Սիլիհտարի պարտէզները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մեր տան փողոցը մէկ կողմէ կը բարձրանար դէպի Սելամսըզի քէօշէն [1] եւ միւս կողմէ կ’իջնէր դէպի յունական եւ հայկական թաղերը։ Մեր տունը ճիշդ կեդրոնն էր եւ մեր տան հարեւանները արհեստաւորներու բարեկեցիկ հին ընտանիքներ էին։ Փողոցէն դէպի Սելամսըզ բարձրացող մասին վրայ կային հին ամիրայական տուներ, որոնց այլասերած բնակիչները, իրենց լայնածաւալ եւ փլփլած փայտաշէն տուներուն մէջ քաշուած, կ’ապրէին ժլատութեամբ, կրծոտելով իրենց նախկին փարթամութեան վերջին թափթփուքները։ Անոնք, միմոտիս, [2] իրենց տեղերուն վրայ ծերացած ու պառաւած մարդիկ էին, անգղի կտուցներով, խոժոռ եւ սրդողած նայուածքներով։ Այդ հին ընտանիքներէն ոմանք, լքելով իրենց անբնակելի դարձած տուները, որոնք նորոգելու միջոցներ չունէին, ապաստանած էին իրենց նախկին ախոռներուն կամ սպասաւորներու յարկաբաժիններուն մէջ։ Այդ ընտանիքներէն շատ քիչեր երիտասարդ սերունդ ունէին, ընդհանրապէս հանգած էին։ Բայց այն հազուադէպ շառաւիղները, որ կային, դարձեր էին կառապան, ձիապան, դռնապան։ Անոնցմէ մէկը իբրեւ դպրոցի ծառայ աշակերտները կ’առաջնորդէր թեւերը ծանրաբեռնուած սակառներով։

Տուտուն մանրամասն գիտէր այդ ընտանիքներու պատմութիւնները եւ երբեմն կը յօժարէր խօսիլ անոնց մասին։ Ինչ որ ինձ կը հրապուրէր մասնաւորապէս, այդ հին տուներու ընդարձակ պարտէզներն էին որոնց մասին հրաշալիքներ կը պատմէին։ Այնտեղ կային տարաշխարհներէ բերուած ծառեր, որոնք անսովոր ծաղիկներ եւ պտուղներ կու տային։ Այնտեղ կային իրարու յաջորդող դարատափերու վրայ աւազաններ, որոնց շատրուաններէն ջուրը կը սլանար բազմաթիւ ժայթքերով եւ յետոյ կը գահավիժէր մէկ աւազանէն միւսը։ Նշանտուքներու եւ հարսնիքներու առիթով պարտէզները կը լուսավառուէին եւ հրթիռներ կը բարձրանային մինչեւ երկինք։ Բեհեզով եւ վենետիկեան թաւիշով զգեստաւորուած՝ գեղեցիկ կիներ կը շրջագայէին թաւուտներու մէջ։ Այժմ ամէն ինչ ցամքած, մարած եւ մեռած էր եւ այդ հեքիաթային պարտէզներու մէջ, որոնց բարձրաբերձ եւ փլփլած պարիսպները բորոտած էին մամուռով եւ քարաքոսով, մոլախոտերը կը խեղդէին ապասերած ծառերու բուները։

Տնեցիները, Տուտուի վերյիշումներէն ոգեւորուած, կը թուէին անցեալ շքեղութեան օրերը, մասնաւորապէս սուլթան Ազիզի գահակալութեան սկիզբը ու նաեւ եղերական դէպքեր, յանկարծահաս շնորհազրկութիւն, գլխատութիւն, աքսոր եւ այլ պատմութիւններ։

Այդ բոլորը լսելով Երանիկ մօրաքոյրս մատովը ցոյց կու տար, հեռու պարտէզի մը մէջ, սէգ կեցուածքով ուրուականային սիլուէթ մը եւ կ’ըսէր արհամարհանքով.

Էշէն իջեր են, ջուշ-ջուշը չեն ձգեր բերաննուն…

Փողոցը վերի կողմէն կը վերջանար նոր հարստացած առեւտրականներու հանգստաւէտ տուներով։ Անոնց բնակիչները ժիր էին։ Այրերը ամէն առաւօտ կանուխ կ’երթային շուկայ եւ կիները, հագուած սքուած վերջին նորաձեւութիւններու համեմատ, փոխադարձ այցելութիւններ կ’ընէին։ Անոնք չունէին սեփական կառքեր, բայց կը վարձէին լաւագոյն երկձի կառքերը եւ Կիրակի ու տօն օրերը կ’երթային Չամլըճա։ Սրարշաւ կ’անցնէին Թոփհանէ օղլուի հին ազնուապետական թաղէն, փոշիի ամպեր բարձրացնելով իրենց անցքին։ Այդ առեւտրականները եւ վաճառականներն էին որ կ’ընտրուէին թաղական եւ առատ նուէրներով կ’արդարացնէին իրենց ընտրութիւնը։ Ս. Խաչի եւ Ս. Կարապետի քարոզիչները այդ կարգի տուները կը հրաւիրուէին ճաշի եւ քծնող տաներէց քահանաները միշտ նշխարք ունէին տալու այդ առեւտրականներու երեխաներուն, ուր որ պատահէին անոնց։ Զբօսատեղիները, կազինոները, ամենուրեք, սպասեակները կը շտապէին ծառայելու այդ ընտանիքներուն, որոնք ամբողջ Սկիւտարը կը լեցնէին իրենց աղմկարար զուարճութիւններով եւ չտեսի շքեղ արդուզարդով։

Անոնց տուներուն մէջ դաշնամուրը մուտք գործած էր արդէն եւ եւրոպական պարերը դարձեր էին ստիպողական։ Անոնց աղջիկները կ’երթային Մեզպուրեան մասնաւոր վարժարանը եւ երբեմն ֆրանսացի քոյրերու դպրոցը եւ աւելի ուշ՝ Հոմսքուլ, ամերիկեան կոլէճը, իսկ մանչերը կ’երթային Պէրպէրեան վարժարանը, որը աւարտելէ յետոյ կը մեկնէին Եւրոպա։

Այն ժամանակները ինձ մասնաւորապէս կը հետաքրքրէր դիմացի նպարավաճառ-գինետունը, որ խորհրդաւոր եւ ինձ համար ընդմիշտ անծանօթ մնալու սահմանուած վայր մըն էր։ Իմ զարմացած եւ հիացած աչքերս փակ վարագոյրներու արանքէն կը դիտէին այլազան աշխարհ մը, որ կը պարզուէր մեր տան դիմաց։ Գինետունէն դուրս կը սպրդէին ձայներ, ուրախ կամ տխուր, հառաչանքներ եւ երգեր։ Անկէ դուրս կ’ելլէր նաեւ տապակած ձուկի բարկ հոտը եւ զանազան խորովածներու ծխոտ բուրմունքը։ Երբեմն գնչուհիներ կու գային կը պարէին գինետան առաջ եւ բախտ նայող կիներ զիլ ձայնով կը գոչէին. «ֆալճի՜, ֆալ պագար, բախլա աթա՜ր…»։ Աճպարարներ, տէրվիշներ, կախարդներ կու գային, զանազան խաղեր կը սարքէին։ Օր մը այնտեղ եկաւ ճերմակ մօրուսաւոր օձահմայ մը, որ մոգական գաւազանը շարժելով օձերը դուրս հանեց վիզէն կախուած պարկէ մը։ Անոնք կը սողային օձահմային բազուկներուն վրայ, կը գալարուէին վիզին շուրջ, յետոյ, դարձեալ գաւազանին շարժումներուն անսալով, կ’իջնային գետին, կը բոլորուէին եւ գլուխնին ցցուած կը պարէին, մինչ օձահման իր սրինգը կը նուագէր։ Գնչուներ կը բերէին նաեւ արջ, կապիկ, եւ խաղցնել կու տային, թմբուկի րիթմով։ Այդպիսի առիթներու ոչ միայն գինետան մարդիկը, այլեւ դրացիներն ու անցորդները կը խռնուէին փողոցը։ Բոլոր պատուհաններէն դեռատի եւ տարեց կիներ մինչեւ կէս մէջքերնին կախուած կը դիտէին։ Եւ չեմ գիտեր ուրկէ, դուրս կու գային երեխաներու երամներ, ոմանք գլխաբաց եւ ոտաբոպիկ, ոմանք լաւ հագուած, որ կը խուժէին բոլոր փողոցներէն եւ գռիհներէն եւ կը խռնուէին գինետան առաջ։

Տեսեր եմ այնտեղ յունական ուրախ տօներ, ծաղկազարդ մարդերու թափօրներով, հեթանոսական տօներ, որոնցմէ մէկը որոշակի դրոշմուած է յիշողութեանս մէջ. մարդ մը կռնակը բեռցուցեր էր թարմ ոստերու եւ ճիւղերու դալար դէզ մը եւ ետ ու առաջ օրօրուելով կ’երգէր ու յոյն պատանիներ եւ երիտասարդներ, ամէն մէկը բռնած սրսկիչ մը, ջուր կը սրսկէին այդ բոյսերու դէզին։ Մայիս մէկին, բոլոր տուները, բայց մասնաւորապէս յոյներու տուները կը զարդարուէին վարդերու եւ զանազան ծաղիկներու կիրլանդներով։ Փրփրադէզ կաթը կը լեցուէր մեծ ընդունարաններու մէջ, որովհետեւ սովորոյթ էր այդ օրը առատութեամբ կաթ խմել։ Տեսեր եմ շիա թուրքերու մռայլ տօները… արիւնաշաղախ թափօրներ, դիւահարի դէմքով մարդիկ, որոնք իրենց կուրծքերուն զարնելով խոռոչային ձայնով կը գոչէին. «Եա՜ Հասան, եա՜ Հիւսէին…»։ Կը յիշեմ ռամազանի գիշերները, երբ մինչեւ արեւածագի թնդանօթներու թնդիւնը, դաւուլ զուռնան կը բաբախէր ետեւի թաղերուն մէջ եւ թուրք արբած երիտասարդներու նաղարան [3] կ’երկարաձգուէր աղէտի ազդարարութեան նման։ Կը յիշեմ նաեւ Ղուրբան պայրամիի նախորդող օրերը, կնգուղաւոր հովիւներ, որոնք փողոցէն կը տանէին կապոյտ, կարմիր ժապաւէններով գանգուր գառները եւ որոնց կերկեր մայիւնը կը կորսուէր թուրք տղոց ժխորին մէջ։

Բայց մեր փողոցը կ’ոգեւորուէր մասնաւորապէս հայկական տօնական օրերուն։ Բոլոր մեր արհեստաւոր դրացիները օրեր առաջ կը պատրաստուէին դիմաւորելու այդ ծանր եւ հանդիսաւոր տօները։ Աստուածածնին, ամառուայ լրումին, երբ առաջին անգամ չաւուշ խաղողը կը լեցուէր սեղաններու վրայ եւ Վարդավառին՝ երբ ամենէն լուրջ դրացիները շէնշող կը դառնային եւ դոյլերով ջուր կը թափէին իրարու վրայ։ Յետոյ կու գար Խաչի տօնը, աշնանամուտ, ու վարի թաղերէն ճռնչացող սայլերը կը մեկնէին դէպի Արմաշ։ Վերադարձողները իրենց հետ կը բերէին յունապ, փշատ եւ զարմանազան պատմութիւններ։

Բայց մանաւանդ կը յիշեմ կաղանդի նախատօնակը, երբ յոյն եւ հայ տղոց խումբեր կ’անցնէին փողոցներէն եւ դռներուն զարնելով կ’երգէին թմբուկի ընկերակցութեամբ.

Այոս Վասիլիս էրքեթէ։

Հայ տաղաքը կը խափանէին յոյն տղոց ձայները եւ փոխադարձաբար.

Հայոց աշխարհին դռներ բացուեցան,

Լոյսն ի բաց գնաց, արեւ ծագեցաւ…

Մեր փողոցի վարի մասը միշտ լեցուն էր աղմկարար երեխաներով, կէս կուշտ, կէս անօթի բանուորներով եւ ձկնորսներով, որոնց կեանքը գարունէն մինչեւ ձմեռնամուտ կ’անցնէր փողոցներու մէջ եւ գոնէ տան սեմերու վրայ։ Երբ Երանիկ մօրաքրոջս հետ կ’իջնէի փողոցէն, բոլոր այդ միայարկ տուներու դռները բաց կ’ըլլային եւ սենեակներն իսկ իրենց բազմաթիւ պատուհաններով պատշգամներու պէս կը յայտնաբերէին բնակիչներու ներքին եւ մտերիմ կեանքը։

Յոյն թէ հայ այդ մարդիկը փողոցին մէջ կը լուծէին իրենց ընտանեկան վէճերը. փողոցին մէջ էր որ ամուսնութեան խոստումները կը տրուէին եւ դարձեալ փողոցին մէջ էր որ վիճաբանութեան կ’ենթարկուէին ընդհանուրին եղող զանազան հարցեր։ Կագ եւ կռիւը, ինչպէս եւ ուրախութիւնը անպակաս էին այդ փողոցներուն մէջ։ Աղմկարար եւ շատախօս յոյներու եւ հայհոյելու մէջ վիւրտիոզ հայերու ժխորին կու գային կը միանային փողոցի շուներու իրարանցումը եւ հաջոցները, ինչպէս նաեւ շրջիկ վաճառողներու երկարաձիգ աղաղակները եւ երգող կանչերը, որոնցմով իրենց ապրանքը կը գովէին։ Մեր տնեցիները, բացի Երանիկ մօրաքոյրէս, չէին սիրեր իջնել այդ փողոցէն եւ այսպէս ըսելով իրենց երեսը կը դարձնէին դէպի Սելամսըզ։ Գիշերները մինչեւ ուշ ատեն աղմուկը եւ ժխորը չէին դադրեր այդ փողոցներուն մէջ եւ յոյներու սիրելի լաթերնան [4], մարդու մը կռնակը բեռցուած, յաճախ իր ցնծուն հնչիւնները կը պտտցնէր հեռու եւ մօտ փողոցներու մէջ։ Ան յաճախ կանգ կ’առնէր մեր դիմացի գինետան առաջ։ Գինովի խռպոտ ձայներ արձագանգ կու տային լաթերնայի լպրտուն երգերուն եւ երբեմն յունական ժողովրդական երգ մը կը տիրապետէր բոլոր ձայներուն եւ հնչիւններուն։ Բայց երբեմն ալ պահապանը ողբագին ձայնով կ’ազդարարէր որ հրդեհ կայ քաղաքին մէջ։ Շուները կը կաղկանձէին, հեռաւոր պահապաններու ձայները կ’երկարէին եւ ես գլուխս վերմակիս տակ կը պահէի, շնչասպառ, հոգիս լիքը անձկութիւնով եւ արհաւիրքով։



[1] Շուկան։

[2] Մարդու չմօտեցող։

[3] Աղաղակ։

[4] Նուագարան մը։