր վայելէր, ո՞վ կը կառավարէր Հայոց եկեղեցին, որովհետեւ Կեսարիոյ աթոռն ալ լոկ ձեռնադրութիւն վերապահած էր իրեն: Հետեւաբար բաւական է այդպիսի առասպելական պատմութեան հակասական կէտերը յիշել, որ անոր մտացածին եղջերուաքաղ մը եղած ըլլալը յայտնուի:

159. ԲԱՐՍԵՂԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՔ

Բուզանդ անուն չի տար, թէ այդ որոշումները տուող Կեսարիոյ եպիսկոպոսը ով էր, սակայն ժամանակագրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ պէտք է Բարսեղ Կեսարացին ըլլայ, որ 370-էն մինչեւ 379 Կեսարիոյ աթոռին վրայ էր, եւ այն միայն կրնար 373-ին որոշումներ տալ: Եթէ որեւէ աննշան եւ անծանօթ անձ մը ըլլար, գոնէ յիշատակին կորած լինելը ենթադրուէր, բայց Բարսեղի բոլոր գործերը, գրուածները եւ նամակները ամենայն մանրամասնութեամբ եւ կատարեալ ամբողջութեամբ մեզի հասած են, եւ անոնց մէջ Բուզանդի պատմած բաները բնաւ չեն գտնուիր: Եւ այս բաւական է` Բուզանդի տուած տեղեկութիւնը ստելու եւ հերքելու: Բարսեղի թուղթերէն ՂԹ-երորդը կը խօսի ապաքէն Հայերու վրայ, եւ կ՚ըսէ, թէ հաստատեցի խաղաղութիւն ի մէջ եպիսկոպոսաց Հայոց, եւ թէետու կանոնս վասն իրաց յորս անտարբերութեամբ մեղանչէին Հայք, որ կրնայ կասկածի առիթ տալ ոմանց կամ թերեւս առիթ ալ տուած է Բուզանդի գրածներուն, սակայն այդ թուղթին մէջ յիշուած են Թէոդորոս Նիկոպոլսոյ, Եւստաթէոս Սեբաստիոյ, Մելիտոս Գերասիոյ եւ Կիւրեղ Սատաղիոյ եպիսկոպոսները, այսինքն է այժմեան Շապինգարահիսար, Սվազ, Կիրասոն եւ Սատաղ քաղաքները, որք հին Առաջին-Հայոց եկեղեցական նահանգը կամ մետրապոլտութիւնը կը կազմեն, եւ Կեսարիոյ կամ Պոնտոսի եքսարքութեան ներքեւ են, եւ Հայաստանի կամ Հայոց հայրապետութեան շրջանակէն դուրս կը մնան: Բարսեղի թուղթերէն ՃՂԵ-երորդն ալ, Կողոնիոյ եպիսկոպոսին ուղղուած է, եւ Կողոնիա ալ Առաջին Հայոց քաղաք է, այժմ Քէօյլիւհիսար, որոնց մէջ Բարսեղ յայտնապէս կ՚ըսէ, թէ ստէպ կը գրէ նաեւ այլոց եղբարց Փոքուն Հայոց, որով թէ Բարսեղի եւ թէ ուրիշ Կեսարիոյ արքեպիսկոպոսներուն բերնին մէջ եւ գրիչին ներքեւ Հայոց վրայ խօսուած ատեն, միշտ Առաջին-Հայք եւ Երկրորդ-Հայք կ՚իմացուին, իբր Պոնտոսի եքսարքութեան ենթարկեալ գաւառներ. եւ ոչ երբեք Մեծ-Հայք: Բոլոր պատմութեանց մէջէն անհնար է գործ մը կամ պարագայ մը ցուցնել, որով Կեսարիոյ արքեպիսկոպոսներ Մեծ կամ բուն Հայաստանի վրայ իրաւասութիւն կամ հսկողութիւն կատարած ըլլան: Ստացեալ ձեռնադրութիւններն ալ պատուադիր նպատակէ անդին չեն անցնիր, եւ երբեք իրաւասական նշանակութիւն չեն կրնար ունենալ:

160. ԻՆՔՆԱԳԼՈՒԽ ԱԹՈՌ

Կեսարիոյ եւ Հայոց աթոռներուն յարաբերութիւնները կ՚երեւի թէ ուրիշ ժամանակներ ալ տեսակ մը խնդրոյ նիւթ եղած են, որ անոնց խզուելուն կերպ կերպ մեկնութիւններ փնտռուած են: Ասոնցմէ մէկն է եւ այն ձեւը, զոր տւած է Ներսէսի հին կենսագիր մը, որուն հետեւած է նաեւ Պատմաբան կաթողիկոսը: Ասոնց կարծիքով պատրիարքութիւնները առաջ չորս էին չորս աւետարանիչներու անուններով, այսինքն Անտիոք Մատթէոսի, Աղեքսանդրիա Մարկոսի, Հռոմ Ղուկասու եւ Եփեսոս Յովհաննէսի անունով, թէ յետոյ Եփեսոսի աթոռը Կոստանդնուպոլիս փոխադրուեցաւ, թէ Երուսաղէմ եւ Կիպրոս ալ պատրիարքութիւններ եղան, եւ թէ այդ պատճառով Հայերն ալ համարձակութիւն առեալ, Արշակ թագաւորին եւ բոլոր նախարարներուն նախաձեռնութեամբ, եօթներորդ աթոռ մըն ալ որոշեցին կազմել, եւ կացուցին ի պատրիարքութիւն տանս Թորգոմայ զմեծն Ներսէս (ՍՈՓ. Է. 9): Այդ որոշման իբր փաստ գործածուէր է Հայոց աթոռին առաքելական ըլլալը, ի մէջ առեալ զսուրբ առաքեալսն մեր զԲարթողիմէոս եւ զԹադէոս, որք Ասքանազեանս ազին վիճակեցան ի Տեառնէ քարոզք եւ աւետարանիչք, շեշտելով միանգամայն թէ նշխարեալ ոսկերք նոցա կան ի միջի մերում, եւ թէ Հայոց աթոռը վերջէն ստեղծուած չէ, որովհետեւ այդ առաքեալներուն զաթոռն իսկ ընկալաւ կենդանի մարտիրոսն Գրիգորիոս (ՍՈՓ. Է. 10): Պատճառաբանութեան հիմը մենք ալ ընդունած ենք 62), բայց ոչ իբրեւ վերջէն յետս դառնալու պատճառ, ինչպէս կ՚ընէ այդ ենթադրութեան հեղինակը, այլ սկզբնական եւ իսկական եւ շարունակական ինքնագլուխ աթոռ եղած ըլլալը հաստատելու համար: Արշակի եւ Ներսէսի ժամանակ նոր որոշում մը տրուած ըլլալը, իբր պատմական եղելութիւն մը չենք կրնար ընդունիլ, միայն անկէ կը հետեւցնենք, թէ Հայոց ազգային համոզումը եղած է` իրենց աթոռին Թադէոսով եւ Բարթողիմէոսով առաքելական եւ ինքնագլուխ եղած ըլլալը, զի մի այլոց ոմանց ընդ ձեռամբ անկցի, որ ինքնակալութեամբն է պատուեալ պատրիարքութիւն (ՅՈՎ. 68): Շատեր Կեսարիոյ ձեռնադրութիւններուն պարագայէն չփոթելով, կերպ կերպ մեկնութիւններ տալու միտքեր ունեցած եւ պատմական խառնակ եւ հակասական տեսութիւններ ստեղծած են: Որովհետեւ վերեւ Կիպրոսի յիշատակութիւն եղաւ, աւելցնենք անցողակի, թէ Կիպրոս` Անտիոքայ պատրիարքութեան կողմէն, իր 14 մետրապոլտութիւններէն մին նկատուած էր, բայց Կիպրոսի մետրապոլիտները իրենց ինքնագլխութիւնը կը պնդէին Բառնաբասի աթոռը ժառանգելնուն համար: Խնդիրը Եփեսոսի ժողովին առջեւ ելաւ, եւ 431 Օգոստոս 31-ին ժողովական որոշում տրուեցաւ ի նպաստ Կիպրոսի, միանգամայն ընդհանուր կերպով որոշուեցաւ որ աթոռներու յարաբերութեանց մէջ հնաւանդ իրաւասութիւնները պահուին, ո'չ ենթարկեալներ հպատակութիւն զլանան, եւ ո'չ գլխաւորներ բռնի գրաւումներ ընեն: Արդ, եթէ իրօք Հայերը Կեսարիոյ աթոռէն ապստամբած լինէին, միթէ Կեսարիոյ արքեպիսկոպոսն ալ իր իրաւունքին խնդիրը մէջտեղ չէ՞ր հաներ, ինչպէս Անտիոքայ պատրիարքը կը բողոքէր Կիպրոսի դէմ: Սակայն ժողովին մէջ ասանկ բողոք չէ եղած, որ է ըսել թէ ասանկ խնդիր ալ տեղի չէ ունեցած (ՕՐՄ. 178): Ընդհակառակն, նոյնիսկ օտարազգի աթոռներու կողմանէ կազմուած թեմական ցուցակներ կը գրեն, թէ Միջագետքէն անդին դէպի հիւսիս կը գտնուի Մեծ-Հայք, որ ինքնագլուխ է, եւ չի հպատակիր ոչ մի պատրիարքական աթոռոյ, այլ պատուուած է Սուրբ Գրիգորի Հայոց հայրապետի յիշատակով, եւ ունի երկու հարիւր քաղաքներ եւ բերդաքաղաքներ (ՕՐՄ. 189): Այս վկայութիւնները, որք Հայոց աթոռին սկզբնական ինքնագլխութիւնը կը հաստատեն, կը հերքեն անոր ետքէն ձեռք ձգուած բան մը ըլլալը:

161. ԻՆՉ ԻՆՉ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Կեսարիոյ հետ յարաբերութեանց խնդիրին վերաբերեալները ամփոփելու համար, քանի մը մանր կէտեր ալ յիշենք: Ներսէսի կենսագիրը կ՚ըսէ, թէ վիպէ վասն այսորիկ եւ մեծն Սոկրատ պատմագիրն, եւ թէ սուրբ ժողովն որ եղեւ ի Կոստանդնուպոլիս սահմանեցին, զի Երուսաղէմ, Կիպրոս եւ Հայք ինքնագլուխ ունիցին զպատիւ պատրիարքութեան ( ՍՈՓ. Է. 10): Սակայն ոչ Սոկրատի եւ ոչ ժողովական գործերու մէջ ասանկ յիշատակութիւն տեսնուած չէ, եւ անհիմն կը լինի Հայոց աթոռոյն ինքնագլխութեան վերջէն տրուած ըլլալուն կարծիքը: Նշանակութենէ զուրկ է եւս պատրիարքական աթոռները խորհրդաւոր եօթը թիւին վերածելու ճիգը, իբր թէ խորհուրդն զգործն կատարեալ, եօթն միանգամայն գտանէր թիւ պատրիարքութեան, որ կայ եւ մնայ պահեալ յաւիտեանս ժամանակաց ( ՅՈՎ. 63), վասնզի ոչ Կիպրոս պատրիարքութիւն եղաւ, եւ ոչ եօթն թիւի պահպանութիւնը արդարացաւ: Ծիծաղելի կը թուի նաեւ պնդելը թէ Արշակի եւ Ներսէսի ժողովը Հայոց ինքնագլուխ պատրիարքութիւնը հաստատեց, որպէսզի եկեղեցական ինը դասակարգութիւնները լրանան, եւ ոչ կարասցեն Յոյնք մեծաբանել ի վերայ մեր ( ՍՈՓ. Է. 11): Իսկ ինն դասակարգութիւն կը համրեն 1. պատրիարք, 2. արքեպիսկոպոս, 3. մետրապոլիտ, 4. եպիսկոպոս, 5. քահանայ, 6. սարկաւագ, 7. կէսսարկաւագ, 8. վերծանող, 9. սաղմոսերգու: Առաջին աստիճանին կը դնեն Հայոց հայրապետը, երկրորդին Վրաց եւ Աղուանից կաթողիկոսները, եւ երրորդին Սեբաստիայի, Մելիտինէի եւ Նփրկերտի մետրապոլիտները ( ՅՈՎ. 63), առանց դիտելու, որ այս վերջինները Հայոց հայրապետութեան սահմանէն դուրս էին: Ուրիշ տեղ մը այդ կարգին կը դրուին եւս Ծոփաց եւ Մաւսըլի մետրապոլիտները ( ՍՈՓ. Է. 11), եւ յայտնի չէ թէ որն է այս վերջին քաղաքը, որ եթէ այժմեան Մուսուլն է, բնաւ Հայոց աթոռին հետ յարաբերութիւն ունեցած չէ: Անյարիր է եւս ոմանց ըսելը թէ հանապազ լեալ էր Կեսարիա ընդ Հայոց իշխանութեամբ, եւ թէ Թադէոս ձեռնադրեց Կեսարիոյ առաջին եպիսկոպոս Թէոփիլոսը, այնր աղագաւ, առնուին ձեռնադրութիւն Հայք ի Կեսարիա, որովհետեւ Կեսարիա քրիստոնէութեան առաջին դարերուն մէջ Հռոմայեցւոց իշխանութեան ներքեւ էր, եւ Թէոփիլոսի ձեռնադրութիւնն ալ փաստ մը չէր կրնար ըլլալ: Անճիշդ է եւս ըսելը, թէ Հայոց Կեսարիայէ ձեռնադրութիւն առնելը տեւեց մինչեւ ի ժողովն Քաղկեդոնի ( ՍՈՓ. Զ. 31), վասնզի Ներսէսէն ետքը եղող կաթողիկոսներ, Շահակ, Զաւէն, Ասպուրակէս, Սահակ եւ Յովսէփ Կեսարիա գացած չեն, որ է ըսել Քաղկեդոնի ժողովէն 80 տարի առաջ դադարած է Կեսարիայէ ձեռնադրութեան խնդիրը: Եթէ Հայոց աթոռին նկատմամբ Դաշանց Թուղթին յօրինուածն ալ աւելցնենք 76), կ՚ունենանք տարօրինակ եւ անհիմն ենթադրութեանց ընդարձակ շարք մը, որ այնու իսկ որ իրարու կը հակասեն եւ զիրար կը ջրեն, մեզի հերքելու պարտք չեն թողուր, եւ երբ ամէնքն ալ կը ջնջուին, կը մնայ միակ բնական եւ աւանդական եւ եկեղեցական օրէնքներու համաձայն դրութիւնը, թէ Հայաստան, յունահռոմէական աշխարհէն դուրս երկիր մը, եւ ուղղակի առաքեալներէն հաստատուած եկեղեցի մը, նախնական եւ սկզբնական կերպով սեփական եւ ինքնագլուխ հայրապետութիւն ունեցաւ, եւ զայն պահեց եւ կը պահէ: Խօսից կարգը եւ խնդրոյն կարեւորութիւնը ստիպեց մեզ քիչ մը աւելի երկարել այդ կէտին վրայ, եւ այժմ նորէն դառնանք մեր պատմութեան կարգին:

162. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԸՆԹԱՑՔԸ

Շահակին վրայ զանազան անգամներ խօսելու առիթ ունեցանք, որով նորա նախընթացը բացատրուած եղաւ: Լուսաւորչի ժամանակէն նախապատիւ ճանչցուած` Աղբիանոս եպիսկոպոսի հաւանաբար թոռը, Մանազկերտացեաց ազգատոհմին պետը, Մանազկերտի եւ Հարք գաւառի, այժմեան Մալազկերտի եւ վերին Պուլանըքի` թեմակալ եպիսկոպոսը, Հայ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական դասակարգին նախաթոռը, եւ Աղբիանոսի տրուած արքունական դրան վերակացութեան (ԱԳԹ. 442) ժառանգ էր Շահակ, աչքի զարնող դիրք մը ունէր, եւ ամէն անգամ որ թագաւորական եւ պետական գործերու համար կաթողիկոս չէր գտնուէր, Շահակ էր որ իբրեւ կաթողիկոսի երկրորդ անոր տեղը կ՚անցնէր: Այսպէս եղաւ երբոր Փառէնի մահուընէ ետքը պատրաստ ընտրելի չգտնուեցաւ, Շահակ առջեւ կոչուեցաւ, բայց այս անգամ իսկապէս եւ պաշտօնապէս կաթողիկոսական գահը բարձրանալով: Ոմանք կարծեցին Շահակը նոյնացնել Բարսեղ Կեսարացւոյ նամակին մէջ յիշուած Սահակի կամ Յուսակի հետ, սակայն բնաւ նշան մը չենք գտներ այս մասին: Շահակը առ նուազն 70-ը անցած ծերունի մը պէտք է ենթադրել, նկատի առնելով իր նախընթաց գործունէութիւնը, եւ իր մօտալուտ վախճանը: Թերեւս թագաւորն ու նախարարներն ալ Ներսէսի երիտասարդական աշխոյժէն ձանձրացած, երիտասարդ Սահակը չուզեցին կաթողիկոս ունենալ, եւ ծերունի հանդարտաբարոյ Շահակը աթոռ բարձրացուցին: Խորենացին զայն կը նկարագրէ, իբր ոչ հեռի ի գովութենէ (ԽՈՐ. 228), կենսագիրը կ՚ընդունի թէ էր այր գովելի եւ լի առաքինութեամբ եւ բարեկարգութեամբ կրօնի (ՍՈՓ. Է. 27), մինչ Բուզանդ նորէն հետամուտ է զայն պախարակել, թէ երկնչոտ էր եւ հաւան, եւ ըստ կամաց թագաւորին միայն ունէր զպատիւն, համարձակութեամբ ինչ ընդ ումեք զիշխէր բարբառել, եւ կայր ի լռութեան (ԲԶՆ. 233): Երկու կողմերէն ըսուածները ամփոփելով կը գտնենք ծերունի եւ հանդարտաբարոյ անձ մը, զգացումներով ուղիղ, բայց խոհեմութիւնը մինչեւ վերջին ծայրը պահպանող, եւ քաղաքական ու պետական գործերը կարգադրելէ եւ իշխողներու ուղղութիւն տալէ հեռու:

163. ՊԱՊԻ ԿԵՆՑԱՂԸ

Շահակի հայրապետութեան առաջին տարին Պապի թագաւորութեան վերջին տարին եղաւ: Պապ մէկ կողմէն իր զեղխ եւ անառակ կեանքին հետեւող, եւ երիտասարդական անխորհուրդ թափէ վարուած, երկրին բարօրութեան հոգ տանող չէր. միւս կողմէ անձնասէր եւ շահասէր խորհրդականներէ շրջապատեալ լուրջ ուղղութիւն մը կազմելու անկարող էր, բարոյական եւ կրօնական սկզբունքներու ալ յարգ չէր զգար, որով, ոչ յանիրաւի, իր դիրքին անբաւական կը նկատուէր եւ ուղղութեան ալ գալու յոյս չէր տար: Տերենտիոս, որ Պոնտոսի գաւառին կայսերական կողմնակալն էր, եւ դրացութեան բերմամբ Հայաստանի վրայ հսկողութեան եւ բիւզանդական շահերու պաշտպանութեան յանձնարարութիւն ունէր, բացէն թշնամացաւ Պապի հետ, զայն փոփոխելու գաղափարն ալ յղացաւ, որովհետեւ ծառայաբար նորա հրահանգները կատարելու փոյթ չունէր: Տերենտիոս սկսաւ ամբաստանութիւններ գրել Վաղէսի` Պապին ընթացքին դէմ, թէ Հայերը դժգոհ են իրենց թագաւորէն, եւ միտում ունին Պարսից կողմը անցնելու. ուստի պէտք է Պապը հանել, եւ Հայերուն ուրիշ թագաւոր մը տալ, որպէսզի Յոյներէն չպաղին, եւ Պարսիկներուն չյարին: Լատին պատմիչը որ իրաց կացութիւնը կը պարզէ, աւելի Պապի նպաստաւոր է, քան Տերենտիոսի, զոր իբր քսու կ՚ամբաստանէ, իսկ Պապը ժիր եւ յուսալից երիտասարդ մը կը նկարագրէ, եւ լաւ դիտումներու յարմար կը կարծէ, եթէ ուղղամիտ անձէ մը առաջնորդուած ըլլար (ԱՄՄ. 497): Այդ տեղեկութիւններով կրնանք բացատրել, թէ ինչպէս Յոյներ, որ Պապը նախադասած ու պաշտպանած էին մօրենական յոյն արիւն ունենալուն համար, կրցան յայտնապէս Պապին դէմ դառնալ եւ մինչեւ իսկ զայն դաւաճանել: Բուզանդ, որ իր տեղեկութեանց մէջ չափ չունի, Տերենտիոսի բերան դարձած, չարիք չկայ որ Ներսէսի մահուընէն ետքը Պապի անցուցած վերջին տարուան վրայ չբարդէ: Այսպէս են, որբանոցներ եւ հիւրանոցներ կործանել, կուսաստաններ ցրուել, կոյսերը պղծել, աղքատաց վերակացուները հալածել, աղքատաց օգնողները պատժել, եկեղեցեաց տասանորդները եւ պտղիները խափանել, ամուսնութեան հաստատութիւնը ջնջել, ազատ կնաթողութիւն ներել, վայրագ սուգերը նորոգել, եկեղեցականները ստրկութեան ստորնացնել, եկեղեցիներու կալուածներուն եօթնէն հինգը գրաւել, համարձակ դիւապաշտութիւն ընել, եւ մինչեւ իսկ ներել որ նորէն կուռքեր կանգնուին եւ դրօշեալներու պաշտամունք ընծայուին (ԲԶՆ. 237): Բուզանդ աւելի հաւատալի կ՚ըլլար, եթէ աւելի չափաւոր ըլլար իր ամբաստանութեանց մէջ, որովհետեւ ոչ Պապի տարիքը, ոչ բնաւորութիւնը, ոչ Ներսէսի մահէն ետքը անցած սուղ ժամանակը, եւ ոչ իսկ Յոյն կուսակալին երեսէն կրած հալածանքը, չէին կրնար իրեն ներել, այդ աստիճան մեծեղեռն ամբարշտութիւններ գլուխ հանել: Պապ պարտաւորեալ էր Տերենտիոսի քսութիւններէն եւ յունական ստիպումներէն զինքը պաշտպանել, այնպէս որ թերեւս իր սովորական խենէշ եւ անառակ կեանքն իսկ վարելու համարձակութիւնը կը պակսէր:

164. ՊԱՊԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Խորենացի Պապի անօրէնութիւններէն տեղեկութիւն չունի, միայն կ՚ըսէ թէ արհամարհեալ նշկահեաց Յունաց կայսրը, եւ սկսաւ պատրաստիլ ի պատերազմ (ԽՈՐ. 229): Թերեւս Պապ Տերենտիոսի ընթացքէն զզուած Պարսից կողմը միտում ունեցած ըսէինք, եթէ նախընթացաբար չգիտնայինք որ այս ալ Տերենտիոսի քսութեանց արձագանգն էր: Որովհետեւ Բուզանդի գրածին համեմատ, իբր թէ Պապ Պարսիկներուն դաշնակցելով Յունաց կայսեր պատգամ յղած ըլլայ, թէ Կեսարիոյ հետ Պոնտոսի տասը քաղաքներ Հայոց եղած են, եւ Եդեսիան ալ Հայերը չէնցուցած են, պէտք է որ անմիջապէս անոնք ետ դարձնէ (ԲԶՆ. 238): Պապի անձնդիւր կենցաղին բոլորովին անյարմար, եւ հիմնովին սուտ ամբաստանութիւն մը, որովհետեւ լատին պատմիչին համեմատ, միայն Պարսից կողմ անցնելու կասկածը յայտնած է Տերենտիոս, եւ ոչինչ աւելի: Բայց վերջիվերջոյ Տերենտիոսի հնարքները իրենց արդիւնքը ունեցան: Վաղէսի միտքը պղտորեցաւ, եւ Պապը մէջտեղէն վերցնելու որոշումը տւաւ: Երբոր Ասիա անցաւ, Պապը բարեկամական տեսակցութեան համար Տարսոն հրաւիրեց, Պապ եկաւ, բայց զգալով որ նենգութեան զոհ կ՚երթայ, 300 հեծեալներով խոյս կու տայ: Պապ ու ընկերները իրենց հետամուտ եղողները նետահար կը հալածեն եւ երկու օր եւ երկու գիշեր ձի վազցնելով Եփրատի եզերքը կը հասնին, գետը լողալով կ՚անցնին, եւ Հայոց թագաւորութեան սահմանը կը մտնեն, ուր Պապ համակիր եւ ապահով ընդունելութիւն կը գտնէ: Դանիէլ կոմս եւ Բարզիմէր զօրավար, որ Պապի վրայ ղրկուած էին, ձեռնունայն ետ կը դառնան, եւ ինքզինքնին արդարացնելու համար կ՚ըսեն թէ Պապ կախարդական արուեստի հմուտ ըլլալուն, ինքզինքը մշուշով պատելով աներեւոյթ ըրած եւ այնպէս կրցած է անցնիլ: Ասոր վրայ Վաղէս ու Տերենտիոս նորէն հրաւիրելու գաղափարը կը թողուն, եւ Տրայիանոս զօրավարին կը յանձնեն նենգութեամբ սպաննել: Նա ալ առաջ իբր Պապի կողմնակից կը ձեւանայ. անոր վստահութիւնը կը գրաւէ, փոփոխ հացկերոյթներով բարեկամութիւն կը մշակէ, մինչեւ որ անգամ մը խրախճանի մէջտեղը, յանկարծ Տրոյիանոս դուրս կ՚ելլէ, եւ բարբարոս գունդերէն զինուոր մը Պապի վրայ կը յարձակի: Պապ պաշտպանութեան կը կանգնի, բայց ուրիշներ ալ վրան կը խուժին, եւ կուրծքէն վիրաւորուած եւ բազմաթիւ հարուածներով ծակոտուած արիւնլուայ կ՚իյնայ եւ վերջին շունչը կու տայ (ԱՄՄ. 500): Լատին պատմիչը կարծես խօսքեր չի գտներ վատ դաւաճանութիւնը այպանելու: Մահուան կերպին վրայ համաձայն է Բուզանդ ալ (ԲԶՆ. 239), որով այլեւս հարկ կ՚ըլլայ մէկ կողմ դնել Խորենացիին գրածը, թէ Պապ Տերենտիոսի դէմ պատերազմի մէջ գերի ինկաւ, եւ շղթայակապ Բիւզանդիոն տարուեցաւ եւ կայսեր հրամանով գլխատուեցաւ: Գլխատման հրամանն ալ կը վերագրէ Թէոդոսի (ԽՈՐ. 229), ինչ որ բարեբախտաբար ստոյգ չէ, որովհետեւ շատ տխուր պիտի ըլլար Հայուն գաղափարը Թէոդոսի վրայ` զոր իբր սուրբ կը տոնէ (ՏՕՆ. 18): Իսկ Պապ թագաւոր, որուն դէմ բիւզանդական կայսրութիւնը այսչափ անուղիղ ճամբաներու դիմեց, հազիւ թէ 24 տարեկան անփորձ երիտասարդ մըն էր, աւելի արգահատելի բիւզանդական կրթութենէն ժառանգած մոլութեանցը համար, քան դատապարտելի` իր անխորհուրդ ընթացքին համար: Իրեն նկատմամբ աւելի արդար է լատին պատմիչը, քան մեր ազգային պատմագիրները: Այդ ամէն եղելութեանց մէջ Շահակ կաթողիկոսի անունը չի յիշուիր, արդէն ըսինք թէ քաղաքական գործերէ հեռու կը պահէր ինքզինքը:

165. ՇԱՀԱԿԻ ՄԱՀԸ

Պապի դաւաճանութեամբ սպանուելէն ետքը, պահ մը նախարարները շփոթեցան եւ կասկածեցան Յոյներու բարեկամութեան վրայ, եւ խորհրդակցութեան մտան, այլ յաղթեց ընթացքնին չփոխելու կարծիքը: Հարկաւ Յոյն զօրավարն ալ ջանաց արդարացնել Պապի սպանութիւնը, մանաւանդ որ անմիջապէս նոր թագաւոր հռչակուեցաւ Վարազդատ, ի նմին տոհմէ Արշակունեաց (ԽՈՐ. 229), եւ աւելի ճշդութեամբ` Պապի եղբօրորդին (ԲԶՆ. 48, ՍՈՓ. 118), ինչ որ կ՚արդարացնէ մեր կանխաւ ըսածը, թէ Արշակ Պապէ առաջ զաւակներ ունեցած էր 118): Վարազդատ երիտասարդութիւնը Յունաստան անցուցած եւ ողիմպիական ըմբշամարտներու մէջ յաղթանակներ ունեցած, ժիրաժիր երիտասարդ մըն էր, եւ իբր համակրելի անձնաւորութիւն սիրով ընդունուեցաւ, բայց վարչական յաջողակութենէ զուրկ գտնուեցաւ (ԲԶՆ. 241): Մուշեղ Մամիկոնեան իբրեւ խնամակալ կը հսկէր երիտասարդ թագաւորին վրայ, եւ բիւզանդական արքունեաց հետ համախորհուրդ, կը ջանար զօրացնել Պարսից սահմանագլուխը, մինչեւ իսկ զամենայն ազատսն Հայոց կայսերական թոշակօքն զինուորել (ԲԶՆ. 241): Սակայն Վարազդատ, թէպէտ Յունաստան մեծցած, բայց Յոյներուն մեծ համակրութիւն չունէր, մինչեւ իսկ մտաբերեց Շապուհին փեսայանալով, Պարսից հովանաւորութեան ներքեւ մտնել (ԽՈՐ. 230), եւ իրեն համամիտներ ալ ունեցաւ նախարարներուն մէջէն: Առաւելապէս այս եղած պիտի ըլլայ Մուշեղ Մամիկոնեանը դաւաճանութեամբ սպաննելու շարժառիթը (ԲԶՆ. 244), ինչ որ կը հաստատուի Սմբատ կամ Բատ Սահառունիի սպարապետ անուանուելովը, որ էր բանսարկուն քսուն սպանողն Մուշեղի (ԲԶՆ. 245): Պարսից թագաւորը այս միջոցին իրմէ հեռացուց եւ Հայաստան դարձուց Վասակ Մամիկոնեանի որդիներէն Մանուէլն ու Կոնը (ՍՈՓ. Զ. 119), կամ ըստ Բուզանդայ, Արտաշէն Մամիկոնեանի մը որդիները, որք Պարսկաստան էին, ու Պարսիկ բանակին կը ծառայէին (ԲԶՆ. 246): Այդ եղելութիւններուն մէջ ալ կաթողիկոսի յիշատակութեան հետք չի տեսնուիր ուրեք: Ըլլայ մարմնական տկարութիւն, ըլլայ քաղաքական գործերէ խուսափում, Շահակ հեռու մնաց ազգային անցուդարձերէ, եւ մահն ալ վրայ հասաւ ամս չորս միայն (ԽՈՐ. 228) կաթողիկոսութենէ ետքը, որք 373-ին սկսած լինելով 377-ին վերջացած պիտի հաշուուին: Շահակի կաթողիկոսութեան տեւողութեան վրայ փոփոխութեան պէտք չենք գտներ, քանի որ մեր ժամանակագրական հետազօտութեանց դէմ դժուարութիւն չի յարուցաներ, ինչչափ ալ ոմանք երկու աւելի, կամ երկու պակաս հաշուով, 2 կամ 6 տարի տուած են: Ոչ մահուան պարագաները գրուած են եւ ոչ թաղման տեղը, բայց հաւանակագոյն է կարծել թէ ծերութեան տկարութեամբ վախճանած, եւ իր հայրենական կալուածին, Մանազկերտի մէջ թաղուած է: Իր վրայ Բուզանդէ զատ գէշ խօսող եղած չէ, բայց գովութեան արդիւնք մըն ալ թողած չէ: