Ազգապատում. հատոր Գ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՄԱՏԹԷՈՍ Բ. ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼՍԵՑԻ

3109. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Կաթողիկոսական ընտրութիւններէ առաջ ստէպ ընտրողական պայքարներ պատմելու առիթ ունեցանք: Խրիմեան կաթողիկոսի մահուանէ ետքը հայ հասարակութիւնը այդ խնդիրով շատ զբաղեցաւ, զի պարագաներն ալ ինքնին մատնանիշ կ՚ընէին երկու ընտրելեաց կամ ընտրելոց անունները: Գործունեայ պաշտօնավարութեամբ եւ դժուարին կացութեան վրայ տիրապետութեամբ կը ներկայանար Օրմանեան պատրիարքին անունը. աքսորի եւ հալածանքի ենթարկուելովը եւ տեսակ մը արիական հոգւովը համակրութիւն շահած էր Իզմիրլեան նախորդ պատրիարքին անունը, եւ այդ երկուքն էին որ ամէնուն կողմէն, կը խօսուէին, եւ օրագիրներէն եւ օրացոյցներէն իբր նախագուշակութիւն կը կրկնուէին, միանգամայն երկու բաժիններու համերաշխութեան գետին կը դառնային, զի թէ' պահպանող եւ շահեցող խոհական կողմը, եւ թէ' յեղափոխական եւ յուզող խօլական կողմը, իրենց փափաքը լրացած կը տեսնէին, եթէ այս երկու անունները կազմէին վերջնական երկանունը, եւ պարագայից կը մնար մէկին կամ միւսին ընտրողականէն նախադասուիլը կամ կայսրէն նախընտրուիլը: Խրիմեանի մահէն մինչեւ օսմանեան ազատութեան հռչակուիլը անցնող ութը ամիսներու մէջ հաւանականութիւնը Օրմանեանի վրայ կը դառնար թէ' ժողովրդական մեծամասնութեան եւ թէ' պետական ուղղութեան տեսակէտէն, բայց կացութեան փոխուելով միտքեր եւ միտումներ ալ փոխուեցան, Իզմիրլեանի անձնականութիւնը եւ պատահական պարագաները առաւելութիւն ստացած էին եւ հաւանականութիւն անոր նպաստաւոր էր դարձած: Ասով մէկտեղ Օրմանեանի վրայ նկատուած կէտերը չէին կրնար չքանալ, եւ Իզմիրլեանի յաջողութեան հաւանականութիւնը աճած ըլլալով մէկտեղ, անոր կուսակիցները հակառակին երկիւղէն ազատ չէին. ուստի ամէն լուտանք եւ նախատինք, կեղծիք եւ ստութիւն, կամայականութիւն եւ ամբոխավարութիւն, քննադատութիւն եւ ամբաստանութիւն կը գործածուէին եւ կը բարդուէին, որպէսզի մի' գուցէ գաղտնի քուէն յայտնի աղմուկին յաղթանակէր, կամ ինչպէս ամբաստանողներուն յառաջընթաց Գասպարեան Արիստակէս կը գրէր, մի' գուցէ նախորդ պատրիարքը յաջողէր կաթողիկոսութեան քուէ ստանալ ( ՕՄԱ. 221), թէպէտ պարագաները այլեւս յայտնի կը ցուցնէին Օրմանեանի նախադասուելուն անհնարութիւնը: Զարմանալի էր ստուգիւ որ տակաւին հակառակ կողմէն բուռն ճիգեր կը թափուէին Օրմանեանի յաջողութիւնը արգիլելու, իբր զի չէր կրցած անհետանալ այն միտքը թէ լռողներ կրնան նպաստաւոր քուէ տալ, եւ թէ նոյն իսկ հակառակ խօսողներէն շատեր հակառակութիւնը չգրգռելու համար կեղծողներ ըլլային: Այդ նպատակով մեծ ջանք տարուեցաւ պատգամաւորներու ընտրութեան մէջ, Օրմանեանէ դժգոհներ եւ կուսակցականներ շատցնելու, եւ եկեղեցական ձայնատէրներու վրայ ճնշումներ բանեցնել, որով, ինչպէս գործին առաջնորդողներէն Աւետիս Ահարոնեան կը յայտարարէր, Օրմանեանականներ սակաւաթիւ կը մնային եւ անոնց ձայնը շուտով կը խեղդուէր (08. ԱՐԼ. 6946): Արդէն Օրմանեանի դէմ ելլողներ անձնական պատճառներէ գրգռուողներ էին, շատեր իրենց կամքը յառաջ տանելու մէջ արգելքի հանդիպողներ էին, եւ նոյն իսկ կուսակցականներ պարզապէս պատրիարքը իրենց ծառայեցնել չկրնալնուն համար վշտացողներ էին: Յիշեցինք թէ Կ. Պոլսոյ երեսփոխանութեան մէջ ալ պատգամաւորութեան ընտրեալին արժանիքը Օրմանեանի քուէ չտալը նկատուեցաւ, եւ հասարակ դասակարգէն անուս թեփավաճառ մը մայրաքաղաքի պատգամաւոր նշանակուեցաւ 3107), մինչ բարձրագոյն դասակարգէ ընտրեալներ եւ ընտրելիներ պայմանը չընդունելնուն համար հրաժարած էին: Կուսակցականաց կողմնակիցներ Ռուսահայոց մէջ ալ կային եւ ընտրուիլ կը յաջողէին, թէպէտ Կովկասի խոհական մեծամասնութիւնը տարբեր ուղղութեան կը հետեւէր: Երբոր պատգամաւորներ Էջմիածին հաւաքուեցան իրենց նախապատրաստական գումարումներուն մէջ, գլխաւոր աշխատանքնին երկրորդ ընտրեալի անունը որոշելն եղաւ, եւ շատ լեզուներ եւ այլ ընդ այլոյ տեղեկութիւններ եւ խեղաթիւրեալ պատմութիւններ թափուեցան, որպէսզի Օրմանեանի անունը մէկ կողմ թողուի, եւ ուռուցիկ արժանիքներ բարդուեցան Դուրեանի վրայ, որոնք դրական ձիրքերէ կամ բարոյական կեանքէ անդին չէին անցներ, եւ դիտուած նպատակին չէին տաներ: Այսուհանդերձ լաւագոյնը չգտնուելով` անոր վրայ համաձայնեցան, եւ Էջմիածնի միաբաններէն Մեսրոպ Սմբատեան եւ Գրիգոր Գառնակերեան եպիսկոպոսներուն անունները առնուեցան քառանուն ցանկը լրացնելու իբր ռուսահայոց ի պատիւ: Օրմանեանի անունը քառանուն ցանկի քուէարկութեան մէջ չորսերէն անմիջապէս ետքը կու գար 9 քուէով, երբ հոկտեմբեր 30-ին հինգշաբթի օր հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցաւ, եւ 31-ին քառանուն ցանկը կազմուեցաւ Իզմիրլեան 78 եւ Դուրեան 66 եւ միւս երկուքը 35 քուէով (08. ԱՐԼ. 6941): Իսկ նոյեմբեր 1-ին շաբաթ օր վերջնական ընտրութիւնը կամ երկանուն ցանկը քուէարկուեցաւ Իզմիրլեան 73 եւ Դուրեան 55 քուէով (08. ԱՐԼ. 6956): Այդ ընտրութեան չուզեց մասնակցիլ Խապայեան, իբր զի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միակ հրաւիրագիր ղրկուած էր յանուն աթոռին. մինչ ինքն կը պահանջէր որ 13 վիճակներ զատ զատ ներկայացուին ընտրողական ժողովին մէջ, ինչպէս որ Կ. Պոլսոյ երեսփոխանութիւնը որոշած էր Գէորգի ընտրութեան առթիւ, 65-ի բարձրացնելով Տաճկահայոց նախապէս 45 ցուցուած վիճակները (08. ԱՐԼ. 6919), սակայն այդ յաւելուածը պաշտօնապէս չէր առաջարկուած եւ ընդունուած: Այն ատեն 45 կամ 65 միակ պատգամաւորով ներկայացնելու ձեւը կը պնդուէր, եւ Մայրաթոռի ու Ռուսիոյ կառավարութեան մօտ Մատթէոսի ընտրութեան ատեն ցուցուած 45 վիճակներու ցուցակը կը տիրէր: Երեսփոխանութիւնը Աղթամարն ալ 2 եւ Երուսաղէմն ալ 5 վիճակներու բարձրացուցած էր, սակայն անոնք այս կէտին վրայ չպնդեցին ու մասնակցեցան: Կատարուած ընտրութեանց ձեւակերպութեանց վրայ իբրեւ կարեւոր գիտելիք պիտի աւելցնենք, թէ այս անգամ գաղտնի քուէարկութեան ձեւը ընդունուեցաւ, սպիտակ եւ սեաւ գնդիկներու կիրառութեամբ, փոխանակ յայտնի ձայնատուութեան: Պատգամաւորներու ալ չներուեցաւ երկրորդ ձայն գործածել, մինչ յառաջ երրորդ ձայնը միայն կ՚արգիլուէր: Իսկ պատգամաւորներուն թիւը առաջին անգամ 82 անձ եւ 105 ձայն էր հաշուուած (08. ԱՐԼ. 6948), մինչ վերջին քուէարկութեան մէջ միայն 77 անձ ու ձայն գտնուեցաւ, որ է ըսել թէ 23 երկրորդ ձայներ խափանուեցան, եւ 5 անձ ալ բացակայեցին Օրմանեանի անունը սաստիկ պաշտպանողներէն: Վերջնական քուէահամարը տուած էր Իզմիրլեանի 73 սպիտակ եւ 4 սեաւ քուէ, Դուրեանի 55 եւ 22, Սմբատեանի 11 եւ 65, եւ Գառնակերեանի 19 եւ 56, եւ կ՚երեւի թէ վերջիններ իրենց անունին քուէարկած չէին (08. ԱՐԼ. 6956):

3110. ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

Էջմիածնայ ընտրողական ժողովրդին արդիւնքը իմացուած վայրկեանէն Իզմիրլեան սկսաւ ամէն կողմէ խնդակցական իղձեր ընդունիլ, եւ իբրեւ վերջնականապէս կաթողիկոս ընտրուած ողջունուիլ, թէպէտ պօլօժէնիէի օրէնքով տակաւին Ռուսաց կայսեր կամքն ու հրամանը պէտք էր այդ վերջնականութիւնը ապահովելու: Իզմիրլեան թէպէտ չափաւոր աստիճանով, բայց լիովին հաճութեամբ ու գոհունակութեամբ կ՚ընդունէր եղած ցոյցերը, եւ միտքէն իսկ չէր անցունէր որ քանի քանի անգամներ, բանիւ եւ գրով, փաստով եւ վէճով, իր կողման անիրաւ եւ ապօրէն եւ անվաւեր հռչակուած պօլօժէնիէի կանոնով էին կատարուած իր ընտրութեան ամէն գործողութիւնները, եւ տակաւին պօլօժէնիէի նուիրագործած կայսերական կամքին պէտք էր սպասել եղած ընտրութեան տէր դառնալու համար: Միւս կողմէն ազատած էր Օրմանեանի մրցակցութեան երկիւղէն, բայց կ՚երեւի որ սիրտը հանդարտած չէր, որ հոկտեմբեր 31-ին պատրիարքական աթոռ բարձրանալէն եւ նոյեմբեր 1-ին կաթողիկոսութեան ընտրուելէն ետքն ալ, նոյեմբեր 7-ին առաջին անգամ երեսփոխանութեան նախագահած օրը, իր նախընծայ գործունէութիւնը կը սկսէր Օրմանեանի դէմ ամբաստանութիւնը քաջալերելով, սահմանադրութեան օրինագծին հակառակ պաշտօնի վրայ եղող պատրիարքին համար տրամադրուածը դադարեալ պատրիարքին պատշաճեցնելով, եւ ներքին կանոնագիրին որոշած նախաքննութիւնը զանց ընելով, եւ իր առաջարկութեան վրայ քննիչ յանձնաժողովոյ կազմութիւնը անմիջապէս որոշել տալով, որպէսզի Օրմանեանը պաշտօնապէս ամբաստանելի վիճակին ենթարկէ: Իզմիրլեան շատ աւելի մեծանձն եւ վեհոգի գտնուած պիտի ըլլար, եթէ օրէնքին ճշդութեան վրայ մնալով, եւ իր վայելած ազդեցութիւնը ազնուօրէն գործածելով, եւ իր խոստովանութեամբ Օրմանեանի իրեն պաշտպանութեան համար ըրածը յիշելով ( ՊՃՆ. 10), եւ անձնական կիրքէ աւելի ընդհանուր պատիւը նկատի առնելով, ամբաստանագիրին ներկայացումն իսկ արգիլած ըլլար: Սակայն թողունք այս կէտը եւ ընտրութեան դառնալով դիտել տանք որ հասարակաց ըմբռնման մէջ Իզմիրլեանի կաթողիկոսութեան հաստատութիւնը կասկածի տեղի չէր թողուր. զի Ռուսաստան 1905-էն եւ Տաճկաստան յուլիսէն ի վեր ազատութեան օրէնքներ հռչակած էին, եւ հին անցեալներ եթէ միտքի մէջ մնացած ալ ըլլային, օրինական գործողութեանց չէին խառնուեր, եւ արդէն ընտրութենէն քանի մը օր առաջ Ապտիւլհամիտ Իզմիրլեանի պատրիարքութիւնը հաստատած էր, եւ քիչ օր ետքն ալ 15-ին կը շնորհաւորէր անոր ընտրութիւնը (08. ԱՐԼ. 6953), եւ նոյնը պիտի ընէր անշուշտ Ռուսիոյ կայսրն ալ: Այսուհանդերձ երկու ամիսներ անցան առանց լուրի, եւ միայն 1909 յունուար 3-ին ռուսական դեսպանատան թարգմանը հաղորդեց թէ իբր կաթողիկոս ընդունուած է, բայց պէտք է հպատակութեան փոփոխութիւնն ալ լրանայ: Ամիս մը եւ աւելի եւս անցաւ այդ ձեւակերպութեանց համար ալ, եւ փետրուար 10-ին կառավարութեան կողմէն պատրիարքարանի հաղորդուեցաւ թէ Իզմիրլեանի հպատակութիւնը փոխուած է, որով պատրիարքութենէ դադարած կը սեպուի, որուն վրայ 11-ին խառն ժողովը տեղապահ ընտրեց Արշարունի Յովհաննէս եպիսկոպոսը Պրուսայի Առաջնորդը (09. ԱՐԼ. 7023), եւ 12-ին, որ Իզմիրլեանի ծննդեան 64-րդ տարելիցին ճիշդ օրն էր, ռուսական թարգմանն ալ իրեն հաղորդեց հաստատութեան վճռուած ըլլալը: Թէպէտ շատ համառօտ եղաւ Իզմիրլեանի երկրորդ պատրիարքութիւնը, հոկտեմբեր 31-էն փետրուար 10, հարիւրմէկ օր միայն, սակայն նախապէս այս միջոցին դէպքերուն գոնէ գլխաւորները բացատրել կը պարտաւորուինք, ինչպէս նաեւ Արշարունիի տեղապահութեան ժամանակին դէպքերը. զի Իզմիրլեանի Կ. Պոլիսէ մեկնիլը մինչեւ մայիսի վերջերը յետաձգուեցաւ, թէ' Էջմիածնի հրաւիրակներուն գալուն սպասելով, եւ թէ' Կ. Պոլսոյ մէջ ունեցած գործերը կարգադրելու զբաղելով:

3111. ՕՐՄԱՆԵԱՆ ԱՄԲԱՍՏԱՆԵԱԼ

Յիշեցինք արդէն թէ Օրմանեանի դէմ ներկայացուած ամբաստանութիւնը դատական քննութեան յանձնելու որոշումը իսկոյն տրուեցաւ նոյեմբեր 7-ին, բայց քննիչ մարմինին կազմութիւնը յապաղեցաւ մինչեւ դեկտեմբեր 19: Նոր ամբաստանութիւնը նախընթացաբար խօսուած եւ կրկնուած կերպերէ տարբեր ոճ ունէր, եւ կ՚երեւի թէ նոր գետին կազմելու պէտքը զգացուած էր: Օրմանեանի դէմ սկիզբէն խօսուածները մասամբ վերջին օրերու վերաբերեալ քննադատութիւններ էին, ազատութեան հռչակուած օրը ժողովուրդին հետ հրապարակ չնետուելուն համար, եւ մասամբ եւ առաւելապէս հաշիւներու խնդիրն էր որ մէջտեղ կը նետուէր, եւ որ յուլիս 25-ի արկածալից ցոյցին հիմ էր կազմած: Օրմանեան առանց խօսուածներուն ու գրուածներուն մի առ մի պատասխանելու, գործերը ամբողջապէս ներկայել նախադասեց եւ տեղեկագիրներ պատրաստելու ձեռնարկեց: Առաջ նպաստից տեղեկագիրը կազմեց եւ պաշտօնապէս պատրիարքարանի ու տպագրութեամբ հասարակութեան ներկայեց, եւ այս բաւական եղաւ որ այլեւս հաշուական զեղծմանց, կամ թէ 30-40. 000 ոսկւոյ իւրացուցման առասպելը չկրկնուէր: Միեւնոյն կերպով սկսած էր տեղեկագիր կամ յիշատակագիր մը պատրաստել իր վարչական գործունէութեան պարագաները բացատրելու, եւ իրեն մասին զրուցուած ու գրուած քննադատութիւնները անուղղակի ցրելու, եւ կը յուսար որ նպաստից տեղեկագիրին պէս վարչական յիշատակագիրն ալ բաւական կ՚ըլլար զրոյցները կարճելու եւ զրպարտութիւնները լռեցնելու, ուղղադատներուն միտքը հանդարտելու եւ զրպարտողներուն բերանը գոցելու, մէկ խօսքով տիրող խնդիրները եւ հակառակութիւններն ինքնին դադրեցնելու: Թէպէտ կային բարեացակամ անձեր, որոնք զինքը կը յորդորէին իւրաքանչիւր քննադատութեան յօդուածներով պատասխանել, ինչպէս կային եւ իր յօդուածները հրատարակելու պատրաստական լրագրապետներ, այլ Օրմանեան իր սկզբունքին հաստատ` կը խորշէր հրապարակի վրայ բանակռիւի իջնելէ ու զրպարտողներու հետ հակաճառութեան մտնելէ, եւ յիշատակագիրի պատրաստութիւնը բաւական կը սեպէր վարչական տեսակէտէն ամէն զրոյց միանգամայն կարճելու, ինչպէս որ նպաստից տեղեկագիրը բաւական եղած էր հաշուական տեսակէտէն յօրինուած զրպարտութիւնները հիմնովին վերջացնելու ( ՕՄԱ. 183): Բայց կ՚երեւի այդ ելքին նախատեսութիւնը Օրմանեանը հալածելու ուխտած խմբապետներն ալ ունեցան որ կանխեցին չեւ Օրմանեանի յիշատակագիրը մէջտեղ ելած, պաշտօնական ամբաստանագիր ներկայել կամ ներկայացնել տալ ընդհանուր ժողովոյ, իբրեւ ազգային գերագոյն ատեանի, եւ իսկոյն դատարան կազմել, հարցաքննութիւն բանալ, եւ Օրմանեանը դատափետեալի նկուն եւ զրկեալ վիճակին ենթարկել: Այս նոր երեւոյթին առջեւ Օրմանեան այլեւս աւելորդ սեպեց իր պաշտպանողականը մէջտեղ հանել, որ կրնար թերեւս հակառակորդներուն քաշկռտուքի նիւթ մատակարարել, մանաւանդ որ վերահաս ուղեղային համախռնութեան խօթութիւնն ալ, թէ' ըստ ինքեան եւ թէ' բժիշկներու ստիպողական կարգադրութեամբ բացառիկ հանգիստ կը պահանջէր: Ասով մէկտեղ միամտութիւն ունեցաւ քանի մը նամակներով Իզմիրլեան պատրիարքին դիմել, եւ ընդհանուր բացատրութիւններով ( ՕՄԱ. 209-216) կամայական գործերուն դադարումը խնդրել եւ բերանացի բացատրութեան համար տեսակցութիւն ուզել. բայց երբ իր գիրերուն անպատասխանի մնալը եւ տեսակցութեան զլացուիլը տեսաւ 3108), եւ Իզմիրլեանի մտայնութեան մասին վստահելի տեղեկութիւններ ստացաւ, համոզուեցաւ թէ իր ճիգերը արդիւնք պիտի չունենան, եւ օրինական պահանջումներ կամայական հակառակութեանց վրայ պիտի չազդեն, որոշեց այլեւս լռել, բացարձակապէս կրաւորական դերի մէջ փակուիլ, եւ երկայնամիտ համբերութեան ճամբուն հետեւիլ ( ՕՄԱ. 205), որ 1908 տարւոյ վերջին ամիսներէն մինչեւ 1912 տարւոյ վերջին օրերը տեւեց` չորս ամբողջ տարիներ: Երբոր 1908 նոյեմբեր 7-ին դատական քննութեան որոշումը տրուեցաւ միայն Արիստակէս Գասպարեանի ամբաստանագիրը կար որոշման հիմ կազմող, որ իրեն գրութեան ստորագրող հինգ ընկերներ եւս ճարած էր, Միրզա Մսրեան, Արթաքի Սաֆարեան, Հայկազուն Պէկեան, Տէվլէթ Տատուրեան, Ղազարոս Չըպլաքեան, հինգն ալ ազգային եւ վարչական գործոց մէջ մասնակցութիւն չունեցած եւ չունեցող, եւ գրութեան մէջ յիշուած պարագաներուն անտեղեակ անձեր: Կ՚երեւի որ այդ ամբաստանագիրին անբաւականութիւնը աչքի զարկած էր, որ տրուած որոշումէն ետքը նոր ամբաստանագիրեր ալ ճարելու հետապնդում եղաւ, եւ նոյեմբեր 12-ին Յովհաննէս Հինգլեան, 14-ին Ղազարոս Չըպլաքեան, անկէ ետքը Յովհաննէս Տէրունեան, դեկտեմբեր 11-ին Հմայեակ քահանայ Էքսէրճեան, եւ 12-ին Ղեւոնդ Դուրեան եւ Գրիգորիս Պալաքեան վարդապետներ եւ Միքայէլ Աշճեան քահանայ նոր ամբաստանագիրեր ներկայեցին, եւ ասոնք ալ ճարելէն ետքն էր որ դեկտեմբեր 19-ին դատաքննիչ մարմինը ընտրուեցաւ հինգ եկեղեցական եւ հինգ աշխարհական անդամներով, ուսկից հրաժարողներուն տեղը լրացուելով, անդամներն եղան, Մաղաքիա Տէրունեան եպիսկոպոս, Եղիշէ Գալֆայեան եւ Գնէլ Գալէմքեարեան վարդապետներ, Արիստակէս Հիսաբլեան ու Տաճատ Փաշայեան քահանաներ, եւ Վռամշապուհ Մանուկեան, Նշան Ճիվանեան, Սարգիս Էսմէրեան, Հմայեակ Արամեան ու Սարգիս Սուին աշխարհականներ:

3112. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԻՏՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ամբաստանութեանց վրայ մանրամասնօրէն խօսիլ կրնար մեզ երկարաբանութեանց տանիլ, միւս կողմէն շատ սեղմօրէն գրելն ալ մութ կը թողուր խնդիր մը, որ ժամանակին բաւական կարեւորութիւն ստացաւ եւ բաւական տարիներ ալ տեւեց եւ շատ գրութեանց նիւթ ընծայեց: Ուստի միջաշաւիղ կերպ մը պահելով, նախ քանի մը ընդհանուր տեսութիւններ պիտի ներկայենք, եւ յետոյ ամբաստանութեանց համառօտ քաղուածը պիտի տանք: Արդ, սահմանադրութեան 6-րդ յօդուածը ( ՍՀՄ. 17), շատ յստակ կերպով ամբաստանութեան խնդիրը բացառաբար կը յատկացնէ պաշտօնի վրայ գտնուող պատրիարք մը դադրեցնելու պարագային, եւ նոյն իսկ եթէ պատրիարքը պարտաւոր դատուի պաշտօնէ դադրելէն ետքը անոր մասին որեւէ դատական կամ պատժական տրամադրութիւն չի նշանակէր, որով այն յօդուածը պաշտօնէ դադրած պատրիարքին պատշաճեցնել սահմանադրութիւնը խեղաթիւրել էր, եւ երեսուն տարիէ ի վեր սահմանադրութիւն ուսումնասիրած ըլլալու պարծեցողներուն հնար պիտի չըլլար այդչափ յայտնի ու տարրական կէտ մը չնշմարել, եթէ անձնական մղումով մը վարուած չըլլային: Յիշեցինք եւս որ ընդհանուր ժողովոյ ներքին կանոնագիրը կը տրամադրէ նոր առաջարկուած խնդիրի մը նախաքննութիւնը փոքր դիւաններէն միայն յանձնել, եւ անոր տեղեկագիրէն ետքը նկատի առնել: Այս կէտն ալ այս անգամ անց եղաւ, եւ առանց նախաքննութեան իսկոյն առաջարկին ընթացք տրուեցաւ եւ դատաքննիչ մարմինը կազմել որոշուեցաւ, եւ այս ալ Սրբազան պատրիարքին առաջարկութեան վրայ տեղի ունեցաւ (08. ԱՐԼ. 6946): Դիտելի կէտ մըն էր եւս, որ սահմանադրութիւնը յայտնի յօդուածով, պատրիարքին վրայ ամբաստանութիւն ընելու միայն ընդհանուր ժողովն եւ կրօնական ու քաղաքական ժողովներն իրաւունք ունին կ՚ըսէ ( ՍՀՄ. 17): Իսկ այս անգամ ոչ երեսփոխանական ժողովն եւ ոչ վարչական ժողովներն էին ամբաստանողները, այլ վարչական գործոց մէջ դեր չունեցող մէկու մը եւ անկէ գրգռուած ու ճարուած ազգային գործոց անտեղեակ հինգ ընկերներէ մատուցուած ամբաստանագիրը, որ մտադրութիւն իսկ չէր կրնար առնուիլ, եթէ սահմանադրութեամբ պարծեցողներ սահմանադրութեան հետեւէին: Դիտելու արժանի կէտ մըն էր եւս, որ դադարեալ պատրիարքը ինքնիրեն պաշտօնավարած չէր եւ ինքնագլուխ գործած չէր, իրեն մօտ վարչական ժողովներ ունեցած էր, եւ մինչեւ իսկ առանց ժողովի չմնալու համար պատրիարքական տագնապ ալ յուզած էր 3076): Աւելցնենք որ սահմանադրութիւնն ալ ժողովները պատասխանատու կը ճանչնայ, եւ մինչեւ իսկ անոնցմէ կը պահանջէ վարչական համարատուութիւնը եւ ոչ պատրիարքէն ( ՍՀՄ. 40): Նմանապէս սահմանադրութեան ոգւոյն հակառակ էր վարչութիւն թողլով վարչական գործոց մասին պատրիարքը դատափետել, եւ վարչական ժողովներուն լռած ատեն` վարչութենէ օտար մէկ անձին ձայնին հետեւիլ: Ասիկա օրինական շաւիղէն դուրս գործ մըն էր, որ միայն անձնական կիրքերու յագեցման նպատակը կը ցուցնէր: Ընդհանուր ժողովը իրաւունք ունէր անցեալ վարչութեան համարատուութիւնը պահանջել, եւ մինչեւ աստիճան մը պատրիարքի ալ իբր վարչութեան նախագահի համերաշխութիւնը պնդել, եւ միայն համարատուութեան մէջ թերութիւններ նկատած ատեն կրնար բացատրութիւն պահանջել նախապէս վարչութենէ, եւ եթէ անոնք գանգատէին` պատրիարքէն ալ, եւ անկէ ետքը միայն իր պարսաւանաց քուէն տալ վարչութեան, կամ վարչութեան եւ պատրիարքին միանգամայն, եթէ բացատրութիւններ գոհացուցիչ չդատուէին: Նկատելու արժանի կէտ մըն է եւս, որ պատրիարք մը ամբաստանելու համար ազգավնաս կամ ազգադաւ գործողութիւն մը պէտք էր ունենալ իբր փաստ, եւ ոչ ձեւերու կամ կերպերու կամ եղանակներու աւելի պակաս պարագաներ, որոնք գլուխ գտնուողի մը իշխանութեան մաս կը կազմեն` ըստ պարագայից տնօրինել կամ զանց ընել, եւ որոնք ըստ ինքեան գործի մը էութիւնը չեն փոփոխեր, եւ էականը ազատելու համար կը ծառայեն: Եթէ նախաքննութիւն կատարուած ըլլար, այդ կէտը հարկաւ երեւան կու գար, ինչպէս որ մեր տալիք քաղուածն ալ պիտի ցուցնէ: Ուստի այս ամէն տեսութիւնները զանց ընելով անմիջապէս պատրիարք դատափետել, սահմանադրաբար արդարանալ չէր կրնար, մինչ ամբաստանութիւնը առաջարկող անձը կը պնդէր, եւ պարսաւանաց քուէով եւ ուրիշ ձեւերով Օրմանեանի դատապարտութիւնը կը պահանջէր վճռական կերպով մը, դատախազ եւ դատաւոր կանգնելով միանգամայն: Արդէն Օրմանեան համարատուութեան հարկը կանխած յայտնած էր տեղապահին` սեպտեմբեր 10-ի նամակով ( ՕՄԱ. 217), եւ ընդհանուր ժողովին` հոկտեմբեր 3-ի յայտարարութեամբ ( ՕՄԱ. 193), եւ վարչութեան գործակցելու եւ համարատուութիւնը դիւրացնելու աշխատութեան ալ յանձնառու եղած էր, եթէ դիւանական ատենագրութիւններ եւ պաշտօնագիրներ իրեն տրամադրութեան ներքեւ դրուէին ( ՕՄԱ. 194), որով, այդ պայմաններն անտեսելով, անմիջապէս դատաքննութեան անցնիլը, թէ' սահմանադրութենէ եւ թէ' ամէն օրինականութենէ օտար ընթացք մըն էր. եւ ինքն Օրմանեան ալ այդ ամէնը յիշեցնելով` մեղմօրէն կ՚եզրակացնէր, թէ չուզեր կարողութիւններու կամ դիտումներու վրայ ծանրանալ, որպէսզի ձախող եզրակացութեան մը չյանգի ( ՕՄԱ. 202): Ընդհանուր ժողովի մէջ նոյեմբեր 7-ին տրուած որոշումէն անմիջապէս ետքն ալ նոյեմբեր 19-ին ( ՕՄԱ. 129) եւ դեկտեմբեր 16-ին ( ՕՄԱ. 212), այսինքն դատաքննիչ յանձնաժողովին կազմութենէն առաջ, Օրմանեան Իզմիրլեան պատրիարքին դիմեց, որ օրէնքի հակառակ որոշման գործադրութիւնը խափանուի եւ որոշումը փոփոխուի, սակայն յամառ լռութենէ եւ կամայական գործադրութենէ զատ պատասխան կամ բացատրութիւն չստացաւ:

3113. ԱՄԲԱՍՏԱՆԱԳՐՈՑ ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Դեկտեմբեր 19-ին դատաքննիչ մարմինին կազմութենէն մինչեւ երեքուկէս ամիս Օրմանեանի բնաւ տեղեկութիւն չտրուեցաւ, եւ ոչ ալ ընտրուած մարմինին պաշտօնը, նպատակը, գործունէութիւնը, ձեռնհասութիւնն ու իրաւասութիւնը ծանուցուեցաւ, որ ինչ ընելիքը գիտնար, եւ միայն 1909 մարտ 2-ին ստացաւ փետրուար 23-ին պատրիարքական քննիչ յանձնաժողովին կողմէ ատենապետի եւ ատենադպրի ստորագրութեամբ գրուած նամակը, որ ստիպողական մակագրութեամբ հանդերձ, ութն օր դրած էր Գումգաբուէ Բերա մէկ ժամուան ճամբան ընելու: Նամակը բացատրութիւն կը պահանջէր ութը կտոր թուղթերու վրայ, զի վերեւ յիշուած վեց ամբաստանագիրներէն զատ 3111), կցուած էին Արիստակէս Գասպարեանի մասնաւոր մէկ գիրը, եւ Մանկունի Վահրամ եպիսկոպոսի յունուար 15-ի դիտողագիրը: Դատաքննիչ մարմինը ոչ Օրմանեանի նախընթաց գիրերը կը յիշէր, ոչ ամբաստանութեանց մէջէն բացատրութիւն ստացածները եւ կարեւորութիւն չունեցողները եւ պատասխան չպահանջողները կը զատէր, ոչ ալ ամբաստանութեանց որոշ կէտեր կ՚առաջարկէր, այլ խառն կերպով եւ անորոշ ձեւով ներկայուած գիրերուն մասին բացատրութիւն կը խնդրէր: Օրմանեան այդ պարագաները վերապահութեամբ դիտել տալով մէկտեղ, չուզեց պատասխանէ եւ պատասխանատուութենէ խուսափելու կասկած տուած ըլլալ, եւ ինքն գտնելով պարունակուած կէտերը, իւրաքանչիւրին բացատրութիւնը յատկացնելով, մարտ 12-ին, այսինքն տասն օրէն ընդարձակ պատասխան գրեց եւ յղեց ( ՕՄԱ. 221-242): Գասպարեանի գրութեան մէջ պարունակուած ամբաստանութիւններն էին. 1. Սահմանադրութիւնը անթերի չէ կատարած: 2. Ժողովական որոշումները կանխելու արտօնութիւնը անհարկի ի գործ դրած է: 3. Խորհուրդներու անդամները փոփոխելու իրաւունքը չարաչար գործածած է: 4. Տասը տարի միեւնոյն ժողովով գործած է: 5. Ժողովներուն անդամներուն թիւը լրացուցած չէ: 6. Քիչ ներկաներով ժողով գումարած է: 7. Ժողովներու եւ խորհուրդներու իրաւունքը յարգած չէ: 8. Վանօրէից եւ կտակաց եւ ելեւմտից խորհուրդներ չէ կազմած: 9. Առժամեայ թաղականներ պահած է: 10. Ընդհանուր ժողով չէ գումարած: 11. Վարչութեան վերակազմութիւնը ապօրինի եղած է: 12. Վարչական ժողովականներ տեսուչ խորհուրդներու անդամակցած են: 13. Նպաստից հաշիւը իր ձեռքը ամփոփած է: 14. Լահէի դեսպանախորհուրդին անհարկի հեռագիր մը տուած է: 15. Սասունի ջարդին տեղեկագիրը անյայտացուցած է: 16. Բռնապետութեան պարագլուխներուն գործիք եղած է: 17. Պատրիարքութենէ չէ հրաժարած: Այս կէտերը յիշուած են առանց որոշ տեղ եւ ատեն եւ անուն ցուցնելու, այլ ընդհանուր խօսքերով եւ ձրի ստորասութեամբ: Հինգըլեանի ամբաստանագիրը կը յիշէր. 1. Պատրիարքութենէ յօժարակամ չհրաժարեցաւ: 2. Ազգային վիճակը տագնապալից եւ անտանելի էր: 3. Ուրիշի մը աղէկ չկառավարելուն փաստ չունէր: 4, Վարչական անդամները բարոյական ոյժ ցոյց չեն տուած: 5. Սահմանադրութիւն պահելու ջանքերը յայտնի չեն: 6. Առածէն վատթարագոյն վիճակ չձգելը արժանիք չէ: 7. Դժուարագոյն պաշտօնէ խուսափելով դիւրինը ստանձնած է: 8. Ինքն Հինգլեան գարշանօք Օրմանեանէ հեռու մնացած է: Այս կէտերը պարզ դիտողութիւններ են եւ ոչ ամբաստանութիւն, եւ քանի մը հատը Օրմանեանի նպաստաւոր կը դառնան: Չըպլաքեանի ամբաստանագիրը կ՚ըսէր. 1. Սահմանադրական սկզբունք արհամարհած է: 2. Նպաստից հաշիւ չէ ներկայացուցած: 3. Բանտարկեալներուն եւ աքսորականներուն անկարեկիր եղած է: 4. Բանտերուն մէջ սպաննուածներուն համար չէ բողոքած: 5. Պատրիարքարանի խուզարկութիւնը եւ կառավարութեան նամակներ բանալը եւ ուրիշ դէպքեր իբր ամբաստանութիւն կը յիշէ: 6. Կը մեղադրէ Լահէի հեռագիրը: 7. Նոյնպէս Աղթամարայ արկածին մասին զրուցած խօսքերը: Այս կէտերն ալ գրողին եղելութեանց անգիտակ կամ կամաւ խեղաթիւրող ըլլալը կը յայտնէ: Տէրունեան կը յիշէ. 1. Աղաւնի Գազազեանի ամուսնալուծումը: 2. Այդ մասին շէյխիսլամութեան մատուցուած գիրը: 3. Եւ նոյն գործին փակուիլը, որոնք պարզապէս իր անիրաւ շահէ մը վրիպելուն շուրջը կը դառնան: Էքսէրճեան կը դիտէ. 1. Թէ վարչութիւնը հաշիւներու պատասխանատու չէ: 2. Նոյնպէս պատասխանատու չէ պատրիարքի կարգադրութեանց: 3. Թէ համարատուութիւնը պատրիարքին կը պատկանի: 4. Թէ ինքն պատրիարքին համակարծիք չէ եղած: 5. Թէ ինչ ինչ ծանուցագիրներ նախապէս ժողովի մէջ չեն կարդացուած: 6. Թէ պատրիարքը ամուսնական խնդիրներու մէջ կողմնակցութիւն ըրած է: 7. Թէ ինքն Պէշիկթաշի գերեզմանատան յանձնուելուն հակառակ եղած է: 8. Թէ պատրիարք Մուշեղ եպիսկոպոսի Հոգւոյն Սրբոյն դէմ գրածին համար զայն չէ յանդիմանած: 9. Թէ վարչութիւնը դժուարին ժամանակաց մէջ պաշտօն վարած ըլլալուն համար շնորհակալութեան արժանի է: 10. Կ՚առաջարկէ որ ազգային դրամները պատրիարքէն պահանջուին: Այս ալ աւելի իր պաշտպանութեանը քան թէ պատրիարքի ամբաստանութեանը հետեւած է: Դուրեան եւ ընկերք իրենց ամբաստանագիրով կը յայտնեն. 1. Թէ ամբաստանուած ըլլալնուն համար կ՚ամբաստանեն: 2. Թէ պատրիարքը միահեծան գործած է: 3. Թէ ժողովին հետ համաձայնութեամբ գործած չէ: 4. Թէ օրակարգի խնդիրները իր ուզած կերպով վարած է: 5. Թէ համակարծիք չեղողները վտարել սպառնացած է: 6. Թէ յանդուգն խօսողները յանդիմանած է: 7. Թէ Օրթաքէօյի գերեզմանատան համար յանդուգն խօսողը զգուշաւորութեան հրաւիրած է: 8. Թէ ժողովական մը ոստիկանութենէ հարցուփորձուած է: 9. Թէ Լահէի հեռագիրը առանց ժողովի հաւանութեան յղած է: Ասոնք ալ իրենց ժողովականութեան ժամանակին չպատկանող գործերով կը զբաղին եւ որոշ պարագաներ չեն ցուցներ: Ահա վեց ամբաստանագիրներուն պարունակած համանգամայն 54 կէտերը, զորս թուարկել հարկ սեպեցինք` շօշափելի կերպով ցուցնելու համար թէ իրապէս ամբաստանութիւն ըսուելու կէտ մը չկար անոնց մէջ. ընդհանրապէս սահմանադրական ձեւակերպութեանց եւ երկրորդական կէտերու կ՚ակնարկեն, զորս պետական արգելքներու ներքեւ այլապէս տնօրինել հնար չէր, մինչ արդիւնք եւ արժանիք էր էութիւնը պահելը եւ սահմանադրութիւնը ձեռքէ չհանելը, ինչպէս պատմութեանս կարգին ալ զանազան խնդիրներու առթիւ բացատրուած է: Մասամբ ալ ամբաստանողները անձնական անցքերուն կամ շահերուն մէջ նպատակներնուն չհասնելէն գրգռուած են, ինչպէս Հինգլեան պաշտօններէ խուսափելուն արդարացումը կը գրէ, Չըպլաքեան իր քեռորդւոյն մասին պատրաստուած բողոքին իր վախին եւ աղաչանքին վրայ յետաձգուիլը պարտկել կ՚աշխատի, Տէրունեան իր եղբօր կողմէն Աղաւնի Գազազեանի թողօնէն օգտուելէ վրիպելուն կը ցաւի, Էքսէրճեան իր ազգականներէն մէկուն համար պահանջած անիրաւ որոշումը ձեռք ձգել չկրնալէն գրգռուած է, Դուրեան եւ Պալագեան ոչ ժողովականութեան, այլ պատրիարքարանի քարտուղարութեան պաշտօններուն տեսակէտէն դիտողութիւններ լսած են: Ամբաստանութեանց ոյժ տալու համար պէտք էր որ ընդհանուր խօսքեր մասնաւոր դիպուածներով եւ փաստերով հաստատուէին, որոնք երբեք չներկայացուեցան, եւ կամ Օրմանեանի պաշտօնավարութենէն ազգին հասած վնաս մը մատնանիշ ըլլար, որ երբեք չեղաւ: Իսկ ասոնցմէ դուրս լսուածներ պարագայից համեմատ վարուելու պարտաւորութենէն կը ծագին, որ խոհական գերզգօնութիւն կը կոչուի, հնարաւորով գոհանալ երբ հնար չէ բացարձակը ձեռք ձգել, շահիլ երբ հնար չէ զսպել, դարձնել երբոր հնար չէ դիմադրել, մինչեւ իսկ կարասին ծով նետել նաւը ազատելու համար: Գլխաւոր դիտողութեան արժանի կէտ մըն է, որ 12 տարիներու երկար տեւողութեան մէջ, թէ' առաջին բազմամեայ ժողովին ատեն, երբեք նախագահի եւ ժողովականաց մէջ խնդիր կամ տարաձայնութիւն, խզումն կամ բաժանում տեղի ունեցած չէ, եւ միշտ համերաշխութեամբ գործած են ( ՕՄԱ. 27-28), որ եթէ տեղի ունեցած չըլլար անհնար պիտի ըլլար Օրմանեանի 12 տարիներ պատրիարքութիւն վարել: Այս տեսութեանց հետեւողութեամբ հարկ չենք տեսնար քաղել Օրմանեանի տուած հերքումները ու դիտողութիւնները ու բացատրութիւնները, որոնք մասամբ նախընթացաբար գրուած պատմութիւններէ, եւ մասամբ նոյն իսկ ամբաստանութեանց բնութենէն դիւրաւ կը տեսնուին ու կը յայտնուին: Իսկ վերջէն յարակցած երկու գիրերը առանձինն բացատրութեան չեն կարօտիր, զի Գասպարեանի գիրը համառօտ ընդհանուր տեսութիւն մըն է ( ՕՄԱ. 221), իսկ Մանկունիի գիրը պարզապէս պատրաստուելիք համարատուութեան մասին ինչ ինչ դիտողութիւններ կը պարունակէ, եւ ամբաստանութեան դիտում եւ ոճ չունի ( ՕՄԱ. 240): Օրմանեանի 1909 մարտ 12-ին յղած գրաւոր բացատրութիւններէն ետքը ամբողջ ինն ամիսներ եւս անցան, եւ ոչինչ չխօսուեցաւ, չգրուեցաւ ու չգործուեցաւ մինչեւ դեկտեմբեր 12-ի բերանացի հարցաքննութիւնը, երբ Իզմիրլեան արդէն Կ. Պոլիսէ մեկնած էր, ուստի ամբաստանութեանց խնդիրը ընդհատելով, ուրիշ եղելութիւններ պատմելու կ՚անցնինք:

3114. ՎԱՐՉԱԿԱՆ ՆԿԱՐԱԳԻՐ

Փետրուար 10-ին վերջացած 3110) Իզմիրլեանի պատրիարքութեան, եւ փետրուար 17-ին սկսած (09. ԱՐԼ. 7029) Արշարունիի տեղապահութեան առաջին օրերուն, ազգային կեանքին մէջ նշանաւոր եղելութիւն չունինք պատմելու, եւ միայն ընդհանուր ակնարկ մը կը նետենք վարչական գործոց ընթացքին վրայ: Ազատութեան հռչակուիլը Հայերուն ըմբռնման մէջ, աւելի քան ընդհանուր բարեկարգութեան եւ բարօրութեան թուական մը, իրենց յատկացեալ թուական մըն էր, ամէն ձախողուածի եւ նեղութեան վերջ, երջանիկ կեանք ամէն կողմէ, գաւառներու վերակենդանացում, ժողովուրդին գոհացում, եւ մինչեւ իսկ ազգայնական բուռն ձգտումներու իրականացում, եւ սեփական ու անդորրաւէտ Հայաստան մը ունենալու գրաւական: Այդ ըմբռնումը գինովցնելու եւ զգլխելու աստիճան տիրապետած էր Հայերու ընդհանրութեան վրայ, եւ 1908 յուլիսի եւ օգոստոսի մեծադղորդ ցոյցերը, եւ հանդարտութեամբ շարժուողներու դէմ յայտնուած մոլեգին ձեռնարկները, հետեւանք էին այդ մտայնութեան, որուն ուրիշ բան չի կրնար մեղադրուիլ, բայց եթէ երեւոյթը արդիւնքէն, երեւակայականը իրականէն, խօսքը գործէն չզատելու շտապը, եւ ժամանակին ժամանակ չտալու անհամբերութիւնը: Շատ անցած չէր, եւ ահա սկսան բերաններէ գանգատներ, գաւառներէ բողոքներ, լրագիրներէ տրտունջներ, եւ հետզհետէ սովորական դարձան. ամէն օր նոր գոյժ մըն էր որ հասնէր ներքին նահանգներէն եւ քաղաքներէն, անիրաւութիւններ ու հարստահարութիւններ պատմող, բռնութիւններ եւ ճնշումներ նկարագրող, կոտորածի եւ աւերածի սպառնալիքներ գուշակող, սովի եւ նեղութեանց պարագաներ հաղորդող, գաղթելու եւ փախչելու պատրաստութիւններ նախատեսող: Ժողովական նիստերը տեղեկութիւններով եւ դարմանի խորհրդածութիւններով եւ միջոցներու առաջարկութիւններով կ՚անցնէին, լրագիրներու էջերը այդ նիւթերով կը լեցուէին, եւ պատրիարքարան ու վարչութիւն խստիւ կը քննադատուէին: Կիլիկիոյ կաթողիկոսը հրաժարիլ կ՚որոշէր բռնապետութեան ատեն իսկ չբռնաբարուած վանքապատկան իրաւունքներուն, սահմանադրական վարչութեան օրով գրաւումէն զգացուած (09. ԱՐԼ. 7033): Ընդհանուր ժողովը պաշտօնապէս եւ հանդիսապէս կառավարութեան բողոք ներկայել կ՚որոշէր (09. ԱՐԼ. 7038), եւ ձեռք առնուած միջոցներուն ապարդիւնութիւնը` տեղապահին վրայ սառնասրտութեան մեղադրանքը կը հրաւիրէր (409. ԱՐԼ. 7059): Իզմիրլեան պատրիարք կիրքերը չզայրացած` գործին մէջէն ելնելու բախտն ունեցած էր, եւ Արշարունի տեղապահին վրայ կը բարդուէր անցեալին բեռն ալ. արդէն կազմուած դիրքն ալ, որուն եթէ պատասխանատու պիտի ըսուի նոր կազմուած պետական կառավարութիւնը, հնար պիտի չըլլայ բոլորովին չքմեղել ազգային նորակազմ վարչութիւնն ալ եւ հայ մտայնութիւնն ալ: Հռչակուած ազատութիւնը իբր հայկական ազատութիւն ըմբռնելով, եւ հայ տարրին խնդիրը ձեռուընին առնելով, Այօսթեֆանոյի եւ Պերլինի դաշնագիրներէն սկսելով հայկական գաւառաց բարեկարգութեան համար կազմուած ծրագիրները կը յիշեցնէին, եւ բացառաբար այդ նահանգներուն վիճակով կը զբաղէին: Այս ըմբռնումը հնար չէր որ տաճկական շրջանակներուն վրայ անախորժ տպաւորութիւն չներգործէր, որոնք միւս կողմէն տիրող տարրի եւ տիրապետեալ տարրի տարբերութիւնները սկսան առջեւ դնել, եւ երկուքին հաւասար նկատառութիւնը անուղղակի հերքել, եւ Հայոց ձգտումները զսպելու միտքեր իսկ յղանալ: Ազատութեան յառաջապահ հանդիսացող տաճիկ սպաներ, արտասահմանի մէջ հայ յեղափոխականներու հետ շփուող երիտասարդներ, մինչեւ իսկ հայ կուսակցութիւնները իրենց առաջնորդ եւ ուսուցիչ խոստովանող թուրք գործիչներ, սկսեր էին համարձակ Հայոց երեսն ի վեր յայտարարել, որ եթէ ազգայնական եւ հայկական վերանորոգման կամ սեփական բարեկարգութեան միտքերով կ՚օրօրուին, առաջին իրենց սուրը պիտի զգան կուրծքերնուն մխուած: Հայեր իբրեւ սնամէջ սպառնալիք կարծեցին այդ խօսքերը, եւ կարեւորութիւն չտուին, այլ ժամանակը անոնց իրականութիւնը հաստատեց, մինչ պէտք էր կանուխէն արթննալ եւ իբր նախընթաց նշաններ ճանչնալ վերեւ ակնարկուած պատահարները, զոր դժբախտաբար չկրցաւ թափանցել կացութեան տիրապետող կուսակցութիւնը: Նա ազատութեան հռչակումը իր գործն ու արդիւնքն ու պարծանքը կարծելով, յոխորտ եւ յախուռն ընթացքով եւ կացութեան վրայ տիրապետելով, ամենայն ազգային գործունէութիւնը իր ձեռքն առած էր, պատրիարքարանն ու վարչութիւնը, ընդհանուր գործունէութիւնն ու ազգային ուղղութիւնը: Համակերպելու պատրաստներու եւ հետեւողութեան դիւրամէտներու յանձնելով պաշտօնական դերերը, որով կը յաջողէին ըստ հաճոյս վարել ազգային կեանքը, նախատանաց եւ հալածանաց մատնելով իրենց չհամակերպող փորձառուները, ինչ որ ժամանակին ժողովականներու եւ նախագահներու ցուցակները կը վկայեն ամէն գիտակ ու գիտակ անձերու: Իրաւ իրենք ժիր գործիչներ էին, բայց իբր ամբոխավար տիպարներ, եւ մինչեւ աստիճան մը անվախ ձեռնարկուներ, եւ լաւագոյն ելք կ՚ունենային անշուշտ, եթէ ժրութեան արթնութիւն, ամբոխավարութեան աշխարհավարութիւն, եւ անվախութեան խոհականութիւն զուգակցած ըլլային, կամ գոնէ իրենց առաջնորդներու մէջ այսպիսի անձեր ունենային, որոնց պակասութեան տխուր հետեւանքները թէ' ազգին կրել տուին եւ թէ' իրենք կրեցին, եւ անխորհուրդ ձեռնարկներով ժամանակնին եւ միջոցնին իզուր վատնեցին. մինչ իրօք ազգային տեսակէտէն արդիւնաւոր եւ օգտակար, եւ անձնական տեսակէտէն պատուաւոր եւ յաջող եղած կ՚ըլլային, եթէ ժամանակները քննել, պարագաները դատել եւ հնարաւորը կշռել գիտնային, մանաւանդ որոնց հետ գործ ունենալնին խորապէս թափանցէին, զի երբ անաչառ պատմագիր մեր դիտողութիւնները համարձակ կը յայտնենք, երբեք դժպհի գործողութեանց հեղինակներուն արդարացման չենք թեւակոխեր:

3115. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Այդ խառնակ ժամանակներու մէջ հետաքրքրական էր Ապտիւլհամիտ կայսեր հետեւած ընթացքը: Դէպքերուն յարմարելով եռանդուն եւ հնօրեայ ազատականի եւ սահմանադրականի դերը կը վարէր առանց վերապահութեան, հին պաշտօնեաները լքած նորերով կը շրջապատուէր, խօսքերուն եւ արտայայտութիւններուն մէջ անկեղծ եւ համոզուած ազատականի շեշտը կը գործածէր, անցեալը դսրովելու չէր վարաներ, պատասխանատուութիւնը իրմէ հեռացնելով իրեն պաշտօնեաներուն կը բեռցնէր, հրապարակային ցուցադրութիւններու իսկ կը զիջանէր, այն աստիճան որ ամենէն կասկածոտ միտքերն ալ կատարեալ դարձի գաղափարը կազմելու յօժարակամ կը միտէին: Նոյն իսկ Իթթիհատ վէ Թէրաքքը կուսակցութեան գլխաւոր գործիչներ իրենց զօրաւոր պաշտպան եւ անվերապահ հովանաւոր ճանչցած էին երբեմն այնչափ ատած եւ ամէն անարգական անունով որակած կարմիր սուլթանը: Սակայն Ապտիւլհամիտ փոխուած չէր, եւ ոչ ալ կրնար իր զգացումներն ու դիտումները փոփոխել, ինչպէս հնար չէ որ փոխիցէ հնդիկ զմորթ իւր, եւ ինծ զխայտուցս իւր ( ԵՐՄ. ԺԳ. 25), եւ ամենայն գաղտնութեամբ կը գործէր եւ կ՚աշխատէր ազատութեան նորաշէն ամբարտակը հիմնովին տապալել: Որոflնք եղան իրեն միջնորդներն ու գործիչները, դժուարին է որոշակի ճշդել, թէպէտ յետոյ այս անունով շատեր ամբաստանուեցան ու դատուեցան ու կախաղանով պատժուեցան: Ապտիւլհամիտ յաջողեցաւ առատ պարգեւներով իրեն յանկուցանել զինուորներու հասարակ դասակարգը, նոյնինքն Սելանիկէ եկած ազատութեան պաշտպան բանակին հասարակ զինուորները, եւ անոնք բորբոքել իսլամական օրէնքին կամ շէրիին նախանձայուզութեամբ, ապօրինի ցուցնել եւ ատելի ընել ազատական նորութիւնները, եւ գործերը նախնական եւ ուղիղ իսլամական հիմամբ կազմուած վիճակին վերածելու համար ջնջել կամ նորակազմել օրէնսդիր եղած ծերակուտական եւ երեսփոխանական մարմինները, որոնք ոչ շէրիի օրէնքով կը վճռէին, ոչ ղուրանին սկզբունքներով կը վարուէին, եւ ոչ իսլամական հաւատքին ուսմամբ պատրաստուած էին: Դաւաճան խորհուրդը իրեն ճամբան առած եւ ընդարձակուած էր ամենայն գաղտնութեամբ. զօրականը վարակուած էր այդ քարոզութիւններով, քաջալերուած էր իրեն առատաձեռնուած ոսկիներով, նոյն իսկ բանակին սպաները անգիտակ էին անցուդարձին, եւ իրենց դէմ գրգռուած ատելութեան, իբր զի իրենք էին եղած ազատութեան կամ անօրէնութեան գործիչները եւ սահմանադրութեան կամ հակաշէրիականութեան պաշտպանները: Յուլիս 10-էն մինչեւ յաջորդ մարտին վերջերը` ութուկէս ամիսէ ի վեր շարունակած էր այդ մտայնութիւնը, նոյն իսկ արթուն կարծուած իթթիհատական գործիչներ չէին թափանցեր թէ ո'ւր կը դիմէր այդ պատրաստութիւնը. յանկարծական հրաման մը բաւական պիտի ըլլար գործի մղել պատրաստ գործիքները, պզտիկ դրդում մը բաւական պիտի ըլլար տարածել բոցածաւալ հրդեհը. եւ մայրաքաղաքը ամբողջ յանկարծականի եւ անակնկալի հանդէպ գտաւ զինքն մարտի 31-ի առտուն, որ Զատկի երեքշաբթին էր հաւասարապէս հին եւ նոր տոմարներու համար: Վստահելի աղբիւրներէ քաղուած տեղեկութիւններ կը հաւաստեն թէ տրուած հրամանին համեմատ, տաճկական ժամահաշուով ցերեկի ժամը եօթնին, որ է կէսօրը ժամուկէս անցած, ծերակոյտին եւ երեսփոխանութեան հաւաքուած պահուն վաստկուած գունդերը պիտի խուժէին եւ հաւաքուէին Այասօֆիայի հրապարակը եւ պիտի յարձակէին խորհրդարանին վրայ, պիտի ցրուէին երկու ժողովները` ժողովականներուն ալ չխնայելով, եւ վերջ պիտի տային գործի վրայ գտնուող եւ նորութեանց աղբիւր եղող հակաշէրիական ժողովներուն. նոր նախարարութիւնն ալ անոր հետ պիտի տապալէին, եւ Ապտիւլհամիտի դիւրին պիտ ըլլար ամենայն ինչ իր կամքով վերակազմել, եւ այս երկրորդ անգամ ազատական սահմանադրութեան վերջ տալ, կամ անունը պահելով իսկութիւնը այլայլել: Դիպուածական թիւրիմացութեաflմբ մը թէ ոչ խաղին մէջ խաղով մը, կէսօրը կէսգիշերին հետ կը շփոթուի, եւ զինուորական խուժանը գործի կը սկսի գիշերուան ժամը եօթնին երբ խորհրդարանը դատարկ էր: Նախապէս իրենց սպաները կը ձերբակալեն, քանիները կը սպաննեն, Այասօֆիայի հրապարակը կը խմբուին, իթթիհատի կեդրոնը կը կոխեն, կը խորտակեն, կը թալանեն, իթթիհատի գլխաւորները կը փնտռեն, քաղաքը ահուդողի կը մատնեն, մինչ կարգուկանոն պահելու համար կայսերական հրամաններ կը հասնին եւ յանձնարարութիւններ կը կրկնուին: Զինուորական շարժումին նշանաբանն էր շէրիի օրէնքին պահպանութիւնը, եւ իբր շէրիի հակառակ գործող իթթիհատի պետերուն հեռացումը, իբր գլխաւորներ յիշելով Հիւսէյին Հիլմի մեծ եպարքոսը, Ահմէտ Րիզա երեսփոխանութեան ատենապետը, պատերազմական ու ծովային նախարարները, Ճավիտ եւ Ճահիտ եւ Ռահմի երեսփոխանները, միանգամայն իրենց ցուցուցած անձերուն անուանումը կը պահանջէին իբրեւ շէրիի պաշտպաններ, որոնց մէջ Գրիգոր Զոհրապի անունն ալ կար: Կայսերական հրամանը փոփոխութիւնները կը կատարէր, բայց իր ուզածները կ՚անուանէր: Զինուորական խուժանը մէկ կողմէն ոստիկանական պաշտպանութեամբ հաւաքուած երեսփոխանութեան պահանջներ կը ներկայէր, եւ միւս կողմէն հրացանի ձայներ կը հնչեցնէր եւ կռիւներ կը վարէր շարժումին չմիացած վաշտերուն հետ: Եղելութիւնը հազիւ թէ Սելանիկի մէջ կը լսուի, տեղւոյն հրամանատարը Մահմուտ Շէվքէթ փաշա իր բանակը շարժման կը դնէ եւ դէպի Կ. Պոլիս քալելու կը ձեռնարկէ: Ապրիլ 6-ին Չաթալճա հասեր էին Սելանիկի առաջին գունդերը եւ ապահովութեան կը պահանջէին սահմանադրութեան պահպանութեան համար, որ բերանացի կը տրուէր եւ պատգամաւոր գացող անձեր կը վստահեցնէին, բայց շէրիի անունը բերաններէն չէր դադրէր, ուստի վերջապէս Մահմուտ Շէվքէթ փաշա ինքն ալ վերջին գունդերով առաջ եկողներուն միացաւ, ապրիլ 7-ին Կ. Պոլիսը պաշարման ենթարկեց եւ հետզհետէ սեղմեց: Ապստամբ գունդեր, որոնք գլխաւորապէս անցեալ յուլիսին Սելանիկէ եկող յառաջընթաց ազատարարներէն էին, իրենց ձեռնարկին կրկնակի վատութեան գիտակ, եւ գործուած ոճիրին ներման արժանանալէն անյոյս, մոլեգին դիմադրութենէ զատ ելք մը չէին գտներ առջեւնին: Կ. Պոլսոյ նաւահանգիստին մէջ գտնուող տորմիղն ալ Ռումելիէ եկող բանակին համամտութիւն յայտնեց, քաղաքին գրեթէ ամբողջութիւնն ալ նոյն բանակին կը համակրէր: Ապտիւլհամիտ իբրեւ դաւաճանութեան գլուխ կը սկսէր ամբաստանուիլ, եւ երեսփոխանութիւնն ու ծերակոյտը Այօսթեֆանոյի արուարձանը ապահով նկատելով կ՚որոշէին հոն հաւաքուիլ Ռումէլիի բանակին պաշտպանութեան ներքեւ, իսլամական օրէնսգէտներ ու լրագիրները ձայնակից էին Ապտիւլհամիտը զալիմ կամ բռնապետ յայտարարել, եւ խնդիրը պաշտօնապէս դենպետին կը ներկայացուէր օրինական պատգամը ստանալու: Ապտիւլհամիտ վերջին յուսահատութեան մէջ իր մտերիմ պաշտօնեաներէն 13 հոգիներ յանուանէ իբրեւ դաւաճաններ կը ներկայէր, եւ խաժամուժ ամբոխ մըն ալ կը վարձուէր ամբողջ քաղաքը աւարի եւ սուրի մատնելու եւ այրեացաւեր դարձնելու նպատակով. բարեբախտաբար շաբաթ օր ապրիլ 11-ին քաղաքը զինուորական ուժով կը գրաւուէր, դիմադրող եւ ըմբոստ գունդեր կը զսպուէին եւ կը ձերբակալուէին, աստ եւ անդ երեւցող խուժանի խումբը կը ցրուէին: Յարձակումը կատարուած էր Բերայի բարձունքներուն կողմէն Եըլտըզի արքունիքին սպառնալով. պալատին պահակ գունդերը կամ կը փախչէին կամ անձնատուր կ՚ըլլային, եւ նոր հասնող բանակը Եըլտըզին ալ կը տիրանար, եւ նոյն ինքն Ապտիւլհամիտ ալ անձնատուր կ՚ըլլար կանանոցին բազմութեան կողմէ յայտնուած եւ պնդուած արիւնհեղութիւնը արգիլելու թախանձանքին վրայ, եւ քաղաքը զինուորական օրէնքի կ՚ենթարկուէր յաղթական բանակին սպարապետ Մահմուտ Շէվքէթի հրամանով: Վերջապէս բանակին ներկայութեամբը զօրացած Այանն ու Մեպուսան, ծերակոյտն ու երեսփոխանութիւնը, որ Ապտիւլհամիտի գահընկէցութեան խնդիրով կը զբաղէին Այօսթէֆանոյի մէջ, ապրիլ 14-ին համագումար նիստ կը կազմեն Այասօֆիայի խորհրդարանին մէջ, եւ իբրեւ գերագոյն սահմանադիր ժողով, Ապտիւլհամիտի գահընկէցութիւնը պաշտօնապէս կը վճռեն, եւ կայսր կը հռչակեն Մէհմէտ Ռէշատ եղբայրը, որ օր առաջ իր հաւանութիւնը տուած էր Ապտիւլհամիտի կեանքին խնայելու պայմանով, իբր զի նա թէպէտ զինքն նեղած ու հալածած էր, բայց իր կեանքին խնայած էր: Այսպէս վերջացաւ Ապտիւլհամիտի երկարատեւ իշխանութիւնը, որ 1877 օգոստոս 19-ին գահ բարձրացած էր իր հօրեղբօր Ապտիւլազիզի եւ եղբօրը Մուրատին գահընկէցութեամբ, եւ նմանօրինակ ձեւով կը փակուէր 33-րդ տարին լրանալուն մօտ, եւ երբ ինքն խորհրդարանը տապալել կ՚ուզէր, խորհրդարանը ինքն կը տապալէր, եւ ի գուբն զոր փորեաց եւ պեղեաց ի նոյն անկանէր ի խորխորատ զոր եւ գործեաց ( ՍԱՂ. Է. 16): Ապտիւլհամիտի հզօր բռնապետութիւնը կը փակուէր առանց եւ ոչ մի կողմանէ իրեն պաշտպան մը ունենալու, առանց օրհնաձայն մաղթանք մը ստանալու իր հպատակներէն, եւ նոյն իսկ զինքն շրջապատող եւ իրմով օգտուող մտերիմ պաշտօնեաներէն ալ դժգոհութեամբ եւ զզուանօք լքուած: Մէհմէտ Ռէշատ արքայեղբայր գահաժառանգը նոյն օր ապրիլ 14-ին պաշտօնապէս գահ կը բարձրանար Մէհմէտ Հինգերորդ կոչմամբ, եւ արարողական պատշաճը կը կատարուէր սպարապետութեան մեծ դահլիճին մէջ: Ապտիւլհամիտ Երկրորդ կայսրը ունէր ուշմութեան եւ հնարագիտութեան, քաղաքագիտութեան եւ աշխատասիրութեան ձիրքերը. սակայն հպատակներուն օգտին չգործածուեցան, շահեցողական ուղղութեան տեղ զսպողականը գործածեց շարունակ, որուն յաջողութիւնը մշտատեւ չէր կրնար ըլլալ դժբախտաբար: Գահընկէցութենէ ետքը որոշուեցաւ զինքն Սելանիկ փոխադրել իբրեւ ապահովագոյն միջավայր, եւ խիստ հսկողութեան ներքեւ պահել իբրեւ ի գառագղի: Մէհմէտ Ռէշատ ճոխացած չէր իր եղբօր կարողութեան ձիրքերով, ընկճուած ալ էր երկարատեւ տարիներ զրկանաց ներքեւ անցունելով, այլ թերին կրնար լրացնել իր բարեսիրտ եւ ուղղամիտ զգացումներովը:

3116. ԱՏԱՆԱՅԻ ԿՈՏՈՐԱԾԸ

Նոյն օրեր որ Կ. Պոլսոյ մէջ այս իրողութիւնները կը կատարուէին, ահարկու եւ քստմնելի տեսարաններ կը բացուէին Ատանայի կուսակալութեան քաղաքին եւ գաւառներու մէջ, բայց ոչ քաղաքական տեսակէտով կանոնաւոր բանակներու ընդհարում կամ կուսակցութեանց մրցակցութիւն, այլ մոլեռանդ խուժանի մը ձեռքով խաղաղ ապրող տարրին վրայ յարձակում եւ ջարդ, եւ ականատեսներու հաշուով իբր երեսուն հազար անմեղ կեանքերու անողորմ կոտորած ( ԹԵՐ. 836 եւ ՊՐԷ. 369): Այսպիսի պժգալի իրողութիւն մը տեղի կ՚ունենար ազատութեան հռչակուելէն եւ սահմանադրական իրաւունքներ ապահովելէն ետքը, այն ալ ծովափնեայ եւ դիւրամատչելի նահանգի մը մէջ. եւ այս է պատճառը որ աւելի դղրդեց քաղաքակիրթ աշխարհը քան տասնչորս տարի առաջ կատարուած երեք հարիւր հազարներու խողխողումը, եւ առիթ ընծայեց առատ մելան թափելու յորդահոս արիւններու վրայ, որոնց ստուերագիծը միայն կրնանք տալ մեր ընդհանուր պատմութեան մէջ: Կոտորածը զգացուեցաւ 1909 մարտ 31-ին, Կ. Պոլսոյ շփոթութեանց օրը, եւ սկսաւ միւս առտուն ապրիլ 1-ին, ինչ որ երկու եղելութեանց ներքին կապը կը մատնանշէ: Բացարձակապէս եւ ամբողջապէս Ապտիւլ Համիտի բռնապետական նախաձեռնութեան պիտի վերագրուէր այդ աղէտալի կոտորածը, եթէ իր գործադիրներու մէջ ազատական եւ ազատարար կոչուած խումբէն անձեր չգտնուէին, եւ եթէ տխուր եղելութեանց տխրագոյն հետեւանքները Ապտիւլհամիտի գահընկէցութենէ ետքն ալ չշարունակէին: Ապտիւլհամիտի նախաձեռնութեամբ մայրաքաղաքի մէջ պատրաստուած շփոթին գաւառական արձագանգ պէտք էր, եւ Ատանա նախկին կոտորածներու ատեն խնայուած 2982), հարուածին յարմարագոյն գետինն էր, կուսակալ Ճէվատ պէյ Եըլտըզի հին քարտուղարներէն եւ անձնուէրներէն էր, եւ յարմար գործիք կը նկատուէր: Կոտորածի միջոցին Ապտիւլհամիտի համար աղօթելու ստիպումները, եւ սահմանադրութեան ու ազատութեան հռչակման առթիւ կանգնուած կամարին հրամայեալ քանդումը ( ԹԵՐ. 113-115), շատ նշանակալից դէպքեր են: Միւս կողմէն Ատանայի հայութեան բարգաւաճ վիճակը ազգայնամոլ տաճկութեան աչքին փուշ էր, Կիլիկիոյ շուրջը դարձող հայկական կուսակցութիւններ գրգիռը կը շատցնէին. ազատութեան հռչակուելէն ետքը Կիլիկիոյ հայութեան ստացած ոգեւորութիւնը կասկածաւորի նկատառութեան կը տանէր, եւ այսպէս Ապտիւլհամիտի բռնապետութիւնը եւ Իթթիհատի ազատականութիւնը իրարու կը մօտենային, եւ տարբեր տեսակէտներէ մղուելով նոյն նպատակի վրայ կը զուգակցէին, եւ առեղծուածային կարծուած համաձայնութիւնը կ՚իրականանար: Կոտորածին օրը արձակուած շէրիաթի աղաղակները ( ԹԵՐ. 10-11), մայրաքաղաքի մէջ յուզուած համիտական ծրագիրը կը յիշեցնէին. իսկ տիրող կառավարութեան կոտորածին նախապատրաստութեանց մէջ ունեցած դերը ( ԹԷՐ. 9-33) եւ հայ տարրին ազատութենէ օգտուիլը արգիլելով թուրք տարրը յառաջացնելու ծրագիրը ( ՄՈՒ. 54), իթթիհատական մասնակցութիւնը կը պարզէր: Արդէն եթէ ոչ կրօնամոլ, գոնէ ազգամոլ ուղղութիւնն էր որ Ապտիւլհամիտի ու իթթիհատի փոխադարձաբար համամիտ, թէ ոչ համիմաստ յարաբերութիւններուն հիմը կը կազմէր. Ապտիւլհամիտ իթթիհատը նենգել կը կարծէր, եւ իթթիհատ Ապտիւլհամիտէ օգտուիլ կը գիտէր: Ատանայի դառնալով մարտ 31-ի երեկոյէն դիտուած էին տաճիկ խուժանին շարժումի նշանները, եւ խումբ խումբ կառավարական պաշտօնատուն դիմելը, կարծես ձեռնարկին հրահանգն ու արտօնութիւնը ստանալու համար. շրջականերէն խուժանային ամբոխ մը լեցուած էր քաղաքը, շաբաթներէ ի վեր զինուելու եռանդնին շատցած էր: Ապրիլ 1-ի չորեքշաբթի առտու կը լսուի թէ հայ մը, ատաղձագործ Լութվիկը ( ՄՈՒ. 33), գիշերանց սպաննուած է, հայ տուներ քարկոծուած են, բաւական հայեր վիրաւորուած են, սպառնալեաց աղաղակներ շատցած են ( ԹԵՐ. 26): Խորհրդածելու ատեն չմնաց, եւ ահա կը սկսի նոյն իսկ թաղերու վրայ համարձակ յարձակումը, փողոցներու մէջ շտապը, խանութներու վրայ թալանը: Առաջնորդական փոխանորդը եւ ազգային երեւելիներ կառավարութեան կը դիմեն եւ ժողովուրդ հանդարտելու համար խառն խմբակներ պտտցնել կ՚որոշուի, Դաւիթ Ուրֆալեան կառավարական ժողովական պտտած ատեն կը սպանուի, Յարութիւն Շատրիկեան` ան ալ կառավարական անձ` կուսակալին կը ներկայանայ, եւ անոր աչքին առջեւ կը սպանուի ( ԹԵՐ. 29-31), խուճապը կը տիրէ, շուկաները կը պարպուին, տուներէ փողոցներ, եկեղեցիներ եւ օտարազգի հաստատութիւններ եւ հայաշատ օթեւաններ կը խռնին: Իբրեւ թէ կառավարութիւնը վստահութիւն ներշնչել կ՚աշխատի, բայց ոչ մարդասպան մը կը ձերբակալուի, եւ ոչ մէկ տաճիկ զինաթափ կ՚ըլլայ: Հայ երիտասարդներ գոնէ Մայրեկեղեցւոյ շուրջը եղող հոծ հայութիւնը պաշտպանելու կը ձեռնարկեն, եւ 179 հոգի փողոցներու բերանները գրաւելով խուժանին ներս մտնելը մինչեւ աստիճան մը կ՚արգիլեն ( ԹԵՐ. 39), բայց այդ շրջանակէն դուրս եղողներ անխնայ կը կոտորուին, վազվզող վոհմակներ անարգել կը գործեն ամէն տեսակ խժդժութիւններ եւ բիւրազգի բռնաբարութիւններ խառնելով իրենց անօրինակ գործունէութեան: Մութը կոխած էր, բայց յանկարծ, գիշերուան մթութիւնը կը լուսաւորի, սուրեր եւ հրազէններ ջահերու փոխուած են, քարիւղի ամաններն ալ ձեռուընին, Հայոց թաղը կրակի տրուած է. ցերեկի խոցերէն ազատուածներ գիշերուան բոցերուն կը զոհուին ( ԹԵՐ. 42): Երկրորդ օրը կը ծագի, հինգշաբթի ապրիլ 2. կոտորածներ եւ յարձակումներ ա'լ աւելի կը սաստկանան, հայութիւնը անյոյս է ամէն կողմէ, նախընթաց երեկոյին Մերսինէ հասնող անգղիական հիւպատոսն ալ անկար կը մնայ, թէպէտ կառավարութիւնը արգիլելու անկամ կամ գործելու կամակից, հիւպատոսը կը հրաւիրէ որ խուժանը զսպէ: Հայ երիտասարդներ աստ եւ անդ դիմադրութեան գործը կը շարունակեն, բայց հազիւ թէ անկիւն մը կրնան պաշտպանել հազարաւորներու դէմ. զի խուժանը տուներ ալ կը բռնադատէ, օտար հաստատութիւններն ալ կը պաշարէ, կրակը կ՚ընդարձակէ ( ԹԵՐ. 43-48): Երրորդ օրը ուրբաթ 3 ապրիլ, յարձակումները ա'լ աւելի կը սաստկանան, խուժանը Հայոց կեդրոնական թաղին տիրելու կը մօտենայ ( ԹԵՐ. 50), ինքնապաշտպանութեան գործը կը տկարանայ, Հայոց թաղին մէջ բնակող թուրք երեւելի մը, Օսման պէյ Թէքէլիզատէ ( ԹԵՐ. 53) յանձն կ՚առնէ անձամբ կուսակալին երթալ, Հայոց պաշտպանութիւնը խնդրել եւ անմեղութիւնը վկայել ( ԹԵՐ. 53): Կուսակալը կոտորածը դադրեցնելու համար Հայերէ մեղայագիր կը պահանջէ, ինչ որ միջնորդին ընկերացող Հայ երեւելիներու բերանացի յայտարարութեամբը կը փակուի ( ԹԵՐ. 54), եւ Հայերը կը խոստանան զէնք չպարպել, թէպէտ ինքնապաշտպանութենէ տարբեր նպատակով պարպած ալ չունէին: Ուր ուրեմն հասնող կառավարական հրամանը իսկոյն խուժանը կը զսպէ, եւ զինուորական պահնորդ ջոկատ մը Հայոց թաղը կը զետեղուի, պաշտպանելու համար: Երրորդ օրն էր կոտորածին որ կառավարութեան աչքին առջեւ համարձակ կը կատարուէր, եւ երրորդ օրը վերջացող տագնապը, առաջին վայրկեանէն ալ կրնար զսպուիլ եթէ տարբեր ըլլար դիտումը եւ տարբեր կարգադրութիւնը: Կ. Պոլսոյ 1896 օգոստոսի կոտորածն ալ երրորդ օրը դադրած էր հրամանի մը զօրութեամբ 2994): Քաղաքին կրած վնասը ճշդել պիտի չաշխատինք. հազարներով էին զոհուած կեանքեր, բիւրերով էին այրած ու թալանուած տուներ ու վաճառատուներ, միլիոներով եղան նիւթական կորուստներ: Դիակներ մասամբ այրեցան, եւ մեծաւ մասամբ գետամոյն եղան եւ գետն ի վայր ծովին վրայ ծփացին, մինչեւ իսկ վիրաւորներ կիսակենդան Սիհունի մէջ նետուեցան ու խեղդուեցան:

3117. ԱՏԱՆԱՅԷ ԴՈՒՐՍ

Կոտորածին քաղաքին մէջ դադրիլը որչափ ալ Թէքէլիզատէի միջնորդութեան վրայ հրամայուած ըսինք, այլ հարկաւ աւելի ծանր դրդիչ պատճառ ունեցած ըլլալը կը մտածուէր: Իրօք ալ հազիւ գոյժը մայրաքաղաք հասաւ, եւրոպական դեսպանատուները զայրացկոտ դիտողութիւններ ըրած էին կառավարութեան, Գերմանական պահականաւը իսկոյն ճամբայ ելնելով` երեքշաբթի չորեքշաբթի գիշեր Մէրսինի նաւահանգիստը խարսխած էր, Անգղիական երկու մարտանաւեր եւ Գաղղիական մարտանաւ մը չորեքշաբթի առտու ետեւէն հասած էին, անոնց ալ ետեւէն Իտալական մը, Ռուսական մը, եւ երկու Ամերիկեան մարտանաւեր ( ԹԵՐ. 61): Արշարունի տեղապահն ալ կառավարութեան դիմած էր, եւ թէպէտ շարժումը Հայոց կողմանէ սկսած ըլլալուն պատասխանը առած, եւ յորդորական հեռագիր յղած էր Ատանա, բայց անհնար էր որ պատրիարքարանի միջամտութիւնն ալ կառավարական մտադրութիւնը գրգռած չըլլար, եւ այդ ամէն պարագաներ միանալով առիթ չընծայէին որ տագնապը դադրեցնելու կամ ձեւը փոխելու նոր հրահանգ արձակուէին կեդրոնէն, մանաւանդ որ ինչպէս յիշուեցաւ նոյն օրեր նախարարութեան փոփոխութիւն ալ տեղի ունեցած էր: Յաջորդ չորեքշաբթի օրը ապրիլ 8-ին ուրիշ հետաքրքրական պարագայ մըն ալ տեղի կ՚ունենար: Ատանայի առաջնորդ Մուշեղ եպիսկոպոս Սերոբեան կոտորածի օրերը Ատանա չէր: Երկրագործական վարժարան մը հիմնելու գաղափարը յղացած, եւ 1900 փետրուար 16-ին գաւառական ժողովին որոշել տուած էր նպաստ հաւաքելու համար իր Եգիպտոս երթալը, եւ մարտ 4-ին Ատանայէ մեկնած է ( ՄՈՒ. 27): Սերոբեանի յայտնի էին իր Վիճակին կասկածելի կացութիւնները, տաճկահայ գրգռութիւնը, վտանգի նախատեսութիւնը, ինչպէս ինքն ալ չի ծածկեր ( ՄՈՒ. 18-26 եւ 64), եւ իր պաշտօնական դիմումները կը հաւաստեն ( ԹԵՐ. 461), որով միայն վայրկենական համառօտ հանդարտութեան փաստով կ՚աշխատի արդարացնել իր բացակայութիւնը ( ՄՈՒ. 27): Վտանգէ խուսափիլը թերեւս անյարմար նկատուի Սերոբեանի խիզախ բնաւորութեան, սակայն պատասխանատուութենէ զգուշանալը կրնար իր միտքին վրայ ազդել: Բայց ի'նչ ալ ըլլայ անյարմար ժամանակ մը բացակայելով ժողովուրդը անգլուխ թողլուն պատճառը, հազիւ գոյժը լսած, Եգիպտոսէ կը մեկնի, եւ ապրիլ 8-ին չորեքշաբթի Մերսին կը հասնի, բայց նաւամատոյցէն կ՚արգիլուի ցամաք ելլել եւ կը պարտաւորուի շոգենաւ դառնալ: Ցամաք չելլալուն հրամանը անգղիական մարտանաւին հրամանատարութենէն ալ կը կրկնուի, եւ հարկ կ՚ըլլայ որ նոյն օր մեկնի Եգիպտոս դառնալ: Սերոբեանի դէմ դրուած արգելքը ոմանց տեսութեամբ գրգռիչ եւ վտանգաւոր անձ մը հեռացնելու համար էր, իբր զի յայտնի էր իր համարձակ գործունէութիւնը եւ յեղափոխական մարմիններու հետ սերտ յարաբերութիւնը, իսկ ըստ այլոց անոր անձը խնայելու համար անուղղակի պատրաստուած նախազգուշութիւն էր: Ամէն առթի մէջ Սերոբեան անմասն մնաց իր Վիճակին մէջ կատարուած մեծ իրողութենէն, եւ միայն հեռուէն հրատարակութեանց դիմեց ( ԹԵՐ. 854, եւ ՄՈՒ. ), բայց պատերազմական ատեանին վճիռէն ազատ չմնաց: Վերեւ տագնապը դադրեցնելու հրամանին մէջ, կամ ձեւը փոխելու խօսքը աւելցուցինք, որովհետեւ քաղաքին մէջ կոտորածին դադրելովը կոտորածը դադրած չեղաւ: Հողագործական մեծ աշխատութեանց ատենն էր Ատանայի համար, եւ բարեբեր արտերու վրայ գործաւորներու խուռն բազմութիւն մը խմբուած էր, որոնց թիւը 80. 000-ի կը հասցնեն ( ՄՈՒ. 37): Ասոնցմէ էին քաղաքին մէջ գործող խուժանը կազմողներ, բայց մեծագոյն մասը դաշտին վրայ էր: Երբոր քաղաքին տագնապը հարկ եղաւ դադրեցնել, խուժանը հրահանգուեցաւ գիւղերու մէջ գործել, եւ բոլոր հայութեան արու անհատները սուրի եւ հրազէնի մատնել: Ատանայի շրջակայ Ինճիրլիք, Ապտօղլու, Քօզօլուք, Խրիսթիեան քէօյ, Շատրիկին եւ Միսիս եւ բոլոր ուրիշ գիւղերու մէջ հայ ըլլալով այր մարդ չմնաց: Երբեմն Կեավուրտաղ կոչուած Ճէպէլիպէրէքէթ նահանգին մէջ` Օսմանիէ, Համիտիէ, Պախճէ, Հասանպէյլի, Լաբաճլը, Խառնի, Կէօքչայըր, Եանըքտէյիրմէն, Քօյուք, Էնթիլլի, Էքպէզ, աւաններ եւ գիւղեր միեւնոյն հարուածն ունեցան, բոլոր այրեր սպանուեցան եւ գիւղեր այրուեցան: Աւելի հեռաւոր կողմեր, Տարսոն եւ Սայկէչիտ ալ մեծ կորուստներ տուին, իսկ մասնաւոր կորուստ չտուող տեղ չէր մնացած Ատանայի կուսակալութեան Սէլէֆքէի նահանգէն դուրս: Նոյն իսկ Սիս, Հաճըն, Տէօրթեօլ, Գարսփաղար, Ֆէքէ, եւ Շէյխմուրատ, որոնք կամ զինու զօրութեամբ կամ ճարտար հնարքներով ինքնապաշտպանութիւն փորձած կամ կատարած էին, կորուստներէ ազատ չմնացին: Հալէպի կուսակալութեան մէջ ալ տարածուեցաւ կոտորածը, եւ աւելի կորուստ տուող տեղերն եղան Անտիոք եւ Քէսապ եւ Քըրըքխան, եւ վնասներէ զերծ չմնացին Պէյլան, Մարաշ, Սուէյտիէ, Անտէրուն, Կէօքսին, իրենց շրջանակներով: Ատանայէ դուրս կատարուած ջարդն ու թալանը ապրիլի առաջին կէսին մէջ կատարուեցան, երբոր քաղաքը հանդարտած եւ ամէն վտանգ հեռացուած կը կարծուէր:

3118. ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՏԱՆԱ

Քաղաքին մէջ զգացուած վստահութիւնը այնչափ մեծ էր, որ երբ ապրիլ 5-ին կառավարութիւնը Հայերէն պահանջեց իրենց զէնքերը յանձնել, անհակառակ համակերպեցան, միտքէ իսկ չանցունելով թէ կրնայ խարդախ ծուղակ մը ծածկուած ըլլալ այդ հրամանին ներքեւ, մանաւանդ որ օտարազգիներէ ալ չընդդիմանալու յորդորներ կը կրկնուէին, Կ. Պոլսոյ տեղապահէն ալ զէնք չգործածելու հրահանգներ կը հասնէին ( ԹԵՐ. 60): Հայերուն վստահութիւնը չափազանց եղաւ, զի կամակար իրենց զէնքերը յանձնեցին երբ Տաճիկներու զէնքերը չուզուեցան ու չհաւաքուեցան, եւ ոչ ալ Իթիտալ անունովն որ հրատարակուիլ սկսած լրագիրին յօդուածներէն ցնցուեցան, որուն խմբագրապետը Իհսան Ֆիքրի, իթթիհատի տեղական ակումբին պետը, շարունակ հայերը հարուածելու, եւ ապրիլ 1-ի ոճիրին սկզբնաւորութիւնը ու պատասխանատուութիւնը Հայերուն վրայ ձգելու, եւ Թուրքերը անմեղ զոհերու կերպարանով ցուցնելու կ՚աշխատէր ու կը գրէր: Այդ նպատակին ուղղուած յօդուածներուն լրումն է ապրիլ 7-ին Իսմայիլ Սաֆա ստորագրութեամբ եւ սոսկալի ապստամբութիւն մը վերտառութեամբ հրատարակուած երկար յօդուածը ( ԹԵՐ. 61-70), ուսկից աւելի չարամիտ թելադրութիւն եւ աւելի սուտակասպաս զրպարտութիւն դժուար է մտածել ( ՄՈՒ. 34): Հայերը տակաւին անկասկած էին, եւ Կ. Պոլսոյ վրայ քալող Սելանիկի բանակին հրամանատար Մահմուտ Շէվքէթ փաշայէ հասած հեռագիրը, որ Ատանայի խաղաղութեան համար վաշտ մը զինուոր Տետէազաճէ ճամբայ հանած ըլլալը կը ծանուցանէր, եւս քանզեւս աճեցուցած էր Հայերուն վստահութիւնը: Իրօք ալ վաշտը հանդէսով Ատանա մտաւ կիրակի առտու ապրիլ 12-ին, եւ Հայերու կողմէ որոտընդոստ ծափերով եւ կէցցէներով մեծարուեցաւ եւ ստոյգ ազատարարի ցնծութեամբ ողջունուեցաւ ( ԹԵՐ. 94): Քանի օրերէ ի վեր քաշուած խուժանին բազմութիւնը վաշտին հասնելուն առթիւ յանկարծ նորէն համախմբուեցաւ քաղաքին կեդրոնին մէջ, յայտնի նպատակով աւերն ու աւարը նորոգելու, եւ խաղաղութիւն պահպանելու եկող զինուորներն ալ իրենց գործակից ընելու: Իթիտալ լրագիրին շարունակեալ յօդուածները, կառավարութեան պաշտօնական անձանց ընթացքը, կատարուած գործողութեանց պարագաները, կասկած չեն թողուր պատրաստուած մտադրութեան հեղինակներուն վրայ: Գոռում գոչումներ, անհիմն զրպարտութիւններ, մինչեւ իսկ հոյակապ քարաշէն Եազճամիսի մզկիթը կրակելու ամբաստանութիւններ, խուժանապետներու ընկերակցութեամբ կեղծ կամ իրաւ մոլեռանդ փաթթոցաւորները ամբոխը հրահրելու եւ ժխորը գրգռելու ջանքերը, յայտնի նշաններ են նորոգուած տագնապին սկզբնաւորութիւնը ճշդելու: Իբրեւ գրգռութեանց լրումն` զինուորներուն կողմն ալ զէնք կը պարպուի, իբրեւ թէ Հայեր արձակած ըլլան, մինչ անոնք քիչ առաջ այնչափ անկեղծ խնդութեամբ գունդին հասնիլը ողջունած էին: Վերջապէս նպատակը կը յաջողի, նոր հասնող գունդն ալ խուժանին կը խառնուի, սուր եւ հուր, հրազէն եւ հրդեհ, խոցուբոց միանգամայն ձեռք կ՚առնուին, կիրակի ապրիլ 12 կէսօրէին քանի մը ժամ ետքը, հայաբնակ Ատանան լայնածաւալ հրկիզութեամբ կը շրջապատուի, հրդեհի շրջանակէն դուրս գտնուող բնիկ եւ օտար հաստատութիւններ, գործարաններ, տուներ, եւ շրջափակներ, խուճապի մատնուած Հայերով կը լեցուին, եւ բարեսէր անձանց կանանց եւ աղջկանց, ընդունելութեան եւ պաշտպանութեան կ՚ապաւինին, իսկ որոնք չեն կրնար հասնիլ անողորմ խուժանին եւ կատաղի զօրականին հարուածներուն ներքեւ կը մահանան, եւ այս երկրորդ ջարդը նախորդէն հարիւրապատիկ աւելի վնասներ կը պատճառէ կործանելով Ատանան ( ԹԵՐ. 60): Հրդեհին մէջ այրած շէնքերուն կարգին յիշատակուելու արժանի են, Հայոց Ս. Ստեփանոս եկեղեցին, եւ Մուշեղեան ու Աշխէնեան վարժարանները, Հայ-Հռոմէականաց եկեղեցին ու վարժարանը, Հայ Բողոքականաց ժողովարանն ու վարժարանը, Ասորւոց եկեղեցին, Լատին կրօնաւորաց վանքը ու մայրապետաց կուսաստանը, Հայոց շուկան ամբողջապէս, եւ Հայոց տուներէն հինգէն չորսը, իսկ բովանդակ Ատանայի կուսակալութեան մէջ այրած ու վնասուած քաղաքներ ու գիւղեր 37 կը հաշուուին ( ԹԵՐ. 668), եկեղեցիներ եւ դպրոցներ 50, տուներ եւ ամառանոցներ, տնակներ եւ խանութներ 5000-է աւելի. իսկ անձեր ամէն կերպերով պակսածները գումարելով 30000-ի կը հասնին. իսկ կոտորածին մէջ ինկողներ Ատանայի եւ Հալէպի կուսակալութեանց մէջ 20. 000 կամ 21. 330 ( ԹԵՐ. 254) եւ կամ 22. 512 հաշուուած են, երկու կուսակալութիւններէ դուրս տեղերէն եկած պանդուխտ գործաւորները չհամրելով ( ԹԵՐ. 281): Իսկ կառավարական յայտարարութիւններ նախ 10. 000-ի վերածեցին կոտորելոց թիւը ( ԹԵՐ. 302), իբր թէ այսչափ կոտորելը ներեալ ըլլար, բայց վերջէն այս թիւն ալ զեղչելով 1435-ի իջեցուցին, 1924 ալ իսլամ սպանեալ հակադրելով ( ԹԵՐ. 607), ինչ որ ոչ մի կերպով կրցաւ հաստատուիլ: Սպանելոց մէջ յանուանէ ծանօթ կրօնականներէն կը յիշուին` 4 վարդապետ, 12 քահանայ եւ 19 բողոքական քարոզիչ ( ԹԵՐ. 158-160): Ասոնց հետ պետական պաշտօնեաներ ալ սպաննուած են բաւական թուով, որոնց գլուխը կրնանք դասել Պօղոս Թագւորեան կուսակալութեան երկրաչափը ( ԹԵՐ. 100): Ատանայի երկրորդ ջարդը, որ կիրակի երեկոյին սկսած էր, շարունակեց բոլոր գիշեր եւ միւս օրը, եւ դադարեցաւ միայն երեքշաբթի 14-ին, երբ Ապտիւլհամիտի գահընկէցութեան եւ Մէհմէտ Ռէշատի գահակալութեան լուրը հասաւ, եւ նոյն իսկ կոտորածը արծարծող գունդը յանկարծ ազատարարի փոխուեցաւ, ինչպէս սպաներէն մէկը բարձրաձայն կը կոչէր, թէ ասկէ ետքը մի' վախնաք. մենք ազատարար զինուորներս զձեզ պաշտպանելու եկած ենք ( ԹԵՐ. 124): Բայց շատ ուշ, Ատանան կործանած էր, հայաբնակ Ատանան այլեւս չկար, անտէրունչ փախստականներ անօթի եւ ծարաւ եւ բացօթեայ կը տուայտէին. իսկ Մերսինի առջեւ խարսխած եւրոպական մարտանաւերու միջազգային տորմիղը, որ առաջին ջարդին լրանալուն հասած էր, չէր ազդած եւ չէր շարժած երկրորդ ջարդը արգիլել:

3119. ՆՊԱՍՏՔ ԵՒ ԽՆԱՄՔ

Կոտորածը արգիլելու եկող տորմիղին երախայրիքը եղան անգղիական մարտանաւին բժիշկները եւ հիւանդապահները, կարծես աւելի Կարմիր Խաչի քան զինուորական ոյժի դերը վարելու եկած ըլլային: Կոտորածին երեսէն ծագած խեղճութեանց տեսարանն ու լուրերը ոչ թէ ականատես տորմիղը, այլեւ բոլոր աշխարհ դղրդեցին, եւ ամէն կողմերէն բարեսէր եւ բարեսիրտ անձանց խիղճը շարժեցին, հնարաւոր օգնութիւնը հասցնել անոք եւ անօգնական մնացող կիներու եւ տղաքներու. զի կոտորածին դիտած եւ ջարդած զոհերը յատկապէս այր մարդերն եղած էին: Բաւական մանրամասնութիւններ տուինք վնասներու մասին, որոնց համապատասխան պէտք էր ըլլային հասած նպաստները, պէտք էր բաւէին հազարներով այրիներ եւ որբեր կերակրելու եւ հագուեցնելու եւ բնակեցնելու, ամբողջ քաղաքաբաժնի մը եւ բազմաթիւ գիւղերու բնակարանները վերաշինելու, թալանուած եւ չքաւոր դարձած վաճառականներու գործերը վերանորոգելու, հանրօգուտ կրօնական եւ դպրոցական հաստատութեան տեղերը վերականգնելու, յուսաբեկ եւ յուսակորոյս ժողովուրդին վրայ գործունէութեան աշխոյժ եւ աշխատանքի ժրութիւն ներշնչելու: Առաջին շարժումը ազգէն պէտք էր սկսէր, եւ պատրիարքարանը թէ' ազգային եւ թէ' միջազգային յանձնաժողովներ կազմեց, հաւաքմանց եւ բաշխմանց եւ յարմարագոյն որոշմանց համար: Հոգ տարաւ որբանոցներ բանալ` Մերսին, Ատանա, Հաճըն, Տէօրթեօլ, Հասանպէյլի, Այնթապ եւ Մարաշ. անխնամ վիճակէ յառաջ եկած համաճարակներուն առջեւն առնելու համար բժշկական դարմաններ հասցնել, լքեալ այրիներ պահելու եւ աշխատցնելու կերպեր մտածել, եւ այդ նպատակներուն համար պատուիրակներ յղել տեղւոյն վրայ. զի գործի գլուխ կանգնելու մարդն ալ կը պակսէր: Առաջին հասնողներ եղան Գէորգ Ասլանեան վարդապետ եւ Սարգիս Սուին յանձնակատար, որոնց կ՚ընկերանար Մկրտիչ Վեհապետեան եպիսկոպոս` Մարաշի առաջնորդութեան երթալուն առթիւ: Անոնց կը հետեւէին Յակոբ-Աշոտ Փափազեան եպիսկոպոս, Գնէլ Գալէմքեարեան վարդապետ եւ Գալուստ Պօղոսեան քահանայ: Կարմիր Խաչի անունով քսան երիտասարդներու եւ մանկամարդերու խումբ մը յօժարակամ աշխատութեան կը փութար, որոնց կարգին յանուանէ յիշուելու արժանի են Արշակուհի Թէոդիկ եւ Զապէլ Եսայեան տիկիններ եւ Սաթենիկ Օհանջանեան օրիորդ: Կնճիռներու առիթ տուող գործերու պաշտպանութեան փութացին Խնդիր Սիմոնեան եւ Կարապետ Այճեան փաստաբաններ, եւ ընդհանուր հսկողութեան պաշտօնով հասան Խաչատուր Գռուզեան պատուելի, եւ Յովհաննէս Չայեան եւ Լեւոն Փափազեան գործակատարներ ( ԹԵՐ. 151-153): Կարմիր Խաչի անունով անձնուէր աշխատողներուն հետեւեցաւ Կարմիր Մահիկի խումբ մըն ալ թուրք եւ հայ բժիշկներէ եւ դեղագործներէ եւ հիւանդապահներէ բաղկացած ( ԴԵՐ. 147). ընդհանուր խիղճն էր որ իր զգացումները գործով կը յայտարարէր: Չմոռնանք յիշել օտարազգի հաստատութեանց առատաձեռնած նպաստն ու խնամքը ( ԹԵՐ. 835), ինչպէս նաեւ միջազգային տորմիղին կողմէ ընծայուած օգնութիւնը, խեղճերուն նպաստելու եւ հաւաքելու եւ փոխադրելու համար, եթէ օգտակար չեղան չարիքը արմատէն խափանելու: Նպաստի գումարներն ալ ուզելով յիշել, պատրիարքարանը առաջին 1000 ոսկիին վրայ իբր 20. 000 ոսկի ալ ազգային յանձնաժողովին ձեռքով բաժնեց, եւ 16. 000 ալ միջազգային ճիւղէն հաւաքուեցաւ եւ յղուեցաւ, որոնցմէ դուրս են Մանչեսթըրի եւ Փարիզի հայ գաղութներէն ղրկուած 100 հակ զգեստից եւ դեղօրէից պիտոյքը ( ԹԵՐ. 814-818): Իսկ որբերուն թիւը որչափ հնար եղած է ցուցակագրել հաշուուած է 1. 426 ազգային որբանոցներու մէջ, 1. 738 օսմանեան եւ օտար հաստատութեանց մէջ, եւ 7. 593 մօրերնուն մօտ խնամուած ( ԹԵՐ. 819-822): Ասոնք ցուցակագրուածներն են, թո'ղ աստ եւ անդ մնացածները, թո'ղ ցուցակագրուելէն առաջ սնունդի պակասութենէն եւ հիւանդութիւններէ մեռածները ( ԹԵՐ. 336): Այրիախնամ ալ առանձինն գործեց 4. 072 ցուցակագրեալ այրիներու հոգը ստանձնելով 67 քաղաք ու գիւղերու մէջ ցրուած ( ԹԵՐ. 831-833): Պետութիւնն ալ ետ չմնաց եթէ ոչ վնասին համաչափ, գոնէ պարագայից համեմատ օգնութիւններ յղել. 100. 000 ոսկւոյ նպաստ մը Օսմանեան երեսփոխանութիւնը քուէարկեց, եւ հինգ տարուան համար ալ տարեկան 10. 000 ոսկի կառավարութենէ սահմանուեցաւ որբերու եւ այրիներու ծախքերուն: Իսկ վաճառականներուն օգնութեան համար հինգ տարի պայմանաժամով 50. 000 ոսկի փոխ գումար տրամադրուեցաւ ( ԹԵՐ. 811): Ասով մէկտեղ շատ վաճառականներ փճացան, շատ անձեր գաղթեցին, գործատէրներ պաշտօնեայ դարձան, եւ Կիլիկիա զգալապէս նուազեցաւ իր առաջին բարգաւաճ վիճակէն: Աղէտին ընթացքին չպակսեցան բարեսիրտ անձեր, եւրոպացիներ, նոյն իսկ Տաճիկներ, որոնք հարիւրաւոր անձերու պաշտպան կանգնելով կեանքերը ազատեցին ( ՊՐԷ. 266-273, ԹԵՐ. 801), որոնց կարգին յատուկ յիշատակութեան արժանի է Լաւոդիկէի կառավարիչ Մուհամմէտ Ալի պէյը, որ Քէսապի եւ շրջակայից բնակիչներէ 7. 000 հոգի կոտորածէ զերծ պահեց եւ ապահով տեղեր փոխադրեց ( ՊՐԷ. 262-265, ԹԵՐ. 802): Ատանայի Հայ Հռոմէականաց առաջնորդ Պօղոս Թերզեան եպիսկոպոսն ալ նոյն նպատակին աշխատեցաւ ( ՊՐԷ. 274), եւ կատարեալ պիտի ըլլար իրեն համար գովեստը, եթէ իր նամակներով իր ծածուկ միտքը չյայտնէր, այդ կերպով Հայ եկեղեցւոյ զաւակները հռոմէադաւանութեան ծոցը հրապուրելու նպատակը: Իսկ Խապայեան կաթողիկոս Սսոյ մայրավանքը կը մնար աղէտներու միջոցին, ինքն ալ արգելական եւ Սիսն ալ խաժամուժին ձեռնարկներուն ենթակայ, հազիւ թէ տեղացիները կարգաւորելով եւ զինուորական օգնութիւններ փութացնել տալով Սիսի ինքնապաշտպանութեան մէջ մեծ բաժին ունեցաւ ( ԹԵՐ. 232), գլխաւորապէս ապրիլ 6-ի բուռն յարձակումին օրը ( ԹԵՐ. 228), եւ վտանգը անցնելէն ետքը հնարաւոր օգնութիւնն ու պաշտպանութիւնն ըրաւ զանազան կողմերէ փախստական վանք ապաւինողներուն ( ԹԵՐ. 231): Մերձակայ վտանգեալ տեղեր այցելութեան ելաւ ( ԹԵՐ. 456), մխիթարելու եւ սփոփելու աշխատեցաւ, եւ միւս կողմէն չկասեցաւ թէ' տեղական իշխանութեանց եւ թէ' ազգային ու պետական կեդրոններու տեղեկութիւններ հասցնել եւ կարեւորը թելադրել ( ԿՍԿ. 65):

3120. ԴԱՏԱՍՏԱՆ ԵՒ ՎՃԻՌ

Կիլիկիոյ աղէտին ահաւոր տեսարանը չէր բաւեր չափաւոր նպաստներով եւ հնարաւոր խնամքներով չարը դարմանել եւ այսչափով գոհանալ. գործին բարոյական եւ օրինական մասը կար, պատասխանատուութեան խնդիրը կար, դատաստանին եւ պատիժին որոշումը կար, եւ հանրային կարծիքն ու գործոց պաշտօնական ընթացքը այդ կէտերուն պարզուիլը կը պահանջէր: Օսմանեան կառավարութեան վրայ անտնօրինելի պարտք մը կը ծանրանար աշխարհի առջեւ բացատրութիւն մը ներկայել, եւ որչափ հնար էր տխուր գործին մասին իր վրայ ծանրացող կասկածը փարատել: Հակառակ շատերու տեսութեանց, մենք Ապտիւլհամիտը ազատ չցուցուցինք գործին մասնակցութենէն, բայց եւ միանգամայն Ապտիւլհամիտի եւ իթթիհատի տեսակ մը համաձայնական գործունէութեան կերպարանը պարզեցինք, ազգայնամոլ գետնի մը վրայ իրարու մերձաւորութեամբ, թէեւ ոչ անկեղծ եւ ոչ համամիտ համոզման մը հետեւանօք: Իթթիհատի շատ դիւրին պիտի ըլլար բոլոր պատասխանատուութիւնը Ապտիւլհամիտի վրայ բեռցնելով ինքզինքը ամբողջովին ազատել, բայց այս հնար չեղաւ. ուստի իթթիհատը իրեն պատուոյ խնդիր ըրաւ իր կուսակցութիւնը չաղարտել, նորակազմ վարչականութիւնը նախորդին պաշտպանութիւնը ստանձնեց, եւ անմեղը մեղաւոր եւ մեղաւորը անմեղ ցուցնելու գրութիւնը կազմեց, որ զինքն արդարացնէ: Թէպէտ կուսակալ Ճէվատ պէյի տեղ Պապանզատէ Մուստաֆա Զիհնի փաշան անցաւ ( ԹԵՐ. 282), բայց անձը փոխուեցաւ եւ ոչ ուղղութիւնը: Զինուորական ատեանի դրութիւնը խորհուեցաւ, բայց առաջ յանցաւորներ պատրաստելու համար կամայական ձերբակալութիւններու ձեռնարկուեցաւ, բանտարկելով ողջ մնացած Հայերը, եւ ձեռքի տակէն փախցնելով աղէտին կազմակերպողները ( ԹԵՐ. 339), եւ միայն խուժանէն քանիներ բանտարկելով, բայց ոչ վարիչները, մինչ Հայերէն աւելի աչքի ինկող անձեր կը ձերբակալուէին: Աղէտի նոր արարուած մը սկսան կազմել ձերբակալութիւններն ու բանտարկութիւնը, անոնց վրայ գործածուած բռնութիւնները, վայրագ պաշտօնեաներու թոյլատրուած հարստահարութիւնները: Վերջապէս զինուորական ատեանը մայրաքաղաքէ հասաւ եւ գործի ձեռնարկեց, գլխաւորը Ատանայի մէջ նստաւ, Էրզինի եւ Անթաքայի մէջ ալ մասնաւոր ատեաններ կազմուեցան ( ԹԵՐ. 373), Պահ մը գեղերեսեց նա իր պաշտօնը, բանտէն ազատ արձակելով բաւական թիւով Հայեր, եւ ընդհակառակը ձերբակալել տալով բազմաթիւ թուրքեր խուժանին գլխաւորներէն ( ԹԵՐ. 340): Բանտարկեալներուն մասին ալ ընթացքը փոխուեցաւ արաբացի կոշտ զինուորներու տեղ մայրաքաղաքէ եկող ոստիկաններ անցան, եւ մինչեւ աստիճան մը կարգապահութիւնը կամայականութեանց փոխանակեց ( ԹԵՐ, 368), բայց գլխաւոր նպատակը չփոխուեցաւ. ատեանները ոչ ուղիղ արդարութեան, այլ քաղաքագէտ ճարտարութեան հետեւողութեամբ գործելու հրահանգուած էին. պէտք էր Հայերը իբրեւ առաջին գրգռիչներ դատել եւ իբրեւ յանցաւորներ դատապարտել, թուրքերը իբրեւ պաշտպանողականը չափազանցողներ ներկայել, իսկ բուն սկզբնապատճառները ծածկել ու փախցնել ու մոռացութեամբ քօղարկել: Այդ ալ եղաւ պատերազմական ատեաններուն գործողութեանց արդիւնք, եւ զայն արտադրելու համար անխտիր գործածուեցան սուտ վկայութիւններ ( ԹԵՐ. 354), անգիտական վկաներ, խոշտանգանօք խլուած խոստովանութիւններ, եւ ենթադրական կարծիքներ: Մահուան վճիռ ստացան վեց Ատանացի եւ վեց Հաճընցի Հայեր: Ատանացիներու դատապարտութեան համար իրենց կայտառ կերպարանքէն եւ մսագործութեան արհեստէն զատ հիմ չկար, զի ոչ իսկ ինքնապաշտպան խումբին մասնակցած էին եւ շփոթ օրերը պահուըտած անցուցեր էին, այսու հանդերձ կախաղան բարձրացան մայիս 18-ի գիշերը ( ԹԵՐ. 377-383): Իսկ վեց Հաճընցիներէն միայն մէկին վրայ վճիռը գործադրուեցաւ, եւ միւս հինգերուն կեանքը շնորհուեցաւ ( ԹԵՐ. 377): Մահուան դատապարտուած Հայերուն 13-երորդը Սերոբեան Մուշեղ եպիսկոպոսն եղաւ, իբրեւ կանուխէն ժողովուրդը ապստամբութեան գրգռող ( ԹԵՐ. 378), այլ նա բացակայ էր, եւ վերջէն պատիժը բոլորովին ներուեցաւ: Իսկ թուրքերէն յիսունի չափ մահուան դատապարտուածներուն ամէնն ալ հասարակ խուժանի կարգէն էին, եւ միայն մէկ երկու խուժանապետներ, բայց միայն հազիւ քսանի չափ հոգիներու վճիռը գործադրուեցաւ, եւ այն ալ շատ ուշ, ամէն կողմէ ձայն ու դիտողութիւն բարձրանալէ ետքը, եւ մնացեալներուն պատիժը բերդարգելութեան փոխուեցաւ: Իսկ գլխաւոր գրգռողներ եւ դաւաճանութիւն կազմակերպողներ անպատիժ մնացին, որպէսզի հնար ըլլայ գործին կերպարանը այլայլել, եւ աղէտին պատասխանատուութիւնը Հայերու վրայ ծանրացնել: Վերոյիշեալներէն զատ զանազան պատիժներով դատապարտուած Հայեր եղած են 30 հոգի Էրզինի ատենէն ( ԹԵՐ. 378), եւ 14 Ատանայի ատենէն, եւ ուրիշ բազմաթիւ հայեր ի բացակայութեան ( ԹԵՐ. 383): Դատապարտուածները ընդհանրապէս Ռոտոսի եւ Պօտրումի բանտերը փոխադրուեցան, շատերը շղթայակապ ( ԹԵՐ. 378): Թուրքերէն զանազան պատիժներով դատապարտուածներ երկու հարիւր եղան, որոնց մեծ մասը քանի մը ամիսներէն ներուեցան եւ միայն 86 հոգի մնացին. իսկ Ատանայի պատահարին առթիւ դատապարտուածներուն ընդհանուր ներումը երկուքուկէս տարի ետքը շնորհուեցաւ, 1912 դեկտեմբեր 20-ին, եւ կոտորածին հաշիւը գոցուած համարուեցաւ ( ԹԵՐ. 836):

3121. ՔՆՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲՈՂՈՔ

Սակայն ընդհանուր ըմբռնումը չհամակերպեցաւ զինուորական ատեաններու վճիռներուն, ոչ այնչափ դատապարտուածներուն թիւին կողմէն, որչափ ընդհանուր տեսակէտէն, իբր թէ Հայեր եղած ըլլային կոտորածին պատճառները, ապստամբական կազմակերպութիւններ պատրաստած, եւ թէ զայն իրագործելու ձեռնարկած ատեանին Տաճիկներու արդար վրէժխնդրութեան մատնուած ըլլային: Աչքառու պարագայ մըն ալ էր որ դատապարտուածներ եւ կախաղան հանուածներ կատարեալ անմեղներ էին, որոնց վրայ հնար չէր եւ ոչ իսկ պատահական կամ ենթադրական յանցապարտութիւն մը յարմարցնել, եւ այս եւս քանզեւս կը շեշտէր զինուորական ատեաններուն սխալ քաղաքականութեան եւ ոչ արդարութեան ծառայած ըլլալը, ինչպէս որ կը յայտնուի նոյն ատեանին արդարութեան դատաւորի տեղ քաղաքական քննիչի դերը ստանձնելով եւ հին դէպքերը խեղաթիւրելով, Հայերը յանցապարտ ցուցնելու համար յունիս 24 թուականով կազմած ընդարձակ տեղեկագիրէն ( ԹԵՐ. 717-741): Ատանայի մէջ գտնուող զանազան քրիստոնեայ հասարակութեանց եօթը հոգեւոր պետերը, կանխեր էին տեղեկագիր մը ներկայել պատերազմական ատեանին, եղելութեանց իսկութիւնը պարզող ( ԹԵՐ. 393-399): Մէպուսանին կամ օսմանեան երեսփոխանութեան մէջ խնդիրը նկատողութեան կ՚առնուէր, եւ ապրիլ 19 նիստին մէջ կը յայտարարուէր Ճէվատ կուսակալին 13-ին ղրկած տեղեկագիրը, որ հայերը կ՚ամբաստանէր ( ԹԵՐ. 592-593), սակայն զօրաւոր ձայն մը, Ռիզա Թէվֆիք փիլիսոփայ բժշկին ձայնը, ընդհանուր ծափերուն մէջ կը յայտնէր, թէ ազատութիւն վերստանալու համար մեզ օգնող, եւ հակառակ մեզմէ տեսած տգեղ վարմունքներուն մեզմէ չբաժնուելու մրցող ժողովուրդ մը ոեւէ կերպով չենք կրնար ամբաստանել ( ԹԵՐ. 599): Յաջորդ նիստերու մէջ ալ Ատանայի աղէտը խօսից նիւթ կ՚ըլլար, եւ վերջապէս Մեպուսանը հարկ կը սեպէր իր կողմէ քննիչներ նշանակել ճշմարտութիւնը ստուգելու, եւ մայիս 19-ին քննիչ կ՚ընտրուէին Յակոբ Պապիկեան եւ Եուսուֆ Քէմալ երեսփոխանները ( ԹԵՐ. 611), որոնք իսկոյն մեկնեցաւ, ինչ որ չարգիլեց մայիս 28-ի կախաղանները 3120): Կառավարութիւնն ալ իր կողմէն յատուկ քննութեան պաշտօնով Ատանա յղած էր պետական խորհրդոյ գերնախագահ Ֆայիք պէյը եւ դատական քննիչ Յարութիւն Յոստիչեանը, անոնց ընկերակից տալով Մերսինի կառավարիչ Էստա պէյը ( ԹԵՐ. 699), որ գովելի ընթացք ունեցած էր կոտորածի օրերը: Ատանայի կրօնական պետերը անմեղներու դատապարտութենէն եւ մեղապարտներու արդարացումէն եւ Հայոց դէմ յարուցուած յօրինուածոյ զրպարտութիւններէն յուզուած, յունիս ամսոյ մէջ իրենց դիմումները շատցուցին, նամակներով եւ հեռագիրներով իսկութիւնը պարզեցին, նախ իրենց մօտ գտնուող ատեաններուն եւ քննիչներուն, եւ յետոյ հեռուն եղող կայսեր եւ նախարարութեանց եւ խորհրդարանին եւ դեսպանատանց եւ պատրիարքարանաց: Խապայեան կաթողիկոսն ալ Սիսէն ամէն կողմ կը հասցնէր իր բողոքները ( ԿՍԿ. 67-70), յունիս 11-ին ընդարձակ տեղեկագիր մըն ալ Մէպուսանին կը ղրկէր Հայոց վրայ դրուած զրպարտութիւնները հերքելով եւ անմեղներու մահապարտութեան դէմ բողոքելով ( ԿՍԿ. 70-75): Սերոբեան ալ Եգիպտոսէն հերքմնագիր մը կը ցրուէր թէ' իր անձին եւ թէ' իր ժողովուրդին վրայօք խօսուած ու գրուած զրպարտութեանց դէմ ( ՄՈՒ. 87-89, ԹԵՐ. 754-765): Ազգային ժողովի մէջ ալ շարունակ էին բուռն վիճաբանութիւններ նոյն աղէտին հետեւանքներուն մասին, Հայոց վրայ բարդուած զրպարտութեանց համար ցաւելով, եւ մանաւանդ գլխաւոր մեղապարտներու անդատապարտ մնալուն զայրանալով: Արշարունի տեղապահին ազգային վարչութեան հետ համախորհուրդ դիմումներն ու գրութիւնները կը շարունակէին որոնց կարգին մայիս 23-ի յիշատակագիրը ծափահարութիւններով կը կարդացուէր Ընդհանուր ժողովին մէջ ( ԹԵՐ. 551-559): Իբրեւ արդիւնք այդ ամէն ճիգերու թէ' կառավարական եւ թէ' խորհրդարանական քննիչներու տեղեկագիրները կու գային հաստատել ազգային բողոքներուն ստուգութիւնը, եւ մատնանիշ ալ կ՚ընէին կոտորածին իսկապէս պատասխանատու անձերուն անունները, եւ կառավարական քննիչ յանձնաժողովը յունիս 27-ի տեղեկագիր մը ( ԹԵՐ. 689-699) եւ ամբաստանագիր մը կը ներկայէր ( ԹԵՐ. 699-715), առաջինով եղելութեան ճիշդ պատմութիւնը կը քաղէր, եւ երկրորդով դատական ոճի համեմատ ամբաստանութեան ապացոյցները կու տար 24 յօդուածներով, եւ կոտորածին պատասխանատու անձանց անունները կը յիշէր: Յարութիւն Մոստիչեան համարձակ ոճով գրի առած էր ամբաստանագիրը եւ իր ընկեր Ֆայիք պէյի հետ ստորագրած: Իսկ Յակոբ Պապիկեան Ադրիանուպոլսեցի` Իթթիհատի անդամակից եւ մայրաքաղաքի անծանօթ անձ մըն էր. պահ մը կասկածի առարկայ եղած էր շատերու կողմէ, սակայն իր հեռագիրը ( ԹԵՐ. 442), իր տեղեկագիրը ( ԹԵՐ. 446-454), եւ իր լրագիրներու հաղորդած յայտարարութիւնները ( ԹԵՐ. 455-463), արիութեամբ եւ անկեղծութեամբ եւ մինչեւ Իթթիհատը մեղադրելու աստիճան առաջ երթալովը, մեծ եւ արդար ազգասէր մը յայտնեցին զինքն, այնպէս որ քիչ օր ետքը յուլիս 19-ին խորհրդաւոր կերպով տեղի ունեցած իր յանկարծական մահը (09. ՄՆԶ. 2445) արդար կասկածներու տեղի կու տար, երբ որոշուած էր միւս օր 21-ին յատենի ժողովոյն իր տեղեկագիրը կարդալ ( ԹԵՐ. 445), որ օր յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ աննախընթաց եւ անօրինակ եւ փառաւոր հանդէսով (09. ՄՆԶ. 2446): Տեղեկագիրին ընթերցումը մահուան պատճառով 25-ին կը յետաձգուէր ընթերցումը իր ընկերին Եուսուֆ Քէմալին տեղեկագիրին հետ միասին, որ հրապարակաւ յայտարարած էր թէ ներկայուելիք ամէն կէտերու մասին համաձայնութիւն ունեցած էին ( ԹԵՐ. 621): Սակայն յուլիս 25-ի ընթերցումն ալ խափանուեցաւ, եւ տեղեկագիրները նախաքննիչ յանձնաժողովին յղուեցան եւ հոն մնացին, եւ այլեւս Կիլիկիոյ աղէտին խնդիրը անգամ մըն ալ չյիշուեցաւ օսմանեան երեսփոխանութեան ժողովին մէջ ( ԹԵՐ. 623): Սակայն նախարարութեան մէջ բարձիթողի չեղաւ: Գաբրիէլ Նորատունկեան առեւտրական գործոց նախարար` իր ընկերակիցները համոզեց եւ յորդորեց գործին պատուաւոր վերջ մը տալ, ինչպէս Մեծեպարքոս Հիւսէյին Հիլմի փաշա` Իզմիրլեան կաթողիկոսն ալ կը վստահեցնէր հրաժեշտի ընդունելութեան առթիւ, թէեւ յանցաւորները օրէնքի ամբողջ խստութեամբ պատժելու խոստումը կը խօսէր ( ՄՐԴ. 9), բայց դարձեալ անգործադիր կը մնար մինչեւ Դուրեան պատրիարքին կողմէ եղած ստիպումներուն վրայ (09. ՄՆԶ. 2437) յուլիս 31-ին բոլոր կուսակալութեանց եպարքոսական ընդարձակ շրջաբերական մը կը յղուէր, որ կը հաւաստէր թէ բացարձակ կերպով ապացուցուեցաւ թէ հայ ժողովուրդը օսմանեան մեծազօր կայսրութեան հանդէպ իր ունեցած հաւատարմութենէն երբեք չէ շեղած (09. ՄՆԶ. 2452 եւ ԹԵՐ. 769-773): Այդ պաշտօնական յայտարարութիւնը ի դէպ կու գար ճշմարտութիւնը փաստերով եւ ցուցմունքներով հռչակել համարձակող տաճիկ հեղինակներու գրութեանց, ինչպէս Վիլլիէտտին Եէկէն Մուքաթթէմ լրագիրին մէջ ( ԹԵՐ. 493-496), Թէքատտիւմ թերթին խմբագրապետը իր դիտողութեանց մէջ ( ԹԵՐ. 789), եւ Միզան լրագիրի տնօրէն Կովկասցի Մուրատ պէյը իր պատճառաբանեալ յայտարարութեանց մէջ ( ԹԵՐ. 805-810): Գաղղիոյ եւ Անգղիոյ խորհրդարաններն ալ ( ԹԵՐ. 624 եւ 648) Հայոց անմեղութեամբը կը զբաղէին, բայց լոկ խօսքերը չէին գոհացներ Հայոց աղեկտուր զգացումը, որ կոտորածին պատասխանատու անձերուն վրայ արդարութեան գործադրութիւնը կը պահանջէր, եւ որուն պատրիարքութիւն եւ երեսփոխանութիւն չէին դադարեր թարգման ըլլալ, ինչպէս առաջիկային պիտի պատմենք:

3122. ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆ

Կիլիկիոյ աղէտին պատմութիւնը առիթ կ՚ընծայէ անգամ մըն ալ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին վրայ ընդհանուր ակնարկ մը նետել, իբր լրումն այն համառօտ տեսութեանց, զորս կանխաւ տուած ենք Խապայեանի պաշտօնավարութեան մասին 3080): Յարաբերութեանց խնդիրներուն վրայ պիտի չանդրադառնանք, զորս լիովին բացատրած ենք, թէ' Մաքսուտեանի սաղիմական կնճիռին տեսակէտէն 3055), եւ թէ' Կիլիկիոյ աթոռին դիրքին եւ կարծեցեալ իրաւունքներուն տեսակէտէն 3077-3079): Այդ խնդիրները վերջին տարիներու մէջ մեռեալ տառ մնացին, եւ Խապայեան երկու տեսակէտներէն ալ գործունեայ դեր մը չվարեց այլեւս, զի 1908-ի փոփոխութիւնը արմատաքի ցնցեց նախընթաց դիրքը, եւ նոյն խնդիրները յուզելու կամ պնդելու տեղի չթողուց: Մաքսուտեանի անձին հանդէպ սէրը եւ անոր մեղադրեալ գործունէութեան մասին համակրութիւնը, անջնջելի մնացեր էին Խապայեանի սիրտին մէջ, բայց այլեւս չհամարձակեցաւ ինքզինքը յայտնել, տեսնելով որ նորերու մէջ շատ աւելի խիստ ընթացք մը ունեցաւ կեդրոնը Մաքսուտեանի մասին քան որչափ ինչ գործած էր նախընթաց օրերուն մէջ: Կիլիկիոյ աթոռին կարծեցեալ իրաւունքներուն մասին ալ նոր քայլ մը չառաւ Խապայեան, հարկաւ կռահելով որ նոր գործի գլուխ անցնողներ նոր գաղափարներէ առաջնորդուած, եւ ոչ իսկ նկատի առնելու պատիւը պիտի շնորհէին իր առաջարկութեանց: Գալով Կիլիկիոյ աթոռին ներքին կացութեան, այն տխուր նկարագիրը զոր Խապայեան առջի օրէն 1903 յունիս 3 թուականով կեդրոնին հաղորդած էր ( ԿՍԿ. 4-27), հիմնապէս բարեփոխուած չէր. նա մեծամեծ գաղափարներով կ՚օրօրուէր, Էջմիածնի շինութեանց համար Մանթաշեանցի եւ ուրիշ Ռուսահայերու առատաձեռն նուէրները իր միտքը կը գրգռէին ( ԿՍԿ. 1), եւ ինքն ալ թախանձագին կը դիմէր Տաճկահայոց ունեւորներուն, Պատրիկ Կիւլպէնկեանի ( ԿՍԿ. 2), Գալուստ Կիւլպէնկեանի ( ԿՍԿ. 28), Յակոբ Տատեանի ( ԿՍԿ. 35), Միհրան Գարակէօզեանի ( ԿՍԿ. 82), Աբրահամ Բարթողի ( ԿՍԿ. 45), Պօղոս Նուպարի ( ԿՍԿ. 54), սիրտերը շարժելու ջանալով եւ ձեռքերը բանալու յորդորելով, եւ նոյն իսկ Խրիմեան կաթողիկոսի ( ԿՍԿ. 3, 31, 36) գութը շարժելու համար մելամաղձոտ նկարագիրներ կը տեղեկացնէր, եւ Ռուսաստանէ ալ Կարապետ Եզեանցի ( ԿՍԿ. 40), Յովհաննէս Ժամհարեանցի ( ԿՍԿ. 46), Տիրուհի Պոպովեանցի ( ԿՍԿ. 34) եւ ուրիշներու սրտագին դիմումներ կ՚ընէր: Դժբախտաբար արդիւնքը իր ջանքերուն չէր համապատասխաներ, կարծես հակառակ իր փութաջան ճիգերուն` խուլ թերահաւատութիւն կը տիրէր իր անձին շուրջը: Տաճկահայոց միտքին վրայ Մաքսուտեան խնդիրին արձագանգը նպաստաւոր գաղափարներ չէր արժեր 3080), եւ Ռուսահայոց վրայ լաւ տպաւորութիւն չէր գործեր կաթողիկոսական ընտրութեան չմասնակցելով Էջմիածինէ հեռու մնալու երեւոյթը: Խապայեան Երուսաղէմի մէջ վարժարանաց հոգածութեան մէջ գտնուած, Սսոյ մէջ ալ Ժառանագաւորաց վարժարանի վրայ կ՚ամփոփէր իր տեսութիւնը, եւ Սիս հասած ատեն գտած վարժարանին խեղճութիւնը տեսնալով, եւ անոր չէութիւնը էութիւնէ աւելի օգտակար համարելով, վարժարանը ցրուած էր, կամ լաւագոյնը ունենալ կամ բնաւ չունենալ սկզբունքով ( ԿՍԿ. 11): Բայց շուտով զգացած էր չունենալուն անտեղութիւնը, եւ նորէն բացած էր վարժարանը տեղական տկար ոյժերով, եւ հետզհետէ հնարաւոր զարգացումը տալու դիտմամբ, տեսչութեան կոչած էր Դպրեվանքի աշակերտութենէն Խաչատուրեան Գարեգին վարդապետը, որ 1906 ամանորին պաշտօնի մտնելով, երկու դպրոցական տարեշրջան բոլորելէն ետքը, 1907 յունիսին հրաժարած էր իր տեսութեանց յարգ չընծայուելուն պատճառով, եւ Սսոյ միաբաններէն Դանիէլեան Ներսէս վարդապետի կը յանձնուէր վարժարանը սակայն անոր գործունէութիւնը գոհացուցիչ չգտնուելով` 1908 սեպտեմբերին դարձեալ Խաչատուրեան տեսչութեան կը կոչուէր, բայց տարին չլրացուցած 1909 մայիսին պաշտօնէ կը դադրէր Կիլիկիոյ աղէտին երեսէն Ժառանգաւորացը փակելու տրուած որոշման պատճառով: Այս առթիւ դիմում կ՚ըլլար կառավարութեան արձակեալ աշակերտներէն եօթը ընտիրները պետական վարժարանաց մէջ ընդունելու (09. ՄՆԶ. 2436): Ժամանակին անձկութիւնն եւ ուրիշ ծանր հոգածութիւններ էին իսկական պատճառը, թէպէտ չտեսաւ այդ փակումը, բայց ձայն ալ հանելը չտեսաւ, զի տագնապը փութաջան գործունէութիւն ազդած էր Խապայեան կաթողիկոսին վրայ, որ իր տառապեալ հօտին պէտքերը հոգալու, Հայոց վերագրուած զրպարտութիւնները եւ մինչեւ կայսերական գահը բողոքներ ուղղելու ( ԿՍԿ. 69), եւ արկածեալ տեղեր այցելելու փութաջանութեամբ, համակրական զգացումներ հրաւիրած էր իր վրայ եւ ստուգիւ ալ առաջին ժամանակներէն շատ աւելի գործունեայ դեր մը ստանձնած էր Խապայեանի, սարսափելի արկածին ազդու տպաւորութեան ներքեւ: Երբոր Իզմիրլեան կաթողիկոսի յաջորդին ընտրութեան ձեռնարկուեցաւ, Խապայեան դարձեալ չուզեց մասնակցիլ, եւ իր ընթացքը արդարացնելու ալ ջանաց մտերմական գիրերով ( ԿՍԿ. 80): Հանրային կարծիքը նորէն լաւ աչքով չնկատեց այդ ձեռնպահութիւնը, թէպէտ ընտրութենէն ետքը իր շնորհաւորութիւնը փութացուց ( ԿՍԿ. 89), եւ պահ մըն ալ միտք յղացաւ աննախընթաց քայլ մը առնել, եւ անձամբ երթալ նորընտիրին յարգանք եւ շնորհաւորութիւն մատուցանելու, եւ այդ գաղափարը Արշարունի պատրիարքին ալ հաղորդեց ( ԿՍԿ. 90), բայց նամակն իսկ անպատասխանի թողուեցաւ կեդրոնէն ( ԿՍԿ. 91), անշուշտ աննախընթաց եւ չափազանցեալ առաջարկը իբրեւ ընդ խաղ խօսք մը նկատուելուն պատճառով: Խապայեանի կաթողիկոսութիւնը մեծ աղէտէն ետքն ալ նորանոր տագնապալից արկածներու եւ տառապալից փորձանքներու շարք մը եղաւ, որ փոխանակ օր մը դադարելու, աւելի ահաւոր եւ ահարկու փորձանքներու դուռ բացաւ, եւ 1914-ի տառապանքով գագաթնակէտը հասաւ. բայց ասոնք իրենց կարգին:

3123. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Երուսաղէմի աթոռին եւ միաբանութեան վերաբերեալ գործերուն պատմութիւնը թողած ենք Մանկունի եպիսկոպոսին եւ Արիս Ֆէսճեանի պատուիրակութեան փակումին, երբ պատուիրակներուն Կ. Պոլիս դառնալէն ետքը կրօնական եւ քաղաքական ժողովներու ապենապետներէն բաղկացած մասնաժողովին յանձնուեցաւ պատուիրակութեան բերած տեղեկութեանց ամփոփումը կազմել, եւ Երուսաղէմի խնդիրին վերջնական կարգադրութեան ձեւը առաջարկել: Իսկ Երուսաղէմի մէջ Մաքսուտեան հաշուեխոյս եւ շահակից ուղղութիւնը նուազած էր, եւ կանոնի նախանձախնդիր հաշուեպահանջներու առաջնորդութեամբ գործերը բաւական կարգաւոր եւ հանդարտ վիճակի մէջ կը քալէին, եւ ընդհանուր կերպով Երուսաղէմի կնճիռին վերջնական որոշմամբ մը փակուելուն վստահութիւնը կը տիրէր: Տնօրէն ժողովին անդամներէն Հմայեակ Երէցեան եւ Վահան Քէշիշեան վարդապետներ իրենց աղմկայոյզ շարժումներուն համար հեռացուած էին 3072), առաջինը անպաշտօն ի Տարօն եւ երկրորդը տեսչութեամբ ի Լաւոդիկէ, եւ մնացած հինգ անդամներ կը գործէին Յարութիւն պատրիարքի հովանաւորութեամբ: Ճիշդ այդ միջոցին էր որ օսմանեան ազատութեան հռչակուելովը Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանին գործերը հիմնական փոփոխութիւն կրեցին հիներու դէմ յուզուած հակառակութիւնը եւ նորերու աղիկամի տիրապետութիւնը գործոց ընթացքը այլայլեցին, եւ պատժապարտներու արձակման եւ աքսորականներու ազատման հրաման տրուեցաւ, ուսկից օգտուեցան Երուսաղէմ գտնուող Իզմիրլեան նախկին պատրիարք եւ Խարախանեան Տարօնոյ առաջնորդ Կ. Պոլիս դառնալու: Այս առիթով տնօրէն ժողովէն անգամ մըն ալ պակսեցաւ, Մեսրոպ Նշանեան վարդապետը, որ Իզմիրլեանի մինչեւ Կ. Պոլիս ուղեկցելու որոշուեցաւ 3105), բայց հոն հանելէն ետքը Երուսաղէմի շփոթները լսելով ետ դառնալը յապաղեց, եւ տնօրէնը շարունակեց չորս անդամով գործել որոնք էին, Դաւիթ Տէրտէրեան լուսարարապետ, Գրիգորիս Պօյաճէան, Մովսէս Ոսկերիչեան եւ Սարգիս Աճէմեան: Ելեւմտից տեսուչ էր Մատթէոս Գայըգճեան, վարժարանաց տեսուչ Պետրոս Սարաճեան, եւ Յոպպէի տեսուչ Սերոբէ Սամուէլեան, եւ գործերը կը շարունակէին տակաւին համերաշխութեան ընթացքով: Սակայն Կ. Պոլսոյ անցքերը հետզհետէ սկսեր էին ազդել Երուսաղէմի մտայնութեանց վրայ, թէպէտ հակառակ ուղղութեամբ: Մայրաքաղաքին մէջ սահմանադրական ազատականներն էին, որ իբրեւ թէ աղիկամի գործողներու վրայ կը զօրանային, իսկ Երուսաղէմի մէջ աղիկամի գործողներն էին որ կանոնի նախանձախնդիրներուն վրայ ճոխանալ կը յաւակնէին: Իրաւ այդ խուլ պայքարը մղողներուն ջանքը երբեք արմատաքի դադարած չէր, բայց այս անգամ նոր պարագաներէ քաջալերուած կացութիւն այլայլելու կը ձգտէին, եւ Կ. Պոլիս գտնուող պետերը Մաքսուտեան եւ Երէցեան յորդոր եւ հրահանգ հասցնել կը փութային, միջոցներ ալ հայթայթելով Երուսաղէմի քաղաքացիներէն իրենց թեւթիկունք ճարելու, եւ պետական պաշտօնեաններէն իրենց հովանաւորներ պատրաստելու, եւ կը յաջողէին շահել կառավարիչ Էքրէմ պէյի յաջորդող Սուպհի պէյը: Յուլիս 7-ին վերջին փոփոխութիւններէն քիչ օր առաջ գումարուած միաբանական ժողովին խօսից նիւթ եղած էր, վանքէն դուրս գտնուող չորս միաբան վարդապետներու: Եզնիկ Պապայեանի, Դանիէլ Յակոբեանի, Անանիա Հազարապետեանի եւ Վարդան Գասպարեանի վանք դառնալու հրաւէրին անձնական պատճառներով չհամակերպիլը (08. ՄԻԱ. 4) եւ գործը փակուած է հրաւէրը կրկնելու որոշմամբ (08. ՄԻԱ. 9): Այս խնդիրը առիթ տուաւ որ նոր քաջալերուող միտքերու մէջ զարթնու իրենց գլխաւորներէն եւ ընկերներէն հեռացուածներուն վերադարձին փափաքը, որ հետզհետէ նոր խնդիրի նիւթ դարձաւ: Երուսաղէմի կացութիւնը լիապէս պարզելու համար յիշենք եւս թէ աթոռին մէջ գտնուող եպիսկոպոսներէն ոմանց վախճանելովը եւ ոմանց մեկնելովը, վանքին մէջ կը մնար միայն Մաղաքիա եպիսկոպոս Տէրունեան, նախկին միաբան եւ զանազան տեղեր առաջնորդական պաշտօններ վարած, որ Ամերիկայի առաջնորդութենէն դառնալով եւ պատրիարքարանէ առաջարկուած Պուլկարիոյ տեղապահութիւնը չառնելով եւ պահ մը ալ Եւրոպիոյ մէջ դեգերելով 1903 փետրուարէն ի վեր Երուսաղէմ կը գտնուէր, եւ եպիսկոպոսաց պակսելուն վրայ եպիսկոպոսական հանդէսներու կը նախագահէր: Օգոստոսի մէջ օդափոխութեան համար Վերիտոն էր գացած, եւ Վերափոխման տօնին դարձած, սակայն պահանջներն աճեցնելուն եւ գոհունակութիւն չգտնելուն վրայ` սեպտեմբերին վերջը Կ. Պոլիս կը մեկնէր, որով աթոռը առանց եպիսկոպոսի կը մնար (08. ՏՆՕ. 321):

3124. ԱՌԱՋԻՆ ԽԼՐՏՈՒՄՆԵՐԸ

Անգամ մը որ միտքեր կը լարուին եւ կիրքեր կը յուզուին, այլեւս որեւէ պարագայ մեծ շարժումներու պատճառանք կը դառնայ, եւ գաղտնի դիտումներու հրապարակ ելնելուն առիթ կ՚ընծայէ: Սուրբ Տեղեաց կռուածաղիկ պատահարներէն նոր մը, 1908 յունիսին յուզուած, առիթ թուած էր Թելեան Սիմէոն վարդապետի, որ 1907 դեկտեմբերէն ի վեր աթոռոյ թարգմանի իրաւունքը պաշտպանելու, եւ կառավարութեան աննպաստ միտքերուն խստիւ դիմադրելու եւ ուժգին խօսելու, ուսկից վշտանալով կառավարիչին առժամեայ փոխանորդութիւնը վարող զինուորական հրամանատարը թարգմանի փոփոխութիւնը պահանջած էր, որուն հարկ կ՚ըլլար համակերպիլ, եւ պաշտօնը վերստին կը ստանձնէր Աճէմեան, որ կանուխէն նոյն պաշտօնին վրայ կը գտնուէր: Թելեան այս առթիւ Ս. Հրեշտակապետի տեսչութեան կը կոչուէր, սակայն փոփոխութիւնը իրեն շատ դիւր չէր գար, եւ մինչեւ աստիճան մը տնօրէնէն կը ցաւէր, որ իր հաշուեպահանջ ընկերներէն կազմուած էր, իր գործակցութիւնը կը թուլցընէր, թէպէտ իր սկզբունքէն եւ ուղղութենէն չէր փոխուէր: Իսկ երբ քաղաքացւոց մտայնութեան մէջ նոր շարժումներ կը տեսնէր: Ս. Հրեշտակապետի տեսչութենէն ալ կը հրաժարէր անախորժ շփումներէ հեռու մնալու համար, իբր զի Ս. Հրեշտակապետի տեսուչներուն են որ կատարեն Երուսաղէմի քաղաքացւոց հոգեւոր հովիւի եւ ծխատէրի պաշտօնները: Նոր խնդիր մըն ալ կը ծագէր Աճէմեանի թարգմանութեան պաշտօնը ստանձնելէն, որ պաշտօններու յարաբերութեանց պարագաներէն ազդուած հարկ կը տեսնէր տնօրէն ժողովէն հրաժարիլ, եւ տնօրէնը միայն անդամով մեծամասնութիւնը կորսուած կ՚ըլլար: Միաբանութեան մէջ այս պարագան վէճի նիւթ կ՚ըլլար օգոստոս 25-ի ընդհանուր ժողովին մէջ (08. ՄԻԱ. 24), ուր տնօրէն ժողովին վրայ ուրիշ մեղադրանքներ ալ կը խօսուէին, առիթ առնելով դարձեալ Սուրբ Տեղեաց վերաբերեալ տարբեր խնդիր մը: Տնօրէնի անդամներէն Պօյաճեան իրենց ամբողջապէս քաշուիլը կ՚առաջարկէր, մինչ Տէրտէրեան կացութիւնը հիմնովին չխախտելու ճիգեր կը թափէր: Դուրսը գտնուող չորս միաբաններուն վերադարձին խնդիրը 3123) կ՚ընդարձակուէր, եւ Կարապետ Տէր Կարապետեան կայսերական ընդհանուր ներումը 3101) օրինակ առնելով, միաբանական ընդհանուր ներում կ՚առաջարկէր բոլոր կարգէ եւ միաբանութենէ եւ վանքէ ղրկուած միաբաններու համար, եւ զայն իբր ամէն երկպառակութիւնը ջնջելու եւ ընդհանուր սէրը վերահաստատելու միակ միջոց կը նկատէր (08. ՄԻԱ. 33): Շատ մը միջանկեալ խնդիրներ ալ կը խառնէին եւ կը վիճէին, եւ վերջապէս Սարաճեան ատենապետի ամփոփումով Աճէմեանի հրաժարականը կը մերժուէր, չորս անդամով տնօրէնին քանի մը ամիս եւս պաշտօնավարելը կ՚որոշուէր, եւ 1900-է ասդին վտարեալ կամ զրկեալ միաբաններու նորէն ընդունիլը իբր ընդհանուր փափաք կ՚արձանագրուէր, եւ ըստ այսմ նախագահ պատրիարքին կը հաղորդուէր (08. ՄԻԱ. 37): Նոր խլրտող խումբը զինքն աւելի զօրացած կը կարծէր այդ վերջին որոշումով, որով Երէցեան վանք պիտի դառնար, Մաքսուտեանի խնդիրը պիտի փակուէր, Վահան եւ Հմայեակ պաշտօնի պիտի մտնէին, Կիրակոս եւ Ղուկաս գործի պիտի դառնային եւ իրենց շարքերը պիտի զօրանային: Խլրտող միաբաններուն գլուխ կանգնող եւ առաջնորդող էին Եղիա Յովհաննէսեան ու Կարապետ Տէր-Կարապետեան վարդապետներ, եւ Գէորգ Եօթնեղբայրեան ու Գրիգոր Հովիւեան սարկաւագներ, իսկ գործադրութեանց մէջ պարագլուխներ կ՚երեւային Սամուէլ Կիրակոսեան եւ Աթանաս Ասլանեան վարդապետներ: Երբ այդ եղելութիւններ միաբանութեան մէջ կը կատարուէին, քաղաքացւոց մէջ ալ շարժումները կը զօրանային գլուխ ունենալով Յարութիւն Թորոսեան եւ Եսայի Նալպանտեան Մաքսուտեանէ շահուողներուն, եւ Հապիպ Պշարա կառավարութեան թարգմանը, եւ հովանաւոր Սուպհի պէյ կառավարիչը: Քաղաքացւոց հրապարակ իջնելուն պատրուակ կ՚ընծայէր Ս. Հրեշտակապետի տեսուչ Թելեանի հրաժարելուն վրայ Ոսկերիչեան Մովսէս անոր տեղ նշանակուիլը, որուն դէմ կ՚ելլար քաղաքացւոց խումբը, առիթ առնելով Ս. Հրեշտակապետի տեսուչներուն պաշտօնին բնութիւնը, իբր թէ նոր ազատութեան հռչակուելով ընտրութեան իրաւունք ստացած ըլլար, զոր երբեք ունեցած չէր, զի Երուսաղէմի հայաբնակութիւնը թաղական կազմակերպութիւն ալ ունեցած եւ ունենալու իրաւունք ալ չէր կրնար ունենալ, քանի որ իր եկեղեցին եւ վարժարանը, բժիշկն ու դեղը, բնակարաններն ու զինուորական տուրքը, եւ ստուար մի մասին հացն անգամ միաբանութեան կողմէն կը հոգացուէր, եւ ոչ թէ քաղաքացին իր դրամով թաղականութեան պատկանող ծախքերը կը հոգար: Շարժումին աղմկալից ցոյցը տեղի կ՚ունենար հոկտեմբեր 5-ին, երբ Ոսկերիչեան բռնի եկեղեցիէ դուրս կը հանուէր, ուսկից ետքը Գրիգորիս Պօյաճեան յայտնուած փափաքանաց համեմատ Ս. Հրեշտակապետի տեսուչ կը նշանակուէր: Միաբանական ժողովին եւ Հրեշտակապետի տեսուչին զուգընթաց միջադէպները դուռ կը բանային այլեւս ըմբոստ վարմանց, համարձակ բռնութեանց, եւ անտեղի պահանջմանց, թէ' ժողովրդական ամբոխին եւ թէ' միաբանական խմբակին կողմէն հաւասարապէս, աստ եւ անդ թռուցիկներ կը ցրուէին, պատերու վրայ լկտի ազդեր կը տեսնուէին, վանքին ներսէն ու դուրսէն լրագիրներու հաղորդուած անորակելի թղթակցութիւնները կը հրատարակուէին. մինչեւ իսկ միաբանական եւ ժողովրդական ամբոխավարութիւնը ձեռք ձեռքի տուած պատրիարքի անձին դէմ ալ կքրելու կը յաւակէր: Հոկտեմբեր 13-ին Եօթնեղբայրեան եւ Հովիւեան սարակաւագներ սպառնալեօք կը բռնանային լուսարարապետին վրայ, որ եկեղեցական անկարգութեան համար ազդարարութիւն էր ըրած իրենց: Հեռացուածներուն դարձն ալ մշտատեւ պահանջմանց նիւթ էր դարձած: Միաբաններու հակառակութեան գլխաւոր առարկայն Աւետիս Թաշճեան փոքրաւորն էր, որուն պատրիարքի վրայ ունեցած խնամքն ու ազդեցութիւնը իրենց աչքին իբրեւ զօրաւոր խոչընդոտ կը տեսնուէր, եւ պատրիարքի քովէն հեռացնել կը ջանային: Յարութիւն պատրիարք այլեւս 90-ը թեւակոխելու հասած ծերունի ըլլալով ալ ուշը չէր կորուսած եւ միտքը չէր տկարացած, բայց տարիքի բերմամբ եղող ըմբռնմամբ ինքզինք նեղելով իր կեանքը վնասելէ կը զգուշանար, ուստի մեղմօրէն յորդորներով կ՚ուզէր կացութիւնը հանդարտել, եւ կեդրոնէ զօրաւոր օգնական եւ յարմար զօրավիգ մը խնդրած եւ խոստում ստացած ըլլալով, անոր հասնելուն սպասելու պէտքը կը յիշեցնէր, եւ գոնէ առժամեայ հանդարտութիւն պահել կը խրատէր, բայց ի զուր. ամբոխավար ժխորը ներսէն ու դուրսէն օրէօր կը զայրանար, եւ կառավարիչին դիմելով անոր միջամտութեամբ իր կամքը կատարել տալ կ՚աշխատէր, եւ մինչեւ աստիճան մը քաջալերութիւն ալ գտնալով աւելի կ՚ըմբոստանար:

3125. ԱՏԵՆԱՊԵՏԱՑ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ

Կ. Պոլսոյ կեդրոնական վարչութիւնը, ուսկից տիրող շփոթին լուծումը պիտի սպասուէր, ուշադիր կերպով Երուսաղէմի գործին չէր հետեւէր, գուցէ հետեւիլ ալ չէր կրնար, զի կացութեան փոփոխութենէն, կարգաւորութեանց պակսելէն, եւ բանտէ ու աքսորէ ու գաղթէ դարձողներուն պատճառած աղմուկներէն գլուխ առնելով հանդարտ մտադրութիւն պահանջող գործերով զբաղելու դժուարութիւն կը կրէր: Դուրեան տեղապահ դժուարութեանց առջեւ արիանալու եւ արգելքներու վրայ իշխելու անձը չէր, Իզմիրլեան գործերու միջամտած ըլլալու երեւոյթէն կը խուսափէր, եւ իրեն մօտ մնացող սաղիմական միաբան եւ հաշուեպահանջ խումբին յառաջադէմներէն եղող Նշանեանն ալ, թէ' Կ. Պոլսոյ վարչական մթնոլորտին օտար էր եւ թէ' Իզմիրլեանը գործի մղելու ձեռներէցութիւնը չունէր: Ահա թէ ինչոflւ Երուսաղէմի շարժումը փոխանակ իր սկզբնաւորութեան մէջ կեդրոնի իշխանութեամբ զսպուելու, երթալով կ՚աճէր ու կը զօրանար: Օրմանեանի օրէն հաստատուած ատենապետաց մասնաժողովը իր պատասխանատուութիւնը ազատելու համար, օգոստոս 2-ին իր տեղեկագիրը վարչութեան կը ներկայէր, որ անկէ ալ երեսփոխանութեան անցնի եւ խնդիրը լուծուի, բայց տակաւին երեսփոխանութիւնը կազմակերպուած չէր, եւ կազմակերպուելէն ետքն ալ շատ ներքին գործեր ունէր, որով տեղեկագիրը ( ՏՂԿ. Ե. ) տեղապահին մօտ անհետեւանք կը մնար: Այս տեղեկագիրը նկատի առած էր նախընթաց գործողութիւնները, եւ գլխաւորապէս երրորդ պատուիրակութեան կազմած ընդարձակ հաշուտետրը ( ՏՂԿ. Դ. ), նորէն լսած էր Մաքսուտեանի բերանացի բացատրութիւնները, եւ ըստ այնմ պարզած էր վերջնական տեսութիւնները 1893-1907 տասն եւ չորս տարիներու հաշիւներուն վրայ, որոնց առաջին 12 տարիները Մաքսուտեանի պաշտօնավարութեան քննելի միջոցը կը կազմէին, եւ վերջին երկու տարիները անոր պաշտօնէ հեռանալէն ետքը անցած էին: Առաջին մասին մէջ երեք գլուխները կը զատէր տեղեկագիրը մատակարարութիւն, կալուածք, շինութիւնք, եւ իւրաքանչիւրին մէջ թերի եւ պատասխանատուութիւն հրաւիրող կէտերը կը ճշդէր: Մատակարարութեան մէջ բարոյական պատասխանատուութիւն կը տեսնէ 1900-ի անհարկի փոխառութեան, եւ գումարը ներկայացնողին վճարելի փոխգիրներու վերածելուն, եւ պարտամուրհակաց տոմարին անկարգ արձանագրութեանց, եւ առանց ելեւմտացոյցի մատակարարութիւն կատարելուն մէջ: Իսկ նիւթական պատասխանատուութիւն կը գտնէ 36 ոսկի վճարումը երկու տեղ գրուելուն, եւ 74 ոսկի անցեալէ առձեռն ծախքեր անունով մէկ գրիչով նշանակուելուն, եւ Արթինօֆի 774 ոսկի պարտքը շնորհուելուն մէջ ( ՏՂԿ. Ե. 2-4): Կալուածոց գրուխին ներքեւ դիտողութեան արժանի կը գտնէ Երիքովի արտին եւ Ճառներին գետնին մի մասին վաճառմամբ անարժէք տեղեր գնուիլը, քաղաքի մէջ անհաստատ կալուածներու ստացութիւնը, եւ 4702 ոսկւոյն զանազան գնումները, ամէնն ալ Մաքսուտեանի կողմէ կանոնական պայմաններու հակառակ կատարուած ( ՏՂԿ. 7. 5-7): Շինութեանց մէջ մատնանիշ կ՚ընէ հանգուցեալ միաբաններու հաշիւէն Մաքսուտեանի անցած 905 ոսկին, ճարտարապետական քննութեամբ հաստատուած ծախուց վրայ 3797 ոսկւոյ բարդումը, շինութեանց հաշիւներուն համար ոչ մի տոմար կամ արդարացուցիչ թուղթ ներկայացուիլը 2799 ոսկի տոկոս բարդուիլը, Ճգնաւորեանի 400 ոսկուոյ իւրացուիլը, եւ բոլոր յիշուած կէտերուն մասին Մաքսուտեանի տուած, բերանացի բացատրութիւնները անհիմն եւ անբաւական կը դատէ ( ՏՂԿ. Ե. 8-10): Իսկ վերջին երկու տարիներու հաշիւներու մէջ դիտողութեան արժանի կը գտնէ մեծ պանդոկի յետնեալ վարձքերուն վրայ նշանաւոր զեղչը, եւ 500 ոսկի հաստատուն բացով ելեւմտացոյց կազմելը ( ՏՂԿ. Ե. 11-12): Մաքսուտեան, տեղեկագիրին իրեն դէմ ըրած դիտողութեանց վրայ չոր բողոքագիր մը հասցուցած է երեսփոխանութեան նոյեմբեր 14-ին (08. ՄՆԶ. 2281), առանց պատճառաբանութեանց եւ առանց վաւերացեալ բացատրութեանց, իսկ երեսփոխանութիւնը տեղեկագիրին հետ բողոքագիրին ալ նկատի առնելու պատեհ չէ ունեցած, ժամանակին մեծադղորդ ցոյցերէն ու աղմկայոյզ ժխորէն շրջապատուած, եւ հազիւ թէ Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւնները լսելով վարչութեան յանձնարարած է պատուիրակութիւն մը մղել Երուսաղէմ եւ անկարգութեանց առջեւն առնել ( ՏՂԿ. Դ. 2):

3126. ԱՂՄՈՒԿԻՆ ԱՃԻԼԸ

Երուսաղէմի մէջ յուզուած եւ միաբաններու եւ քաղաքացիներու ընկերակցութեամբ զայրացած ժխորը երթալով կ՚աճէր եւ իբրեւ պահանջի գլխաւոր հիմ կը գործածուէր արտաքսեալ եւ հեռացեալ միաբաններու կրկին միաբանութեան մէջ ընդունուիլը եւ վանք դառնալը, որ իբրեւ ընդհանուր փափաք ընդունուած էր օգոստոս 25-ի միաբանական ժողովին մէջ 3124), եւ հազիւ երեք օր ետքը 23 միաբաններու կողմէ խնդիր ներկայացուած էր պատրիարքին, իբր թէ որոշման գործադրութիւնը յետաձգուած ըլլար (08. ԱՐԼ. 6904): Իրաւ ալ Յարութիւն պատրիարք մտադիր չէր գործադրութիւնը փութացնելու, նախատեսելով նորերու հասնելով կացութեան եւս քանզեւս աճելը, եւ միշտ կեդրոնէ սպասուած օգնականին հասնելուն սպասել կը խրատէր: Միաբանութեան երկու հոսանքներէն իւրաքանչիւրը իր տեսակէտէն նամակներ եւ հեռագիրներ կը հասցնէր տեղապահութեան, որ իսկապէս ինչ ընելիք չէր գիտեր, զի ոչ խնդիրին խորապէս տեղեակ էր, եւ ոչ կնճռոտ խնդիրներ լուծելու ոյժն ու փոյթն ունէր: Տէրունեանի մեկնելէն ետքը թոռին մէջ եպիսկոպոս մնացած չէր որ գոնէ իր աստիճանով նշանակութիւն ունենար, թէպէտ Տէրունեան ալ ոչ մի նշանակելի ոյժ էր եղած: Յարութիւն պատրիարք օգնական խնդրած էր կեդրոնէն, որ չէր գիտեր ի'նչ սկզբունքով եւ ի'նչ հրահանգով մէկ մը յղել: Անստուգութիւնը կը ծանրանար եւ ամբոխավար շարժումը Վեհապետեանի դժկամակութեան պատճառ միայն Աւետիս փոքրաւորը կը նկատէր, եւ անոր դէմ հակառակութիւնը կը սաստկացնէր, մինչեւ որ սա մեկնելու եւ հեռանալու որոշման կը յանգէր, եւ թէպէտ պատրիարքը կ՚ընդդիմանար, բայց սա վերջապէս կը յաջողէր անոր դիմադրութիւնը մեղմացնել, եւ հոկտեմբեր 20-ին վանքէն կը մեկնէր, եւ շիտակ Կ. Պոլիս կուղեւորէր: Յարութիւն պատրիարք, ինչպէս ըսինք, թէպէտ կորովը նուազած, բայց միտքով տկարացած չէր. կացութեան վրայ ճիշդ ըմբռնումը կը պահէր, ուստի հեռացուածներուն կոչը կը յապաղէր, ծայրը լաւ չտեսնելով, միանգամայն պաշտօնի վրայ գտնուող ժողովականներուն խորհուրդն ալ կը յարգէր, որոնք ինչպէս տեսանք հաշուեպահանջ ուղղութեան հետեւողներ էին: Պատրիարքը իրենց կամքին բռնադատողներուն գլուխները Եղիա եւ Կարապետ էին, որոնք մինչեւ իսկ զայրագին կերպերով պատրիարքին վրայ խուժելէ չէին քաշուեր, պատշաճից պահանջներն անգամ ոտնակոխ ընելով, մինչ Յարութիւն պատրիարք միշտ կը շարունակէր իր մտադրութենէն չշեղել: Իսկ ըմբոստ խումբը ընդդիմութենէ լուտանքի եւ լուտանքէ սպառնալիքի անցնելով հաշուեպահանջներու վրայ կը ծանրանար, եւ Աւետիսի մեկնելէն ետքը անոնք իբրեւ պատրիարքի ընդդիմութիւնը քաջալերողներ կը նկատէր: Պատրիարքը ճարահատ եւ մեղմօրէն խրատներու անարգուելէն զայրացած, եւ աղմկայոյզ խլրտումները տկարացնելու դիտմամբ, նախապէս օրինական զննութիւնները կատարելէ եւ կատարել տալէ ետքը, պետական իշխանութեանց, մեծ եպարքոսութեան, կրօնից նախարարութեան եւ տեղական կառավարութեան կը դիմէր որ Եղիա եւ Կարապետ Երուսաղէմէ հեռացուին, եւ ազգային կեդրոնին ալ կը զեկուցանէր: Նախարարութիւնը ընթացք տալով պատրիարքի խնդրանքին, կառավարչութեան կը հրամայէ Եղիան ու Կարապետը Դամասկոս փոխադրել: Այդ կը կատարուի նոյեմբերի առջի օրերը եւ երկուքին կը հաղորդուի պետական հրամանը, բայց երկուքն ալ կ՚ընդդիմանան, իրենցներն ալ անոնց ետեւէն, եւ կառավարիչէն կը պահանջեն հրամանը չգործադրել, մինչ Սուպհի արդէն պատրաստական էր ամբոխավարներու պաշտպանութեան: Կառավարչական պաշտօնատունէն դարձողներ, քաղաքացիներէն ալ հետեւորդներ աւելցնելով, նոյն օր նոյեմբեր 4-ին խմբովին պատրիարքին վրայ խուժելու կը դիմեն. սակայն պատրիարքական յարկաբաժնին արտաքին դուռը իրենց դէմ գոցուած կը գտնեն պատրիարքի հրամանով, եւ Տէրտէրեանի ու Գայըգճեանի ու Աճէմեանի գործակցութեամբ: Դուրսէն ամէն բռնադատութիւն կը գործուի, դուռը բանալու բռնի միջոցներ կը գործածուին, աղաղակներու լուտանքներ, բաշխումներ եւ հարուածներ չեն խնայուիր, մինչեւ որ ոստիկանութիւն վրայ կը հասնի, աղմկայոյզները կը ցրուէին, եւ պատրիարքի պաշտպանութեան համար յարկաբաժինին արտաքին դուռը երեք զինեալ ոստիկաններու պահպանութեան կը յանձնէ, եւ պատրիարքին մօտ ելումուտքը կ՚արգիլէ: Պատրիարքը իբրեւ յետին դարման իսկոյն հրաժարականը կը հեռագրէ կեդրոնական վարչութեան: Ասոր վրայ աղմկարար խումբը կը սկսի ծանր սպառնալիքներ արտայայտել հաշուեպահանջներէ իրենց դէմ եղողներուն վրայ, որոնք պահ մը անձնական ապահովութեան պէտքը կը տեսնեն: Իզմիրլեանի Կ. Պոլիս գտնուելէն ի վեր կտրուկ կարգադրութեան համար ակնկալութիւններնէն յուսախաբուելնին կը զգային, հակառակ որ իրենց դատին լիուլի պաշտպանուելուն վստահութիւնը կը տածէին, մանաւանդ որ արդէն պատրիարքական աթոռ բազմած էր: Յարութիւն պատրիարքի հրաժարականին ելքն ալ կեղակարծ կը նկատեն, եւ կերպով մը անոր ալ ոյժ աւելցնելու միտքով կ՚որոշեն վանքէն խոյս տալ, եւ ինքզինքնին ապահովել Ռէմլէի վանատան մէջ, ուր տեսուչ էր Թովմաս վարդապետ Պետրոսեան, թէպէտ ոչ իրենց համամիտ, այլ բնութեամբ հանդարտ եւ յախուռն չգործող անձ մը: Այս տեսակէտներով յորդորուած նոյեմբեր 5-է 6 չորեքշաբթիէ հինգշաբթի գիշերը ( ՏՂԿ. Զ. 13) լռելեայն վանքէն կը մեկնին (08. ՄՆԶ. 2284), ելեւմտից տեսուչ Մատթէոս Գայըգճեան, Աթոռոյ թարգման Սարգիս Աճէմեան, եւ վարժարանի տեսուչ Պետրոս Սարաճեան վարդապետները, որոնց կը միանան Սմբատ Գազազեան եւ Սահակ Սարգիսեան աբեղաները, եւ Խորէն Փոստոյեան ու Սիմոն Հայրապետեան սարկաւագները: Իսկ լուսարարապետ Դաւիթ Տէրտէրեան պատրիարքի մօտ փակուած կը մնայ, իբրեւ անոր անձին նեցուկ եւ ընկերակից, եւ անոր մօտ մտնողներուն վրայ հսկող: Մեկնողներ Ռէմլէ կը գտնուէին արդէն, երբ նոյեմբեր 8-ին անկէ կ՚անցնէր եւ Երուսաղէմ կ՚երթար Գրիգորիս եպիսկոպոս Յովհաննէսեան, զոր կեդրոնը ուր ուրեմն Կ. Պոլիսէ ճամբայ հանած էր իբր Յարութիւն պատրիարքի օգնական եւ աղմուկը հանդարտեցնելու միջնորդ, նկատելով զայն իբրեւ պատկառելի եւ փորձառու անձնաւորութիւն, թէպէտեւ արդիւնքը չէր համապատասխաներ այդ նկատողութեանց: Յովհաննէսեան առած էր կամ ոչ Ռէմլէ եկողներուն լուրը, սակայն առանց անոնք տեսնալու եւ լուսաբանութիւն մը ստանալու ուղիղ Երուսաղէմ կը փութայ: Երուսաղէմի մէջ երկու վարդապետներուն Եղիայի եւ Կարապետի մասին պետական հրամանին իբրեւ գործադրութիւն, կառավարիչը կը բաւականանար զանոնք յորդորել որ պահ մը Բեթղեհէմ երթալով Երուսաղէմէ հեռացած ըլլան, հոգ չէ որ շուտով ետ դառնան, ինչպէս որ անոնք ալ կը կատարէին: Պատրիարքարանի յարկաբաժինին արտաքին դրան զինուորական հսկողութիւնը կը շարունակէր իբր երկու եօթնեակ, սակայն տակաւ խստութիւնը կը թուլնար, հարկաւ, ոչ առանց կառավարիչին եւ կառավարական թարգմանին հրահանգին: Ռէմլէ գացողներէն ալ երկու սարկաւագներ ետ դառնալու ազդարարութեան համակերպելով վանք կը դառնային, զի իբրեւ սարկաւագներ դիմադրութիւննին աւելի յառաջ մղելէ կը զգուշանային, գուցէ եւ վանքին կացութեան վրայ ստոյգ տեղեկութիւն առնելու եւ հաղորդելու նպատակ ունէին:

3127. ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈԽՈՒԱԾ

Պատրիարքական յարկաբաժինին արտաքին դուռին հսկողութեան հետզհետէ թուլնալը քաջալերութիւն տուաւ աղմկայոյզ խմբակին, բուռն եւ ուժգին յարձակում մը գործել նոյեմբեր 20 հինգշաբթի երեկոյին, ընծայման նախատօնակէն ետքը, որուն պահակները չկրցան կամ չկամեցան ընդդիմանալ, որով խմբակը ներս խուժելով առաջին գործն ըրաւ Տէրտէրեանը բռնի եւ բռնցի դուրս հանել, եւ այլեւս անօգնական մնացած պատրիարքի անձին եւ գործին տիրանալ: Իրօք ալ այն վայրկեանին Յարութիւն պատրիարքի դերը կը փոխուի: Ինչպէս անգամ մը դիտել տուինք իննսնամայ տարիքով մարմնոյ նուազման հետ կորովն ալ նուազած էր, որչափ ալ բուռն կամքի եւ բռնադատիչ գործունէութեան տէր անձ մը եղած ըլլար, իր տեսութեանց ուղղութիւնը չկորսնցնելով մէկտեղ կը զգուշանար զինքն նեղել եւ կեանքը վտանգել, եւ երբ որեւէ նեցուկ եւ օգնական մնացած չէր տեսներ` անձնատուր կ՚ըլլար տիրող զօրութեան եւ այսպէս 1908 նոյեմբեր 20 երեկոյէն սկսելով Յարութիւնի անձին եւ գործին վրայ յեղաշրջում տեղի կ՚ունենար. աղմկայոյզ խումբը զօրացած էր այլեւս եւ կացութիւնը փոխուած, հաշուեպահանջներուն գլխաւորները հեռացած, ուրիշներն ալ լռած եւ քաշուած, Տէրտէրեան ընկճած, եւ վանքը նոր երեւոյթ մը առած հաշուեխոյսներու տիրապետութեամբ, որ Մաքսուտեանի եւ Երէցեանի յաղթանակին գրաւականը պիտի ըլլար: Տէրտէրեան` պատրիարքի մօտէն վտարուելէն ետքը` չէր ուզած լուսարարապետութեան սենեակը դառնալ, նախատեսելով իր անձի վրայ նոր բռնադատութեանց հաւանականութիւնը, եւ առժամեայ բնակութիւն էր հաստատած աբեղաթաղի տրամադրելի սենեակի մը մէջ, մասնաւոր յարաբերութիւններ պահելով միաբաններէն եւ քաղաքացիներէն թաքուն մտերիմներու հետ: Իսկ աղմկավար խումբը իր յաղթանակը շուտով ընելու համար, պատրիարքական հրաւէրով ժողովի կը գումարուէր նոյեմբեր 24-ին երեքշաբթի օր, նոր տնօրէն ժողով կազմելու եւ գործերու տիրանալու եւ Ռէմլէ մեկնողներուն մասին տնօրէնութիւններ ընելու համար: Առաջ ընդհանուր ժողովոյ ատենապետութիւնը կը կազմուէր Կարապետ Տէր-Կարապետեան եւ Յարութիւն Պարոնեան վարդապետներով (08. ՄԻԱ. 40), եւ յետոյ տնօրէն ժողովը կ՚ընտրուէր Եղիա Յովհաննէսեան, Գարեգին Սաքայեան, Սամուէլ Կիրակոսեան, Յովսէփ Սողոմոնեան, Եսայի Կարապետեան, Կարապետ Տէր-Կարապետեան եւ Յարութիւն Պարոնեան վարդապետներով (08. ՄԻԱ. 43). բայց վերջին երկուքը կը ստիպուէին այնինչ ստացած ատենապետութենէն հրաժարիլ, եւ Սարգիս Տէր-Սարգիսեան եւ Գրիգորիս Պօյաճեան ատենապետութեան կ՚անցնէին: Նշանակալից էր պատրիարքական պաշտօնագիրին (08. ՄԻԱ. 44), մէջ յիշուած եօթն անձէ բաղկացեալ տնօրէն ժողով մը ընտրելու հրահանգը (08. ՄԻԱ. 40) զի տնօրէն ժողովի եօթը թիւը լուսարարապետի մշտնջենաւոր անդամակցութեամբը կը լրանար, եւ Տէրտէրեան լուսարարապետութենէն հրաժարած կամ արձակուած չէր, որով եօթնի ընտրութիւնը զայն հեռացնելու թաքուն միտքը կը մատնէր: Ռէմլէ մեկնողներու մասին խօսակցութիւններ երկարեցան թէ չափաւոր եւ թէ չափազանց առաջարկներով, պաշտօնին լքանելով մեկնելնին դիտուեցաւ, պատրիարքի եւ Յովհաննէսեան եպիսկոպոսի հրաւէրներուն չանսալնին յիշուեցաւ, թաքուն միտքերու եւ կանխամտածութեան նշաններ զրուցուեցան, եւ վերջապէս յաղթանակեց պատրիարքի առաջարկը որ Թելեան Սիմէոն վարդապետ Յոպպէ երթայ եւ համոզէ ետ բերէ, զի Ռէմլէ գացողներ միջոց մը հոն մնալէ ետքը տեսուչ Սերոբէ Սամուէլեան վարդապետի հրաւէրով Յոպպէ փոխադրուած էին իբրեւ աւելի ապահով եւ աւելի նպատակայարմար օթարան: Թելեանի, իբրեւ առաջին հաշուեպահանջներուն ընկերակից եւ մեկնողներուն մտերիմ, եւ միայն թարգմանութեան պաշտօնին մէջ չպաշտպանուելէն վշտացած ու գործէ քաշուած, յարմարագոյն անձը նկատուեցաւ գացողները համոզելու, թէպէտ ելքը յաջող չեղաւ եւ ձեռնունայն ետ դարձաւ, գուցէ եւ ցաւը մոռցաւ եւ վստահացուցիչ լուրեր ալ չկրցաւ հաղորդել: Գայըգճեանի եւ Աճէմեանի եւ Սարաճեանի Յոպպէ փոխադրուելուն առթիւ միասին եկած էին Գազազեան եւ Սարգիսեան ալ, որ յետոյ հարկ տեսան Երուսաղէմ դառնալ կոչերուն համակերպելով թէպէտեւ իրենց ուղղութենէն հիմնապէս փոխուած չէին: Իսկ նոր տնօրէն ժողովը իր առաջին գործն կ՚ընէր հաշուեպահանջ միաբանները գործերէ հեռացնել, եւ այս նպատակով Հմայեակ Երէցեանը, որ աքսորէն դառնալով Վերիտոն հասած էր, Երուսաղէմ կը կոչեն եւ Յոպպէի տեսուչ կը նշանակեն Սամուէլեանի տեղ, բայց Յոպպէի մէջ գտնուող միաբանական խումբը ուժգին կը դիմադրէ ըմբոստ տնօրէնին կարգադրութեանց եւ կեդրոնին կը բողոքէ, Իզմիրլեան պատրիարք հեռագրով կը հաւանի, անվաւեր կը նկատէ ըմբոստ խումբէ բխող հրամանները եւ դիմադրել կը յանձնարարէ: Յոպպէի հայաբնակութիւնն ալ Երուսաղէմի քաղաքացիներէն տարբեր զգացմամբ Հմայեակը չընդունիր երբ բազմաթիւ ընկերներով Յոպպէ կը հասնէր դեկտեմբեր 20-ին եւ եկեղեցւոյ դասէն ալ դուրս ելլալու կը ստիպէ, երբ 23-ին Դաւթի եւ Յակոբայ տօնին օրը կանխած եւ տեսուչի տեղը գրաւած էր, որով կը պարտաւորուէր Երուսաղէմ դառնալ: Մովսէս Ոսկերիչեանն ալ Լաւոդիկէի տեսչութեան պաշտօնով կը հեռացնէր, որպէսզի կանուխ հեռացուած Վահան Քէշիշեանը վանք դառնայ: Ս. Մինասայ գանձատան բանալին Տէրտէրեանէն կ՚առնէր պատրիարքի միջնորդութեամբ, պատճառանք ընելով ներսը անձրեւէն ջուր հաւաքուած ըլլալը: Կարգը կու գար Տէրտէրեանը ստիպելու որ լուսարարապետի սենեակը պարպէ եւ պաշտօնէ դադրած ըլլալը հաստատուի. սակայն Տէրտէրեան ստիպումներու կ՚ընդդիմանար ուղղակի պատրիարքէն իրեն հրաման տրուիլը պահանջելով, եւ յանուն պատրիարքի խօսքերը իբր պաշտօնական չընդունելով: Ընդդիմութենէ զայրացած նոր տիրապետող խումբին կիրքը տակաւ վայրագութեան կը հասնի, եւ 1909 յունուար 12-ի երեկոյին ութօրէքի նախատօնակէն առաջ Տէրտէրեանի վրայ կը յարձակին, քաշկռտելով մինչեւ լուսարարապետութեան յարկաբաժինին արեւմտեան դուռը կը բերեն, եւ հարուածելով ու խոշտանգելով բանալին յանձնելու կը ստիպեն, իսկ Տէրտէրեան միշտ իր միտքին վրայ հաստատուն պատրիարքի ուղղակի հրամանը կը պահանջէ, զոր ամբոխավարները պատրիարքէն չեն կրնար խլել: Բանալիին տիրանալու մրցումը ժամի մօտ կը տեւէ, մինչեւ որ Տէրտէրեանի ձեռքերը կապելով եւ գրպանները խուզարկելով բանալի մը ձեռք կ՚անցունեն, եւ լուսարարապետի կրկին դուռներու վրայ փորձելով կը յաջողին բանալ եւ ներս մտնել եւ Տէրտէրեանի գոյքերը դուրս հանել: Այդ միջոցին Յոպպէէ դարձող աբեղաներէն Գազազեան խոյս տալու եւ թաքչելու կը փութայ, իսկ Սարգիսեան ոստիկանութեան լուր կու տայ, որուն հասնիլը լսելով հուղկահարը խումբը իրարու կ՚անցնի, Տէրտէրեանը կապերէն կ՚արձակէ, սենեակը պարպելու գործը կ՚ընդմիջէ եւ կը ցրուի: Տէրտէրեան հանդարտելու համար Յովհաննէսեան եպիսկոպոսի մօտ կ՚երթայ, որ չէզոք անձի եւ անտարբեր հանդիսատեսի ձեւն էր պահած բաւական տեւած պայքարի միջոցին, պատրիարքն ալ որեւէ կերպով արտայայտուելէ արգիլուած կը մնար: Յունուար 13-ի առտուն համակիր քաղաքացիներ եղելութիւնները լսելով վանք կու գան եւ Տէրտէրեանը տեսնելու եւ պաշտպանելու եւ դուրսը ապահովութիւն գտնելու կ՚օգնեն: Անգղիական հիւպատոսը նոր դրութեան հետեւանքով տէր կանգնելու անհրաժեշտութիւնը կը յայտնէ, կառավարիչը վանքէն դուրս պաշտպանել եւ ապահովել կը խոստանայ: Բայց Տէրտէրեան եւրոպական պանդոկներու մէջ յարմար եւ տրամադրելի տեղ չգտնելուն վրայ, յանկարծական որոշմամբ շիտակ Յոպպէ կը մեկնի Սարգիսեանի ընկերակցութեամբ, ուր Գազազեան ալ իրենց կը հետեւի, ինչպէս նաեւ Ղեւոնդ աբեղայ Պէքեարեան, որ վարանոտ նախընթացէ մը ետքը վերջապէս հաշուեպահանջներուն յարած էր, եւ այսպէս կը կազմուի Յոպպէ ապաւինողներու խումբը, որոնք են. Տէրտէրեան, Գայըգճեան, Աճէմեան, Սամուէլեան, Սարաճեան, Գազազեան, Պէքեարեան եւ Սարգիսեան: Ասոնց հետ կը գտնուին նաեւ Սարաճեանի մեկնելուն վրայ Ժառանգաւորաց վարժարանի մէջ ծագած շփոթութեան առթիւ խոյս տուող երեք չափահաս աշակերտներ: Ամենուն ակնկալութիւնը Կ. Պոլիսէ գալիք պատուիրակութեան վրայ էր, որուն օրէօր կը սպասուէր: Նոյն միջոցին Թելեան օդափոխութեան համար մեկնելու արտօնութիւն կը ստանայ, եւ ուր ուրեմն իր հաշիւներուն կարգադրութիւնն ու պահանջին դարձումը լրացնելով կը մեկնի Եգիպտոս, ուր կը մնար երբ Յոպպէի մէջ հաշուեպահանջներուն համախմբութիւնը կը կազմուէր, որոնցմէ ինքն ալ տարակարծիք չէր, թէպէտ գործունեայ դեր չէր ստանձնած