Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Երբ կը մտաբերեմ մանկութեան առաջին տարիներս, յիշողութեանս բեկորներ կը ներկայանան մտքիս արտակարգ պայծառութեամբ։

Եղբայրս ծնած է ու մեռած է երկու ամսու, կը յիշեմ իր ճերմակ սնդուսէ դագաղը, սեղանին վրայ։

Չորս տարեկան էի, երբ քոյրս ծնաւ եւ արդէն որոշակի կը յիշեմ յոյն դայեակը, տնեցիներուն իրարանցումը եւ յուսախաբութիւնը, որովհետեւ մանչի մը կը սպասէին։

Յետոյ պտոյտներ Թոփհանէ օղլուի պողոտայէն դէպի սրճարան մը, ուր հայրս նարկիլէ կը ծխէր եւ մօրս հետ քաղցրութեամբ կը խօսէր։ Ես կը թափառէի պարտէզին շուրջ բոլորը, չուան կը ցատկէի, կը խօսէի կռնկենիի ծաղիկներուն հետ, որոնք ինձ կը թուէին արտակարգ էութիւններ։

Բայց կը յիշեմ մանաւանդ հիւանդութեան շրջաններ, երբ կանխահաս մանուկի խորաթափանց մտքով կը զգայի շրջապատիս մտահոգութիւնները եւ բժիշկին խոժոռ լրջութեան իմաստը։ Դեռ կը զգամ հօրս զով ձեռքին հպումը տենդագին ճակատիս վրայ, եւ անոր անձկալի դէմքը, որ ժպտուն կը դառնար, երբ աչքերս անորոշ արհաւիրքով լի յանկարծ կը հանդիպէին իր նայուածքին։

Մահը եւ կեանքը կը պայքարէին իմ փոքրիկ էութեանս մէջ եւ քիչ անգամ այդ պայքարը կանգ կ’առնէր։

Այդպիսի շրջան մըն էր անշուշտ այն աշնանային իրիկունը, երբ հայրս պարտէզին վրայ նայող սենեակի մը փսիաթը կը տարածէր եւ պատերուն ստորոտը փայտի ձողիկներով կը գամէր։ Մուրճի համաչափ հարուածները կ’օրօրէին միտքս։ Մայրս, մօտս նստած, լռին կը հետեւէր հօրս աշխատութեան։

Դուրսը աշնանային վերջալոյսը կը բոցավառէր երկինքը. իմ տեսողութեան հեռաւոր կէտին վրայ նոճի մը մեղմօրէն կ’օրօրուէր։ Յանկարծ թոթով լեզուով սկսայ արտասանել.

Ազատն Աստուած այն օրից

Երբ հաճեցաւ շունչ փչել,

Իմ հողանիւթ շինուածքին

Կենդանութիւն պարգեւել…

Ես անբարբառ մի մանուկ

Երկու ձեռքս պարզեցի…

Հայրս զարմացած թողուց գործը, եկաւ ինձ մօտ, գիրկը առաւ եւ սկսաւ եռանդով խօսիլ մօրս հետ եւ ահա զոյգ մը արցունքի կաթիլներ սահեցան մօրս այտերուն վրայէն…

Այդ ոտանաւորը հայրս կարդացել էր քանի մը անգամ հօրեղբօրս տղուն սորվեցնելու համար եւ ան դրոշմուեր էր իմ մտքիս մէջ աննկատելի կերպով։

Նոյն տարուան ձմեռը չորս տարեկան էի, երբ կարդալ սորվեցայ։ Մութը իջնալէն յետոյ, հայրս կը դառնար տուն, կը լուացուէր, զգեստները կը փոխէր եւ սամոյր մուշտակը հագած կը նստէր ցած բազմոցի մը վրայ, որուն առաջ դրուած էր պղնձէ մանգալը։ Կրակարանին մէջ, եռոտանիի վրայ, ջուրը կ’եռար թէյի համար։ Այն ժամանակ թէյի գործածութիւնը տարածուած չէր Պոլսոյ մէջ, բայց հայրս այդ սովորութիւնը բերեր էր Կովկասէն։ Ինքն իր ձեռքովը կը պատրաստէր թէյը, կը լեցնէր բաժակներու մէջ, հարկ եղած բոլոր արարողութիւնները ընելով։ Մինչեւ թէյի ջուրին եռալը. հայրս կը բանար օրուան թերթը, «Արեւելք»ը, եւ կը կարդար։ Ես կը նստէի գիրկը եւ հայրս մուշտակի փէշը կը ծածկէր իմ վրաս։ Այդ տաքուկ բոյնին մէջ երանութեան ժամեր կ’անցունէի եւ աչքերովս կը հետեւէի թերթի տառերուն։ Երբեմն մատս կը դնէի տառի մը վրայ եւ հօրս կը հարցունէի։ Ան կ’ընդհատէր ընթերցանութիւնը եւ կը պատասխանէր։ Յաճախ մայրս կամ մօրաքոյրերէս մէկը կը միջամտէր.

Հայրդ հանգիստ ձգէ, մերաքը մի՛ հաներ։

Բայց հայրս ձեռքով նշան կ’ընէր որ ինքը հանգիստ է եւ, աւելի սեղմ գրկելով ինձ, մեծ համբերութեամբ գոհացում կու տար իմ հետաքրքրութեանս։

Եւ օր մըն ալ կարդացի։ Հայրս չկրցաւ հաւատալ որ իրաւամբ կը կարդամ։ Թերթին զանազան էջերուն վրայ տառեր կը մատնանշէր եւ ես հեգելով եւ դեռ թոթով լեզուով կը կարդայի։

Եւ այլեւս ամենուրեք, ուր տառեր տեսնէի, միտքս կը մտնէր գործունէութեան մէջ, մինչեւ չարաչար յոգնէի։ Յաճախ կ’ունենայի տաքութիւն։ Գլուխս կը ծանրանար, ախորժակս ի սպառ կը կորսուէր եւ այն ինչ որ ուրախութիւն պիտի պատճառէր ծնողքիս, կը դառնար մտահոգութեան եւ թախիծի առիթ։

Աւելի ուշ ինձ յայտնած են որ բժիշկը կասկած յայտնած է թէ ենթակայ եմ ուղեղատապի եւ թէ իմ կանխահաս միտքս ախտանշաններէն մէկը կը համարէր այդ հիւանդագին տրամադրութեան։