Ազգապատում. հատոր Գ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

3085. ԽՐԻՄԵԱՆԻ ՄԱՀԸ

Խրիմեանի գործունէութեան վերջը հնչած էր այլեւս, երբ 1907 ապրիլ 4-ին իր ծննդեան 87-րդ տարեդարձը կը կատարուէր եւ 88-րդ տարին կը թեւակոխէր (07. ԱՐՐ. 330). զի վախճանական ծերութեան տկարութիւններուն ենթարկուած էր, արդէն իր սովորական կեանքը, իր պտոյտները ու շրջագայութիւնները պարտաւորեալ կը քիչցընէր, նոյն իսկ Բիւրականի ամառնային օդափոխութիւն ալ լիապէս կատարելու ոյժ չէր զգար (07. ԱՐՐ. 657): Բայց ոչ ախտ մը ունէր եւ ոչ ցաւ մը կը կրէր, այլ տարիքի պահանջելով ուժաթափութիւնն էր որ իր վրայ հետզհետէ կը ծանրանար: Ասոր հետ մէկտեղ բոլորովին անգործ չէր կենար, գիրերը եւ լրագիրները դիւանադպիրին կարդալ կու տար, կը խօսակցէր, ամէն եղելութեանց լիովին տեղեկանալ կ՚ուզէր: Սեպտեմբերի մէջ օրէ օր տկարանալը զգալի կերպով կը յայտնուէր, թէպէտ Խրիմեանի քաջողջութեան եւ կորովին վրայ կազմուած համոզումը մօտալուտ վտանգի մը գաղափարը կը հեռացնէր, եւ երկարակեցութեան բարեմաղթութիւններով կը տօնուէր սեպտեմբեր 30-ին Վարագայ Խաչին օրը իր կաթողիկոսական օծման 14-րդ տարեդարձը, եւ ինքն առանց դժուարութեան ընդունելութիւն կը կատարէր բազմախուռն շնորհաւորողներուն (07. ԱՐՐ. 896): Բայց նուազումը կը յառաջէր, եւ փոփոխութիւններ ակնյայտնի էին իր կենսական դրութեան վրայ, եւ իրեն հետ եղողներ արթուն կը հսկէին ամէն մի տարբերութեան վրայ: Հոկտեմբերի կէսին այլեւս որեւիցէ բանով զբաղելու ոյժ չէր զգար. Սահակ վարդապետ Աստուածատուրեան, իր անձնական եւ փութաջան խնամածուն, հոկտեմբեր 28-ին Գիւտխաչի կիրակի առտուն խշրտուքի ձայներ կ՚առնէր անոր կոկորդէն, իսկոյն լուր կու տայ սինոդի նախանդամ Սուրէնեան Գէորգ եպիսկոպոսին սինոդականներ եւ բժիշկներ կը հաւաքուին, վտանգը կը հաստատուի, երեկոյին արձանագրութիւն կը կազմուի, գիշերը վարդապետ եւ բժիշկ անքուն կը հսկեն, հետզհետէ հոգեվարքի նուազումը կը դիտեն, գիտակցութիւնը կէս գիշերէն ետքը կը դադրի, եւ երկուշաբթի կէսօրէն երեք ժամ առաջ, սինոդականաց ներկայութեամբ եւ կատարեալ խաղաղութեամբ, առանց որեւէ բուռն շարժման հոգին կ՚աւանդէ, պարզապէս կենսական շունչին դադարելովը, ձէթը սպառած կանթեղի մը պէս (07. ԱՐՐ. 2): Մկրտիչ կաթողիկոս Խրիմեան կը վախճանէր 87 տարեկան եւ 7 ամսական, 6 օր միայն պակաս, ձեռնադրութենէն 53, եւ եպիսկոպոսութենէն 39 տարին լրացուցած, կաթողիկոսական ընտրութենէն 15 տարի 5 ամիս, իսկ օծումէն 14 տարի 1 ամիս ապրած: Բարձրահասակ, անձնեայ, վեհ դէմքով եւ առողջ կազմով անձ մըն էր Խրիմեան. բնութեամբ զուարթ, պարագայից յարմարող, ոչ ձախորդութեամբ ընկճուող եւ ոչ յաջողութեամբ ճոխացող, արտաքնայարդար ձեւերէ հեռու, փառքի երեւոյթները անարգող, միշտ ժպտուն եւ կատակախօս, հմտութեամբ ազգային շրջանակի մէջ հարուստ, տոսպական աւիւնով երգիչ մը, որ մինչեւ վերջի ատեններ խօսող մը ու գրող մը մնաց իմաստալից գիւտերով եւ գրաւիչ ոճով: Ահա Խրիմեանը իր անհատական նկարագիրին մէջ: Մարմինը երկուշաբթիէն շաբաթ վեհարան մնաց հանապազօրեայ հոգեհանգիստներով. շաբաթ օր 3 նոյեմբեր լուացման կարգը կատարուեցաւ եւ Մայրտաճար փոխադրուեցաւ. կիրակի 4 նոյեմբեր պատարագ մատուցուեցաւ եւ եկեղեցւոյ կարգը կատարուեցաւ, եւ երեքշաբթի 6-ին հողին յանձնուեցաւ Մայրտաճարի աւագ դրան հարաւակողմը, Աշտարակեցի Ներսէս կաթողիկոսի գերեզմանին կից, որուն շատ կէտերով նմանութիւնը կը բերէր, մանաւանդ ազգասիրական զգացումներովը ու հայրենասիրական ճիգերովը, եւ որուն մահուան թուականին արդէն 37 տարեկան, եւ գործիչ եւ վարդապետ կը գտնուէր: Թաղման առթիւ ընդհանուր եղան սգակիր համակրութեան նշանները, դագաղին վրայ 11 արծաթեայ, 15 մետաղեայ եւ 7 թարմ ծաղկեայ պսակներ նուիրուեցան. պատգամաւոր ներկայացուցիչներ եկած էին Ռուսահայոց ամէն քաղաքներէն եւ ամէն հաստատութիւններէն, եւ արտասահմանէ փոխանորդներ նշանակուած էին (07. ԱՐՐ. ԺԹ. ԻԵ. ): Իսկ սգակիր հեռագիրներ անթիւ եւ անհամար եղան (07. ԱՐՐ. ԻԶ. - ԾԶ ): Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երիցագոյն եպիսկոպոս Մեսրոպ Սմբատեանի նախագահութեամբ եւ տասն եպիսկոպոսներու համախմբութեամբ: Ամենափառաւոր պաշտօն մըն ալ Օրմանեան կատարեց Գումգաբուի Մայրեկեղեցւոյն մէջ նոյեմբեր 6-ին թաղման օրը, ինքն պատարագեց եւ դամբանական խօսեցաւ, հոգեհանգիստ ալ Մաշտոցի պատշաճներով կատարուեցաւ. ներկայ եղան ամէն դեսպանատանց թարգմաններ, բոլոր պատրիարքարանաց ներկայացուցիչներ, ազգային հաստատութեանց վարիչներ, հայազգի եւ օտարազգի խուռն բազմութիւն, եւ կարգադրութիւնք եւ պատրաստութիւն, ամէն պարագաներով կատարեալ եղան (07. ԲԻԶ. 3378): Խրիմեանի թողած գրական արդիւնքներն եղած են Արարատեան եւ Երկրին Աւետեաց Հրաւիրակները, Հայգոյժն ու Վանգոյժը, քանի մը ազգային վէպեր, եւ ցրիւ հրատարակուած ոտանաւորներ, բայց ոչ մի ուսումնական երկասիրութիւն: Թափուր աթոռին տեղապահութիւնը պօլօժէնիէի օրէնքով սինոդի նախանդամին վիճակուեցաւ, որ էր Գէորգ Սուրէնեան, իսկ պայմանաժամը նոյն օրէնքով տարիի մը կապուած ըլլալով եւ այն ալ ձմեռնամուտին հանդիպելուն, թէ' սինոդ իր կողմէն եւ թէ' Օրմանեան պատրիարք խառն ժողովի համաձայնութեամբ սինոդին եւ դեսպանին դիմելով, ուզեցին վեց ամիսէն մայիսին ընտրութիւն կատարելու արտօնութիւն ստանալ կառավարութենէ, այլ խնդրանքը չընդունուեցաւ, եւ ընտրութիւնը մնաց մինչեւ 1908 նոյեմբեր 1: Աթոռոյ պարապութեան ժամանակ նշանաւոր դէպքեր պակաս չեղան, զորս մենք պիտի շարունակենք պատմել Մկրտիչ Ա. Վանեցի կաթողիկոսին անունին ներքեւ:

3086. ԱՐԴԻՒՆՔՆ ՈՒ ԱՐԺԱՆԻՔԸ

Պատմութեանս կարգին նկատի առած ենք Խրիմեանը իբր պաշտօնական անձնաւորութիւն ու հանրային գործիչ, այն ամէն կերպարներուն ներքեւ որոնցմէ անցաւ հետզհետէ իբրեւ գաւառացի վարժապետ, եկեղեցւոյ վարդապետ, Վարագայ վանահայր, Տարոնոյ առաջնորդ, Կ. Պոլսոյ պատրիարք, վարչութեան մասնակից, Երուսաղէմի աքսորական, եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս. եւ իւրաքանչիւր կերպարանին նկատմամբ ալ անաչառ եւ անկաշկանդ կերպով յայտնած ենք մեր համոզումը ու քննադատութիւնը, սակայն իր կեանքը վերջանալուն առթիւ չենք կրնար բոլորովին լռութեամբ անցնիլ եւ առանց վէմ մը թաւալելու բաց թողուլ իր գերեզմանին բերանը: Եթէ ազգային ժամանակակից պատմութիւնը առեղծուածական դէմք մը կ՚ընդունի, եւ հին դէմքերու հանգիտակ անբացատրելի անձնաւորութեան մը գոյութեան կը հաւանի, այն ալ Մկրտիչ Խրիմեանն է անշուշտ, պաշտելի դարձած իր Հայրիկ մակդիր կոչմամբը, ինչպէս իրօք ալ այսօր իր գերեզմանը իբրեւ ուխտատեղի կը պատուուի Կաթողիկէ Մայրտաճարին մուտքին առջեւ: Բայց ի՞նչ է տիրապէս Խրիմեանի արդիւնքը: Գաւառացի վարժապետի գործունէութիւն սովորական երեւոյթ մըն է. աշխատող վարդապետներ ցանցառ չեն. Տարոնոյ առաջնորդութիւնը ապարդիւն ճիգերով անցաւ. Կ. Պոլսոյ պատրիարքութիւնը անյարմարութեան եւ անկարութեան վճիռ ստացաւ. վարչական գործունէութիւնը աչքառու հետեւանք մը չունեցան. Երուսաղէմի աքսորականութիւնը արդիւնք արտադրելու հանգամանք չունէր. գերագահ կաթողիկոսութիւնը նշանաւոր եւ արդիւնաւոր հետք մը չթողուց. Վարագայ վանահայրութեան յաջողութիւնն ալ մարդ մը անմահացնելու բաւական չէր, այնպէս որ պայմանագիրը կը վարանի ինչո՞վ արդարացնել Խրիմեանի անունին վայելած ընդհանուր համակրութիւնը. զի եթէ մենք արդիւնքի նուազութիւնները յիշենք, ուրիշներ արժանիքի պակասութիւններն ալ շեշտելու կը յառաջեն: Բայց իրականութիւն մըն է որ Խրիմեանի անունը համակրելի եղաւ իր թերութիւններովը մէկտեղ, գովելի մնաց իր պակասութիւններով, եւ կը շարունակէ նոյնպէս մնալ այսօր ալ, եւ գուցէ աւելնայ իսկ ապագային մէջ: Եւ որ եւսն է, ոչ մենք եւ ոչ ուրիշ մը պիտի համարձակի ըսել, թէ խարդախութեամբ վաստակուած, կեղծաւորութեամբ կազմուած եւ նենգութեամբ պահուած հռչակ մը եղած է Խրիմեանի հանդէպ ցուցուած ընդհանուր համակրութիւնը: Սակայն եթէ ժողովրդային ըմբռնմանց խորը թափանցենք, կը տեսնենք որ շատ անգամ կերպը իրին կը յաղթանակէ, զգացմունքը մտածմունքէն վեր կը բարձրանայ, եւ իսկութիւնը յօժարութեան տեղի կու տայ: Խրիմեանի զարգացումն ու հմտութիւնը միակողմանի էր, լոկ հայերէնով սահմանափակուած, միջազգային եւ օտարազգի տարրներով ճոխացած չէր, գործի ճաշակ եւ չափակցեալ համեմատութիւն չէր ճանչնար, վարչական հանճարը պակաս ըլլալու չափ քիչ էր, հեռատես եւ նախատես զգուշաւորութիւնը իր ասպարէզը չէր, հանդարտ նախապատրաստութեամբ եւ կշռադատութեամբ ձեռնարկները իրեն սովորական չէին: Բայց ունէր բնածին ուշիմութիւն մը, որ իր ըմբռնելու եւ յիշելու եւ որոշելու կարողութիւնը կը կազմէր. ունէր բնատուր ճարտարութիւն մը, որով ամէն պարագայէ անվնաս դուրս ելլելու կերպը կը գտնէր. ունէր գրաւիչ ոճ մը եւ ազդեցիկ խօսք մը, որով գիտէր սիրտերու վրայ տիրապետել. եւ ամենուն վրայ ունէր անկեղծ եւ ուղիղ զգացում մը, որ ամէն թերութիւն կը լրացնէր, աւրուածը կը շինէր, ծուռը կը շտկէր, եւ որեւէ պակասութիւն կը ծածկէր: Ահա' նկարագիր մը, որ եթէ կատարեալ պատկեր չէ, բաւարար ստուերագիծ մըն է Խրիմեանի առեղծուածային դէմքին գաղափարը տուող: Առեղծուածային ըսինք եւ կը կրկնենք, թէ իսկապէս այսպէս է անձ մը, որ մեծ գործեր արտադրած չէ, որ ետեւէն մեծ հետք մը թողած չէ, որ պաշտօններուն մէջ ընդհանրապէս յաջողած չէ, որ դիտողութեանց եւ ստգտանաց ներքեւ ալ ինկած է, եւ տակաւին անբասիր մնացած է, համակրութիւն կորուսած չէ, եւ համարձակաձայն գովեստներով յիշատակուած է: Հետք մը թողած չէ ըսինք խօսքերնիս իրական եղելութեանց պարունակին մէջ ամփոփելով, ապա թէ ոչ զգացմանց շրջանակին մէջ, ինքն գտիչն ու ստեղծիչն եղած է ազգասիրական եւ հայրենասիրական զգացումներուն, որոնցմով ազգը տոգորուեցաւ յիսուն վաթսուն տարիներէ ի վեր, եւ որ պատահական զեղծումներու բացառութեամբ, նոր կեանք ներշնչեց, նոր գործունէութիւն ազդեց, եւ նոր առաւելութիւն բերաւ հայ տարրին վրայ: Խրիմեան Մկրտիչ այդ զգացումը շնչեց ու տարածեց ազգային պարունակին մէջ, Վարժապետեան Ներսէս նոյն զգացումը հռչակեց եւ ընդարձակեց միջազգային շրջանակին մէջ, եւ այդ երկու կէտերն են որ նոյն երկու անուններուն ազգին մէջ վայելած պաշտելութիւնը եւ ազգէն դուրս գտած համբաւը կ՚արդարացնեն եւ անաղարտ կը պահեն: Գիտենք եւ կը ճանչնանք որ այդ զգացումները կրցան ոմանց գայթակղութեան քար ըլլալ, ոմանց զեղծումներու առիթ ընծայել եւ ոմանց սուտակասպաս կեղծիքներու գործիք դառնալ: Սակայն ընտիր իրեր եւ ուղիղ գործեր իրենց ներքին իսկութեամբը կ՚արդարանան, եւ պատահական անտեղութիւններով չեն այլափոխուիր:

3087. ԵՐԵՔ ՄԱՀԵՐ

Էջմիածնի պատահարներուն եւ եղելութեանց շարքը չփակած, յիշատակենք հրապարակէ պակսող քանի մը նշանաւոր եւ խօսուած դէմքերը: Առաջին կը հանդիպենք Գալստեան Երեմիա եպիսկոպոսի որուն արդէն ակնարկեցինք 3084): Երեմիա բնիկ Վաղարշապատցի, 1840-ին ծնած, 1862-ին Մայրաթոռոյ միաբանած, 1864-ին ձեռնադրուած, եւ 1873-ին եպիսկոպոսացած, յանկարծամահ կը վախճանէր 1897 նոյեմբեր 3-ին 57 տարեկան: Գէորգի օրով եւ Մանկունիի պաշտպանութեամբ առաջ քաշուածներէն մէկն էր Գալստեան. կանուխէն եպիսկոպոսացած, եւ միանգամայն սինոդի անդամակցած, եւ կաթողիկէի լուսարարապետութեան կոչուած: Մակարի մահուան ատեն սինոդի նախանդամ գտնուելով` տեղապահութիւնը ստանձնեց, եւ Խրիմեանի գալէն ետքն ալ դիրքը պահեց: Գալստեան ուսումով եւ դաստիարակութեամբ աղքատ, այլ տենչով եւ ձգտումով հարուստ, արժանեաց պակասը նախանձով եւ քսութեամբ լրացնելու ճամբան մտած էր. բայց իր ձեռնհասութեանը չվստահելով` օգնականներու պէտքը կը զգար, եւ անոնք շահելու համար հետեւող եւ գործիք դառնալու կը պարտաւորուէր: Յիշած ենք արդէն Օրմանեանը Էջմիածինէ հեռացնելու մէջ վարած դերը 2927), պատմած ենք Մակարի մահուանէ ետքը կաթողիկոսանալու տենչով կատարած անորակելի դարձուածքները, եւ մինչեւ եպիսկոպոսներ աքսորել տալու ձեռնարկը 2954-2955): Իբրեւ բարձրանալու սանդուխ կառավարութեան դիտումներուն ծառայելը կը գործածէր, եւ այս դիտմամբ պրոկուրորներու խուլ գործունէութեան գործիք էր եղած, վերջին ատեններ ալ Վահան Տէր-Գրիգորեան եւ Նահապետ Նահապետեան վարդապետները բամբասելու եւ ամբաստանելու կ՚օգնէր, որով անոնց աքսորը իր ձեռքով պատրաստուած կ՚ըլլար: Սակայն իր ձախորդութեանն ալ միանգամայն պատճառ կ՚ըլլար. զի յանկարծական մահն ալ նոյն տխուր ձեռնարկէն յառաջ եկած ըլլալը յայտնուեցաւ, երբ որ դիազննական գործողութեամբ հաստատուեցաւ, որ սիրտը ճարպակալուած է եղեր, եւ երկուց տեղից ճեղքուած, եւ մահը սիրտի պայթումից է առաջ եկել: Այդ ալ պատահած էր առտուն կանուխ, երբոր անկողնոյ մէջ լուացուելիս Կանչելի պրոկուրորէն մտերմաբար լուր կը հասնէր, թէ Տէր-Գրիգորեանի եւ Նահապետեանի գործը փափաքանաց համեմատ կատարուած է, եւ սաստիկ ուրախութեան յուզումն ու ցնցումը ախտացեալ սիրտին վրայ կը ներգործէր: Իրօք ալ թաղումէն քիչ օր ետքը երկու վարդապետները Ռուսաստանի ներսը հեռացուեցան: Սակայն ինչպէս Խրիմեան դամբանականին մէջ ըսած էր, հերիք է որքան դատեցինք Երեմիա Սրբազանը, մահից յետոյ ամէն ինչ Աստուծոյ դատաստանին կը մնայ, եւ մենք ալ աւելի առաջ չենք երթար: Իբր պատմական եղելութիւն աւելցնենք թէ դիազննութիւնը կառավարութեան հրամանով կատարուեցաւ, յանկարծական մահէն ծագած կասկածի վրայ, եւ այս պատճառով հարկ եղաւ մարմինը եկեղեցի տարուելէ ետքը դուրս բերել, ինչպէս կաթողիկոսն ալ բացառաբար հաւանեցաւ, ցանկանալով որ ամէն մի կասկած փարատած լինի (97. ԱՐՐ. 519-520): Կաթողիկոսական ընտրութեան առթիւ կատարուած անորակելի դարձուածներուն Գալստեանի ընկեր, եւ մինչեւ աստիճան մը Գալստեանի ուղղեցոյց ցոյց տուինք Սեդրակեան Արիստակէս եպիսկոպոսը, եւ այն ալ թէպէտ Գալստեանէ իբր տասը տարի ետքը, բայց Խրիմեանէ առաջ գերեզման կ՚իջնէր, 1906 նոյեմբեր 10-ին (06. ԱՐՐ. 711): Սեդրակեանի համար չենք կրնար կրկնել Գալստեանի մասին ըրած քննադատութիւննիս: Սեդրակեան բնիկ Ղալֆալու գիւղէն 1844-ին ծնած, մանկութենէ Մայրաթոռի աշակերտած, եւ անկէ ետքն ալ ինքնօգնութեամբ զարգացած, 1865-ին ձեռնադրուած, 1882-ին եպիսկոպոսացած կը վախճանէր Տփղիսի մէջ` 62 տարեկան: Իր առաջին կեանքը իբր գործունեայ վարդապետ եւ իբր եպիսկոպոս առաջնորդ գովութեանց արժանի եւ արդիւնաւոր եղած է ամէն պաշտօններու մէջ, զորս հետզհետէ վարած է. գրական երկասիրութիւններ ալ հրատարակած է, որոնց մէջ թարգմանութեանց եւ կենսագրութեանց հետ կան նաեւ գնահատելի կրօնական ուսումնասիրութիւններ: Այս կերպով արժանացած է հասարակութեան գովեստին եւ համակրութեան, մանաւանդ նոր սերունդին մէջ, իբրեւ նորարծարծ գաղափարներով օժտուած միտք մը: Սեդրակեանի ընթացքը կը փոխուի Մակարի օրով, երբոր կը համարձակի կաթողիկոսական հեղինակութեան հետ մաքառիլ, եւ կը զայրանայ երբոր Տփղիսի առաջնորդութենէն կը հեռացուի: Ժողովրդական համակրութեան վրայ յենելով, Մակարի վաղահաս մահէն ետքը, անոր յաջորդութեան թեկնածու կը դառնայ, եւ իրեն գործիք կ՚ընէ միամիտ Գալստեան տեղապահը, եւ անոր բարձրացումին քօղին ներքեւ իր անձնականը կը յառաջացնէ: Այդ նպատակով չքաշուիր տարբեր երեւոյթներով տարբերներու ներկայանալ, եւ թունդ ազգամոլութեան հետ պրոկուրորներու գործակցութիւնը զուգակցել եւ իրեն նպատակին ծառայել, միակ նպատակ ունենալով որեւիցէ կերպով իր բարձրացումը ապահովել: Երբոր ընտրողական ժողովէն ձեռնունայն կ՚ելլէ 2969), եւ Խրիմեանի հրաւիրակ երթալով զայն իրեն շահիլ եւ գործիք ընել չյաջողիր 2971), պահ մը Խրիմեանի նեղութիւն ալ կը պատճառէ 3084). բայց վերջապէս քաշուելու հեռանալու որոշումը կու տայ, եւ 1895 յունիսին Աստրախանի առաջնորդութիւնը կը ստանձնէ եւ նոյն պաշտօնին վրայ կը մնայ 11 տարի, իսկ Տփղիսի մէջ վախճանիլն հետեւանք է բուժուելու համար հոն եկած ըլլալուն (07. ԱՐՐ. 51-52): Այդ վերջին առաջնորդութեան միջոցին շատ աչքի զարկաւ Պարզեանցի հետ Պլէվէէ Պետրբուրգ կոչուիլը կալուածոց գրաւման խնդիրին պատճառով. իսկ Պետրբուրգէ Պարզեանցի աքսոր եւ Սեդրակեանի Էջմիածին ղրկուիլը, կամ որ նոյն է, ազգային ու եկեղեցական մեծ խնդիրին երեսէն եւ Պլէվէի կողմէն մէկուն պատժուիլը եւ միւսին պատուուիլը: Նշանաւոր դէմք մըն ալ հանդիսացաւ Նահապետ եպիսկոպոս Նահապետեան, Ներսիսեանի եւ Ճեմարանի Արշակ Նահապետեան տեսուչը, որուն վախճանը ճիշդ քառասունք մը կանխած էր Սեդրակեանի մահէն: Նահապետեան բնիկ Ախլցխացի 848-ին ծնած, բնական գիտութեանց համալսարանական ընթացք լրացուցած, անդստին սկիզբէն իր գործունէութիւնը ազգային հոգեւորական բարձր վարժարանաց նուիրեց, եւ աշխարհական ըլլալով եկեղեցականութիւն բարձրացնելու եւ զարգացնելու նպատակին ծառայեց, ինչպէս պատմած ենք իր կարգին 2927): Այս նպատակով եւ իր նախաձեռնութեամբ Օրմանեան Ճեմարանի ուսուցչութեան կոչուեցաւ, որ թէպէտ միամեայ դասատուութիւնից յետոյ ստիպուած էր հեռանալ կառավարութեան որոշմամբ, բայց նորա ներկայութիւնը էական նշանակութիւն ունեցաւ մտքերի պատրաստութեան համար (07. ԱՐՐ. 47): Այդ փոփոխութիւնը ոչ միայն աշակերտներու այլեւ տեսուչի վրայ ալ տեսնուեցաւ, զի ինքն ալ եկեղեցականութեան մտաւ եւ ձեռնադրութիւն ստացաւ 1889-ին, 41 տարեկան եղած ատեն: Նահապետեանի եկեղեցական պաշտօնէութիւնն ալ արդիւնաւոր եղաւ, միշտ ուսումնականին զուգընթացութեամբ, մինչեւ որ 1897 նոյեմբերին աքսորուեցաւ, եւ հազիւ եօթնուկէս տարի ետքը դառնալու հրաման ստացաւ 1905 մայիսին, եւ յունիսին եպիսկոպոսացաւ, այլ 16 ամիսէ վախճանեցաւ Նորնախիջեւան 1906 հոկտեմբեր 1-ին: Վերջին ատեններ սինոդական ալ եղաւ եւ գլուխ նշանակուեցաւ գրաւուած գոյքերը ու կալուածները յետ ստացող յանձնաժողովին, եւ գլխաւոր դեր ունեցաւ ջուրի առատութեան եւ ելեքտրական ոյժի հաստատութեան ձեռնարկելուն մէջ 3084): Նահապետեանի սկզբունքի մը զօրութեամբ եկեղեցականութեան մտած, ինչպէս իր առաջին նոյնպէս վերջին կեանքին մէջ ալ կարգապահութիւն, պարտաճանաչութիւն, ճշդապահութիւն, մաքրութիւն եւ ուղղութիւն իբրեւ սեփական դրոշմ պահեց, եւ ըստ այնմ ալ գործեց (07. ԱՐՐ. 44-50): Նպատակնիս մահացուցակ կազմել չըլլալով, կը բաւականանանք երեք նշանաւորագոյն դէմքերը յիշատակել, որոնք թէպէտ իրարմէ տարբեր տեսակէտի ներքեւ, բայց պատմական դիրք մը գրաւեցին: Նմանապէս զանց կ՚ընենք առ այժմ աթոռոյ պարապութեան առթիւ սկսած ընտրողական պայքարին վրայ խօսիլ, վերապահելով ամբողջութիւնը մէկ անգամէ տալ, երբոր ընտրութեան վրայ խօսելու կարգը հասնի:

3088. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Նորէն պիտի դառնանք Կ. Պոլսոյ աթոռին եւ Օրմանեան պատրիարքին, որուն պաշտօնին վերջանալուն մօտ կը գտնուինք, նոյեմբերի սկիզբէն մինչեւ յաջորդ յուլիսին կէսը, միայն ութուկէս ամսու համառօտ միջոցով դատուած: Այդ միջոցին համար նոր եւ նշանակելի եղելութիւն մըն ալ չունինք ընդարձակօրէն բացատրելու, զի 1906 յուլիս 25-ին ընտրուած եւ սեպտեմբեր 20-ին պաշտօնի ձեռնարկած վարչութիւնը 3076), սովորական գործունէութեամբ կը շարունակէր նախընթացաբար գծուած ծրագիրին համեմատ, եւ օրական պարագայից պահանջներուն հետեւելով: Օրմանեանի պատրիարքութեան օրով տեղի ունեցած եղելութիւններէն, միայն նոյնութեամբը եւ հետեւանքովը նշանաւորագոյն եղողները յատկապէս պատմելու եւ պարագներով պարզաբանելու մտադրութիւն դարձուցինք մինչեւ հիմա. սակայն դիպուածներովը կարեւոր եւ մերձաւորութեամբը շահագրգիռ եւ քննադատութիւններով հետաքրքրական դարձած այդ պատրիարքութեան ժամանակ, տեղի ունեցած են ուրիշ շատ եղելութիւններ, ընդհանուր կացութիւնը եւ վարչական գործունէութիւնը լուսաբանողներ, որոնք պէտք է գիտցուին պատմական ամբողջութիւնը լրացուցած ըլլալու համար: Ուստի ի դէպ կը կարծենք զանազան ճիւղերու համար թափուած ճիգերէն եւ ստացուած արդիւնքներէն ինչ ինչ կէտեր յառաջ բերել նիւթերու կապակցութեան հետեւելով, եւ այսպէս լրացնել այն ընդհանուր տեսութիւնները, զորս կանխած ենք բացատրել 2998-3011), եւ մանրամասնութիւնները վերապահել պատմական գլխաւոր գիծերը տալէն ետքը լրացնելու: Այդ ոճը նախադասեցինք նմանօրինակ պարագայից վրայ կրկին եւ կրկին չվերադառնալու, եւ պարագայից կապակցութեան վրայ ամփոփ գաղափար մը տուած ըլլալու համար: Մանաւանդ որ Օրմանեան պաշտօնավարութիւնը, թէպէտ ներքին գոհունակութեամբ ամրացած եւ յարգուած էր տասներկու տարիէ ի վեր, սակայն երկրին օրինական կացութեան եւ քաղաքական տեսութեանց փոփոխուելովը բնական էր որ տարբեր գնահատման հանդիպէր, եւ ենթադրուածէն աւելիին ալ հանդիպեցաւ, ինչպէս իր կարգին պիտի յիշենք. ուստի պատմական պահանջը կը սեպենք լիուլի տեղեկութիւններով խնդիրները լուսաբանել, աւելի պատմագիրի դերի մէջ մնալով, քան թէ քննադատի կամ ջատագովի դերը ստանձնելով:

3089. ՆՊԱՍՏԻՑ ՀԱՍՈՅԹՆԵՐԸ

Առաջին ձեռք կ՚առնենք նպաստից ճիւղը, որուն կազմակերպութիւնն ու ընդհանուր գիծերը տուած ենք արդէն 3003), իսկ մանրամասնեալ համարատուութիւնը արդէն մաս առ մաս գործին ընթացքին ժամանակ պատրաստուած էր, եւ ամբողջականը ներկայեց Օրմանեան 1908 օգոստոս 6-ին, եւ տպագրել տալով ցրուեց եւ տարածեց 12 հաշուական տախտակներով եւ 55 մեծադիր երկիջեան երեսներէ կազմուած տեղեկագիրով ( ՆՊՍ. ): Անոր մէջ մի առ մի ցուցուած են թէ հասոյթները եւ թէ ծախքերը, տարիներու եւ տեսակներու եւ գումարներու մանրամասնութիւններով. եւ հաշուական մայր տոմար մըն ալ կազմուած է պատրիարքարանի համար, որուն մէջ յանուանէ նշանակուած են մինչեւ իսկ 10-20 դահեկանի նուէր տուողները, կամ եղած ծախքերը. սակայն այսչափ մանրամասնութիւններ հնար չէր համարատուութեան անցունել կամ տպագրութեան տալ առանց ստուար հատոր մը կազմելու, որուն աշխատութիւնն ու ծախքը կարեւորութեանը չէր համապատասխանէր: Մենք այստեղ գումարներ յիշած ատեննիս` պիտի բաւականանանք ամբողջ օսմանեան լիրաներու կամ ոսկիներու թիւերը տալ, զանց ընելով կոտորակ ղուրուշներու կամ դահեկաններու թիւերը, պարզապէս յօդուածնիս չծանրաբեռնելու համար, որոնք ամենայն ճշդութեամբ կը տեսնուին թէ' տպագրեալ տետրակին եւ թէ' պատրիարքարանի մայրատոմարին մէջ: Նպաստից հասոյթներէն սկսելով, նախ պիտի յիշենք թէ Իզմիրլեան պատրիարքի օրով կատարուած հանգանակութեանց եւ բաշխուած նպաստներու մնացորդ 1227 գումարէն միայն 389 անցաւ նպաստից յանձնաժողովին, մնացեալը Չամիչեան տեղապահի օրով պատրիարքարանի ծախուց գործածուած ըլլալուն համար ( ՆՊՍ. 4): Կայսերական հրամանով պետական յանձնաժողովէ կամ սնտուկէ ստացուած գումարն եղաւ 4856, ուսկից 2689 առաջին եւ 1425 երկրորդ տարւոյն մէջ ( ՆՊՍ. 5): Կոստանդնուպոլիս մայրաքաղաքէն հանգանակուած գումարը եղաւ բովանդակ 4111, որ թերեւս նուազ երեւի, սակայն միտքէ վրիպեցնելու չէ որ Կ. Պոլիս ինքն ալ արկածուեցաւ. գաւառներուն աւերն ու աւարը Կ. Պոլսոյ վաճառականներուն վրայ ծանրացաւ, եւ նպաստից յանձնաժողովին յանձնածէն զատ, ամէն ոք նպաստներու պարտաւորուեցաւ: Մայրաքաղաքի ընդհանուր գումարը կը ստորաբաժնուի, 2606 անհատական նուէրներէ, 757 թաղական հանգանակութիւններէ, 100 վարժարաններէ, 391 լրագիրներու ձեռքով, եւ 256 եկեղեցիներու պնակներէ ( ՆՊՍ. 5-6): Գաւառներէ սպասուած նուէրը նշանաւոր չէր կրնար ըլլալ, քանի որ գաւառներն էին օգնութեան կարօտ արկածեալները. այսու հանդերձ եւրոպակողման երկու վիճակները նուիրեցին 494, իսկ ասիակողման բոլոր գաւառները 2595, առաւելապէս արկածէ զերծ մնացող Զմիւռնիա, Աֆիօնգարահիսար եւ Պանտրմա, մինչ Պրուսա եւ Նիկոմիդիա ակնկալութիւնները չարդարացուցին ( ՆՊՍ. 6-7): Օսմանեան գերիշխանութեան ներքեւ գտնուող երկու իշխանութիւններէն Եգիպտոս նուիրեց 1443 եւ Պուլկարիա 1115: Նշանաւոր եղան ռուսահայ ազգայինք տաճկահայ ազգակցաց օգնութեան հասնելու մէջ. զի եթէ այստեղ նշանակուած 14631 ընդհանուր նպաստներու միացնենք որբանոցներու համար յատկապէս նուիրուածները, կ՚ունենանք 37832, կամ ուրիշ բացատրութեամբ նպաստից սնտուկին մատակարարած գումարին հարիւրին քառասունուհինգ մասը ( ՆՊՍ. 7): Ռուսահայոց ընդհանուր նուէրներն ալ կը ստորաբաժանենք 3274 կաթողիկոսէ, 2170 Ջանշեանցէ, 1078 Պետրբուրգէ, 1663 Մոսկուայէ, 3270 Տփղիսէ, 2538 Պաքուէ, եւ 637 ուրիշ քաղաքներէ ( ՆՊՍ. 7-8): Արտասահմանի երկիրներէն ստացուած ընդհանուր նպաստներ արտադրեցին. Պարսկաստանէ 256, Հնդկաստանէ 57, Ջաւայէ 342, Անգղիայէ 2730, Գաղղիայէ 1097, Պելճիգայէ եւ Հելուեդիայէ 95, Գերմանիայէ 112, Իտալիայէ 131, Ռումանիայէ եւ շրջականերէ 428, եւ Ամերիկայէ 3894: Այս մանրամասնութիւնները միայն իբրեւ ճաշակ մը քաղեցինք, ապա թէ ոչ պարտաւորութիւն չենք զգար տեղեկագիրին բոլոր մանրամասնութիւնները տալ: Նպաստից գործը յատուկ մտադրութիւն դարձուց որբերու խնամքին, կամ ահեղ կոտորածներէ ազատած անտէրունչ էակներուն խնամքին, որոնց ծանօթ եւ հաշուուած թիւը 50. 000-ի հասաւ, թո'ղ հաշիւներէ դուրս անծանօթ մնացածները: Որբերու վիճակը աւելի ազդու էր սիրտերու եւ միտքերու վրայ, եւ անոնց անունով շատ աւելի շարժուեցան ողորմած նուիրատուները, այնպէս որ բովանդակ հասոյթին չորս տասներորդը որբոց անունով ստացուած է: Որբոց անունով նուէրներ կերպ կերպ եղան, կամ ամբողջապէս որբանոց մը պահելու յանձնառութեամբ, կամ որոշ թիւով որբեր որդեգրելով, կամ իրենց առձեռն նուէրներին տեղը որոշելով: Ասոնք որբախնամ եւ սանատէր եւ մասնաւորող անուններով զատուած են հասոյթներու կարգին, թէպէտ ամէնքն ալ որբոց համար յատկացուած նուէրներ: Որբանոցներու հետ միացած են գաւառական վարժարաններու համար յատկացուած մանր նուէրները, որոնք վարժանուէր անունով յիշուած են տեղեկագիրին մէջ: Գլխաւոր գումարները յիշած ըլլալու համար բաւական ըլլայ գիտնալ, թէ որբախնամ անունի ներքեւ Տաճկաստանէ ստացուած է 2360, Ռուսիայէ 22893, Եւրոպայէ 2299, Ամերիկայէ 3636, սանատէրներէ 932, մասնաւորողներէ 1226: Թէպէտ անուններ չենք յիշեր, սակայն բացառութիւն պէտք է ընենք Գրիգոր Ջանշեանց ռուսահայ խմբագիրին համար, որ յատուկ հրատարակութեամբ մը գոյացուցած արդիւնքով 6191 ընձեռեց իր յանձնարարութեամբ բացուած որբանոցներուն, 2169 ալ ընդհանուր նուէրներուն մէջ ունէր, որ է ըսել համագումար 8360 օսմանեան ոսկի: Նպաստից սնտուկին մաս կը կազմեն նոյն միջոցին զանազան կողմերէ եւ զանազան անուններով ստացուած գումարներ, ինչպէս են մասնաւոր նպատակներու համար հանգանակուած 2884, Կովկասի համար 208, Կիլիկիոյ համար 2071, նոյնպէս դադարեալ կամ նոր հաստատութիւններու հասոյթէն, Միացեալէն 695, Ազգանուէրէն 180, մասնաւոր յանձնաժողովներէ 958, Պոպով կտակէ 135, Եօանէսքու կտակէ 1242, նպաստից յանձնաժողովին հրատարակած դասագիրքերէ 696, իրեղէն նուէրներէ 188, յատուկ յանձնարարութիւններէ 843: Վերջապէս յիշենք 1918 գումար մըն ալ որ ձեռք ձգուեցաւ հասած դրամները ընթացիկ հաշուի յանձնելով ստացուած պահեստի տոկոսներէ, որոնց ամբողջ գումարը եղած է 82, 447 ( ՆՊՍ. 10-25). գումար մը` որուն հասած չէր երբեք մինչեւ այն ատեն նպաստի անունով բացուած որեւէ ձեռնարկ մը, նոյն իսկ 1880-ի սովելոց յանձնաժողովը, որ իր նախընթացները գերազանցած էր 2857):

3090. ՆՊԱՍՏԻՑ ԾԱԽՔԵՐ

Նպաստից ծախքերուն զանազան ճիւղերը յիշած ենք արդէն 3003), եւ առաջին դրած ենք վիճակներուն պէտքը, այսինքն կարօտ եւ տառապեալ ժողովուրդին յատկացուած օրապահիկի գումարներ: Ասոնք բաշխուած են վիճակներու վրայ, եւ վիճակներն ալ ամփոփուած են վեց կուսակալութեանց համեմատ, որոնք են. Կարին, Վան, Բաղէշ, Տիարպէքիր, Խարբերդ եւ Սեբաստիա, եօթներորդ բաժին մը եղած է Կիլիկիա, եւ ութերորդ ասոնցմէ դուրս մնացած այլեւս վիճակներ: Այդ նպատակին յատկացուած է 27, 858 ոսկի, եւ առաւելագոյն ստացող վիճակներն եղած են, Վան 5980, Մուշ 3843, Կարին 2474, Բաղէշ 1476, Զէյթուն 1253: Իսկ տարիներու մէջ ամենէն շատ բաշխուած է 1899-ին 7100, 1897-ին 4285, 1900-ին 3386: Վիճակներ որ նպաստ ընդունած են, եղած են 36. Կ. Պոլիս ալ առանձինն նշանակուած է 1921, ոչ ամէնը Կ. Պոլսեցիներուն, այլ առհասարակ ուղղակի պատրիարքարան ներկայացողներուն: Այդ նպաստներուն որոշ գիծեր սահմանել դժուար էր. զի տեսնուածին եւ պատշաճին յարմարցնել պէտք էր բաշխումները, բաշխողներուն խիղճին թողլով մնացածը, որոնք տեղւոյն ընտրելագոյններէն կազմուած յանձնաժողովներ էին ( ՆՊՍ. 25-30): Երկրորդ ճիւղը կը կազմէին որբանոցները: Որբերուն խնամքին համար պահ մը խորհուեցաւ կեդրոն բերել, եւ Կ. Պոլսոյ, Զմիւռնիոյ, Ադրիանուպոլսոյ եւ Արմաշի մէջ խնամել, սակայն շուտով եւ թողուեցաւ այդ ձեւը, եւ լաւագոյն սեպուեցաւ իւրաքանչիւր վիճակի մէջ մասնաւոր որբանոցներ ունենալ որոշ որբերու թիւով, եւ իւրաքանչիւր որբի համար տարեկան հինգ ոսկւոյ վարկով: Հրահանգ մըն ալ պատրաստուեցաւ, յանձնարարելով որբանոցները վանքերու մէջ բանալ եւ անոնց արդիւնքները գործածել, գաւառական կեանքի պայմաններով ապրեցնել, ուսմանց համար տեղական զբաղումներ հաստատել, մատակարարութիւնը հոգեբարձութեան մը եւ ներքինը տեսուչի մը յանձնել, որբերը փոխանակելով որոշուած թիւերու մէջ պահել: Իսկ որբանոցներու պայմանաժամը չորս տարւոյ վրայ հաստատուեցաւ ( ՆՊՍ. 31): Այս ոճով 36 որբանոցներ բացուեցան զանազան վիճակներու մէջ ըստ պահանջից. Կիլիկիոյ մէջ 11. Վանայ մէջ 7, Բաղէշի մէջ 5, եւ 13 ուրիշ կուսակալութեանց մէջ: Ծախուց բովանդակութիւնը եղաւ 30. 048, եւ աւելի ստացողներն եղան Մուշ 2162, Մարաշ 2318, Զէյթուն 1648, Եդեսիա 1559, Սեբաստիա 1545, Սալնապատ 1403, Վարագ 1218, Մուշ աղջկանց 1210, Տիարպէքիր 1116, Արաբկիր 1106, Գլակ 1001: Առաւելագոյն ստացողները ընդհանրապէս կարողագոյն որբախնամ ունեցողներն եղան: Որբանոցներուն 36 թիւը հաստատուն մնաց 1899-էն 1902 քառամեային մէջ, անկէ ետքը քառամեայն լրացնողներ եւ նուազ պէտք ունեցողներ հետզհետէ փակուեցան, եւ որբանոցները մինչեւ 16 նուազեցան ( ՆՊՍ. 32-41): Որբանոցներուն նուազելուն առթիւ աւելի զարկ տրուեցաւ գաւառական վարժարաններու, աւելի կարօտ գիւղերը նկատի առնելով քան քաղաքներուն վարժարանները բարձրացնելով: Նպաստից սնտուկին բանալ տուած եւ պահած վարժարանները 34 եղան, որոնց գլխաւորապէս վարժապետի թոշակը կը հայթայթուէր եւ պիտոյք կը ղրկուէին, տեղացիներն ալ հրաւիրելով մասնաւոր օգնութիւն ընել նիւթական նպաստներով եւ տեղ պատրաստելով: Ուսման ծրագիրն ալ յատուկ կազմուեցաւ համեստ պայմաններու շրջանով, կարդալ ու գրել ու հաշուել, եւ կրօնք ու ազգ գիտնալու չափով: Վարժարաններու համար բովանդակ ծախքը եղաւ 10. 189 եւ աւելի ստացողներն եղան Զէյթուն 1390, Սղերդ 1002, Բաբերդ 603, Ալաշկերտ 546, Չարսանճագ 537, Մարաշ 495, Բալու 445, Մալաթիա 345 ( ՆՊՍ. 42-48): Առաջնորդարաններու անունով ալ ծախքեր եղած են վիճակներ յղուած առաջնորդներուն եւ տեղապահներուն եւ փոխանորդներուն ուղեւորութիւնը, հրովարտակը, առձեռն պէտքերը եւ երբեմն պահեստն ալ հոգալու համար, այն մեծ համոզմամբ, թէ տեղւոյն վրայ գլուխ մը եւ հոգածու մը ունենալ շատ աւելի մեծ բարիք է վիճակին, քան թէ դրամական գումար մը հասցնել: Այս կողմէն ծախքերը եղած են 2820, ուսկից առաւելագոյն օգտուողներն եղած են, Վան 437, Մուշ 240, Բաղէշ 148, Տրապիզոն եւ Ճանիկ 138, Բալու 132, Երզնկա եւ Կամախ 120, Սղերդ 113, Չմշկածագ 102 ( ՆՊՍ. 48-50): Յատուկ գլուխ մըն ալ մտցուած է աքսորի եւ բանտի մէջ գտնուողներուն ղրկուած նպաստներուն համար, որոնք բովանդակ եղած են 1112, եւ առաւել նպաստաւորուած են, Շամթարապլուս եւ Աքեա 226, Երուսաղէմ 206, Տիարպէքիր 122, Երզնկա 75, Ղարպթարապլուս 73 ( ՆՊՍ. 50): Եղած են նաեւ ընդհանուր ծախքեր, կարօտութեանց եւ նեղութեանց համար առհասարակ, ըստ պարագայից յատկացուելու համար, եկեղեցւոյ եւ վարժարանի պիտոյք 469, որբոց եւ տնանկաց պիտոյք 366, փոխադրութեանց ծախք 127: Ընդհանուր ծախքեր են եւս նամակի եւ հեռագրի եւ տպագրութեան համար դիւանական ծախքերը 416, եւ դրամական գանձմանց եւ յղմանց համար 86, իսկ գրութեանց համար բնաւ ծախք հաշուուած չէ. զի առաւելագոյն աշխատութիւնը սիրով կատարած են պատրիարքարանի պաշտօնեաները գիշերներ ալ զոհելով, քանի որ ամէն թղթակցութիւն եւ յարաբերութիւն ձեռագիր նամակներով կատարուած են, եւ երեսուն ընդօրինակութեան տոմարներ լեցուած են, եւ գրական պիտոյք ալ պատրիարքարանի սնտուկէն հայթայթուած են: Գլխաւոր հաշուակալութիւնը Օրմանեան անձամբ կատարած է ( ՆՊՍ. 50-52): Վերջապէս տեղեկագիրը առանձին բաժինով կը յիշատակէ յատուկ հաշիւներու ծախքերը, ինչպէս հասոյթներն ալ առանձինն նշանակուած էին, եւ պէտք էր փոխադարձաբար համեմատել, աւելին կամ պակասը իմանալու համար: Այս յատուկ ծախքեր արդէն նշանակուած կարգով եղած են, մասնաւոր հանգանակութեանց համար 216, Կովկասի 385, Կիլիկիոյ 1741, դադարեալ կամ նոր հաստատութիւններէն Միացեալի 1083, նոր հրատարակութեանց 797, մանր յանձնարարութեանց 804, Եօանէսքու կտակին 181, որ է բովանդակ 5206 ( ՆՊՍ. 53-55): Իսկ բովանդակ ծախքերուն գումարը եղած է 79, 398, որով սնտուկի պատրաստը Օրմանեանի հաշիւները փակած օրը եղած է 3049: Տեղեկագիրը կը ցուցնէ թէ ո'ւր կը գտնուին այդ գումարը կազմող մասերը, եւ որչափ ինչ որոնց կը պատկանին, որով զուտ տրամադրելի կը մնայ միայն 783: Ըսուած է եւս թէ հաշիւները կանոնաւորապէս փակուած են 1908 յուլիս 15-ին, եւ թէ պարտք չունի բնաւ նպաստից սնտուկը ( ՆՊՍ. 55): Հարկ չենք տեսներ նպաստի գործէն յառաջ եկած օգտակար արդիւնքները յիշել, որոնք յայտնի կ՚ըլլան գումարներու քանակը եւ կիրառութեանց եղանակները կշռելով: Անօթութենէն եւ մերկութենէն խնայուածներուն մօտ շատ աւելի գնահատելի կը դատենք որբանոցներուն եւ վարժարաններուն դարձուած մտադրութիւնը, եւ եղած ծախքը համագումար 41, 320 ոսկւոյ կը հասնի, որ է տրամադրելի գումարին կէսը: Այդ ծախքը նոր սերունդի մը պահպանութիւնը ապահոված եւ քիչ ու շատ ժամանակին պիտոյից համեմատած է:

3091. ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՇԷՆՔԸ

Որչափ ալ խեղճութեանց եւ կարօտութեանց ժամանակ մըն էր Օրմանեանի պատրիարքութեան միջոցը, սակայն հնար չէր զանց ընել այնպիսի ձեռնարկներ, որոնք յայտնի պահանջներ էին, թէպէտ տրամադրելի գումար չգտնուելուն բարեսէրներու առատաձեռնութեան եւ զուարթառատ տուրքին դիմելու հարկ կար: Պատրիարքը այդ մասին ալ անգործ եւ անպտուղ չմնաց եւ յարմար դիտումներով յաջողեցաւ գոնէ անհրաժեշտ ձեռնարկները ի գլուխ հանել: Այս կարգին առաջին եղաւ պատրիարքարանը, որ թէ' նեղ եւ անձուկ էր պահանջուած պայմաններուն հանդէպ, եւ թէ' հնացեալ եւ խաթարեալ կերպարան ստացած էր անպատիւ երեւնալու աստիճան: Ժամանակով պատրիարքարանի կից Ճանիկ ամիրայի մեծ տունը, եւ երուսաղեմատան եւ պատրիարքարանի միջեւ գտնուած փոքր տնակը գնուած էին նոր պատրիարքարան կառուցանելու դիտմամբ, որուն սակայն միջոցները կը պակսէին եւ խեղճ կացութիւնը կը շարունակէր, եւ նորստացիկ տուները պանդուխտներու բնակարան էին եղած: Օրմանեան փափաքեցաւ գոնէ եղածը կարգադրելով հնարաւոր վայելչութիւնը տալ. ուստի պանդուխտները տեղափոխելով փոքրիկ տունը քակուեցաւ, ամիրայական տունը նորոգուեցաւ եւ հոն փոխադրուեցաւ պատրիարքարանի դիւանը, իւրաքանչիւր ճիւղին, անձնականին, վարչականին յարաբերականին, կրօնականին, գործակատարութեան, արձանագրութեան, ելեւմտից, հաշուակալութեան եւ ազգահամարի զատ զատ սենեակներ յատկացնելով, որոնք առաջ երկու նեղ սենեակներու մէջ ամփոփուած էին. լրագիրներու լրաբերներուն իսկ յատուկ սենեակ, եւ գործի սպասողներուն մեծ սրահները յատկացնելով, եւ պատրիարքարանէ դիւաններուն անցնելու թէ վերնայարկէն եւ թէ գետնայարկէն հաղորդակցութիւններ բանալով: Այս կերպով նախկին պատրիարքարանը պատրիարքին եւ փոխանորդին մնաց, ժողովասրահ եւ սպասման սենեակ որոշուեցան, եւ մեծ դահլիճին հետ վայելչապէս թղթապատուեցան, կարասին ամբողջ նորոգուեցաւ, միակտուր գորգեր սփռուեցան, պատրիարքներու պատկերներ գծագրուեցան եւ շարուեցան, բոլոր մասերը յարդարուեցան, մեծ սանդուխին վրայ գտնուող սենեակը վերցուելով անցքը բացուեցաւ, եւ հեծելութեան յարմարցուած սանդուխին վարի գլուխը փոխուելով ուղղուեցաւ, եւ մուտքի գաւիթին փողոցային սալայատակն ալ մեծ սալաքարերով փոխանակուեցաւ: Արտաքին ճակատն ալ մտադրութենէ չվրիպեցաւ եւ երկու շէնքերու միացմամբ բաւական յարմար կերպարան մը առաւ: Այնպէս որ պատրիարքարանի երեւոյթները ամենուն աչքի զարնելու չափ վայելուչ եւ զարդարուն ներկայանալ սկսաւ: Ծախքերը եւ նիւթեղէնները մասնաւոր դիմումներով հաւաքեց Օրմանեան կարող ազգայիններէն իւրաքանչիւրին յարմարութեան համեմատ, բոլորը իբր 1300 լիրայով փակեց, ու հաշիւն ալ ընկալագիրերով մէկտեղ տնտեսականին ներկայեց: Նորոգութեան ձեռք զարնուեցաւ 1901 փետրուար 26-ին եւ մարտ 24-ին վերջացաւ ( ՕՄԱ. 145): Պատրիարքարանի արտաքին կերպարանին հետ ներքին գործառնութեանց կարգուսարքին ալ պէտք էր մտադրութիւն դարձնել, եւ դարձուեցաւ ինչպէս սկիզբէն բացատրուեցաւ 3011) եւ կրկնելու հարկ չի մնար:

3092. ՇԻՆԱՐԱՐ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքարանէ ետքը պիտի յիշենք մայրաքաղաքի եկեղեցիները, որոնց վրայ նշանաւոր նորոգութիւններ կատարուեցան պատրիարքի դիմումներով եւ քաջալերութիւններով: Գումգաբուի Մայրեկեղեցին անկեալ եւ պատառատուն կերպարան ստացած էր, եւ նորոգուեցաւ սպիտակ մարմարի ոճով եւ ոսկեզօծ գիծերով, սիւնազարդ յաւելուածով եւ նոր ջահերով եւ նստարաններով, Սմբատեան Մանուկ Վանեցի վաճառականի առատաձեռնած գումարով, եւ 1902 դեկտեմբեր 28-ին օրհնուեցաւ եւ 29-ին հանդիսաւոր պատարագ մատուցուեցաւ, եւ բարերարն ալ վախճանելուն, իբրեւ եկեղեցաշէն, Մայրտաճարին քովը թաղուեցաւ: Նոյնին հրաւէրով Գասըմփաշայի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյն վրայ ալ նորոգութիւններ կատարուեցան: Ֆէրիքէօյի Ս. Վարդան փայտաշէն եկեղեցին վտանգ սպառնալու աստիճանին հասած էր, Զենոբ Մէրամէթճեան ճարտարապետի ձեռքով եւ ծախքով վերաշինուեցաւ: Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցին բարեզարդութիւններ ստացաւ Ստեփան Թելլիեան թաղական ատենապետին ծախքով: Նոյնպէս Խասքէօյի Ս. Ստեփանոս եկեղեցին ալ ատենապետ Եղիա Շահպազեանի ջանքով եւ նուէրով վերանորոգուեցաւ: Գուրումչէշմէի Ս. Խաչ եկեղեցին ներքնապէս եւ արտաքնապէս կարգադրուեցաւ թաղեցւոց ծախքով: Պէօյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյն մուտքը ձեւակերպուեցաւ Երամեան Աբրահամ փաշայի ծախքով: Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյն կրած վնասները դարմանուեցան ընդհանուր հանգանակութեան արդիւնքով: Բերայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին ներքնապէս յարդարուեցաւ թաղական հասոյթներով: Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ ժամատունը եւ կալուածները կառուցուեցան Յակոբեան Միքայէլ վաճառականի բարերարութեամբ: Մաքրիքէօյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ ժամատան պակասները լրացան թաղեցւոց առատաձեռնութեամբ ( ՕՄԱ. 146): Եկեղեցական բարեզարդութեան գլխաւոր օժանդակը եւ շինուածներէն ալ աւելի ներքին բարեկարգութիւններն են, եւ այդ մասին դարձուած մտադրութիւնը բացատրած ենք դպրաց դասերուն եւ եկեղեցական երգեցողութեանց վրայ խօսած ատեննիս 3011): Նոյն նպատակին ծառայելու համար կազմակերպուեցան Կաղզուանցի Զաքարիա պատրիարքին մահուան հարիւրամեակի հանդէսը, 1899 մայիս 16-ին Գուրուչէշմէի Ս. Խաչ եկեղեցւոյն մէջ, ուր է բազմարդիւն պատրիարքին գերեզմանը (99. ՍՐՀ. 60): Մեծահանդէս տօնախմբուեցան Բերայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյն հարիւրամեակն ալ, 1907 յունիս 10-ին (07. ԲԻԶ. 3253), եւ 1903 յունիս 8-ին Էջմիածնայ Մայրտաճարին 16-րդ դարադարձը Գումգաբուի Մայրեկեղեցւոյն մէջ (03. ԲԻԶ. 2044), եւ առհասարակ մեծ փոյթ տարուեցաւ եկեղեցական հանդէսներու կարգաւորութեան եւ շքեղութեան, իբր զի երբ ազգային հանդէսներու դէմ պետական արգելքներ կը տիրէին, գոնէ եկեղեցականները անարգել կը կատարուէին, եւ կրօնքի հովանաւորութեան ներքեւ ազգայնոց սիրտն ու միտքը պարարելով, զգացումները վառ պահելու կը ծառայէին: Ձախող պարագայ մը եղաւ Գարակէօմրիւքի Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ հրդեհը 1900 յուլիս 6-ին, ուր կը պատուուէր Խնդրակատար Ս. Աստուածածնայ պատկերը եւ մայրաքաղաքացւոց նշանաւոր ուխտատեղի էր Փոքր-Արմաշ անունով (00. ԲԻԶ. 1140): Պատկերը լուսարար Թաշճեան Արիստակէս քահանայի ձեռքով ազատած` Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցին զետեղուեցաւ յատուկ կոնդակով (00. ԲԻԶ. 1152) եւ ուխտաւորութիւնը շարունակեց: Եկեղեցական բարեզարդութեանց կարգին կրնանք յիշել գերեզմաննոցներու վրայ դարձուած մտադրութիւնն ալ: Շիշլիի բարձունքին վրայ Բերայի նոր գերեզմանատան որմափակը 1884-ին կարգադրուած էր, Օրմանեանի քարոզչութեան միջոցին 2889), բայց դուռը չէր շինուած եւ խեղճ տախտակորմով կը մնար: Այդ պակասը լրացնելու ձեռնարկուեցաւ 1902-ին (02. ԲԻԶ. 1736), եւ երկյարկանի գեղեցիկ շէնք մը բարձրացաւ, քահանայի, տնօրէնի, պահապանի եւ գերեզմանափորերու յատկացեալ սենեակներով, եւ յուղարկաւորներու հանգիստին տրամադրելի սրահներով, եւ 1904 մայիս 16-ին հանդիսապէս օրհնուեցաւ (04. ՍՐՀ. 1603): Ծախքերը հոգացուեցան կալուածներու հոգաբարձութենէն գերեզմաննոցի հասոյթներուն հաշուոյն: Պալըքլըի ընդարձակ եւ Էտիրնէգաբուի յատուկ հնօրեայ գերեզմաննոցներն ալ որմափակուեցան, եւ Պէշիկթաշի եւ Օրթաքէօյի գերեզմաննոցներն ալ, որ Եըլտըզի արքունիքին մօտ էին, գրաւմանէ ազատուեցան ( ՕՄԱ. 146): Բարեգործութիւնն ալ բարեպաշտութիւն է, եւ հիւանդանոցն ալ կը կցենք եկեղեցիներուն: Հիւանդանոցի պահպանութեան եւ կատարելագործման համար եղած ջանքերը եւ կարող հոգաբարձութեամբ մը օժտուելու համար ձեռք առնուած միջոցները (07. ԲԻԶ. 3261), իբրեւ յայտնի կէտեր մանրամասնելու չենք մտներ. սակայն յատուկ յիշատակութեան արժանի են Աբիկ Ունճեան եւ Յովհաննէս Յակոբեան եւ Պատրիկ Կիւլպէնկեան նուիրատուաց ծախքով կառուցուած երեք նոր ընդարձակ տաղաւարները, որ գիտական պահանջմանց համեմատ կառուցուեցան, Միքայէլ Խօրասանճեան բժշկապետի նուէրով կազմուած եւ կազմակերպուած նոր դեղարանը, նոյնպէս հականեխական հաստատութիւնը, եւ Թահթապրունեան Ագաթան եւ Կարապետ եղբարց ծախքով իրենց հանգուցեալ եղբօր Դիոգինէսի յիշատակին շինել տուած նոր եկեղեցին: Երեք յարկերը հիմնուեցան 1905 մայիս 25-ին (05. ԲԻԶ. 2616), իսկ եկեղեցին 1909 փետրուար 10-ին եւ օծուեցաւ նոյն տարւոյ դեկտեմբեր 3-ին (06. ԲԻԶ. 2867 եւ 3118): Հիւանդանոցի բարգաւաճման պարագայ մը եղած է նաեւ կառավարութեան կողմանէ յատկացուած օրական պարէնին 600 քաշ հացի եւ 150 քաշ միսի բարձրանալը, որ կայսեր կողմանէ շնորհուեցաւ 1898 օգոստոս 20-ին Օրմանեան պատրիարքի կողմէ բացատրուած կարօտութեան եւ խնդրուած օժանդակութեան վրայ: Այս փոքրիշատէ յիշատակները բաւական ըլլան նեղ պարագաներու մէջ շինարար գործունէութեան դարձուած մտադրութիւնը բացատրելու:

3093. ԿՐԹԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

Ուսմանց եւ դպրոցաց համար Օրմանեանի ունեցած ընդհանուր հոգածութիւնը առիթ ունեցանք յիշատակել 3004, 3011, 3090), այստեղ աւելցնենք քանի մը մասնաւոր յիշատակներ եւս: Օրմանեան պատշաճ դիմումներով պետական զանազան վարժարանաց մէջ ձրիաբար զետեղեց 25 աշակերտներ 1898 ապրիլ 15-ին (98. ՃԷՐ. 3885), եւ 6 ալ Սուլթանիէ երկրորդական վարժարանին մէջ 1906 սեպտեմբեր 10-ին (06. ԲԻԶ. 1196): Դպրոցականներու քաջալերութեան առիթներ են ամավերջի հանդէսները` վկայականաց կամ մրցանակաց բաշխման համար, որ վերջերը արգիլուած էին կամ ոստիկանական հսկողութեան յանձնուած: Օրմանեան անձնական նախաձեռնութեամբ առաջին անգամ համեստ հանդէս մը սարքեց պատրիարքարանի մէջ 1899 նոյեմբեր 4-ին, եւ իր ներկայութեամբ ոստիկանական միջամտութիւնը խափանելով` հետզհետէ բոլոր թաղերու տարածեց եւ այդ հանդէսները սովորականի վերածեց: Նոյնպէս դպրոցականներու քաջալերութեան համար Ծնունդի եւ Զատկի պաշտօնական ընդունելութեանց աւելցուց ուսուցիչներու եւ աշակերտական խումբերու ընդունելութիւնը. փոյթ տարաւ դպրոցական շինուածներու նորոգութեան եւ առողջապահիկ պայմաններու, իր յորդորներով դաստիարակութեան ծախքերը աւելցուց, աշակերտական բարեկրթութեան հոգ տարուեցաւ, ուսուցիչներուն ընտրութիւնը եւ ընթացքը հսկողութեան ներքեւ առնուեցան, եւ գլխաւորապէս ազգային վարժարանաց նորէն պատրիարքարանի եւ առաջնորդարանի իրաւասութեան ներքեւ անցնիլը յաջողցուց, որ կրթական ջանքերուն պսակն եղաւ ( ՕՄԱ. 147): Մասնաւոր ձեռնարկներու կարգին առանձինն յիշատակութեան արժանի են Խասքէօյի թաղական վարժարանին վերաշինութիւնը Բարաղամեանց ծախքով, Գալֆայեան որբանոցին անկեալ վիճակէն բարձրացումը, եւ տիկնանց խնամակալութեամբ պաշտպանուիլը, եւ կարող մայրապետի մը (02. ԲԻԶ. 1883) եւ քոյրերու հոգածութեան յանձնուիլը, շէնքին հիմնապէս նորոգուիլը, եւ յարկ մը եւս աւելնալը, եւ յարակից Ճեզայիրլեանց ապարանքին կայսերական շնորհիւ ստացուիլը 1908 մայիս 6-ին, որուն հաղորդակցութեան բացումը անձամբ կատարեց Օրմանեան յունիս 27-ին: Ազգային որբանոցին վրայ ալ յատուկ մտադրութիւն դարձուեցաւ` երբ տակաւին Զէյթինպուրնուի Ս. Յակոբի հին շէնքին մէջ կը գտնուէր, հնարաւոր նորոգութիւններ եւ կարգադրութիւններ հոգացուեցան, եւ գլխաւորապէս որբերու ապագան ապահովելու համար արհեստանոցներ բացուեցան չորս առձեռն արհեստներու, կօշկակարութեան, ատաղձագործութեան, թիթեղագործութեան, դերձակութեան գործարաններով եւ կարող ուսուցիչներով. միանգամայն որբանոցի նախակրթարան ուսմանց ալ յատուկ մտադրութիւն դարձուեցաւ, այնպէս որ տարեկան քննութեանց եւ ընդհանուր մրցմանց մէջ, որբանոցի աշակերտութիւնը թաղականներէ բարձր յաջողակութիւն արդարացուց: Նոր որբանոցի կառուցման համար ալ ամէն հոգ եւ ջանք թափուեցաւ, եւ Եէտիգուլէի հիւանդանոցի պարտէզին կամ Իւսկիւտարի Պալեան Վագըֆ գետնին մէջ շինելու արտօնութիւնն ալ ստացուեցաւ (07. ԲԻԶ. 3204), բայց շինութեան ծախքին դժուարութեանց առջեւ վերջէն Տիգրան Գարակէօզեան կտակին արդիւնքովը իրականացաւ 3035): Ռէթէոս Պէրպէրեանի վարժարանին համար ըրածն ալ նշանաւորագոյն եղաւ, ուրիշ մասնաւոր վարժարանաց համար ըրածներուն կարգին, իբր զի բաւական տարիներէ ի վեր արդիւնաւոր հաստատութիւն մը եղած էր, եւ քանիցս վարժարանին համար կրկնուած կառավարական դիտողութիւններ պատրիարքին միջնորդութեամբ հարթուած էին: Երբոր Պէրպէրեանի նախկին սաները փափաքեցան քսանեւհինգամեայ յոբելեանի առիթով հանդէս մը եւ օժանդակութիւն մը ընել իրենց ուսուցչին, Օրմանեան ամենայն ինչ իր անձնական պատասխանատուութեան ներքեւ առաւ, որով կառավարական դժուարութիւններ հարթուեցան, հանգանակութիւնը արդիւնաւորուեցաւ, եւ 1901 հոկտեմբեր 28-ի եկեղեցական եւ դպրոցական հանդէսները ամենայն փառաւորութեամբ եւ ոգեւորութեամբ կատարուեցան. Պէրպէրեան հիմնարկութեան 1876 թուականը, Ռ. Պ. Հ. Զ., Ռէթէոս Պէրպէրեան Հայր Զարգացելոց վերտառութեամբ արձանագրուեցաւ, Պէրպէրեան ուսուցչապետի կոչմամբ պատուուեցաւ, եւ պատրիարքի քարոզին բնաբանը, Սիրեաց զիմաստութիւն եւ յարգեցաւ ( ԱՌԿ. Զ. 9), վարժարանին նշանաբանը դարձաւ, եւ իրօք ալ ամէն բանէ վեր իմաստասէր մըն էր Պէրպէրեան: Իսկ երբ Ռէթէոս Պէրպէրեան անակնկալ կերպով վախճանեցաւ 1907 ապրիլ 8-ին եւ զաւակները չափահաս չէին (07. ԲԻԶ. 3201-3203), Օրմանեան թէ' վարժարանին եւ թէ' զաւակաց խնամակալութիւնը ուղղակի իր վրան առաւ, ժառանգական եւ կառավարական գործոց համար պաշտօնէական յանձնաժողով մը կազմեց (07. ԲԻԶ. 3201), վարժարանին տեսչութիւնը Պետրոս Կարապետեանի յանձնեց, ամէն պարագայից անձամբ հսկեց, եւ Ռէթէոս Պէրպէրեանի յաջողակ եւ կարող հսկողութեամբ ազգին մեծապէս օգտակար եղած երեսուն եւ միամեայ հաստատութիւնը անվտանգ պահպանեց, եւ ամավերջի հանդէսն ալ կանոնաւորապէս կատարեց (07. ԲԻԶ. 3270): Այստեղ յիշենք եւս ԼՈՅՍ կրօնաթերթին հրատարակութիւնը 1905 յունուար 1-ին, Բաբգէն Կիւլէսէրեան վարդապետի խմբագրութեամբ եւ Կարապետ Խօրասանճեանի դրամական ձեռնտուութեամբ, որուն պատրիարքն ալ լայնօրէն գործակցեցաւ, եւ իր տեսակին մէջ լաւագոյն հրատարակութիւնն եղաւ. սակայն միայն երկու տարի կեանք ունեցաւ: Կրթական ջանքերուն մասին այս քանի մը ակնարկները բաւական կը սեպենք, ճաշակ մը տուած ըլլալու համար:

3094. ՑՐԻՒ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ

Պաշտօնական շրջանակի ուրիշ ճիւղերն ալ չվրիպեցան Օրմանեանի մտադրութենէ: Քաջ գիտնալով որ կերպերը աւելի դիւրամատոյց կ՚ընծայեն գործերը քան իսկութիւնները, եւ թէ յարաբերութիւններ իրաւունքներէ եւ փաստերէ աւելի կազդեն դժուարութիւններ հարթելու, Օրմանեան յատուկ մտադրութիւն դարձուց ամէն շրջանակի հետ լաւ յարաբերութիւններ պահելու, առանց ստրկութեան հասցնելու եւ առանց բախումներ յառաջ բերելու: Այդ նկատմամբ թէ' արքունիքը, թէ' նախարարութիւնները եւ թէ' դեսպանատունները իրեն մօտիկ եւ իրեն հանդէպ բարեմարդիկ պահեց, ի հարկէ առաւելապէս անոնք որոնց հետ գործերու կամ դիմումներու շփոթներ յաճախ էին: Հայոց պատրիարքարանը արքունեաց եւ նախարարութեանց շրջանակներու մէջ պատուաւոր դիրք պահեց, դեսպանատուններու մէջ գնահատելի տեղ բռնեց, արտաքիններու աչքին յարգելի վիճակ ունեցաւ, պատրիարքարաններու հետ բարեկամական կապ հաստատեց, եւ հանրութեան կողմէ ակնածելի վերաբերում տեսաւ ( ՕՄԱ. 148): Օրմանեան հաստատեց տարին մէկ անգամ պատրիարքներու անձամբ այցելելու սովորութիւնը, ինքն կանխելով Յունաց պատրիարքարանը երթալ (98. ԱՐՐ. 208), իսկ Կաթոլիկաց եւ Պուլկարաց պատրիարքարանները անոնց գալէն ետքը փոխադարձ այցելել: Ծնունդի առթիւ այցելութիւնները դարձեալ փոխանորդներուն թողուց, զի այլապէս ինքն պարտաւոր պիտի ըլլար ամենուն կանխել, Հայոց Ծնունդը ամենէն վերջը տօնուելուն պատճառով: Մերթընդմերթ մասնաւոր այցելութիւններ ալ աւելցուց, պատրիարքներու համերաշխ դիմումներ պատրաստելու համար, որով կը զօրանային իր ընելիք դիմումները: Մօտէն յարաբերութիւններ պահեց եւրոպական թղթակցութեանց եւ հեռագրութեանց ներկայացուցիչներուն հետ, որով թէ' արտաքին անցուդարձերու կը տեղեկանար, եւ թէ' պէտք եղած տեղեկութիւնները հաղորդելու եւ հասցնելու դիւրութիւն կ՚ունենար: Իսկ ազգային շրջանակի մէջ ոչ մէկու հետ յարաբերութիւնները խզեց կամ համառօտեց, որչափ ալ իրեն հանդէպ հակակիր ըլլային, եւ գործերու գլուխ պաշտօնեաներ բերելու առիթներուն, կարողութիւնն ու կամեցողութիւնն էր իր փնտռածը եւ ոչ համակիր կամ հակակիր զգացումները, ամէն բանէ առաջ գործը յաջողցնելու եւ նպատակին հասնելու տեսակէտին հետեւելով: Այս նպատակով էր որ գաւառական առաջնորդներն ու տեղապահները եւ տեղական ժողովներու հայ անդամները շքանշանով կամ աստիճանով բարձրացնելու միտ կը դնէր, որ յաջող եւ ակնածելի ըլլան իրենց պաշտօններուն վրայ: Գործ յաջողցնելու նպատակով թղթակցութեանց շատութենէն ալ չէր խուսափեր, եւ կրնանք ըսել թէ շատ ցանցառ էին անպատասխանի թողուած նամակներ, անոնք ալ որոշ պատճառի մը հիմնուելով. կարեւոր գրութիւններն ալ անձամբ կը խմբագրէր, զոր աւելի դիւրին կը գտնէր քան թէ իր ըմբռնումները փոխանցելը եւ պատրաստուած սեւագրութիւններ ուղղելը: Երբոր ընդհանուր էր պէտքը հրահանգներ ու հրամաններ կը սփռէր իբրեւ գործերու ուղեցոյց, ինչպէս եղան որբանոցներու հրահանգը (98. ԱՐՐ. 303), արհեստանոցներու շրջաբերականը (02. ԲԻԶ. 1606), Գալֆայեան որբանոցի կոնդակը (02. ԲԻԶ. 1891), եկեղեցական գոյից պահպանութեան հրահանգը (05. ԲԻԶ. 2580) թեմօրէից փոխանորդներու կարգադրութիւնը (05. ԲԻԶ. 2537), կալուածոց կանոնագիրը (05. ԲԻԶ. 2722), առաջնորդական ընտրելեաց ցուցակը (07. ԲԻԶ. 3237), ամուսնական դատերու հրահանգը (07. ԲԻԶ. 3283), եկեղեցեաց եւ թաղականութեանց շրջաբերականը (07. ԲԻԶ. 3089), եւ քահանայացուաց ընտրութեան խնդիրը (07. ԱՐԼ. 6393), եւ ուրիշ շատեր, որոնցմէ յիշած ենք արդէն դպրաց կանոնագիրը, եւ եկեղեցեաց բարեկարգութեան ծրագիրը, եւ պատրիարքական սնտուկին (08. ԲԻԶ. 3164), եւ նպաստից գումարներուն համարատու տեղեկագիրները: Խոհական զգուշաւորութեանց հետեւողութիւնը, որչափ ալ մօտ էր Օրմանեանի միտքին իզուր խնդիրներ չշատցնելու համար, սակայն հարկ եղած դիտողութիւններէն եւ բողոքներէն եւ նախաձեռնութիւններէն ալ երբեք չէր խուսափեր: Չեղաւ անտեղութիւն կամ անիրաւութիւն, որուն համար լռութիւն պահած ըլլար ( ՕՄԱ. 314-332). ազգօգուտ բայց կառավարութեան անհամակիր անձանց մասին ալ պարտուպատշաճը զանց չըրաւ, եւ փառաւոր հոգեհանգիստներ կատարեց Նուպար փաշայի, Գրիգոր Ջանշեանցի, եւ Խրիմեան կաթողիկոսի, թէպէտ կային չընելու յորդորողներ` կառավարութեան մտադրութիւնը չհրաւիրելու համար: Եկեղեցական զեղծումներու մասին ալ անաչառ նախանձախնդիր կանգնեցաւ, եւ իր վճիռներով կարգալոյծ հռչակեց Կիրակոս Կէօքեան, Գարեգին Աժտէրեան, Ներսէս Ըշըլեան վարդապետները, եւ Խորէն Մուրատեան, Ղազար Տէր-Ղազարեան, Յովհաննէս Տէր-Յովհաննէսեան քահանաները, եւ երբեք չզիջաւ վճիռը ետ առնել, կարգալոյծը եկեղեցականօրէն մեռեալ եւ մեռելոց յարութիւնը իր կարողութենէ վեր դասելով: Յիշենք եւս ամերիկաբնակ Յովհաննէս Թաւշանճեանի նշանակած նուէրով բացուած քարոզի մրցումը, որուն ընթացքը կարգադրել, քննութիւնները կատարել եւ յատուկ հատորով հրատարակել տուաւ (03. ԲԻԶ. 1988): Պաշտօնական գործերուն կարգին ի դէպ է յիշել հին կտակներու մասին կատարած կարգադրութիւնները. զի շատերուն դրամագլուխները կորած կամ կալուածները ոչնչացած էին, եւ շատերուն դրամագլուխն ալ անկեալ թղթադրամով էր կազմուած, եւ եկեղեցիներու բեռ էին եւ ոչ օգուտ, որոնց ամէնքը հաստատուն հիման մը վերածեց, Մայրեկեղեցւոյ Պէզճեան կտակէն սկսելով (97. ՃԷՐ. 3783): Պսակներու օրհնութիւնը հարկաւ եկեղեցւոյ եւ ոչ տուներու մէջ կատարել հրամայեց (02. ԲԻԶ. 1892): Մայրեկեղեցւոյ քահանայից դասը երեք թաղերու վրայ բաշխեց ու զատեց (98. ԱՐԼ. 3776): Իւսկիւտարի երեք թաղերուն վարժարանական միութիւն հաստատեց (05. ԲԻԶ. 2715), թէպէտ յարատեւ չեղաւ: Բերայի մէջ կարօտ հիւանդներու դարմանատուն բանալ տուաւ (97. ՃԷՐ. 3663): Եւ վերջապէս Եթովպացի պատուիրակութեան մը Կ. Պոլիս գալուն առթիւ բանակցութեան մտաւ, եւ մինչեւ իսկ եթովպական եկեղեցին` ազգային հայկականին հետ յարաբերութեան եւ կապակցութեան բերելու գրաւոր առաջարկ ներկայեց (05. ԲԻԶ. 2623):

3095. ԾԻԾԱՂԱՇԱՐԺ ՄԻՋԱԴԷՊԵՐ

Ներուի պահ մըն ալ ինչ ինչ թեթեւ, եւ աւելի ծիծաղաշարժ քան կարեւոր միջադէպեր յառաջ բերել, որոնք կրնան գաղափար մը տալ թէ ինչ տարադէպ պարագաներու մէջ անցան Օրմանեանի պատրիարքութեան օրերը: Թաղական վարժարանները իրենց մանկապարտէզի բաժինին պզտիկներուն կարմիր գոգնոցին վրայ սովորութիւն ըրած էին երկու սկզբնատառ նշանակել, եւ ըստ այսմ Պալաթի վարժարանն ալ Խ. Մ., Խորէնեան Մանկապարտէզ, տառերը որոշած էր: Քսու անձեր, որ դժուարին ժամանակներու մէջ աւելի շատցած էին իբրեւ լքուած արտերու մոլախոտներ, կառավարութեան կը թելադրեն թէ խեղճ մանուկ կը նշանակէ, եւ թէ կառավարութեան դէմ ցոյց մըն է կոտորածներու յիշատակը վերանորոգելու: Օրմանեան կը պարտաւորուի գրաւոր եւ բերանացի շատ մը աշխատութեանց ներքեւ մտնել համոզելու համար թէ անհիմն քսութիւն է, եւ միայն վարժարանին անունին նշանակն է: Ուրիշ անգամ մը պատրիարքին գրաւոր հրաման կը հասնի որ հայ օրիորդներու եւ մանկամարդ կիներու արգիլէ կարմիր բաճկոնակ գործածել, իբր թէ կարմիրը յեղափոխութեան նշանակ է, եւ զայն գործածել հայ յեղափոխութիւնը ցուցադրել է: Այս անգամ ալ նոր աշխատութիւն եւ երթեւեկ եւ բացատրութիւն հարկ կ՚ըլլայ կատարել իմացնելու համար թէ տարւոյն նորաձեւութեան հետեւանքն է, եւ նորաձեւութեանց հեղինակները Հայերը չեն այլ Փարիզի գործարանները, եւ Հայեր գտածնին գործածելու ստիպուած են: Եկեղեցական երգեցողութեան մէջ եռաձայնի տրուած քաջալերութիւնը ուրիշ քսուներու առիթ կ՚ընծայէ տեղեկագրել, թէ Օրմանեան եկեղեցիները թատրոնի փոխարկած է, եւ այս առթիւ համախմբութիւններ կը պատրաստէ: Օրմանեան բաւական կը յոգնի արքունիքը համոզելու թէ եկեղեցական պաշտամունք երգեցողութեամբ կը կատարուին, եւ եղածը երգեցողութեան կանոնաւորութիւնն է, եւ ժողովուրդին համախմբութիւնը գոհ մնալուն հետեւանքն է, եւ եկեղեցեաց համախմբութիւնն ամենէն անվնաս մանաւանդ թէ օգտակարն է. այլ եթէ կառավարութեան անհաճոյ կ՚երեւի, թող հրամայուի եւ ժողովուրդը գինետուններու եւ սրճարաններու կը դարձնէ: Ուրիշ անգամ մը ազդարարութիւն կը տրուի պատրիարքին թէ արտասահմանէ եկած յեղափոխականներ կը շրջին քաղաքին մէջ եկեղեցական տարազի ներքեւ: Այս անգամ ալ հարկ կ՚ըլլայ Օրմանեանի ուժգնապէս պնդել, թէ բոլոր եկեղեցական տարազ կրողներ անունով եւ դէմքով ծանօթ են պատրիարքարանին, եւ թէ անծանօթ մնացած եւ եկեղեցական տարազ կրող անձ չկայ քաղաքին մէջ, որ եթէ ոստիկանութիւնը կը ճանչնայ թող մատնանիշ ընէ որ ինքն քննէ եւ ստուգէ: Ուրիշ անգամ մը կայսերական թիկնապահով արքունիք կը հրաւիրուի Օրմանեան, ուր իրեն կը հաղորդուի թէ հազար հայ յեղափոխականներ Կիպրոսի մէջ զինուած կը սպասեն Կիլիկիա անցնիլ, եւ պատրիարքէն կը պահանջուի անոնց արշաւանքը արգիլել: Պատրիարքը կը ժպտի, եւ երբ առաջարկը կը կրկնուի, կը պատասխանէ թէ Կիպրոսէ Կիլիկիա ծովով անցնիլ հարկ է, ուստի իր տորմիղը պիտի ղրկէ հրոսակին անցքը արգիլելու: Եւ վերջապէս կը յայտարարէ, որ եթէ ստոյգ է, արգիլել կառավարութեան գործն է եւ ոչ իրեն, այլ թէ զրոյցը անհիմն է, եւ թէ այսպիսի գործի մը բնաւ հաւանականութիւն չկայ, եւ այս յայտարարութեամբ կայսրը կը գոհանայ: Օր մը յանկարծ բոլոր գրավաճառներ պատրիարքարան կը դիմեն թէ գրաքննութիւնը բոլոր Ժամագիրքերը գրաւած եւ կնիքի ներքեւ առած է, ճակատը Հայաստանեայց բառը գտնուելուն համար: Պատրիարքը գործը վրան կ՚առնէ եւ իսկոյն արքունիք կը փութայ յայտարարել թէ մտադիր է եկեղեցիները փակել, վասնզի նոր իմացեր է որ այդչափ դարերէ ի վեր եկեղեցւոյ մէջ գործածուած աղօթքները վնասակար են եղեր, մինչ պաշտօնեայք առանց Ժամագիրքի ալ գոց կը զրուցեն, ուստի դարմանը արմատաքի ընելու համար եկեղեցիները փակել հարկ կը սեպէ: Գրաքննութեան ձախող քայլը կայսրն ալ դժգոհ կը թողու, եւ իսկոյն հրաման կը տրուի կնիք եւ արգելք վերցնել, եւ միջադէպը կը փակուի: Հայաստանեայց բառին կիրառութիւնը ուրիշ առիթով ալ նախարարութեան եւ պատրիարքարանի մէջ երկար գրութեանց առիթ կ՚ընծայէ, պատրիարքական կոնդակի մը մէջ գործածուած ըլլալուն առիթով: Նախարարութիւնը Հայաստանեայց եւ Հայոց բառերու տարբերութեան կը մտնէ, առաջին աշխարհագրական եւ երկրորդը ազգաբանական կոչում ցուցնելով. մինչ Օրմանեան նոյնանշանակ ըլլալը կը պնդէր, եւ վերջապէս հայերէն բառերու իմաստը նախարարութեան գրագիրներէն սորվելու պէտք չունենալը յայտարարելով խնդիրը կը վերջացնէ: Անգամ մը գինով մը ձերբակալուելով գրպանէն Հայոց Պատմութեան ձեռագիր թերթ մը կ՚ելլէ, եւ ծագումը փնտռուելով իր պզտիկ տղուն դպրոցէն բերած ըլլալը կ՚իմացուի, եւ տղուն դասարանին վարժուհին կ՚ամբաստանուի եւ դատարանի կ՚ենթարկուի: Օրմանեան անձամբ առաջ կ՚անցնի, վարժարանաց կարգադրողն ու պատասխանատուն ինքն ըլլալը կը յայտնէ, եւ վարժուհիին տեղ զինքն դատելու հարկը կը ցուցնէ, գործը կ՚երկարի փոխադարձ պնդումներու վրայ, մինչեւ որ կայսերական հրամանով խնդիրը կը փակուի եւ դատաստանը անհետեւանք կը թողուի: Իսկ Օրմանեան վարժապետներու եւ վարժուհիներու երկիւղը փարատելու համար շրջաբերականով կը հրամայէ Հայոց Պատմութիւնը զանց չընել, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն անունը գործածելով: Պետական գրաքննիչներէն մէկը, դժբախտաբար ուրացեալ հայ վարդապետ մը, Հայր մերին մէջէն եկեսցէ արքայութիւն քո բառերը կը ջնջէ, իբր թէ Հայերը ազգային թագաւորութիւն ունենալ կը ձգտին: Բարեբախտաբար հայերէնագէտ թուրք գրաքննիչ մըն ալ պատրիարքարանի օգնութեան կը հասնի` յայտարարելով թէ քրիստոնէից տիեզերական աղօթքն է, եւ օսմանեան կառավարութիւնը ծիծաղելի կը դառնայ այս տեսակ որոշումով մը: Օրմանեան աշխարհիկ լեզուն կանոնաւորելու փափաքով արդի հայերէնի բառարան եւ քերականութիւն պատրաստելու համար յանձնաժողով մը կը կազմէ ամէն դաւանութիւններէ գրագէտ հայ անդամներով, եւ յատուկ հրահանգ եւ ուղեցոյց ալ յօրինելով: Այս անգամ ալ սովորական քսուներ կը հասնին թելադրել, թէ համահայկական մարմին մըն է կազմուածը, ազգայնական տեսակէտով, եւ Օրմանեանի կ՚ազդարարուի ետ կենալ այդ խորհուրդէն, բառարանն ու քերականութիւնը պատրիարքական պաշտօնի վրայ գտնուողին գործը չըլլալուն պատճառանքով: Թէպէտ Օրմանեան կը պատասխանէ թէ իրեն պէս ուսուցչութենէ եկող պատրիարքի մը գործն է իր ձեռնարկը, սակայն անդամակցութեան հրաւիրեալներ կասկածով ետ կը քաշուին եւ գործը կը խափանուի: Ինչպէս ըսինք, այս պատմուածները աւելի ծիծաղաշարժ, քան թէ կարեւոր միջադէպներ են, սակայն գոնէ իբրեւ նմոյշ կը ծառայեն, եւ կը ցուցնեն թէ մինչեւ ո'ւր իջնալ եւ յոգնիլ պարտաւոր էր ժամանակին պատրիարքութեան վրայ գտնուող անձը, որ եթէ ոչ յարգանք` գոնէ արգահատանք կրնայ հրաւիրել իր վրայ ( ՕՄԱ. 321): Անցողակի աւելցնենք որ Օրմանեան թէպէտ ամէն կողմէ հասնող սպառնական գիրերը ծածուկ կը պահէր, սակայն հարկ սեպեց բացառութիւն ընել քանի մը նամակներու համար, որոնք փոխանակ սպառնական ոճոյ, շնորհակալութիւն եւ գոհունակութիւն կը յայտնէին թէ այսչափ գումար եւ զէնք յղած էր յեղափոխականներուն, եւ այսչափ ալ կը խոստանար տակաւին յղել: Այդ ալ յայտնապէս ծիծաղաշարժ դէպքերու շարքին կը պատկանէր:

3096. ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆԱՑ ՄԱՀԵՐ

Պատմութեանս կարգին նոր եւ գլխաւոր եղելութեան մը չանցած, ինչպէս եղաւ ազգային շրջանակի մէջ Օրմանեանի պատրիարքութենէ դադարիլը, համառօտ ակնարկներով մահացուցակ մըն ալ կ՚ուզենք աւելցնել զանազան պարագաներով յիշուած անձերէն պատմագիրի պարտաւորութեանց լրումը նկատելով այդ մասն ալ: Եկեղեցական դասակարգէն սկսելով յիշենք նախ Մուրատեան Մելքիսեդեկ եպիսկոպոսը, որ 67 տարեկան վախճանեցաւ 1903 յուլիս 12-ին (03. ԲԻԶ. 2074), եւ որուն մասին խօսած ենք իր Երուսաղէմի գործունէութեան 2742, 2868), եւ մանաւանդ կաթողիկոսական ընտրութեան առթիւ 2930): Երբոր ամէն կողմերէ յուսախաբ եւ յուսահատ մնաց` յանձնառու եղաւ Զմիւռնիոյ առաջնորդութեան դառնալ, բայց աւելի հանգստանալու եւ հանգիստ վախճանելու համար, զի կեանքին այս վերջին մասին մէջ որեւէ արդիւնաւոր գործունէութիւն չունեցաւ: Մուրատեան իր ունեցած ձիրքերով եւ ստացած պաշարովը աւելի փառաւոր եւ աւելի արդիւնաւոր կեանք մը ունեցած կ՚ըլլար, եթէ կաթողիկոսութեան մարմաջով զգլխումի կերպարան առած չըլլար: Զմիւռնիոյ առաջնորդութիւն վարած էր նաեւ Ներսէս եպիսկոպոս Ասլանեան, որ Տրապիզոնի առաջնորդութեան մէջ վախճանեցաւ 1905 նոյեմբեր 4-ին (05. ԲԻԶ. 2792): Չափաւոր կարողութեան բայց համեստ բնաւորութեան տէր անձ մը եղաւ Ասլանեան, իր ժամանակակից եւ ընկերակից եկեղեցականաց մէջ արժանաւորագոյնը, որ անոնց թեթեւութեան ալ չհետեւեցաւ, երբոր Այազմալեանը` Դիմաքսեան, Իւսլիւքճեանը` Ապահունի, Մէխանէճեանը` Արշարունի, Իսքէնտէրեանը` Ռուբինեան անուններով զարդարուեցան: Աւելի սիրող եղաւ Կ. Պոլսոյ հանդարտ կեանքին քան գաւառական փոթորկալից մթնոլորտին, այր երբոր ստիպուեցաւ Եւդոկիոյ, Վանայ, եւ Զմիւռնիոյ վիճակներն ալ գնաց հովուելու, բայց միշտ առաջին առիթով թօթափելու պայմանով: Տարաժամ վախճանեցաւ տակաւին 51 տարեկան: Քիչ առաջ վախճանած էր Յովսէփ Այվազեան եպիսկոպոս Եգիպտոսի առաջնորդութեան մէջ, 1904 յունիս 5-ին, 71 տարեկան եղած ատեն (04. ԱՐԼ. 5585): Այվազեան հայ հռոմէական եւ ոչ-վանական կղերին կը պատկանէր, եւ Պարտիզակ ղրկուելով այնտեղ կաթոլիկութիւն քարոզած եւ հետեւողներ շահած էր, բայց վերջէն իրեններով միասին Հայ եկեղեցւոյ ծոցը դարձաւ եւ նախանձայոյզ գործիչ, հմուտ վարդապետ եւ վարժ քարոզիչ հանդիսացաւ, եւ զանազան վիճակներ տեղապահութիւն վարելէ ետքը Եգիպտոսի առաջնորդ ընտրուած էր: Լի աւուրբք վախճանեցաւ 1907 յուլիս 15-ին (07. ԲԻԶ. 3283): Մեսրոպ եպիսկոպոս Սուքիասեան 73 տարեկան, կրօնական ժողովոյ ատենապետութեան մէջ 3076), որ թէպէտ գործունեայ ձիրքերէ զուրկ չէր, սակայն շատ մեղադրուեցաւ, իր Տրապիզոնի եւ Եգիպտոսի եւ Ադրիանուպոլսոյ առաջնորդութեանց մէջ, միշտ անհատական շահի զակատեալ ըլլալու պատճառով: Վերջին ատեններ յոգնած եւ դադարած առանձնական կեանք կը վարէր Կ. Պոլսոյ մէջ, եւ վերջին յիշատակ մը թողուց ազգային հիւանդանոցի եկեղեցւոյն նուիրելով իր ծանրագին եպիսկոպոսական զգեստը: Իրմէ առաջ վախճանած էր 1906 ապրիլ 7-ին Բարթողիմէոս եպիսկոպոս Չամիչեան, զոր յիշած ենք Պրուսայի առաջնորդութեան առթիւ եւ ներկայացուցած ենք պատրիարքական տեղապահութեան մէջ, ուսկից ետքը անպաշտօն կեանք կը վարէր` երբ վախճանեցաւ 68 տարեկան: Անձնդիւրութեան, անհոգ հանգստեան եւ հեշտալից հաճոյից տիպար մըն էր իր անհատական կեանքին մէջ. իսկ մտայնութեամբը համոզուած տաճկասէր մը ըստ ամենայնի եւ յամենայնի, եթէ չուզենք կարծել որ այդ զգացումը իբրեւ յաջողութեան միջոց կը գործածէր: Իր վրայ խօսուած մեղադրանքներ այդ կէտին շուրջը կը դառնային, ազգային օգուտն ու իրաւունքը անարգելու եւ զոհելու չափ, եւ նոյն իսկ պատրիարքանալու անյագ տենչանքն ալ այդ կերպով յաջողցնել կը յուսար, թէպէտ յուսախաբ մնաց 2995): Ծերունի մըն էր Պետրոս եպիսկոպոս Թահմիզեան, որ 90 տարին լրացուցած վախճանեցաւ 1907 ապրիլ 22-ին (07. ԲԻԶ. 3212), թէպէտ մինչեւ վերջը սպիտակ չունէր մօրուքին մէջ: Իր գործունէութեան սկիզբը ամբաստանուած էր, իբրեւ Գալֆայեան Կարապետ Սեբաստիոյ եպիսկոպոսին մահուան պատասխանատու, սակայն արդարացաւ եւ յաջորդեց եւ շատ երկար պաշտօնավարութիւն ունեցաւ եւ պաշտօնին վրայ վախճանեցաւ: Արտաքին կերպարանով վտիտ եւ տկար, կենցաղով ու սնունդով ճգնաւորի տիպար, արտաքին գործունէութեան իբրեւ թէ անկար, սակայն անշահասէր, բարեխնամ եւ ժիր առաջնորդ մը եղաւ իր վիճակին, եւ յօժարակամ քննիչի եւ խաղաղարարի դեր ալ վարեց դրացի վիճակներու մէջ: Տարբեր ճամբու հետեւեցաւ Ղեւոնդ եպիսկոպոս Շիշմանեան, որ 68 տարեկան վախճանեցաւ 1904 դեկտեմբեր 12-ին (04. ԲԻԶ. 2747), Երուսաղէմի մէջ, ուր աքսորական կը մնար Կարնոյ առաջնորդութենէն վտարուած: Աշխարհի կեանք վարելէն եւ այրիանալէն ետքը միաբանած էր Արմաշի, եւ առաջնորդութիւններ վարած Պիլէճիկ եւ Եօզքատ եւ Կարին. սակայն եկեղեցական կոչումը շուկայիկ կեանքի ձեւով վարած ըլլալու գաղափարը տուած էր միշտ, ինչպէս որ մենք ալ յիշեցինք Երուսաղէմի խնդիրին վրայ խօսած ատեննիս 3049): Յիշենք նաեւ Յովհաննէս Գազանճեան եպիսկոպոսը, պիտականուն կաթողիկոսը 2989), որ հակառակաթոռ կոչուելու կարեւորութիւնն ալ չունեցաւ, որ Օրմանեանի պատրիարքութեան սկիզբը Ատանայէ եւ Կիլիկիայէ վտարուեցաւ եւ Վերիտոն մնաց, մինչեւ որ Խապայեանի գահակալութենէն ետքը Սիս փոխադրուեցաւ, եւ պարզ եպիսկոպոսի աստիճանով եւ դիրքով ապրեցաւ մինչեւ իր մահը 1907 յուլիս 12-ին, արդէն 80 տարեկան եղած ատեն: Գազանճեան ոչ մեծամեծ ձգտումներու եւ ոչ փքուռոյց յաւակնութիւններու մարդ էր եղած. եւ միայն այդ զգացմանց տէր Աբրահամ Մամիկոնեան եպիսկոպոսի կրաւորական հետեւող մը եղաւ, եւ ինքզինքը կ՚արդարացնէր թէ ապօրինի օծութիւնը յանձն առած էր Աբրահամի ասպարէզ չտալու համար: Հանգուցեալ եպիսկոպոսներու հետ յիշենք կրօնական ժողովոյ անդամակից Խաչատուր Տէր-Գաբրիէլեան, եւ 1903 յունիս 14-ին վախճանած Գաբրիէլ Խանճեան, եւ 1907 ապրիլ 17-ին վախճանած Կարապետ Սեթեան քահանաները, որոնք Կ. Պոլսոյ քահանայութեան ընտրելագոյն անդամներն էին իրենց կեանքովը եւ պաշտօնովը, առաջինը աւելի բարեսիրտ ողորմածութեամբը, երկրորդը ծիսական եւ ծխական յաջողակութեամբը, եւ վերջինը վարչական գործունէութեամբը, որ եւ մահուան անկողինին մէջ կատարեց իր յիսնամեայ յոբելեանը (07. ԱՐԼ. 6444):

3097. ԺՈՂՈՎԱԿԱՆԱՑ ՄԱՀԵՐ

Շատ ընդարձակ պէտք էր ըլլար ցուցակնիս եթէ Օրմանեանի պատրիարքութեան միջոցին աշխարհական դասէ պակսած նշանաւոր եւ ականաւոր ազգայիններուն անունները ուզէինք լիովին յառաջ բերել: Ուստի գլխաւորապէս պաշտօնական շրջանակին մէջ ամփոփուելով` յիշենք նախ Էլիաս Չայեան քաղաքական ժողովոյ ատենադպիրը, որ 1902 ապրիլ 21-ին կը վախճանէր: Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ մինչեւ խորհրդականութեան օգնականի պաշտօնը հասած էր, եւ անկէ պետական խորհուրդին կ՚անցնէր: Կարող եւ խոհական անձնաւորութեան համբաւ էր ստացած, ազգային շրջանակներու մէջ ալ գովութեամբ պաշտօնավարած էր (02. ԲԻԶ. 1690): Վարչութեան անդամ էր նաեւ Սեպուհ Տէմիրճիպաշեան, 1905 նոյեմբեր 17-ին վախճանած, առեւտրական շրջանակին մէջ ականաւոր եղած, եւ գլխաւորապէս պետական հայթայթմանց յանձնառու եղած եւ պատուաւոր համբաւով ապրած, ազգային շրջանակին մէջ ալ խորհուրդներու եւ յանձնաժողովներու եւ տեսչութիւններու մէջ արդիւնաւոր գտնուած (05. ԲԻԶ. 2796): Վարչութեան անդամ էր եւս Գրիգոր Գարակէօզեան` սեղանաւորաց դասակարգէն, որուն մասին խօսեցանք Գարակէօզեան կտակի վրայ տրուած բացատրութեանց կարգին 3095): Ունեւոր ազգայիններէն մէկն էր, բայց իբրեւ կամքը դժկամակ եւ ձեռքը ժլատ անձ մը ըմբռնուած էր, որչափ ալ որեւէ նուէրէ ետ մնացած չէր, եւ Գումգաբուի աղջկանց վարժարանն ալ իր արդեամբ վերաշինած էր: Այս պարագաներուն մէջ աւելի կերպը քան թէ իրն էր որ իր մասին կազմուած ըմբռնման պատճառ կ՚ըլլար: Հակառակ իր աստիճանին եւ կարողութեան, նոյն իսկ իր անձին հանդէպ խնայողութիւններու եւ զրկողութիւններու յանձնառու ըլլալը, ամէն մի աթոռին զլացումներով եւ խծբծանքներով սկսիլը, իր գրասենեակն ալ գծուծ եւ նախնական վիճակի մէջ պահելը, իր մասին կազմուած գաղափարին պատճառ կը դառնային: Վախճանեցաւ 1905 սեպտեմբեր 2-ին (05. ԲԻԶ. 2732), Գարակէօզեան եղբարց վերջինը, եւ չհասաւ տեսնալ Գարակէօզեան որբանոցին բացումը, որ իրեն ալ մխիթարութիւն եւ պատիւ պատճառած պիտի ըլլար` եթէ ինչ որ ըրաւ շուտով եւ փութով կատարած ըլլար, մանաւանդ որ ամուրի ալ էր եւ իրմէ ետքինները մտածելու առիթ մը չունէր: Իր ժառանգորդները, Նազարէթի եւ Կարապետի եւ Յովսէփի զաւակները, թողօնը քննած ատեննին, ցաւով նկատեցին որ սեղմ եւ ռիշտ բնաւորութեան պատճառով նշանաւոր վնասներու ալ ենթարկուած էր: Վարչութեան անդամներէն էր եւ Գրիգոր Խտրեան, պետական ծառայութեան ելեւմտական եւ հաշուական պաշտօններու մէջ յառաջացած եւ մինչեւ բարձրագոյն հաշուական ատեանին անդամակցութեան բարձրացած, եւ կարեւոր յանձնաժողովներու մասնակցած: Վախճանեցաւ 1908 փետրուար 24-ին (08. ԱՐԼ. 6730): Իր կեանքին առաջին մասին մէջ ազգային պաշտօններու մէջ շատ մտած չէր, բայց 1896-ին քաղաքական ժողովականութեան ընտրուելով գործունեայ դեր վարեց, մանաւանդ երբոր պէտք եղաւ նախ պատրիարքարանի ելեւմտական կացութիւնը ճշդել, ու յետոյ ելեւմտից հոգաբարձութեան կազմութիւնը անհնարութեան մատնուելուն` հարկ եղաւ վարչական մասնախումբի մը հսկողութեամբ վարել պատրիարքարանի ելեւմտական մատակարարութիւնը: Ազգային պաշտամանց հնօրեայն էր Տիգրան Եուսուֆեան, առաջին երիտասարդութենէն ազգային գործերով զբաղած, ամէն ժողովներու եւ յանձնաժողովներու եւ խորհուրդներու անդամակցած եւ ատենապետած, եւ բացարձակ վարչապետութիւն ալ վարած` երբոր ժողովական դրութիւնը տեսչական դրութեան վերածուեցաւ Ներսէսի օրով, ինչպէս իրենց կարգին նշանակուեցաւ: Մասնակից գտնուեցաւ ամէն ազգային նշանաւոր խնդիրներու եւ յուզմունքներու, եւ փայլեցաւ իրեն սեփական հաշտարարի եւ համերաշխութեան աշխատողի ջանքերով: Գլխաւոր դեր ունեցաւ 1896-ին ընտրուած վարչութեան մէջ, եւ որուն ատենապետութիւնն ալ վարեց Տատեանի եւ Ասլանեանի մահերէն ետքը: Պետական պաշտօնէութեան մէջ դատական ճիւղին ծառայեց մինչեւ վերջը, եւ մինչեւ վճռաբեկ ատեանի անդամակցութեան բարձրացաւ: Շատ նշանաւոր դատերու դատաւոր նստեցաւ, եւ յիշատակելի է իր նախաձեռնութիւնը, երբոր նախկին կայսր Մուրատի եւ մայր կայսրուհւոյն դէմ յարուցուած ամբաստանութեան ընթացքը խափանեց, Միահաթ փաշայի եւ ընկերաց դէմ Ապտիւլազիզի սպանութեան անունով վարուած դատին մէջ: Այնչափ համարձակ որչափ զգուշաւոր, այնչափ գործունեայ որչափ դանդաղկոտ, սիրտով մեծ եւ կերպարանով փոքր, արդիւնաւոր դէմք մը եղաւ Եուսուֆեան Տիգրան, ազգային կեանքին մէջ առաջնակարգ դեր ունեցող գործիչ մը, որ 74 տարեկան վախճանեցաւ 1908 յունուար 18-ին (08. ԱՐԼ. 6099), բաւական երկար խօթութեան օրեր անցընելէն ետքը: Վերջին վարչութեան անդամ ընտրուած, բայց բնաւ մասնակցած չէր Սենեքերիմ Մանուկեան, առեւտրական դասակարգէն, որ վախճանեցաւ 1908 յունուար 14-ին. այլ արդէն արդիւնաւոր եղած էր ժամանակին, թէ' քաղաքական ժողովոյ ատենապետութեամբ եւ թէ' ազգային հիւանդանոցի մատակարարութեամբ, որուն անձնապէս տէր կանգնեցաւ ամենադժուարին պարագաներու մէջ եւ յաջողութեամբ կործանման վտանգէն ազատեց, եւ ազգային երախտաւորներուն կարգին անցնելու իրաւունք ստացաւ: Վերջին անգամ 1906 յուլիս 25-ին վերակազմուած վարչութեան անդամ ընտրուած էր Նազար Երամեան, յաւազանէն Ղազար, եւ հաստատուած ալ էր, այլ չհասաւ սեպտեմբեր 20-ին ժողովականի աթոռը բազմիլ, զի յանկարծ մահը կանխեց օգոստոս 16-ին (06. ԲԻԶ. 3021): Հանրային պարտուց վարչութեան կարեւորագոյն եւ բարձրագոյն պաշտօնեաներէն էր, եւ նոր պիտի մտնէր ազգային վարչութեան մէջ, եւ մեծ ակնկալութիւններ կը ներշնչէր իր կարող մտայնութեամբ եւ ազգասէր զգացումներով: Օրմանեանի վիճակուեցաւ բոլոր այդ 3023, 3096) նշանաւոր կորուստներուն գնահատումը խօսիլ եւ ողբալ, այնպէս որ ինքն ալ կը դժկամակէր իրեն ինկած այդ դժուարին պաշտօնին դէմ:

3098. ՆԿԱՏԵԼԻ ՄԱՀԵՐ

Ժամանակիս կորուստներուն շարքը ժողովական գտնուողներով չի փակուիր, ուրիշ շատեր ալ ունինք յիշատակաց արժանի անձերէ պակսածներ, եւ գոնէ գլխաւորներուն անունները յառաջ բերել պարտք կը սեպենք ապագայից յիշատակին յանձնելու համար: Ազգային եւ պետական շրջանակներուն մէջ փայլած անձեր են յառաջ բերելիքներնիս, որոնք ժողովականութեան եւ վարչականութեան ալ ծառայած են զանազան ժամանակներ: Միքայէլ Մամիկոնեան թաղական եւ վարչական պաշտօններու մէջ մեծապէս օգտակար եղած, սպարապետութեան դրան աւագ թարգման էր, բարեգործական ձեռնարկներու փութաջան, խոհական եւ կշռադատ բնաւորութիւն, եւ վախճանեցաւ 1905 յունուար 19-ին (05. ԲԻԶ. 2539): Նշան Սէֆէրեան, արտաքին գործոց նախարարութեան մեծ պաշտօնեաներէն, տպագրական եւ խմբագրական պաշտօններու մէջ յառաջադէմ, հեռու չմնաց ազգօգուտ ձեռնարկներէն, թէպէտ պաշտօնական դեր չստանձնեց տեսակ մը փափկանկատութեամբ. վախճանեցաւ 1906 օգոստոս 26-ին (06. ԲԻԶ. 3034): Միքայէլ Յակոբեան նշանաւոր վաճառական եւ սեղանաւոր, ազգային վարչական դեր չստանձնեց ռուսահպատակ ըլլալուն, բայց մեծապէս արդիւնաւոր եղաւ ազգային հիւանդանոցին երկարատեւ ատենապետութեամբ հիւանդանոցին վերաշինութեան միջոցին. գլխաւոր նուիրատուներէն մին ալ եղաւ, եւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյն վերաշինութեան բարերարը հանդիսացաւ, եւ վախճանեցաւ 1904 մայիս 20-ին (04. ԱՐԼ. 5570): Միքայէլ Խօրասանճեան բժշկապետ, գերազանց կարողութեան համբաւովը հռչակուած, արժանի է իբրեւ ազգային պարծանք նկատուիլ: Իր ճարտարութեամբ եւ բարեգործութեամբ օգտակար ալ եղաւ իր ազգին, թէպէտ պաշտօնական ծառայութիւններէ հեռու ապրեցաւ, բայց հիւանդանոցին համար ոչ շինութիւններով ետեւ մնաց եւ ոչ նուէրներով. վախճանեցաւ 1904 փետրուար 16-ին (03. ԲԻԶ. 2129): Թորիկ կամ Թորոս Բարաղամեան յիշատակելի է Խասքէօյի վարժարանին վերաշինութեան բարերարը հանդիսանալով. վախճանեցաւ 1904 դեկտեմբեր 2-ին (04. ԱՐԼ. 5738): Բժիշկ Միհրան Վարդազարեանի անունը կը յիշենք, յօգուտ աղքատիկ հարսնցու օրիորդաց օժիտին կտակովը. վախճանեցաւ 1908 մարտ 11-ին (08. ԱՐԼ. 6746): Նշան Գազազեան, Յակոբ փաշայի եղբայրը, արդիւնաւոր եղած էր թաղական պաշտօններու մէջ, եւ նշանաւոր եղաւ կտակած ագարակովը, վախճանեցաւ 1908 յունիս 6-ին (08. ԱՐԼ. 6816): Առանձինն յիշատակութեան արժանի է Աբիկ Ունճեան, յաւազանէն Աբիսողոմ, նշանակալից տիպար մը, կարողութեամբը, բարերարութեամբը, վարչականութեամբը, նախանձայուզութեամբը եւ եկեղեցասիրութեամբը: Ազգային ամէն ծառայութեանց մասնակցեցաւ, սիրեց ամէն գործոց միջամտել, բայց խորշելով խորշեցաւ վարիչ եւ գլխաւոր երեւնալէ, բաւականացաւ պարզ անդամակցութեան անունով, թէպէտ աշխատութեանց առաջնակարգ բեռը սիրով ստանձնեց: Կրնանք համարձակ ըսել թէ չեղաւ ազգին մէջ գլխաւոր գործ մը, որուն Ունճեան մասնակցած չըլլայ. բայց իր մեծամեծ արդիւնքներն եղան 1879-ին սովելոց նպաստող յանձնաժողովը 2857), եւ 1889-ին սկսած Արմաշու Դպրեվանքը 2940), եւ Իւսկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հրկիզութենէ ետքի շինութիւնը, սակայն յանձնաժողովներուն մէջ պարզ անդամակիցէ աւելի անուն չունէր, թէպէտ ձեռնարկներուն հոգին էր, անխոնջ աշխատող, ժամանակը զոհող, եւ առատաձեռն նպաստող: Ազգային կացութեան եւ ապագային բարւոքման խնդիրն ալ զինքն անտարբեր չգտաւ, այնպէս որ այդ երեսէն բանտարկութեան եւ դատապարտութեան ալ ենթարկուեցաւ հալածանաց ժամանակ: Միտքէ անցունել հնար չէր որ այսպիսի անձնաւորութիւն մը կարենար ազգասէր կոչուողներու կիրքին զոհ երթալ, եւ ազգ ու ազինք զարմացան երբոր 1906 օգոստոս 13-ին յանկարծ լսուեցաւ թէ Ունճեան տապաստ ինկած է Ղալաթիոյ մէջ կուսակցականներու դաւաճան գնդակով: Օրմանեան չքաշուեցաւ իբր սգակիր յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուիլ, իբր զի Ունճեան կենդանութեան ատենէն կամք յայտնած էր աղքատաց ձեւով յուղարկաւորուիլ, բայց դամբանականը խօսուեցաւ նոյն իսկ եղբօրը եւ իւրայնոց զգուշաւորութեան հակառակ: Ազգօգուտ եւ բարերար անձանց սպանութեան կեղտը կուսակցական մարմինին անորակելի արատներէն մէկն է, ուսկից դժուարաւ կրնան ինքզինքնին արդարացնել, զանազան ճիւղեր իրար ամբաստանելով կամ անհատական նախաձեռնութեան վերագրելով վատ արարքը: Նոյն բանը կատարուած էր Մատթէոս Պալեօզեանի վրայ Զմիւռնիոյ մէջ, եւ Իսահակ Ժամհարեանի վրայ Բագուի մէջ, եւ Յովհաննէս Թաւշանճեանի վրայ ալ կատարուեցաւ Նիւ Եորքի մէջ 1907 յուլիս 9-ին (07. ԲԻԶ. 3279), անձ մը որ ամերիկաբնակ հայութեան պաշտպանն ու օգնականը, եւ ընդհանուր հայութեան համար արդիւնաւոր եղած էր, եւ դժբախտաբար հայ վարդապետ մըն ալ Ամերիկեան դատարանէն մեղապարտ վճռուեցաւ: Թէպէտ պոլսական կեդրոնէն հեռու, այլ ոչ պատրիարքարանէն օտար շրջանակի կը պատկանին Նուպարեան Նուպար եւ փեսայն Տիգրան Ապրոյ, կամ Նուպար եւ Տիգրան փաշաներ, որոնց առաջինը 1899 յունուար 2-ին (99. ՃԷՐ. 4107), եւ երկրորդը 1904 յուլիս 14-ին (04. ԲԻԶ. 3620) վախճանեցան: Յայտնի է առաջինը իբր ժամանակակից մեծ քաղաքագէտներուն առաջիններէն մէկը, Եգիպտոսի նախարարապետը եւ բարեկարգիչը ու կենդանացուցիչը, եւ աշխարհահռչակ համբաւով ծանօթ: Ոչ նուազ երկրորդն ալ Եգիպտոսի քաղաքական կենաց արդիւնաւոր եղած է, եւ երկուքն ալ Եգիպտոսի ազգային կենաց համար աշխատաւոր եւ երախտաւոր եղան, եւ ընդհանուր հայութեան համար ալ ջանքերնին պակաս չըրին, որոնց մանրամասնութեան մտնել զանց կ՚ընենք, աւելցնելով միայն թէ իրենց բաց թողած տեղը արժանապէս լրացուց Պօղոս Նուպար փաշա, անոնց որդին եւ աներձագը:

3099. ԳՐԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՄԱՀԵՐ

Գրական աշխարհի կորուստներէն ալ քանի մը անուններ յիշենք մեր ամփոփ մահացուցակը փակելէ առաջ: Եւ գլուխը նշանակենք Կարապետ Իւթիւճեանը 81 տարեկան վախճանած 1904 յունուար 28-ին (04. ԱՐԼ. 5603): Իւթիւճեանի մեծ արժանիքն է իբր Մասիս լրագիրի տէր եւ խմբագրապետ եւ իբրեւ թարգմանիչ` նոր կեանք եւ ուղղութիւն տուած ըլլալը աշխարհաբար լեզուին, միանգամայն ազգային խնդիրներու մասնակցիլը ուղիղ ընթացքով վարչականին մէջ եւ քաջալերիչ աշխատանքով ուսումնականին մէջ: Ուսումնական զարգացման շրջանակին մէջ նշանակելի տեղ գրաւեց նաեւ Յակոբ Ոսկան, հռոմէադաւան ծնած եւ կրթուած բայց հայադաւան եկեղեցւոյ անցած, աննկուն եռանդով աշխատած ուսումնական ասպարէզին մէջ մինչեւ իր մահը 1907 յունուար 13-ին (07. ԲԻԶ. 3183): Ռէթէոս Պէրպէրեանն ալ այդ կարգին պիտի յիշէինք եթէ արդէն իր մասին խօսած չըլլայինք 3083): Եկեղեցականէ աւելի ուսումնական աշխարհին կը պատկանի Սուքիաս վարդապետ Պարոնեան, որ Փարիզ վախճանեցաւ 1903 օգոստոս 24-ին (03. ԲԻԶ. 2115): Վենետկոյ Մխիթարեան միաբանութենէն բաժնուած եւ հայադաւան եկեղեցւոյ վերադարձած 1882-ին, եւ Փարիզի եւ Մանչեսթըրի հայ գաղթականութեանց հոգեւորական պաշտամանց հետեւած, ազգային եւ օտարազգի դպրութեանց եւ պատմութեանց ներհուն, ընդարձակ հետազօտութիւններով եւ ուսումնասիրութիւններով զբաղած, սակայն դժբախտաբար իր ետեւէն նշանակութեան արժանի երկասիրութիւն չէ թողած, որով իր մտային պաշարը իրեն հետ տարած ըլլալը կրկնակի կորուստ եղած է հայ գրական աշխարհին: Միեւնոյն գրական աշխարհին մէջ պիտի յիշենք Կարապետ Եզեանցի անունն ալ, որ Պետրբուրգ վախճանեցաւ 1905 մայիս 31-ին (05. ԲԻԶ. 2651), եւ որոյ յիշատակը հանդիսապէս կատարուեցաւ Կ. Պոլսոյ Մայրեկեղեցին (05. ԲԻԶ. 2658), զի թէպէտ ռուսահայ հասարակութենէ, բայց աւելի տաճկահայը եղած էր իր իղձերուն եւ ջանքերուն նպատակակէտը: Եզեանց ռուսական նախարարութեանց բարձրագոյն պաշտօնեաներէն էր, եւ ռուսահայ ուսումնարանաց եւ ուսանողաց եւ Էջմիածնայ աթոռին խնամողն ու պաշտպանն եղաւ. ասով մէկտեղ ուսումնական կեանքը ձեռքէ չթողուց, որուն նուիրուած էր իր գործունէութեան սկիզբը, եւ Հայոց պատկանող պատմական յիշատակները կենդանացնելու ջանադիր եղաւ, եւ հրատարակութեանց ալ աշխատեցաւ թէ' անձամբ եւ թէ' հովանաւորութեամբ, եւ իր հրատարակած Լեհահայոց կաթոլիկութեան ( ԲՌՆ. ), եւ Հայոց ու Ռուսաց յարաբերութեանց մասին ( ԵԶՆ. ) երկասիրութիւնները` Հայոց պատմութիւնը ճոխացնելու գնահատելի աղբիւրներ եղան: Բայց ասոնցմէ ալ աւելի նշանաւոր կրնանք դասել Սանասարեան վարժարանի եւ Իզմիրլեանց մրցանակի հաստատութիւնները. զի եթէ նիւթական դրամագլուխներ Մկրտիչ Սանասարեանցի եւ Յովսէփ Իզմիրեանցի արդիւնքն են, սակայն միտքը յղացողը, գործը կարգադրողը, բարերարները համոզողը, եւ գործադրութիւնը պատրաստողը Կարապետ Եզեանցն է եղած, զոր երկու հաստատութեանց իբր հոգին պէտք է ճանչնալ: Ռուսահայոց կողմէն առանձինն յիշատակութեան արժանի են Պետրոս Սիմէոնեանց եւ Գրիգոր Արծրունի եւ Աբգար Յովհաննէսեանց, որոնք լրագրական կամ պարբերական հրատարակութիւններով նոր զարկ տուին Ռուսահայոց զարգացման եւ հայկական ոգւոյն զարթուցման, թէպէտ իրարմէ տարբեր ուղղութեամբ գործեցին եւ տարբեր սկզբունքներէ առաջնորդուեցան: Մխիթարեան միաբանութեանց անդամակիցներէն պակսողներ այստեղ չենք յիշեր, ազգային վարչական շրջանակէն դուրս ըլլալնուն համար, թէպէտ հնար չէ առանց յիշելու անցնիլ գոնէ Վենետկոյ միաբան հայր Ղեւոնդ Ալիշանի անունը, որ վախճանեցաւ 1901 նոյեմբեր 10-ին (01. ՄՆԶ. 175): Իսկ Վիէննական միաբանութեան անդամներէ յիշած ենք ժամանակին երեք ընկերակիցները, Յովսէփ Գաթըրճեան եւ Արսէն Այտընեան եւ Մատաթիա Գարագաշեան հայրերը, որոնցմէ Գաթըրճեան իր պատմական եւ մատենագրական գործերովը մեծապէս գովելի, մեղադրանքէ զերծ չմնաց մոլեռանդ հռոմէադաւանութեամբը, եւ կանուխ վախճանեցաւ 1881 դեկտեմբեր 28-ին, տակաւին 61 տարեկան ( ՅՇՐ. 29): Իսկ Այտընեան միաբանութեան աբբայական աթոռը բարձրացաւ եպիսկոպոսական աստիճանով, եւ վախճանեցաւ 1902 յուլիս 8-ին, 78 տարեկան ( ՅՇՐ. 14), եւ համակրութեամբ խօսուեցաւ իր մասին ազգային շրջանակի մէջ, գլխաւորապէս աշխարհաբար լեզուի նուիրած Քննական Քերականութիւնովը, եւ տպագրական զարգացման եւ լեզուաբանական խնդիրներու համար աշխատութիւններովը, եւ մանաւանդ Հայոց ազգին եւ եկեղեցւոյն հանդէպ լայնախոհ տեսութիւններովը 2899): Ասոնցմէ տարբեր եղաւ Գարագաշեանի կեանքը, որ միաբանութիւնն ու սքեմն ալ թողած, մայրաքաղաքի վարժարաններուն նուիրուեցաւ բոլորովին երկամեայ դասախօսութիւններով եւ բազմաթիւ դասագիրքերով, եւ իսկապէս հայ դպրոցներու զարգացման եւ հայ լեզուի ուսուցման արդիւնաւոր եւ երախտաւոր աշխատող մը հանդիսացաւ. նոյն իսկ կենցաղն ալ հայ տարրին մէջ եւ հայ շահերու շփմամբ անցաւ մինչեւ իր մահը 1903 նոյեմբեր 20-ին (03. ԲԻԶ. 2183), 85 տարեկան, խոր ծերութեան ժամանակ: Վերջին պահուն թէ ոչ ծիծաղելի գոնէ զուարճալի դարձաւ, մինչեւ իսկ իր անկեղծ քրիստոնէութեան մասին կասկած տուող անձին, գիտակցութենէ զրկուած հոգեվարքի վերջին վայրկեանին դարձի եկած ըլլալը Մէնէվիշեան հայր Գաբրիէլի վկայութեամբ, եւ հանդիսական քահանայաթաղով յուղարկաւորութիւն կատարուիլը հայ հռոմէական եկեղեցւոյ մէջ:

3100. ՀԱՅ ԿԱԹՈԼԻԿՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐ

Շատոնց է որ առիթ չունեցանք Հայ կաթոլիկներու մասին խօսիլ, զի հետաքրքրական ու նշանակալից եղելութիւններ ալ տեղի չունեցան ուշադրութիւննիս գրգռելու համար: Ստեփանոս Պետրոս Ժ. Ազարեան կաթողիկոս-պատրիարքը Հակահասունեանց դրութիւնը ջնջելէն եւ բոլոր տաճկահայ կաթոլիկութիւնը իր իշխանութեան ներքեւ մտցնելէն ետքը 2897), այլեւս ազատ եւ աղիկամ գործունէութեան ասպարէզ ունեցաւ, շահեցողական արտաքնայարդար ձեւերը զանց չընելով, որոնց մէջ մեծ յաջողականութիւն ունէր սկիզբէն: Իր մահը տեղի ունեցաւ 1899 ապրիլ 19-ին յեղակարծ սրընթաց խօթութեան հետեւանօք (99. ՃԷՐ. 4197), որուն համար մինչեւ իսկ ըսուեցաւ թէ սխալ դարմանով ծանրացած ըլլայ: Յաջորդին ընտրութիւնը կատարուեցաւ Հակահասունեանց հետ հաշտութեան ժամանակ հաստատուած ձեւով, եւ կաթողիկոս-պատրիարքութեան կոչուեցաւ նոյն տարւոյ յուլիս 14-ին Պօղոս Պետրոս ԺԱ. Էմմանուէլեան, Կեսարիոյ առաջնորդ (99. ՃԷՐ. 4270), բնիկ Թէլէրմէնցի, Զըմմառի միաբան, փրօփականտայի մէջ ուսած, մայրաքաղաքի կեանքին անտեղեակ, եւ պարզասէր անձ մը: Իր պաշտօնավարութիւնը առանց միջադէպի անցաւ, զի շրջապատող պաշտօնէութեան վրայ չծանրացաւ, եւ յատուկ մտադրութիւններ եւ նպատակներ չունեցաւ, եւ գործերը իրենց հոսանքին թողուց: Սակայն երկար չեղաւ իր պաշտօնավարութիւնը եւ 1904 ապրիլ 5-ին մեռաւ (04. ԱՐԼ. 5531), եւ յուլիս 22-ին (04. ԱՐԼ. 5625) իրեն յաջորդ ընտրուեցաւ Պօղոս Պետրոս ԺԲ. Սապպաղեան, Եգիպտոսի առաջնորդ, բնիկ Բերիացի, Զըմմառի միաբան, աւելի դրամով քան թէ միտքով հարուստ, բայց եւ խոհական եւ խաղաղասէր անձնաւորութիւն մը, որ պաշտօնի վրայ կը մնար 1908-ին, մեր պատմութեան նշանաւոր հանգրուանին, ինչպէս պիտի տեսնուի, թէպէտեւ իբրեւ անկար եւ անհոգ կը նկատուէր հասարակութենէն եւ հրաժարեցնելու միտքեր կը յայտնուէին: Հայ կաթոլիկ միաբանութեանց գործունէութիւնն ալ նշանաւոր պարագայ մը չի ներկայեր յատուկ պատմութեան նիւթ ընելու համար: Վենետկոյ Մխիթարեանց աբբահայր կը մնար տակաւին Իգնատիոս Կիւրեղեան եպիսկոպոս, ամէն նախաձեռնութենէ խորշող եւ կայուն վիճակը զոհողութեանց գնով պահելու հակամէտ` միտք մը, որ յառաջադիմական քայլերու եւ գնահատելի երկասիրութիւններու ալ ասպարէզ չբացաւ միաբանութեան առջեւ, արդարացնելով ուրիշ տեղ ալ ըրած դիտողութիւննիս, թէ նախնական արդիւնքներու ընդարձակութեամբ եւ վերջին գործերու ամփոփմամբ, բրգաձեւ կերպարան մը առած էր Վենետիկի միաբանութեան արտադրութեանց պատկերը: Այտընեանի աբբահայրութեան ժամանակ նոր զարկ եւ նոր հոգի սկսած էր երեւնալ Վիէննայի միաբանութեան վրայ, որ սակայն նուազեցաւ անոր մահուամբը 1902 յուլիս 8-ին ( ՅՇՐ. 14), եւ ներքին խնդիրներու պատճառով յաջորդի ընտրութիւնը յետաձգուեցաւ փրօփականտայի հրամանով, եւ Հայր Թադէոս Թոռնեան վարդապետ` տեղապահ նշանակուեցաւ եւ եօթը տարի պաշտօնավարեց ( ՅՇՐ. 14), եւ պաշտօնի վրայ էր 1908-ին մեր պատմական հանգրուանին: Անտոնեանց կացութիւնը աւելի աննշանակ էր, միշտ Հռոմի փրօփականտայէն սպասելով իրենց միաբանութեան վերակենդանացումը, մերթընդմերթ դիմումներով արտօնուիլ կ՚ակնկալէին, միւս կողմէն մահերով իրենց թիւը աւելի կը նուազէր. եւ Միասէրեան Ռափայէլ աբբահայր իր խոր ծերութեան տարիները կ՚անցունէր Վոսփորի Օրթաքէօյի վանքին մէջ, մէկ քանի միաբաններով շրջապատուած եւ անպաշտօն կերպով տասնեակ մը աշակերտներ հաւաքած: Զըմմառի հին կաթողիկոսական աշակերտութիւնը, կանոնաւոր կղերականութեան ձեւով ու պայմանով միաբանութիւն մը ճանչցուելու հետամուտ էր, եւ համեստ Ժառանգաւորաց վարժարան մը կը պահէր Լիբանանի լերանց վրայ, Զըմմառի վանքին մէջ: Այս համառօտ ակնարկները բաւական են արդարացնել ինչ որ սկիզբէն ըսինք, թէ Հայ կաթոլիկ հասարակութիւնը մտադրութիւն չգրգռող կացութիւն մը կը վարէր: Այստեղ փակելով վերջին ժամանակները պատկերացնող այլազան տեղեկութիւնները, անցնինք պատմել 1908-ի պատմական հանգրուանին տեղի ունեցած նշանաւոր փոփոխութեանց պարագաները:

3101. ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿՈՒԻԼԸ

Որչափ ալ միշտ պատմական շրջանակը ազգային գործերով պարփակուած պահել ուզենք, չենք կրնար իսպառ լռել այն քաղաքական դիպուածները, որոնք ազդած են ազգային կեանքին վրայ եւ պատճառ եղած նորանոր եղելութեանց: Յայտնի ու խօսուած կէտ մըն է Ապտիւլհամիտ կայսեր բռնապետական կառավարութիւնը, որուն ներքեւ կը հեծէին օսմանեան մայրաքաղաքն ու գաւառները եւ երկրին պէսպիսակ տարրները, որ զայրացկոտ դիմադրութեան կը գրգռէր, եւ որուն երեւոյթներէն մէկն էր հայ յեղափոխական շարժումն ալ: Սակայն հայութիւնը ոչ թիւով, ոչ զօրութեամբ, ոչ միջոցներով եւ ոչ հանճարեղ ընթացքով չէր կրցած եւ չէր ալ կրնար ազդել օսմանեան կայսրութեան ընթացքին եւ երկրին բախտին վրայ: Այդ նպատակին պիտի առաջնորդէր իսլամ տարրին մէջ տիրած դժգոհ եւ ըմբոստ, զայրացկոտ եւ ձեռներէց հոգին, որ կանուխէն սկսած եւ օրըստօրէ աւելի տարածուած էր քանի աւելի կը հալածուէր: Ապտիւլհամիտի երեսէն գաղտնի կամ յայտնի սպանեալներ, ներքին գաւառներ վտարուած աքսորականներ, եւրոպական երկիրներ ապաստանող փախստականներ, հոգիները աւելի կը բորբոքէին, սպանեալներ իրենց մերձաւորաց եւ բարեկամաց զայրագին վրէժխնդրութիւնը կը գրգռէին, աքսորականներ իրենց դժկամակ զգացումները գացած տեղերնուն կը հաղորդէին, փախստականներ եւրոպական շփումներով իրենց նպատակին կը կրթուէին: Այսպէս սկսած էր իսլամներու մէջ հիմնուած Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն (Իթթիհատ վէ Թէրաքքը) ազատական կուսակցութիւնը, որուն առաջնորդ եղած ըլլալու պարծանքը իրենց կը սեփականէին հայ կուսակցականներ, եւ ի մասնաւորի Դաշնակցական ճիւղը: Շփոթ կացութիւնը օրըստօրէ կը զօրանար, բայց Ապտիւլհամիտի արթուն եւ ճարտար գործունէութիւնը եւ իսլամ տարրին անձեռներէց ճանչցուած բնոյթը, յուզումի եւ յաջողութեան հաւանականութիւնը կը հեռացնէին: Սակայն իրաց ելքը այլափոխուեցաւ երբոր զինուորական դասակարգին մէջ տիրապետեց դժգոհութեան հոգին եւ անտեղութեանց վերջ տալու միտքը. դասակարգ մը, որ իր նկարագիրով եւ կոչումով աւելի ձեռներէց եւ մինչեւ իսկ յախուռն ըլլալու ընդունակ էր: Մայրաքաղաքը եւ գլխաւոր քաղաքներ հետզհետէ վարակուեցան այդ մտայնութեամբ. բայց գործի յարմարագոյն կեդրոն նկատուեցաւ Սելանիկ քաղաքը, իբր կեդրոն եղած եւրոպական երեք կուսակալութեանց, Սելանիկի եւ Մանասթըրի եւ Եանեայի համար հաստատուած եւ եւրոպական ներկայացուցիչներէ կազմուած բարեկարգիչ յանձնախումբին, որ դիւրութիւն կ՚ընծայէր աւելի խորապէս զգածուելու, աւելի դիւրաւ արտայայտուելու, աւելի յաջողութեամբ գործելու: Այսպէս աճելով հրահրեցաւ օսմանեան երկրին ներքին խառնարանը, որ յեղակարծում բորբոքեցաւ 1908 յուլիս 10-ին Մանասթըր քաղաքի մէջ, երկու յանդուգն սպաներու Նիազիի եւ Էնվէրի առաջնորդութեամբ, իրենց գլխաւորներու կամակցութեամբ, եւ իրենց գունդերուն եւ իրենց դէմ ղրկուած գունդերուն գործակցութեամբ: Արքունիքը լուր առած էր եւ իբր կանխահոգ դարման յուլիս 9-ին նախարարութեան փոփոխութիւններ կատարած էր, բայց այս չարգիլեց յուլիս 10-ի շարժումը, որուն համար լսուեցաւ եւս թէ ազատութիւն եւ սահմանադրութիւն հռչակող բանակը Կ. Պոլսոյ վրայ կը քալէ: Եղելութեան աւելի ոյժ տուած էր Հիւսէյին Հիլմի փաշա, որ բարեկարգիչ յանձնախումբին նախագահն էր, եւ ուռուցիկ լուրերով Ապտիւլհամիտի միտքին վրայ տպաւորութիւնը կը սաստկացնէր: Կայսրը վերջին պահուն, յուլիս 11-ի ուրբաթ առտուն, թերթերու մէջ հասարակ լուրերու կարգին երկտողով մը հրատարակել տուած էր, թէ 1878-ին խափանուած օսմանեան երեսփոխանութիւնը նորէն գումարուելու կայսերական հրաման արձակուած է: Սահմանադրական վարչութեան վերանորոգման կամ վերահաստատութեան որոշումն էր, որ թերի եւ անորոշ կերպով կը ծանուցուէր, կարեւորութիւն տուած չըլլալու ձեւով մը, որ գործին բռնադատութեան ներքեւ եղած ըլլալը կը յայտնէր, եւ հաւանաբար ժամավաճառութեամբ անգործադիր թողլու ներքին մտադրութիւն ալ ենթադրել կու տար: Սակայն ուրբաթ առտուն լուրը ժողովուրդին մէջ իսկոյն տարածուեցաւ, միտքերը գրգռեց, սիրտերը վստահեցուց, եւ ազատութեան աւետիսը ամէնուն ուշադրութիւնը գրաւեց: Յուլիս 12 շաբաթ օր արդէն հրապարակային ցոյցեր սկսեր էին, եւ թուրք ժողովուրդն ալ ամբոխային շարժումներ կը կատարէր, դրօշակներ առջեւնին եւ կեցցէներու աղաղակը բերաննին խմբովին պաշտօնատուններ կը շրջէին, իրարու շնորհաւորութիւններ կը փոխանակէին, քրիստոնեաներ ալ անխտիր կը մասնակցէին, համերաշխութեան նշաններ կը ցուցադրէին, եւ ընդհանուր եզրակացութեան արտայայտութիւններ կը փոխանակէին: Շարժումին գլուխը կը գտնուէին կրօնքով իսլամ եւ ծագմամբ հրեայ Սելանիկցի վաճառականներ, որոնք ծախքերու ալ չէին խնայեր ժողովրդական խանդավառութիւնը արծարծելու համար: Սակայն պաշտօնական ոչ մի նոր յայտարարութիւն չէր երեւցած ազատութիւն ու սահմանադրութիւն հռչակող, որ այսպիսի նշանաւոր եղելութեան համար իբրեւ հիմ ու փաստ կը պահանջուէր. կայսերական հրովարտակ չէր հրատարակուած, պաշտօնատուններ իրենց սովորական ընթացքը չէին փոխած, եւ իբրեւ կարեւոր նշանակ միայն ընդհանուր ներում մը եղած էր յուլիս 13-ին, եւ ամէն տեսակէ եւ ամէն աստիճանէ բանտարկեալներ ազատ արձակուած էին, այնպէս որ բանտերու մէջ արգելական մարդ չէր մնացած, եւ բանտերը հասարակ ժողովուրդին հետաքրքրական զբօսավայրեր դարձած էին: Ընդհանուր ներման հետ հրատարակութեանց գրաքննութիւնն ալ ջնջուած էր, իսկ ցոյցերը շաբաթ սկսած եւ կիրակի աճած էին, նոյն իսկ եկեղեցիներու մէջ կիրակի առտու ժողովրդական խնդութեան նշաններ կատարուեցան, գլխաւորապէս քարոզիչներու աւետաւոր եւ ճոռոմաբան բեմբասացութիւններով: Միւս կողմէն ալ գաղթածներ եւ փախածներ մօտ տեղերէն դառնալ սկսած էին, եւ թշնամական ու անարգական ցոյցեր կը կատարուէին պետական անձերու դէմ, գլխաւորապէս պալատական եւ ոստիկանական պաշտօնեաներու եւ խաֆիյէ անունով որակուած լրտեսներու եւ քսուներու դէմ: Այսպէս եղաւ ազատութեան հռչակման սկզբնաւորութիւնը Ապտիւլհամիտ կայսեր աչքին ներքեւ, որ սաստիկ շուարման մէջ ամէն պաշտօնական եւ գործնական որոշումներէ ձեռք քաշած եւ կրօնաւորական դիրք մը ստանձնած էր, եւ անցեալ կացութեան գործերը իր պաշտօնէից զինքն խաբելուն կը վերագրէր, որ անոնք ժողովուրդին վրէժխնդրութեան մատնելով ինքն ազատ մնար:

3102. ՕՐՄԱՆԵԱՆԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Օրմանեան հինգշաբթի յուլիս 10 երեկոյէ եւրոպական թղթակիցներէ լուր առած էր Մանասթըրի շարժումին վրայ, ուստի յուլիս 11-ի ուրբաթ առտուան անկատար լուրը զինքն չզարմացուց, մանաւանդ որ մտադրութիւն դարձուց լուրին թերի ու անկերպարան ձեւին վրայ, եւ շարունակեց այն օր Բերայի Եսայեան վարժարանին դպրոցական հանդէսին նախագահել: Շաբաթ օրուան ցոյցերը գործին աւելի կարեւորութիւն տուին, եւ պատրիարքարան երթալով ջանաց տեղեկութիւններ հաւաքել բարձրագոյն դուռնէն եւ նախարարութիւններէն եւ պատրիարքարաններէն, այլ ոչ մէկ կողմէ պաշտօնական հրատարակութեան կամ գործողութեան լուր կամ պատրաստութիւն չտեսնելով, որոշեց ինքն ալ պաշտօնական ձեւէն եւ դիրքէն չդատուիլ. կիրակի եկեղեցի չիջաւ, բայց ժողովրդական ցոյցերը քաջալերեց եւ քարոզիչները հետեւելու հրահանգեց: Ասով մէկտեղ իր լռութիւնը ոմանց կողմէ իբր ազատութեան դէմ դժկամակութեան նշան մեկնուեցաւ, եւ լրագիրներ ալ արձագանգ եղան այդ կարծիքին, թէպէտ Օրմանեան շաբաթ օրուընէ պատրիարքարանի նոր ընթացքին համար նախապատրաստական որոշումներ ձեռք առած էր, ընդհանուր ժողով գումարելու համար երեսփոխաններու ցուցակը քննելով ամէնն ալ պայմանաժամնին լրացուցած գտած էր, եւ ընդհանուր նոր ընտրութեան պէտքը որոշած, դիւաններուն ալ ազդարարած էր օրինական լեզու գործածել փոխանակ ողոքանաց եւ աղաչանաց ոճերու, պաշտօնական հանդէսի մը կատարումը վարչական ժողովոյ հաւանութեամբ եւ գործակցութեամբ պաշտօնական ձեւի վերածելու համար երեքշաբթիին կրօնականը եւ չորեքշաբթիին խառնը հրաւիրեց, որ հինգշաբթիին պաշտօնական հանդէսը տեղի ունենայ: Զգաց եւ յայտարարեց ալ պատրիարքի հրաժարելուն եւ քաշուելուն պէտքը, սակայն հարկ դատեց անխորհուրդ հրաժարմամբ գործերը անտէրունչ չլքանել, այլ ընդհանուր ժողովը հաւաքել եւ անոր մատուցանել հրաժարականը եւ անոր թողուլ կացութեան նոր կազմակերպութիւնը: Օրմանեանի ձեռնպահութեան պատճառը գործով ալ արդարացաւ. զի կիրակի յուլիս 13-ին ոչ պետական եւ ոչ պատրիարքական շրջանակներու մէջ պաշտօնական ցոյց չեղաւ, եւ Հայոց պատրիարքին մէջտեղ նետուիլը ազատական համակրութենէ աւելի քաղաքագիտական թեթեւութիւն ու պզտիկութիւն եղած պիտի ըլլար: Երկուշաբթի 14 յուլիս պաշտօնական այցելութիւններ տուաւ մեծ եպարքոս Սաիտ եւ նախարար Քեամիլ փաշաներու, շնորհաւորութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնելու, սահմանադրութեան պայմանաց եւ գործադրութեան վրայ խօսակցելու, եւ համարձակ գործակցութիւն խոստանալու: Գլխաւոր ազգայնոց հետ ալ տեսակցութիւն ունեցաւ, իր միտքը յայտնեց եւ փոխադարձ հաւանութիւն եւ համակամութիւն լսեց: Երեքշաբթի 15 յուլիս կրօնական ժողովին նախագահեց, սովորական օրակարգը թողլով նոր պարագայից վրայ խորհրդակցելու, համագումարը հրաւիրուեցաւ ընտրելեաց ցուցակներու համար, եւ ազատութեան ու սահմանադրութեան ու ներման համար հանդէսը հինգշաբթի պաշտօնապէս կատարել որոշուեցաւ, յաջորդ օրուան խառն ժողովի որոշումն ալ լրացնելով, թէեւ հրաւիրագիրները անմիջապէս ղրկուեցան: Որոշուեցաւ եւս առաջիկայ կիրակի յուլիս 20-ին նմանօրինակ հանդէս եւ մաղթանք կատարել բոլոր թաղական եկեղեցիներու մէջ. նոյն միտքով բոլոր առաջնորդարաններու ալ հեռագրական հրահանգ ղրկուեցաւ: Առձեռն խնդիրներէ ալ ստիպողականները նայուեցան, եւ ընդհանրապէս գործերը ամփոփելու եւ կանոնաւորապէս թողլու նախապատրաստութեանց ձեռնարկեց: Որչափ ալ Օրմանեանի հրաժարելու եւ քաշուելու միտքը հաստատուն էր, եւ պատրիարքարանին ներսը այդ գործողութիւններ կը կատարուէին, դուրսը պատրիարքը հրաժարեցնելու միտքերը կը կազմուէին, եւ գործադրութեան պատրաստութիւններ սկսած էին, եւ շատ մանրամասնութիւններ ալ կը լսուէին, մինչեւ իսկ յաջորդ օրը հրապարակ իջնելու որոշումն ալ տրուած կ՚ըսուէր: Ի՞նչ էր սակայն այդ որոշման շարժառիթը: Ստոյգ է որ կացութեան փոխուելովը, հին կացութեան մէջ գործունեայ դեր վարողները պէտք է նոր կացութեան մէջ քաշուէին. ասիկա շատ բնական տեսութիւն մըն էր, որուն առաջին ինքն Օրմանեան համոզուած էր, եւ առաջին վայրկեանին ալ միտքը յայտնած, եւ նոյն միտքով նախապատրաստութեանց ձեռնարկած էր, եւ հարկ չէր իրեն դէմ բռնադատական միջոցներու դիմել: Այլ եթէ երբեք կը կասկածուէր որ յայտարարութիւնները ու նախապատրաստութիւնները կեղծիք ըլլան, այն ատեն ալ շտապելու պէտք չկար, եւ պատշաճ էր պատրաստութեան լրման եւ յայտարարութեանց իրականացման ատեն տալ: Հետեւաբար այդ պարզ գաղափարներէն աւելի պատճառներ պէտք էր ըլլային, երբոր թշնամանաց եւ անարգանաց միջոցներ կը խորհուէին: Այդ կերպերու նախաձեռնարկութիւնները ընողներ կուսակցական գործիչներ պէտք էր ըլլային, զի Օրմանեանը իրենց ծառայեցնել կրցած չըլլալնուն ցաւը կը կրէին, մանաւանդ թէ իրենց յախուռն եւ անխորհուրդ ձեռնարկներուն հակառակ գործած ըլլալուն համար վշտացած էին. բայց անոնք տակաւին արտասահմանէ դարձած եւ հրապարակ իջած չէին, եւ իրենց պիտակ հետեւողներն ալ կանխելու եւ շտապելու իրաւունք չունէին: Հետեւաբար յայտնի է որ ներքին շարժումը պատրաստողներ տեղւոյն վրայ չեղող եւ այս կամ այն անձնական պատճառով Օրմանեանէ օգուտ չտեսնող, կամ խաղերնին քալեցնել չկրցող, եւ կամ իրենց անտեղի պահանջից գոհունակութիւն չստացող անձերն էին, որոնք առիթէն օգտուելու եւ կերպով մը վրէժ լուծելու մարմաջով կը գործէին: Երկուշաբթի եւ երեքշաբթի օրեր լսուած շշուկները մեծ ու ծանր պատահարներ կը սպառնային, մինչեւ իսկ խոհական եւ բանիմաց անձեր խորապէս զգացուած երեքշաբթիէ սկսելով Օրմանեանի յորդոր կը կարդային կանխել եւ հրաժարականը ներկայել եւ ժողովրդական անախորժ դէպքերէ ազատ մնալ: Սակայն տարբեր էր Օրմանեանի համոզումը. ան իր յանկարծ քաշուելուն հետեւանքը յաջող չէր տեսներ, եւ ազգային վիճակին վտանգաւոր կը դատէր, ինքնաբերաբար քաշուելովը հետեւանքին պատասխանատուութիւնը ստանձնելէ կը խուսափէր, եւ պարտաւորուած հրաժարելովը պատասխանատուութենէ զերծ մնալու խիղճի հանդարտութիւնը կ՚ուզէր ունենալ ( ՕՄԱ. 198): Ասկէ զատ կը յուսար ալ որ վարչական ժողովներ պարագաները կշռելով ու թափանցելով իրեն օժանդակ կը հանդիսանան եւ զինքը չեն լքաներ: Վասնզի լսուած ալ էր թէ Յունաց եւ Կաթոլիկաց մէջ ալ նմանօրինակ շարժումներ սկսեր են իրենց պատրիարքներու դէմ, բայց վարիչ ժողովականներ միջամտելով արգիլեր են ( ՕՄԱ. 163-167) անխորհուրդ եւ հասարակութեան վնասաբեր ձեռնարկը:

3103. ՀՐԱԺԱՐՄԱՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐԸ

Յուլիս 16 չորեքշաբթի առտուն իսկ ժողովականներէն ոմանք անձամբ եւ ոմանք միջնորդով Օրմանեանը կը յորդորէին հրաժարականը յղել եւ ժողովի չգալ. այլ նա անյողդողդ կը մնար իր միտքին վրայ, թէպէտ վճռապէս կը յայտարարէր թէ պատրիարք կ՚երթայ եւ հրաժարեալ կը դառնայ: Տակաւին ոչ Ղալաթիոյ բակին մէջ եւ ոչ փողովատեղւոյն սանդուխին վրայ ոչ ոք կ՚երեւար, հետզհետէ հասնող ժողովականներ կատարուելիք մեծ ցոյցին վրայ ստացած լուրերնին կը խօսէին, եւ կրօնականէն ինը եւ քաղաքականէն ութը անդամներ լաւ մեծամասնութիւն մը կազմեցին, նկատի առնելով պակսած անդամները: Նիստին բացուելուն Գաբրիէլ Նորատունկեան ատենապետ նոր կացութեան հանդէպ վարչական նոր կազմակերպութեան պէտքը բացատրեց. Օրմանեան ալ դժուար ժամանակներու մէջ պաշտօնի անցած, դժուարութեանց ներքեւ պաշտօնավարած, ազգին գոյութիւնը չվտանգելու աշխատած, սահմանադրութիւնը անձեռնմխելի պահելու ամէն ջանք ըրած ըլլալը, յիշելով նոր կազմակերպութեան պէտքը եւ իր քաշուելուն հարկը յայտարարեց, աւելցնելով թէ նախապէս օրինաւոր մարմին մը եւ ազգը ներկայացնող ժողովը պէտք է կազմուի, որպէսզի ազգային ժողովէ իրեն յանձնուած պատրիարքական իշխանութեան աւանդը դարձեալ ազգային ժողովի մը յանձնէ եւ աւանդը անտէրունչ լքած չըլլայ, մանաւանդ որ վարչութեան ալ վերակազմութիւնը սահմանադրական պահանջ մըն էր: Այդ միջոցին էր որ լուր տրուեցաւ թէ Օրմանեանի հրաժարականը պահանջող բազմութիւն մը խմբուած է: Եղելութեան մանրամասնութեանց մտնել մեր ոճէն դուրս է ( ՕՄԱ. 167-174), բայց հետաքրքրութիւն գրաւած գործի մը պայմանները բացատրել կարեւոր եւ անհրաժեշտ է, ուստի դիտել կու տանք թէ ցոյցին գլուխը գտնուողներն էին երեք փաստաբաններ, Աւետիս Սուրէնեան, Խնդիր Սիմոնեան եւ Արիստակէս Գասպարեան, որոնք ուրիշ գրգիռ մը չունէին բայց եթէ Օրմանեանէ գնահատուած չըլլալնին, պաշտօններու չկոչուելնին, եւ պատրիարքարանի հաշուոյն դատեր յուզելու եւ վարելու, օրինակ Տիգրան Գարակէօզեան կտակը 3035) ասպարէզ չգտնալնին. իսկ առաջին երկուքը նաեւ Մաքսուտեան Ղեւոնդ վարդապետի պաշտպանութիւնը ստանձնած էին, որոնց ամէնը անձնականի շահի շրջանակէն անդին չէին անցնիր: Իսկ ցուցարարներուն թիւը, որ ահեղ բազմութիւն ըլլալիք կ՚ըսուէր, յիսուն հոգիէ աւելի չէր եղած, Ղալաթիոյ եկեղեցւոյն եւ վարժարանին վերաբերող հետաքրքիրներն ալ համրելով: Իսկ յառաջ բերուած պատճառն ալ պարզապէս չենք ուզեր մըն էր, եւ ամբաստանութեան որոշ կէտ չէր յիշուեր: Վարչութեան դժուար չէր համամիտ եւ հաստատամիտ դիմադրութեամբ միջադէպը փակել, կամ համերաշխութեան փաստը առաջ դնելով կամ որոշման պայմանաժամ առաջարկելով յետաձգել, այլ կ՚երեւի թէ ժողովականներն ալ ծանր տպաւորութեան ներքեւ կը գտնուէին, կամ թէ ցոյցին իրենց դէմ ալ դառնալէն կը վախնային, եւ կամ անկանոն ժամանակի մէջ անախորժ պատահարի մը դիմաց գտնուելնին կը կասկածէին, մինչեւ իսկ հակառակ պարագային պատրիարքին կեանքին վտանգ եւ իրենց անարգանք կը նախատեսէին, որով քանի մը ժողովականներու դիտողութեան հակառակ մեծամասնութիւնը պատրիարքի հրաժարականին ստիպողականութեան կողմը գտնուեցան: Նոյն ինքն ատենապետ Նորատունկեան կը զիջանէր ժողովասրահէն ելնելով դուրսիններուն հետ երկու երեք անգամ բանակցութիւն կատարել, երբ միւս կողմէն ալ մտերմաբար Օրմանեանին հրաժարիլ կը թելադրէր: Երբոր գործը այս կէտին հասաւ, այլեւս Օրմանեանի սպասած ժամը լրացած էր, ուստի նոյն տեղ հրաժարագիրը պատրաստեց եւ ժողովականաց յանձնեց ( ՕՄԱ. 171), բացատրական խօսքեր եւ հրաժեշտի հուսկ խօսքեր ալ աւելցնելով: Միւս կողմէն իր ներկայութեամբ գործերու գլուխ մը նշանակելու կէտը վիճաբանուեցաւ, եւ ուղղակի տեղապահ ընտրելու որոշումը տրուեցաւ, եւ ժողովական եպիսկոպոսներու յանձնառու չըլլալուն վրայ, ընտրութիւնը յանգեցաւ Զմիւռնիոյ առաջնորդ Դուրեան Եղիշէ եպիսկոպոսին վրայ, որ այն միջոցին մայրաքաղաք կը գտնուէր: Օրմանեան իր հրաժարականով եւ բերանացի յաւելուածներով կը յիշեցնէր ազգային սահմանադրութիւնը տասներկու տարիէ ի վեր ջնջուելու վտանգէն ազատելով ամբողջաբար սիրելի ազգին յանձնելը, եւ առանց իւր կամքին ազգին կողմանէ պաշտօնի կոչուած ըլլալը, եւ դասալքութիւն ըրած չըլլալու համար պաշտօնի վրայ մնալը, եւ այժմ որ ամենայն ինչ փոխուած է եւ դժուարութիւնները վերցուած են, ուրախութեամբ եւ հանդարտ սիրտով մեկնիլը ( ՕՄԱ. 171-172): Սիրալիր արտայայտութիւններ եւ ցոյցեր առատապէս փոխանակուեցան, ժողովականներ անձամբ հսկեցին ժողովրդականաց կողմէն անպատեհ շարժում կամ ցոյց մը չըլլալուն, եւ ամենայն հանդարտութեամբ իր Բերայի բնակարանը դարձաւ, ուր իր ետեւէն հասան ժողովականներ եւ պաշտօնեաներ կառավարութեան ներկայացուելիք պարզ հրաժարականը ստանալու. եւ այսպէս փակուեցաւ 1896 նոյեմբեր 6-ի ընտրութեամբ սկսած եւ 1908 յուլիս 16-ի հրաժարականով վերջացած, տասներկու տարիէ միայն երկուկէս ամիս պակաս տեւած պատրիարքութիւնը, որ իր երկարութեամբը իննեւտասներորդ դարու բոլոր պատրիարքներուն պաշտօնավարութիւններէն աւելի էր տեւած: Զանց կ՚ընենք քննադատութեանը կամ գնահատմանը մտնել, եւ Օրմանեանի պաշտօնավարութեան վրայ յետահայեաց ակնարկ մը նետել, զի անոր շուրջը յարուցուած խնդիրները առիթ պիտի ընծայեն մեզ բացատրութեանց մտնել եւ եղելութեանց իսկութիւնը պարզել:

3104. ԱՐԿԱԾԱԼԻՑ ՑՈՅՑԸ

Յուլիս 16-ի հրաժարականէն մինչեւ 25, տասնօրեայ միջոց մը անցաւ, որուն մէջ Օրմանեան իր տունը առանձնացած կը զբաղէր իր պաշտօնավարութեան մասին յիշատակագիր եւ նպաստից մասին հաշուական տեղեկագիր պատրաստել, որոնք ոչ միայն կը նախատեսուէր թէ պէտք պիտի ըլլային, այլեւ արդէն պտտող զրոյցներ անհրաժեշտ կը ցուցնէին, որպէսզի պատշաճ ժամուն պաշտօնապէս ներկայացուին կամ թէ հրատարակութեան տրուին: Օրմանեանի անձը, պաշտօնը, գործերը, գիրերը, հրամանները, հրաժարականը, ամենայն ինչ ամէնուն բերնին ծամոց էին դարձած, լրագիրներն ալ անոնցմով կը լեցնէին եւ կը զարդարէին իրենց էջերը, եւ կ՚օգտուէին վաճառմանց ընդարձակուելովը. լուրջ նկատուող թերթերն իսկ ըստ բերման քննադատութիւններ կը ցուցադրէին, մինչ թեթեւներ եւ զաւեշտներ ըստ հաճոյս առաջ կը մղուէին, սուտն ու կեղծիքը, երեւակայականը չխտրելով. եւ լրագիրներէ զատ թռուցիկ թերթեր ալ կը ցրուէին ծիծաղելի յօդուածներով եւ զզուելի պատկերներով: Հրաժարականը անկում, տապալում, կործանում անուններով կ՚որակուէր, նախատական, անարգական, թշնամական բացատրութիւններ սովորական էին դարձած, եւ քիչ մը չափաւոր լեզու գործածողներ յայտնապէս կը քննադատուէին (08. ՄՆԶ. 2192, 2204): Օրմանեանի նախընթացն ալ անարգութեան փաստ կը դառնար, թէ իր վերադարձը արդէն խիղճով եւ գիտակցութեամբ եղած չէր (08. ՄՆԶ. 2131) եւ թէ ով հայ ծնած չէ չկրնար հայուն ցաւը զգալ (08. ՄՆԶ. 2188). մինչդեռ այս եւ ասոր նման ասութիւններ ցուցմունք չէին, եւ բան մը չէին կրնար հաստատել, սակայն կիրքեր յագեցնելու լաւ կը ծառայէին: Նկատելի էր որ պաշտօնավարութեան մասին որոշ ու յատուկ ամբաստանութիւններ չէին լսուեր տակաւին, եւ գլխաւոր մտադրութիւնը նպաստից հաշիւներուն շուրջը կը դառնար, իբր թէ առանց հաշուի եւ առանց գիտակիցի 100. 000 ոսկւոյ գումար ձեռքէն անցած է, ուսկից 30-40. 000 իւրացուցած է, եւ մնացածին կիրառութեան գործակից եւ գիտակից ունենալ ուզած չէ: Ըստ այսմ Օրմանեանի դէմ որոշակի ուղղուած առաջին եւ գլխաւոր ամբաստանութիւնը հաշուական էր, որուն ծագումն ու դիտումը գուշակել դժուար չէր, քանի որ այդ ամբաստանութիւնը յուզողներուն գլուխը կը գտնուէին Մաքսուտեանի փաստաբանները, եւ անոր համակիր եւ պաշտպան եղողներ, իբր թէ Մաքսուտեանի քննադատին զեղծարար ցուցուելէն Մաքսուտեանի արդարացումը պիտի հետեւէր: Գործին ոյժ տալու համար թռուցիկ մըն ալ ձեռքէ ձեռք կը պտտէր, իբր Իզմիրլեանէ տրուած նամակ մը, թէ Օրմանեանի փախչելուն կը սպասէք անոր հաշիւները ուզելու համար ( ՕՄԱ. 175): Այդ փախչելու զրոյցէն ծագեցաւ Օրմանեանի անձին տիրանալու խորհուրդը, եւ զայն գործադրելու համար յուլիս 25 ուրբաթ օր կազմուած անօրինակ շարժումը: Քանի մը ժողովրդականներ առջի օրէն կը ներկայանան Օրմանեանի թէ ժողովուրդը կ՚ուզէ զինքը պատրիարքարանի մէջ պահպանութեան ներքեւ առնել, եւ Օրմանեանի մերժելուն վրայ տունը հսկողութեան ներքեւ կ՚առնեն, եւ 25-ին առտուան առաջարկը կը կրկնեն. բայց Օրմանեանի օրինաւոր իշխանութեան պաշտօնական հրամանագիրը պահանջելուն վրայ, ամբոխը կը սկսի խռնուիլ բռնի գործադրելու համար: Ամէն տեսակէ եւ ամէն ազգէ գործիչներ եւ ցուցարարներ, հետաքրքիրներ եւ պարապորդներ տանը շուրջը եղող փողոցներ կը լեցուին, եւ դուռին չբացուելուն վրայ պատուհաններէ մագլցելու ալ կը սկսին, աղաղակ եւ ժխորը կը շատնայ, մինչեւ որ ոստիկանութեան պաշտօնեաներ կը ներկայանան, եւ ներս մտնելով կը յայտարարեն, թէ ոստիկանութիւնը չկրնալով ամբոխը ցրուել կամ զսպել եւ արկածէ կասկածելով որոշած է զինքն ոստիկանութեան մէջ ապահովութեան ներքեւ առնել: Օրմանեան կը պատրաստուի կառավարական հրամանին համակերպիլ եւ պատրաստուած կառքով տունէ կը մեկնի, ոստիկաններ կառքին մէջ, ժողովրդական գործիչներ կառքին վրայ եւ շուրջը, եւ հարիւրներով ամբոխ մը ետեւէն առջեւէն աղաղակներով եւ լուտանքներով: Այսպէս կ՚անցնին Բերայի եւ Ղալաթիոյ մեծ փողոցներէն, Գարաքէօյի կամուրջէն, եւ բարձրագոյն դրան պողոտաներէն, եւ քանի քանի անգամներ կառքը թաւալելու եւ կազմածները խզելու փորձեր կը կրկնուին: Ոստիկանական նախարարութեան անկիւնը պայքար մը կը սկսի, ոստիկաններ դէպի նախարարութիւն եւ ժողովրդականներ դէպի պատրիարքարան տանելու ներհակ ընդդէմ ջանքեր կ՚ընեն, մինչեւ վերջինները կառքին եւ սանձերուն կը տիրանան եւ դէպի Գումգաբու կ՚առաջնորդեն միշտ ամբոխին եւ ժխորին ընկերակցութեամբ: Ոստիկաններ միասին պատրիարքարան կը մտնեն եւ իրենց հսկողութիւնը կը շարունակեն: Օրմանեան բոլոր ճամբուն մէջ կառքին մէկ անկիւնը լռին կը մնար, աղաղակները կը լսէր, եղածները կը տեսնէր, ճիգերը կը դիտէր, եւ արկածին ելքը Աստուծոյ կը յանձնէր ( ՕՄԱ. 177): Պատրիարքարան դատարկ թողուած էր, թէպէտ տակաւին աշխատութեան ատեն էր, դռնապան ու սենեկապան ու երկու բարապան միայն պահնորդ մնացեր էին: Օրմանեան ժողովասենեակը առանձնացաւ երբ դուրսը շփոթն ու աղաղակը կը շարունակէր: Կէս ժամ ետքը երիտասարդ թուրք խմբագիր մը ներս մտաւ լուր քաղելու, բայց եւ միանգամայն յայտնեց, թէ ազատութեան թուրք գործիչներ եղածին վրայ զայրացած պիտի գան զինքը իր բնակարանը վերադարձնել: Իրօք ալ շատ չանցաւ, հազարապետ Իսմայիլ Հագգը պէյ եւ երկու ընկերակիցներ, Թալեաթ պէյ եւ Նէճիպ պէյ հասան, ժողովուրդին խօսեցան, գործերնուն տգեղութիւնը յայտնեցին, ազատութեան անկարգութիւն եւ բռնութիւն չլինելը բացատրեցին, Օրմանեանն ալ քաջալերեցին, եւ կառքի եւ զինուորական պահպանութեան պէտքերը կարգադրեցին, եւ Օրմանեանի հետ կառք մտնելով, Գումգաբուէն մինչեւ Թագսիմ եկան, եւ զայն իր տունը յանձնեցին, նոր հաւաքուած ամբոխը ցրուեցին, եւ մերձակայ պահականոցին զինուորական հսկողութիւն հրամայեցին: Բերայի կարգապահութեան պաշտօնը վարողներ ալ հետզհետէ ներկայացան, վստահութիւն եւ քաջալերութիւն ներշնչեցին. միայն հազարապետը խնդրեց որ երեք վստահելի ժողովրդականներ տանը մէջ գիշերեն, որպէսզի Օրմանեանի փախուստը արգիլելու ձեւով ժողովրդական շարժումը հանդարտի: Օրմանեանի առաջնորդող երեք անձերէն, Թալեաթ նոյն ինքն էր որ մինչեւ մեծ եպարքոսութիւն բարձրացաւ. Հագգը զօրավարութեան աստիճանով եւ կայսերական փեսայութեան պատուով պատերազմի դաշտին վրայ մեռաւ. իսկ Նէճիպ իր հայրենիքին Ալպանիոյ ծառայելու մեկնեցաւ: Իսկ տունին հսկողներն եղան բժիշկ Ռիզա Թէվֆիգ, եւ զինուորական Սէլիմ Սըրրի, եւ գլխաւոր գործիչներէն Քէմալ պէյերը: Այսպէս վճարեցաւ 1908 յուլիս 25-ի անօրինակ արարքը, որուն համար ուրիշ քրիստոնեայ ազգեր եւ թուրք շրջանակներ մեծապէս մեղադրեցին հայ հասարակութիւնը եւ հայ գործունէութեան գլուխ գտնուողները ( ՕՄԱ. 173-182):

  3105. ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ

Օրմանեանին անձին շուրջը յարուցուած անցուդարձը ամփոփելու համար յուլիս 25-ի արկածալից ցոյցը յարակցեցինք յուլիս 16-ի հրաժարականին. այժմ կու գանք լրացնել երկու դէպքերու միջոցին տեղի ունեցած եղելութիւնները: Յուլիս 17-ին հինգշաբթի օր Օրմանեանի կանուխէն պատրաստած կարգադրութեան համեմատ Մայրեկեղեցւոյ մէջ ազատութեան եւ սահմանադրութեան եւ ներման առթիւ որոշուած գոհաբանական մաղթանքը կատարուեցաւ, որուն նախագահեց Դուրեան, նախընթաց օր տեղապահ նշանակուած, թէպէտ Օրմանեանի հրաժարականին կառավարական ընդունելութիւնը եւ տեղապահին պաշտօնին հաստատութիւնը չէր լրացած: Յուլիս 17-ին Կ. Պոլիս կը հասնէր Օրմանեանի Դպրեվանքցի աշակերտներէն Սերոբեան Մուշեղ եպիսկոպոս 3077), որ ազատութեան առաջին շշուկին ճամբայ ելած էր, գուցէ յուսալով նոր պատահարներուն առթիւ նոր բախտի մըն ալ տիրանալ, եւ այս տեսութեամբ Օրմանեանի դէմ ցոյցերու մասնակցութեան հետեւելով: Տեղապահի հաստատութենէն ետքը սկսան ընդհանուր ժողովոյ կազմութեան համար երեսփոխանական ընտրութիւնները թէ' մայրաքաղաքի եւ թէ' գաւառներու մէջ, եւ միւս կողմանէ պատրիարքարանի թեթեւ եւ առձեռն գործեր կը կատարուէին Օրմանեանի գործակից վարչական ժողովներէն, որոնք կը կարծէին նախագահը զոհելով իրենց դիրքն ու պատիւը պաշտպանած ըլլալ. սակայն իրենց դէմ ալ զրոյցները հետզհետէ աճեցան, եւ կամաց կամաց պարտաւորուեցան տեղի տալ եւ քաշուիլ: Այս միջոցին ամենէն աչքառու դէպքը, բանտարկուած, աքսորուած, փախած ու գաղթած անձերուն մայրաքաղաք դառնալն էր, ըլլան հայազգի, ըլլան օտարազգի, որով մայրաքաղաքը բաբելոնական խառնակութեան երեւոյթն էր ստացած: Արդէն ժողովուրդն ալ խելայեղ կերպով իրարու անցած` ծայրայեղ եւ անկապակից գործունէութեան մատնուած էր, զոր գինովութեան ժամանակ անունով որակած են ժամանակակիցներ: Խօսքերնիս մերազնէից վրայ ամփոփելով` աւելցնենք թէ խառնաղանջ բազմութիւն մը սկսաւ խուժել ամէն կողմէ խեղճ ու կարօտ վիճակի մէջ, որոնց հանդէպ նպաստն ու օգնութիւնը անհրաժեշտ էր, եւ պատրիարքարանի կողմէն բաշխումներ կը կատարուէին, եկեղեցիներ եւ նոյն իսկ պատրիարքարանը իբրեւ օթարան թողուեցան, բայց կանոնաւոր հսկողութիւնն ու կարգապահութիւնը պակսեցաւ, այնպէս որ կանոնաւոր գործ ու վաստակ ունեցող գաւառացիներ հին հագուստով մը ծպտուած կրնային դրամ կորզել ըստ հաճոյս, եւ կամ անուն փոխելով կրկին ու կրկին դրամ ստանալ: Ղեւոնդ վարդապետ Դուրեան, տեղապահ Դուրեանի հօրեղբօրորդին եւ անփորձ երիտասարդ, փոխանորդութեան կոչուած, շփոթ կացութեան վրայ տիրելու կարողութենէն զուրկ, անհաշիւ եւ անկշիռ բաշխմանց կարգաւորութեանց եւ եղելութեանց ուղղութեան մասին ստգտանքէ զերծ չմնաց, եւ տեղապահութեան կողմէն առանց պատշաճաւոր քննութեան արձակուած վստահութեան եւ արդարացման յայտարարութիւնները չէին բաւեր միտքերը հանդարտել: Մայրաքաղաք եկողներուն մէջ էին կուսակցական յայտնի գործիչներն ալ, որոնց մէջէն դաշնակցականներ, իբրեւ թուրք իթթիհատականներու դաշնակիցներ, ազատութիւնը իրենք բերած ըլլալու պարծենկոտութեամբ, սկսան ճոխանալ, կացութեան տիրանալ եւ պատրիարքարանն ալ իրենց ազդեցութեան ներքեւ առնել, որուն չկրցան դիմադրել Դուրեան տեղապահին տկար վարչականութիւնը եւ արտասովոր պարագայից հանդէպ անբաւականութիւնը, եւ ստիպեալ անձնատուր կը դառնար յախուռն գործողներուն առջեւ: Այս կացութեան նշանաբանը կրնայ համարուիլ, կուսակցական սպառնալեաց ներքեւ իրեն դիմող պաշտօնեաներուն տուած պատասխանը, որ եթէ իրեն ալ մէկը ե'լ ըսէ, ելլելու պարտաւոր է: Այս խեղճութեան հակապատկերն էր ցոյցերու եւ հանդէսներու յաճախութիւնը, որոնք երբեմն իբր զգացմանց արտայայտութիւն, եւ երբեմն իբր վերադարձողներու պատուասիրութիւնը կը կրկնուէին շարունակ: Տաճկաց կողմէ մեծ ցոյցեր եղան Ապտիւլհամիտէ հալածուածներէն յուլիս 31-ին Ֆուատ փաշայի, օգոստոս 2-ին Ռէճէպ փաշայի, օգոստոս 21-ին Սէպահէտտին իշխանին հասնելուն (08. ԱՐԼ. 6862, 6864, 6879): Հայերն ալ աւելի փառաւորութեամբ կատարեցին օգոստոս 13-ին Իզմիրլեան նախկին պատրիարքին ընդունելութիւնը Երուսաղէմէ վերադարձին առթիւ, որ օգոստոս 4-ին անկէ մեկնած էր բոլոր քաղաքին կողմէն հանրային ցոյցերով, 6-ին Յոպպէէ նաւարկած, 11-ին Զմիւռնիոյ մէջ պատուասիրուած, եւ 13-ին Չանաքքալէ դիմաւորուած, եւ նոյն օր երեկոյեան դէմ Կ. Պոլիս կը մտնէր շոգենաւերով եւ նաւերով եւ նաւակներով դիմաւորողներէ շրջապատուած (08. ԱՐԼ. 6874): Իզմիրլեանի կ՚ուղեկցէին Ներսէս վարդապետ Խարախանեան, Մշոյ աքսորական առաջնորդը, եւ Մեսրոպ վարդապետ Նշանեան, որ Երուսաղէմի միաբանութեան անունին ընկերելու նշանակուած էր մինչ ի Կ. Պոլիս (08. ՏՆՕ. 282): Նմանօրինակ հանդիսական ընդունելութիւն կազմուեցաւ սեպտեմբեր 4-ին Մինաս Չերազի Փարիզէ վերադարձին համար. այլ շոգենաւին ուշ մնալու եւ նաւահանգիստ մտնել չկրնալուն, ցուցարարները ձեռնունայն ետ դարձան եւ Չերազ 5-ին առտուն կանուխ պարզօրէն ցամաք ելլալ պարտաւորուեցաւ (08. ԱՐԼ. 6892): Իզմիրլեան Երուսաղէմէ մեկնելուն առթիւ տեղւոյն իթթիհատական խումբը յատուկ պսակ մը յանձնած էր անոր, Կ. Պոլսոյ մէջ թաղուած 1896-ին կոտորուած Հայերուն գերեզմանին վրայ դնելու, եւ Իզմիրլեան յանձնարարութիւնը անձամբ կը կատարէր օգոստոս 16-ին Շիշլիի գերեզմանատան մէջ եկեղեցական շքեղ հանդիսութեամբ եւ ժողովրդեան բազմութեամբ: Բայց մենք բոլոր մանրամասնութիւնները ամփոփելու նպատակ չունինք, միայն ժամանակին նկարագիրը ներկայելու դիտմամբ քանի մը ակնարկներ առաջ բերել հարկ սեպեցինք:

3106. ԴՈՒՐԵԱՆ ԵՒ ՕՐՄԱՆԵԱՆ

Եղիշէ եպիսկոպոս Դուրեան, որ պատրիարքական տեղապահ էր ընտրուած, 1890-էն 1896 Դպրեվանքի մէջ Օրմանեանի գործակից էր գտնուած, եւ անկէ ետքն ալ մինչեւ 1904-ին Զմիւռնիոյ առաջնորդութեան անցնիլը Դպրեվանքի գործերը համերաշխ իրար օգնութեամբ վարած էին, եւ կ՚ենթադրուէր որ անտարբեր չկարենար մնալ Օրմանեանի արկածներուն հանդէպ. սակայն չհամարձակեցաւ ինքզինքը յայտնել, եւ չկրցաւ հոսանքին դիմադրել, եւ եթէ բացարձակապէս հակառակութեան չգործակցեցաւ, անգործ անտարբերութեան շրջանակէն ալ դուրս չելաւ, եւ յուլիս 25-ի արկածալից օրը ոչ միայն աներեւութացաւ, այլեւ ոչ տեղեկանալու կամ որպիսութիւն հարցնելու տարրական հոգածութիւնը արտայայտեց, մինչեւ իսկ իր բերնէն ելած կցկտուր խօսքեր իբրեւ Օրմանեանի դէմ փաստեր յիշուելուն պատճառով, պարտաւորուեցաւ ան յուլիս 25-ին համառօտ գանգատագիր մը ուղղել, թէ ստութիւններ նորա անունով ալ կը սկսին հրատարակուիլ ( ՕՄԱ. 243): Միեւնոյն զգացումը շօշափող կէտ մըն էր իր հրամանով 1909 տարւոյ օրացոյցներուն մէջ աւելցուած ծանուցումը, թէ ժամանակին յապաւուած մասեր եղած էին իբր թէ Օրմանեան այլայլած ըլլայ տօնացոյցը, մինչ համիտեան խիստ գրաքննութեան ներքեւ տպագրուած օրացոյցէն ոչ մի էական կամ կարեւոր բառ կամ մաս վերցուած չէր, եւ միայն աննշանակ փոփոխութիւններ եղած էին ճարտար դարձուածներով: Ամենէն ծանրը Վարդանանց եւ Տրդատայ եւ Աբգարու տօներէն մերոյ բառին զեղչուիլն էր, որով մեր ըլլալէ չէին դադարած, մանաւանդ որ ինքն Դուրեան ժամանակին Աբգարին մերը չըլլալը պաշտպանած եւ կրօնական ժողովին մեղադրանքին ենթարկուած էր, որով իր տեսութեանց հաստատութիւնը գտած կ՚ըլլար. եւ արդէն ալ մերոյ բառը հնաւանդ չէր, այլ Սիմոնէ մուծուած էր նախընթաց դարուն վերջերը ( ՕՄԱ. 189-192): Օրմանեանի դառնալով` պէտք էր որ պաշտօնական իրաց կանոնաւորապէս փոխանցումը կատարուէր, սակայն յուլիս 16-ի եւ 25-ի 3103, 3104) յախուռն պատահարները արգիլած էին այդպիսի կանոնաւորութիւններով զբաղիլ, եւ Օրմանեան իրաւունք ունէր իր դիմացը կատարելապէս օրինաւոր եւ պատասխանատուութիւն ստանձնող իշխանութիւն մը ունենալ, ինչպիսի չէր չհաստատուած տեղապահը եւ անկայուն վարչութիւնը: Այսուհանդերձ յուլիս 27-ին կ՚առաջարկէր որ ժողովական որոշում մը տրուի եւ իրեն հաղորդուի, որ ըստ այնմ փոխանցումները կատարուին ( ՕՄԱ. 214): Սակայն պատասխան չէր ստանար, եւ գործը չձգձգելու համար օգոստոս 1-ին գոնէ կնիքներն ու գրասեղանի բանալիները կը ղրկէր, եւ տեղապահէն 4-ին գիր մը կ՚ընդունէր, որով միայն նպաստից գումարին մնացորդը իրեն տրամադրութեան անցունել կ՚առաջարկէր: Ուստի օգոստոս 5-ին, դրամատան` Գարակէօզեան Թ. եւ Ե. եղբարց վրայ` 1528 լիրայի եւ 79 դահեկանի ու 30 փարայի փոխանակագիրը կը յղէր ( ՕՄԱ. 245), եւ երկրորդ ընդարձակ դրամատան մօտ եղած 36 եւ 676 լիրա գումարներու փոխանակագիրերն ալ կը յղէր, եւ նպաստից սնտուկին յուլիս 15-ի վիճակը մանրամասնեալ ցուցակներով կը ներկայացնէր, եւ օգոստոս 6-ին ալ նպաստից սնտուկին 12 տարիներու հաշուեցուցակները կը յղէր ( ՆՊՍ. Գ. - ԺԲ. ), նոյն իսկ իր ձեռքին տակ եղած հաշուետետրը ներկայելով աւելի վստահութիւն ազդելու համար, նպաստից գործին ընթացքը կը բացատրէր, յանձնաժողովէ ստորագրուած առաջին տեղեկագիրին պատրիարքարանի մէջ գտնուիլը կը յիշեցնէր, եւ ընդարձակագոյն տեղեկագիրն ալ մօտ ատենէն յղել կը խոստանար, եւ իր յղածներուն ստացման գիրը կը պահանջէր ( ՕՄԱ. 266): Խոստացեալ տեղեկագիրը կը յղէր սեպտեմբեր 29-ին, 180 երեսէ բաղկացեալ եւ կազմեալ հատորով մը ( ՕՄԱ. 268), զոր միւս կողմէն տպագրութեան կը յանձնէր բոլոր պաշտօնական անձանց եւ նուիրողներու եւ ծախսողներու ցրուելու համար ( ՆՊՍ. 1-55), զոր մենք արդէն քաղեցինք 3089, 3090): Տեղապահը միայն օգոստոս 12-ին նամակով կը հաճէր յուլիս 27-էն ի վեր ստացուած նամակներուն եւ փոխանակագիրներուն եւ իրերուն ստացութիւնը հաղորդել, առաջարկելով որ արժէք եւ արժէթուղթ եւ վաւերաթուղթ պարունակող արկղներն ալ յանձնէ, որուն Օրմանեան օգոստոս 13-ին կը պատասխանէր թէ յարմարագոյն կը սեպէ փոխանորդով կատարել այդ գործողութիւնը, եւ իր կողմէն ներկայացուցիչ կը նշանակէր Տիգրան Բարաղամեան եւ Խաչիկ Խօրասանճեան պատուական եւ ուղղամիտ ազգայինները ( ՕՄԱ. 254): Ըստ այսմ օգոստոս 25-ին եւ 27-ին վարչութեան ներկայացուցիչներու հետ արկղները կը բացուէին, եւ պարունակութիւնները կարձանագրուէին, միացնելով գրասեղանի բանալիներու ստացութենէ ետքը անոր պարունակութեան համար իրենց կողմէ օգոստոս 2-ին կազմուած արձանագրութիւնը ( ՕՄԱ. 254-263): Ասոնց պատճէնը սեպտեմբեր 1-ին Օրմանեանի ալ կը հաղորդուէր եւ նա ալ 3-ին ինչ ինչ բացատրութիւններ կ՚աւելցնէր ( ՕՄԱ. 264), եւ իր անձնական իրերը կ՚ուզէր, որոնք կը ղրկուէին 6-ի նամակով ( ՕՄԱ. 272): Այսպէս կը փակուէր նպաստից հաշիւներուն եւ Օրմանեանի ձեռքը գտնուած պաշտօնական իրերուն փոխանցումը: Կը մնային պատրիարքարանի սնտուկին հաշիւները, որոնց վերաբերեալ գումարները եւ տոմարները եւ վաւերաթուղթերը ելեւմտից եւ հաշուակալութեան դիւանները կը մնային, բայց Օրմանեան 1897-1904 ութը տարիներու համար կանուխէն ընդարձակ տեղեկագիր մը կազմած էր. վերջերը 1905-1906 երկու տարիներու տեղեկագիրն ալ աւելցուցած էր, որոնց վրայ 1907 տարւոյ տեղեկագիրն ալ պատրաստելով, 11 տարիներու հաշիւները տեղապահութեան կը ղրկէր սեպտեմբեր 10-ին, որպէսզի ընդհանուր ժողովին ներկայացուի ի պարտուպատշաճ քննութիւն եւ վաւերացումն ( ՕՄԱ. 217): Որչափ ալ պատրիարքարանի ելեւմտական տեղեկագիրը իրմէ պահանջուած գործ մը չէր, այլ Օրմանեան` վարչական գործոց կանոնաւորութեան համար զգացած նախանձայուզութենէն` ուրիշին պակասն ալ լրացնելէ ետ չէր կեցած, եւ հաշուական գործոց կանոնաւորութիւնը խղճահարութեան հասուցած էր, եւ պատրիարքարանի սնտուկին վրայ 772 ոսկւոյ պահանջ ունենալով մէկտեղ, իր տրամադրութեան ներքեւ գտնուող հնգապատիկ գումարը մինչեւ յետին բնիոնը տեղապահին կը յանձնէր ( ՕՄԱ. 370), չկրնալով ենթադրել որ տեղապահութիւնը կամ պատրիարքութիւնը իր համարձակ եւ ուղիղ ընթացքին դիմաց խծբծանքներու կարենայ դիմել: Իսկ իր պահանջը առջեւ եկած էր պաշտօնէից թոշակները լիովին վճարելով ինքզինք ղրկելու զոհողութենէն: Դուրեանի եւ Օրմանեանի յարաբերութիւնները լոկ հաշուական էին մինչեւ ընդհանուր ժողովի բացուիլը: Միայն տեղապահական գիրերուն մէջ ակնարկ մը տեսնուած ըլլալով թէ խառն ժողովը իրմէ վարչական համարատուութիւն կը պահանջէ, Օրմանեան հարկ սեպեց սեպտեմբեր 10-ի նամակով յիշեցնել, թէ սահմանադրութեան օրէնքով համարատուութիւնը վարչութենէն կը պահանջուի եւ ոչ պատրիարքէ, եւ թէ իրեն ինկած նպաստից համարատուութիւնը կատարած է, եւ պատրիարքարանի սնտուկին հաշիւն ալ իր կողմէն աւելցուցած է, եւ իրմէ ուրիշ բան պահանջելու իրաւունք չկայ ( ՕՄԱ. 216-217): Իսկ հոկտեմբեր 3-ին ընդհանուր ժողովի բացման առթիւ, իբրեւ օրինապահութեան լրումն, իր հրաժարականին մասին պաշտօնական յայտարարութիւն ուզեց ժողովին կարեւոր բացատրութիւններով, եւ համարատուութեան խնդիրին ալ ակնարկելով նորէն կրկնեց թէ պարտքը վարչական ժողովներուն է. այլ որովհետեւ ժողովի եւ նախագահի համերաշխութիւնը կարեւոր է, ինքն ալ կը փափաքի այդ մասին աշխատիլ կամ աշխատակցիլ եթէ դիւանական ատենագրութիւններ եւ պաշտօնագիրները տրամադրութեան ներքեւ ունենայ ( ՕՄԱ. 191): Սակայն գիրը անագան հանուեցաւ ընդհանուր ժողովին, որով Օրմանեան պարտաւորուեցաւ Բիւզանդիոն լրագիրին հոկտեմբեր 6-ի թերթով հրատարակութեան տալ ( ՕՄԱ. 193). բայց անկէ ետքն ալ երբ ընդհանուր ժողովին մէջ խօսքը անցաւ, ընթերցումը եւ որոշումը յետաձգուեցաւ: Այստեղ կը փակենք Դուրեանի եւ Օրմանեանի պաշտօնական յարաբերութեանց պարագաները, որոնք կը սպասուէր որ աւելի մտադրութեան արժանացած ըլլային Դուրեանի կողմէ, եւ հիմ չդրուէր այն տխուր յարաբերութեանց, որոնք հետզհետէ զայրացան:

3107. ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

Դուրեանի տեղապահութեան միջոցը երեքուկէս ամիս տեւեց, յուլիս 16-էն մինչեւ հոկտեմբեր 31, մինչեւ Իզմիրլեանի պատրիարքական պաշտօն ստանձնելը: Արդէն Կ. Պոլիս մտած օրէն Իզմիրլեան իբրեւ պատրիարք ողջունուած էր, ինչ որ շատ ալ բնական էր, զի պետական բռնադատութեան ներքեւ պատրիարքութենէ հրաժարած, եւ 12 տարի աքսորական մնացած, եւ ազատութեան հռչակուելովը ու հալածանաց դադրելովը, մայրաքաղաք դարձած, աթոռին ալ դառնալու բարոյական իրաւունք կը վայելէր: Եթէ տակաւին երեք ամիսներ անցան մինչեւ որ այդ նախատեսութիւնը իրականանար, պարզապէս օրինական ձեւակերպութեանց պահանջն էր պատճառը. պէտք էր որ ընդհանուր ժողովը ընտրուէր մայրաքաղաքի եւ գաւառներու երեսփոխաններով, ժողովը բացուէր, իր ներքին կազմակերպութիւնը լրացնէր, վարչական ժողովներն ալ կազմուէին, որ պատրիարքական ընտրութիւն կատարելու պայմանները լրանային: Այդ միջոցին Իզմիրլեան իր Իւսկիւտարի բնակութեան մէջ կը մնար, պաշտելութեան հասած յարգանքներ կը վայելէր, ամէն կողմերէ այցելութիւններ եւ խնդակցութիւններ կը ստանար, եւ մինչեւ աստիճան մը պատրիարքարանի գործերէն ալ հեռու չէր մնար. զի Դուրեան իր ձեռնասունը կը համարուէր, եւ անձնական ու պատահական պարագայք Դուրեանը կը յորդորէին Իզմիրլեանի հրահանգներուն ու թելադրութիւններուն հետեւիլ: Իզմիրլեան միանգամ միայն Մայրեկեղեցին հանդիսապէս պատարագեց հոկտեմբեր 19-ին (08. ԱՐԼ. 6929), եւ սովորաբար առտնին կեանք վարեց: Վերջապէս ընտրութեան կարգը հասաւ. երեսփոխանութեան առաջին բացումը տեղի ունեցաւ հոկտեմբեր 3-ին, ուր Իզմիրլեան ալ գտնուեցաւ իբրեւ եկեղեցական երեսփոխան, եւ առաջիկայ կաթողիկոսական ընտրութեան վրայ խօսք առնելով առաջարկեց որոշել, թէ ո՞ր ձեւին պիտի հետեւի ժողովը, նախապէս որոշուած եւ Ընդհանուր ժողովոյ ձեռքով կատարուա՞ծ ձեւին, թէ ոչ Աշըգեանի օրով գործադրուած պօլօժէնիէի ձեւին: Ժողովը առանց վիճաբանութեան այդ վերջինը նախադասեց, եւ Իզմիրլեան որ ժամանակին այնչափ բուռն կերպով խօսած ու գրած ու գործած էր պօլօժէնիէի ձեւին դէմ, այս անգամ լուռ մնաց (08. ԱՐԼ. 6916). զի կը սպասէր կաթողիկոսանալ, եւ աւելի կ՚ուզէր զայն ապահովել քան թէ նորէն անհիմն իրաւունքներու բծախնդրութեամբ իր նպատակը վտանգել: Համագումարը պատրիարքական ընտրելեաց ցանկը կազմեց հոկտեմբեր 8-ին, գլուխը կը գտնուէր Իզմիրլեան 35 ներկաներու 31 քուէով. իսկ 16 եպիսկոպոսաց ցանկին առաջին եօթն ընտրելիներու թիւը կը լրացնէին, Հմայեակ Դիմաքսեան, Եղիշէ Դուրեան, Ստեփանոս Յովակիմեան, Գաբրիէլ Ճէվահիրճեան, Յովհաննէս Արշարունի եւ Գրիգոր Յովհաննէսեան (08. ԱՐԼ. 6920): Հոկտեմբեր 10-ին երկրորդ նիստը հաւաքուեցաւ, մայր դիւանի կազմութիւնը կատարուեցաւ, եւ ընտրուեցան Մինաս Չերազ առաջին, եւ Վահրամ Թորգոմեան բժիշկ ու Գէորգ Ասլանեան ճարտարագէտ երկրորդ ու երրորդ ատենապետներ: Պատրիարքական ընտրութեան անցնելու խօսքեր եղան, բայց օրինաւորութիւնները պահելու համար վարչութեան ընտրութենէն ետքը թողուեցաւ: Ըստ այսմ վարչութեան ընտրութիւն ընելու անցան, եւ նախորդ վարչութեան անդամները անվերընտրելի հռչակուեցան, թէպէտ համագումարը հակառակ որոշում տուած էր (08. ԱՐԼ. 6922): Երրորդ նիստին մէջ հոկտեմբեր 15-ին վարչական ժողովներուն ընտրութիւնները լրացան, կրօնականին մէջ միայն երկու եպիսկոպոս մտան, Հմայեակ Դիմաքսեան եւ Մկրտիչ Վեհապետեան եւ 3 վարդապետ ու 9 քահանայ, իսկ քաղաքականին մեծամասնութիւնը ազատական անուանուած նոր խումբէն էր. կուսակցականաց բարեկամներէ եւ պաշտպանողներէ կազմուած, որոնցմէ Ստեփան Գարաեան պետական դատաւոր ատենապետ ընտրուեցաւ, իսկ բուն յեղափոխականներէն միայն երկու հատ կային ժողովին մէջ, Յարութիւն Շահրիկեան եւ Համբարձում Պօյաճեան, թէպէտ դուրսէն ամբողջ ազդեցութիւնը անոնց ձեռքն էր: Կաթողիկոսական պատգամաւորի համար քանի մը ընտրութիւններ պարապի ելած էին ժողովին մէջ, ոմանց պնդելուն վրայ, թէ հարկաւ Իզմիրլեանի պիտի տայ քուէն եւ Օրմանեանի պիտի չտայ: Ասոր վրայ թեփավաճառ Ստեփան Թելլիեան բարձրաձայն կ՚աղաղակէ եւ կ՚երդնու մինչեւ վերջը պաշտպանել ժողովէն ցուցուած ընտրելին, եւ իսկոյն առանց ուրիշ ձեւակերպութեան Կ. Պոլսոյ պատգամաւոր կը նշանակուի (08. ԱՐԼ. 6926): Հոկտեմբեր 17-ին նիստը գաւառական նեղութեանց եւ անոնց դարմաններուն վրայ խօսելով անցաւ (08. ԱՐԼ. 6928), 18-ին վարչական ժողովներու հաստատութիւնը ստացուեցաւ (08. ԱՐԼ. 6929), եւ 22-ին առտուն նախապէս քաղաքական ժողովը հնգանուն ցանկը պատրաստեց, Իզմիրլեանի, Դուրեանի, Յովակիմեանի, Դիմաքսեանի եւ Երէցեանի անուններով, եւ վերջէն ընդհանուր ժողովը պատրիարքական ընտրութիւնը կատարեց Իզմիրլեանի վրայ 83 ներկայից համամիտ ձայնով, առանց զանց ընելու քուէարկութեան ձեւակերպութիւնը (08. ԱՐԼ. 6932), 26-ին կայսերական հաստատութիւնը ստացուեցաւ (08. ԱՐԼ. 6937), եւ 31-ին Մայրեկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ուխտի նիստը, եւ Իզմիրլեան Մատթէոս եպիսկոպոս երկրորդ անգամ պատրիարքական աթոռ բարձրացաւ, որ 1860-էն սահմանադրութեան սկիզբէն ի վեր տեղի ունեցած չէր, հրաժարեալ կամ դադարեալ պատրիարքի մը վերստին աթոռ բարձրանալը, իսկ նորընտիր պատրիարքին կայսեր ներկայանալը յապաղեցաւ մինչեւ նոյեմբեր 15: Իզմիրլեան նոր անձնաւորութիւն մը չէ որ ներկայելու պէտք զգանք. առիթ ունեցած ենք իր նկարագիրը պատկերացնել, իր գործունէութիւնը բացատրել, իր արդիւնաւորութիւնը քննել եւ քննադատել իսկ, եւ վերստին նոյն կէտերուն դառնալ աւելորդ կ՚ըլլար: Իբրեւ վարքով անբասիր, եկեղեցականութեամբ նախանձայոյզ, դիտումով ուղղամիտ, աշխատութեամբ անխոնջ, նպատակով անաչառ, գովուած է իրաւամբ, թէպէտ ինքնահաւան եւ վրէժխնդիր խառնուրդ մը կը չափաւորէր վարչականութեամբ ալ փայլէր, գործերուն այդ ձիրքերը. այսու հանդերձ ո՜ւր էր թէ տիրապետել կարենար, եւ միջոցներու գործածութեան մէջ ճարտարութեան եւ դիւանագիտական հանճարը իրեն առաջնորդ ունենար, որ յաջողութեամբ ալ պսակուէր, ինչ որ պակսեցաւ իր առաջին պատրիարքութեան մէջ, եւ երկրորդին մէջ ալ չարդարացաւ, աքսոր կրած ըլլալու առաւելութիւնը անձին փայլ մը եղաւ, բայց ոչ արդիւնքի արժանաւորութիւն, զի պատրիարքութիւնը հանրութեան պէտքերուն համար հաստատուած պահանջ մըն է, եւ ոչ հալածանաց մրցանակ: Իզմիրլեան ինչպէս առաջին անգամ հնչակեաններու, երկրորդ անգամ ալ նոր զօրացած դաշնակցականներու ազդեցութեան ներքեւ մնաց, եւ իր քանի մը ամսուան պատրիարքութեան մէջ նշանակութեան արժանի գործ մը չկատարեց: Նոյն իսկ Երուսաղէմի խնդիրը, որուն մէջ 12 տարիներէ ի վեր մտած ու կատարեալ տեղեկացած եւ համոզում կազմած էր, իր օրով փոխանակ լուծուելու եւ վերջանալու աւելի կնճռոտ վիճակի մատնուեցաւ: Իզմիրլեան 1908 հոկտեմբեր 31-ին պատրիարքական աթոռ բարձրացած, յաջորդ օրը նոյեմբեր 1-ին Էջմիածնի ընտրողական ժողովէն կաթողիկոս հռչակուեցաւ, եւ 1909 փետրուար 10-ին ռուսական հպատակութեան անցնելով պատրիարքութենէ դադրեցաւ, ուստի պէտք է որ մենք ալ կաթողիկոսական ընտրութեան եւ նոր կաթողիկոսի ժամանակամիջոցին անցնինք:

3108. ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ ԵՒ ՕՐՄԱՆԵԱՆ

Բայց անցնելէ առաջ լուսաբանելու արժանի կը նկատենք Իզմիրլեանի իր նախորդին Օրմանեանի հանդէպ բռնած ընթացքը: Օրմանեանի եւ Իզմիրլեանի անուններուն յարակցութիւնը առաջին անգամ լսուեցաւ յուլիս 25-ի արկածալից օրուան թռուցիկովը 3104), որ եթէ կեղծ ալ էր, հարկաւ հնարողին միտքին մէջ յարմարութեան տեսութիւն մը կը պարունակէր: Իզմիրլեան Յոպպէէ հեռագիրով հերքած էր այդ հրատարակութիւնը, եւ Կ. Պոլիս հասնելուն օրինաւոր քննութեան եւ դատարանի ենթարկել յայտարարած էր: Երբոր օգոստոս 13-ին Կ. Պոլիս հասաւ, 14-ին Օրմանեան բարի գալուստի գիր մը ուղղեց, թռուցիկին եւ իր հեռագիրին ալ ակնարկելով, որպէսզի խոստացուած քննութիւնն ու դատաստանը յիշեցնէ. սակայն Իզմիրլեան ոչ քննութիւն բացաւ, ոչ դատաստան ուզեց, եւ ոչ գիրին պատասխանեց, թէպէտ գիրը ստանալուն պատասխանել խոստացած էր ( ՕՄԱ. 272): Անշուշտ նոր խորհրդականներ այլապէս թելադրած էին, ինչպէս լրագիրներ ալ գրեցին ( ՕՄԱ. 272): Օրմանեան չկասեցաւ երկրորդ խնդակցութիւն մըն ալ ուղղել հոկտեմբեր 23-ին, պատրիարքական ընտրութեան վաղորդայնին եւ տեսակցութիւն ալ խնդրեց, որ բերանացի զլացուեցաւ ողջոյնով մը, եւ երկրորդ նամակն ալ մնաց անպատասխանի: Քանի մը օր ետքը Արիստակէս Գասպարեան ամբաստանագիր մը կը մատուցանէ նոյեմբեր 7-ի ընդհանուր ժողովի գումարման, որուն մէջ հինգ կամակատարներու ձայնակցութեամբ, Օրմանեանի պաշտօնավարութեան մէջ 17 ապօրինութիւններ ցոյց կու տար: Ամբաստանութեանց գլուխներուն մասին դիտողութիւնները ուրիշ հատուածի կը վերապահենք, այստեղ նպատակ ունենալով միայն Իզմիրլեանի կողմէ Օրմանեանի հանդէպ բռնուած ընթացքը լուսաբանել: Ժողովին կը նախագահէր Իզմիրլեան, որ սահմանադրութիւնը խորապէս ուսումնասիրած ըլլալուն վրայ միշտ կը պարծենար, եւ պէտք չէր անգիտանար որ սահմանադրութեան 6-րդ յօդուածը ( ՍՀՄ. 17), պաշտօնի վրայ գտնուող պատրիարքը պաշտօնէ դադրեցնելու խնդիրով միայն կը զբաղի, եւ թէ ընդհանուր ժողովոյ ներքին կանոնագիրը կը տրամադրէ ամէն առաջարկուած խնդիր նախաքննութենէ անցունել, եւ եթէ ինքն չյիշեց, պէտք չէր որ անտեսէր ատենապետին այս մասին առանձնակի ըրած դիտողութիւնները, եւ այդ ամէն տեսութեանց հակառակ անմիջապէս գործի ձեռնարկել առաջարկէր, եւ ժողովն ալ Սրբազան պատրիարք հօր առաջարկութեան վրայ որոշէր, որ նախորդ պատրիարքի մասին եղած ամբաստանութիւնները քննելու պաշտօն ունեցող յանձնաժողովը յառաջիկայ լիագումար նիստի մը մէջ կազմուի (08. ԱՐԼ. 1946): Օրմանեան նոյն երեկոյ լուր կ՚առնէր անցուդարձէն եւ սաստկապէս կը յուզուէր, ինքն որ ոչ յուլիս 16-ի ցոյցէն 3103), եւ ոչ յուլիս 25-ի արկածալից ցոյցէն 3104) այլայլած իսկ չէր, եւ ամբոխավար շարժումներու կարեւորութիւն տուած չէր. սակայն տարբեր էր գործը երբոր իշխանութեան կողմէ եւ իշխանութեան գլուխին կողմէ զինքն անարգելու եւ ազատելու կամայական դիտումը կը տեսնէր, եւ մինչեւ իսկ ամբաստանագիրին պատրիարքի գիտակցութեամբը մատուցուած ըլլալը կը լսէր: Նոյեմբեր 8-ին հիւանդացած էր արդէն, որ առաջ երեք եւ յետոյ եօթը բժիշկներու խորհրդակցութեամբ յուզումէ յառաջ եկած արիւնի ուղեղային համախռնութիւն ճանչցուեցաւ: Ուստի չկրցաւ անմիջապէս դիտողագիր մը յղել, եւ միայն նոյեմբեր 19-ին իր տեսութիւնները պատրիարքին կը հաղորդէր ( ՕՄԱ. 209-210): Նոյեմբեր 22-ին, որ է հիւանդութենէ 15 օր ետքը Գէորգ վարդապետ Ասլանեան յանուն Իզմիրլեանի որպիսութիւնը հարցնելու համար Օրմանեանի կ՚այցելէր, սակայն անցուդարձին վրայ խօսելու հրահանգ չունէր: Օրմանեան կրկին տեսակցութեան խնդրանք կը յղէր, որ դարձեալ կը զլացուէր ( ՕՄԱ. 274), եւ տեսնելով որ իր դիտողութիւնները նկատի իսկ չէին առնուեր, դեկտեմբեր 3-ին նոյնը կը կրկնէր ատենապետին հասցէին ( ՕՄԱ. 211), եւ 16-ին կը դառնար աւելի ընդարձակօրէն Իզմիրլեանի ներկայել, որչափ ալ հիւանդութեան հետեւանքներուն պատճառով, դեռ զգուշաւորութեամբ եւ չափաւորութեամբ աշխատելու կը պարտաւորուէր: Իր գիրը ամփոփելով կը վերջացնէր, թէ ձեզ կը թողում իմաստասիրել եւ եզրակացնել, թէ ի'նչ բանէ յառաջ եկած կրնայ ըլլալ, ձեռքի տակ եղող հաշիւները քննել չուզել, օրինաւոր համարատուութիւն մը ունենալ չուզել, ակն յայտնի նիւթական եղելութիւն մը ճանչնալ չուզել, եւ մտացածին կարծիքներու իբր ամբաստանութեանց կարեւորութիւն տալ ( ՕՄԱ. 212-216): Օրմանեանի գիրերը անպատասխանի կը մնային միշտ, ինչպէս նաեւ դեկտեմբեր 2-ին ուղղած խնդրանքը որ մերձակայ տօներուն առթիւ արտօնուի Բերայի Ս. Յարութիւն փոքրիկ եւ առանձնակ եկեղեցւոյն մէջ պաշտամանց մասնակցիլ եւ հոգեւորապէս մխիթարուիլ ( ՕՄԱ. 274): Այս ամէն դիմումներու իբր գործնական պատասխան դեկտեմբեր 19-ին պատրիարքի նախագահութեամբ քննիչ յանձնաժողովոյ ընտրութիւն կը կատարուէր: Իսկ Օրմանեան այսու հանդերձ զանց չէր ըներ 1909 յունուար 6-ին Ամանորի եւ Ծնունդի շնորհաւորութեան յարգանաց պատշաճը լրացնել նոր նամակով մը, որուն կը խառնէր յունուար 3-ին հաղորդուած կաթողիկոսական ընտրութեան հաստատուելուն համար շնորհաւորութիւնը ( ՕՄԱ. 275). սակայն այդ նամակն ալ նախընթացներուն նման անպատասխանի մոռացութեան կը մատնուէր, եւ միւս կողմէ քննիչ յանձնաժողովը գործի վրայ կը գտնուէր, ամբաստանագիրներ կարդալով, եւ ամբաստանողներ լսելով, որով Օրմանեան այլեւս կը լռէր տեսնելով որ յամառ կամայականութիւն մը կայ զինքն հալածելու եւ երկայնամիտ համբերութեան որոշումը կու տար իրեն համար ( ՕՄԱ. 205), եւ այլեւս բացարձակ կրաւորական դիրք մը կը պահէր: Զատկական տօնախմբութեան առթիւ կը շատանար պարզ այցատոմս մը յղել Իզմիրլեանի մարտ 29-ին, եւ Զատիկէն 21 օր ետքը զատկական շնորհաւորութիւն կ՚ընդունէր Իզմիրլեանէ ապրիլ 18-ին, աւելցնելով թէ ստացած է նաեւ զանազան առթիւ ուղղուած շնորհաւորական գիրերը ( ՕՄԱ. 276), եւ ըսել թէ ինն ամիսներ անցեր էին շնորհաւորականները ստանալէն ի վեր: Արդէն փետրուար 12-ին պատրիարքութենէ դադրած էր, եւ կաթողիկոսական ընտրութեան ձեւակերպութիւնները լրացած ըլլալով մեկնելու կը պատրաստուէր, Օրմանեանը անպատուելու ինչ որ պէտք էր գործուած էր, մօտ օրէն Ռուսահայոց մէջ պիտի ըլլար, ուր Օրմանեանը գնահատողներ շատ էին, եւ առջեւ որեւէ ձեւ մը պէտք էր ցուցադրել, եւ առ այս կ՚երեւի պիտի ծառայէր ապրիլ 18-ի նամակը, եւ անկէ ետքը մայիս 18-ի տեսակցութեան հրաւէրը, զոր իր կարգին կը թողունք քաղել: