Ազգապատում. հատոր Գ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

3040. ՀԱՇՈՒԵՊԱՀԱՆՋ ԴԻՄՈՒՄՆԵՐ

Անոյշեանի կողմէ թափուած ճիգերուն ատեն միաբանութիւնը կը լռէր, գուցէ անոնց ելքին սպասելով. բայց անոր Դամասկոս երթալէն ետքն ալ Երուսաղէմի մէջ պաշտօնապէս ոչ մի գործողութիւն չկատարուեցաւ: Պարտքին վրայ կը խօսուէր, եւ շա'տ, սակայն խնդիրը միշտ հաշիւ ներկայելու ձեւակերպութեան տեսակէտով կը յուզուէր, թէ ինչո՞ւ Ընդհանուր Ժողով չէր գումարուեր, եւ ինչո՞ւ տարեկան հաշիւ չէր ներկայուեր, եւ այդ խօսքերով երկամեայ շրջան մը կը բոլորուէր 1895-է սկսելով, բայց եղածը մասնաւոր խօսակցութիւն էր առանց պաշտօնական կամ հրապարակային երեւոյթի: Երէցեան Գէորգ վարդապետի եպիսկոպոսական վկայական տալու պարագան կը ստիպէր այս նպատակով միաբանական ժողով գումարել 1897 հոկտեմբերին, եւ միաբանութեան հաշուեպահանջ մասը առիթ կ՚առնէր համարատուութեան խնդիր յուզելու. այլ խնդիրը կը փակուէր ելեւմտապետին եւ լուսարարապետին եւ իրենց միամիտ ընկերներուն կողմէ պատրիարքին բերնով տրուած խոստումներով, թէ մօտ ատենէն եւ առառաւելն ելեւմտական տարւոյ վերջը 1898 մայիսին, 1893-1897` հնգամեայ հաշիւները եւ տեղեկագիրները ըստ օրինի եւ ըստ կանոնի պիտի ներկայուին: Երէցեանի եպիսկոպոսանալուն մասին թէ' Երուսաղէմ եւ թէ' Կ. Պոլիս խօսուեցաւ այն ատեն, թէ Տատեան ատենապետի հետապնդմամբ եղած ըլլայ, ինչ որ համաձայն կու գայ Տատեանի եւ Երէցեանի միջեւ անդստին Իզմիրլեանի աքսորին օրէն հաստատուած մտերմութեան: Խօսուած էր միանգամայն իբր թէ Տատեան իր մտերիմը Կ. Պոլսոյ պատրիարքցու պատրաստելու դիտում ունեցած ըլլայ, ինչ որ սակայն Օրմանեանը չարգիլեց Վեհապետեանի յանձնարարութեան համեմատ, թէ' օսմանեան կառավարութեան եւ թէ' ռուսական դեսպանատան կողմէ յարուցուած դժուարութիւնները հարթելով, Երէցեանը Էջմիածին ուղեւորել Խրիմեանէ ձեռնադրուելու: Ինչպէս ալ տեղի ունեցաւ 1898 փետրուար 28-ին: Վերեւ յիշուած 1898 մայիսի պայմանաժամը լրացաւ, բայց համարատուութիւն դարձեալ չկատարուեցաւ. իսկ գանգատները ականջէ ականջ եւ բերնէ բերան խօսակցութիւններէն անդին չանցան, եւ երկու տարի եւս առանց հրապարակային երեւոյթի անցաւ, մինչեւ որ 1900-ին անհրաժեշտ եղաւ միաբանական ժողով գումարել տնօրէն ժողով վերակազմելու համար, որ բոլորովին անկերպարան վիճակ ստացած էր, եւ լուսարարապետին ալ Կիլիկիոյ պատուիրակութեան մեկնած ըլլալուն պատճառով, գրեթէ միայնոյ ելեւմտապետի կամքով կը տնօրինուէր ամենայն ինչ, ոչ միայն մատակարարութիւնք եւ փոխառութիւնք, այլեւ շինութիւնք եւ վաճառմունք, եւ այդ միջոցին կը կատարուէին Երիքովի արտին եւ Աղեքսանդրիոյ գետնին նշանաւոր վաճառումները: Բայց այս ժողովին մէջ ալ յուզուած գանգատները ու պահանջումները կը լռէին պատրիարքի գրաւոր ճառին խոստումներով, թէ մօտաւոր ապագայի մէջ միաբանութիւնը պիտի լսէ տնօրէն ժողովոյ համարատուութիւնը, չնայելով որ տնօրէնը 1895-է ասդին պաշտօնի վրայ էր անդամոց ոմանց մասնակի փոփոխութիւններով. սակայն լուսարարապետի եւ ելեւմտապետի անփոփոխելիութիւնները, ուրիշ փոփոխութիւնները մտադրութենէ կը վրիպեցնէին: Այսպէս թէ այնպէս 1900 մայիս 1-ի ժողովը նոր ընտրութիւնները կատարեց, որուն չենք գիտեր թէ դիւթիչ զօրութեամբ մը, կամ թէ պատասխանատուները իրենց տեղը պահելու մտածումով, նոր ընտրութիւններ նոր անձեր չբերին: Այս ժողովէ ետքը կը հանդիպէր միաբաններէ ոմանց պտոյտի պատճառով Երիքով երթալը, ուր մօտէն կը տեսնէին վաճառուած աթոռապատկան արտը, եւ անոր դիրքն ու ջուրը ու արդիւնքը մտադրութիւննին կը գրաւէր, միանգամայն աթոռին Երիքովի մէջ անժառանգ մնացած ըլլալը նկատողութեան կ՚առնուէր, եւ բոլոր տեսնողներու ու լսողներու վիշտ կը պատճառէր, եւ առանց միաբանութեան գիտակցութեան աղիկամի գործողութիւնները միտքեր կը յուզէին: Վանքին մէջ իբր աքսորական գտնուող ոչ-միաբան եկեղեցականներն ալ իրենց դիտողութիւնները պակաս չէին ըներ, որով կարծես վերջին ժողովին մէջ դիւրաւ լռած ըլլալնուն զղջալով, անմիջապէս 17 ձայնատէրներ, վարդապետ եւ աբեղայ եւ սարկաւագ, նոյեմբեր 4 թուականով գրաւոր դիմում կ՚ուղղէին Յարութիւն պատրիարքին, պահանջելով որ տնօրէն ժողովը իւր եօթնամեայ հաշուետուութիւնն ընէ: Ասոր վրայ ստորագրողներէն երեք վարդապետներ, Յակոբ Սանասարեան, Հմայեակ Երէցեան եւ Սարգիս Աճէմեան, իբրեւ շարժումը հրահրողներ, տնօրէն ժողովին գումարման կը կոչուին եւ կը յայտարարուի թէ իրաւացի է պահանջնին, եւ կը խոստացուի թէ առաջիկայ 1901 փետրուարին հաշիւները անպատճառ պիտի պատրաստուին, ինչ որ ժողովին եւ նախագահին կողմէ ձախող խոստովանութիւն մըն էր, թէ եօթը տարիներէ ի վեր հաշիւներ նայուած եւ պատրաստուած չեն, եւ ելեւմտապետն ալ անտրտունջ կ՚ընդունէր այդ հետեւանքը, բաւական էր որ հաշիւները ներկայելու վտանգէն ազատ մնար: Սակայն զրոյցները սկսած էին տարածուիլ, եւ աննպաստ մեկնութիւններ շատնալ, եւ մինչեւ Մայրաթոռ հասնիլ, որուն իբրեւ դարման Երէցեան եպիսկոպոս 1901 մարտ 9-ին Խրիմեան կաթողիկոսը կը ջանար հանդարտեցնել, վկայելով թէ հաշուեպահանջ միաբանից ընթացքին մէջ խոհեմութիւն եւ բարեմտութիւն չեմ տեսներ ( ՊՏՃ. 1): Փետրուարը շատ մօտ էր ապրիլի ելեւմտական ամսավերջին, այն ալ կ՚անցնէր եւ ութերորդ անհամարատու տարին ալ կը լրանար, հակառակ մայիսի մէջ ամբողջական հաշիւները ներկայելու նորոգուած խոստումին: Հաշուեպահանջութիւնը տակաւ կը սաստկանար, բայց տակաւին յայտնի ցոյցի մը չէր հասներ (02. ՄԻԱ. 516), հանդարտ դիմումներ կարծես թէ կը քաջալերէին ելեւմտապետին զանցառութիւնը, գործակիցներէ պաշտպանուած եւ նախագահէ հովանաւորուած: Տարի մը եւս կ՚անցնէր եւ 1902 ապրիլին անհամարատու իններորդ տարւոյն լրանալէն ետքն ալ համարատուութեան փոյթ չէր տարուեր, հաշուեցոյց եւ տեղեկագիր նպատակէ դուրս կը մնային. միակ ջանքը միաբանութենէ բխած տնօրէն ժողով մը ունենալն էր, որպէսզի 1888-ի կանոնագիրին զօրութեամբ ամենայն ինչ անոր հեղինակութեամբ պաշտպանուի եւ միաբանութեան հանդէպ կատարուելիք համարատուութեան կանոնը իբրեւ պարզ ձեւակերպութիւն մէկ կողմ թողուի, եւ կեդրոնական երեսփոխանութեան ներկայուելիք տեղեկագիրն ալ կեդրոնին լռութեամբը մոռացութեան մատնուի: Բայց երկարող գործերն ալ վերջիվերջոյ ծայր մը կ՚ունենան, եւ հաշուեպահանջներուն իննամեայ խաղաղական դիմումներն ալ օր մը յուզումնալից ցոյցերու պիտի փոխուէին:

3041. ՀԱՇՈՒԵՊԱՀԱՆՋ ՑՈՅՑԸ

Հաշուեպահանջ դիմումներուն ցոյցերու փոխուելուն սկզբնաւորութիւնը ի դէպ է դնել, տնօրէն ժողովոյ լրացուցիչ ընտրութեան համար գումարուած 1902 յունիս 12-ի միաբանական ժողովին: Ցոյցերու առիթ առնուեցաւ ժողովական գործողութեանց առաջնութեան խնդիրը, թէ պատրիարքի գրաւոր առաջարկին ընթերցումէն, եւ դիւանի կազմութենէն եւ տնօրէնի երեք անդամոց ընտրութենէն, ո՞րը առաջին պիտի ըլլար: Տիրող վարչութեան եւ անոր ծրագիրին պաշտպանութիւնը վրան առեր էր լուսարարապետ Խապայեան, եւ ոգի ի բռին կ՚աշխատէր տնօրէնին, բայց իրօք ելեւմտապետ Մաքսուտեանին օգտին, որ լաւագոյն սեպած էր նիստէն բացակայիլ, ուղղակի մեղադրանքներու նշաւակ չդառնալու համար: Հաշուեպահանջ խումբը իր ընդդիմութիւնը սկսաւ նախ դիւանի կազմութիւնը կատարել առաջարկելով. մինչ տնօրէնին պաշտպանը կ՚ուզէր նախ իր պէտքը հոգալ, եւ տնօրէնի կազմութիւնը լրացնելով իր դիրքը զօրացնել, եւ յետոյ մնացեալ խնդիրներ սովորական եղող եւ այսչափ տարիներէ ի վեր գործածուած խոստումներով փակել. իսկ այս ընտրութեան անցնելու համար պէտք էր պատրիարքական գրաւոր ճառը կարդալ, եւ այս կէտին վրայ ամփոփեց Խապայեան իր փաստաբանութիւնը: Նախագահական ճառին ընթերցումը կանխել իրաւացի կ՚ըլլար, եթէ բացման ճառ ըլլար, մինչ այս անգամ յառաջ բերուածը պարզապէս գործի մը առաջարկ էր. այսու հանդերձ քանի մը ձայներու առաւելութեամբ ընթերցումը որոշուեցաւ, եւ այդ առաջին պայքարը Խապայեան շահեցաւ, որ կարծես թէ հակառակ կողմը զայրացնելով զօրացնելու քան թէ ընկճելով տկարացնելու ծառայեց: Շատ աւելի յաջող եղած կ՚ըլլար իր փաստաբանութիւնը, եթէ դիւանի կազմութեան չհակառակէր եւ իր գաղտնի միտքը չմատնէր: Նախագահական ճառը ըստ կանոնի երեք անդամոց դադարման վիճակով որոշուիլը աւելորդ կը դատէր, զի Մարկոսեան Մամբրէ եպիսկոպոս հրաժարած եւ քաշուած էր իր միջնորդութեամբ տրուած խոստումին չկատարուելէն վշտացած: Ազարեան Վահրամ վարդապետ սկիզբէն բացակայ կը մնար, եւ Փորթուգալեան Խորէն վարդապետ վախճանած էր, եւ կը մնային երեք միայն Ներսէս եպիսկոպոս Գէորգեան եւ Եղիա վարդապետ Յովհաննէսեան եւ Ղեւոնդ վարդապետ Մաքսուտեան, իսկ Սահակ եպիսկոպոս Խապայեան իբր լուսարարապետ մշտնջենական անդամ էր: Համարատուութեան վրայ խօսելով` պատրիարքը դարձեալ կը վստահացնէր, թէ պաշտօնէից հաշիւներն առնուած, տարեկան հաշիւները քննուած ու պատրաստուած են, եւ 1902 ապրիլին վերջացող տարւոյ հաշուեփակին հետ պիտի ներկայացուին, եւ թէ թիւրիմացական տարաձայնութիւնք եւ լրագրական անհարկի հրատարակութիւնք, միաբանական գործօն եւ անձնուէր ոյժն ջլատելէ զատ, իմա' Մաքսուտեան մատակարարութեան ոյժը նուազեցնելէ զատ, առ սուրբ աթոռն ազգին սէրն ու համակրանքը եւ օտարաց վստահութիւնը կը նուազեցնեն (02. ՄԻԱ. 509), որ է ըսել ընտրութիւնը կատարել, իսկ համարատուութեան ակնկալել: Ընթերցումէն ետքը կարգը կու գար դիւանի կազմութեան եւ տնօրէնի ընտրութեան խնդիրներուն յառաջնութեանը, եւ այս անգամ հաշուեպահանջները կը յաղթանակէին, եւ նախապէս դիւանի կազմութիւնը կ՚որոշուէր, եւ կրկին քուէարկութեամբ կը հռչակուէին, Եղիշէ վարդապետ Չիլինկիրեան առաջին եւ Սարգիս Աճէմեան երկրորդ ատենապետ, Մեսրոպ վարդապետ Նշանեան առաջին եւ Յարութիւն վարդապետ Պարոնեան երկրորդ ատենադպիր (02. ՄԻԱ. 513): Կը մնար տնօրէնի անդամոց լրացուցիչ ընտրութեան խնդիրը, եւ այս անգամ հաշուեպահանջները շիտկէշիտակ համարատուութեան խնդիրը կը յուզէին եւ նոր ընտրութիւն ընելու կը հակառակէին, որպէսզի պատասխանատու եղողներ իրենց համարատուութիւնը ներկայեն, եւ միաբանութիւնն ալ կացութեան գիտակցութեամբ նոր ընտրութիւն կատարէ, եւ գործը որոնց յանձնելիքը գիտնայ: Հաշուեպահանջներուն առաջարկին պաշտպանութիւնը կը ստանձնէր գլխաւորապէս Դաւիթ վարդապետ Տէրտէրեան, իրեն ձայնակից ունենալով Յակոբ Սանասարեան, Հմայեակ Երէցեան, Վահան Քէշիշեան եւ Սարգիս Աճէմեան վարդապետները. իսկ հակառակին պաշտպանութիւնը Խապայեան լուսարարապետը կը վարէր միշտ ձայնակցութեամբ Անդրէաս Միրզայեան եւ Ղուկաս Յովհաննէսեան վարդապետներու, մինչ ելեւմտապետ Մաքսուտեան գործին տէրը կը բացակայէր, ինչպէս ըսինք: Նախագահ պատրիարքը քանիցս կը միջամտէ համերաշխութեան կէտ մը գտնելու, սակայն ինքն ալ չի կրնար ուրանալ կամ հերքել ինը տարիէ ասդին կրկնուած խաբէական խոստումները, պատասխանատու անձերուն իրենց համարատուութիւնը ներկայելու պարտքը, եւ միաբանութեան առանց կացութեան գիտակցութեան ընտրութիւն կատարելուն անտեղութիւնը: Խապայեան իբր իրեն փաստ կ՚ուզէ գործածել, համարատուութիւն ներկայելու համար տնօրէնի կատարեալ կազմութեան պէտքը, որուն կը պատասխանուի թէ այն կազմով որով գործեցին, նոյնով կրնան համարատուութիւն ալ ընել: Մերձաւոր ապագայի մէջ համարատուութիւնը ներկայելու խոստումները կը կրկնուին, որուն համարձակօրէն կը պատասխանուի թէ տանիսներու վրայ կը պոռային միաբանութեան երեսին թէ հաշիւ տալու պարտաւոր չեն (02. ՄԻԱ. 510): Իբր արգելք կը յիշուէր եւս ընդհանուր ժողովներուն պարագայից բերմամբ կասկածաւոր երեւնալը. այլ կը պատասխանուէր թէ բոլոր գաւառներ իրենց ընդհանուր ժողովները կանոնաւորապէս կը գումարէին, եւ Երուսաղէմի մէջ ալ խափանուած չէր: Խապայեան իբրեւ փաստ յառաջ կը բերէր որ եթէ ազգային կեդրոնական վարչութիւնը իր համարատուութեան իրաւունքը ի գործ դնէր, եւ Չիլիկիրեանն ալ կը ձայնակցէր որ եթէ նա պահանջելու ըլլար, բնականաբար տնօրէն ժողովը իւր համարատուութիւնը պիտի ներկայացնէր, կամ որ նոյն է, բնականաբար սուրբ աթոռոյ վարչութիւնն ալ պիտի փութար գոհացնել զկեդրոնն, միանգամայն իբրեւ կեդրոնի արդարացում կը յիշուէր, թէ ծանրատաղտուկ գործերով բեռնաւորուած էր (402. ՄԻԱ. 511): Ներուի մեզ այստեղ յաւելուլ, որ իրաւ էր որ կեդրոնը համարատուութիւն պահանջած չէր, սակայն անոր չպահանջելը, տալու պարտաւոր եղողը երբեք չէր արդարացներ, ինչպէս ծանրատաղտուկ գործերն ալ չէին արդարացներ կեդրոնին չպահանջելը: Սակայն կեդրոնին չպահանջելուն բուն պատճառը Երուսաղէմի փոխանորդին եւ եռեակի անդամակցին, Երէցեան եպիսկոպոսին, կեդրոնը վստահեցնելն էր, թէ Երուսաղէմի մատակարարութիւնը հաւասարակշիռ կը քալէ, թէ պարտք չունի, եւ թէ պարտք ունենալու խօսքերը իբրեւ զգուշաւորութիւն կը զրուցուին, որպէսզի դուրսէն բեռեր ու պահանջներ չծանրանան աթոռին վրայ, կամ ինչպէս Խրիմեանի ալ կը գրէր, որպէսզի չարթնցնեն շրջապատող անօթիներու ախորժակը ( ՊՏՃ. 1): Միւս կողմէն կեդրոնը երեսփոխանութիւն գումարելու անհնարութեան մէջ, եթէ համարատուութիւնը ինքն պահանջէր, գուցէ այդ դժուարութիւնը իբրեւ առարկութիւն գործածուէր իրեն դէմ: Ժողովական գործողութեանց դառնալով, ներհակընդդէմ պատճառաբանութիւններ եւ բացատրութիւններ բաւական երկարեցան, նախագահը գումարումը թողլով մեկնեցաւ, եւ ատենապետն ալ տեսնելով, որ ժողովական անդամոց յուզուած լինելովը ժողովական բարեկարգութիւնը խանգարուիլ սկսաւ, առանց եզրակացութեան յանգելու, ժողովը փակեց (02. ՄԻԱ. 518), որով հաշուեպահանջներուն ցոյցը իր նպատակին հասաւ, ընտրութիւնը խափանեցաւ եւ համարատուութեան պարտքը շեշտուեցաւ, եւ 1902 յունիս 12-ի 31 ժողովականաց ներկայութեամբ գումարուած ժողովը (02. ՄԻԱ. 506) հաշուեպահանջ կողմը զօրացուցած եղաւ:

3042. ՆԵՐՀԱԿԸՆԴԴԷՄ ՑՈՅՑԵՐ

Բայց ցոյցն ալ գործնական արդիւնք չունեցաւ, եւ 1902 յունիս 12-ի ժողովն ալ չբաւեց լուսարարապետը եւ ելեւմտապետը եւ տնօրէնի համամիտ կամ միամիտ ընկերները համոզելու, թէ վերջապէս պէտք է որեւէ գոհացում տալ կանոնական պահանջէ մը յառաջ եկած յուզմունքը ցածուցանելու համար. զի երբ որոշ պատճառ մը չէր տրուեր եւ միայն սուտ խոստումներով խաբել կ՚աշխատուէր, իրաւացի չըլլալը խոստովանուած կ՚ըլլար, եւ յայտնուած դժկամութեան ներքեւ ամենէն ձախող ենթադրութիւններն ընել ներեալ կը դառնար. ապա թէ ոչ միաբանական համարատուութիւնը այնչափ դժուարին գործ մը չէր, եթէ Երէցեանի խօսքին համաձայն հաշուեպահանջներուն պարագլուխները ինքեանք իսկ հաշուէ հասկցող չեն ( ՊՏՃ. 1): Մաքսուտեան ունէր ոլորապտոյտ դարձուածներով հաշուեցոյցեր եւ տեղեկագիրներ վաւերացնել տալու ճարտարութիւնը, ինչպէս 1893-ին յաջողած էր չորս տարուան հաշիւները պարզ ընթերցմամբ մը վաւերացնել տալ 3036), եւ երբ այժմ այս ձեւէն ալ փախուստ կու տար, ծածկելու անհնարին խարդաւանքներ ենթադրելու առիթ կ՚ընծայէր: Միաբանութեան ոգեւորումը պիտի աճէր եթէ արտասովոր պարագայ մը, լուսարարապետ Խապայեան եպիսկոպոսի, յունիս 12-ի փաստաբանին, հոկտեմբեր 12-ին Կիլիկիոյ կաթողիկոս ընտրուիլը վրայ չհասնէր: Յունիս 12-ի նշանակալից ցոյցը, եթէ ոչ ուրիշ պաշտօնակալներու, գոնէ 84 տարեկան պատրիարքին ազդած էր, որ մինչեւ իսկ անձամբ ելեւմտապետի կը դիմէր որ հաշիւ ու տեղեկագիր պատրաստէ եւ յուզմունքը դադրի, եւ միաբանութիւնը տակն ու վրայ չըլլայ: Նոյն յանձնարարութիւնը լուսարարապետին ալ կը կրկնէր, կաթողիկոսական ընտրութիւնը շնորհաւորելուն առթիւ, եւ կը յանձնարարէր որ ելեւմտապետը ստիպէ համարատուութիւնը լրացնել, քանի որ դեռ ինքն ալ մեկնած չէ ( ՊՃՆ. 21): Բայց ծերունւոյն աղաչանքներն ալ ազդեցութիւն չեն ըներ, եւ Վեհապետեանի միտքն ալ Մաքսուտեանի մասին կը սկսի կասկածներու մատնուիլ. իսկ Մաքսուտեանը միւս կողմէն պատրիարքը մեղադրելու կը սկսի, թէ ինքն հաշիւները անոր յանձնած է, եւ միաբանութեան ներկայելը անոր կը պատկանի եւ ոչ իրեն: Այդ զրոյցները ուխտաւորաց եւ քաղաքացւոց մէջ ալ կը տարածուին, եւ շահուած թղթակիցներու եւ վարձուած խմբագիրներու ձեռքով մայրաքաղաք ալ կը հասնին, եւ հաշուեպահանջներու ու հաշուեխոյսներու պայքարը ընդհանուր մտադրութեան եւ խօսակցութեան նիւթ կը դառնայ ( ՊՃՆ. 21): Լուսարարապետին կաթողիկոսութեամբ մեկնիլը յաջորդի ընտրութեան հարկը կը պատճառէր, որ տեղի կ՚ունենար 1903 յունուար 20-ին միաբանական ժողովով: Հաշուեպահանջները լռին բայց ազդու ցոյցի մը կը գործածէին ընտրութեան առիթը, եւ լուսարարապետ կ՚ընտրուէր Անոյշեան Գաբրիէլ վարդապետը, հաշուեպահանջութեան ծանօթ նախայարձակը, պարագայից գիտակ եւ անաչառ ընդդիմադիրը, որ Պաղտատ կը գտնուէր տեղապահական պաշտօնով: Տիրող կողմը ընտրելի նշանակած էր Պօյաճեան Գրիգորիս վարդապետը, որ միայն 16 քուէ կը ստանար Անոյշեանի տրուած 28 քուէներու հանդէպ (03. ՄԻԱ. 526), որով միաբանութեան ստուար մեծամասնութիւնը հաշուեպահանջ կողմին իրաւունք տուող կը յայտնուէր: Որչափ ալ ժամանակին պարագաները ցոյցերու նպաստաւոր չէին, եւ պատշաճիչ փափկութիւնը հանդարտ վիճակ կը պահանջէր, սակայն ներհակընդդէմ շարժումները եւ պատահական յուզումները հնար չէր արգիլել, եւ ամէն դէպքեր անակնկալի առիթ կ՚ընծայէր: Անոյշեանի ընտրութիւնը զայրացուցած էր ելեւմտապետը եւ իրեն խումբը, ուստի գայթակղական միջոցներով զայն խափանելու ջանքեր սկսան. մինչեւ իսկ դպրոցական աշակերտութիւնը ձեռք առնուեցաւ եւ ազդեցութեան ենթարկուեցաւ վարժարանաց տեսուչ Չիլինկիրեանի, կարծիք եւ ընթացք փոխելու հակամէտ անձին ձեռամբ, որ այս վերջին օրեր ելեւմտապետէն շահուած էր: Ասով մէկտեղ միջոց մը միջադէպ մը տեղի չունեցաւ եւ ամէն ինչ խաղաղ անցաւ մինչեւ փետրուար 14-ին Խապայեանի հրաժեշտին հայրապետական պատարագը 3022), այլ 15-ին շաբաթ երեկոյին ձայն տուաւ փոթորիկը շատ աննշան պարագայէ մը: Աշակերտներէն ոմանք երգեցողութեան չմասնակցելուն վրայ, աջակողմեան դասի ժամասաց Տէրտէրեան Դաւիթ վարդապետէ, յունիս 12-ի ժողովին ընդդիմաբաններուն առաջնորդէն, բերնով ու ձեռքով կը յանդիմանուին. իսկ վարժարանի տեսուչը աշակերտաց պաշտպանութիւնը կը ստանձնէ, իբրեւ Տէրտէրեանի դէմ հակառակութեան նշանակ. աշակերտներ կը քաջալերուին եւ յաջորդ 16-ին, Բուն Բարեկենդանի կիրակիին առտուն, աւելի յայտնի ցոյցի կը համարձակին, այնպէս որ պատրիարքը աշակերտներէն մին դասէն կ՚արտաքսէ, որուն վրայ ամէնքը խմբովին Ս. Ստեփանոսի աւանդատան մատուռը կը քաշուին, եւ աղաղակներ կը բարձրացնեն թէ իրենց տեսուչէն զատ ուրիշէ, եւ ոչ իսկ պատրիարքէ հրաման չեն ընդունիր: Միանգամայն զիրենք հանդարտեցնելու համար աւանդատուն ղրկուած կամ գացած Մեսրոպ Նշանեան եւ Յակոբ Սանասարեան վարդապետները եւ Իգնատիոս Սարգիսեան սարկաւագը կը ծեծեն եւ աշտանակի հարուածներ կ՚իջեցնեն. հաշիւ պահանջած ըլլալու եւ Անոյշեանը ընտրած ըլլալու յանդիմանական ձայներ ալ կը բարձրացնեն ժխորին մէջ, որուն ուրիշ խառնուողներ ալ կ՚աւելնան, եւ մինչեւ իսկ օրուան պատարագը կը խափանուի: Նշանակութեան արժանի է տնօրէնի ժողովականներուն անտարբեր լռութիւնը այդ տեսարաններուն հանդէպ. զի եթէ Խապայեան իր նոր դիրքը պատճառելով կը սիրէր չխառնուիլ, նոյն արդարացումը չունէին ելեւմտապետ-ատենապետ Մաքսուտեանը եւ փոխանորդ Գէորգեանը: Պատրիարքը չկրնալով անտարբեր մնալ աշակերտական ըմբոստութեան առջեւ, գլխաւորներէն ութը հատը պատրիարքարան բերել կը հրամայէ միանգամ եւ երկիցս եւ բազմիցս, բայց Չիլինկիրեան միշտ խոյս կու տայ` չեն հնազանդիր պատրուակով: Պատրիարք վարժարանէ արտաքսելու սպառնալիքը Բեթղեհէմ հեռացնելու կը փոխէ, բայց եւ ոչ այնպէս Չիլինկիրեան ընթացք կու տայ պատրիարքական հրամանին, մինչ Մաքսուտեան եւ Գէորգեան պատրիարքէն հեռու կը մնան, եւ ժողովի հրաւէրէն ալ կը խուսափին, գայթակղութիւնը աճեցնելու յայտնի դիտումով:

3043. ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԻ ՄԻՋԱԴԷՊԸ

Յարութիւն պատրիարք հաշուեպահանջներուն հանդէպ դժուարութեան մատնուած, եւ իրեն օգնական կարծուածներէն լքուած, կացութեան դարման տանելու պարտաւոր անձերուն անտարբերութենէն վշտացած, տարիքին բերմամբ իրեն բնական բուռն վարչականութենէն զրկուած, գործէ քաշուելու եւ պատրիարքութենէ հրաժարելու միտքը կորոճայ, եւ վերջապէս փետրուար 19-ին, Մեծպահոց առաջին չորեքշաբթի օրը գործադրելու կը ձեռնարկէ: Փոխանորդ Գէորգեանը կը կոչէ, նպատակը կ՚իմացնէ, իսկ Գէորգեան` որ ժողովի հրաւէրէն կը խուսափէր` հրաժարականի յայտարարութեան չընդդիմանար, եւ կը սկսի ընդունիլ կնիք, բանալի, աւանդ, տոմար, պաշտօնագիր, եւ ուրիշ պատրիարքական պաշտօնականներ, զորս Վեհապետեան կը յանձնէր: Հրաժարականի ձայնը կը լսուի, եւ առաջին հաշուեպահանջները կը դիմեն զայն արգիլելու, զի այլեւս յայտնի եղած էր, որ եթէ ցարդ իրենց առաջարկները անտեսուած էին, բուն պատասխանատուն պատրիարքը չէր, մանաւանդ թէ նա վերջերը համարատուութիւնը կատարել տալու համար դիմումներ եւ հետապնդումներ եւ հրամաններ կատարած էր, եւ արգելքը ելեւմտապետին կողմէ եղած էր, լուսարարապետին ալ համամտութեամբ: Կը մտածէին եւս որ պատրիարքի հրաժարելով աթոռին անգլուխ մնալը վատթարագոյն հետեւանքներ կրնար ունենալ: Պատրիարքին մօտ առաջին հասնողը եղած էր աթոռին թարգման Աճէմեանը, որ Գէորգեանի կ՚արգիլէ պատրիարքին յանձնածները ստանալ, վրայ կը հասնին հաշուեխոյսները, եւ կարծես պատրիարքի հրաժարելուն փափաքով հաշուեպահանջներուն կը հակառակին, պատրիարքարանի արտաքին Ս. Մինասի կոչուած սրահին մէջ իրարանցում կը սաստկանայ, կռիւը բանակռիւի եւ հարուածներ վէճերու կը յաջորդեն, ոստիկանութիւն հրաւիրելու աղաղակներ կ՚արձակեն հաշուեխոյսները, իբր թէ Աճէմեան ծեծած ըլլայ, Գէորգեանը կամ թէ Մաքսուտեանի փնտռուիլը սպաննելու նպատակով եղած ըլլայ, մինչ հրաժարականը արգիլելէն անդին չէր անցներ հաշուեպահանջներուն դիմումը, որ այլեւս չի լսուիր, եւ կը կարծեն թէ յաջողած են, սակայն Վեհապետեան միտքէն ետ չէր դարձած, եւ հրաժարականը Կ. Պոլիս Օրմանեանի հեռագրած էր, թէպէտ անկէ ալ իսկոյն մերժման պատասխան ստացած: Օրմանեան հեռագիրին ետեւէն նամակով ալ կրկնած էր մերժումը, թէ միտքէ իսկ անցունել ներեալ չէ Ձեր Սրբազնութեան առաքելական աթոռէն հեռանալու գաղափարը ( ՊՃՆ. 7): Կ. Պոլսոյ հեռագիրը, միաբաններու թախանձանքը, Խապայեանի ուղեւորութեան պարագայով պատուիրակ եկող Յարութիւն Գարամանեանի միջամտութիւնը, եւ Մաքսուտեանի հրամանով ութն աշակերտներու Բեթղեհէմ ղրկուիլը, Վեհապետեանը կը յորդորեն եւ կը համոզեն հրաժարականին վրայ չպնդել եւ պաշտօնը շարունակել ( ՊՃՆ. 8): Իսկ Խապայեան, որ այս անցուդարձները կը տեսնէր, կը փութայ Երուսաղէմէ հեռանալ, եւ փետրուար 26-ին կ՚ուղեւորի Յոպպէ եւ անտի կը նաւարկէ Կիլիկիա երթալու: Յիշած էինք 3022) թէ Խապայեան անշուք կերպով ճամբայ դրուած ըլլայ, եւ թէ բացարձակ ստոյգ չէ, բայց թէ բան մը նուազ եղած է, բնական հետեւանք էր վերջին պատահարներուն, զորս ինքն կրնար խափանել, եթէ Մաքսուտեանը հաշուետուութեան յորդորէր. բայց կանուխ հովանաւորելով եւ վերջը անտարբեր մնալով կամակից ըլլալու նշաններ տուած կ՚ըլլար, եւ ուղղութեան եւ խաղաղութեան միջնորդ գտնուած ըլլալու պատուաւոր դերը կը կորսնցնէր: Հարկաւ ինքն ալ այդ ցաւը զգացած էր, որ Ատանա հասնելուն պէս, մարտ 13-ին, վշտացեալ զգացմամբ գանգատներ կ՚ուղղէր Օրմանեանի, այն համակիր կամ գոնէ ոչ-համակիր նշանաց համար, զորս միաբանութիւնը իր գլխով ունեցած էր իրեն հանդէպ ( ՊՃՆ. 35), ինչ որ կը հաւաստէ, թէ Վեհապետեանի մտայնութիւնը արդէն պղտորած էր եռեակին գործունէութեան մասին: Բայց միայն Խապայեան չէր որ վերջին եղելութեանց մասին կեդրոնին կը դիմէր. շատեր շատ կողմերէ կը փութային իրենց տեսութիւնները ներշնչել կեդրոնին, եւ անկէ իրենց համար պաշտպանութիւն սպասել, որոնք աւելի կեդրոնը շփոթելու քան թէ համոզելու կը ծառայէին: Այդ կարգին աւելի աչքառու եղաւ 13 միաբաններու, 8 վարդապետ, 3 աբեղայ եւ 2 սարկաւագ, մարտ 1-ին կեդրոնին ուղղած գրութիւնը, իբր բացատրութիւն իրենց տուած գանգատանաց հեռագիրին, որուն մէջ կը խօսէին Վեհապետեանի հրաժարականին շարժառիթը պարզելու, հաշուեպահանջութեան խնդիրը լուսաբանելու, Բուն Բարեկենդանի եւ չորեքշաբթիի եղելութիւնները բացատրելու, եւ Մաքսուտեանն ու Խապայեանը իբրեւ գրգռիչ եւ պատասխանատու ցուցնելու մասին: Կանխենք յիշել որ 13-ներէն 5 վարդապետներ միայն 1900-ի դիմումը ստորագրող 17-ներէն էին, մնացեալ 8-ները նորեր էին, որ այս կամ այն պատճառով այն ատեն ստորագրած չէին. իսկ այն ատեն ստորագրողներէն 12-ները կամ շահուած էին, կամ պատահական պատճառով մը այս անգամ ստորագրել չէին կրցած: Կեդրոնի վարչութիւնն ու պատրիարքը չէին կրնար այլեւս անտարբեր մնալ վերջին եղելութեանց եւ դիմումներու գրութեանց հանդէպ, որոնց մասին հաղորդուած պարունակութիւններէ զատ, Երուսաղէմի փոխանորդին լուրերն ու տեղեկութիւններն ալ կը լսէին: Իսկ Երէցեան, եռեակի անդամակից, Մաքսուտեանի եւ հաշուեխոյսներու պաշտպան կը հանդիսանար, եւ հաշուեպահանջներուն նպաստաւոր չէր կրնար ըլլալ. իսկ ասոնց կողմէ եկած 13-ներու գրութիւնն ալ կացութիւնը պարզելէ եւ եղելութիւնները պատմելէ աւելի ջատագովական ոճ ունէր, եւ կասկածներ կը զարթուցանէր շփոթութեանց եւ ժխորին իսկական գրգռիչներուն մասին:

3044. ԿԵԴՐՈՆԻ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ

Գործոց ընթացքը բնական բերմամբ Կ. Պոլսոյ կեդրոնը կը մղէր Երուսաղէմի գործերով զբաղիլ, Հանրային կարծիքը տգեղ միջադէպներէ զայրացած եւ պարտքի անունէն զզուած կեդրոնական վարչութիւնը կը ստիպէր գործը ձեռք առնել եւ յստակել: Հաշուեխոյսներ կեդրոնը կը հրաւիրէին այն ակնկալութեամբ, որ հարկաւ իրենց կողմի պաշտօնական եւ երիցագոյն անձանց հեղինակութիւնը պիտի ազդէ կեդրոնին, քան գործերուն ներքին իսկութիւնը եւ եղելութեանց ճշգրիտ կշիռը: Հաշուեպահանջներ ալ իրենց կողմէն կեդրոնին միջամտութիւնը կը հրաւիրէին, վստահ ըլլալով թէ ճշմարտութիւնը երեւոյթներու կը նախադասուի ( ՊՃՆ. 29): Խապայեան, որուն Մաքսուտեանի հետ համեմատութիւնը յայտնի էր, կեդրոնէ քննիչ յղել կը թելադրէր ( ՊՃՆ. 36): Իզմիրլեան որ տեղւոյն վրայ գտնուող հեղինակաւորագոյն անձն էր, կեդրոնական վարչութեան միջամտութիւնը անհրաժեշտ կը տեսնէր ( ՊՃՆ. 26). թող ամէն կողմերէ եւ ամէն կուսակցութիւններէ կեդրոնին ուղղուած գիրերը, որոնք անկէ կը սպասէին ամէն կարգադրութիւն ( ՊՃՆ. 40), միշտ առաւելագոյն պնդումը հաշուեխոյս կողմէն ըլլալով: Այս կացութեան հանդէպ Օրմանեան պատրիարք վարչութեան համաձայնութեամբ գործը երկու որոշ մասերու կը բաժնէր, եւ ներքին վարչութիւնը մատակարարութենէն կը զատէր. առաջինը ուղղակի Երուսաղէմի պատրիարքին եւ իր վարչութեան կը թողուր, այնպէս ալ իր գիրերուն մէջ կը յեղյեղէր եւ հրապարակաւ ալ կը յայտարարէր (05. ԲԻԶ. 2530). իսկ մատակարարականները կեդրոնի պատրիարքին եւ իր վարչութեան կը վերապահէր, ոչ միայն ազգային սահմանադրութեան եւ սաղիմական կանոնագրութեան հետեւելով, կեդրոնը համարառու ըլլալու իրաւունք ունենալուն, այլեւ եթէ Երուսաղէմ էր որ պարտքը կը բարդէր, ազգային հանրութիւնն էր որ պարտքը կը վճարէր, ինչպէս վերջին անգամ ալ եղած էր 2878): Այս էր կեդրոնական վարչութեան հիմնական ուղղութիւնը. զի չէր ալ կրնար լիովին անտարբեր գտնուիլ, նոյն իսկ ներքին վարչութեան խնդիրներու մէջ, երբոր անոնք կացութիւնը կը շփոթէին, եւ անոնց մասին իրենց դիմումներ կ՚ըլլային ( ՊՏՃ. 167), որով այս կէտին վրայ ալ պարտաւոր կ՚ըլլային մասնաւոր մտադրութիւն դարձնել, առանց իրաւասութեան կէտին մտնելու, այլ ստիպողական եղած չափով գործնական կարգադրութիւններ ընելով, որպէսզի պատահական գրգռութիւնը լռեցնելով հնար ըլլայ մատակարարական խնդիրը պարզել: Այս նպատակով գրուեցաւ մարտ 25-ին պատրիարքական պաշտօնագիրը ( ՊՃՆ. 29-33), փոխանորդ Գէորգեանի ուղղուած, իբր 13-ներու հաղորդուելիք պատասխան: Պաշտօնագիրին դիտած կէտերն էին. 1. Թէ 13-ներու ձայնը անկարեւոր փոքրամասնութիւն էր 50 անձէ բաղկացած միաբանութեան մէջ. 2. Թէ ամբողջական պատմութիւն չէր գրածնին. 3. Թէ պատրիարքի հրաժարականը պարզապէս կիրակիի դէպքերուն վերագրել ուղիղ չէր. 4. Թէ աշակերտաց գործերը Մաքսուտեանի եւ Խապայեանի վերագրելով` դատաւորի քան թէ բողոքողի դեր ստանձնած կ՚ըլլային. 5. Թէ ներկայ պարագայից մէջ Խապայեանի դէմ գրելնին վայել չէր. 6. Թէ ներկայէն ոստումով մը եօթը տարի առաջուան դէպքերուն անցնիլ իրենց պատրիարքը մեղադրել եւ անուանարկել էր. 7. Թէ հաշիւներու խնդիրին մէջ Մաքսուտեանը մեղադրելնին, վերջին տարիներ զայն նորէն ընտրելնուն կը հակասէր: Այս տեսութեանց վրայ Երուսաղէմի ներքին վարչութեան միջամտել չուզելնին կը կրկնուէր, եւ կը յայտնուէր թէ հաշիւներու խնդիրը աւելի զօրաւոր կերպով ներկայացուած կ՚ըլլար, եւ առանց շփոթութեանց առաջարկուէր: Պաշտօնագիրը կը փակուէր պատշաճ յորդորներով: Այս գիրը թէպէտ իր պարունակութեամբ աւելի Մաքսուտեանի նպաստաւոր ոճ ունէր, նպատակ ունենալով յուզեալ խումբը հանդարտել, սակայն այսու հանդերձ Մաքսուտեան չհամարձակեցաւ զայն 13-ներուն հաղորդել եւ ոչ ալ պաշտօնական ընթացք տալ, առերեսս պատճառելով թէ խնդիր չկայ եւ խաղաղութիւնը տիրած է (03. ԲԻԶ. 2016), բայց անշուշտ իրեն համար վտանգաւոր տեսնելով, որ հաշուեպահանջութեան սկզբունքը պաշտպանած է ( ՊՏՃ. 158), եւ միւս կողմէն զգուշացաւ որ 13-ներ պաշտօնագիրին պատասխանելով մութ ցուցուած կէտերը լրացնելու, եւ իրեն դարձուածներուն մանրամասնութեանց մտնելու, եւ անհաճոյ գործողութիւնները երեւան հանելու պատեհ ունենան: Բայց երբոր ամբողջ գրութիւնը իր հասցէին հաղորդելէ կը քաշուէր, մէջէն իրեն հաճոյագոյն հատուածներ օտարներու հաղորդելու կը փութար, որով իբր թէ իր գործը կեդրոնէն պաշտպանուած կը ցուցնէր: Կեդրոնը միեւնոյն ժամանակ Յարութիւն պատրիարքի կը յանձնարարէր յետամնաց տարեկան հաշուեցոյցները եւ տեղեկագիրները փութացնել եւ կեդրոնին յղել, բացատրութեանց համար ալ Մաքսուտեան ելեւմտապետը միասին յղել իբր իր գործը պաշտպանող, եւ հաշուեպահանջներէն Սանասարեան եւ Աճէմեան եւ Տէրտէրեան վարդապետները ընկերացնել իբրեւ իրենց ընդդիմութիւնները ներկայացնող ( ՊՃՆ. 40), եւ միանգամայն իբրեւ անուղղակի միջոց գլխաւորները հեռացնելով երկու կողմերուն միջեւ մօտաւորութիւնը դիւրացնելու: Եթէ Մաքսուտեան իրեն հակառակորդներուն ուղղուած դիտողագիրն ալ չհամարձակեցաւ յօգուտ գործածել, հաւանաբար Երէցեանէ ստացած մասնաւոր տեղեկութիւններէ ալ առաջնորդուեցաւ, որ կեդրոնը հաշուեպահանջութեան վրայ հաստատուն է, որով հաշուեպահանջներու բաց դուռ ցուցնել իրեն համար զգուշանալի կէտ մըն է: Հետեւաբար զուր տեղ Խապայեան այդ մասին Վեհապետեանը կը ջանայ մեղադրել, թէ վարչութեան կողմէն ղրկուած տասներեքներու զգաստացուցիչ գիրը հրապարակ հանելու ուղղամտութիւնը չունեցաւ ( ՊՏՃ. 14), զի գիրը որ թէ պատրիարքին այլ փոխանորդին ուղղուած էր, եւ փոխանորդը ատենապետէն կը ստանար իր հրահանգը եւ ոչ պատրիարքէն: Իսկ Իզմիրլեանի ընդարձակ տեղեկագիրէն ( ՊՃՆ. 9-29) Օրմանեան օգտուելով մէկտեղ մտերմաբար կը խնդրէր Երուսաղէմի գործոց միջամտութենէ եւ այդ մասին գրութիւններէ զգուշանալ. զի Մաքսուտեան եւ Երէցեան իրենց պաշտպանութեան համար ամէն միջոցներու կարգին, քսութենէ եւ մատնութենէն ալ չէին քաշուիր, օգուտ քաղելով պետական կասկածաւոր հոսանքներէ, ինչպէս եւ այս անգամ Իզմիրլեանը կառավարութեան աչքին իբրեւ գրգռիչ ներկայացուցած էին, իբրեւ թեկնածու Երուսաղէմը իրեն հպատակեցնելու եւ Երուսաղէմի միջոցներով յեղափոխականներու օգնելու: Ասոր վրայ էր որ արդարութեան եւ կրօնից նախարարութենէն Օրմանեանի հաղորդուեցաւ, Իզմիրլեանը հայ չգտնուող տեղ մը փոխադրելու որոշումը, որ Իզմիրլեանի ալ ականջն հասած էր, եւ գոհունակութեամբ լուր առած էր Օրմանեանի նախարարութեան քով ըրած պաշտպանողականին մասին ( ՊՃՆ. 10): Օրմանեան յաջողեցաւ Իզմիրլեանը Երուսաղէմի մէջ պահել, թէպէտ չյաջողեցաւ զայն Կ. Պոլիս դարձնելու ճիգերուն մէջ, պարտաւորուելով լռել կայսեր կողմէ հաղորդուած այս խնդիրը չգրգռելու անձնական խնդրանքին առջեւ: Չմոռնանք յիշել, որ երբ կեդրոնը Երուսաղէմի խնդիրով կը զբաղէր, աւելի ծանր եւ տագնապալի խնդիրով մըն ալ զբաղելու պարտաւորուած էր, Ռուսահայոց եկեղեցական սեփականութեանց խնդիրով, զոր արդէն լիովին բացատրած ենք 3026-3034):

3045. ԼՈՒՍԱՐԱՐԱՊԵՏԻ ԽՆԴԻՐ

Երբոր Երուսաղէմի միաբանութիւնը հաշուեպահանջութեան խնդիրով կը տագնապէր, լուսարարապետութեան խնդիր մըն ալ կու գար անոր խառնուիլ եւ տագնապը զայրացնել: Գաբրիէլ վարդապետ Անոյշեան 1903 յունուար 20-ի լուսարարապետ ընտրուած, փետրուար 19-ին Պաղտատէ կը մեկնէր, եւ մարտ 27-ին Երուսաղէմ կը մտնէր (03. ԲԻԶ. 1952) Ծաղկազարդէ երեք օր առաջ, եւ ուրիշ արարողական պատշաճից հետ Մաքսուտեանի հետ ալ կը տեսակցէր սիրալիր կերպով եւ յուսադրելով որ պիտի աշխատի պատուաւոր եւ հաշտարար վերջ մը տալ տիրող երկպառակութեան (03. ԲԻԶ. 1994), քանի որ լուսարարապետի դերը շատ զօրաւոր է Երուսաղէմի մէջ, իբրեւ տնօրէն խորհրդոյ մշտնջենաւոր անդամ, իբրեւ ներքին տեսուչ կամ իբրեւ տեղական վանահայր մը միաբանութեան վրայ: Անոյշեան մարտ 30-ին Ծաղկազարդի երեկոյին սովորական արարողութեամբ եւ ուխտով պաշտօնը կը ստանձնէ գանձատան, բանալիները Ս. Գլխադիրի սեղանէն առնելով, եւ առաջին գործերէն մին կ՚ըլլայ փետրուար 16-ի ըմբոստութեան համար Բեթղեհէմ յղուած ութը աշակերտները պատրիարքի ներմամբ ետ դարձնել: Զատկական տօնախմբութեանց պատշաճներուն կը յոգնի, եւ առաջուց ունեցած եւ ճանապարհին գրգռուած ստամոքսի քաղցկեղը կը սաստկանայ, եւ անկողին կ՚իյնայ, եւ ապրիլ 23-ին Աշխարհամատրան չորեքշաբթին հոգին կ՚աւանդէ, միայն 25 օր լուսարարապետութեան պաշտօնին վրայ մնալով: Անոյշեան Գաբրիէլ վարդապետ բնիկ Կ. Պոլսոյ Գումգաբու թաղէն, 1845-ին ծնած, 1865-ին Երուսաղէմի աշակերտած, եւ 1871-ին ձեռնադրուած, տակաւին 58 տարեկան կը վախճանէր: Իր մասին խօսած ենք արդէն 3038), կարող, գործունեայ, ուղղամիտ եւ յուսալից անձնաւորութիւն մը աշխարհէ կը մեկնէր հետք մը չթողլով. երիտասարդական տարիները ապարդիւն անցուցած էր իր բուռն եւ չափազանցեալ նախանձայոյզ եւ ոչ-շինիչ բնաւորութեամբը, եւ կեանքը կը կնքէր երբ տարիքն ու դիրքը ու պարագայք արդիւնաւոր ապագայ մը կը յուսադրէին: Յարութիւն պատրիարք ալ մահուանէն քանի մը օր առաջ հեռագրած էր կեդրոնին թէ նոր լուսարարապետին ջանքով խնդիրները փակուած են եւ երկպառակութիւնը վերջացած է, եւ թէ Մաքսուտեան ալ հաշիւները ներկայելու համակերպած է (03. ԲԻԶ. 2005): Անոյշեան զոհ կ՚երթար հնացեալ եւ անողոք ախտին (03. ԲԻԶ. 2006), եւ արդար չենք կարծեր Խապայեանի գրածը թէ հաշուեպահանջները Գաբրիէլ վարդապետի մահուան պատճառ եղան ( ՊՏՃ. 15): Եթէ ցաւալի էր Անոյշեանի պակսիլը, աւելի ցաւալի եղաւ յաջորդ ընտրելու պարագան. նորէն ցցուեցան միաբանութեան երկպառակեալ մրցումները, եւ 1903 յունիս 16-ի ժողովին մէջ հաշուեպահանջներու ընտրելին Սարգիս Աճէմեան 20 քուէով ետեւ կը մնայ, եւ 22 քուէով լուսարարապետ կը հռչակուի հաշուեխոյսներու ընտրելին Վահրամ Ազարեան (03. ՄԻԱ. 528). սակայն լոկ երկու քուէով յաղթուած կողմը չուզեց պարտութիւն խոստովանիլ, եւ հաշուեպահանջութեան խնդիրը նոր ընդարձակութիւն ստացաւ Ազարեանի ընտրութիւնը ջնջելու ճիգերով, որոնք իրօք արդիւնաւոր եղած պիտի ըլլային, եթէ նոյն իսկ նիստին մէջ արձագանգ ունեցած ըլլային: Երկու ընտրելիներն ալ Ազարեան եւ Աճէմեան, գործին ատակ եւ պաշտօնին յարմար անձեր չէին, այլ պարզապէս կուսակցութեանց ոյժ հայթայթելու պիտի ծառայէին. ուստի ինչպէս Աճէմեանի համակիրներէն ոմանք վերջին պահուն շահուելով քուէնին Ազարեանի տուեր էին, նոյնպէս Ազարեանի քուէ տուողներէ ոմանք, մասնաւոր պարագաներէ գրգռուած, անոր դէմ եղողներուն կը յարէին, որով այս անգամ Ազարեանը չուզողներ մեծամասնութիւն կը կազմէին, եւ Յարութիւն պատրիարք, որ ընտրութիւնը հաղորդելու համար Եգիպտոս գտնուող Ազարեանի հեռագրած էր, անմիջապէս ետքը կը հեռագրէր տեղէն չշարժուիլ եւ նոր հրահանգի սպասել: Այսպէս Ազարեան եթէ իրաւական տեսութեամբ մեծամասնութեան ուզածն էր, իրական տեսութեամբ մեծամասնութեան չուզածը կը դառնար, եւ ինքն ալ իր կացութեան համոզուելով չէր փութար գալ եւ պաշտօնի մտնել, թէպէտ ետքէն հակառակը կը գործէր, ինչպէս առաջիկային պիտի տեսնենք: Ըստ այսմ յայտնի կը տեսնուի թէ միեւնոյն հաշուեպահանջութեան խնդիրն էր, որ մէջտեղ կու գար լուսարարապետութեան անունին ներքեւ քօղարկուած: Ազարեանի դէմ եղած հակառակութիւնը կը հիմնուէր, անոր պաշտօնին համար անյարմար ըլլալուն, կենցաղով բամբասուած եւ ոչ-պարկեշտ ճանչցուելուն (03. ԲԻԶ. 2091), Աղեքսանդրիոյ գետնին վաճառման մէջ կասկածուելուն, տնօրէնի անդամակից ընտրուելով առանց հրաժարելու վանք դառնալ չուզելուն վրայ (03. ԲԻԶ. 2095), բայց իսկապէս նա այլեւս մեծամասնութեան ընտրեալն ըլլալէ դադրած էր, երբոր իրեն քուէ տուողներէն քանիներն ալ իրեն դէմ դարձած էին: Ինքն Օրմանեանի գրելով կը պնդէր թէ չէր կարծեր որ 24-ի կամ 26-ի հետ գործ ունեցած ըլլայ, առաջինը ճզմել ուզելով եւ երկրորդին հետեւելով ( ՊՏՃ. 20). սակայն իրօք այս էր ըրածը, պատահական 22-ին կրթնելով, եւ մեծամասնութիւնը կորսուած ըլլալուն մտադրութիւն չդարձնելով: Իրեն պաշտպաններն ալ, Խապայեան ( ՊՏՃ. 13), Գէորգեան ( ՊՏՃ. 27) եւ Մարկոսեան ( ՊՏՃ. 19), ընտրութեան առօրեայ եւ դիպուածական մեծամասնութենէն զատ փաստ չունէին, եւ օրէնք, կանոն, իրաւունք, պահանջ, պատշաճութիւն, ամենայն ինչ անոր վրայ կը հիմնէին, առանց դիտելու որ Ազարեան մեծամասնութենէ զուրկ մնացած ատեն պաշտօնի անցնելով, իսկապէս տիրապետութեան ձեւ առած պիտի ըլլար, որչափ ալ ինքը կը յայտարարէր, թէ զինու զօրութեամբ գրաւուած քաղաքի մը պէս չէր սպասեր Ս. Յակոբայ գանձատան տէր կանգնիլ ( ՊՏՃ. 20):

3046. ԱՌԱՋԻՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Կ. Պոլսոյ պատրիարքին եւ վարչութեան դառնալով եւ գործը վերէն ձեռք առնելով, կը տեսնենք որ ամէն կողմերէ թախանձուած եւ ստիպուած էին, բայց չէին ուզեր իրենց գծած ուղղութենէն շեղիլ եւ Երուսաղէմի մատակարարութենէն դուրս վարչականներուն ալ միջամտել. յատկապէս լուսարարապետութեան խնդիրին մէջ ալ ընտրութեան եւ ոչ հաստատութեան իրաւունք կը վայելէին, ինչպէս Օրմանեան ալ կը կրկնէր երբոր իրմէ կը պահանջուէր որ Ազարեանի ընտրութեան պաշտպան կանգնի, այլ նա ընդհակառակն անոր քաշուելուն կողմը կը հակէր, տեսնելով որ Յարութիւն պատրիարքն ալ զայն հրաժարելու կը յորդորէր: Իր մտածած եւ առաջարկած միջոցն էր հաշիւները տեսնել, որուն առանց հաշուեպահանջ շարժման ալ Երուսաղէմ պարտաւոր էր, եւ երբոր հաշիւները տեսնելով վճիռ արձակուէր խնդիրն ալ փակուած կ՚ըլլար, ինչ որ ամենէն օրինաւոր եւ կտրուկ եղանակն էր, եւ հաշիւները արդարապէս դատելու համար, ելեւմտապետը եւ հաշուեպահանջները միանգամայն լսել կ՚ուզէր: Բայց այդ օրինական եւ պարտաւորիչ եղանակէն կը խուսափէին հաշուեխոյսներու պաշտպանները, Խապայեան եւ Գէորգեան եւ Երէցեան եւ Մարկոսեան, եւ կը պահանջէին որ հաշիւի խօսք չըլլայ, Մաքսուտեան առանց հաշիւ ներկայելու արդարացուի, եւ հաշիւ պահանջողներ իբրեւ խռովարար դատապարտուին եւ մերժուին: Այդ ոճը կը գործածէին կառավարութեան առջեւն ալ երբոր պատրիարքարանը ստիպել չէին յաջողեր, եւ կը կարծէին յաջողիլ կառավարութեան առջեւ, որ միտեալ էր ամէն շարժում խռովարարութիւն եւ յեղափոխականութիւն մեկնել. բայց այս պարագային ալ իրենց դիմաց կը գտնէին Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանը, որ կառավարութեան միտքը լուսաբանելու եւ սիրտը հանդարտեցնելու միջոցները զանց չէր ըներ: Այս պարագայից մէջ Մաքսուտեան կը շարունակէր հաշիւ չներկայել, եւ Յարութիւն պատրիարքի ալ յայտարարել կու տար թէ Ղեւոնդ վարդապետի հեռանալը անհնարին է, եւ թէ Յակոբ եւ Սարգիս եւ Դաւիթ վարդապետներ չեն ուզեր մեկնիլ առանց Ղեւոնդ վարդապետի ( ՊՃՆ. 40): Եթէ Մաքսուտեան հաշիւները պատրաստ ունէր, եւ եթէ իր պատրաստ հաշիւները պաշտօնական քննութեան ենթարկուելու պաշտօնական քննութիւն չէին կրեր, պէտք էր երկու ձեռքով փարէր վարչութեան առաջարկին, մանաւանդ որ ինչպէս Օրմանեան ետքէն իրեն ըսաւ, եթէ Երուսաղէմի Պրոպատիկէն տարին մէկ օր մէկ անձ միայն կը բժշկէր, Գումգաբուի Պրոպատիկէն իրեն եկողներուն ամէնն ալ ամէն օր բժշկած էր: Մաքսուտեանի պաշտպաններ անոր արդիւնաւորութիւնները կը պանծացնէին, եւ իրենց վստահութիւնը կը վկայէին ( ՊՏՃ. 19 եւ 27), իբր թէ արդիւնաւորութիւն եւ մասնաւորաց վստահութիւն համարատուութեան պարտքէն ազատէին: Յատուկ դեր մըն ալ Երէցեան կը վարէր Կ. Պոլսոյ մէջ, թէ Երուսաղէմ պարտք չունի, եւ թէ հաշիւներուն յայտնուիլը արտաքիններուն հանդէպ վտանգաւոր կ՚ըլլայ. միւս կողմէն ալ յաճախ եւ երկար գրութիւններով Խրիմեան կաթողիկոսի հաւատացնել կ՚ուզէր Օրմանեան պատրիարքի եւ կեդրոնական վարչութեան սխալ ուղղութիւնը, որպէսզի կաթողիկոսական հեղինակութեամբ պատրիարքը ընկճէ, մինչ Խրիմեան լաւ ծանօթ էր Օրմանեանի անձին եւ լռութեամբ կը պատասխանէր, եւ երբեք Մաքսուտեանի նպաստաւոր վկայութիւն չէր տար, եւ հազիւ թէ ընդհանուր խօսքերով Երուսաղէմը խաղաղեցնել կը յանձնարարէր: Այսպէս կ՚ընթանային գործերը 1903 տարւոյն մէջ, եւ քսանէ աւելի թերուդէմ գիրերու կոյտ մը վարանման մէջ կը թողուր վարչութիւնը, եւ կացութիւնը խիթալի կը ցուցնէր սպառնական պարագաներ մէջտեղ դնելով, նոյն իսկ Երէցեան ալ բանիւ եւ գիրով եւ խառն ժողովի ներկայանալով կարող չէր լիներ կացութիւնը լուսաբանել: Թղթակցութիւններու դիմելն ալ երկար ձգձգմանց եւ կիսատ տեղեկութեանց դուռ պիտի բանար ( ՊՃՆ. 40), եւ քննիչ յղելու եւ քննութիւն բանալու առաջարկը աւելի հաշուեխոյսներու կողմէ կը պնդուէր, որ Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանէն յուզումներ դադրեցնելու նպատակով գրուած խիստ նամակը, իբր իրենց միտքին հաստատութիւն մեկնելով, կը կարծէին թէ քննութիւնը իրենց նպաստաւոր ելք կ՚ունենայ: Իրաւ ալ եթէ պատրիարքարանի իրենց առջեւ բացած դուռնէն մտնելով հաշիւները ներկայէին, հաւանական էր իրենց յաջողութիւնը, բայց կը սխալէին կարծելով թէ պատրիարքարանը կարենայ իրեն յամառութեան իրաւունքէն հրաժարիլ, եւ պարտքի գոյութեան տագնապը անտեսել: Ճիշդ այդ վերջին կէտերն էին, որ վարչութիւնը յորդորեցին սեպտեմբեր 24-ի գումարման մէջ, Երէցեանն ալ նորէն լսելէ ետքը, պատուիրակի մը առաքումը որոշել. բայց պաշտօնական քննիչներ յղելու նախադասեցին պարզ տեղեկաբեր մը յղել, եւ այդ պաշտօնին ընտրեցին պատրիարքարանի վարչական դիւանապետ Բարթող Թելեանը (03. ԲԻԶ. 2136), որ իր պաշտօնին բերմամբ եւ ժողովներու ներկայութեամբ լիապէս հմուտ էր ամէն անցուդարձերու եւ վկայեալ էր իր խոհական ուղղամտութեամբը, Յարութիւն պատրիարքի ալ ծանօթ անձն էր: Թելեանի տուած բերանացի եւ գրաւոր հրահանգներու հիմն ու նպատակն էր ստացեալ տեղեկութեանց եւ թղթակցութեանց անյարիր պարագայից եւ անստոյգ կացութեան անծանօթ մնալուն հանդէպ, խնդիրը իմանալ եւ լուսաբանել, ամէնը ըսել, կարծիք չյայտնել եւ եզրակացութիւնը վարչութեան վերապահել ( ՊՃՆ. 42), որ է ըսել, աւելի տեղեկաբեր մը ըլլալ քան քննիչ մը (03. ԲԻԶ. 2150): Յանձնարարուած գլխաւոր կէտը հաշուական վիճակն էր, ստուգել պարտքի գոյութիւնը, զոր Երէցեան կ՚ուրանար. ճշդել հաշուոց կանոնաւորութիւնը, որ կասկածի ներքեւ էր. յանձնարարել համարատուութեան փութացումը, որ խաբէական խոստումներով կը յետաձգուէր. իսկ լուսարարապետի խնդիրը, վարչական կազմակերպութիւնը, կանոնագիրին գործադրութիւնը, հաշտարար դերը ուղղակի չէին յանձնարարուեր, այլ պարագայից կը թողուէին, որ եթէ կարենար տեղեկութիւններ հաւաքէր ու բերէր ( ՊՃՆ. 41-44): Գլխաւոր կէտ մըն ալ Յարութիւն պատրիարքի միտքն ու համոզումը ստուգապէս եւ ապահովապէս գիտնալն էր, զի իրմէ հասած գրութիւններ եւ իր գործոց վրայ ստացուած տեղեկութիւններ իրարու համաձայն չէին ըստ ամենայնի. գրութիւններ Մաքսուտեանի նպաստաւոր կ՚երեւէին, մինչ տեղեկութիւններ Մաքսուտեանի նպաստաւոր չէին: Կ՚ենթադրուէր թէ իր պատիւը եւ միաբանութեան վարկը չկոտրելու համար գրութեանց մէջ զգոյշ էր, եւ նոյն իսկ Մաքսուտեանի ներկայած գիրերը կը ստորագրէր, եւ թէ ներքնապէս կացութիւնը ուղղելու համար Մաքսուտեանի վրայ ծանրանալէ ալ չէր քաշուեր, բայց ենթադրութիւնը ստուգելու պէտք ունէր: Շարունակ կը լսուէր թէ Երուսաղէմի անցուդարձերուն մէջ նշանաւոր դեր ունէր պատրիարքին փոքրաւոր Չնքուշցի Աւետիս Թաշճեան միաբանը, թէ Վեհապետեանը անխզելի կապուած էր անոր հետ իր կենսական եւ կեդրոնական պէտքերուն համար, եւ թէ փոքրաւորն ալ անպայման տիրացած էր անոր միտքին վրայ, ինչպէս երբեմն ազդեցութիւն շահած էր Մաքսուտեան վարդապետը: Բայց որչափ ալ այս կացութիւնը յայտնապէս կ՚երեւէր Վեհապետեանի վրայ, պէտք էր մօտէն ալ ստուգել եւ վստահօրէն համոզուիլ, եւ ասոնք էին Թելեանի պատուիրակութեան իսկական նպատակը, եւ բերանացի յանձնարարութիւններ աւելի ընդարձակ էին քան գրաւոր հրահանգները:

3047. ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ

Դիւանապետ Բարթող Թելեան հոկտեմբեր 10-ին Կ. Պոլիսէ մեկնելով (03. ԲԻԶ. 2150), 15-ին Երուսաղէմ կը մտնէր, եւ 27-ին Երուսաղէմէ մեկնելով նոյեմբեր 8-ին Կ. Պոլիս կը դառնար (03. ԲԻԶ. 2178), որով 12 օր միայն Երուսաղէմ մնացած կ՚ըլլար, բայց լիովին կը կատարէր իր պաշտօնը, իբր զի արդէն գիտակ էր նայուելիք խնդիրներուն, եւ պարագաները գիտնալով դիւրաւ կրնար ըմբռնել եղելութեանց եւ տեղեկութեանց կապակցութիւնը, եւ դիւանական փորձառութեամբ իսկոյն պաշտօնական յիշատակագիրի վերածել: Նա գլխաւորապէս Մաքսուտեանի հետ տեսակցած էր զայն համարատուութեան յորդորելու. իբր զի հաշուեպահանջութիւնը օրինական իրաւունքի վրայ կը գտնուէր, որուն կեդրոնը չէր կրնար դիմադրել: Իսկ Մաքսուտեան խոյս կու տար վանական առձեռն հաշիւները պատրիարքին պատկանելուն, եւ շինութեանց հաշիւները իրեն անձնական պատասխանատուութեան վերաբերելուն հիմնուելով: Թելեան` պատրիարքի եւ երկուց կուսակցութեանց գլխաւորներուն հետ ալ օրեր ի բուն տեսակցութիւններ ունեցած էր: Իբր արդիւնք այս տեսակցութեանց Թելեանի բերած տեղեկութիւնները կը հաւաստէին եւ կը ճշդէին հաշուեպահանջ կուսակցութեան օրինական դիրքը, աթոռին ծանր պարտքի ներքեւ գտնուիլը, Մաքսուտեանի խուսափելու դարձուածները, եւ միապետական ու ծածուկ գործունէութիւնը, տնօրէն ժողովոյ կազմալուծեալ վիճակը, Վեհապետեանի կողմէ հաշիւներու պատրաստութեան եւ ներկայացման հաստատուն միտքը եւ փութաջան հետապնդութիւնը, եւ մինչեւ տարեգլուխ ընդհանուր ժողով գումարելու եւ համարատուութիւնը կեդրոնին յղելու խոստումը (03. ԲԻԶ. 2136): Միանգամայն կը հաղորդէին կեդրոնին հանդէպ Վեհապետեանի ունեցած վստահութիւնը եւ օրինական վերաբերումը, եւ շնորհակալութեան իղձերը կեդրոնական վարչութեան սրբազան նախագահին բարեացակամ տրամադրութեանը եւ փութկոտ հոգածութեանը Երուսաղէմի գործոց մէջ (03. ԲԻԶ. 2179): Մաքսուտեան առաջարկած էր Թելեանի վանական ծախուց հաշուետոմարները զննել, վստահ ըլլալով թէ պիտի չկարենար անոնց դարձուդարձ կազմակերպութենէն բան մը քաղել, ինչ որ քանիցս միաբանութեան ալ առաջարկած էր, միշտ առօրեայ ծախուց հաշուետոմարները ցուցնելով, եւ շինութեանց ու վաճառմանց հաշիւները միաբանութենէ եւ Թելեանէ ծածկելով, փոխանակ լիակատար եւ օրինաւոր հաշուեցոյց եւ բացատրական տեղեկագիր ներկայելու: Վարչական գործոց մասին ալ Թելեանի տեղեկութիւնները համաձայն էին վարչութեան կազմած տեսութիւններուն, եւ լուսարարապետի ընտրութիւնն ալ պատահական եւ աննշանակ եւ ոչ իրական մեծամասնութեան արդիւնք ըլլալը կը ստուգուէր, եւ պարտուց չգոյութեան, հաշուոց պատրաստութեան, եւ Մաքսուտեանի արդարացման համար Երէցեանի տուած վկայութիւնները կը ստուգէին, ինչպէս նաեւ կեդրոնական վարչութեան ու նախագահին սխալ ուղղութեանը մասին դարձեալ Երէցեանէ կաթողիկոսին գրուած տեղեկութիւնները: Թելեան մինչեւ վերջին վայրկեանը զգուշացած էր իր համոզումները միաբաններու յայտնելէ, բայց իր ուղղամիտ ընթացքը վստահութիւն գոյացուցած ըլլալով, իրեն ետեւէն 18 միաբաններու ստորագրութեամբ շնորհակալութեան եւ գոհունակութեան գիր մը կը հասնէր Օրմանեանի (03. ԲԻԶ. 2178): Վարչութեան խառն ժողովը մէկ-երկու անգամ պատուիրակին բերանացի տեղեկութիւնները լսելէ ետքը տեղեկագիրն ալ կարդաց, 20 երեսէ բաղկացեալ գրուած մը վեց հատուածներու բաժնուած. 1. պատրիարք, 2. հաշիւք, 3. պարտք, 4. վարչութիւն, 5. խնդիր, 6. եզրակացութիւն (03. ԲԻԶ. 2199), եւ նոյեմբեր 19-ին նիստին մէջ վարչական մասնախումբ մը կազմեց գործնական ձեւի մը յանգելու եւ բռնուելիք ուղղութեանը եւ ըլլուելիք գործերու ծրագիրը կազմելու համար, պատրիարքի նախագահութեամբ, եւ կրօնականէն Վահրամ Մանկունի եպիսկոպոսի եւ Կարապետ Սեթեան քահանայի, եւ քաղաքականնէն Գրիգոր Խտրեանի եւ Միհրան Սեթեանի անդամակցութեամբ (03. ԲԻԶ. 2163): Վարչական մասնախումբը նոյեմբեր 24-ի եւ 27-ի եւ դեկտեմբեր 1-ի երեք նիստերով իր գործը աւարտեց (03. ԲԻԶ. 2187, 2189, 2193), նորէն կարդաց պատուիրակի տեղեկագիրը եւ լսեց բացատրութիւնները, նոյնպէս լսեց Երէցեանը եւ աչքէ անցուց անոր ձեռքը գտնուող անստորագիր եւ ոչ վաւերական քանի մը հաշուեգիրերը, եւ այսպէս իր եզրակացութիւնը յայտագիրի վերածեց: Այս գրութեան նկատելիներուն կարգին կը յայտնուէր թէ աթոռը 12. 000 օսմանեան լիրայի տոկոսաւոր պարտքի ներքեւ է, իսկ հաշուական բացը 30. 000-ը կ՚անցնի եւ տակաւին կալուածական շինութեանց եւ վաճառմանց մասին տեղեկութիւն չէ առնուած. իսկ ըլլուելիքները 7 գլուխներու վերածած էին, որոնք ապագային ալ իբր գործին առանցքները նկատուեցան. 1. Պարտքին աճիլը բացատրել. 2. Մատակարարութիւն ելեւմտացոյցի վերածել. 3. Շինութիւններու ակնկալութիւնները ճշդել. 4. Կանոնագիրին համաձայն ընթանալ. 5. Վանական վարչութիւնը վերակազմել. 6. Համարատուութիւնը օր առաջ իրականացնել. 7. Երկպառակութեանց սերմերը վերցնել ( ՊՃՆ. 46-48): Դեկտեմբեր 1-ին պատրաստուած այս յայտագիրը 3-ին վարչութենէ կը հաստատուէր, եւ կ՚որոշուէր ծրագրուած գործողութիւնները փութացնելու համար (03. ԲԻԶ. 2194) երկու աշխարհականէ կազմուած, մին ազդեցիկ դիրք ունեցող եւ Երուսաղէմի խնդիրը սերտած, եւ միւսը հաշուագէտ անձ ( ՊՃՆ. 47), նոր պատուիրակութիւն Երուսաղէմ յղել: Միեւնոյն ժամանակ Յարութիւն պատրիարքի ալ կը պատասխանուէր, յանձնարարելով որ խոստացուած համարատուութիւնը նախընթաց անգամներու նման երկարաձգման չմատնուի, եւ առաջիկայ տարեգլուխի խոստացուած պայմանաժամին լրանայ ( ՊՃՆ. 46): Երէցեան թէպէտ պարտաւոր էր իբր պատրիարքական փոխանորդ իր պաշտօնական դիրքը անկողմնակալութեամբ պահել, բայց ընդհակառակն եռեակի անդամակցութեան հնօրեայ կողմնակցութեան զօրութեամբ, ուղղակի Մաքսուտեանի պաշտպանութեան կը հետեւէր, եւ լրագիրներ կը վարձէր, ազգայիններ կը հրապուրէր, եւ պետական շրջանակներ կը սողոսկէր, եւ Խրիմեան կաթողիկոսի այլ ընդ այլոյ տեղեկութիւններ կը հաղորդէր ( ՊՏՃ. 145): Ասկէ առաջ այդ ձեռնարկները քօղարկելով կը կատարէր, բայց վարչութեան վերջին որոշումէն ետքը յայտնապէս հրապարակ կ՚իջնէր, եւ իբր կեդրոնին վստահութիւնը կորսուած` փոխանորդութենէ հրաժարական կը հեռագրէր Յարութիւն պատրիարքի (03. ԲԻԶ. 2201), թէպէտ ընթացք չէր ունենար: Միւս կողմէ Օրմանեանէ կը պահանջէր Թելեանի տեղեկագիրը իրեն հաղորդել, որպէսզի Մաքսուտեանի յղէ, եւ նա ալ պատասխանը պատրաստէ (03. ԲԻԶ. 2202): Լրագիրներու մէջ հրատարակութիւններ կը տեսնուէին թէ կեդրոնը չի կրնար Երուսաղէմի գործոց միջամտել եւ ոչ ալ հաշիւներու քննութեան մտնել, եթէ միաբանական ժողովէն չեն անցած, եւ թէ Յարութիւն պատրիարք կեդրոնի միջամտութիւնը չընդունիր (03. ԲԻԶ. 2201), առանց նկատի առնելու որ Երուսաղէմի կանոնագիրը, պարտքի գոյութիւնը եւ կանոնապահութեան հարկը կեդրոնին իրաւունք կու տային Երուսաղէմի գործոց միջամտելու (03. ԲԻԶ. 2197), թէպէտ կեդրոնը իր միջամտութիւնը հաշուական մասին վրայ կը կեդրոնացնէր, իսկ վարչականին միջամտելէ կը զգուշանար, կամ թէ իրեն եղած ստիպողական դիմումներուն շրջանակէն անդին չէր անցներ:

3048. ԱՐԴԻՒՆՔԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ

Վարչութեան որոշումները նոր յուզումներ յառաջ կը բերէին Երուսաղէմի մէջ, զի Մաքսուտեան իր հաշուեխոյսներով անոնց գործադրութիւնը խափանելու աշխատած ատեն, հաշուեպահանջներ իրենց ճիգերը կրկնապատկել կը ջանային: Մաքսուտեան կը մտածէ լուսարարապետի խնդիրը գրգռելով հաշուոց խնդիրը թաղել, եւ ասկէ կը սկսին Յարութիւն պատրիարքի վրայ ստիպումներ, որպէսզի Վահրամ Ազարեանի Եգիպտոս մնալու հրամանը ետ առնէ, եւ Երուսաղէմ գալու եւ պաշտօնի անցնելու հրաման արձակէ (03. ԲԻԶ. 2208): Երբ Վեհապետեան չհաւանիր, Մաքսուտեան իր ստորագրութեամբ բայց պատրիարքի անունով Ազարեանը կը հրաւիրէ, եւ նա ալ անմիջապէս ճամբայ կ՚ելլէ եւ Յոպպէ կը հասնի 1903 դեկտեմբերի կէսէն ետքը, զոր լսելով Յարութիւն պատրիարք` Չիլինկիրեան վարդապետը Յոպպէ կը փութացնէ Ազարեանի Երուսաղէմ գալը արգիլելու կամ թէ պաշտօնէ հրաժարել տալու, եւ միանգամայն Մաքսուտեանի ցաւ կը յայտնէ կատարուած դարձուդարձներուն մասին: Այդ եղելութիւններ Կ. Պոլիս կը հաղորդուին դեկտեմբեր 24-ի հեռագիրով (03. ԲԻԶ. 2213), եւ Օրմանեան ոյժ կու տայ Վեհապետեանի որոշումներուն, մինչ Մաքսուտեանի մտերիմներէն Մարկոսեան ( ՊՏՃ. 19) եւ Գէորգեան Երուսաղէմէ ( ՊՏՃ. 17) եւ Խապայեան Սիսէ ( ՊՏՃ. 17) եւ ինքն Ազարեան ալ Յոպպէէ ( ՊՏՃ. 23), Օրմանեանէ կը պահանջեն Ազարեանի ընտրութիւնը պաշտպանել, եւ ոչ իսկ յիշելով թէ տարեգլուխը անցած էր, եւ տակաւին կեդրոնի պահանջած եւ Երուսաղէմի խոստացած հաշուետուութիւնը Մաքսուտեանի ձեռքէն չէր ելլեր, միաբանական ժողովին չէր ներկայացուեր եւ կեդրոնին չէր ղրկուեր: Մաքսուտեան կը կարծէր առօրեայ առուծախի հաշուեցուցակներով մէջէն ելլել, մինչ թէ միաբանութիւնը եւ թէ կեդրոնը 1893 մայիս 1-էն սկսելով տասնամեայ օրինաւոր հաշուեցոյցեր եւ տեղեկագիրներ տեսնել վաճառմանց եւ շինութեանց հաշիւներով մէկտեղ (03. ԲԻԶ. 2203): Ասոր հակառակ, հաշուեխոյսներ Ազարեանը պաշտօնի անցունելու խնդիրը կը վարէին, եւ այս նպատակով իրենցմէ երեքը 1904 յունուար 25-ին Վեհապետեանի վրան կ՚երթան զայն աղաղակներով եւ բռնադատութիւններով ստիպելու, եւ Եղիա վարդապետ Յովհաննէսեան հոն գտնուելով կանոնաւորութեան յորդորելուն պատճառով, դուրս ելլելուն` վրան կը յարձակին եւ ծեծի տակ մինչեւ իսկ արիւնլուայ կը դարձնեն: Հաշուեպահանջներ օգնութեան եւ հաշուեխոյսներ ընդդիմութեան կը դիմեն եւ ծեծկուուքը կ՚աճի Մաքսուտեանի սենեակին առջեւ: Առիթը օգուտ գործածելով, այս անգամ ալ Մաքսուտեանը սպաննել ուզելու զրպարտութիւնը կը յօրինուի, հաշուեխոյսներ Մաքսուտեանի ապակիները կը կոտրտեն փաստ կազմելու համար, քանիներ գլուխ եւ թեւ կը կապկպեն հարուածեալ երեւնալու համար, ոստիկանութիւնը կը հրաւիրեն իրենց պաշտպանութեան համար, եւ մերձակայ զօրանոցին գունդը դուրսով ներսով վանք կը խռնուի, եւ Մաքսուտեանը ինքը դատախազի դերը ստանձնելով հաշուեպահանջներէն 19 հոգի յանուանէ կ՚ամբաստանէ իբր սպանութեան մեղապարտներ եւ չքաշուիր ընկերակից միաբանները, իբր մարդասպան, քաղաքական ատեանին մատնել, եւ դատի կոչել եղեռնադատ ատեանին առջեւ, չխնայելով եւ ոչ իսկ ալեւորեալ վարդապետներու պատկառելի հասակին ( ՊՏՃ. 170), եւ կուրացուցիչ կիրքին մէջ ամբաստանելոց կարգին նոյն իսկ սենեակին մէջ անդամալոյծ մնացած վարդապետի անունն ալ տալով: Մաքսուտեան իր նպատակին հասնելու համար կանխած էր տեղական կառավարութեան առջեւ հաւատարիմի դերը վարել, եւ ընկերակիցները իբր յեղափոխականներ, եւ հիւրաբար աքսորականները իբրեւ գրգռիչը ներկայել, եւ եղելութիւնները այդ քսութեանց խառնելով իբրեւ արտայայտութիւններ ցուցնել, եւ զինքն իբրեւ հաւատարմութեան զոհ պատկերացնել, որով մինչեւ իսկ յատուկ շքանշանով վարձատրուելու բախտին ալ արժանացած էր: Հակառակորդներէ ազատելու կերպը, թէ ոչ օրինաւոր եւ արդար, գոնէ իրեն օգտակար եղած պիտի ըլլար, եթէ Յարութիւն պատրիարքի բուռն ընդդիմութիւնը եւ պարտուպատշաճ բացատրութիւնը, եւ իրեններուն համար բացարձակ երաշխաւորութիւնը պարապի չհանէին Մաքսուտեանի մեքենայութիւնը, եւ Օրմանեան պատրիարքի կեդրոնական նախարարութեան մօտ ճիգերը չհանդարտեցնէին յուզեալ կառավարութեան վրայ տեղական կառավարութենէ թելադրուած կասկածները, որոնց մէջ բոլորովին անմասն չէր երեւար Երէցեանի ալ յօգուտ ընկերակցին խուլ գործունէութիւնը: Տխուր միջադէպը կը փակուի, այլ խուսափողական ճարտարութիւնը չդադրիր, եւ Ազարեանի պաշտօնի անցնիլը իբրեւ պայման կ՚առաջարկուի համարատուութիւն ներկայելու, իբր թէ տասը տարիներէ ի վեր եղած զանցառութիւն մը, վերջին օրեր ծագած ոչ-հաշուական միջադէպով մը կարենար արդարանալ: Վեհապետեան նկատելով որ Ազարեանի Յոպպէ մնալը դուրսէ դուրս շփոթութիւններու եւ շփումներու պատճառ կ՚ըլլայ, Զատիկը անցնելէն ետքը, որ այն տարի մարտ 27-ին կը հանդիպէր, կը հրամայէ որ Երուսաղէմ գայ, եւ գործը իր աչքին առջեւ ըլլայ. բայց պաշտօնի չանցուներ եւ յատուկ սենեակ մը կը նստեցնէ: Մաքսուտեան իրեններով այս անգամ ալ կառավարական դուռը ափ կ՚առնէ իբրեւ ազգային ներքին գործողութիւնները ճնշող զօրութիւն, որպէսզի Վեհապետեանը ստիպէ Ազարեանը պաշտօնի անցունել տալ, ոչ իբրեւ Ազարեանի բարեկամութիւն, այլ իբրեւ հաշուեխուսութեան յաղթանակ գոնէ իբրեւ անկէ խուսափելու միջոց: Իսկ պատրիարքը, առիթ առնելով կեդրոնէն նոր պատուիրակութիւն յղելու որոշումը, անոր սպասելու պատշաճողութիւնը կը շեշտէ եւ առաջարկին կը դիմադրէ, եւ այսպէս կ՚անցնին քանի մը ամիսներ եւս, մինչեւ որ կառավարիչը կը փոխուի. բայց Մաքսուտեան ալ կ՚օգտուի իր խուսափողական ժամաշահութեամբ, եւ իր դիմումները կը կրկնէ օգոստոսին հասնող նոր կառավարչին մօտ (04. ԱՐԼ. 5658): Սա ալ քանի մը անգամ Մաքսուտեանի միտքով յանձնարարութիւններէ ետքը, անգամ մը իբրեւ վերջնական միջոց կը թելադրէ կամ պաշտօնի անցունել եւ կամ պաշտօնէն զրկել, եւ Վեհապետեան այդ պատեհէն կ՚օգտուի Ազարեանը կոչելու եւ պաշտօնապէս պաշտօնին իրաւունք չունենալը իրեն հաղորդելու եւ լուսարարապետութեան թափուր ըլլալը հռչակելու ( ՊՏՃ. 32): Ազարեան այլեւս յուսաբեկ բախտովին վիճակուած պաշտօնը գրաւելու, կամ իրեն բացատրութեամբ, Ս. Յակոբայ գանձատան տէր կանգնելու ( ՊՏՃ. 26) յաւակնութիւնները կը դադրեցնէ, հարկաւ ներքնապէս ցաւելով ուրիշին կիրքին եւ իրմէ օտար մէկ գործին խաղալիք դառնալուն վրայ: Ազարեան միջոց մը եւս Երուսաղէմ մնաց, եւ Եգիպտոս դառնալու արտօնութիւն ստանալով` գնաց այնտեղ հանգիստ կեանք վայելել Աղեքսանդրիոյ գետինին վաճառման առթիւ տիրացած կալուածներու հասոյթով, եւ այլեւս վանք ու գործ ու տեղ չփոխեց մինչեւ իր մահը որ տեղի ունեցաւ 1908 փետրուարին 53 տարեկան եղած ատեն: Լուսարարապետութեան պաշտօնը թափուր էր 1903 ապրիլ 23-էն, Անոյշեանի մահուանէն ի վեր, եւ Եղիա վարդապետ Յովհաննէսեան փոխանորդաբար կը վարէր առօրեայ գործերը, եւ այնպէս ալ շարունակեց Ազարեանի ընտրուելէն, առկախ մնալէն եւ պաշտօնապէս դադրելէն ետքն ալ միշտ նոյն Յովհաննէսեանի փոխանորդութեամբ:

3049. ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐԸ

Եղելութեանց շարայարութիւնը մեզ հասուցած է 1904 տարին, զոր կրնանք Երուսաղէմի խառնակ կացութեան գագաթնակէտի միջոց նկատել: Միաբանութիւնը 1902 յունիս 12-ի ժողովին մէջ զլացեր էր անցեալին համարատուութիւնը չստացած նոր տնօրէն ժողով ընտրել 3041), բայց գտնուող տնօրէնն ալ կազմալուծեալ էր: Մարկոսեան եպիսկոպոս 1901 յունիսէն ի վեր վշտացած եւ հեռացած նոյնպէս կը շարունակէր, թէպէտ միեւնոյն ատեն Մաքսուտեանի հաշուեխուսութեան պաշտպան կը կանգնէր, թէպէտեւ համարատուութեան չտրուիլն էր իր վիշտին շարժառիթը: Փորթուգալեան 1902 մարտին վախճանած էր, Ազարեան միշտ ժողովէն բացակայ կը մնար, Խապայեան կաթողիկոսութեամբ մեկնած էր, կը մնային միայն Գէորգեան եւ Յովհաննէսեան, բայց իրարու անհամաձայն տրամադրութեամբ, եւ Մաքսուտեան ալ բոլոր շփոթներու արմատը: Ըստ այսմ հին տնօրէնը այլեւս վարիչ չէր. նորը չէր ընտրուեր, առժամեայ մըն ալ հաստատելու գետինը կը պակսէր, որով Վեհապետեան անձամբ կը վարէր գործերը, ի բաց առեալ այն կէտերը զորս Մաքսուտեան իրեն սեփականած էր: Վեհապետեան իր վարչութեան մէջ վճռական դեր մը չէր կրնար ցուցնել, բայց եթէ բացառիկ պարագաներու մէջ, զի հաշուեպահանջներուն իրաւունքը կը ճանչնար, իսկ հաշուեխոյսներն ալ գործածել կը պարտաւորուէր. ոչ առաջինները կրնար գոհացնել, ոչ վերջինները կ՚ուզէր քաջալերել, միշտ այն յոյսով թէ վերջապէս ամէն կողմերէ ստիպումները Մաքսուտեանը համարատուութեան պիտի պարտաւորեցնեն, եւ կացութիւնը պիտի պարզուի: Այս մտադրութեան հանդէպ Մաքսուտեան դիւրութիւն կը գտնէր իր դերը շարունակել. բայց հաշուեպահանջներուն ալ շարժումը չէր դադարեր, որուն զօրաւոր թարգմանն էր պատրիարքին մօտ Աւետիս փոքրաւորը: Իսկ կեդրոնը միշտ գործերը առկախ կը թողուր այն յոյսով, որ եթէ ոչ տարեգլուխին, գոնէ Մեծ-պահքին, եթէ ոչ այս ամիս գոնէ գալ ամիս, Վեհապետեանի ջանքը կը պսակուի եւ համարատուութիւնը կը հասնի: Անգամ մը երկրորդ պատուիրակութիւն յղել որոշուած էր 3047), բայց գործադրելու համար պատեհութեան եւ դիւրութեան կը սպասուէր: Վանական գործին հետ մտադրութեան առարկայ էին վանքին մէջ գտնուող աքսորական հիւրերն ալ, որոնք անհնար էր որ անցուդարձէն իսպառ անմասն մնային: Նախորդ պատրիարք Իզմիրլեան իր առաջին տեղեկագիրէն ետքը իսպառ լռած էր 3044), իսկ Մշոյ առաջնորդ Ներսէս վարդապետ Խարախանեան սկիզբէն հրապարակի վրայ երեւցած չէր, թէպէտ երկուքն ալ օրէնքի եւ կանոնի յարած անձեր էին, եւ չէին կրնար հաշուեպահանջներուն իրաւունքը չճանչնալ: Տարբեր դեր կը վարէր Կարնոյ առաջնորդ Ղեւոնդ եպիսկոպոս Շիշմանեան, անդստին սկիզբէն անձնական օգուտի ծառայող անձ մը, որ Կարնոյ մէջ ալ շեշտուած թրքամոլութենէ կուսակցականաց ձեռնտուութեան անցած էր, երբոր յանուն կուսակցութեանց կատարուած հանգանակութիւնները շիլ աչքերը շլացուցեր էին: Մաքսուտեանի առատ եւ առատաձեռն միջոցները զինքն շուտով գրաւեցին եւ անոր գովաբանը դարձաւ Կ. Պոլսոյ լրագիրներու մէջ Վրոյր, եւ Տփղիսի լրագիրներու մէջ Գիրուկ ծածկանունով, եւ մինչեւ իսկ շողոքորթ գրութեամբ Խրիմեան կաթողիկոսն ալ գրաւելու ձգտելով ( ՊՏՃ. 147-150): Նոյն ինքն էր Արարատ ամսագիրի մէջ հրատարակուած Ճշմարտութիւնը յօդուածին հեղինակը (04. ԱՐՐ. 508-526), ճշմարտութիւնը քօղարկելու դիտմամբ խմբագրուած, եւ Մարգարեան Կիրակոս վարդապետի ստորագրութեան ներքեւ դրուած. բայց գոնէ այնպիսի մէկու մը անունը գործածուէր որ գրելու կարողութիւնը ունենար: Շիշմանեան իբրեւ յանգէտս ուրիշ նամակով մը նոյն յօդուածին գովութիւնը կը գրէ (04. ԱՐՐ. 152), եւ իրեն ձայնակից կ՚ըլլայ Երէցեան ալ ( ՊՏՃ. 36), եւ չենք գիտեր թէ ի'նչ ազդեցութեամբ յիշուած յօդուածը հիւրընկալող Էջմիածինի ամսագիրը կը զլանայ Օրմանեանի յղած պատասխանը ( ՊՏՃ. 158-170), եւ Երուսաղէմէ ղրկուած բացատրութիւնը հիւրընկալել, քանի որ գիտենք որ Խրիմեան կաթողիկոսի բացարձակ համոզումն էր, թէ Հայր Ղեւոնդ պարտուց թուանշան պէտք է տայ ( ՊՏՃ. 151): Իսկ Յարութիւն պատրիարք համոզելով եւ ստիպելով, աղաչելով եւ հրամայելով, կը շարունակէր Մաքսուտեանը մղել պահանջուած հաշուետուութիւնը կատարելու:

3050. ԵՐԿՐՈՐԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Կեդրոնական վարչութեան 1903 դեկտեմբեր 3-ին տուած նոր պատուիրակութիւն յղելու որոշումը 3047) պատահական յետաձգումներով, համարատուութեան ակնկալութեամբ եւ պատեհի սպասելով տակաւին կ՚ուշանար, երբոր վերջապէս 1904 մայիսին Յարութիւն պատրիարքի ապրիլ 28-ի նամակը առիթ ընծայեց որ վարչութիւնը այլեւս չուշացնէ որոշումը գործադրել, եւ յարմար անձի վրայ խորհրդակցելով` մայիս 26-ի գումարման մէջ կանգ առաւ Գէորգ Ասլանեանի վրայ, որ ազգային պաշտօնով տնտեսականի ատենապետն էր, եւ պետական պաշտօնով հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան մէջ խճուղեաց եւ կամրջաց վերատեսուչն էր, եւ նոյն պահուն Բերիա կը գտնուէր, իբրեւ Սիւրիոյ կուսակալութեանց իր ճիւղին նախարարական քննիչ: Ասլանեանի օգնական նշանակուեցաւ Կարապետ Խաչատուրեան, պատրիարքարանի յարաբերական դիւանապետ, իբրեւ եղելութեանց հմուտ եւ կալուածագրոց քննութեան վարժ անձ մը (04. ԱՐԼ. 5575): Ասլանեանի պետական պաշտօնի մէջ գտնուելովը` պէտք էր նախարարութեան հաւանութիւնն ալ ստանալ, զոր դիւրաւ կարգադրեց պատրիարքը` Պաղեստինի նահանգն ալ անոր քննչական շրջանակին աւելցնել եւ ազգային գործերով ալ զբաղելու արտօնել տալով, եւ ըստ այսմ հեռագիրով ծանուցուեցաւ մայիս 31-ին (04. ԱՐԼ. 5579): Խաչատուրեան սպասեց մինչեւ որ Ասլանեան Բերիայէ ուղեւորի, եւ լուր առնելէն ետք ինքն ալ մեկնեցաւ յունիս 21-ին (04. ԱՐԼ. 5597), միասին տանելով պաշտօնական հրահանգը եւ կարեւոր տեղեկագիրները: Ընդարձակ գրութիւն մըն էր հրահանգը` բացատրական տեղեկութիւններով կազմուած ( ՊՃՆ. 60-68). նախապէս խնդիրին ծագումը կը յիշէր պատմողաբար, յառաջ կը բերէր վարչական մասնախումբի առաջարկութեամբ որոշուած եօթը կէտերը 3047), եւ անոնց վրայ կը հիմնէր բացատրութիւնները, կը ցուցնէր եղածը եւ չեղածը եւ ըլլուելիքները, որոնց կ՚աւելցնէր քանի մը երկրորդական կէտեր, ինչպէս լուսարարապետութեան խնդիրը, հիւր եկեղեցականաց դերը, փոփոխակի ամբաստանութիւնները, եւ Ղուկաս Յովհաննէսեան վարդապետի մը քահանայագործութենէ արգիլուիլը, զորս իբր ներքին խնդիրներ Երուսաղէմի պատրիարքին իշխանութեան կը թողուր, սակայն պատուիրակութիւնն ալ կը հրահանգէր տեղեկանալ եւ պարզ խորհուրդներով օգնել: Գլխաւոր կէտը որ այս հրահանգին էութիւնը կը կազմէր, հաշուեքննութիւնը Կ. Պոլիս փոխադրելու առաջարկն էր, նկատելով Երուսաղէմի մէջ տիրող ներհակընդդէմ կիրքերը եւ հանդարտ քննութեան անհնարութիւնը ( ՊՃՆ. 64): Ասլանեան Բերիայէ Երուսաղէմ կը մեկնէր անշուշտ գործին ձեռնարկելու համար, զի լուր ալ կու տար թէ նախարարութեան կողմէ արտօնութիւն ստացած չէր, եւ պատրիարքը նախարարին կողմէ հեռագրական հրաման յղեր կու տար յունիս 24-ին: Ասլանեան Երուսաղէմ կը հասնէր յունիս 20-ին, եւ առանց հրահանգի սպասելու եւ առանց պաշտօնական պայմաններու տեսակցութիւններ կ՚ունենար եւ տեղեկութիւններ կը քաղէր, եւ անկէ ետքն է որ յանձնարարական պաշտօնէն հրաժարելով` 27-ին Երուսաղէմէ կը մեկնէր եւ 27-ին Յոպպէի մէջ Խաչատուրեանի կը հանդիպէր եւ հրահանգը կը ստանար, բայց իր որոշումը տուած ըլլալով, Յոպպէէ կը նաւարկէր եւ յուլիս 5-ին Կ. Պոլիս կը հասնէր (04. ԱՐԼ. 5610): Առաջին անգամ պատրիարքի մօտ մասնաւոր տեղեկատուութեան կը փութար, եւ յուլիս 14-ին խառն ժողովին կը ներկայանար իր տեսածը եւ քննածը հաղորդելու: Ասլանեանի եզրակացութիւնն այն էր, թէ հրահանգի պարունակութիւնը գործին լաւ հասկցուած ըլլալը կը ցուցնէ, եւ թէ նոր քննութեան տեղի չի մնար: Ասլանեան հաստատեց հաշուետուութեան անհրաժեշտութիւնը, հաշուեպահանջութեան օրինականութիւնը, եւ Երուսաղէմի մէջ հաշուեքննութեան անհնարութիւնը, եւ հաշուեցոյցները ստանալու համար իրեն Երուսաղէմ մնալուն աւելորդ ըլլալը (04. ԱՐԼ. 5616): Ասլանեանի տեսութեամբ մինչեւ իսկ վտանգաւոր եղած պիտի ըլլար, եթէ Երուսաղէմէ մէջ հաշուեքննութիւն սկսուէր, զի կառավարութիւնը նահանգական համարակալին ալ քննութեան մասնակցելուն առաջարկը մէջտեղ դրած էր, եւ Մաքսուտեան եղած էր այդ միջոցը թելադրողը, միշտ կառավարական պաշտօնեաներու ձեռքով ազգային իշխանութիւնը ընկճելու, եւ գործը իրեն նպաստաւոր դարձնելու դիտումով: Կառավարական առաջարկը Կ. Պոլսոյ մէջ ալ յայտնուած ըլլալով, Օրմանեան ամէն կերպով ջանաց նոր միջամտութիւնը արգիլել, եւ յաջողեցաւ նախարարութիւնն ալ համոզել առաջարկին անտեղի եւ օրէնքի հակառակ ըլլալուն, բայց Ասլանեանի նախազգուշութիւնն ալ եւ քննութիւն չբանալը արդարացի էր: Կատարուած շինութեանց եւ օթարաններուն վրայ ալ նպաստաւոր գաղափար չյայտնեց Ասլանեան, զոր քաղքենի հիւրանոցէ աւելի վանական աբեղաթաղի կը նմանեցնէր: Վարչութիւնն Ասլանեանը լսելէ ետքը Խաչատուրեանի հրաման տուաւ Երուսաղէմ սպասել, ուր հասած էր յունիս 29-ին, համարատուութեան հաշուեցոյցերը եւ տեղեկագիրները ստանալ, եւ կալուածագիրներու վրայ տեղեկութիւններ քաղել, եւ ոչ թէ Ասլանեանի յաջորդին սպասել, զի Ասլանեանի տեղեկութիւններն ալ հաստատած էին հաշուեքննութիւնը Կ. Պոլիս կատարելու գաղափարը, եւ նոր քննիչ պատուիրակ յղելուն աւելորդ ըլլալը: Ասլանեանի պատուիրակութեան առանց գործելու ետ դառնալը, եւ Խաչատուրեանի ալ մինչեւ օգոստոս 9 մնալով, ոչ հաշիւներ ստանալ եւ ոչ կալուածագիրներու դպչիլ կարենալը, եւ 16-ին Կ. Պոլիս հասնիլը (04. ԱՐԼ. 5645), վճռական որոշմանց հոգին ներշնչեցին Յարութիւն պատրիարքի, որ մինչեւ այն ատեն հետեւած երկկողմանի ջանքերուն վերջ տալով, եւ հաշտարար ընթացքին եւ ներքին կացութիւնը չխայտառակելու միտքը մերկանալով` կտրուկ հրամաններու ձեռնարկեց: Ասկէ ետքն էր որ նախ լուսարարապետութեան խնդիրը կտրեց նետեց Ազարեանի ընտրութիւնը իբր չեղեալ հռչակելով, ինչպէս պատմեցինք 3048), եւ Ազարեանի հեռանալուն եւ Եգիպտոս դառնալուն ճամբան դիւրացնելով: Կեդրոնին հաղորդեց որ համամիտ է անոր թողուլ հաշիւներու նախնական քննութիւնն ալ, ինչպէս որ կեդրոնն ալ օգոստոս 25-ին վերջնական կերպով գործը ստանձնեց եւ իր նախագահին յանձնեց գործողութեան պարագաներն ու պայմանները հոգալ (04. ԱՐԼ. 5653): Վեհապետեան Մաքսուտեանի ալ հրամայեց հաշիւները պատրաստել, եւ հաշուեցոյցերուն ու տեղեկագիրներուն հետ Կ. Պոլիս երթալ, եւ իր հաշուետուութիւնը կեդրոնին ներկայել: Երբ այս հրամանն ալ չգործադրուեցաւ, վճռական կերպով Մաքսուտեանը ելեւմտական պաշտօնէն արձակեց եւ Կ. Պոլիս երթալու ստիպեց, եւ երբ այդ հրամանն ալ ժամավաճառութեան մատնուեցաւ, ուղղակի կեդրոնին դիմեց որ պետական հրամանով զայն Կ. Պոլիս բերել տայ: Մաքսուտեանի պաշտպանները ի զուր կ՚աշխատին Թելեանն ու Խաչատուրեանը իբրեւ Վեհապետեանի մոլորեցուցիչներ ամբաստանել, եւ մղտեսի ըլլալէ զատ ուրիշ արդիւնք մը առաջ չբերին ըսելէ ետքը, աւելի քանդեցին քան թէ շինեցին եզրակացնել ( ՊՏՃ. 152): Երկուքն ալ գիրի գրիչի հանդարտ աշխատաւորներ, սողոսկելու եւ մեքենայելու անվարժ անձեր իրենց յանձնուած պաշտօնին բնութեամբը միայն գործօն դեր վարած եղան, երբոր իրենց ուղղամտութեամբ եւ ուղղախօսութեամբ իրենց վիճակը ներկայեցին եւ պատկերացուցին: Բայց այդ վերջին եղելութեանց պատմութեան չմտած, անհրաժեշտ կը դատենք քանի մը ընդհանուր տեսութիւններ պարզել, որոնք էական են ազգային կեանքի մէջ նշանաւոր տեղ գրաւած սաղիմական խնդիրը հիմնապէս լուսաբանելու համար:

3051. ՊԱՐՏՔԵՐՈՒ ԱՃՈՒՄԸ

Երուսաղէմի վերջին քառամեայի հաշիւները 1893-ին կեդրոնական երեսփոխանութեան ներկայացուելէն եւ հաստատուելէն ետքը 3038), 1894 ապրիլի ելեւմտական հաշուեփակը 23. 748 օսմանեան լիրայ տոկոսաւոր պարտք ( ՊՐՏ. 60), եւ 31. 268 լիրայ կշիռի բաց կը ներկայէր ( ՊՐՏ. 56), որոնք յաջորդ տարիներու մէջ մինչեւ 26. 475 ( ՊՐՏ. 61), եւ 41. 520 բարձրացան ( ՊՐՏ. 57), բայց 1900 ապրիլի հաշուեփակը առանց տոկոսաւոր պարտքի, եւ միայն 19. 470 կշիռի բացով կը գոցուէր: Այդ նշանաւոր հանգրուանը ստացուած էր Աղեքսանդրիոյ վանքապատկան գետինին վաճառմամբ, որ 28. 123 լիրայ արդիւնք ունեցած էր, բայց միայն 26. 314 սնտուկի գին ցուցած էր ( ՊՐՏ. 29), եւ անով պարտքերը վճարուած էին, դրամատանց ընթացիկ հաշիւներն ալ միասին ( ՊՐՏ. 2): Գոհացուցիչ կացութիւն մըն էր տոկոսաւոր պարտքէ ազատուած ըլլալը, սակայն վաճառման գործողութիւնը կարեւոր դիտողութեանց տեղի կու տար. զի գործը կատարուած էր ելեւմտապետ Մաքսուտեանի, Եգիպտոսի տեսուչ Ազարեանի եւ Աղեքսանդրիոյ գործակալ Անտոն Արթինոֆի տուած տեղեկութեանց հիմնուելով, որուն իրաւ 1899 մայիս 9-ին հաւանած էր տնօրէն ժողովը (99. ՏՆՕ. 61), եւ դեկտեմբեր 11-ին որոշումը տուած (99. ՏՆՕ. 138). սակայն գործին ներքինին, տեղական գիներուն, դիրքին պարագաներուն, աճուրդի փորձին զանցառութեան, իսկական տեղեկութիւնները կը պակսէին, եւ Մաքսուտեանի ընկերակից միամիտ ժողովականները, պարտքի անունէն զզուած, որեւիցէ կերպով անկէ ազատելու հոգի տուող ծերունիներ էին, մինչ ելեւմտական ճարտարութեամբ ճոխացեալ կարծուած անձը պէտք էր գիտնար, գուցէ եւ գիտէր, որ իսկական արժէքը եռապատիկին մօտ էր, զի եւ իրօք լոկ ձեռքէ ձեռք անցընելովը իսկոյն կրկին գինով դարձեալ կը վաճառուէր: Ելեւմտական ճարտարութիւնը կ՚ընդունի իրաւ կալուածներու վաճառմամբ տոկոսաւոր պարտքեր փակելը, բայց նուազ արժէքաւոր, եւ ոչ կարեւոր եւ ապագայ խոստացող կալուածներու վաճառմամբ, ինչպէս այս առթի մէջ, որ կարեւորագոյնի կորուստով սովորական պարտքեր փակելու ձեռնարկ կ՚ըլլար, որ եւ ելեւմտապետին կարծեցեալ կարողութիւնը չէր արդարացներ, եւ փոխանցման գործողութենէ օգտուելու կասկածը կը զարթուցանէր: Սակայն ինչ ալ ըլլար այդ գործին իսկական կերպարանը, գոնէ գոհացուցիչ պիտի ըլլար պարտքէ ազատ մնացած ըլլալը, մինչ պարտքեր նորէն բարդուած էին. զի 1903 ապրիլին 7. 788 տոկոսաւոր պարտք եւ 27. 709 կշիռի բաց կը գոցուէր, որ 1904 ապրիլին 11. 255 տոկոսաւոր պարտքի եւ 31. 170 կշիռի բացի կը բարձրանար ( ՊՐՏ. 86, 80) եւ տակաւ բարձրանալու վրայ էր: Այս երեւոյթն ալ դեռ միայն տոմարներու ցուցածն էր, մինչ կը գիտցուէր թէ տոմարներէ դուրս կատարուած գործողութիւններ ալ կային, ինչպէս ականջէ ականջ կը խօսուէր, եւ բերնէ բերան կը տարածուէր, եւ հաշուեպահանջութեան խնդիրը կը զօրացնէր, կեդրոնն ալ կը հետաքրքրուէր. բայց Երէցեան փոխանորդ` պատրիարքին եւ ժողովականաց հարցումներուն հանդէպ բացէ բաց կ՚ուրանար թէ տոմարական եւ թէ ոչ-տոմարական պարտքերու գոյութիւնը: Չենք կարծեր որ իրեն ալ գաղտնիք եղած ըլլար Մաքսուտեանի ընթացքը, զի հնար չէր որ անգիտանար նորօրինակ դարձուածին գոյութիւնը: Վերեւ ըսինք թէ 1900-ի հաշուեփակին պարտքերը ջնջուած կը ցուցուէին, սակայն իրօք անոնց մէկ մասը կը մնար, ինչպէս կ՚ըսուի, նոյն իսկ պարտատէրներուն գանձել չուզելովը, որոնք ապահովագոյն կը նկատէին հայոց պատրիարքարանի սնտուկին յանձնել իրենց գումարները, նոյն իսկ տոկոսի սակը զեղչելով: Այդ կերպով մնացած պարտքը 12. 450 գումարի կը հասնէր, որուն պահեստի դրամ անունը կու տար Մաքսուտեան, այսպիսի գումարի մը ուրիշ հաշիւներու մէջ յիշուած տեսնելով, բայց անգիտանալով որ շահին աւելորդէն կամ համեմատական մի մասէն կը կազմուին պահեստի գումարները, եւ ոչ երբեք պարտքով դրամ փոխ առնելով, որ միայն Երուսաղէմի ելեւմտագէտին գլուխէն ելած հանճար մը եղած է: Նա կը յաջողէր պարտքի անունէն զզուած Վեհապետեանն ալ համոզել, առաւելագոյն տոկոսով շահեցնելու եւ անուղղակի օգուտ մը քաղելու երեւոյթով: Ըստ այսմ պարտքով հայթայթուած գումարը նախապէս Աղեքսանդրիոյ Լիօնեան Վարկի դրամատունը կը յանձնուէր. բայց վախնալով որ աթոռին դէմ դատ վարող աղեքսանդրաբնակ Պօղոս Աշըգեանի կողմէ գումարը գրաւման ենթարկուի, շուտով ետ կ՚առնուէր` տոկոսէն հրաժարելով եւ դրամագլուխէն զեղչլով, եւ Երուսաղէմի յունաց պատրիարքարանին կը յանձնուէր նուազագոյն սակով, եւ այն ալ ոչ թէ աթոռին կամ պատրիարքի անունին, այլ ներկայացնողին վճարելի բաց մուրհակներով, որոնք Մաքսուտեան իր քովը կը պահէր եւ պատրիարքին չէր յանձներ, մինչ պահեստի դրամ կոչուած փոխառութեանց պարտամուրհակները պատրիարքի ստորագրութիւնը կը կրկնէին եւ վանքին վրայ կը ծանրանային: Կանխամտածութեամբ պատրաստուած այդ անուղիղ ընթացքը իր իսկութեամբ երեւան կու գար, երբ Մաքսուտեան պաշտօնէ դադարելուն առթիւ կը յայտնէր, թէ ներկայացողին վճարելի մուրհակները արդէն գանձուած եւ իւրացուցուած են Մաքսուտեանի կողմէն, առանց տոմարի անցնելու, որով 1905 ապրիլը հաշուեփակին տոմարի ցուցած 14. 304 տոկոսաւոր պարտքը ( ՊՐՏ. 88), իսկապէս 23. 706 լիրայի կը լրանայ ( ՊՐՏ. 5-7): Ահա նմոյշ մը ելեւմտագիտական ճարտարութեան, իրօք ալ ճարտարութիւն մը յօգուտ անձին եւ ի վնաս աթոռին: Ասկէ զատ ուրիշ մաս մըն ալ կար տակաւին, շինութեանց հաշիւէն մնացած ծանրութիւն մը, զոր երբեք վանական տոմարներուն անցուցած չէր, եւ բոլորովին անծանօթ կը մնար եւ միաբանութիւնը տեղեկութիւն չունէր, եւ զոր հակառակ այնչափ պահանջմանց եւ ստիպմանց, աղաչանաց եւ թախանձանաց մէջտեղ հանել հաճած չէր, ամէն տեսակ չարաշահութեանց կասկած վրան հրաւիրելով մէկտեղ, որոնց թերեւս ամէնն ալ ստոյգ չեն, սակայն նա որ ստոյգը երեւան հանելու երկիւղը կը կրէ, անստոյգին ներքեւ ալ ճնշուելու յանձնառու եղած կ՚ըլլայ:

3052. ՄԻԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ

Չենք կարծեր չափազանցած ըլլալ յառաջ բերելով այնպիսի տեսութիւններ, որոնք նոյն իսկ վերիվերոյ նկատողներու ալ մտադրութիւնը կը զարթուցանեն. բայց հարկ կ՚ըլլայ բացատրել եւս թէ ի'նչպէս եւ ի'նչ զգացմամբ կրցաւ միաբանութեան մի մասը այդչափ յայտնի անտեղութեանց պաշտպան կանգնիլ եւ միաբանութիւնը երկու ընդդիմամարտ կուսակցութեանց բաժնեց: Հաշուեպահանջ խումբը իրաւ զանազան թիւերով ներկայացաւ, բայց իր գերագոյն առաւելութիւնն ունեցաւ Անոյշեանի ընտրութեան առթիւ միացած 28 քուէներով (03. ՄԻԱ. 526), ինչ որ կը յայտնէ թէ հաշուեպահանջ սկզբունքը հաճելի էր միաբանութեան ստուար մեծամասնութեան, եւ միայն դիպուածական կամ անձնական պարագաներ էին որ պատահական ընդարձակման կամ նուազման պատճառ կ՚ըլլային: Ընդհանրաբար ծանօթ եղելութիւն մըն է թէ ահն ու շահը, կիրքն ու ձիրքը, մեծ ազդեցութիւն կը գործեն անձուկ համախմբութեանց մէջ ապրողներուն վրայ: Ըստ այսմ Երուսաղէմի յարափոփոխ կացութեան գաղտնիքը բացատրելու համար պէտք է բարձրանանք մինչեւ հնգեակի կազմութիւնը, որ տիրապետութեան ասպարէզ գտաւ, եւ իր հաստատութիւնը ամուր կանդաղեց Եսայիի եւ Յարութիւնի թոյլատու հովանաւորութեամբ 2868): Մեծապէս օգտակար եղած պիտի ըլլար այդ զարգացուն նկատուած հնգեակին ազդեցութիւնը, եթէ տիրապէս ուղիղ եւ արդար հիմանց վրայ հաստատուած ըլլար, մինչ հակառակը յայտնեց Յակոբեանի անջատուիլը եւ Անոյշեանի լքանելը, եւ հնգեակին եռեակի վերածուիլը, որ տէր մնաց նախապէս պատրաստուած կացութեան: Գովեստի արժանաւոր պիտի սեպուէր եռեակին ալ աշխատանքը, եթէ արդիւնքը արդարացնէր յոյսերը, մինչ միաբանութեան ստորացումը եւ միաբաններու անկումը եւ միաբանական հոգւոյն շիջումը եղան յառաջ եկած արդիւնքները, որոնց դէմ թէպէտ իրենք ալ գանգատող եւ դատախազ կը կանգնին, սակայն չէին կրնար հերքել իրենց իշխանութեան ներքեւ իրականացած ըլլալը, հետեւանք անշուշտ վարժարանի անպտղութեանց, անխտիր ընդունելութեանց, անդէպ քաջալերութեանց, անձնական հետապնդութեանց, եւ ապիկար պատուանդաններով բարձրացմանց, մէկ խօսքով միամիտ հլուները խոհական հպատակներու` նախադասելու, եւ ահով ու շահով կապուած գործիքներ ունենալու իշխողական ոճին: Հաշուեպահանջներու եւ հաշուեխոյսներու ցանկերու վրայ պարզ ակնարկ մը կը բաւէ այդ տեսութիւնները արդարացնելու, եւ առաջին դասակարգին գլխաւորները աւելի բանիմաց եւ գործունեայ եւ կշռադատ միաբաններէն են, իսկ երկրորդ դասակարգին շարքերը միամիտներ կամ մոլիներ կամ իրենք իրենց անբաւականներ կը կազմեն. եւ ի՜նչ զարմանք, եթէ թուով աւելի ըլլան կշիռով պակասները, մանաւանդ որ մէջտեղ կը ծփայ երրորդ մաս մը օրական տպաւորութիւններու եւ պատահական շահերու եւ հեռատեսուած ահերու ազդեցութեամբ գործողներէ բաղկացած. սակայն արժանիքը կշիռով կը չափուի եւ ոչ թիւով: Երուսաղէմի միաբանութիւնն ալ ինկաւ այդ աղիտալի իրականութեան ներքեւ, եւ ասոր հետեւանք պէտք է ճանչնալ միաբանութենէ անջատուածներուն շատութիւնը, եւ այն հոգեկցորդ եւ միասիրտ միութեան պակսիլը որ այնչափ օրինակելի եւ գնահատելի եղած էր ներսէն-դուրսէն խնդիրին ատեն: Իսկ եռեակը որ պարծանքով պիտի ցուցադրէր իր գործը եթէ միաբանութիւնը բարձրացած ըլլար, չի կրնար ինքզինքը ազատել իր օրով ստորնացած ըլլալուն պատասխանատուութենէն: Արդարեւ ցաւալի եզրակացութիւն, բայց ուղիղ տրամաբանութիւն. քամի ցանողին փոշի քաղելն ալ բնական օրէնք է: Այսպէս կը բացատրուի եռեակին իրմէ ետքիններուն վրայ գործած ազդեցութիւնը: Յիշատակութենէ պէտք չէ վրիպեցնել նաեւ, թէ իրեն պաշտպան խումբ մը պահելու համար, եռեակը օգուտ քաղած է պաշտօններ տրամադրելու, զեղծումներ պարտկելու, եւ անձնական դիւրութիւններ բաշխելու միջոցներէն, որոնցմով ազդած է շատերուն վրայ, բայց իրեն համար դժբախտաբար ոչ ամէնուն վրայ ազդած է նաեւ արտաքնայարդար առաւելութիւններով եւ ձեւակերպական երեւոյթներով, որոնք անծանօթ էին հիներուն եւ գրաւիչ դարձան, մանաւանդ որ ներքինը պրպտելու կարողութիւնն ալ չունէին: Այս մասին ակնյայտնի նմոյշներ են Ներսէս եւ Մամբրէ եպիսկոպոսներու Խրիմեանի եւ Օրմանեանի ուղղած պաշտպանողականները, որոնց մէջ միակ փաստ ցուցուած է իրենց հնութիւնը, եւ Մաքսուտեանի մեծ արգասիքը` շէնք շինած ըլլալը, եւ իբր օգուտ նշանակուած է իրերուն գործունէութիւնը, առանց փնտռելու թէ հնութիւնը արդիւնաւորութիւն ալ կը պարունակէ՞, թէ շինութիւնները օրինական պայմաններով եղա՞ծ են, թէ գործունէութիւնը ընդհանուրէն աւելի անձնականին համար եղած չէ՞: Չենք մտներ Երէցեանի եւ Խապայեանի պաշտպանողականները վերլուծել, զի անոնց համոզումը գործէն առաջ կանխած է, եւ պարզապէս նախընթաց կապակցութենէ մը յառաջ եկած է:

3053. ՂԵՒՈՆԴ ՄԱՔՍՈՒՏԵԱՆ

Եռեակին կապակցութեան եւ տեւողական համաձայնութեան բացատրութեան համար բաւական ըլլայ դիտել, որ որչափ ալ գործակից էին, սակայն քաղուելիք արդիւնքին մէջ իրարու կալուածը գրաւելու մրցում չունէին. զի պատիւ եւ շահ եւ հաճոյք տարբեր ասպարէզներու մէջ կը գտնուէին եւ իրարու արգել չէին հանդիսանար: Իսկ փոխադարձ յարաբերութեանց մէջ թէպէտ պատիւը հաճոյքին վրայ, եւ շահը պատիւին վրայ զօրեղագոյն էին, սակայն նախանձի առիթ չէին տար, քանի որ իւրաքանչիւրը գոհ էր իր ընտրած բաժինով: Բնական էր որ շահը հետապնդողին դիրքը միւսներուն վրայ հզօրագոյն ըլլար, սակայն իր գործակիցներ ու գործիքներ կը բաւականանային հզօրագոյնէն ստանալով իրենց պաշտպանութիւնն ու իրենց յաջողութիւնը, եւ հետեւապէս անոր զօրանալուն կ՚աշխատակցէին առանց գործերուն ներքինը թափանցելու: Ահա Մաքսուտեանի կազմած դիրքին լուսաբանութիւնը: Սակայն քննադատ աչքեր չէին կրնար զանց ընել ինչ ինչ ակնյայտնի երեւոյթներ. իսկ աւելի աչքի զարնող կէտը Մաքսուտեանի գոյացուցած նշանաւոր հարստութիւնն էր: Անձ մը որ հօրենական ժառանգութենէ բան մը չունէր, որ արհեստական կամ առեւտրական ասպարէզին չէր պատկաներ, որ վանական համեստ տարեկանէ աւելի սեփական հասոյթ չունէր, որ եկեղեցական պաշտամանց հետեւողութեամբ նուէրներ ճարելու փոյթն ալ չունէր, որ միայն միաբանութեան արկղն ու վարկն ունէր իբրեւ օգտուելու աղբիւր, եթէ հարստութեան տէր դարձած էր, անշուշտ պէտք էր միակ տրամադրելի միջոցին զեղծումներով օգտուած ըլլար, եւ այն ալ նշանաւոր չափով: Ոչ ոք գիտէր, եւ ոչ այսօր ալ գիտէ, թէ ինչ հարստութեան տէր է Մաքսուտեան, բայց վերիվերոյ գաղափար մը կրնայ կազմուիլ, երբոր դիտուի որ 1905-է 1917` 12 տարիներ պաշտօնէ արձակուելէն ետքը ամենայն դիւրակեցութեամբ ապրեցաւ, իրեններն ալ նոյնպէս ապրեցուց, հաստատուն գոյքեր աւելցուց, լրագիրներ հիմնեց, խմբագիրներ կշտացուց, փաստաբաններ գոհացուց, հետեւորդներ ճարեց, եւ տակաւին ալ ունեցած դրամագլուխը նուազեցուցած չերեւար, հարկաւ լայն կերպով շարժեց ձեռքերը վանական սնտուկին մէջ: Երկրորդ դիտելու կէտ մըն է հաշիւ տալու յամած դժկամութիւնը, որեւէ յայտնութենէ խուսափիլը, գաղտնութեան քօղին ներքեւ մնալու անսասան հաստատամտութիւնը, մինչ ըստ անսուտ բանին, այն որ ատեայ զլոյս նշան է թէ զչար գործէ, եւ անոր համար ոչ գայ առ լոյսն, վասնզի կը վախնայ որ մի' յանդիմանեսցին գործք նորա ( ՅՈՎ. Գ. 20): Մաքսուտեան ալ եթէ ամէն կասկած ընդունելով եւ ամէն արհամարհանք արհամարհելով հաշիւ տալէ խուսափեց, ուրեմն ենթադրուածներէն աւելի զեղծումներու հաւանականութիւն հաստատած կ՚ըլլայ: Մանաւանդ որ հաշիւ ներկայել օրէնք է, պատիժ չէ. հաշուեպահանջութիւն օրինական է, հաշուեխուսութիւն ապօրէն է, հաշիւ ներկայել արդարացման դիւրագոյն եղանակն է, եւ Մաքսուտեանի չէր պակսեր նոյն իսկ յօրինուածոյ եւ յերիւրածոյ հաշիւներով միաբանութիւն եւ կեդրոն գոհացնելու հնարիմացութիւնը. այլ եթէ այդ եղանակէն ալ խուսափեց, ինքն իր վրայ կասկածներ աւելցնելու պատճառ տուաւ: Երրորդ դիտուելու կէտն է, որ եթէ հաշուեպահանջութեան գոհացում տալու նպատակով վանական առօրեայ ծախուց քանի մը պարզ ցուցակներ մէջտեղ կը դնէր, բացարձակ ընդդիմութիւն կը յայտնէր շինութեանց հասոյթներուն եւ ծախքերուն հաշիւը տալ, որոնք իրեն անձնականին սեպել տալով հաշուետուութենէ ազատ կը ցուցնէր, իբր թէ շինութիւնները իր դրամով եւ իրեն սեփական կալուածներ ըլլային, եւ ոչ վանական դրամով աթոռին սեփականութիւն, եւ վանք ու աթոռ ու կեդրոն գործին օտար ըլլային, եւ եկածն ու գացածը, գանձուածն ու ծախուածը գիտնալու իրաւունք չունենային: Վանական եւ կալուածական մասնաւոր շինութիւններէ զատ, Մաքսուտեան իբրեւ իրեն գլխաւոր փաստ եւ փայլ սովորութիւն ըրած էր ցուցնել նոր քաղաքամասին մեծ փողոցին գլուխը շինուած երկու հիւրանոցներու լուսանկարները. այլ մթութեան մէջ կը մնային այդ շինութեանց համար զոհուած կալուածները, ստացուած գումարները, ծածկուած հասոյթները եւ փոխադարձ համեմատութիւնները, որոնք միայն պիտի կարենային գործին արդիւնքը արտայայտել, մինչ ծածկուիլը բաղդատական օգուտին անգոյութեան կասկածը կը զարթուցանէր: Շինութեանց արժանիքին մէկ պայմանն ալ անոնց կազմակերպութիւնն ու նպատակայարմարութիւնը պիտի ըլլար, որ դժբախտաբար գործէն հասկցողներուն տեսութեամբ արդարացած չէ: Մաքսուտեանի պաշտպանները առանց այդ կէտերու մտադրութիւն դարձնելու կը սիրեն պնդել, թէ արժանաւոր մարդ է վասնզի շէնքեր շինած է, մեծ մարդ է վասնզի երկար տարիներ պաշտօն վարած է, արդիւնաւոր մարդ է վասնզի կալուածներ աւելցուցած է. բայց չեն քններ թէ հին կալուածներ դադրած են, գտնուող արդիւնքներ պակսած են, հաստատուն գոյքեր անհետացած են, իսկ երկար պաշտօնավարութիւնն ալ կանոնագիրին հակառակ զեղծում եղած է, եւ օրէն չէր ելեւմտապետութեան, ատենապետութեան, գանձապետութեան, կալուածապետութեան, շինուածապետութեան, իրարու հակակշիռ կազմող պաշտօնները միանգամայն մէկ ձեռքի մէջ ամփոփել, եւ պաշտօնավարութեան ալ հետեւանքը միաբանութիւնը բարձրացնելու տեղ ստորնացնելն եղած է 3052): Իբրեւ մեծ առաւելութիւն նկատուած է վանական հաշիւներու կրկնատոմարի վերածուած ըլլալը, որ եթէ ըստ ինքեան ուղղութեան միջոց է, սակայն անուղղութեան ձեռնտու կ՚ըլլայ երբոր ըստ օրինի չի գործածուիր, եւ իսկութիւններ քօղարկելու կը ծառայէ: Նիւթական տեսութիւններէն պահ մը բարոյականին դառնալով` նկատողութեան արժանի կը սեպենք Մաքսուտեանի եկեղեցական կոչմամբ եւ եկեղեցական սքեմի ներքեւ եկեղեցական կենցաղէ եւ ծառայութենէ հեռու եկեղեցականութիւնն անարգելը: Անձ մը որ իր վարդապետի աստիճանը կը ցուցադրէ եւ եկեղեցական կերպարանը կը շահագործէ, բայց ձեռնադրութեան առաջին պատարագէն ետքը սեղան բարձրացած չէ, եկեղեցւոյ ամենէն նուիրական օրերն ալ եկեղեցւոյ մէջ երեւցած չէ, կրօնական մասնակցութենէ խորշած է, այնպիսին իր ներքինին արտաքինին անհամաձայն ըլլալուն լուսաւոր փաստը տուած կ՚ըլլայ, եւ երբ կրօնքին իսկ հանդէպ կեղծիքէ եւ խաբէութենէ չի խորշիր, մատակարարութեան եւ շահագործութեան պարագաներու մէջ կեղծիքէ եւ խաբէութենէ ազատ ըլլալուն երաշխաւորութիւն չընծայէր, եւ անձամբ անձին դատակնիքը վճռած կ՚ըլլայ:

3054. ՎԵՀԱՊԵՏԵԱՆԻ ԸՆԹԱՑՔ

Սաղիմական ծանօթ լուսաբանութեան համար յառաջ բերուած տեսութիւնները, ակնյայտնի իրողութիւններ դարձան 1904-ի կէսէն ետքը, երբ եղելութիւնները աւելի որոշ ձեւ մը առին, եւ ամէնուն առանցքը դարձաւ Վեհապետեան պատրիարքը: Կեդրոնական վարչութիւնը եւ իր նախագահ Օրմանեանը իրենց նշանաբան ըրած էին Երուսաղէմի խնդիրին մէջ Երուսաղէմի պատրիարքին դերը անթերի եւ պատիւը բարձր պահել, եւ գործերը այնպէս դարձնել որ Երուսաղէմի աթոռէն բխած ըլլան, իրենց վերապահելով միայն սահմանադրութեամբ եւ կանոնագիրով ապահովուած համարատուութեան իրաւունքը, եւ զգուշանալով ազգը անգամ մըն ալ Երուսաղէմի պարտքին համար դժուարութեանց եւ զոհողութեանց ենթարկելէ 2878): Յարութիւն պատրիարքի նախնական ուղղութիւնն էր գործոց ընթացքը բնականին եւ սովորականին թողուլ, ներքին ցաւերը չհրապարակել, կեդրոնին վրայ չծանրանալ, իր աթոռին ձեռնհասութիւնը չնուազեցնել, եւ երկու պատրիարքներ համամիտ էին այդ մեղմօրինակ վարչականութեան վրայ, եւ գիտակցաբար ժամավաճառ կ՚ըլլային տարի ու կէսէ ի վեր, եւ կը սպասէին որ գործերը իրենց ընթացքով հոսին մինչեւ իրենց լուծման աւազանը: Կեդրոնը միայն անուղղակի մղում տալու համար գործին` երկու անգամ պատուիրակներ յղած էր Երուսաղէմ, որոնք եթէ շօշափելի արդիւնք մը ունեցած չէին, գոնէ կեդրոնը իր ուղղութեան վրայ ամրապնդած էին եւ Երուսաղէմի վստահութիւն ներշնչած էին: Բայց վերջապէս ամէն փորձ իրեն պայմանաժամ մը ունի, ուսկից անդին փորձանք դառնալ կը սպառնայ: Վեհապետեանի համար ալ այդ պայմանաժամը կը լրանար 1904-ի կէսին: Տեսաւ հաշուեպահանջութեան իրաւացի եւ օրինական գետինի վրայ կայնած ըլլալը, զոր անարգել չէր կրնար. նկատեց հաշուեխոյսներուն իրենց առաջնորդով օրէնքի հակառակ քալելը, զոր պաշտպանել չէր կրնար. աշխատեցաւ երկու ծայրերուն մէջտեղը խաղաղական գիծ մը պատրաստել, յանձն առաւ հաշիւներուն մօտ ատենէն ներկայուելիքը խոստանալ, եւ Մաքսուտեանի անհիմն զրոյցներուն արձագանգ դառնալ: Այսչափին ալ զիջաւ, բայց վերջապէս Վեհապետեանի բնաւորութեան տանելի չէր ուրիշի խաղալիք դառնալ, ընդհանուր միաբանութեան շահը եւ իր անձնական պատիւը զոհել, միայն իր գործածած պաշտօնէին դիրքը պաշտպանելու համար: Տարիուկէս էր որ Վեհապետեան զիջողական ընթացքով կը քալէր, բայց ակնկալած յաջողութիւնը չէր իրականանար, առաջարկը պնդումի, պնդումը ստիպումի, ստիպումը հրամանի փոխարկած էր, բայց տակաւին իր նպատակին չէր հասներ: Աչքովը կը տեսնար որ իր անձն ալ կ՚արհամարհուէր, եւ Մաքսուտեան սկսեր էր համարձակ իր պատրիարքը մեղադրել, թէ ըրածը չի գիտեր, թէ խռովարարներէ կը տարուի, թէ փոքրաւորէն կ՚առաջնորդուի, թէ զառամեալ ծերուկ դարձած է: Վեհապետեան հաստատուն կամքի տէր, կորովի կամքով գործող, բուռն ուղղութեամբ վարուող, բռնաւոր երեւնալու չափ յառաջացող, չէր կրնար այս աստիճանի ինկած ըլլալը ընդունիլ, իրօք ալ բնութեամբ կարծր եղող իրեր անանկ շուտով չեն կակղնար: Իրաւ 85 տարեկան եղած էր Վեհապետեան, բայց հին Վեհապետեանի ինքնութիւնը կորուսած չէր, թերեւս քիչ մը աւելի հանդարտած էր եւ ինքզինքը խստութեանց յոգնութենէն հեռու կը պահէր, բայց ոչ աւելի: Հին Վեհապետեանի բուռն վարչականութիւնը նորէն արթնցաւ 1904-ի կէսէն ետքը, կառավարական միջամտութեանց դէմ ծառացաւ, Ազարեանի լուսարարապետական ընտրութիւնը չեղեալ հռչակեց սեպտեմբերին (04. ԱՐԼ. 5084), հաշիւներու նախնական քննութիւնը կեդրոնին փոխադրեց: Մաքսուտեան ելեւմտապետին օր առաջ իր հաշիւներով Կ. Պոլիս երթալ հրամայեց, եւ հաշուեպահանջներէն երկու երեքը իբրեւ դատախազ ատենէն ղրկել որոշեց, Մաքսուտեան որ ցարդ Վեհապետեանի հանդարտութենէն կ՚օգտուէր, պարտաւորուեցաւ իր գործիքները շարժումի դնել, ինքն ալ իր բոլոր ոյժերը ամփոփեց որպէսզի Վեհապետեանը նորէն իր զիջողութեան վերադարձնէ, եւ զէնքերուն գլխաւորը, կառավարութեան առջեւ քսութիւնը, նորէն ձեռք առնուեցաւ, Վեհապետեան ամբաստանուեցաւ իբր խռովիչներու եւ խռովարարներու անգիտակցաբար հետեւող, Աւետիս փոքրաւոր իբրեւ փոփոխութեան դրդիչ եւ հեղինակ հռչակուեցաւ, հաշուետուութիւնը իբրեւ աթոռին վնասակար ցուցուեցաւ, կեդրոնը Երուսաղէմի գործոց խառնուելու անկարող դատուեցաւ, Թելեան եւ Խաչատուրեան իբրեւ թելադրիչներ մեղադրուեցան, Մայրաթոռոյ կաթողիկոսին դիմումներ եղան, աթոռը կործանման մօտալուտ նկարագրուեցաւ, Երուսաղէմը կործանողներուն ձեռքէն ազատելու աղաղակներ բարձրացան, Օրմանեան իբրեւ ապօրինի գործող եւ սխալ ուղղութեան հետեւող ներկայացուեցաւ, հինէն ու նորէն ինչչափ սուտակասպաս զէնքեր կային մէջտեղ թափուեցան, կարծուեցաւ թերեւս թէ Օրմանեան անբաւական ըլլար Երէցեանի յերիւրանքները մերկացնել, կամ թէ Խրիմեան յօժարէր Երէցեանի խօսքով Օրմանեանը դատապարտել: Արդարութիւնն ու ուղղութիւնն էր որ իր ճամբան կը հորդէր, օրէնքն ու իրաւունքն էր որ վերջապէս կացութիւնը կը պարզէր, եւ սուտն ու կեղծիքը հուսկ ուրեմն իր գոյնը դուրս կու տար: Վեհապետեանի զիջողութենէն, Օրմանեանի ձգձգումներէն, Խրիմեանի համակերպութենէն, հաշուեխոյսներու աղաղակներէն եւ կառավարական ազդեցութենէն, յաջողութեան յոյսը կտրուելուն վրայ, նոր պաշտպանութեան ծրագիր մը կը ծագէր եռեակին միտքը:

3055. ԽԱՊԱՅԵԱՆ Ի Կ. ՊՈԼԻՍ

Խապայեան կաթողիկոս պաշտօնի անցած օրէն մտադրութիւն ունէր շուտով Կ. Պոլիս այցելել եւ Կայսեր ներկայանալ (03. ԲԻԶ. 1977), սակայն տարիուկէս անցած էր եւ միտքը իրականացնելու հետամուտ չէր, մինչեւ որ Ղեւոնդական խնդիրին ընթացքը անոր կարեւորութիւնը զգացուց: Հաշուական խնդիրը ամբողջովին կեդրոնին անցած էր, պէտք էր այնտեղ գործել եւ աշխատութիւնները այնտեղ դարձնել. Երէցեանի աշխատանքը բաւական չէր եղած, ոչ վարչութիւնը ստիպել եւ ոչ հանրութիւնը համոզել. պէտք էր գերագոյն հեղինակութեան մը ազդեցութիւնը գործածել, եւ ասոր պիտի ծառայէր կաթողիկոսի մը ներկայութիւնը: Առանց Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանին զեկուցանելու, Բերիոյ եւ Ատանայի կուսակալութեանց ձեռքով Կ. Պոլիս գալու կառավարական տեսութեամբ իր հպատակութիւնը կայսեր յայտնելու, կիլիկեան տեսութեամբ աթոռին եւ ժողովուրդին գործերը հոգալու, իսկ իսկական տեսութեամբ Ղեւոնդական խնդիրը զօրացնելու: Միայն ճամբայ ելլելուն առթիւ լուր կը տրուի Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան, որ սակայն առանց դիտողութեան պատուաւոր ընդունելութեան պէտքերը կը հոգայ. մինչեւ իսկ երբ վերջին գիշեր արքունական թիկնապահով Օրմանեանի կը հրամայուի ընդունելութեան ցոյցերը արգիլել, Օրմանեան իր անձնական երաշխաւորութեամբ արգելքը կը հեռացնէ, եւ Խապայեան ժողովրդական ցոյցերով եւ պաշտօնական կարգադրութիւններով մուտք կը գործէ Կ. Պոլիս 1904 սեպտեմբեր 14-ին, եւ Մայրեկեղեցւոյ բեմէն իր առաջին օրհնութիւնը կու տայ ժողովուրդին (04. ԱՐԼ. 5668): Օրմանեան անձամբ ալ կաթողիկոսը կայսեր կը ներկայացնէ, եւ հետզհետէ բոլոր նախարարներուն, եւ ինչ որ պատուոյ պահանջ էր` լիովին կը կատարէ: Բայց այսչափը չէր բաւեր Խապայեանի նպատակին, որուն ենթական պիտի ըլլար ինքն Խապայեան, եւ գործիչը Երէցեան, եւ արդիւնքը պիտի վայելէր Մաքսուտեան: Պէտք էր Խապայեանի գործունեայ դեր մը կազմել եւ աչքառու կերպով իբրեւ պետ երեւնալ եւ խնդիրներու միջամտել: Պատուասիրութիւն եւ իրաւասութիւն իրարու շփոթելով կը պահանջուի, որ Կ. Պոլսոյ պատրիարքը իր աթոռէն իջնայ եւ տեղը Կիլիկիոյ կաթողիկոսը բարձրանայ, առանց իսկ մտաբերելու որ Կ. Պոլիս Կիլիկիոյ վիճակ չէ. բայց աթոռը պէտք էր` որ անկէ ազդեցութիւնը ծագէր, ազդեցութենէն միջամտութիւն եւ միջամտութենէն Մաքսուտեանի արդարացումը: Օրմանեան յատուկ կաթողիկէով աթոռ ալ պատրաստել տուեր էր, բայց որովհետեւ պատրիարքական պաշտօնական աթոռը չկրցաւ գրաւել, Մայրտաճարէն ալ ոտքը քաշեց եւ պատրաստուած աթոռը Որդւոց Որոտման տաճարը զետեղեցաւ, եւ Խապայեան հոն սկսաւ յաճախել երբ որ Գումգաբու կը գտնուէր: Բայց ընդհանրապէս Երէցեանի հոգացողութեամբ այս կամ այն եկեղեցի հրաւէրներ եւ ընդունելութիւններ եւ հացկերոյթներ կը պատրաստուէին, որոնց մտադիւր կը հետեւէր Խապայեան, առանց տեղական հոգեւոր իշխանութեան կողմէ հրաւէրի սպասելու, գոնէ այսչափով ժողովուրդին առջեւ իրաւասական իրաւունք ցուցնելու, որ սանդուխ պիտի կազմէր իսկական նպատակին հասնելու: Օրմանեան չէր արգիլեր պատուոյ արտաքին ցուցադրութիւնները, նոյն իսկ իր կողմէ հացկերոյթով ալ կը պատուէր, միայն, իրաւասական կէտին նախանձախնդիր, վարչութեան օրակարգէն հանած էր Երուսաղէմի խնդիրը: Երէցեան ստէպ կը դիմէր Օրմանեանի, անշուշտ Խապայեանի կամակցութեամբ, Երուսաղէմի խնդիրը վերջացնելու, յուսալով Խապայեանի միջամտութեամբ ճամբայ բանալ. իսկ Օրմանեան կը պատասխանէր, թէ խնդիրը ներկայելն էր, զոր իրենք կ՚ուշացնէին, եւ առանց հաշիւներու` կեդրոնը բան մը չէր կրնար որոշել, որ ներքին խնդիրներուն չէր ուզեր միջամտել, որով Երէցեան նեղի մտած հաշիւները բերել տալ կը խոստանար ( ՊՃՆ. 52): Խապայեան ինքն ալ չկրնալով իսպառ լռել, իսկ Օրմանեան կրկնելով մէկտեղ թէ լուծման սկզբնաւորութիւնը հաշիւները ներկայելն է, կը յիշէր դարձեալ ինչ որ կանուխէն գրած էր, թէ Երուսաղէմի խնդիրը այլեւս ուղղակի իր պաշտօնավարութեան եւ պատասխանատուութեան նիւթ չէր կազմեր ( ՊՃՆ. 37), թէ Երուսաղէմ իր ետեւը մնացած է, եւ թէ իր առջեւը Կիլիկիոյ գործերն են: Սակայն Մաքսուտեան համամիտ չէր հաշիւ ներկայել, եւ Երէցեան առանց իր յանձնառութիւնը յիշելու, գրաւոր առաջարկ կը ներկայէր հոկտեմբեր 20-ին մասնախումբ մը կազմելու, նոյն իսկ առանց հաշիւներ ներկայելու: Օրմանեան կը պարտաւորուէր այլեւս վարագոյրը պարզել եւ իրողութիւնը բանալ, յայտնելով թէ Կ. Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի պատրիարքները համամիտ կը գտնուին հաշիւները կեդրոնին մէջ քննելու, եւ հաշուեխոյս Մաքսուտեանն է գործին չնայուելուն պատճառը, չհամակերպելով նոյն ինքն Երէցեանի յանձն առած պայմանը գործադրելու, եւ թէ ինքն իբր փոխանորդ պարտաւոր էր որ ի պաշտօնէ ոյժ տայ իւր պատրիարքին եւ կեդրոնական վարչութեան, որ խնդիրը վերջանայ. մինչ ինքն արգիլողին պաշտպան եւ գովաբան կը կանգնի, եւ համարձակ կերպով իւր պատրիարքը ու կեդրոնական վարչութիւնը, մին իբր տկարամիտ եւ միւսը իբր չարամիտ ցուցնել ճգնելով: Միանգամայն հակասութեան մէջ ալ կը գտնուի, երբ կեդրոնական վարչութեան ձեռնհասութիւնը ճանչնալով, անոր կարգադրութեանց դէմ կը դնէ, թէ կը կանխէ Մաքսուտեանի պաշտպանութեան մտնել, քանի որ հաշիւները տեսնուած չըլլալուն անոր դէմ որոշում արձակուած չէ: Թէ երկար ժամանակեայ միաբանակցութիւն եւ պաշտօնավարութիւն փաստեր չեն, զոր հաւասարապէս կրնան կրկնել թէ' պաշտպանող եւ թէ' ամբաստանող միաբաններ: Ելեւմտից տեսուչին ստորակարգեալ պաշտօնեայ մը ըլլալուն ալ կը պատասխանէ, թէ Ղեւոնդ տեսուչին հաշիւները վաւերացնողը Ղեւոնդ ատենապետն է, թէ ծերունի պատրիարքին հեղինակութիւնը գործածողն ալ միեւնոյն ատենապետը եղած էր անցեալին մէջ, թէպէտ վարչութիւնը ցարդ չէ ուզած անձնականութեանց խնդիր յուզել: Իսկ յանձնաժողով մը կազմելու առաջարկին կը պատասխանէ, թէ հաշիւներ ներկայելէ խուսափելով եւ ուրիշ խնդիրներ յուզելով` իրենք կը կրեն գործին յապաղելուն եւ ձախող հետեւանքներուն պատասխանատուութիւնը ( ՊՃՆ. 49-52): Այդ խնդիրներուն մէջ Երէցեան մինակ չէր, զի Խապայեանի անունն ու դիրքը կը գործածէր, իսկ Խապայեանն ալ յօժարակամ կը գործակցէր, զի արդէն Երուսաղէմը իրեն հետ Կիլիկիա բերած էր, եւ Կ. Պոլիս գալուն նպատակը Կիլիկիայէ աւելի Երուսաղէմն էր, եւ գործով կ՚արդարանար իրեն մասին տարածուած զրոյցը, թէ ՍԻՈՆ էր ՍԻՍՆ եկաւ, ՍԻՈՆ մ ՚ ալ ՍԻՍՆ եղաւ: Երբոր պատրիարքարանի եւ Երուսաղէմատունի մէջ այդ բանակցութիւնները կը շարունակուէին, կաթողիկոս մեծարելու համար իւրովի ձեռնարկները եւ յաճախ համախմբութիւնները կը շարունակէին, որոնք ժամանակին բերմամբ կառավարութեան կողմէ դիտողութեան առարկայ կ՚ըլլային, եւ երբեմն արգելքներու իսկ կը հանդիպէին, եւ արքունեաց կողմէն կաթողիկոսին երբ մեկնելուն մասին ուղղակի իրեն հարցում կ՚ուղղուէր: Ասոր վրայ յանկարծ հոկտեմբեր 31-ին հրաժեշտի քարոզ մը կը խօսի, եւ ամէնուն միըստմիոջէ շնորհակալութիւններ յայտնելով, միայն Կ. Պոլսոյ պատրիարքը եւ կեդրոնական վարչութիւնը յիշել կը մոռնայ (04. ԱՐԼ. 5711): Այսուհանդերձ տակաւին Կ. Պոլիս կը մնար զանազան այցելութեանց եւ շոգենաւներու փոփոխութեանց պատճառներով, եւ միայն նոյեմբեր 20-ին Կ. Պոլիսէ կը մեկնի (04. ԱՐԼ. 5728): Օրմանեան, որ Երուսաղէմի խնդիրին միջամտելուն եւ Կ. Պոլսոյ մէջ իրաւասական դեր ստանձնելուն ընդդիմացած էր, անպայման օժանդակած էր Կիլիկիոյ պատկանող գործերուն, կաթողիկոսին նոր շքանշանին եւ ամսաթոշակին, Կիլիկիոյ կացութեան եւ պատուոյն, Սսոյ վանքին նորոգուելուն, յարաբերական գործերու դիւրութեանց, աթոռին պէտքերուն համար ազգային հանգանակութեան, եւ զանազան մասնաւոր խնդիրներու: Մեկնելուն առթիւ ալ հոգ տարաւ որ պարտուպատշաճ պատուով ու շուքով կատարուի: Իսկ Երուսաղէմի գործը վարչական ժողովներ ձեռք առին նոյեմբեր 24-ին (04. ԱՐԼ. 5731) որով եռեակին կազմած մեծ ծրագիրը չկրցան իրենց դիտուած նպատակին հասցնել:

3056. ՄԱՔՍՈՒՏԵԱՆ Ի Կ. ՊՈԼԻՍ

Հարկաւ Վեհապետեան զգացած էր թէ ինչո՞ւ Խապայեանի Կ. Պոլիս գտնուած միջոցին Երուսաղէմի գործերը յետաձգուեցան, որ ինքն ալ ստիպողական ձեւերը մեղմացուց, եւ միայն Խապայեանի մեկնելէն ետքը սկսաւ Մաքսուտեանի վրայ ծանրանալ, որպէսզի վերջ տայ կանխամտածեալ յապաղմանց, եւ հաշուեցոյցերը եւ տեղեկագիրները լրացնէ եւ կեդրոնին քննութեան եւ հաստատութեան ներկայացնէ: Յարութիւն պատրիարքի վերջերը ձեռք առած վճռական ընթացքը բաւական եղած էր հաշուեպահանջները հանդարտեցնել, տեսնելով որ պատրիարք ինքն ձեռք առած է իրենց խնդիրները, եւ հաշուեխոյսներն ալ հանդարտած էին. զի Մաքսուտեան իր տրամադրութեան ներքեւ կ՚ենթադրէր գործին առանցքը, եւ առժամեայ խաղաղութիւն կը կարծէր այդ փորձէն ալ յաջողութեամբ անցած ըլլալ: Բայց Վեհապետեան անգամ մը գործը ձեռք առած եւ իր խոհական դանդաղկոտութեան վերջ տալ որոշած, Խապայեանի մեկնելուն լուրը առնելուն, Մաքսուտեանին կը հրամայէ հաշիւներն առնելով ճամբայ ելլել, եւ երբ նա հաշիւներու անպատրաստ ըլլալը կ՚առարկէ, այլեւս համբերելու պայմանաժամը լրացած կը դատէ (05. ԲԻԶ. 2547), եւ մասնաւոր հրամանով վանք կը կոչէ Յոպպէի տեսուչ Գայըգճեան Մատթէոս վարդապետը, որ 1905 յունուար 1-ին կը հասնի, եւ 12-ին ելեւմտից տեսչութենէն դադարման պաշտօնագիրը Մաքսուտեանի կը յանձնուի իբրեւ օգնական գործածած Բեթղեհէմցի Նասարեան Գէորգ քահանային ձեռքով, եւ ելեւմտից տեսուչ անուանուելուն պաշտօնագիրն ալ Գայըգճեանի կը տրուի, կառավարութեան եւ դրամատուներուն ալ կը հաղորդուի (05. ԲԻԶ. 2547), կեդրոնին ալ կը հեռագրուի. Օրմանեան ալ կը փութայ անմիջապէս պէտք եղած ձեռնարկներն ի գործ դնելու. Երուսաղէմի մէջ ալ միեւնոյն յունուար 15-ին հրամանները կը գործադրուին: Գայըգճեան ուղղութեան եւ ճշդութեան վկայութիւն վայելող, եւ հաշուական ու առեւտրական գործոց վարժութիւն ունեցող անձ, պաշտօնին յարմարագոյն ընտրելին էր, միայն բուռն նախանձայուզութեամբը մինչեւ անհամբերութիւն մղուիլը կրնար դիտողութեան առարկայ ըլլալ, որ գործին էութեան չէր վնասեր: Մաքսուտեան զգաց որ այլեւս զինքն անհրաժեշտ նկատել տալու ժամանակն անցած էր, եւ հարկադրուեցաւ անուղիղ ճամբաներու դիմել իր դիրքը չկորսնցնելու համար: Նորէն ձեռք առաւ տեղական կառավարութեան մօտ իրեն դէմ եղողները իբր պետական տեսակէտով վնասակար անձեր ներկայել, եւ զինքն իբր աթոռին եւ միաբանութեան հաւատարմութեան պահապան ցուցնել, որով կառավարչութեան կողմէն ստիպումներ, եւ կառավարչութեան ձեռքով նախարարութեան կողմէն հրամաններ հասան պատրիարքին Մաքսուտեանը իր պաշտօնին վրայ պահելու եւ անոր յաջորդ նշանակուածը հեռացնելու. սակայն Վեհապետեանի անձն ալ իր գերակշիռ նշանակութիւնն ունէր, եւ պետական շրջանակներու հետ շփման եղանակներուն լաւ հմուտ էր նա, եւ երբ իր անձնական կամքը առջեւ դրաւ, եւ ասոր կամ անոր, հիւրերու կամ փոքրաւորներու գործիք չըլլալը շեշտեց, Մաքսուտեանի հնարքներ ապարդիւն մնացին: Այն ատեն ներքին սպառնալիքներու դիմեց` թէ իր անունին արձանագրուած կալուածները կրնան վտանգի ենթարկուիլ, կամ իրեն վստահելով գումարներ յանձնող փոխատուները, իր հեռանալուն վրայ կրնան աթոռը նեղի դնել (05. ԲԻԶ. 2540): Երբոր տեսաւ որ այդ միջոցն ալ իրեն վերահաստատուելուն չի նպաստեր, բացարձակ ընդդիմութեան դիմեց, կեդրոնի մէջ ալ Երէցեանէ պաշտպանուելով, որ թէպէտ փոխանորդ, այլ իր պատրիարքին անսաստելով` յայտնապէս ապօրէն դիրք մը ստանձնելէ չքաշուեցաւ: Մաքսուտեան հաշիւներու փոխանցման ալ հակառակեցաւ, առօրեայ հաշուետետրներն ալ նոր տեսուչին յանձնել մերժեց (05. ԲԻԶ. 2579), եւ երբոր այդ ամէն միջոցներով չկրցաւ իր դիրքը վերահաստատել, իբր մեկնելու արգելք հիւանդութեան պատճառանքին դիմեց, եւ ապրիլ 6-ին բժշկական վկայագիր ալ ներկայեց (05. ԲԻԶ. 2605), սակայն Վեհապետեան հիւանդութեան անհիմն պատճառանք ըլլալը կեդրոնին հաղորդեց (05. ԲԻԶ. 2608) եւ կառավարութեան ձեռքով բերել տալ յանձնարարեց, միանգամայն տեղական կառավարութեան պաշտօնապէս հաղորդեց Մաքսուտեանի ձեռքով կատարուած առուծախներու ցուցակը քաղել, եւ այլեւս անոր միջնորդութեամբ գործողութիւն չկատարել (05. ԲԻԶ. 2613): Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանը իսկոյն փութաց իրեն եղած յանձնարարութեան ընթացք տալ, պաշտօնական յիշատակագիր ներկայեց նախարարութեան, պարտուպատշաճ բացատրութիւնները խօսեցաւ, նախարարութենէն կառավարչութեան հեռագրուեցաւ. Մաքսուտեանի միջոցները սպառեցան, մայիս 2-ին Երուսաղէմէ մեկնեցաւ, 11-ին Կ. Պոլիս հասաւ եւ 12-ին Օրմանեան պատրիարքի ներկայացաւ (05. ԲԻԶ. 2526, 2534): Այս առթիւ Օրմանեան բերուելուն նպատակը կը բացատրէ, գործածուած միջոցներուն իր պատրիարքին հրամանովը կատարուած ըլլալը կը յայտնէ, եւ օր առաջ հաշիւները ներկայել կը յանձնարարէ, մայիս 18-ին խառն ժողովին մէջ միեւնոյն կէտերը պաշտօնապէս կը կրկնուին (05. ԲԻԶ. 2640): Վերջապէս Մաքսուտեան մայիս 23-ին ինչ ինչ հին եւ թերի հաշիւի թուղթեր կը ներկայէ պատրիարքին (05. ԲԻԶ. 2644): Նա իր բնակութիւնը հաստատած էր Երուսաղէմատուն, եւ այլեւս Երէցեանի հետ միասին եւ միախորհուրդ կը սկսին զբաղիլ արդարացման միջոցները պատրաստելու. բայց ո'րչափ աւելի դիւրին եղած պիտի ըլլար, եթէ 1903-ին պաշտօնը վրան, գործերը չքննադատուած, ընթացքը չմեղադրուած, պաշտօնական գործողութիւններէ խուսափած չըլլար, եւ օրինական ճամբէն յօժարակամ հեռացած չըլլար:

3057. ՎԱՐՉԱԿԱՆ ՄԱՍՆԱԽՈՒՄԲ

Քննութեան ենթարկելի որ եւ է նիւթ մը պատրիարքարանի ներկայացուած ըլլալով, քննիչ յանձնաժողովոյ կազմութեան ատենը հասած կ՚ըլլար, եւ վարչութիւնը առանց ժամավաճառ ըլլալու մայիս 25-ին փութաց կազմել հաշուեքննիչ մասնախումբը, անոր անդամակցութեան կոչելով այնպիսի անձեր, որոնք ոչ միայն անկողմնակալ, այլեւ աստիճան մը Երէցեանի բարեկամ ճանչցուած էին. բայց վարչութիւն վստահ էր իր ընտրած անձերուն ուղղամտութեան վրայ, բայց միանգամայն ուզեց հակառակութեան հոգի չունենալուն հաւաստիք մը ընծայել: Ընտրուած հինգ անձերն էին. Պատրիկ Կիւլպէնկեան, Վահան Սուրէնեան, Տիգրան Բարաղամեան, Խաչիկ Խօրասանճեան, եւ Արշակ Գարակէօզեան, չորսը վաճառական դասակարգին պատուաւորագոյն ներկայացուցիչներ, եւ Սուրէնեան երկրագործական նախարարութեան գլխաւոր պաշտօնեաներէն (05. ԲԻԶ. 2645): Օրմանեան պատրաստած էր հաշուեքննիչներուն յանձնուելիք հրահանգները, որոնք վարչութեան յունիս 1-ի նիստին մէջ քննուեցան եւ ընդունուեցան: Հիմնական նպատակը պիտի ըլլար, ճշդութեամբ եւ ստուգութեամբ ի վեր հանել Երուսաղէմի վանքին ելեւմտական կացութիւնը, իւր անցեալին, իւր ներկային, եւ իւր նախատեսեալ վիճակներուն մէջ ( ՊՃՆ. 53): Գործողութիւնները պիտի բաժնուէին չորս ճիւղերու վրայ. հասուծախք, պարտք, կալուածք, շինութիւնք, իւրաքանչիւր ճիւղին կէտերն ալ ճշդուած էին 22 յօդուածներով, որոնք վերջէն 10 ընդհանուր գլուխներու վերածուած էին, եւ ուրիշ 12 յօդուածներով ալ ցուցուած էին հետազօտութեանց ձեւերը ( ՊՃՆ. 53-56): Ինչպէս կը տեսնուի, վարչութիւնը Մաքսուտեանի մասին բնաւ ակնարկ չունէր, այլ միայն ու միայն կ՚ուզէր Երուսաղէմի աթոռին ելեւմտական կացութիւնը գիտնալ, որպէսզի ըստ այնմ առաջիկային կատարուելիք գործին պայմանները որոշուէին: Երկրորդական եւ պատահական պարագայ մը եղած պիտի ըլլար, եթէ հաշուական գործողութեանց կարգին Մաքսուտեանի վրայ մեղադրանք կամ ամբաստանութիւն մը ծանրանար, բայց այս չէր հաշուեքննութեան ուղղակի նպատակը: Արդեօք գործին ծանրութիւնը խրտչեցո՞ւց, կամ թէ քննութեանց հետեւանքները ազդեցի՞ն, բայց վերջապէս անհնարին եղաւ գործը ստանձնել տալ ընտրուած անձերուն, թէպէտ անգամ մը եւ երկու հրաժարականնին մերժուեցաւ (05. ԲԻԶ. 2657), եւ ոմանց տեղ ուրիշներ ալ նշանակուեցան (05. 2663), եւ ուր ուրեմն յունիս 22-ին որոշուեցաւ վարչական մարմիններէն առնել հաշուեքննիչին անդամները, եւ 23-ին պաշտօնագիրները հաղորդուեցան, քաղաքական ժողովէն երեք հոգի. Գրիգոր Խտրեան, Միհրան Սեթեան եւ Սեպուհ Տէմիրճիպաշեան, եւ երկու տնտեսականէն. Գէորգ Ասլանեան եւ Վահան Սուրէնեան: Նոյն ժողովին կարդացուեցան Գայըգճեանի պատասխանները վարչութեան հարցումներուն, որով աթոռին պարտքը 23. 000 կը ցուցուէր 3051), եւ զեղծումներու ակնարկներ կային (05. ԲԻԶ. 2670): Վարչական մասնախումբի անդամներէն Տէմիրճիպաշեան նոյեմբեր 17-ին վախճանեցաւ (05. ԲԻԶ. 2796), եւ հարկ չտեսնուեցաւ նոր անդամ աւելցնել, եւ մասնախումբը չորս անդամով շարունակեց իր աշխատութիւնները: Մասնախումբին կազմութեան առթիւ վարչութիւնը իր նախագահին առաջարկեց մասնախումբին ալ նախագահել, բայց որովհետեւ մասնախումբին լոկ տեղեկաբեր քննիչի եւ ոչ որոշիչ մարմնոյ իրաւասութիւն տալ խօսուեցաւ, Օրմանեան չուզեց քննութեան գործակցիլ, որպէսզի որոշման նախագահի դերը չտկարացնէ. վարչութիւնն ալ այս գաղափարին համակերպեցաւ, եւ մասնախումբը գործեց Խտրեանի ատենապետութեամբ: Միայն թէ գործին ելքը Օրմանեանին նպատակն ու նախատեսութիւնը չարդարացուց, եւ կերպով մը զինքն պատասխանատու թողուց, որ մասնախումբը իր բուն նպատակէն հեռացաւ, ինչ որ հաւանաբար տեղի չէր ունենար, եթէ Օրմանեան ինքն վարած ըլլար հետազօտութեանց կարգը եւ աշխատութեանց ընթացքը, խնդիրը մօտէն ուսումնասիրած, եւ պատուիրակութեանց հրահանգները պատրաստած, եւ հաշուեքննութեան ալ ընելիքը ծրագրած ըլլալով:

3058. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ

Տեսանք արդէն որ 1902 յունիս 12-ին հաշուեպահանջներուն ժողովական ցոյցը տեղի ունեցած էր հաշիւները չտեսած տնօրէն ժողովոյ լրացուցիչ ընտրութիւն կատարել չուզելով: Ժողովականներէն երեքը Մարկոսեան եւ Փորթուգալեան եւ Ազարեան պակսած էին զանազան պատճառներով, չորրորդն ալ Խապայեան 1903 յունուարին պակսեցաւ, Անոյշեանի ապրիլի մէջ ժողովի մասնակցիլը շատ վաղանցուկ եղաւ 3045), եւ գործը վարեցին մնացած երեքներ, Գէորգեան եւ Յովհաննէսեան եւ Մաքսուտեան մինչեւ 1903 դեկտեմբեր, մինչեւ որ Յովհաննէսեանի ալ Մաքսուտեանի ընթացքէն գայթակղելովը` ժողովը լուծուեցաւ, նոր ընտրութիւն չկատարուեցաւ, եւ տարիուկէս Յարութիւն պատրիարք գործերը վարեց առանց ժողովի. Մաքսուտեան ալ իր ճիւղին մէջ ազատութեամբ գործեց, մինչեւ որ 1905 յունուար 12-ին պաշտօնէն արձակուեցաւ, բայց չորս ամիս եւս մեկնիլը յապաղեց 3056): Միայն անոր մայիս 2-ի մեկնելէն ետքը Յարութիւն պատրիարք ձեռնարկեց տնօրէն ժողով կազմել, եւ միաբանական ընտրութեան դժուարութիւնը. չըսենք անհրաժեշտութիւնը նկատի առնելով, պատրիարքական իշխանութեամբ առժամեայ դրութեան դիմեց, եւ Մարկոսեան Մամբրէ եպիսկոպոսի եւ Իփէքեան Յովհաննէս եւ Պօյաճեան Գրիգորիս վարդապետներու յանձն չառնելուն վրայ, պաշտօնի կոչեց Եղիա Յովհաննէսեան, Գարեգին Սաքայեան, Յակոբ Սանասարեան, Եղիշէ Չիլինկիրեան, Սարգիս Աճէմեան եւ Դաւիթ Տէրտէրեան վարդապետները: Ասոնցմէ միայն Յովհաննէսեան կար առաջիններէն, իբր զի Խապայեանի երկու անգամ Կիլիկիոյ պատուիրակութեամբ բացակայելուն եւ վերջին անգամ կաթողիկոսութեամբ հեռանալէն ի վեր լուսարարապետութեան փոխանորդութիւնը կը վարէր, միայն քանի մը օր Անոյշեանի պաշտօնի անցնելուն դադարելով եւ Ազարեանի ընտրութենէն ետքն ալ պաշտօնէն չբաժնուելով, եւ միւս կողմանէ ալ լուսարարապետին տնօրէնի մէջ գտնուիլը կանոնագիրի պահանջ ըլլալով: Միւսներէն Սանասարեան եւ Աճէմեան եւ Տէրտէրեան հաշուեպահանջներուն գլխաւորներէն էին, Սաքայեան անտարբերութեամբ եւ Չիլինկիրեան փոփոխամտութեամբ երկկողմանի դեր վարողներ էին, արդէն այս վերջինը քանի մը օրէն ժողովականութենէն կը հրաժարէր: Իսկ փոխանորդութիւնը առանց ժողովականութեան կը մնար Ներսէս Գէորգեան եպիսկոպոսի վրայ, աւելի իբր պատուակալ տիտղոս մը քան թէ գործունեայ պաշտօն մը. զի արդէն 76 տարեկան էր, անձամբ ալ տկարացած, միտքով ալ ցրուած եւ անգործ դարձած. արդէն շատ եւս չապրեցաւ, եւ 1906 յունուար 12-ին մահկանացուն կնքեց: Յարութիւն պատրիարք ինչպէս բացառիկ կարգադրութեամբ տնօրէն ժողովի խնդիրը լուծած էր, լուսարարապետութեան խնդիրն ալ պատրիարքական իշխանութեամբ եւ բացառիկ անուանմամբ ուզեց լուծել, եւ 1905 տարւոյ վերջին օրը լուսարարապետութեան բարձրացուց Թադէոս Աստուածատուրեան Եկաւեանց վարդապետը, Լաւոդիկէի տեսուչը, իբրեւ չէզոք եւ պատկառելի անձնաւորութիւն, երկար տարիներէ ի վեր Լաւոդիկէ մնացած, որ գրական արդիւնքով ալ ծանօթ էր, իբր հեղինակ Համաբարբառ Հին եւ Նոր Կտակարանաց ստուար եւ համբերատար երկասիրութեան, որ Հայ Եկեղեցւոյ եկեղեցական մատենագրութեան մի մեծ պակասը լրացուցած էր, եւ 1895-ին Ս. Յակոբեանց տպարանէն հրատարակուած: Թադէոս վարդապետ 1906 տարւոյ առաջին օրը պաշտօնին մտաւ, բայց նա ալ սակաւակեաց եղաւ պաշտօնին մէջ. զի ճիշդ երեք ամիսէ վախճանեցաւ, ապրիլ 1-ին, եւ լուսարարապետութիւնը նորէն թափուր կը մնար: Գէորգեանի մահուամբ պատրիարքական փոխանորդութիւնը լուսարարապետութեան փոխանորդութենէ դադարած Յովհաննէսեանի տրուած ըլլալով, այդ վերջին լուսարարապետի պաշտօնը փոխանորդութեամբ յանձնուեցաւ Սաքայեան Գարեգին վարդապետի, որ տարի մը զայն վարեց մինչեւ միւս տարւոյ մայիսին` լուսարարապետի միաբանական ընտրութիւնը. իսկ առժամեայ տնօրէնը իր պաշտօնը շարունակեց մինչեւ որ Աստուածատուրեանի մահուանէ ետքը մնացեալներ 1906 սեպտեմբեր 13-ին հրաժարական ներկայեցին, իրենց 16 ամսական պաշտօնավարութեան տեղեկագիրն ալ մատուցանելով: Փափաք յայտնուած էր տնօրէնը վերակազմել միաբանական ընտրութեամբ, բայց Յարութիւն պատրիարք տակաւին պարագաները պատեհ չտեսաւ ընդհանուր ժողով գումարելու, որչափ ալ կեդրոնին մէջ սկսած էր հաշուեքննութիւնը եւ վանական կացութիւնը հաշուեպահանջներուն կողմը զօրացած կը ցուցնէին. բայց հնար էր որ տակաւին թիւը արժանիքին դէմ մրցէր եւ նոր անտեղութեանց տեղի տրուէր. ուստի անմիջապէս սեպտեմբեր 24-ին երկրորդ առժամեայ տնօրէն մը անուանեց, առաջիններէն պահելով Յովհաննէսեան, Սաքայեան, Աճէմեան եւ Տէրտէրեան վարդապետները, եւ նորէն աւելցնելով Մովսէս Ոսկերիչեան եւ Պետրոս Սարաճեան վարդապետները, հաշուեպահանջներու խումբէն: Նորոգ կազմութենէն խոյս կու տար միայն Տէրտէրեան` սեպտեմբեր 25-ի հրաժարագիրովը, եւ Տնօրէնը գործի կը սկսէր հինգերու կազմութեամբ, եւ կը շարունակէր իբր ինն ամիս, եւ միաբանական ընտրութեամբ կանոնական կացութիւնը կը վերանորոգուէր 1907 յունիս 15-ին, ինչ որ շատերու փափաքն էր, եւ նոր եկող պատուիրակութիւնն ալ այդ կարգադրութեանց ոյժ կու տար, ինչպէս իր կարգին պիտի տեսնենք:

3059. ՓՈԽԱՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐ

Երուսաղէմի այդ դէպքերուն միջոցին յատուկ միջադէպ մը կազմեց Երէցեանի Կ. Պոլսոյ փոխանորդութենէն հանուիլը: Տասը տարի էր որ Երէցեան Սէֆէրեանի յաջորդելով Երուսաղէմի փոխանորդութիւնը կը վարէր Կ. Պոլսոյ մէջ 3037), եւ այնպէս համակրած էր պաշտօնին եւ Կ. Պոլսոյ կեանքին, որ փոխանորդութիւնը իրեն սեփական կալուած կը կարծէր, միայն ապագայ պատրիարքութեամբ մը փոխանակելի, եւ Մաքսուտեանի պաշտպանութեան վստահացած մինչեւ իսկ պատրիարքին անձին եւ ուղղութեանը դէմ պաշտօնը գործածելու համարձակութիւն առած էր: Խօսուեցաւ այն ատեն որ երբոր 1905 յուլիս 8-ին Եըլտըզի մզկիթին առջեւ մահափորձ մը կատարուեցաւ Ապտիւլհամիտ կայսեր անձին դէմ (05. ԲԻԶ. 2685), եւ կայսեր անվնաս պահուելուն վրայ ամէն կողմերէ խնդակցութեան եւ գոհունակութեան հեռագիրներ եւ ցոյցեր կը տեղային, Երէցեանի Երուսաղէմ լուր տալու յապաղելուն վրայ Վեհապետեան ետեւ մնացած էր. ուստի այդ պարագան առիթ առնելով` Երէցեանը պաշտօնէն կը դադրեցնէ, եւ կը հրամայէ Երուսաղէմ դառնալ (05. ԲԻԶ. 2695): Սակայն այդ պարագան լոկ իբր արտաքին պատճառ գործածուած էր, իսկ ներքինն ու իսկականը Երէցեանի բռնած Վեհապետեանի հակառակ ընթացքն էր, անոր գործերը անարգելով, հրամաններուն անսաստելով, Մաքսուտեանը պաշտպանելով, եւ իր նամակներուն մէջ Երուսաղէմի հաշուեխոյսները պատրիարքին դէմ գրգռելով, ինչ որ անհնար կը դարձնէր անոր այլեւս փոխանորդ մնալը: Վեհապետեանի յուլիս 20-ի հեռագիրը համառօտ էր, բայց յուլիս 23-ին պաշտօնապէս կը գրէր, թէ ցարդ ներողամտութեամբ համբերեցին ձեր արարքներուն, զորս թէ' նկատմամբ մեր անձին, եւ թէ' նկատմամբ միաբանական ուխտին ի գործ դրիք վերջին 3-4 տարիներու միջոցին: Մինչեւ փոխանորդի անուանումը` Արիստակէս Խաչատուրեան վարդապետի յանձնարարած էր Երուսաղէմատունին եւ գործերուն տիրանալ (05. ԲԻԶ. 2701), սակայն Երէցեան կ՚ընդդիմանար իր պաշտօնէ դադարման դէմ բողոքելուն հիմնուելով, իբրեւ թէ գործին տէրն ըլլար եւ ոչ յանձնարարական պաշտօնեայ մը: Օրմանեան ալ այդ փոփոխութեան չուզեց միջամտել, բայց ոչ Երէցեանի իրաւունք տալով եւ ոչ ալ Խաչատուրեանի անարժանութեան հիմնուելով, այլ Վեհապետեանի կողմէ հրամանը գործադրել տալու իրեն յանձնարարութիւն եղած չըլլալուն համար: Փոխանորդութեան պաշտօնին ընտրուած էր Եղիշէ վարդապետ Չիլինկիրեան, անշուշտ նկատի առնելով կանուխէն վանքի մէջ եւ վանքէն դուրս պաշտօններ վարած ըլլալը, իսկ եպիսկոպոսական արտօնագիրն ալ դիրքը զօրացնելու համար տրուած ըլլալը: Օգոստոս 17-ին Չիլինկիրեանի ուղեւորելուն լուրը կը տրուէր, սակայն Երէցեան կանխած էր օգոստոս 9-ին Խրիմեանի բողոքել իր պաշտօնէն հանուելուն դէմ ( ՊՏՃ. 45), իսկ հաշուեխոյս խումբն ալ 15 ստորագրութիւններով օգոստոս 15-ին Օրմանեանի կը բողոքէր Երէցեանի պաշտօնանկութեան հետ բոլոր վերջին իրողութեանց համար, Մաքսուտեանի քննութեան, Չիլինկիրեանի ընտրութեան, Ազարեանի դադարման. սակայն անծանօթ չէր որ այդ գիրերը ( ՊՏՃ. 54) Կ. Պոլիս կը պատրաստուէին Երէցեանի եւ Մաքսուտեանի կողմէ եւ Երուսաղէմ կը ղրկուէին ստորագրուելու ( ՊՏՃ. 63). զի ստորագրողներուն մէջ այդ գրութեանց կարող եւ այդ ոճին վարժ անձ ալ նշմարել դիւրին չէր, զի եւ ոչ իսկ վարիչ մը ունէր հաշուեխոյս խումբը Երուսաղէմի մէջ: Չիլինկիրեան Կ. Պոլիս պիտի հասնէր օգոստոս 27-ին, եւ պատրիարքարանի կողմէ պէտք եղած անձեր ղրկուած էին ընդունելու եւ առաջնորդելու, երբ երեկոյին արեւ մտնելու միջոցին, գործակատարն ու բարապանները լուր բերին Օրմանեանի թէ Չիլինկիրեանի մէկ շոգենաւէ հանուած միւս շոգենաւով ետ ղրկուած է: Օրմանեան Պէշիկթաշ կը գտնուէր կիրակամուտի առթիւ միւս օր եկեղեցւոյ տօնը կատարելու համար: Անմիջապէս մութը կոխելէն ետքը Եըլտըզի արքունիքը կը փութար Չիլինկիրեանի անմիջական դարձը պահանջելու, եւ իր խնդրանքին հիմ կը կազմէր հարուածին ուղղակի Վեհապետեանի անձին դէմ ըլլալը, որ կառավարութեան ծանօթ, եւ հաւատարմութեամբ վկայուած արդիւնաշատ ծերունի մըն է, եւ գուցէ հարուածին ներքեւ ընկճուի: Առաջին քարտուղարը Չիլինկիրեանի դէմ ամբաստանութեանց թերթ մը կը ցուցնէր, որուն դէմ Օրմանեան դիմաբաժանեալ կը դնէր Վեհապետեանի եւ իր վկայութիւնը, եւ արքունիքէն չէր մեկներ մինչեւ որ կայսեր կողմէ ետ դարձնելու հրամանը չտրուէր, եւ առաջին քարտուղարին կողմէն ալ հրամանը ստիպողական հեռագիրով Չանաքքալէ չհաղորդուէր: Աւելորդ չհամարուի այստեղ անգամ մըն ալ կրկնել` քսութիւնն ու մատնութիւնը իբրեւ պաշտպանութեան զէնք գործածողներուն նողկալի դերը: Համաձայն տրուած հրամանին, միւս օր օգոստոս 28-ին, Չիլինկիրեան Չանաքքալէէ Կ. Պոլիս կը հասնէր, եւ 29-ին երկուշաբթի օր Օրմանեան անձամբ զայն Երուսաղէմատուն կը տանէր եւ պաշտօնին կ՚անցունէր (05. ԲԻԶ. 2729): Երէցեան տակաւին յանձն չէր առներ Երուսաղէմ դառնալ, եւ Երուսաղէմատան մի մասին մէջ Մաքսուտեանի հետ առանձինն բնակութիւն կը հաստատէին Չիլինկիրեանէ անջատ եւ անկախ