Սիլիհտարի պարտէզները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տունը, ուր ծնած եմ, երկյարկանի, փայտաշէն եւ կարմիր ներկուած սովորական տուն մըն էր, որուն փողոցի վրայ նայող պատուհաններու վարագոյրները գրեթէ միշտ փակ կ’ըլլային, որովհետեւ ճիշդ մեր տան դիմաց կար յոյն նպարավաճառի խանութ մը, որ միեւնոյն ատեն գինետուն էր։

Մեր տնեցիները օրը կ’անցընէին տանը ետեւի սենեակները, որոնց պատուհանները կը բացուէին իրարու յաջորդող այգիներու վրայ։

Այգիներէն անդին, թրքական թաղերն էին հոյակապ մզկիթներով, որոնց սլացիկ եւ ճերմակ մինարէները կ’ընկերանային սեւ նոճիներու։ Հեռուէն կ’երեւէր նաեւ Վոսփորի կապոյտ եւ փալփլուն ժապաւէնը, ուրկէ անդին Սթամպուլի սիլուէթը, որ, առաւօտները վարդագոյն, օրուան մէջ ոսկեգոյն եւ իրիկունները կապտորակ մշուշի մէջ շղարշուած, կը թուէր յարափոփոխ, երանգաւոր ու երազային երկիր մը։

Իմ մանկական աչքերս շլացեր են այն ճաճանչներէն, որոնք մզկիթներու ոսկեզօծ գմբէթներուն վրայ իյնալով լոյսի հրդեհներ կը վառէին. իմ առաջին տեսողական տպաւորութիւններս կրեր եմ այդ գունագեղ եւ միեւնոյն ատեն նրբօրէն երանգաւոր շրջանկարէն, որ խոր ազդեցութիւն գործեր է իմ վրաս։ Դեռ անգիտակից եւ անբարբառ՝ լացեր կամ խնդացեր եմ կրած տպաւորութիւններուս առթած ուժգին յուզումով եւ հետագային, երբ կրկին տեսեր եմ նոյն տեսարանները, զգացեր եմ որ անոնք արդեն տեսնուած ու զգացուած են ինձմէ։

Կը յիշեմ գարնան առաւօտները, երբ այդ այգիները, Սիլիհտարի պարտէզները, կը դառնային բոցավառ վարդաստաններ։ Այդ վարդերը կը խուժէին տունէն ներս, կը զարդարէին անզարդ սենեակները, բուրում եւ երանգ կը բերէին ճերմակութիւնով պատած սենեակներու մէջ, կը դառնային խաղալիք երեխաներու ձեռքին եւ անոնց թերթիկները կ’անձրեւէին ամենուն եւ ամէն բանի վրայ։

Կը յիշեմ կլիսիններու գահավիժումը սարփինաներու վրայէն, որոնք պերճ պատմուճաններու պէս կը ծածկէին զառամած տուներու խլխլիկ թշուառութիւնը։ Արեւի լոյսը, մաղուելով սաղարթախիտ ծառերու մէջերէն, կը թափէր գետնի վրայ խուսափուկ պղպջակներով. զով սիւքը փայփայանքի պէս կ’անցնէր մարդոց եւ բոյսերու վրայէն եւ որուն հետ կարծես նազանքով կը խաղային նորածիլ ոստերը։

Կը յիշեմ տենդագին եւ գաղջ իրիկունները, գորտերու կռկռոցը աւազաններու մէջ, կայծոռիկներու ոստումները եւ արտեզեան հորերու անվերջ ճռինչը, որ մինչեւ իմ հիւանդոտ երեխայի խռոված քունիս մէջ կ’ընկերանար իմ երազներուս։ Երբեմն ալ հովիւի սրինգ մը, Րումելիի տափաստաններէն գաղթած պարտիզպանի մը ձեռքին, հեռաւոր եւ հայրենաբաղձ մեղեդի մը կ’երգէր։

Կը յիշեմ տառապանքս այդ բազմերես բնութեան գեղեցկութեան առաջ, անզօր բաղձանքս ընդգրկելու, իւրացնելու ինչ որ ցրիւ բուրմունք էր, երանգ, լոյս եւ երազ…։

Կը սիրէի ակնապիշ նայիլ երկնքին, ուր ոսկեծիր ճերմակ ամպեր մեղմօրէն կը ձեւափոխուէին։ Երբեմն ամպի ծուէն մը կ’անջատուէր եւ կը սուրար աւելի արագ կապոյտ երկնակամարին վրայ։ Այդ բոլորը շունչ եւ կեանք կ’առնէին իմ աչքերուս տակ, իմ մանկական հասկացողութեամբ իմաստ կու տայի այդ շարժումներուն եւ ձեւափոխութիւններուն, երբ աչքերս կը սեւեռէի արեւմուտքի բոցավառ հորիզոնին եւ անոր վերեւ գծուող շէկ երիզներուն։

Կը յիշեմ մայիսեան զով անձրեւը, որ կը տեղար հապճեպ մրմունջով, պապակած բոյսերու եւ կարմիր կղմինտրներով ծածկուած տանիքներու վրայ։ Ջրդոններէն անձրեւաջուրը ուղխօրէն կը հոսէր եւ թաց ու փխրուն գետնին վրայ իրեն համար ճամբայ կը բանար բազմաճիւղ առուակներ կազմելով։ Բաց պատուհաններէն զովացած օդի թարմ շունչը կը խուժէր ներս։ Պարտէզներէն եւ այգիներէն հերկուած եւ պարարտ հողի եւ թրջուած կանանչի հոտը կը բռնէր մթնոլորտը։ Եւ այգուն՝ անձրեւով յագեցած պարտէզները իրենց ցօղաթուրմ ծաղիկներով կը ժպտէին։

Կը յիշեմ ինքզինքս մեր պարտէզի արահետներուն մէջ, տոտիկ-տոտիկ քալելով լոյսի արատներու վրայ, որ կը դողդղային երերուն ճիւղերու թողած շուքին մէջ։ Կը յիշեմ անորոշ մտատանջութիւնը, որ յանկարծ կը գրաւէր ինձ, երբ ուշադիր կը լսէի ծառերու սօսաւիւնը եւ առուակներու խոխոջը։

Այդ պարտէզներուն մէջ արքայական ծիրանիներ իրենց ոսկեգոյն պտուղները կարկառած են ինձ, ծաղկեալ վարդենիներ իրենց քաղցր բուրմունքով օծած են իմ մանկութիւնս եւ վարդեր կարմիր, վարդեր ճերմակ իրենց գեղեցկութեան գերագոյն լրումին մէջ փոխանակ թառամելու, անհամար թերթիկներով, իմ զգայուն մատներուս թեթեւ հպումով, ինկած են ոտքերուս առաջ։

Իմ կեանքի ընթացքին տեսած եմ շատ երկիրներ եւ վայելած եմ բնութեան բազմատեսակ գեղեցկութիւններ, բայց Սիլիհտարի պարտէզներու յիշատակը մնացած է անջնջելի։ Ինձ հետ տարեր եմ ամենուրեք այդ պարտէզները եւ անոնց մէջ ապաստաներ եմ ամէն անգամ, երբ մութ եւ սպառնական ամպեր կուտակուեր են իմ կեանքիս հորիզոնին վրայ։

 

* * *

Ինչքան մեր տան պարտէզը, շրջակայ պարտէզները եւ այգիները ժպտուն եւ ծիծաղկոտ էին, այնքան մեր տան ներքնամասը խոժոռ էր եւ ցուրտ։

Մաքրութեան աններող սովորոյթներ, մեծ մօրս հրամայական պահանջով, վանել կու տային ոեւէ առարկայ, որ կարող էր քիչ մը հաճելի անկարգութիւն, քիչ մը ֆանթազիա բերել մեր կենցաղին մէջ։ Բոլոր սենեակներուն պատերը սուայուած եւ ջնարակուած էին ճերմակ գոյնով։ Գետինը տախտակ էր, բացի երկու սենեակէ, որոնք ծածկուած էին փսիաթով։ Այդ տախտակները այնքան յաճախակի կը լուացուէին եւ աւազով կը շփուէին որ թաց տախտակի հոտը սովորական դարձած էր մեր ռունգերուն։

Սենեակներուն ճակատը մէկ պատէն միւսը կ’երկարէր բազմոցը, միշտ ծածկուած ձիւնաթոյր ծածկոցով։ Պատուհանները ունէին ճերմակ, «արդուկին ծալքը վրան» զոյգ վարագոյրներ։ Բոլորակ սեղան մը, ճերմակ քռոշէ ծածկոցով, կը կրէր ջրաման մը եւ բաժակ մը, հակառակ կողմը դարձած բիւրեղեայ պնակի մը մէջ։ Կը ճաշէինք բակը, որ սալարկուած էր ճերմակ մարմարիոնով եւ գիշերը ճերմակ գիշերանոցներով կը պառկէինք գետինը փռուած անկողիններու մէջ, որոնց սաւանները կը բուրէին վարդ կամ լաւանտ։ Ուր որ մարդուս աչքը կը թափառէր, կը հանդիպէր անողոք սպիտակութեան։

Ոչ մէկ նկար պատերուն վրայ. ոչ մէկ ծաղկաման։ Երբ մօրաքոյրերս պարտէզէն ծաղիկներ բերէին եւ տնկէին բաժակներու մէջ, Տուտուին կարծիքով «փիսութիւն» կ’ըլլար։ Միայն վարդերու եղանակին էր որ դէզ առ դէզ վարդեր կը կուտակուէին սեղաններու եւ բազմոցներու վրայ։ Տուտուն կը հանդուրժէր միայն վարդի բուրմունքին, որուն համար կ’ըսէր թէ «մաքրութիւն կը հոտի»։ Մնացեալ բուրմունքները, բնական թէ արուեստական, իր կարծիքով պարկեշտ մարդոց համար չէին։

Ձմեռնամուտին, երբ պարտէզին դռները կը փակուէին, յուսահատութիւն կը գրաւէր իմ մանկական հոգիս։

Մէկ կամ միւս մօրաքրոջս գիրկը, ճերմակ բազմոցին վրայ կծկտած, կարօտով կը յիշէի արեգնաւէտ արահետները եւ վարդենիները։ Այն ատեն, աչքերս կը գոցէի եւ ինքզինքիս կը պատմէի հեքիաթունակ պատմութիւններ, ուր վարդեր կը խօսէին, ծառեր կը քալէին նազանքով ու իրենց բազկատարած ճիւղերով շուրջպար կը կազմէին։ Բարեբախտաբար տանը մէջ կային երկու ովասիսներ, ուր սակայն իմ մուտքս հազուադէպ էր։ Անոնցմէ մէկն էր Երանիկ մօրաքրոջս սենեակը, ուր մինակը եազմա կը բանէր։ Երանիկ մօրաքոյրս խստիւ կը պաշտպանէր իր առանձնութիւնը եւ ինձ համար իր սենեակը խորհրդաւոր որջ մըն էր, ուր մտնելու երանութիւնը կը համարէի անհասանելի երազ։ Միւսը՝ տանը ամենէն ընդարձակ սրահն էր, ուր մօրաքոյրերս երբեմն դէմ դէմի, երբեմն առանձին թեզկեահներու վրայ եազմա կը բանէին։

Այդ սրահը հրաշալի աշխարհ մըն էր ինձ համար։ Գետինը ծածկուած էր փսիաթով, որ թեթեւ մը կը ճռճռար մօրաքոյրերուս մուճակներուն տակ։ Բազմոցը ծածկուած էր նկարէն կտաւով։ Վարագոյրները դեղնորակ էին կարմիր խիտ գիծերով։

Իմ հիացումիս գլխաւոր առարկաներն էին թեզկեահները, ցած սեղաններ, որոնց առաջքը մինտէրներու վրայ ծալապատիկ նստած, Իւղաբեր եւ Մաքրիկ մօրաքոյրերս եազմա կը բանէին։ Անոնք հագած կ’ըլլային դեղին, վարդագոյն կամ կապոյտ էնթարիներ՝ նկարազարդուած խոշոր գունագեղ ծաղիկներով։

Թեզկեահներուն մէկ եզերքը դրուած էին հողէ ամաններով կարմիր, դեղին, մանիշակագոյն ներկեր։ Կանաչը եւ կապոյտը Երանիկ մօրաքոյրս կը բանէր։

Եազմաներու գծագրուած տերեւները եւ ծաղիկները գոյն եւ րըլիէֆ կը ստանային, երբ մօրաքոյրերս վրձինները կը թաթխէին այս կամ այն ներկին մէջ եւ կը բանէին։ Ներկուած եազմաները կը փռէին շարքով կապուած առասաններու վրայ եւ շտապ աշխատելով կը խօսակցէին։ Անոնք իմ հետաքրքիր մտքիս առաջ կը բանային դուրսի անծանօթ աշխարհի դռները, շատ բան չէի հասկնար այդ խօսակցութիւններէն, բայց իմ նորազարթ երեւակայութիւնս թեւեր կ’առնէր եւ այդ խօսքերու բեկորներով ինձ համար աշխարհ մը կը ստեղծէի։

Մասնաւորապէս ջերմ սիրով կը սիրէի Իւղաբեր մօրաքոյրս, որ Կոկօ կը կոչէի։ Ան քոյրերուն ամենէն մեծն էր եւ ոչ միայն ինձ, այլեւ մայրիկիս համար ունէր մայրական զգացում։ Ան էր որ ինձ կը խնամէր, կը լուար, կը հագուեցնէր եւ գիշերները կը տանէր պառկեցնելու։ Կոկօ նուրբ կազմուածքով, բաց շագանակագոյն մազերով եւ խորը ինկած սեւ աչքերով կին մըն էր, հոգածու իր արդուզարդին։ Մազերը կը կտրէր ճակտին վրայ եւ տանը մէջ միակ կինն էր որ բրնձափոշի կը գործածէր, հակառակ այդ մասին իրեն եղած մեղադրանքներուն։ Կը սիրէր գունագեղ կերպասները եւ կը յիշեմ որ տարիներով ցանկութիւն ունեցած է կարմիր թաւիշէ հագուստ մը շինելու, ինչ որ անկարելի եղած է տանը մէջ տիրող մայրական խիստ կարծիքին պատճառով։ Երբեմն Կոկօ կ’իյնար մելամաղձոտութեան մէջ եւ, ինչպես եթէ քէն ըրած ըլլար բոլոր տնեցիներուն, մռայլ եւ տխուր կ’աշխատէր, ձախ ձեռքը դրած քունքին, որովհետեւ գլխի ջղային շարժում մը ունէր որ կը սաստկանար այդ օրերուն եւ արցունքը անշշուկ կը սահէր նիհար այտերուն վրայ։ Այդ տխրութեան պատկերը սիրտս կը ճնշէր եւ կը տառապեցնէր ինձ։ Այլեւս չէի գիտեր ինչ ընել, քիչ մը ժպիտ բերելու համար Կոկոյի յուսահատ դէմքին վրայ, ինչ որ երբեմն կը յաջողէի։ Բայց եթե լաւ տրամադրուած ըլլար, Կոկոն քաղցր եւ խանդակաթ կին էր։ Ոչ ոքի բերնէն չեմ լսած այնքան ջերմ եւ գորովոտ խօսքեր, որքան իրմէ։ Ինձ խնամած միջոցին չէր դարեր ամէն մէկ գործողութիւնը. հանուեցնել, հագուեցնել, եւայլն պարուրելու սիրազեղ մրմունջով։ Անսահման համբերութեամբ կը կատարէր բոլոր փափաքներս, մեղմութեամբ կը սանտրէր մազերս եւ ինձ զբաղեցնելու համար պատմութիւններ կը պատմէր կամ կ’երգէր մեղմ եւ տխուր ձայնով։

Մաքրիկ մօրաքոյրս, ընդհակառակն, բուռն բնաւորութեան տէր էր եւ յանկարծակի իր տրամադրութիւնը կը փոխուէր։ Կենսուրախ եւ օժտուած հարուստ խառնուածքով, միւս կողմանէ չունենալով եղբայրներուն պատեհութիւնը տունէն դուրս անձնատուր ըլլալու իր բնութեան դրդումներուն, ան երբեմն չնչին պատճառներով կ’ունենար զայրոյթի բուռն պոռթկումներ եւ կ’ըմբոստանար նոյնիսկ մօրը դէմ։

Մօրը մահէն յետոյ միայն, աւելի քան հասուն տարիքի մէջ ամուսնացաւ ողորմելի մարդու մը հետ, որուն համար մինչեւ այդ մարդուն մահը ունեցաւ արդար արհամարհանք։ Բայց շնորհիւ այդ ամուսնութեան՝ ձեռք բերաւ իր անկախութիւնը եւ անձնատուր եղաւ անվերջ քէֆի։ Ամէն իրիկուն օղիին ափսէն կը շտկուէր։ Հիւրերը, որոնց մէկ մասը նուագածուներ էին եւ դրացիները՝ հայ եւ թուրք, կը հաւաքուէին եւ նուագելով ու երգելով կը զուարճանային։

Եւ եթէ պատահէր որ թթուած դէմքով դրացի մը քննադատական խօսք մը մրմռար այդ անվերջ քէֆերուն համար, ոչ երես երեսի, եւ հասնէր Մաքրիկ մօրաքրոջս ականջին, ան կը ստանար «բերնին փայը»։

Ձմեռուան կարճ օրերուն, երբ մօրաքոյրերս կը շարունակէին աշխատանքը լամբարի լոյսով, մայրս երբեմն ինձ գրկած, կամ ձեռքէս բռնած կը բերէր այդ սրահը։ Եազմաները շուտ չորցնելու համար վառարան դրած էին։ Փայտը կը հուրհրար, լամբարներու լոյսերը կը քթթէին. ներկերու հոտը, արտասանուած խօսքերու իմ մէջս յարուցած պատկերները գլխապտոյտ կը պատճառէին ինձ։ Հայրս երբեմն կ’ուշանար։ Կը պատահէր որ մինչեւ կէս գիշեր աշխատէր իր արհեստանոցին մէջ։ Այդ պարագային երբեմն կը մոռնային ինձ տանիլ պառկեցնելու։ Մօրեղբայրներս մէկիկ-մէկիկ կը վերադառնային իրենց գործերէն, աւելի յաճախ գինետուներէն, եւ կը սկսէր ընդհանուր խօսակցութիւն մը գործերուն վրայ, գործատէրին վրայ, ուրիշ բանուորներու եւ բանուորուհիներու վրայ։

Թէ՛ մօրեղբայրներս, թէ՛ Մաքրիկ մօրաքոյրս Իւղաբեր մօրաքոյրս հեզ էր եւ համակերպող անխնայ ծաղրի եւ արհամարհանքի առարկայ կ’ընէին իրենց գործատէրը, որ Չեւիկենց Բարթիկը կը կոչուէր։ Այդ Բարթիկի եղբայրը, Թադէոս, ապուշ էր եւ թաղեցիները |առը [1] | անունը տուեր էին անոր։ Մօրեղբայրներս կը պատմէին առըին շահատակութիւնները շուկային եւ փողոցներուն մէջ եւ լիաթոք կը խնդային։ Երբեմն ալ կը վերյիշէին հին պատմութիւններ իրենց հօրը եւ հօրեղբայրներուն առընչութեամբ եւ ես այդ բոլորը կը լսէի ինչպէս հրաշալի հեքիաթներ։ Բայց իմ երջանկութիւնս իր լրումին կը հասնէր, երբ Տիգրան մօրեղբայրս կու գար գինետունէն։ Կանկանը, այդպէս կը կոչէի զինքը, շէնշող բնաւորութեան տէր էր եւ իր գինովութիւնը զուարթ էր, մինչ Պօղոս, Պետրոս երկու եղբայրները «ֆեսատ էին», այսինքն կռիւ կը փնտռէին, երբ խմած ըլլային։

Կանկան ինձ կ’առնէր բազուկներուն վրայ, կը բարձրացնէր մինչեւ առաստաղը, հազար կատակ կ’ընէր մէկին եւ միւսին հետ եւ երբեմն ալ, ընկողմանած փսիաթին վրայ, տեսթան կ’ըսէր կամ իր ստեղծագործած աշուղական երգերէն մէկը կ’երգէր։ Կը գրէր հայ տառերով թրքերէն բանաստեղծութիւններ։ Անոնցմէ մաս մը յաջողած եմ փրկել եւ մինչեւ այսօր կը պահեմ։

Տիգրան մօրեղբայրս դպրոց գացած, ուսմունք ստացած էր։ Շատ լաւ գիտէր հայերէն գրաբար եւ թրքերէն։ Սկիւտարի Ս. Խաչ դպրոցը աւարտելէ յետոյ մտած էր՝ իբր գրագիր՝ պաշտօնի, տրապիզոնցի թուրք վաճառականի մը քով։ Բայց օր մը մեկներ էր վաճառատունէն, թափառեր էր Անատոլուի քաղաքները եւ վերադարձեր էր Պոլիս, փերուշան վիճակի մէջ։ Յետոյ ինքն ալ մտեր էր եազմայի գործին մէջ եւ Պօղոս, Պետրոս եղբայրներուն պէս դարձեր էր բանուոր։ Անոնք, ամառուան տաքին, ձմեռուան ցուրտին կ’երթային ծովեզերք եազմա լուալու, թաց եազմաները ուսերնուն կը բարձրանային զառիվերէն, ներկը կը պատրաստէին, գործ կը բաժնէին թաղերը եւ ամէն իրիկուն գինետուն կ’երթային օրուան ծանր աշխատանքէն ամոքուելու համար։

Կանկան հաճելի դէմքով մարդ էր, սեւ աչքերով, առատ սեւ մազերով եւ թաւ պեխերով։ Երբ կէս գինով ըլլար, անոյշ ձայնով կը պատմէր հին եւ նոր խապատայիներու արարքները։ Կը պատմէր եւ ուրիշ քաջերու մասին, որոնք, ըմբոստացած տիրող «անարդարութիւններէն», լեռը քաշուած եւ էշկեա [2] դարձած էին։ Տիգրան մօրեղբայրս այնքան եռանդով կը խօսէր այդ էշկեաներուն վրայ որ երկար ատեն խորհած եմ՝ թէ աշխարհիս ամենէն պանծալի մարդիկը լեռը ապաստանած աւազակներն են։ Երբ Տուտուն ներկայ ըլլար այդ խօսակցութեան, յօնքերը կը խոժոռէր եւ աչքերը ակնապիշ՝ կը նայէր անորոշ կէտի մը։ Կանկան կը նշմարէր Տուտուին տհաճութիւնը եւ կէս լուրջ, կէս կատակով կ’ըսէր։

Է՜յ, ի՞նչ կայ, Տուտո՛ւ, ինչո՞ւ քիթդ կախեր ես։

Մեծ մօրս տժգոյն եւ արհամարհական շրթները չէին զիջաներ պատասխանելու։

Բայց աւելի յաճախ Կանկան կ’աւաղէր իր սերունդին անզօրութիւնը։

Շիրինին թոռներն ենք, պէ՜… Ո՞վ կ’ըսէր, որ այդ ղաբլանի [3] պէս մարդէն մեզի պէս կատուներ պիտի մնային… Մենք ալ մա՞րդ ենք, պէ՜… Առըին աղբարը քիթերնուս բռնած մեզ կը քաշէ կը տանի ուր որ ուզէ… Ես խերն եմ անիծեր աս կեանքին…

Ձմեռուան իրիկուն մը, կէս գիշերը անց, ան տուն բերեր էր անծանօթ եւ այլազգի փախստական մը, որ ծխախոտի մաքսանենգ էր, խաչաղճի։ Դէտերը իր հետքերուն վրայ էին։ Այդ մաքսանենգները ընդհանրապէս չերքէզ էին, որոնց եկեր միացեր էին քանի մը հայեր։ Տիգրան մօրեղբայրս յարաբերութիւն հաստատեր էր այդ մարդոց հետ եւ իր արկածախնդրական տրամադրութիւնները արծարծուեր էին։ Խաչաղճիները զինուած էին եւ իրենց բոլոր կարելի միջոցներով կը կռուէին կառավարութեան դէմ, որ ծխախոտի մենաշնորհը տուած էր ֆրանսական կառավարութեան դէմ, որպէս երաշխաւորութիւն փոխառութեան մը։ Գիւղացիները, որ ծխախոտ կը մշակէին Պոլսոյ մերձաւոր գիւղերուն մէջ, ամէն միջոցներով կը նպաստէին խաչաղճիներուն։ Կառավարական դէտերը եւ ժանտարմաները, որ կոչուած էին պայքարելու մաքսանենգներու դէմ, ընտրուած էին նոյնպէս քաջ մարտիկներէ եւ հրահանգ ունէին անողոք ըլլալ աւազակներու նկատմամբ։ Հերոսական կռիւներ տեղի կ’ունենային Սկիւտարի շրջակայքը, որոնք անվրէպ կը վերջանային սպանութիւններով։

Տնեցիները շշմած մնացին Կանկանի յանդգնութենէն։ Կը կարծեմ յիշել այդ փախստականը թուրի շեղբի պէս սուր դէմքով, մանր եւ կայծկլտուն աչքերով եւ գունաւոր մարդու տպաւորութիւնը ընող թխագոյն մորթով։ Այն ժամանակ հազիւ չորս տարեկան էի։

Երեք օր յետոյ, երբ փախստականը մեկներ էր մեր տունէն, հայրս եւ Տուտուն խորհրդակցեր էին Տիգրան մօրեղբօրս մասին։ Ան բռներ էր, իբրեւ էշկեա, լեռը քաշուելու ճամբան. պէտք էր ոտքը կապել։ Եւ յաջողեցան։ Շտապով ամուսնացուցին ձկնորս Նիկոթի աղջկան հետ, որպէսզի հաստատուի եւ վերջ դնէ իր թափառականի տրամադրութեան։

Կանկան այլեւս չհեռացաւ Սկիւտարէն, բայց տարուէ տարի անսանձ անձնատուր եղաւ արբեցութեան։ Երբեմն, երբ, գինովութեան ծայրայեղ աստիճանի մէջ, անժամանակ մեր դուռը կը զարնէր եւ քնած տնեցիները կ’արթնցնէր որ շէն ու շէնլիք ըլլայ, երբ մէկ նիւթէն միւսը ցատկելով կը վերյիշէր իր պատանեկան տարիներու ձգտումները, խոր հառաչանք կ’արձակէր եւ կը գոչէր.

Մենք ալ երե՞ս ունինք Շիրինենց թոռը ըսուելու… Անոնք ո՜ւր, մենք ո՜ւր… Մենք թափոն ապրանք… մենք զիմանէ՜ [4] օ՜ֆ… օ՜ֆ… օ՜ֆ…



[1] Թրքերէն՝ մեղու։

[2] Աւազակ։

[3] Վագր։

[4] Մեր ժամանակի արդիւնք։