Նամականի առ ընթերցասէր հայուհիս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԵՐՈՒՀԻ

Ո՛րչափ գեղեցիկ էիր դու արեւ,
Երբ կը փայլէիր իմ գլխոյս վերեւ.
Ազատ թռչնոց հետ կը թռէր հոգիս,
Երբ էի ընկեր սիրուն փեսայիս։

 

Լուսին ու աստեղք ջինջ ջինջ շողերով,
Զիս կողջունէին զուարթ ժպիտով.
Ծաղկագեղ դաշտեր վճիտ առուակներ,
Ներդաշնակէին իմ հեշտին օրեր։

 

Արեւ ալ չէս լոյս, քու փայլդ է նսեմ,
Պժգալի աչօք երբ քեզ կը տեսնեմ.
Հոգւոյս իմ հատոր չունիմ ինձ ընկեր,
Կեանքս է ինձ լեղի, եւ աշխարհ աւեր։

 

Դու չես զովաբեր վտակ պաղպաչիւն,
Դէմքդ այլափոխ յատակդ տժգոյն.
Հեշտալի հոսանքդ չտան սրտիս զով,
Երբ ձեռքս շղթայած, աչքերս է լացով։

 

Մի երգեր սոխակ ալ չես տարփալի,
Երբեմն գեղգեղանքդ էր ինձ տենչալի։
Քու սիրուն ձայնիդ հոգիս էր գերած,
Սիրոյ ժամերով երբ էի լեցուած,

 

Կորեաւ իմ փեսայն, կորեաւ իմ մանկիկ,
Անտէր անխնամ նմամ թափառիկ.
Հնչեմ, հառաչեմ տխուր ողբերով,
Քանի որ հեծեմ գերութեան լուծով։

 

Հողմունք եւ ամպեր լսէք իմ ձայնին,
Տարէ՛ք հառաչանքս իմ հէգ փեսային.
Գտէ՛ք զիմ փեսայն, գտէք զիմ որդին,
Տարէ՛ք զիմ ողբոց ձայներ սրտագին։

 

Թափառ ես տատրակ դու ալ ինձ նման,
Միթէ կորուսի՞ր, եւ դու վարուժան.
Մնչիւնդ անզօր֊ թեւերդ լքած,
Ամայութեան մէջ մէկնիկ մնացած,

 

Երջանիկ օրերս ինձմէ հեռացան,
Չունիմ ալ չունիմ յոյս ազատութեան...
Լքած թողած եմ այս վայր միայնակ,
Ծիւրիմ եւ մաշիմ գոռ գերութեան տակ։

 

Երբեմն երջանիկ փառօք պսակուած,
Չքնաղ փեսայիս շքով զարդարուած.
Արդ այրիացեալ աստ ամայութեան,
Տքնիմ եւ կոծեմ զերթ բու ողբական։

 

Զոր լեռ ու դաշտեր խուլ են իմ ձայնին,
Սուգ, լաց, հառաչանք, այս են իմ բաժին.
Երկինք ու ամպեր լսեցէք ձայնիս,
Տուէ՛ք հառաչանքներս իմ հէգ փեսայիս։

 

Գտէ՛ք զիմ փեսայն, գտէք զիմ որդին,
Տուէ՛ք իմ ողբեր կոծեր սրտագին։