Ազգապատում. հատոր Գ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

2938. ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Սիմէոն տեղապահի գործի ձեռնարկելէն հազիւ երկու շաբաթ անցած էր, որ եպիսկոպոսաց ցանկը կրօնական ժողովէն պատրաստուած եւ համագումարը հրաւիրուած էր ընտրելեաց ցանկը քուէարկելու: Տաճկահպատակ եպիսկոպոսաց ցանկը 27 անուններ կը պարունակէր, եւ Օրմանեանի անունը զանց եղած էր (88. ԱՐԼ. 1350), զի տակաւին արտասահման կը գտնուէր, թէպէտ դառնալը որոշուած էր: Քուէարկութիւնը կատարուեցաւ 1888 յուլիս 4-ին ըստ սովորութեան 27 անուններն ալ ընտրելի ցուցուեցան, թէպէտ կէսը 4 կամ 2 քուէով (88. ԱՐԼ. 1352), վասնզի վերջին ընտրութեան ժամանակ յուզուած, սահմանափակ թիւով ընտրելի ցուցնելու խնդիրը   2907) ընթացք եւ ելք չէր ունեցած: Ընտրելեաց առաջին եօթներն եղած էին Բարթողիմէոս Չամիչեան 34, Խորէն Նարպէյ 22, Խորէն Մխիթարեան 22, Մատթէոս Իզմիրլեան 17, Հմայեակ Դիմաքսեան 15, Մկրտիչ Խրիմեան 13 եւ Սիմէոն Սէֆէրեան 13 քուէով, բայց Խորէն Աշըգեան ալ 13 քուէ առած էր: Առաջին երկուքն աւելի խօսուած էին, իբր երկու ուղղութեանց նախադասեալ ընտրելիներ. բայց քաղաքական ժողովը որ շաբաթէ մը յուլիս 11-ին գումարուեցաւ, յանձնարարելեաց հնգանուն ցանկը պատրաստելու, բոլորովին տարբեր երեւոյթ մը ցոյց տուաւ: Առաջին նշանակուածն էր Մատթէոս Իզմիրլեան որ չորրորդ էր, երկրորդ Խորէն Աշըգեան որ ութերորդ էր, երրորդ Խորէն Մխիթարեան որ նոյնպէս երրորդ էր, չորրորդ Բարթողիմէոս Չամիչեան որ առաջին էր, եւ հինգերորդ Արիստակէս Դերձակեան որ երեքտասաներորդ էր 6 քուէով (88. ԱՐԼ. 1357): Քաղաքականը այս անգամ կը հեռանար նախորդներուն օրինակէն, որոնք ընդհանրապէս համագումարին եօթնանունին համաձայն կը կազմէին իրենց հնգանունը, ինչ որ կը ցուցնէր թէ տարբերած էին վարչական եւ եկեղեցական ու ժողովրդական տեսութիւնները ապագայ պատրիարքցուին մասին: Տեղապահը միշտ ընտրութիւնը փութացնելու դիտմամբ երեսփոխանութիւնը հրաւիրեց յուլիս 22-ին քուէարկութիւն կատարելու, սակայն քուէարկութիւնը յետաձգուեցաւ զանազան ձեւակերպութեանց պատճառով (88. ԱՐԼ. 1367), եւ գլխաւորապէս փոփոխուելիք եւ պակսած երեսփոխաններու տեղ ընտրութիւնները կատարելու եւ լիագոյն ժողով ունենալու համար: Ընտրելի պատրիարքին մասին ալ համաձայնութիւն գոյացնելու պէտքը կը զգացուէր, զի երկու տարբեր ուղղութիւններ մրցման մէջ էին, Չամիչեան եւ Նարպէյ եպիսկոպոսներու ընտրութիւնը պաշտպանելով: Ամիսուկէս ժամանակ անցաւ մինչեւ որ ընտրողական ժողովը գումարուէր, եւ սեպտեմբեր 9-ի քուէարկութեան մէջ երկու մրցակիցներ իրարու շատ մօտ քուէ ստացան, Չամիչեան 39 եւ Նարպէյ 36, բայց 47 քուէ պէտք էր 92 ներկայից մէջ մեծամասնութիւն գոյացնելու համար. մնացեալ 17 քուէներ ցրուած էին Աշըգեան 11, Մխիթարեան եւ Իզմիրլեան մէկմէկ, 3 քուէ ալ Խրիմեան, եւ քուէ մը ջնջուած (88. ԱՐԼ. 1406): Ըստ օրինաց պէտք էր համեմատականի քուէարկութիւն կատարել առաջին երկուքին վրայ, եւ հաւանականութիւնը Նարպէյի յաջողելուն կողմն էր, զի Չամիչեանէ խորշողներ էին ցրուած քուէներուն տէրերը: Եւ ահա յանկարծ կը լսուի թէ Նարպէյ ընտրելիութենէ կը հրաժարի (88. ԱՐԼ. 1408), կուսակցական պայքարի տեղի չտալու եւ կուսակցութեան պատրիարք չերեւնալու համար (88. ԱՐԼ. 1410): Սակայն ականջէ ականջ խօսուած լուրեր, որոնք զինքը հնգանունէ դուրս ձգեր էին, կը հաւաստէին թէ Նարպէյ այդ քայլը առած է իրեն հակառակորդ խումբին գլխաւորներուն խորհուրդով, թէ այս կերպով աւելի համակրութիւն կը շահի եւ իր ընտրութիւնը կ՚ապահովուի, մինչ իրօք իրեն կողմն եղողներն ալ վշտացած եղան, եւ իր հաստատամտութեանը վրայ կասկած յարուցանելով իրեններէն ալ լքուեցաւ: Համեմատական քուէարկութեան համար սեպտեմբեր 16-ին հաւաքուած նիստը ժխորի մէջ ցրուեցաւ, եւ սեպտեմբեր 29-ին դարձեալ երեսփոխանութիւն գումարուեցաւ, որուն հաղորդուեցաւ սեպտեմբեր 19-ին կրօնից նախարարութենէն յղուած պաշտօնագիրը, որ կը մեղադրէր 16-ի գումարման շփոթները եւ օրինական ընտրութիւն կը յանձնարարէր (88. ԱՐԼ. 1319): Որուն Յովհաննէս Նուրեան, Գաբրիէլ Նորատունկեան եւ Տիգրան Եուսուֆեան, պետական բարձր պաշտօնեաներ, որոնք Նարպէյի պատրիարքութեան համակիր չէին, ուժգին կերպով պաշտպանեցին անցած քուէարկութեան ջնջուած ըլլալը եւ նորինորոյ ընտրութիւն առաջարկեցին եւ ժողովն ալ երկար վիճաբանութենէ ետքը ստուար մեծամասնութեամբ նոր քուէարկութեան առաջարկը ընդունեց, եւ նոյնօրին քուէարկութիւնն ալ կատարելով 95 ներկաներէ 76 քուէարկուներու 66 քուէով պատրիարք ընտրուեցաւ Արմաշու վանահայր Խորէն Աշըգեան եպիսկոպոսը, Չամիչեան 7 եւ Նարպէյ 1 քուէ առած եւ 2 քուէ ալ սպիտակ էին: Ինչպէս գործողութեանց ընթացքը կը ցուցնէ կատարուած ընտրութիւնը ոչ նախապատրաստուած եւ ոչ ալ կշռուած ձեռնարկ մըն էր, այլ իրենց կուսակից ընտրելիին յաջողութիւնը կասկածելի տեսնելուն, եւ միւս կողմին յաջողութիւնը արգիլելու համար, բոլորովին դուրսէն մէկու մը վրայ համաձայնելով կուսակցական պայքարին վերջ տալու միտքն էր որ կ՚առաջնորդէր: Խորէն Աշըգեան միայն ուսումնական եպիսկոպոսի եւ հանդարտ անձնաւորութեան համբաւ ունէր, ոչ վարչական նախընթաց ունէր եւ ոչ վարչական կարողութեան նշան տուած էր: Իր կեանքն ու գործունէութիւնը Արմաշու վանքին չորս պատերէն դուրս ելած չէին, եւ վանքին վրայ ալ նշանակելի արգասիք ունեցած չէր, մանաւանդ թէ նախորդ վանահայր Ալիքսանեան Գէորգ եպիսկոպոսի օրով տեսնուած արդիւնքներն ալ իր օրով նուազած էին, Ժառանգաւորաց վարժարանը խափանուած, Ղեւոնդեանց գիշերօթիկ վարժարանը փակուած, Յոյս ամսագիրը դադրած, մատակարարութիւնը պարտքի տակ ինկած, հողային արգասաբերութիւնը նուազած, եւ ինքն ալ երկու վարդապետներու եւ երկու նորընծաներու հետ անգործ կեանք մը կը վարէր, ուստի աչքառու գործերով եւ վկայեալ համբաւով չէր որ պատրիարքութեան կը կոչուէր, այլ մի մասին Չամիչեանէ խորշելուն եւ միւս մասին Նարպէյը չուզելուն պատճառով, երրորդ մըն էր որ երկուքին վրայ կը շահէր եւ կը շահուէր:

2939. ԱՇԸԳԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

Խորէն Աշըգեան, Նիկոմիդիոյ վիճակին Քէրէմէթ գիւղէն, 1842 նոյեմբեր 4-ին ծնած, եւ 1851 դեկտեմբեր 8-ին Յարութիւն Վեհապետեանի կոչումին օրը   2652) տակաւին 9 տարեկան Արմաշու աշակերտութեան մտած, շարունակ նոյն վանքին մէջ մնացած եւ յառաջացած էր, 1863 փետրուար 17-ին վարդապետ եւ 1871 ապրիլ 23-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած, եւ մինչեւ 1888 սեպտեմբեր 29 վանահայր մնացած եւ 46 տարեկան պատրիարք ընտրուած: Ձախող զուգադիպութեամբ մը սեպտեմբեր 27-ին Արմաշու վանքին մի մասը, վարժարանն եւ ուխտաւորաց թաղը գիւղին մէկ մասին հետ անակնկալ հրդեհով մը մոխիր կը դառնար (88. ԱՐԼ. 1428): Պատրիարքական ընտրութիւնը պետական հաստատութիւն կը ստանար հոկտեմբեր 10-ին (88. ԱՐԼ. 1431), եւ Արմաշ եկող բազմաթիւ հրաւիրակներ վանքին մնացած մասին հետ հրդեհին մոխրակոյտն ալ կը տեսնէին (88. ԱՐԼ. 1437), եւ հոկտեմբեր 15-ին նորընտիրին հետ Արմաշէ մեկնելով 17-ին Նիկոմիդիայէ կը նաւէին, եւ նոյն օր, Խաչի վեցերորդ երկուշաբթին կէսօրէն ետքը, շքեղ հանդէսով Մայրեկեղեցի կը մտնէին եւ պատրիարքարան կ՚ելլէին, հոկտեմբեր 19-ին ալ ուխտի նիստը կը կատարուէր: Նշանաւոր գումարում մը եղաւ այն, զի նախորդ եւ նորընտիր պատրիարքներ միասին ներկայ եղան եւ իրենց միտքն ու իղձերն յայտնեցին զգայուն բանախօսութիւններով, եւ նախորդը իր ձեռքով յանձնեց յաջորդին պատրիարքական գաւազանը, եւ բարեմաղթութիւններ փոխանակուեցան Կ. Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի աթոռներուն համար, եւ իրար ողջագուրելով բաժնուեցան երկու պատրիարքները, իսկ կայսերական ընդունելութիւնը յապաղեցաւ մինչեւ նոյեմբեր 8 (88. ԱՐԼ. 1456): Խորէն պատրիարք երեսփոխանութեան առջեւ խօսած ատենաբանութեան մէջ ինքն ալ կը խոստովանէր թէ աշխարհային կեանքէ միշտ հեռու, վանական կրթութեամբ եւ վանական կեանքով ապրած է, այլ կը յաւելու թէ միշտ անձը նուիրած է հաւատոյ եւ գիտութեան եւ եկեղեցւոյ պաշտամանց (88. ԱՐԼ. 1439), ինչ որ ըսել կ՚ըլլայ թէ գործնականէ աւելի վերացական կենցաղ եւ սկզբունք ունեցած է: Աշըգեան եկեղեցական կանոնաց աւանդապահ ըլլալով, առաջին գործը կ՚ըլլար վիճակներու հովուութեան եւ հոգածութեան դարձնել իր միտքը, եւ ուխտէն ութն օր ետքը, Կ. Պոլիս գտնուողներէն եօթը եպիսկոպոսներ ժողովի կը գումարէր, եւ վիճակաց վերակազմութեան նպատակով (88. ԱՐԼ. 1448), երկու նոր առաջարկներ կը դնէր առջեւնին, առաջնորդներու վիճակային ընտրութեան տեղ պատրիարքարանէ անուանում հաստատել եւ առաջնորդներու պէտքերուն համար կառավարութեան կողմէ թոշակ յատկացնելու աշխատիլ: Բանակցութեանց միջոցին Օրմանեան ուղղակի հակառակ կարծիք կը յայտնէր, ոչ միայն զի եպիսկոպոսաց ժողովը սահմանադրապէս ոյժ եւ հեղինակութիւն չունէր, այլ նաեւ զի վիճակային ընտրութիւնը խափանել հայ ազգային եկեղեցւոյ կանոնաց եւ սահմանադրութեան հակառակ կ՚ըլլար, եւ կառավարական թոշակը կրնար ձախող հետեւանքներու տանիլ: Կարծիք յայտնելէ ետքը Օրմանեան կը պարտաւորէր մեկնիլ կեդրոնական վարժարանի կրօնագիտական դասերու պատճառով, զորս նոյն օրեր ստանձնած էր, իսկ գումարումը առանց վերջնական որոշման գործը վարչութեան կը թողուր, եւ այն ալ յետոյ երեսփոխանութեան կը հանէր, բայց խնդիրը անլոյծ կը մնար, սահմանադրութեան փոփոխութեան հարկ տեսնուելուն պատճառով (88. ԱՐԼ. 1488): Իսկ Օրմանեան թիւրիմացութեան տեղի չտալու համար, եպիսկոպոսաց գումարումէն մէկ երկու օր ետքը նոյն նիւթին վրայ խօսելու համար պատրիարքին տեսակցութեան կը դառնար, եւ կոչումին յարգող եւ ժողովուրդին նուիրուող առաջնորդներ ունենալու միակ միջոց եկեղեցական վարժարանէ արժանաւոր ընծայացուներ հասցնելու եղանակը կը թելադրէր: Աշըգեան սիրով կ՚ընդգրկէր այդ գաղափարը, զի ինքն ալ ժամանակին եկեղեցական վարժարանի համար աշխատած էր, եւ այն օրէն եկեղեցական վարժարան հիմնելու գաղափարը պաշտօնական եւ անպաշտօն բանակցութեանց նիւթ կ՚ըլլար, եւ լրագրութիւնն ալ անով զբաղիլ կը սկսէր (88. ԱՐԼ. 1465): Ղալաթիոյ ուխտատեղւոյն հասոյթով կեդրոնական վարժարանը հիմնուած եւ ապահովուած էր, Գարակէօմրիւկի ուխտատեղւոյն հասոյթով ալ եկեղեցական վարժարան հիմնելու եւ ապահովելու միտքը յղացուեցաւ (88. ԱՐԼ. 1481), եւ վերջապէս խառն ժողովը նոյեմբեր 30-ին Գարակէօմրիւկի թաղէն Սալմաթօմրուքի թաղաբաժինը Պալաթի կցելով, եւ Գարակէօմրիւկը պարզ ուխտատեղի թողլով յանձնուեցաւ հոգաբարձութեան կամ յանձնաժողովի մը (88. ԱՐԼ. 1481), Օրմանեան ալ նախագահ եւ եկեղեցւոյն քարոզիչ նշանակելով, որպէսզի եկեղեցական վարժարանի համար պէտք եղած պատրաստութիւնները եւ կարգադրութիւնները կատարեն: Օրմանեան սիրով յանձնառու եղաւ, Զմիւռնիոյ առաջնորդ ընտրուելու առաջարկը եւ Կարնեցւոց զայն իր առաջին վիճակը դարձնելու շարժումները անտեսելով (90. ԱՐԼ. 1806), իսկ յանձնաժողովոյ անդամ նշանակուեցան, Աբիկ Ունճեան, Տիգրան Եուսուֆեան, Յովհաննէս Եսայեան, Պատրիկ Կիւլպէնկեան, եւ Գաբրիէլ Գաբրիէլեան (88. ԱՐԼ. 1474) ամէնքն ալ կարող եւ գործին նախանձաւոր անձեր:

  2940. ԱՐՄԱՇՈՒ ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ

Եկեղեցական վարժարան մը ունենալու գաղափարը սահմանադրութեամբ սկիզբէն, այսինքն 1860-էն ի վեր, եւ անկէ ալ առաջ, բաղձացուած, մտածուած, զրուցուած, եւ ժողովներու մէջ խօսուած խնդիր մըն էր, այլ երբեք գործնական վիճակի մտած չէր, զի Հիւանդանոցի մէջ բացուած Ժառանգաւորաց վարժարանը, եւ Նուպար-Շահնազարեանի մէջ կազմուած ընծայացուաց բաժինը, տիրապէս ուզուած նպատակին համապատասխան չէին, եւ ոչ ալ գործին նուիրուած պատրաստական անձը գտնուած էր: Այս անգամ Աշըգեանի եւ Օրմանեանի դիտումները իրար գրկեցին եւ փափաքը իրականութեան վերածեցին: Օրմանեան ցաւով եւ ակամայ Էջմիածնի եկեղեցական ճեմարանէ բաժնուած, նմանօրինակ հաստատութիւն մը Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան անհրաժեշտ ըլլալը կը յեղյեղէր ամէն կողմ, եւ Աշըգեանի հետ ունեցած տեսակցութիւնն ալ անոր հետեւանքն էր: Աշըգեան ալ վանականութեան վարժ եւ ուսումնականութեան նուիրեալ անձ ըլլալով, շուտով յարեցաւ նոյն գաղափարին իրականացման, եւ պատրիարք նստելէն հազիւ երկու ամիս ետքը գաղափարը ընդունուած, որոշումը տրուած, կերպը ծրագրուած եւ յանձնաժողովը կազմուած էր 2939): Յանձնաժողովին առաջին գործն եղաւ Գարակէօմրիւկի Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մատակարարութիւնն եւ ուխտաւորութեան արդիւնքը կանոնաւորել եւ ապահովել: Բայց շուտով տեսնուեցաւ որ ոչ տեղը յարմար եւ ոչ արդիւնքը բաւական է եկեղեցական վարժարան մը հիմնելու եւ պահելու, հարկ եղաւ ուրիշ միջոցներ գտնելու աշխատիլ: Վարժարանը Կ. Պոլսոյ մէջ հաստատելու գաղափարին հետեւելով քննուեցան եւ զննուեցան Խասքէօյի Նուպար-Շահնազարեան վարժարանի լքուած շէնքը, Իւսկիւտար Ս. Կարապետի կից հրկիզուած ճեմարանին տեղը, Գընալը կղզւոյն մէջ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյն սեփական գետինը, եւ Զէյթինպուրնուի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հին հիւանդանոցը, բայց եւ ոչ մէկը նպատակայարմար դատուեցաւ տեղական ձեւակերպութիւններուն եւ ծախքերուն պատճառով, եւ միտքերը դարձան Արմաշու Չարխափան Ս. Աստուածածնի վանքին վրայ, որ թէպէտ մասամբ հրկիզուած, բայց տակաւին բաւականաչափ տրամադրելի տեղեր ունէր: Օրմանեանի յանձնուեցաւ տեղւոյն վրայ քննութիւն կատարել, եւ 1889 փետրուար 13-ին երթալով 18-ին դարձաւ, եւ նպաստաւոր տեղեկագիր ներկայեց (89. ԱՐԼ. 1539): Արմաշու վանքին առաջնորդարանը եւ միաբանից թաղը բաւական տրամադրելի տեղ ունէին, հողային կալուածները եւ ուխտաւորական արդիւնքները բաւական հասոյթ կ՚արտադրէին, եկեղեցին կրօնական պաշտամանց դիւրութիւն կ՚ընծայէր, առանձնութիւնը կանոնաւոր կեանքի կը նպաստէր, եւ ուխտատեղին ընդհանուր հայութեան համակրութիւնը կը շարժէր: Այս տեսութիւնները հասարակաց կարծիքին վրայ ալ ազդեցին (89. ԱՐԼ. 1544), եւ վերջապէս եկեղեցական վարժարանը Արմաշու վանքին մէջ բանալու որոշումը տրուեցաւ, վանքն ալ Կ. Պոլսոյ աթոռական վանք յայտարարուեցաւ, եւ Արմաշու վանքն ու եկեղեցական վարժարանը ու Գարակէօմրիւկի եկեղեցին յանձնուեցան խնամակալութեան մը, որ կազմուեցաւ յանձնաժողովի հինգ անդամներէն, պատրիարքի նախագահութեամբ, եւ երկու եկեղեցական անդամ աւելցնելով, որոնք եղան Մաղաքիա Օրմանեան եւ Գարեգին Սրուանձտեանց եպիսկոպոսները, եւ պաշտօնի կոչուեցան յունիս 6-ի պատրիարքական պաշտօնագրով (89. ԱՐԼ. 1621): Օրմանեան որ սկիզբէն բոլորով սրտիւ գործին փարած էր, ընդարձակ տեղեկագիր մը պատրաստած էր, բոլոր յարակից խնդիրները լուսաբանելով, որ հրատարակութեան ալ տրուեցաւ հանրութեան միտքը պատրաստելու համար: Այս տեղեկագիրով մանրամասնօրէն բացատրուած էին, 1. Եկեղեցական վարժարանի անհրաժեշտ պէտքը (89. ԱՐԼ. 1589), 2. Անկէ օգուտ քաղելու կերպը (89. ԱՐԼ. 1591), 3. Անոր զանազան տեսակները (89. ԱՐԼ. 1593), 4. Ազգային կացութեան յարմարագոյն տեսակը (89. ԱՐԼ. 1595), 5. Հսկող իշխանութիւնը, 6. Պահպանութեան միջոցները, 7. Վարժարանին տեղը, 8. Եզրակացութիւնը (89. ԱՐԼ. 1597): Խնամակալութիւնը յունիս 7-ին իր առաջին նիստին մէջ իր կազմութիւնը կատարեց, Եուսուֆեան ատենապետ, Գաբրիէլեան ատենադպիր, Կիւլպէնկեան գանձապետ եւ Օրմանեան տեսուչ (89. ԱՐԼ. 1620): Սակայն պէտք է դիտել տանք թէ ասոնք պաշտօնական անուանումներ էին, իսկ գործին հոգին ու վարիչը Աբիկ Ունճեանն էր, որ ամէն գործի մէջ պատրաստ էր բոլոր հոգերը ստանձնել առանց պաշտօնական կոչում ընդունելու: Գարակէօմրիւկի հասոյթը եւ ոչ իսկ իր ներքին բարեկարգութեան բաւած էր, Արմաշ պատրաստ գումար չունէր, ուստի թէ առաջնորդարանը վարժարանի վերածելու, թէ հարկաւոր կարասին հոգալու, թէ աշակերտաց ուտեստն ու զգեստը պատրաստելու միջոցները Ունճեան հայթայթեց իր կողմէն, եւ յունիսէ սեպտեմբեր երեք ամիսները, այդ նախապատրաստութիւններով անցան: Օրմանեան որ նախապատրաստութեանց հսկողութիւնը կը կատարէր, յուլիս 13-էն օգոստոս 23 Արմաշու մօտակայ Ատաբազարի քննութեամբ ալ զբաղեցաւ, Դաւիթ Նազարէթեան նախկին Մխիթարեան վարդապետի (88. ԱՐԼ. 1450) պատճառով ծագած շփոթները հանդարտելու (89. ԱՐԼ. 1597), եւ կաթոլիկական շարժումը արգիլելու համար (89. ԱՐԼ. 1612): Պաշտօնը լրացնելով Կ. Պոլիս դառնալէն ետքը, պէտք եղած պատրաստութիւններն ալ լրացած ըլլալով, սեպտեմբեր 9-ին Արմաշ վերադարձաւ, ուխտաւորական հանդէսները կատարեց, նոր աշակերտներ հասան, եւ սեպտեմբեր 19-ին Խաչվերացի երկրորդ օրը եկեղեցական վարժարանը հանդիսապէս բացուեցաւ Արմաշու Չարխափանեան Ս. Աստուածածնի վանքին մէջ: Իսկ բացուելէն ետքը 1890 յունուար 10-ին Դպրեվանք Պատրիարքութեան Կոստանդնուպոլսոյ անունը պաշտօնապէս տրուեցաւ եկեղեցական վարժարանին (90. ԱՐԼ. 1799), եւ այլեւս այդ անունով ճանչցուեցաւ նոր հաստատութիւնը:

2941. ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ

Արմաշու վանքին աթոռական վանք հռչակուելովը, եւ Դպրեվանքին ուղղակի Կ. Պոլսոյ աթոռին պատկանելուն հետեւութեամբ, Արմաշու վանահայրական անունը Կ. Պոլսոյ պատրիարքին վերապահուեցաւ, եւ տեղւոյն վրայ վանքը կառավարողին Փոխ-Վանահայր անունը տրուեցաւ, կատարեալ իրաւասութեամբ եւ աթոռի իրաւունքով, եւ փոխվանահօր պաշտօնն ալ վերատեսչութեան հետ միաւորուեցաւ բաժանման եւ մրցման առիթ չտալու համար: Արմաշու եւ Գարակէօմրիւկի միացեալ մատակարարութիւնը յանձնուեցաւ երկու եկեղեցականէ եւ հինգ աշխարհականէ կազմուած եւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքին նախագահութեամբ գործող եւ Կ. Պոլսոյ մէջ նստող խնամակալութեան 2940), որուն գործադիրն էր փոխ վանահայր տեսուչը, տեղական եւ ներքին բոլոր գործերը կարգադրելու իշխանութեամբ: Ներքին պաշտօնէութեան առաջին կազմը որոշուեցաւ այսպէս. ելեւմտից տեսուչ եւ մատակարար` Ներսէս վարդապետ Տէր-Բարթողիմէոսեան, ուսուցիչներ` Օրմանեանը, եւ Մամբրէ Նալպանտեան ու Յուսիկ Էսմէրեան վարդապետներ, եւ դուրսէն տաճկաբան մը ու գաղղիաբան մը, կառավարիչ` Եզնիկ վարդապետ Գալբաքճեան, ժամօրհնող` Եղիկեան Արսէն վարդապետ, լուսարար` դպիր Միհրան Փափազեան, դպրապետ եւ ձայնագէտ` Պապա Համբարձում Չէրչեան: Առաջին տարին միայն մէկ դասարան բացուած ըլլալուն երկրորդ տարուան թողուեցաւ Եղիշէ վարդապետ Դուրեանը ուսուցչութեան հրաւիրելու որոշումը: Աշակերտներ կամ ընծայացուներ պիտի ըլլային գոնէ 18 տարեկան նախակրթական ընթացք աւարտողներ: Դպրեվանքի ընթացքը պիտի տեւէր եօթը տարի, երեքը ընդհանուր ուսումներու յատկացուած` երկրորդական վարժարանաց աստիճանով եւ կրօնական նիւթերու յաւելուածով, եւ երեքը բարձրագոյն եկեղեցական ուսմանց եւ լեզուներու զարգացման համար, եւ վերջին տարին զանազան վարժութեանց եւ աւարտական ուսումնասիրութեան վերապահուած: Աշակերտցուները պիտի առնուէին զանազան վիճակներէ, թէպէտ պայման չէր որ իւրաքանչիւրը իր վիճակը դառնար, բայց միշտ յարմար էր օգուտը ընդարձակելու. ուստի ընտրութեանց մէջ այդ կէտին մտադրութիւն դարձուեցաւ, որպէսզի բոլորը Կ. Պոլսոյ եւ Նիկոմիդիոյ վիճակներէն չըլլան: Դպրեվանքի գլխաւոր նպատակն էր կուսակրօն եկեղեցականութեան զարկ տալ, վասնզի անկէ պիտի ըլլային վիճակները կառավարողներ եւ դպրոցական յառաջդիմութեան ոյժ տուողներ, բայց գլխաւոր նպատակը միակ նպատակ չէր, զի եկեղեցական ծառայութեանց համար պէտք էր զարգացնել քահանաներ եւ կրօնական հմտութեամբ ու զգացմամբ վարդապետներ ալ ունենալ, մանաւանդ գաւառներու համար: Ծրագիրը այնպէս կազմուած էր որ առաջին եռամեայ շրջանը աւարտողը բաւական ըլլար քահանայութեան եւ վարժապետութեան պաշտօններուն, ուստի առաջին շրջանին վերջը` հրաւէր պիտի կարդացուէր աշակերտներուն կուսակրօն եկեղեցականութեան մտնելու եւ սարկաւագ ձեռնադրուելու, եւ միայն հաւանողներ պիտի պահուէին եւ մնացեալները պիտի արձակուէին, յանձնարարելով որ եթէ ոչ ամուսնաւոր քահանայութեան գոնէ վարժապետութեան մտնեն: Միանգամայն թէպէտ խիստ քննութեամբ կարողներ կ՚ընտրուէին, բայց առաջին տարւոյ վերջն ալ փայլուն ապագայ չխոստացողներ պիտի արձակուէին: Դպրեվանքը ուղղակի եկեղեցւոյ եւ ոչ թէ կարօտութեան օգնել նպատակ ունենալուն, աղքատի եւ որբի նպաստելու պարտքը չէր զգար, մանաւանդ թէ աւելի նպատակայարմար կը կարծէր լաւ ընտանիքներէ աշակերտներ ունենալ եւ ընծայացուներ պատրաստել: Աշակերտաց թիւ սահմանուեցաւ շուրջ 30, քսանը առաջին շրջանի եւ տասը երկրորդ շրջանի մէջ, երկու շրջաններէն միայն մէկ մէկ դասարան պիտի պահուէր, եւ իւրաքանչիւր երեք տարի երկրորդ շրջանը լրացնողներու տեղ նոր դասարան պիտի կազմուէր: Գործին զարկ տալու համար երկրորդ տարւոյն սկիզբը երկրորդ դասարանը բացուեցաւ, բայց երկու դասարան պահելու սկզբունքը չփոխուեցաւ: Աշակերտաց զգեստը առաջին շրջանին մէջ դպրոցական զգեստ էր, տաբատ եւ գօտեպինդ կարճ պատմուճան, եւ եկեղեցական ու պաշտօնական պարագայից համար դպիրի վերարկու, իսկ երկրորդ շրջանի սարկաւագներուն համար կատարեալ եկեղեցական զգեստ: Կերակուրը նախաճաշ մը առաւօտուն, կէսօրուան ճաշ` երկու պնակ կերակրով, նոյնպէս երեկոյեան ընթրիքին. ցուրտ եղանակներուն առաւօտուն թէյ ալ կը տրուէր: Ուսմանց ծրագիրը կը պարունակէր երեք լեզուներ, հայերէնը մատենագրութեամբ եւ քերթողականով, օտար լեզուները գրելու եւ խօսելու վարժութեամբ, աշխարհագրական եւ պատմական հմտութիւններ ընդարձակ, ուսողական եւ բնական գիտութիւններ բաւականաչափ, եւ ձայնագրութիւն: Իսկ կրօնական ճիւղը առաջին շրջանի մէջ ունէր Սուրբ Գիրք ու վարդապետութիւն, եւ երկրորդ շրջանի մէջ լեզուներու զարգացումէն զատ, իմաստասիրական եւ աստուածաբանական ճիւղեր, եկեղեցական մատենագրութիւն եւ օրէնսգիտութիւն եւ բեմբասացութիւն: Բոլոր ուսումներ, մանաւանդ եկեղեցականներ, լոկ տեսական հմտութեամբ չէին լրանար, այլ ճոխացած էին, ներածական եւ պատմական, ծիսական եւ դաւանական, քննադատական եւ քարոզչական վարժութիւններով: Աւարտական ճառը պիտի ըլլար քննական եւ ընդարձակ երկասիրութիւն մը, եւ շրջանաւարտները ազգային եւ եկեղեցական դպրութեանց եւ գիտութեանց վկայեալ մասնագէտի աստիճան եւ իրաւունք պիտի ունենային (00. ՕՐԱ. 183-184): Առ այժմ այս չափով Դպրեվանքի կազմութիւնը բացատրելէ ետքը, առաջիկայի կը թողունք արդիւնքը պատմել:

2942. ԱՇԸԳԵԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՕՐԵՐ

Աշըգեան Խորէն պատրիարքի առաջին գործը երկարօրէն բացատրեցինք, գործին կարեւորութիւնը նկատի առնելով, բայց պիտի չկարենանք նոյն կերպով յառաջ բերել իր գործունէութեան ուրիշ մասերը: Թէպէտ հետամուտ էր նա ամէն բանի մէջ կանոնաւոր ընթացք պահել, սակայն ինչպէս ըսինք գործնականէն աւելի վերացականին սիրահար ըլլալուն, տարաժամ կամ անսովոր ձեռնարկներով ստէպ ապարդիւն կը մնար: Կ. Պոլսոյ աթոռին դիրքը բաւական տարբերած է ուրիշ աթոռներու կերպերէն, եւ այդ ալ հնօրեայ սովորութեան զօրութիւն զգեցած է պարագայից բերմամբ: Կ. Պոլիս միշտ բազմաթիւ անպաշտօն եպիսկոպոսներ ունեցած է, որոնք կամ բնաւ իսկ պատրիարքարանէ չեն հեռացած, եւ կամ որեւէ թեթեւ պատճառով թեմերնին թողած եւ Կ. Պոլիս են եկած, ուր ժողովականութեամբ պաշտօն մը, եւ հանդիսադրութեամբ կամ հանդիսակցութեամբ օգուտներ կը ճարեն, եւ հանգիստ կեանք կը վարեն մայրաքաղաքի մէջ` ազգականաց կամ ծանօթից տուները, եւ ազատ կը մնան գաւառներու ձանձրութիւններէն ու նեղութիւններէն: Աշըգեան որ միշտ վանքի մէջ ապրած եւ այդ կեանքը երբեք վարած չէր, իսկոյն ձեռնարկեց եպիսկոպոսները գաւառները ղրկել եւ դիւրութիւններ զլանալ որպէսզի ստիպուին մայրաքաղաքը թողուլ: Եպիսկոպոսներ սովոր էին ամէնքն ալ աթոռ բազմիլ եւ գաւազան կրել եկեղեցական հանդիսութեանց ատեն, քանի հատ ալ ըլլան եւ նոյն իսկ պատրիարքի ներկայութեան: Աշըգեան այդ սովորութիւնը արգիլեց, որ 1888 նոյեմբեր 29-ին Սերովբէ Կիւլպէնկեանի այրի եւ Պատրիկ Կիւլպէնկեանի մայր` տիկին Հռիփսիմէի յուղարկաւորութեան (88. ԱՐԼ. 1473) գործադրուիլ սկսաւ, սակայն Երուսաղէմի պատրիարք Վեհապետեանի եւ նախկին պատրիարք Խրիմեանի վրայ չտարածուեցաւ, եւ Խորէն Նարպէյ եպիսկոպոսն ալ` իբրեւ բողոքոյ նշան` իր բերած գաւազանը ձեռքը ոտքի վրայ կանգնած կեցաւ բոլոր արարողութեան եւ Խրիմեանի խօսած դամբանականին ատեն: Աշըգեան իր մտքէն չդարձաւ եւ դեկտեմբեր 5-ի կրօնական ժողովին ալ որոշում տալ տուաւ (88. ԱՐԼ. 1478), բայց եպիսկոպոսներ չսեպեցին եւ ըստ առաջնոյն շարունակեցին, եւ Աշըգեան ալ չկրցաւ աւելի պնդել եւ իր ձեռնարկը հետեւանք չունեցաւ: Դարձեալ` եպիսկոպոսներ եւ վարդապետներ իսկ ո'ր եկեղեցի որ հանդիպէին, համարձակ քարոզ կը խօսէին, թէպէտ տեղւոյն քարոզիչը չըլլային: Այս ալ իբրեւ թեմակալութեան իրաւունքի հակառակ նկատելով, Աշըգեան սկսաւ պահանջել որ առանց իր արտօնութեան կամ հրամանին չկարենան քարոզել (89. ԱՐԼ. 1561), սակայն այս կէտին մէջ ալ չկրցաւ յաջողութիւն գտնել: Այդ մանրամասնութիւնները կը յիշենք միայն Աշըգեանի ձեռնարկներուն մէջ գործնականութեան կնիքին պակասը ցուցնելու համար, զի իր վերացական կամ տեսական սկզբանց հետեւանք էր, առանց գործին վերջաւորութիւնը կշռելու, անհեռատես ձեռնարկներ ընել եւ յետս կասիլ: Չենք գիտեր թէ արդեօք այդ ձեռնարկներու քաջալերուեցաւ ամէն նոր պատրիարքի շռայլուած գովեստներէflն, եւ իր պաշտօնավարութեան առաջին օրերուն իսկ բարեբախտութիւն ունենալով յաջող եւ փառաւոր պարագաներու հանդիպելէն, զի նոյեմբեր 13-ին Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ (88. ԱՐԼ. 1459), եւ նոյեմբեր 29-ին Իւսկիւտարի Ս. Կարապետ (88. ԱՐԼ. 1466) եկեղեցիներու օծումներուն նախագահեց, որոնց նորոգութիւնները լրացած էին իր ընտրութենէն առաջ, առաջինը կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան ջանքով, եւ երկրորդը Աբիկ եւ Մաթոս Ունճեան եղբարց ծախքով: Աշըգեանի յաջողութեանց կարգին յիշենք նաեւ կայսերական զինանշան շքեղ Թուղրայի մը սուլտանին կազմէն պատրիարքարանի նուիրուիլը (89. ԱՐԼ. 1546): Խորէն պատրիարք օսմանեան հաւատարմութեան համբաւ վայելած էր կանուխէն, եւ այդ համոզմամբ ողջունած էին զինքն տաճկական լրագիրներն ալ (88. ԱՐԼ. 1426), զի անծանօթ չէր ժամանակին Ներսէսի ձեռնարկներուն հակառակ գաղափարներ յայտնած ըլլալը: Թերեւս այս եւ ասոր նման վկայութիւններ յորդորեցին կայսրը յիշեալ նուէրն ընել պատրիարքարանին, որ կրօնական նախարարութեան պաշտօնեաներու եւ բարապաններու ձեռքով բերուեցաւ 1889 մարտ 1-ին, կամ ելեւմտական 1305 տարեգլուխին օրը, եւ մեծահանդէս արարողութեամբ, երգերով եւ համբոյրներով, խնկօք եւ դպրօք, զետեղուեցաւ պատրիարքարանի դահլիճին ճակատը (89. ԱՐԼ. 1548): Յիշենք եւ պատրիարքական անդրանիկ կոնդակը, որ 1888 նոյեմբեր 20-ին կարդացուեցաւ մայրաքաղաքի եկեղեցիներուն մէջ եւ գաւառներ ալ յղուեցաւ: Կոնդակն ալ կը կրէ միեւնոյն զգացմանց կնիքը, որ կրօնասէր օծութեամբ գրուած մըն է, եւ պատրիարքին հոգին ու սիրտը կը ներկայացնէ, եւ իբր կնիք իր խօսից կը յիշէ եկեղեցին, հաւատքն ու աղօթքը, եւ անոնց վրայ կը հիմնէ իր խրատական յորդորները (88. ԱՐԼ. 1465 եւ 1467): Իսկ ոճն ու գրածը այն ըմբռնումը կու տային թէ գրագէտ պատրիարք մը ունենալնիս ակներեւ է (88. ԱՐԼ. 1469): Մելքիսեդեկի խնդիրն ալ իր մտադրութեան առարկայ եղաւ, եւ թէպէտ նա տեղապահութեան օրեր ըստ հաճոյս պատարագած էր (88. ԱՐԼ. 1407), բայց Խորէն չուզեց արտօնել մինչեւ որ նա անձամբ չվստահեցուց թէ յիշատակութեան ընդհանուր ձեւէն պիտի չշեղի, եւ Օրմանեանի յանձնեց պաշտօնապէս եւ լիազօր իրաւունքով հսկել 1889 ապրիլ 16-ին, Նոր Կիրակի օրը Գատըքէօյի Ս. Թագաւոր եկեղեցին պատարագելուն առթիւ (89. ԱՐԼ. 1584): Աշըգեանի դիտողութեանց առարկայ եղան նաեւ այն նորատեսակ հրատարակութիւններն, որոնք սկսած էին երեւան գալ արտասահման երկիրներու մէջ` օսմանեան կառավարութեան ժողովուրդին մէջ գրգիռ յառաջ բերելու դիտումով, իբր թէ այս ճամբով պիտի կարենային եւրոպական տէրութիւնները վճռական գործունէութեան ստիպել, եւ օսմանեան պետութիւնը խոստացուած բարենորոգումներու գործադրութեան բռնադատել (88. ԱՐԼ. 1470): Յարութիւն պատրիարք այդ երեւոյթները խոհական կերպով պետական մտադրութենէն հեռացնելու կը յաջողէր, իսկ Խորէն պատրիարք անոնց դէմ մաքառելու ձեւը նախադասելով, կարծես թէ եւս քանզեւս զայրացնելու առիթ ընծայեց, որով եւ պետական մտադրութիւնն ալ հետզհետէ շեշտուեցաւ, ինչպէս առաջիկային պիտի տեսնանք:

2943. ՎԵՀԱՊԵՏԵԱՆ ՅԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

Յարութիւն պատրիարքի Կ. Պոլսոյ աթոռէն Երուսաղէմի աթոռը անցնելէն ետքը տարիի մօտ միջոց մը եւս Կ. Պոլիս մնացած ըլլալը յիշած ենք արդէն 2936): Այդ յապաղումը միակ նպատակ ունէր գաւառներէ զինուորական տուրքին հետ գանձուած երեք դահեկանի պարտաւորեալ նուէրին, պետական սնտուկէն գանձուածը իրականացնել: Ինչպէս քանիցս յիշեցինք երկու գումարները խառն մտած էին պետական սնտուկները, եւ անոնց զտուիլն ու զատուիլը Գազազեան Յակոբ Փաշայի երախտիքն էր եղած` իր ելեւմտից նախարարութեան ատեն, սակայն վճարումները կարգադրելու ժամանակ չէր ունեցած, եւ Յարութիւն պատրիարք նոր նախարարին հետ գործելու պարտաւորուեցաւ: Գործը դիւրացնելու համար շարունակ դիմումներ ըրաւ կայսեր եւ մեծ եպարքոսին եւ բոլոր նախարարներուն եւ գործադիր պաշտօնեաներուն մօտ, եւ շարքը չընդհատեց, բայց եթէ երբ հնարաւոր յաջողութիւնը աւարտեց, մաս մը գումար հնչուն գանձելով, մաս մըն ալ Երուսաղէմի կառավարական սնտուկին վրայ փոխգիր ստանալով, ընդամէնն իբր 20. 000 օսմանեան լիրայի գումար մը ապահովելով (89. ԱՐԼ. 1590 եւ 1598), եւ վերջին մասն ալ առաջիկային թողլով կարգադրել 2878 եւ 2923): Մայրաքաղաքի բնիկներէն զինուորական տուրք չէր գանձուեր, ուստի ընդհանուր ժողովով որոշուած էր պատրիարքարանի ձեռքով հաւաքել անոնց պարտաւորեալ նուէրը, եւ գործն ալ յանձնուած էր Երուսաղէմի պարտուց բարձման յանձնաժողովին. անոր հետ ալ Յարութիւն պատրիարք գործերն ու գանձումները լրացուց, որով յանձնաժողովին գործունէութիւնն ալ լրացաւ (89. ԱՐԼ. 1590): Այդ ձեռնարկներուն մէջ յամենայնի Յարութիւնի օժանդակ եղան փոխանորդ Սիմէոն եպիսկոպոս Սէֆէրեան եւ հրաւիրակ եկող Մամբրէ եպիսկոպոս Մարկոսեան, իր ընկերը Գէորգ վարդապետ Երէցեան: Իսկ ապագային կարգադրութեան եւ Երուսաղէմի պարտքին ջնջումը Յարութիւն պատրիարքի անձնական յաջողութեան կը մնար. եւ երանի~ թէ նա աչքը գոցած օրը աթոռը առանց պարտքի թողուր, եւ Յովհաննէս պատրիարքի ստացած օրհնութեանց արժանանար 2703), ուսկից զրկեալ մնաց Եսայի պատրիարք 2913): Յարութիւն Կ. Պոլիս անցուցած օրերը ազգային կեանքէ հեռու չմնաց, բայց վարչական միջամտութենէ զգուշանալով, բաւականացաւ հանդիսական եւ անպաշտօն մասնակցութիւններով: Վերջապէս երբ Երուսաղէմի համար ստիպողական գործեր չմնացին, իր մեկնելուն օրը որոշեց, եւ հրաժեշտի ողջոյններուն սկսաւ, եւ կայսեր եւ նախարարաց ալ այցելեց (89. ԱՐԼ. 1603-1604): Կ. Պոլիսէ մեկնիլը տեղի ունեցաւ մայիս 10-ին, Երեւման խաչի չորեքշաբթի օրը արտասովոր հանդէսով, ոչ միայն եկեղեցական եւ վարչական անձինք, այլեւ բիւր մը ժողովուրդ խռնուած էր Գումգաբու, պատրիարքներ փոխադարձ այցելեցին եւ ողջագուրուեցան, եկեղեցական երգեցողութիւններ եղան, եւ Յարութիւն` Արդ ահաւասիկ ես երթամ յԵրուսաղէմ եւ որ ինչ անդ ընդ իս անցանելոց է չգիտեմ ( ԳՐԾ. Ի. 22) բնաբանով սրտառուչ քարոզ մըն ալ խօսեցաւ Մայրեկեղեցւոյ բեմէն, եւ համակրանաց մեծ ցոյցերով եւ ընկերակիցներով Գումգաբուի նաւամատոյցէն շոգեմակոյկ նստելով եգիպտական ընկերութեան ուղեւոր շոգենաւը ելաւ, որ երեկոյեան դէմ մեկնեցաւ նաւահանգիստէն: Պատրիարքին կ՚ուղեկցէին Երուսաղէմի հրաւիրակներ Մամբրէ եպիսկոպոս եւ Գէորգ վարդապետ, եւ Փիլիպպոս եպիսկոպոս Նաճառեան որ իր վանքը կը վերադառնար, կրօնական ժողովոյ կողմէն Խորէն Նարպէյ եպիսկոպոս եւ Յակոբ Աշոտ վարդապետ, եւ քաղաքական ժողովոյ կողմէն բնիկ Երուսաղէմացի Յովհաննէս Թորոսեան եւ Արեւելք լրագիրի թղթակից Տիգրան Արփիարեան (89. ԱՐԼ. 1605): Ուղեւոր պատրիարքը պատուասիրուեցաւ միւս օր Տարտանէլ (89. ԱՐԼ. 1608), եւ 17-ին ու 18-ին Աղեքսանդրիա (89. ԱՐԼ. 1615), եւ 19-ին Յոպպէ, եւ վերջապէս 20-ին, երկրորդ Ծաղկազարդի նախընթաց շաբաթ օրը, մտաւ Երուսաղէմ ամենայն փառաւորութեամբ, եւ պետական ու ժողովրդական, ազգային եւ օտարազգի դասակարգերու պատգամաւորներով եւ հանրային եռանդուն ցոյցերով: Յոպպէի դուռնէն սկսեալ շքեղ թափօրով առաջնորդուեցաւ Մայրտաճարը, ուր ուխտը կատարելէ եւ ատենաբանելէ ետքը բազմեցաւ Ս. Յակոբայ առաքելական աթոռը, որուն երեքուկէս տարիէ ի վեր իրաւունքը ստացած էր: Բանախօսութիւններ եղան պատրիարքարանի դահլիճին մէջ Խորէն Նարպէյ եւ Սահակ Խապայեան եպիսկոպոսներէ եւ Յարութիւն Թորոսեանի կողմէ, եւ բազմաթիւ բաժակաճառեր արտասանուեցան 40 սեղանակիցներու մեծ հացկերոյթին ատեն (89. ԱՐԼ. 1618) եւ միաբանական սեղանին վրայ (89. ԱՐԼ. 1623): Յաջորդ շաբաթը բոլոր պաշտօնական այցելութիւններով անցաւ (89. ԱՐԼ. 1621), եւ հազիւ մայիս 30-ին կրցաւ պատրիարքը ձեռք զարնել վարչական գործերու (89. ՏՆՕ. 349):

2944. ՎԵՀԱՊԵՏԵԱՆԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Յարութիւն պատրիարք ձեռնարկած գործին նոր եւ ընթացքին խակ մէկ մը չէր, զի աթոռին եւ վանքին կառավարութիւնը ինքն կատարած էր Եսայիի եռամեայ բացակայութեան, եւ Կ. Պոլսոյ աթոռին վրայէն հսկած էր Երուսաղէմի ընդհանուր ընթացքին վրայ, եւ իբրեւ գործին ծանօթ ու փորձառու կ՚անցնէր անոր գլուխը: Ասով մէկտեղ Յարութիւն փոփոխութիւն մը չէր բերեր գործերուն ընթացքին, այլ Եսայիի օրէն սկսած եւ տեղապահութեան միջոցին շարունակուած ձեւն էր զոր գրեթէ անխախտ կը պահէր: Նոր կանոնագիրը որ իր գործակցութեամբ հաստատուած էր, տնօրէն ժողովոյ իւրովի մուծած ձեւը կը նուիրագործէր, եւ ինչ որ իրապէս գործածական էր` տիրապէս օրինական կը դառնար, եւ Վեհապետեանի նախագահութեամբ 1889 յունիս 19-ին ընտրուած տնօրէն ժողովը դարձեալ Ղեւոնդ Մաքսուտեանի եւ Գէորգ Երէցեանի անխուսափելի մասնակցութեամբ կը կազմուէր, որոնք իրենց մշտնջենաւոր օժանդակ ունէին Սահակ Խապայեան լուսարարապետ եպիսկոպոսը (89. ՄԻԱ. 467), եւ այս երեքն էին միշտ որ կացութեան կը տիրէին, եւ Յարութիւն ալ անոնց կը հետեւէր եւ կը հովանաւորէր, ինչպէս ըրած էր Եսայի: Ասով չենք ուզեր ըսել թէ ապիկարներու վրայ կը տարածէր նա իր հովանաւորութիւնը, այլ բաղձալի էր, որ իր գործին տէր անձ մը, ինչպէս ճանչցուած էր Վեհապետեանը, մտադրութիւն դարձնէր միանգամայն, թէ գործիչները անձնականը հանրայինին նախադասելու միտում ունէիflն, կամ թէ աթոռին շահը ամենայն ուղղամտութեամբ կը պաշտպանուէflր արդեօք: Մայիս 30-ի տնօրէն ժողովոյ գումարման մէջ Յարութիւն պատրիարք պետական սնտուկէն ձեռք անցուցած գումարներուն հաշիւը ներկայած էր, թէ 2880 լիրա հնչուն ստացած է, 7580 լիրայի փոխ գիր առած է Երուսաղէմի կառավարական սնտուկի վրայ, նոյնչափ մըն ալ յաջորդ տարին գանձելի, եւ 960 լիրայի ալ գանձումն յանձնած է փոխանորդին, որ է բովանդակ 19. 000 լիրա, ուսկից զատ կայ եւ ճշդուելիք մաս մըն ալ (89. ՏՆՕ. 350): Իսկ իր վարչական ծրագիրը կը պարզէր յունիս 19-ին միաբանական գումարման մէջ խօսած բացման ճառովը: Անցեալին վրայ վերապահութիւններով շնորհակալութիւն յայտնելէն ետքը, կը գովէր Կիրակոս պատրիարքի օրով պահուած խորհրդականաց դրութիւնը, եւ կը նախադասէր Եսայիի օրով մուծուած ժողովական դրութեան, թէպէտեւ նոյնն էր իր բերած նոր կանոնագիրին դրութիւնն ալ, որուն մէջ գուցէ տնօրէնի ձեռնհասութեան ընդարձակուիլը իբր խորհրդականաց դրութեան վերադարձ կը նկատէր. սակայն առաջ պատրիարքն էր որ խորհրդականները կը գործածէր, մինչ այժմ տնօրէնն էր որ պատրիարքը պիտի գործածէր, ինչպէս ինքն ալ կը խոստովանէր թէ իբրեւ պատրիարք չպիտի կարենամ բնաւ առանձինն գործել, այլ պիտի գործադրեմ ինչ որ միաբան կ՚որոշուի (89. ՄԻԱ. 465): Նախորդ պատրիարք Եսայիի գործերէն ինչ ինչ մեծ սխալ, եւ ինչ ինչ ամուլ եւ ապարդիւն կը հռչակէր (89. ՄԻԱ. 464), բայց չէր ցուցնէր թէ ինչոflվ ինքը կացութիւնը պիտի բարւոքէ: Իբրեւ նոր եւ գլխաւոր գործ մը` միաբանութեան կ՚առաջարկէր անձնական արդիւնքները յումպէտս չվատնել, այլ կալուածներ գնել կամ շինել, եւ ցորչափ կենդանի են օգուտը վայելել, այլ չվաճառել եւ չփոխանցել որ յետ մահուան աթոռին մնան (89. ՄԻԱ. 465): Յարութիւն պատրիարք այդ գաղափարը օրինակով ալ կը զօրացնէ, զի իր առաջնորդութեան եւ պատրիարքութեան ատենէն ձեռք բերած ու չվատնած եւ շահեցուցած դրամական կարողութիւնը, որ մինչեւ 20. 000 լիրայի մօտեցած կը կարծուի, ամբողջաբար Երուսաղէմի եւ Յոպպէի մէջ շինութեանց տրամադրած էր անդստին Եսայիի փոխանորդութիւնը վարած օրերէն սկսելով, եւ Կ. Պոլիսէ ալ շարունակելով, եւ միշտ յետ մահուան` աթոռին սեփականութիւն դարձնելու պայմանով: Յարութիւն բնական բերմամբ դրամական գործողութեանց սիրահար եւ յաջողակ անձ եղած էր, ինչպէս ճանչցուած էր եւ Մաքսուտեան ալ, եւ ասկէ կը յառաջէր որ երկուքը ձիրքով ու կիրքով իրարու կը մօտենային, Վեհապետեան Մաքսուտեանը գնահատող եւ Մաքսուտեանը Վեհապետեանի սիրելի կը դառնային, եւ Մաքսուտեանի դուռ կը բացուէր Վեհապետեանի միտքին ու կամքին տիրանալու: Նա օգտի եւ դարձուածքի փայլուն երեւոյթներ կը ցոլացնէր, եւ սա համակիր միամտութեամբ ներքինը թափանցելու պէտք չէր տեսնար, եւ չէր զգար կամ թէ չզգալ կը ձեւացնէր, որ երբ ինքը անձնականով վանքը կը ճոխացնէր, Մաքսուտեան ընդհակառակն վանքով անձնականը կը ճոխացնէր: Վեհապետեան թէպէտ 70 տարեկան էր երբ Երուսաղէմի վարչութիւնը կը ստանձնէր, բայց տակաւին միտքով արթուն, կամքով ամուր, գործով առոյգ, եւ բնութեամբ բուռն էր, բայց դրամական գործողութեանց առջեւ զիջող էր, եւ ահա թէ ի'նչպէս կը մեկնուի որ ոչ նուազ քան Եսայի համակերպող եւ հպատակող եղաւ եռեակին ազդեցութեան, որուն վերածուած էր նախկին հնգեակը 2874), զի Վահան Յակոբեանէ ետքը Գաբրիէլ Անոյշեան ալ հետզհետէ իրականութեանց խորը թափանցելով եւ ընկերներուն վարած դերերը ստուգելով կը հեռանար իր նախկին ընկերներէն, թէպէտ միաբանութենէ չէր բաժնուեր, եւ անոր շահերէն չէր ուծանար, ինչպէս ըրած էր Յակոբեան, մանաւանդ թէ նախանձայոյզ մը կը դառնար զեղծումներու դէմ: Եռեակին առանձնայատկութիւններուն մտնելով, դիտելի է որ Խապայեան գրականի եւ վանականի տուած էր ինքզինքը, եւ Երէցեան յարաբերականի եւ ընտանեկանի հետամուտ էր, եւ Մաքսուտեան ազատ կը գտնէր առանձնականի եւ շահադիտականի ասպարէզը, եւ իրեն թողուած ազատութիւնը կը փոխարինէր միւսներուն սիրած եւ նախադասած գետինը ընդարձակելով անոնց առջեւ: Միաբանութեան գալով` երկու տարրներէ կը կազմուէր, հիները եւ նորերը: Հիներ իրենց չափաւորութեան մէջ ամփոփուած` մրցումէ կը խուսափէին ու ցայտուն խօսքերով կ՚օրօրուէին, իսկ նորեր տակաւին անփորձ եւ անձեռնհաս էին եւ կարողագունին կը հետեւէին: Յարութիւն պակսած չէր կարող նորահասներ ունենալու կամքէն, եւ այդ նպատակով Կ. Պոլիս եղած ատեն Երուսաղէմ ղրկած էր եւրոպական համալսարաններուն մէջ զարգացած Ջուղայեցի Թորոս Տէր-Իսահակեանը, եւ անոր ետեւէն ազգային եւ պատմական հմտութեամբը ծանօթ Մարկոս Նաթանեանը, սակայն տակաւին գործունեայ ասպարէզի մտնելու պատրաստներ չէին հասած: Յարութիւն բնական բերմամբ եւ բուռն բնաւորութեամբ դիւրաւ տիրապետուելու անձը չէր, բայց Մաքսուտեանի դարձուածները չլացուցին անոր տեսութիւնը, մանաւանդ որ այդ մասին անոր մրցակից ըլլալու կարողներ չէին գտնուեր իր ձեռքին ներքեւ, եւ ինքն ալ բաւական յոգնած, գործը բոլորովին իր ձեռքը անցունելու աշխոյժը չունէր, եւ կանոնական ձեւերու ալ յարգող էր, նոյն իսկ եթէ իր միտքին համաձայն չըլլային: Այդ կացութեան մէջ սահեցան Վեհապետեանի առաջին սաղիմական տարիները, որոնք իրաւ ի վերջոյ յեղաշրջեցան, եւ Մաքսուտեանի մասին իր տեսութիւնն ու դատողութիւնը փոխուեցան, սակայն այլեւս Վեհապետեանի կորովը բոլորովին կորած էր, եւ Մաքսուտեանի նպատակը լրացած էր: Եղելութեանց մանրամասնութիւնները թողունք առաջիկային:

2945. ՄԱԿԱՐԻ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆՔ

Զանազան աթոռներու անցից մէջ ժամանակագրական համեմատութիւնը պահելու համար պահ մը նորէն կը դառնանք Էջմիածին, Մակարի կաթողիկոսութեան ժամանակ կատարուած գործերէն կարեւորագոյնները յիշատակելու: Սակայն կը կանխենք յայտնել թէ հետաքրքրաշարժ կամ նորալուր բաներ չունինք պատմել: Թէ Մակարի հանդարտ բնաւորութիւնը եւ թէ տարիքին պահանջը չէին ներեր անոր նորանոր ձեռնարկներ յուզել, կամ նորինորոյ ձեռնարկներ փորձել, այլ վարժարանաց եւ ճեմարանի մասին իր առաջին թափը գործածելէն ետքը 2926 եւ 2927), բաւական սեպեց հսկել որ գործեր կանոնաւոր կերպով յառաջեն, բարեկարգութիւնը կարելի եղածին չափ հոգացուի, լաւ գիտնալով որ անգործադրելւոյն դիմել կարելին անարգել է, եւ կեղակարծ ձեռնարկներ հնարաւոր յաջողութիւնները կը ջլատեն: Մակարի շինարար գործերէն յիշատակենք երկուքը, տաճարին նորոգութիւնը եւ տպարանին հիմնարկէքը: Մայրտաճարի շինուածը ոչ միայն շատ մը բեդեկի կարօտ մասեր ունէր, այլեւ ճեղքեր եւ պատռուածքներ ամբողջ շէնքը վտանգեալ կը ցուցնէին, զի Մովսէս Տաթեւացի կաթողիկոսին կատարած նորոգութենէն ի վեր 1645) ուրիշ նորոգութիւն տեսած չէր (88. ԱՐՐ. 288): Ուստի հարկ եղաւ ճարտարներու ձեռքով մանրակրկիտ եւ խղճամիտ զննութիւններ ընել տալ, որոնք կրկնուեցան եւ երեքկնեցան մինչեւ որ հաստատուեցաւ թէ հիմնապէս վնասուած չէ եւ կրնայ նորոգութիւն վերցնել: Նորոգուելիք մասերուն գալով` գլխաւոր երեք կէտեր նկատի առնուեցան. ներքին խոնաւութիւնը դարմանել, տանիքին հաստատութիւնը կատարել, եւ շուրջանակի ճեղքուած եւ տխեղծ մասերը նորոգել: Խոնաւութիւնը հետեւանք էր վանքին բակին մէջ հողին բարձրանալուն, եւ անկէ սկսան նորոգութիւնները, եւ 1888 ապրիլ 6-ին, Մեծպահոց հինգերորդ չորեքշաբթին եւ Մակարի ծննդեան 75-րդ տարեդարձին (88. ԱՐԼ. 1297) սկսաւ վանքին բակին հողը կանգուն մը ցածցնելու գործը, որով տաճարին յատակը շուրջանակի հողէն վեր մնաց, մինչ առաջ երեք ոտք սանդուխով կ՚իջնուէր, եւ ոտք մը սանդուխով վեր ելլելու վերածուեցաւ: Միքայէլ Սալամբէգեան ճարտարապետին յանձնուեցաւ գործը, եւ Ներսէս եւ Սարգիս եպիսկոպոսներ հսկող նշանակուեցան, եւ երբ հողին ցածնալուն պատճառով տաճարին առջեւ գտնուող գերեզմաններ երեւան եկան, Մաղաքիա եւ Մամբրէ եպիսկոպոսներ ալ աւելցուեցան, լռելեայն եւ զգուշաբար անոնք կարգադրելու համար: Տասը հազար մէթր քառակուսի է վանքին բակը, եւ անոր հողերը պարպելը, սալայատակները վերաշինելը, եւ շուրջանակի պատերուն պատուանդանները յարմարցնելը բաւական ընդարձակ գործ մըն էր, որ յաջողութեամբ լրացաւ 1888 ամառուան ընթացքին: Ծախքին համար ամէն կողմեր հրաւէրներ եւ յորդորներ գրուեցան եւ արդիւնաւոր եղան, զի Էջմիածին Հայ ազգին հոգին է, Հայ ազգին սիրտն է, նա ամբողջ ազգինն է, նա բոլոր եկեղեցեաց մայրն է (88. ԱՐՐ. 284, 287): Իսկ նոր տպարանի հիմնարկէքը ծագում առաւ Աստուածաշունչի տպագրութեան պէտքը զգացուելէն, զի Հայ աթոռի մը հսկողութեան ներքեւ հրատարակուած ամբողջ Աստուածաշունչ մը չկար Հայ եկեղեցւոյ պաշտօնէից եւ զաւակաց ձեռք: Սակայն Էջմիածնի տպարանը հին վարժարանի խարխուլ շէնքին մէջ զետեղուած էր, եւ ձեռաց մամուլներով միայն կը գործէր, եւ արագատիպ մամուլի համար հաստատուն շէնք անհրաժեշտ էր: Այսպէս ծագեցաւ ի հիմանց հաստատուն տպարան մը շինելու հարկը, որ հիմնուեցաւ վանքին բակէն դուրս, շէնքն ալ աւարտեցաւ 1889 հոկտեմբերին (89. ԱՐԼ. 1743), եւ բոլոր տպարանական պէտքերու համապատասխանող հաստատութիւն մը եղաւ: Բայց Աստուածաշունչի տպագրութիւնը չգործադրուեցաւ, զի գործադրութիւնը յանձնուած էր Օրմանեանի, եւ նա ալ կանուխէն մեկնած էր 2927): Առաջիկային կրկնուած փորձերն ալ ապարդիւն մնացին, եւ ցարդ մեր եկեղեցին զուրկ կը մնայ իր իշխանութեամբ եւ հսկողութեամբ հրատարակուած Աստուածաշունչ մատեան ունենալէ, որ մեծ պակաս մըն է ստուգիւ: Իրաւ առաջին Ոսկանեան տպագրութիւնը Մայրաթոռոյ հրամանով եւ պաշտօնեաներով կատարուեցաւ, սակայն դժբախտաբար հարազատ Հայ թարգմանութեան վրայ կատարուած չէր 1746): Տաճարի եւ տպարանի երկու գլխաւոր շինութիւններէ դուրս մասնաւոր նորոգութիւններ ալ տեղի ունեցան, սակայն տեղական մանրամասնութիւններով զբաղիլ մեր նպատակէն դուրս է:

2946. ՊԱՐԱԳԱՅԻՑ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Պատմութեանց հետեւողներուն նոր բան մը ըսած պիտի չըլլանք, եթէ յիշեցնենք, թէ ժամանակաց հանգամանքներ փոփոխական են դէմքերու եւ դէպքերու, պէտքերու եւ պարտքերու փոփոխուելուն համեմատ: Այս փոփոխութիւնները երբեմն անզգալի կերպով կը կատարուին, եւ երբեմն ալ յանկարծական կը յեղաշրջուին, ինչպէս եղան Հայութեան գործերը 1889-էն սկսելով, եւ յաջորդաբար աւելի շեշտուելով: Կանուխէն բորբոքած էր Հայութեան մէջ կացութիւնը բարւոքելու եռանդը, բայց միշտ օրինաւոր եւ սովորական ընթացքը պահելով, թէպէտ ըլլար տարբեր չափով եւ աստիճանով տարբեր անհատներու եւ տարրներու վրայ: Այդ եռանդը կրնար մշտատեւ եւ անհրաժեշտ ըլլալ մարդկային զգացմանց մէջ, այլ կան պարագաներ, որ բուռն կերպով կը սաստկացընեն զայն, երբ զանազան պատճառներ իրարու բարդուելով կ՚արծարծեն անոր տենչը, ինչպէս են, ներկայիս անգոհացուցիչ վիճակը եւ ապագային լաւանալուն ակնկալութիւնը: Իրօք ալ այս միջոցին այս տեսակ պարագաներ կը ճշմարտուէին յարաճուն նեղութիւններէն եւ զրկումներէն, եւ կը զօրանային ներսէն ու դուրսէն շռայլուած խոստումներով եւ յայտարարութիւններով, որոնք սակայն գործադրութեան չէին անցներ, եւ հետեւաբար իրականացնելու համար փորձեր կը յաճախէին եւ ստիպումներ կը փորձուէին: Այդ էր երեւումը եւ այդ էր միայն դիտումը, սակայն արդիւնքն ու հետեւանքը տարբեր կ՚ըլլային: Հայութեան վրայ իշխող երկու մեծ տէրութիւնները, օսմանեանն ու ռուսականը, այդ ճիգերուն մէջ ըմբոստութեան նշաններ եւ մեղադրելի շարժումներ կ՚երեւակայէին, եւ իբր թէ անոնք արգիլելու համար զրկումներ եւ զսպումներ ձեռք կ՚առնէին, որոնք կը զայրացնէին նորահաս եւ ձեռնարկու դասակարգերը, եւ սաստիկ խոհեմութեան ու զգուշաւորութեան կը մղէին հանդարտ դասակարգերը, եւ հայ հանրութեան ծոցին մէջ մրցումներ եւ երկպառակութիւններ կը յուզէին: Բնական էր որ Հայութեան երկու մասերուն գլուխը գտնուողներ, Մակար ի Ռուսաստան եւ Խորէն ի Տաճկաստան, խոհական եւ զգուշաւոր ընթացքը նախադասէին, ինչպէս բնական էր նաեւ որ ձեռնարկուներ եւ նորահասներ դժգոհ պիտի մնային երկուքէն ալ, եւ ազգին մէջ ասուլիսներ տարածուէին: Ցորչափ այս խօսքեր ու գործեր ու ձեռնարկներ երկու տէրութեանց սահմաններուն մէջ պարփակուէին, գուցէ տարածուելու դիւրութիւն չունենային եւ չափազանցելու խայծ չգտնային, բայց արտասահմանի դուռները բաց էին, ուր ոչ թէ լոկ դիւրութիւններ եւ գրգռութիւններ, այլեւ համարձակ հրատարակութիւններ եւ ուրիշ միջոցներ կը գտնային, եւ երկու տէրութեանց սահմաններուն մէջ ալ կը տարածուէին: Ահա համառօտագիծ պատկեր մը Հայութեան մէջ յառաջ եկած նորօրինակ երեւոյթներուն, եւ Մակարի ու Խորէնի մասին յայտնուած տարբեր դատաստաններուն բացատրութիւնը: Տաճկաստանի մէջ առանձնաշնորհմանց ամփոփման ձեռնարկները, եւ Ռուսաստանի մէջ դպրոցական օրէնքներու սեղմումները այս պարագաներէ առաջ կու գային, եւ Մակար ու Խորէն կ՚ամբաստանուէին, թէ պէտք եղած չափով դիմադրութիւն չեն ըներ, թէ իրաւանց պաշտպանութեան մէջ կը տկարանան եւ բաղդատութիւններ ու զուգակշիռներ կը կատարուէին երկու աթոռներուն նախորդ եւ այժմեան գահակալներու միջեւ: Մակար տարիքով եւ Խորէն բնոյթով յուզումնալից ձեռնարկներէ հեռու, ներքին կարգադրութեանց կը հետեւէին, այլ եթէ Մակար իր արդարացումը կը գտնէր Ռուսիոյ տիրող օրէնքներուն մէջ, որոնք եկեղեցական իշխանութեան չէին ներեր արտաքին կացութեան գործերով զբաղիլ, այդ արդարացումը չէր գտնար Խորէն, որուն պատրիարքական իշխանութիւնը արտաքին կացութեամբ ալ զբաղելու իրաւասութիւն կու տար, եւ մանաւանդ Խրիմեանի եւ Վարժապետեանի օրերէն ասդին, քանի որ Տաճկաստանի կառավարութիւնն ալ անհակառակ ընդունած էր ընդհանուր բարեկարգութեանց մասին անոնց դիմումներն ու միջամտութիւնները, լսած էր անոնց գանգատները, խոստացած էր անոնց դարմանները, եւ հաղորդած էր իր ձեռք առած միջոցները: Իրօք ալ Խորէն պատրիարք իր մտադրութեան առարկայ ըրած էր միայն պատրիարքարանը 2940), դիւանական գործառնութեանց կարգադրութիւնը (89. ԱՐԼ. 1587), ծննդոց եւ վախճանմանց արձանագրութիւնները (99. ԱՐԼ. 1620), առաջնորդութեանց յարաբերութիւնները (89. ԱՐԼ. 1744), ամուսնական խնդիրները (89. ԱՐԼ. 1749), դրամօժիտի դրութեան խափանումը (89. ԱՐԼ. 1746), առաջնորդներու ընտրութիւնն ու եպիսկոպոսացումը, վանքերու մատակարարութիւնը (89. ԱՐԼ. 1821), եւ եկեղեցականաց պաշտօններուն եւ պարտքերուն մասին պատրաստած ծրագիրը (89. ԱՐԼ. 1904), եւ ներքին կարգադրութեանց համար հրահանգներ եւ շրջաբերականներ կը տեղացնէր, մինչ բարեկարգութեանց գործադրութեան, հարստահարութեանց դադարման եւ միջազգային օժանդակութեանց կէտերը իր տեսութենէն կը վրիպէին, եւ իրեն ընթացքին վրայ դժգոհութիւնները կը սաստկացնէին ժողովուրդին որոշ մէկ բաժինին մէջ, եւ մինչեւ զայրոյթի աստիճան կը բարձրացնէին: Ի լրումն այս պարագայից` գաւառներէ յուզիչ լուրեր կը հասնէին հետզհետէ, եւ Տարոնոյ պատուհասը դարձած Մուսա պէյը դատաստանով կ՚արդարանար եւ տեղը դառնալ կ՚արտօնուէր, եւ յեղակարծ գոյժ մըն ալ Կարինէն կու գար, ուր յունիս 18-ին իսլամ տարրը Հայոց վրայ յարձակում գործած էր աննշանակ կասկածներու պատճառով, եւ արիւնոտ դէպքի տեսարաններ կը պարզուէին ( §ԳՆ. Բ. 9), չնայելով որ միւս կողմէ Հայեր կը բանտարկուէին: Վիճակին առաջնորդը Գէորգ Իւթիւճեան վարդապետ, որ 1890 մարտ 18-ին նոր հասած էր պաշտօնատեղին, այլյայլմէ եղած, երեք ամիսէն ոտքի փոշին թօթուելով կը մեկնէր եւ յուլիս 24-ին Կ. Պոլիս կը մտնէր: Վարչութիւնը անոր հեռանալուն վրայ Խարբերդի առաջնորդ Ղեւոնդ Շիշմանեան եպիսկոպոսը Կարին կը փութացնէր պարտուպատշաճը գործելու եւ վիճակին գլուխ անցնելու: Բայց մայրաքաղաքը այդ լուրերով կը յուզուէր, եւ պատեհէն օգտուելու մտադրութիւն ունեցողներ զայն շփոթութեան մատնելու կը ձեռնարկէին:

2947. ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴԷՊՔԸ

Վերեւ տրուած տեղեկութիւններ բաւական էին կռահել տալու թէ շփոթութեան մը նախօրէքին կը գտնուէր մայրաքաղաքի հայաբնակութիւնը, եւ իրօք ալ այն տեղի կ՚ունենար 1890 յուլիս 15-ին, Վարդավառի դիմացի կիրակին, որ միանգամայն Տաճկաց Գուրպան պայրամին առաջին օրն էր: Նոյն օր կանուխէն կը սկսին Գումգաբու հաւաքուիլ խումբ խումբ ազգայիններ, ընդհանրապէս գաւառացիներ, եւ գաղտնի կուսակցութեան մը յարողներ, որ 1887 դեկտեմբերին Ժընէվի մէջ հրատարակուիլ սկսած Հնչակ ամսաթերթին անունէն ( §ԳՆ. Ա. 127) Հնչակեան կոչուիլ սկսած էին, եւ 1890 տարւոյ սկիզբէն մայրաքաղաքի մէջ ըմբոստ եւ յանդուգն ցոյցերու ձեռնարկող վարիչ մարմին մը կազմած էին ( §ԳՆ. Բ. 7): Այդ մարմինին համոզմամբ իբր թէ մայրաքաղաքի մէջ ցոյց մը` պիտի կարենար Եւրոպան միջամտելու եւ Թուրքիան գործելու բռնադատել. ուստի կ՚որոշեն այդպիսի ցոյց մը կազմակերպել ( §ԳՆ. Բ. 9-11), պահանջմնագիր մը կը պատրաստեն ժողովուրդին մէջ ցրուելու, եւ կը խորհին զայն յուզումնալից կերպով հրապարակ հանել, եւ պատրիարքին ձեռքով կայսեր ներկայացնել տալ: Ցոյցին գործադրութիւնը յանձերնին կ՚առնեն Յարութիւն Ճանկիւլեան Վանեցի եւ Համբարձում Պօյաճեան Հաճընցի, կեղծ անունով Կայծիկ եւ Մուրատ, այլ վերջին պահուն առաջինը կ՚ըլլայ թէ պահանջմնագիրը առաւօտեան ժամերգութեան ատեն Մայրեկեղեցւոյ մէջ կարդացողը, եւ թէ պատրիարքը մահուան սպառնալիքով եւ ատրճանակներու ցուցադրութեամբ դէպի կայսերական պալատը երթալու ստիպողը, մինչ երկրորդը ամբոխին մէջ դիտողի եւ հսկողի դեր կը վարէ: Մուսա պէյի գործը, Կարինէ եկած գոյժը, գաւառներէ տեղացող լուրերը, եւ կառավարութեան հետ վարուած պատրիարքարանի առանձնաշնորհութեանց խնդիրը, պատրաստուած ցոյցին հիմը կը կազմէին, եւ ամբոխը պահանջելու կը մղէին որ պատրիարքը իրենց առջեւն իյնայ եւ պահանջմնագիրը կայսեր ներկայացնէ: Յայտնի է որ նա չէր կրնար այս տեսակ պատրաստութեամբ կայսեր ներկայանալ, եւ կը ջանար գործին ձեւը փոխել եւ ամբոխը ցրուել, եւ մինչեւ իսկ խոստանալ միւս օրը պաշտօնական այցելութեան առթիւ գրուածը տանիլ ( §ԳՆ. Բ. 29): Այդ բուռն ցոյցերու կարգին կայսեր կողմէ չորսուկէս ամիս առաջ նուիրուած 2942) զինանշանի վրայ կը խոյանար Ճանկիւլեան, ու վար առնելով կը ջախջախէր: Պատրիարքը ճարահատած եւ մահուան սպառնալիքին ներքեւ շուարած, բռնութեան հպատակելով տեղի կու տար, եւ ամբոխը հետը պատրիարքարանէ կը մեկնէր: Գիտցողներ կը հաւաստեն թէ պատրիարքական փոխանորդ Ներսէս վարդապետ Ասլանեան ցոյցին պատրաստութեան լուրն ունէր օրեր առաջ, բայց իբրեւ հեռաւոր պարագայ մը իմացուցած էր պատրիարքին, եւ սա ալ նոյն կերպով հաղորդած էր ոստիկանութեան նախարարին ( §ԳՆ. Բ. 43), բայց ճիշդ օրը պատրիարքին չէր զեկուցած, որ եթէ իմացած ըլլար, գուցէ նախազգուշական միջոցներ ձեռք առնէր: Գումգաբուի ժխորը լսելուն վրայ` ոստիկանութիւնը տեղւոյն վրայ կը հասնէր, երբ արդէն պատրիարքն ու ամբոխը դէպի Քատըրկա յառաջացած էին, գնացքը հասած տեղը կը կեցնէր, եւ պատրիարքը յոյնի մը մերձակայ տունը կը տարուէր, իրեն հետ Ճանկիւլեանն ալ, որ պատրիարքին պաշտպանութեան դերը ստանձնած էր, ամբոխէն 27 գլխաւորներ կը ձերբակալուէին ( §ԳՆ. Բ. 117), եւ նոյն տան մէջ հարցաքննութիւններ եւ հետազօտութիւններ կը սկսէին, որոնց կը նախագահէր Տէրվիշ փաշա` կայսեր յատուկ հրամանով զի կայսրը որ նոյն պահուն պայրամի հանդիսական արարողութեանց մէջ կը գտնուէր, եւ պահ մը շուարած էր կարծելով թէ մի' գուցէ տաճկական խլրտում մը ըլլայ, հազիւ կը հանդարտէր երբ Հայոց կողմէ մասնակի շարժում մը ըլլալը կը ստուգուէր: Ասով մէկտեղ նոյն ժամայն ոստիկանութեան նախարար Քեամիլ պէյը պաշտօնանկ կ՚ըլլար, ժամանակին արթուն չգտնուելուն համար եւ դատաստանի կ՚ենթարկուէր, եւ Նազըմ պէյ անոր կը յաջորդէր (90. ԱՐԼ. 1950): Եկեղեցւոյ մէջ թուղթ կարդացողը եւ թուղրան կոտրողը կը փնտռուէին, իբրեւ շարժումին պետերը, նոյն իսկ Ճանկիւլեանի առջեւ, որ հանդարտօրէն նստած էր պատրիարքին մօտ, մինչեւ որ երկուքն ալ նոյն իսկ ինքն եղած ըլլալը ականատեսներէն կը վկայուէր, եւ նա ալ ձերբակալութեան եւ հարցաքննութեան կ՚ենթարկուէր պատերազմական ատեանի առջեւ եւ սպարապետի նախագահութեամբ ( §ԳՆ. Բ. 47-51), մինչ լրագիրներ Գումգաբուի մէջ անտեղութիւններ տեղի ունեցած ըլլալէն աւելի բան չէին կրցած գրել (90. ԱՐԼ. 1949): Աշըգեան իր բնակարանը դառնալէն ետքը ինքզինքը տկար եւ հիւանդ զգալով, միւս օր յուլիս 16-ին դրան գործակատարին միջնորդութեամբ պայրամի շնորհաւորութիւնը կը մատուցանէր կայսեր եւ նախարարաց (90. ԱՐԼ. 1951), եւ քանի մը օր ետքը յուլիս 20-ին պատրիարքութենէ հրաժարականը կը հաղորդէր մեծ եպարքոսին (90. ԱՐԼ. 1954): Ակնյայտնի էր որ Աշըգեանի հրաժարականը այս պարագայից մէջ չէր կրնար ընդունուիլ կառավարութենէն, ինչպէս յուլիս 28-ին իրեն ալ կը հաղորդուէր (90. ԱՐԼ. 1961), բայց Աշըգեան հրաժարականը կը կրկնէր յուլիս 31-ին (90. ԱՐԼ. 1963), եւ այս անգամ Գազազեան Յակոբ փաշա նախարարին կը յանձնուէր զինքն համոզել (90. ԱՐԼ. 1963), բայց Աշըգեան կը պնդէր: Միւս կողմանէ սաստիկ հետապնդութեամբ յառաջ կը տարուէր զինուորական ատեանին դատավարութիւնը, եւ վերջապէս օգոստոս 8-ին վճիռը կը հրատարակուէր, որով Յարութիւն Ճանկիւլեան կամ Ճիհանկիւլեան մահուան, եւ կայսերական ներմամբ ցկեանս բերդարգելութեան, եւ ուրիշ երեք անձեր 15 եւ հինգ ալ 5 տարուան բերդարգելութեան կը դատապարտուէին (90. ԱՐԼ. 1969), 16 հոգի ալ անպարտ կ՚արձակուէին (90. ԱՐԼ. 1972) բայց ապագային համար սաստիկ սպառնալիքներ կը հրատարակուէին (90. ԱՐԼ. 1969): Նկատողութեան արժանի է որ դատապարտեալներէն երկուքը յոյներ էին: Դատապարտութեան հիմ կը կազմէր ապստամբութեան գաղափարը եւ Թուրքիոյ մէկ մասը օսմանեան իշխանութենէ հանելու նպատակը, զոր տաճիկ լրագիրներ ալ կը կրկնէին, թէպէտ այսպիսի գաղափարի կամ նպատակի մը գոյութիւնը թէ ամբաստանեալներուն կողմէն հերքուած էր ( §ԳՆ. Բ. 108-110), եւ թէ հայ լրագիրները կը բողոքէին (90. ԱՐԼ. 1960): Դատապարտելոց Կ. Պոլիսէ մեկնիլը տեղի ունեցաւ սեպտեմբեր 15-ին ( §ԳՆ. Բ. 151) Խաչի պահոց հինգշաբթիին, եւ տարբեր բերդաքաղաքներ որոշուած էին իւրաքանչիւրին, իսկ Ճանկիւլեանի վիճակած էր Աքքեայի կամ հին Պտղոմայիսի խիստ բանտը:

2948. ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆ ԵՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Աշըգեանի երկրորդ հրաժարականի մերժումը իրեն հաղորդուեցաւ օգոստոս 8-ին (90. ԱՐԼ. 1970), բայց նա երրորդ անգամ հրաժարագիր մատոյց օգոստոս 16-ին (90. ԱՐԼ. 1975), որչափ ալ ըսողներ կային թէ հրաժարականի խնդիրը փակուած ըլլայ (90. ԱՐԼ. 1972), սակայն խնդիրը աւելի ընդարձակութիւն առած էր, զի ոչ եւս Գումգաբուի դիպուածն էր անոր դրդիչը, այլ պատրիարքարանի առանձնաշնորհութեանց սեղմումը կամ զլացումը, որով կը զբաղէր Յունաց պատրիարքարանն ալ, եւ որուն համար Հայոց պատրիարքարանի համագումար եւ խառն ժողովներ ալ յաճախ գումարումներ կ՚ունենային, եւ կրօնից նախարարութեան հետ յիշատակագիրներ կը փոխանակուէին, վարչական մարմիններն ալ պատրիարքը կը քաջալերէին հրաժարականին վրայ պնդել, եւ Ընդհանուր ժողովն ալ հրաժարականի խնդիրը ճարտար կերպով կը յետաձգէր, մինչեւ որ գլխաւոր խնդիրը լուծման մը յանգէր (90. ԱՐԼ. 1975): Օգոստոս 19-ին կայսեր գահակալութեան տարեդարձը պիտի տօնուէր, ուստի երկու օր առաջ կայսերական հրաման մը նախարարութեան կը պատուիրէր Հայոց պատրիարքարանի պահանջներուն վերջ տալ հնարաւոր գոհացումներով, եւ այդ նպատակով յանձնաժողով մը կազմել, ինչպէս որ կանուխէն այդ մտադրութիւնը Տատեան Յարութիւն փաշայի միջնորդութեամբ ալ պատրիարքին հաղորդուած էր: Իսկ 18-ին թիկնապահ մը պատրիարքը պալատ կը հրաւիրէր (90. ԱՐԼ. 1977), ուր կայսերական քարտուղար Սիւրէյա փաշա պաշտօնապէս կը հաղորդէր եղած կարգադրութիւնները, եւ մանաւանդ գաւառացի Հայերուն անդորրութեան եւ ապահովութեան համար ձեռք առնուած միջոցները, որոնց մասին պատրիարքը գոհութիւն յայտնելով յանձն կ՚առնէր հրաժարականին վրայ չպնդել եւ պաշտօնավարութիւնը շարունակել, եւ 19-ին շնորհաւորութեան ուղերձին հետ շնորհակալութիւն ալ կը մատուցանէր կայսեր առաջին սենեկապետին ձեռքով, ինչպէս նախընթաց օրէն խառն ժողովոյ անդամներուն ալ ծանուցած էր (90. ԱՐԼ. 1976): Յունաց պատրիարքարանը` հաստատուն ելք մը ձեռք ձգելու համար` կը շարունակէր առանձնաշնորհութեանց բանակցութիւնները, իսկ կառավարութիւնը բաւական կը սեպէր եւրոպական տէրութեանց մօտ դեսպաններուն ծանուցանել Հայոց պատրիարքարանի խնդիրներուն կարգադրուած ըլլալը (90. ԱՐԼ. 1980): Ընդհանուր ժողովն ալ օգոստոս 24-ին եղած բանակցութեանց եւ թղթակցութեանց ծանօթանալէ ետքը հրաժարականի խնդիրը փակուած կը նկատէր, մինչ միւս կողմէն Հայոց եւ Յունաց պատրիարքարաններու խնդիրներուն համար որոշուած պետական յանձնաժողովին պաշտօնապէս կը լսուէր (90. ԱՐԼ. 1983): Բայց յանկարծ համագումարի տեղեկատու յիշատակագիրին կրօնից նախարարութենէ ետ դարձուիլը միտքերը կը շփոթէր, եւ պատրիարքը կրկին վերադարձնել կը պարտաւորուէր (90. ԱՐԼ. 1985), եւ վրդովելէն դարձեալ հրաժարականի միտքը կը յղանար, յանձնաժողովի հրաւէրին չէր պատասխաներ, եւ սեպտեմբեր 1-ին նոր հրաժարական մը կը ղրկէր կառավարութեան, եւ երեսփոխանութեան ալ կը հաղորդէր (90. ԱՐԼ. 1989): Աշըգեան աճապարած էր պալատան քարտուղարին բերանացի յայտարարութեանց վրայ գրով շնորհակալութիւն մատուցանել, եւ երբ պաշտօնական գործողութիւնք խոստումներուն համապատասխան չէին եղած, դժուարին կացութեան մատնուած կը գտնուէր, եւ նոր հրաժարականով կը ջանար կացութիւնը դարմանել: Վարչական կրկին ժողովներու ատենապետութեանց հրաժարականներն ալ այդ միջադէպին հետեւանքն էին, մինչ միւս կողմէն Մուսա պէյ որ Մուշ դառնալու համար ճամբայ ելած էր, հսկողութեամբ ետ կը բերուէր (90. ԱՐԼ. 1989): Կացութիւնը տակաւ կը կնճռոտէր պետական յանձնաժողովին կողմէ Հայոց խնդիրներուն համար կտրուկ որոշում չտրուելովը, որուն կը հետեւէր վարչութեան խմբովին հրաժարականը (90. ԱՐԼ. 1993): Սեպտեմբեր 7-ին Ընդհանուր ժողով կը գումարուէր, որուն նախապէս կը հաղորդուէր պետական պաշտօնագիր մը որ որեւէ ցոյցի դէմ սպառնալիքներ կը յայտնէր, քանի որ պետական յանձնաժողովը, եւ Աշըգեանի պատրիարքութիւնը հիմնովին խախտած տեսնելով անոր հրաժարականը կ՚ընդունէր 47 ներկայից 37 քուէով, իսկ վարչութեան հրաժարականը կը մերժէր (90. ԱՐԼ. 1995), թէպէտ վարչութիւնը չէր յօժարեր գործի գլուխ դառնալ: Պատրիարքական փոխանորդ Ասլանեան վարդապետն ալ ինքզինքը մեղադրանաց ենթարկեալ կը տեսնէր, եւ նա ալ հրաժարականով կը քաշուէր (90. ԱՐԼ. 2026), եւ գործադիր իշխանութեան ոչ մի ներկայացուցիչ չէր մնար պատրիարքարանի մէջ, եւ միայն եկեղեցական համագումարը մերթ ընդ մերթ կը գումարուէր, թէպէտ սահմանադրապէս ոչ մի գործադիր իրաւասութեան տէր չէր: Կառավարութիւնն ալ կը զգար այդ անկերպարան գիրքին վերջ տալու ստիպողականութիւնը, եւ հիմ մը ունենալու համար պետական յանձնաժողովի նիստերը յաճախակի կը կրկնէր, որպէսզի պաշտօնական ծրագիրի մը վրայ քալած ըլլայ: Յունաց պատրիարքարանն ալ իր պահանջումներն ունէր, սակայն նա զերծ էր Հայոց պատրիարքարանին կողմէ առջեւ դրուած բռնադատական եւ հարստահարական գործերէն, եւ պարզապէս իրաւասական կէտեր էին, որոնք դիւրաւ իրենց լուծումը կը գտնէին, իսկ Հայոց առաջարկները քաղաքական պարագաներ ալ ունէին, եւ կասկածներու տեսակէտով կը նկատուէին, եւ կացութիւնը կը կնճռոտէին: Յուլիս 15-ի դիպուածը չէր մոռցուած եւ ոստիկանութիւնը, ապստամբողական շարժումի մը դիմաց գտնուելու իրական կամ ենթադրական կասկածի հիմամբ, ձերբակալութիւնները կը շարունակէր, եւ որեւէ ազգային երգի թերթ մը կամ կուսակցական թղթիկ մը բաւական կ՚ըլլայ աննշանակ անհատներ դատարաններու առջեւ հանելու եւ դատապարտութեան ենթարկելու, միշտ Թուրքիոյ մի մասը օսմանեան կառավարութենէն անջատելու կարծեցեալ յանցանքով, եւ այս նպատակին դէմ կազմուած օրինական յօդուածին զօրութեամբ (90. ԱՐԼ. 2036, 2048, 2051), թէպէտ ոչ ամբաստանեալներ եւ ոչ ամբաստանութեան ծառայող փաստեր այսպիսի գաղափարներ չէին պարունակեր, եւ հայաբնակ գաւառներու աղէտալի կացութիւնը բարեկարգութիւն մտցնելու դիտումէն անդին չէր անցներ: Հայ տարրին դարաւոր նախընթացը, եւ օսմանեան տարրին եւ կառավարութեան հետ սերտ սիրով եւ գործունեայ շահով կապուած ըլլալը պէտք էր այլապէս թելադրէր գործի գլուխ գտնուողները (90. ԱՐԼ. 2049, 2062), եւ գոնէ առերեւոյթ խոստումներով սիրաշահելու, եւ ոչ թէ անհիմն խոստումներով ուծացնելու եւ խրտչեցնելու, որ հարկաւ աւելի միտքերը շփոթելու պիտի առաջնորդէր:

2949. ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ԼՈՒԾՈՒՄԸ

Պատրիարքարաններու առանձնաշնորհմանց խնդիրները քննելու պաշտօն ունեցող յանձնաժողովը յաճախ գումարումներով եզրակացութեան մը կը յանգէր, եւ իր որոշումները վերջապէս հոկտեմբեր 13-ին Հայոց պատրիարքարանին կը հաղորդուէին (90. ԱՐԼ. 2024), եւ 19-ին պատճէնն ալ պաշտօնապէս կը հրատարակուէր (90. ԱՐԼ. 2029): Տրուած որոշումներն հետեւեալներն էին: 1. Առաջնորդներու փոփոխութիւնը ու տեղափոխութիւնը միշտ պատրիարքարանի խորհրդակցութեամբ եղած է, այնպէս ալ պիտի շարունակուի, յանցանքի մը գործադրութեան պահուն ձերբակալուածներէն զատ: 2. Եկեղեցականաց բանտարկութիւնը եթէ պարտքի համար է` պատրիարքարանի կամ առաջնորդարաններու մէջ կը գործադրուի. եթէ պատժական պատճառով ձերբակալուած են, հարցաքննութեան միջոցին կառավարական պաշտօնատան մէջ առանձինն կը պահուին. վճիռէն ետքը եթէ թեթեւ յանցանքով դատապարտուած են` դարձեալ պատրիարքարանի կամ առաջնորդարաններու մէջ կը գործադրուի. իսկ եթէ ոճիրի կամ եղեռնի համար դատապարտուած են, կարգալոյծ կ՚ըլլան եւ պատիժը հասարակաց բանտի մէջ կը գործադրուի: Զինուորական օրէնք հրատարակուած ատեններ եւ տեղեր բացառութիւն չըլլար: 3. Եկեղեցականներուն քաղաքական կամ պատժական դատարաններուն առջեւ երդնուլ պէտք եղած ատեն, պատրիարքարանի կամ առաջնորդարաններու մէջ պիտի կատարուի համաձայն մասնաւոր օրինական տրամադրութեանց: 4. Բաժնուած ամուսիններու պարէնի վճիռները պատրիարքարանէ եւ առաջնորդարաններէ կը տրուին եւ պետական պաշտօնէութեան ձեռամբ կը գործադրուին: Եթէ դատապարտուած կողմէն անկարողութեան առարկութիւն ըլլայ, դարձեալ պատրիարքարանի եւ առաջնորդարաններուն պիտի հաղորդուի, եւ յետ քննութեան անոր բարեփոխուած կամ հաստատուած վճիռը անխափան պիտի գործադրուի: 5. Ժառանգական դատերու մէջ ազգակցական կամ խնամիական տեղեկութիւններն ու որոշումները պատրիարքարանի եւ առաջնորդարաններուն պատկանիլը ընդունուած է, եւ ըստ այնմ դատարաններու ալ հրահանգ պիտի տրուի: 6. Ազգային հաստատութեանց եւ մատակարարութեանց համար յօժարակամ եւ մասնաւոր նուէր տուողներուն արգելք չի դրուիր, բայց տոմսակներ ցրուելով հանգանակութիւն բանալու համար պէտք է կառավարութեան հաղորդուի եւ արտօնութիւն ստացուի: 7. Կրօնական ու կրթական ու բարեգործական նոր շինութեանց համար կառավարութենէ արտօնութիւն ստանալ սկիզբէն ի վեր հաստատուն օրէնք է: Իսկ վերեւ յիշուած 3-րդ կէտին մասին սեպտեմբեր 29-ի թուականով շրջաբերական հրահանգը հոկտեմբեր 26-ին կը հրատարակուէր (90. ԱՐԼ. 2034): Ինչպէս յիշեցինք ազգային գործադիր իշխանութեան բացակայելուն պատճառով, համագումարը զբաղեցաւ տրուած որոշումներով հոկտեմբեր 16-ին, եւ յանձնաժողովի մը յանձնեց անոնք ուսումնասիրել եւ տեղեկագրել, անգամ նշանակելով Խրիմեան, Նարպէյ, Իզմիրլեան, Ալէաթճեան եւ Սրուանձտեանց եպիսկոպոսները, Ասլանեան ու Արշարունի վարդապետները, եւ Տէր-Սարգիսեան ու Մկրեան քահանաները (90. ԱՐԼ. 2026): Յանձնաժողովը քանիցս գումարուելով ուզուած տեղեկագիրը պատրաստեց, եւ հոկտեմբեր 31-ի համագումարին նիստին ներկայեց, որ ամբողջովին ընդունուեցաւ եւ ստորագրուեցաւ (90. ԱՐԼ. 2050): Տեղեկագիրին պարունակութիւնը համակերպութիւն էր` տրուած որոշումներուն, իբր զի կային ապագայն ապահովող կէտեր: Իսկ վերապահուած մասեր պետական ձեւակերպութեանց ընդհանուր սկզբունքներէն օտար չէին: Պատրիարք քաշուած կը մնար քանի որ իր հրաժարականը Ընդհանուր ժողովէն ընդունուած էր, սակայն կայսրն ու նախարարութիւնը ընդունած չէին, եւ կառավարութեան կողմէ ստացած յանձնարարութեամբ շարունակ Աշըգեանի հետ խորհրդակցութեան մէջ էին Սիմէոն Մաքսուտեան եւ Աբիկ Ունճեան, որ զայն պատրիարքարան դարձնելու կերպը որոշեն, ուսկից պէտք է ըսել թէ Աշըգեան ալ հեռու չէր, մանաւանդ որ պետական յանձնաժողովոյ անդամներն ալ նոյն միտքով էին եւ իրենց որոշումներն ալ գոհացուցիչ կը տեսնուէին: Իրաւ, որոշումներէ դուրս ուրիշ կէտեր ալ կային. զոր օրինակ, դպրոցականն ու առաջնորդականը, որոնք գլխաւորապէս Յունաց պատրիարքարանէն առաջարկուած եւ որոշման ենթարկուած էին, բայց Հայոց հաղորդուած պաշտօնագիրին մէջ յիշուած չէին, այլ պատրիարքը բաւականացած էր բերանացի բացատրութեամբ թէ Յունաց հետ համահաւասար կ՚ըլլայ գործադրութիւնը: Կայսեր միտքը հանդարտելու համար պետական հայ պաշտօնեաներէն 36 հոգի, Յակոբ եւ Աբրահամ եւ Յարութիւն փաշաներ գլուխնին, նոյեմբեր 28-ին հայ ազգին դարաւոր հաւատարմութիւնը երաշխաւորող, եւ ապօրէն հրատարակութեանց եւ գործողութեանց համարձակողներուն ամենափոքր եւ յանուն ազգի խօսելու կամ գործելու հանգամանք չունեցող խմբակ մը ըլլալը յայտարարող ուղերձ մը կը ներկայէին, որ վեհապետական գոհունակութեան կ՚արժանանար (90. ԱՐԵ. 532-534): Նմանօրինակ հանրագիր մըն ալ Զմիւռնիայէ կը հասնէր հարիւրէ աւելի ազգայիններու ստորագրութեամբ (90. ԱՐԼ. 2105): Վերջապէս համաձայնութիւնը կը գոյանար եւ Աշըգեան իբրեւ պատրիարք Ապտիւլհամիտ կայսեր կը ներկայանար նոյեմբեր 29-ին, եւ լիաբերան գոհունակութեան ուղերձ մը կը կարդար, եւ պաշտօնի մէջ կը վերահաստատուէր կայսերական հրամանով (90. ԱՐԼ. 2063), երեսփոխանութեան հաճութենէն առաջ, ճիշդ ինչպէս Վարժապետեանի հանդիպած էր 2864), եւ ժամանակին Աշըգեանի կողմէն քննադատուած էր: Կայսերական հրամանով նոյնպէս հրաժարեալ վարչութիւնն ալ գործի կը դառնար (90. ԱՐԼ. 2064), խառն ժողովը նիստ կ՚ունենար դեկտեմբեր 5-ին, եւ Ընդհանուր ժողովն ալ, որուն գումարումները վերին հրամանով յետաձգուած էին (90. ԱՐԼ. 2030), դեկտեմբեր 14-ին կը հաւաքուէր եւ իր քուէով կը վաւերացնէր պատրիարքին վերահաստատուիլը, եւ կ՚ողջունէր վարչութեան գործի դառնալը, եւ Աշըգեան սրտեռանդն եւ լիաբերան գոհունակութեան եւ ուրախութեան ճառ մը կը խօսէր (90. ԱՐԼ. 2026): Իբրեւ հաշտարար քաղաքականութեան նշանակ նոյն օրեր, Կարնոյ դիպուածին առթիւ բանտարկեալները 2946) ներմամբ կ՚արձակուէին (90. ԱՐԼ. 2018), եւ այսպէս կը փակուէր յուլիս 15-ին սկսած միջադէպը, որ զանազան պարագաներ իրարու շղթայուելով մինչեւ դեկտեմբեր 14 հինգ ամիս ամբողջ պատրիարքարանը անտէր անտէրունչ վիճակի մատնած էր, եւ բաւական դժպհի կացութեան պատճառ եղած էր: Աշըգեան գործի գլուխ կը վերադառնար, բայց ոչ զօրացած զի ընդհանուր կարծիքը եւ համակրութիւնը իրեն կը պակսէր, եւ պետական որոշմանց մէջ զգալի բարւոքում չէր տեսնուեր, բերանացի խոստումներն ալ գործադրութիւն չէին ունենար, դպրոցական խնդիրներ աւելի դժգոհութեան քան թէ գոհունակութեան առիթ կ՚ընծայէին: Տխուր տպաւորութիւն կը գործէր նախկին պատրիարք Խրիմեանի պետական հրամանով Երուսաղէմի բռնադատեալ ուխտաւորութեան պարտաւորուիլը, ուր պիտի մեկնէր նոյեմբեր 22-ին (90. ԱՐԼ. 2056), այլ տկարութեանը պատճառով քանի մը օր եւս յապաղելով, կը նաւէր դեկտեմբեր 20-ին (90. ԱՐԼ. 2080), որ է ըսել Աշըգեանի գործի գլուխ անցնելէն քանի մը օր ետքը:

2950. ԱՇԸԳԵԱՆԻ ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ

Ինչ որ այդ պարագաներու մէջ Աշըգեանի վրայ կը դիտուէր տկարամտութիւնն էր եւ վարչական կորովի ու ճարտար վարմունքի պակասութիւնը, որ իր հրաժարականին ստուար մեծամասնութեամբ ընդունուելուն ալ պատճառ եղած էր 2948): Աշըգեանի տկար մտայնութիւնը աւելի եւս կը յայտնուէր քաշուած օրերուն մէջ գրիչի առած Կենցաղ Եկեղեցականաց գրուածովը, զոր գործի գլուխ անցնելէն ետքը 1891 տարւոյ սկիզբները հրատարակութեան կու տար: Այս գրութեամբ ուզած էր նա եկեղեցականութեան ապրելու եւ գործելու ուղեցոյց մը ընծայել, եւ կոչումն, վսեմութիւն, համեստութիւն, հեզութիւն, կենցաղավարութիւն, ուսումնասիրութիւն, ժողովրդասիրութիւն, նախանձայուզութիւն, աշխարհուրացութիւն, եւ կարգապահութիւն գլուխներու ներքեւ ( ԿԵՆ. 213) պարզած էր իր տեսութիւնները, եւ իբր նուէր կը ցրուէր եկեղեցականութեան մէջ (91. ԱՐԼ. 2139): Գնահատելի էր գործը պարզ բարոյականի տեսակէտէն, զի իբրեւ կատարեալ վանական, լոկ հոգեւորական եւ գրեթէ ճգնողական ընթացք մը կը թելադրէր (90. ԱՐԼ. 2169), այլ զանց եղած էր վարչական ու յարաբերական կենցաղագիտութիւնը, զի եւ ոչ իսկ նկատի կ՚առնուէին կուսակրօն եւ ամուսնացեալ եկեղեցականներուն ազգային տեսակէտները, եւ այդ կողմէն ունեցած պարտաւորութիւններն ու պատասխանատուութիւնը: Աշըգեան կը պահանջէր որ եկեղեցականը աշխարհականի հետ որեւէ շփումէ մինչեւ իսկ տեսակցութենէ ալ խորշի, եւ նոյն իսկ կուսակրօններուն փակեղին վերի մասին մանուշակագոյնէ սեւի փոխուիլը, աշխարհասիրութեան վտանգ կը մեկնէր ( ԿԵՆ. 48), չյիշելով որ նախապէս ինքն իսկ սեւը իբր կրօնաւորութեան գոյն յանձնարարած էր ( ԿԵՆ. 46), եւ մոռանալով կամ մոռնալ կեղծելով, այդ փոփոխութեան առիթ տուող միջադէպը 2859): Աշըգեան իր գործին մէջ կուսակրօն եւ ամուսնացեալ եկեղեցականութեան կոչումները նկատի կ՚առնէ, եւ ուր որ կը զատէ անորոշ կը թողու անոնց ազգային կեանքի մէջ ունենալիք դերերը: Իր գրիչին ներքեւ միշտ կը տիրեն ներքին առաքինութեան եւ արտաքին ուրացութեան զգացումները, որոնք իրաւ արհամարհուելու չեն, այլ պատրիարքի մը ստորագրութեամբ հրատարակուած հեղինակութեան մը մէջ հարկ էր ազգային կեանքի եւ վարչական պահանջի եւ եկեղեցական պաշտօնի պահանջներն ալ բացատրուած տեսնել: Աշըգեան իր յանձնարարած հոգւոյն տղայութենէն ի վեր հետեւող եւ վանական կեանքի ունակութեամբ ապրող, երկարամեայ պատրիարքութեան փորձառութենէ ետքն ալ իր զգացումներն ու գործունէութեան կերպը չփոխեց, թէպէտ անոնց դժպհի հետեւանքներուն ալ ենթարկուեցաւ, եւ իր պատրիարքութեան 1891 տարւոյ գլուխէն սկսող երկրորդ մասն ալ առաջին մասին ճշգրիտ կրկնութիւնն եղաւ, որով ոչ ինքն կանոնաւոր պաշտօն կրցաւ վարել, եւ ոչ իր պաշտօնավարութիւնը ազգին համար կանոնաւոր արդիւնաւորութիւն ունեցաւ: Չենք ուզեր ծածկել թէ տիրապետող կուսակցութեան յախուռն եւ անխոհական քայլերը մեծ դեր ունեցան ազգային կեանքին վրայ հասնող դժպհի պարագայից մէջ, եւ չենք ալ ուրանար թէ պետական շրջանակներու անհիմն կասկածները եւ չափազանցեալ տեսութիւններով զօրացած ձեռնարկները եւս քանզեւս գրգռեցին դժնդակ պատահականութիւնները, այլ միայն կ՚ուզենք շեշտել, թէ երկու ծայրերուն մէջ միջնորդի դեր վարող եւ յարաբերութեանց պաշտօնեայ եղող անձին վրայ պարտաւորութիւն կը ծանրանար ամուր ու ճարտար, գործնական ու պատահական միջոցներով կացութիւնը մեղմացնել եւ յարաբերութիւնները քաղցրացնել, եւ ոչ թէ վերացեալ սկզբունքներու պատասխանատուութենէ զերծ համարել: Ահա ընդհանուր գիծերով Աշըգեանի պատրիարքութեան 1891-է 1894 երկրորդ մասին նկարագիրը, զոր անաչառ կերպով ներկայել պատմագիրի պարտք համարեցինք: Մենք չենք ուզեր պաշտօնական անձերու ներքին զգացումներուն դատաւոր ըլլալ, զի պատմութիւնը պարզապէս եւ սոսկապէս եղելութիւններով կը զբաղի ու ոչ մտածումներով, եւ երբեք չէինք ուզեր Աշըգեանի ներքին դիտումներով զբաղիլ: Սակայն այդ մասին ալ երեւան եկած ինչ ինչ նշաններ մտաւորական վարանմանց առիթ կ՚ընծայէին, երբոր միտք կը բերուի թէ իր բերանին մէջ ստէպ կը յեղյեղուի կայսեր կողմանէ խոստացուած մատանիի մը նուէրը, որուն հասնելու ճիգերով գործելու յորդոր տուողներուն կը պատասխանէր, թէ պատրիարքութենէ հրաժարելէն ետքը հանգստեան թոշակի պետական շնորհքը վտանգելէ կը զգուշանար: Աշըգեանի պատրիարքութենէն նոր դիպուածներու մտնելէն առաջ դարձեալ կ՚անցնինք Մայրաթոռոյ եղելութեանց:

2951. ՄԱԿԱՐԻ ՎԵՐՋԻՆ ԳՈՐԾԵՐԸ

Մակար կաթողիկոս 78 տարեկան եղած, տակաւին միտքով ժիր էր եւ մարմնով առոյգ կ՚երեւէր. եւ մանաւանդ իր բարձր պաշտօնին գիտակցութիւնը զինքն օրէօր ազգային եկեղեցւոյ նախանձախնդիր եւ իրաւանց պաշտպանութեանը աւելի խիզախ դարձուցած էր: Միւս կողմէն կայսերական գահուն եւ հայրապետական աթոռին յարաբերական գործերը աւելի շեշտուած ձեւ առած էին 2946), եւ ինչչափ ալ Պետրբուրգ երթալով ռուսաց կայսեր ներկայացած (88. ԱՐԼ. 1250-1253), եւ անոր Կովկաս գալուն առթիւ խնդրամատոյց եղած էր (89. ԱՐԼ. 1636) բայց ակնկալեալ յաջողութիւնները ոչ միշտ եւ ոչ կատարեալ գոհացուցիչ արդիւնք կը ստանային: Նոյն միջոցին ռուսական կառավարութիւնը Հայ դպրոցներու համար յատուկ կանոնագիր մը հրատարակեց, որով թէպէտ դպրոցներուն վերին հսկողութիւնը եւ ընտրութիւնը կաթողիկոսին եւ անմիջականը առաջնորդներուն կը յանձնուէր, սակայն ուսուցչաց փակեալ ցանկը եւ ծրագիրին պարտաւորիչ պարունակութիւնը կառավարական հաճութեան կ՚ենթարկուէր (89. ԱՐԼ. 1628): Նշանակալից էր գլխաւորապէս Հայոց պատմութեան առանձինն դասին պակասը (89. ԱՐԼ. 1669): Երբ Կովկասի կառավարչապետը յատկապէս Էջմիածին գալով կանոնագիրը կաթողիկոսին կը յանձնէր եւ անոր տեսութիւններն ու առաջարկները կը հարցնէր, Մակար ոչինչ բառի չոր պատասխանէն աւելի բան մը չէր ըսեր (89. ԱՐԼ. 1636), բայց կը ստիպուէր կանոնագիրը գործադրութեան դնել (89. ԱՐԼ. 1614), եւ բացատրութեան համար ինչ ինչ հրահանգներ ալ կը հրատարակէր (90. ԱՐՐ. 517-521): Զրոյցներ ալ կը լսուէին թէ Մակարի առաջարկուած լինի Հայոց եկեղեցին ռուսականին հետ ձուլել. սակայն անհիմն զրոյց էր` Մակարը անուանարկելու հետամուտ խմբակէն յերիւրուած (90. ԱՐԵ. 90), որ չէր հաստատուած (88. ԱՐԼ. 1450): Պետական վարժարաններու մէջ Հայոց կրօնքին ուսումը ռուսերէնով աւանդելու եւ կաթողիկոսը կրթական հսկողութեան դերին մէջ ըստ ամենայնի Կովկասի կրթական վերատեսուչին ենթարկելու հրամաններ տրուած էին, բայց Մակար այդ մասին պէտք եղած դիմումներով կրցած էր հրամաններուն գործադրութիւնը կասեցնել, եւ ուսուցչաց փակեալ ցանկին համար ալ հինգ տարուան պայմանաժամ ստացած էր նոր պահանջուած հանգամանքները չունեցողներն ալ գործածելու (89. ԱՐԼ. 1585): Վերջին դիպուածներու կարգին անցողակի յիշենք Մակարի պարսից Շահին ներկայանալը Տփղիսի մէջ (89. ԱՐԼ. 1609), եւ Շահին փոխադարձաբար Էջմիածին այցելելը (89. ԱՐԼ. 1700), ինչպէս նաեւ երկու սարկաւագներու ուսումնական զարգացման համար Էջմիածինէ առաջին անգամ Գերմանիա յղուիլը, Կարապետ Տէր-Մկրտչեանը աստուածաբանական եւ Սողոմոն Սողոմոնեանը երաժշտական ճիւղի համար (89. ԱՐԼ. 1723), իբր գործնական փաստ մը Մակարը հնօրեայ գաղափարներով տոգորուած եւ յառաջադիմութեան անփոյթ կարծողներու դէմ, թէպէտ այդ մասին ճեմարանի համար ցուցած ջանքն ալ 2927) բաւական էր իբր փաստ ծառայել: Մակար կաթողիկոս իր ընտրութենէն սկսելով շարունակ դժպհի պարագաներու հանդէպ գտնուելու դժբախտութիւնն ունեցաւ, եւ մանաւանդ իբր երկրորդ ընտրելի ներկայանալով առաջին ընտրեալ եղած ըլլալը զինքն դատափետելու եւ անարգելու պատրուակ դարձաւ որոշ խմբակի մը ձեռք: Որչափ ալ իր գերազանց խոհեմութիւնը եւ մեղմօրինակ վարմունքը զինքն իբր ռուսական կառավարութեան կոյր գործակից կարծել կու տար, սակայն արդէն պատմուած անցքեր ցուցուցին, թէ ոչ հլու համակերպող եւ ոչ ալ դիմումներէ եւ դիմադրութենէ խորշող մըն էր, եւ եթէ ոչ լիուլի գոնէ գոհացուցիչ արդիւնքներ ձեռք ձգած էր: Իրեն յանցանքը չէր ստուգիւ որ ինչպէս անգամ մը յիշեցինք 2946), ազգին մէջ երեւան եկած տարբեր շարժումներ եւ շփոթ պարագաներ ռուսական կառավարութիւնն ալ զսպողական եւ զրկողական միջոցներ ձեռք առնելու թելադրեց, որոնք աւելի շեշտուած ձեւ մը առին 1891 տարւոյն մէջ: Պետրբուրգի նախարարութիւնը Կովկասի կառավարչութեան հետ ալ խորհրդակցելով եւ ուզելով Հայոց գործերէն կասկածելի անձերը հեռացնել, թէ հին ձեւերը նորոգելու եւ թէ նորեր աւելցնելու որոշումներ կը հաղորդէ կաթողիկոսին 1891 մարտի սկիզբը: Այս կարգին դարձեալ կը յիշուին. 1. Հայոց դպրոցներու մէջ ճեմարանաւարտներուն եւ թեմականաւարտներուն ուսուցչութիւնը արգիլել մինչեւ որ յատկապէս կառավարութենէ արտօնուին: 2. Հայոց լեզուէն եւ կրօնքէն զատ ամէն առարկայ ռուսերէնով աւանդել Հայ դպրոցներու մէջ. 3. Պետական դպրոցներու մէջ Հայոց կրօնքն ալ ռուսերէնով աւանդել: 4. Հայոց եկեղեցական կալուածները կառավարութեան յանձնել` փոխարէն պաշտօնէից թոշակ եւ ծախուց գումար ստանալու պայմանով: 5. Էջմիածինի աթոռին պատկանող գիւղերուն տասանորդի կամ արդիւնքի հասոյթը յարքունիս գրաւել` դրամական փոխարինութեան պայմանով: 6. Դատարաններու առջեւ ելլողներուն դատաստանական երդումը ռուսերէն լեզուով ընել տալ: 7. Քաղաքական շարժումներու մասնակցող եկեղեցականները անմիջապէս ձերբակալել, դատել եւ պատժել, կաթողիկոսին տեղեկութիւն տալէ առաջ (91. ԱՐԵ. 323-326): Այդ հրամաններուն վերջինը յայտնապէս կը ցուցնէ թէ ի'նչ կը դիտէին եւ ի'նչպէս գրգռուած էին բոլոր այդ որոշումները որոնք նոր ալ չէին, եւ հին կարգադրութեանց կրկնումներ եւ ժամանակաւոր թոյլատրութեանց դադարում էին:

2952. ՄԱԿԱՐԻ ՄԱՀԸ

Ինչ ալ ըլլային այդ եղելութեանց արժէքը կամ նշանակութիւնը, Մակար վրդովուեցաւ` երբոր բաւական ճիգ թափելէ ետքը եւ քիչ ու շատ յաջողութիւն ձեռք ձգելէ ետքը, ինքզինքը պարտաւորուած տեսաւ նորէն բուռն ջանքեր եւ սաստիկ ճիգեր ձեռք առնելու: Միաբանութիւնն ալ կը զգար այդ վրդովման տագնապը, բայց անով կը հանդարտէր որ կաթողիկոսը թէպէտ ծերացած` բայց ժիր էր իւր գործողութիւններում եւ նորա դատողութիւնների եւ գրութիւնների մէջ արտափայլում էր մտաց կատարեալ թարմութիւն (91. ԱՐՐ. 228 ԻԹ ): Այդ անցուդարձերու հետեւանօք ապրիլ 8 երկուշաբթի առտու Մակար մասնաւոր խորհրդակցութեան հրաւիրած էր Սուքիաս ու Ներսէս ու Սարգիս եպիսկոպոսները, Նահապետ Աբեղան, որ է նոյնինքն ճեմարանի տեսուչ Արշակ Նահապետեանը, եւ Արարատի խմբագիր Պետրոս Սիմէոնեանը, եւ անոնց կը հաղորդէր մարտ 7-ի կառավարական պաշտօնագիրին հետ իր պատրաստած պատասխանը, որ Նահապետեանի կը յանձնուէր ռուսերէնի վերածելու: Այս գիրին օրինակը ապրիլ 4 թուականով անագան լոյս տեսաւ, որ կիրակի նման զօրաւոր գրութիւն մըն է (91. ԱՐԼ. 2273): Ապրիլ 9 երեքշաբթի կը զբաղէր անձնական դիւանի գործերով, գիրերը կը կարդար եւ պատասխանները կը թելադրէր, որոնց կարգին էր քաջալերական կոնդակ մը եւ շքեղազարդ պանակէ մը Խորէն պատրիարքին, եւ վարդապետական լանջախաչ մը Ամերիկայի հոգեւոր հովիւ Սարաճեան Յովսէփ վարդապետի: Չորեքշաբթի 10-ին վանական գործեր կը կարգադրէր, պաշտօնեաներ կը հրահանգէր, եւ գրութիւններ կը թելադրէր: Իսկ հինգշաբթի 11-ին զբաղեցաւ երկուշաբթիի խորհրդակցութեան մէջ որոշուած ռուսերէն յիշատակագիրով, եւ կառքով անտառ գնաց թէ օդ առնելու եւ թէ ջրուղիներու մաքրութիւնը զննելու, որուն կը հսկէին Սուքիաս եւ Ներսէս եպիսկոպոսները: Ուրբաթ 12-ին սինոդական գործեր քննեց, բժշկի հետ խորհրդակցեցաւ եւ կէսօրէն ետքը բաղանիս մտաւ: Ապրիլ 13-ին շաբաթ օր նախարարութեան յղուելիք պատասխանը ստորագրեց, որ գեղեցիկ գրուած մը կոչուած է ( ԶԱՄ. Բ. 179), ժամերով տեսակցեցաւ գաւառապետին եւ պրոկուրորին հետ, Միքայէլ Նիկոլայէվիչ կայսերեղբօր ամուսնոյն մահուան առթիւ ցաւակցական հեռագիր ուղղեց, Սուքիաս եպիսկոպոսի հետ հին գործողութեանց մասին խօսակցեցաւ, եւ լուսարարապետ Երեմիա եպիսկոպոսին յաջորդ օրուան պատարագին եւ հոգեհանգիստին համար հրահանգներ տուաւ: Ապրիլ 14 Ծաղկազարդի կիրակիին քիչ մը թուլութիւն զգալուն եկեղեցի չիջաւ, բայց դիւանական եւ վանական գործերով կրցաւ զբաղիլ, պաշտօնեաներ ընդունեցաւ եւ հրահանգեց, եւ օրուան քարոզիչ Մակար Բարխուդարեան վարդապետի հետ երկար խօսակցութիւն արեց: Ապրիլ 15 Աւագ երկուշաբթի օր նախընթաց օրից աւելի առոյգ դրութեամբ զբաղուեց սովորական գործերէ զատ նախարարէն հասած մարտ 21 թուակիր նոր գրութեամբ մը, որուն մի ընդարձակ եւ գեղեցիկ պատասխան պատրաստած էր ( ԶԱՄ. Բ. 179), եւ որուն պատճէնը անագան երեւցաւ ապրիլ 14 թուականով (91. ԱՐԼ. 2240), եւ ստորագրուած գրութեան առաքումը յետաձգեց, որ նոր թուղթին պատասխանին հետ միասին յղուի, զոր ստիպաւ նոյն օր ռուսերէնի վերածել եւ լրացնել հրամայեց: Նոյն երեկոյին վեհարանի մէջ երկար շրջագայութիւն կատարելէ ետքը, ժամը եւրոպական 9-ին ընթրեց եւ վայելեց ամենայն ախորժանօք իւր շաթրների ներկայութեան, եւ ժամը 10-ին ննջարան կը քաշուի կատարեալ հանգստութեամբ, մինչեւ իսկ իրեն մօտ հսկող գիշերապահը զայն բոլորովին առողջ տեսնելով նոյն երեկոյ իր տունը կը մեկնի: Ապրիլ 16-ին Աւագ երեքշաբթի առտուն վեհարանի ծառայողներ զանգակի ազդարարութեամբ կը մտնեն կաթողիկոսի ննջասենեակը, որ կը ծանուցանէ թէ քէֆս լաւ չէ, եւ թեթեւ թէյ մը կ՚ուզէ, բայց դեռ չմատուցուած սենեկապանին խառնաշփոթ աղաղակը կը լսուի: Հետզհետէ կը հասնին ծառայողներ, վարդապետներ, եպիսկոպոսներ, որոնք տարօրինակ նուաղումը տեսնելով կազդուրելու եւ զօրացնելու միջոցներ եւ դեղեր կը գործածեն (91. ԱՐՐ. 228 ԻԹ - ԼԲ ), բժիշկն ալ հասնելով զօրաւոր դեղեր բերել կու տայ, բայց եւ միանգամայն դրութիւնը անյուսալի կը յայտարարէ, եւ իբր կէս ժամէն, առաւօտեան ժամը 7ուկէսին Մակար կաթողիկոս հոգին կ՚աւանդէ (91. ԱՐՐ. 228 ԼԴ ): Ինչպէս տեսնուեցաւ նա մինչեւ վերջը երեւոյթով առողջ էր, բայց կանուխէն սիրտի ընդլայնում եւ արիւնի նուազութիւն ունէր, եւ վերջին պաշտօնագիրները զինքն սաստկապէս յուզած էին, մանաւանդ եկեղեցականաց մասին սպառնալիքը, եւ տագնապը օրէօր զօրացած էր: Այսօրինակ պարագաներու մէջ սիրտի հիւանդութիւն ունեցողներուն սովորական է յանկարծական պայթումով կեանքերնին վերջացնելը: Նոյնը հանդիպած էր եւ Մակարի, որուն մասին թունաւորուած ըլլալու ենթադրութիւնն ալ պակաս չեղաւ ( ՍՈՒ. 32), զոր ժողովրդական կասկածը միշտ կը կցէ ամէն յանկարծական մահերու, զորս սակայն աւելի ճշդութեամբ կանխաւ պատրաստուած բայց անտեսուած մահեր պէտք էինք կոչել, քան յանկարծական անակնկալներ: Աւագ երեքշաբթիէն մինչեւ Զատկի օրը մարմինը պահուեցաւ վեհարանի մէջ, եւ միայն ապրիլ 21-ին Զատիկի երեկոյին մեծահանդէս պատրաստութեամբ եւ ծիսական հանգիստներով տարուեցաւ Մայրտաճարը, եւ երեկոյեան ժամերգութեամբ արարողութիւնը փակուեցաւ: Իսկ միւս օր ապրիլ 22 Զատիկի մեռելոցի երկուշաբթի առտուն պատարագ մատուցուեցաւ, օծումը կատարուեցաւ եւ մարմինը թաղուեցաւ Մայրտաճարի զանգակատան հարաւային սիւնին մօտը, Դանիէլ եւ Ներսէս կաթողիկոսներու գերեզմաններուն հանդէպ: Տխուր հանդէսին նախագահեց Երեմիա եպիսկոպոս Գալըստեան Սինոդի նախանդամ եւ տեղապահ, պատարագեց եւ օծեց Սարգիս եպիսկոպոս Տէր-Գասպարեան` իրմէ ձեռնադրուածներէն ներկայ երիցագոյնը, եւ դամբանական խօսեցաւ Արիստակէս եպիսկոպոս Դաւթեան` նոյնպէս իրմէ ձեռնադրուած: Ժողովուրդին բազմութիւնը, ընդհանուր յարգանաց նշանները, հեռուէն եկող պատգամաւորները (91. ԱՐՐ. 228. Թ - ԺԱ ) եւ ամէն կողմէ տեղացող ցաւակցական հեռագիրները (91. ԱՐՐ. 228. ԺԷ - ԻԸ ) վկայութիւններ եղան հանգուցելոյն արդեանց եւ արժանեաց:

2953. ԱՐԴԻՒՆՔՆ ՈՒ ԱՐԺԱՆԻՔԸ

  Մակար կաթողիկոս մահուանէ 10 օր առաջ լրացուցած էր իր 78 տարիները, եւ ընտրութենէն հաշուելով վեց տարիէ 5 օր պակաս եղած էր իր կաթողիկոսութիւնը, զի ապրիլ 6-ին ծնած, եւ 21-ին ընտրուած էր, եւ 16-ին ալ վախճանեցաւ: Ապրիլը նորա կեանքին մէջ ուրիշ նշանակութիւն ալ ունեցած էր, զի նոյն ամսոյ 12-ին սարկաւագ ձեռնադրուած էր, 30-ին սինոդի անդամ անուանուած, 12-ին ծայրագոյն աստիճան ստացած, եւ 2-ին Տփղիս քննիչ յղուած էր. ապրիլը երկար ապրելուն ալ բարեգուշակ եղած էր: Մակար կաթողիկոս կարգ ըստ կարգէ ուսումնական եւ վարչական պաշտօններու ամենէն ալ անցած էր, եւ կարեւոր պատգամաւորական յանձնարարութիւններ ալ կատարած էր, մասնակցած էր Մայրաթոռոյ շուրջը դարձող ամէն նշանաւոր գործողութեանց, եւ երբեք պաշտօնի մը մէջէն ձախողուածով չէր ելած, թէպէտ յաճախ դժուարութեանց հանդէպ գտնուած էր: Հանդարտ խոհականութիւնը, ծանրաբարոյ վարմունքը, պատկառազդեցիկ կերպարանը, իրեն նկարագիրը կը կազմէին, անխոնջ աշխատասիրութեան հետ միացած: Իր անունը երբեք ստգտանաց կամ գորովանաց չէր հանդիպած մինչեւ կաթողիկոսական հաստատութիւնը, երբ ազգային իրաւանց պաշտպանութեան քօղին ներքեւ զայն անարգել ձեռնարկեցին առաջին ընտրելի նկատուած Մելքիսեդեկի անձնական բարեկամները: Բայց այդ պարագայն չէր կրնար ոչ մի կերպով Մակարի անձնականին վերագրուիլ, եւ ինչ որ այդ մասին գրուեցաւ կամ զրուցուեցաւ Մակարի անձին կամ Մակարի բարեկամներուն գաղտնի մեքենայութեանց մասին, իրաւունք վաստակելու մարմաջով յերիւրուածներ էին: Մելքիսեդեկի չհաստատուելուն պատճառը, ինչպէս քանիցս ըսինք աւելորդ չենք կարծեր անգամ մըն ալ կրկնել, լոկ քաղաքային կամ ոստիկանական էր. զի ռուսահպատակ ծնած ռուսական օրինաց հակառակ հեռացած եւ հպատակութիւն փոխած էր, եւ ռուսական կառավարութիւնը չէր կրնար ոչ ռուսահպատակ ճանչնալ եւ ոչ նորէն ռուսահպատակութեան անցունել. եւ քանի որ պօլօժէնիէի տրամադրութեամբ եպիսկոպոս մը անընտրելի հռչակելու իրաւունք չունէր, անընդունելի ըլլալը ժամանակին յայտնած էր, եւ Մելքիսեդեկ այդ յայտնութեան վրայ լիուլի քուէ ստացած էր, որպէսզի ընտրելիներէն միոյն չէզոքանալովը միւսը հաստատուի, Մակարը կամ Խրիմեանը, որոնց շուրջը կը դառնար մրցումը, եւ Մակար` Խրիմեանէ երեք քուէ աւելի ստանալով` իրօք առաջին ընտրելի կը դառնար: Այս պարագային մէջ Մակարի անձը նշանակութիւն չունէր, եւ ինքն ալ յանձնառութենէ տարբեր ճամբու չէր կրնար հետեւիլ. զի եթէ հաստատութենէն առաջ կամ յետոյ հրաժարէր ալ, Մելքիսեդեկ չէր հաստատուեր. մինչ երեք տարիէ ի վեր թափուր մնացած աթոռը նոր տագնապի մը մատնուած պիտի ըլլար, որ Հայ եկեղեցւոյ ճշմարիտ շահուն հակառակ էր, իսկ Մակարը չճանչնալը եկեղեցին պառակտելու դաւաճանութիւն եղած պիտի ըլլար: Մակար կաթողիկոսութեան յանձնառու ըլլալովը ոչ թէ անձնահաճ կամ փառասէր ձգտումներ ունեցած պէտք է ըսուի, այլ մանաւանդ եկեղեցասիրութեան եւ ազգասիրութեան գործ մը կատարած պիտի համարուի (91. ԱՐԼ. 2180): Կաթողիկոսութենէն առաջ վարած կեանքն ու գործունէութիւնը ոչ ուրեք եւ ոչ երբեք մեղադրանաց ներքեւ ինկած ըլլալուն, անոնց վրայ խօսիլ իսկ չենք ուզեր. իսկ կաթողիկոսութենէն ետքը կատարած պաշտօնավարութիւնը կատարելապէս արդարացուցած է իր արժանիքը: Ամենէն դժնդակ պարագաներու մէջ աթոռ բարձրացած, ռուսական կառավարութեան հակակիր տրամադրութեանց հանդէպ կանգնած, ազգայնոց ոմանց յարուցած անխոհեմ եւ աննպատակ շարժումներուն տխուր հետեւանքներուն ենթարկուած, ընդհանուր համակրութիւնը խանգարելու կամ նուազելու համար թափուած գրգիռներէ շրջապատուած, նա կրցաւ տակաւին կացութիւնը բարւոքել հնարաւորութեան սահմանին մէջ. կորսուածէն բան մը ձեռք ձգել յաջողեցաւ, իսկ գտնուածէն եւ ոչ մի բան ձեռքէ չհանեց. աղմկալից եւ խրոխտաձայն ձեռնարկներ չյուզեց, բայց եւ պատշաճ դիմադրութեան մէջ պակասաւոր չգտնուեցաւ, ներքին կարգապահութեան եւ բարեկարգութեան արթուն հսկեց, ուսումնական եւ կրթական կարեւոր ձեռնարկներ կատարեց, եւ իրեն յանձնուած աւանդը գտածէն լաւագոյն վիճակի հասուց եւ այնպէս թողուց: Իր մահը անկեղծ վիշտ եւ ճշմարիտ կորուստ նկատուեցաւ ամէն կողմերէ, եւ իր երդուեալ հակառակորդներն իսկ մահուանէ ետքը խոստովանեցան թէ որչափ ալ անոր հաստատութեան դէմ շարժուեցան ու մաքառեցան, սակայն կը մաղթէին որ աւելի երկար ապրէր (91. ԱՐԵ. ): Հայ եկեղեցւոյ հաւատարիմ պաշտպանութեան համար ունեցած համոզման կը վկայէ Լեւոն ԺԳ. պապի կոնդակին առթիւ 1888 դեկտեմբեր 8-ին հրատարակած ընդհանրականը, որպէսզի հայ ժողովուրդը չխաբուի օտարներու քարոզութիւններէն (89. ԱՐՐ. 65). իսկ ազգային իրաւանց պահպանութեան համար ունեցած նախանձայուզութիւնը վկայելու բաւական կ՚ըլլայ ռուսերէն երդումը արգիլելու համար քահանաներու ուղղած շրջաբերականը (91. ԱՐԼ. 2178): Իր մասին զանազան առիթներով գրածներուս իբր կնիք պիտի աւելցնենք թէ մօտէն տեսակցութեամբ կազմած գաղափարներու հաստատութիւնը կը գտնենք մահուանէ ետեւ իր անունին շուրջը տարուէ տարի կազմուող յարաճուն գնահատութեանց եւ գովաբանութեանց մէջ, համաձայն ժողովրդական առածին, որ ճշմարիտ բարիին յարգը կորուստէն ետքը կը ճանչցուի:

2954. ՄԱՀՈՒԱՆԷ ԵՏՔԸ

Գէորգ կաթողիկոս իր կեանքին վտանգը նախատեսած ատեն, աթոռին ապագան ապահովելու համար սինոդականութեան կոչած էր Մակարը, որպէսզի աթոռոյ պարապութեան միջոցին խելահաս մէկ մը ըլլայ անոր պահապան կանգնողը, որչափ ալ ինքն իր կենդանութեան Մակարի համակիր եւ բարեացակամ եղած չըլլար 2886): Մակարի պակսեցաւ այդ նախատեսութիւնը, գուցէ մօտալուտ չտեսաւ իր վախճանը, եւ տեղապահութիւնը վիճակեցաւ սինոդականաց երիցագոյն եւ նախանդամ Երեմիա եպիսկոպոս Գալստեանի, որ Կաթողիկէին փակակալը կամ Էջմիածնի լուսարարապետն էր միանգամայն: Երեմիա ոչ զարգացմամբ, ոչ կարողութեամբ, ոչ լայնախոհութեամբ, եւ ոչ ուղղամտութեամբ օժտեալ մէկ մը չէր. վարուց ուղղութիւնն իսկ կասկածներու ենթարկուած էր: Անակնկալ փառքը զինքը շլացուց, եւ միանգամայն պատասխանատուութեան բեռը տանելու համար նեցուկ փնտռելու մղեց, եւ այդ կերպով իրեն յարեցաւ կամ թէ ինքն յարեցաւ Արիստակէս եպիսկոպոս Սեդրաքեանի, որուն կարողութիւնը հնար չէր ուրանալ, բայց միանգամայն բուռն կիրքերէ տիրապետուած ըլլալն ալ, մեծամեծ ձգտումներէ եւ սաստիկ զայրոյթէ մղուիլն ալ յայտնի էր, որոնց տեղի տուած էին Մակար կաթողիկոսի հանդէպ իր ցուցադրած հակառակութիւնը, եւ Մակարի զայն Տփղիսի առաջնորդութենէն հեռացնելը: Երբոր Մակար ոչ եւս էր, Սեդրաքեանի առջեւը նոր ասպարէզ կը բացուէր, եւ շատ դիւրին տեսաւ իրեն յանկուցանել տկարամիտ տեղապահը, որ սկսած էր կաթողիկոսանալու երազով օրօրուիլ: Սեդրաքեան ձեռնարկեց անոր այդ ձգտումները մշակելով` տեղապահութիւնը իրեն գործիք դարձնել, զի իրեն դիւրին էր վերջին վայրկեանին առաջնութիւնը իրեն վրայ դարձնել: Ահա թէ ի'նչ հիմամբ եւ ի'նչ նպատակով կը կազմուէր Գալստեան-Սեդրաքեան համաձայնութիւնն ու գործակցութիւնը, թէպէտեւ իրարու համամիտ չէին իրենց իսկական եւ ներքին նպատակին մէջ: Յաջողութեան միակ միջոց ընտրեցին տիրող պետութեան համակրութիւնը. եւ զայն վաստակելու համար ապահով կերպն էր անհակառակ համակերպութիւնը, մանաւանդ թէ ինքնայօժար գործակցութիւնը եւ ինքնանուէր ծառայութիւնը, քանի որ Մակարի վերջին տարիները, եւ նոյն իսկ վերջին օրերը, դիմադրութեան ճիգերով անցած էին, եւ կառավարութիւնը չէր կրնար անտարբեր ըլլալ անձնամատոյց ծառայութեան հանդէպ, որով պիտի կարենային գործադրուիլ եւ իրականանալ բոլոր նոր առաջարկները 2951): Այդ նոր երեւոյթին քաջալերիչ եւ հովանաւորող էր Էջմիածնի պրոկուրորը, Գանչելի անուն հայրենագէտ Վրացի մը, որ Հայ եկեղեցւոյ օգուտին զգացումն ալ չունէր, զոր միշտ ունեցած էին հայազգի պրոկուրորները, վերջընթեր Նիկողայոս Յովսէփեանի բացառութեամբ 2927): Այդ դարձուածները յաջողցնելու համար հարկ եղաւ տեղապահական պաշտօնավարութեան ձեռնհասութիւնները ընդարձակել, Մակարի ժամանակէն մնացած գրութիւնը հիմնայատակ քանդել, աթոռին եւ աթոռական գործոց նոր ուղղութիւն տալ, մէկ խօսքով բացարձակ տիրապետութիւն գործածել, թէպէտեւ պօլօժէնիէի հոգիէ եւ տիրող կանոնէ եւ գործադրուած սովորութենէ ցուցուած տեղապահական ձեռնհասութիւնը կը փակուէր պարզ պահպանութեան շրջանակին մէջ, նախորդ կաթողիկոսէ թողուած կացութիւնը անփոփոխ եւ անայլայլ յանձնել յաջորդ կաթողիկոսին: Ընդհակառակն Երեմիա առջի օրէն սկսաւ իբրեւ ժամանակաւոր կաթողիկոս ձեւանալ ( ՍՈՒ. 49), առանց սինոդի, առանց խորհրդակցութեան եւ նոյն իսկ սինոդի կարծեաց եւ որոշմանց հակառակ տնօրէնութիւններ փոփոխել, անուանումներ կատարել, եւ գլխաւորապէս Սեդրաքեանը սինոդականութեան մտցնել, համարձակ կրկնելով այդ իմ գործս է, այդ մասին հաշուատու չեմ ( ՍՈՒ. 86), բացատրութիւններ, զորս Գէորգ ալ, Մակար ալ չէին համարձակած գործածել: Սինոդականներ որ գործերու կանոնաւորութեան նախանձայուզութիւնը կը կրէին, պիտի չկրնային անտարբեր աչքով նկատել այդ ընթացքը, եւ շուտով հրապարակ ելաւ տեղապահի եւ սինոդականաց անհամաձայնութիւնը: Ընդդիմութեան գլուխ կանգնողն էր Աստապատցի Սուքիաս եպիսկոպոս Պարզեանց, իրեն աջակից ունենալով Վաղարշապատցի Ներսէս եպիսկոպոս Խուտավէրտեանը, որոնց համամիտ էին Սարգիս Տէր-Գասպարեան եւ Արիստակէս Դաւթեան եպիսկոպոսներն ալ: Պարզեանց բուռն գործի եւ համարձակ խօսքի տէր, եւ ակնածութեանց հանդէպ ապստամբ բնոյթ ունեցող անձ մը, սկսաւ խօսքն ու գործը չխնայել` ուզելով չափաւորել տեղապահին ընթացքը եւ արգելք դնել քմահաճ կարգադրութեանց: Իսկ Խուտավէրտեանց թէպէտ բնութեամբ հանդարտ ու մեղմիկ, բայց հաստատամտութեամբը ազդեցիկ գործիչ մըն էր եւ զօրաւոր գործակից: Խնդիրը հետզհետէ գործնականէն օրինականին անցնելով վէճեր ու բանակռիւներ սկսան թէ օրինակաflն է, որ Սինոդի նախանդամը միանգամայն եւ կաթողիկոսական տեղապահ համարուի, առանց ուրիշ պայմանի, թէ իflնչ սահմանների մէջ են պարփակուած տեղապահի իրաւունքները, թէ դպրոցներ նրա բացարձակ իրաւասութեան ենթարկվոflւմ են արդեօք ( ԶԱՄ. Բ. 179), թէ իflնչ պայմաններով կրնան պաշտօնէից փոփոխութիւններ կատարուել. այս եւ այլ սրանց հետ կապուած խնդիրներ, որոնք յայտնի խռովութիւնների պատճառ դարձան ( ԶԱՄ. Բ. 179): Երբոր Սեդրաքեան-Գալստեան-Գանչելի ընկերակցութիւնը իր ընթացքը օրէնքով արդարացնելու կերպը չգտաւ, եւ իր ընդգրկած ուղղութենէն ետ դառնալու ուղղամտութիւնը չունեցաւ, ձեռք զարկաւ այսպիսեաց սովորական եղող քսութեանց եւ մատնութեանց միջոցներուն, եւ առաջինին թելադրութիւնը, երկրորդին բողոքը, եւ երրորդին պաշտօնական ընթացք տալը` բաղձացուած լուծումը պատրաստեցին, եւ ընդդիմութեան պարագլուխներուն աքսորը երրեակ ընկերակցութեան յաղթանակը պսակեց:

2955. ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԱՔՍՈՐԸ

Մակարի մահուանէ վեց ամիս ետքը, 1891 հոկտեմբեր 14-ին Խաչի հինգերորդ երկուշաբթին, կէսօրէն ետքը, Վաղարշապատ քաղաքը յանկարծ զինուորական դիրք ստացաւ, եւ Էջմիածնայ վանքը պաշարման ենթարկուեցաւ, երբ միաբանութիւնն անկասկած ոչ եղելութեան լուրն ունէր, եւ ոչ ալ այսպիսի անօրինակ դիպուած մը միտքէն կ՚անցունէր: Ներս մտնող զինուորական հրամանատարը Պարզեանց եւ Խուտավերտեանց եպիսկոպոսներու սենեակները 12-ական զինուորներով հսկողութեան ներքեւ առաւ, եւ իրենց ներկայանալով պաշտօններնէն դադարած ըլլալնուն, եւ սեպտեմբեր 19-ին արձակուած բարձր հրամանով (91. ԱՐԼ. 2337) անմիջապէս որոշուած աքսորավայրերը մեկնելնուն պատուէրը հաղորդեց: Իսկ Տէր-Գասպարեան եւ Դաւթեան եպիսկոպոսներու մօտ ալ երթալով` տեղապահին իշխանութիւնը յարգել ազդարարեց (91. ԱՐԼ. 2333): Վաղարշապատցի ժողովուրդը այլայլմէ եղած փողոցներն էր թափուած, միաբաններ շփոթած խուցերնին էին քաշուած, տեղապահը եւ գործակիցը իբրեւ թէ չկային (91. ԱՐԼ. 2332): Ներսէս որ միանգամայն գանձապահ էր, սինոդականներէ ոմանց ներկայութեամբ արկղը կը յանձնէ, որ կը կնքուի առանց հաշիւ նայելու (91. ԱՐԼ. 2329): Հապճեպ պատրաստութեան համար հազիւ ժամ մը կամ երկու կը տրուի, եւ օրը մթնալէն ետքը երկու եպիսկոպոսները, առանց տեսակցելու եւ առանց հրաժեշտի ողջոյնի, զինուորներէ շրջապատուած վանքէն կը հանուին, եւ զատ զատ կառքերու մէջ կը զետեղուին, եւ ամէն յարաբերութիւններէ եւ հաղորդակցութենէ արգիլուած ու հսկողութեան ներքեւ ճամբայ կ՚ելլեն դէպի Երեւան: Վաղարշապատեցի հետեւողներ որեւէ տեսակցութեան կամ խօսակցութեան կերպ չգտնելով յուսաբեկ ետ կը դառնան (91. ԱՐԼ. 2332): Հնար չէր ենթադրել որ Գալստեան եւ Սեդրաքեան անտեղեակ եղած ըլլային, ուստի նշանակալից կը դառնար իրենց անտարբերութեան ցոյցը: Գիշերով առանց Երեւանի մէջ կենալու կամ յարաբերութիւն ընելու կառքերը ճամբանին կը շարունակեն կայարանէ կայարան ձիերը փոխելով մինչեւ կը հասնին երկաթուղւոյ գլուխը, ուսկից անդին անհաղորդ բաժիններու մէջ զետեղուած, Տփղիսի մէջէն ալ առանց կենալու եւ առանց հաղորդակցութեան կ՚անցնին, մինչեւ կը հասնին Պաթում, եւ անկէ ծովագնացութեամբ կ՚ելլեն Օտեսա, ուսկից կ՚առաջնորդուին իրենց համար որոշուած աքսորավայրերը, Խուտավերտեանցը Պոլտավա եւ Պարզեանցը Արեօլ կամ Օրէլ. երկու զուտ ռուսաբնակ եւ հայ չգտնուող քաղաքներ, ուր կը մնան ամբողջ տարի մը խիստ հսկողութեան ներքեւ (91. ԱՐԼ. 2332): Անլուր դիպուածը բովանդակ հայութեան մէջ շփոթութեան եւ գայթակղութեան նիւթ եղաւ, ու Ռուսահայեր, մանաւանդ Տաճկահայեր սկսան համարձակ գաղափարներ յայտնել անօրինակ եղելութեան մասին, որոնք անչափ եւ քօղարկեալ, սակայն չէին կրնար ծածկուած մնալ (91. ԱՐԼ. 2326-2339): Հրատարակուած տեղեկութիւններ եւ մեկնութիւններ հաճելի չէին կրնար ըլլալ Գալստեան-Սեդրաքեան գործակցութեան, եւ այդ նպատակով փութացին ընդարձակ պաշտպանողական մը հրատարակել, Էջմիածնի պաշտօնական ամսագրի 1892 փետրուարի համարին մէջ (92. ԱՐՐ. 139-170), իբր թէ երեւան հանելով Պարզեանցի եւ Խուտավերտեանցի ապօրէն գործերը, եւ արժանապէս պատժուած ըլլալնին հետեւցնելով: Սակայն աղքատ ջատագովութիւններ եւ կցկտուր մեղադրանքներ աւելի եւս կը հաւաստեն եղելութեան թաքուն նպատակը եւ անցուդարձերուն հեղինակները կը պարտաւորեցնեն: Պետական պաշտօնագիրն ալ երկու եպիսկոպոսները իրենց ապօրինի գործողութիւնների համար սինոդի անդամների պաշտօնում, պատժուած կ՚ըսէ (91. ԱՐԼ. 2337), միշտ պաշտօնաթերթի ջատագովականը, որ աւելի Պարզեանցի վրայ կը ծանրանայ, Երեւանի թեմակալութեան ատեն շատ ձեռնադրութիւններ ընել տուած ըլլալը, Մակար կաթողիկոսին օրէն ձեռներէցութիւններ ունեցած ըլլալը, եւ Գէորգ կաթողիկոսի օրով յանդիմանուած ըլլալը կը յիշէ, որոնք չէին կրնար կառավարութիւնը հետաքրքրել, մանաւանդ երկար ատեն անցնելէն ետքը նորոգուիլ: Իբրեւ վերջին դիպուած յառաջ կը բերուի Մակարի թողօնին իբր գող ամբաստանուած Յակոբ Կիրակոսեան փոքրաւորին գողակից ենթադրուիլը, որ եթէ պետական մտադրութեան առարկայ եղած ըլլար, խուզարկութեանց եւ դատաստանի ենթարկուած պիտի ըլլար, եւ ոչ թէ առանց քննութեան եւ առանց ամբաստանութեան եւ առանց դատաստանի կառավարական ձեւով հեռացուելուն: Ակնարկութիւն կ՚ըլլայ նաեւ վերջին ատեններ տեղապահական գործունէութեան դէմ դժուարութիւններ յարուցանելուն. սակայն ասոնք ալ եթէ քսութենէ ու մատնութենէ զերծ ըլլային, օրինական դիտողութենէ եւ քննութենէ աւելի հետեւանք չէին կրնար ունենալ: Պարզեանց, որ ինչպէս ըսինք ակնածութեանց դէմ ապստամբ եւ համարձակութեան մէջ անկոպար բնոյթ ունէր, Արեօլի աքսորավայրէն 1892 ապրիլ 20-ին ընդարձակ հերքում մը կը կրէ Գալստեանի, մի առ մի ցրելով Արարատի յօդուածին յառաջ բերած կէտերը ( ՍՈՒ. 5-131), զոր սակայն սա գաղտնի կը պահէ, եւ կ՚երեւի թէ կը ջնջէ ալ, զի եւ ոչ մահուանէ ետքը անոր թուղթերուն մէջ կը գտնուի, եւ իբրեւ իր հին օրերու յիշատակ կը հրատարակէ զայն Պարզեանց ( ՍՈՒ. 3): Մենք աւելորդ կը դատենք այդ դրութեան վերլուծումը տալ. միայն հետաքրքրական կը գտնենք այն փաստացի ցուցմունքները, որոնք կը պարունակեն Մկրտիչ եպիսկոպոս Բաբամեանի տեղապահական գործունէութիւնը արգիլելու կամ չափաւորելու համար նոյն ինքն Երեմիայի բանիւ եւ գրով եւ գործով ըրած ձեռնարկները ( ՍՈՒ. 43-52) եւ ձեռնադրութեանց ընդարձակման համար Երեմիայի կատարած միջնորդութիւնները ( ՍՈՒ. 67-74):

2956. ԸՆՏՐԵԼԵԱՑ ԽՆԴԻՐԸ

Գալստեան-Սեդրաքեան թելադրութեամբ, գուցէ եւ գրչութեամբ հրատարակուած Արարատի անձնաջատագովականը, բնաւին չէր ակնարկեր առաջիկայ կաթողիկոսական ընտրութեան, բայց այս շեշտուած լռութիւնը աւելի եւս մատնանիշ կ՚ընէր երկու եպիսկոպոսաց մասին կատարուած բողոքոյ եւ մատնութեան իսկական նշանակութիւնը: Տեսանք որ պաշտօնէութեանց փոփոխութիւնները եւ միաբաններու տեղափոխութիւնները նպատակ ունէին քուէի տէր պաշտօնները եւ վանքին մէջ ներկայ երիցագոյններէն քուէի իրաւունք ստացող միաբանները հլու եւ հնազանդ խումբէն կազմել, եւ հեռացնել այնպիսիները, որոնք երբեք Գալստեանի կամ Սեդրաքեանի քուէ պիտի չտային, եւ մանաւանդ այն երկուքը որոնք իրենց ազդեցութեամբը կրնային ուրիշները համոզել, եւ իրենց հետեւող ընել միաբանութեան մեծամասնութիւնը: Այդ ձեռնարկին մէջ աչքի առջեւ կ՚առնուէր վերջին ընտրութեան պարագայն, զի Մակար միաբաններու քուէով էր զօրացած. Ռուսահայոց աշխարհականները թուով նուազ էին, իսկ Տաճկահայոց քուէները պաշտօնապէս հաշիւի չէին առնուեր իրենց հակապօլօժէնիական ձեւին պատճառով, իսկ Տաճկահայոց ցուցուցած ընտրելիները յարգելը, պարզ փափկանկատ զիջողութիւն մըն էր հիներուն կողմէն, որ ապագային պարտաւորիչ չէր կրնար ըլլալ, կամ լաւ եւս չէին ուզեր ընել այժմեան վարիչները: Պարզեանց եւ Խուտավերտեանց իրենց ընդդիմադիր ուղղութեամբը ներկային մէջ տեղապահական ձեռներէցութիւնները արգիլելէն աւելի, ապագային մէջ աթոռին տիրապետող դառնալը խափանել կ՚աշխատէին: Այս տեսակէտով էր որ Պարզեանցի առաջնորդած խումբը տաճկահայ ընտրելի ունենալու կողմն էին, ինչ որ միւս կողմէ առեղծուած մը կը նկատուէր, զի ինքն Պարզեանց եղած էր նախընթաց ընտրութեանց մէջ եւ խրոխտ կերպով հակառակողը Տաճկահայոց բռնած ուղղութեան, որոնք իրենց քուէներու շատութեան վրայ կրթնած եւ իրենց սահմանադրութեան ձեւին ապաւինած Էջմիածնի ընտրողական ժողովին արդէն ընտրեալներ կ՚ուզէին ներկայել եւ ոչ ընտրութեան մասնակցիլ: Այդ կէտը նոյն ժամանակին ալ տաճկահայ մտայնութիւնը շփոթի մատնած էր, եւ Պարզեանց իր ուղղութիւնը յանկարծ փոփոխած կ՚ենթադրուէր (91. ԱՐԼ. 2328). իսկ Պարզեանց իր ուղղութիւնը մշտատեւ նոյն պահած ըլլալը կը պնդէր, ինչպէս բացատրած է կառավարական ներկայացուցիչ Միքայէլ Ամբարտանեանցի հետ տեսակցութեան առթիւ ( ՍՈՒ. 18-21): Պարզեանց պինդ ունելով Էջմիածնի ընտրողական ժողովին իրաւունքին ու պատուոյն պաշտպանութիւնը, դժկամակած էր որ նոյն ժողովէ դուրս կատարուած ընտրութիւն մը իբր թէ խաղալիք դարձնէ Էջմիածնի ընտրողականը, եւ միւս կողմէն գիտնալով եւ տեսնելով որ Էջմիածնի ընտրողականէ դուրս կատարուած որեւէ գործողութիւն երբեք նշանակութիւն եւ զօրութիւն պիտի չունենայ ռուսական օրէնքի եւ օրինականութեան առջեւ, ցաւած էր որ Տաճկահայոց մասնակցութիւնը մեռեալ տառ կը մնայ: Սակայն այդ ցաւը իրեն բնական խրոխտ եւ բուռն խօսքերով յայտնելը տարբեր մեկնութեանց առիթ տուած էր: Անցեալ ընտրութեանց մէջ Պարզեանց ինքն ալ առջեւ նետուողներէն մին եւ իր հոգեւոր ծնողին Մակարի ուղղութեան 2892) ոյժ տուողն եղած է, Տաճկահայոց ընտրելիները կամ ընտրեալները իւրացնելու եւ ընդունելութեամբ յարգելու: Սակայն ներկայ պարագայից մէջ կը կասկածէր, մանաւանդ թէ վստահ էր որ նոր վարիչներէն նոյն փափկանկատութիւնը պիտի չտեսնուի, ուստի սկսած էր հետամուտ ըլլալ որ Տաճկահայերը պօլօժէնիէի ձեւակերպութեանց համակերպին, եւ իրենց անկախ քուէներու առաւելութեամբ նոր դարձուածները պարապի հանեն: Այս տեսութեամբ Պարզեանց հակառակած էր աթոռական եւ եկեղեցական գործառնութեանց մէջ պօլօժէնիէի յայտնի պահանջէն աւելի պետական միջամտութեանց, որոնց հանդէպ յօժարակամ ընդարձակ մուտք կը բանար Գալստեան տեղապահը, որպէսզի կառավարական համակրութիւն շահի, իսկ Պարզեանց կ՚ընդդիմանար եւ կը ջանար որպէսզի արտասահմանի հայեր չնչին արժէք ունեցող խնդիրների մասին գայթակղութենէ ազատ լինին, եւ հանդարտ սիրտով համոզուին իրենց ընտրողական պատգամաւորներին այս վաղաւուրց Էջմիածնի տաճարում գումարուելուն ( ՍՈՒ. 21), որով միայն կը կարծէր նա ի դերեւ հանել տեղապահին եւ իր գործակցին, կամ լաւ եւս իր առաջնորդին երազած յաջողութիւնը: Այս էր Պարզեանցի վրայ փոփոխութիւն կարծուած երեւոյթին իսկութիւնը:

2957. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐԸ

Պարագայից շարունակութիւնը մեզ կաթողիկոսական խնդիրին դիմաց կը հանէ, որ այնչափ աղմուկներու եւ բանակռիւներու առիթ տուաւ Մակարի հաստատութենէն ետքը, որոնց մենք ալ ըստ բաւականին հետեւեցանք Մելքիսեդեկեան անցքերը պատմելով 2330): Տաճկահայոց երեսփոխանութեան ընդունած բանաձեւը կը պարունակէր բացառաբար համակերպիլ, համազգային ժողովով խնդիրը պարզել, եւ Տաճկահայոց ազատութիւնը վերապահել 2914), որ եթէ խնդիրը առժամապէս կը փակէր, սակայն հիմնապէս չէր լուծեր, եւ միշտ առկախ կը մնար Տաճկահայոց նոր կաթողիկոսական ընտրութեան ատեն բռնելիք ընթացքը, եւ չէր ջնջեր Տաճկահայոց առանձնակի իրենց ժողովով կատարելիք ընտրութեան դրութիւնը: Ուստի անդստին Մակարի կաթողիկոսութիւնը ճանչնալու օրէն որոշուած էր կաթողիկոսական յանձնաժողով մը ընտրել, որպէսզի խնդիրը խորապէս ուսումնասիրուի, հանդարտօրէն կշռադատուի, Մայրաթոռի հետ բանակցութիւններ կատարուին, եւ ընդհանուր հաւանութեամբ հաստատուն ձեւ մը որոշուի: Յանձնաժողովը կազմուեցաւ 1886-ին լաւագոյն եւ կարողագոյն տարրներով, բայց Յարութիւն պատրիարքի ժամանակ անգործ մնաց, հարկաւ գործեր ստիպողական չտեսնելով, եւ ուստից սկսելով ուր վերջացնելն չգիտնալով, մինչեւ որ հարկ եղաւ որ Մակար կաթողիկոս 1889 մարտ 28-ի կոնդակով Խորէն պատրիարքին յիշեցնէր, ստիպել զյանձնաժողովն կաթողիկոսական ընտրութեան, փութով աւարտել զգործ եղանակի ընտրութեան եւ մատուցանել ի տնօրէնութիւն ազգային Ընդհանուր ժողովոյն, վասնզի միտք բերելով անցելոյն մէջ յուզուած վէճերը եւ յարուցուած աղմուկները` կ՚ըսէր, ամենակարեւոր գործդ այդ յոյժ ցանկալի է եւ վասն մեր (89. ԱՐԼ. 1594): Լրագրութիւնն ալ իրաւունք տուաւ հեռատես ծերունի կաթողիկոսին զգաստացուցիչ ազդարարութեան (89. ԱՐԼ. 1604), բայց դարձեալ արդիւնք մը յառաջ չեկաւ, այնպէս որ երեսփոխանութեան 1889 հոկտեմբեր 6-ի գումարման մէջ առաջարկ եղաւ յանձնաժողովը լուծեալ նկատել եւ գործը ժողովին դարձնել (89. ԱՐԼ. 1720): Ասոր վրայ սկսաւ լսուիլ թէ յանձնաժողովը գումարուիլ սկսեր է (89. ԱՐԼ. 1736), սակայն խնդիրն այնքան բարձրէն եւ այնքան արմատական կերպիւ բռնուած էր, որ անդամներէն մին հոկտեմբեր 27-ի նիստին մէջ կը յայտնէ թէ կը վախնայ որ տարիներ տեւէ լուծումը, եւ ժողովականներէն մին ալ մեռելատիպ մարմին մը դարձած կը կարծէր յանձնաժողովը: Այս առթիւ կը ծանուցանէր թէ ընտրութեան ձեւին մասին թղթակցութիւնք եղած են Հայրապետի եւ Պոլսոյ կրօնական ժողովոյ մէջ ( ՍՈՒ. 21): Յանձնաժողովը վերջապէս համառօտ տեղեկագիր մը կը բերէ, որ աւելի խնդիրը քնացնելու կերպարանն ունէր. բայց երեսփոխանութիւնը կը սկսի անով զբաղիլ շարք մը դռնփակ նիստերու մէջ, որոնք եզրակացութեան մը չէին յանգէր, թէեւ պատրիարքը 1890 ապրիլ 20-ին նիստին մէջ կը յանձնարարէր վերջնական որոշման մը հասնիլ (90. ԱՐԼ. 1879): Յաջորդ ամիսներուն մէջ ալ գործը աւելի առաջ չկրցաւ երթալ. վրայ հասան Գումգաբուի դէպքը եւ պատրիարքի հրաժարականը 2847-2849), եւ Ընդհանուր ժողովոյ գումարումները ընդհատեցան, եւ հարկ եղաւ նիստերը դադրեցնել (91. ԱՐԼ. 2141) որով երբ ապրիլ 16-ին կաթողիկոսը վախճանեցաւ, կաթողիկոսական խնդիրը կը մնար տակաւին իր տարտամ վիճակին մէջ, առանց ընտրողական հաստատուն կանոն մը ունենալու, եւ վեց տարիէ ի վեր յայտնուած մտադրութիւնը անգործ բաղձանք մնացած էր եւ կը մնար տակաւին:

2958. ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Այդ անգործութիւնը սակայն բացարձակ անհոգութեան եւ անտարբերութեան հետեւանք պիտի չկարենանք ըսել, այլ մանաւանդ թաքուն մտադրութենէ առջեւ եկած կը կարծենք: Յորմէ հետէ Էջմիածին ռուսական տիրապետութեան ներքեւ մտած էր, եւ Էջմիածնի համար յատուկ կանոնադրութիւն մը հաստատուած էր, եւ անոր մէջ ընտրութեան որոշ ձեւ մը հաստատուած էր, Տաճկահայեր ի զուր աշխատած էին իրենց կողմէ տարբեր ընտրութեան կանոն կազմել, եւ ամէն ընտրութեան տարբեր ձեւ մը գործածած, եւ անով աւելի իրենց տկարութիւնը յայտնած եւ հաստատուն կանոն մը չունենալնին խոստովանած, որով իրենց առաջարկած ձեւերը նշանակութենէ զուրկ կը մնային, եւ ռուսական պետութեան օրէնքով հաստատուած կանոնը նոյնութեամբ կը գործադրուէր: Մայրաթոռը միշտ զգացուցած էր թէ որեւէ տարբեր ձեւ մը պիտի չկրնայ հաստատուիլ եւ ընդունելի ըլլալ, թէ պօլօժէնիէի հաստատած ձեւին մէջ ընդհանուր ազգին մասնակցութիւնը աւելի լաւ կերպով կը պահպանուի, իսկ երկու ընտրելիներէ կամ ընտրեալներէ մէկին կայսեր կամքով որոշուիլը, քաղաքական իշխանութեան անխուսափելի մասնակցութեան թէ ոչ նախադասելի, գոնէ ապահովագոյն կերպն էր: Այդ կէտերը վերջին անգամ մըն ալ Մայրաթոռէն եւ դեսպանատունէն զեկուցուած էին, եւ այս պարագաներն էին որ Տաճկահայերը կը թուլցնէին, նոր ձեւի մը հաւանականութիւնը չէին տեսնար, եւ իրենց մասնակցութեան աննշանակ մնալը ծանր կու գար: Որչափ ալ պօլօժէնիէի համակերպելու պէտքը կը զգացուէր, սակայն զայն համարձակ արտայայտել դժուար կ՚ըլլար, եւ միւս կողմէն ամենէն ջերմ հակապօլօժէնիականներն ալ լռութիւն կը պահէին, թող տալով որ գործը իրեն ընթացքով հասնի այնտեղ ուր հասցնելը անհրաժեշտ կ՚երեւէր: Այս տեսութիւնները կը պարզեն վեցամեայ անգործութեան ներքին պատճառը, որ իրեն շարունակութիւնը ունեցաւ նոյն իսկ Մակարի մահուանէ ետքը, եւ այս պարագային իսկ շարժում մը չեղաւ ընտրութեան ձեւ մը գտնելու: Ռուսահայեր փափաքելով որ Տաճկահայոց ձայնը չզրկուի ընտրութեանց մէջ, սկսան հրաւէր կարդալ որ երկու կողմերը իրենց պատգամաւորներով համամիտ եւ համակամ միակ ժողովի մէջ կատարեն ընտրութիւնը, եւ Էջմիածինէ դուրս կատարուած ընտրութիւն մը իբրեւ պարտադիր չբերուի Էջմիածին, որ միութեան կապերը չէր ամրացներ: Տաճկահայոց մէջ ալ կամաց կամաց լեզուներ սկսան բացուիլ, եւ 1891 օգոստոսի մէջ, այսինքն Մակարի մահուանէ չորս ամիս ետքը, արդէն այս գաղափարներ սկսած էին հրապարակ ելնել (91. ԱՐԼ. 2277): Հետզհետէ յորդորականներ սկսան հրատարակուիլ, որպէսզի այլեւս աւելորդ ջանքեր եւ ճիգեր չթափուին, եւ յաջողելու միակ ձեւը համարձակ ձեռք առնուի (91. ԱՐԼ. 2288), եւ իրօք ալ երեսփոխանական եւ այլ ազգային մարմիններու մէջ արդէն ընդհանուր ընդունելութեան արժանացած էր սա գաղափարը, թէ այս անգամ պէտք է թողուլ որ գաւառի թեմօրայք իրենց եկեղեցական եւ աշխարհական պատգամաւորներով երթան մասնակցին հայրապետի ընտրութեան իջման տեղւոյն մէջ ( ԱՐԼ. 2294): Բայց որպէսզի այդ ձեւը գործադրուի պէտք էր որ պատրաստ ըլլային Մայրաթոռոյ հրաւիրագիրերը, որոնք թէպէտ 1891 մայիս 5 թուականով պատրաստուած էին ղրկուելու համար (91. ԱՐԼ. 2361). սակայն հոկտեմբեր 2-ին դեռ Կ. Պոլիս յղուած չէին, եւ հարկ եղաւ փութացնելու համար դիմում ընել (91. ԱՐԼ. 2314): Այսպէս կ՚երեւի թէ ռուսական կառավարութիւնը կամաւ կ՚ուշացնէր, որպէսզի եթէ Կ. Պոլսոյ մէջ տակաւին հին տեսութիւնները տիրեն, իւրաքանչիւրը վիճակին ուղղակի հասցնէ հրաւիրագիրները: Բայց երբոր վստահացաւ թէ հին տեսութիւնները մէկդի կը թողուին, 44 հրաւիրագիրներ միահաղոյն յանձնուեցան պատրիարքարանին հոկտեմբեր 28-ին (91. ԱՐԼ. 2328): Արդէն Խառն ժողովոյ կողմէն յանձնաժողով մը ընտրուած էր պէտք եղած ձեւակերպութիւնները ճշդելու (91. ԱՐԼ. 2315 եւ 2320), եւ սահմանադրութեան համաձայն գործած ըլլալու համար Ընդհանուր ժողովոյ գումարման համար արտօնութիւն ստանալու պէտք կը զգացուէր եւ կ՚որոշուէր: Սահմանադրութեան տառը կը պարունակէր կաթողիկոսի ընտրութեան մասնակից ըլլալ ( ՍՀՄ. 40), որ առաջ իբր ընտրելու գործողութիւն կատարել իմացուած էր, բայց այժմ պարզապէս Տաճկահայոց մասնակցութեան ձեւը որոշելու իմաստով սկսած էր իմացուիլ, եւ թեմօրէից ուղղակի մասնակցութիւնը Ընդհանուր ժողովով որոշել կ՚ուզուէր: Սակայն Ընդհանուր ժողովոյ նիստերը խափանուած էին պետական կարգադրութեամբ, եւ պէտք եղած ատեն յատուկ արտօնութիւն ստանալու հարկը ծագած էր: Վարչութիւնը վերակազմելու համար արտօնութիւն ստացուած եւ կարգադրուած էր (91. ԱՐԼ. 2269), կաթողիկոսական ընտրութեան համար ալ ուզուեցաւ (91. ԱՐԼ. 2356), բայց արտօնութիւնը յապաղեցաւ. ընտրական ժողովին համար որոշուած 1892 մայիս 3-ին հազիւ երեքուկէս ամիս կը մնար, եւ արտօնութիւն ստանալու ակնկալութիւններն ալ սկսան տկարանալ, ուստի Աշըգեան պատրիարք գործունեայ դերը ստանձնելու քաջալերուած` 1892 փետրուարի առաջին օրէն վիճակներու ուղղուելիք շրջաբերականը պատրաստել ձեռնարկած էր, եւ փետրուար 11-ին հրաւիրագիրները եւ շրջաբերական հրահանգները թղթատարութեան յանձնեց, եւ 12-ին Խառն ժողովին հաղորդեց (92. ԱՐԼ. 2414, 2416): Պէտք է ընդունիլ թէ Աշըգեան այս պարագային մէջ վարչական գործունէութեան արդիւնք ցուցուց եւ արժանիք ունեցաւ, սակայն խնդիրը որեւէ արտաքին տեսութենէ անկախ էր եւ լոկ հոգեւորական մակարդակի վրայ կը մնար, եւ Աշըգեան ալ իրեն սեփական շրջանակին մէջ կը գտնուէր:

2959. ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքարանի յանձնուած հրաւիրագիրները 44 հատ էին, զի 1858-ին կազմուած եւ ընդունուած Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան 45 վիճակներու ցուցակէն 2690) ջնջուած էր Կարսը, որ 1876-էն ի վեր Ռուսիոյ անցած էր, եւ մէկն ալ նոյն իսկ Կ. Պոլսոյ վիճակն էր, որով պատրիարքարանէ ցրուած հրաւիրագիրներ եղան 43 ( ԱՂԱ. 19-20): Սիսի եւ Աղթամարի եւ Երուսաղէմի աթոռներուն սահմանուած մի մի հրաւիրագիրները Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանին չյանձնուեցան, այլ ուղղակի իրենց հասցէին ղրկուեցան: Իսկ անոնց ենթադրեալ վիճակներու բաժանումը, որ 1866-ի ընտրութեան ատեն կազմուեցաւ, Մայրաթոռէ ընդունուած չէր, եւ հետեւապէս վերջէն աւելցած 17 վիճակներուն անունով հրաւիրագիրներ չուղղուեցան, եւ միայն երեք մեծ աթոռները իբրեւ մի մի վիճակներ հրաւիրուեցան ( ԱՂԱ. 46), որչափ ալ աւելցած վիճակներուն անունները յիշուած կը տեսնենք (92. ԱՐՐ. 4679 եւ ԱՂԱ. 21), թէպէտ հրաւէրներ յղուած ըլլալը ո'չ ըսուած է եւ ոչ լսուած: Տաճկահայոց վիճակներուն սեփական պատգամաւորներով մասնակցելուն որոշումը բնաւ դիտողութեան կամ ընդդիմութեան չհանդիպեցաւ, որ նշան է միտքերուն արդէն պատրաստուած ըլլալուն: Նոյնիսկ նախընթաց ընտրութեան առթիւ հակապօլօժէնիական եռանդով տեղեկագիր պատրաստողներ եւ ճոռոմաբան ատենաբաններ, որ գործի վրայ ալ էին, բնաւ ձայն չհանեցին, իսկ վիճակներ կարծես թէ ակնկառոյց կը սպասէին, խնդութեամբ ընդունուեցան տրուած որոշումը, եւ հազիւ թէ պաշտօնագիրները ձեռուընին հասան` իսկոյն ընտրութեանց եւ կարգադրութեանց ձեռնարկեցին: Առաջին լուրը փետրուար 28-ին Զմիւռնիայէ հասաւ (92. ԱՐԼ. 2430), եւ միւս օր մարտ 1-ին Նիկոմիդիոյ, Պրուսայի եւ Տրապիզոնի ընտրութեանց լուրերը առնուեցան (92. ԱՐԼ. 2431), եւ այսպէս հետզհետէ: Արդէն փետրուար 26-ին Խառն ժողովը Կ. Պոլսոյ աշխարհական պատգամաւոր ընտրած էր Տիգրան Կիւմիւշկէրտան բարեսէր վաճառականը, Հիւանդանոցի հոգաբարձու եւ Էջմիածնի գանձանակաց հսկող (92. ԱՐԼ. 2428). իսկ Աշըգեան պատրիարք իրեն կողմէն պատգամաւոր նշանակեց Արմաշու փոխ վանահայր եւ վերատեսուչ Օրմանեան Մաղաքիա եպիսկոպոսը (92. ԱՐԼ. 2437), որ կրկին եւ կրկին հրաժարականներով ջանաց խոյս տալ այդ պաշտօնէն, սակայն թէ` պատրիարքին եւ ժողովականներուն, եւ թէ` Դպրեվանքի խնամակալութեան ստիպմանց վրայ հարկադրուեցաւ զիջանիլ եւ Կ. Պոլիս հասաւ ապրիլ 17-ին, եւ մինչ կը պատրաստուէր անմիջապէս Էջմիածին ուղեւորիլ, Կովկասի կառավարչապետէն ռուսական դեսպանատան հասնող հեռագիր մը արգելք կը դնէր Օրմանեանի պատգամաւորութեան: Գալստեան-Սեդրաքեան ընկերակցութեան մի դրդումն էր, որ Օրմանեանի պատգամաւորութիւնը իրենց ծրագիրին 2956) անյարմար տեսնելով, կառավարչապետին թելադրած էին զայն արգիլել` հիմնուելով Օրմանեանի 1888-ին Էջմիածինէ մեկնելուն պարագաներուն վրայ 2927): Սակայն ռուսական եւ օսմանեան կառավարութիւնները ընդարձակ դիւրութիւններ տուած էին պատգամաւորներուն որոշման եւ ուղեւորութեան: Ռուսական կառավարութիւնը, որ եկեղեցականներու տրուելիք անցագիրներուն համար նախարարական արտօնութիւն կը պահանջէ, լիազօր իշխանութիւն տուած էր դեսպանին ամէն պատգամաւորներու անցագիրները անխտիր վաւերացնել, եւ Օրմանեանի անցագիրն ալ արդէն վաւերացուած էր: Օսմանեան կառավարութիւնն ալ ամէն պատգամաւորի առանց դժուարութեան անցագիր կու տար (92. ԱՐԼ. 2477). իսկ պատրիարքարանի պատգամաւորներուն Օրմանեանի եւ Կիւմիւշկերտանի յատկապէս նոր շքանշաններ ալ շնորհած էր: Դեսպանը ինքն փութաց նախարարութեան ձեռքով խափանել կառավարչապետի անհաճ միջամտութիւնը եւ թիւրիմացութիւնը բառնալ, եւ Օրմանեան ապրիլ 25-ին Կ. Պոլիսէ մեկնելով, առանց ուրեք դադար առնելու, մայիս 2-ին առտուն կը մտնէր Էջմիածին, եւ 3-ին ընտրողական ժողովը կը բացուէր: Իսկ Կիւմիւշկերտան ապրիլ 11-ին Կ. Պոլիսէ մեկնած (92. ԱՐԼ. 2464), եւ կանուխէն Էջմիածին հասած կը գտնուէր ուրիշ տաճկահայ պատգամաւորներու հետ:

2960. ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ԿԵՐՊԱՐԱՆԸ

Կաթողիկոսական ընտրութեան պարագաները պատմելու չանցած, համառօտիւ քաղենք Մակարի վերջին օրերուն եւ աթոռոյ պարապութեան միջոցին տեղի ունեցած ինչ ինչ դէպքերը, թէպէտ շատ նշանաւոր բաներ չունենանք յառաջ բերելու: Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան գործերը յառաջեցին նոյն տարտամ եւ անկայուն վիճակին մէջ, որուն ստուերագիծը անգամ մը տուինք արդէն 2950): Երեսփոխանութեան նիստերը խափանուած ըլլալով նորանոր խնդիրներու աղբիւրն ալ ցամքած էր, վարչութիւնը կը գոհանար օրըստօրեայ գործերու կարգադրութեամբ, եւ գաւառական ու թաղական խնդիրներու հնարաւոր լուծումները տալով եւ խնդիր յուզելէ խուսափելով, պատրիարքը գոհ էր ընդհանուր մտահոգութենէ զերծ մասնաւոր խնդիրներու հետեւելով, սակայն իրեն դէմ արտասահմանի մէջ հակառակութիւնը կ՚աճէր, իսկ ներքին շրջանակին մէջ դժգոհութիւնը կ՚աւելնար. սակայն խնդիր յուզելու եւ տագնապ պատճառելու պատասխանատուութիւնը գործիչները կը կասեցնէր, եւ առերեւոյթ հանդարտութիւն կը տիրէր: Իբրեւ արտասահմանի խլրտումներուն դարման Աշըգեան պատրիարք մերթընդմերթ հաւատարմութեան յորդորող շրջաբերական կոնդակներ կը հրատարակէր, ինչպէս 1891 նոյեմբեր 7-ին (91. ԱՐԼ. 2540), եւ դեկտեմբեր 31-ին (92. ԱՐԼ. 2930). սակայն հիմնական բարեկարգութիւն մը չէր տեսնուեր կացութեան վրայ: Օսմանեան կառավարութիւնը եւ առանձնապէս Ապտիւլհամիտ կայսրը որեւէ վտանգի առջեւն առնելու եւ անկարգութեանց տեղի չտալու նպատակով, երբեմն քաղաքական յանցանքով դատապարտեալներու մասնաւոր ներումներով կը կարծէր միտքերը քաղցրացնել, եւ երբեմն պիտակ կասկածներով ձերբակալութիւններ եւ դատապարտութիւններ շատցնելով անախորժ ձգտումները զսպել կը խորհէր, սակայն երկու փորձերն ալ իրական եւ հիմնական արդիւնք չէին բերեր: Եւրոպական պետութիւններ, որոնք Պերլինի դաշնագիրով իբրեւ թէ երաշխաւորութիւն ստացած էին հայաբնակ գաւառներու կացութիւնը բարւոքելու, կը գոհանային հանդիպած անտեղութեանց տեղեկագիրները հաւաքել իրենց հիւպատոսներէն, որոնք այնչափ վատ էին, եւ հայ ազգին վիճակը այնպիսի ահռելի գոյներով կը նկարագրէին, որ այս միջոցին չհամարձակեցան հրատարակել իրենց գոյնզգոյն յիշատակագիրներուն կարգին ( ԹՈՒ. Բ. 550): Բայց ինչպէս չէին հրատարակեր, նոյնպէս ալ խնդիր չէին յուզեր, զի կ՚երեւի թէ իրենց շահերուն տեսակէտէն հետապնդելու խնդիր չունէին որ Հայոց խնդիրը իբր լծակ ձեռք առնէին: Աշըգեան կրնար արդարանալ միջազգային միջամտութիւնը չգործածելուն մէջ, եթէ գոնէ օսմանեան կառավարութեան մօտ ազդու դիմումներով ձեռք առնուած խնդիրին հետեւէր, ուր ընդհակառակն ընդհանուր դժգոհութեան առիթ կու տար իր հետեւած անտարբեր դիրքը բարեկարգութեանց խնդիրին հանդէպ. թէպէտ ներքին կարգադրութեանց, դիւանական գործառնութեանց մասին շրջաբերականները եւ հրահանգները կ՚առատացնէր: Կը ճանչնանք որ շատ տարբեր են պատասխանատուութեան ներքեւ գտնուողի եւ հեռուէն անպատասխանատու դիտողին մտայնութիւնները, ինչպէս տարբեր են վերէն վար եւ վարէն վեր նայողներուն տեսութիւնները, եւ այս խորհրդածութիւններ կը ծառայեն Աշըգեանի կացութիւնը ուղիղ կշռադատելու: Սակայն իբրեւ եղելութեանց անաչառ պատմագիր` չէինք կրնար լռել իրեն պաշտօնավարութեան դէմ տիրող ընդհանուր դժգոհութիւնը:

2961. ԽՈՐԷՆ ՆԱՐՊԷՅ

Առանձինն յիշատակութեան արժանի կը համարինք Աշըգեանին Նարպէյի դէմ, Խորէնի մը միւս Խորէնին դէմ, ունեցած մէկ արարքը, որ շատ խօսել տուաւ իր ժամանակին: Պատրիարքական կոնդակ մը կարգադրուեցաւ յանկարծ մայրաքաղաքի եկեղեցիներու մէջ, 1892 յունուար 19-ին ամսուն 16-ի թուականով, որով Խորէն Նարպէյ եպիսկոպոսի մասին կը վճռուէր դադարեցնել Պէշիքթաշի Ս. Աստուածածնայ եկեղեցւոյ քարոզչութենէն, եւ արգելուլ զինքն առ այժմ իւր հոգեւոր կարգին յատուկ բոլոր պաշտամանց գործածութենէն ի մեծամեծաց մինչեւ ի փոքունս, աւելին յանձնելով ընդհանրական Հայրապետի վերին հեղինակութեան, թէպէտ աթոռոյ պարապութեան միջոց էր: Իսկ իբր պատճառ կը ցուցուէր, որ բացի առաջները եկեղեցական կարգապահութեան հակառակ վարմանց մէջ գտնուելէն, վերջին օրերս ամենածանր յանցանաց մէջ գտնուած է լոկ ի պատճառս չարաշահութեան, եւ թէ իր գործերը պաշտօնապէս ծանօթ են պատրիարքարանին, եւ թէ իւր իսկ խոստովանութեամբ հաստատուած են (92. ԱՐԼ. 2395): Աւելի յայտնի բան մը չհրատարակուեցաւ, բայց նորօրինակ եւ անակնկալ եղելութիւնը հետաքրքրութիւն շարժեց, զի Նարպէյ բարձր դիրքի տիրացած, երկար ատեն կրօնականի ատենապետութիւնը վարած, պատրիարքութեան հաւանական ընտրելի եղած, եւ անձնական արժանիքներով ճոխացած անձնաւորութիւն մըն էր, որուն դէմ գործնական կարգադրութեան վճիռը կ՚արտասանուէր կրօնական ժողովոյ որոշումն ալ չյիշուելով: Ստոյգ աղբիւրներէ քաղուած տեղեկութիւնները հետեւեալներն եղան: Նարպէյ վերջին ատեններ ներքին եւ մտերիմ բարեկամութեան մէջ կը գտնուէր բժշկապետ Մավրօյենի փաշայի հետ, որ Ապտիւլհամիտ կայսեր ամենամօտիկ անձն էր, եւ անոր միջնորդութեամբ Նարպէյ արքունեաց բարեացակամութիւնը եւ վստահութիւնը կը վայելէր, մինչեւ իսկ իր հանապազօրեայ կերակուրը արքունի խոհանոցէն կը մատակարարուէր: Բայց նա միւս կողմէ եւրոպական լրագիրներու թղթակցութիւն կը կատարէ եղեր, եւ ունեցած ներքին յարաբերութիւններէն օգտուելով պալատան գաղտնիքներ ալ կը հաղորդէ եղեր ոչ նպաստաւոր ուղղութեամբ: Այս նամակներէն մէկը ոստիկանութեան ձեռք կ՚անցնի, ինչպէս կը կարծուի նոյն իսկ իր քեռորդւոյն գործակցութեամբ, որուն վրայ Նարպէյ ոստիկանական հարցաքննութեան կ՚ենթարկուի, որուն մէջ նամակին հեղինակն ըլլալը կը խոստովանի արդարացուցիչ պարագաներով, եւ կայսերական գթութեան դիմելով: Աշըգեան պատրիարք այդ հարցաքննութեան ատեն, վարագոյրի ետեւ ծածկուած ունկնդիրներ կը յղէ, եւ այսպէս կրօնական ժողովոյ ատենապետին, պատրիարքական փոխանորդին, պատրիարքարանի գործակատարին եւ մայր եկեղեցւոյ թաղական խորհրդոյ երկու անդամոց ներկայացուցած տեղեկագիրին վրայ հիմնուելով կ՚արտասանէ իր վճիռը (92. ԱՐԼ. 2406) յիշելով գործողութեան պաշտօնապէս ծանօթ ըլլալը, եւ գործողին խոստովանութիւնը: Ապտիւլհամիտ կայսր կը բաւականանայ իր շնորհները դադրեցնելով եւ գթութեան դիմողին յանցանքը ներելով` անպատիժ կը թողու մինչ Աշըգեան մասնաւոր նամակի մը մէջ պարծանքով կը յիշէ, թէ թէպէտ կայսրը ներեց, բայց ինքն չէր կրնար ներել: Աշըգեանի ընթացքը քննադատելու չենք մտներ, միայն չենք կրնար չդիտել, որ եթէ անձնական կիրք մը խառնուած չըլլար, պաշտօնական ոչ մի հարկ չէր ստիպէր զինքն քան զթագաւորն թագաւորական ըլլալ ըստ ծանօթ առածին: Նարպէյի կեանքը առեղծուածական ըլլալու չափ տարօրինակ զուգորդութիւն մըն է միտքի ու գործի, լեզուի ու գրիչի գերազանցապէս ընտիր ձիրքերու հետ խառնուած թեթեւութեանց եւ անտեղութեանց եւ ստորնութեանց: Բանասէր եւ բանաստեղծ, լեզուագէտ եւ հեղինակ, քարոզիչ եւ ատենաբան, խօսքի հմուտ եւ գործի վարիչ, աստիճանի տիրացած եւ վարմունքի գիտակ, բան մը չէր պակսեր իրեն առաջնակարգ դեր վարելու, եթէ այդ առաւելութեանց չզուգորդէր այնպիսի պարագաներ, որոնք ոչ թէ բարձրաստիճան եկեղեցականի այլեւ հասարակ մարդու մը վրայ ծիծաղելի պիտի ըլլային. կանացի պչրանքի եւ արտաքին շպարի կիրառութիւնը, անուններու եւ երեւոյթներու անկոպար զակատումը, լուրջ գործունէութիւններէ եւ աշխատալի պաշտօններէ խուսափումը, արտաքնայարդար ցուցադրութեանց եւ մուրացածոյ պատուասիրութեանց տենչանքը, համարձակ յարաբերութեանց եւ ընտանեկան կենաց ընդարձակումը, լոկ երեւոյթներով քան արդիւնքներով բարձրանալու հետապնդումը, եւ հակառակ իր մտաւորական կարողութեան` անհարկի միջոցներու միամիտ հետեւողութիւնը, որոնց իբրեւ լրման պսակ եղաւ արքայազուն լուսինեանութեան առասպելական կազմակերպութիւնը, եւ այսպիսով պարապի ելաւ այնչափ արժանաւորութեանց գագաթնակէտն եղաւ ճարտար բայց ոչ աննենգ դարձուածով ձեռք ձգուած եպիսկոպոսութիւնը. մինչ Ներսէս Վարժապետեանի համարձակ խոստովանութեան համեմատ` իրմէ ալ առաջ կրնար ըլլալ անոր պատրիարքական աթոռ բարձրանալը իր կարողութեանց եւ ձեռնհասութեանց արժանեօք: Ճշմարիտ ցաւով է որ այս տողերը կը պարտաւորուինք գրել, լոկ պատմական եղելութեանց ներքին կապակցութիւնները պարզաբանելու պարտաւորութեան հպատակելով: Նարպէյ հասարակ գործառնութենէ իսկ չէր քաշուեր երբոր ցուցադրութեան մը հրապոյրը կը զգար, ինչպէս եղած էր իբր պարզ հետեւակ պաշտօնեայ Յարութիւն պատրիարքի մինչեւ Երուսաղէմ ընկերանալը, եւ վերջերն ալ Սանասարեան Մկրտիչ բարերարին դագաղին հետ իբրեւ յուղարկաւոր պաշտօնեայ Կ. Պոլիսէ Տփղիս ուղեւորիլը: Աշըգեանի կոնդակով տրուած հարուածը բոլորովին շուարեցուց Նարպէյը, որ մէկ ծայրէ միւս ծայրը անցնելով եւ ունեցած նիւթական կարողութիւնն ու առձեռն միջոցներն ալ ծածկելով խեղճ եւ անկեալ անձի մը կերպարանը զգեցաւ. ներկեալ ալիքը սպիտակացան, շպարեալ այտերը խորշոմեցան, երփներանգ եւ սեթեւեթեալ զգեստները հնոտիներու փոխուեցան, ցուցադրութեանց ձեւն ու կերպը փոփոխուեցան, մուրալու եւ գութ շարժելու միջոցներու հետեւեցաւ: Ամենէն ծանր հետեւանքն եղաւ ներքին վիշտերը ոգելից ըմպելեաց մէջ թաղելու որոշումը, թէպէտ առաջ ալ բոլորովին օտար չէր անոնց կիրառութենէն, որոնք զգալի կերպով ազդեցին իր կազմութեան վրայ, եւ սիրտի տկարութենէն եւ արիւնի համախռնութենէն յառաջ եկած յանկարծական վախճանը փութացուցին, որ տեղի ունեցաւ 1892 տարւոյ նոյեմբեր 4-ին, կոնդակի հարուածէն իննուկէս ամիս ետքը. թունաւորման զրոյցը այս առթիւ ալ կրկնուեցաւ, սակայն նա իր քրոջ տունը կը մնար ու կ՚ապրէր, եւ պալատէն կերակուր այլեւս չէր ընդուներ: Նոյն օր ոգելից ըմպելեաց չափազանց կիրառութենէ եւ դժուարամարս կերակուրի առատ վայելումէ ետքը պարտէզ կ՚իջնայ եւ գլուխն ի կախ հողային աշխատութեանց կը պարապի, եւ այս պարագային յառաջ կու գայ սիրտի պայթումը, եւ վրայ հասնող բժիշկն ալ անդարմանելի կը գտնէ արկածը, եւ քիչ ետքը հոգին կ՚աւանդէ: Աշըգեան պատրիարք մահուանէ անդին ալ վարելով իր խստութիւնը, միայնոյ Գրիգորիս Յովհաննէսեան եպիսկոպոսի կը յանձնէ օծումն ու դամբանականը, եւ փոխանորդ Գաբրիէլ Ճէվահիրճեան վարդապետի յուղարկաւորութեան նախագահութիւնը սակայն Մատթէոս Իզմիրլեան, Գրիգորիս Ալէաթճեան, Հմայեակ Դիմաքսեան եւ Աբրահամ Մամիկոնեան եպիսկոպոսներ ինքնահրաւէր կու գան հանդէսին մասնակցիլ, աւելի իբր կարգադրողին հակակիր քան հանգուցելոյն համակիր ցոյցի մը դիտումով: Իսկ Օրմանեան եպիսկոպոս, որ նոյն իսկ նոյեմբեր 4-ին երեկոյին Արմաշէ Կ. Պոլիս հասած էր, լոկ իբր սգակիր ազգական ներկայ կը գտնուի եւ մինչեւ Շիշլիի գերեզմաննոցը ընկերանալով` գերեզմանի օրհնութիւնը կը կատարէ (92. ԱՐԼ. 2637): Այսպէս անփառունակ կը փակուի կեանք մը, որ շատ մեծ փառքի արժանի էր իր արժանիքներով, այլ վրիպեցաւ աւելի քան ուրիշի իր իսկ կիրքերով: Ծնած էր 1832 հոկտեմբեր 1-ին 2682) եւ 60 տարեկան ու մէկ ամսական էր վախճանած ատենը, կրնանք ըսել տարաժամ, զի իրենպէսներուն համար աւելի երկար կեանք մը սովորական կրնայ ըսուիլ: Իր ետեւէն թողած համբաւը գրագէտի եւ լեզուագէտի հռչակն է միայն, եւ այն աւելի եպիսկոպոսութենէ առաջ արտադրած արդիւնքներով, իսկ անկէ ետքը իրմէ սպասուած գործիչի եւ վարիչի հռչակը դժբախտաբար արդիւնաւոր տեղ մը չի գրաւեր ազգային կեանքի մէջ:

2962. ԳԱՐԵԳԻՆ ՍՐՈՒԱՆՁՏԵԱՆՑ

Խորէն Նարպէյէ միայն 13 օր ետքը, նոյեմբեր 17-ին կը փակուէր ուրիշ կեանք մըն ալ, շատ յիշուած եւ շատ զրուցուած եւ իրաւամբ գովուած, Գարեգին եպիսկոպոս Սրուանձտեանց, տեղական Վանեցի հնչմամբ Սանդենց, որուն անունը տուած ենք անդստին Վարագայ վանքին մէջ Խրիմեանի աշակերտած օրէն: Գարեգին եւրոպական եւ արտաքին դաստիարակութիւն չէր ունեցած, բայց կատարեալ էր ազգային ուսմամբ եւ հմտութեամբ, լոկ ինքնօգնութեան շնորհիւ, անխոնջ աշխատասէր մը եղաւ ազգային յիշատակաց հաւաքման եւ հրատարակութեան նուիրուած, որոնք արտաքիններէն ալ գնահատուեցան: Անձնուէր վաստակաւոր մը եղաւ ազգին նա, հովուական եւ քարոզչական պաշտամանց մէջ. խոհական գլուխ եւ հաւատարիմ օգնական մը վարչութեանց եւ ժողովականութեանց մէջ, անկեղծ բնոյթ, անսեթեւեթ կենցաղ, եւ զուարթ ընկերակից: Ազգային խնդիրներու մէջ եռանդուն գործակցութիւնը ոմանց աչքին կասկածաւոր երեւցաւ, եւ նոյն իսկ պետական կասկածանաց երեսէն տեղափոխութեանց ստիպուեցաւ, այլ երբեք պարտաւոր կամ արատաւոր չմնաց, եւ ոչ ալ գործէ քաշուելով պարապութեան մատնուեցաւ: Վերջին ատեններ Տրապիզոնի առաջնորդութենէ հեռացած` Բերայի քարոզչութեամբ եւ կրօնականի փոխատենապետութեամբ կը զբաղէր: Գրական երկասիրութեանց մասին չենք խօսիր, զի ընդհանուր կերպով մատենագիտական նիւթը իբրեւ առանձին ճիւղ մեր շրջանակէն հեռու պահեցինք: Սրուանձտեանց վախճանեցաւ ազգային հիւանդանոցի մէջ, ուր փոխադրուած էր խնամուելու համար, երբոր այլեւս բնասպիտային ախտը վտանգաւոր աստիճանի հասած էր: Իր կազմին եւ առողջութեան վստահացած բժշկական դարմանները կ՚անարգէր, եւ կարեւորութիւն չէր տար իր մէջ բունեալ ախտին, մինչեւ որ այն իր անողոք ընթացքը կատարեց եւ իր զոհը գերեզման տարաւ 52 տարին լրացնելէն 15 օր առաջ: Աշըգեան պատրիարք, չափազանց զգուշաւորութեան թէ նախանձոտ ուղղութեան հետեւանօք, Սրուանձտեանցի յուղարկաւորութիւնն ալ անշուք ընել տալ կ՚ուզէր, պետական կասկածանօք Տրապիզոնէ հեռացուելուն վրայ յենլով, մինչեւ որ ամէն կողմէ բարձրացող բողոքներ ստիպեց զինքն անձամբ կատարել օծումը եպիսկոպոսական դասուն մասնակցութեամբ, իսկ պատարագն ու դամբանականը վիճակեցաւ Օրմանեանի պատրիարքին ստիպմամբ, թէպէտ նա յանձն չէր առներ հանգուցելոյն հետ եղբայրական սիրով ու մտերմութեամբ կապուած ըլլալուն համար (92. ԱՐԼ. 2648): Սրուանձտեան իր գրական արդիւնքներէն զատ համեստ գումար մըն ալ կը թողուր Վանայ մէջ հիւանդանոցի մը հաստատութեան սահմանուած:

2963. ԱՐՄԱՇԻ ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ

Քանիցս յիշեցինք Օրմանեանի Արմաշէ Կ. Պոլիս իջնալն ու դառնալը, եւ աւելի ալ յաճախ էր այդ երթեւեկը. վասնզի Դպրեվանքին վերին հսկողութիւնը Կ. Պոլիս գտնուող խնամակալութեան յանձնուած էր, եւ վերատեսուչին յարմարագոյն եւ դիւրագոյն կ՚ըլլար Կ. Պոլիս գալ, կարեւորը բերանացի հաղորդել, ժողովով խորհրդակցիլ, որոշումները լրացնել, եւ միջոցները կարգադրելով դառնալ: Դպրեվանքը կանոնաւորապէս կը յառաջէր, այնպէս որ բանիմաց այցելուներ եւ նոյն իսկ եկեղեցական կրթութեան խեթիւ նայողներ, անձամբ այցելելով գոհունակութեամբ կը դառնային, եւ իրենց տպաւորութիւնները լրագիրներու մէջ գովեստով կը հրատարակէին (91. ԱՐԼ. 2285) եւ (92. ԱՐԼ. 2468): Դժգոհ միայն էին Արմաշու քանի մը հին միաբաններ, որ իրենց հացը ձեռուըներնէն խլուած կը կարծէին, եւ Օրմանեանի Էջմիածին գտնուած միջոցին պատրաստուած միջադէպով մը, 1892 յունիսին կարծեցին Դպրեվանքը դադրեցնել եւ վանքը նորէն ձեռք անցունել. բայց Օրմանեանի դիւրին եղաւ երեք օրով միջադէպը փակել, եւ ամենայն ինչ սովորական ընթացքին մէջ պահել: Կանոնագիրը վերաքննուեցաւ եւ յուլիս 29-ին խառն ժողովով հաստատուեցաւ եւ կանոն գործոց դարձաւ (92. ԱՐԼ. 2549): Քիչ ետքը Դպրեվանքի առաջին եռամեային հետ անդրանիկ աշակերտաց խումբին առաջին շրջանը կը լրանար, ուսկից յետոյ պէտք էր եկեղեցականութեան մտնելու որոշումնին ստանալ եւ սարկաւագ ձեռնադրուելով` երկրորդ մասնագիտական շրջանին անցնիլ: Դպրութեան աստիճանները տարիէ մը կը տրուէին, լոկ եկեղեցականութեան բաղձանքին վրայ, առանց ուխտագիր արտայայտութիւն պահանջելու, եւ ըստ այսմ առաջին դասարանը ստացած էր 1890 սեպտեմբեր 28-ին, երկրորդը 1891 սեպտեմբեր 28-ին, եւ երրորդը 1892 սեպտեմբեր 26-ին: Իսկ եռամեայն լրացնողներուն հրաւէր եւ յորդոր կարդացուեցաւ 1892 սեպտեմբերին, եւ ինէն, մին բացակայ եւ մին ալ անհաւան գտնուելով, եօթը աշակերտներ կուսակրօն եկեղեցականութեան ուխտագիր մատուցուին սեպտեմբեր 17-ին, եւ գիրերը կեդրոնին հաղորդուեցան եւ պատրիարքարանէ ընդունուեցան սեպտեմբեր 24-ին պաշտօնագիրով, եւ 27-ին Վարագայ խաչի կիրակիին առաջին եօթները սարկաւագութեան աստիճան ստացան Օրմանեանի ձեռնադրութեամբ: Նշանակալից օր մը եղաւ այն ոչ միայն Դպրեվանքին, այլեւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան համար, որ կանոնաւոր ուսմամբ զարգացած եւ եկեղեցական յատուկ դաստիարակութեամբ պատրաստուած ապագայ պաշտօնեաներ կ՚ունենար վիճակներու վարչութեան եւ առաջնորդութեանց համար: Մինչեւ այն օր Դպրեվանքը նիւթապէս ալ բարեկարգուած եւ ճոխացած էր. զի հրկիզեալ հիւրանոցին տեղ նոր եւ քարուկիր ընդարձակ շինուած մը բարձրացաւ, որուն հանդիսաւոր օրհնութիւնը կատարուեցաւ 1891 սեպտեմբեր 11-ին: Չարխափանի տաճարը ներսէն եւ դուրսէն կարեւոր նորոգութիւններ ունեցաւ եւ զանգակատուն աւելցուեցաւ, եւ տաճարին հանդիպակաց թաղն ալ վար առնուելուն վաթսուն աշակերտի բաւական քարաշէն ուսումնարանի փոխուեցաւ, որուն նաւակատիքը կատարուեցաւ նոյն իսկ սարկաւագաց ձեռնադրութեան օրը, 1892 սեպտեմբեր 27-ին, եւ հոկտեմբեր 27-ին, եւ հոկտեմբեր 10-ին աշակերտները վեհարանի առժամեայ ուսումնարանէն նոր շինուածին մէջ փոխադրուեցան: Խնամակալութիւնը, եւ աւելի ճիշդ Աբիկ Ունճեան խնամակալը, հոգւով չափ եւ անձնական ձեռնտուութեամբ եւ զոհողութեամբ Դպրեվանքի կատարելագործութեան եւ ապահովութեան համար ամէն միջոցները կը հոգար, եւ նուիրատուներ ալ եւ բարերարներ ալ գտնալու կ՚աշխատէր, որոնց կարգին յատկապէս յիշատակութեան արժանի է Գրիգոր Կիւտիւկեան Եւդոկիացի վաճառականը, որ ուսումնարանի շինութեան ծախքը առատաձեռնեց, 1894 մայիս 24-ին անձամբ ալ այցելեց եւ երախտածանօթ ընդունելութիւն գտաւ (94. ԱՐԼ. 3098), եւ քիչ ետքը վախճանեցաւ 1894 նոյեմբեր 25-ին (94. ԱՐԼ. 3244): Հողագործական արդիւնքով սնունդի պէտքերը ապահովելու համար մշակութեան ալ մտադրութիւն դարձուեցաւ, վարուցանի արտերը շատցան, սերմերը նորոգուեցան, անտառը հոգացուեցաւ, այգին խնամուեցաւ, թթաստաններ աւելցան, եւ շերամատածութեան ընդարձակ գործ բացուեցաւ: Երկար տարիներէ ի վեր մտածուած եւ բաղձացուած հաստատութիւն մը, վերջապէս յաջող ուղղութեամբ կը յառաջէր եւ ընդհանուր գոհունակութեան առարկայ էր, մանաւանդ խնդութեան պատճառ էր Աշըգեան պատրիարքին իր Արմաշը պայծառացած եւ եկեղեցական ձգտումը իրականացած տեսնել, եւ սովոր էր կրկնել, որ եթէ ոչ ուրիշ պարագաներով, Դպրեվանքը բաւական էր իր պատրիարքութիւնը արդարացնելու: Սակայն իր մասը հովանաւորի դերն էր, նիւթականը Ունճեան Աբիկի եւ ներքինը Օրմանեանի եւ Դուրեանի արդիւնք էր:

2964. ՄԵԾ ԱԹՈՌՆԵՐ

Ցրիւ տեղեկութիւններ լրացնելու համար պէտք է խօսինք Տաճկահայոց միւս մեծ աթոռներուն վրայ ալ: Երուսաղէմ կը շարունակէր արդէն բացատրուած ուղղութեան մէջ 2944): Վեհապետեան պատրիարք Մաքսուտեան տեսուչի անձնատուր, եւ Մաքսուտեան վանական շահերուն հետ անձնականը, եւ ընդհանուր մատակարարութեան մէջ մասնաւոր օգուտն ու պատիւը աճեցնելու հետամուտ, իսկ միաբանութիւնը համամիտ իշխանութեանց հանդէպ լռին համակերպութեան հպատակ, ահա Երուսաղէմի կացութեան համառօտ ստուերագիծը: Օտարաց հետ միջադէպներ չէին յուզուեր այս միջոցին, Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանի հետ վէճեր եւ խնդիրներ չկային, ներքին կեանքն էր միայն որ կը զբաղեցնէր, եւ այն ալ դրամականին եւ յառակս դարձած պարտքի շրջանակին մէջ փակուած: Ուխտաւորական եւ բարեպաշտական արդիւնքներու տակաւ նուազման համոզմամբ, եւ ապագային ապահովութիւնը կալուածական հասոյթներէ սպասելու ակնկալութեամբ, նոր շինութեանց տենդը կը տիրէր, եւ Մաքսուտեան Վեհապետեանի հովանաւորութեամբ այդ ճիւղին նուիրուած էր, եւ նպատակը գովելի կը ներկայանար: Այս առթիւ միաբաններու անձնական խնայողութիւնները վանական կալուածներու կապելն ալ իր օգտակարութիւնն ունէր, եւ այդ տեսութիւններ կ՚արդարացնէին ղեւոնդական գործունէութիւնը, եւ նկատառութենէ կը վրիպեցնէին որ շինութեանց հաշիւները գաղտնիք էին դարձած, Ղեւոնդի նիւթական շահը զգալապէս կ՚աճէր, աթոռին պարտքը հասած նպաստներով նուազելու տեղ հետզհետէ կը շատնար, շինուած մեծ պանդոկը աբեղաթաղի ճղճիմ ձեւն ունէր, մինչ եւրոպական պանդոկներու մրցակից կը ներկայացուէր: Ընդհանուր վարչութեան վրայ անձնական եւ անձնազոհ ձեւը զօրացած էր, եւ յիշատակութեան արժանի կը նկատենք, որ միաբանական ժողովներու տոմարին համեմատ, 1889 նոյեմբեր 13-ի նիստին յաջորդը 1893 յուլիս 5-ին գումարուած է (89. ՄԻԱ. 470-479). իսկ տնօրէնի գործերը Ղեւոնդի կամաց կը հպատակէին: Յարութիւն պատրիարքի Կ. Պոլիսէ բերած նպաստները 2943) գործածուելէն ետքը Երուսաղէմի պարտքը 1889 նոյեմբեր 10-ին պաշտօնագիրներին մէջ 30. 000 օսմանեան ոսկի կը հաշուուի, եւ Վեհապետեան այս պարտքը ջնջելու համար կը ցուցնէ 10. 000 ոսկի պետութեան ձեռք մնացած գումարը գանձել, 9. 000 ոսկի Կ. Պոլսոյ հայաբնակութենէ իբր պարտաւորեալ նուէր հաւաքել, եւ 11. 000 ոսկի արտասահմանի նուիրակութեամբ եւ բացառիկ նպաստներով հոգալ (89. ՄԻԱ. 476), եւ այս նպատակով ճամբայ հանուած էին Գաբրիէլ վարդապետ Անուշեան դէպի Պարսկաստան եւ Հնդկաստան, եւ Գէորգ վարդապետ Երէցեան դէպի Պուլկարիա եւ Ռումանիա (93. ՄԻԱ. 487): Հաշուետուութեան նպատակով Կ. Պոլիս յղուած 1893 հոկտեմբեր 6-ի տեղեկագիրը խճողեալ բացատրութեանց նմոյշ կրնայ ըսուիլ, որ բնաւ լոյս չի սփռեր իսկական կացութեան վրայ (93. ՄԻԱ. 488-491), եւ անշուշտ տեսչական գրիչէ ելած է: Նոյն տեղեկագիրին մէջ իբրեւ նորաշէն յաւելուածներ կը յիշուին Ս. Փրկիչի գետինին եւ գերեզմաննոցին եւ Բեթղեհէմի գերեզմաննոցին շրջապատերը, երկու տուներ մեծ արտին հարաւակողմը, եւ մեծ պանդոկը նոյն մեծ արտին վրայ, որոնց ծախքերը հոգացուած կ՚ըսուին նոյն արտէն վաճառուած մասերու գիներով եւ նուիրատուաց ոմանց նպաստներով (93. ՄԻԱ. 486), եւ պէտք չէր որ միանգամայն պատճառ ցուցուէին պարտքին աճելուն: Այդ աճման դիմաց ուսումնական եւ բարոյական զարգացման առաւելութիւն մըն ալ չի ցուցուիր, որ արդար փոխարինութիւն ըլլար. զի այս միջոցէն սկսած է նորահաս միաբանութեան տակաւ անկումը, որ առաջիկային աղիտաբեր եղաւ Ս. Յակոբեանց միաբանութեան եւ պատրիարքական աթոռին: Յարութիւն պատրիարք իբրեւ սկզբունք կը սիրէր աւելի քան ուսմամբ զարգացեալ, սուրբ տեղեաց պաշտօնավարութեան նուիրեալ միաբաններ ունենալ, եւ Ղեւոնդի առաջնորդութեամբ գործող տնօրէն ժողովոյ այդ սկզբունքը որդեգրելով, չէր վարանէր անխտիր ընդունելութիւններով հետզհետէ ստորացնել միաբանութեան ուսումնական եւ բարոյական վիճակը: Միւս կողմէն նոր կանոնագիրին յայտնի ներհակութեամբ. ամենէն պատասխանատու պաշտօնեայն տնօրէնի վարիչն էր դարձած, մինչ որեւէ պատասխանատու պաշտօնեայ տնօրէնի անդամակցութեան ընտրելի պիտի չըլլար 2933): Երուսաղէմէ Սսոյ եւ Աղթամարայ կաթողիկոսութեանց անցնելով, վատթարագոյն եւս կը ներկայանայ մեզ այդ աթոռներուն կացութիւնը, որոնց աթոռակալները, Մկրտիչ եւ Խաչատուր, աւելի բռնակալ տիրապետողի քան օրինաւոր հովուի դեր ստանձնած, անձնական շահի եւ կիրքի սկզբունքներով կը գործէին, իրենց հօտին ճշմարիտ հովուութիւնը մոռցած, եւ միայն անոնց ասրն ու կաթը վայելելու հետամուտ: Նեղուած ժողովուրդներ մերթընդմերթ ձայն կը բարձրացնէին, բայց Կ. Պոլսոյ կեդրոնն ալ ինքն տագնապներով պաշարուած հազիւ թէ կը լսէր անոնց ձայնը, եւ երկու աթոռակալներ համարձակ կը գործէին իրենց ուղղութեամբ: Մանրամասն պարագաներու եւ մասնաւոր դիպուածներու մտնել աւելորդ կը սեպենք, քանի որ եւ ոչ մի շինարար եւ մխիթարական բան պիտի կարենանք յառաջ բերել:

2965. ԼԱԶԱՐԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ

Կրկին Ռուսահայոց կողմը անցած ատեննիս` անցողակի յիշենք Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանը, որուն սկզբնաւորութիւն եւ Լազարեանց տոհմին անունը անմահացնող հաստատութեան ծագումը ժամանակին բաւական ընդարձակօրէն պատմեցինք 2378, 2380), բայց այլեւս առիթ չունեցանք անոր վրայ խօսելու, զի ուսումնական կանոնաւոր ընթացք մըն էր անցուցածը, միշտ լաւէն լաւագոյնի անցնելով: Այսպէս բոլորած էին 70 տարիներ 1815-ի նախնական հիմնարկութենէն հաշուելով: Իսկ 1865-ին արեւելեան լեզուաց Լազարեան ճեմարանին մասնագիտական դասարանները փակուած էին, Լազարեան ազգատոհմին ուղիղ գիծն ալ սպառած էր, եւ ճեմարանի գլխաւոր կառավարիչի պաշտօնը թափուր մնացած էր: Նոր ճիգ մը եղաւ գործերը իրենց կանոնական հաստատուն ձեւին վերածելու, պատուակալ հոգաբարձուի տիտղոսը տրուեցաւ Աբամելիք Լազարեանց գերդաստանին, որ Լազարեանց տոհմի կրտսեր ճիւղն էր. նախարար Տեմետր Տոլստոյ 1871-ին յանձն առաւ գլխաւոր կառավարիչի պաշտօնը, անմիջապէս նոր կանոնագիր մը կազմուեցաւ, եւ 1872-ին կայսերական վաւերացում ստացաւ, մասնագիտական երեք դասարանները բացուեցան, եւ եօթանասունհինգ ամեայ ադամանդեայ յոբելինին լման 1890 մայիս 10-ին ճեմարանը ամենայաջող պարագաներու ներքեւ կը գտնուէր, ուստի որոշուեցաւ յոբելեանական տօնախմբութիւնը կատարել հոկտեմբեր 24-ին: Բայց մեզ հետաքրքրող կէտերը հանդիսական ցոյցերու մանրամասնութիւնները չեն, եւ կը նախադասենք յիշատակել թէ երախտածանօթ յիշատակներու եւ եռանդուն ուղերձներու մէջ կարեւոր տեղեկութիւններ ալ տրուեցան, որոնց կարգին Խաչատուր Լազարեանցի 200. 000 րուբլիի իշխանական նուէրը, ճեմարանի դրամագլուխին 900. 000 րուբլիի հասած ըլլալը, 50. 000 րուբլիի յաւելուածը ձրիավարժներ շատցնելու համար, եւ 32. 000 րուբլիի պահեստի գումարը նոր դահլիճի մը կառուցման սահմանուած: Որչափ ալ Լազարեան ճեմարանին վերին վարչութիւնը նոր կանոնադրութեամբ եւ հիմնադիրներու կամքով Լուսաւորութեան մինիստրութեան, այսինքն կրթական նախարարութեան յանձնուած էր, Հայոց լեզուի եւ կրօնի անձեռնմխելի կերպով հայերէն դասաւանդութիւնը, ձրիավարժներուն հայազգի լինելը, պատուակալ հոգաբարձուին Լազարեան տոհմին վերապահուիլը, վերատեսուչէն եւ տեսուչէն գոնէ մէկին հարկաւ հայազգի ըլլալը, եւ ընդհանուր աշակերտութեան գոնէ մէկ երրորդին հայ ըլլալուն պայմանը (90. ԱՐԼ. 2050), հայկական հաստատութիւն ըլլալը կ՚երաշխաւորեն, եւ նոյն ճեմարանը բոլոր հայ հաստատութեանց մէջ առաջինը կրնայ ըսուիլ իր ապահովեալ գոյութեամբ, որ եւ ցարդ նոյն կերպով կը յառաջէ, եւ նոյն իսկ պետական հսկողութեան յանձնուած ըլլալը իր ապահովութեան հիմը կը կազմէ:

2966. ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ՄԷՋ

Մայրաթոռոյ մէջ Պարզեանց ու Խուտավերտեանց եպիսկոպոսներու աքսորէն եւ Տէր-Գասպարեան ու Դաւթեան եպիսկոպոսներու ահաբեկութեան վրայ, Գալստեան-Սեդրաքեան ընկերակցութիւնը յաղթական տիրապետողի դերը ստանձնած արձակ համարձակ կը գործէր, եւ կաթողիկոսանալու երազով կ՚օրօրուէին երկու գործակիցները հաւասարապէս. բայց որովհետեւ երկուքը միանգամայն չէին կրնար կաթողիկոս հռչակուիլ, համերաշխ գործակցութեան քօղին ներքեւ փոխադարձաբար զիրար խաբելու նենգաւոր դերը կը վարէին: Նոյն իսկ սինոդին իրենց առած նոր անդամակիցները դժգոհ էին իրաց վիճակէն, սակայն ընդհանուր միաբանութեան վրայ տիրող երկիւղալից համակերպութեանը անոնք ալ կը մասնակցէին. զի հակառակ պարագային հարուածի ալ կը հանդիպէին, ինչպէս հանդիպեցաւ Բարթողիմէոս վարդապետ Գէորգեանի, որ տիրապետողներու դէմ յայտնած կարծիքը սինոդէ արտաքսուելով լուծեց, որուն տեղ իսկոյն համակերպողներ անցան: Ուստի վանական շրջանակին մէջ բոլոր յոյսը դուրսէն օգնութեան վրայ դրուած էր որ տիրապետողներու նպատակը խանգարուի: Նկատողութեան արժանի միջադէպ մը եղաւ Տփղիսի աշխարհական պատգամաւորին ընտրութիւնը, ուր առաջին անգամ յաջողեցաւ Աբգար Յովհաննէսեան, Սեդրաքեանի պաշտպան Գրիգոր Արծրունիի դէմ, եւ ընտրութիւնը առաջնորդէն վաւերացուեցաւ, բայց սինոդը Սեդրաքեանի ազդեցութեամբ ընտրութիւնը անվաւեր հռչակեց, եւ Էջմիածինէ յատուկ եպիսկոպոս յղելով նոր ընտրութեամբ Արծրունին յաջողցուց: Բայց Յովհաննէսեան ալ դուրս չմնաց, զի Պրուսայի տաճկահայ վիճակէն պատգամաւոր ընտրուեցաւ, որ դուրսէն սպասուած օգնութեան բարեգուշակ նշանն եղաւ: Հետեւաբար Տաճկահայոց կողմանէ ուղղակի վիճակներու պատգամաւորներով ընտրութեան մասնակցելու լուրերը տիրապետող վարիչներու հաճելի չէին. զի այս նոր տարրին վրայ ալ ազդելու համար նոր աշխատութեանց կը պարտաւորուէին, ելքն ալ անստոյգ ըլլալու պայմանով: Ուստի շօշափելի արդիւնքով մըն ալ ազդել կարենալու համար միաբանական թաղի մը շինութեան ձեռնարկուեցաւ, բաւական ճաշակաւոր եւ ընդարձակ ծրագիրով երկյարկանի շինուած մը, ներքեւի բնակարանները երկու բաժանումներով` եպիսկոպոսաց համար, որով պիտի կարենար տեղապահական վարչութեան շինարար ուղղութիւնը շեշտուիլ, եթէ հնար ըլլար լոկ արտաքինով ընտրողները խաբել, մինչեւ վարչութեան ներքինը բոլորովին հակառակը կը հաստատէր, նոյն իսկ վերիվերոյ զննողներու աչքին: Այդ պատրաստութիւններով կը սպասէր Գալստեան-Սեդրաքեան ընկերակցութիւնը ընդունել եւ հրապուրել Տաճկահայերուն պատգամաւորները. զի ռուսահայ եկեղեցականութիւնը պատրաստուած կը կարծէր, իսկ ռուսահայ աշխարհականութիւնը թիւին նուազութեամբն իսկ մտահոգութիւն չէր պատճառեր: Այս պարագաներն էին որ յատկապէս Օրմանեանի պատգամաւորութեան վրայ մտադրութիւն հրաւիրեցին, զոր իրենց դարձուածներուն նախածանօթ մը գիտէին, եւ անոր դէմ արգելքի միջոցը կը գործածէին, թէպէտ ակնկալուած արդիւնքը չէին ունենար 2959): Արգելքի հեռագիրին մէջ Մանկունի Վահրամ եպիսկոպոսի անունն ալ խառնած էին, անշուշտ միայնումիայն Օրմանեանի վրայ մտադրութիւն դարձուցած չերեւնալու համար. որովհետեւ երբեք Մանկունիի պատգամաւորութիւնը խօսուած չէր, նա ինքնիրեն իրաւունք չունէր, եւ ուրիշի ալ փոխանորդութեան կոչուած չէր, եւ փոխանորդելու տրամադրութիւն չունէր: Այս պատրաստութիւններով` Գալստեան-Սեդրաքեան ընկերակցութիւնը պատրաստ կը գտնուէր պատգամաւորները ընդունելու, որոնք 1892 ապրիլին մէջ հետզհետէ հասնիլ սկսան, թէպէտ հնար չէր որ երկուքն ալ անձնական յաղթանակ չերազէին, եւ անձնական ձգտումներ չունենային, զի միակ աթոռը երկուքը միանգամայն չէր կրնար գոհացնել, եւ ի հարկէ իրենց ներքինին մէջ արտաքինէն տարբեր միտքեր կը մշակէին զիրար գրելու, եւ համերաշխ գործունէութիւննին անձնական նպատակին ծառայեցնելու: