Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՄՈՎՍԷՍ Ա. ՄԱՆԱԶԿԵՐՏԱՑԻ

281. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸԼԼԱԼԸ

Ասոր անունն ալ Փարպեցիէն ունինք. եւ զհետ նորա տէր Մովսէս, որ էր եւ նա ի նոյն ազգէ (ՓԱՐ. 110) եւ այս յայտնի բացատրութեան հիմնուելով, լոկ թիւրիմացութեան կամ վրիպեալ յիշողութեան կը վերագրենք Թովմայի եւ Մովսէս եւ Մեղէս գրելը (ԱՐԾ. 81), որով Մովսէսը` Մելիտէէ առաջ կաթողիկոս եղած կը ցուցնէ: Անունէն զատ ուրիշ տեղեկութիւն չունինք իր վրայ. նախընթաց պատմութեանց մէջ ալ համանունի մը չենք հանդիպիր, որ նոյնացնելու փորձեր ընենք: Ժառանգական ուղղութեամբ, Մելիտէի մահուընէն ետքը, նոյն տունէն նախապատիւ եպիսկոպոս մըն է` որ կաթողիկոսական աթոռը կը գրաւէ, գուցէ եւ նախորդին օգնականութեամբ յաջորդութիւնը ապահովելով: Եղելութեանց ընթացքը ուսումնասիրելով կը հետեւցնենք, թէ Մովսէսի օրով աւելի զօրացաւ Սահակ-Մեսրոպեան խումբին դէմ հալածանքը, եւ թոյլ ընթացք մը տիրապետեց հայրապետանոցին վրայ, որ սկսաւ մտադրութիւն հրաւիրել, եւ աւելի ժիր եւ եռանդուն անձնաւորութեան մը պէտքը զգացնել: Եթէ Մովսէս Խորենացիի պատմութեան թուականին մասին ծանր խնդիրներ յուզուած չըլլային, շատ յարմար պիտի գար այն ողբոց գլուխը, որով պատմութիւնը կը փակուի, եւ որ ճշդիւ այդ միջոցին պատկերը կը կերպարանէ: Սահակի եւ Յովսէփի նման հոյակապ կաթողիկոսներու ետեւէն Մելիտէի եւ Մովսէսի պէս ապիկարներ եւ անձնահաճներ տեսնելն է, որ հառաչել կու տայ պատմագիրին, Մովսէս բարձեալ լինի ` եւ Յեսու ոչ յաջորդէ, Եղիա համբարձաւ եւ Եղիսէէ ոչ մնաց, (ԽՈՐ. 273), եւ բազմապիսի անկարգութիւնները թուարկած ատեն, ծանր գոյներով կը գծէ վարդապետներուն, կրօնաւորներուն եւ վիճակաւորներուն ընթացքն ու կենցաղը (ԽՈՐ. 275):

282. ԱԲՐԱՀԱՄ ՈՒ ԽՈՐԷՆ

Պահ մը մոռցանք աքսորեալ նախարարներուն վիճակը, որոնք Նիւշապուհ կը մնային, երբոր Ղեւոնդեանք կը նահատակուէին Ռեւանի ապառաժներուն վրայ: Երբոր Յազկերտ Քուշանաց պատերազմէն դարձաւ, նախարարները նորէն Վրկան նահանգը ղրկուեցան, ուր էին յառաջագոյն, Դենշապուհ ալ անոնց վրայ հսկող դրուած էր, որ ջանաց նախարարներուն վիճակը թեթեւցնել, եւ անոնց ազատութիւն տրուեցաւ` որ կարենան իրենց մարդիկներուն ձեռքով ինչ ինչ դիւրութիւններ հոգալ: Խորէն Որկովեցի եւ Աբրահամ Զենակեցի երէցներ, որք Ղեւոնդեանց կը սպասաւորէին եւ վերջին ատեն բռնութեամբ արգիլուեցան անոնց հետեւիլ, Դենշապուհի Ռեւանէ դառնալուն, համարձակեցան` իբրեւ թէ չգիտնալով, իրենց վարդապետներուն ուր ըլլալը հարցնել, որպէսզի կարենան երթալ ու անոնց սպասաւորել: Իրենց այս համարձակութիւնը Դենշապուհը զայրացուց, որ անոնք դատելու արտօնութիւն ուզեց Յազկերտէ, բայց սա պատասխանեց, որ եթէ իրենց դէմ յատուկ ամբաստանութիւն չըկայ, մահապարտութեան խօսք չի կրնար ըլլալ. եթէ կ՚ուրանան ազատ թողուին, իսկ եթէ չեն ուրանար, խեղութեամբ արքունի ագարակներու մշակութեան ղրկուին: Երկուքն ալ բացարձակապէս մերժեցին ուրացութեան առաջարկը, որով ականջնին կտրելով, Ասորեստանի Շափուլ (ՓԱՐ. 106) կամ Բաբելաստանի Շահուզ (ԵՂԻ. 146), եւ աւելի ուղիղ Շահուր գաւառը, արքունի մշակութեան ղրկուեցան: Բայց այն կողմի քրիստոնեաներէն իբր կենդանի մարտիրոսներ պատիւ գտան, եւ շատ ալ նուէրներ կը ստանային, զորս Աբրահամ երէց, իբր աւելի ժիր եւ տոկուն, մերթ ընդ մերթ կապեալ նախարարներուն կը տանէր ու կը դառնար: Խորէն, որ արդէն տկար էր, ճանապարհին նեղութենէն ու տօթէն ալ աւելի վնասուելով (ԵՂԻ. 146), չկրցաւ երկար դիմանալ եւ կեցեալ ամս ` Ասորեստանի մէջ վախճանեցաւ: Իսկ Աբրահամ միեւնոյն աշխատութիւնն ու ուղեւորութիւնները կը շարունակէր, մինչեւ որ երաշխաւորութեամբ հաւատացելոց աշխարհին, որք իրենց տուներն ու ինչքերը անոր աշխատութեան փրկանք գրեցին յարքունիս, Աբրահամ կրցաւ Հայաստան դառնալ, երբ արդէն նախարարներն ալ ազատութիւն ստացած էին (ՓԱՐ. 106):

283. ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ԱԶԱՏՈՒԻԼԸ

Երբ նախարարներուն քիչ մը դիւրութիւն կը տրուէր, Յազկերտի 17-րդ տարին, որ է 455-ին, Աշուշա բդեշխ Վրաց բազում եւ անհամար կարասի ծախեալ, եւ մասնաւորապէս Միհրներսէհը հաճեցնելով, կը յաջողէր Հմայեակի եւ Արշաւիրի փոքր զաւակները Տիզբոնի պատանդութենէն ազատել, ուր ղրկուած էին Վասակ Սիւնիէ զի մեռցին, եւ իրեն մօտ կը բերէր սնուցանելու եւ կրթելու համար (ՓԱՐ. 107): Աշուշա եւ Հմայեակ Մամիկոնեան իրարու քենեկալ էին, Աղան Արծրունիի Անուշվռամ եւ Ձուիկ քոյրերուն հետ ամուսնացած լինելով: Հմայեակ չորս զաւակ թողած էր, որոնցմէ Վահան, Վասակ եւ Արտաշէս` Տիզբոն ղրկուած էին, իսկ Վարդ շատ փոքր լինելուն դայեկի մօտ մնացած էր Տայոց նահանգը (ՓԱՐ. 111): Իսկ Արշաւիրի երկու զաւակներն էին Ներսէհ եւ Հրահատ: Ասոնց հետ ապրեցաւ Ղազար Փարպեցին, ինչպէս որ պարծանօք կը յիշէ, որ թէպէտ ինքն ըստ տիոց աւագագոյն էր, սակայն այդ վեց տղոց խումբին հետ սննդակից եւ խաղակից եղաւ (ՓԱՐ. 188): Մեծաւ գովութեամբ կը յիշէ Փարպեցի Հմայեակի Ձուիկ տիկինը, թէ եղեւ կին անուանի եւ առաւելեալ ամենայն լաւ եւ մտաւոր մասամբ յամենայն կանայս ի Հայաստան աշխարհիս, եւ թէ նա սնոյց եւ խրատեաց զորդիսն իւր յաշխարհին Վրաց ի տան Աշուշայի (ՓԱՐ. 110): Նախարարներուն դառնալով անոնք կապանքի եւ աքսորի վիճակը կրեցին դեռ երկու տարի եւ աւելի եւս` Ղեւոնդեանց նահատակութենէն ետքը, մինչեւ որ նոյնիսկ բանտարկելոց հսկողն Հարեւշզոմշապուհ կամ Հրեւշնոմշապուհ, անոնց վրայ գթալով, ինքն Յազկերտի միջնորդեց, եւ անոնց ազատութիւնը խնդրեց, շղթաները քակեց, զգեստնին փոխեց, որպէսզի գոնէ Պարսկաստանի մէջ զինուորութիւն ընեն եւ ռոճիկ ստանան: Յազկերտ ալ գոհ մնաց, եւ իրենց կատարեալ ազատութիւն շնորհելու միտքով ամէնքն ալ Տիզբոն հաւաքել տուաւ 457-ին, իր թագաւորութեան 19-րդ տարին: Նոյն միջոցին Յազկերտ մեռաւ, եւ իր երկու զաւակները, Որմիզդ ու Պերոզ, ժառանգութեան համար իրարու դէմ պատերազմեցան երկու տարի շարունակ, մինչեւ որ Որմիզդ սպաննուեցաւ եւ կրտսերն Պերոզ միահեծան թագաւորեց 459-ին, պաշտպանութեամբ իր դայեկին Ռահամ Միհրանի (ԵՂԻ. 153): Այդ պարագան նախարարաց ազատութիւնը յապաղեց: Պերոզ իր հօրը կամքին գիտակ, ամէն տեսակ խոստումներ կրկնեց, որպէսզի Հայ նախարարներ Պարսկաստանի մէջ իրեն օգնեն, եւ Հայաստանի մէջ ալ իրեն կողմը պաշտպանեն, եւ իրօք ալ արձակեալ նախարարներ Պերոզի բանակին մէջ ծառայեցին: Բայց Պերոզ ազատ թագաւորելէն ետքը անմիջապէս խոստումը չկատարեց, այլ Հրեւ նահանգը ղրկեց ռոճիկով ու պատուով Աշտատ նախարարի հրամանատարութեան ներքեւ. եւ Աշտատի որդւոյն Յըղատվշնասպի ձեռքով, որ իր դայեկորդին էր, խոստումները նորոգեց, եւ յայտնեց թէ իրենց ընտանեաց ալ ռոճիկներ սահմանել տուած է Հայաստանի մէջ (ՓԱՐ. 108): Այդ տարիներու միջոցին, 461-ին, կը մեռնէր Մովսէս կաթողիկոս, առանց այդ եղելութեանց մասնակցութիւն մը ունեցած ըլլալու: